Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՇԱԿԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԷՆ . . .

 

Պատասխան տղու մը հարցումներուն.

1. Գրել սկսելու համար խորտակել բոլոր կուռքերը։ (Ուշադրութիւն այս յօդուածին, սիրելի պարոն։ Անիկա քեզի յաւակնութիւն չի սորվեցներ։ Ամէն մեծ գրագէտ խորապէս համեստ է։ Անիկա քեզի ազատել կ՚աշխատի օտարին փէշերէն կախուելու տգեղութենէն։ Անիկա քեզի կը թելադրէ ինքնիրենդ ապաւիներու սրբազան առաքինութիւնը)։

 

2. Տեսած ըլլալ ինչ որ քենէ առաջ ըրած են։ (Կարդալը ոչ ոք գրագէտ կ՚ընէ։ Պիտի կարդաս, որպէսզի համոզուիս քու ըսելիքներուդ։ Այսինքն՝ ուրիշներուն գործին մէջ պիտի փնտռես տարբերութիւնը, զոր քու հետդ կը պտտցնես։ Այն ատեն միայն իրաւունք ունիս խորհելու գիրքերուն։

 

3. Անկեղծ ու հաւատաւոր ըլլալ։ (Զգուշացիր ինքզինքդ խաբելէ։ Լեզու մը գրելը չի նշանակեր արուեստագէտ ըլլալ։ Փնտռէ մանաւանդ, թէ կրնա՞ս այդ լեզուն գրել ուրիշներէն չկասկածուած ձեւով մը։ Դեռ ասիկա սկիզբն է։ Հարցուր դուն քու ներսիդ յաճախ, փնտռելու համար առաջին արձագանգները։ Մի աճապարեր դատելու կամ հաստատելու համար այդ խեղճ ձայներուն իմաստը։ Ու անկեղծ եղիր անոնց հետ։ Երբ կը համոզւիս, որ այդ քեզի դարձող ձայները կը նմանին քու ամէն օր լսածներուդ, երբ անոնց վրայով նոր եղանակաւորում մը, նոր մեղեդի մը չ՚աւելնար աշխարհին, փակէ դուռները, կոտրէ ձայներու այդ կախարդ հայելին, որ քեզի համար հասարակ ապակի մը միայն պիտի ըլլայ ու կօշիկ կարէ։ Աւելի պարկեշտ ու լաւ բան մը կ՚ընես։ Բայց երբ համոզուիս այդ անդրադարձումներուն ներքին արժէքին, մի՛ կասկածիր աշխարհին անտարբերութենէն, ծիծաղէն, չարութենէն։ Նոր եղանակ մը միշտ յաւելում մըն է, նոր աստուած մը, որ իր տեղը կ՚ուզէ եւ կը նեղէ պաշտողներն ու պաշտուողները։ Այն ատեն մանաւանդ յիշէ, թէ հաւատքը իր վրայ՝ խանդավառութիւնը, մոլեռանդութիւնը անիմաստ բառեր չեն)։

 

4. Ինքնատիպ ըլլալ։ (Չես ճանչնար այս բացատրութիւնը, հակառակ իր ընթացիկ հանգամանքին։ Ուրիշներէն զարտուղուիլը չէ անիկա, ինչպէս կրնաս սորված ըլլալ, ըսելու եւ զգալու այլանդակութեամբ, բռնի տարբերացումով մը։ Ան որ կը փնտռէ պիտի չգտնէ։ Այսինքն՝ եթէ խղդուած ես ուրիշներու ձեւերովը ինչ որ համազօր է հասարակութեան ու քու ուժերդ կը վատնես քեզ ընդոտնող կամ պարսպողները տապալելու, զուր է յոգնութիւնդ։ Քու բխումդ պէտք է գայ տարերային,   անգիտակից ու ահաւոր։ Քեզի տեղ պիտի տան ոչ թէ դուն պիտի կռուիս այդ ոտք մը հողին համար, ուր քու երազներուդ հոյաշէն ծառը իր բունը պիտի խարսխէ։ Այսպէս ըմբռնէ այս առաջին ու վերջին պատուէրը գրելու արուեստին։ Ուրիշներուն մի մտածեր։ Եթէ դուն զօրաւոր ես, անոնք արդէն պիտի քաշուին իրենք իրենց։ Բայց դեռ ասիկա սկիզբն է։ Կեղծ ապրումներն կան, ախտավարակ կոթողումներ, որոնք ուժգին հովի մը կը սպասեն տապալելու համար։ Ինքնատպութիւնը քու միջոցդ պիտի չըլլայ, այլ քու պտուղդ։ Ու այս ինքնիրեն չի գար։ Ոչ ոքէ օրինակ ընտրէ այս ճամբուն վրայ։ Բոլոր փառքերը, բոլոր երազուած գեղեցկութիւնները, որոնք ձե-ւերուն մեծ անտառը կը պսակեն, պէտք է հեռու մնան քեզ փորձելէ։ Վա՜յ անոր, որ կ՚ընդօրինակէ։ Արհեստաւոր մը միայն պիտի մնայ ան, որքան ալ շքեղ օրինակ մը ընտրէ։ Կրնայ պատահիլ, որ սրբազան աւիշը քեզ չկարենայ սնուցանել մեծ պարոյրներու, արձանացումներու՝ քու ճիգերուդ եւ փառասիրութեանդ մէջ։ Եղիր համեստ ու մատ մը տեղը, ուր պիտի տնկես քու երազիդ ցօղունը, ծաղկաւէտէ բարի բխումովը խոնարհ ծղօտներուն։ Վասնզի անտառներուն մէջ խոտ մը երբեմն գեղեցիկ է, որքան սօսի մը։ Կարեւորը աղուոր խոտ մը կարենալ ըլլալն է։ Ինչպէս կը տեսնես, քեզմէ ուզուածը շատ դիւրին բան մըն է, եթէ բերած ես ազնուական իսկութենէն։ Այլապէս պատռէ երազներուդ բարձերը ու պարտիզպան եղիր)։

 

5. Ու վերջացնելու համար, կարդալ այս ամէնը ու մոռնալ բոլորովին։ (Վասնզի ան, որ արուեստէն պիտի ըլլայ ո՛չ ոքի խրատին պէտք պիտի ունենայ)։

 

* * *

Գրական դպրոցները անհեթեթութիւններ են, ինչպէս բազմագլխանի իրան մը՝ ճիւաղ մը։

 

* * *

Շրջանները գոյութիւն ունին, բայց դպրոցները՝ ոչ։

 

* * *

Զգայնութեան նմանութիւն մը կարելի է անհատէ անհատ։ Ձեւին նմանութիւնը ընդօրինակում է միշտ։ Ասոր համար է, որ նիւթերը չեն հիննար։ Բայց տարազը կը փտտի այնքան շուտ։

 

* * *

Հոգին մշտական սկսում մըն է. նկարագիրը՝ կրկնութիւն մը։

 

* * *

Գրականութեան մը ամէնէն հասարակ յատկութիւնները ամէնէն հրապուրիչները կ՚ըլլան։

 

* * *

Մեր գրականութիւնը չէ տառապած հասարակ տեղիքին ցաւովը։ Զայն դեռ իբր բացատրութիւն չհասկըցողներու հանդիպած եմ, որոնք գրական հանդէսներու «խմբագրապետ» ալ եղած են։

 

* * *

Սովորութիւն է տաղանդն ու համբաւը կապել իրարու։ Միշտ ալ ճիշդ չէ ասիկա։ Համբաւը քիչ անգամ գործ ունի իրական տաղանդին հետ։ Անիկա հետեւանքն է գործնական ընդունակութիւններու, կենցաղագիտական օրէնքներու կիրառումին, աւելի յաճախ աճպարարութեան։ Հեռատես ու ամենատես ըլլալ, գիտնալ շահագործել բոլոր պատեհութիւնները, պատասխանել բոլոր ստացուած նամակներուն, տրամադրելի պահել հասցէներու գիրք մը պահանջել հարկին պատրաստել զայն), բոլոր պաշտօնական խողովակներուն բանալին ունենալ, ահա քանի մը յանձնարարելի միջոցներ, որոնք անվրէպ համբաւին   կ՚առաջնորդեն։

 

* * *

Շրջան մը հաստատող դէմքերուն մօտ ներելի է հասարակաց գիծեր ընդունիլ։ Բայց այնպէս մը, որ իւրաքանչիւր գիծ առանձին դէմքի մը բաղկացուցիչ տարրը ըլլայ նախապէս, ու երկրորդաբար՝ հաւաքական պատկերին վրայ համեստ նշան մը։

 

* * *

Մի՛ վախնար հակասութենէն, նոյնիսկ երբ անիկա կը հերքէ կատաղօրէն պաշտպանուած հաստատումներ։ Էականը իւրաքանչիւր վիճակի մէջ խտացուած անկեղծութեան քանակն է։ Մեծ չափի վրայ, ժողովներու կեանքը այն զոր սովոր ենք պատմութիւն կոչելու ուրիշ պատկեր մը չի տար մեզի։ Անհատին կեանքն ալ հերքումներու շարան մը չէ՞։

1949