ՅԱԿՈԲ 
    
     ՕՇԱԿԱՆ, 
    
     ԱՆԳՂԻՆ 
    
     ԿՏՈՒՑԻՆ 
    
     ՏԱԿ, 
    
     ՊԷՅՐՈՒԹ 
    
     - 
    
     2008
   
   
   
  
    
     ՍՈՅՆ 
    
     ՀԱՏՈՐԸ 
    
     ԼՈՅՍ 
    
     ԿԸ 
    
     ՏԵՍՆԷ 
    
     ՍԻՏՆԻ 
    
     ԲՆԱԿՈՒԹԻՒՆ 
    
     ՀԱՍՏԱՏԱԾ 
    
     ՀՐԱՉ 
    
     ԵՒ 
    
     ԶՈՀՐԱՊ 
    
     ԳԸՒԸՐԵԱՆ 
    
     ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ 
    
     ՄԵԿԵՆԱՍՈՒԹԵԱՄԲ
   
   
   
  
    
     Խմբագիր՝ 
    
     ՊՕՂՈՍ 
    
     ՍՆԱՊԵԱՆ
   
   
   
  
    
     «Անգղին 
    
     կտուցին 
    
     տակ» 
    
     անունով 
    
     կնքուած 
    
     Յակոբ 
    
     Օշականի 
    
     տեսական 
    
     գրականութեան 
    
     սեռին 
    
     պատկանող 
    
     հետագայ 
    
     էջերուն 
    
     մէկտեղուած 
    
     գրութիւնները 
    
     խմբագրուած 
    
     էին 
    
     ուղիղ 
    
     35 
    
     տարի 
    
     առաջ, 
    
     հեղինակին 
    
     ծննդեան 
    
     100ամեակին 
    
     առիթով 
    
     ու 
    
     կոչուած 
    
     էին 
    
     մաս 
    
     կազմել 
    
     «100ամեակի 
    
     հրատարակութիւն» 
    
     ընդհանուր 
    
     շարքին, 
    
     բայց 
    
     ո՛չ 
    
     օրին 
    
     եւ 
    
     ոչ 
    
     ալ 
    
     թաւալող 
    
     տարիներուն 
    
     բախտ 
    
     չունեցան 
    
     անոնք 
    
     լոյս 
    
     տեսնելու, 
    
     հետեւեալ 
    
     պատճառով, 
    
     պատճառներով.
    
     —
   
  
    
     Եւրոպայի 
    
     վաճառաշահ 
    
     մէկ 
    
     քաղաքին 
    
     մէջ 
    
     բնակութիւն 
    
     հաստատած, 
    
     ունեւոր, 
    
     բարձրաճաշակ 
    
     գրասէր 
    
     ու 
    
     ազգային 
    
     հաստատութիւններու 
    
     իշխա- 
    
     նական 
    
     նուիրատուութիւններ 
    
     ըրած 
    
     անձնաւորութիւն 
    
     մը, 
    
     իմանալով, 
    
     որ 
    
     ծրագրուած 
    
     է 
    
     մեծատաղանդ 
    
     Յ. 
    
     Օշականի 
    
     մամուլին 
    
     մէջ 
    
     ցրուած 
    
     գործերը 
    
     հատորային 
    
     ծածկերու 
    
     տակ 
    
     լոյս 
    
     ընծայել, 
    
     առանց 
    
     հրաւէրի 
    
     տրամադրութիւն 
    
     կը 
    
     յայտնէր, 
    
     որ 
    
     նիւթապէս 
    
     պիտի 
    
     օժանդակէ 
    
     այս 
    
     ծրագիրին 
    
     գոր- 
    
     ծադրութեան։ 
    
     Եւ 
    
     որովհետեւ 
    
     գրական 
    
     հասկացողութեան 
    
     ու 
    
     մշակուած 
    
     ճաշակի 
    
     մը 
    
     փաստերը 
    
     տուած 
    
     էր 
    
     քանիցս, 
    
     որոշուեցաւ 
    
     իր 
    
     մեկենասութեան 
    
     վերապահել  
    
     «Անգղին  
    
     կտուցին  
    
     տակ» 
    
     անսովոր 
    
     գործը, 
    
     բայց 
    
     տպարանին  
    
     դուռը  
    
     չբախած,  
    
     հասաւ 
    
     իր 
    
     մահուան 
    
     բօթը։
   
  
    
     Այս 
    
     պայմաններուն 
    
     մէջ, 
    
     այս 
    
     գործին 
    
     համար 
    
     չդիմեցինք 
    
     ուրիշ 
    
     ոեւէ 
    
     մէկուն 
    
     մեկենասութեան։
   
  
    
     Պատշաճութեան 
    
     սահմաններէն 
    
     բաւական 
    
     ժամանակ 
    
     անցնելէ 
    
     ետք, 
    
     ներփակելով 
    
     մեզի 
    
     ուղղուած 
    
     նամակը՝ 
    
     գրաւոր 
    
     դիմում 
    
     մը 
    
     կատարեցինք 
    
     հարազատներուն, 
    
     խնդրելով, 
    
     որ 
    
     կատարեն 
    
     արդէն 
    
     կտակի 
    
     չափ 
    
     ուժ 
    
     ստացած 
    
     իրենց 
    
     սիրելիին 
    
     կամքը, 
    
     բայց 
    
     մեր 
    
     դիմումը 
    
     մնաց 
    
     անպատասխան։ 
    
     Նոյն 
    
     բովանդակութեամբ  
    
     գրուեցաւ  
    
     երկրորդ  
    
     նամակ  
    
     մը, 
    
     երրորդ 
    
     մը, 
    
     աւելի, 
    
     առաւել՝ 
    
     ընտանիքին 
    
     բարեկամ 
    
     կրօնական 
    
     ու 
    
     աշխարհական 
    
     ծանօթ 
    
     անձնաւորութիւններու 
    
     միջոցով 
    
     ուղղակիօրէն 
    
     ներկայացուցինք 
    
     նոյն 
    
     խնդրանքը, 
    
     բայց 
    
     հանդիպեցանք 
    
     նոյն 
    
     քար 
    
     լռութեան։
   
  
    
     Խմբագրուած 
    
     ու 
    
     «100ամեակի 
    
     հրատարակութեան» 
    
     գործերուն 
    
     շարքին 
    
     արձանագրուած 
    
     էր 
    
     նաեւ 
    
     այս 
    
     մէկը, 
    
     «Անգղին 
    
     կտուցին 
    
     տակ», 
    
     եւ 
    
     Օշականի 
    
     երկրպագուները 
    
     յաճախ 
    
     կը 
    
     հետաքրքրուէին 
    
     անոր 
    
     բախտով 
    
     եւ 
    
     կը 
    
     յուսադրուէին, 
    
     որ 
    
     օր 
    
     մը 
    
     կը 
    
     կարդան 
    
     հատորը, 
    
     բայց 
    
     սպասման 
    
     մեր 
    
     պաշարները 
    
     արդէն 
    
     սպառած 
    
     էին 
    
     եւ 
    
     մենք 
    
     երբեմն 
    
     բարեկամներու 
    
     հետ 
    
     սկսանք 
    
     խօսք 
    
     բանալ 
    
     այդ 
    
     մասին, 
    
     եւ 
    
     հոս, 
    
     ինչպէս 
    
     կը 
    
     տեսնէք, 
    
     բախտը 
    
     անմիջապէս 
    
     ժպտեցաւ 
    
     Օշականին։ 
    
     Հեռաւոր 
    
     Սիտնիէն 
    
     երկու 
    
     եղբայրներ, 
    
     հասու 
    
     դառնալով 
    
     գործին 
    
     կարեւորութեան, 
    
     սրտաբուխ 
    
     ընդառաջումով 
    
     մը 
    
     յանձն 
    
     առին 
    
     հոգալ 
    
     հատորին   
    
     տպագրական  
    
     ծախսերը։
   
  
    
     Այս 
    
     ուրախութեան 
    
     հետ, 
    
     նաեւ 
    
     երկու 
    
     տխրութիւն 
    
     կը 
    
     համակէ 
    
     մեզ 
    
     այսօր, 
    
     նախ՝ 
    
     Օշականի 
    
     գրականութեան 
    
     սիրահար 
    
     անձնաւորութեան 
    
     անակընկալ, 
    
     որով 
    
     նաեւ 
    
     խորապէս 
    
     կսկծալի 
    
     մահը, 
    
     եւ 
    
     երկրորդ՝ 
    
     անցնող 
    
     35 
    
     տարիներուն 
    
     ընթացքին 
    
     կեանքէն 
    
     հեռացած 
    
     այն 
    
     բազմաթիւ 
    
     ընթերցողները, 
    
     որոնք 
    
     պիտի 
    
     ուզէին 
    
     կարդալ 
    
     այս 
    
     ծանրակշիռ 
    
     գործը, 
    
     բայց 
    
     առանց 
    
     մտաւորական 
    
     այդ 
    
     վայելքին 
    
     գոցեցին 
    
     իրենց 
    
     աչքերը։
   
  
    
     Դառնանք 
    
     եւ 
    
     մեկենաս 
    
     երկու 
    
     եղբայրներուն 
    
     առիթով 
    
     անգամ 
    
     մըն 
    
     ալ 
    
     կարդանք 
    
     Օշականի 
    
     բնորոշ 
    
     հաստատումը, 
    
     թէ՝ 
    
     «
     
      Անոնք, 
     
      որ 
     
      գիրք 
     
      մը 
     
      կը 
     
      տպեն, 
     
      նեցուկ 
     
      կը 
     
      կանգնին 
     
      մեր 
     
      հոգիին 
     
      խորտակուած 
     
      սիւներուն
    
     »...