Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ *

ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆը, որ ընդարձակ, խիտ տարազ է դարձեալ: Կը զգուշանամ անոր շուրջը վերարծարծելու դարերու անհասկացողութիւնները: Բառը կը գործածեմ առաւելապէս շնորհի, ներդաշնակութեան զգայութիւններու գումար մը իբրեւ:

Արեւելահայ գրականութիւնը թէեւ ծնունդ մեր ժողովուրդին նորագոյն ժամանակներու կարիքներուն, գեղեցկութեան զգայնութիւնը հիմնովին տարբեր ապրումներու կը վստահի: Զուր տեղը չէ անոր մօտ խորունկ, աննահանջ արհամարհանք մը Արեւմտահայ գրականութեան հանդէպ, որ շատ շուտով կատարեց իր յեղաշըրջումը ու սպասարկելով հանդերձ վերանորոգչական հանգանակներու, կազմակերպեց իրաւ  արուեստի  զգայարանք մը: Գաղտնիք չէ, որ գեղեցկութեան զգայարանքը արուեստին ամէնէն անառարկելի յատկանիշներէն մէկն է: Արեւելահայ գրականութիւնը դեռ 1900ին կ՚ապրի, այդ զգայնութեան հանդէպ այն տրամադրութեան մէջ, զոր սխալ չ՚ըլլար հաստատել Տերոյենցի, Զօրայեանի փառքերուն օրովը, արեւմտահայոց համար: Անիկա շատ քիչ անգամ բախտը պիտի ունենար իրագործելու համաչափ, ներդաշնակ, փայլուն, գունագեղ, élégant, նոր ու յանկուցիչ (իր արտաքին յօրինման մէջ) ո՛չ թէ լման գիրք մը, այլ՝ հատուածներ իսկ նուաճած ըլլալու, որոնց սիրէինք նայիլ, անկախաբար խորքի, օգուտի, շահեկանութեան մտահոգութիւններէ, իրենց վայելչութեան, շնորհին սիրոյն: «Մայր Արաքս»ին կը թուի ըլլալ այդ քիչ բախտերէն մէկը, բայց, երբ ձգենք մօտիկ զննութեան, պիտի գտնենք, թէ  ի՞նչ աստիճան այդ քերթուածը զուրկ է իրաւ գեղեցկութենէ: Անիկա իր փառքը կը պարտէր խորքին:

Արեւմտահայ գրականութեան մէջ եթէ ո՛չ ամբողջական, գէթ հատուածական յաջողուածքներ, ամէն սերունդի համար ապահովուած փառքեր են: Ձեւին տագնապը մի՛ մտաբերէք սա տողերուն հետ: Գրական գործ մը բազմաթիւ կողմերով մեզի կը պարտադրէ ինքզինքը: «Ազատն Աստուած»ը բանաստեղծութիւն չէ, բայց շրջան մը խտացնող բարձրաքանդակի մը պէս մեզ կը տպաւորէ տակաւին այսօր: «Հիմի՞ էլ լռենք»ը ուրիշ տագնապ: Գեղեցկութիւնը արեւելահայերուն համար կեանքին  պարկեշտ կերպարանքովը  պայմանաւոր  արժանիք մըն է: Մինչեւ Վահան Տէրեան՝ արեւելահայ ոտանաւորը զայն կ՚անգիտանայ ու մինչեւ ուշ ժամանակներ, այդ քնարերգութեան մէջ շեշտը պիտի իյնայ դարձեալ ըսուելիքին, ո՛չ թէ ըսուածքին (ձեւ) տարողութեանը վրայ: Արեւմտահայ գրականութիւնը պիտի  բաւարարւի, խորքին իր նիհարութիւնը, երբ կը յաջողի դիմաւորել որոշ շնորհներով:

Գրաբարի գեղագիտութիւն, ֆրանսական ազդեցութիւն, Պոլիսը (իբր նկարչագեղ զգայնութիւններու վառարան), ներքին ընդունակութիւն -տարազներ ասոնք, որոնք գործածուեցան այդ փոյթը (ձեւէն) բացատրելու։

Մենք խաղաղութեամբ մոռցած ենք այդ գեղագիրները, վասնզի  մեր  ժողովրդական բանաստեղութիւնը այդ ամէնէն հիմնովին անմասն, մէկն է գեղեցկագոյն յօրինումներէն այս ժողովուրդին:

Ձեւին տագնապը այս ժողովուրդի հոգիին ամէնէն պայծառ մէկ  կերպարանքը  կը  մատնէ:

Մեր պապերը մեծ քաղաքներ չեն շինած, բայց մեր աւանները, շէները կը վկայեն, թէ ո՛ր աստիճան խնամքով այդ մարդերը իրենց զգայարանքներուն համար փնտռուած են ամէնէն քաղցր, ժպտող պատկերները: Մեր մատուռները, վանքերը, ուխտավայրերը խուլ ցուցմունքին մէջէն կու գան այս զգայնութիւններուն: Իրաւ են. երկրի երեսին տեղերը, ուր հոգիդ կը հեշտանայ՝ մնալէ, սիրտդ կը զովանայ` տեսնելէ, մարմինդ կը քաղցրանայ` հանգչելէ: Ու այդ տեղերը մեր երկրին թէեւ ներքին բխումները կը թուին ըլլալ, բայց մեր ժողովուրդին հոգեղէն զգայարանքներուն ալ բան մը կը պարտին: Երկիր մը, մասով մը ժողովուրդ մըն է, ըսեր են ու ճիշդ են այդ մարդերը: Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, մեր կարծիքով, սա մտահոգութիւնը ձեւէն, ուրեմն ցեղային յատկանիշ մըն է: Արդ՝գրականութեան բոլոր աշխատաւորներուն համար այդ տագնապը իրական  է ու անխուսափելի: Անով նուազագոյն տառապողները  նոյնիսկ, իրապաշտները, իրենց վիպակին կառուցումին վրայ, անզգալաբար, արտայայտած եղան այդ տագնապը: Նոյն ժամանակի, տաղանդի նմոյշներ են Շիրվանզադէ եւ Զօհրապ: Մօտեցուցէք այս գրողներէն երկու պատմուածք (արեւմտահայերը կ՚ըսեն՝ նորավէպ), բաղդատական մտահոգութեամբ մը: Ձեր առաջին տպաւորութիւնը ձեզ պիտի չխաբէր: Դուք պիտի համակրէիք թերեւս Շիրվանզադէի իրականութեան, հաստատ գոյներուն, հաստատ մարդերուն, բարքերուն հարազատ պատկերացման, բայց պիտի գրաւուէիք  Զօհրապին թեթեւ, աշխոյժ, երիտասարդ կենսաշեշտին՝ ծփուն, տաքուկ, էգ գոյներուն, խռովիչ, յանկուցիչ կիներուն ու հաստակըզակ, բիրտ, բայց միշտ վայելուչ այրերուն, քիչ մը թոյլ, նուրբ, քաղքենի բարքերուն համագումարը կազմող եւ ութ-տասը էջը չանցնող դրուագային յօրինումէն: Իրապաշտներ  էին   երկուքն  ալ Կ՚ատէին  արտայայտութեան փարթամ, կուտակուն, նրբանուրբ հնարքներ (ռոմանթիքներ, Եղիա), բայց Շիրվանզադէ կը մնար թանձրօրէն տափակ, մինչ Զօհրապ բնական մղումներով կը գտնէր վայելչութիւն, որ մինչեւ մեր օրերը կը պահէ որոշ հրապոյր, մինչ Շիրվանզադէի ոճը արդէն անդրջրհեղեղին կը պատկանի: Մոռնալու չենք, որ ամէն գրականութիւն խորք մը ըլլալուն չափովը, ձեւ ալ է: Երկու դարու յեղաշրջում մը մեզի այսօր ըմբռնելի կ՚ընէ այս հաստատումները: Օշական անխնայ է մնացած արեւելահայ ձեւին անհուն թափթփածութեան վրայ: Մի՛ աճապարէք այս մոլեռանդութիւնը վերլուծել իր հակադիր փաստին -զարդամոլութեան, զոր նոյն կատաղի խանդով անիկա հալածած է, մանաւանդ արեւմտահայ ոճապաշտներու վրայ: Օշական, արհամարհելով հանդերձ քննադատութիւնը, չէ նահանջած իր պարտքէն, հարուածելու զարդամոլութեան նանրամիտ կամ մեծահամբաւ սպասաւորները: Ու գիտնալու ենք, որ արեւմտահայ գրականութեան երկրորդ մահացու մեղքը այդ գեղապաշտութիւնն էր կազմած (առաջինը՝ հռետորութիւնը, իւր սարօքն): Հոն՝ ուր խորքն ու ձեւը իրար կը պաշտպանեն *, մենք կ՚ունենանք մեր ժողովուրդին իրաւ հարստութիւնները, մեր անթառամ փառքերը, որոնք ժամանակէ մը ծնան անշուշտ, բայց բախտովը՝ այդ ժամանակը զանցելու, անկէ իրենք զիրենք զերծ ընելու: Նոյնիսկ այն պարագային ուր  Օշականի  քննադատական  ամբողջ զրահանքը ժանգոտած իյնար, սա մտատեսութիւնը ներդաշնակ (ձեւի եւ խորքի հաշտ շաղապատումով պայմանաւոր), գեղեցիկ՝ մնայուն ու հարազատ գործին, պիտի բաւէր առանձին շահելու մեր համակրութիւնը: Անիկա գորովագին վերլուծումներ է յատկացուցած հիներուն, անոնց մէջ զգալով այդ երջանիկ միութիւնը: Արդարեւ, գեղեցկութիւնը ի՞նչ է, եթէ ոչ հանդէս մը, ուր զգայարանքները հեշտութեամբ կ՚ապրին` ինչ որ կը մատուցուի իրենց:

Ե. դարուն մենք ունէինք նախարարազարմ մեր կիներու շքահոյլը։ Ի՞նչ փոյթ, որ Եղիշէ անունով գրագէտ մը մեզի ձգած ըլլայ անոնցմէ նկար մը, ուր շեշտը կ՚իյնայ հոգեղէնին վրայ: Գեղեցկութիւնը այդ շեշտին անցումը, զայն հրաւիրող պայմաններուն այլապէս խռովիչ նկարագիրը, զայն զգալի ընող կեանքին նոյնքան տպաւորիչ տրոփիւնը համադրող կերպարանքն էր, մեզի  հասած անթառամ երիտասարդութեան մը  մէջէն:

Ահա թէ ինչո՛ւ իրաւ բանաստեղծութիւնը չի կրնար մեռնիլ:

Օշական գտած է այդ գեղեցկութիւնը, մեր մշակոյթի բոլոր դարերուն ու կերպարանքներուն մէջ, խղդըւած անպէտին, տափակին, օտարոտիին չարիքներէն, բայց պահող իր նուաղուն փայլը, շնորհը, ինչպէս է ըլլալ բախտը գոհարներուն փողոցի ցեխին ու աղբին մէջ անգամ: Ահա թէ ինչու Օշականի քննադատութիւնը չենք կրնար կորանք մը յայտարարել, ընդդէմ հեղինակին իսկ շատ յայտնի վճիռին: Այդ քննադատութիւնը անիկա գիտցաւ համեմել, խառնել կեանքին հազար ու մէկ ցուցմունքներովը: Անիկա ունէր թափանցումին ուժը հին գիրքերէն տեսնելու համար ի՛նչ որ վանական մը իր արիւնէն հաներ էր ու նետեր իր դէմքին գոյնովը մագաղաթին: Կար, անոր աչքերուն առջեւ, կենդանի դէմքը իր ժողովուրդին, մարմին, ձայն, երգ -որոնց մէջ անիկա կրցած էր կարդալ գեղեցկութեան պարզագոյն փաստերը: Կրնանք մտածել, որ Հրանդի գործին մէջ մեր ժողովուրդին սրտայոյզ զգայնութիւնը, ճակատագրական տառապանքը, անհուն բարութիւնը, անմահ հաւատքը մինակ գրաւականներ չեն գրագէտի մը տաղանդին, այլեւ մեր ժողովուրդին ամէնէն ամուր առաքինութիւնները: Կրնանք նոյն ձեւով մտածել, որ Թլկատինցիի գործին ետին մեր զգայնութիւնը, կեանքը ընդունելու եւ անոր հակազդելու մեր մասնաւոր մէկ ոճը, ցաւը հագնելու բայց զայն վայլեցնելու dignitռն, ու ընդդէմ դժոխք մը ողբերգութեանց՝ մեր ճարտարութիւնը, մեր պատեանին մէջն իսկ դիմանալ կրնալու, գրագէտը մասնաւորող նկարագիրներ չեն միայն, այլ` թերեւս մեր ժողովուրդին տիրական առաքինութիւնները:

Բայց ահա աւելին: Նոյն այդ պայմաններէն Ռուբէն Զարդարեան գտած է գեղեցկութիւնը: Օհան Կարօ՝ նոյնպէս: Համաստեղ՝ նոյնպէս: Կոստան Զարեան՝ նոյնպէս: Ուրե՞մն: Կը հրաժարիմ մտածողութիւնները իրենց հետեւանքներուն վրայ տարածելէ: Օշականի վէպը միայն կիրք, հոգեբանութիւն, տրամա, մտածում, լարում ու հեղեղ չէ, է՛ նոյն ատեն շլացուցիչ պատկերացում մը: Գեղեցկութիւնը ըսի, որ զգայնութիւններու ներդաշնակ հանդէս մըն էր մեզի մատուցուած: Այդ վէպին մէջ այդ ներդաշնակութիւնը ընդմէջ մարդուն ու աշխարհին, հոգիին ու մարմինին, կիրքին ու ասոր հագած արարքներուն, կերպարանքներուն, դեռ կը պահէ իր շէնքը անաղարտ: Այսօր ալ կը կարդանք այդ վէպը, այն այլուրութեամբ, ժամանակէ զերծութեամբ, իրականին մէջ ամրախարիսխ ըլլալով հանդերձ՝ անիրականին ապահով զգայութիւնովը, որոնք այդ վէպին համար զգալի նկարագիրներ էին, երբ կ՚ապրէր զանոնք ոտքի  նետող  կախարդական, հեքիաթունակ անիրական ճարտարապետը: Անոր վէպը գեղեցկութիւնն իսկ էր ու կը մնայ մինչեւ այսօր: Ահա թէ ինչու Արեւմտահայ գրականութեան մէջ Չրաքեանի, Զապէլ Եսայեանի, Մեծարենցի, Թէքէեանի, Դուրեանի, մաս մը Պէշիկթաշլեանի անունները մեր ներսը կը պահեն գրականէն տարբեր կշիռներ: Ըսել կ՚ուզենք՝ կը համակրինք այդ անուններուն թելադրած զգայնութիւններուն, իրենցմէ դուրս մղումներու տակ թերեւս: Օշական հարցուցած է, թէ Ներաշխարհը, ո՞ր պատանիին ապրումները կը բովանդակէր. թերեւս տառապագին տագնապին մէջը այդ գործը ծանրաբեռնող աւելորդին, լրագրականին, իմաստութիւն ծախող խակ միտքին: Մեզի համար այդ ապրումներուն հարազատութենէն աւելի անոնց շնորհը, անոնց փայլը, գեղեցկութիւնը այսօր կշիռ է առաւելապէս: Այդ գործը ունի իր ծալքերուն մէջ անթառամ մասեր ու այսքանը բաւ է մեզի, որպէսզի զատուի անիկա այն միւսներէն, որոնք ծանրաշուրջառ փառքով մը լեցուցին մեր գրական հրապարակը, բայց որոնց գործին ներսը կեանքի այդ աղբիւրները չորցեր էին վճռապէս: Ինչո՞ւ չէր կրնար հանդուրժել Օշական Տիւսաբի վէպը:

Անշուշտ միայն արուեստին դէմ գործուած մեղքերը չէին զինքը տառապեցնողը, այլ այդ գործին մէջ պակասը՝ այդ խորշերուն: Օշական Պէշիկթաշլեանի հարիւրը անցնող քերթուածներուն կշիռը ըրաւ ձերբազատ ոգիով ու արդար միտքով: Իր գտա՞ծը աւելորդին, դէզին ետեւ մաս մը անմահ գեղեցկութիւն։ Ու նոյն ձեւով իր «Համապատկեր» ըրաւ իր կշիռը   արեւմտահայ գրական արդիւնքէն: Մենք կը մերժենք Օշականի հիացումներուն վրայ մեր օրերու ոճրապարտ տարակոյսները, հերքումի փորձերը, որոնք մեր կարծիքով յառաջ կու գան գրականութիւնը ըմբռնելու, արժեւորելու մեր մասնաւոր կերպերէն Մենք  անշուշտ  գրականութենէն  հոգւոյ փրկութիւն, ժողովրդային լուսաւորում, հայրենասիրութիւն, բարոյախօսութիւն, կռիւի տենդ, լալկանութիւն ու ողբասացութիւն, անէծք ու հայհոյանք չենք սպասեր այսօր: Մենք գրականութիւնը չենք ենթարկեր աս ու ան դասակարգին մենաշնորհը մնալու տրտում դերին: Մենք կ՚առնենք այդ գրականութեան պաշտօնագործութեան (Օշականեան բառ մը դարձեալ) արդիւնքը -գեղեցկութիւնը, իբր ամէնէն թանկ միութիւնը նման կրթանքներէն մեզի հասանելի: Օշականի հիացումները երկար է վերլուծել: Բայց անոնց աղբիւրը այդ գիտակցութենէն կը բացուի: Իր հիացումները անխառն չէին կրնար ըլլալ: Ատիկա պահանջել՝ անմարդկային: Բայց իր հիացումները թելադրող ազդակներէն ամէնէն ընդարձակը, կենդանին՝ դարձեալ գեղեցկութեան զգայարանքէն եկածն էր անոր գիտակցութեան: Ու անիկա զգացած է այդ գեղեցկութիւնը մեր ժողովուրդին արուեստի ամէն արտայայտութեանցը մէջ, շատ հեռուներէն՝ մինչեւ իր օրերը: Ու անիկա ստեղծած է իր վաստակը, այդ զգայութեան առքին, գինովութեանը, տարփանքին մէջը: Ամէն բան իրեն առիթ՝ որպէսզի վերածուի կախարդական, նուրբ, կենդանի, իրաւ իր կերպարանքին: Ինչի՞, որ մօտեցած է անիկա, զայն փոխակերպած է գեղեցկութեան պատկերի մը: Խօսեցայ իր վէպէն: Կարդացէ՛ք իր թատրոնները՝ գտնելու համար ինչ կախարդական միջոցներ կը գործեն, որպէսզի մեզի խնայուին Շիրվանզադէի մը բեմին հաստ, թանձր, տափակ մարդերը եւ կամ Շանթի հերոսներուն տրտմունակ, գրքունակ ուրուապատկերները: Թող այդ խաղերը մատուցւին ատոնց արժանի հասարակութեան մը, լաւագոյն պատրաստութեամբ, դուք պիտի ունենայիք  թատերական զգայութեան ամէնէն յուզիչ փաստերը ձեր մտքին մէջ, երբ պիտի բաժնուէիք թատրոնէն: Տրուէր իրեն անկարելի առիթը, հեղ մը գլուխը վեր առնելու հողէն ու աչքով չափելու իր այնքան սիրած երկիրը, որ անկարելի միւս հրաշքի մը գնով չէր մեռած, հազարամերը անցնող կործանման փոթորիկներէն ու այսօր գտած է դիւթական շրջանակը, իրականութիւնը, հեքիաթն ու հրաշքը, որոնց մտատեսութիւնը իրեն ներշնչած էր իր կարօտի էջերը, այնքան իրաւ, այնքան մարդկային: Այդ հայրենիքը այսօր գեղեցկութիւն է, գէթ այնչափով, կերպարանքով, որոնց հաղորդ էին եղեր անոր զգայարանքները, երբ կը պտտէր թուրքէն ազատագրուած հողերը պալքանեան ժողովուրդներուն: Այդ հայրենիքը այսօր համադրութիւնն իսկ է այն բոլոր շնորհներուն, որոնց վերլուծումն էր ըրեր այնքան անգամներ: Ու անոր վրայ, ուր տառապակոծ ժողովուրդը՝ որ տէրն է իր տունին, պատիւին, հացին ու կը ստեղծէ ազգերու տեմպին մէջ, ոչ ոքէ ետ չմնացող, կորովով ու արդիւնքով: Անցնէր մեր քաղաքներուն փարթամ ապարանքներէն, որոնց ետեւ իրեն պէս աշխատաւորները կը յօրինեն միտքն ու զարկերը միլիոնաւոր իր եղբայրներուն: Մեր գրապալատները: Մեր թատրոնները: Մեր օփերաները: Մեր գիտական հսկայ-հսկայ հաստատութիւնները: Մեր մեծ պարաժները: Շքեղ կազմածները, որոնք ջուրն ու օդը կը զսպեն: Ու անցնէր անիկա մեր երկինքէն, որ լեռներով բռնուած սաղաւարտ մը չէ հիմա մեր զաւկըներուն գլխուն, երկաթ ու անգութ: Այլ` ապահով ճամբայ, թեւին, թռիչքին, խոյանքին ու երազին կապտաւուն արտերը դարձած մեր զաւկըներու բազուկին ու խելքին հլու հպատակ, որոնք կը լողան անոր բոլոր լայնքերն ու խորքերն ի վար ու ազատագրուած են հայրենական կարմիր մեղքերէ, լացին թանձր ամպերէն ու լեռները կը հանդերձեն աւելի քան թարմ գեղեցկութեամբ: Ու անցնէր անիկա մեր դաշտերէն, որոնց վրայ անկանաչ թիզ մը հող պիտի դժուարանար գտնել, ծանրաբեռն բերքով, բարիքով, օրհնութեամբ ու զուարթութեամբ: Մեր ճամբաներուն, մեր փոխադրութեան միջոցներուն, մեր մեքենաներուն իսկ մենք տուած ենք գեղեցկութիւն: Ու այս բոլոր գեղեցկութեանց պսակը, ի՛նքը, մեր ժողովուրդը որ  կ՚ապրի  խիտ խոր իրաւ աղուոր առանց  վախի, առանց ամօթի, մաքրուած դարերուն նախատինքէն, արիւնէն վերանորոգ, խելքէն յանդգնաւոր, զգացումներուն մէջ ինքզինքը խաղաղեցուցած, լիացուցած: Օշական երազեց այդ ամէնը: Տեսած էր այս ամէնէն փշրանքները մեր պատմութիւնն ի վար: Խանդավառ էր իր ժողովուրդին ստեղծագործ ուժերովը եւ կը հաւատար անոր ճակատագրին: Այդ ամէնը իրաւ են: Արեւմտահայ գրականութիւնը նախապատրաստութիւն մըն էր սա գեղեցկութեան կշռոյթին: Մոռցէ՛ք անկէ ինչ որ Օշական արդէն նետած, վանած էր մէկդի, իբր փաթաթ, տաշեղ, կեղեւանք: Մնացածը կը բաւէր իրեն ալ, մեզի ալ: Խօսեցայ Օշականի վէպէն, թատրոնէն, անցողակի: Անոր տպաւորապաշտ էջերը, իբր կառոյց, ներքին հիւսք, գոյն ու կարկառ՝ կը սնանին գեղեցկութեան ակունքէն: Յետոյ, կա՞յ կարիք, աւելորդ անգամ մըն ալ յիշեցնելու այդ զգայութեան ճշմարիտ նկարագիրը: Գեղեցիկը մարդիկ կը սիրեն շփոթել ճաշակին հետ: Սերունդէ սերունդ որքա՜ն փոփոխելիութիւն, այդ գեղեցկութիւնը զգալու արարքին մէջ: Ինչ որ 1860ի մարդոց հեշտանքը կը կազմէր Պէշիկթաշլեանի տողերուն մէջ, քառորդ դար յետոյ դադրած էր իր հմայքէն ու մեռած: Իմ թելադրել ուզած գեղեցկութիւնը կը մերժէ նման փոփոխականութիւններ: Ես կ՚ակնարկեմ այն զգայութեան, որ մեր ժողովուրդը կը կրէ իր մարմնեղէն, ինչպէս` հոգեղէն շէնքին վրայ:

Արեւմտահայ գրականութիւնը այսպէս արժեւորել ո՛չ չտեսութիւն է, ոչ ալ ոճիր: Օշական առաջինը չէ անշուշտ այս ամէնը ընդզգացող: Բայց առաջինն է մեր մէջ այն գրողներէն, որոնք կեանքը ենթարկեցին գեղեցկութեան կենդանակերպի մը: Անիկա աշխարհը տեսեր էր այդ երազային մշուշին ընդմէջէն:

1946



*             Վերցուած հեղինակի «Ինքնադատութիւն» անունը կրող ծաւալուն գործէն (ձեռագիր «Ս. » ԽՄԲ.

*             Օշականի քննադատութեան ամէնէն յաջող տարազներէն մէկն է ասիկա: Անոր մէջէն կ՚ըլլան բացատրելի անոր համակրութիւնները, ատելութիւնները, կշիռները: Անիկա կը հաւատայ, թէ անբաւական է առանձին, իրաւ զգացում մը, գործ մը դիմացնելու բանի մը դարու կեանքով: Ու դարձեալ կը յայտարարէ, որ ձեւ մը, առանձին, անբաւական է ինքզինքը պարտադրելու: Անիկա արհամարհեց Արեւելահայ գրականութիւնը, վասնզի մերկ էր ձեւէն: Արհամարհեց ռոմանթիքները, արուեստագէտներուն մոլութիւնները ձեւին, ուր նիհար կը գտնէր զգացումը: Բայց անիկա կը հիանար այն կտորներուն, ուր` խորքն ու ձեւը իրար կը պաշտպանէին: Արեւմտահայ գրականութիւնը մեզի ձգած է գործեր, հարիւրէ աւելի, ուր այս պայմանը իրականութիւն էր: