Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԷ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԷ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
(ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ)

Ժամանակին վճիռը ու ասոր արժէքը՝ արուեստի գործին վրայ:

Չեմ գիտեր, պէ՞տք է դիմել աւելի կամ նուազ վաւերական քննադատներու, քերթողականներու եւ պատւիրանքներու լոյսին, կամ՝ լրջօրէն զբաղիլ ապակեդրոն դատումներուն միակտուր փաստերովը: Եթէ այս վերջիններուն խողովակով արժէքը իրական փիւնիկ մըն է այլեւս, ու անմատոյց մեր անտառներուն, միւսներուն համար անիկա ամէն տեղ է ու կաղապարը առած ամէն բերանի: Տարազներ, որոնց պաշտօն է տրուած գոհացում ճարելու զանգուածին ու իր քարտուղարներուն պահանջներուն: Չենք նեղուիր, երբ անոնք մեզի հետ վարուին՝ ինչպէս շինականը խրտուիլակին հետ: Ցուցատախտակներու, ուր ոսկեդրուագ կը փութանք արձանագրել գործեր ու անուններ, նախօրօք ծանօթացման մը տարրական պարտքը առանց կատարելու նոյն այդ անուններուն ու ասոնց ստեղծումին հետ: Նորը, անտիպը՝ հիմա թերթելն է, այսպէս ըսելու համար հոտուըտալը ու անդին շպրտելը կամ տախտակին վազելը: Մոռնալու չենք միւս եղանակն ալ, որուն համեմատ գործերը կշիռ կը ստանան բարեկամական, կամ հակադիր պարունակէն՝ թշնամական պայմաններէ: Մամուլը, մանաւանդ, իր ամենահոս դեղահատներովը ու իր Խելօք Դաւիթ դատաւորներովը, որոնք կը գովեն, քանի որ ատիկա digne կեցուածք մըն է կամ ազգասիրական պարտք մը: Կը պարսաւեն, որպէսզի չմոռնան իրենց վստահուած պաշտօնին մէկ երեսն ալ: Ո՞ր օրաթերթը չունի իր տիտղոսաւոր աճուրդողը: Շրջանա՛կ, այսինքն՝ տարածութիւն, ուր պիտի թաւալենք գործը եւ պիտի աճեցնենք զայն աջէն ու ձախէն բոլոր յաւելումներով: Ա՛ն՝ զոր ճարած ենք անխոնջ թղթակցութեամբ. անհուն համբերութեամբ մը հետապնդուած մկրատումներով, ուր մեր տաղանդը կը դիւցազներգուի, հոտառութեամբ ու յամառութեամբ: Որ չ՚երեւար առաջին փլանին, բայց մեր գովեստը, գիրքերը, հանդէսները կը տեղաւորէ օծուն փութկոտութեամբ, ազգասիրական  անշահախնդրութեամբ: Ու գիրք ու տարիքը, որոնք մեր հիացումները կը համազգեստեն, կ՚ուռեցուորեն եւ ուրացումները կը հանդիսադրեն ողբերգական բարձրութեամբ, տախտապարելով ու գարշապարներու կոխոտումին յանձնելով մեր թշնամիները: Անշո՛ւշտ: Այս ամէնքը կը միջամտեն, երբ հարցը կը վերաբերի արժէքին ու գնահատիչին: Ու տակաւին աւելի տխուր բաներ՝ եթէ կը բարեհաճիք: Բայց իմ նպատակէս դուրս է այս հիմնական, մեծակառոյց սկզբունքներուն տարողութիւնը կասկածի տակ ձգել: Ոչ ալ ջոկել յիմարութեան, լրբութեան ու չարսրտութեան բաժինները պարզակառոյց ու խեղճ ու պապուկ ուղեղներով գոյաւոր միւս շանթաժէն, որ կը շարժէ ընթացիկ ճաշակը ամէն շրջանին: Մենէ վեր է դիմադրութեան ամէն փորձ, որ յաւակնէր սրբագրել այս պայմանները: Կը զբաղիմ քիչ մը տարօրինակ ու բացառիկ ուրիշ երեւոյթներով  մը որուն  համեմատ  ֆրանսական  վէպին ամէնէն անխառն գլուխ-գործոցներէն մէկը, Սթանտալի "La Chartreuse de Parme", իր լոյս տեսած տարին արժանի եղած ըլլայ սա չնաշխարհիկ գնահատումին երեսունչորս օրինակ միայն ծախուելու անհեթեթութեան: Շրջա՞նը: Անշո՛ւշտ: Ո՛վ կրնայ մոռնալ Ժորժ Սանի հարիւր հատորները եւ Տիւմայի քառհարիւր բուրգերը:

Բայց հասարակաց կարծիք: Բայց գրադատութիւն: Ընթերցողին կը յանձնարարեմ Պալզաքի յառաջաբանները, որոնց մէջ արդի վէպին այդ Հերակլեսը ստիպուած ինքզինքը կը պաշտպանէ արժէքներու մունետիկներուն գապալին դէմ:

Իմաստը այս փաստին:

Չեմ միանար Սթանտալին, որ իր ձախողանքը տանելու համար՝ ինքնիրեն յանձնարարեց համբերութիւն եւ սպասում, մահէն անդին նայելու հարկադրելով իր աչքերը: Այդքան հերոսութիւն անտեղի պիտի թուէր մեզի, երբ ռոմանթիզմը շատոնց թաղած, ուրիշ հանգանակներու տախտակներն ալ փշուր-փշուր ենք բերած: Չեմ միանար դարձեալ անոնց, որոնք իրենց գործերուն արժէքը չեն վստահիր ներկային ու կը նետեն անոր ծագումը տարածութեան ու միջոցին խորերը ու սրտառուչ, արդար սրբագրութեանց հեքիաթին ակնկառոյց՝ արժանաւորութեամբ, քիչ մը հերոսօրէն, դուն ուրեք աճապարութեամբ կը հաշտուին իրենց մռայլութեան (obscuritռ), փուշէ ու լոյսէ հասակի մը պէս. նահատակ ու մարգարէ նոյն ատեն, մէկ ձեռքով գաղտագողի դարպասելով փառքը, մուրալով նոյնիսկ գետնամած ծունկերով եւ միւս ձեռքով կը ճօճեն անոր, փառքին երեսին նիզակը իրենց արհամարհանքին, փիլիսոփայ անփութութեան, միշտ առերեւոյթ ու յեղակարծ: Չեմ մերժեր, տաղանդը հանդիպելի ըլլայ մեր անարդարութեամբ ստեղծըւած այս կատակերգութեան մէջ: Կարելի է, որ պատուհասը դարմանուի ու վերափառքը կապէ իր կամարը անունին ու գործին վերեւ: Բայց ատիկա բացառութիւն: Ու ստիպուած ենք, լայնասիրտ ու բարի՝ իրաւունք տալ ժամանակին, որ շատ բան կը տեսնէ գործի մը յատկութիւններէն, մանաւանդ անոր հաճ ու խոցելի մասերուն վրայ իր վճիռները կ՚ոսկեզօծէ անծակ, զմայլելի անփութութեամբ մը: Կարդացէք Ամերիկայի հայ օրաթերթերը եւ դուք պիտի համոզուիք այն պայծառ խաղաղութեան, որ թերթօնի մը բախտը գուշակօրէն կը հովանաւորէ ու չի կասկածիր. ո՞վ պիտի հետաքրքրուէր, հիանալու համար անխելքութեան այս չափին, այն սխրագին ու գաղջ յափշտակութեամբ, տալով ժամանակը, այսինքն՝ անոր հասկցող, դատող ու արժէքներ նուիրագործող դասակարգը դիմաւորեց. օրինակի մը համար, «Աղքատ երիտասարդի մը պատմութիւնը», (վէպ Օ. Ֆէօյէի): Ու ասիկա՝ երբ քննադատութիւնը շատոնց կազմած է իր հնգամատեանը: Բայց միջակութիւն մը դիւրաւ տանելուն չի տանիր հսկայ անհասկացողութիւնը: Ո՛չ ալ քննադատ որակուած անասունին այնքան վսեմ, այնքան գեղեցիկ ու անվերածելի այլուրութիւնը պիտի բանի բացատրելու համար երեսունչորս օրինակին ահաւոր գայթակղութիւնը: Հոն էին անշուշտ Հիւկոյին ողիմպիական ճակատը ու Միշլէին հսկայ քիթը, որ աշխարհներ ու քաղաքակրթութիւններ կը խուզարկէր: Ու հոն էր մանաւանդ մեծփոր ու ամենանուրբ Սէնթ-Պէօվը: Հոն էին Միւսէն, Շաթոպրիանը, Ա. տը Վինիէն: Ու ասոնք մեծագոյն անուններն են շրջանի ֆրանսական գրականութեան: Որո՞նք՝ եթէ ոչ ատոնք պարտաւոր էին զգալու անզուգական վէպին դժբախտ մեծութիւնը: Չըրին այդ պարտքը: Գուցէ ո՛չ անոր համար, որ համբաւը չ՚ենթարկուիր գրողներուն, որոնք իրենցմէ դուրս արժէք դաւանելու անտրամադիր են յաճախ: Չըրին՝ թերեւս հպատակելու համար օրէնքին, որ գրողները հազար տարին անգամ մը միայն անկեղծ կ՚ընէ իրարու դէմ, ու աւելի քիչ՝ իրենք իրենց դէմ: Հասկցող եւ իրաւասու դասակարգին այս գիտակից  կամ  տարերային  չկամութեան հետ պէ՞տք է տակաւին ընդունիլ աճապարանքը, որ հասարակաց է միջին ընթերցողին, անբաւարար թափանցումը, որուն դատապարտուած է ամէն անխելք ընթերցում կամ շահախնդիր եռանդ. մեծամտութիւնը, որով ուրիշները, այսինքն՝ մեզմէ դուրսինները կը յաւակնինք զետեղել, քարացնել իրենց ուժին ամենախոնարհ աստիճանին վրայ: Ի՜նչ գիտնամ: Կարելի է գրողներու կողմէ սարքուած գապալները  ընդարձակել  մեր  ուզածէն  շատ աւելի: Կը թողում այս երակը եւ կը մտնեմ ուրիշ մը:

Ինծի կու գայ, թէ երեսունչորս օրինակին եւ ուրիշ նման խաչելութեանց մէջ շրջապատին ու ասոր հերոսներուն չափ յանցաւոր է գուցէ նաեւ գործը. այս անգամ Sous le signe de l'auteur. ըսել կ՚ուզեմ՝ հեղինակին իսկ աստղովը: Աւելորդ չէ յիշել, որ քիչ անգամ յաջողակ մարդեր են անոնք, որ յաջողակ գործեր կը կառուցանեն: Անշուշտ գործը երբեք յանցաւոր չի կրնար ըլլալ իր ներքին բաղադրութեամբը, ներգոյակ արժէքովը, որ ապաժամանակ է գոնէ քաղաքակրթութեան մը ամբողջ տարածութեան վրայ. այլ՝ բոլորովին արտաքին, երկրորդական երեսակներով, որոնք իրենց անընտել կոշկոռներովը կը խրտչեցնեն ողորկութեանց վրայ չոքուող եւ ոստոստող հայեացքները: Գոյնի, ջուրի, փայլի տարօրինակութեամբ, որ կը վիրաւորէ մեր տկար, տխեղծ բիբերը: Ոլորտին ահագնութեամբը, հեռաւորութեամբը, որ մեզ կը փոխադրէ անծանօթ ափերու, անծանօթ ճնշումներու, հակառակ մեր կամքին: Անհեթեթ ուժգնութեամբը կիրքերու, որոնց չենք վարժուած: Յետոյ՝ փաթաթներով, որոնք ժամանակին ու գործին աղերսը, իրարու վերածումը կ՚ընեն դժուար, դժնդակ իսկ: Արւեստի գործ մը սիրելը յաղթանակ մըն է միշտ: Բայց մոռնալու չէ, թէ կռուողները կը դժկամին, երբ բարձրունքներու շուրջն է գուպարը: Շատ սեպ ցցունքներու համար՝ ամէնէն կորովի ուխտաւորներն անգամ վարանք պիտի ունենային մագիլ փորձելու: Դեռ հիմա՝ Մարսէլ Փրուսթի հետ հաշտութիւն մը իրական հերոսութիւն մըն է, շատ քիչերու մատչելի, ու ասիկա՝ գրողներու կաճառին մէջ: Հազիւ մէկը յաջողած է պարզել ուրացումին տգէտ մշուշը, հսկայ անոր գործին ճակատէն: Բայց քանի՞ հոգի պիտի համարձակէր մոլորիլ անհատնում էջերու այդ բաւիղէն ներս: Դիւրին է ելեկտրականութիւնն ու սաւառնակը, արագութիւնն ու շոգին, հեռագիրն ու հեռաձայնը օգնութեան եւ վկայութեան կանչել՝ կարդալ կարենալու համար Փօլ Մորանը ու Լագրըթէլը: Բայց աշխարհի իմացական ամբողջ ընտրանիէն քանի՞ ընթերցող կարելի պիտի ըլլար ճարել, որոնք աւարտել յանդըգնէին Ճէյմս Ճոյսի «Ոդիսեւս»ը: Եւ սակայն, հեռագրական արձակի այնքան մօտիկ այդ յիշատակարանը փաստ մըն է կրկին մեր ժամանակէն: Զարտուղի այս գեղեցկութեանց վայելումին համար ժամանակը (ըմբռնեցէք զայն իբր տեւողութիւն) կը միջամտէ, իբր չէզոքացուցիչ ոլորտ, ուր մխրճուելով պիտի մաշին ու հարթուին քիչ-քիչ գործին ամէնէն խոտոր, խորտուբորտ մասերը: 1890ի Մալարմէն այսօր անկնճիռ բանաստեղծ մըն է, երբ շրջանին մունետիկները զայն հասկնալու ազնուութեան անգամ չէին զիջաներ: Երեսունչորս օրինակով խարանւած հատորը նոր չստացաւ անշուշտ իր գոհար ճարտարապետութիւնը: Կար անիկա ու մարդիկ Ժորժ Սան կը կարդային:

Բացառիկ այս անհասկացողութեանց քով, որոնց վերլուծումը քիչ մը շատ պիտի տարածէր այս նոթին սահմանը, ես կը ծանրանամ միւսով, որ աւելի ընթացիկ է, ընդհանրական, ու կը պայմանաւորուի հասարակաց ճաշակ որակուած տխմարութեամբ: Յանուն այս անբանութեան է, որ տպագրական մեքենան աշխարհի ամէն անկիւններէն միլիոնաւոր պրակներ կը սեւցնէ ու կը ցրուէ պանդոյրներու վայելումին: Ու շինուած է կաղապար տարազ որով  պարտաւոր  եւ  զգեստաւորել  արուեստի գործերը, եթէ չեն ուզեր խարանուիլ: Այսպէս, չենք կարդար, հանդէսներուն մէջ, ինչ որ մարսողութեան մը թմբիրին հաճելի գաղջութիւն մը չի բերեր: Չենք կարդար՝ ինչ որ կը վիրաւորէ մեր աչօք-բացօք քունը, որ ընթերցողին հիմնական վիճակն է հիմա, երբ դուրսի վազքէն, անհամար զգայնութեանց արձանագրումէն մեր ուղեղը ա՛լ պարտասած է լիովին ու մեզ կը պտտցնէ քաղցր այլուրութեամբ մը: Ընթերցումը հիմա յոգնաթափում մըն է, ճարտար դեղահատ մը՝ մեր ուղեղէն արեան խռնումը վերցնելու ծառայող Սորվող դասակարգը:

Ա՛ն՝ որ վաղուան միտքը պիտի ըլլայ: Ան ալ զգետնուած՝ հակադիր յիմարութեամբ մը: Սորվելու համար տրամադրելի ժամանակը (հիներուն մօտ այնքան ընդարձակ), մեր սորվող սերունդը կը սպաննէր՝ անկշիռ բաներու ծանօթացումով: Դասական մշակոյթ որակուած ժամանակավրէպը մեր միտքերը կը վերածէ այցաքարտելու ներհուն պահարանի մը, ուր կը կենան անունները ականաւոր մարդերու, բայց ո՛չ այդ մարդերը: Ամէն ինչ, որ կ՚անցնի քաղքենի մարսողութեան բերելիք նպաստէն ու սորվեցնող բանակին մենագար ու թանձր հետաքըրքրութենէն, պիտի մեկուսացուի անխնայ: Հա՞յ գրականութեան մէջ: Բայց տխուր է զբաղիլ այս անհասկացողութեամբ, մեր սահմաններուն վրայ: Վասնզի վերը շօշափուած տրտմութիւններէն դուրս մեր փոքրութիւնը, ցեղային ժանգը, մեր գձուձութիւնը կը վարեն գապալը արժէքին դէմ: Այսպէս է, որ մենք մեծ աչալրջութեամբ ու անհուն մախանքով կը կործանենք ո՛չ թէ արժէքը, այլ՝ ինչ որ մեր մռայլութենէն թեթեւ մը կը հեռանայ: Չէ՞ որ մեր համբաւները կը համեմատին արժէքին, ինչպէս ստուերը    առարկային։

1932