Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ

Բ. ՀԱՏՈՐ

 

 

Խումբը, գրեթէ համատի տղոցմէ կազմուած, կը մտնէր վերջապէս սահմանները գեղին:

Կառապաններ, մեծ մասը ասոնց, յեղափոխականները փոխադրելու մեղքով, իրենց պարտադիր լրբութիւնը [1] քաւելով այսպէս անիրաւաբար: Օտար տան վարձուորներ, որոնք իրենց աղքատութիւնը կ՚եղեն ընչեղ գերդաստաններու առատութեան մէջ ու գիշեր ու ցերեկ կ՚եփին անոնց հարսներուն հուրքովը: Մէկ-երկու անդրանիկ, միջին ընտանիքներէ, անդարձ հեռացած հայրիկին տեղը, կանուխկեկ մտած հացի պայքարին, ու այդ գնով, սուտով ու փուտով շտկած տունին կործանած տնտեսութիւնը: Բոլորն ալ, նոյն հրաշքով նետուած դուրս անկէ: Բոլորն ալ, բացի Սողոմենց Սողոմէն, չունէին մէկը «անկողինին մէջ» իրենց սպասող, ինչպէս սկսած էին սրախօսել իրարու, երբ ջուրերու գլխուն, հանգչելու ատեն ծաղրանկարը կ՚ընէին փարթամ բայց գոնջ աղաներու եռանդին, կրկնելով անոնց մասնայատուկ շարժումները, թիփիկ բեկորները բառերուն, նորոգելով, կարելի հարազատութեամբ յօնքի, թարթիչի, նոյնիսկ քիթի այն փոքր կնճռումները, որոնք մեր դէմքին սովորական միակերպութեան վրայ կը բուսնին յանկարծ ու կու տան անոր` շեշտն ու կտրուածքը մեր մնայուն, անկորուստ անձնականութեան: Բարկութեան հրթիռ մը, հաճոյքի փայլակ մը, գոհունակութեան փոքր հեւք մը յաճախ կը բաւեն այդ լիութիւնը յառաջ բերելու: Ուրախութիւնը, երբ կ՚արտայայտուի հնչումով, գերագոյն պատեհութիւններէն մէկն է, մեր դէմքը իր վաւերական կնիքին դարձնող: Երբ դիտեցիք, այսինքն` զգացիք ծիծաղի մը հաստութիւնը, չափած էք, բաւարար ստուգութեամբ, թանձրութիւնը հոգիին, ուրկէ փրթած է այդ միսի ալիքը:

 

Հետի, վերջին խումբն էր ասոնցը, այդ օրը գազայ էն գեղ դարձող ուրիշ խումբերու: Գրեթէ բոպիկ –-շատեր ծախած էին իրենց ոտիցները հացի համար--, բայց տարիքէ թեթեւ, անոնք, հակառակ առաջացած գիշերին, չունէին դասական աճապարանքը, որ դէպի գեղ դարձը կ՚ոգեղինէ անգիտակցաբար: Թուրք գեղերու պատկանող հողամասերու մէջ, անոնք, ըլլալէ յետոյ զուսպ ու մտավախ --դարերը յօրինած ըլլալու են այդ ներքնազգեստը մեր հոգիին համար: Միջավայրի փոքր փոփոխութիւն մը անհասկնալի կ՚ընէ այդ գոյավիճակը հիմա մեզի-- անգամ մը, որ զգացին հոգին իրենց հողերուն, ինքնահոս բնականութեամբ մը դարձան թեթեւ ու արի: Անոնք երկար փնտռուած բանի մը հասնելու[ն] [2] շեշտ գիտակցութիւնը ունէին: Պարզ ու մեծ էր զուարթութիւնը, որ կը յորդէր անոնցմէ: Սանկ յարդարուած, համով հոգեվիճակ մը, որ մեծ տագնապներէ յետոյ, կը բացուի մեր ներսը, լուալու համար կարծես ժանտ ու սեւ աղերը ցաւին:

 

Հակառակ անցեալ ըլլալուն, բանտը, աւելի ճիշդ` անով ստեղծուած բարեխառնութիւնը չէր հեռանար անոնց կրունկներէն: Չես գիտեր ինչպէ՛ս, մօտէն կամ հեռուէն, բոլորն ալ քսուած քոմիթաճի ներու պատահարին, ինկած էին բանտ շատ խոշոր յուզումներու, դղրդումներու ընդմէջէն: Կառավարութիւնը վաշտ մը զօրքով կատարած էր ձերբակալութիւններ, ահաբեկած գեղը ոստիկանական անսովոր միջոցներով, ու խորտակած, վայրագ հեշտութեամբ մը, աւագանին, զանոնք [3] կապելով աղաներու սրճարանի սօսիին ու անխնայ ծեծելով, ստեղծելու համար խօլ այն բռնկումները, որոնք ամբոխ մը մէկէն կը փաթթեն ու կը տանին աղէտին: Անիկա խորտակած էր նմանապէս դասակները քաջերուն, հինգ-տասը տարի առաջ լեռներուն իշխող, բայց հիմա մտած զգաստութեան ճամբան: Ու բանտարկեալները դողացած էին ահաւոր այն մտապատկերէն, որով կը ձեւէին մահը խեղճուկ այդ բանտին մէջ [4] թուրք իրենց ընկերները, յեղափոխական պարունակէն –ոտք ու ձեռք կապուած` շաքարի տոպրակին մէջ թխմուելէ յետոյ ձգուիլ ջուր-, շփոթելով Պոլսոյ ջուրերը սա ողորմելի գազայ ին հոտած առուակին հետ: Քաղաքական յանցանքները տարօրինակ ճակատագիրն ունին յանցանք չըլլալու: Անոնք զգացումներ են, վիճակներ են ու իբր այդ կը տպաւորեն: Թող փոխուի բարեխառնութիւնը, ու երէկուան մահապարտը կը բարձրանայ մինչեւ գերագոյն գահը իշխանութեան: Հայ տղաքը նեղուած չէին իրենց թուրք բանտակիցներէն, որոնք իրական յանցապարտներ, կէս արգահատանքով կը դիտէին զիրենք, բայց այցուած [5] էին մղձաւանջէն, որ կը բռնէր անոնց ցերեկն ու գիշերը: Անոնք իրենց հողերուն ալ վրայ, ինչպէս հիմա, կը քննէին, կը դատէին ` հասկնալ փորձելու պատճառը, որ զիրենք կ՚ազատէր ձուկերուն կեր ըլլալէ: Օրերով, բանտի մէջ, փորած, փորփրած էին փաստերը, իրողութիւնները, փորձառուներու վկայութիւնները, հասնիլ կարենալու համար սա դատավարութեան թաքուն ծալքերուն, կերա՛ծ ծեծը, անլուր խստութեամբ, խոստովանելու համար պոմպա ներուն պահեստը, բայց չէին ըմբռնած իմաստը այս ամէնուն: Անոնցմէ շատեր յեղափոխութիւնը ճանչցեր էին իրենց դպրոցական երգարաններով, զորս կը յօրինէին անլուր խնամքով, ամէն մէկ երգի սկզբնատառին համար հաւնոց մը սոթտելով, վճարելու համար թռչնագիրներուն արժէքը, ու ջուրի պէս գոց սորվելով բառ ու եղանակ, - ամէնէն հաստ գլուխներն անգամ անմասն չեղան այս նուիրանքէն [6]: Աւելի՛ն. ասպատակներու հաշւոյն [7] փսփսացուած շահատակութիւններով, սպանութիւններով: Աւելի` քանի մը կարմիր լրագիրներով, ճմուռ-ճմուռ, որոնք Պոլսէն կ՚անցնէին Եալովայի [8] գեղերը, յետոյ կը ճամբորդէին դէպի հարաւը լիճին: Բայց, ամէնէն աւելի, իրենց հոգիին անքակտելի վկայութեամբ, պարզ ու յստակ այն ձայնով, որ կը խօսի ամէն գեղի ժողովուրդի մէջ, առանց դուրսէն դասի, մանուկներէն իսկ զգալի բարբառով: Ու մի՛ զարմանաք, որ զանգուածը, անոր ամէնէն կարծրացեալ խաւն իսկ թրթռայ այդ յուզումին ներքեւ: Բռնապետութեան հետզհետէ սաստկացումը, պետական ուշադրութիւնը, որ զէնքի տղոցմէն կը տարածուէր դէպի հարուստները, թուրքերուն յաջողութիւնները ու վեհապետին անձովը պայմանաւոր այն տարօրինակ հաւատաւորութիւնը, որով երկինքն ու երկիրը իրենց սեփականութիւնը կը զգային դաշտի գօս ու գոնջ կովարծ թուրքերը անգամ, -- այս ամէնը փոխած էին ընդունուած մտապատկերները: «Հայուն Աստուա՜ծը»: Ով գիտէ ո՛ւր էր ինկած գերի Մահմէտին մէկ խաղին: Ինչո՞ւ այս տրտմութիւնը, ցեղային յուսաբեկման սա ժանգը այդ տղոց ալ մէջ, սա պահուն իսկ, երբ հողն ու օդը կը դադրէին օտար, թշնամի ըլլալէ: Ու տեսան, որ չէին կրնար չյիշել անցածը: Ու խոշոր, ու արագ, խուռերամ` անոնց մէջ կը յառնէր այդ անցածը, պղտոր ու անաւարտ, ինչպէս նկարագիրն է կեանքին: Ու կը խօսէին, ցատկող, քիչ, բեկ այն բառերով, որոնք մարմինէն աւելի հոգիին յոգնութիւնը կը պատմեն: Անոնց լեզուին վրայ տարտամ ու անկշիռ բանի մը վերածուած էին դէմքերը զոյգ քոմիթաճի ներուն, որոնք իրենցմէ մեկուսացուած, ատեան կը բերուէին, սուինապատ հսկողութեամբ, ամէն օր, կը քննուէին միավանկ հարցումներով ու կ՚առաջնորդուէին, նոյն արարողութեամբ, իրենց նկուղը: Այդ մարդերը, այդպէս կապուած, այդպէս կործանած, [9] կը ցաւցնէին անոնց սիրտը, տաք երկաթի մը պէս այրելով իրենց ճիկէր ը, - այնքան տխուր էր, օտար էր իրենց աչքին դրուածը իրենց մտքին մէջ պատրաստուածէն: Յետոյ` տեսակ մը թշնամական բան կ՚արթննար, իրենց յուսախաբութիւնը ու անոնց թշուառութիւնը իրար կամրջող: Ասո՞նք, այն մարդիկը, որոնց ձեռքովը պիտի մարմնանար դարերու երազը: Անոնք չէին կրնար վերանալ անմիջական ոլորտէն: Ու կը նեղուէին ու կը հրուէին դէպի անլոյս խրամները իրենց գերութեան: Կռիւին, վառօդին հոտէն հեռու, բառերու հրայրք մը անզօր է գեղացիին:

 

Ազգային իրենց խորհուրդէն այսպէս մերկացուած, քոմիթաճի ները կը վերածուէին պարզ ու խեղճ արարածներու: Ու ատելով կ՚ոգեկոչէին անոնց մունջ ու նկուն նկարը, սուիններուն վանդակին մէջ, շղթայապիրկ ու անխօս: Ո՞վ էին: Ուրկէ՞ կու գային: Անոնք` որոնք եղած էին հետերնին, այդ օրերուն իրենց չհարցուցածը հիմա կը հարցնէին անոնց ոգեկոչուած պատկերներուն: Անգիտացած էին անոնց ինչու գալն անգամ: Ոչ ոք ուշադրութիւն կ՚ընէր իր մտածումներուն: Ճամբու իւրաքանչիւր ոլորք պահ մը կ՚ընդհատէր անոնց նիւթը: Ամէն արտ անհատականութիւն մը ունի ու դէմք մը: Նոյնիսկ մութը անբաւական է եղծելու անոնց այդ առաքինութիւնը: Կը ձգուէին պարտէզներու տէրերուն, տուներուն դէպի իրականութիւնները: Ու քիչ-քիչ կը մոռնային: Եւ որովհետեւ գեղին առաջաւոր մասը, աս ու ան ձեւով, խառնուած էր անոնց ներկայութեամբը ստեղծուած խռովքին, զարմանալէ յետոյ, յոգնած` թափանցիկ ու անպտուղ ճիգէն, կը լքէին քոմիթաճի ներուն խորհուրդը, ծանրանալու համար փոքր դրուագներու, իրենց ծանօթներէն, իրենց իսկ պատահածներէն, երգարանի մը համար տունով-տեղով աքսորուած վարժապետէն: Իրե՞նցը, այսինքն` հիմակուա՞նը: Անոնք կը դատէին զայն, քիչ մը փոքր ու սկեպտիկ: Ու հիմա, որ ա՛լ հեռու էին անմիջական պատուհասին մղձաւանջէն - արձակուելէ առաջ, բանտին բակին մէջ, յետոյ շուկան աղօթած էին Սուլթանին արեւշատութեան համար -, կարծես ազատուած ընդմիշտ թուրքին ահէն, իրենց գեղին քաղցր մերձաւորութեան առջեւ, անոնք վերադարձան իրենց տարիքին հիմնական պահանջին: Ու կը գունաւորէին իրենց կարօտը, ըղձանքները, արիւնին խենթութիւնները, մերթ սրամիտ ջերմութեամբ, մերթ նիւթով, թանձր պատկերներով, իրապաշտ ու լիրբ, նետելով բառերուն հետ, քովէն` անուններ, վաւերական, գեղէն` կնիկի, աղջիկի, հարսի, - բոլորն ալ մեծաւորներէն, որոնք իրենց հետ բանտ, իրենց հետ արձակուած, վարձեր էին պատրաստի բոլոր կառքերը, ժամ առաջ վազելու համար ոչ թէ իրենց տուները - շատ-շատ անգամ երիտասարդներու բերնին մէջ տուն մը բանաձեւի կը վերածուի հոն աճող աղջկան կամ «լուս տուող» հարսին անունով-, այլ` ծոցը աս ու ան կնիկին: Դրամը, մեծ մեղքերը, խուլ ու գաղտ ախտերը գեղի կնիկներէն կազմած էին մասնաւոր դասակարգ ու զարգացուցած անոնց ախտաժէտ միսերուն մէջ այլապէս խոր խռովքներ, երակուելու ատեն չունեցող յուզումներ, որոնք գործի կը վերածուէին երբեմն զգայացունց մեղքով մը, տիրելով պարզ մարդերու խաղաղ գիշերներուն: Ու ասոնք կիներն էին հարուստներուն: Աղքատներու հաշուոյն, ամէն կին տեսարան կու գար, իր հրապոյրներուն ամբողջ հէնքովը, սանկ ընտանի, մօտիկ, մասնաւորներու կծիկէն, որով միս մը կը զատուի միւս միսէն, անցնելու համար սա տղոց ակռաներէն, շրթներէն, որոնք անզգալաբար կը պարպուէին այրերուն համար այնքան պինդ հեգնութեան երանգէն, ըսես նուաճուելով սեռին խոր ձգողութենէն ու կ՚արտաբերէին հարսը, աղջիկը, կինը, իրենց մարմնամոյնքը` խորախորհուրդ, թունդ օղիի մը պէս ներսերը այրող յուզումով: Ու շարքը դասական հէնքերուն, միամիտ ու խորունկ, որոնք կը բացատրեն սիրային եղանակներուն սրտառուչ քաղցրութիւնը եւ գեղէ գեղ կրակ ու համ կը փոխադրեն միջոցին վրայով: Քսանամենի տղաքը, կարգուելէ առաջ սեռ են ամբողջութեամբ: Գեղին բոլոր յոգնութիւնները, ու դուք կը հասկնաք նիւթական աշխատանքին ամէնէն ծանր տեսակները, բոլոր զբաղանքն ու աղքատութիւնը անզօր կը մնան գերագոյն այդ ցուցմունքին դէմ, որ տղոց մարմինները կ՚ասղնտէ ու անոնց հոգին հազար բերան աղբիւրի մը կը վերածէ: Ինչ որ ալ ընեն, նիւթեղէն կենցաղի որ ձեւին ալ մտնեն, անոնք պիտի յաճախուին սեռին մեծ մագնիսէն ու պիտի արեւելուին անոր բեւեռներէն: Այսպէս էր, որ անոնք մոռցած իրենց տուներուն դժնդակ չորութիւնը [10], մոռցած նոյնիսկ իրենց մայրերն ու պարագաները, [11] կը շինէին պատկերները վերադարձողներու միացումին, անգիտելով սեռէն դուրս ամէն բան, ուրանալով ծերունի հայրը, որ գաւազանին տուած իր լխկող ոտքերը` կը կենար սեմին, պագնելու համար դարձող զաւակը, անգիտելով կարօտին պարզ, մարդկեղէն յուզումին բաժինը` տան-առաջներուն [12], տեսարանին վրայ ցաթեցնելով միայն ու միայն արեւը սեռին, յիմար ու միամիտ: Այդ տղոց հաշիւներով ամէն կին պարտաւոր էր ընդունելու իր էրիկը դրան սեմէն, բերնին, այտերուն ու աչքին մէջ փոխադրելով ինչ որ անոր համը կը շինէ աշխարհի աչքին: Ու տղոց երեւակայութիւնը կը մանրամասնէր կարմիրն ու դալուկը, թուշին խալն ու աչքերուն ծովը, դատելով մորթին, հասակին, մազերուն ու ծոցին փաստերը, առանձին- առանձին, որոնց համեմատ աս ու ան հարսը շրթունքիդ ներքեւ «ճմլուած նուռ» կը դառնար, կամ` լուացուելէ յետոյ` արեւին փռուած «մետաքսի կտոր», կամ` «հրեղէն էակ», որուն նայուածքին տակ քարերը լեզու կ՚ելլեն: Յետոյ` անոնք զոյգին կը հետեւէին [13] բակին կիսամութին մէջ, իբր թէ մինակ ըլլային, այսինքն` առանց տուն մը պզտիկի, կեսուրի, կեսրայրի, ազգականներու: Անոնք անոնց մարմինները իրարու կու տային ու կ՚առնէին: Սանդուխէն վերնայարկ: Յետոյ` սրահ, սենեակ: Ու խեղճ այդ կիները պարտաւոր էին, ամէն մէկ տեղի համար, իրենց բերանէն, մատներէն, ու մարմինին աւելի պատսպարուած մասերէն հանել, կատարել յատկանշական այն շարժուձեւը, որով կին մը կը զատուի մեր մտքին մէջ ու կ՚անձնանայ: Անոնք կ՚աւարտէին ընդունելութիւնը, գինին ու ճամբու կը դնէին, մեծ աճապարանքի մէջ, բոլորը, հետեւելու համար զոյգին մինչեւ չորս-խաւ անկողիններէ կազմուած մահիճը ու կը պառկեցնէին զանոնք:

 

-- Ուտողաց անո՜ւշ, Սողոմենց Սողոմ:

 

Պոռացողը շուտիկ կառապան մըն էր, մօրը մանածը ծախած, որ գործին բերումով կը ճանչնար նաւահանգիստը, Պրուսան, անոր ջերմուկները ու ասոնց ծառերուն ներքեւ գիշերազբաղ խրախճանքները, պոռնիկներով ու մանչերով ու կը նկատուէր սեռային մարզին վրայ առաջնակարգ մասնագէտ: Պատմեր էր բանտին մէջ անմոռանալի դրուագներ, հնարովի կամ ապրուած ու շահած էր համակրութիւնը բանտապահին: Կ՚ընէր այս ելոյթը, պճռտկելու համար մեղուին բոյնը: Սողոմենց Սողոմը անմատչելի էր մինչեւ սա պահը հեքիաթին եւ իրականութեան: Ընկերները, լուռ, սպասեցին, որ գոնէ հիմա, կատարուի սխրալի պատմումը Նալպանտենց Աղուորին ծոցէն, քանի որ յղութեան փաստը հասեր էր մինչեւ հոն, բանտը: Սողոմենց տղան մնաց համր, ինչպէս ըրած էր արդէն, ո՛չ հերքելով, ո՛չ հաստատելով հասարակաց տարաձայնութիւնը:

 

-- Ուտողաց անո՜ւշ, - կրկնեց կառապանը ու պարպեց տեսարանին վրայ մարմինը ալայպէյի մը կնոջ, որ Պրուսայէն նաւահանգիստ երթի մը պահուն նուաղած էր կառքին մէջ: Իրա՞ւ: Սո՞ւտ: Ինչո՞ւն էր պէտք: Անիկա գրկած էր կինը, իջեցուցած ծառի մը տակ, ու լուսնի լոյսով ու համբոյրով արթնցուցած «հիւրիւ մէլէք» կնիկը…

 

Հասած էին աղբիւրը հաճի Մարուկենց հաճի Պետրոսին, առաջի՛նը` գեղին սահմաններէն:

 

Մատղաշ ու գեղակերտ ընկուզենի մը - տնկուած ծնունդին օրը հաճի Մարուկենց հաճի Պետրոսին աղջկան, որ գեղին ամէնէն աղուոր աղջիկը ըլլալէ ետքը, բացառիկ զիջումով, պահած էր հայրական մականունը էրկանը տունը երթալէ ետքն ալ - ծանր բան մը կը դողացնէր անոնց շուրջը: Ծա՞ռը, թէ գեղանի կնիկին պատկերը: Իրողութիւն էր, որ անոնց շուրջը կը ծաւալէր պտուղէն նոր կողոպտուած ծառի այն տրտում, կոծկոծուն հոտը, որ կը դիմանայ տակաւին քանի մը օր ալ, քաղէն ետքը: Յետոյ` մարդոց շունչը, համը, քանի մը ժամերը, որոնցմով յօրինուեցաւ գաղփաղփուն պատկերը աղուոր կիներով տրոփուն ու տղոց մտքին մէջ անջինջ փորագրուող: Վասնզի կեանքը թեթեւ է, երբ կը քալէ: Կապարի պէս կը ճնշէ անիկա, երբ կը կենայ: Այդ ընկուզենիին տակ ան օրը եղած էր հաւանաբար հաճի Պետրոսի հարսը, այլապէս խռովիչ ու մտքերու վրայ աննահանջ գամուող այդ միւս կնիկը: Գուցէ զոյգ այս կիներուն տեսիլքն էր, որ անոնց վրայ բերաւ սիրտ սեղմող, շատ անօթի զգայութիւններ, բոլորովին նման անոնց, որոնցմէ տառապեր էին այդ տղաքը, խուլ բակերուն խորը, երբ նորատի հարսնուկներ առանց զգալու իրենց ըրածին ծանրութիւնը, կը ժպտէին իրենց ու կու տային օրուան ուտեստը, ըսելով աշխատութեան տեղը եւ հեռանալով, մշտաժպիտ ու հո՜վ: Հիմա չամչնային, հաստատել ջանային պիտի հետքերը ձողին, երկու կիներուն բազուկներէն, որ թօթուած էր պտուղները: Ո՞վ էր ըսեր իրենց ներկայութիւնը կիներուն, քաղի ցերեկին: Բայց վերադարձողներուն մէջ կային տղաք, որ, դաշտի իրենց գործը կէս ձգած` ելեր էին դէպի սա աղբիւրը պարզ պատկերին վայելքին համար, հերու [14], աւելի առաջ: Ծառը կը հեծկլտար մեղմ ու տրտում, ըսես սփոփել ջանալով իր ամայացած ծոցին բիւրաւոր վէրքերը: Մո՞ւթ, - կար անշուշտ, ծառին տակ աւելի խիտ: Մէկը գտաւ օճախն ալ, որուն առջեւ ծունկ դրած ըլլալու էր հարս Լուսիկը, անունէն աւելի լուսաւոր, ամբողջ ցանկութիւն ու հուրք աղջիկը հաճի Պետրոսին: Երկարեց ոտքը, տրեխին քիթով մոխիրը խառնելով: Շո՞ւնչ, ջերմութի՞ւն, կնիկի հա՞մ, թէ ուրիշ բան էր փնտռածը: Նստան սակայն: Ու բոլոր տղաքը ու քիչ մըն ալ աւելի տարւօքները այս կէտին նման էին իրարու: Անկարելի էր խմել այդ աղբիւրէն, հանգչիլ անոր վերեւը յարդարուած տափին ու չխօսիլ անոր տիրոջմէն, ու չդնել մէջտեղ աղջիկն ու հարսը հաճի Պետրոսին: Առաջինը` իբր ամէնէն գեղանի, կատարեալ մարմինը, զոր կարելի էր տանիլ ժամ, հագուեցնել Աստուածամօր պատկերին պէս ու կեցնել խորանին, այնքան մաքուր ու խաղաղ էին գիծերը անոր երեսին եւ որուն էրիկը խաչ կը հանէր, հանելու էր ապահովաբար ամէն ծոցը մտնելուն: Չէր խօսուած, պաշտպանուելով իր շնորհէն ու քիչիկ մըն ալ անսովոր երկնայնութենէն, որով հովանաւոր, ժամ ու աղօթքի նուիրուած, հօրենական տունին մեղքերը կը քաւէր էրկանը տունին մէջ իբրեւ օտար ապրելով: Ամուլ էր անիկա եւ հեռու կիրքէն: Բայց դպրոցական տղաքը կը խենթենային անոր աչքերէն, երբ լուսարար իր էրկանը հետ անիկա տաղաւարներուն եկեղեցիին արդուզարդը կ՚ընէր, պատկերները սրբելով մազերովը, տիրացուներուն գլխուն դնելով իր բամպակէ ափերը եւ նայելով խոր, հեռու անոնց բիբերէն անդին: Այդ օրերուն անիկա հիւանդ կ՚ընէր արբունքի հասած տղաքը: Երկրո՞րդը, ոչ-նուազ գեղանի հարսը հաճի Պետրոսին: Որ կ՚ատէր բոզութիւնը --իր բառերն են ասոնք--, բայց իր կրունկէն անպակաս կը պահէր նոր ժմնուկ տղաքը, որոնց մօտ էր հարսնիքը: Հինգ տարուան մէջ չորս տղայ փոխած էր անիկա եւ ոչ ոք գիտէր ստոյգը անոր հաշիւներուն մէջ: Անշուշտ զուրկ էր անիկա տալոջը արձանային շնորհէն, բայց կ՚արժէր աւելի տղոցը մտքին: Համարձակ` բայց ընտանութեամբ սքողուած` անիկա իր խօսքը կ՚ուղղէր մեծին ու պզտիկին, ա՛յնպէս` որ ուզուածը առնէին անկէ: Քաղցր ու սրտառուչ, հերքելու համար բոզութեան կապուած ձեւերուն լպրշութիւնն ու աղտը, տխո՛ւր` լալու չափ, նայելու ատեն` ինչպէս ժպիտին մէջ, որ կոտրած շղարշի մը պէս կ՚իյնար անոր երեսներուն: Անոր էրիկը, գինով Պետրոսին խօթացած տղան, խելքէ միտքէ հեռու ճամբաներէ, շատ հաւանաբար կնիկին կախարդական մէկ արարմունքովը կը կորսնցնէր ամսէ ամիս մարդկային իր գիծերը, ստանալով եզի թանձրութիւն ու դէմք: Ճակտին երկու կողմերէն կոտոշի յայտնի սկսուածքով, երկոտանի քալելու տեղ չորս ոտքով գնացքէն ախորժելով, հետզհետէ փախչելով մարդերէն, չխօսելով ոչ ոքի հետ, կորսնցնելու չափ բառերու յօդաւորումը եւ իմաստին աղերսը, չուտելով տան սեղանէն - ուրիշներու հաւաստածին համեմատ պարտէզներու մէջ թթենիի տերեւները ուտելով -, պառկելով վարը, ախոռին մէջ, կովերուն քով, ու մշտապէս լուռ` անիկա բախտ էր բերած կորակործան հաճի Պետրոսին, որ, հին ու անուանի գերդաստանի մը տաշտի-քերուկ մէկ շառաւիղը` ընտանիքին բոլոր խօթութիւնները կ՚ամփոփէր իր պատանութեան վրայ ու իր երիտասարդութեան մէջ սպառած էր պապենական կալուածները, օղիին կարասին շուքին, եզան ճակատ իր մանչուն եւ պարկենք [15] իր աղջկան անհաշտելի հակասութեանցը միջեւ, բայց շտկեր էր մէջքը, հարսին տուն ոտք դնելէն ասդին, վճարած մանր` բայց անողոք պարտքերը սրճարանին եւ նպարավաճառին, վերագտնելով գերդաստանին հնօրեայ վարկը, չզատուելով երբեք կարասին շուքէն, ու վերստեղծելով հին բարքերը, սեղանները, հացկերոյթները, խմիչքի երեկոյթները, կնունքի, հարսնիքի, մեռելի առիթով մեծածաւալ փիլաւները: Դրամին առատացումը, նիւթական իր բարգաւաճումը, աղջկանը հեքիաթը ու հարսին խուլ հրապոյրը նպաստած էին` ստուերի մէջ ձգելու համար երկնառաք պատուհասումը իր մանչուն, որ կարգուելէն ասդին կը խորանար իր մենագարութեան [16] մէջ: Իրողութիւն էր, որ «մամածակ», «էշ», «ջորի», աւելի ետքը` դահացած «եզ», անոր տղան, որ քարի պէս հաստ, բայց ներսէն փտուկ իր գլուխովը, նշանաւոր էր դարձած տարեկիցներուն մէջ, ամէն օր ծեծ ուտելով վարժապետէն, պարտքի մը պէս ու տասներկու ամսուան մէջ գոյական մը հոլովել (իրաւ է թէ գրաբար) չսորվելով, դպրոցէն դուրս խելք էր գտեր, ապահովաբար` Աստծոյ պարապ մէկ վայրկեանին, խելքը Ռուսաստան երթալու, շերամի հունտ վաճառելու եւ փոխարէն «բեռնով ոսկի» բերելու: Այս յաջողմունքէն դէպի եզութիւն ո՞րն էր ճամբան: Շատ բաներ հնարուեցան: Օգտագործուեցան նմանօրինակ յերիւրումներ, պատահած հեռու տեղուանք (որոնք կը պատմէին հրաշքները Ամենակալին), յաճախ արդար վերջաբանով: Ըսուեցան աւելի իրաւ բաներ, տունէն, հաճի Պետրոսէն, գեղանի հարսէն բխող: Ըսուեցաւ ընդարձակ պուկի մը, կառավարուած կնոջ կողմէն, որով արգելքի տակ կ՚իյնային եզադէմ մանչուն սեռական գործարանները եւ ուրիշ շատ բաներ: Ու չըսին, չգիտնալնուն, արիւնը, որ կը յանգէր սա վերջին երակին: Եզ, էշ, մամածակ` անոր էրիկը սխալ քայլ չառաւ դրամի հարցերուն մէջ ու ամէն տարի կանոնաւորաբար ըրաւ իր ճամբորդութիւնը դէպի Կովկաս: Անոր բացակայութեանը կինը «կ՚արծէր», զգոյշ ու արժանաւոր վայելչութեամբ, սուտի պէս առնելով այցելութիւնները, խերով ու առատաձեռն նուիրանքով սքողելով իր արդուզարդին մեղրագոյն նորութիւնը եւ քաղաքաձեւ կոկութիւնը: Կը խնայէր տունին, օճախին պատիւին, հեռու կենալով արձակ գայթակղութենէն, մնալով հպարտ ու խուսափուկ, պարզ ու քաղցրալեզու, դիւրամատոյց ու անհաս, վանելով, վարժ խաղարկութեամբ մը, յայտ ու վտանգող դարպասները անցեալով ծանօթ կնորսներուն, փոխադրելով իր տարփանքը շատ ապահով խորշեր, մէրանցը կամ քոյրերուն տուները: Անուններ կը կապուէին անոր ծոցին, պատահական, գուշակովի ու անճիշդ, քանի որ չկար մէկը, որ յաւակնէր հեգելու գիրերը այդ անուններուն: Բայց անիկա տաղանդով կ՚օգտագործէր յիմարութիւնները իր պարոնտատին, ով գիտէ ի՛նչ անդնդային ձայնի ունկնդիր, երեսին վրայ բաց կը պահէր իր դուռները նոր ժմնուկ տղոց, մատաղատունկ ու պայծառ պարմաններ, հազիւ ստուերոտ պինչերով, ամբողջութեամբ համ ու վայելչութիւն, կրելով հոգեկան աղուամազը, որով կը պարուրուի մեր ուշացած պատանութիւնը, յանգելէ առաջ իր վերջնական տարազին: Թաղէն, բոլոր տղաքը, դեռ չզատուած փաղաքշական իրենց պիտակներէն: Ընտանի՛ ու բնական, որպէսզի ելլէին վեր, բան մը բերելու պատրուակով, գտնէին հարսը, քսուէին, կամ պագնէին զայն կամաց, ակամայ ու խենթեցած իջնէին բակ, օղիին հուրքովը օծելու պագին գինովութիւնը: Հաճի Պետրոսը բակի դրան դուրսի դին, ծալապատիկ` չէր գոցեր բերանը, ինչպէս դուռը, մինչեւ որ չքամէր երկուքուկէսնոց շիշը: Ամրան, ասիկա այսպէս, անփոփոխ սպասարկումով: Կարգով: Չէր վախնար գրողէն, երբ գզիաթը [17] փռէր սեմին սաքուին: Սրբազան հեղուկը կը լուսաւորէր, կը վառէր երիտասարդները, մինչ բակին դէպի խորերը, հարսին տեսիլքը, կիսամութէն շեշտուած սպիտակութեամբ մը կը պտտէր, խռովելով խմողն ու անցորդը հաւասարապէս: Հաճի Պետրոսին հարսը այս անկիւնէն էր, որ կը ճանչնար տղաքը, իրենց անպարտկելի ներանձնութեանը մէջ: Օղին մարդոց աստիճանը, այար ը ճշդող հրաշալի իսկութիւն մըն է: Սիրտին, մարդկային առաքինութեանց, մա՛նաւանդ սեռին անգայտաչափը, որ քիչ անգամ կը սխալի: Մարդ իր համբաւը կը կերտէ կամ կը քայքայէ համաձայն ալքոլի տակ իր ճնշականութեան: Գինովութի՛ւնը, - հերքումն իսկ է օղիին յատկութիւններուն: Գինովը, այսինքն` ալքոլէն նուաճուողը ծիծաղելի արարած մըն է: Հաճի Պետրոսին հարսը տարիներով չինկաւ փողոցին բերանը, վասնզի իր սիրականները զատած էր այդ ցուցմունքին տակ: …Բանտէն դարձողները անշուշտ չմտաբերեցին այս ամէնը վերբերուած կարգով: Բայց անցան այս ամէնով պայմանաւոր հոգեվիճակէն: Տարիքներ կան, որոնց համար կինը լիութիւն է, փակելու չափ ջիղերը ուրիշ ամէն յուզմունքի: Անոնք կոտրտուեցան սեռին անյագ ծարաւով, առանց քաշուելու դրին մէջտեղ գեղանի հարսը, հիւսեցին անոր մէջքը իրենց բազուկներով ու կոտտալէն, սարսռալէն կոտրեցին իրենց ծունկերը գետին: Փուշի վրայ էր միայն Սողոմենց Սողոմը, որ հաճի Պետրոսին հարսէն ու աղջիկէն բաժնուած էր շատ կանուխ ու տարուած Նալպանտենց տունին: Գեղին կողմէն տեսակ մը տաքուկ շնչում ցաւի պէս կը դպէր անոր կոպերուն: Պահ մը կեցան ձայները: Նման պահերու մութը կը բարակնայ ինքնիրեն, գուցէ անոր համար, որ ներսէն վառող պատկերները զօրաւոր են շատ ու մարդ կը վախնայ անոնց փայլէն: Մնաց որ, տեսողութիւնը աւելի յստակ է ներքին աչքերով ու մարդ յաւելեալ այդ պայծառութիւնը կը փորձէ փոխադրել շրջապատին: Ա՛ն` որ կնոջ մը պատկերին հետ կը քալէ խաւարին փորէն, շեշտ զգայութիւնը ունի կիսալոյսէ անցնելու: Յետոյ` մութը երբեք բաւական թանձր չէ, որպէսզի երիտասարդները, իրարու քով բերեն իրենց դրուագները, մտապատկերուած տեսիլքներէն փրցուած: Ընդհակառակն: Քաջալեր մըն է անվտանգ զեղումի: Ակնոցի մը - գունաւոր - պաշտպանութեան տակ մեր աչքերը աւելի քաջ են կիներու ձեւերը խորաչափելու համար: Ու մարդէ մարդ, գեղէ գեղ աստիճանը միայն կը տարբերի զգալու այս եղանակին: Թերեւս դուք կ՚անգիտանաք, որ բանտէն դարձող այս երիտասարդները տղաքն են գեղի մը, որուն հովիւները իրարու գլուխ են պատռած, երկինքէն իյնալիք կնոջ մը տիրացումին համար:

 

Պլորեցին սիկարները, բոլորը մէկ, կարծես իրարմէ հրահանգուած: Հոտի ու համի զգայութիւնները սեռին հետ ունին աւելի խոր աղերս, քան աչքին ու ականջին ճարածները: Լոյսը օտար մարմին մըն է ընդմէջ մեր ու առարկային: Մտապատկերները կ՚աճին գիտուններէն ձեւուած օրէնքներէն անկախաբար: Ինչո՞ւ ամէն տղայ այդ պահուն տեսաւ Նալպանտենց Աղուորը: Այդ տեսակ պատկերի մը յառնումին համար Սողոմին դերը անկշիռ էր, չըսելու համար` ոչինչ: Տղան մերժած էր միայն ընկերէ մը հրամցուած ծխատուփը, վասնզի չէր վարժուած: Տեսան [18] գեղանի կինը: Գաղջացան իրենց զիստերուն ճամբաներէն: Ու ծուխին կծու ու ջերմ համը կը փաթթէր անոնց ներսին շատ մը մասերը, ցած, խուլ, շրթնաձեւ հպանցումի մը նման: Ու ջուր կը քալէր անոնց ոտքին մեծ մատը մինչեւ: Աղբիւրին մեղմակի պղտոր լռութեան վրայ հազիւ թէ կեցած կայծքարին համանուագը, ճամբէն քայլեր բացուեցան: Ուստիանն էր:

 

Ողջունեցին զայն սիրազեղ ու խանդավառ: Աստուած էր, որ կը ղրկէր տաղանդաւոր պահակը, քիչ մը շէնցնելու սա կոտրած, «կործանած» տղաքը: Նման պահերու, սեռին մտապատկերը վար չի մնար սեռէն: Տեղացին ծխատուփերը, փութկոտ ու սիրահրաւէր: Մութը հաստ էր ընկուզենիին տակ ու մարդիկը ձայն էին ամէն բանէ առաջ: Փաթթելով հանդերձ իր սիկարը, պահակը ամէն ձայնի կը մօտենար յարմար բառով մը, տունէն, իրենցներէն, իրաւ, մօտ, գեղ հոտող: Ամէն մէկը ունէր իր հարցումը եւ պատասխանին վայելքը:

 

-- Հոս չէ՞ Սողոմը:

 

-- Նալպանտենց տունը, - հասցուց իբր պատասխան շուտիկ կառապանը, մութէն շեշտուած, անսպասելի լրջութեամբ մը:

 

Նոյն րոպէին լսուեցաւ շառաչուն ապտակ մը: Մութը արգիլած էր, որ տղաքը կարենային հետեւիլ կատարուածին: Բայց մտան մէջ: Դժուարութեամբ զատեցին իրարմէ Սողոմն ու կառապանը:

 

Բայց ապտակը արձակած էր լեզուները: Ու դատում էին անոնք: Ու մեղադրանք: Ու հրաւէր:

 

-- Քեզի կէօրէ ի՛նչ կայ, հէ՛յ տղայ, - աւելցուց քաղցրալեզու Ուստիանը:

 

Անոր կարծիքով երիտասարդ մը միշտ անմասն էր սեռով ստեղծուած փոքրութիւններէն [19]: Թող էրիկները ամուր բռնէին կապերը իրենց կնիկներուն: Ու կը գործածէր սիրական պատկեր մը, որուն համեմատ ազապ տղան կը նմանէր սանձէն արձակուած ցուլի մը: Կը մտնէր ներս ամէն բաց դուռնէ:

 

-- Թող մտմտայ Սերոբ աղան, - լրացուց անդիէն ուրիշ մը, Ուստիանին տրամաբանութիւնը տանելով իր բնական եզրին:

 

Շուտիկ կառապանը սպառնաց, հայհոյեց, բարկացաւ ու լացաւ: Ապտակին նախատինքէն աւելի` անիկա կը տառապէր սեռին հանդէպ Սողոմին սրբապղծութենէն: Իր փաստերէն կը հասկցուէր հետաքրքրութեան աստիճանը, որով չարչարուած էին բանտի բոլոր տղաքը:

 

-- Կատուին ըսեր են քաքդ դեղ է:

Խորունկ-խորունկ է թաղեր:

 

Առածը չխնդացուց, հակառակ ըսուածքին խոր հեգնութեան: Վկայութեան կանչուած էր փորձառու Ուստիանը, որուն բերնին մէջ ծամոցը` ինչպէս գաղտնիքը թրջելու ատեն չէին գտներ:

 

-- Ձեռքէդ առնելու չենք ա, - կը շարունակէր շատախօս կառապանը, ձեռքը զարնելով կուրծքին, ու ամուրցնելով բառերը:

 

-- Մեզի քաղքցի կ՚ըսեն, օղլում:

 

Ու կը հաւատար իր ըսածին, մոռնալով իր գեղը, տունը, նշանածը, կոյր հայրը եւ կաղ մայրը:

 

Տղաքը իրենց բաժինները բերին այս փաստերուն: Համամիտ էին շատզրուց Թումիկին ու չէին հասկնար ուրացումը: Ու չէին հասկնար մա՛նաւանդ կնիկի մը անունէն իսկ օտար տղու այդ աստիճան գրգռուիլը:

 

-- Քու ի՞նչդ է, հէ՛յ տղայ:

 

Մտածումն էր ասիկա բարեկեցիկ տղու մը, որ Յիսնակէն ետքը հարսնիք ունէր ու ծանօթ` խումբին մէջ` իր խելքին ուժովը: Կը գրէր ու կը կարդար ալ:

 

Անոր ի՞նչն էր: Սողոմը չպատասխանեց: Մութը կը նպաստէր կռիւին լուռ գնացքին: Ի՜նչ դիւրին կ՚ըսենք մենք բաները, որոնք ուրիշին կը պատկանին:

 

Չարը մարելու համար Ուստիանը փակեց լեզուն: Ու կը պարզուէր անոնց բացակայութեան գեղին պատկերը: Մեռելները հասած էին մինչեւ բանտ: Ծնունդները, վտանգի մէջ տղաձգանները [20], մահամերձները կարգաւ տեղ ունեցան անոր պատմումին մէջ: Խօսեցաւ գեղին մուտքին պատրաստուած մեծ կրակէն, որով պիտի տօնէին տղոցը վերադարձը: Հարցուց, խոր անձուկով, քոմիթաճի ներէն, որոնք օրուան մարդերն էին, նորոգեց, նորոգել ստիպեց սիկարները իր ծխատուփէն, որ ոտք մը երկարութեամբ փայտէ աման մըն էր եւ կը պարունակէր ամենագեղեցիկ խոտը գեղին: Յետոյ` համանուագը կայծքարերուն: Վայելք է եւ մեծութիւն, մութէն այսպէս պաշտպանուած, խաղալ քարին ու կրակին հետ: Գեղացին արքենի հով մը ունի նման պահերու: Ոչ ոք կը մտածէր հացին, հակառակ անօթի ըլլալուն: Ու դուրս էին բոլորն ալ պարտքին ծանրոցէն, ծուխը լեղի ալ չէր անոնց քիմքին ու լինտերուն: Ու անտառ մը ամբողջ բացուեցաւ անոնց հոգիներն ի վար, կապուած աբէթին անուշ ամպին: Ամէն մէկը լքեց ինքզինքը իր զգայութեանց մօտ կամ հին ջուրերուն: Մէկը քիթին տակէն արձակեց սրտառուչ տողը բանտային երգի մը, որով կը սկսէր գիշերը մռայլ նկուղէն ներս: Ու մութին մէջ հիւսուեցաւ բանտը, բայց այն պահով, ուր Սողոմենց Սողոմը կ՚ընէր եկող գիշերը խելացնոր երազ մը, վեր` թուրքին մահուան ահէն: Չեղած լոյսին մէջ, որ չէր հասներ դէմքերը մինչեւ, տղաքը ձեւերու վերածուած, իրենց կեդրոնէն կարծես կ՚արձակէին այդ խոր, սիրտը ճմուռ-ճմուռ ճուացնող մեղեդին, ամէնուն ալ խուլ, ներքին մասնակցութեամբը, հետզհետէ արցունքի մէջ հալող նուազումով մը: Մինչեւ որ դիմանար անոր ձայնը, իբրեւ միւռոնի աղաւնիէ մը, հոսելով իրենց բոլորէն ալ ներս, ողնուղեղին ճամբաներէն, ջերմ ու կայլակ-կայլակ, ծնունդ տալով անսովոր աղբերացման, անկանգնելի տրտմութեան: Ու անոնց ամէնուն հոգիին մէջ կը բուսնէր Նալպանտենց հարսը, այրուցքի մը պէս իրաւ ու կսկծուն: Նալպանտենց Աղուորը, Սողոմենց Սողոմը, եւ իրենց մէջքն ի վար սողոսկող սա նրբերանգ պատկերները ո՞վ կը կապէր իրարու: Ուստիանն իսկ տարուեցաւ եղանակին կրակին: Լուռ էր Սողոմը: Երգը մէջտեղ բերաւ բանտին ուրիշ պահերն ալ: Չըսին, ստուգութեանը վստահ ըլլալնուն հակառակ, յղութեան աւետիսը, խնայելո՞ւ համար գերագրգռուած տղուն, թէ ուրիշ պատճառով: Ո՞վ էր, որ մէջտեղ դրաւ մեծ պատահարը, - թուրքին հնարած սա հսկայ դատը, հայուն փարա մը չարժած ատենը: Անոնք հեռու էին սպառելէ խորհուրդը իրենց բանտարկութեան: Առհաւաբար կը հասկնային բանտը, ծեծը, սպաննուիլը, բայց կը զարմանային իրենց տեսածներուն: Անոնց հիացումը դեռ գրաւած կը պահէին Պոլսէն [21] յատկապէս իրենց դատին համար ղրկուած քննիչները, բարակ ու փափուկ էֆէնտիներ, եղով ու մեղրով բերան բացող, երեսնուն մեռոն, չզատուելու չափ անոնց մատչելի [22] հայ-քրիստոնեայի սիրական կաղապարէն ու հերքելով դարաւոր մտապատկերը, զոր շինած է մեր գեղացին թուրք արարածին: Իրողութիւն էր, որ պալատը դէպի գազա ն ճամբու դրած էր փորձ, կիրթ, նրբացած պաշտօնեաներ, որոնց առերեւոյթ մեղմութիւնը դիւր կու գար գեղացիներու` զանոնք մղելու համար աժան խոստովանութիւններու (այս փափուկ էֆէնտիները խօսած էին քաղցրութեամբ, գաղտնի հրահանգած ահաւոր ծեծը ու հեռուէն մտիկ ըրած ծիծաղով ու գոհ): Անոնք իրար անարգելու աստիճան առաջ գացին, Ուստիանին պատմելու կարգին համար: Կը խօսէին` իրար կտրտելով: Ու պատմումէն ոչինչ դուրս կու գար աւելի քան ինչ որ ծանօթ էր արդէն խոշոր գիծերով: Բայց կ՚արժէր ծիծաղիլ իրենց միամտութեան: Փաստաբաններ էին, ու կը հաւնէին իրենց պատասխաններուն: Ու կը փռէին, լայն ու հպարտ, իրենց խելքը, չկշտանալով իրենց իմաստութեան ցուցադրումէն: Չէին զգար աճապարանքը իրենց բառերուն, որոնք ահաւոր ապրումներ կը համառօտէին: «Չտեսայ, չեմ գիտեր» կախարդ բանաձեւին գովեստը կ՚ընէին, որ խնայած էր իրենց այն յոռեգոյն վախճանները, գուշակուած թուրք բանտարկեալներէն: Հետաքրքրական անշուշտ եւ արժանի բացատրուելու` իրենց տպաւորութիւնը յեղափոխականներէն, զորս կը ներկայացնէին խեղճ, ձախաւեր, խօսելու իսկ անկարող, հայեվարի տեսակ մը, ա՛յնքան` որ կասկածած էին ազգութիւնն անգամ: Դժուա՞ր բան էր երկու թուրք, Վանի քիւրտերէն, քաշել ու նետել հայ գեղերուն վրայ: Չեղա՞ծը կայ: Մէկը հրաւիրեց զգոյշ ըլլալ: Ձայնը աւելի հեշտ կ՚ընէ մութէն իր ճամբան:

 

Հով մը դպաւ ընկուզենիին ու դողացուց ոստերը: Բոլորը դարձան գեղին դին, ուրկէ կու գար հոսանքը: Սանդխաձեւ տուներէն լոյսերը կը բացուէին ու կը գոցուէին, պատմելով տէրերուն շարժումներէն: Մոռցուած էր գինով հաճի Պետրոսը, ապտակին միջադէպը: Ուստիանը ոտքի` դէպի ճամբան: Մէկէն մութը ծակուեցաւ կարծես իր փորէն: Սիկարին կրակը ունի այդ խաղերը: Մէկը կու գար: Ջնջուեցաւ կրակը: Շինուեցաւ նորէն: Կը մօտենար: Քայլերը երբեմն կը պատմեն ներքին մարդէն: Ծանօթ է մօր գերզգայութիւնը, հեռազգայութիւնը զաւկին ոտքերէն: Լռած էին նստողները: Քայլերը կեցան ջուրին առջեւ: Եկողը փակցուցած էր շրթները փողրակին: Չկար ջուրին ճիչը: Բայց կը լսուէր խռչակն ի վար, գունդ-գունդ սահող ումպին աղաղակը:

 

-Կրակ է առեր, - նկատեց նստողներէն մէկը, ելլելով ոտքի` ճանչնալու համար անծանօթ այցելուն:

 

-- Ո՞վ ես, ծօ:

 

-- Է՛ս:

 

Ամէն մարդ ես է, ամէն բանէ առաջ:

 

-- Մարտի՞կ [23], - Ուստիանն էր. ճանչցաւ [24] պզտիկ աղբօրը ձայնը:

 

-- Վա՛ր էկօ:

 

-- Ի՞նչ կայ ատանկ:

 

-- Վա՛ր էկօ, աղբօր:

 

Պահակը իջաւ ցած: Տեսակցութիւնը տեւեց կարճ:

 

-- Սողո՛մ, քալէ:

 

Կարծես ամէնքը գիտէին Ուստիանին հրամանը, աղբօրը գալուն պատճառը: Տղան լուռ` իջաւ ցած: Մութը այնքան կարօտով կը ծեծուէր անոր քայլերէն, որ ասոնց զարկը մտիկ ընող մը պիտի չխաբուէր, տասը անկողինի համար գրաւի մտնելով:

 

Անոր անհետացումէն յետոյ էր, որ նստողները յիշեցին անկարեւոր պարագայ մը, մասամբ արձակումին յուզումներէն աննկատ թողուած: Գիտէին միայն, որ վար դրուած էր հարիւրապետէն ու արձակուած իրենցմէ բաւական ուշ: Մասնակի այս դէպքը խոշորցաւ յանկարծ ու գեղէն զրկուած սուրհանդակը անոնք կապեցին հարիւրապետին, Նալպանտենց տունին, ու ատկէ` Աղուորին: Ոչ ոքի համար գաղտնիք էր հարիւրապետին համակրութիւնը Նալպանտենց Սերոբին: Գիտէին նաեւ անոր յաճախակի այցելութիւնները, հիւրասիրուիլը: Ու գիտէին դարձեալ թուրքերուն բնազդները: Դարաւոր առածը իրաւունք ունէր, երբ թուրքին աջ թեւին կը կապէր բռնաբարումը, ձախին` թալանը…

 

Երբ մեռաւ աղմուկը հեռացողներուն, կարծես մէկը մեղմով դէպի աղբիւրը հրեց միւս հզօրագոյն պատկերը, Նալպանտենց հարսը, որ թեւերը կը բանար, առնելու համար իր ծոցին ժամուն մէջ սա բախտաւոր երիտասարդը: Հեշտանքի զգայութիւնները կը նեղուին լոյսէն, թերեւս շատ անձնական ըլլալուն: Մութը զանոնք կ՚ուռեցնէ ու կ՚ուղղէ դէպի մեր ներսը:

 

-- Էօ՛ֆ, - միջամտեց, այրած շեշտով, մարմնեղ տղայ մը, որուն նշանածը կ՚աճէր դանդաղ, ջուրէ հեռու բուսած բամպակի թուփին պէս: Վարժուած էին այս բացագանչութեան ու կ՚ախորժէին քաշքշելէ կրակոտ երիտասարդը:

 

-- Համբերութի՜ւն, տղաս, համբերութիւն:

 

-- Կենդանութի՜ւն:

 

Կը ձայնակցէր ուրիշ մը` հարսնիքի բաժակը իբր թէ վերցնելով ու ծաղրելով անոր առատ եռանդը:

 

-- Ի՜նչ աշխարհք է աս:

 

Հարկա՜ւ: Աշխա՜րհք էր աս գեղը, ուր կնիկները քիչ էին այնքան, այսինքն անոնք` որոնցմէ խեր կու գայ: Ուր երիտասարդը կծիկ ընելու էր իր զօրութիւնը, սպասելու, որ մեծնայ նշանածը, բազուկի դիմանալու չափ գոնէ, տարին քալէ յաջող, բարեբեր ըլլան արտն ու այգին եւ տակաւին ուրիշ շատ մը առուներէ ջուրեր մէկտեղեն իրենց լարերը, որպէսզի կնիկ մը իյնայ իր ծոցին: Հոս կնիկը առէք նիւթի, միսի իմաստով: Սէրը ուրիշ բան է: Մարմնեղ երիտասարդը քալած էր մտքով Սողոմին ետեւէն…

 

Չհետաքրքրուեցան, որքան կ՚արժէր, երեքին հեռացումովը: Ենթադրեցին քանի մը յիմար բաներ, մօտեցան Սերոբէ աղային, անոր ջուր կտրած ողնուղեղին ու ոսկի տոպրակներուն: Ոգեկոչեցին հարիւրապետը, բացատրել ջանալով յապաղումին պատճառը: Յետոյ լքեցին այդ ամէնը, կարօտով դառնալու համար իրենց սիրական նիւթին: Մինչեւ սիկարներուն հանգումը անոնք տեղն ու տեղը պատմումի բերին, ծանր կամ հպանցիկ դրուագումով, Սողոմին պատահարը, որ կը ներկայանար տասը տարիէն ասդին ամէնէն խռովիչ սիրային դէպքը: Տղուն բացակայութիւնը, մութին աստառը կ՚ընէր անոնց բերանը լիրբ ու անպատասխանատու ու կու տար անոնց պատեհութիւն կուշտ ու կուռ լիանալու Նալպանտենց հարսին լօփիկ մարմինովը: Բերանէ բերան, բազուկէ բազուկ անցաւ հրաշալի հարսը, հեքիաթունակ ու իրաւ, ձեւի վերածուելով ու սրտառուչ համի մը մէջ թուլցնելով անոնց մէջքերը: Յետոյ` հարուստին դէմ թաքուն ատելութիւնը իջաւ կրկէս: Ուրախ էին, անփորձ իրենց դատումով պատահարին խարանիչ մասովը, առանց կասկածելու ցաւին, որ կը զարնէ մարդոց սիրտերը այդ ճամբաներէն: Նախնական արարած, գեղացին ծեծին աւելի կը հաւատայ, քան մուրին: Դրին մէջտեղ ո՛չ միայն եղածը, այլեւ` կարելին: Հնարովի կ՚աճէր անզգալաբար ու պատահարը կը հարուստնար: Պատմութեան գագաթը կը կազմէր յղութեան փաստը, ոսկեզօծ ու անհերքելի: Դայեկ ու հաճի Աննան: Կը ծանրանային պատարագին, քննադատելով տէրտէրները ու չէին հասկնար գործը վերի Աստծոյ սա կատարուած տխուր բանին մէջ: Կո՞յր էր, թէ խուլ տէր Մինասը, որ կնիկի պէս ամէն հարցի կը հասնէր ու գիտէր մօրուքին թելերէն աւելի շատ մեղք, կնիկներուն կարկահէն ապրշումուած: Անոնք կուշտկեկ մը հայհոյեցին երէցկինին, որ տարիքին հակառակ լաչակ կը կապէր դեղին մազերուն եւ խաղցուկ իր աղջիկները կը տեղաւորէր. իր փէշերովը բանալով փեսաներուն ճամբաները: Յետոյ լրջացան: Այսինքն` կշռեցին յղութեան փաստը ու բացատրել ջանացին յղութիւնը պատրաստող ռազմավարութիւնը: Խե՞լք: - Ձեր ուզածէն աւելի: Ծանրացան հարսին, արիւնի գուբ անոր մարմինին ու անոր խոր ձայներուն: Ոչ ոք մտքէն իսկ անցուց կասկածի տակ ձգել հաճի Աննան, որուն կեսուրութիւնը շատ ետին կը ձգէր հսկողութեան սովորական պայմանները: Տարիքով պզտիկ` չէին կրնար ծանօթ ըլլալ Բաթեկին պատմութեան, հաճի Աննային հարսնութեան տարիներէն: Հաճոյքով վեր կ՚առնէին նախատինքին բաժինը, որ կը զարնէր հարուստներուն ու գոհ էին իրենց չքաւոր, բայց անհոգ մռայլութենէն: Կը հեգնէին Նալպանտենց տան սահմանադրութիւնը, հարեմի անաստուած կանոնները, անոնց խռովայոյզ անկողինները ու կը թքնէին Սերոբին անունին, որուն մէջ իրենց բերանը կը դնէր էգ ու աղտոտ բան մը: Ատկէ դէպի Աղուորին արգանդը դժուար չէր ճամբան: Ու կը բացատրէին ամէն ինչ այդ անկիւնէն: Այդքան մի՜ս: Այդքան արի՜ւն: Այդքան երիտասարդութի՜ւն: Ինչպէս յաճախ, հոս ալ, իրականութիւնը հեռու կը մնար այս յերիւրումներէն: Անոնք նպաստ ալ կը ճարէին բանտին մէջ յեղուած շատ մը պատմութիւններէ, բոլորն ալ աղցուած սեռին երկանաքարովը, գռեհիկ ու կոշտ, ինչպէս է այդ զրոյցներուն ճարտարապետութիւնը սեռային բախումին շուրջը, երբ արիւնը, ոճիրը չեն միջամտեր: Գեղեցկութիւն եւ արութիւն կայ հարկաւ, երբ, նոյնիսկ խրճիթէ խրճիթ, երիտասարդ մը եւ կին մը իրարու կը վազեն արիւնի ճամբաներէն: Ողբերգական համ կայ երգին մէջ, որ շղթաներուն ներքեւ կը ճուայ մահուան ծարաւը ու կեանքը կը չափէ գիշերուան մը արգանդով: Բայց ատոնք, այսինքն` այդ դրուագներուն հերոսները բանտի փոխարէն գերեզման կ՚իյնան: Ու բանտը աղտոտ գերեզմանն է տկարներուն, մահէն վախցողներուն խրճիթը: Հոն է, որ կը կրկնուին, ահաւոր միօրինակութեամբ, տիկինի եւ սպասաւորի շատ ծանօթ պատմութիւնները: Ու ախոռ մը, որ փաշաներուն պալատին` ինչպէս գեղի ագարակներուն մէջ անկարեւոր տեղ մը չէ, քանի որ իրեն կրնայ քաշել արքենի հանըմ մը եւ ոջլոտ, բայց մեծղի հովիւ մը: Ու վերնայարկ մը: Նրբենի կինը, որ կը ձգէ էրկանը փաշա ու պէյ ծոցը ու կը մտնէ ծառային խշտին: Ասոնք կը պատմէ բանտը ու կը հաւատայ իր սուտին: Ու աւելի պարզ, խեղճ, ընթացիկ բաներ, որոնց մէջ կինը կ՚արձակուի (կ՚ամուսնալուծուի) ու կը ղրկուի բոզանոց, արուն` զգաստարան: Բանտը լեցուն էր այս գիծէ մարդերով: Պարապ ու սեւ ժամերու ձանձրոյթը քիչ բան ընդունակ էր մեղմելու այնքան լաւ, որքան սեռին այս ցուցադրումը, սուզուած, ճոխացած, շրջաբերութեան դրուած, օտարին կնիկներէն:

Երբ ելան ոտքի, տաքուկ թելեր հոսեցան մինչեւ ոտքի եղունգները ու արմատները մազերուն: Յստակ այս հոսանուտը, որ կնիկին միսովը ծագում կ՚առնէ մեր շուրջը, կապ ունէր ապահովաբար պատմումէն, պատկերացումէն դուրս ուրիշ ալ զգայութիւններու: Քանի՛ մօտենանք բնական վայրերու, այնքան մեր հոգին կ՚ընդխառնուի ընտանի իրերու բարեխառնութեան եւ անոր հիմնատարրը կազմող էգ այն լուսապսակին, որով տուն մը, երբեմն գեղ մը, ողողուած կը պահուին մեր ներսը: Յիշեցէք տարիքը, ուրկէ սկսած ամէն տուն ձեզի համար կին մըն է ամէնէն առաջ, ու ձեր փնտռածը` ձեզի անծանօթ ամէն մարզէ, միշտ կինն է ամէնէն առաջ: Ու հոգեկան ընկալչութեան մէջ, նկարագիր կազմելու չափ խոր է սեռին այս հոսումը հեղումի մեր պատկերներու ֆիլմին վրայ: Կը քալէին, դաշն ու բարի: Անցան երկրորդ ու երրորդ աղբիւրները, առանց դարատափի, առանց ցայտուն պատմութեան: Խճուղին տարտղնած էր աղբիւրներուն հնօրեայ բնանկարը, ու հալածած` հեքիաթը, աւանդութիւնները, հրաշքները, որոնցմով այնքան հարուստ կ՚ըլլան գեղը շրջապատող դիրքերու վրայ ջուրի բոլոր ակերը: Ձորը կը լայննար ու կը բարձրանար ձորակէն դէպի վերերը: Խճուղիին օղակները պակսիլ առին ու սարահարթին առաջին թափերուն վրայ, վարէն, ձորակին խորէն զովութիւնը կը քալէր դէպի վեր, պաղելով անոնց մերկ սրունքներուն: Բարակ հոտ մը մուխի, քիչ մը թրիք, ճամբուն վրայ քրքրուած սայլի մը անիւներէն, իբր կծու բուրում, հովին ափ-ափ զարկին հետ, [25] վերէն տապկոցի բուրումներ, հատ-հատ եկան ու անցան: Դարձողները իրարմէ ընդհատներ ունէին: Ո՞վ զգացուց իրենց, որ ա՛լ դադրած էին խմբական հոգեբանութեան պատկանելէ: Թէ ամէն մէկը կը դառնար իր ճղճիմ, փոքր անհատականութեան: Տունէն առաջ, անոր հոգիովը, ըսել կ՚ուզեմ` անոր հոգովը նուաճուելու այս զգայութիւնը յատուկ է տկարներու, աղքատներու, զաւկէ կոխերու, հիւանդ ունեցողներու. կա՛րճ` ապրելու տեղ տառապանքի գրուած [26] կարգին: Սողոմը, կինը, թուրքը ջնջուած էին անոնց ուղեղէն: Ու տան հեռանկարը կը բռնանար անոնց հոգիին աչքին դէմ, արճիճէ պատկերի մը նման, գորշ, անխախտ, անվրէպ: Այսպէս կը տեսնենք մենք իրերը, այսինքն` զմեզ դնելէ վերջ: Ու անոնք, որ երկու ժամ առաջ վազեր էին նոյն սա տեղերէն, անոնք ալ ուրիշ բան դրած էին այդ հեռանկարին խորը: Չորրորդ աղբիւրէն վեր, խճուղին լայնփոր դարձուածքով մը կը յանգի գեղին սարահարթին: Բանաստեղծ չէ գեղացին, մա՛նաւանդ գոյներու դիմաց: Բայց կը կենար, ամէն դարձող. ճամբու այդ կէտին, անգամ մը գոնէ, վասնզի հոդ գեղը կը բանար ինքզինքը, համապատկեր ու յստակ: Յաղթանակ մը ինքնին տուներու այդ պսակը, բլուրներու ատամին: Ցերեկուան մէջ, արեւմարէն առաջ, տեսարանը կ՚ըլլար այնքան նկարչագեղ ու խատուտիկ, որ մարդ կը մոռնար յոգնութիւնն ու հոգը, մինչեւ իսկ պարտքերը եւ կը կենար սանկ, առնուած պատկերին ո՛չ թէ վայելչութենէն, այլ` այն ամբողջ ճիգէն, որ իրը, իր պապերունը եղաւ այդ ամէնուն մէջ: Հոծ, մութ կանանչ յատակին վրայ - գեղը խստօրէն շրջագծուած էր անընդմէջ կանանչութեան մը կտաւով - իբր թէ բանուած կը թուէին տուներու երկգոյն շերտերը, ձեւը տալով տարօրինակ պաստառի մը, շեղակի փռուած լերան թափերուն: Ու ծուխին բարակ շղարշը կամ արեւի մարմաշը պատկերին վրայ կը փակցնէին [27] թեւաւոր քաղցրութիւն մը, բոլորովին անձնական, որմէ շինուած էր արդէն դարձողի ամէն հոգի, հանգիստի այս մուտքին: Ու մարդեր, նման հոգերով: Ու կեանքին բիւրազան կտորները, խորունկ ու ներս [28] կապերով իրարու հիւսուած: Հիմակուան պէս, մութէն թեւակալուած` պատկերը կը վերածուէր ցնորային բանի մը, ապրող ներսէն, մէջէն, խորունկէն: Կեցէք ամփոփ համապատկերի մը դէմ ու հարցուցէք դուք ձեզի - ո՞րն է ատոր թաքուն իմաստը: Պատասխանը կու տան տարիները, ան ալ որքան ստոյգ: Բայց գիտէք զայն արագ ու խոշոր գիծերով: [29] Անծանօթ չէ մասամբ կիրքին ու կենսահիւթին [30] լռին զարկը, որով կը բաբախեն բնակուած լռութիւնները: Ով որ նայած է մութէն խղդուած տուներու զանգուածի մը, աւելի յստակ զգացած է այդ խռովիչ լռութիւնները: Երբեմն վարագոյրները քաշ սենեակ մը աւելի կ՚ըսէ, քան միւսը, ուր պատուհանի մը փորուածքին խաժ, խակ դէմք մը կ՚ըլլայ ու կը ժպտի:

 

-- Փա՜ռք քեզ Աստուած:

 

Խենթ ըլլալու չէր ան տղան, որ խորհած էր Աստուծոյ:

 

Բացագանչութիւնը չգտաւ արձագանգ: Ամէն տարիք իր նախասիրութիւնները ունի: Երկինքին ուժերը կանչելու համար երկրէն յուսավրէպ ըլլալը պայման է յաճախ: Վերցուած սեղանի, թափառիկ ու յապաղած համի ծուէնները այցելեցին անոնց ռունգերուն: Հսկայ ընկուզենիներ կանգնեցան երկինքի շրթունքին ու սարահարթը կեցաւ, լերան կուշտին դրուած սկուտեղի մը նման:

 

Աղմուկ. բոցի բարակ շերտեր` ծառերուն արանքէն, շինուող, աւրուող: Յիշեցին անոնք կրակի հանդէսները, Տէրընտասը, հարսնիքները եւ բացառիկ խրախճանքները: Անդրադարձան Ուստիանին զեկոյցին: Իրենց դա՜րձը կը տօնէին:

 

Ահա բոցը: Անոր լոյսին մէջ թաթխուած ու վիրաւոր կը գծուէին, իրենց լայնքէն, մէկ երեսի, ձեւերը մարդոց, ոսկեթուղթ ու սուտ, նստողն ալ, կայնուկն ալ, քալողն ալ: Հեռաւորութիւնը կու տայ աչքի այս զգայախաբութիւնները: Երեսնին ճամբուն, կարմիր ստուերներ` անոնք կը զատուէին ա՛լ կրակին շրջանակէն ու քայլ կը փորձէին դէպի մութը: Պզտիկներ ասոնք, պատկերէ վերցուած էակներու պէս հրագլուխ ու պճլտուն, որոնք իրենց գլուխները քիչ մը առաջ երկարելէ յետոյ, կը դառնային իրենց կրունկին վրայ ու կը հալէին զանգուածին եփող կարմրութեանը մէջ, քիչ ետքը նորէն զատուելու: Ու շատ էին անոնք: Անհամբերնե՜ր: Անշո՛ւշտ: «Դարը փոխուելէն» ասդին (գեղացին այդ տարազին տակ կը զետեղէր Հայկական փողոտումներուն յաջորդող վիճակը) կեանքին հարցը եղեր էր այլապէս բարդ, անհաս[ան]ելի [31]: Աղէտը, առաջ պղինձ ամաններու մէջ պահ դրուած, հիմա կը նմանէր հողէ սափորներով պարտկուած հեղուկի մը: Պզտիկ անզգուշութիւն մը բաւ էր կոտրելու: Թուրքին մէջ նո՞ր էր արիւնի այս ծարաւը, թէ մարդիկ մոռցած էին մօտիկ անցեալը: Շաբաթը հեղ մը-երկուք լեռնէն գաղթական թուրքերու սայլերը ինկած ճամբորդի մը կամ գլխատուած փայտուորի մը դիակը կը բերէին ու կը նետէին գեղին մուտքին, լերան երեսէն: Հիմա, անոնք` որ այս տողերը կարդան պիտի, ուս թօթուեն թերեւս այս ոգեկոչումին առջեւ, վասնզի անոնց շատ շատին համար մղձաւանջը թողուած է լերան ետին ու թուրքերուն խորհուրդը մշուշի կը նմանի, երբ մարդիկ, դաշտի հանդարտ քաղաքներուն ու ծովեզրի ապահով խորշերուն մէջ կեանքը կարծեն այնպէս` ինչպէս տրուած է իրենց ապրիլ: Ուրիշ բան էր այն ատեն օրը, որ կը բացուէր ամէն հայու գլխին: Այս պատմութիւնը թերեւս մօտենայ այս հոգեբանութեան քանի մը ծալքերուն: Գեղը անշուշտ մահուան հանդէպ քաղքենի նուազումները չունէր այն ատեն ալ: Գնդակը, դանակը, բիրը սովորական իրողութիւններ էին ու լացը կիներով ոտքի, թափօրներու գեղեցիկ առիթը կու տար: Թուրքին հեղումը այդ պատկերներու վրայ` կը փոխէր շատ բան: Վասնզի մահը ուրիշ բան է, ուրիշ բան է ջարդը: Անիկա, ջարդը, անհունութիւն մըն է, անհունութիւնը [32] հոգի տալու մղձաւանջին: Բայց մա՛նաւանդ դանկտումն է, մահէն առաջ, մեր ամէնէն նուիրական զգայութիւններուն: Պիտի տաս հոգիդ, բայց քու մէջէն պիտի տաս հոգին նաեւ քու բոլոր սիրելիներուդ: Աւելի` պիտի ապրիս, դանակին բերնին տակ, այն միւս անհունութիւնը, որ տեւողութեան մէջ քու հոգիիդ տարրալուծումն է, քու է՛ն սիրական զգացումներուդ գերութիւնը: Երկու տարուան մէջ գեղը, գեղերը, քաղաքները առած էին այս զգայնութիւնները իրենցմէ ներս: Ու սանձուած էին բազուկները: Մարդիկ հետզհետէ կը դժուարանային խաղալու մահուան հետ: Հապա բա՞նտը: Թուրքին բա՞նտը: Գուցէ դժոխքը ըլլար աւելի դիւրին տեղ մը: Անհամբե՞ր, մայրերը եւ քոյրերը դարձողներուն: Աւելորդ է բացատրել ջանալ: Երկու ղարիպի համար (գեղացին այդպէս կ՚անուանէ բոլոր օտարականները) աշխարհք մը մարդ բանտ թափող կատաղութիւնը արդար զարհուրանքով մը զարկած էր սրտերը: Ու վազած էին, տօն-տաղաւարի շունչէն աւելի վեր բանով մը, իրենց սիրականները ընդառաջելու: Կեանքը այնքան ծանր, դժնդակ բան է արդէն մարդոց գլխուն, նոյնիսկ առանց թուրքին ահին: Ու անոր նուաճած երկիրներուն մէջ` առիթնե՜րը քիչ, հաւաքական զեղումի, որոնք կապուած չըլլան եղերական դրուագներու: Այնպէս որ, հակառակ երակէն փոքր պատեհութիւնն անգամ կը շահագործուի ու մարդիկ փոյթն ունին իրարու քով բերելու սմսեղ [33] ժպիտը` ինչպէս հակադրօրէն մօտ կը բերեն խոշոր, լայն արցունքները: Կը վառէր մեծ, փայլուն կրակը, կազմելու համար յատակը պատկերին: Հարսնիքներուն` կը դիտուի այս առատութիւնը: Կարելի է անցնիլ արագ հանդիպման մանրամասնութիւններէն: Դարձողները, տարիքի բերմունք, պաղ` առհասարակ: Սպասողները, խենթ գրեթէ, իրենց յուզումէն, լալու աստիճան: Մօր ու զաւկի ջիղերուն մէջտեղ այս հակադրութիւնը կը կազմէ տխուր հակասութիւններէն մէկը մարդերու սիրտին: Զայն պիտի չզգան տղաքը, կեանքի սանդուխին առաջին աչքերուն: Բայց այդ հակասութեան խարանովը պիտի փակեն իրենց աչքերը, սանդուխին վերջին աչքերուն, երբ իրենց կեանքին առկայծեալ օրերուն, ամէն բան սառոյց գտնեն իրենց շուրջը, բացի իրենց սիրտէն, վառ կրակ, «սառոյցին տակ» իսկ բաբախուն: Քոյրերը, եղբայրները դարձողներուն, հիացած ու լռիկ, պաղեր էին անոնց երեսն ի վեր, կարծես հաստատելու համար այդ կտաւներուն վրայ հետքերը իրենց լսածներուն, թուրքին բանտէն, - ծովերուն յատակը, եաթաղանը, խղդող չուանը եւ ինչ որ իբր շուք կը սառի, կը մնայ մեր դէմքին, վախին շունչէն: Ինչե՜ր դրեր էին մտքերնին, ըսելու եւ ընելու: Յետոյ էր, որ զարմացան, քանի բերան անգամ չէին բացած: Անոնց անտարբեր քայլերուն ետեւէն սուզուեցան իրենք ալ: Անզգալի էր, նոյն ատեն տօնական, մեծ հասմունքը, որ այդ կարգի արարողութեանց յատկանշական մասը կը կազմէր, - տեսակ մը ուրուաձեւ քաղաքներու մէջ կատարուած ազգային թաղումին, երբ մէկ-երկու եպիսկոպոս ու խումբով տէրտէրներ իր ժողովուրդին համար կէս-կուշտ կամ անօթի մեռած մարդ մը գերեզման կը տանին ու կ՚ընեն ատիկա պայծառ ու ձրի: Իմ ժամանակս գեղի թափօրները, քահանայով, տիրացուով, տաւուլով ու զուռնայով հարսնեւոր ու գինով կը փոխադրէին ժամէն տուն կամ հաճիներու կարաւանը կ՚ընդառաջէին: Բռնապետութիւնը ծովը [34] նեղցուցած ըլլալով, հաճիի ճամբով աղմկարար թափօրները դադրած էին: Լռած` հրացանները, որոնք նման առիթներու, եղանակին չափը կու տան նուագարանին կամ տիրացուներու բերնին: Բանտէն դարձող աղաները եղած էին խոհեմ, տեղի չտուած ցոյցի: Դաւաճան քահանային ներկայութիւնը, վտանգուած գիւղապետը, որ ղրկուած էր Պրուսա, երկու կառապաններուն աքսորուիլը արգելքներ էին ընդունելութիւնը մեղմելու [35]: Անշուշտ զանգակը պոռաց, կէսօրուընէ սկսեալ, ամէն խումբի համար ալ: Մութին մուտքերուն տակաւին ողջ էր անոր աւետաւոր կանչը: Տեւողութիւնը հատնելու, «հալելու» զանազան ձեւեր ունի: Դիտուած է, որ այսպէս խոր յուզումներու մաղէն սառտուածը [36] կը զարմացնէ մեզ իր արագութեամբը: Տարտղնումը պատրանք է, եւ ձանձրոյթը` լճացումն է, ծանծաղումն է մեր հոգիին: Մեր ներսի բոլոր անցքերը բռնող յուզում մը մեզ կը գոցէ դուրսի շատ բաներուն դէմ ու մենք չենք զգար տեւողութեան փսորումը: Ի՞նչ է դուրս ըսուածը ի վերջոյ, եթէ ոչ` տեւողութեան ծուէններուն հալածումը, մեր ներսին մեծ մուրճին առջեւէն: Անոնք ատեն ալ չգտան անդրադառնալու ժամանակի կորուստին: Ե՞րբ ինկած էր աղմուկը: Ո՞վ ըրաւ [37] կրակին ու հրապարակին շուրջ ձեւերը ցանցառ ու հետզհետէ լուծուող: Մօտաւոր տուներէն ամբոխը քաշուած էր իր սեղանին, ծամելու համար հացը, որուն ամէն մէկ փշրանքին մէջ երբեմն այնքան մարդկային տարր, ըսել կ՚ուզեմ` ցաւ ու քրտինք, միս ու տրտմութիւն կը ծուարի: Կրակը, կտրուած իր բոցէն, իջաւ իր դեղնաւուն մոյնքին, հետզհետէ ուտուելով բամպակի պէս բանէ մը: Դուռները կը կնքուէին, հատ-հատ, ուրախանալ իսկ վախնալով: Մութին վրայ փեղկերու այս ագուցումը տուները կը վերածէ երբեմն փակուող գերեզմաններու: Պատերու փորւածքներէն իսոտ լոյսեր` կարմիրի եւ սեւի մէջտեղ: Կեանքը կը քաշուէր հրապարակէն ու մութին մէջ կը մտնէր, սրսփուն ու խեղճ: Շուն մը երկար բան մը կը մռլտար, շեմի մը տուած իր ցռուկը, աման-աման, բայց ընդհատօրէն, թափելով լացի մօտիկ յոգնութիւն ու կարօտ: Շէնութիւնը, հանդիսաւոր հրապարակը, մարդերը եւ հաճոյքը կարծես մէկը եկաւ-առաւ ու տարաւ, տեղը թափելով հայ գեղին գիշերը, որուն ոչ ոք գիտէ նկարագիրը: Ոգիները, թուրքը, ոստիկանը, գողը, բոլորն ալ, ինչպէս հեքիաթին դդումին մէջ, կրնան կծկտիլ մութին մէկ ծերպին ու թափիլ դուրս: Հայո¯ւ գիշեր, թուրքերու երկրին մէջ երբ ծանր, ծխահոտ, սեւ ալիւրը կը դիզուի [38] տեւողութեան անբաւ ջաղացէն եւ զոր գրիւ-գրիւ կը չափէ աղբիւրներու անմահ բերանը, իրենց դագաղի պէս մշտաբաց գուռերուն [39] մէջէն հոսելով դուրս լաւն ու վատը, չարն ու բարին:

 

Կրակի ալանկ էն [40] երկու-երեք հարիւր քայլ վարօք, հսկայ ընկուզենիի մը խոռոչին մէջ կծիկ եղած` կը սպասէր Սողոմենց տիկինը, ակռաներուն կափկափը մեղմելու համար լաչակին պոչը ծամելով: Կաշի ու ոսկոր: Տարիքը` վեր երսունէն: Այսինքն` առանց սեռի: Ո՛չ հարս, ոչ ալ կին: Վասնզի կինը կը սկսի մեր գեղերուն մէջ քառսունէ ետքը: Բայց կը վախնար: Վախը կիներուն մէջ բնախօսական երեւոյթ է գուցէ, լեղիին պէս բան մը: Զայն հերքելու համար, այսինքն` կիները մութին մէջ մինակնին քալեցնելու համար, գերբնական զօրութիւններ կը միջամտեն: Կախարդ որակուած պառաւները, որոնք գերեզմանէն կը կանչեն գոռել ները [41], ու կը հեծնան անոնց վրայ կամ կը բեռցնեն իրենց քիւփերը, քիչ կը տեսնուին, եթէ երբեք տեսնուած ալ են: Վաւերական խելագարները երբեմն կ՚արհամարհեն խաւարը եւ կը մտնեն անոր մէջ: Բայց գեղացին անոնց համար լոյսն ու մութը մէկ կերպասէ կը ձեւէ: Անոնց լեղին առնուած է մենէ-աղէկներէ [42], եւ վախին կծիկը` փրցուած անոնց ընդերքէն: Պատահած են բացառութիւններ, առաւելապէս մայր կամ ամուսին, որոնք մինակնին լերան մէջ դիտապաստ իրենց սիրականներուն վազած ըլլան գիշերանց: Կամ սիրահար աղջիկներ, որոնք իրենց տարփաւորը վտանգէն ազատելու համար մոռնան իրենց փէշին այլապէս ահաւոր վտանգը ու սուզուին ծոցը մութին ջուրերուն: Սողոմենց տիկի՞նը: Անիկա հերոսուհի մը չէ հարկաւ: Ցաւագա՜ր մը, որուն խոշոր վիշտը ծանօթ չէ ձեզի Սողոմին բանտ իյնալէն ասդին: Անիկա ակռաներովը պաշտպանած է իր տղուն պատիւը, լուսահոգի էրկանը մեռոնով տղան, աղջիկի պէս խպնոտ ու տաքուկ: Բայց հաճի Աննային պատարագը ո¯ւր դնել: Անիկա զատուած էր կէսօրէն ետքը, ալանկ ը սպասող կարաւանէն: Գացած, եկած: Յետոյ` աներեւոյթ եղած, դեռ մութը չկոխած, ջղային շատ բուռն տագնապէ մը վերջ, որ յուզած էր թաղը ամբողջ, դուրսէն դիմաւորներն ալ միասին: Ան խուզարկած էր մեծաւորներու կառքերը, մէկիկ-մէկիկ, ամէնէն ալ ուզելով իր մանչը: Կէս-խելագար իր թոնը նեղած էր հարուստներուն աճապարանքը: Նախատեր էին զինքը, հրելով հեռու կառքին դռնակէն ու հայհոյելով տղո°ւն ալ, էրկա՛ն ալ: Այս արհամարհանքը դղրդեր էր անոր արդէն խարխուլ ջիղերը: Ան հանած էր լաչակը գլխէն, կեցած կառքի գիծին ու բացած «օրհնեալ» բերանը այնպէս ջերմութեամբ, որ շունչը կ՚այրէր մօտէն անցնողները: Ու յորդ ու սրտառուչ էր այդ այրի յուզումը, փոխն ի փոխ անէծք ու պաղատանք, զայրոյթ եւ անկարութիւն, Յիսուս ու սադայէլ, երկինք ու դժոխք, - բոլորը մուրատատուր Աստուծոյ մը «կապոյտ» սիրտին յանձնուած: Անէ՛ծքը` պաշտօնական, սարսռազդեցիկ, քիչ մը աւելի մաշած բերանէ - ինչպէս վարժուած ենք լսել փողոցները -, կը վայլէր սակայն անոր սեւ մազերուն ու տարօրէն կենդանի աչքերուն: Բայց նոյն ատեն անյատակ, անդարման կսկիծ: Ու նոյն գիծէ` լրբութիւն, անկարող խեղճութիւն` գիտակցուած ու կորակոր, որբեւայրին, որ աղքատէն ալ ծանր կը ճնշէ միջին խղճմտանքներու, մա՛նաւանդ` երբ հիւանդութիւն մը կամ կանխահաս սպառում մը կը վանեն անկէ էգ տարրը ու մէջտեղ կը դնեն մայրը, տուն մը զաւակներով, երեսի վրայ բոլորն ալ ու տարիներով փողոցին մէջ պտտող կնի՛քը ճակատնուն: Ու ահաւոր են անոնք, երբ կը սպառնան: Սողոմենց տիկինը, իր ջիղերուն հրովարտակովը դուրս էր հասարակաց օրէնքներէն: Ան իրար խառնեց, չորս ճամբու բերան, հարուստն ու ակռայովները, հարսներուն պոռնիկ արգանդները եւ կիներուն անաստուած ուղեղները, աղաները իրենց փորերուն, փարթերուն դաւովն ու աղբովը, իրենց հաշիւներուն ստորնութեամբը եւ անգթութեամբը, - ի՛նչ որ իբր բարոյական ըմբռնում, հաստ ու շօշափելի ու տեղաւորուող` կ՚իյնայ գեղացի կնոջ մը հասողութեան, ամէնը դուրս էր տուած անիկա ու բառերուն ամօթը` ինչպէս անոնցմով թափուածին գարշութիւնը կը շոգիանային բերանին հզօր հուրքէն: Ու կը տարածուէին, թեթեւցած ու արի, դէպի լարուած կտաւները մարդոց խղճմտանքներուն: Ու բառերուն հեղեղէն կ՚անջատուէին պատկերները, վիճակ, պատմութիւն, դրուագ, գայթակղութիւն ու զրկանք, ոսկեջրուած կամ որդնոտ, կամար կապելու հասարակաց խղճմտանքին դէպի կատարները, կամ գարշ կրակոյտէ [43] մը չեռացող սողոսկումով մը սարսելու մարդոց պայծառ այլուրութիւնը, ուրիշին ցաւին դէմ մեր մուշտակուած ինքնամփոփումը: - Ու ինչ որ գեղին խուլ խղճմտանքը կ՚ընդզգայ, բայց չի բանաձեւեր, կը տեսնէ, բայց չի պարզեր դէպի դուրս, այս կարգի անձերու վրայով --երբեմն ալ առնուածներ, կէս-խենթութենէն անդին սահածներ կը կատարեն այդ դերը աւելի ապենթակայ՝ [44] պատիժին կամ վախին--  տարազի կը մտնէ եւ իրականութիւն կը դառնայ, սեփական ու անջնջելի, կոտրած փարչի մը նման դիմանալով դիմազերծներուն փառքին դիմաց: Գայթակղութիւնը [45] մա՛նաւանդ, զոր [46] նկատումները, վախը, սանկ ու նանկ հաշիւները թխմուած կը պահեն հարուստ տիկիններու հաստկեկ մէջքին կամ աղաներու մետաքսաւէտ քսակներուն խորը, ասոնց ձեռքովն է, որ կը զերծուի ու կը թափուի հասարակաց վայելումին: Ու անոնք են նորէն, որ կը պոռան, կը շեփորեն զրկանքը քառուղիներու բերանին, խենթութեան կամ ապուշութեան լուսապսակի մը ընդմէջէն, ճօճելով իրենց ցաւագար անձերուն խեղճուկ սիւները, վախէն վեր ու հաշիւէն վար, իրենց արդէն քայքայուած մարմինը անխնայ նետելով դէպի ուժովներուն աքացիները, զանոնք բամպակ իրենց ոսկորներովը խորտակելու մարմաջով: Ու կը բարձրացնեն իրենց մէջքը, ուր ոսկորի օղակ մը չկայ միւսին կառչած, լիրբ ու գրգռիչ, փորձանք հանելու յայտնի ախորժակով: Ու կէս-խելագարն է, որ կը վաւերացնէ փսփսուած, բայց չըսուած պատմութիւններ գողութեան ու բոզութեան, մա՛նաւանդ ազգապղծութեան մեծ կոյանոցէն, պարպելով ամճա ներուն մեղքին տիկերը փողոցին երեսին, երբ ատոնք իրենց աղբրտանցը որբերը կը խնամակալեն, բայց փտած ձիթապտուղները իրենց կատոզներուն կը փոխեն որբին մաքուրովը եւ կամ երբ իր աղբօրը այրին, գեղանի կամ խաղցուկ, ներս կ՚առնեն իրենց տունէն ու անկողինէն: Որչափ ալ ընդարձակ ըլլան մեղքերուն արձանագրումին յատկացուած թուղթերը, անոնք հատնին պիտի եւ տակաւին դուրս պիտի մնան անհամար դէզերէն մարդոց մեղքերուն: Ըսեր էր շատ բան սիրտէն այրած կինը մեծերու երեսին կամ հասցէին, ու թռած` դիրք բռնելու, նոյն կեցուածքով, [47] Նալպանտենց տունին դէմ: [48] Կարկուտի պէս թափեց անիկա անէծքը Սերոբէ աղային տունն ի վեր, անընդմէջ, անսպառ պերճութեամբ, ամէն մէկ անէծք հագուեցուցած անհուն կենդանութեամբը իր ցաւին ու կիրքին, ընելով բառը պարտէզէն փրցուած ծաղկի պէս շաղոտ ու փափկութեան մէջ երկաթ, վերաքաղելով դիւանը այդ անիծապարտ, ամէն ատոնք [49] հինգ տարին հեղ մը Աստուծմէ պատժուած սամարացի, գնչու, քիթին քաքը ուտող ընտանիքին, յորդ, կարծր, զգետնող բարբառով, կիրքէն ու կսկիծէն կրկնապէս գունաւոր, ու ատելութեան հզօր սլաքէն փուշ-փուշ քստմնաւոր, ա՛յնքան` որ զարմանք կ՚ազդէր լեզուի այս հարստութիւնը մինչեւ էրկանը մահը ձայնովը արեւի չինկած այս կնոջ բերանէն: Հիւանդութիւնը կ՚ընէ այս գիծէ շրջումներ. [50] լեզուագարութիւնը հանդէս մըն է, ձրի եւ գեղեցիկ, դերակատարներուն եւ բեմին վայելչութեամբը, դիրքովը պայմանաւոր: Անոր թոյնէն անմասն հանդիսականները թեթեւ, բայց ներսէն շատ, խորունկ ժպիտով մը կը հետեւին երկու կողմի պարզումներուն, մերկացումներուն: Որքան ատեն, որ կռիւը կը վարուի բառերով, աւելորդ է միջամտութիւնը: Համով-հոտով օրը կը զարգանայ դռնառաջներուն ու դէպքերը պատուհանէ պատուհան կը քալեն դէպի գեղին բոլոր տուները: Ժամ մը այս տեսակ ճակատամարտ` գիրքի մը չափ բան կը պատմէ փողոցին ու հարիւրներով դիմակներ կը թրջին, իրենց մետաքսին մէջ, պաղելով ու խաշած կեղեւի պէս գետին թափելով: Ինչ որ հաճելի ու յանկուցիչ կ՚ընէր Սողոմենց տիկինին լեզուագարութիւնը, հաստ ու իրապաշտ շունչն էր սեռին: Այնքան ամօթխած գեղի հարսնուկը, կռուին արձակութեանը մէջ կը դառնայ ամէնէն ապերասան, լիրբ պառաւին չափ աղտոտ, իր բառերէն, որոնք ջուրի պէս կը հոլովեն անասելի բաներ: Սողոմին մայրը ըրեր էր յարձակումը Նալպանտենց տունին վրայ թանձր փաղանգովը սեռական պատկերներու, - ամուլ արգանդ, անսերմ առնի, սառած, թերմաշ [51] ու դեռ բերան չառնուելիք բացատրութիւններ, որոնք կը բուսնէին հայհոյութեանց տարափին մէջէն, պաղպաջուն ու հեղինակաւոր, փոխադրելով գէջ ու հեշտ սարսուռ մը ունկնդիրներուն թաքուն զգայարանքները դէպի: Ոչ ոք մտքէն անցուց, մեղմով կամ սպառնալիքով, ընդմիջել այս պոռթկումը: Խենթերը, ցաւագարները կը պաշտպանուին իրենց ախտովը: Անիկա ոռնաց, շուներէն ալ խոր, հերարձակ, երկու թաթերը ծունկերուն կամարած, իր հիւանդութեան դասական ճիչերը տուաւ արնախառն փրփուր ակռաներէն, թօթուեց ինքզինքը գլխատուած հաւու նման, ինկաւ գետին, քնացաւ, լացաւ, արթնցաւ --ոչ ոք կը մօտենար ախտին այս զերծումին պահուն--, վերադառնալու համար իր հիմնական մատալլկումին: Ան իր զաւակը կ՚ուզէր Նալպանտենց հաճի Աննայէն: Ու կ՚ուզէր իրաւ, մօր ուժգնութեամբը: Այս կարգի նոպաներու ընթացքին, սուտին, [52] չափազանցուածին կամ լռուածին ընդմէջէն, հոգեկան իրողութիւնը --ըսել կ՚ուզեմ` տագնապը զինաւորող խորագոյն թաթը-- ինքզինքը կը յայտնաբերէ աս ու ան ձեւով: Ուրկէ՞ ուժ, համարձակութիւն կ՚առնէր Սողոմենց տիկինը այսպէս ծանրանալու համար հաճի Աննային պուկին: Ինչո՞ւ «ձեռաց դրած»ի պէս գիտնալ կը կարծէր անսերմ Սերոբին մատը իր տղուն փորձանքին մէջ: Անիկա պոռացեր էր իր ճշմարտութիւնը ամէն օր, իր տղան ատանկ խառնակ բաներու մէջ անմասն յայտարարելով: Հիմա, անմեղ-մեղաւոր [53] ` անգամ մըն ալ կանչուեցան խայտառակութեան հանդէսին, զոր կը կազմէր ցուցակագրութիւնը Սերոբին պատանութեան, երիտասարդութեան մեղքերուն: Ու անիկա շարաւի մէջ թաթխուած պատմուճանի մը նման փռեց անոր ընդոծին մեղքը փողոցներու երեսին: Կնոջ մը բերնէն, փառաւոր, վտանգաւոր աղայի մը գոց պատուհաններն ի վեր այս պիղծ անարգանքը զովացուց բոլոր ունկնդիրները: Յետոյ, այսպէս անգամ մը ելած իր ուրդէն, կիրքին հոսանքը ըրաւ անոր լեզուն այլապէս անդիմադարձ: Լուաց անիկա, անպատկառ ու գեղեցիկ, ձեռքով ու ոտքով ուժաւորելով իր բառերը, հազուադէպ շքեղութեամբ մը արտաբերելով պատկերները, Նալպանտենց սուրբ, սուրբ հարսը, թաղեցիներուն սիրական, բոլորին հետ «հուր ու ջուր», բայց արգանդէն ձողտուելիք, Աղուորը, զոր պառկեցուց ոստիկաններուն, հարիւրապետին տակը, կատղած ու անյագուրդ, ա՛յնքան` որ լսողները խշխշացին հոգեկան ցաւով: Թէեւ անգթութիւնը օրէնքն է մարդերու սիրտին, բայց կու գայ պահ մը, երբ մենք կը նեղուինք մեր ներսին չորութենէն: Յետոյ` պէտք է զատել գեղը քաղաքէն: Հոն կեանքը հասարակաց երեւոյթ է, տեսակ մը գորշ կտաւ, փռուած ամէնուն ալ ծունկերուն: Զայն պիտի բանի ամէն մարդու որդի, ադամորդի, իր իսկ օրերուն թելովը եւ կիրքին ասեղովը: Գեղին մէջ, այս կտաւը գրեթէ կը գործուի փողոցներուն երեսին, ու մարդիկ իրենց արիւնով ներկուած թելը հիւսած ատեննին մօտ են եւ նման իրարու: Հարս ու աղջկան տէր էին բոլոր հոդ մտիկ ընողները եւ դիւրութեամբ կը փոխանակէին իրենց սիրելիները իրարու օրհնութեան կամ անէծքին: Ու անկեղծ էին, երբ իրենց սիրտէն կ՚աղաչէին գաղտնիքներու Տէրը, շատ չտեսնել «ցաւած սիրտ»ի, որբեւայրի այս վայբերանութիւնները, ու քաղցրութեամբ «հայիլ» մարդոց ամբարիշտ բերաններուն, անոնցմէ հոսող աղբին թոյնին: Ցեխէն աւելի աղտոտ այս բառերուն մէջ թաթխուած, [54] Նալպանտենց հարսը արժանի էր արգահատանքի, յղութեան շուրջը ստեղծուած բազմադրուագ առասպելէն ալ անդին: Թեթեւցան դրացիները, երբ Սողոմենց կնիկը ձգեց օձիքը հարսին, ճանկռտելու համար փառքն ու կառոյցը Նալպանտենց տունին: Բախտաւորին, հարուստին վրայ ամէն յարձակում, որքան ալ անիրաւ` զովացուցիչ ազդեցութիւն ունի միջին մարդոց բանակին մէջ: Զրկուածներու կարգը ատոր մէջ կը գտնէ տարտամ սփոփանք, եւ համբերութիւն` չոր հացին դառնալու: Կը թաղեն հարուստը --ամէնէն կսկծալի տարիքն իսկ զինաթափ չ՚ըներ այս նախանձը-- հեշտութեամբ ու բարի, հողին դասովը մէկ-երկու ժամ խաղաղած ու լուրջ: Ու անցաւ առաջ Սողոմենց տիկինը, քան պայմանեալ սահմանը փողոցի կռիւին: «Իժերու ծնունդ», «շան կաթ ծծած», «եօթը պորտով, հունտո՛վ ալ պոռնիկ» այս ընտանիքին հետախաղաղ կորուստը կը սպառնար անիկա սուրով ու տապարով, կրակով ու արիւնով: Ու այս ամէնը վճռական ու առաջին դէմքով, ինչպէս չուշացան դիտելէ: Անէծքի տարազներուն թէականը կը պակսէր այս դիմառնութեան մէջ, ինչպէս սովորաբար մարդերու խեղճ բաղձանքները կը յանձնուէին Ամենակալին քաղցր, արդար նկատառումին: Դուրս թափուածը հաստատական, ուղղակի, անվրէպ ձեւն էր ոչ մէկ խնդրանքով պայմանաւոր: Ու դիտեցին կրկին, որ անէծքներուն տարտամը, տեւողութեան մէջ երկարաձգումը կը պակսէր անոր: Ընդհակառակն, ամէն ինչ կը քալէր ժամանակի ապշեցուցիչ մօտութեամբ մը, սանկ արդէն ոտքի, սեմին սպասող: Ո՞վ կու տար այս ապահովութիւնը գալիքէն: Այս ուժգին ու հաւատաւոր շեշտով Սողոմենց կնիկը տապալեց գետին գեղեցիկ տունը, հնօրեայ օճախը Նալպանտենց Սերոբ աղային, քարը չձգելով քարի վրայ: Անոր համբաւով կալուածները, «կնիկի պէս սիրուած» պարտէզները, շառուկնոց [55] այգին, որուն գինին արիւնի պէս սիրտ կ՚առնէր, ու հայրապետական ձիթաստանները տարտղնեց չորս հովերուն, անօթի Իսրայէլին պռկըներուն քսելէ եւ թռցնելէ յետոյ հազար օտարին սեփականութեան: Տարօրինակ էր իր հեղինակութիւնը այս տեղումին մէջ: Ըսես աղէտը ըլլար անոր տանը ծառան, հնազանդ ու պատրաստ հետեւելու անոր ցուցամատին: Ըսես արդէն ափ ըլլար առած աղխերը Նալպանտենց պորտային: Ու զարմանալին հոն էր, որ այդ բառերը մարդոց հոգիներուն վրայ գայլախազի [56] բերնով քսուածի պէս գծաւորուէին, ու մարդիկ իրապէս տրամադիր զգային զիրենք հաւատալու անոր: Աղէտին, որ կերպով մը պիտի կրկնէր հեռաւոր, բայց անմոռանալի հրկիզումը հաճի Արթինին պալատին, հետախաղաղ սրբերու համար արիւնն ու անունը Աստծոյ առջեւ «մեղաւոր գտնուած», «պոռնկացած» այս գերդաստանին: Կոչնակին երկար, հարուստ մէկ ողբը անկարող եղաւ Սողոմենց տիկինը ետ բերելու գուշակի իր եռանդէն եւ յիշեցնելու իրեն մարդը գոնէ, որուն դրամն ու կամքը տնկած էին այս ժամը ու անոր մեծ լեզուն, զանգատունը: Ու երկարուն, ողբակոծ, խորապէս մահաստուեր այդ նուագին մէջը զանգակին --մենք կը լսենք մեր ուզածին պէս: Սողոմենց կինը մոռցած էր զաւակը, դարձողները, կը տեսնէր դագաղը, տունէն [57] տարուած սադայէլներու ուսին վրայ շիտակ դէպի դժոխք--, անիկա կատաղութեան գերագոյն լորձնումով մը զլացաւ «լուս գերեզմանը» Նալպանտենց դիակներուն, պիւրիւմ-պիւրիւմ ծխացնելով անոնց միսերը` ինչպէս փառքը Աստծոյ «կրակին» մէջ: Հետզհետէ կ՚ամրանար անոր շեշտը, կը խորանար անոր հագագը, աներեւոյթ բանէ մը ճարելով զարհուրագին լիութիւն մը, որով կը զատուի սրտանցը, իրաւը բերնի թափուքէն: Լուսնոտ, «երկինքէն տեսնող» կիներուն մօտ մարդիկ կ՚ընդունին տեսակ մը ցաւագին իմաստութիւն, որ լեզու կ՚ելլէ երբեմն ու կը կանխէ հսկայ փորձանքները: Հաճի Արթինին պալատը կրակ էր առած, գեղէն [58] շունի մը երկու ժամ ոռնալէն ետքը: Շունը գացած էր եւ ոչ ոք գիտէր, այն ատեն, տէրը [59]  կենդանիին: Գեղին մեծ բռնաւորներէն Սափրիչ Թորոսը դուռին տակէն աքացիով վռնտեր էր մուրացկան մը, որ շրթունքները շարժեր ու անհետ էր եղեր: Ժամ մը վերջը կը սատկէր ոսկիներուն դեղինը մարմինին վրայ պատմուճանի պէս հագած, իր ուժին ու փառքին լիութեանը մէջ հսկայ բռնակալը, դեղնախտի շանթահարիչ հարուածով մը: Ու մարդիկ կը յիշեն ուրիշ նման աղէտներ, երբ կիներուն լեզուն բաց է չար օրուան մը չար մէկ ժամուն: Անէծքին, հեղեղուած գայթակղութեան հետեւող խռովքը կ՚աճի այդ նկատումներէն, վերյիշումներէն ազդուելով: Կը պատահի ալ, որ իբր կատակերգութիւն սկիզբ ըրած փողոցային կռիւ մը արիւնոտի եղերական վերջաբանով մը, յաճախ ոճիր, վերահաս կործանում, կրակ ու մահտարաժամ: Անոր համար էր, որ թողուցին` թափէ սիրտինը: Ու զայրագնած, մազերը օձի փունջի պէս խռիւ-խռիւ --անէծքի ատեն սովորութիւն է լաչակը քաշել մազերէն, ձգել մէկ ուսին--, աչքերը արիւնէն կալուած ու նայուածքէն պարապ` անիկա չդիմացաւ իր իսկ կիրքին սաստկութեան ու ինկաւ գետին: Սարսուռ մը անցաւ տանիքէ տանիք: Բայց ոչ ոք երերաց տեղէն: Կարծես կը շարունակուէր տեղալ կրակին անձրեւը: Տերեւ չէր շարժած Նալպանտենց տունէն: Ոչ մէկ գլուխ: Ոչ մէկ շշուկ, բացի կատուին երկարաձիգ մէկ նուոցէն, իբր արձագանգ ճամբան առած անէծքներուն: Փակ վարագոյրները լսեցին անէծքը ու ճօճք անգամ չտուին: Ո՞ւր էր Սերոբէ էֆէնտին: Ո՞ւր` փեսաները, որոնք որսի հոտ առնող շուներու նման մէկիկ-մէկիկ սովոր էին բուսնելու, երբ գեղամէջին, Սերոբին ձայնը բարձրանար քիչ մը իր հունէն ու աղայի վայել հաստութիւն ստանար, սանկ ու նանկ կռիւներու ընթացքին: Դեղնած, մատները ափին մէջ կորակոր մխուած, արիւնելու աստիճան կաշին, ոտքերը ուղտի կռնակ` միսի կծիկ մըն էր Սողոմենց տիկինը, զոր ուղղութենէ զուրկ սարսուռներ կը ցնցէին անընդհատ, մարմինը զգալիօրէն ծռմռելով ու երեսին դնդերները ոլոր-մոլոր, ասդին-անդին քաշելով: Արիւնի թելիկ մը, կախ` շրթներուն մէկ անկիւնէն, կը սողոսկէր ծնօտն ի վար, գտնելով վիզին փորուածքը ու կորսուելով կուրծքն ի վար: Մէկէն երկամեայ մանուկ մը, երես-փուչք մօտեցաւ անոր ու գողտր, ճեփ-ճերմակ իր թաթիկը պարզեց անոր երեսին, տարօրէն քնքուշ ծաղիկի մը նման: Այն ատեն մարդիկ տեսան երկու դէմքերը կարծես փայլակի մը մէջէն: Ու մէկուն անհուն, անկնճիռ խաղաղութիւնը ու միւսին տանջահար, կարծես վիշտի բիւր սլաքներէն առիջուած, բզիկ-բզիկ, բայց իմաստայեղց կտաւը --մօր երեսը ցաւի ատեն նմանը չունի իբր տրտմութիւն, բեկումի պաստառ-- կարճ խորհուրդի մը մէջ, միշտ այսպէս, եթէ ոչ քով-քովի, գոնէ դէմ-դէմի, նոյն տանիքին տակ արձանանային [60] պիտի: Բոլոր լացողները կը նկատուին դժբախտ: Լացնողնե՞րը…: Երկրորդ անգամ ըլլալով ազգական մը արթնցուց նուաղած կինը: Թոյլ, կարծես խմոր էին եղած անոր ոսկորները: Յօդակապերուն տեղը խաշած, փտած միսի զգայութիւն մը պահ մը վախցուց զինքը եւ արգիլեց ոտքէ: Աչքերը իջած էին հուրքէն, բայց դէմքին վրայ դիզուած կը զգար եօթը տարուան բեկում ու թշռուառութիւն: Բարակ ցաւ մը ոսկորները կ՚ընէր կոտտուն ու պարապ: Նեղ ու դողով էին քայլերը, որոնք կը կենային առաջանալու տեղ: Կին մը մտաւ թեւը, կաթուածահար մը տանողի զգուշութեամբ: Ելան դուրս աղմկուած ու չարաշուք փողոցէն: Անոնց ետեւէն կ՚երկննար մարդոց հետաքրքիր արգահատանքը, մայրերուն սիրտը եւ հարսներուն անպատում խռովքը: Գեղը կ՚եռար քիչ անդին: Խոշոր, սրտագին զուարթութիւն մը կ՚աճէր թաղէ թաղ, կը լեցնէր տունէ տուն նեղկուկ փորուածքները եւ կը յորդէր դէպի տանիք: Դպրոցէն արձակուրդ առած տղաքը կը պոռպռային ու քարեր կը զարնէին քարերու -- խորունկ զեղումը մանկունակ այդ ձեւով կը տրուի դուրս: Բանտ էր սակայն Սողոմենց տունը` իր զաւակը սպասող մօրը գլխուն: Ան ականջ չկախելով պզտիկներուն լացին --հիւանդ տունին մէջ տղաքը ինքնաբերաբար կ՚ըլլան լալկան ու դժգոհ- -, նետուեցաւ դուրս նորէն: Բառ չէր փոխանակած զաւկըներուն հետ: Ու չէր տեսած դրացիները, որոնք կը սպասէին բակին մէջ: Չէին կրնար հակառակիլ անոր որոշումներուն. նման փորձ մը միշտ կը յանգէր դասական նոպային: Ձգեցին իր գլխուն: Անցաւ կրակին մօտէն` իբր թէ ճանճեր ըլլային մարդերը, այսինքն անարժան` խօսքի կամ նայուածքի: Չունեցաւ աչք բոցը շրջապատողներուն, վրայէն ցատկողներուն, իրեն պէս զաւկի սպասողներուն: Ու գտաւ ինքզինքը դուրս գեղի բնակելի մասերէն: Խճուղին, որ ընկուզենիներու քաղցր պարոյր մը կ՚ըլլայ հոդ, գեղին նախավայելքը պատմող: Մտաւ անիկա խոռոչի մը մէջ, որ երկճղեան արմատի մը վրայ հսկայ բուն մըն էր ծառի: - Տեսակ մը դագա՜ղ, ոտքի` փոխանակ միւսին նման երկարելու: Այդ տխուր ծակին մէջ կծկտեցաւ անիկա, ձեռները ծնօտին, յոգնած` անհուն իր անձուկէն, ըրած չարիքէն ու կործանած իր յոյսէն: Ունինք վայրկեաններ, երբ դժբախտութիւնը շատ խիտ, շատ մօտ կը գտնենք ու չենք հաւատար անոր ալ, ամէն բանի պէս, անցաւոր ըլլալուն: Սողոմենց կնիկը իր տղան թաղած ատենը ուրիշ յուզում պիտի չունենար, քան սա խաւարակոծ յուսահատութիւնը չդարձող իր զաւկէն: Չայցելեցին անոր իրեն պէս սպասող մայրերու խօսքերն ու պատկերը: Նալպանտենց Սերոբին ահը, անգիտակից խորքերէ, իրեն կը թելադրէր այս քայքայումը: Լալու անկարող, անէծքէն ու կեանքէն, ցաւէն ու յոյսէն իսկ յափրացած նման մէկու մը, որ ծեծուած ըլլար մահու չափ, բայց հրաշքով մը չմեռած, անիկա սպասեց:

 

Ուշ ատեն երիտասարդներու խումբը հանեց զայն իր խոռոչէն, սրտաճմլիկ պատատումէ [61] մը ետքը: Մայրը չէր կրնար հաւատալ սա տղոց, որոնք երդումը երդումին կապեցին Սողոմին ուրիշ ճամբով, արդէն տուն հասած ըլլալուն: Անիկա մէկը չուզեց իրեն հետ: Հակառակ անհուն սպառումին, թերահաւատ` բայց ուրիշ բանի անկարող, անցաւ մոխիր կապած խարոյկին մօտէն ու սուզուեցաւ մեծ փողոց: Բաց դուռներ: Խօսք ու գովք: Երգ ու կերակուրի հոտեր: Գեղը կը մտնէր գիշերին մէջ:

 

Բ

 

Այդ օրը, մութէն քիչ առաջ, պահակ Ուստիանը, իր բլրադիր հովանոցէն գեղ էր կանչուած, շատ ստիպողաբար, Նալպանտենց տունը:

 

Ձերբակալութիւններէն ետքը, կասկածի տակ ինկած գիւղապետին տեղ Սերոբէ էֆէնտին ստանձնած էր փոխանորդութիւնը գեղին գործերուն: Կառավարութիւնը զայն կը շրջապատէր յատուկ յարգանքով եւ հարիւրապետը չէր մոռնար զայն մեծարել Մեծերու սրճարանին մէջ կամ տունը, «բարեհաճելով» ուտել Նալպանտենց սեղանէն: Սեւ օրեր էին: Ու մարդիկ, առանց հեգնութեան, կը տարուէին դիտելու սա մօտիկութիւնը: Վտանգի ատեն ամէնէն շուտ լռողը մարդոց մէջ ոչ թէ խղճմտանքն է, այլ` անոր գոյնը ունեցող կեղծ զգայութիւններու փարթամ բուսականութիւնը, զոր կը կոչենք սա ու նա վերադիրներով: - Այսպէս` քաջութիւն, արժանապատուութիւն, խօսքին վրայ կենալու աննահանջ յամառութիւն: Նալպանտենց Սերոբէ էֆէնտին, առանց պետական իր գործունէութեան մասին գեղին բան մը զգալի ընելու, եկած էր գեղացիներու համարումին: Կ՚ընէր շատերուն գործը, արագ, թեթեւ: Կը հրամայէր հինէն աւելի հեղինակաւոր՝ [62] ոստիկաններուն, որոնք իր խօսքը երկուք անկարող էին ընելու: Կ՚առնէր տուրքի համար գրաւուած կարասիները հարկահաններուն ձեռքէն ու կը գրէր նամակները բանտի տղոց ու աղաներուն, իրենց մօրը կամ սիրելիներուն բերնէն:

 

Մութը կոխելու վրայ, [63] Սերոբէ էֆէնտին, առջին թուրքերէն թուղթ մը, ուրկէ Ուստիանը կը ճանչնար գեղին կամ գեղերուն պաշտօնական կնիքները, [64] թրքական քառորդ մէճիտի իր նմանութեան եւ ծաւալին համար, տուաւ պահակին քանի մը կարեւոր եւ կտրուկ հրամաններ: Ասոնցմէ առաջինը ուշադիր եւ հաւատարիմ հսկողութիւնն էր գեղին սահմաններուն մէջ երեւցած ամէն օտարականի վրայ: Յիշեցուց փորձանքը, որմէ անցած էր գեղը, այդ զանցառումին երեսէն: Կարդաց քարոզը, զոր այդ օրերու թերթերը, հայու բարեկամ թուրքերը, հայերուն ընդոծին իմաստութիւնը թելադրած ու բանաձեւած էին: Յանձնեց անոր նամակ մը, զոր պիտի տանէր գիւղապետին կնոջը: Գիւղապետը Պրուսա կը փոխադրուէր կուսակալին «ոտքերը համբուրելու եւ գեղին հաւատարմութիւնը» առաջնորդին հետ հասցնելու մինչեւ «կայսերական գահոյքը»: Կը խօսէր Նալպանտենց լեզուանի տղան, հպատակելով իր լեզուին, որ օրն ի բուն կ՚ընէր այդ մարզանքը, կէս մը շահուն, կէս մըն ալ հաւատքէն: Բայց երրորդ հրամանին ատեն վարանեցաւ: Բառերը չեկան ու կանչել տուաւ իր կինը:

 

Նալպանտենց Աղուորը, թեթեւ մը գիրցած, այտին վրայ ոսկորներու տարտամ գծագրութեամբ մը --պահակը մասնագէտն էր այդ նշաններուն, որոնք յղութեան անդրանիկ ամիսները կ՚երեւան--, խաթունի մը վայել լրջութեամբ ու օծումով նստեցաւ օճախի կուշտին, կեսուրը ետեւէն, նուաղած ու քիչ շարժումներով: Գեղը դողացնող այդ ընտանիքը ի՜նչ տկար, ճղճիմ պատկեր մը կու տար իր իսկ յարկին մէջ: Երեքին ալ վրայ զարնուած ու նուաստ բան մը, որ վեր էր անոնցմէ եւ հարսին հրաշալի մուշտակը, կեսուրին նոյնքան մեծակառոյց համբաւը կարող չէին հակակշռելու: Բայց ամէնէն եղկելին Սերոբն էր նորէն, որ հակառակ հարիւրապետին մանրամասն զեկոյցին --որով ախոռի տեսարանը կը հաղորդուէր իր իմաստին ստոյգ ապահովութեամբը եւ իր տունը ա՛լ զերծ կը դասուէր ծառաներու շունչէն անգամ--, խուլ անհանգստութեամբ մը կը տաղտապէր ներսէն: Կը դողար թուղթը անոր մատներուն մէջ, ու բառը` ակռաներուն տակ: Անիկա խայթին ներքեւ էր չգուշակուելիք պատահարներու, որոնք արձակուած կը թուէին իրենց հանգոյցներէն: Դէպքերը այս կերպ քաշել գիտեն մեր թափանցումէն բաւական առաջ: Օտարի ներկայութիւնն իսկ բաւ չեղաւ սքողելու այս մտատանջութիւնը, որ առանց բառի իրարու կը թափէր [65] տունին գերագոյն հոգը: Աղբի՞ւրը: - Հաճի Աննա՛ն, պէտք եղածէն աւելի սորված Սողոմենց Սողոմին բնութքէն: Բարքերը փոխուած էին ու հօրէ զուրկ երիտասարդին ճամբան Աստուած միայն կարող էր լուսաւորելու, եթէ ուզէր: Հակառակ պարագային մէջտեղն էին նմանները, որոնք կնիկի մը համար աշխարհ մը կը ծախեն: Հարսը` տարտամ ու անմեկնելի խռովքէ մը այցուած, նման հեռազգած մէկու մը, որ աղէտէն շատ առաջ ծուէնները կ՚առնէ գալիք դժբախտութեան, կ՚ընէր երեսները տրտմօրէն քաղցր ու աղերսաւոր: Չէր կարելի հասկնալ, թէ որքա՛ն բան խօսուած էր անոնց մէջ, տղուն հաւանական գալուստէն, քանի որ Նալպանտենց Սերոբը ամիս ամբողջ վստահ ըրած էր իր մայրը, առնուազն Միտիլլի քշելու «անօթի ծառան»: Ուստիա՞նը: Կը հասկնա՞ր այս լոյս չտեսնելիք խռովքը: Սովորական իր զուարթութեամբը` անիկա չփակեց [66] իր լեզուն: Բայց զգաց, որ մտիկ ընողները դուրս էին սրամտութեան, նոյնիսկ պարզ համին իսկ վայելքէն: Անտեղի բաներ կան աշխարհին վրայ: Անիկա քաշեց լեզուն իր պուկին, ուրիշին ցաւին խնդացող մէկու մը չնմանելու համար: Նոյն ատեն լուսաւորուած էր անոր հոգին: Սողոմենց տղան [67] տէրն էր այս տունին ու այս կնիկին:

 

Սերոբէ էֆէնտին մոռցած էր թերեւս, թէ ինչո՞ւ էր կանչած կինն ու մայրը:

 

-- Հանէ՛ տուր:

 

Սթափեցաւ անիկա: Մէջքէն հանեց իր յուլունքէ քսակը եւ համրեց քսան մէճիտ: Վաշխառու` անիկա համ ու հեղինակութիւն կը դնէր դրամին ձայնին ու հաշուին ալ մէջը: Լումայափոխներու նման արծաթին դէզը հոսեցուց մէկ ափէն միւսը, ու մարդ կը զարմանար, թէ ի՛նչ արագութեամբ մէկ աշխարհէն միւսը կը դառնար խռովայոյզ անոր հոգին: Նոյն պահուն զարկին դուռը: Երեքը մէկ նետուեցան ոտքի: Այս գերզգայութիւնը տխրօրէն տպաւորեց անխելք պահակը: Կը հասկնա՞ր, թէ ինչու էր կանչուած: Բայց կը հասկնար Սողոմին հովը այս ամէնուն մէջ: Անիկա պատրաստուեցաւ մտքէն իր միջամտութիւնը տրամադրել ստեղծուելիք վէճին, քանի որ վստահ էր զարկին հեղինակէն, որ Սողոմենց Սողոմէն զատ ուրիշ մէկը չէր կրնար ըլլալ: Ոստիկան մըն էր սակայն, դարձեալ պաշտօնական թուղթով մը: Սերոբէ էֆէնտին թեթեւցած, նշան ըրաւ մօրը, ցոյց տալով դրամները:

 

-- Տո՛ւր լմնցուր: Ես կ՚երթամ:

 

-- Ո՞ւր, - աւելցուցին երկու կիներն ալ, աճուն տագնապով մը, որ մարմինին կնիքովը կը զատուէր:

 

-- Հիմա կու գամ:

 

Աղուորը ելաւ դուրս անոր հետ: Ճամբու դրաւ էրիկը, ոստիկանէն ապահովուած: Հակառակ լայն պաշտպանութեան` անիկա ամէն ատենէ աւելի կը վախնար անծանօթ բանէ մը:

 

Ու կը վախնար մա՛նաւանդ այդ վախուն հաշւոյն [68], զգուշանալով նեղելէ, խորացնելէ իր զգայութիւնները: Սերո՞բը: Սողո՞մը: Փորի տղա՞ն: Չէր գիտեր տարաբախտ կինը ճշդիւ չափել սրտին ձայնը այս տագնապանքին ընդմէջէն: Երբ մտաւ սենեակ, դրամները վերցուած էին ու հաճի Աննան կէս ըրած արդէն իր հրահանգները:

 

Ուստիանին պաշտօն կը տրուէր Սերոբէ աղային բերնով, դիմաւորելու, դեռ գեղ չմտած, Սողոմենց Սողոմը ու անոր յայտնելու որոշումներն ու կամքը Նալպանտենց հաճի Աննային: Ուշագրաւ էր, որ խօսքին մէջ յառաջանալուն չափովը անոր իշխողի, հարկադրողի բնազդները կ՚ազատուէին քիչ-քիչ նկուն այն հովէն, որ սեւ, բայց չերեւցող գոլի, ծուխի մը նման կը ճնշէր ամբողջ տունին, առաստաղէն ու հոգիներէն առնելով իր ուժը: Երիտասարդ օրերուն «աբուգաթ» բերանն էր նորէն, համով, կշռաւոր, քաղցր, համոզկեր ու անդիմամարտ, որ դեռ կ՚ազդէր, հակառակ լքուած ըլլալուն [69] աչքին ու այտերուն կախարդ բխումէն: Այդ կամքին համեմատ, Սողոմենց Սողոմը կ՚արձակուէր իր ծառայութենէն: Անիկա այս գիշեր տուն չէր կրնար գալ: Տեղը արդէն վարձուած էր ուրիշ տղեկ մը, ան ալ «որբ», տուն մը բերանի հաց ճարելու պարտաւոր: Կիսաստուեր լոյսին մէջ, պառաւին բերանը խաղաղ աղբիւրէ մը ինչպէս` կը հոսէր ահաւոր իր ճակատագիրը: Որքան կո՜յր ենք` տեսնելու համար մեր բառերուն նիզակները, որոնք կը թափին խելօք մեր շրթներէն ու կը շարուին մեր շուրջը, մեզ առնելու համար անողոք օղակին մէջ երկաթին: Անիկա չէր գիտեր, թէ գոցելով իր դուռը Սողոմենց Սողոմին երեսին, լայնօրէն կը բանար տունը ու անոր բնակիչները` կրակին ու մահուան: Այսպէս է, որ կը վարուին մարդիկ ճակատագրին հետ: Ցեղե՞րը…: Մտիկ ընող միւս կի՜նը: Անկարելի էր թերեւս թափանցել ասոր ալ հոգիին մէջը: Ծունկի, կեսրոջը կուշտին, ամէն մէկ բառէն խայթուած` ինչպէս սլաքէ մը, կը ջանար կարծրացնել անսովոր իր գերզգայութիւնը եւ պաշտպանուիլ իր իսկ սոսկումէն: Անոր կուղպ բերանը ջնջուած էր դէմքէն, բոլորովին հեռու, օտար` սա տեղէն ու պահէն: Ամէն դադարի, երբ պառաւը կ՚անցնէր մէկ մտածումէն միւսը` անիկա նշմարել կը կարծէր այդ լռութիւններն ի վար փայլակումները իր ճակատագրին: Որո՞ւ կը գոցուէին այդ դուռները: Որո՜ւ կը ձգուէր իր հոգին, իր փորին տագնապը ու իր մարմինին բիւրաւոր լեզուները…: Սողոմենց Սողոմը կը ստանար ամբողջ տարեթոշակը: Աւելի` չուխան, որուն չունէր իրաւունք, տարին աւարտած չըլլալուն: Երեք զոյգ գուլպայ, դարձեալ դուրս սակարկութենէն: Այս պզտիկ մանրամասնութիւնները ցաւագին հակազդումով մը կը վիրաւորէին հարսին ամօթը: Կարծես ամէն զիջում փաստ մըն էր անոր մեղքին: Ուստիանին պաշտօն կը տրուէր Նալպանտենց շնորհակալութիւնը յայտնելու ծառային, որ պիտի շարունակուէր սեպուիլ տունին բարեկամ մը: Որ կրնար, նեղ օրերուն, վստահ սիրտով դիմել իր տղուն, նոյնիսկ երբ ինք հողին տակն ըլլար: Որ իր խելքին, ազնուութեան չափը տալու շատ առիթներ ունենար պիտի ասկէ ետքն ալ: Տարիքը կը նմանէր շուտ սրբուող ձիւնի մը: Մարդիկ կ՚արժէին իրենց բարիքին կշիռովը: Խօսքն ու բամբասանքը չարիք են ծներ: «Պիւլպիւլ» էր դարձեր բերանը Նալպանտենց տիկինին: Վերջացնելէ առաջ` անիկա թախանձագին խոստում առաւ Ուստիանէն, որպէսզի ինքն ալ իր կողմէն հրաւիրէր «էւել պակաս հալալ ընելու»: Վերջաբա՞նը այս տարօրինակ քարոզին: …Որ Սողոմն ալ հոգի մը ունէր տալիք Աստուծոյ առջեւ, ինչպէս մենէ [70] ամէն մէկը: Այս յաջողակ շրջումով անիկա կը կարծէր թումբ կանգնել Սուտին դէմ, որ պիտի պոռթկար, իր հաշիւով, կանուխ թէ ուշ, ու Աղուորին արգանդը հրապարակ դնէր պիտի: …Տէրը կանանչ պահէր Սողոմին արեւը, արե՜ւը բոլոր պատանիներուն: Ու յուզում կար պառաւին ձայնին մէջ: Ուստիանը աչքով կ՚ուտէր խոնարհած հարսին երկնանուէր արտայայտութիւնը: Ծունկի, ձեռքերը հիւսած իրարու, թարթիչները խուփ` Նալպանտենց Աղուորը դէմք ըլլալէ դուրս բան էր այդ րոպէին:

 

Հարս ու կեսուր մինչեւ պորտան առաջնորդեցին պահակը, որ խորապէս տպաւորուած, կը վարանէր դուրս ելլել: Անիկա ճնշումին տակն էր շատ ծանր պատահարներու, որոնք կը դժուարացնէին շունչն ու քալուածքը: Թաղին անկիւնէն Սերոբին վերադարձը ըրաւ զայն քիչ մը համարձակ: Դրացիներ, աւելի քան հետաքրքիր, կը յամառէին ճանճն իսկ չփախցնել փողոցէն: Անոնք չկրցան ձգել դռնառաջքի իրենց դիրքերը: Եւ սակայն օրը վերջ էր գտած: Աշնան գիշեր էր ու բաւական ցուրտ: Բոլորին համար ալ Սողոմին դարձը առանցքը կը կազմէր անակնկալ դէպքերու: Մօրը վայբերանութիւններէն ետքը` տղուն արի՞ւնը: Սեւ սէ՞րը: Նալպանտենց հա՞րսը: Ու կը յիշէին մտովի հսկայ պատարագը, որով մուտք էր ունեցեր Նալպանտենց օճախին ապագայ ժառանգը, ամբոխին դատումներէն ներս: Պիտի գա՞ր Սողոմենց տղան: Պիտի չգա՞ր: Անկարելի է կին ըլլալ ու ասիկա չհասկցած քաշուիլ տունէն ներս, լռեցնել ճաթելու չափ լացէն սիրտ ելած մանուկը, սեղան շտկել ու բերան մը հաց ծամել, չվազել կրկին վար ու դողդղալով հանդերձ կոկոզ ընել դրան շեմին, հոգ չէ թէ էրիկը սպասէր վերը:

 

Իր ստանձնած պարտականութիւնը կատարելու համար էր, որ Ուստիանը փութացած էր գեղէն դուրս, զատելու համար Սողոմը դարձողներու խումբէն:

 

Անգամ մը, որ անիկա դադրեցաւ լսելէ իր ետեւէն գլգլուկը աղբիւրին, արձակեց իրմէն իր պզտիկ եղբայրը, դէպի տուն: Ու փոխանակ շարունակելու խճուղին, որ շիտակ գեղամուտքի ալանկ ը կը հանէր, շեղեցաւ, կոյր արահետէ մը, դէպի ձախ: Իրեն կը հետեւէր Սողոմը, կամազուրկ ու յիմար, ինչպէս կը տրուի ըլլալ մեզի, մեծ, վաւերական յիմարացումէն առաջ: Չհարցուց շեղումին պատճառը: Բայց խռոված էր ան այս սուրհանդակէն: Հոծ, թթաստանները, գրեթէ մերկ ճիւղերով, որոնք իրենց առաձիգ մտրակովը կը ծեծէին անոր երեսները: Խոնաւ քաղցրութիւն մը կը ծաւալէր գետնէն ու գիշերուան առջի մսուքը ոստէն կ՚անցնէր անոնց ափերուն: Սողոմը փորձուեցաւ հարցնել այս աւելորդ ճամբուն իմաստը: Բայց ամօթ մը, վախ մը կը փակէին անոր կոկորդը: Աղբիւրը մօտ էր բաւական: Կտրեցին այդ մարզը, դժուար ու նեղուած, վասնզի աղբուած ու ոռոգուած հողը կը դաւէր անոր արդէն սպառած ոտքերուն: Ելան միւս ճամբան, որ ուրիշ ուղղութենէ մը գեղ կը հանէ կրկին, բայց Նալպանտենց թաղը հեռու կը ձգէ: Սողոմը հասկցա՞ւ պահակին շարժումներուն իմաստը: Կածանը, քիչ գործածական, քանի մը անդարմանելի փոսերէ կտրտուած ու հեղեղներէ կրծուած, գողի ճամբու պէս բան մըն էր, որ գեղին արեւելքը կը դառնար, հատնելու համար անոր կռնակին: -- Սողոմենց թա՜ղը: Հիմա յստակ էր ա՛լ [71] շրջումին իմաստը: Ոտքերը սառեցան յուզումէն: Կեցուց խիստ ու հարցուց.

 

-- Ո՞ւր:

 

-- Տո՛ւն:

 

Բառերը երբեմն յստակ են մեր մտածումներէն շատ աւելի:

 

-- Գի՞ր կայ:

 

Կարծր, պողպա՛տ` հնչիւնը, որով հագուած էին սա զոյգ մը բառերը: Սուտ չէ ժողովուրդը, երբ «դանակ»ի պատկերը կը գործածէ երբեմն, տարազելու համար այս գիծէ վայրկեանները:

 

-- Գիրը ի՞նչ է:

 

-- Հարիւրապետէն:

 

-- Հարիւրապե՜տ:

 

Ուստիանը անկեղծ էր երբ աւելցուց.

 

-- Լուր չունիմ:

 

Բայց մտքէն տեսաւ թուղթը փռուած Սերոբէ աղայի ծունկին, ուրկէ սեւ, ճերմակ գիծերով յատակէն աչք մը, կնիքը, իմաստի կ՚ելլէր Սողոմին լուսաբանութեամբը: Մտածեց սակայն ու անոր ուղեղը չէր բաւեր անդին անցնելու դէպքերուն փաթաթէն:

 

-- Բան չըսի՞ն քեզի:

 

Դարձեալ հարցումը կը բխէր երկաթեայ մարզերէ, սրցուած ու տարօրէն տխուր: Յուսահատութիւնը կը զատուի այս երանգով միւս, գործօն կարծրութենէն, որով յաղթողները կը խօսին:

 

-- Ո՞վ:

 

Ա՛լ պատասխան չտուաւ Սողոմը: Յայտ էր, որ Ուստիանը անծանօթ էր բանտին վերջաբանին: Տեսակ մը ամօթ, տեսակ մը կատաղութիւն պլլեցին մէկէն անոր ջիղերը: Զինքը նետեր էին դէպի ախոռը…

 

Կը քալէին սակայն: Ուստիանը ուրկէ՜ գիտնար, թէ Սողոմենց Սողոմը ընկերներուն հետ բանտէն արձակուելէ յետոյ վար էր դրուած բանտապահին խցիկին մէջ: Պատկերին այս կտորին Սողոմին հոգիին մէջ կրկին ուրուացումը բաւ եղաւ, որ մազերը ցցուին մարմինին բոլոր մասերէն: …Ինչ ալ յստակ էր խցիկին թղթազօծ պատին` հանգոյցը զոյգ դաշոյններու կոթին, որոնց կեռ կտուցները իրարու երկարած, ձուածիրի մը մէջէն կը կախէին տաճկական զինանշանը, ով գիտէ ո՛ր բանտարկեալի մատիտէն փրթած ու հոդ գամուած, ճանճի աղտոտութիւններով պիսակաւոր: Անիկա սթափեցաւ ոտքին անցած արմատի մը զարկէն, ցաւառիթ ու բիրտ: Չիյնալու համար թեւ էր նետած Ուստիանին: Պատկերը կը բռնանար: Քալեցին սակայն: Օր մը առջի անձրեւէն կակուղցած հողին վրայ անոր ոտքերը կը հաստատէին քաղցր համեր, անփոխարինելի գգուանքը հայրենի հողին, մոռցնելու չափ արտակարգ պրկումը, որով լարուած էին իր ջիղերը, դէպի վտանգը, դէպի կինը իր արեւելումին մէջ, խենթեցած ու կոյր: Ու միւս կէ՜սը անոր հոգիին կը վերադառնար իրեն, անվերադարձ մեկնող բաներու այն կսկիծովը, որուն ձգողութիւնը, տառապագին ու անհուն կարօտով, ան զգացեր էր չորս պատին մէջ թխմուելէն ասդին: -- Հեղ մը քալելու ոտքերուդ բոլոր կարկինները լարած, ուզածիդ չափ յառաջանալով. [72] մանկունակ ըղձաւորութի՜ւնը, որ կը չարչարէ անկողինին կապուած հիւանդը կամ գառագեղուած երիտասարդը: Կ՚անցնէին պարտէզէ պարտէզ: Ու իւրաքանչիւրին հետ անոր մտքին կ՚այցելէր տանուտէրը, լաւ կամ վատ, քովէն կինը, նոյնպէս իբր իմացական յօրինուածք, ելած ա՛լ իր պատեանէն, ու սաւառնող` միջոցին մէջ մեղքի ու վարձքի իբր խորհրդանիշ, ու անոր հարսը, այս անգամ ֆիզիքական իսկութիւն, ու աղջիկը` իբր շօշափելի փափկութիւն, որոնք չէին սեղմուեր անոր ուղեղին ներքեւ ու կ՚իջնային վար, խառնուելու անոր զգացական կեդրոններուն: Սողոմը չէր հարցներ ուղղութիւն: Կ՚ունենանք ասանկ սուզումներ, որոնց ընթացքին ներքին կեանքը մեզ կը բռնավարէ: Կը վախնանք` բայց չենք ուզեր ազատուիլ այդ գերութենէն: …Կը սրբուէին պատկերները, յօրինումին արագութեամբը: Մեկնողներ, լոյս, օդ, թուրք, կիներ ու աղջիկներ…: Զինքը հրեցին կրկին խցիկը: Ծերունին, պաշտօնի բերում, ընդունած էր չկամ ու խոժոռ: Թուրքին է՛ն անարժէք կտորն անգամ իմաստի կ՚ելլէ երբ մօտիկը գայ կեավուր ին: Չէր խօսած Սողոմին, բայց չէր ալ կրցած դիւրաւ դատել նայուածքը սա անհաւատին կտորէն, որ խառնած էր, գեղացին էր հաստատողը, ծառայի իր մարմինը հաճի Արթինին իշխանական մահիճին եւ ուշադրութեան էր ելած սեռին ու երգին կրկնակ խռովքովը: Լալու չափ յուզուած` մտիկ էր ըրած անոր սիրային շարքի ները [73]: Չէր հրամցուցած սիկար, աննշան տուրք մը, որով առնելիքուոր կը դարձնէր ինքզինքը խցիկը ինկող ամէն թշուառականէ եւ չէր մոռնար պահանջը` եօթը պորտէն գանձելու:

 

Յամառ` զննած էր զինքը մազերէն մինչեւ եղունգները: Սողոմենց Սողոմը մատաղատի էր շատ, հասկնալ կարենալու համար, թէ ինչպէս կէս դարու գործածութենէ մը ետք, մարդոց է՛ն հիմնական զգայարանքները կը պարտուին ժանգէն, բայց դիւրաւ չեն մեռնիր: Թէ` ծերութիւնը, երբ խօթութիւն չէ, անհուն ըղձաւորում մըն է դէպի սեռը, դէպի զայն յիշեցնող, դէպի ան տանող բոլոր բաները: Եօթանասունամեայ պահապանը դեռ անմասն չէր կոծկոծուն ու գէջ այն խռովքէն, որով կը խոնաւնան զգաստարաններուն բոլոր նկուղները: Բանտը մարդկային կենդանին կը վանդակէ` անոր ամէնէն տենդավառ տարիքին: Ու այդպէս զգետնուած անասունէն սեռը իբր տեսանելի գոլ մը կը հոսի դուրս: Ժանգոտ ու անողոք վանդակը, որ կը գառագեղէ մեղաւորներու այս խոռոչը, մշտապէս բաց կը պահէր անոր ռունգերը: Իր հասունութեան տարիներուն անիկա ապրած էր չորս կնիկներով, երկուքը պաշտօնապէս նիքեահ ով, երկուքն ալ խարճ: Ու հասկնալի էր իր տկարութիւնը ներսի արարածներուն հանդէպ: Անիկա կը տեսնէր պառկողը, զոր մեղքին շուքը կը խորանարդէր, [74] իբր պատահական ծերութիւն մը [75], անշուշտ սրբագրելի ու ատով տանելի: Շարժումի եւ գործողութեան պակասը, որ մարդոց մարմինները, թմրումի տրուած գաղջութեանց ու թմբիրի կը տանի ու, մա՛նաւանդ` երիտասարդութեան ու առնութեան հզօր սիւնը, որ առտուները բանտարկեալներուն մէջքը կսկծագին ու խոշտանգուն զարկի մը կը վերածէ --բանտը սեռին լիութեան, ազատութեան հագցուած ամէնէն անարգ ու վրդովիչ բռնաշապիկն է-- յիշատակը, որ մեր թարթիչները կը հիւսէ կարծես իր գաղփաղփուն մարմինին օրան մը ճարելու հոգով, կարօ՛տը, որ մեր ներսէն պուտիկ-պուտիկ կը բարձրանայ հսկայ հրդեհի մը պէս քալելու համար մեր մարմինին բոլոր մարզերէն ու հոգիին բոլոր բջիջներէն, - ասոնք բոլորը մէկ սեռային պատահարը կը տանին կրկնակի խորութեան, խելացնոր, նուաղուն, անպարագրելի բանաստեղծութեան: Թող եղանակ մը, աղիքի կտորէ մը կամ կէս-կոտոր սրինգէ մը, նոյնիսկ քիչ մը թաց խռչակէ մը դողդողայ այդ թմբիրին վրայ, ու մարդոց բոլոր ոսկորները պիտի կոտտան: Ու անոնց աչքերը պիտի շղթայուին, ներքին պատկերը անհոս [76] բռնելու համար: Աս է պատճառը գուցէ, որ սեռային հեղեղատէն բանտ քշուած ամէն տղայ յայտնի համակրութիւնը կը վայելէ [77] իր ընկերներուն ու, աւելի՛ն, [78] կարգը պաշտպանելու պաշտօն ունեցողներուն: Այս զիջումը տկարութեան կը փոխուի ալ անոնց մօտ, որոնք նուազ տարւօք, քանի մը կին կապած են իրենց անկողինին, ժամը իննին կու գան իրենց դիւանը չորս-հինգ գրիչ խաղցնելու, մտիկ կ՚ընեն օրուան նորութիւնը, աչք մը նետելու նոյն ատեն օրաթերթին, կը խմեն իրենց սուրճը եւ կ՚աճապարեն դառնալ տուն, իրենց կիներուն: Կառավարութեան պաշտօնեաները երբ հալածանք չունին հայուն դէմ, կը խօսեցնեն տարեցները ու դուք գիտէք, թէ ո՛ր մարզերէն: Բայց ոչինչ սրտառուչ է այնքան, որքան բամպակ մօրուքով ծերերուն խուլ, անդիմադրելի հակումը դէպի խորհրդաւոր զօրութիւնները մեր սքողուած նահանգներուն: Անոնք պիտի սրբեն իրենց ականջներուն քիչ մը գուլ ճամբաները, աւելի խոր առնելու համար հեշտութիւնը բառերուն, երբ ասոնք կիներուն համը, աղը, պղպեղը, կրակն ու զգլխանքը կը փոխադրեն դէպի հեռուները մեր ջիղերու լիճերուն: Անոնք են, բանտապահ կամ ինքնատիպ շնծեր [79], տարիներով պապակուն, որ պատմումի պիտի ձգեն կիները, ստիպելով ոճրագործները խօսիլ անոնցմէ: Ու խօսիլ իրենց ուզածին պէս: Պիտի պահանջեն նոյնիսկ մարմինի կտորներ, խոշոր ալ, փոքր ալ, կնոջ մը աս ու ան մասերէն ու թուքերնին կուլ տալով պիտի խփեն իրենց կոպերը, երբ պատմողը --շղթայուած կամ ոչ--  գալարէ իր բազուկները, հիւսէ մատները իրարու, այսպէս կազմուած կիսաջիղը անցընէ ծոծրակին ու հրէ գլուխը ողնայարն ի վար, օձի մը մարմինին պէս առաձիգ ընելով մէջքին սիւնը ու հոսէ սարսուռը մինչեւ իսկ ոտքին մատներէն, թօթուըւող ձիու մը նման աջ ու ձախ ծուփ տալով…: Շնագայլերու մռայլ աղաղակ մը հեռուներէն սթափեցուց Սողոմենց տղան: Խաղողի օրեր էին ու կթուած այգիներու մէջ գազաններուն այդ ողբը չարագուշակ բան մը կ՚անցընէր մութին երակներէն: Երկու քալողները ելած էին դուրս, գեղին պարունակէն: Ճամբա՛ն, յիմար ու անհամ, զոր ատեր էր անիկա, խելքը հասնելէն ասդին: Ամէն տղայ ունի այս յամառ ու անսրբագրելի խորշանքը կամ համակրութիւնը գեղին աս ու ան կէտերէն: Ճամբաները ասոնցմէ առաջինները եղան: Անշուշտ` այսպէս տպաւորուելու սկզբնական պատճառը կը թաղուի անգիտակից մշուշի մը խորը ու հաճոյքի կամ տհաճութեան սլաքը մոռցած է պատահարը հիմա, երբ ա՛լ բիւրեղացումը կատարուած է: Գուցէ խորունկ ցաւ մը, մեծ նուաստացում մը, աղուոր ու անմոռանալի նայուածք մը, զարթօնք մը կը պայմանաւորեն զգալու այս կերպը: Սողոմը կ՚ատէր զայն, տղայ օրերուն մեծ օձէ մը հալածուած ըլլալուն յիշատակովը: Կը կարծէր այդպէս, առանց գիտնալու բուն զսպանակը խորշանքին: Ճամբան կը դիմէր գեղ, վերէն, կտրելով գերեզմանին փէշերը, հասնելու համար Սողոմենց տունը: Ու գերեզմանը, յաճախ զուարթ խաղավայր մանուկներու, երբեմն հզօրապէս շաղկապուած է աղէտով, որ յանգած է անոր պարիսպներուն: Կան տղաք, որ իրենց հօրը կամ մօրը մահուան պատասխանատուն կը նկատեն գերեզմանը ու այդպէս ալ կը մնան, դեռ մեծնալէն ետքը: Քանի մը ծանօթ կեռասենիներ: Շատ գեղանի տանձենի մը, որ քանի մը տարուան մէջ շտկեր էր ինքզինքը, տունին աղջկան նման, այս տարի հարսնցու ու աղուոր: Շագանակենին Անթիքա Անդանիկին, կարճ բառով` Փորսուխ Անդուկին, որ ամբողջ գեղին այպն ու հեգնութիւնը ոտքին տրուած, եօթանասունհինգ տարիքին չէր խպնած կրկին կարգուելու, թոռանը տեղ անցնող աղքատիկ որբուհի մը անկողինին կապելով: Մութին մէջ, հարուստ ու մարդամօտ ծառը, կը կենար խրոխտ ու բարի, տիրոջը նման ու անհասկնալի` ինչպէս է ճամբան, որ ուղեղէն կը սկսի, կը սուզուի ողնայարին կամարուղին ու կ՚աղբերանայ, առանց հաշիւ տալու, մեր նկատումներուն կամ շահերուն: Ու Սողոմին միտքը կը տեսնէր դեռ առոյգ ծերունին, փորը խոշորկեկ, գունատ երեսներով, ահագին կաս-կարմիր քիթ մը դրած օղիէն կապուտցած իր այտոսկրներուն մէջտեղը, շիփ-շիտակ` իր կրունկներն ի վեր` ծոծրակին վրայ մորթին հազիւ քանի մը ծալքով: Ան կը հասկնար Անդուկը, Անդուկները, որոնք կը քալէին հիմա իր մէջէն: Կայծակի պէս լոյս մը զարկաւ անոր ուղեղին: Բացուած էր անդունդը, ուր կը վազէր անիկա: Տասը գեղ, հարիւր հարիւրապետ պիտի չբաւէին զինքը կեցնելու այդ ճամբուն…: Ու Սողոմին միտքը կը տեսնէր միւս ծերունին, ծունկի, գզիաթին [80] վրայ, մորթը դեղին, ծուխի բռնուած բամպակի գոյնով, մէջքը բռնելու համար տքալով, բայց լեզուին ծայրով եղելով շրթները, երբ արգանդի պատմութեան մը փոշիները, շամանդաղները իյնային բանտին վանդակէն դէպի խցիկը: Կեա՜նքը` նո՛յն, ամէն տեղ: Ու անիկա տեսաւ ինքզինքը, ուրիշներէն զատուած ու դրուած անոր խցիկին:

Իր լռութիւնը, որ զայրացուցած էր [81]: Բանտապետը անգիր դիւանը կը նկատէր ինքզինքը սեռային հարցով գառագեղ ինկած բոլոր պատժապարտներուն: Անիկա, տարիներէ ի վեր, սովորութիւն ունէր, պատիժը քաւելէ յետոյ, աշխարհին դարձողները խօսեցնել, լիակատար պատմումով: Քոմիթաճի ներու գործէն դուրս ուրիշ ալ պատճառով բանտարկուած Սողոմը, գեղացիներուն շատախօսութեամբը սեռային հերոսի վերածուած, տալիք համար ունէր ու չտուաւ: Հանդուրժեց ծերուկին հայհոյութիւնները, հանդարտ, գրեթէ ապազգայ: Մնաց լուռ անոր սպառնալիքին դիմաց, որ չոր բառ կրնար չըլլալ: Ամէն հայ, ամէն րոպէ, ենթակայ է այդ երկրին մէջ, որեւէ աղէտի: Սիրտը կճրտեց մէջէն, երբ ոստիկանները կանչեցին զինքը դուրս: Կը տանէին ետ: Հանեցին դուրս բանտին սահմաններէն: Սուինաւոր, չորս ժանտարմա կը քալէին, զինքը մէջտեղ առած: Տարածութի՛ւնը, լքուած կալ մը աղիւս գործելու: Ծայրին` տեսակ մը ախոռ, բոլորովին բացը, գետակին ափին, ուր ջուրը հնօրեայ ժայռի մը կռնակը կը ծեծէ աղմուկով ու անվերջ: Ներսը, ցեխէ ծեփ, բայց շատ հաստ պատեր: Ջրաղացի մնացո՞րդ, թէ ճինիվիզ ներու [82] օրերէն շինուած անհասկնալի բան մը: Հիմերը` քար սակայն: Դուռնէն զատ, լոյսի համար աննշան փորուածքներ, տանիքին [83] շատ մօտիկ, որոնց բերնին` թխմուած սակառները կը սպաննէին ինքնին վախկոտ ու նիհար լոյսն ալ: Ի՞նչ է, որ աւերակներն անգամ զարհուրելի կ՚ընէ թուրք` գեղերու սահմանին: Սեմէն մտնողը կը համակուէր անբացատրելի անդոհէ մը, ա՛յն երակէն, որով շաղկապուած կը մնան [84] մեր մէջ մահը, կարգ մը տեղեր, կարգ մը մարդեր: Թուրքերը շատ ունին անոնցմէ: Բանտին մէջ յաճախ կը խօսուէր այս ին ին [85] վրայ, ուր կը տարուէին բոլոր անոնք, որոնք ծեծի տակ ճշմարտութիւններ ունէին յայտնելու: Սողոմը հոն ընդունեց վճռական հրամանը, որով կ՚արգիլուէր իրեն ոտք կոխելու Նալպանտենց Սերոբէ էֆէնտիին տունը: Հարիւրապետն էր այս զեկոյցին հեղինակը, ուրիշ չորս ոստիկաններու սուինաշեշտ ներկայութեան: Լիրբ, հեգնող աչքի մութ շարժումներով, չըսելով հիմնականը իր մտածումին, բայց գուշակել տալով սպառնալիքէն անդին թելադրուածը` անիկա կը խօսէր իր ցեղին ատելութեամբը: Թուրքերը այլեւս ներարկուած էին անպարագիծ այն թոյնով, որ տկարներու վրայ փորձուելու իր ապահով, ապավնաս հանգամանքովը առաքինութեան, ցեղային զգայութեան կը վերածուի: Անսաստումի մը պարագային --Աստուած հեռուն ընէր նման ոճիր մը-- ան երդում ըրաւ Մարգարէին սուրբ անունովը, ծեծի տակ ցեխի վերածել անոր միսերը --օրինակը կ՚առնէր աղիւսարանէն--  ու փոշի` ոսկորները: Գանամահ, խեղդամահ, հրամահ, միշտ նոյնն էր եկող պատկերը երեք երեսներուն ալ տակը: Արդարութեան ու ապահովութեան պաշտօնակալը կենդանի գոյներ, հաստ ու աղտոտ պատկերներ ունէր իր բառերը լուսաւորող: Հակառակ տարազին, որ արդիացած էր Արեւմուտքէն գիծերու ընդօրինակումով, խորքէն սա պաշտօնեան [86] կը մնար աւելի քան թուրք: Յետոյ, զայրագնումի րոպէի մը, ան արտասանեց նաեւ մահուան ալ վճիռը, որ իր շրթունքին բարիքը կը կազմէր սա պահուն: Ո՞վ կ՚արգիլէր սա մարդերը սպաննելէ սա կեավուր ին կտորը: Բայց թուրքերը խի՜ղճ ունէին: Չըրաւ ատիկա հարիւրապետը, վասնզի փափուկ էր սիրտը: Տղուն հպարտ, անզգած լռութիւնը --Նալպանտենց տունին վերյիշումը զայն նետեր էր ծոցը երազին--, թէ ուրիշ պատրուակ մը զայրացուց այդ փափկութիւնը, թուրք սիրտը, որ ծեծը հրամայեց նշանացի: Բարուրանք անշուշտ այս ցուցամոլ զայրոյթը, քանի որ հրահանգի մը համար սա չարագուշակ ծակին ընտրութիւնն իսկ փաստ էր կանխամտած գործողութեան մը: Հարիւրապետը իր խոստումը կը կատարէր Նալպանտենց Սերոբին: Այն ատեն ծեծեցին տղան: Փոյթ իսկ չունեցան կապելու, գետին տապալելու, թերեւս հաւանական ընդդիմութիւն մը վերջնական պատուհասելու խուլ ծրագրով մը: Մաուզէրներուն բուները կատարեցին համազարկը: Ինկաւ անիկա վար, կողէն կոտրուած: Նուաղում ու լռութիւն: Կղպուած էին ակռաները: Դադար: Ժանտարմաները պատիհոնին սպասող դոյլերը առին ու բերին գետակէն ջուր: Թափեցին վրան: Պաղ այդ զգայութեան տակ բացուեցան Սողոմին աչքերը: Սկսաւ համազարկը: Արիւն` քիթէն ու բերնէն: Դադար: Հարիւրապետը մտրակը տարաւ բերնին: Վերջ գտած էր ծեծը: Անիկա հեռացաւ, կիսաժպիտ ու հպարտ: Ըսեր են, որ սիրտերը նոյնը կ՚ըլլան տարիքէ տարիք: Գուցէ: Ըսեր են, որ շատ ալ չեն տարբերիր անոնք ցեղէ ցեղ: Գուցէ: Բայց չեն ըսեր, որչափ գիտեմ, որ նոյն ըլլան մարմինները տեղէ տեղ ու պահէ պահ: Ամբողջ հինգ դար մեր ժողովուրդը կրեց այդ մարձումը իր մարմինին վրայ: Սողոմին ըրածէն տարբեր ընելու համար ուրիշ զոհողութիւններ դեռ չէր աչք առած: Ոչ մէկ ատեն, միւս կողմէն, թուրքն ալ այնքան հերոս, զգլխուած, ներքին հուրքով գեղեցիկ է եղած, որքան այն ատեն, երբ շղթայուա ծ մը, գերի մը, կին մը, մանուկ մը կը ծեծէ: Ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան սեռն [87], միապաղաղ հաճոյքով կը հաղորդուի այն յուզումին, որքան թուրքը, երբ իր առջին կեավուր ները կարգաւ ծեծի կը քաշուին: Հոս, գերազանց է իր վայելչութիւնը, դիւրին եւ ընտանի, որքան չէ գուցէ մորթելու ատեն, ուր հաստութիւն, թափուած արիւնէն առաջացած անասնութիւն, աւելի տգեղ բան մը` վաւաշը, ատկէ աւելի տգեղ` սերմը կը միջամտեն ու կ՚եղծեն պատահարին սկզբնական, հատու գեղեցկութիւնը: Այս պատմութեան ընթացքին մեզի պիտի տրուի ծանրանալ թուրքին այս առաքինութեան վրայ: Կ՚ըսեմ ասիկա առանց յետին մտքի: Հարիւրապետին հեռացումէն յետոյ ոստիկանները պահ մը վարանեցան: Չէին գիտեր իրենց ընելիքը: Մէկը վազեց, հարցուց, դարձաւ: Դուրս ձգեցին տղան, մէջքէն վերցուցած, վախնալով` որ իրենց ձեռքը կը մնար թեւը կամ սրունքը: Կղպեցին աղիւսարանին դուռը ու գոհունակ հազով մը բացուեցան, ամէն մէկը մէյ-մէկ ուղղութեամբ մը: …Բացաւ անիկա աչքերը: Ոսկորները, կոտտացող զանգակի մը նման, ամէն կողմէ կը ճուային իրենք իրենց: Ցաւ չէր ասիկա, այլ` տեսակ մը այրուցք, որ ալիք-ալիք կը բարձրանար խորերէն: Կ՚ուղղուէր դէպի սիրտը ու կը դառնար ետ, թափուելու տեղ չգտնող հոսանքի մը նման: Շարժո՞ւմ, - անհնար: - Վասնզի խաղերը դադրած էին գործելէ: Սպասեց: Բայց ի՞նչ [88] բանի: Աչքերուն մէջ աւազի զգայութիւնը մեղմացաւ քիչ մը: Օդին զովութիւնն էր, որ կ՚անցնէր անոր երակին [89] մէջէն: Յետոյ գտաւ, որ միսերը ոսկորներուն փակցուած բացէն կտորներու կը նմանէին, որոնք կ՚այրէին զինքը: Դադրած էր արիւնը: Բայց մարմինին շատ մասերուն վրայ անոր հետքերը կը չորնային: Ջուրը դալկացուցած էր անոր այտերը, որոնք կորսուած արիւնին չափը կը պատմէին: Ոչ մէկ շշունջ: Բայց դէմն էր խճուղին, որ արտերուն մէջէն կը կորանար դէպի զառիթափի հայ գեղերը: Տուներ, այդ գեղերը, այդքան հեռուէն, գամուած բլրակողերուն, խորտուբորտ ու դժբախտ: Չանցաւ անոր մտքէն կեանքը, որ այդ գորշ կամ ճերմակ նշաններուն տակը լարուած էր, ով գիտէ ո՜ր աղէտին համար: Յետոյ մտիկ ըրաւ: Գետակին բերանը, որ ատեն-ատեն ոլորուտ բան մը կը դառնար: Յիշեց եղէգները, որոնք անոր ընթացքը կը համազգեստեն մինչեւ լիճ: Գիւղաքաղաքէն ծոյլ հաջոցներ չեղող շուներու: Արե՛ւ: Բաց կապուտութիւններ: Ճնճղուկ մը` աղիւսարանին կտուրին, թեթեւ ու սիրաւէտ, համբուրելով իր իսկ կուրծքը: Ճնշում, սրտին, որ նեղ կու գար: Աւանակի մը տոտիկները, որոնք հին սալարկներու կռնակը կը զննեն այնքան դժբախտ ուշադրութեամբ մը, չսահելու համար ահագին սալերէն: Որքա՞ն` այս կիսանո՛ւրջը, ուր ցաւին շոգին եւ իրականութեան խաբուսիկ զգայութիւնները կը լուծուէին իրարու մէջ: Ոչ մէկ յուշք գեղէն: Տեսաւ միայն Նալպանտենց Սերոբը, որ ստուերայնոտ գոյութեամբ մը կը շարժէր թեւերը հարիւրապետին: Չեկաւ անոր կինը: Չեկան մայրն ու մօտինները: Ուրուացաւ հայրը, բարի, յուսալից, սրտապնդող: Կիսերեւոյթը ցնցեց զինքը: Իրականին մէջ ճամբան էր, որ կը թօթուըւէր: Հաստ ոտնաձայն: Երկաթ անիւներուն աղմուկը: Փորձեց վերցնել գլուխը ու կրցաւ: Կը զարմանար մինչեւ հիմա ատոր չխորհելուն: Անցնողն էր աղբի կառք մը, դէպի գետակ, պարպելու համար թուրքերուն մաքրութիւնը, ջուրին: Թշուառական, ամբողջովին գարշութիւն ու աղտ թաթար մը կը քշէր սայլը: Տեսաւ զինքը, հայհոյեց, քիթը բռնեց` խնայելու համար ռունգերուն, ու ասոնց ճամբով` հոգուն անսուրբ այն բանը, որ կեավուր ն է, զանգուածին թանձր գիտակցութեան մէջ այսպէս ծիրանաւոր: Արհամարհանքը հասարակաց շաղախն է, որ եպարքոսն ու դաշտի քոսոտ հովիւը իրարու կը կապէ: Թուրքերուն այդ իրաւունքը չէ, որ կը զլանամ: Ատիկա յաղթանակին նուէրն է իրենց: Կը զարմանամ միայն, որ ատիկա կ՚ուզեն ուրանալ ու մեր գլխուն գուրգուրոտ հայրեր դառնալ: Անցաւ աղբակառքը: Ու անցաւ երկու ոտքի վերածուած միւս աղբն ալ: Աշխատեցաւ շտկել մէջքը: Ամէն մէկ ոսկոր իր միսերուն մէջ գծեց ծուռումուռ շարժումներ: Փռուեցաւ կրկին, լքելով, իր մարմինը, որ առաւ իր ուզած ձեւը…: Բախտը այնպէս կարգադրեց, որ հարիւրապետին հոմանուհին թափառի այդ կողմերը, իր սպասուհիներէն տեղեակ կենալով սիրականին այդ մարզերը ուղղուած ըլլալուն: Տեսաւ հայուն կտորը: Առանց գութի, բայց առանց ատելութեան, հրաման ըրաւ թաթարին, որ ետ դառնայ: Կառքը պարպուած էր արդէն: Բարեպաշտ թաթարը շալկեց ու նետեց աղբի կառքին կեավուր ը, հրաման ունենալով գազայ ին հարաւային սահմանները քշել զայն: Խճուղին հոդկէ կը բաժնուէր դէպի հայ գեղերը: Դարը այն դարն էր, երբ հայ ծեծելը կրկին բարքերու մաս կը կազմէր: Մանկամարդ կինը երբեք չմտածեց պատճառին: Յանցանք ալ չփնտռեց: [90] Թուրքերը իրենց տան ծառաները ծեծելու համար փնտռա՞ծ ունէին: Ոչ ոք կը հետաքրքրուէր ծեծի տակ ինկողին ճակատագրովը: Քանի՜-քանի՜ հեղ բանտերուն մէջ տղաք ա՛լ չբացին աչքերնին ու թաղուեցան, բժշկական օրինաւոր տեղեկագրով, որ ծեծին տեղ աւուր պատշաճի հիւանդութիւն մը կը փակցնէր մեռնողին անցագրին: Բռնապետութիւնը քաղաքներուն մէջ զգուշութիւն կը կեղծէր, հալածանքը կը գունաւորուէր պաշտօնական մեծանձնութեամբը, գեղերը կը լքէր թուրքերուն քմայքին, լրբութեան, գութին: Անշուշտ ընդարձակ կայսրութեան մէջ մարզէ մարզ այդ հալածանքը պիտի առնէր նաեւ կնիքը տեղական պայմաններուն: Ու ձգտումը կը հպատակէր թերթերու շունչին: Քաղաքականութիւնը թուրքին է՛ն զգայուն հոգեվիճակն է: Անցեալին ծանր ճնշումը, կիսավայրի ու դեռ իր պարունակին չիջած ջիղերու դրութիւն մը: Արիւնին հանդէպ մշտագրգիռ աչք ու հոգի այդ ժողովուրդը կը զատեն Արեւմուտքի ռամկապետութիւններէն: Կիրքը, ծայրայեղութիւնը, ոճիրը դիւրավառ հրթիռներու նման կը պտտին անոնց հետ: Ես տեսայ այդ ժողովուրդին ուրիշ հատուածները, չէզոքացուած պետական այս շիկացումէն: Խոնարհ, անկնիք, դեռ հողէն չզատուող, իրենց բարեշրջումին առաջին օղակն իսկ չաւարտող հօտ մըն էր անիկա, որ իր տունին մէջ կը գործադրէր միայն իր բնազդներուն պատգամները ու անվնաս էր օտարին: Ով որ հայ է եղած բռնապետութեան օրերուն, ու այդպէս, Սողոմին նման մահացու ծեծէ մը ետքը, ինկած գեղանի կնոջ մը աչքին, պիտի կրնայ յիշել, թէ մետաքսներուն տակ մարդիկ երբեմն սիրտ կրնան կրել: Մնաց որ, այրերուն մէջ հզօր զգացում մը ինքն իր ուժէն կը յոգնի մինչեւ կիներուն սիրտը: Երկու հայ, մսավաճառ, հիւսն, պայտար, բժիշկ, բրուտ, --կը տեսնէք առատութիւնը շնորհներուն: Ասոնցմէ մէկին իսկ փշուրը բաւ էր, որպէսզի թուրք մը յղփանայ ու եղին-մեղրին մէջ պահէ իր տունը, առանց հողին բարիքին: Այդ բոլորը մէկ ցամաք հաց մը անգամ անկարող էին հայթայթելու մերիններուն, որոնք լիճին հիւսիսի գեղերուն մէջ մորթ հաւաքելէ կը դառնային, բեռնաւոր սայլ մը քշելէն, -- [91] վերցուցին Սողոմին մարմինը: Յաճախակի պատահմունք էր ասիկա թուրք գեղերու սահմաններուն վրայ: Պարտաւոր էին այդպէս վարուելու, ազատելու համար ձրի ամբաստանութենէն, որուն համեմատ ինկած մարդու մը քովէն անցնող առաջին հայը հեղինակը կը համարուէր ոճիրին: Շաբաթ չէր անցներ որ, յապաղած, քիչիկ մը մութին մնացած ոեւէ ճամբորդ չենթարկուէր սպաննող այս ծեծին: Գեղէ գեղ այս ատելութիւնը թուրքերուն մէջ կը մշակուէր գուցէ օրանէն, որուն վրայ մայրերը դանակներ կը փայլեցնէին պզտիկին բազուկներուն աղեղին: Ես լսեր եմ այդ երգերը ու կեանքիս առաջին ծեծը առած այդ զգայնութենէն: …Փաթթեցին զայն ոչխարի մը մորթին: Տղուն տարազը կը պատմէր գեղէն: Անցան անոնք լիճին արեւմտեան ծիրը, ճախինները, մտածկոտ, անհանգիստ ու խորապէս հա՜յ: Երկու ժամ յետոյ իրենց սայլը հասած էր հայ գեղին սահմանները: Հանգիստը, մորթին բուժիչ յատկութիւնը, գուցէ հայրենի հողերուն խուլ ձգողութիւնը բացին Սողոմին աչքերը: Հազիւ քանի մը բա՛ռ, այնքան վարժ էին սայլորդները այս տեսարաններուն: Հասան անոնք Սողոմին ընկերներուն Յղի-սօսիին տակ, որով կը սկսի հայկական դաշտավայրը: Անոնք յանձնեցին սթափած երիտասարդը գեղացիներուն ու շարունակեցին իրենց ուղղութիւնը դէպի լիճին միւս գեղերը, փոքր-փոքր, բոլորն ալ թուրք: Ու տեղն էր զարմանալու սա մարդոց կորովին, սիրտին: Տասը քայլ անդին, թուրքերու մարզին մէջ, տասը անարգ բազուկներ կրնային դնել զիրենք ալ Սողոմին վիճակին…: Բայց, պէտք էր քալել, քշել, մորթ հաւաքելու, սուղ-աժան ծախելու, թագաւորին տուրքը տալու եւ տղոց բերանն ալ քանի մը փշրանք բան հասցնելու համար: Անոնց սայլին ճռինչը մարեցաւ ձիթաստաններուն մութին մէջ: Ընկերները շրջապատեցին դժուար ոտք փոխտող [92] տղան: Հարցուցին ու լռեցին: Արիւնի հետքերը մատնող էին: Հասկցան ծեծը: Բայց ոչ` պատճառը: Անիկա լռած էր արիւնին, ոտքին կաղալուն, ուշանալուն ու բոլոր հարցումներուն դէմ…: Մերժած` բառ ու սիկար:

 

Քալած էին ու բաւական: Գերեզմանի փէշին Ուստիանը դպաւ կամացուկ անոր ուսին: Տուները տեսանելի էին իրենց մութէն այլայլուն կմախքներովը: Ու խօսելիք ունէր շատզրուց, [93] գաղտնիքէն ցեցի պէս կրծուած պահապանը: Կեցան: Ծանօթ քարն էր Մամուկենց պարտէզին, հանգստատեղը գերեզման գացող ծերերուն: Հոն, պողոտայէն կը բաժնուի փոքր, յարդարուն զառիվեր մը, քանի մը հարիւր քայլ երկայնքով: Դասական ու գեղին մէջ հռչակաւոր ելքն է ատիկա, զոր ամէն տղայ սանկ հեղ մը կը չափէ աչքով, չափելով նոյն ատեն իր օրերուն անստոյգ կտաւը: Ամէն գեղացի պիտի ընէ այդ ելքը, ուրիշներու ոտքովը, երթալու համար վերջնական հանգիստին:

 

Մօտի տուներէն լացի կտորներ ու ձայնի մեծ շերտեր, իրարու խառնուած` կը հասնէին անոնց ականջին: Յոգնութիւնը, յուզումը փլած էին երիտասարդը, ծերի մը պէս, ծերերու քարին: Պահակը քաշեց զայն թեւէն: Բռնեցին զառիվերը: Կը հետեւէր Ուստիանին, ընելիք չունեցող մարդոց նման: Գերեզմանին պարիսպը, աղօտ իր ճերմակովը կը բանար քիչ մը մութին փէշերը: Ելքը տեղի ունեցաւ առանց բառի: Գերեզմաններէ զգացուած յիմար սարսափը չարթնցաւ տղուն մէջ: Բայց յիշեց օրը, երբ տարեր էին իր հայրը, մօրը խենթեցած ճիչերուն մէջէն: Յանկարծ սիրտը փղձկում ունեցաւ: Մահուան ու սիրոյ պատկերները զուգորդ են իրարու, բայց իրենց կորագիծը չի հասնիր մեր զննութեան ու փաստումին: Մահուան ու զրկանքին, անիրաւութեան ու ծեծին ալ գիծերը կը քալեն մեզի անծանօթ ակօսներէ: Անոր հոգին մուրճին տակն էր օրուան ստորնութեան: Կեցան դրան առջեւ, որուն մէկ փեղկը այրեր էին, խորհրդաւոր պարագաներու տակ, անծանօթ ասպատակներ: Դրան սեմին նստան անոնք:

 

Սողոմը պարտաւորուեցաւ կռնակն ալ գործածելու, նստիլ կարենալու համար: Քովնտի, անոր կիսադէմքը կը նայէր մեռելներուն ու անոնց քար մարմիններուն: Լուսնկան, նոր ելած, կապոյտի զարնող շամանդաղ մը կը ցրուէր մահուան դաշտին, անոր վէտերուն, մարմարներուն, որոնք իրենց ցերեկեայ անզգածութենէն ելած, շարժումի կը մտնէին ու շշուկի մօտ բանով մը թրթռուն, կը հեռանային, նորէն կու գային, կ՚երկննային ու մարդկեղէն զգայութիւններ կը թելադրէին: Ծառե՛ր, մեծ ու ահաւոր գլուխներու նման` կախուած միջոցն ի վար, իրենց պարոյրին համառօտուած կաղապարովը: Թուփե՛ր, պզտիկ, հողին մխուած սիրտերու նման` վերբերելով սիրտերը վարիններուն: Ու սօսափ: Ու փղձկում: Մեր սիրտը կը փլի, երբեմն առանց պատճառի: Լացող չկար սակայն: Վարէն, գեղին խորերէն, գինովի երգեր: Կցկտուր զուռնա մը կը խօսէր կցկտուր բերկրանքէն, զոր գեղացին կը շինէ, ամէն զրկանքէ ետք, սխտորը ծեծելով ու սոխը կոտրելով:

 

Ուստիանը մէջէքէն հանեց բան մը, կծիկ մըն էր, ճերմակ: Դրաւ Սողոմին ծունկին:

 

-- Ի՞նչ է աս:

 

-- Քուկդ է:

 

-- Ի՞նչ է:

 

Պահակը առաւ կծիկը ծունկէն, քակեց, շրջեց յատակէն: Պարունակութիւնը յորդեցաւ անոր ափէն: Մէկ քանի արծաթ ինկան գետին: Մետաղին ձայնը, գրեթէ մարդկային, ցրուեցաւ դէպի մեռելները: Սողոմը չէ՞ր հասկնար:

 

Ուստիանը համրեց հատիկ-հատիկ մէճիտները: Յետոյ դրաւ կրկին տոպրակին մէջ, ամրացուց կապը անոր ականջէն ու խզկեց Սողոմին մէջքը: Մարդոց մատներուն տակ դրամին` ինչպէս կնոջ միսերը իրարու կը նմանին քիչ մը: Հպարտութիւն եւ ուժ կու գայ մեզի: Գալ տարուան վաստակն իսկ հիմակուընէ սպառած պահակին համար վայելք էր սա խաղը դրամին` ինչպէս վայելք էր եղած, անճառելի ու իրաւ, միւս պատկերը, - Աղուորին մարմինին սահիլը իր առջեւէն, ան ալ արծաթին պէս յստակ ու խենթեցնող: Յետոյ, մեծահարուստ, գողտր, կարեկցուն, իբր թէ ըլլար մուրատատուր սուրբ մը, աւելցուց.

 

-- Տարեկանդ է:

 

Գորովոտ էր ձայնը ու առանց նախանձի դոյզն փշուրի:

 

-- Աստղդ բաց է, հէ՜յ տղայ:

 

Հարազատ իր մտածումն էր, որ մարմին կ՚ըլլար այս բառերով: Պահակին համար Աղուորին ծոցը աշխարհքին արքայութիւնը կ՚արժէր:

 

Սողոմին մտքին մէջ մէճիտներուն սա ձայնը պատճառ եղաւ խորունկ տագնապի: Անիկա նորէն տեսած էր աղիւսարանը, ժանտարմաները, հարիւրապետը, Նալպանտենց Սերոբը: Ու պղտոր պարապութիւն մը, երբ մենք տէրը չենք տակաւին մեր հիմնական զգայութեան: Դեռ այս մտքին մէջ հնչած ան միւս զանգակը, լուռ, ահաւոր թակաղը կիրքին, որ կը չափէ ինքզինքը մեր սիրտին տունէն բարձրացող միսէ սիւնի մը նման ու կը զարնէ մեր հոգիին բոլոր պատերուն, զարհուրագին բաբա՜նը միշտ կիրքին: Որ անգամ մը չափել սկսելէ ետքը, պիտի չկենայ, մինչեւ որ պարիսպները ալիւրի պէս չփշրուին [94], - պարիսպները աշխարհիկ օրէնքներուն, որոնք կը յաւակնին սահման կտրել մեր հրայրքին: Վա՜յ անոր, որ կը լսէ այդ զանգակը: Սողոմին մէջ առաջին թրթռումնե՜րը: Անմիջապէս յետոյ ոստիկաններուն, Սերոբին համաձուլուած դէմքերը: Ու Աղուորին տեսիլքը, որ դողաց ու չեղաւ: Մատ ունէ՞ր Նալպանտենց հարսը ախոռի դաւին մէջ: Ո՞վ բուսցուց այս դաժան մտածումը անոր ուղեղէն:

 

-- Ո՞վ տուաւ:

 

-- Հաճի Աննան:

 

-- Սերոբը տեսա՞ր:

 

Ինչպէ՜ս կը զսպէր խեղճ տղան իր բերանը, չհանելու համար անկէ պատկերը, բառը, անունը կնիկին, որ մինչեւ կոկորդը կը լեցնէր զինքը սա պահուն: Որ հալած ոսկիի գունդի մը նման կը կենար պատրաստ` թափելու դուրս, բայց կ՚արգիլուէր անոր հզօր ամօթէն:

 

-- Ինչո¯ւդ է պէտք Սերոբը:

 

Պահակը չէր հաւատար ըսածին: Սերոբը գեղին մէջ մեծագոյն իրականութիւնն էր: Ազդեցիկ ու հարուստ աղա: Բայց մա՛նաւան դ տէ՜րը Նալպանտենց Աղուորին:

 

Եղաւ նեղ լռութիւն, ա՛նկէ` որ կ՚եռայ իր մէջ: Կը նեղէ ու կը վախնայ ինքիրմէ: Ամէնէն աւելի տառապողն էր Ուստիա՜նը: Ի պաշտօնէ հետաքրքիր, սեռային հարցին պատուակալ վարդապետ ու անարծաթ առաքեալ: Շաբաթներով սպասած [95] էր «սա ապաշխարանքին» վախճանին, միտքէն վայելելով սա երանելի մենութիւնը, երբ Սողոմին հետ պիտի խօսէր Նալպանտենց հարսին ծոցէն: Չհամբերեց անիկա: Մոռցաւ, թէ իր մեռելները կրնային լսել զինքը ու տաք ջուր մը թափուողի աճապարանքով նետեց վերջապէս զինքը այնքան չարչրկող հարցումը.

 

-- Իրա՞ւ է. օղլում, աչուիդ ուտեմ, ըսէ՛, իրա՞ւ է…

 

Ոտքի ելած էր յուզումէն: Ձեռքը մէջքին. արձանի մը պէս, զոր մութին կապած ըլլան: Ու կը դողար անոր ողնասիւնը, ամբողջ ու միակտուր: Որոշ իր ակնարկութիւնը մնաց անպատասխան: Անիկա ստիպուեցաւ կրկնել.

 

-- Իրա՞ւ է. տղա՛ս: Ըսէ, պապուդ մեռելին հոգուն:

 

-- Ի՛նչը, Ուստիան աղբար:

 

Տխրեցաւ պահակը ու չարաչար: Չբարկացաւ սակայն: Կը ճանչնար Սողոմը իբր բերանէն ձիգ երիտասարդ, ինչպէս ինքզինքը կը դատէր իբր շրթնանկիւնները փետտուած շատախօս: Անիկա` Սողոմին` խօսելու սա դժկամակութիւնը կը վերագրէր վախի, յոգնութեան, անփորձութեան, յուզումի, կարօտի ու բոլոր այն պզտիկ պատճառներուն, որոնք մեր նկարագիրները կը զանազանեն իրարմէ ու մեզ կ՚ընեն զեղուն կամ ժլատ: Բայց կը խղդուէր: Այնքան չարչարուած էր Աղուորին ու Սողոմին ծոցովը, որ չէր զգացած անտեղութիւնը հարցումին ու պահին: Մնաց որ, եղած էր նաեւ ծիծաղելի: Մութը կը դիւրացնէ մեր հաստատութեան, անտաշութեան ցուցադրումը ու մեզի ըսել կու տայ կոշտութիւններ, որոնցմէ զգուշանալը սիրեցինք ու ըրինք լոյսին: Ատ էր պատճառը, որ բիրտ, աւելցուց.

 

-- Աս գիշեր` ձեր տունը:

 

-- Անա՞նկ ըսաւ:

 

Սողոմը խորհած էր Աղուորին ու քայքայուած` անհուն տխրութեամբ մը, որ իր մարմինէն չէր բխեր, կարծես վարէն, գեղին վրաներէն կ՚ուղղուէր դէպի ինքը: Ու տեսաւ զայն, սանդուխի գլխուն, ճամբու դնելու շարժումով Ուստիա՜նը: Յետոյ խածաւ ինքզինքը, վախո՜ւն: Որքան մօտ էր Նալպանտենց հարսին: Նեղցաւ միջոցը, ջնջուեցաւ: Ու անիկա անոր տունն էր, փաթթուած անոր, անքակտելի ու վերջնական: Անիկա զգաց աղէտին կշիռը ու տկարացաւ: Թոյլ, խեղճ, տիրացո¯ւ:

 

Այս ընկրկումը ըրաւ շեշտը գրեթէ նկուն երբ կրկնեց.

 

-- Անա՜նկ [96] ըսաւ:

 

Անիկա խաղաղ էր, ո՛չ միայն պահակին, գուցէ նաեւ իր աչքին:

 

Ուստիանը, ինչպէս ամբողջ գեղը, անտեղեակ էին այն անցուդարձերուն, որոնք ուղղակի կը կանխէին Աղուրին յղութիւնը: Անտեղեակ մա՛նաւանդ վերջին գիշերուան անլուր եղելութեան, երբ առեր էր կնիկը էրկանը ծոցէն ու տարեր խշտին: Ոչ ոքի ծանօթ էր անոր բազուկներուն վճռականութիւնը եւ դաշոյնը գործածելու ինքնաբուխ կորովը: Տիրացուն, շապիկը, ձայնին լոխումը տիրապետող պատկերներ էին անոր անունէն: Այնպէս որ, մութին մէջէն հոսող սա նուաստ, կորակոր, խեղճութեամբը անպարտկելի անկումը լրացուց Սողոմին մասին պահակին դատաստանը: Այս վերջինը ապահովցուց ինքզինքը միտքէն, իր պաշտօնը յաջողութեամբ գլուխ հանած ըլլալուն: Վերադարձաւ անոր հաճի Աննային պատկերը, որ կը դողար խօսելու ատեն ու կ՚ըլլար անհասկնալի իր խռովքին սանդուխէն: - Սերոբը` որ զսպուած ու մտահոգ դիմակ մը չէր կրնար վանել իր երեսէն ա՛ն` որ պատռտող, փշաքաղ [97] բան մը կ՚ըլլար, երբ խօսէր վարը, սրճարանին մէջ, հայուն ու թուրքին: - Ու այն անձկագին, տրտում, դիւրաբեկ ոլորտը, բարեխառնութիւնը, որ կը տիրէր պատմական սենեակին մէջ, երբ դրամը կը յանձնուէր իրեն, Սողոմին ձեռքը հասցնելու խնդիրքով: Այն ատեն անիկա հասկնալ կարծած էր այդ խռովայոյզ վիճակը, կապելով զայն կասկածուած գայթակղութեան, որ Սողոմին բերնով կրնար թափուիլ հրապարակ: Բայց խնդացեր էր միտքէն այդ աւելորդ զգուշութիւններուն: Չէ՞ որ գեղացին ըսեր էր ըսելիքը: Աւելի՞ն: Ի՜նչ անխելք էին սա հարուստները: Աստուած դրամը առատ տալով անոնց, կարճ կը կապէր խելքին ճամբաները: Անգամ մըն ալ կուշտ ու կուռ ծիծաղեցաւ հաճի Աննային թախանձագին տեսիլէն, որուն մէջ մեծահամբաւ պառաւը տասը հեղ կրկնած էր իր պատգամը, ամէն գնով եոլա երթալու, սիրտ շինելու: Հիմա ուրախ էր, որ կը հերքուէին այդ մտավախութիւնները:

 

-- Ո՞վ ըսաւ քեզի:

 

Որքան ո՛ւշ` հեռուէն սա հարցումը, դանակի պէս հատու, բիրտ, ու հիմնովին տարբեր րոպէ առաջուան խաղաղ իր շեշտէն: Պահակը հազիւ զսպեց իր անակնկալը:

 

-- Ինչու՞դ է պէտք ո՛վն ու զովը:

 

Եղած էր կոշտ:

 

-- Բանը մէջտեղն է, - մտածման թոնով մը, շարունակեց միամիտ պահակը, ու կեցաւ, վարանոտ, բայց քանի մը երկվայրկեան:

 

--  Զօռով չէ եա:

 

Ցաւցնող կարծրութիւն կար իր շեշտին մէջ ու յանդիմանանք:

 

-- Խօսքը կ՚անցնի փարայիդ:

 

Աւարտեր էր շատ-գիտցուկ [98] պահակը իր փաստարկութիւնը: Զգաց, որ եղած էր վիրաւորիչ: Բաներ կան, որ բերնէ բերան նուիրագործուած, իբր նախադասութիւն, առած, փորձառական իմաստութիւն կը պառկին մեր անգիտակցութեան մէջ իրենց սկզբնական կաղապարով, - երբ տարազի մտան հարուստի մը բերնին մէջ ու տաղեցին [99] տկարին հոգին: Որքան ալ բարեացակամ ըլլանք, չենք կրնար խուսափիլ այդպէս մարմնաւորուած տարազներուն ընդոծին ճնշումէն ու կ՚ենթարկուինք մտապատկերին, վիրաւորելով մեր դէմինը, երբ ատկէ հեռու էինք փարսախներով: Պահակը անդրադարձա՞ւ, որ փայտ էր կոտրած, երբ աւելցուց.

 

-- Ձգէ կորսնցուր, հէ՛յ տղայ:

 

Արիւնը արիւնով լուալու ատեն չէր, ինչպէս կը մտածէր ու կը բանաձեւէր մութին մէջ կանգուն իմաստութեան արձանը, Յուսիկենց Ուստիանը:

 

-- Չուխադ ալ կը բերեմ վաղը:

 

Կարծես կը խօսէր մինակը ինք իրեն:

 

Դրամը անանձն բան է ու հոգեկան մարզին մէջ անոր աղերսը մեր խորագոյն բջիջներուն` գրեթէ անկշիռ: Քիչեր զգածուին պիտի անոր կորուստէն այնպէս` ինչպէս կը տրուի ըլլալ ատիկա աւելի պարզ, մետաղօրէն աւելի քիչ արժող, բայց մեր հոգիին մէջ խոր տեղ մը գրաւուած ուրիշ բաներու կորուստին դիմաց: Մեր միտքէն չ՚անցնիր յիմարութիւն որակել այն յամառութիւնը, որուն համեմատ նիւթական հսկայ տոյժերէ վերջ մենէ մէկը կը դիմանայ մենագար պատրանքի մը մէջ ու չի բաժնուիր մատնիէ մը, ասղանկարէ [100], աւելի քիչ` խեղճ նկարէ մը, վասնզի այս պարզ բաներուն շուրջը հոգեկան դոնդողացում է կատարուած, վասնզի անոնք մանրանկարներն են կեանքի մը, որ գնաց:

 

-- Չուխա՜ն…

 

Որ Սողոմենց Սողոմը ընդմիշտ կը նետէր դուրս Նալպանտենց շրջանակէն…

 

Ելած էր ոտքի:

 

-- Ո՞ւր:

 

-- Չիյտեմ:

 

Բարիք մըն է մութը, որ կը գոցէր ողբերգութիւնը անոր դէմքին: Անոր այնպէս եկաւ, որ զառիվարին վրայ մարդեր կային քալող: Որ իրենց կուշտի պարտէզին թթենիները կ՚ալեկոծուէին [101], առանց հովու: Որ ետեւէն, գերեզմանէն շատեր ոտքի էին…: Պահակը մտաւ անոր թեւը: Անհակակշիռ սարսուռ մը ատեն-ատեն կը թօթուէր Սողոմին ամբողջ իրանը:

 

-- Կը մսի՞ս:

 

Պատասխան չտուաւ: Բայց անոր սիրտը կ՚այրէր, շամփուրէ անցած միսի մը կտորին նման: Մէկէն յիշեց բանտի ընկերոջ մը տարօրինակ պատկերացումը, սանկ աչքին ու հոգիին մշուշուիլը, երբ անոր ծոցէն իր սիրածը առեր էին դուրսէն բազուկներ: Ինչո՞ւ այս զգայութիւնը կ՚ամրանար սա կէտին: Ու ինչո՞ւ մէկը իր սիրտը կը քաշէր կուրծքէն դուրս, անանկ խորունկ պատռելով միսերը, որ ցաւէն ակռաները իրարու կը զարնուէին: Ինքզինքը իր ոտքերուն վրայ ու խելքին մէջ զետեղելու համար` անիկա դպաւ իր վիրաւոր կողին: Պէտք ունէր այս շարժումին, չխենթենալու համար:

 

-- Կամաց, Ուստիան:

 

Հրեց մեղմով թեւը ետ պահակին, որ անզգոյշ մատներով կը շօշափէր անոր կողը:

 

-- Ինչո՞ւ կը դողաս:

 

Տեսաւ, որ իրաւ կ՚ըսէր պահակը

 

Պրկեց ինքզինքը: Իր ցաւերը օտարին մատնելու վախէն աւելի զօրաւոր էր միւս անդոհը: Կը կարծէր, թէ իր միտքը ծեծող պատկերները տեսանելի էին դուրսէն, այնքան մեծ լոյս կար, կրակի, հրդեհի լոյս իր գանկին տակ, իր սիրտին տունին մէջ: Յետոյ կը տառապէր նոյնքան հզօր ուրիշ սարսափէ մը: Հեռանկար մըն էր ատիկա, երէկ անգոյ, հիմա` մօտեցած, իրաւ, հարկադրող: Նոր ժմնող ամէն տղայ ինքզինքը ազատ կ՚ընդունի այդ պարտքէն: Բարքերը այնպէս մը դասաւորած էին դէպքերը, որ ամէն երիտասարդ պարտաւոր էր զգուշանալ ծեծ ուտելէն: Թուրքէն ծեծ ուտելը անջնջելի դատապարտութիւն մըն էր, որմէ զերծ պիտի մնար ինքզինքին հաւնող ամէն տղամարդ: Թուրքին ծեծը կարող էին ուտել հարուստները, խելօքները, իրենց տունին ու գործին նուիրուած բանուկ-դատուկ արարածները: Իսկ անոնք, որ կանչուած էին լեռներու տիրելո՜ւ…: Տասը-տասնհինգ տարի առաջ թուրքերը, այդ ազատութիւնն ալ չէին ներեր: Հիմա անկանգնելի խորտակում էր ատիկա, վասնզի այդ օրէնքին զանցող ու թուրքէն, նոյնիսկ հզօր պաշտպանութենէ մը վերջ, ծեծ ուտող երիտասարդը առնուազն յաջող, այսինքն` արդարութեան ճանկէն ճողոպրող մարդասպանութեամբ մը կը փրկէր իր վարկը ու կ՚արժանանար լեռներու տիրակալութեան: Ամէն գնով Սողոմենց Սողոմը պիտի ջնջէր հետքը, յիշատակը ախոռի նուաստացման…: Անոր ոտքերը ամրացան: Գերեզմանը հեռու կը մնար: Այս ուխտին պրկումովն էր, որ անիկա ճամբեց Ուստիանը, կտրեց փոքր տարածութիւնը եւ հաստատ քայլերով առաջացաւ դէպի իրենց փողոցը: Ատեն-ատեն չէր կրնար չնայիլ ետին: Կը վախնա՞ր պահակէն, թէ ուրիշ մէկը կը կասկածէր:

 

Առաջին տունը: -Գերեզմանի տէրվէնտ ը, ինչպէս կ՚որակուէր գեղացիներէն, իբր վերջին բնակարանը գեղին ու նշանաւոր էր իր անդամալոյծ հսկողովը: Սեմի կուշտին պաշտպանուած երկկողմանի պատիկներու [102] մէջ, ինչպէս մէջքէն կիսուած կուռք մը, անփոփոխ, կը նստէր հաճի Օհանը: Առտուն լոյսէն առաջ կ՚անցնէր անիկա իր տախտին [103], ու գիշերուան խորերը միայն կը քաշուէր բակ, դրան ետեւօքը, իր խշտին: Լոյսին հոն էր ան, աւուր պ ատշաճի շարականով մը - գոց գիտէր ամբողջ արարողութիւնը ու խաղ մը անգամ չէր շփոթեր եղանակներէն ու յովտ [104] ` բառերէն -, օրհնելով ստեղծողը, որ կը բանար օրուան վարագոյրը կրկին: Մութին` հոնկէ կը յայտնուէր անիկա նորէն, իր եղանակաւոր հազովը, փերթ-փերթ զատուող անոր մեծ կուրծքէն: Բարեւեց զայն Սողոմենց «պիւլպիւլը», ինչպէս կը կոչուէր հաճի Օհանէն: Սպասեց, քիչ մը նեղուած, փոխ բարեւը առնելու համար: Ծերունիները գերզգայ են ուշադրութեան պակասին դէմ: Դադրեցաւ հազը: Ուրախութիւնը չափ չունէր անդամալոյծին: Անառակ որդիին դա՞րձն էր ասիկա: Ձգեց շարականը ու բերան առաւ հայհոյութեանց այլապէս կենդանի, ճոխ սաղմոսարանը: Ու հակառակ հագին նիզակին` անիկա ամբողջացուց գլուխ մը, սիրտէն պաղշտկած ու օրհնելով Ամենակալը, որ զինքը հասցուցեր էր սա առիթին ու սա գիշերին: Սողոմը տրտում էր, կապուած անդամներուն մէջ ողջ մնացած սա զգայութեան, կիրքին, յուզումին պատկերէն: Թաղը կը ձեւաւորուէր: Աղբիւր: Ու տուներու օրինաւոր երկշարք: Կոյր, լուսով, ճերմակ, փայտահիւս պատուհաններ: Տանիքներուն քիւերէն կախ հէվէնկ ներ [105]: Հարսներ ու պզտիկներ: Փողոցին` գիշերասկիզբի ծանօթ պատկերաւորումը: Պաղ էր իր զգացածը: Ետ դարձին տեսաւ Ուստիանը: Կու գար հետեւելու իրեն մինչեւ Սողոմենց տունը: Չբացաւ տղան իր բերանը: Բայց կը մտածէր իր մէջ կատարուող փոփոխութեան: Ի՞նչն էր, որ ըրեր էր զինքը այդպէս պաղ իրեն այնքան ընտանի, սիրական բաներու դէմ: Անիկա բաց գտաւ իրենց դուռը, ուրկէ սուզուեցաւ ներս, աճապարոտ, չլսելով Ուստիանին գիշեր բարին: Պահակը, քիչ մը դժգոհ Սողոմէն, բայց թռչունի պէս թեթեւ սուզուեցաւ իր ճամբան: Անիկա ուրախ էր մանուկի մը նման: Պիտի տեսնէ՜ր Նալպանտենց հարսը, քանի որ պաշտօն ունէր կատարուածը հաղորդելու հաճի Աննային:

 

Մեր տուները մեզ դժուար կը ճանչնան, կարեւոր բաժանումէ մը յետոյ: Սողոմենց Սողոմը կանգ առաւ բակին մէջ ու պաղեցաւ մինչեւ ոսկորները: Քանի մը անուշի հոտեր կը թափառէին աղքատացած բակն ի վեր: Յայտնի էր, որ մայրը ըրած էր այգեկութքը: Ախոռին մուտքին, որ հիմա սեղանատուն էր եղեր, կենդանիի չգոյութենէն, սեմին վրայ ուղղակի իր գլխիկը դրած կը քնանար ամէնէն փոքր եղբայրը, անմեղ, թուշիկը ուռած ու տարօրէն դալուկ: Ի՞նչ ունէր զարկած սա պզտիկին անգիտակ հոգին: Ուրիշ մը, աւելի մեծ, [106] քուրսի ին [107] տուած կռնակը, բերանը բաց գոցեր էր աչքերը ու տրտում քունէ մը կը նայէր պարապին, բանաստեղծ մը պիտի ըսէր` անհունութեան: Երրորդ մը, բերանը բաց, հացի մը գունդին փակցուցած իր երեսները, ոտքերը աղեղած իր տակը, կը պառկէր աջ կողին: Իսոտ լոյսին մէջ պատկերը իր տրտմութեամբ կը դպէր սրտի: - Սեղան չդրուած տունի տեսարան: Աղքատութիւն ու դժբախտութիւն: Բանտին մէջ ուզած էր մտովի տեսնել այս տղոց կերպարանքները ու չէր կրցած: Հիմա կը նայէր, բայց օտարի պէս: Չորցա՞ծ` կապերը, որոնք տունը, մթնոլորտը կը հիւսեն մեր եւ շրջապատողներուն միջեւ: Տխուր: Աղքատ: Պաղ: Ա՞ս էր այն պատկերը, որմէ խօսած էին ամէն օր իր ընկերներէն ոմանք, տունի տղաք, իրենց մօրը կապովը` ձգուած աշխարհքին: Կեդրոնի սիւնէն մուխոտ ճրագը կը սառէր, կը բարակնար, պլոր-պլոր կու գար ու կը մխար արագ ալիքով, թանձր ծուխի գոլ մը քաշած արդէն մութ գերաններուն ներքեւ: Բուսաւ քոյրը, տասնհինգամեայ, այս տարի, Սուրբ Սարգիսին հարսնցու, լուրջ, ազնիւ, մօր մը պէս հոգածու, մայր` սա պզտիկներուն, այդքան մատաղ տարիքէն: Ուզեցին խօսիլ: Չկրցան: Սողոմը կը վախնար իր ձայնէն, որ կրնար չհնազանդիլ իրեն եւ ըսել ուրիշ բաներ: Քոյրը կը վախնար դալկահար, բարակցած, առիւծ դարձած սա երիտասարդէն, որուն աչքերուն նայող մը կը խրտչէր առաջին անգամ, ներսի կրակէն: Ձգտումը չտեւեց երկար: Կու լար միամիտ ու քաղցր աղջնակը, բայց առանց ձայնի, ինչպէս առանց ժպիտի: Նալպանտենց արգանդին պատմութիւնը հասա՞ծ էր մինչեւ սա անմեղութիւնը:

 

-- Ո՞ւր է մաման:

 

-- Ալանկ ը:

 

Լռեց: Խորհած էր Ուստիանին հետ իր ըրած շեղումին: Այն ատեն տեսաւ, որ աղբիւրին եւ սա տունին միջեւ իր հոգին անցած էր իրեն համար բոլորովին նոր կրակէ մը: Երանի տուաւ բանտին ու այն տարտամութեան, որուն մէջ կը թաւալէին օրերը: Բերանը մռլտաց.

 

-- Վաղը` չուխան:

 

Քոյրը կը նայէր անձուկով, անոր երեսին կարդալով մռայլ այն էջը, որուն գիրերը կը գրէ ճակատագիրը իր անդարձ մատով: Կը վախնար զայն նստելու հրաւիրելու: Չտեսաւ աղջկան տագնապը ու ինքզինքը գտաւ գետին: Անդիմադրելի եղեր էր սպառումը:

 

Քովնտի, մէկ ձեռքը ջանալով բարձ ընծայել գլուխին, միւսին մատներովը ճմռելով, յիմարի պէս, բացուելու անկարող իր կոպերը, բռնեց ինքզինքը, շոգիացնելու համար թարթիչներուն լերկ խոնաւութիւնը: Պատճառ չկար այս արցունքներուն: Անիկա ի զուր փնտռեց առիթը այս լքումին, տկարացումին: Տունը կը կոտտար անոր ուղեղէն: Ու կեանքը, այսինքն` տեւողութիւնը, որուն մէկ փշուրն էր ան, նեղ, աղտոտ, նետուած թուղթի կտոր մը թուեցաւ անոր աչքերուն: Ի՞նչ ունէր հոս, սա դժբախտութեան, աղքատութեան, իսին ու ցուրտին մէջ (ոսկորներուն մէջ պաղ բան մը կը մզմզար, ծեծին հեռաւոր հեւքը): Բայց չկրցաւ դիմանալ մտածման սա կեղծիքին դէմ: Վասնզի այս դառներանգ պատկերները կը ծածկէին, գէթ ծածկել կը ջանային այն լուսաւոր, գեղեցիկ, շքեղ տեսիլքը, որ անոր ուղեղը բռնկած կամարի մը նման բարդեր էր ուսերուն: Նալպանտենց տո՜ւնը: Ճոխութիւն ու գորգ (ինչո՞ւ չէր տեսներ իր խշտին, ուր շունը կապէիր` չէր կենար): Աչքին դպաւ քոյրը, ջնջուած, քիչ, աղջիկ իսկ ըսուելու համար տակաւին ոչ-հասուն: Յիմա՜րը: Փակեց արագ կոպերը ու լուսնոտի մը պէս դողդողաց լիալուսին պատկերէն, որ Նալպանտենց հարսն էր, ամբողջ, լաթ ու մարմին, շունչ ու ջերմութիւն, բազուկ ու տարփանք:

 

Հազիւ պատասխանեց մօրը, որ սառած մնացեր էր, [108] սեմին, [109] տեսնելով իր զաւակը, գլուխը ձեռքին, աչքերը գոց ու ատեն-ատեն ցնցուած խուլ սարսուռով մը: Մեռե՞լ: Ո՞վ էր թաղուած գերեզմանին մէջ, որպէսզի սա տունը թելադրէր մթնոլորտ մը մահուան: Մայր ու աղջիկ հաւաքեցին գետնի տղաքը ու դրին իրենց մինտէրներուն վրայ: Յետոյ` աղջիկը հարցուց.

 

-- Անօթի չե՞ս, աղբօր:

 

-- Չէ, ըսաւ, առանց աչքերը բանալու:

 

Անօթի՜: Բայց սովալլուկ տղան էր անիկա, պապուկներուն պապուկը: Ուզա՞ծը: Հարկ չկայ անգամ մըն ալ կրկնելու: Որքա՜ն կը փոխուինք, մեր սիրտը երբ տուն կը փոխէ…

 

Գիշերը անցած էր շատոնց իր կէսէն: Իր հօրը սենեակին մէջ, խորը այն անկողինին, որուն մէջէն երանելի մարդը հեռացեր էր ցաւի սա աշխարհէն, Սողոմենց Սողոմը չէր կրցած թարթիչները զատել իրարմէ: Հարիւր անգամ պատնուած հայրը եւ Նալպանտենց բազմոցին վրայ երկարած միւս ճերմակ ձեւը, իրարու հետ հիւսուած գրեթէ, եկան, անցան ու վերադարձան անոր ճակատին ներքեւ: Հարիւր անգամ անիկա դեռ անխախտ մնացած իր հաւատքին դիմեց, երկինքին օգնութիւնը աղերսելով, որպէսզի քիչ մը հանգիստ գայ սա սրտին: Անիկա լքուած էր հօրմէն, Աստուծմէն: Անոր տանջուած մարմինը կը նմանէր հեղեղատի մը վրայ մէկ եզրէն միւսը նետուած գերանի [110] մը, զոր կու գային կոխկռտելու ուրուականն ու տեսիլքը: Տենդը կու տայ այս զգայախաբութիւնները: Այն ատեն յիշեց բանտին չոր տախտակը, վրան` իր քո՜ւնը, լուսաւոր` այնքան անուշիկ բաներով, որ իր ընկերները կը մխտէին կուշտէն, արթնցնելու համար:

 

Անիկա չորս անգամ ճամբու դրաւ մայրը, որ քովի սենեակէն մատներուն ծայրը կոխելէն փորձ կ՚ընէր գալ զաւկին սնարին: Կարօտը կար անոր մէջ այն գգուանքին, որով անոնք, էրիկ ու կնիկ իրենց գիշերները կը կիսէին, երանելի օրերուն: Կ՚ընէին ատիկա, իրարու ետեւէ, կոկոզած անոր գլխուն: Հա՜յրը` որ կը համբուրէր տղուն մազերը, լալու չափ յուզուած, ով գիտէ ի՜նչ խորունկ անթելներով [111] տպաւորուած սա ու աւելի վատ օրերէն, որոնք ժամանակին իլիկին վրայ, բամպակի մը փրփուրին պէս կը մնան խուլ, սպասելով մատին, որ այդ փրփուրը պիտի վերածէր կեանքին բոլոր ցաւերուն ու վայելքներուն: Հայրե՜րը, երբ իրենց տղոցը քունը կը սիրեն [112] ու անոնց օրերուն անպարագիծ առեղծուածը թափանցել կը ջանան: Մայրը կը շոյէր անոր մազերը, դողահար ու տրտում, առանց պատճառի, կարծես այդքան կանուխէն նախազգալով աղէտը, որուն սահմանուած էր իր տղան:

 

Երիտասարդի անկողին: Պակաս անկողին: Քունին նահանջը հետզհետէ վերածուեցաւ հասարակ, եփող տանջանքի: Ըսես ասեղներու տակառ մը ըլլար այդ անկողինը, մանկութեան օրերուն անոր մտքին կառչած պատկերէ մը --որով հրեաները քրիստոնեայ տղաքը կը սպաննեն, արիւննին ծծելու համար--  ու անոր մարմինին մերկ տեղերը կ՚այրէին ո՛ւր որ քսուէին: Տաք կը զգար, մա՛նաւանդ, ամէնէն շատ, ափերը, որոնք կը պտտցնէր անկողինին մասերուն: Բա՛րձը` որ ճերմակ կրակ մըն էր, մատուցուած իր ծոծրակին երեսներուն: Սաւանները, վերմակը, որոնք կրակէ պատանքի մը մէջ առեր էին զինքը: Տապլտուկը [113] բառ մըն է, հնարուած` այդ վիճակներուն արտայայտման: Տե՞նդը: - Յստակ հիւանդութիւն մը ունի իրեն ընկեր: Ո՞ր երիտասարդը պիտի ընկճուի հոգեկան ցաւէն: Դիտուած է, որ շատ ապրիլը քիչ զգայուն կ՚ընէ մարդը: Բայց չէր խորհեր անիկա իր կերած ծեծին, մկաններուն ու ոսկորներուն անկարելի նահատակութեան: Անկողինը ջիղերուն բոլոր զայրոյթը ոտքի էր հաներ:

 

Ո՞վ փակեց անոր թարթիչները: Լուսդէմին էր ատիկա: Անոր մէջ տարփանքը, հետզհետէ պահանջկոտ, վանած էր մարմինին միւս բոլոր զգայութիւնները, ու կոխած` անոր հոգիին, հսկայ, անողոք ու յիմարցնող: Այդ մենութեան զգացումը չես գիտեր ի՛նչ հրաշքով անիկա գտաւ պատկերի մը մէջ, դարձեալ պատանութենէն ու ժամուն շրջանակէն: Չորս տարի, Զատկի ու Ծնունդի ճրագալոյցներուն` անիկա կարդացեր էր Դանիէլի գիրքը եւ դողացուցած` պատերուն ձուաձեւուած մարգարէները: Ու անոր ուղեղին մէջ քանդակուած կը մնար անհեթեթ պատկերը`

Բարձրութիւն նորա վաթսուն կանգուն`

Եւ լայնութիւն նորա կանգուն վեց…

 

Ու անոր սիրտը նման էր մարգարէին նկարած դաշտին: Բիւր-բիւր մարդեր, դառնալով շուրջը արձանին, որ կը բռնանար, խարիսխները արմատած անոր սրտին, տարօրէն մեծ, տանելու համար ահաւոր ճնշումը: Բա՛ն մը` որ չկար, բայց կը պաշտպանէր զինքը, շրթներուն մօտ, վերցնելով ահագին արձանին կշիռը: Գգուա՛նք մը` որ կը հովահրէր, առանց իր աղբիւրը մատնելու ու կը մօտենար շատ, յիշեցնել ու չափ Աստուածածնայ գիշերները: Ա՛փ մը: Քիչ-քիչ անիկա եղաւ ամբողջական ձեռք մը, մանր, ճերմակ, լեզու ունեցող եւ որուն ընտանի էին իր շրթները, երբ ծծեր էր անոր մատները, տարփանքէն խենթ, պարպելու համար ասոնց դիւթքը ու հասկնալու համար միսերուն պատգամը կնոջ մը մարմինէն…: Մինչեւ որ ամբողջացաւ տեսիլքը հագնելու համար պատկերը Նալպանտենց հարսին` անիկա անցեր էր անհուն պապակին, անհուն անձուկին, ու լոյսին, ու բեկումին, արիւնին ու կրակին, արքայութեան ու ոճիրին բոլոր իրերայաջորդ բաւիղներէն: Ինչպէ՜ս [114] բռունցքի մը մուրճով անիկա թօթուեց հսկայական արձանը, որ փոշիի ամպի մը պէս ցնդեցաւ ու, ինչպէս հեքիաթի խորխէ մը` բուսցուց մերկութիւնը Նալպանտենց հարսին: Ինչպէ՜ս անիկա մտաւ բազուկներուն մէջը իր երազին: Բայց ո՞վ արթնցուց զինքը: Ո՞վ էր առաւ կնիկը անոր թեւերէն: Տեսիլքին այս հոծութիւնը զինքը կ՚ընէր շփոթ ու անստոյգ: Քո՞ւն, թէ արթուն: Իրողութիւն էր, որ անոր աչքերը գոց էին ու գանկին տակ կը շարունակուէր տարօրինակ մենապատկերը: Անիկա առաւ անդիմադրելի դիմայեղումներ, ա՛յնքան` որ զգացած յուզումները [115] իրենց ուժգնութեամբը տասը քուն ալ կարող էին պատռտելու: Քո՞ւն, արթո՞ւն [116]: Եղերական տեսիլքը այնքան հաստ գիծեր ունէր անոր մատներուն տակ, որ սոսկումէն բացաւ աչքերը: Ո՞ւր: Անիկա կորսնցուցած էր տեղի զգայութիւնները [117] ու ժամուն վերնատունը պտտելու յստակ գիտակցութեամբ մը ողողուած կը մնար: Նոյն ատեն իր անկողինը կ՚այրէր իր կողերը, աղիւսի փուռի մը մօտիկ փռուած, ու կարմրած հողէ յօրինուած: Բայց փոքր լուսամուտը սենեակին, մութին վրայ փակցուած աղօտ էջի մը նման, կը թուլնար, ճերմկիլ ջանալով, առանց հերքել կարենալու խաւարին իշխանութիւնը: Ու կը խուժէր իր վրայ անլուր մղձաւանջը, խառնելով իրարու ծեծին ախոռը, ժամուն վերնատունը, Նալպանտենց հարսին սենեակը, արտակարգ արագութեան մը մէջ, ընելով զինքը ակնթարթի մէջ իր անցեալին տղան, ամբողջ ու անկասկած [118]: Ու կը տրորէր զինքը մղձաւանջը, անսովոր կատաղութեամբ մը, փշուր-փշուր խորտակելով անոր ջանքերը` գիտակցութեան խլեակի մը կառչելով, վանելով իր թաթերով իմացականութեան սլաքը ետ, վար, դէպի խորերը, վիրապները միսին կոհակներուն, անդունդներուն: Մինչեւ որ պարտուեցաւ անիկա լիակատար ու անդիմամարտ: Սրբուեցան միւս ծուէնները տեղի կամ զգայութեան: Անիկա Նալպանտենց տունն էր, դանակը քաշած, իրական, փայլով ու կարմիր: Անիկա նարինջ մը ճեղքելու նման բացաւ Աղուորին կուրծքը, երկու ծիծերուն մէջտեղէն, մխեց երկաթը ու հանեց դուրս անոր սիրտը: Ցաւը այնքան ուժով էր, որ ձեռքը դրաւ սեփական սրտին, արգիլելու համար անոր հաւանական ոստումը դէպի դուրս: Նոյն ատեն անիկա կը շփոթէր ո՞րն էր իրը, ձեռքի՞նը, թէ կուրծքին տակինը: Չքացան հարսին մարմինը, սենեակը, ոճիրը, ցաւը: Բայց կը դիմանար տեսիլքին միւս մասը, որուն մէջ անիկա, սառած, կը նայէր ձեռքին մէջ դեռ բաբախող միսի կտորին: Փոքր, սուր իր ծայրովը, այդ սիրտը նման էր իր տեսածներուն, այնպէս որ, անոր դժուար կու գար հաւատալ անբաւ այն բաներուն, որոնք կրնան սեղմուիլ այդ փոքր ծրարիկին ծալքերուն: Ա՛փ մը թաւիշ, որ ազգերուն բոլոր լեզուները լեցուցած է իր ուժին, խենթութեան, խորութեան, նուիրումին ու դաժանութեան հեքիաթներովը: Անիկա կը նայէր անոր կոնաձեւը հագուեցնող թրթռուն ծիածանին, որ կը հիւսուէր, անվարան ու անշեղ, թաւիշի երեսին պտղող [119] կաթիլներէն, հպատակելով անտես` բայց պայծառ ուռնակի մը զարկին: Ինչո°ւ թաւիշի յաճախանք մը: Չէր կրնար անշուշտ այդ խռովքին մէջ, վերանալ պահէն ու գտնել հարսանեկան հալաւները, որոնք արնագոյն վառի մէջ հարսներուն թաւիշ զգեստները կը պտտցնեն թաղերէն ու տղոց, արբունք վազող տղոց ուղեղը խորախոր կը յուզեն: Բայց ահա աւելին: - Ամէն մէկ կաթիլէ, ինչպէս կակաչին փակ կճեփէն [120] ցայտող, ինչպէս մանրանկար տիեզերքէ մը` անիկա կը ճանչնար բացուիլը, պարզուիլը իր ըղձանքին կերպասներուն, բոլորն ալ հարազատ, Սողոմենց տղու հոգեհիւթով [121]: Ի՜նչ խատուտիկ, ի՜նչ գողտր, ի՜նչ մանկունակ են մեր փափաքները քսանէն ասդին: Բայց անոր աչքին` մէկը բռնեց դաստառակ մը, ու հանգիտօրէն, կայլակէն բացուող ամէն կերպասի կեդրոնին, ձուաձեւը Աղուորին դէմքին, շա՛տ, շա՜տ, դուն ըսէ հարիւր, ինքն ըսէ հազար, տարօրէն նման իրարու, իրենց շրջագիծով, բայց աննման` իրենց իմաստին, դիտողին վրայ իրենց թելադրումին պարունակէն: Ո՞վ մօտեցուց իր մտքին սա մտածումի նման բանը` որուն համեմատ այդ տարբերացումը հիմնական փաստը կը կազմէր մարդերուն ծիծաղելի պատրանքին: Այդ չէ՞ր կնոջ մը ճակատագիրը, անոր գիշերներուն անթափանց առեղծուածը, որ այդ կերպով հասկնալի կը դառնար: Ինչպէ՜ս ամէն օր նոյնը չմնացող ձեւէ մը մենք կը հանենք նոյնութեան զարմանալի զգացում մը: Քսան տարի երբեմն մեր շրթունքները գիծ մը իսկ փոփոխութիւն չեն հաստատեր մեր սիրականին շրթներէն: Ու կիներուն օրերը բացուին պիտի այրերու սիրտին, այս կախարդ պրիսմակով պաշտպանուած: Ճիշդ է պատկերը նաեւ կիներուն լուսարձակէն: Խորքին մէջ նոյն, տպաւորութեան մէջ նորէն նոյն, այո՛: Որպէսզի տեւէ պատրանքը ու մարդիկ գրկեն զայն ու չուզեն հասկնալ խաղը: Հաւաքեցէք թերթերը սա երազին: Սա կերպասներուն: Ձեր կազմած հատորը կեանքն իսկ է: Սողոմենց տղուն մէջ շարունակեց կայլակումը: Դրաւ անիկա Աղուորին սիրտը ոսկեթել, դարձեալ թաւշեայ պահպանակի մը վրայ, որով քահանան սկիհը, Աւետարանը, մասունքները կը պտտցնէ: Ո՞ւր էր: -Կիներուն վերնատունը: Տիրացո°ւ: Առջեւը այն նկարին, որ ամէնէն տպաւորիչը եղած էր անոր պատանիի ուղեղին: Ով գիտէ ո՛ր մեղաւոր կինը, տարիներ առաջ, քայքայած էր անոր շրջանակը ու այրած անոր այն մասը, որ կը պատկերէր Հերովդէսը, կինը եւ քանի մը նաժիշտներ: Հիմա, կիներուն վերնատունը, նետուած անկիւն մը: Հնօրեայ այդ նկարը որքան խռոված էր զինքը, երբ արբունքի առաջին ձայներուն հետ անիկա զգալ էր առէր կիներուն ուժը: Տգեղ ու փայտ սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտիչին գլո՛ւխը: Մարմինը, գաճաճ, մերկ, մէջքին վրայ ուղտի մորթի մը: Կաթիլի կիսաղեղներ, ճիշդ այնպէս` ինչպէս Աղուորին սիրտէն: Բայց ահաւոր էր գոց նայուածքը սկուտեղին վրայէն, ու աչքերուն բարակ պատանքէն մարդ կը զգար սարսափը, որ կը մնար վարագուրուած: Նկարիչը տուած էր այդ աչքերուն այնպիսի՛ ուղղութեան գիծ, որով անոնք իրենց սլաքին տակ կ՚առնէին կիսասքող ձեւ մը կնոջ, ոտքերուն հիւսուած դասակ մը դեւերու իրերանցիկ, բազմախռիւ պոչերովը: Կինը, քովնտի հանելով իր զիստին մէկ ճակատը, փախուստի եւ անդոհի իբր արտայայտում, իբր թէ սառած, կը մնար կանգուն, սանդարամետին վերեւ: Անոր մարմինը բխում մըն էր դժոխքէն, ոստումին մէջ քարացած բան մը ու կ՚արտայայտէր անբացատրելի մարդկայնութիւն մը: Գո՞հ: Երջանի՞կ: Տարուա՞ծ: Տառապո՞ղ: Կիներուն մերկութիւնը չէ սպառած նկարիչներուն տարրերով: Հակառակ իր բոլոր ջանքին` միամիտ արուեստագէտը չէր յաջողած անոր դէմքը վերածելու գարշանքի դիմակի մը: Հակառակն էր, որ ճիշդ էր, քանի որ, ով գիտէ ո՛ր սատանային փոքր մէկ հպումովը, արուեստագէտին վրձինը նետեր էր կտաւին վրայ լոյսի շերտ մը, որ անոր այտերը կ՚ընէր անգոյ, գրեթէ երկնային խմոր մը: Ճերմա՞կ. կարմի՞ր. անկարելի էր ճիշդ անունը տալ այդ միսի կտորին, այնքան դիտողին [122] աչքերէն դէպի հոգին անօրինակ զգայութիւններ կ՚ոլորէր [123] անիկա: Մինակ ատ չէր վտանգաւորը, անպիտան այդ կտաւէն: Լոյսի ուրիշ խաղ մը անոր շրթներուն տեղը դրեր էր միսի վաւերական շերտ մը, խենթեցնող ջերմութեամբ ծծելու վրայ առնութիւնը միջոցին [124], մորթուողին, մորթողին, [125] նոյնիսկ զինքը հիւսող սատանաներուն: Ով գիտէ քանի՜ դար անցեր էին այդ կրակին վրայէն, առանց մեղմել կարենալու դժոխային այդ առքը: Պատկերը այրող կինը --աւանդութիւնը զայն մեղաւոր կ՚ընէ, բայց կը մոռնայ մեղքին անունը-- հաւանաբար տառապած ըլլալու էր ամէնէն շատ այդ միսերուն անյագուրդ ախորժակէն ու ինքզինքը խարանելու պատրանքին մէջ, յարձակած` մոմով, պոռնիկին վրայ: Ինչպէս խեղճ ու միամիտ ենք, երբ մեզ պատուհասել կը փորձենք: Սողոմենց տղան սաղմոս կը քակէր քառսուն գլուխ, ամէն անգամ, որ այդ շրթունքներուն բացուիլը զգար դէպի իր հոգին: Ու ամէն պատանի նոյն ուժգնութեամբ պիտի համբուրէ պատկերն ու իրականութիւնը, ժամուն նշխարքը ու առաջին այտը իր սիրածին: Բայց նկարին է՛ն հզօր մասը կը կազմուէր աչքերէն [126]. կարմրած կրակի կտորներ, առանց ծիածանի, մոխիրի ճերմակ խաւով մը, բիբի տեղ ունենալով սեւ շամանդաղներ, բայց այնքան խորունկ, խօսուն, տանող, որ վախէդ կը գոցէիր աչքերդ, չքալելու համար դէպի այդ թրթռուն ձգողութիւնը: Այս կեդրոնական կէտերէն դուրս, մա՛նաւանդ յատակի դժոխքը, գլխուն կէսով այրած Հերովդէսը, հեռանկարի պալատին բողկի ձեւ գմբէթները կը ստեղծէին հզօր տգեղութիւն մը, անհամաչափութեամբ ու իրազանցութեամբ դէպի հեքիաթը հոսող ու դիտողն ալ հետը քշող: Պատկերին քաղցրագոյն մասը պարող կնիկին ընդհանուր ցայտքն էր զիստերէն վեր ու գլուխէն վար: Ինչպէս քողերուն ձիւնէն` անոր թեւին միսերը կը զատուէին. կը ձեւուէին, մութ սպիտակութեամբ մը, սուրնալով դէպի ձեռքերը, յետոյ մատներուն ծայրերը, որոնք ճիրանի մը սուր, բզկտող, ճմուռ-ճմուռ բերող նկարագիրը կ՚առնէին մէկէն. լարուած` տրորելու բոլոր սիրտերը, ուղեղները: Ու քողերը կը փաթթէին անոր կուրծքը, որ չկար ով գիտէ ի՛նչ խորհուրդով: Ամէն անոր մօտէն անցնելուն` Սողոմենց պատանին շփուած էր գրեթէ մեղքին պատկերին հետ: Իր սրունքները, անուժ, կ՚իջնէին վերնատան մութ սանդուխներէն ու կիներուն քսուելու հզօր վախով, բայց պապակով անիկա կը փախչէր դէպի դասը, հերկուած ներսէն սուր սլաքովը սեռական զգայութիւններուն, սարսափելով ինքնիրմէ, բերանէն` որ հրեշտակներու ուղղուած մեղեդի մը կը հոսէր` հսկուած սանդարամետին գալարափողէն: Այս ամէնը, մօտաւոր անցեալին թարմ գծագրութեամբը, մեղքին ստոյգ գիտակցութեամբը, Նալպանտենց Աղուորին ու Աւետարանին Սողոմէին հուժկու կնիքո՛վը: Անիկա փնտռեց սիրտը ու չգտաւ դաստառակին վրայէն: Ու կ՚ուզէր փախչիլ, առանց յաջողելու: Որքա՛ն տեւեց այս կիսանուրջը: …Եղաւ անիկա Սողոմենց տղան, յստակ, բանտէն դարձող, մօրը տունին մէջը պառկած ու վռնտուած Աղուորին ծոցէն: Զայրոյթ, ատելութիւն, Նալպանտենց Սերոբ, հաճի Աննա, - ասոնք վաւերական գիծեր էին, որոնք կը բռնկէին իր թոհուբոհին [127] մէջ: Շփեց իր թարթիչները ու պատռտեց մղձաւանջին կպչուն, ձիւթոտ թեւերը…: Մօտ էր լոյսը բոլորովին: Վերմակին տակ փոթորիկ: Սիրտը` ինքզինքը կորսնցուցած, խենթեցած, մօտ` խորտակուելու: Շունչը բարակ, կտրտուած թելի, դերձանի մը նման, փթթուկ [128]: Պատին լոյսը ճերմակի մօտ էջ մը թուղթ եղաւ: Աքաղաղներ: Կենդանի ձայներ: Կոչնա՜կը: Գե՜ղն էր: Անոր մտքէն մշուշը լուծուեցաւ հետզհետէ: Ու արեւէն առաջ արեւ էր անոր մէջ: Աւլուա՞ծ` հոգի՛ն, աշխարհին ու գեղին նկատումներէն: Նալպանտենց հարսը` միս-մինա՛կ, տէ՞ր` անոր երկինքին վրայ: Ո՛չ գեղը, ոչ ալ անոր բիւր-բիւր օրէնքնե՞րը, պսակն ու Աւետարա՞նը: -Րոպէ մը հաւատաց անիկա այս մենաւոր պայծառութեան, որով միայն կը շինեն տղաքը իրենց հոգիները: Երիտասարդը երբեմն իր ուզածը պիտի ուզէ այս մերկութեամբ, վճռականութեամբ:

 

Բայց ե՜րբ է բաւեր ուժգին ուզելը: Ուժգին ջիղերով կը սպասարկուի մեր կամեցողութեան ջաղացը: Ու մեր ջիղերը որքան ալ խոր սնուցանենք մեր միսերուն թոյլ գգուանքի մէջ, անոնք կը պահեն իրենց անարիւն սիւնակները, փրթուկ ու խեղճ, ու կը լքեն մեզ վտանգի պահուն: Մարդերը տարբերող ուժերը, մասնայատկութիւնները քիչ անգամ փնտռեցէք անոնց ուղեղներէն: Ջիղե՜րը: Մենք հէնք ենք անոնց կծիկին: Ու մեր արարքներուն նկարագիրը կնիքը կը կրէ անոնց մարզումին: Ապրումը այն բարեխառնութենէն է, որուն մէջ կը հրաշինուին անկշիռ այդ դերձանները ու կը վերածուին արիւնի, տաղանդի, ստեղծումի ու աղէտի:

 

Հա՞ստ, բարա՞կ, կամ կրկնո՞ղ՝ [129] նախահիւթը, որ կը կազմէ ցեղերուն հոգին, ու այդ գիծով` անհատներուն: Ատ չէ հիմնականը: Հիմնականը մարզանքն է, դէպքերուն հեղեղը, աշխարհի բիւրաւոր աղբերացումները, մեր ներսին անայց անդունդները ու շրջապատին ճահիճները, որոնց մէջ մեր կիրքերուն հիդրաները կը յօրանան, կը կանչընան ու կը զգլխեն մեզ դէպի կործանում ու կոտորած: Դէպի բարիք կամ զմայլանք: Դէպի արուեստ կամ սրածութիւն: Ամէ՛նը` ջիղերով: Նայեցէք մեր պատմութեան: Ոեւէ ժողովուրդ պիտի յոգնէր ի վերջոյ, այդքան ընդարձակ ծաւալով ջարդի մը նկարէն: Բայց թուրքերը աչք անգամ չթարթեցին, վասնզի դարերու մարզանք մը ունէին իրենց ջիղերուն ետին: Սողո՞մը: Բանտը, երազի մը պէս, հաւաքական բարեխառնութեամբ, բակն իսկ չէր կազմեր ապրումին հսկայ կաթողիկէին: Ախոռին ծե՞ծը: Անշուշտ քայլ մըն է անիկա, դժբախտաբար արժէքով վիրաւոր, վասնզի ջիղերէն աւելի մկաններուն կ՚ուղղուի անոր սլաքը: Մեր ջիղերը մեր հոգիներուն հնոցին մէջն է, որ կը մարդկայնանան: Ու արուեստագէտը որքան մօտիկը կենայ ներքին կրակին, այնքան անոր ջիղերով շողարձակուած իրողութիւնը պիտի ըլլայ սրտառուչ ու իրաւ: Քիչ առաջ, իր սիրած կնիկին պատկերին տակ, աշխարհը ընդոտնելու յանդգնող տղան, հիմա ինկած էր գետին, նոյն այդ հաւատքին, յիմարութեան, յանդգնութեան ծանրոցէն: Ու ջախջախիչ բան էր Սողոմին համար զգալ անյուսութիւնը, որ դրած էր ծունկերը անոր կուրծքին, ինչպէս կ՚ըլլայ ատիկա ըմբշամարտութեան տեսարաններուն, ինչպէս կ՚ըլլայ ատիկա, երբ մեր երազը կը զգետնէ մեզ, թշուառական անկողնի մը պատանքը դրած մեր կուրծքին վրայ: Բայց սպաննող բան է տակաւին, ստիպուած ըլլալ անցնելու անյուսութենէն ալ անդին, այսինքն` գիտնալը, թէ ամէն բան կայ, ու կայ այնպէս` ինչպէս կ՚ուզես դուն միայն, ոչ թէ քեզի` այլ ուրիշներուն համար: Մահուան արհաւիրքը ետ կը մնայ այս կարգի զգայութեանց յարուցած մղձուկէն: Անոր հետ կը հաշտուինք առաջին լուրջ բախումին: Չհաշտուողնե՞րը: Այսինքն` բոլոր Սողոմները, բոլոր յամառողները, բոլոր խենթե՞րը: -Այնքան քիչ են, որ կը մեռնին, օրէնքը ապացուցանելու համար: Սողոմենց տղան նստաւ իր խեղճ անկողինին մէջ: Անոր ականջները տակաւին կը ճուային իր խորունկի խուլ ձայներէն: Ու անոր ակնարկը Սողոմէին պատկերէն Աղուորին պատկերին կը վազէր այնպիսի` յուսահատութեամբ, այնպիսի` ծարաւով, այնպիսի` անկարողութեամբ, որ միտքը կը պղտորէր: Լուսցաւ:

 

Ե՞րբ` հագուած, լուացուած, դուրս էր նետուած տունէն: Չկրցաւ հաւաքել, վերակազմել տեւողութեան այս սանտրը: Այգեկութքի հեշտ առտու: Դուռներու կուշտին, քաղցուն եփելու համար մեծ օճախներ լիաբոց, իրենց վրայի կաթսաները ընելով սեւ, կարմրաւուն, շոգեպինդ: Պառաւներ, քամոցը ափերնին, կը հովէին եռացող հեղուկը: Գեղին ամէնէն գողտր զգայութիւնները զուգորդօրէն կապուած են այս տեսարաններուն: Բոլոր բերքերէն ամէնէն քիչ դրամ հոտողը ու ամէնէն շատ սիրտ, ներքին լայնք, տունի կարեկցութիւն թելադրողը այգեկութքին օրերն են: Գինին չէ սկսած: Բայց քաղցրութիւնը կը բռնէ բոլորին ալ հոգին: Օրերով չի նստիր հոտը քաղցուեղէնին եւ պտուղի բանդակներուն: Ու թաղէ թաղ կը պտտի առատ ու գոհունակ իսկութիւն մը, որ մեր գեղերուն հին փառքը դեռ կ՚ուրուաձեւէր իմ իսկ օրերուս: Պահը շատ կանուխ ըլլալուն` Սողոմենց Սողոմը չտեսաւ օճախներու կուշտին մանուկներու այլապէս թելադրիչ երամակը, երբ անուշոտած իրենց երեսներուն վրայ թռիչք կ՚ունենան ճանճերն ու մեղուները: Ոչ մէկ հարս: Փոխարէն` գունաթափ ծերերը, աչքերնին ուռած մուխէն ու հսկումէն: Սրտագին եղաւ անոնց մաղթանքը տղուն բարի գալուստէն, ինչպէս անհանդուրժելի` անոնց պապակը լուր առնելու: Ժամանակները տարօրինակ գնացք էին առեր: Գեղը կը տառապէր համայնական ցաւերէ: Հասուն տարիքը` մղձաւանջին տակն էր պետութեան հարկին ու տանը հացին, երկուքն ալ հետզհետէ աճող, հողին նուազումին հետ համեմատական ուժգնութեամբ մը: Երիտասարդները` հերկուած խուլ յուզումներով, գեղէն դուրս, լեռներուն ու թումբերուն թշնամիէն հնձուած արենակիցներուն մահովը: Ծերերուն ու նոյնիսկ պառաւներուն մէջ սպասումի մը մեծ անդոհը, որ անծանօթ էր անոնց երիտասարդութեան եւ զոր մղած էին դէպի անոնք խղճմտանքը յեղափոխութեան ու Հայկական սարսափներուն թեւերը: Թուրքերը միայն հաւատքին ու պատիւին թշնամիները չէին հիմա: Ու հա՜յն ալ մինակ չէ անոնց եաթաղանին դէմ, ինչպէս ջանացեր էին հասկցնել կտոր-բրդուճ էֆէնտիները, որոնք Պոլսէն կու գային եւ պետութիւններուն «նոթա»ները իրենք խմբագրածի պէս կը մատուցանէին «Բարձրագոյն Դուռ»ին: Բացուող ամէն օրէ անոնք յոյսեր ունէին, մեռնելու աճապարանքին մէջ, ամէն մէկը մէյ-մէկ Սիմէոն Ծերունի կտրած: Ամէն ճամբորդ, քանի որ կու գար, բարով կու գար, իրեն հետ` շէն աւետիս մը: Զարմանալի էր, որ չուզէին թուրքին ջնջումը եւ ուզէին իրենց ազատումը: Բանտէն եկո՞ղը: - Պարտաւոր էր խօսելու եւ լուսաբանելու: Առաջին համայնական դէպքն էր, որ կը զարնէր գեղը այսքան խորունկէն:

 

Սողոմենց տղան ակնարկէ, ձայնէ, պատասխանէ խոյս տալու համար շեղեցաւ մեծ փողոցէն: Առանձնութիւնը երբեմն պահանջ է բազմամբոխ հոգիներուն: Առած էր անանցանելի բաւիղը կանգուն մը լայնքով, զոր երկու կողմէն հսկայ պատեր սեւ թուղթէ [130] քարդոնի [131] մը պէս կը սեղմէին: Կոյանոցներու ընդունարան էր անիկա, աղտոտ, խոնաւ, հոտած ու տխուրէն անդին, լալկան յատակով մը, քակորի, աղբի, ամոնեագի լացնող հոտերով ծանրաբեռն: Տան ետեւները կը շինեն այս անցքերը դէպի պարտէզները: Հոն մտնող մը, մոլորող մը, աչքին շատ բան առած կ՚ըլլայ, առնուազն դանակը հանդիպող առաջին արգելքին` սիրտը խաղալու վճռական կամքը [132]:

 

Գեղէն դո՜ւրս: Առտուն չէր շինուած տակաւին: Արե՜ւ, լուացուած մետաքսէ [133] բարակ մաղի [134] մը նման, լիճին վրայ փռուած ու լեռներու կատարին, ծառերը հարս ընելով: Հոն ալ զգուշացաւ անիկա բանուկ ճամբաներէն: Դէպի մենացում սա շեշտուած փափաքը վերջապէս գրաւեց իր ուշադրութիւնը: Բայց չզարմացաւ: Անիկա արդէն ինքզինքը կը ճանչնար իբր անցոյց մէկը, առաւելապէս ներսէն ապրող տղոց[մէ] [135], որ պէտքին առջեւ միայն պիտի բանան աղեղը իրենց հոգիին կամարներուն: Անիկա անդրադարձաւ նաեւ տարակարգ այն պրկումին, որ անոր քայլերը կ՚ընէր նեղ, ոտքերը` ծանր ու կարծրացած: Պարտէզէ պարտէզ, [136] խրամները ցատկելու համար անսովոր ուժ հանելով ոտնակապի մտած իր սրունքներէն, ու հազիւ գիտակցելով այս հակադրութեան: Անիկա չէր գիտեր, որ մեծ պէտքերու ատեն մեր մարմինը կը կրկնէ իր տարողութիւնը: Ու այգիէ այգի, հետապնդելով բլուրներու խոնարհման գիծերը, անոնց իրերհանդիպումը, ուր հեղեղին տուրքը գետինը ըրած է հարուստ, ու բուսականութիւնը` զօրեղ ու բարգաւաճ: Չէր գիտակցեր այս հակումներուն: Մենք երբեմն շուքը կը փնտռենք զովութենէն տարբեր հաճոյքի, պէտքի համար: Հոն էր, որ նշենիներու, թզենիներու անընդմէջ շարքը, մեծփոր ստուերով, կ՚երկարաձգուի երբեմն մղոններով: Այդ հովանոցներուն դժուարաթափանց սաղարթներուն ներքեւ անիկա պաշտպանուած կը կարծէր իր մարմինը` ինչպէս հոգին:

 

Երբ հատաւ հեղեղատը, անիկա մնաց մէջտեղը: Ոտքին բլուրը կը խոնարհէր, հագուած գեղին գեղեցկագոյն այգիներովը: Բոլորն ալ կթուած, հետքը պահելով դեռ այն ոգեւորութեան, որ թրթռացած էր այդ բարունակներուն մէջը, աղջկան, հարսի սիրտերէն ու տղոց խորունկ փափաքներէն: Աւելի վար` Ուստիանին դիտարանը: Պահակին պատկերը ա՛լ չկրցաւ նահանջի ենթարկել, քանի որ տունէն ճամբայ ինկած պահուն միակ կապուտիկ կէտն էր անիկա ամբողջովին ամպածածուկ իր հոգիին: Հարցուց սակայն: - Ի՞նչ ունէր հիմա ընելիք` սա գեղին երեսին: Տղաքը կը նմանին մեծ գինովներու: Իրենց զգացումները պարպելու համար կը գործածեն նոր ու մեծ բաժակներ: Ու շռայլ ըլլալնուն չափ անկշիռ ալ են: Կը պարպեն կեանքը մէկ ումպով ու պարապ գաւաթին դիմաց ցոյց կու տան յիմարական տագնապ մը: Կա՞յ տարիք մը, որ աւելի զոհ տայ ամէնէն փցուն բեկումներուն, որքան ա՛ն` որ կը սկսի տասնութին: Սպաննելը համազօր է ինքզինքը սպաննելուն: Մինչեւ Ուստիանին դիտարանը անոր հոգին ալեկոծ էր խոր այս տագնապով: Կրցած էր խուսափիլ ամէն հանդիպումէ, հակառակ անոր, որ այգեկութքի գիշերներուն իսկ ճամբաները ունին բազմամբոխ բան մը: Չփնտռեց, գուցէ գիտնալուն, վաւերական դրդապատճառը աչքէ, խօսքէ այս խուսափումին: Կը վախնար անիկա ամէն նայուածքէ: Քրոջը աչքին իսկ չէր կրցած ուղիղ նայիլ: Ուրկէ՞ կը կասկածէր, թէ մարդիկ իր վրայ կը սեւեռէին իրենց ակնարկները, Նալպանտենց հարսին որովայնէն:

 

Փարթամ ձիթենիի մը վրայ, որ հազարէ աւելի տարիք եւ ձեռակերտ յիշատակարանի մը պէս պատկառազդու համաչափութիւն մը ունէր, իր արմատները հնօրեայ հրէշի մը թաթերուն նման գալարագին պրկած ճանկելով հողին ոսկորները, կը կենար Ուստիանին հովոցը, ամբարձիգ [137] ` երկու հաստ ոստերու վրայ: Քանի մը գերան, իրարու հիւսուած որթի բարունակներով, կը շինէին օդն ի վար առկախ տախտակամած մը: Պահակները այսպէս բարձրադիր կէտերէ կը հսկեն ընդարձակ տարածութիւններ: Ուստիանը արթուն էր, կռնակը հաստկեկ ոստին, սիկարը - կանգուն մը երկայն էր անոր ծխափողը --բռնկցուցած, ըսես քունը ճմռելով իր աչքերէն: Շատ սուր անոր լսողութիւնը տակաւին հեռուէն առած էր քայլերու հեւքը: Ցատկեց վար: Խռո՞վք: Անշո՛ւշտ: Այդքան կանուխ խերով ոչինչ կու գայ մեզի:

 

Նստան: Մարդեր կան, որոնց շրթունքները չեն փակիր իրարու: Բառերը, նման մեղուներու, մշտապատրաստ թռչելու փեթակի մուտքին, կ՚ուրուանան անոնց բերանին: Ուրիշներ, որոնց շրթունքները ժանգոտ են չայցելուած կղպանքներու պէս: [138] Դէմ դէմի էին անոնք: Արեւը` շատնալու վրայ, ու ձգած արդէն լեռնադիր իր օրանը, երկու բլուրներու աղեղին, դէմի շղթայէն: Հովի ստուեր մը, լիճէն զովացած, ընելով ճիւղերը քիչ մը ճօճուն ու նազոտ:

 

Տժգոյն անոր երեսները ու աչքերուն դեղինի զարնող մարածութիւնը աւելի կը դալկանային առտուան արեւին [139] մէջ: Յետոյ ի՛նչ որ կը կախուի մեր դէմքէն ու առանց երեւնալու` մեր հոգիին մոխիրը կը ցոլացնէ: Վիշտէն վեր այս բարեխառնութի՛ւնը, որ կը հոծնայ բառէն ու շարժումով կը յոգնի, մեզ ընելով մեզի օտար ըսուելու չափ ելած մեր հունէն: Պահակը կը վախնար ուղղակի հարցումէն: Պահ մը կասկածեցաւ կարելի փորձանքներու վրայ: Տղան ու խենթը մէկ են: Անիկա հեռուներէն պտոյտով մը` փորձեց չափել գիշերը, որ հոսած էր Սողոմին գլուխէն, ո՛ւր [140] եւ ինչպէ՛ս: Կային գայթակղութեան նոր դրուագներ: Երկու ամիս առաջ, խաբուած երիտասարդ մը, որուն նշանածը աւրուած էր մեծահարուստ գործարանատէրի մը մանչէն, իր վրէժը լուծեր էր, ծոցին գիշերն իսկ վազելով հարուստի տունը ու անոր կինը առնելով անոր անկողինէն, իջեցուցեր փողոց ու քշեր դէպի իր տունը: Արիւնահեղութեան մը վախը --հարուստները գիշեր ատեն խեղճ են միշտ--, խաւարին նպաստը, դրացիներուն զգուշաւորութիւնը պատահարը ըրած էին կիսասքող ու մութի մէջ մարմին առնող ամէն բանի նման անորոշ: Ո՞վ կ՚արգիլէր Սողոմենց տղուն տնկուելու Նալպանտենց դուռին:

 

-- Քնացա՞ր, Սողոմ:

 

-- Քի՛չ:

 

Ի՜նչ յոգնած էր շեշտը: Բայց առանց ոտքի [141]: Չխօսելու որոշում մը մատնող է միշտ:

 

Պահակը, միշտ հեռուներէն իր պտուտքը դարձնելով, մէջտեղ նետեց մայրը, քաշածները, կարօտին մեծութիւնը, քոյրը եւ ասոր հետաքրքիր հարցումները, հաւանական դրացիները, որոնք լուրի եւ նորութեան սիրոյն ժամերով կը կենան սեմին, արագիլի պէս մէկ ոտքի, խնամին` որ սանկ քիչ մը պղտոր --շիլ էր կնիկը--  իր նայուածքովը փեսացուն կը փայփայէր: Բարի գալուստին անհամութիւնները բոլոր ասոնք: Տղան կը մնար լուռ: Պահակը ջանաց շահագործել երաժիշտ տղու անոր զայրոյթը Սողոմենց դրացի «տինկիլ» Պելլոյին դէմ, որուն անհամ տճկորը ասանկ առիթներու կը բուսնէր բակին, ինքնահրաւէր ու կը ճզար մուկի պէս պոչատ: Սողոմը մտիկ իսկ չէր ըներ: Պահակը շարունակեց իր իմաստութիւնը: Դիմեց ճամբու յոգնութեան, տեղի փոփոխութեան: Նմանցուց մարդուն քունը փափկաթեւ թռչունի, որ անգամ մը խրտչելէ յետոյ դժուար կը դառնայ իր բունին: Անոր խորունկ խօսքը եղաւ քունը նմանցնել մեր հոգիներուն թռչունին: Ու շարունակեց քովնտի հարցերը: Նպատակն էր տեղեկանալ տեղը, ուր անցած էր գիշերը Սողոմին վրայէն: Չուշացաւ ստուգութիւնը: Այն ատեն, արագ, տղան նեղելու յայտնի դիտումով մը, որուն անյայտ էր պատճառը, գէթ առաջին ակնարկով.

 

-- Ի՞նչ է գործդ առտու կանուխ:

 

Մարդ իր թշնամիին, ատելիին դէմ այս տեսակ շեշտ մը կը ճարէ, կամով կամ ակամայ:

 

Սողոմենց տղան յառեց անոր վրան դեղնած իր ակնարկը, թարթիչները լայն պարզած: Ըսես բան մը, որուն տեղը գուշակելի էր, վար կը քաշէր անոր բիբը, վար, սիրտին խորունկէն, վասնզի այդ բիբը բաբախուն կը թուէր ներքի ն տագնապի մը մագնիսէն:

 

-- Ուստիան աղբօր:

 

Զինաթափ ըրաւ անոր վստահ ու տառապած սա շեշտը: Աղեկուկ [142] ու բարի պահակը ընդառաջեց.

 

-- Համմէ, օղուլս:

 

Հաշտութի՞ւն: Ընտանութի՞ւն: Հոգիէ հոգի հոսումը, շփումը վերսկսաւ:

 

-- Քենէ բան ունիմ ուզելիք:

 

-- Ուզէ աշխարքը, տղա՛ս:

 

-- Ինչո՞ւս է պէտք լման աշխարքը:

 

Կեցաւ: Կ՚ամչնա՞ր, թէ կը վախնար: Դէմքին գիծերը կը մատնէին անոր ճիգը, բայց չէին հոսեր բառերը:

 

-- Ի՞նչ է ցաւդ, հէյ տղայ:

 

-- Ցաւ չունիմ: Կ՚ուզեմ երթաս:

 

-- Ո՞ւր:

 

-- Նալպանտենց տունը:

 

-- Չուխա՞դ ինկաւ միտքդ:

 

Կը հեգնէ՞ր, թէ գրգռել կը ջանար:

 

-- Ատո՛ր համար ըսել է չէ տարեր քունդ:

 

Սողոմը խոր արհամարհանքով լռեցուց զայն.

 

-- Վրա՞ս կը խնդաս:

 

Ու գրգռիչ, կռուազան նեղութիւն կար անոր բառերուն մէջ: Ուստիանը առնուեցաւ, բայց ճկուն իր բնաւորութիւնը նպաստեց անձուկը փարատելու: Ատկէց զատ Նալպանտենց տունին հրապարակ գալը կ՚ընէր զինքը տարօրէն հաճ ու զիջող: Փոխուեցաւ խօսակցութեան գնացքը: Նորուած էր սիկարը ու կայծքարին քանի մը վճիտ կայլակները շէնցուցին անոր սրտէն տասը տարիէ ի վեր ամէն օր հարսնեւոր հոգին: Ու ինչպէս մէկը, որ արագ շարժումով մը կը նետէ մէկդի վրայէն ծպտումի պատմուճանը, առնելու համար ընտանի իր տարազը. [143]

 

-- Իրա՞ւ է, օղուլ: Իրա՞ւ է:

 

Լռեց: Բայց հարցականը շարունակեց թրթռալ երկուքին մէջտեղը: Ու սարսուռ, ու հեշտանք, ու նուաղում, ու խենթութիւն էր Ուստիանը, այդ զոյգ մը բառին ետեւէն:

 

Սողոմը դիմաւորեց հարցումը առանց այլայլումի:

 

Անոր աչքերը, ուրիշ անգամներու պէս, չշրջեցան մէկդի, ու մնացին շեշտ` ետ հրելու չափ Ուստիանին ակնարկը: Այս դիմադրութիւնը աւելի էր, քան խոստովանութիւն մը եւ աւելորդ ըրաւ հարցաքննութեան երկարումը: Մէկը ըսէր վեց-եօթը տղու տէր, հացին ուրուականէն խելայեղ սա մարդուն, ի՞նչն էր իր գործը աս մարզերուն մէջ: Սէրը չի բաւեր նկարել [144] հացէն ալ զօրաւոր: Անիկա վեր է մա՛նաւանդ մեր բոլոր ախտերէն, տգեղութիւններէն:

 

Երեսունը անցած Ուստիանը չարացա՞ւ Սողոմին բախտէն: Ստոյգը ան էր, որ տարիներով շուրջն էր դարձեր Նալպանտենց հարսին, որքան որ կը ներէին Նալպանտենց հաճի Աննային անուշադրութիւնները: Ու կ՚ընէր այդ դարպասը, առանց մտաբերելու տուն մը տղաքը, ահաւոր հացին տաշտը, որ եօթն օրը հեղ մը քրտինք կը հանէր անոր անճարակ ճակատէն: Աղքատութիւնը մեղք չէ հարկաւ: Սողոմենց տունին մէջ եղը չէր վազեր աղբիւրի պէս: Ի ՜նչ էր մշակի այդ կտորը, հօրը մահէն ասդին: Յետոյ բաղդատեց իր հաճելախօս բերանը ու Սողոմին խոժոռ լրջութիւնը, որ պաղ կը ստեղծէր շուրջը: Ինչո՞ւ անոր մտքէն չանցաւ տարիքը, որ արդէն սանկ ու նանկ ճերմակ էր նետեր մազերուն: Որքա՜ն մարդ կը գուրգուրայ չնչին այն բաներուն վրայ, որոնք մեր պատրանքը ողջ պահելու դերը ունին: Քաղաքներու մէջ մա՛նաւանդ այս փոխանիւթերը կը յաւակնին նախանիւթը գերազանցել: Ու քաղաքակրթութիւնը, իր ապականումին մէջ, կը մարսէ այս աճպարարութիւնները: Գեղը աւելի քիչ արատով կը դիմաւորէ սեռին դէմ մեղքերը, տարիքէ, փառքէ, դիրքէ, դրամէ, ներկէ ու ծպտումէ: Կախ պեխերով Ուստիանը նկատեց վերջապէս նոր, լրումի մէջ հզօր առնութիւնը մատաղ երիտասարդին: Բանտը, դալկացնելով անոր այտերը, անոնց վրայ թափեր էր անորակելի գրաւչութիւն մը, արու, փափուկ ու ներսի քաղցրութեան գոլովը շոգեւոր: Այս լռին հրապոյրը երբեմն կ՚ընկերանայ երիտասարդին, բաւական հեռուները: Ուստիանը խորհեցաւ տակաւին ուրիշ առաւելութիւններու, -- գիր, կարդալ, ընտանիք: Այս ուղղութեամբ, անիկա հասաւ չքացնող արդիւնքի: Ողողուած էր պատկերովը անոր ձայնին: Ով գիտէ քանի՜ կնիկ լացած էին անոր եղանակին քաղցր դանակին տակ, շիշերուն տակ:

 

Դէպի պատմում Ուստիանին հրաւէրը չգտաւ քաջալեր: Ժլատ էր Սողոմենց տղան ու ինչպէս միշտ, միավանկ պատասխաններով կը բաւարարէր շատախօս մունետիկը: Անօգուտ եղան պահակին խաղերը, ճարտարանքները, պնդումն ու աղերսանքը: Քանի՛ թանձրացան պատկերները անոր բերնին մէջ, ա՛յնքան վերապահ եղաւ Սողոմենց տղան ու մերժեց պահի, տեղի, օրի ամէն ճշդում: Չհերքեց սակայն յղութիւնը: Հաստատեց Սերոբէ աղային արդէն փաստուած խօթութիւնը: Զգուշացաւ մատնելէ հաճի Աննան: Սարեկ խնամին: Զգուշացաւ վարկաբեկելէ Աղուորը: Ու խոյս տուաւ հիմնական փաստէն, որմէ կ՚ամչնար մանաւանդ: Անիկա հետզհետէ կ՚ըլլար վշտոտ, դողահար, լքուն ու անյոյս:

 

-- Ի՞նչ կ՚ուզես հիմա:

 

-- Կ՚ուզեմ երթաս:

 

-- Ի՞նչ ըսելու:

 

Կը վախնար բանաձեւէ՞ն, թէ պահանջին տարօրինակութենէն:

 

-- Ի՞նչ ըսելու:

 

Կրկնեց անիկա, սպասուն ու կիսաժպիտ, հրաւիրելու համար տղան առաւել զիջումի:

 

-- Ըսելու, որ չեմ ուզեր սա փարան:

 

-- Ինչո՞ւ:

 

-- Աղքա՞տ եմ ես, որ ողորմութիւն կու տան:

 

-- Ատ ուրկէ՛ ածեցիր:

 

-- Ի՜նչ է եա:

 

Չէր ուզեր արագ ընել իր պատասխանները: Սիրողները միշտ քիչ խօսեցան: Հանեց դրամը մէջքէն ու նետեց պահակին ոտքերուն:

 

-- Հայտէ՛: Աս ալ նո՜ր բարիլոյս: Ե՞տքը:

 

-- Ե՛տքը: Կը տանիս կու տաս:

 

-- Ե՞տքը:

 

-- Ե՜տքը…

 

Ճմռեց իր բառերը, թուքին մէջ, մեղմելու համար ըսելիքին այլանդակութիւնը, ու աչքերը կախ, բայց յօնքերուն միջոցը ընելով կնճռոտ` ինչպէս ագռաւի մը տոտիկներուն հետքը կաւին վրայ, աւելցուց.

 

-- Կ՚ըսես, որ իրենց տունն եմ այս գիշեր:

 

Անակնկալէն վեր էր այս անլուր առաջարկը: Ափ ի բերան` պահակը կը նայէր տղուն, որ աչքը առանց բաժնելու մարելու վրայ սիկարի մը դիակէն, կը կրկնէր.

 

-- Կ՚ըսես, որ իրենց տունն եմ այս գիշեր:

 

-- Հեղ մը կարդալ տուր վրադ, օղլո՛ւմ:

 

Ո՛չ հեգնութիւն, ոչ ալ բարկութիւն: Ուստիանը կը վախնար տղուն խելքէն:

 

-- Խաչն է վկայ, տղա՛ս, գէշ չես ըներ:

 

Սողոմը նետուեցաւ ծունկի: Անիկա զայրացած էր ո՛չ թէ պահակէն, այլ` այդ մտածումին դէմ բանաձեւուող սա անկարելիութեան համար: Աշխարհքը ի՜նչ գիտէ մեր ներսի տրամներէն: Որո՜ւն կնիկն էր Նալպանտենց Աղուորը: Անոր աչքին գծուեցաւ ախոռին տեսարանը, հաճի Աննային հետ կռիւը, սանդուխներուն վրայ, բայց լռեց: Իր իրաւունքին ուժը զինքը կը լեցնէր, պահակէն [145] չկասկածուող աստիճանով մը: Ու այդ ճնշումին մուրճին տակ հատիկ-հատիկ, երրորդ անգամը ըլլալով, անիկա թափեց իր բառերը, որոնք, զանգակէ մը փրթող զարկերուն նման, կ՚արձակէին կտրուկ ու վճռական բան մը:

 

-- Կ՚երթաս կ՚ըսես, աս գիշեր ես անոնց տունն եմ:

 

Բացարձակ ու վճռական, այս յայտարարութիւնը մէ՛կ հարուածով կը փետտէր կատակի, եղկութեան երանգը, որմէ այնքան շահ գիտեն հանել մեծզրուցները: Ուստիանը, տպաւորուած, բայց անկարող խելապատիկին մէջ սեղմեցնելու յիմարութիւնը պահանջին, աւելցուց, ապշահար ու թթու.

 

-- Ինչո՞ւ:

 

-- Ինչո՞ւ: Ի՛մն է կնիկը:

 

Չափեց իր բազուկը դէպի լայնքը, յետոյ կորացուց ու արագ փակցուց կուրծքին, շառաչուն ու հպարտ:

 

-- Ի՛մն է կնիկը:

 

-- Սո՛ւս:

 

Պահակը ուզեց բռնել անխելք այդ բերանը: Սողոմին ափը, երկաթի պէս հատու, կեցուց անոր ձեռքը կէս ճամբան:

 

-- Կը մորթե՛մ բոլորը, գիտցած ըլլան:

 

Յետոյ, դողալով սպառնալիքին իսկ ճնշումէն ու ակռաները լսելի ըլլալու չափ ուժգին աղալով իրարու վրայ, ու վրան Նալպանտենց միսերուն.

 

-- Ի՛մն է ան կնիկը:

 

Ու լռեց:

 

Ըսուածքի հանդիսաւորութի՞ւն: Արտայայտումի անյատակ երկարո՞ւմ: Աչքերէն թափող կիրքին գոլորշի՞ն: Երիտասարդութեան անպարագիծ սրտոտութի՞ւն: Ո՛րը որ կ՚ուզէք: Ուստիանը ստիպուեցաւ ընդունիլ առաջարկին գոնէ իրականութիւնը: Եփած մարդ` անիկա զգաց կարիքը սա ծայրայեղութիւնը չգահավիժելու: Յորդորեց տղան գալ ինքնիրեն, քիչ մը մտածել: Քաջալերուած անոր լռութենէն, քշեց իր փաստերը, հատիկ-հատիկ, որոնց անշուշտ ոչ մէկ առարկութիւն կրնար դէմ հանել սա առնանդամէն կապուելիք խենթը, -- ուրիշ բան չէ կնիկէ մը տարուած երիտասարդը: Ու անցան անոր իմաստուն բերանէն գեղին սուրբ, պատկառելի օրէնքները, որոնց դէմ դեռ Սողոմին ճամբովը քալողը գերեզմանն իսկ չի ճանչնար: Նշանա՞ծը` որուն աղբարները, իրենք զիրենք հաւնող երիտասարդներ` չէին մարսելու պատահելիք անպատուութիւնը: Ո՛չ մէկ տէրտէր կը մօտենար ատանկ ամբարիշտ հոգիի, ողջին թէ մեռելին: Չէր կարելի խաղալ ժամուն, Ս. Պսակին հետ: Յետոյ անցաւ անիկա աւելի գործնական նկատումներու, որոնցմէ կարեւորը Սերոբ աղային ձեռքինն էր, երկարող քիչ մը շատ հեռուներ: Յիշեց հարիւրապետը, թուրքին ատելութիւնը հայ արուին դէմ: Ազգականները` որոնք կրնային միանալ: Ու հազար հեքիաթ: Կռապաշտներն իսկ նման յիմարութեան մը առջեւ քիչ մը խելք ճարելու շնորհը ընդունած ըլլալու էին վերի Աստուծմէն, որ կրնար տեղն ու տեղը փոշի ընել իր պատուիրանքները այսքան յստակ անարգող մը: Բոլոր այս առարկութիւնները բախեցան մէկ ու հաստատ, վճռական նախադասութեան.

 

-- Ի՛րն էր կնիկը:

 

Չոր, միօրինակ, մետաղի չափ աներանգ մտածում, որ կրկնուելով-կրկնուելով, բանաձեւ կը դառնար ու կը նեղէր ըսողն ու լսողը հաւասարապէս:

 

-- Հասկցանք, օղլո՛ւմ, հասկցանք:

 

-- Դուն գնա՛ ըսէ ասանկ իմ բերնէս:

 

-- Որո՞ւ ըսեմ, ծօ:

 

-- Աղուորին:

 

Պահակը նկատեց երանգի փոփոխութիւն: Սողոմը կը խօսէր կարգուած մարդու քիչ մը գաղջ ու պարզ շեշտով, ու ասիկա` միայն կնոջը անունին հետ: Բայց կը դիտէր նաեւ, թէ քաղցր ու տղայ ի՛ նչ վստահութիւն կը մեղմէր այս առաջարկին անլուր անհեթեթութիւնը: Պահակը նոյնպէս գորովի գնաց միամտութեան սա քանակէն: Իր կարեկցումը ունեցաւ բարերար արդիւնք: Միավանկ ու երկաթի պէս կաղապարուած բառերու փոխարէն, որոնցմով Սողոմը արտայայտուեր էր, մէջտեղ եկած ծանր, վիշտին ու սիրտին հեղումովը գունաւոր, ջերմացած նախադասութիւններ, իրաւ, ապրումի նշանակ ու անոր հոծութեան, ուժգնութեան կնիքը, ճնշումը վրանին, պահակը պարտաւորուեցաւ մտիկ ընել: Ու ջուրի պէս կը խօսէր ժլատ բերանը Սողոմենց տղուն: Խոր, զեղուն, սրտագին պատմումի մը մէջէն, որ միապաղաղ կրակի մը նման կը պատկերէր անոր հոգեյատակը` անիկա դրաւ պահակին աչքերուն ինքզինքը ամբողջ ու առանց ծալքի: Ոչ մէկ ծուէն` որ խնայուած ըլլար: Ու ոչ մէկ խորշ` զոր չպարպէր դուրս:

 

Հաստատ, աննահանջ` անիկա տէրն էր Նալպանտենց հարսին: Եօթն աշխարհի եօթանասուն դեւերը անկարող էին զայն առնելու իր բազուկներէն: Անոր շուքին համար, առանց աչքը թարթելու, կը թռցնէր եօթը գլուխ: Զայն պահելու համար` անիկա աչք էր առած աշխարհքին բոլոր արգելքները, «առ ու նամուս», թուրքին «թոփ ու թըւանք»ը [146]: Ու տարօրինակ էր, որ այս ուռեցուորած պատկերները սխալ չհնչէին անոր բերնէն, ոչ ալ պահակը նեղուէր անտեղի սպառնալիքին անհամ կատակէն: Քանի՛ մեծնային բառեր, ա՛յնքան անոր սիրտը կը պրկէր անոնց ներքին ճնշումը ու կը պահէր զանոնք իրաւին, կարելիին, մարդկայինին սահմաններուն: Անիկա վերջացուց սակայն այս դժնդակ սաղմոսը, տխուր ու սրտառուչ պարզութեամբ մը.

 

-- Առանց անոր ողջ գերեզման եմ ես, Ուստիան աղբօր:

 

Պահակը չէր գիտեր, թէ այդ պահուն Սողոմենց տղան կը կրկնէր բանտի մէկ ընկերոջ պատկերը, որ սեւեռուած էր անոր ուղեղին: Ողջ գերեզման էր եղած խեղճ այդ երիտասարդը, որ երդո ւմ կ՚ընէր, ամէն րոպէին, բանտէն ձգուելուն պէս կա՛մ ինքզինքը թաղել, կա՛մ ծակծկել պոռնիկին աղջիկը: Ու այդ նախադասութեան հետ, ուրուացաւ բանտի տղան, թեթեւ թանձրութեամբ առաչօք տեսիլքի մը պէս:

 

-- Կ՚երթաս ու կ՚ըսես, լսածիդ պէս:

 

Լրջութիւն, կորով, տրտմութիւն, կտրուկ շեշտ, -- բոլորը իրար կը լրացնէին` շինելու համար վիճակի պայծառ պաստառ մը պահակին աչքին, որ տարակոյսի շուքն անգամ չունեցաւ դէմի սրտին, հոն եփ եկող զգացումներուն յորդ թափին, ու ատոր հաւանական հետեւանքներուն մասին: Պահակը, փորձառութեամբ, կը հաւատար, թէ արիւնը ի՛նչ խենթութիւններու չի հրեր սա տղաքը, գլխիկոր կամ թաւալգլոր: Բայց անիկա պարապ տեղը չէր մեծցուցած սա հասակը, որպէսզի իր խելքը կապէր սա խենթին խելքին: Ինչո՞ւն էր պէտք խառնշտկել մեղուին բոյնը: Նալպանտենց հաճի Աննան եօթանասուն շունի գլուխ կը բռնէր, երբ Սերոբին ուժն ու ահը կը պակսէին: Յետոյ, որքան գիտէր, անիկա չունէր իր լսածներուն մէջ անունը մէկ հատիկ կնոջ, որ ընդունէր իրեն շուրջը ըսուածները: Բոլորն ալ կը պառկէին --պոռնիկները կը տեսնէր բառին տակ--  իրենց սիրականներուն հետ մութին, բայց աշխարհքին աչքին, իրենք զիրենք կը պատռտէին սիրողներուն հոտն անգամ առած ըլլալու մեղքը ուրացած ատեննին: Նորէն քննեց մտքէն: Ասիկա Սողոմին դրամ տալու չէր նմաներ: Միւս կողմէ` խոր, անօրինակ հեշտութիւն կար դրուագին մէջ: Կրնա՜ր Աղուորին խօսիլ երես երեսի: Կրնար…

 

-- Մտմտանք, տղայ:

 

Ու մտմտացին:

 

Ի՜նչ խեր սպառնալիքէն, որ ո՛չ մէկ ատեն, ո՛չ մէկ ձեւով, մեր ուզածները մեզի չէ բերած: Հակառակն է, որ ճիշդ է շատ անգամ: Քաշե՜լ: Բայց չփրցնել: Ու անոնք հրաժարեցան այդ երանգով յարձակողականէն: Դարը վատ էր, ու հարիւրապետը` բարեկամ: Աւելի ուղիղ չէ՞ր փորձել միւս ճամբան, կակուղ լեզուն, որ օձն անգամ կը հանէր ծակէն: Յետոյ` Աստուած միայն կը հասնէր Սերոբին հաշիւներուն: Հապա հաճի Աննա՜ն: Ու անիկա ծանրացաւ քնքուշ հարսին: Սիրտ ըսուած բան մը կայ մարդոց կուրծքին տակ: Յետոյ` աշխարհք է ասիկա: Ժայռն անգամ չի մնար մէկ իր լերան ծոցին:

 

-- Անուշ լեզու, Սողոմ…

 

-- Ուզես խորիսխը թաթխէ, Ուստիան աղբօր…

 

Լացն էր պակաս, սա կարօտին, սա յիմար տարփանքին:

 

-- Մինակ գնա՛:

 

Ժամ մը ետքը, իր մախաղին մէջ տեղաւորած դաշտին ամէնէն քաղցր, թռչնահար թուզերը, որոնք լուսի պէս մաշկ, բայց սիրտի պէս համ ունէին, պահակը կը մտնէր Նալպանտենց տունը: Զայն ընդունեց հաճի Աննան: Սպասման հովը գրեթէ աննշմար ըրաւ ճարտար պառաւը: Խե՜ր էր հարկաւ Ուստիանին գալուստը, թէեւ պարզ պահակին դէմքէն անիկա համոզուած էր ըսածին ճիշդ հակառակին:

 

Լպրծուն, անխելք` պահակը չէր զգար, թէ հաճի Աննան շատոնց հասկցած էր իր ծամծմել ուզածը:

 

Կարճ եղաւ անիկա ու արագ: Կարծես նախօրօք կարգադրուած խաղ մըն էր, որ կը կատարուէր: Անիկա ներս առած էր պահակը, կամացուկ ձայնած Աղուորին:

 

Ու հարս ու կեսուր բացին իրենց բերանը:

 

Առաջին խօսողն էր Նալպանտենց սրբենի, «եօթ գեղ անդին» պատիւովը նամ տուող [147], դուռ-դրացիներէ վկայուելով վկայուած հարսը, ժամուն մեռոնը, աւազանին խոնաւովը վրան, Աստուծոյ սուրբ հրամանովը ծոցուոր: Անիկա անհնարին ուժգնութեամբ մը մերժեց, միակտուր, պահակին բերնով ծամծուած սա անաստուած զրպարտութիւնը: Փաշայի պէս էրիկ ալ չունենա՜ր: Նալպանտենց Աղուորը չէր զգար, որ իր հերքումը յստակ հաստատումն իսկ էր ուրացուիլ ուզուածին: Պահակը ուրիշ բան չէր ըսած տակաւին, բացի Սողոմին փափաքէն, կրկին Նալպանտենց ծառայութեան դառնալու: Նոյնքան տարօրինակ էր, որ հարսին ծուռ այս ելոյթին չանդրադառնար կացութիւններու դերակալող, բառերու ճարտար ագուցող հաճի Աննան ալ: Հարս ու կեսուր Սողոմենց տիկինին աշխարհք մը ամօթը մարսելու համար դիմած էին Տէրոջը օգնութեան, բայց մաղմաղի վրայ եփած` իրենց խշխշուքէն: Ու անվտանգ, նոյնիսկ առաւելութեամբ պոռթկալու սա առիթը շահագործեցին, իրարու բերնէ խլելով խօսքին շարանը: Սիրտէն մահացու կերպով զարնուած -- անոր հիւանդութիւնը կ՚առաջանար արագ ընթացքով--, հաճի Աննան հակառակ շունչէն նեղուելուն, ձեռքով-ոտքով կը ջանար արգիլել երիտասարդ կինը, վայրկեանը հեղ մը մշտելով մեծ իր մատովը հարսը կողէն.

 

-- Դուն սո՛ւս կեցիր հըլէ…

 

Այնքան տարուած էր խօսելու բռնութենէն, որ, ուժգին ու անհամբեր, միջամտեց ու յափշտակեց խօսքին թելը հարսին բերանէն: Ո՞ւր զգոյշ, մեղր ու շաքար, կսկլոր լեզուն, ո՞ւր` սա դանակի պէս կտրուկ, ամէն մէկ բառը ձեռքի պէս լայն-լայն ձեւող ոգին: Սերոբը տունը ըլլալու չէր, քանի որ երկու կիներն ալ դուրս էին վախէն ու շրջահայեաց վերապահումէն, որով շատ մը մեղքեր, մեղադրանքներ լռելեայն կ՚անցնէին էրիկներուն լսելիքէն: Սուտը, որքան ալ վաւերական, միշտ հետք կը ձգէ մարդոց հոգիին: Հաճի Աննան նախ յայտնեց իր դժգոհութիւնը իրենց տունը իրենին պէս ճանչցող Ուստիանին, որ ատանկ «տոպրակ չմտնող» սուտ շալկած շտկուեր էր իրենց դուռը: Ո՞վ ծանօթ չէր հաճի Աննային ու անոր օճախին: Մտիկ չըրաւ պահակին արդարացումը, որով դեսպանը ապամեղ կը հռչակուէր «թա՜ Նոյ Նահապետին օրերէն»:

 

Ու յառաջացաւ: Այսինքն` արձակեց իր լեզուն: Չիմանա՜ր իր տղան: Մաս-պատարագ, տունն ու տեղը մոխիր կ՚ընէր ատ «լէշը տընուընուն պիլէ շատ զազար»ին: Հեղ մը նայէր պոյին: Հեղ մը նայէր իր հալ ին: Ու հնչեղ, հեղինակաւոր, նոր կտրուած դրամի պէս փայլուն էին անոր բառերը: Ո՞ ւր էր տեսնուեր այսքան անխղճութիւն, չամչնալ, հոգին սեւել: Մեղաւո՞ր էին հարուստները, որ մեղքնալնուն ձեռք կ՚երկարէին այդ անօթի շնագայլերուն: Հոս չեկած` բերաննին կը հոտէր, ակռանին «մառ» կը կապէր խոտ ծամելէն: Բայց անգամ մը տեղաւորուելէ, կուշտ փորով հաց գտնելէ ետքը կը կատղէին, կռնակ կը հաստըցնէին ու վայելած բարիքին դէմ ահա թէ ինչեր կը հանէին: Ապերախտ, չորնալիք, սատկելիք տղա՜ն: Պարապ տեղը չէր, որ հայրը շանսատակ էր ինկած, կէնճուկ-կէնճուկ: Պարապ տեղը չէր, որ մայրը կռնծեր, չորցեր, դերձան էր դարձեր ու Աստուծոյ արդար խշումովը Ստամպոլին Փրկիչը ճամբորդ: Հարկա՜ւ: Վերի Աստուածը մարդոց աչքին չի մխեր իր մատը: Անիկա ատանկ կը զարնէ ամբարիշտները, գազանները, զրպարտիչները: Նալպանտենց հարսը կը տառապէր` ինչպէս մէկը, որ նստէր փուշի վրայ: Կ՚եփէր անիկա խօսքին մարմաջէն: Ա՛լ հատած իր համբերութենէն, գործադրեց կեսրոջը միջոցը ու մտաւ խօսքի: Ատեն էր, վասնզի հաճի Աննան կը նեղուէր սիրտէն: Մանկամարդ կինը կը հաւատար իրենց բառերով ստեղծուած պատրանքին: Կատղած էր անիկա ատ չոր, չոփ-չոր զրպարտութեան համար, ամէնէն շատ: Ու կը սպառնար ամէն բան պարզել իր էրիկին, զնտաններուն մէջ փտեցնել ատ ճռզածին, դեղնածին, մուկին, խլլոտին ոսկորները: Ուստիանը կը հետեւէր այս անկեղծ, միակտուր պերճախօսութեան, ու մօտ էր խելքը թռցնելու: Այնքան իրաւ, սրտանց, փուրի [148] չափ իսկ կէտով մը չաղարտուած սա պատկերը տպաւորիչ էր իր անմեղութեամբը: Ու կը ճուար Նալպանտենց հարսը, հարուստ իր մարմինը հանելով շարժումի, լեզուի, փաստի ու ճնշումի, -- մնացեր, մնացեր, ատ ծառայի կտորի՞ն էր մնացեր: Ի՜նչ անօրէն գեղ էր աս գեղը [149], Սոդոմ-Գոմոր, կրակ թափուելիք, ողջ-ողջ այրելիք: Ինչպէ՞ս, չէին վախնար վերի Աստուծմէն ու անմեղուկ կնիկի մը պատիւը կը նետէին ատանկ ցեխին մէջ: Եղերական այս երանգը չէր վայլեր սակայն ու զգաց ատիկա Նալպանտենց Աղուորը: Բերանը պիտի պատռտէր անոր: Ատա՞նկ կնիկ էր ինքը: Այս հաստատումին ուժը կ՚աղուորցնէր անոր բառերուն հոսումը ու կը ջնջէր անոնց վրայէն կեղծիքին շամանդաղը, որ չի վրիպիր, երբ չէզոք մարզերէ կու գայ: Ո՞վ էր տուած սա խելացնոր դասը մինչեւ ատ օրը բերնէն գառնուկ ատ կնիկին: Խղճմտանքը մէկ ձեւով միայն կ՚իշխէ գեղերուն մէջ, ատիկա գութին ձեւն է: Մնացեալ երանգները չեն հասնիր մինչեւ այդ խորութիւնները: Քանի այս սալայատակները շինուած էին, փողոցի վրայ բոլոր կռիւները ուրիշ բան չէին ըրած, քան ինչ որ կ՚ընէր հիմա Նալպանտենց Աղուորը: Մեղքը համով է գործուելու համար միայն, իսկ թոյն է պահուելու, կրուելու համար: Զայն կը նետենք, պիտի նետենք ամէն գնով: Ու կու լար, խղդուելու չափ, իր անմեղութեանը փաստէն, ու ատով ուռեցած իր յուզումէն: Հաճի Աննան չփախցուց այդ հեծկլտուքով գոյաւոր թուլացումը ու անցաւ գործի: Կը խօսէր ու կը սրբէր հարսին արցունքները: Սի՜րտ ըլլալու էր, դիմանալու համար ատ պատկերին: Աստուած ի՞նչ կ՚ըսէր վերէն: Ու մեղմ շեշտով մը հրաւիրեց Ուստիանը սեփական խղճմտանքին, ու պահանջեց, անողորմ իր մեծ մատովը, անոր վկայութիւնը: Մարդիկ մուրացկան են ամէնէն շատ մեղքը պարտկելու ատեննին: Ու տարօրինակ է, որ չընկրկին իրենց սուտին մեծութեան դէմ չքմեղանքին չնչին կարկտաններէն: Ո՞վ չէր գիտեր Նալպանտենց տունին կարգն ու սարքը: Ինչո՞ւ շան տղան կը մոռնար շան իր խշտին, ուրկէ «ճիւ» մը անգամ դուրս չելաւ, նման Նալպանտենց բոլոր ծառաներուն: Իր հարսին կրո՜ւնկն անգամ չէին տեսած անոր քոռնալիք աչքերը: Ու ելեր ի՛նչ ձիւն, ի՛նչ կրակ կը ձեւէր անմեղուկ հարսնուկին գլխուն: Արցունքները կէս մը չորցուցած` Նալպանտենց հարսը, յուզումէն կրակի պէս «շավք» տալով, լեցունկեկ իր այտերը թաշկինակին տակ պիսակաւոր ընելով կեցուց կեսուրը ու անցաւ խօսքի: Ծունկի էր ելեր, առանց գիտնալու: Մատը - ցուցամատը - ճօճելով սենեակին այն անկիւնը, ուր անիկա ափափուեր էր Սողոմենց տղէն եւ զոր ուրուականի մը պէս հիմա կը տեսնէր հոն շուարած ու վախկոտ, անիկա խելքը գլուխը կանչեց շան լակոտին: Հա՜: Թող ճանչնար իր չափը: Ու անիկա երդում ըրաւ, փողոցին մէջ, անոր հանդիպելուն, հանել սանտալները ոտքէն ու շուն թակածի պէս տալ ոտիցը անոր քիթին ու բերնին: Անիկա կրկնեց երդումը, փաչատելու անոր պռկըները, ջուխտ իր մատներովը: Ու մատները տուին մտածին պատկերը, կեռի մը պէս ոլորուելով իրենց կեդրոնէն: Այնքան կրակ ու եռանդ կար սա զեղումին մէջ, այնքան դող` սա միսերուն վրայ, որ Ուստիանը վախցաւ ցաւին յուշքովը: Կիները ատանկ գրգռումներէ ետքն է, որ կը թաւալէին գետին ու կ՚ոռնային ժամերով: Յոգնեցա՞ւ. թէ հատած էին ըսելիքները: Առաւ գլուխը ափերուն: Մտած էր անիկա խուլ, երկարուն, հանդարտ լացին մէջ, որ վեր է կիրքէն ու պահէն ու մեզ կը նետէ մեր հոգեմոյնքին: Որ սուգէն ալ վեր կնիք կու տայ մեր դէմքին ու կը տպաւորէ խղճի խայթի մը պէս, աշնան տերեւի մը պէս ու… մեղքի մը պէս: Ատանկ կու լան խաբուած աղջիկները կամ որոնց հոգին ձմեռը կը զարնէ: Սպառա՞ծ հաճի Աննան, որ իջած էր իր ալեկոծ մակարդակէն ու կը նայէր պահակին, մեծ, զարմացած աչքերով: Ելաւ ոտքի. սիրտին կողմէն քիչ մը զգուշաւոր, պարպեց Ուստիանին մախաղը, գտնելով քաղցր գովեստ մը պտուղներուն ախեխի [150] տժգունութեան ու համին վրայ. բացաւ պատիհոնը, հանեց գլուխ մը պանիր, թարմ հաց մը, ծրար մը ձիթապտուղ, կէս օխանոց շիշ մը օղի ու տեղաւորեց անխօս, պարապ մախաղին մէջ: Հաճի Աննան գիշերուընէ կարգադրած էր այս ուտեստեղէնը, Ուստիանին սպասումէն ու գալէն հոգեպէս գիտակ: Իրաւ է, թէ հարսին խորհուրդ չէր հարցուցած: Պահակը բարի, սրտառուչ գոհունակութեամբ մը կը դիտէր ուռած կաշեպարկը ու քովնտի` գլուխը ափին արտասուող հարսը: Հաճի Աննան հրահանգեց պահակը, որ չգոհանայ իր տեսածն ու լսածը մինակ պատմելով: Հրաւիրեց զայն, իր իսկ նախաձեռնութեամբ խելքի բերելու «հունէն» փախած լակոտը, դարձնելու անոր ականջը, ու քալելու` մարդկութեան արդարութեան պողոտան: Հաճի Աննան, գործ կարգադրող կնիկի եփուն շեշտ ունէր առաքելութեան այդ մասին մէջ: Երկու հեղ կրկնեց իրենց օճախին աւանդութիւնները ու միննէթ ի [151] տակ մնացող մը չըլլալը:

 

Ապշահար Ուստիանը, սիրտը ետ` ոտքը առաջ, դուրս ելաւ նշանաւոր դուռէն, վերջին անգամ, քանի որ օր մը ետքը շէնքին տեղ մոխիր պիտի տեսնէր: Կոխած տեղը չէր տեսներ սակայն, այնքան իր դատելու, կշռելու միջոցները անբաւական, անյարմար էին սա կարողութիւնները դասաւորելու: Վստահ էր զրոյցներուն, եղած էր, երբ պատարագը միջամտեր էր յղութեան աւետիսին: Վստահ էր մա՛նաւանդ առաւօտէն ասդին: Սողոմին բառերը, իրենց ցամաք ու ժլատ ցուցմունքովը վեր էին կասկածէ ու շուքէ: Բայց իր ականջներուն մէջ կը պարէին հարս ու կեսուրի նախադասութիւնները, այնքան հզօր ու կենդանի, որ կը տատամսէր քալելու, գլխու պտոյտի մը վախուն: Ու գիտէր, թէ թաղը, երկշարք տուները մինչ եւ իրենց քիւերը լեցուած էին Նալպանտենց գայթակղութեամբը: Թէ` օր մը առաջ, լման գեղը արձագանգ էր տուած հզօր, անհաւատալի տեսարանին, սա իր կոխած քարերուն վրայ, երբ Սողոմին մայրը իր գեղին ամբողջ մեղքէն զատ եօթը ուրիշ գեղերու ալ մեղքին կոյանոցը սայպեր էր [152] այդ փառաւոր բակն ի վար: Ողողեր` հսկայ տունին զոյգ յարկերը աղբով ու անէծքով, ժանտախտով ու «երկնի հուրով»:

 

Անիկա գտաւ Սողոմը, մանկունակ ու դիւահար սպասման մը մէջ: Իր դէմքը բաւ էր պատմելու առաքելութեան ընդհանուր իմաստը: Մարդիկ ճակատագիրը դիմաւորելու անձնական կերպեր ունին: Ոմանք կը հարցապնդեն զայն, խռով ու հռետորական շարժուձեւումով: Ուրիշներ զայն կը չափեն աչքի յառումով: Ուրիշներ կը լռեն ու կը բռնեն անոր խուսափուկ պատգամները եօթներորդ զգայարանքով մը: Սողոմը հետեւեցաւ պահակին դանդաղ ու խոժոռ շարժումներուն: Պարպուեցաւ մախաղը: Օղի, Ուստիանին շրթունքէն, գալու համար Սողոմին: Խմիչքի անվարժ տղան մատ չդպցուց շիշին ու լուռ, կը հետա [153] պնդէր դիմախաղը շատախօս դեսպանին, հրաշքով մը կապուած հիմա  լեզուին լիսեռէն...: Հինգ վայրկեանը բաւ էր եղած, որպէսզի Նալպանտենց  հին ծառան, առտուան հերոս ու պահանջկոտ, ոչ ոք մտիկ ընող երիտասարդը գետինն ըլլար, փշուր-փշուր, տապալող արձանի մը պէս: Ընդուներ էր լուրը. նախ` պաղարիւն. թերահաւատ, կատակի շուքէ մը պաշտպանուած: Շատ խօսողներուն հաւաստումները ենթակայ են նման նկատառման: Քիչ-քիչ, կատակին երանգը հալածուեր էր [154], տեղը տալով ամէնէն նուաստ ստուգութեան:

 

Շրթունքը ծամելով` անիկա մտիկ ըրաւ զեկոյցը: Խղճին խորագոյն խորանին մէջ անիկա կը դանկտուէր սուտէն, կիներուն լրբութենէն: Մեղքը դեռ առած չէր իր շաղախին մէջ անոր հոգին ու պարմանի միամտութիւնը. անոր դիւրագրգիռ զգայնութիւնը [155] չէր ենթարկուած նման փորձի:

 

Բերանին, կիսաբաց, առնելով իր աջ ափը ու եղկելիօրէն միամիտ.

 

-- Իրա՞ւ է ըսածդ, Ուստիան աղբօր:

 

-- Իրաւ ալ խօ՞սք է, տղայ:

 

Ու վեր էր հասարակ ցաւէն սա կարեկցութիւնը միամիտ պահակին մօտ, որ Սողոմին չափ զարնուած էր անակնկալէն, աւելի վիրաւոր էր ալ շատզրուց իր գիտակցութեան մէջ: Ան կիները կ՚երգէր իբր հաճոյքի ամաններ, տաքցնելով անոնց գոյները վառ իր երեւակայութեան ընդմէջէն ու կը յաւակնէր զանոնք ճանչցած ալ ըլլալ: Բացի պատանութեան մէջ բռնի վրան հրուած պոռնիկէ մը, միայն իր կնիկը սերտող յիմարը կը տառապէր սա պահուն իր պապուկ, աղքատուկ գիտութեանը համար:

 

-- Խենթենամ պըտը, Սողոմ:

 

Ու կը ծեծէր ձեռքերը ծունկերուն, կնիկի նման.

 

-- Տասնոց չենք արժեր:

 

Այս վճի՛ռը, որ խոստովանութիւն մըն էր նոյն ատեն, կիները ճանչնալու հզօր փորձանքէն պարտուած գեղացի անոր ուղեղէն: Ու ցա՛ւ մը: Խեղճե՜րը: Ի՞նչ գիտնային անոնք, թէ ամէնէն դժուար, փխրուն ու երկդիմի գիտութիւնն էր անիկա, մարդոց որդիներուն շատ շատին համար: Ի՞նչ իմանային, թէ ամէն մարդ այդ գիտութիւնը կ՚ընէ միայն ու միայն իր ջիղերովը, երբ ասոնք ըլլան բաւական առաձիգ` կշռելու համար կիներուն մարմինները: Ու իր արցունքովը` երբ կը կործանի շէնքը, կազմածը մեր զգայնութեան, չժուժելով սուտի, կեղծիքի անկարելի նենգութեան հոյակապ ոստայնը, կիներուն մեղքովն ու միսովը ցանցաւոր` մարդոց սրտերու ճամբուն: Կեղծ են գիրքերը, երբ սորվեցնել կը յաւակնին: Խրա՞տը: Փորձառու պատմումնե՜րը: Հեքիաթներ` զորս կը լսեն բոլորը, բայց տղաքը միայն կը յամառին արժեւորել:

 

Մազ մնաց, որ խենթենար: Բայց առոյգ էր բաւական, ու պաշտպանուած մօտիկ անցեալէն, տանելու համար ստորին հարուածը, գլխուն լախտ մը ուտող ու ատեն մը ատկէ շշմող մէկու մը նման: Երկու հզօրագոյն պատկերներ, սուտը ու տարփանքը, կրակի պէս փաղաղեցին զինքը: Ու այդ ափափումին մէջ անիկա հալելու, հատնելու զգայութիւնները ունեցաւ: Հողը կակուղցաւ, պղտորեցաւ առջին: Չիյնալու համար` կռնակը տուաւ հնօրեայ ձիթենիին, որուն այտուցաւոր բունը զօրաւոր ցաւեր արթնցուց անոր մէջքին: Ախոռին ծեծը ու վարդով սա ծեծը իրարու կը հիւսուէին անոր միտքին մէջ: Ու անոր անձը պարպուած էր մարդկեղէն արտայայտութենէ, տերեւէն աւելի գունատ, անմի՛տ աչքերէն:

 

-- Թուղթ մը բանալ տանք:

 

Պահակը սպասեց Սողոմին պատասխանին, որ չեկաւ:

 

-- Քանի՞ Հայր-մեր տեղ է [156]:

 

Ցոյց կու տար հովիտի գիւղակը, թուրք, իր կտրտուած մինարէովը, բայց հանրահռչակ հոճայովը, որուն հրաշքները գիրքեր լեցնելու չափ առատ էին: Անիկա աւետեր էր օր մը առաջ բանտարկեալներուն ողջ-առողջ դարձը: Յետոյ խորհեցաւ, որ յիմարութիւն էր առաջարկը: Ի՞նչ բանի համար թուղթ պիտի բանար ամենակարող կարդացողը:

 

Սողոմը կը մնար իր կործանած, այլուրային անիմաստութեան մէջ: Չխօսեցաւ աւելորդ ոչ մէկ բառ, [157] Ուստիանին զեկոյցէն ետքը, որ իր հարցումները, հնարքները, խելքին փչածը կը տեղար, տարակոյսէն, արգահատանքէն, հետաքրքրութենէն հաւասարապէս տաղտապուն: Թողուց որ թափէ: Ու անոր բառերուն հետ տեղը մէկէն օտար, ատելի եղաւ իրեն: Ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ այս զայրագնումը անմեղ, բարեկամ սա պահակին դէմ: Ամօթէ՞ն, լքումէ՞ն, կատաղութենէ՞ն, -- պաղած էին ոտքի խաղերը, վասնզի չկրցաւ մարմինը զատել ձիթենիէն: Հոգեկան քայքայումէն յետոյ մարմինին ալ սա նուաստացումը չէ՞ր աւելորդ: Սիրտին զարկաւ դառնութիւնը այս մտածումին: Ու իր աղքատութեան, անզօրութեան մեծագոյն փաստը, իր մարմինը, [158] անիկա վճռեց պատսպարել ամէնէն առաջ պահակին աչքերէն, որոնց մէջ շողացող բարի կարեկցութիւնը զայն կը զայրագնէր, ոճիրի յաճախանք մը փախցնելու չափ անոր հոգիին հորիզոններէն: Նոյն ատեն անիկա հաստատեց շատ բարձր, շատ հպարտ ուրիշ իրողութիւն մը, -- չէր վախնար անիկա աշխարհէն, ու իր հասակին ու տարիքին ցուցմունքներէն հազար փարսախ վեր գիտէր ինքզինքը: Ուրկէ՞ կը քաղէր այդ ուժը: [159] Սիրողներուն մօտ խելքը` պատահմո՛ւնքն է, բնակա՛նը` կիրքին մշուշը ու ասոր պղտորումին մեր մէջ առաջացուցած հետեւանքները: Ազատելու համար ինքզինքը սպաննելու, արիւն թափելու, առնուազն սիրտ ծակելու փորձութենէն --եւ սակայն չէր գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ուզէր պահակէն-, կատղած շունի մը նման, որ իր ծանօթները չխածնելու համար կը խուսափի, կ՚ըսեն, տիրոջը տունէն, անիկա դարձուց կռնակը, խուլ` պահակին բոլոր պնդումներուն, առանց բառի, առաւ ճամբան, ուրկէ իջած էր:

 

Արագ, հեւուն, մա՛նաւանդ թալթլուն իր քալուածքը կը պատկերէր փոթորիկը [160], որ կ՚ոռնար անոր ներսը: Գլուխը կը շիշտէին իրար հակասող մտածումներ: Ամէն մէկը կ՚ուրուանար, յետոյ պահ մը կը կենար յստակ, ըմբիշի պէս անոր ուղեղին դաշտը, կը տրորէր անոր ծալքերը իր ամօթին, կարօտին, զայրոյթին [161] ու տարփանքին փոփոխակի խոփովը ու կը քաշուէր կրկէսէն: Ու անիկա այդ հերկումին, պատառումին ցաւը կ՚աղար ակռաներուն ներքեւ: Ո՞ւր: Չէր գիտեր: Իր բնազդը վարեց զինքը: Դէպի գեղին հարաւի բլուրները, թաւուտները, որոնք ամայի էին, այդ եղանակին, մարդոց ուրիշ տեղ, այգիներով պարապուած ըլլալէն: Շունչէ, պատկերէ, մա՛նաւանդ սեւեռ աչքէ իր փախուստը կը մատնէր խորունկ կշիռը զինքը սարդի թելերուն նման ամէն դիէ պարուրող, արթուն ըլլալուն հակառակ, կիսաքուն վիճակի մը մէջ բեւեռող մղձաւանջին: Անոր քալելը, նստիլ ուզելը, թաքնուելու համար թուփի մը ետին փոքրանալը խանգարուած էին իրարու աննման, զիրար հերքող զգայութիւններէ, որոնք անոր մտածման կազմածը կը պահէին կարկուտի մը տարափին ներքեւ: Կա՞րգ…: Անիկա ցանցին մէջն էր մինչեւ այդ րոպէն իրեն անծանօթ վախի մը, որ կ՚այրէր, կուծ-կուծ, մէջքին ճամբաները, փապուղիները ու գանկին կամարներուն տակ աքցանի կ՚առնէր անոր հոգիին արմատը, - գեղացին ուղեղին մէջ որոշ կէտ մը կը տեսնէ այդ պատկերին տակ: Յետոյ, անտանելի, ոչ թէ ուժին, այլ` պարզ իր գոյութեան համար, ուրիշ կսկիծ մը, որ սիրտը կը ծակծկէր պահէ [162] ու կնոջ մը մարմինին, բերնին աղը կ՚անցնէր հերկուած միսերուն երեսէն: Բայց աւելի անիկա փչուած կը զգար ինքզինքը զարհուրելի կատաղութենէ մը, որ իր մինչեւ իսկ աչքին բիբերը ճօճումի կը հանէր ու կ՚աւելնար ցաւի, աքցանուելու միւս զգայնութեան: …Կարօ՜տ, զինքը մարմինին բոլոր լարերովը դէպի գեղ, դէպի Նալպանտենց տունը արեւելող, հոսումն [163] ընող, անդիմադրելի սա ցանկութիւնը, որ ջուրի տակ պահուած օձի մը նման գլուխ կը ցցէր իր խռովքին ալեկոծ ակօսումէն ու կը գծէր կորաձեւը տունին ճամբային: Յստակ, գրեթէ լսելի ձայներ կ՚ըսէին իրեն դառնալ ետ, զարնել Նալպանտենց դուռը ու դիզուիլ, անձեւ, Աղուորին առջեւ, հեռուներէն մեկնած ու ափին անզօր փշրուող ալիքին նման: Տարփա՞նք` այն խուլ, բայց որոշելի միւս բզզիւնը, թանձրութիւն ու լայնք թելադրող, որով կը մշուշուին մեր ջիղերը ու կը մեկուսացուին աշխարհին ուրիշ հոսումներուն դէմ, իրենք զիրենք, լիութեամբ, տրամադրելով մէկ ու միակ բանի մը, -- սիրականին: Սողոմենց տղան մատաղ ծառերուն մարմինները հազիւ կը յաջողէր պահել իրենց տարազին տակ ու չշփոթել, ներքին հեղումով գոյաւոր զեղծումի մը մէջ, անոնց ճերմակ բուները հանգունատիպ ուրիշ ճերմակներու հետ, կիներուն միսերէն: Նոյն ատեն ակռաներուն տակ շատ պայծառ համ մը, հում լեարդ, փայծաղ կերած մէկու մը նման: Արիւնին այդ համը ողողեց զինքը ակնթարթի մէջ ու հաշտեցուց անոր ներսը տարտամ, բայց տարասեռ բաներ, երեւնալու վախցող, բայց իրենց ուրուային պարոյրներուն վրայ կանգուն, որոնք առաձիգ ճնշումներով կը կանգնէին գիծ ու կարկառ: Ու գտաւ, որ արիւնին այդ յաճախանքը նոր ալ չէր: Թէ` անոր սաղմնային ուրիշ ծփումները ծալեր, ծրարեր էր անիկա աչքերուն դաշտերէն, մօտիկ անցեալի մը խողովակէն: Տեսաւ ինքզինքը, դանակը ափին, երբ վար, իր խշտին էր քշեր Նալպանտենց հարսը, հանելով զայն էրկանը ծոցէն: Կապեց երկու վիճակները իրարու: Ու կը կենար մէջտեղը անոնց, վճռական դանակին բուռը` ամրակուղպ, իր ափին ու, պատրաստ, կարող, գեղը լման անցընելու անոր երախէն: Յանկարծ տաքցաւ: Մէկը վառ լուցկի մը նետեր էր մտապատկերներու սա ոստայնումին: Ու կրակ էր անոր առջին, մեծ` ծովի պէս ու հաստ, որուն մէջ կը սուզուէին [164], մարխի պէս հալելով ու մխալէն, Նալպանտենց տունը, պառաւը, Սերոբը… ու Աղուորը:

 

 

  Բոլոր այս պատկերները մեծ չափով դուրս էին իմացական, երեւակայական կնիքէ մը ու կը դաշնաւորուէին իբր աղօտ զգայութիւններ, հետեւող, ծալուող` համեմատ անոր յոգնութեան կամ հանգիստին փոփոխակներուն: Պարտաւորուած էր զառիվերը ընելու ատեն չորս-հինգ տեղ հանգչելու: Նոյն ատեն երբեմն-երբեմն կը պարզուէին իբր արտաքին բաներ, գրեթէ սեւեռելի` զգայարանքներուն ասեղներովը, -- այնքան ուժգին էր ներկը անոնց կտաւներէ ն: Ու փայլակներ կ՚ակօսէին ջուրերը անոր հոգիին: Փոթորիկ` լիճի մը վրայ, խղդուած լուսնկայով, ափին խարակ ու հեղուկը` մելան: Ինչու՞ այսպէս տեսաւ անիկա իր ներսը: Ուրկէ՞ այս ամբողջական պատկերը: Չգտաւ կապը: Ու կայծակը կը զարնէր խարակներուն ու ամպի սեւ շերտերուն: Հզօր` խա՛նձը, թելադրելու չափ անոր զգայութիւնը իրական կրակին: Անոր այնպէս կու գար, որ կ՚այրէր ներսէն թանկագին բան մը, ժամուն պզտիկ վարագոյրին կերպասէն, կտա՜ւը իր տարփանքին, տեղ-տեղ, ինչպէս կ՚ըլլայ ատիկա երբ կրակ ցատկէ հարսանեկան քողի մը վրայ: Յանկարծ յիշեց Գագարանենց սրճարանին աղտոտ պատկերը, պատէն, փոթորիկի մը ընդօրինակութիւնը, գունաւոր ու տպագրուած: Սիրտը յուզուեցաւ այդ օրերուն ոգումովը: Ի՜նչ թեթեւ է մեր կուրծքը երբեմն մեր մէջ: Ու կը քալէր անիկա ծանրութեան [165] դժնդակ քայլը հիմա, յստակ բեռան մը տակ սայթաքուն յառաջացողին: Ոճիրին բեռն էր ատիկա, ձեւուած, կշռուած, պարկի մտած, իր մատներուն կշիռքովը անխուսափելի ու աննահանջ: Որուն բեռնակիրն էր ինքը, զարկած ուսին արիւնն ու կրակը, ինչպէս աղքատիկ փերեզակները, երբ իրենց կապոցները շալկած կ՚անցնին թաղէ թաղ, անվերջ խաչաձեւում [166] մը ընելով ինչ որ ուրիշներ կեանք կ՚անուանեն: Հա՜: Կար ատիկա: Կեա՜նքը, հա՜մը, վայելչութի՜ւնը, կի՜նը ու անոր ծոցը: Այսքան ցանկալի այս զգայութիւնները կը գրգռէին զինքը ո՛չ թէ իրենց պակասին, այլ` իրենց լիութեանը համար: Սովամահը կուշտ սեղանէն փշրանք միայն կրնայ հանդուրժել: Ու իր պղտորումին, խարխլումին, փոխն ի փոխ պողպատումին ու դոնդողումին հետ կը պտտցնէր ա՛ն` որուն ուրուածումը բաւ էր զինքը ողորմելի խլեակին նման նետելու գետին: Խառնակ այս յուզումները, երկար խուսափումներէ յետոյ, յանգեցան պայծառ պատկերին: -- Նալպանտենց հարսին ծոցն էր ատիկա, այս գիշեր ամէն գնով, նոյնիսկ մահուան գնով: Ու այդ պատկերը խոնաւ լեզուի մը նման կը պտտէր իր ջիղերուն կեդրոններուն, լուսնոտի նման թօթուելով մարմինը վերէն վար: Խե՞նթ: Չըսաւ ատիկա, բանաձեւէ՞ն վախնալուն, թէ համոզուած` իր զգայութեան խոր արժէքին. այնքան վճիտ էր իր պահանջը ու անդիմադրելի:

 

Անցաւ գեղամօտի պարտէզներէն: Տուներուն բեկորները, պատուհանները, երբեմն ճերմակ երես մը, իրենց մարդկայնութեամբը, զայն գորովի մօտ բանի մը կը հակէին: Ուրիշ էին սիրտերը, որոնք այդ կտորուանքներուն տակ կը տանէին կեանքին խուլ, անհասկանալի զարկը ու կ՚ըլլային սովորական ապրողներ: Իր հարցումը ետ դարձող հեղեղի մը պէս ողողեց զինքը: Յիմար էր ի՜նքը: Կարծես այդ մտածումը հաստկեկ վարագոյր մը կը քաշէր Աղուորին մարմինին ու իր մէջտեղը: Սիրտին նուաղում ինկաւ: Ու զարհուրելի յուսահատութեան մէջ տեսաւ ինքզինքը անկարող դիմանալու, առանց այդ ծոցին: Այն ատե՜ն, այսինքն` երբ դուռը կը գոցուէր ընդմիշտ իր առջին: Մենանալու, ինքզինքը հասունցնելու, ոճիրը եւ խղճմտանքը եփելու որոշումը իրեն բերաւ հաստատ նպաստ մը, որով դիմաւորեց սիրտին ցաւը: Յետոյ, այդ առանձնացումին պէտքն ունէր, օգտուելու համար ուրիշ զօրաւոր մտապատկերէ: Իր բանտի ընկերոջը դէմքն էր ատիկա, որ կը գծուէր հետզհետէ աւելի որոշ, տերեւ ու ճիւղի փսփսուքէն գոյն ու շարժ առնելով: Ե՞րբ հասած էր բլուրներուն ստորոտը, լայնկեկ բացավայրը, ուրկէ կը զատուէին բազմաթիւ ճամբաներ, զանազան ուղղութիւններով: Խճուղին զայն կտրելով մէջքէն կը մօտենար գեղին: Քովնտի ուրիշ արահետներ, ո՛րը զարտուղի գեղ հասնող, ո՛րը` գերեզմանատուն: Առաւ վերջիններէն մէկը, ոչ-բախտովի: Վասնզի ամայի ըսուելու չափ լքուն էր այդ ճամբիկը, փեռեկտուած հեղեղներէ ու տեղ-տեղ ալ անանց[ան]ելի, ձմրան ու գարնան: Ոլորքի մը սպառումին` դէմ դէմի եկաւ տարիքը առած մէկու մը: Բոպիկ էր անիկա ու իր քայլերը վրիպած էին Սողոմին լսողութենէն: Օտարական, բարեբախտաբար, ինչպէս կ՚ըսէին դէմքն ու տարազը: Ուսէն կախ, երկկողմանի, մաղերու [167] կապոց մը, մէջէ մէջ տեղաւորուած: Միւս ուսէն` մախաղը, որով սովոր են պտտիլ գնչուները թաղէ թաղ: Ծե՛ր: Բայց մա՛նաւանդ ուլունքէ աչքերով դուրսէն փոխ տրուած, այնքան անսովոր էին անոնք թուխ այդ երեսներուն:

 

Գնչուները մարդոց մօտենալու համար չունին դժուարութիւն: Ամէն տարիք օժտուած է, ինքնեկ ձեւով մը, ուրիշները շահագործելու: Ու արհեստին մէջ ճարուած այդ փորձառութեան աստիճանը չափով մը կը կրկնէ քաղաքակիրթ որակուած մարդոց կերպերը: Գնչո՛ւն, ծեր, օրհնութեամբ պիտի բանայ բերանը ու տրտում պիտի ընէ աչքերը: Կին` պիտի աղերսէ, առանց քծնելու, տգեղութեան հզօր վախով մը արգիլուած` այդ մարզին վրայ: Այրերը` համոզկեր, պիտի խօսին ու զիջող իրենց նկարագիրը պիտի ընդլայնեն ազատ ու բարի, ու կարեկցուն պատկերներով: Եղաւ շրջան, երբ անոնք արդար արգահատանքով մը մեզ կը խրատէին:

 

-- Երիտասա՜րդ, սիկար մը:

 

-- Չեմ ծխեր:

 

-- Երիտասա՜րդ, բերան մը հաց:

 

Նեղուեցաւ այս խնդրանքէն, վասնզի չէր հասկնար զսպանակը: Ծերին ուսէն, մախա՛ղը` մինչեւ իր պուկը լեցուած հացով, խոնաւ կաշիի հոտին հետ կ՚արձակէր բորբոս, փուռը չորցուած ու այրած հացի գոլորշի: Գեղացին սարսափելի է, երբ չկամ կու տայ ողորմութիւնը, վար չմնալու աստիճան քաղաքի խանութպաններէն, որոնք աւրուած ապրանք միայն կը տրամադրեն մուրացիկներուն:

 

-- Ինչո՞ւ կ՚ուզես ինչ որ ունիս:

 

-- Մի բարկանար, երիտասա՛րդ, հացը Աստծոյ է:

 

Բարկացա՞ծ էր: Կարմրեցաւ: Իր ալ աղքատութեան քղամիդը կ՚անցընէին աչքերէն: Սեւեռեց հայեացքը վրան, զղջահար ու իր տագնապին ամբողջ կշիռովը՝ [168] ծանրութիւն:

 

-- Սեւ են աչքերդ, երիտասա՛րդ:

 

-- Ի՞նչ կապ ունի աչքը հացին հետ:

 

-- Հացը միսն է հոգիին, տղա՛ս, - ըսաւ անիկա ու կամացուկ ճամբուն չերեւցած մասը գլխու հակումով մը կէս մը զննելէն, առաւ ուսէն կապոցը գետին ու շտկեց մէջքը: Յատակը սկսած էր փտիլ: Կեդրոնէն ալ կիսաղեղ [169]:

 

-- Աչքի՞ն սեւը ինչ ունի կապ…

 

-- Սեւ աչքերը սեւցած սիրտերուն պատուհաններն են:

 

Պատասխանները հանդարտ էին, չփնտռուած, ըսուող կիսաձայն ու թեթեւ:

 

-- Ո՞րն է սեւցած սիրտը:

 

-- Սիրտը կը սեւնայ, երբ մարեն անոր մոմը:

 

-- Ո՞վ է մարողը:

 

-- Մարողը մէկ է միշտ, տղա՛ս:

 

Ու չաւարտեց նախադասութիւնը, գուցէ աւելորդ գտնելով շարունակելը: Սողոմը շատ մատաղատի կը թուէր անոր:

 

-- Չըսիր:

 

-- Կրնար չըսուիլ: Կը պնդես: Գիտցիր ուրեմն. մարողը կնիկն է միշտ:

 

Ի՜նչ վստահ, ու նոյն ատեն թելադրող էր սա բերանը: Ա՞ս ալ գիտցող մը, նման Ուստիանին ու, շատախօ՛ս, ինչպէս պարտքն էր ըլլալ բոլոր գիտցողներուն, երբ իրենցմէ չէ, որ կը խօսին: Որքա՛ն [170] ճարտասան ենք ուրիշներու հաշւոյն:

 

-- Դու՜ն ուրկէ գիտես ատ բաները, ծերունի՜:

 

Ծիծաղելի չէր Սողոմենց տղան: Երկու ամսուան մէջ անոր ուղեղը արձանագրած էր աշխարհք մը բան, որոնցմէ մէկ քանին մինակ պիտի բաւէին լեցնելու մարդոց միջին տարիները:

 

Գնչուն վիրաւորուեցաւ: Անիկա ի՜նչ գիտնար Սողոմին տառապանքը: Տարիներով նախատուած, իր ցեղին մեղքովը, ծերունին չափեց թերաստուեր պեխերով անփորձ երիտասարդը: Անիկա կուլ էր տուած ընթացիկ նախատինքը, -- տունի տեղ վրան գործածողներուն մօտ կիներու գերութի՜ւնը:

 

-- Գիտեմ, տղա՛ս, գիտեմ:

 

Ու տարօրէն մօտ էր այդ շեշտը ձայնին, որով կ՚ոռոգուէր Սողոմին հոգին, իր մենախօսութեանց մէջ: Անմիջապէս անիկա զգաց տարբերութիւնն ալ, որով կը զատուէին իրարմէ շատխօսիկ Ուստիանը ու սա տրտմահար ծերը, իրենց գիտութեան տեսակարար կշիռովը: Ծերութի՞ւնը, թէ օտարութիւնը (ցեղին) կ՚ընէր այս բերանը այնքան խոր, հասկցող, մօտ:

 

Սողոմը չէր աւարտած մտովի այս բաղդատութիւնը, երբ լսուեցան ոտքի ձայներ: Սողոմը ըրաւ հեռացումի ձեւ: Անիկա վախին տակն էր գեղէն փրթող հանդիպումի մը: Չունեցաւ տեղ, իր մտածումը իրացնելու: Յայտնուողն էր երիտասարդ կին մը: Աշխոյժ, համարձակ, անցաւ անիկա ծերուկին ու Սողոմին մէջտեղը:

 

-- Սեւաչուի տղայ, նետէ հոս տասը փարա:

 

Ե՞րբ հանած էր գլխէն լաչակը, փռած գետին, շտկած ճկուն մէջքը, շալվարին մէջ դարձնելով ինքզինքը [171] շնորհալի ու հրամայող:

 

Չենք հաւատար պատգամին, երբ ունինք մերը, հզօրապէս գալարափողուած ու մեզ տախտապարող: Կը հանդուրժենք սակայն ճակտի գիր կարդացողը, մեր պարունակէն հեռու անոր յայտնութիւնները: Բայց քիչ են մարդերը, որոնք դիմանան փորձութեան: Գնչու կինը կախարդ է` ինչպէս ինքը, ճակատագիրը: Մնաց որ, մեզմէ կու գայ յաճախ ընդառաջումը: Դժուար է հանդիպիլ մարդու, որ կամովին զլանայ իր սուրճին բաժակը շարլաթանի մը ակնոցներուն:

 

Լաչակէն ազատ անոր մազերը, իրենց հոծ սեւերովը, դաշն բան մը կը դնէին պճլտուն, խոր, խառնող [172] այդ աչքերուն վերեւ: Ու խուրձեր, հիւսուած խիտ ու մանր-մանր: Իւրաքանչիւրին` հանգուցուած սուտ-պլորիկներ [173], ոսկեձեւ ու առատ:

 

Սողոմը կը կարծէր նոյնացնել այդ դրամիկները միւսներուն, որոնք իրենց թաղին չորս-հինգ տարեկան աղջիկներուն խոպոպները կը դեղնաւորէին: Հզօր էր, անոր վրայ, արտայայտութիւնը, դէմքէն, ջերմ, սիրաւէտ, հանդարտ, հակասելու համար յանդուգն խուզարկութիւնը աչուըներուն, տարօրէն կենսաւէտ, բաբախուն, ու խօսուն: Երեսի շէնքին, շուք մը, պառկուածք մը, որ կրնար մօտեցուիլ ծերուկին արտայայտութեան: Հա՞յրը: Կը հարցնենք ասիկա խուլ ու անհաս հաշիւներէ թելադրուած: Անոր մարմինէն կ՚առնուէր յստակ ծորում մը, բարկ ու պարուրող, սանկ շաղոտ համ մը, ինչպէս էր աշունինը, շուրջը, ամէն բանի վրայ եւ որուն մէջ կ՚ապրին գնչուները: Կիսաբաց ու անպատսպար վրաններուն մաղէն ծծուած զով հոսո՛ւմ, գիշերէն ու վաղ առաւօտէն, որ կը յամառէր մխալ անոր լաթերուն, մա՛նաւանդ մազերուն ցանցին: Ծաղիկ ու կաշի հոտող նոյն ատեն, փոկէն մատներուն փակած, մաղը [174] հիւսելէն: Է՞գ: Այսինքն` թարմ մի՞ս: Սողոմը կը զննէր գոյնը, որ մօտ էր դեղին միջակ մոյնքին, վա՛ր` աւշային, ճերմակ դալկութիւններէն, բայց վեր` հաստ ու աշխած կարմրութիւններէն: Չհարցուց ինքնիրեն ինչո՛ւն այս զննութեան: Իր մէջէն դէպի դուրս այս պարպուիլը կը թեթեւցնէր անոր կապարեայ բռնուածքը, որ միակտուր կ՚ընէր իր հոգին առաւօտէն ի վեր, գոցելով զայն ոճիրէն դուրս ամէն կարիքի: Անիկա թողուց, ու հեշտութեամբ, չըսելու համար հեշտանքով, որպէսզի բռնէ զինքը գնչուհին ձեռքէն, քաշէ գրեթէ դէպի փշատը, չորս հինգ քայլ վերօք, բոլորովին մօտ, ընտանի, ինչպէս կ՚ընեն հարսնպարերուն, խպնոտ տղաքը պարին քաշող գեղանի ու մուշտակով հարսները: Ծառը կը դիմանար: Սեւ կուտերու տարափը կ՚ընէր անոր յատակը նկարէն ու յանկուցիչ, աշնան անձրեւներէն նոր ելած բարակուկ խոտերուն քովէն: Պզտիկ ջուրի մը անկողնակն էր այդ ձորամէջը, հիմա ցամաք, բայց ձմրան` հարուստ հոսանքով մը, որ աւազանը կ՚ընէր մաքուր աւազէ: Քովնտի` կածան, շատ քիչ քայքայուած, թաւարծի ստուերով մը աղուացած: Տեղը կէս մը պաշտպանուած, դէպի թթաստանները արշաւին մէջ յանկարծ կանգ առնող, որոնք կ՚ընծայէին աչքին` ինչպէս հոգիին, տաքուկ ու գաղջ խորշ մը:

 

Սողոմը հնազանդեցաւ: Չէ ր կարելի ճշդել զսպանակները, որոնք զինքը կակուղ կ՚ընէին այդ չափով: Միայն այցելեց իրեն այրերու հանդիպումին հեռանկարը ու ատիկա բաւ եղաւ, որպէսզի ամփոփուի իր փուշերուն մէջ: Ճերմակի վրայ այդ վայրի կնոջ մէջէն յստակ բան մը կը թափէր դուրս, որ կ՚ընէր անոր անձը շահեկան, նոյնիսկ խոր ձեւով մը հետաքրքիր: Կիները չէզոք են, երբ կաթ կու տան կամ բեռնով են: Բանտը իր մատներով հիւսած ուլունքէ տոպրակէն հանեց ուզուած դրամը եւ նետեց լաչակին: Հաճ, գրեթէ երջանիկ: Մոռցա՞ծ էր ինքզինքը: Ծերուկը վառեր էր արդէն, իր ծխամորճը, քիթէն կոտրած, ու կը հետեւէր զոյգին, տարօրէն տարուած անյայտ բանէ մը: Յուզուած, այցուած կը թուէր ան հեռաւոր զգայութիւններէ:

 

Նստան: Հեռուներէն իշու մը խռչակը լայն-լայն կը խարտոցէր տարածութիւնը, ծուփ տալով բլուրէ բլուր: Անոր պատառոտուն ընդհատներէն Սողոմենց տղան տեսաւ Ուստիանին հովոցը, թզենիին կապուած յանցաւոր աւանակը, որ ուրիշին պարտէզն էր արծեր, ու ձերբակալուեր պահակէն: Առտուն, կենդանին կը պոռար, անօթի ու կրքոտ, փորին բոլոր ուժովը, վարի արահետէն անցնող ամէն ընկերի: Ինչո՞ւ այն ատեն չէր նեղուած Սողոմը այս իշու երաժշտութենէն: Դէմին, գիւղակը, կտրտուած (գագաթէն) մինարէն ու բազմահռչակ հոճան, որ իր թուղթերովն ու շէրպէթ ներովը իրարու կը բերէր սիրող ու սիրական, հոգ չէ թէ արիւնով կամ սուրով, նոյնիսկ եօթը լեռնով բաժնուած:

 

Գնչուհին, լուրջ, առաձիգ ու հոտաւէտ իր մարմինը դրաւ իր ծունկերուն վ րայ: Հինա` մատներուն ծայրը, վերերը` բեռնաւո՛ր գոյն-գոյն ապակիներով: Դաստակներուն` հիլալ, բազմագոյն, շողիւնոտ: Ապարանջ, հաստէն, բարակէն: Հաճիներ, Երուսաղէմի պարտէզներով: Մորթը, մօտէն աւելի բաց, աչք առնելու չափ, քանի որ տիպարին ընդհանուր գոյնը թուխն է, քիչ մը աղօտ, որ տարիքին հետ կը հոծնայ ու կը գոցուի: Լաչակին մէկ պոչէն արձակեց մատնի մը, չար, խոշոր, կապոյտ քարով մը ուռուցիկ: Անցուց զայն պարապ մատին: Թեթեւ յուզումով մը, աւելի հետաքրքրութիւն, քան լուրջ խռովք, անդադար աչքին սլաքին տակ պահելով դալկոտ ու գեղադեմ երիտասարդը: Մատնեւոր մատովը անիկա գծեր էր բոլորակ մը, կէս կանգուն տրամագիծով, աւազին վրայ: Աւելի հոտէն, քան ըրածներէն շուարած` տղան տուաւ իր ձեռքը: Գնչուհին կը սեղմէր ու կը խօսէր անոր, իր հինայուոր ու ոսկեբեռն մատներով: Նոյն ատեն ազատ իր ափովը փակեց անոր աչքերը, մեղմ ու գորովոտ: Մանուկի մը չափ խելօք, փոյթ իսկ չընելով կիսաբաց քսակը --գնչուները համբաւ ունին արագութեան ու ճարտարութեան, երբ կողոպտելու վրայ է հարցը--, Սողոմը մոռցաւ իր ձեռքը, որ հնազանդելով կնոջ մատին, բոլորակի երեսին կը քաշէր անկանոն գիծեր: Տարօրինակ աղօթք մը, լեզուէն հիմնովին անծանօթ, բայց բառի փշրանքներով տեսակ մը հայեվար յիշեցնող, կ՚ընկերանար այս արարողութեան: Անտարբեր անոր միսթիք կողմին, Սողոմը խոր հաճոյքով կը դատէր սա մօտութիւնը: Թեթեւ կ՚ըլլան գնչուներուն զգեստները, բանալու չափ անոնց մարմիններուն կարգ մը մասերը: Խոնաւ ու էգ բան մը կը դողար պատկերին վրայ: Փակուած աչքերը գուցէ կը նպաստէին այս պատրանքին: Դաստակին ու երեսներուն վրայ կանացի այս փայփայանքը զայն ըրաւ խռոված ու մութ: Տարփանքը ժխտական կը սկսի: Երբ քակուեցան միսին շղթաները անոր աչքերէն, ճերմակ ու փշուր աստղեր կը հետեւէին այդ մատներուն, վրայի ապակեղէնին բիւրեղներէն:

 

-- Ընելի՞քդ:

 

Գիտէր սակայն, հարիւրներով հանդիպած ըլլալուն այս խաղարկութեան: Սուտը անոնց գուշակութեան դուրս էր կասկածէ: Բայց երբեմն մենք կը խօսինք, պարտկելու համար մեր միսին այ լապէս հզօր խռովքը: Լռութիւնը, նման պահերու, սեռային մշուշը յորձանող ազդակ մըն է ու երկիւղալի:

Գնչուհին չէր լսեր: Անիկա, նախ քան խորհուրդին մէջ իր մուտքը, իր նայուածքովը պարուրած էր զայն, սանկ մօտ, դպող, քսուող` լեզուի պէս: Կիները երբեմն գիտեն գաղտնիքը այդ աչքերուն: Խռո՞վքը, ուրիշ աւելի՞ նոր բաներ, պահը ըրին մէկէն ի մէկ տարօրինակ: Նոյն րոպէին ծռեցաւ գուշակուհին դէպի բոլորակին գիծերը, խազխզուած` Սողոմին մատներէն: Ճարտար խնամքով տարուած այս շարժումը, անոր կիսասքող ծոցէն, մէջտեղ դրաւ անոր ստինքները: Կուրծքին հովիտը, նոյն մորթով, ինչպէս այտերունը: Բայց կծիկները` ուրիշ: Անոնց յօրինուածքը կը հպատակէր ուրիշ կաղապարի, տարօրէն տպաւորիչ: Ո՛չ շատ, ոչ ալ ցամաք: Բայց մա՛նաւանդ հաստատ, հերքելու չափ դասական տոպրակները, որոնք գեղի հարսներուն կուրծքը կ՚ընեն այնքան անհրապոյր, կախ ու ճմռուած իրերայաջորդ դիեցումներէն: Ու հեռո՛ւ` նոյն ատեն ուժով ու լիխպ միւս առատութիւններէն, գէրերու, ամուլներու լողացող կուրծքին: Ու կը զատուէին անոնց պտուկները, յիշեցնելով սեւնալու վրայ խաղողի հատիկները: Ու անոնց մարմինը նման էր փուռէն նոր ելած զատկական կարկանդակի, իւղոտ, օծուն, բաց ու ժպտող երանգով ու ամրօրէն նստած, ամփոփ, իրենց հովտայատակին: Պատկերը ըրաւ Սողոմենց Սողոմը կին չճանչցող պատանիի մը նման յիմար ու եղկելի:

 

-- Ի՞նչ է աս:

 

Ահաբեկ ու խոր յուզումով այս հարցականը կ՚արտայայտէր թէ՛ սարսափ, թէ՛ անկէ աւելի բան մը, վճիտ այն երանգը, որով աղէտը կը դատենք մեր սիրածներուն պարունակով: Անիկա մարմնովը, խոպոպներուն ոսկիներովը եւ համայիլ ներովը կը դողար, ու շրթները դալկացած [175]: Կը ցնցուէ՞ր, թէ կը տեսարանէր [176]:

 

-- Աղջի՞կ ես դուն:

 

Որքան յիմար կը թուին մեր հարցումները դուրսէն լսողներուն: Բայց ո՞վ [177] կը հետաքրքրուէր անոնց բխումին տրամովը:

 

-- Աղջիկ է, - միջամտեց ծերը, որ չէր կրնար թափանցել հարցումի շարժառիթին, քիչ մը բաց նստելուն: Միայն խռոված էին իր բառերը: Կը յիշէր նոյն հարցումը` ուրիշ բերաններէ, ի՜ր բերանէն:

 

Սողոմին աչքերը, յառած ու մնայուն նոյն կէտին պատասխան կը սպասէին գունատ աղջիկէն, որ, գիտակ իր յուզումին, դարձաւ իր առջի դիրքին, շարունակելու համար խորունկ իր զննութիւնը, բոլորակին գիծերէն:

 

-- Ի՜նչ է աս, երիտասա՛րդ:

 

Լաց ու շաքար էր անոր ձայնը նոյն ատեն:

 

Շտկեց մարմինը: Ստինքները, հաւու տակ ապաստանող վառեկներու նման, անհետ եղան: Գունաւոր պասմայ է պլուզը անկարող էր ջնջելու քիչ առաջուան տեսիլքին հրապոյրը: Նոյն ատեն անիկա սուզուեցաւ, ամբողջ մարմնովը ներս` տղուն աչքերէն: Լիրբ, յարձակող, ցանկայարոյց, ու ճռուողուն` ինչպէս նոր լեզու ելած աղջնակ մը: Տարերային այս մատուցումը լսած էր Սողոմենց տղան, բանտի պատմածներէն, ու դատած պոռնիկները: Գնչուհին կը ջանար դիմանալ իր առքին մէջ, պահելու տղուն նայուածքը իր հասողութեան տակ: Շատցած էր դալուկը անոր շրթներուն, տարածուելով մինչեւ մութ կարմիր թաւիշը անոր այտերուն:

 

-- Յիսուս Քրիստոս, - հազիւ կարողացաւ մրմնջել անիկա: Թեւերը ինկած էին ծունկերուն: Սուր, արիւնի թաթխուած մատիկներուն դունչը, աղուէսի, գազանի եւ ուրիշ բզկտող անասունի մը խարդախ մագիլները կը յիշեցնէր Սողոմենց տղուն: Նոյն ատեն աջ ձեռքը բարձրացաւ ճակտին: Ուրուացածը անյաջող շարժում մըն էր սուտ խաչի մը:

 

-- Հա՞յ ես դուն:

 

-- Խաչապաշտ ենք, - ուղղեց ծերը:

 

Որքան ատեն, որ չեն հալածուիր, գնչուները կ՚ուրանան ուրիշ ցեղեր[ը] ու լռելեայն արհամարհանքը գուցէ թաքուն պահպանակ մըն է, որով դիմացած են [178] նախնական իրենց կենցաղը ու կրթութիւնը հզօրագոյն քաղաքակրթութիւններու: Անոնք կային, սա հողերուն վրայէն աստանդական իրենց վաչերովը երկու տասնեակ [179] դարեր առաջ ու կան այսօր ալ: Կ՚ըլլան հոսանքին հետ, զայն կը կրեն, երբ չկարենան խուսափիլ, պահ մը կ՚ընկղմին, բայց յորձանքէն յետոյ կը գտնեն զիրենք, հեղեղէն ազատուող խլեակներուն նման: Կը միանան կրկին ու կը սկսին իրենց կեանքը հոնկէ, ուրկէ առած էր զիրենք արիւնին ուրականը:

 

Աղջիկը կղպած էր շրթները: Բերնին վրայ, խաչ հանող անոր ձեռքը երկու մատ էր դրեր, ոսկիով ու փայլուն քարերով շողարձակ, որոնք կը վառէին արեւէն ու անոր լռութիւնը կը լուսաւորէին:

 

-- Ինչո՞ւ չես խօսիր:

 

Մե՛ղմ:

 

-- Ի՞նչ է տեսածդ:

 

Գրեթէ կը խնդար Սողոմենց տղան, տարուած խաղէն ու սա քմայքէն, էգ ու պոռնիկ, ինչպէս կը դատէր անիկա կացութիւնը կարճ իր խելքովը:

 

Գնչուհին նետեց գլուխը ետ: Աչքերը մանրացան, ու կէտի մը նման գամուեցան անոր ճիշդ բիբին:

 

-- Ի՜նչ վախկոտ ես դուն:

 

-- Մէկէն չեմ վախցած:

 

-- Ո՞չ մէկէն:

 

-- Ո՛չ մէկէն:

 

-- Մի ըսեր ատանկ, տղա՛ս, - ձայնեց ծերը, մեծ պուկ մը ծուխ փչելով դէպի արարմունքը: Անիկա կը խորհէր կիներուն, անոնց եղէգի ուժին, որով առիւծի պէս այրերը կը տապալէին ու կը ստիպէին զանոնք լզելու իրենց կրունկները: Չգոհացաւ ու աւելցուց.

 

-- Չե՞ս վախնար կնիկներէն:

 

Սողոմենց տղան կրակի պէս տաքցաւ այս պատկերէն: Ինչպէ՜ս իր ափը մէջքին մէջ գտաւ իր դանակը: Կինե՜րը: Կը ճանչնար զոյգ մը անոնցմէ: Անհուն եղաւ իր զարմացումը, որ այդքան հեռու կը թուէին հիմա Նալպանտենց կիները: Բայց անոնց վերադարձն իսկ բա՛ւ` իրեն մէջ բանալու պրկախտի, հոգեկան պրկախտի կարծրութիւնը, ուրկէ ազատուած էր, գէթ կը գտնէր այդպէս, գնչուհիին ճառագայթումովը: Յետոյ իրեն այցելեց բանտը, տղաքը: Ու իրա՛ւ` իր այն ընկերը, որ մորթ ած էր սիրականը:

 

-- Արիւնի մէջէն կը քալես:

 

-- Ե՞ս:

 

Զարմացաւ: Անիկա կը կարծէր պատգամը ուղղուած իր քովի տղուն: Լուացեր էր մարդասպանը սիրականին արիւնով ոտքերը ու ձեռքերը, քիթն ու բերա՜նը:

 

-- Դո՜ւն:

 

Ու դող կար անոր ձայնին մէջ, մանր, կարեկցող սարսուռը, որ չի բացատրուիր: Անորոշ է անիկա իր ծագումին` ինչպէս թելադրութեանը իմաստէն: Ի՞նչ է ըսել ուզածը: Որո՞ւ կը մտածեն կիները, երբ կը վախնան մէկու մը համար, իրե՞նց` թէ իրենցմէ վեր ուրիշ բանի, բաներու:

 

-- Ե՞րբ:

 

-- Հիմա:

 

-- Հիմա՜:

 

Տա՛ք: Ըսած էր հատու:

 

-- Քիչ ե՛տքը:

 

Պայծառ: Ըսած էր հաստատ աւելի քան բերանը կիսատ մարգարէի մը:

 

-- Կէս գիշերին:

 

Ու նուաղ էր անոր ձայնը, ինչպէս մոմ մը, որ կը մխուի հեղուկի մը մէջ:

 

Պատգամին արտակարգ պայծառութիւնը ու տեւողութեան կարճ չափը իրարու աւելցան` թանձրացնելու համար տարակայ, բայց ստոյգ խռովքը: Սողոմենց տղան զգաց, որ կը ձգէին զինքը իր փոսին մէջ, ուրկէ պահ մը ազատ կը կարծէր ինքզինքը: Ծերունին պարպեց իր մորճը, թօթուեց փշուրները տրեխի քիթին ու մօտեցաւ զոյգին: Քաղցր ու խաղաղ արեւ էր բոլորակին: Անասնիկ մը, որ սարդի` ինչպէս բզէզի նմանութիւն ունէր, սեփ-սեւ, մազաձեւ [180] իր տոտիկներով, մտեր էր ներս շրջանակէն ու ոսկեփայլ իր կռնակը կը տանէր բարակ իր թաթիկներուն վրայ, գլորուելով գիծերու փոսիկին, ելլելով, իյնալով, բայց կանգ չառնելով: Ի՞նչ կը տանէր միջատը այդ սրբազան բաւիղներէն, ուր ճակատագրին ասեղը այնքան խոր բաներ էր գրեր: Տերեւ մը, նոր ինկած, [181] խողովակաձեւ իր մարմինը իբր ագուգայ ձգեր էր երկու գիծերու հանգոյցին: Ու պարզ այս բաները կ՚ազդէին բարդ իրենց իմաստներովը արդէն խճող կացութեան:

 

-- Ե՞տքը:

 

Կիսատ էր շեշտը Սողոմենց տղուն: Կը տառապէ՞ր, հաւատալ չուզողի իր ցրտութեան մէջ` վիրաւորուած ու վախցած: Իրականը ա՛ն էր, որ կ՚ուզէր անիկա աւրել ճակատագրին սկուտեղը ու պլլուիլ գնչու այդ բերանին: Խենթ են մարդերը մինչեւ կործանում:

 

-- Կրակին մէջէն կը քալես:

 

-- Ե՞րբ:

 

-- Հիմա՛, քիչ ետքը, կէս գիշերին:

 

Նոյնքան հատու, պայծառ ու մարգարէ:

 

-- Ե՞տքը:

 

Գնչուհին, ջղայնոտ, նետեց բզէզը: Հեռացե՞ր էր անիկա տեսարանէն: Իր ձայնը կու տար այդ տպաւորութիւնը, երբ հեկեկուն, նոր հեգող տղու մը նման, կակազելով, երկարաձգուելով իր իսկ հնչումէն, արտասանեց.

 

-- Մութ կամարներէ:

 

Շունչ առաւ: Աչքը ագուգայի հանգոյցին, նման մէկու մը, որ իրարմէ բզկտուած երկու մասեր կը ձգտի իրար բերելու, հաւաքեց իր ուժերը ու անձուկով ու տառապող`

 

-- Կախաղանին ներքեւէն:

 

Զատեց անիկա աչքերը կախարդ բոլորակէն: Անդիմադրելի սարսուռ մը համակած էր անոր մարմինը, ուժով եւ որ կը փոխանցուէր երիտասարդին:

 

-- Որմէ՞ կը վախնաս:

 

Չըսաւ անիկա իր վախը, բայց անոր այտերը բռնուեցան կապտախառն բանէ մը: Սիրող կինեուն մօտ կ՚երեւի այս մելանացումը, յանկարծական ու խիստ, արդիւնք` նախանձի հեղումին: Որմէ՞ կը նախանձէր:

 

-- Սիրտերու պարտէզէն, - ստիպուեցաւ անիկա խօսելու: Ու խեղճ էր անոր բերանը ու խղճալի:

 

-- Չե՞ս հասկնար, - աւելցուց, տղուն թերահաւատ, օտար պատկերէն գրգռուած: Վիրաւոր ժպիտ մը դողաց ու անցաւ արագ: Կիները շատ քիչ անգամ զսպեցին իրենց բերանը.

 

-- Պալատներէ…

 

Գնչուհին կեցաւ: Դժնդակ յոգնութիւն մը անոր մատաղ երեսին դրեր էր լքում ու դաժան չարութիւն: Անիկա առքին մէջն էր պալատներուն, մեծ ու հեռու, ծովերու ափին: Ու կինե՜ր: Ու փառք ու ոսկի:

 

-- Ե՞րբ:

 

-- Աւելի ուշ: Շաբաթ, ամիս, տարիներ:

 

Առանց գիտնալու առած էր կրկին ափը Սողոմին, որուն արտասովոր ջերմութիւնը կճեց նախանձէն սառած իր ձեռքը: Դիմաւորելով տղուն մտապատկերը` երկարեց միւս ափը անոր բերանին:

 

-- Ա՛լ մի հարցներ:

 

Կը վախնար նայելու պալատներէն անդին:

 

-- Ե՞տքը:

 

Մատներուն ընդմէջէն, տղան բռնաբարեց գուշակին պատուէրը:

 

Դարձաւ բոլորակին: Ու արցունքը կը վազէր անոր այտերէն առատ ու անկեղծ: Պալատներէն անդի՜ն: Անշուշտ` գերեզմա՛ն, կամ կրծուած մանր ճճիներէ, որոնք հիւանդութիւնը կ՚ածէ մեր միսերուն մէջ. կամ` ինկած` դանակի բերնին: Կամ` ինքզինքը կախած իր իսկ տառապանքին եռոտանիին: Ո՜վ մարդերու ճակատագիր, որքա՜ն իրաւ ես դուն:

 

Չըսաւ տեսածները: Պէտք չունէր: Սիրաւէտ, սիրահար աղջիկն էր անիկա, երբ իր նայուածքը դրած անոր նայուածքին, պաղատանքէ վեր ու սրտառուչ անկեղծութեամբ մը աւելցուց.

 

-- Սեւաչուի տղա՜յ…

 

Ու չկրցաւ շարունակել: Ափերը կը պրկէին տղուն մատները: Յետոյ զգալով ծանրութիւնը ծերին աչքերուն` թոթովեց, նշանացի, ցոյց տալով դրամը.

 

-- Առ ատիկա:

 

Լսուած բան չէ, որ գնչուները մերժեն դրամը: Բարակ ու կարմրորակ մետաղը նետուած էր դուրս լաչակէն: Գլորուեցաւ ու պառկեցաւ աւազին մէջ, մէկ կուշտը վեր: Տղուն ձեռքը անշարժ էր անոր ափին:

 

Երկու ամիսէ ի վեր Սողոմին գլուխէն անցնող ու դարձող տարադէպ դրուագներուն արժանաւոր մէկ ընկերն ալ սա պատահարն էր, բաց արեւով, ծերունի պահակի մը հսկողութեան տակ: Անոր արիւնը կ՚եփէր խռովքէն, ուր իրենց լարը ունէին տարփանքն ու վտանգը հաւասարապէս, վարի գեղը իր անօրէն կնիկներովն ու ազգուրաց այրերովը ու սա հեռուներէն փրթած, իր ճամբուն անակնկալ ինկած աղջիկը, ճակատագիրէն խօսող, բայց ըլլալով ինքն իսկ ճակատագիրը: Յետոյ` անոր մէջ լեզու գտաւ միւս պատկերը, իր ցեղին, տունին, մօրն ու նշանածին պզտիկ, խուփ յուզումներէն գոյաւոր: Անիկա լքուած էր իր ատելութենէն, ոճիրին մղձուկէն ու կը նայէր սրտառուչ միամտութեամբ մը, ածուխի պէս սեւ, կախարդ բիբերուն:

 

-- Կու գա՞ս ինծի հետ:

 

-- Ո՞ւր:

 

-- Արիւն է ճամբադ:

 

-- Ո՞րն է քու ճամբադ:

 

Ո՞րն էր ճամբան բացաստաններու աղջկան, որ այրերը կը ճանչնար տասը տարիէ ի վեր, իր մարմինին ճամբաներէն, մատաղ մանչն ու երկաթ երիտասարդը, հասուկն ու նստողին նման ալեւորը եւ ոչինչ գիտէր կեանքին իմաստէն: Ո՞րն էր ճամբան միսի այդ կտորին, որուն խմորը կ՚երկարէր մինչեւ շուշանաթոյր միսերը կայսրուհիներուն, բայց որուն սիրտը մշտաբաց վրան մըն էր, խորան մը աստուածներու, զորս չէր ճանչնար:

 

Դողահար` ծերը ձգեց իր կապար հայեացքը աղջկան վրայ, որ անայլայլ.

 

-- Կրակ է ճամբադ. սեւաչուի տղայ, եկուր ինծի հետ:

 

Անիկա մօտ էր լալու:

 

-- Ո՞ւր:

 

-- Ո՜ւր:

 

Մէկէն անոր աչքին ինկաւ իր ցեղը, որ կը հերքէր սա միւսներուն բոլոր փառքերը: Ո՜ւր կը կանչէր անիկա սեւաչուի տղան: Մա՞ղ գործելու:

 

-- Գործիդ գնա՛, զաւակս, - աւելցուց ծերը, օգտուելով վարանոտ լռութենէն, որ արդիւնքն էր հարցումին:

 

-- Կարճ ըրէ՛ լեզուդ, - դարձաւ անոր աղջիկը: Ու անիկա գտած էր վայրագ ուժգնութիւնը, որով կը ծեծուէր սիրտը այդ պահուն:

 

-- Չե՞ս խպնիր մազերէդ:

 

Գնչուներու կռիւը գունագեղ կ՚ըլլայ: Սողոմը քանի՜-քանի՜ հեղ ականատես էր եղեր ատոր: Իրարու վրայ կը թափէին աշխարհին բոլոր կեղտը, քիչ ետքը ծեծի տակ հաշտուելու պայմանով:

 

-- Քեզի` քու փարադ:

 

Մաղագործներու բարքերը, հակառակ խիստ արգելքին, որ մահուամբ կը պատժէ ցեղին հանդէպ դաւաճանները, ինկած էին թափանցումի: Սովի տարիներուն անոնց կիները, հացի գնով, կը ծախէին իրենց մարմինները հայու ու թուրքի: Բայց տեսնուած չէր, որ անոնք լքէին իրենց վրանները, նոյնիսկ ամէնէն գեղեցիկ տունին փոխարէն: Թուրքերէն շատերը ըրած են փորձը ու պատժուած: Կինը, քաշուած իր բնազդներէն, կը փախչի տանիքէն ու, մահը աչքը առած` կը վազէ իր վրանին: Երջանիկ է, երբ իբր հասարակաց կին կարենայ հետեւիլ կարաւանին:

 

Շատ բացառիկ հրապոյրներ կը մեղմեն երբեմն դատակնիքը, հրապոյրներ, որոնք քաղքենի արիւն մը գուշակել կու տան, մօրը վրայով, պէյերէ կամ էֆէնտիներէ: Սիրահարութիւնը վայրագ ու աղէտաւոր երեւո յթ է նախնական այդ ուղեղներուն մէջ: Անիկա, այդ իսկ զօրութեամբ, կը հաստատէ դասալիքը ցեղին աւանդութեանց մէջ: Ու հետեւող ամուսնութիւնը, որ մահմետական օրէնսդրութեան կը հակի, թեթեւ ու առաձիգ, կը բաւէ ճեղքը փակելու: Ծերունին, շան պէս դառնալու համար այդ աղջկան ետեւէն, վճարող ըլլալու էր կարաւանին մէջէն ամէնէն շատ: Աղջկա՞ն, թէ հօրը: Սողոմը կ՚անգիտանար:

 

Հազիւ սկիզբ առած փոքր այս տրամը` պիտի մնար անաւարտ: Մէկէն բուսան, տասնով, քսանով կիներ, աղջիկներ, ճիժ ու քալող [182], բոլորին ալ շալակին մաղերու [183] շարոց: Ասոնց տեսարան մուտքը աղջիկը ըրաւ գունատ, դեղին ըսուելու չափ: Սողոմը չէր գիտեր, թէ եօթներորդ տղան սպաննելու պատճառ ըլլալէ ետքը, գնչուհին կը պահուէր այդ ցեղախումբին անողոք զայրոյթին տակ: Անոր սիրահարուած ծերունին իր կինը թողած էր կասկածելի պայմաններու տակ ու ոսկիներովը միայն դիմագրաւած գայթակղութիւնը: Ու կ՚ընէր իր դարպասը զգլխիչ աղջկան, որ ամէն օր կ՚ուտէր թոյնն ու արհամարհանքը բոլոր վրաններուն:

 

Տասը տարեկան աղջիկ մը արդէն համբարձուցած էր տասնոցը գետնէն: Ի՜նչ արագ էր անոր բնազդը: Ցեղէն դուրս ամէն արարած կողոպուտի նիւթ էր անոր: Ուրիշ մը, աւելի մեծկակ, նշաչուի ու նուռի կեղեւի գոյն երեսով, պարպելու ձեռնարկած էր ուլունքէ տոպրակը: Ունէր հասակ, վայելչութիւն, գուշակուհիի գիծէն ու չար, դաժան նայուածք: Թեթեւ վարանում մը, ատամներու կճրտում մը, գուշակուհին խլեց քսակը ու խծկեց տղուն մէջքը:

 

Փոթորիկը արձակուած էր: Խուժեցին կիները: Բոլոր կոկորդները կը ճուային զարհուրելի կարծրութեամբ բարբառ մը, բոլորովին անհասկնալի: Մաղերը նետուեցան գետին: Նոյն ատեն ութ-տասը կին, աշխարհի ամէնէն տգեղներէն, հնոց մտած ու ելած երկաթի գոյն մատներով, շրջապատեցին Սողոմը: Սպառնագին, մութ մորթին վրայ դեղին աչքերու դաժան պրկումով` շղթան հետզհետէ մօտեցաւ: Մնացեալները արդէն սկսած էին իրենց պաշտամունքը [184]: Տեղի ունեցաւ ճշմարիտ բզկտում մը, սրտանց ու անխնայ: Կծիկ-կծիկ առին մազերը աղջկան գետնամած գլուխէն: Ու ծեծը տուաւ իր արդիւնքը, -- ենթակային անպաշտպան կործանումը գետին: Թակոցը դադրած էր, բայց կը բարձրանար խաժամուժ աղաղակը, յորդելով ու ձորամէջն ի վար երկարելով դէպի գեղ:

 

Տեսարանին վրայ յայտ եկաւ կանոնաւոր դիմագծերով մարդ մը: Քառսուննոց ու տխուր: Անոր երեւումը ահի մէջ ձգեց անճարակ ծերունին, որ յանցանքի մէջ բռնուած շունի մը նման կծկտեցաւ քովնտի:

 

Քառսուննոցը մօտեցաւ ծերին, ջուխտ մը կրակի պէս ապտակ հասցուց աջին ու ձախին: Ծերունին փղձկեցաւ ու լացը անզօր մանուկի լացին էր նման: Ոչ ոք խղճաց այդ նախատինքին: Յետոյ վազեց նոյն մարդը - հայրն էր գուշակուհիին -- դէպի պառկած աղջիկը, բռնեց ծոծրակէն բութ մատովը, միւս ձեռքով սրունքին կոճէն, վերցուց խլուրդի պէս անխօս, գուցէ զգայազիրկ աղջիկը, հասակովը, գետնէն նետեց չորս քայլ անդին, փայտի կտորի մը պէս: Տեսան զինքը, որ քալեց, կոխկռտեց կողերուն, թքաւ արնաշաղախ անոր այտերուն: Այդ գործողութիւնը եղած էր այնքան բուռն, բայց կանոնաւոր, որ Սողոմը շրջապատողները, հետաքրքրութեամբ, մոռցան երիտասարդը: Օգտուելով ասկէ` Սողոմը քաշած էր դանակը ու խոյացած դէպի ծեծողը: Դեռ անոր չհասած` անիկա դիմաւորուեցաւ սադայէլեան ձեւէ մը, խումբին հիմնական կախարդը:

 

-- Ի՞նչ կ՚ուզես, երիտասա՛րդ, - ձայնեց ուժով պեխաւոր կինը, կարճ ու կտրուկ: Ակնթարթի մէջ անիկա կարկամեցուցած էր անոր երկու բազուկները, երկաթ իր բռունցքներուն մէջ: Դանակը, աւելորդ փայտի մը պէս` ինկաւ վար անոր մատներէն: Մօտ էին միւսները, շունչերնին տալու չափ անոր աչքերուն: Բայց զինքը բռնողին, ահաւոր տգեղութիւնը, կիրքով ուռեցած, բաւ էր մարդերէն սառեցնելու արեան վերջին կաթիլը: Դեղին անոր նայուածքը օձի աչքէն կը փրթէր կարծես:

 

-- Տղա՜յ, - աւելցուց ուրիշ մը, որ դուրս դարձած վերի շրթունքին տակ դեղնած ժանիք մը միայն ունէր, - եօթը տղու գլուխ է կերած:

 

-- Մեղք է արեւուդ, - հասցուց երրորդ մը:

 

-- Ո՞վ, - հարցուց Սողոմը, ամօթէն ու յուզումէն դողալով, բայց չփորձելով բազուկները քակելու յիմար ջանք մը:

 

-- Պոռնի՜կը...

 

Ցոյց տալով գետնամած աղջիկը, ա՛ն` որ ուլունքէ քսակը պարպելու էր ձեռնարկած ու կանանչ հրապոյր մը կը փախցնէր, նշաձեւ աչքերէն:

 

Նոյն ատեն ուրիշ կիներ առին աղջիկը հօրը ոտքերէն ու քշեցին առաջ: Սուր, բզկտող, անդիմադրելի ճիչ էր հիմա տեսարանը:

 

Սողոմը, ձգած` կախարդ մեգերան, երկաթ իր մատներով, կը հրէր երիտասարդ աղջիկը: Անիկա ետի ն իսկ չնայեցաւ: Ոչ ոք մտքէն անցուցած էր առնել դանակը: Գեղին սահմաններուն վրայ բռնութեան ամէն արարք անոնք պարտաւոր էին քաւելու ու քաւած քանի՜ անգամներ: Հաւարը տեւեց քիչ մըն ալ, կարծես ըլլար իրական առեւանգում: Երբ խումբը հալեցաւ ոլորքին ետեւ, Սողոմը աւելի քան մինակ էր, բոլորակին առջեւ, որ կը մնար անաղարտ: Ինչպէ՜ս յարգուած էր աւազի այդ պատգամը: Աւելի` նետուած բզէզը, իր թեւիկներուն թաւիշը բացեր, կը սանտրէր սեւ բողկուկներովը, մեծ գիծի մը հանգոյցին, որ լճակի մը պէս խոր թուեցաւ անոր:

 

Վայրագ տեսարանին այս կերպ վախճանը դի՞ւր եկաւ իրեն: Կեանքին երկրորդ նուաստացո՜ւմը, դարձեալ կնիկի մը երեսէն: Աղջկան պատկերը պահ մը յամառեցաւ թափառիլ անոր առջեւները: Կը դիմանար ամէնէն շատ ծոցը իր զոյգ ծիծերուն անմոռանալի յարդարանքովը: Այդ վերյիշումը ըրաւ զինքը գրեթէ յիմար: Ինչու՞ էր կեցեր ու չէր վազեր: Բայց շարուեցան աչքին միւսները: Բայց դրուեցաւ գետնին անոնց վճիռը, -- պոռնի՜կը: Ինչո՞ւ կ՚ուզէր հիմա, որ ըլլար իրաւ այդ վճիռը, զոր քիչ առաջ անարդար կը գտնէր: Ու ահա իր աչքին երկրորդ փլանին բանտի տղաքը, որոնք անոնց ծոցէն բանտը կ՚արթննային: Քիչ մը օրուեցաւ զգայութիւններով ու ծուէն-ծուէն անիկա դարձաւ հիմնական իր վիճակին: Դիմացողը այս անցուդարձերէն գուշակութեան տարօրինակ դրուագն էր, իր սկիզբովը միայն զօրաւոր: Անոր վախճանը մոռցած էր նոյնիսկ: Ծիծաղեցաւ, բայց դառն ու արիւնոտ էր այդ ծիծաղը: Ո՞վ ըսաւ իրեն «լալ իր Կարապետին վրայ»: Ո՞ւր անցընէր պիտի գիշերը: Նալպանտենց հա՜րս, ծնած չըլլայիր: Լացն էր պակաս այս դժնդակ մտածման առջեւ: Եկաւ իրեն հօրը պատկերը: Լուրջ, զուսպ, բարի:

 

-- Ինչո՞ւ թողուցիր տղադ, - ըսաւ անիկա տրտում պատկերին ու լեցուեցան աչքերը:

 

Գ

 

Օրը կանուխ էր սակայն: Խրատուած` լքեց կածանը ու առաւ պարտէզներու գիծը: Անոր միտքին մէջ, լերդացած արիւնի մը նման կը կենար հիմա վարի տունը, արիւնոտ իր հարսովը:

 

Զգոյշ, խռով, յաճախուած կրակէն ու արիւնէն, հետզհետէ մոռնալով գնչուհին, առանց մէկէն աշուելու [185] հասաւ անիկա գերեզմանատան բլուրը: Տաք ու հասկնալի խորշանք մը հեռացուց զինքը մահուան դաշտէն, ուր դժկամ կը կոխէր ոտք, հօրը մահէն ասդին, հակառակ աւելի կանուխ, գրեթէ ամէն իրիկուն խաղի վազած ըլլալուն հոն: Նորակառոյց պարիսպ մը կը զատէր անոր մարմինը բլուրին մէջքէն: Այդ ճերմակ գօտիին հետեւող մը ինքնաբերաբար ինքզինքը կը գտնէր «անիծուածներու», տարադէպ մեռնողներու մասին մէջ: Սողոմը հասաւ հոն, չմտնելու համար գերեզմանէն ներս, ուր լացողները կրնային տեսնել իր շուարուն թափառումը: Ի՜նչ հզօր փափաք էր սակայն, իյնալ հօրը հողքին ու կանչել անոր հոգին եւ ուզել անկէ իր ձայնը: Տիրացո՜ւն: Անշո՛ւշտ: Մենք մեր կեանքին երեք-չորրորդը [186] կը գործածենք աւրելու համար ինչ որ անոր առաջին չորրորդը բիւրեղացուցած է մեր մէջ: Յետոյ, իրեն ըսին կարծես յառաջիկայ գիշերին մասին: Գալ ու բանալ սիրտը իր հօրը: Չխորհեցաւ բնազդական վախին, որ մեռելներու քաղաքը կը խորհրդանշէ, մա՛նաւանդ այդ մատաղ տարիքներուն մօտ:

 

Անիծուածներու յատկացուած հողը կորսնցուցած էր գերեզմանատան իր նկարագիրը, նուաճուելով կարճթուփ սօսիներէն, -- աներես թաւուտներ ասոնք, որոնք կ՚արհամարհեն կրակը` ինչպէս մանգաղը: Անէծք մը զարկած ըլլալու էր սա տունկերը սակայն, քանի որ, հակառակ իրենց արմատներուն մշտակայ ջուրին, անոնք գամուած կը մնային իրենց ոտքերուն վրայ, գաճաճ ու տխեղծ, առանց բունի մը հասակը կարենալ ճարելու սողոսկուն իրենց ոստերուն: Այդ կէտէն վեր ձորա՛կը, գայլերու, բորենիներու ապաստա[նա]րան [187], ինչպէս նաեւ ասպատակներուն: Տեղ-տեղ, քարկտոցներ: Ասոնց տակ գեղը կը կարծէ թաղած ըլլալ մեծագոյն մեղաւորը, անզգամ այն արարածները, որոնք դաւած են իրենց մարմինին, արհամարհելով նոյնիսկ գերագոյն պատիժը, գերեզմանէ զրկուելուն: Սողոմը աչքը կը պտտցնէր մէկ կոյտէն միւսը: Եղա՞ծ, ապրա՞ծ են օր մը այդ մարդերը: Այդ կարգէ մահերու ցանցառ թիւը պատճառ է, որ շուտով վերածուին հեքիաթի, ժամանակի մշուշին մէջ: Յանկարծ`

Հայրապենց դուռը տաշած,

Երկու աղխերէն քաշած,

Նազի՛կ, սիրեմ ընքուընիդ [188]

Օսկի գրիչէն քաշած…

 

Ուրուացաւ հինաւուրց երգը անոր շուրթներուն, ա՛ն` որ երգուած էր հոդ թաղուած կնոջ մը մօրը ետեւէն եւ որ գեղին ամէնէն աղուոր հարսը եղած էր ատենին: Լաւ չէր յիշեր դրուագները, որոնք գեղանի կինը զրկած էին [189] լուս-գերեզմանէն, բայց գեղեցկագոյն հարսին պատկերը, իր մանուկ երեւակայութեան վրայ բանուած կը մնար, ոսկի ձեռագործի մը նման: Ու եղանա՜կը, զոր կը մռլտար, դպրոցին մէջ իսկ, Հայրապենց տղոցը աղուոր դէմքերը մօտեցնելով «օսկի գրիչէն» ելած միւս դէմքին: Ու տակաւին ուրիշ անուններ, որոնք ժամանակին հետ կը թափին իրենց մասնակի թեփերէն ու իբր մեղքի խորհրդանիշ, արիւնէ եւ միսէ դադրելէ յետոյ, կ՚անցնին գեղին բարբառին, առածօրէն, ու յաճախ` հեքիաթունակ: Սողոմը զօրաւոր մանրամասնութեանց մէջ կը յիշէր, օրինաւոր գերեզմանէն բռնի հանուած ու հոս վտարուած մեռելը նոր հարսնուկի մը: Պզտիկ ըլլալուն հետաքըրքրուեր էր միայն պատանքին իւղոտ ու հողով աղտոտած պատկերովը ու չէր հասած պատճառին: Մեծերը կամաց կը խօսին ասանկ տխուր բաներու շուրջը ու կը վռնտեն փոքրերը, երբ ականջ կախեն ասոնք սուսիկ պատմումին: Հինգ-տասը կալի տարածութեամբ սա հողերուն տակ որքա՜ն յուզում, ողբ ու արիւն, որքա՜ն տրտմութիւն ու արցունք ու որքա՜ն կատաղութիւն ու գեղեցկութիւն, Տէ՜ր Աստուած, -- կը մտածէր բանդագուշող Սողոմը ու մատովը կը ջանար ճակտին կեդրոնէն վանել Ցաւը, գլխագիր ցաւը մարդոց որդիներուն նախագրուած, զոր պիտի աղան` ինչպէս կապար գնդիկներ, իրենց նուրբ ջիղերուն մազի պէս բարակ ակռաներովը: Աշխատեցաւ հասկնալ հարսնուկին պատահարը, բայց կը նեղուէր միտքին ծանրութենէն, որ չէր յօժարեր ինքզինքը ըլլալ ու շարժիլ` ծանօթէն, մօտէն անդին: Տեսաւ, որ իր միտքը կ՚ախորժէր յիշողութեանց սովորական դարվարէն ու տուաւ ինքզինքը հոսանքին: Այն ատեն իրեն դարձաւ իր պզտիկ գլուխը, որ կը հեկեկար մեռած հարսնուկին ողջ-մեռել մամային հետ, միս-մինակ անիծուած սա հողերուն վրայ, արցունքէն թրջուած խունկը այրելու անկարող, ուզելով օգնութիւնը Սողոմենց «անուշձէն» տղեկին: Ու եղաւ անիկա այդ անուշ ձայնով տղե՜կը, որ վառեց կրակը, հո՜ս, աչքին տա՜կ, հիմա ելած քարակոյտի ձեւէն ու վերածուած հողի կոշկոռուտ կտորի մը, զոր յստակ կանանչ մը կը հագուեցնէր: Թոյլ, դանդաղ բան էր սա պահուն անոր հոգին, որմէ հանուած ըլլային կամեցողութեանց, կիրքերուն բոլոր զսպանակները: Այս յոգնութի՜ւնը, մահուան խուլ ձգողութի՞ւն, թէ արդիւնք իր ջիղերուն տարապայման պրկումին: Անոր մէջ կը հանգչէր կրակը ամենաբուռն կատաղութեան մը, որ առաւօտէն ի վեր կը ծեծէր մարմինը, հալեցնելով ամբողջ կորովը անոր մարմինին: Նստա՞ւ, թէ նստեցուցին: Բա՜նտն էր, սիրականը սպաննող տղուն հետ: Հով եկաւ, ուշագրաւ` անժամանակ ըլլալուն: Թուփերուն ճիւղերը ինկան ճիտ ճիտի: Ու անոնց աստղաձեւ տերեւներուն երեսին դողաց արեւին ոսկին ու թռաւ, ոսկեփոշի անոնց աղուամազին վրայ շափիւղայի անձրեւ մը վառելով: Ու խոր, անդիմադրելի տրտմութիւն մը կը ծորէր անոնց դեղնաւուն թաւիշէն: Ինչպէ՞ս ոսկիի, դեղնութեան, թաւիշի սա պատկերները լծորդուեցան մահուան շատ պայծառ, գրեթէ առարկայական այն միւս պատկերին, որուն մէջ կը գոցուին մեզի համար ընդմիշտ կեանքերը ուրիշներուն: Սպանութի՞ւն: Սպաննուի՞լ: Գերեզմանին մեծ ու կրածեփ պարիսպը անոր աչքէն կ՚անջատէր միւս, ընդարձակ տարածութիւնը, ուր կը պառկէին մարմարէ ալիքները անընդմէջ մեռելներուն: Թող ելլային ոտքի, կործելով հողն ու քարը իրենց վրայէն ու չորցած, որդնակեր իրենց սիրտը բանային, ըսելու համար ինչ որ հասկցան սա արեւէն ու սորվեցան կուպրէ մութէն, որ կը պատէ իրենց բզկտուած քուները: Ու ինչպէս ծովափէն հեռու, մեզի կը տրուի առնել ալիքներուն աղաղակը, Սողոմենց տղան ստիպուած էր ականջ բանալու մեռելներու շշունջին: Ու այդ շշունջը կը բարձրանար, հողին երակներովը ու կը ծծուէր անոր մարմինին բիւրաւոր դուռներէն: Քիչ-քիչ պարուրուելու, թափանցուելու այս զգայութիւնը կ՚ընէր անոր անդամները ծանր ու կոխուած: Մոռցա՜ծ էր բոլորովին ախոռին դրուագը, որուն հետեւանք կրնար ըլլալ մկաններուն սա լքումը: Կարծես կապարէ ջուր մը պուտ-պուտ քալէր անոր ոսկորներուն ուղիներէն, թեւաւոր, շամանդաղէ անձրեւի մը պէս: Ու աւելի՛ն: Անոր արիւնին բջիջները աշտանակուած կը թուէին բիւրաւոր կայծերէ պճլտուն ու կիզանուտ, ճենճերումի յայտնի հեռարձակմամբ մը: Պաշարուելու, գրաւուելու սա պայծառ տեսիլքը զբաղեցուց զինքը, շուար ընելու չափ արդէն ճիգի անկարող անոր դատողութիւնը: Ինչո՞ւ աս յարձակումը: Ի՜նչ կ՚ուզէին իրմէ: Բայց գնչուհին ու անոր արիւնի ճամբուն, բանտի ընկերը ու անոր արիւնոտ դաշոյնը, մեռելներ ու Նալպանտենց խշտին ու հիւրասենեակը թաւալգլոր կը պտուտքէին անոր ճակտին տակ, քառասմբակ` ինչպէս կ՚ընէր ինքը ձիուն վրայ: …Երբ ելաւ ոտքի, փախչելու համար գերեզմանին մօտութենէն ու մեռելներուն աղի, փտուկ հոտէն` անիկա զարմացաւ իր զգացումներուն վրայ: Կը նմանէր մահուան ընդարձակ թափօրի մը: Բազմամբոխ ու երկարուն: Իր մէջէն կը քալէր գեղին ամբողջ եղերականութի՜ւնը, դանակին ու կրակին թափած սո՜ւգը, ողջերուն վրայ սեւ անձրեւի պէս ծաւալելիք: Ու անոր քայլերուն ետեւէն կը քակուէր շարա՜նը, եռո՛ւն` ինչպէս շարանը մրջիւններու կարաւանին ու անվերջ: Ո՞ւր: Այս քանիերո՞րդ անգամն էր, որ կ՚ընէր ինքնիրեն դժբախտ սա հարցումը:

 

Զինքը տարին, գրեթէ հրեց ին ձորակը: Իր զգացումներուն հպատակող Սողոմենց տղան յոգնակի կը խորհէր, թէ՛ վախցած, թէ՛ դիմանալու անկարող: Գեղին ամէնէն քիչ այցուած մարզերէն, բորենիներուն --որոնք գերեզմաններու մօտիկ կը սիրեն բոյն դնել-- ու ասոնց որսերը յափշտակել սիրող գայլերուն մշտագոյ սարսափովը ամայի: Կործանած բլուրի մը խիստ բարեբեր հողերուն վրայ, անսովոր բուսականութիւն մը -- առաւելապէս սպառազէն տեսակէն-- կ՚ընէր այդ մարզը տեսակ մը թաքստոց: Կրակը անզօր էր զայն մաքրելու, քանի որ յաջորդ տարին թաւուտները կարծես խենթեցած, կ՚աճէին կրկնաւոր արագութեամբ: Հողին հոսուն նկարագիրը, գեղի աղբիւրներուն ակերը արգելք էին բահին ու արօրին, որոնց աստիճանական լեզուն միայն կը յաջողի սանձահարել փուշերուն կանգուննոց բերանները: Ու ձգուած էր անիկա տիրապետութեանը գայլին ու գազանին:

 

Աշնանասկիզբի գունաւորում: Խոնաւ ու շաղոտ մարմանդ հո՛ն` ուր հողի կտորիկ մը ազատ կը մնար բուսականութեան փաղաղումէն: Խոտերու լեզուակներէն կը զատուէին պսակները օտարոտի ծաղիկներու, որոնք արիւնոտ կամ դալուկ սնգոյրի մը մէջ կը կենան, գինով ու անհաս: Հոս-հոն ժայռեր, ամբողջ կամ փշուր, բզիկ-բզիկ իրաններով կամ քաղցր սապատներով, խատուտիկ ու գորգուած նախշուն լոռերէ, որոնց մութ թաւիշին վրայ կաթերը, ծիածանի բոլոր երանգներուն [190] կամ ականակուռ դաշունիկը յապաղած, խաբուած մողէսի մը: Ուր ջուրեր, երկայն-երկայն, որոնք չկային, բայց փուշերուն ու սէզերուն անմատոյց պաշտպանութեանը տակէն կը ձգէին իրենց դաշնաւոր խարշափը, լեցնելով փոսերը, յորդելով վեր, քարերու կռնակին վերածուելով բազմամբոխ նուագի, խորունկ, մութ, յամառ ու նուաճող: Սողոմին ականջները դժուար կը հանդուրժէին այս ոլորումը, միշտ գերեզմանեան սրսփուքի մը տանող [191] մեռելներէն յաճախուած գերայոյզ տղան: Նոյնքա՛ն դժնդակ` մեծ մացառները, երբեմն կալի մը մեծութեամբ, ամբողջովին փուշ, որոնց ժանիքներէն, անտարբեր, հանդարտ ու գեղեցիկ կախուած կը մնային ելակի [192] փունջին նմանող կարմիր հատիկներ, ողկոյզ-ողկոյզ, մերկացած ոստերուն վրայ վառելով կարմիր երազ մը, յաճախանքը աղջիկներուն: Ասոնք այդ պտուղները կը խաշեն, ստանալու համար առաձիգ խէժ մը, ասով իրենց ձիւթերը նրբահիւս մետաքսէ կտաւի նման բանալու: Քաղցրացաւ անիկա էգ այդ տեսիլքէն: Ու անոնց յատակին, սպառազէն ցօղուններուն` բուրդի ծուէններ, մետաքս ու մաքուր: Ո՞րն էր յիմարը հովիւներէն, որ քշեր էր իր հօտը այս խժութիւններուն: Բոլոր այս պատկերները առաջին անգամն էր, որ կ՚իյնային անոր աչքին: Ու իր տեսածները կը շատնային նաեւ իր լսածներուն հեղումովը:

 

Վա՞խ, - երբե՛ք:

 

Բայց չէր կրնար կենալ` հեքիաթներու մէջ մարդու հոտ առած գազանի մը նման: Ու չէր ալ գիտեր ճիշդ պատճառը հոս մխրճուելուն: Խո՛ր, միշտ աւելի խոր: Բայց գրեթէ անանց[ան]ելի ու անընդմէջ մարմինը փուշերուն զայն կը ստիպէր խոշոր շրջումներու [193]: Հակառակ իր զգուշութեան, անոր ոտքերը, ձեռքերը գիծ-գիծ խածնուեցան մորմենիներէն, բարակ ու գետնամած, դաւաճան` ինչպէս խաբող աղջիկ մը: Ինչո՞ւ կը նմանցնէր բարակ այդ ճիւղերը կիներուն: Այրուցքը, արիւնին պաղումը, հետեւող նուրբ, աղի կսկծանքը հաճելի զովացում էին անոր հրդեհուած ներսին: Թաւուտէ թաւուտ, աղբիւրի մը ակէն դէպի ուրիշ մը` անիկա յառաջացաւ, հետզհետէ աւելի բազմացած [194]: Ու մենանալու անոր ծարաւը կը տանջէր զինքը: Որքա՜ն մխուած էր դէպի ներսերը: Եկաւ կէտ մը, երբ տեղի զգայութիւնները աւրուեցան իր մէջ: Թուփերէ, թաւուտէ, շաղապատուած խռիւներէ դուրս ոչինչ կար նշմարելի: Ոսկորներ: Չխորհեցաւ ինչո՛ւն: Ժայռերու աւերակ մը ով գիտէ ո՛ր շարժէն կործանած: Կիսափուլ այրեր: Անհուն խառնակութիւն մը փուշի ու քարի: Խոռոչի մը մէջ, ուր գայլի մը մարմինէն տեսակ մը թեթեւ ողորկում պիտի հաստատէր անիկա, եթէ ճանչնար, տեսած ըլլար գազանը, անիկա դրաւ ինքզինքը: Աւելի ճիշդը` դրին: Լսեց անիկա կճրտումը թեւերուն` որոշակի դուրս իրմէն, որոնք զինքը մղեցին հոն: Չոր խռիւները, խոտի ցօղուններ, կրնային այդ ձայնին պատրանքը տալ, երբ կոտրեցան իր բեռէն: Ատկէ չսոսկաց անիկա: Բայց ահա աւելի՛ն: Անիկա կարծեց լսել նաեւ ուրիշ ձայն մը, նման [195] նստելու, քովիկը: Արձագա՞նգ: - Կը ճանչնար բաւական այդ տղու խեղկատակութիւնը, շփոթելու համար զայն, խոնաւ յատակին վրայ ինքզինքը դնող, ուրի՛շ մարմինէ մը քակուածին: Վա՞խ: Անոր ուղեղը կ՚եռար, իրական խժլտուկի [196] մը մէջ: Հակառակ նստելուն, կռնակին դէմ կակուղ հող զգալուն, չփարատեցաւ իրմէն յոգնութեան հզօր ճնշումը: Աչքերուն առջեւէն քանի մը սեւ դերձաններ դողացին ու թռան: Ճանճե՞ր, ճճիի մարմնիկնե՞ր: Ուրկէ՞ կը բուսնէին: Մէկը կար իր մօտը: Այնքան յստակ էր այդ ներկայութիւնը, որ կը վախնար գլուխը ծռելու դէպի ուղղութիւնը ձեւին: Յանկարծ պատկերի, փռուող կտաւի, կամ աւելի ճիշդ` երազի մէջ պատահածի նման հինուող [197] տեսիլքի բարակ ծփա՜նք մը, նայուածքին պարունակէն, գոյներու փողփողումէն մը վէտվէտ, որ ուրուացաւ, ջանաց վերածուիլ կտաւի, բայց ցրուեցաւ: Ի՞նչ էր, որ աւրեց այս պատկերադրումը: Նոյն ատեն երբ աչքերը կ՚անցնէին այս հակասական զգայութեանց սկուտեղներէն` անիկա գիտէր, որ կը թօթուէին իր ոսկորները ու գանկին ետեւէն, քիչ մը վարօք, անողորմ ձեռք մը կը կացինէր անոր ուղեղը, այնքա՛ն ուժգին, որ հարուածին զարկը կ՚երկննար, կ՚արձագանգէր ուղեղին բունը, մինչեւ մէջքին կեդրոնը: Խենթութի՞ւն: Ասա՞նկ կը սկսէր, կը մտածէր իր ջիղերէն խորապէս խոշտանգուած տղան ու կը ջանար հաւաքուիլ ոստայնին վրայ, որ անոր աչքին դաշտը կը պարուրէր: Ձայնը կրկնուեցաւ: Ու տեսիլքը, լիճի ափին չորնալու դրուած կտաւի պէս փոթ-փոթ, կը հպատակէր անոր զարկին: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ աչքի ու ականջի իրարու աննմանակ այս զոյգ զգայութիւնները միացան ու փոխուեցան գրեթէ մարդկեղէն պատկերի: Կը ճանչնար բանտին ընկե՜րը: Իր տարիքէն: Պարզ, թուրք չսուելու չափ բարի: Որ իր սիրած աղջկան համար խենթենալէ առաջ մորթած էր անոր մայրը, յետոյ` աղջիկը, յետոյ` այրած [198] պալատը ու պառկած` անզգայ, յիմար` աւագ դուռին: Անիկա չէր գիտեր, թէ տեսիլքը դիտած պահուն աչքերը բա՞ց էին, թէ գոց: Բայց գիտէր, որ քունին ու երազին մէջտեղուածքը կը թափառէր անոր միտքը :

 

Արթնցա՞ւ: Քուն եղա՞ծ էր երբեք: Պիտի չկրնար ճշդել: Դէմը, երեք քայլ վար, կեցեր էր գազանը, շան հասակով, վաւերական գայլ մը, որ, աչքերուն բացուելէն վախցած` նետուեցաւ ընդոստ դէպի ետ: Ինչո՞ւ կը փախչէր ատ շունը, մտածեց անիկա ու կանչեց: Կենդանին մռայլ, պաղ, քստմնաւոր` սուզուեցաւ շատ խիտ մացառուտի մը ծոցը: Մութ` որ կը հալեցնէր խռիւները: Բայց անոր սիրտէն երկու աչքերը, դեղնած կրակի կտորներու նման` կը յամառէին յառիլ իր վրայ: Ո՞վ փսփսաց անոր վտանգը: Նետուեցաւ ոտքի ու դանակը մերկ` խոյացաւ մացառուտէն ներս: Գտածը անթափանցելի, փուշ պարիսպ մըն էր միայն, որուն հետ իր շփումը քրիկ-քրիկ ըրաւ իր մարմինին մերկ մասերը: Դարձաւ ետ: Առատ արիւն կը հոսէր վէրքերէն: Զուարթ էր անիկա, հաճոյք առնելով կարմիր հեղուկին տեսքէն: [199] Նոյն ատեն սրտոտ եւ ուժով բան մը եկաւ յոգնաթափ անոր ջիղերուն: Ո՜ր ծակն էր մտեր անօրէն կենդանին: Արնահեղձ իր ձեռքերը խոնաւցուցին դանակին բերանը: Զգուշութեամբ սահեցուց պողպատը վէրքերուն վրայէն ու շլացիկ երիզ մը երկարեցաւ անոր սայրէն: Կրունկին վրայ դարձ մը իր աչքը բերաւ անմատոյց ապառաժի մը կատարին, հարիւր քայլ վերօք: Հոն, արձանէ մը փրցուած ըսես, կը կենար, կոկոզի դիրքով, նման կենդանի [200] մը, ձեւ ու մեծութեամբ [201] կրկնելով փախչողը: Նո՞յնը, թէ ընկերը: Անոր մտքին րոպէաբար թանձրացան պատմութիւններ, գայլերէ՛, որոնք ամէն ձմեռ կը նորոգուէին, մօտիկ գեղի մը, տեղի փոքր ջնարակովը փոխուած, սկզբնական յեղումէն: Ու այդ զառիթափէն անիկա տարուեցաւ տեսնելու ձիւնամրրիկին մէջ վոհմակները, տասը-քսան, որոնք ճամբաները կը կապեն յուղկահարէ մը աւելի ճարտար ու թռչուն իսկ չեն փախցներ, ինչպէս կը սիրէ չափազանցել գիւղական պատմումը, ու կ՚առաջանան մինչեւ դաշտային ագարակները, մինչեւ գեղերու մենաւոր ու հեռանկեալ բնակարանները: Որսորդի, հովիւի, առանձին մնացած ճամբորդի հեքիաթներ, կարծես ձիւնին բիւրեղները ու գայլերուն լորձունքը վրանին: Հիմա՞: - Սողոմենց տղան, բանակ մը գայլ ունենար իր դէմ, աչքը չթարթած կը նետուէր առաջ, այնքան արիւնին, կռիւին, սպաննելու շոգը կ՚ոլորէր ուժգին անիւը անոր կատաղութեան ու վրէժին: Գտաւ նոյն ատեն, որ խոռոչին չորս ուղղութեամբ գանկեր ու զանազան կենդանիներու կողավանդակներ պառկած էին: Գայլերու բո՞յնը: Յիմա՞ր էին սա կենդանիները գեղին այսքան մօտիկ փորելու չափ իրենց որջը: Ու չէր խորհեր, թէ ինքն էր յիմարը, որ մտած էր փուշերու սա կայսրութեան մէջ, ուր դեռ մարդու ոտք չէր թափառած: Հանդարտ, շեղեց աչքերը ճերմակ ոսկորներէն: Հաւեղէնին շատութիւնը կը խօսէր նաեւ ի նպաստ շնագայլերու որջի մը: Անիկա լեռներու տղայ չէր եղած, այս զանազանութիւնները գաղափարի մը կապելու համար: Ապառաժին կատարը` պարապ: Փախո՞ւստ: Գայլի հուժկու վայրագութիւն մը ամրապնդեց անոր թուլցած, գրեթէ լուծուած հոգենիւթը: Աջ բազուկին դաշոյնը կը խոշորնար, կ՚առուգնար, կը սպառնար ու կ՚աւելնար անոր զայրոյթին վրայ իբր փայլուն, աննահանջ զօրավիգ մը: Փրփուր, ատելութեան հեւքը, վրէժին կրակը երեքը մէկ թռան դուրս իր բերանէն:

 

-- Պորտէն կռնակը…

 

ու ելածը բառ էր, թուք էր, ո՛րը որ կ՚ուզէք:

 

Մխած էր անիկա դաշոյնը մտքին առջեւ ամուր բռնուած պատկերին: Նալպանտենց հարսինն էր պո՛րտը: Ճերմակ, չբացուած կոկո՜ն, ձիւնի մը վահանէն, այդ պորտը, ինչպէս կ՚ըսէր մտովի, ամէն անգամ անոր պատկերը բռնած ատեն ուղեղին: Մտապատկերին վրայ այսքան ուժգնութեամբ գործադրուած այդ յարձակումին շարժումը, հետեւող արիւնին առուն, որ պիտի հոսէր այդ ձիւնէ կորութիւններէն դէպի մութ ճահիճը մազերուն, ու կը հոսէր ալ սա րոպէին, զովացուց զայն հեշտութենէ: Այդ պաղշտկելու քաղցրութիւնը պարուրեց անոր տոչորուն մարմինը: Տակաւին չէր հարցուցած, թէ ինչո՞ւ կը սպաննէր: Թէ ունէ՞ր իրաւունք: Մինչեւ իսկ կզակներուն ծխնիներէն, տաժանագին ասղնտուքէ մը վերջ, կաթկթեց դաշն ու զով մեղմութիւն մը: Այսքան հա՞մ` թափուած արիւնէն…: Պարապ տեղը չէ, որ ջարդարար ցեղեր կան:

 

-- Երեքը մէկ…

 

Բնական շարունակութիւնը, ըսես, հոգեկան այս պարպումին, անդորրումին: Ու կը սպաննէր անիկա մայրն ու տղան, փայլակաձեւ, տեղին ու պահին ճշգրիտ քարտէսովը, ինչպէս փռուած էր տունը անոր ուղեղին խորը: Ու չէր մտածեր սենեակներուն կղպանքին, իրա րմէ հեռաւորութեան, հաւանական ընդդիմութեան, հաւարին:

 

-- Կրա՛կ:

 

Նայեցաւ չորս դին: Իրեն այնպէս եկաւ, որ շատ մօտիկէն ուրիշ բերան մը կը թելադրէր այս վերջաբանը: Բանտի տղա՜ն: Անիկա գրեթէ կը զգար անոր շունչը, աչքին սլաքը, կամքին կտաւը` բոլորը բռնուած անծանօթ ձեռքէ մը, դէմը իր աչքերուն: Ոճիրէն վերջը կրա՜կ: Կը մաքրէ՜ր:

 

Ու Նալպանտենց ծառան կը կրակէր տունը հաճի Աննային ու կ՚եփէր դիակները անոր բոցին մէջ: Ոճիրը, այսպէս համառօտուած, «ողջունձեւուած»` ինչպէս տարազեց անիկա այդ րոպէին իր մտքին վիճակը, կը դառնար տարօրէն պարզ, բնական ու թեթեւ: Այսպէ՞ս: Ի հարկէ՛: Այլապէս կարելի՞ էր լեցնել բանտերը: Ու բանտ կար ամէն քաղաքի մէջ: Ու ամէն բանտի մէջ տասնով, քսանով, հարիւրով իրեն նման տղա՜ք, որոնք անցեր էին իր ճամբայէն: Ի՜նչ դիւրութեամբ անոր միտքը կը սահէր սա վտանգաւոր զառիթափերէն, ամրաքայլ ու անյողդողդ, ա՜ն` որ երկու, գուցէ մէկ տարի առաջ հաւ մը մորթելու ատեն անձուկ ու դալուկ կ՚ունենար ու գլուխ մը սաղմոս կարդալու հարկին տակն էր, ակամայ մեղքին քաւութեան հետ, թուլցած ջիղերուն հանգիստը փնտռելով: Անիկա չմտածեց նոյնիսկ իր մէջ ալ անդարձ ջնջուած պատանիին, երբ ոճիրին այս տեսարանումը գտաւ այսքան հաճելի ու բնական, կարծես հեռուներէն պատրաստուած ու յատկապէս իրեն ղրկուած տօնական չուխա մը ըլլար մեղքը: (Մեր խածան, գիշախանձ բնազդները, որոնց մագիլները կիներու արգանդին մէջ կը ստանան գուցէ իրենց վերջնական կնիքն ու սլաքը, կը մնան մեր մէջ կծկուած, երբ կուշտ է մեր գազանը, բայց կը տիրապետեն, երբ պատահարները խոչընդոտ նետեն մեր կիրքերու հեղեղին: Ցանկութիւն մը, այդ րոպէներուն, կը վերածուի հզօր բռնութեան: Խելքը, ազգերուն մէջ հռչակի հասած տրամաբանութիւնը, գիրքերու վրայ ճիշդ, ծիծաղելի հեքիաթներու կը փոխուին, երբ գազանը մռնչէ մեր ներսը: Ու դիտեցէք, [որ] [202] գազանին այդ բարբառը, այդ իսկ առիթով, ինքզինքը կը պարուրէ, կը ներկէ միւսին, իմաստութիւն ըսուածին բոլոր օծութեամբը, շուրջառովը: Ոճիրը կը դադրի զարտուղութիւն ըլլալէ եւ կ՚արժեւորուի իբր անդորրի, ներքին հաւասարակշռութեան երջանիկ հանդէս մը: Խոշոր չափու վրայ --տարածեցէք մորթելու արարողութիւնը ընդարձակ դարաստաններու, քաղաքներու, երկիրներու վրայ--, անիկա գերագոյն հարկինքն է, որմէ միայն կը կշտանայ մեր ներսի գազանը: Ազգերու կեանքին մէջ այդ խրախճանութիւնները կը հագնին օրինական պարեգօտը, -- պատերազմ: Ջարդարար ազգերուն մէջ այդ պահանջը, հոգեկան թարմացումի, վերանորոգումի, իր պապերուն մերձեցումի գերազանց առիթ մըն է ու ատով իսկ բաւ` անհուն կորուստներ հակակշռելու: Թուրքերը հոգեպէս նորոգուած դուրս եկած են ամէն պարտութենէ, ուր պատեհութիւն են գտած զանգուածովի փողոտելու ու մարսած ահագին կորուստներ: Գայլը կ՚ապրի օրով): Սողոմենց Սողոմը գտաւ իր բազուկը զինուած, անվերադա՛րձ յառաջիկայ գիշերուան համար: Տեւողութեան մուտքը իր մտածումներու կորագիծին` զինքը դարձուց արեւին: Օրը կէս էր գրեթէ: Մինչե՜ւ գիշեր: Ու անոր մտքի կալին ժամանակը, հսկայ դէզի մը պէս կը բարդուէր ու ջղային անձուկ կը բանար իրմէն ներս: Ի՞նչ ընելու էր այդքան ատեն: Փարատող գազաններու մօտութիւնը բաժին ունէ՞ր անհանգիստ այս վիճակին մէջ: Չէր վախնար. ամառ ու աշուն լսուած չէր, որ գազանները յարձակում փորձէին: Բայց կը նեղուէր անիկա անհանգիստ, վատ այն գոլով, որով կը պարուրուին բոլոր դաւադրական ձեռնարկները: Շփեց աչքերը, անկէ վանելու համար կսկիծը աղին, որ յոգնութիւնը կը բիւրեղացնէր կոպերու անկիւններուն: Անոր կը ներկայանար պէտքը ձգելու այդ վատահամբաւ ձորակը, ու ասիկա` քունի անգիտակից պահանջէն, որ արդիւնք էր անոր արտասովոր սպառումին: Բայց ո՞ւր: Դուրս, ետ երթալու ճամբան, գերեզման հակող ու մարդու հանդիպման հեռանկարով զայրոյթ կը ստեղծէր: Ձորէն դէպի վեր, լերան առաջին փէշերը, բլուրը հիւսուած փուշերու գրեթէ միապաղաղ կռնակ մըն էր: Խենթութիւն էր զայն ճեղքելով վեր հասնելու ձեռնարկ մը: Ըրաւ սակայն, վճռականութեամբը խենթին, որ իր մէջ կը սկսէր առաւօտէն, ու պիտի լրումին երթար կէս գիշերին: Զարհուրագին բան մը եղաւ ատիկա: Կացին չճանչցող, բորենիներէ, գայլերէ, երբեմն արջերէ այցելուած այդ խռուաստանէն [203] ելք մը ճարե՜լը: Ջո՛ւր: Քրտինք չէր կարելի անուանել այն լոյծ բանը, որուն մէջ կը լողար: Ելան իր մէջ կոտտալու հետքերը ծեծին: Նոյն ատեն գտաւ [204], որ առտուընէ ի վեր բան չէր դրած բերանը: Գոց սուտակի պէս կիսամշուշ հոներ [205], արջերու նախասիրութիւնը փաստող այդ մարզին վրայ, վայրի զղեարներ [206] իրենց արքենի, թագապսակ գլուխներով, մատի պէս հաստ տերեւներով թթրկիչ [207] , փաստ` ընտանի անասուններու պակասին, ու խելքէ դուրս առատութեամբ Նասրէտտինի թուզեր, կաքաւի հաւկիթի մեծութեամբ, արիւնէն աւելի հոծ կարմիրով: Ու թռչուններ, տեսակէն շատ: Կ՚ուտէր պտուղները ու կ՚ելլէր վեր: Բայց մազերը կը ցցուէին շատ սուր զգայութենէ մը: Պտուղները արիւնի շեշտ համ մը կը քսէին ակռաներուն տակովը: Այս զգայութիւնը ան ունեցեր էր նաեւ առտուն, [208] Ուստիանին այգին, երբ թուզ մը ծամելու ատենը առարկային խորհուրդէն անցեր էր Նալպանտենց հարսին :

 

Որքան ատենէն առած էր ահաւոր այդ դարվերը: Նստաւ: Նեղ չէր շունչը, բայց աչքերը կ՚այրէին քրտինքէն, որ մազերուն արմատներէն մզմզող թելերով կը հոսէր վար: Լերան առաջին տափերը, որոնք ջուրերով քայքայուող հողի հսկայ ու հին հոսումներ կը պատմեն: Այդ հարթութեանց վրայ, տարօրէն յուռթի արտեր, որոնց կարմրուկ մարմինէն քաղուած ցօղունները իբր ստեւ կը սեւնային ու կը դեղնէին: Աշունը շուտ կ՚ազդէ լեռնահովիտներուն: Չէր կարելի չմտնել: Հողը, միշտ կարմիր, տաքուկ խոնաւութեամբ կակուղցած, կարծես հրաւէր մըն էր անոր մարմինին, սրտագին ու մարդկեղէն: Փուրասներ իրենց բողկուկները փռած եւ իրենց ակօսներուն մէջ շար ի շար վառած քողին կայլակները, որոնք կը դիմանան օրն ամբողջ: Անոր այցելեց, արագ ուրուացմամբ, պատանութեան վերջին տարին, երբ աղցանէ մը դարձին, թաղեցի աղջկան մը դաստակը բռնեց` խոտը փրցնելու պատրուակով, նման փուրասի մը ցողունին վրայ ու, կրակ բռնածի պէս, ձգեց մէկէն: Նոյն տարին հարս ելլելիք ու մեղրի պէս սիրտ առնող աղջիկը նայեր էր իրեն, ժպտեր ու խառնուեր խումբին, առանց բառի: Յետոյ` հօրը մահը: Յետոյ` աղջկան հարսնիքը: Յետոյ` չորնալը առաջին ծիլին: Մեր յիշատակները մեզմէ անգութ են երբեմն: Ցաւ ինկաւ սրտին: Ու մարդու հոտ առնող հեքիաթի դեւերուն նման մխրճուեցաւ լեռնակողի թաւուտները: Գեղի բոլոր տղաքը հողին ծփանքէն ու մացառներուն գիծէն դիւրաւ կը գտնեն ճամբան ու ատոր պակասը չի մտահոգեր զիրենք: Հետզհետէ զգալի կ՚ըլլային բարձրութեան ազդեցութիւնը, հողին քիչնալը, ժայռերուն աճումը: Բոյսերը` աւելի խեղճ ու նիհար: Բացութիւններ` մանր հիւսուած կանանչ սփռոցով: Փոխարէն անջատ ծառեր` գացած ուշագրաւ լիութեան: Ամայութիւն: Չփախաւ ճամբէն, որ կը շտկէր ինքզինքը ու կը շուլլուէր դէպի հաստամեստը, կամաց-կամաց իր գմբէթը ձեւաւորող: Քմայոտ ու տարօրէն գրաւիչ են մեզի համար առաջին անգամ մեր աչքին ինկած զարտուղի ճամբաները: Քանի՛ կ՚ելլէր, շրջապատը, համապատկերը կը մեծնային, կը մենանային, ազատուելով գեղաշուրջի կարկինումէն, հինցածութենէն: Այդ կէտէ դիտուած, Գայլերու ձորը խեղճուկ ձագար մըն էր, որ կը մաշէր արագ-արագ, մութ կանանչի կարկտա՛ն մը` իջնող, խոնարհող մեծ լեռնակողին: Դէմէն, լիճը, տարօրէն մօտիկցած, ինքզինքը ամբողջացուցած, հեռու վանելով եղերական գմբէթները բլուրներուն ու գտնելով հեռանկարի հիմնական իր հէնքը, -- կիսալուսին, ոսկեմոյն հողերու խաղաղ երկնքի մը մէջ, զոր կ՚աստղազարդէին հատ-հատ նետուած ու հեռաւորութեան նպաստովը անհամեմատ փոքրացած ծառեր, հիմա կէ՛տ, պարոյկ, գիծ, սեւ ու դողդո՛ջ: Ո՛չ իր գեղը, ոչ ալ հաստ ու անհամաչափ մթութիւններ, որոնք լիճին հիւսիսը, զառիթափէն, կը պղտորեն պատկերին խայտանկար սնդուսը: Անտա՛ռ, լեռնոտնի, շատոնց արգիլուած կացինին, բացառաբար դարաւոր բնակիչներով: - Կաղնիներ, դիզուած միջոցն ի վեր, գեղեցիկ ու հպարտ, ա՛յնքան` որ մարդ նախանձը կ՚ունենայ անոնց անսասան կացքին ու կը տխրի իր խեղճութեան հակադիր պատկերէն: Նո՞ր, այս ամէնը: Հազիւ կը յիշէր, հեղ մը [209] պտտած ըլլալ սա մարզերուն, դպրոցական, տօնի օր մը, սունկի պատճառով: Քաղցր, հաճելի, առանձնութեան հետ, թեթեւնալու միւս զգայութիւնը: Քանի՛ կ՚ելլէր, կարծես կը հանգչէր գլխուն պտոյտը: Փոքր բաներու այս հոսումը, թափուիլը, վռնտուիլը դէպի լեռին ցածերը, կ՚անդրադառնային անոր ալ մէջ: Ու անիկա կը բացուէր ինքը իրմէն, այսինքն` իր մանր հոգեյատակէն ու հոն լարուած դանակի, խարոյկի կարճ հանդէսէն: Յետոյ, համով, ա՛լ հիմա բոլորովին անծանօթ ճամբան, ջուրերով, մորիի դեռ պտղաւոր, բայց կուրացած թաւուտներով, մա՛նաւանդ` նորութեան իր հրապոյրովը: Թեթեւացում, այո՛: Բայց ո՞ւր: Յանկարծ նկատեց, որ ամայութիւնը կը նպաստէր վիճակին ու այդ կազմով [210] կը բանար միւս երեսը անոր տագնապին: Ու անկէ անկախաբար անոր մտքին ներկայացաւ ժամանակին հաշիւը: Հոգի տալու ատեն մարդոց ուղեղը պղտոր կը բանի, ինչպէս տեսած ենք այնքան յաճախ: Հոգի առնելու ատե՞ն: Սողոմենց տղան խաղաղ էր բոլորովին, երբ ներսէն նայուածքով մը, տեւողութեան այդ չուանը չափեց, ու չափեց` մէկ կտո՜ր: Գումարը կը յանգէր կէս գիշերին, զանգուա՛ծ, անձեւ, որուն կեդրոնին, իբր օձերու կապ մը հանգոյցը կը կազմէր ոճիրին պսակը, արդար ու գեղեցիկ` ինչպէս սովոր ենք չափել մեր անարդարութիւնները: …Անոր մատները չափեցին արեւը: Շուքը կործած էր դէպի ետինք: Ու լոյսը, յստակ ու զով, առանց փոշիի մը մոխիրին, կարծես ձիւնոտ ջուրով մը նոր սրբուած, կտաւ էր անմարդկեղէն, անձեռագործ, զոր փռեր էր երկինքը լերան երեսին: Ամէն օր արեւին մէջ եփող մը դժուար կը տեսնէ սա երանգները: Բայց մեր կեանքին մէջ օրեր կան, ուր հսկայ եղելութեանց մուտքին մենք կը տեսնենք ինչ որ ա՛լ չունինք տեսնելիք: Ոչ ոք մեզի կը թելադրէ այդ ուշաբերումը: Բայց կ՚ընենք մեզմէ անկախ: Լերան երեսին դիզուած սա կարկառներուն ու փոսերուն վրայ, ծառէ, կանանչէ, լռութենէ շինուած սա գողտր խաղաղութեան պատկերը ինչու՞ «մահու չափ» տխուր կը զարնէր անոր երեսին: Ինչո՞ւ չէր մեղմանար ոճիրին սուլիչը անոր ականջներուն, միօրինակ բզզիւն, զոր արտաքին աշխարհի հզօրագոյն ընդմիջումներն իսկ հազիւ կը բզկտէին քիչ ատենի համար: Անիկա կ՚ուտէր իր տրտմութիւնը ու կը քալէր: Ճամբու ոլորք մը, առանց պատրաստութեան, որուն վառարանը կը կազմէր դարատափի մը քիթը: Նոյն ատեն շառաչը առատ ջուրի մը: Ջուր-ելա՞ծ ը : Որուն մասին լսած, բայց չէր տեսած: Մօտեցաւ: Ձեռակերտ, ժայռի մը պորտէն կը հոսէր մէջքի հաստութեամբ, համբաւով ջուրը, վարերը շարքով ջրաղացները դարձնել վազելով: Ծռեցաւ ու ափով նետեց բերանին: Մատներուն միսը անզգա՛յ: Բայց ատամները մզմզացին հեղուկին պաղութենէն: Աղուահամ [211]: Լեռնային ջուրերը կ՚ունենան երբեմն մասնակի սա երանգները: Ու հո՛վ, որ հոսանքին հետ կը շփոթուի, երբ քիչ է: Բայց որ շարժումի հանեց ընդարձակ բան մը գլխուն վերեւէն: Չէ՞ր տեսած, փառաւոր, առնուազն հազարամեայ սօսին: Անոր աչքին տակ կը բարձրանար, միջոցը պատռտելով, հսկայ ծառը: Ու անոր տերեւները [212] բիւրաւոր կանանչ աստղերու խամբուլներ [213] կը հանգուցէին, ճերմակ-ճերմակ դէպի երկինք սողոսկող ոստերուն, մարմինի գոյնով ու շա ՜տ :

 

Սօսին, ջուրը, լերան դիրքը յանկարծակի լուսաւորեցին անոր միտքը: Ո՞վ չի ճանչնար Սամունին սօսին, դեռ հինգ տարեկանէն, առանց տեսնելու պէտքի մը: Ա՛ն` որ տղայ եղած է, ձիւնոտ գիշերներուն, հեքիաթներու շարքին մտիկ է ըրած նաեւ պատմութիւնը Սամիկ Սամունին, որ ատ փոթորիկին ու ատ գայլերուն, կը հսկէ սօսիին փորին մէջ, ու կ՚աղօթէ գեղին բարիքին: Ու ո՞վ չի գիտեր, միշտ առանց տեսած ըլլալու, մեծակառոյց սօսին, որուն շուքին տակ պառկած է քնանալու Սուրբ Ըռըստակէս հայրապետը, Լուսաւորիչին մեծաշէն որդին, Նիկիա երթալու, թէ անկէ մեկնելու ատեն: Լիճը ժողովրդական յօրինումներուն մէջ առած է հայրապետին անունը: Ու թէեւ ծառը չ՚իյնար պատմական քաղաքին ճամբուն, բայց աւանդութիւնը չ՚ախորժիր աշխարհագրութենէն եւ զայն կ՚արհամարհէ: Շրջանի բոլոր գեղերն ալ մէյ-մէկ ջուր, քար, ծառ, օրան նուիրած են հայազն եպիսկոպոսին: Մեր ժամուն մէջ կը պահուէր քարը, որ բարձ էր ծառայած հայրապետական քունին: Անցեալին այս փառքովը շքաւոր` ծառը ունէր հիմա նոյնքան նշանաւոր, շահեկան ուրիշ հիւր մը: [214] Կ՚ապրէր հսկայ, խանութէ մը աւելի մեծ խոռոչով բունին մէջը, մարգարէ ու ճգնաւոր հաւասարապէս: Հրաշագործ [215], գաղտնիքներու գտիչ, Նարեկ ին ու Վեցհազարեակ ին իմաստութեանց հաղորդ, նոյն ատեն պարթեւ ու տեսանող: Անունն էր Սամիկենց Շմաւոն, որ կրծուելով ու կոկուելով եղեր էր Սամիկ Սամուն, երբեմն մինակ Սամուն:

 

Սողոմենց տղան զայն չէր տեսած: Բայց կը ճանչնար աւելի լաւ, քան գիրքերու բոլոր հայրապետները ու սրբազան պատմութեան նահապետները: Նոյն ատեն կը հաւատար հեքիաթին, որ անոր հասակը կը խառնէր արջերու եւ գայլերու խռովայոյզ գուպարին, ձիւնին ու փոթորիկի համատրոփ մտրակումին: Անիկա մտադրեց շեղիլ, տրոփուն իր սիրտէն նախազգալով խոր ու տխուր բաներ: Ի՛նչ գործ ունէր սատանայէն տիկ իր հոգին Աստուծոյ աջ ձեռքը իր ծոծրակին տանող սա մարդուն մօտ: Ուշ էր: Պատկառելի մարդ մը, ծառին մէջէն, թէ գետնէն յանկարծակի բուսած, կեցեր էր անոր դէմ, մարդահասակ բարձր տափէն, շեշտ իր նայուածքին տակ պաղեցնելով արիւնը անոր:

 

Անիկա յառաջացաւ մինչեւ եզերքը տափին: Կռնակը` հասակաւոր մեծկակ քարի մը, տաշուած ով գիտէ ո՛ր բարեպաշտին ուրագովը: Հաւանական էր, որ ատոր տակը պառկած ըլլար հայրապետ Արիստակէսը: Անոր գլուխը կ՚աւելնար քարին շրթունքէն: Խորհուրդին, հեքիաթին հովը կ՚այլայլէր անոր արտայայտութիւնը: Երբեմն, վճռական ամայութիւնը, սրբութեան հոտ մը, տարիներու ճգնողութիւն մը այս տեսակ զգայութիւններ կ՚արթնցնեն օտարներուն մէջ:

 

-- Բարի եկար, տղա՛ս:

 

Սողոմը պիտի չզարմանար այնքան, որքան հիմա, եթէ ձիւնոտ առտուներէն, երբ գետինները մութին ու լոյսին մէջտեղը չէին կրնար իրենք զիրենք ըլլալ մեծ ժամուն կիսաքող ամայութեան մէջ, պատին գամուած մարգարէներէն մէկը, առանց շարժելու իր շրջանակէն ձայնէր իրեն, սա շեշտով: Մօրուք, յօնք, քարին նպաստը, որ յատակ կը ճարէր ու պատկերի մը միերես փլանին կը բերէր տեսիլքը, [216] քիչ մըն ալ տարաշէն խնամքը --Սամիկ Սամունը Յովհաննէս Մկրտիչին կաշիէ զգեստը ու մարգարէներուն լայն, թեզանաւոր շապիկները կը կարէր [217] սեփական մալուխով-- զայն կ՚ընէին հինաւուրց առաքեալ մը: Դաշն, պարուրող, պալասան [218] անոր ձա՜յնը, որ, վէրքի վրայ թափուած բորբոք եղի պէս` խորվեց Սողոմին հոգին: Անոր շրթները կափկափեցին ու չգտան բառ: Վա՞խ: Յուզո՞ւմ: Գերբնական ա՞ռքը` դեռ կիսակազմ երեւակայութեանը [219] վրայ: Բայց ինչպէ՞ս վերլուծել ինչ որ այս ամէնուն տարրերէն ունի իր մէջ ու չէ ոչ մէկը: Սողոմենց տղան հազիւ երկու տարով հեռու էր պապենական տունէն, որ ոտքի, իրական հեքիաթ մըն է մեր ամէնուն համար: Ու մեզ կը զատէ լայն աշխարհէն: Բանտի քանի մը շաբաթներ բաւ չէին` խորտակելու, չքացնելու համար հրաշալիին կայսրութիւնը, որով հարուստ են ու փառաւոր տղոց ուղեղները: Կարելի է տարածել այս կեցուածքը մարդոց բոլորին ու գտնել առանց դժուարութեան մարդոց երկու մեծ բանակները. անոնք` որ պիտի չպարպուին այդ հեքիաթին աւերակներէն ու պիտի քալեն կեանքին մէջ ձախորդ ու ծիծաղելի, պիտի տիտղոսուին գուցէ մեծ անուններով, պիտի ըլլան արուեստագէտ, գիտուն, հնարիչ, բայց պիտի պարտուին ու անոնք` որ պիտի պարպուին, առաջին հովերէն ետքը, այդ հեքիաթներուն փոշիներէն ու պիտի քալեն ընչաքաղց ու անյագ, նոր զգայութեանց ի խնդիր ու պիտի յօշոտեն կեանքը, ուրիշներունը` ինչպէս իրենցը: Սողոմենց տղան այդ րոպէին մէջն էր արդէն սուրբերուն հեքիաթին, տասնով, քսանով, հարիւրով, Յայսմաւուրքէն ու Վարք սրբոցէն, Հին Կտակարանէն ու Ս. Կոստանդիանոսի Վարքէն, որոնք կը կարդար մինակ կամ ամբոխներուն, կամ կը պատմէր ընկերներուն, խաչէն յոգնած, բացօթեայ խարոյկներուն շուրջը, հաւատքով ու երկիւղած, անոնց հաշւոյն բանալով երկինքին դուռները: Բայց անիկա մասնաւոր վախով մը կը ներկայացնէր տղոց՝ մարգարէները, ահաւոր այդ արարածները, որոնք աչքի տեղ հրեղէն սլաք էին ընդունած գաղտնիքներու Աստուծմէն ու այդ լեզուով կը ծակծկէին [220] գանկերը ու կը կարդային ընդերքները մարդոց: Անոնց այդ զգայարանքը կը ծակէր մա՛նաւանդ մեր կուրծքերուն տախտակը` թափանցելու համար սրտին թաթովը գրուածներուն ու հողերուն խորը թաղուած գանձերուն ու պատահարներու կծիկին, որ ժամանակին թանձր խաւին տակ կը լարուի ու կը սպասէ ու տկար է մարգարէին բիբին դիմացը:

 

-- Որո՞ւն տղան ես դուն:

 

-- Սողոմենց…

 

Հակառակ հսկայ իր վախին - ան կ՚ամչնար բանտէն սորված իր գիտութեան հաշուոյն, գոհ էր սակայն խօսելուն: Կոտրեցա՞ւ առքը, քանի որ սկզբնական ահը տեղի էր տուած աւելի հանդարտ բանի մը: Խաղա՞ղ: Չէին կրնար ըլլալ անշուշտ սա աչքերը, որոնք վեց-եօթը ժամէ ի վեր միս կը դանկտէին ու քարիւղով տուն կը վառէին: Անհանգի՞ստ, քանի որ տագնապ մը կար իր ներսը, մարգարէի մը, Աստուծմէ ներշնչուածի մը ներկայութեամբը պայմանաւոր: Կան պահեր, երբ հաստ պատերը բարակ կը թուին արշաւող եռանդին` ինչպէս ուրիշներ, երբ մեր գանկերուն թանձրութիւնը մեզ չ՚ապահովեր գաղտնիքէն, որ անոնց ոսկոր-պատերուն ներքեւ կ՚ուրուանայ: Չէ՞ որ գիրքերը կը խօսին սուրբերուն նայուածքէն, որուն ասեղը կ՚անցնի քարին ու ոսկորին եօթը շարք պարիսպէն:

 

Սամունը տարաւ աջ մատը ճակտին, ձախօք, մահիկի ձեւ սպիի մը վրայ, որ գորշ իր ստուերը կը ձեւէր լերկ այդ կիսագունդին զառիթափէն, գունաւոր ծովու մէջ մահիկուող կղզիի մը նման: Սողոմը մտաբերեց մէկէն շատ խօսուած այդ շարժումը, որ գեղացիներուն արդար հիացումը կ՚առթէր, իր հետեւանքներուն անվրէպ ճշդութեամբը ու թելադրածին, պատմածին լիակատար հանդէսովը: Գանկի այս կէտին մարգարէ Սամունը սովոր էր ամփոփել մարդկեղէնին ու ասոր յուշքերուն ամբողջ ծրարը, աջը վերապահելով երկնայինին ցուցմունքներուն: Ասիկա արարողութեան պէս անաղարտ, կը կրկնուէր ամէն անգամ, որ այցելու մը զինքը կանչէր անուղղակի աշխարհիկ իրերուն: Սողոմը նկատեց, որ սպին ու վրան խարսխուած մատը նման էին Դաւիթ մարգարէին, նկարէն, չար, դաժան աչքերով այս անառակ թագաւորին, որ մատները սանդուռին [221] ` աչքերը կը նետէր բլուրներէն ուրուացող պալատին, անոր տանիքին գեղանի կնիկներ տեսնելու անդիմադրելի ցանկութեամբը տոչորուած:

 

Պատմելէ առաջ ողբերգութիւնը, որ Սամիկենց Սամունը բերած էր սա ծառին խոռոչաւոր ճգնութեան, նմանելու համար Սիմոնին, որ անապատին մէջ սիւնի մը կատարին, մէկ ոտքի, արագիլի իր ճգնումը կտակեր էր սրբոց վարքերուն, յիշատակելի է տարօրինակ անոր պատանութիւնը: Իմ օրերուս շուքի պէս կը յիշուէր անոր հօրը մեծ մէկ խենթութիւնը, որուն համեմատ անիկա, թուրքերէն հալածուած, Նիկիոյ պազարին մէջ, վազած էր լիճ, ու քալած ջուրին վրայէն: Սրբագրեցէք անհեթեթութիւնը ու լողացուցէք մարդը: Ու անիկա լիճին արեւելեան սկիզբէն մինչեւ արեւմուտքին այն կէտը, ուր հայ գեղին անդաստանները կը դեղնէին այդ օրերուն, թող շարժէ իր բազուկները ու չափէ անբաւ գրկաչափ ալիք: Անիկա պիտի ընէ այդ անկարելի սխրագործութիւնը` փաթթուած Ս. Արիստակէս հայրապետի պատմուճանին, աւելի ճիշդ` քղանցքին:

 

Իմ ժամանակս, գեղացին դիւրաւ ցոյց կու տար հայրապետին ճերմակ ստուերը կապոյտ սաւանին վրայ ջուրերուն, առջին զոյգ մը եզ, հերկելով հեղուկ դաշտը, պատմական լիճին երեսը, հեթանոսները պապանձեցնելու դեռ անյագ կարօտով, քանի որ դարեր առաջ` ինչպէս հիմա տակաւին, անօրէնները կ՚իշխեն անոր ափերուն: Հրաշքը անշուշտ ատենին խմբագրուած է ու ղրկուած Պոլսոյ պատրիարքարանը, որ օրհնութեան կոնդակով մը կը նուիրագործէ տեղի ունեցած նշանը ու երանի կու տայ զայն վայելող աչքերուն: Ասանկ հօր մը` Սամունին բխումը` ծնունդ տուած ըլլալու է նմանապատում զրոյցներու, բայց մնացած անարձագանգ: Ինչ որ իրողութիւն է, ինչպէս պատմուած է ինծի տունին երէց Տ. Նիկողոս քահանայէն, քիչ մը խանձ հոտող ու ականջը ծակ, Սամունին որբութիւնն է շատ կանուխէն: [222] Հեղեղէն քշուած Սամիկին տղան, Սամունը տաղանդ է ցուց[ուց]ած [223] ` հողէ ու քարէ արձաններ կերտելու: Ու ահա անսովորը: - Անոր արձանները, մեր պզտիկուց շինածին նման, տգեղ ու յիմար Նասրէտտին հոճաներ չեն եղած, կամ կաղ Գզիրը, կամ հաւը պոչով մէկտեղ չփետտած կուլ տուող ու ատոր համար հաւկուլ Առաքելը: Փխրուն կրաքարերէ անիկա ոտքի է հանած կատարեալ բանակ մը սուրբերու եւ սրբուհիներու, կրկնելով ժամուն նկարազարդ վարագոյրէն, անկէ` որ ճրագալոյցներուն միայն, գիրք կարդալու ատեն կը քաշուի խորանին երեսին, բոլոր տեսարանները ու անոնց դերակատարները, այսինքն` Հին Կտակարանը, Ծննդոց Գիրքին մանրադրուագ յեղումովը ու նորը, իր լիճերով ու ձկնորսներով, հրաշքներով ու խոզերով, դեւերով ու մեռելներով, խաչելութեան ու յարութեան պայծառ տեսարաններով: Սնտուկ-սնտուկ, բոլորն ալ մաքրամաքուր մամուռներով, տաքուկ-տաքուկ զետեղած իրենց տան գետնայարկ մէկ սենեակը, ուրկէ «աւուր պատշաճի», անոնք թափօրով հանուած ու տարուած են վերնայարկ, հօրը սենեակը: Այս սենեակը անիկա օծած է ժամ, տօնակարգի բոլոր աղօթքներով, ծիսակատարութեամբ: Անիկա ունի ամէնէն զարհուրելի յիշողութիւնը, որ լսուած ըլլայ գեղին մէջ: Ու մէկ կարդալը բաւ է իրեն գոց սորվելու համար հատորներ, անսխալ ու մարսուած: Սենեակին կեդրոնը, պատը (արեւելքինը) փորած է, մօրը գլուխը պատռելով արգելք յարուցանելուն, ու հաստատած աւագ խորանը, առջին բեմ, ու քիչ մը բաց` դաս: Խորանին վրայ անոր Աստուածածինը, աղուոր ու խռովիչ` ինչպէս նոր հարս մը, օծուած է շրթունքէն ու այտերէն գրաւչութեամբ մը, որ սարսուռ կը բանայ դիտողին ներսը: Ու Աստուածամօր ծոցին Յիսուս մանուկը, խաս մարմարէ, զոր ճարած է անմատոյց ժայռերու սիրտը փորելով, չուաններով ինքզինքը կախած սարերէն, հանելու համար գունդիկ քարը ու գլխուն վտանգովը ազատելով Յիսուսցու մարմարը ապառաժին որովայնէն: Ըրած է այդ արձանին երեսները թափանցիկ, քիչ մը դեղնաւուն, նման սատափի, ուրկէ արեւ մը անցնի, վառի ու չմարի: Քուն, շրթները` լուսէ ծիծերուն, անիկա մերկ իր թաթիկը դրած է Աստուածամօր ծոցին ու կը ժպտի մարմար իր ժպիտը, որ այդ քարութիւնը կը փոխէ ժանեակի եւ հալած փրփուրի: Խորանին աստիճաններուն, մարգարէներ գոնջ ու կատաղի, բռունցքնին խուփ ու ամրաձիգ [224] ` արքաներու եւ  պոռնիկներու գագաթին [225], իրենց անէծքները, շար ի շար տեղաւորուած կարծես իրենց ճակտի կնճիռներուն ու յօնքերուն թաւուտքին: Ու խորանին աստիճաններուն առաքեալներ, բորբոսած գլուխներով ասոնք ալ , ինչպէս են, էին հրեաները այդ օրերուն, գեղէ գեղ իրենց փտած ապրանքները պտտցուցած ատեն, հիմակուան սեղանաւորներուն գիշատիչ նայուածքէն այլապէս հեռու՜: Ճաղատ ու խիստ, կատաղի, ափերնին օձի խարազան կամ ծաղկած մական: Որոնք կարծես ոտք կը փոխեն` աչք-աչք քալելով դէպի երկինք, կտրելով միջոցը, քիչ մը վերօք եւ որ սակայն կը թուի անբաւ` ինչպէս ինքը` մեղքն է մեր մէջ, մեր ոտքերուն, փոքր` բայց անպարագիծ: Ոչ ոք գիտէ, ուրկէ՞ ճարած է անիկա ձեւի այս վայելչութիւնը, քանի որ Ճրագալոյցի վարագոյրին կամ Դատաստանի պատկերին վրայ խամաճիկներ են դէմքերը, ու ծիծաղելի` զգեստը: - Անոր մէկ ուրիշ արձա՛նը. դարձեալ կնիկ, որ կը յիշուի գովեստով տէրտէրէն: Մարիամ Մագթաղինացին է ատիկա, մազերը ոսկի, գլխէն հեղեղուող, բայց բխումէն անսպառ, որուն ծոցին պարոյրը օրինակուած է կ՚ըսեն Հայրապենց մէկ հարսէն: Խորանին աջ ու ձախ սիւներուն` հրեշտակնե՛ր [226], ճերմակ ու ոտքին մինչեւ կոճերը գոցող շապիկով, որուն ծալքերը խմորի պէս կակուղ ու տաք կը թուին ու արիւն կ՚առնեն ու արիւն կու տան` ձէթ կանթեղներուն դողդոջ լոյսերէն: Բայց որոնց ուսերէն, թեւերը, ճշմարիտ թռչունի, կը ճիւղաւորուին, ոսկէ փոշի ու փրփուր, զանակ-զանակ ու կորաւոր: Ու յատուկ սեղան Աւագ Հինգշաբթիի համար, զատ Յիսուս, տասներկու մարդեր: Մատնութեան տեսարան, մանրանկար ձիթենիներով գեղակերտ պարտէզ: Ու զարհուրելի Յուդան, որուն աչքերուն խոռոչին մէջ յարմարցուկ ուլունքներ, մէկէն արիւն, միւսէն լեղի կը փսխեն: Ու խորունկ ու տպաւորիչ Գողգոթա` երրեակ խաչերով: Բլուրին ստորոտը` Սուրբ քաղաքը, ուրկէ` տաճարին գմբէթները սերկեւիլի չափ խոշոր, հետզհետէ փոքրանալով մինչեւ կաղինի մեծութիւնը: Խաչելութի՛ւն, գէր աւազակներու մէջտեղը կողերը համրուող Յիսուսով մը, որուն գլխին պսակը փուշ ըլլալէ աւելի` փետտուած ու քարին մխուած ատամ է խածնող: Բայց անոր գլուխ-գործոցն է` ինչպէս կը հաւաստուէր մինչեւ իմ ժամանակս, Յուդա Իսկարիովտացին, կաղապարուած կաւով մը, զոր լիճը կը պահէ եղերական ժլատութեամբ մը իր է՛ն վտանգաւոր խորխորատներէն մէկուն զառիթափին, եռուն ու ընկլուզող անդունդ: Քանի՜-քանի՜ տղոց ոտքերը շղթայուեցան այդ կաւին ու ա՛լ չփրթա՜ն: Սեւ ձիւթ է անիկա, բայց որ չորնալով կ՚ըլլայ ամուր` ինչպէս քարը: Թող անցնի ձէթ այդ սեւին վրայէն, ու ահա կաւը կը ջերմանայ, կը փայլոտի, վաւերական զգայութիւնը տալու չափ մարդկեղէն միսի: Մանրադիր այս արձանիկները անիկա կը շարէր դասին աջ ու ձախ, տղոց առաջօք, մորթելու սպառնալիք մը դրած բոլորին սրտին, եթէ մատ փորձէին դէպի սուրբերը: Կ՚ընէր արարողութիւնը, տէրտէրին ու տիրացու վարժապետին զոյգ բերանները միացուցած իր վրայ, եղանակին համեմատ ամէն տօնուողի յատուկ կարգ կատարելով: Կ՚ընէր պատարագ մաշած պասմայէ շուրջառ մը ուսին, գլխին սաղաւարտ, որուն վակասին վրայ ճարմանդած էր անիկա թիթեղէ եւ ուլունքէ զարդեր: Կ՚ելլէր քարոզի, շրջապատուած իր արձաններէն ու կը խօսէր անոնց բերանէն ու անոնց դրուագներէն, տեսարանելով --դիմախաղ, դիմառնութիւն, չարչարանք, անէծք, մահ, գլխիվայր խաչուիլ, ու վկայաբանութեանց տպաւորիչ տուեալները-- այնքա՛ն կենդանի, որ մտիկ ընող տղաքը մոմ կը դառնային իրենց սարսափէն: Անիկա կ՚ոռնար Յովհաննէս Մկրտիչին պէս: Բայց ահաւոր ողբերգութեան մը պէս կը կախէր Յուդան, զայն խղճի խայթին տակ բզիկ-բզիկ ձողելէ [227] ետքը կուպրոտ չուանէ, ու կը ճօճէր դիակը, սաղմոսի պէս, տուն-տուն, հայհոյելով անոր մօրը, որուն արգանդը լաւ կ՚ընէր, եթէ կարիճ մեծցնէր, հօրը, որուն ճիտին ջաղացքին քարը կը կապէր, ատանկ մեղքի մը սերմը ընդունած ըլլալուն իր երակներուն մէջ: Բայց սարսռագին կատաղութեան մը կը բարձրանար իր շեշտը, երբ կը քակէր չուանը, կը փչէր արձանին` սադայէլին շունչը, կը կանչէր կեանքի, մահը անարժան գտնելով անոր ոճիրին ու կ՚ապրեցնէր, յաւիտեանէ յաւիտեան, թէ՛ հողին վրայ իր ուրուականը, որ պիտի թափառէր մինչեւ դատաստան ու րոպէ պիտի չունենար առանց կճուելու օձերու տրցակներէն, իր մարմինին բոլոր ծակերուն մէջ տեղաւորած իրենց սլաքները, թէ՛ դժոխքի մէջ անոր ամբողջութիւնը, հնարելով վայրագ ու կենդանի երեւակայութեան մը բոլոր սարուածը, պատիժներու եւ տանջանքի անդունդներէն: Անիկա կը յոգնէր ու կը նետէր գետին [228] արձանը, փշուր-փշուր ընելով ձիւթը, յաջորդ տարի հեղ մըն ալ նորոգելու համար անագորոյն պատուհասումը: Դրացիները, պատուհան-փեղկերը կիսախուփ` մտիկ կ՚ընէին այս ահալուր բացագանչումը ու կը մտածէին մեղքին զեփիւռին [229] դիմաց: Բայց քաղցր ու գրեթէ էգ էր անոր ձայնը, երբ կ՚երգէր մեր շարականները, գոց ու ամբողջ, պատանեկան թարմութեամբ ու խանդով: Գոց գիտէր բոլոր արարողութիւնները: Անոր «Խաղաղական» ները, Մեծ-պահքի երեկոներուն կը յուզէին նոր դարձող արագիլները անգամ, որոնք դէմի փուռին գագաթին զոյգ-զոյգ կը կենային «մտամփոփ ու երկիւղած», կարծես հասկնալով խորունկ մեղքերը, անցնող մարդոց աղիքներէն, տարիին այդ եղանակին, երբ թռչուններուն մէջ սեռը կը խօսի ու կիներուն մէջ ով գիտէ ի՜նչը: Ու գիտէր գոց բոլոր համայիլները, իրենց կախարդական տարազներով, սադայէլեան սպասարկութեամբ ու նուսխա ներուն բազմահրաշ ցուցմունքովը: Ու գիտէր, ծայրէն դէպի սկիզբ ելլելու պայմանով: Այս վստահութեամբ, բարբառի այս հարազատութեամբ, զոր մեր միտքը կը դնէ իր իսկ իսկութենէն բխած երեւոյթներուն, իրը ընելու բառն ու շարժումը ու տպաւորելով մարդիկը տասնապատիկ ուժգնութեամբ մը --բոլոր կրօնքներու հիմնադիրները գրել չեն գիտեր ու հոդ է աղբիւրը իրենց հեղինակութեան--, անիկա իր ժամերգութիւնները կ՚ընծայէր իբր բացառիկ մրցանք մը, որուն ընթացքին տղոց հոգիները դէպի արքայութիւն ու դժոխք թեւ բացած հրեշտակներու նման կը վերանային, մոռնալով իրենց ոտքերուն տակ թրիքէ յատակը սենեակին, ու մոռնալով տղու բոլոր սրտառուչ, պարզ գինովութիւնները խաղէն ու վազքէն: Այսպէս տեսարանուած, շարականուած` «ժամու խաղը» հզօր չարչարանք մըն էր ամէնէն առաջ խաղարկուին, որ կը դեղնէր աչքերէն, կը տխրէր խոր, կ՚արձակէր իր ժողովուրդը ու կ՚իյնար իր Աստուածամօր ոտքին, մեղքէ խենթեցած ու լացով ողոքել ջանալով վերնական զօրութիւնները: Ու կը լսուէր անոր ձայնը, մինչեւ ուշ գիշերները, հասնելու համար դուռները երկինքին: Տիրացո՞ւ: Անկէ` տէրտէրցո՞ւ: Մարդիկ կը թօթուէին գլուխ, հաշտեցնել չկրնալով ծանօթ ասպարէզը, տէրտէրութիւնը իր զուարթ բարութեան, սրամիտ ու շէնշող լայնասրտութեան, տեղին համեմատ լուրջ, խոր, միշտ խելացի, շրջահայեաց, մա՛նաւանդ համոզկեր պարտիքներովը , նոյնիսկ բաւական գիրուկ իր մեղքերուն հանդէսովը, սա՛ պատկերին, որ տասնհինգամեայ այս պատանին կ՚ընէր արդէն, տարին քանի մը հեղ, վաւերական ճգնաւոր մը, Աբբա Մարկոսի, Հայր Անտոնի, Սրապիոնի գիծէն բարբարոս անապատական մը, ասոնց անունովը պապանձեցնելով տէրտէրը, վարժապետը, Գործքին ու Միտքին միջեւ աշխարհիկ հաւասարակշռութիւնը յայտարարելով «գործ պղծութեան» ու խարազանով վանելով աղջիկները իրենց տունին շրջանակէն, կոտրելով ոտքը մօրը եւ քոյրերուն, երբ ասոնք յանդգնէին մօտենալ խորան-սենեակին, փետտելով անոնց մազերը, ընդդիմութեան ատեն, ու խածնելով, կատղած գայլի պէս, հանդիպած կէտին: Մարդիկ չէին կրնար հաշտեցնել այս կնատեացութիւնը` գեղին կարգերուն ու կը վախնային անկէ, երբ կ՚ոռնար «յանուն Յովհաննու Մկրտչի» սա մեծերուն երեսին, լրբութեամբ կը կախէր վարագոյրը իրենց ախորժակներուն, անոնց ուսին ցուցադրումի կը հանէր կարասները իրենց մեղքերուն: Կին տարրին դէմ այս ատելութիւնը, զոր իր մէջ մշակած էր իր հարսէն ծեծ ուտող ութսունամեայ քահանան, իր ծերութեան մէջ վրան շռելուն եւ որ եղած էր անոր ուսուցիչը գրաբար ու ձայնաւորութիւն կոչուած մեծ գիտութեանց մէջ, պիտի ըլլար մեծագոյն ցաւը անոր մօրը: Երեք օր լեռնէն չիջաւ անիկա, երբ լսեց ամբարիշտ առաջարկը: Բայց անոր մայրը գաղտնի յանձն առաւ տէրտէրին շեռոտ լաթերը լուալ, որոշ փոխարինութեամբ: Քահանան ժամանակ ուզեց: Ասդին, իր արարողութեանց խոր, ազդու, մռայլ տպաւորութեամբը, ճգնողական իր խստութիւններովը, որոնք ետին կը ձգէին տարեկան պահքերը, շաբաթով ծոմերը, քառսուն գլուխ սաղմոսները, ձարը եւ բոպիկ, ձիւնին, տունէն ժամ երթալը --ընդհանուր տարազներ միջին ապաշխարանքի-- ու պակաս իր «տախտակովը», --անիկա ատոր փաստը տուած էր, «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» ցատկելով փողոց տանիքներէն ու մնալով անվնաս, քանի որ պատուիրուած էր հրեշտակներուն, իրենց թեւերուն վրայ ընդունիլ զինքը-- [230], անիկա ելաւ տեսակ մը անմեկնելի համբաւի, ուր կը մտնէր իրաւը, սուտին չափ: Հետզհետէ անիկա կ՚ախորժէր լեռնէն, ուր կը մնար շաբաթներով, «խոտ ճարակելու» տրամադրած մարմինին բոլոր աղբիւրները: Խե՞նթ: - Դիւրին չէր վճռելը, քանի որ բացի շարականներէն, յայտ ու անյայտ աղօթամատեաններէն` անիկա լման գոց էր ըրած Աստուածաշունչ մատեանը, պատկերազարդ ու շատ հին տպագրութեամբ, գրաբար: Ու գոց էր ըրած նորէն, հակառակ իր ուսուցողին արգելքին, աշխարհաբար Ս. Գիրք մըն ալ, ով գիտէ ի՛նչ հրաշքով մոլորած դէպի սա բարբարոս, բայց խորապէս հաւատաւոր գեղը: Ջուրի պէս ջաղացի անիւին վրայ, այնպէս կը թափէին գլուխները բերնէն, երբ ուզուէր, առանց գիրի մը սխալին: Ու մարդիկ խաչ հանելով կը հեռանային անոր քովէն, Աստուծոյ մէկ նշանը իբրեւ ընդունելով սա կարողութիւնը: Խե՞նթ: - Քաջութիւն էր հարկաւոր սուրբերն ու առաքեալները մօրքրոջ տղոցը պէս ընտանի նկատող, իր խօսքերը միշտ գրաբար համարով մը լուսաւորող, բացի խոտէն ու գիշերային հսկումէն ուրիշ շեշտուած ախորժակ չմատնող սա տղան նոյնացնել [231] այն միւսներուն հետ, որոնք իրենց տունին խաղաղութեան մէջ յանկարծակի կը վառեն սատանային ջահը, կը կոտրեն, կը թափեն, կը խղդեն իրենց ծոցին կինը կամ կը կացինեն իրենց պզտիկները ու կը փախչին, ինչպէս այսահար գազանը, մեռնելու կամ անհետ հեռանալու համար գեղին սահմաններէն: Բայց պակաս մը. ոչ` ծնունդէն, ինչպէս սովոր են աճիլ ասոնք, արգանդի վիժուկները փողոցին վրայ տարիներով նստուկ, երբեմն շինիկ ի [232] մը չափ, երբեմն ալ մեծկակ սերկեւիլի մօտ [233] գլուխ մը տնկած իրենց ուսերուն կեդրոնագիծին, երկու մատ կամ թիզ մը ճակատով, փոքրամարմին ու խելօք: Պակաս գանկին մէկ տախտակով : Ոչինչ կը զանազանէ այս ցեղը միւսներէն, վաւերական դիւահարներէն: Աստուած ինք գիտէ, թէ ինչ քաշեց անոր մայրը պայմանեալ տարին հասցնելու համար իր տղան, որմէ յետոյ ամուսնութիւնը [234] անխուսափելի պատգամ է ամէն մանչու եւ աղջկան: Անիկա ո՛չ միայն ծաղիկի պէս լուաց տէրտէրէն մնացած ճերմակեղէնները, այլեւ չունեցած իր բերքերէն «մէկ ձեռքը գող` մէկալը բոզ ըրած» կրեց քահանային անյագուրդ ոսկորին, որ անհաս հիւանդութեամբ մը զարնուած` «ֆիլ էր կտրեր», ուտելով եօթը գոմշու չափ, խմելով եօթը սափոր ու ճուալով` ինչպէս անօթի մկնիկ մը, բարակ-բարակ, «հաց» բառը կախած լինտերէն: Աստուած ինք միայն գիտէ ի՜նչ հերոսական աշխատանքով, ի՜նչ կամքի հեղումով անիկա հաճեցուց մօտի թաղէն անօթի, հացթուխ այրի մը, որպէսզի իր խորթ, մէկ աչքէն կոյր ու «դեւի պէս սեւ» աղջիկը կնիկ տայ իր տղուն: Ստիպուած էր այդ ցուցանքը իբր հարս տունն ի վեր տանելու, քանի որ տղուն յամառութիւնը, յարմար տարիքին, այսինքն` տասնէն տասնհինգին, գոցած էր անոր երեսին բոլոր դուռները: Աղջիկները թանկ էին այդ գեղին մէջ: Աստուած ինք գիտէ, թէ ինչ արագութեամբ անիկա ճարեց-ճարճրեց, ու այրիի պէս պսակ մը փաթթեց իր տղուն գլխուն իբր մայր, գերագոյն տառապանքը ապրելով, ուրիշներու կարգին չպարծենալով իր տղուն «թագովն ու փառքովը»: Բայց կարգեց: Անիկա հանգիստ սիրտով կրնար գոցել աչքերը, քանի որ յարգած էր գեղին մեծագոյն պատգամը, որ բարակով պառկած մանչն անգամ կը հարկադրէ անպատճառ ամուսնանալ, քալելու անկարող իսկ պարագային պատգարակով «ընթանալ» դէպի սուրբ խորանը, մտնել պսակին տակ ու ծոցին առնել կնիկ, հոգ չէ կոյր, սեւ, կաղ կամ խուլ: Կարեւորը փրկութիւնն է ճետին, որ միշտ արու կ՚ըլլայ ու կը շարունակէ օճախը վառել: Ճակտին երկու ծայրերուն իրակա՞ն էին եղջիւրները, թէ մարդիկ կը յերիւրեն նման զրոյցներ, հպատակելով անտես մղումներու: Ոչ ոք պիտի գիտնար սակայն, բացի Սողոմէն, այն միւս իրողութիւնը, որ անոր ուղեղը խաշոցէ անցուց: Անիկա իր կինը գտաւ ծոցը իր պզտիկ աղբօրը, օր-ցերեկով, երբ մայրը այգի էր, քաղի, ու հարսը` հիւանդ: Աղբա՞րը: Բեռնով խաղող էր բերած: Այդ պատահարէն դէպի վաւերական խելագարումը` ճամբա՞ն: Այն ատեն դժուար էր ճշդել: Հիմկու մարդերը պիտի չնեղուին…: Ան գիշերն իսկ անիկա կրակեց իր տունը, աղբարը ախոռին մէջ խղդելէ ետքը, յարդանոցի յարդին բացած անոր բերանը [235] ու ամորձիքները ճմուռ-ճմուռ փրցնելով անոր ագռմէջէն: Ելած էր վեր, նետած` պատուհանէն կնիկը, ծոցին [236] տարուընակ տղայ, ետեւէն մայրը ու հեծած իբր ձիու մը` պատուհանին վրայ, մէկ ոտքը ներս, միւսը` դուրս, երկնապիշ, աղօթող, մինչ բոցը կը սողար դուրս պատուհանին վերեւէն ու կը խոնարհէր ա՛լ [237], լզելու մազերը անոր բաց գլուխէն: Լուռ էր անիկա, ամբոխին ճիչին ու պաղատանքին ու կրակին հիւքին տակ` վայելչօրէն բարբարոս, ճգնաւոր, նահատակ: Հերոս երեք տղոց բազուկները հազիւ զատեցին անոր մարմինը կրակին կլափէն ու գլխուն զարնելով, դանակին կոթովը, վար հրեցին անոր դիակը գրեթէ, քանի որ փակ էին աչքերը, ու կզակները` հիւսուած: Մոխիր դարձաւ Սամիկենց տունը, օճախն ալ հետը, վասնզի սալաքարերուն, մեռած մօրը ծոցին վրայ հազիւ արիւնոտած անոր տղան կը մեռնէր մօրը ետեւէն նոյն այդ գիշերին, սո՜ւտ վարդի մը չափ ալ բան չհասկցած սա մեր աշխարհէն: Խե՛նթ էր անիկա, երբ բացաւ աչքերը: Փրցուց չուանը ու կացին քաշած կեցաւ փողոցին: Տանտիկին մը պարպեց վրան աման մը մոխիր, ու ճուացուց զայն, աչքերը այրելով կրակէն աւելի գէշ: Ան նետեր էր կացինը ու կը փետտէր աչքին գունդերը: Սայլի շղթայով կապեցին անիկա ու քշեցին ժամուն զնտանը: Եօթը օր, եօթը գիշեր ոռնաց անիկա: Ու ինչպէս ստորերկրեայ անդունդէ մը` կ՚որոտար անիկա յստակ ու ահեղ, Յովհաննէս Մկրտիչին նման «Ձայն բարբառոյ յանապատի»…: Ու կ՚որոտար անիկա, գեղն ու աշխարհքը թուղթէ առարկաներու նման ալիւրի պէս մանրելու եւ հովին յանձնելու սպառնալիքով: Խե՞նթ: Անշու՛շտ: Ու յիշեցին հայրը, ու յիշեցին մենծ-հայրը, որ արջ մը գրկած, զսպած ու գեղ էր բերած, Ջուր-ելած ի իր արտէն բռնելով անիրաւ կենդանին, իր լուբիաներուն արմատը ջուրին դնող ու չամչցող, չվախցող, դէմ դնելու չափ Սամիկենց Արջուն, այսպէս անուանուած երեք կանգուն իր հասակին ու մէկուկէս կանգուն իր թեւին համար: Բայց չդրին մէջտեղ, չգիտնալնուն, եղերական տեսարանը «դեւի պէս սեւ» անոր կնիկին…: Ղրկեցին քաղաք, ուր մնաց եօթը տարի, յիմարանոցին մէջ երգելով ու լալով, թուրքերէն ծեծուելով-ծեծուելով, զգաստանալու չափ պակսելով իր ուղեղէն ու իջնալով իր կատաղութեան պարունակներէն: Երբ դարձուցին գեղ` անիկա սուսիկ ըսուելու չափ անշարժ տղայ մըն էր, օրերով անխօս, լեռները երազող, ասոր-անոր դուռը պզտիկ գործերու, հանելով հացը ու պառկելով փուռ-վրաներու [238], անդադար մենախօսելով սատանաներուն հետ, փախչելով անոնց նիզակներէն ու մտրակներէն, որոնք կրակի թելերէ էին հիւսուած: Դէպի Ս. Ըռըստակէսի սօսի՞ն: Եղաւ ատիկա ալ, սաստիկ տաքէ մը, երբ գեղացիին կարծիքով շոգէն կը թուլնայ անտեսանելի այն խէժը, որ մեր ուղեղին տախտակները իրարու կը փակցնէ: Հետեւանքը պարզ է: Յիմարութեան տարիները առած էին անոր խելքին հետ, գանկին պահպանակը սեպուող մազերն ալ: Աւելի` դրած ճակտի ծայրերուն կոտոշի նման զոյգ մը ցցունքներ: Ատ տաքին օրը տեսան անիկա ձախ մատը դեռ գամի նման մխած եղջիւրին --ոչ ոք տեսած էր ատիկա, հակառակ լերկ գանկին-- կատաղութեան գերաճուն նոպայի մը մէջ, բանակ մը դեւերէ հալածական, որոնց անունները կը հոսէր անիկա իր բերնէն` ինչպէս օձեղէն լեզուակներ --տեսնողները երդումովը կը հաստատէին այդ օձերուն գետին թափիլը, ոտքերուն ու կտոր-կտոր ըլլալը միւսներէն, քէրովբէներ ասոնք, ադամանդ-բերան իրենց սուրերով, որոնք կը մանրէին դեւերը` ինչպէս ձուկի խայծ կազմելիք երկրամայրերը կը մանրէ ձկնորսը, ու կը պաշտպանէին Սամունին կռնակը յարձակող բանակէն--, անիկա շունչը առած էր պատմական ծառի խոռոչին: Ի՜նչ ուժ էր ատիկա, որ երկու ժամուան այդ զառիվերը ըրեր էր առանց դադարի: Ուղեղային այս տագնապը, իր բացառիկ խստութեամբը, լծորդ ոտքին գոլովը, որ մարդոց շունչին հետ կրակ կը փոխադրէ դէպի ներսերը, երկար ատեն խօսուեցաւ գեղին մէջ, մա՛նաւանդ մեծ մեղքերուն վրայ գոցուող գիշերներուն --կեանքը հասարակաց սեղան է գեղին համար--, այն խռովայոյզ ժամերուն, երբ տանուտէրերը իրենց հացը ծամելէ ետքը խոր յուզումով փառք կու տան Արարչին, կ՚օրհնեն սեղանը ու զայն բոլորողները ու կը պաղատին Ս. Հրեշտակապետին --գեղին պաշտպան սուրբը, որուն անունով կանգուն էր եկեղեցին-- քաղցր ընելու իր սուրը մեղաւորներու վիզին, ու կիսովի խուփ բառերով` դառնալէ յետոյ օրուան խժդժութեան, անոր մէջ երեւան եկած անասնութեան ու մեղքին նոր մթերքին, օճախին առջեւ կը դնէին իրենց ա՛լ կթոտ ծունկերը ու բուռ-բուռ սարսուռ կը թափէին տուն մը սիրտերու: Սամունը չեկաւ: Դէպի սրբութի՞ւն: Դիւրին չէ ճամբան, բայց ոչ` անհնար: Անոր նպաստեցին [239] իր պատանութիւնը, սուրբերուն բանակները, [240] յիմարանոցին մէջ իր քարոզութեամբը դարձի եկած հրեայի մը հեքիաթը: Մնաց որ, ամէն խենթ, բառին իսկ պարունակովը, սրբացու է քիչ մը, եթէ ոչ ամբողջ, Աստուծոյ մէկ ընտրեալը, որ խողովակը պիտի ըլլայ անհաս կամքին [241] ու պատուիրանքին մարդոց վրայ հեղուելուն: Կարելի է, առանց տունն ու տեղը լքելու, անդամալոյծի խշտեակին վրայ, ընել այդ մասնագիտութիւնը, ձեռքերը եօթն օր, եօթը գիշեր «Հաւատամք» ձեւած: Կամ ուրիշներու պէս, ըլլալ իր բանին, հողին ու մեղքերուն, բայց որոշ օրեր` աչքերը փակել, բերանը բանալ, երկինքն ու արքայութիւնը պարպել կոկորդէն, անոնց բոլոր բնակիչներովը, շարժումներուն քարտէսովը ու արթննալ, ափ ի բերան, դեղնած, յոգնած, աչքերը լեցուն ու վախի փքոց մը տեղաւորած` կզակներուն: Ասոր օրինակները ընթացիկ են ու շահաբեր: Կ՚ազատին այս ճամբով ծերերը` իրենց հարսներուն մուրէն, պառաւները` իրենց մանչերուն ծեծէն: Մէջ-կնիկները` հարսնցու կը ճարեն, երբեմն ալ… սիրող: Դէպի գուշակութի՞ւն: Նոյնն է զառիթափը: Սամիկ Սամունին զառանցանքները, բարեխառնուած Սաղմոսով ու Նարեկով ու շարականով, սրտքաղուած [242] ` դասական ու ինքնատիպ անէծքներով ու օրհնէնքով, աճած, ուժովցած` Կտակարաններուն բոլոր բերաններովը, բոլոր մարգարէութիւններովը, երկրաւոր կամ երկնաւոր աղէտի մը պատահական զուգադիպում -- կարկուտ` խոշորէն՝ հաւկիթէն ալ, շարժ` որ կը թափէ տուները գետին, հասած թութերու նման, մահտարաժամ` գերդաստանը տառապէս հնձող, սրածութիւն ու մեծ կրակ, որոնք ինքնին թշուառական այդ արարածներուն ոտքին հողը կ՚ընեն խորխորատ, ու ան միւսները, թաւալուն աստղեր, մօտեցած մեր սահմաններուն, քալելով սուրբի գլուխի մը պէս շողարձակ ու լուսապսակ, գիսաւորները` որոնք երկինքին խորութիւնները կը քողեն աներեւոյթ փեսային պատրաստելով աներեւոյթ հարսը, ու տակաւին օրով ու պահով պայմանաւոր փոքր դժբախտութիւնները, յամառ, աներես: Ջերմը` որ չի յօժարիր լքել ենթական ու շատ-շատ մինչեւ բակ [243] կը ցածնայ ու վեր կը նետուի կրկին, հոգեկան աղէտը` որ պոռնկութեան, գողութեան ու պղծութեան ձեւերով կը տեղաւորուի ու մարդերը կ՚ընէ զարնուած իրենց կենսաղբիւրին խորագոյն ակէն, կարճ, -- ամբողջ, անմեկնելի տկարութիւնները, փոքր, ճճի, բայց ցեցի պէս կրծող ձեռք մը շարը, որուն պէտք ունի մեր հոգին իբր սուրբ բոժոժ, պաշտպանելու համար զինքը մարմնին գարշ հպումէն, ողջագուրումէն: Այս ամէնը ուրիշներու վրայով ու իր վրայով տարին Սամիկ Սամունը ներսերը խուզարկող նոր իր գիտութեան: Նայիլ մարդերուն ու կարդալ անոնց ճակտին մէկը կամ միւսը բոլոր սարդերէն, որոնք ճակատագրին ոստայնէն ձգուած են դէպի մեր կաւէ միսերը, պիտակել զանոնք մեզի մատչելի տարազներով ու ըսել ցաւը, հարուածը, դէպքը, որ կրնայ խուժել օրերուն ծոցէն` մեր տկարութեան վրայ, աս ու ան պահուն. գիտութի՞ւն, գուշակութի՞ւն: Սամիկ Սամունը իր առանձնութիւնը գործածէր պիտի այս բաւիղներուն լուսաւորումին: Խենթութի՜ւն: Պատրաստ է բառը: Դրէք նոյն գիծին միւսն ալ, սրբութի՜ւն , ու ինչերնո՜ւդ պէտք, թէ ինչպէս կը կառուցուին հեքիաթին սխրալի դրուագները: Ու ինչերնո՜ւդ պէտք գիտնալ կամ ստուգել, թէ որքա՛ն է բաժինը փոքր տրտմութիւններուն մեծ այն փառքին մէջ, որով ծիրանաւոր, ժամանակին ջուրէն բեկանուած ու այլայլած մեզի են հասեր դէմքերը նահատակներուն ու ճգնողներուն ու աբբաներուն ու կին սուրբերուն: Տարէք Սամունը ետ, սանկ քսան մը դար, ու անոր անձը պիտի տեղաւորուի, առանց մեծ ճիգի, շքախումբին մէջը այն հերոսներուն, որոնք լուսաւորուած իրենց կիրքէն, կամ հալածուած իրենց երազէն, լքեցին սովորական շապիկը [244] առօրեայ կեանքին ու դիրք բռնեցին օրուան պղծութեան ու օրուան փառքի վաճառորդներուն դիմաց ու անցան գիրի իբրեւ մարգարէ ու իբրեւ պատգամ: Տարին բաւ եղաւ, որպէսզի անոր գիտութիւնը յորդի գեղէն դուրս: Ու ահա իր ինքնատպութիւնը, - առանց բակլայի, առանց բուրումի ու գաւազանի, առանց նուսխայ ի, աչքերը միայն փակելով` անիկա կ՚ըսէր շատ աւելի ճիշդ ու շատ աւելի բան, քան գեղերու միւս կախարդները, երկու սեռէ: Անիկա հսկաքայլ յառաջդիմած էր [245] ` ինչպէս կ՚ըսուի ընթացիկ լեզուով, մարգարէի իր ասպարէզին մէջ, օգտուելով զարմանալի իր յիշողութենէն, որ զինքը սպասարկեց անհուն հաւատարմութեամբ: Ու օգտուած էր [246] նոյնքան խոր իր ատելութենէն հանդէպ երկնաւորին ու գաղտնիքին խաբեբայ վաճառորդներուն: Կ՚անիծէր կախարդները եզեկիէլեան [247] սաստկութեամբ, թուղթ բացողները ու փոշի բաշխողները, երբ անմրցելի ստուգութեամբ մը կը յայտնէր գողերը, գողօնները, թաքստոցները իրեն դիմողներուն: Կը պարզէր աղբիւրը ցաւերուն, պուկի էն զգոյշ, մարդերու ընդերքին [248] ճամբաներէն, բաժինը տալով մեր ցանկութիւններուն, մեր ջիղերուն` բոլոր մեզ զարնող մեծ ու պզտիկ ախտերուն մէջ: Դե՞ղ: Դարմա՞ն: - Խոտ ու աղօթք: Ծոմ ու հաղորդ: Բայց անիկա ունէր հարցնելու իր եղանակը, թեթեւ, կասկածէ զերծ, որ կը հասկնար տարիքները, գոյնն ու հասակները, թիւերն ու նշանները, ծնունդներն ու մահերը, ասոնց հասման ճամբան ու այսպէսով կ՚ապահովէր ապշեցուցիչ մթերք մը գեղին առօրեայ կենցաղէն յստակ, իմաստ մը պատմող դրուագներու: Ասդենականին սա չնչին պատահարները այս ձեւով շահագործելէ ետքը, անիկա ատոնք պահծու կը դնէր գանկին ձախ խորշին, հաստատ զետեղումով, ուզած րոպէին զանոնք լոյսին հանելու հեռադէտ նպատակով: Ու քառորդ դարը ամբողջ սեղմուած էր [249] անոր ուղեղին այդ կէտին, ճշմարիտ դիւանագիրքը գեղին: Ե՞րբ կը սորվէր --կը զարմանային զինքը իր սօսաբնակ մենութեան մէջ գտնողները-- մեռածները, ծնածները, դանակով ինկածները, ի՛նք` որ տարին հեղ մը, Աւագ Հինգշաբթի, կ՚իջնէր գեղ, կէսօրուան պատարագէն հաղորդուելու, իր ափը դնելու ժամուն բակը վխտացող փոքրերու գլխին ու դառնալու ողջ իր դագաղին, Ս. Ըռըստակէսի սօսիին բունին, սպասելու համար հրեշտակները, որոնք պաշտօն ունէին զինքը առաջնորդելու շիտկէ շիտակ «Հայր Աբրահամու գոգը» :

 

-- Սողոմենց Հայրապետին տղա՞ն ես դուն:

 

Սողոմը գլխով հաստատեց հարցումը, զարմանալով նոյն ատեն, որ Սամունը չէր շփոթեր զինքը հօրեղբօրը տղոցը հետ, համատի ու համանուն այն միւսին, որ համետ կը շինէր, «էշերը հագուեցնելու» առաքինութեամբը նշանաւոր, հասած մինչեւ սա սօսին:

 

-- Աստուած ողորմի հոգուն, ըռինդ մարդ էր:

 

Այս մարդամօտ ու պարզ շեշտը, բառերն ի վեր հետզհետէ մեղմացող, կը քաղցրանար անակնկալ գորովէ մը, սուրբերուն հագցուած այն փայլակնացայտ, տեղին համեմատ բարկաճայթ, ուրիշ ատեն ալ վարդապետօրէն բարձրաթռիչ ու անիմանալի լեզուէն հեռու ըլլալով: Համ կար անոր հետ խօսելուն մէջ:

 

-- Կը ճանչնա՞ս:

 

-- Տիրացու էր, տղա՛ս, քեզի պէս:

 

Սողոմենց տղան տեսաւ իր հայրը, ջորին դարմանած ու երկաթ սանտրով մաքրած ատեն, մռլտուն ձայնով մը բակը ողողելով:

 

Սամո՛ւնը, գեղացի՜: Ոչ իսկ չուխային կարկտնուած թեւովը գեղին միջին տարազէն տարբերող: Մատը, յօդուածներուն տեղը գունդոտ, միշտ ձախ սպիին վրայ:

 

-- Մրջոմին վրայ ոտք չկոխեց:

 

Գոցեր էր աչքերը: Ինչո՛ւ:

 

Այս փակ կոպերը ի՞նչ հրաշքով փոխեցին պատկերը: Անոր դէմքը վերածուած էր անլուր բանի մը, աղօտ, գրեթէ մեռելի, դրամի մեծութեամբ կարմրաւուն խայտերով, բայց միւս կտաւին վրայ խնկագոյն դեղնութեամբ: Միսը տրուած ըլլար հալելու: Անոր մատը անցած էր աջ սպիին:

 

Հեքիաթը ու տէրտէրին ճշմարտահաւատ գիտութիւնը այդ սպիները կը դաւանէին վաւերական մնացորդները եղջիւրներուն, որոնք ժամու պատին, Մովսէսին ու Դաւիթին նկարներէն, իբր մարգարէութեան զինանշաններ, կը փայլէին այնքան յստակ: Մաս ունէր անշուշտ այս հաւատքին մէջ Սամուէլին եղջիւրը, որմէ հոսող իւղը դաշտի իշարածը կը վերածէր արքայի: Իրողութիւնը ուրիշ էր սակայն: Այդ սպիները հետքերն էին զոյգ մը գունդերու, որոնք ընկոյզ էին կապած անոր ճակտին երկու քովերէն: Ծնունդին ատեն պարզ կոճակներ, անոնք պատանութեան շրջանին խոշորցեր էին ու սուր կոնիկներ դրած անոր գանկին: Կ՚աճէին, կը նիհարնային ու կապ ունէին անոր ուղեղին տակ շրջան առնող յուզումներուն հետ: Մարդիկ չէին դիտած անոնց ծաւալը, երբ Սամունը խղդեց աղբարը ու այրեց իր տունը: Յիմարանոցէն դարձին, անոնք սմքած էին, պառաւի ստինքին պտուկներուն նման: Ոչ ոք գիտէր, թէ տարի մը ետքը անոնք ինչո՛ւ փոխուեցան ու գտան ծաւալը մայրիի կոնիկներուն: Կնիկ մը, որուն աղջիկը էրկանը տունէն ետ էր ղրկուած «սուտ զրոյցներու» վրայ հարկաւ, եւ որ շաբաթը հեղ մը սեղանին կը տանէր «ղարիպ» Սամունը ու կարդալ կու տար աղջկանը վրայ, դեղ ըրաւ գլխուն ու մոխիրով մայր ու աղջիկ ժամերով շփեցին արմատները այդ կոնիկներուն: Յետոյ` մոմած առասանով, կատու մը կռտելու նման, փրցուցին գունդերը: Արիւն իսկ չէր բխած: Սամունը խենթեցաւ: Ու փախաւ սօսին: Ոչ ոք գիտէր նոր հարսին բաժինը սա յիմարացման մէջ, ոչ իսկ մայրը: Խօսեցան փրթած գունդերէն ու մոռցան մարդիկ: Հետքերը սեւցան: Աւելի դիւրին էր երեւոյթը կապել մարգարէութեան: Այսպէս է, որ չեղած իր կոտոշներուն շնորհիւ Սամիկ Սամունը ոտք դրաւ սրբութեան գաւիթը: Տարիքը, ամիսներով առանձնացումը, վայրի խոտերով ու չոր պտուղներով իր սննդառութիւնը, խոկումի իսկական իր վիճակները --ժամերով երկննալ սօսիին շուքին ու ներսի աշխարհին ալեծուփ արձակութեանց վրայ հեշտագին լողալը--, մարմինին հարկադրուած հզօր, ու հին սուրբերուն վայել խոշտանգումները լրացուցին հեքիաթը: Երկինքը կրկին բացուեցաւ --ասիկա դուրսէն դիտողներուն համար էր-- անոր արդէն հոն սուզուած մարմինին: Հրաշագործութի՞ւն: Չէ կարելի տէրտէրին պղտոր վկայութիւններէն դատել [250] նման կարողութիւն մը, որ մեր օրերուն յաճախադէպ է կարգ մը մարդոց ալ վրայ: Աչքին, անիրաւ տեղը կասկածի ձգուած ձգողութեան, մագնիսականութեան, ֆաքիրութեան երեւոյթները նոր չեն Արեւելքի մէջ: Ինծի տրուած է հանդիսատես ըլլալ հսկայ աճպարարութիւններու, մեր զգայարանքներուն վրայ դուրսէն հարկադրուած հզօր այլայլանքներու, որպէսզի սուտի լուծոյթով մը չհերքեմ դիւրաւ Սամունին վերագրուած գերբնական «նշանները»: Տէրտէրը կը հաւատար, թէ աչքը գոց կը տեսնէր: Ու մարդոց միտքինը` ինչպէս քսակին դրամին հատն ու արժէքը, տեսակներովը, անսխալ կը կարդար: Ու ասիկա գիտէին բոլորը:

 

-- Լուսահոգի՜ն:

 

Ո՞վ կրնար ըլլալ: Գաղափարներու զուգորդութեամբ Սողոմենց Հայրապետը, անշուշտ:

 

-- Նեղն է [251] վերը:

 

-- Ո՞վ:

 

-- Պապադ, զաւա՛կս. նեղն է երկինքը:

 

-- Կը տեսնա՞ս:

 

Նայեցաւ տղուն: Պուտ մը բան աչք ըսուած բանը, ուռած կոպերուն խորը, բայց տարօրէն հատու: Ու չեղաւ անիկա արհամարհոտ, ինչպէս սովոր էին նայիլ վարի կախարդները իրենց գիտութիւնը կասկածի տակ ձգողներուն:

 

Բայց այդ նայուածքին ուժը հոն էր, որ հով մը կը բերէր նստողին շուրջը, հեռացնող ու զատող: Մարդ կը զգար ինքզինքը բռնուած, թեթեւցուած ուրիշ բանէ մը ու կ՚ըլլար աւելի վստահ, աւելի մօտ ան միւս ուրիշին, մեր ամէնուն մէջ, մեր արիւնին խառնուած կազայնութեան --դուք դրէք անուն--, երկնայնութեան: Նալպանտենց տունը, ու անոր ոճրադատում խորհրդանիշը, պառաւն ու Աղուորը չքացած էին Սողոմին միտքէն, ինչպէս բոցի դէմ բռնուած մոմէ արձանիկներ: Նոյն ատեն անիկա բաւականէն աւելի տիրացու էր եղած, այսինքն` երկինքի կոչնակը զարնող միամիտ ուխտաւորը, երկինքէն այդպէս դիւրութեամբ հրաժարիլ կարենալու համար: Հաւատքը խմոր է, ինչպէս կ՚ըսէ գիրքը, պատկերը գործածելով, փոխարինելով երկնքի արքայութեան: Անով ձեւ ու կաղապար կը հագնի մեր հոգին: Մարդոց ստուարագոյն մասին մէջ այդ կաղապարը կը մնայ անաղարտ: Մեղքը անոր կիտուածը [252], վայելչութիւնը, զաղփաղփուն կորութիւնները կը շեշտէ ու պահանջ մըն է կարծես: Որքան վէճ, որքան խռովք, Սողոմին ու ընկերներուն մէջ, երբ աշնան մուտքերուն, կրակը վառած կիսաբողբոջ կալերուն մէջ, կը տաքնային բոցերես, ու կը խօսէին սուրբերէն ու անդենականէն: Ու մաքուր կաւ էր անոնց խմորը, դեռ կնոջ մը խմորէն չքացխած: Անոնք կը շինէին Աստուծոյ աթոռը ընտրելագոյն ընկուզենիէն, ու լիճին փրփուրէն` թեւերը` «նշխարքէ ու լուսէ միսերով» հրեշտակներուն: Տղա՜յ: Հարկա՛ւ: Ամբողջ արքայութիւնը կը փռէին կամարէ կամար, լման երկինքը վրանելու չափ, ու կը փռէին իբրեւ սքանչելի պարտէզ մը ձիթենիի, նման միւսներուն, վարը, բլուրներու երեսէն դէպի լիճ խոնարհող ու անհասօրէն գեղեցիկ: Ու սուրբերը, մարգարէները կը հագուեցնէին անոնք տարազովը գեղին հովիւներուն: Ու ձկնորսներ էին առաքեալները, լիճի ափին, նման Տոպիճին ու Կուր-Օվնէսին:

 

-- Դուն կը տեսնե՞ս երկինքը:

 

Քաղցր իր շրթներովը --մարդիկ մինակ աչքով չեն նայիր կը հային աւելի շատ դէմքով-- Սամիկ Սամունը պատասխանի տեղ, ցուցուց շրջագիծ բնանկարը, որ անոր անձին հեղումէն փոխուեցաւ կարծես: Սողոմին եկած ճամբան դեղնաւուն բան մըն էր ինկած մաքուր կանանչի մը հասակին, տեսակ մը խազ [253], որ կը բանար լերան գանկը երկու թափի: Ի՜նչ ընդարձակութիւն, ի՜նչ առատութիւն, չափի ու սահմանի ի՜նչ պակաս` սա ամէնուն մէջ, որ վերն էր անոնց, վարը, շուրջը: Ու միջոցը` որ կը կորանար ատոնց վրայ լուսահեղ քաղցրութեան ի՜նչ արքայութիւն: Կարծես ըլլար անիկա փէշը Ամենակալին, որ կը խոնարհէր դէպի համբոյր, պաշտպանութիւնը փայտին ու քարին, խոտին ու մարդուն: Երբեք լեռները այդքան խոշոր, խորունկ, բայց հասկնալի, պիտանի ու մարդկօրէն մօտ իր արիւնին չէր տեսած անիկա: Ձգած ըլլային այդ սեւմռութ հսկաները իրենց կողերուն վրայ դար ի դար ու շար ի շար հեղերը արեան ճապաղիքին, ամբողջ քրտինքն ու տաժանքը, որ փայտուորներունն են պատառ մը հացի սիրոյն: Ու ըլլային անհաս կտաւի մը վրայ դիւթօրէն նետուած վայելչու թիւններ:

 

-- Աս ամէ՜նը, տղա՛ս, խոտի թել պիլէ չեն:

 

Սողոմը չէր հասկնար անշուշտ ընդարձակութիւնը Սամունին մտածումին: Ի՜նչ ալ պէտք ատոր: Մեր ամէնէն քաղցր վայելքները միշտ ուղեղէն չէ, որ կու գան: Սփոփանքը, յոյսը մեր սրտի թաղարին է, որ կ՚աճին ու անոնք մեր ամէնօրեայ մահը քիչ մը խունկով, քիչ շղարշով լաւ է որ հագուեցնեն: Չընդմիջեց, որոշած էր, առանց աչքի այդ դիմակէն փրթող ու փրթելիք բառերը, որոնք նպատակ ունէին բացատրելու երկու աշխարհներուն [254] հին, բայց անհաս աղերսը, մէկուն անհամեմատ մեծութիւնը, լայնքը ու միւսին աւազահատիկի խեղճութիւնը: Մարդ լեռներուն վրայ միայն կը գտնէ այս պատկերները ու կեանքը, աշխարհները դատելու սա յանդգնութիւնը: Մեծ, լայն, շա՜տ: Բայց Աստծոյ հրաշքը հո՛ն էր, որ այդ երկուքը, վերն ու վարը իրար չէին հերքեր: Ու ահա աւելի՛ն: Թէ` ասդենականին աւազէ կնիքը կար ու կ՚իշխէր անդենական անպարագիծ զանգուածին ալ վրայ: Կը խօսէր հանդարտ, հատիկ-հատիկ, աշխարհն ու իր մեղքերը նկատելով հարազատ, ու փոխադրելով մերը անոնց:

 

-- Չի բաւեր հոգին յանձնելը:

 

Սողոմը պատրաստուեցաւ դասական ընդլայնումին, որով քահանան կամ փորձառու ու բանգէտ մարդերը սովոր էին պատկերել հոգեւարքը, իբր վճարօր [255]: Աստուծմէ աւանդ առնուած այս մասը, այդ շունչը, «անարատ», «ձիւնի պէս ճերմակ» պարտաւոր ենք դարձնելու: Չէ՞ որ անկէ զեղչած [256] մեր միսերուն աղբեւքը [257], այդ աւանդը կտորն էր Աստուծոյ:

 

-- Չի բաւեր հոգին յանձնելը:

 

Կրկնողը վերցուց շեշտը: Անոր ճակտին ձախ սպին մութ փայլ մը փախցուց: Ցոլք մը, կոտրուած գանկին, ըսես կառչեր էր հոն ու կը յամառէր վառիլ այդ ստուերին մէջ:

 

-- Ինչո՞ւ:

 

-- Ինչու որ բարակ է մեղքը:

 

Կեցաւ անիկա: Շո՞ւնչ կ՚առնէր, թէ պատկերին թելը կը ջանար չկոտրել: Շատ մտածելու վարժուած մարդեր անճարակ են այդ թելը կարժառին փաթթելու ատեն:

 

-- Բարա՜կ [258], սարդին թելէն ու մեղուին կէծէն:

 

Կ՚արժէր նայիլ երեսներուն, որոնք բամպակի համ, ձիւնի կշիռ ունէին: Մէկը ըսես առած ըլլար տեսակարար ծանրութիւնը իր միսերուն ու թողած միայն կաշին, զոր կը լեցնէր մօտ, զգալի երկնայնութիւն մը: Այս մարդը երկինք գացա՞ծ էր, որ իր բառերը այսքան վստահութիւն կը բուսցնէին: Անոր յօնքերը շարժումի ելան, չեղած աչքերուն ճնշումէ՞ն, թէ ներքին հուրքէ մը:

 

-- Ու շատ ալ երկար…

 

-- Ի՞նչը:

 

-- Երկար անչա՛փ, որ կը հասնի մինչեւ երկինք:

 

Սողոմը հազիւ կապեց երկու նախադասութիւնները իրարու: Մեղքին թելն էր ատ մինչեւ երկինք բարձրացող աղտոտ բանը, որ մեր միսերուն մէջը որդի, պլոզ մը թուքի, թարախի ու աղբի պատկերով է տեղաւորուած, ու սողալ միայն գիտէ մեր կիրքերուն բաւիղներուն ծոցը:

 

-- Ինչե՜ր կ՚ըսես, Սամուն պապօ:

 

-- Ու կը պլլէ մեր հոգին:

 

-- Ի՜նչ գործ ունի մեղքը ատ վերերը:

 

-- Ատ քու գիտցածդ:

 

Տրտում, արգահատող ու մարդկեղէն էին բառերը: Սողոմը վարժուեցաւ ձայնաստիճանի այս փոփոխումին: Մերիններուն մարզէն երբ կը խօսէր, անիկա կ՚ըլլար գրեթէ մարդ: Վերիններէն պատմած ատենը նոյն այդ ձայնը լոյսը կ՚առնէր ատ աշխարհին ու կը թափանցկանար:

 

-- Իմ ալ ուրիշ է գիտցածս:

 

Բացաւ աչքերը: Բարի, ժպտուն, լուսաւոր: Կարծես Սողոմին այնքան սրտեռանդ, սարսուռով երգած «եօթնարփեան» խորանէն աշտանակն էր, որ կ՚այրէր անոնց խորը:

 

-- Տղոցը մեղքը մինչեւ պապերը, տէտէներուն տէտէները կ՚երկննայ:

 

Ինչո՞ւ լռեց յանկարծակի: Յետոյ շոյելով մօրուքը շատ մեղմ`

 

-- Իմին ալ աս է գիտցածս:

 

-- Ո՞ր մեղքը:

 

-- Մե՜ղքը: Ես կը վախնամ քու ձայնէդ:

 

-- Ինչո՞ւ:

 

-- Դուն գիտես անիկա:

 

-- Ի՞նչը:

 

-- Մե՜ղքը:

 

Սողոմենց Սողոմին մէջքին` դանակը շարժեցաւ ինքնիրեն ու դպաւ անոր միսերուն: Անիկա զգալ իսկ կարծեց պատենքի ծայրի գունդէն կաթ մը, զարկ մը ջերմ բան` դէպի աճուկը: Ինչպէ՜ս կը հաւատար կապին, որով կը միանային Սամունին բառերը եւ զիստին կիրճին մէջ այդ կաթիլին խորհրդաւոր լեզուն:

 

-- Ինչո՞ւ եկար հոս:

 

Կապը կը խստանար: Մարգարէ՞: Ի՜նչ փոյթ: - Նալպանտենց հարսին ու իր մեղքը ինկած էին, ըլլալու էին փողոց: Բայց անիկա տերեւի պէս կը դողար ուրիշ մտածումէ մը: Մարգարէ, այսինքն ա՛ն` որ գալիքը կը տեսնէ: Ու կը տեսնէր սա ծերունին ինչ որ անոր ուղեղին խորը լաւ մը սաղմ էր առած, ամբողջ իր ոստայնովը ու գրեթէ պատրաստ լոյսին թափելու: Անպատասխան չձգելու համար վտանգաւոր հարցումը` Սողոմենց տղան հեռացուց ծերունին ու իբր ջերմ խնդիր նետեց իր բերնէն.

 

-- Տղոցը վա՞րձքը [259]:

 

-- Ան ալ բարակ է, տղա՛ս. մինակ փտուկ է թելը, ոտքով ալ քիչ մը կաղ:

 

Չհասկցող երիտասարդը կը շատնար իր վախին մէջ: Խորհուրդի ու սրբութեան պարունակէն սա բարբառը կը նեղէր զինքը: Կը նեղուէր մա՛նաւանդ մտքի ոճիրին հաշւոյն: Լուսաբանութիւն ուզե՞լ: - Բայց ատիկա քակելն էր կէս գոց վէրք մը: Զղջաց չարաչար: Տհաճութեան այս զգայութիւնը անոր դարձուց փուշոտ ու դէգ իր պաղութիւնը: Ոտքերը ըրին շարժում մը դէպի ետ:

 

-- Ո՞ւր:

 

-- Գեղ:

 

-- Վեր եկուր, տղա՛ս, Սամունին մօտ սիրտերը հով կ՚առնեն կրակին մէջ պիլէ:

 

Տեսաւ, որ աղբիւրին առջեւն էր ինքը: Խօսակցութիւնը քալեր էր դուրս Սամունին կայանէն: Անասելի հետաքրքրութիւն մը եւ յստակ վախ մը կը լեցնէին Սողոմենց տղան: «Աստուած տեսնող» աչքերուն, սատանաները որսի շունի պէս իր սօսիին բունին կապող սա ձեռքերուն զօրաւոր հմայքէն հեղ մըն ալ գրաւուեցաւ անոր հոգին: Աչքը ինկաւ հսկայական խոռոչին, տախտակներով կափուցուած անոր փապերուն, ու միտքը` անոնց առջին ձիւնին վրայ տոտոզ ընելու ստիպուած սատանաներո՜ւն, որոնք գայլերէն կը պաշտպանէին Աստուծոյ մարդը:

 

Սամունը ցոյց տուաւ անոր ելքին կէտը: Դափնիի մը թեւը կը փակէր մուտքը: Նստաւ քարին: Ելաւ տղան: Կաղնիի կոճ մը դասական նստարանն էր այցելուներուն:

 

-- Նստէ՛:

 

Հրամայող, մեղմ` բայց անդիմադրելի:

 

Նստան:

 

-- Եօթն հեղ բարով եկար, տղա՛ս:

 

Ի՞նչ էր փոխուած այդ ձայնէն, հիմա բոլորովին նոր: Անիկա չէր խորհեր իր իսկ յուզումին, որ կ՚ընէր զինքը այնքան լարուած, ընկալուչ: Երբ մենք կը մտնենք զգայական այս ոլորտին մէջ, մեզ չճանչնալու չափ նոր կը տպաւորենք ու կը տպաւորուինք: Սամունը կարծես խօսէր ուրիշի, երկինքէն իջած իր հօրը կամ ուրուականի մը, կամ հրեշտակ-սատանայի, ո՜վ գիտէ, այնքա՛ն դուրս կը թուէր անիկա այս աշխարհէն: Ձայնէն յետոյ ուրիշ այլայլում մը չվրիպեցաւ Սողոմին զգայարանքներէն: Բան մը կար, որ թեթեւ կ՚ընէր այդ հսկայ մարմինը, մանուկի մը գիրկ մը միսին չափ թեթեւ, շփոթուելու աստիճան տեսիլքներու ծանրութեան հետ: Ո՞վ բացաւ անոր մտքին դէմ գետափին ոսկի ամայութիւնները, խարակները, որոնց ոսկի լերկութեանը [260] կը հսկէր գոնջ արմաւենին ու աւազին վրայ ջուրէն ելլող ու չոփ-չոր պատկերը հրեշտակներուն, ղրկուած գոհացնելու կարիքները անապատականներուն: Իր տղու ընթերցումներուն մէջ զինքը խորապէս մտահոգող հարցը ոգիներո՜ւն: Ո՞ւր կը դնէին ասոնք բեռը իրենց մարմիններուն, երբ արմաւենիի ճիւղի մը վրայ կը նաւէին հսկայ գետն ի վար կամ վեր: Կա՞ր, չկա՞ր Սամունին մարմինը: Տեսի՞լք, որմէ առնուած ըլլան սարսափին գամերն ու փուշերը:

 

Բայց այս պղտորումը չտեւեց: Քաղցր ճռուողիւն մը սօսիին մէջէն, բազմահագագ, ամբողջ բանակ մը ճնճղուկի: Ջուրը` որուն ակէն մշտամրմունջ երգ մը -- [261] ալելու մը պիտի ըսէր բանաստեղծ մը-- ու պտուղի կեղեւներ առարկայացուցին շրջապատը: Սամիկ Սամունը վերադարձաւ մարդկեղէն իր պատկերին:

 

Ծերունի՞:

 

-- Վաւերակա՛ն:

 

Դեղի համար անգամ հատիկ մը սեւ թել կարելի չէր ճարել անոր մօրուքէն ու յօնքերէն, գզուած բամպակի պէս կակուղ ու ճերմակ: Մինակ այդ երանգին ընդմէջէն անոր մէջ կը խօսէր մարդ տարրը, որուն այնքան հանդիպումը կ՚ընէր տիրացու Սողոմը, տաղաւարներուն, երբ եկեղեցին օրերով չի փակուիր մեղաւորներուն առջեւ ու կ՚ընդունի ծերունիներուն լռիկ լացը, երբեմն թրջելու չափ առատ իրենց մօրուքները: Կը լեցնէր ձէթը կանթեղներուն ու կը բանար միտքը, սա եղկելի արարածներուն: Ինչո՞ւ կու լային: …Տժգոյն ու ճաղատ գանկը ոչինչ ունէր արտակարգ, բացի կիսամահիկ երկու սեւութիւններէ, որոնց իմաստը ծանօթ է մեզի: Մարգարէ՞: Փաստ էր հարկաւոր: Հիմա դիտեց, որ անոր խօսած պահուն բերնին հետ շարժումի կը մտնէին ծնօտներն ալ, ու ասոնց ետեւէն` երեսներուն բոլոր ակօսները, մեծն ալ, պզտիկն ալ, լայն, յստակ, բազմափոթ կերպասի մը նման, զոր տեւական անձրեւներ ըլլան ծեծած ու առած արիւնը իր նեարդներուն:

 

Քիչ եղան բառերը, այդ կոճին վրայ, բայց տարօրէն անուշ: Ու ձայնին ճամբովն էր, որ նորէն դաշն, հատած այդ ամբողջութենէն դուրս կու գար իսկապէս անդենական համ մը, ճգնունութեան ու պահեցողական մարզանքներու արդիւնք, որոնք մեր մարմինին ամբողջ աւելորդը, անասնականը կը շոգիացնեն ու մեզի կը ձգեն մեր մորթը, կտաւ ու պատենք` հոգեկան ճամբու իբր առագաստ: Այս հանգիտութիւնը այնքան զօրաւոր էր, [որ] [262] երկրորդ անգամ ըլլալով, Սողոմին մտքին մէջ Սամունին պատկերը կ՚երթար կապուիլ միւսներուն: Յայսմաւուրքի հին սուրբերն ալ ունենալու էին Սամիկ Սամունին սա ուռած ստորակոպերը, սեւի հակած, բայց կոպտօրէն թափանցիկ, որոնք կը պրկէին սանտրը անոր թարթիչներուն, խղդելու, փոքրելու համար ներսի գոյնզգոյն ոսպնեակը, որպէսզի անոնց տէրը տեսնէ քիչ աշխարհքինը ու առնէ շատ երկինքինները: Ու անոր հասակը, ոչ ալ մարմինին միւս հիմերը ազդուած չէին տարիքէն ու ահաւոր սա ճգնումէն: Վանք մը չէր վերջապէս, լերան մը կուշտին սա խոշոր սօսեսենեակը: Ոչ իսկ ստուերաձեւ մը կամարումի: Դժուար էր որոշ տարիք ալ հագցնել այդ տարազին: Ստոյգը ան էր, որ լեռ կար մէջտեղը սա պատկերին ու միւս ընթացիկ կաղապարին, որ վարը, ժամբակի արիշին տակ ծերերը կ՚ընծայէ, հագուստ ու կապուստը իրարու նման, ու հոտած, ճպռած ալ մասնաւորաբար իրենց աչքերէն, երբ իրենց ցաւերը, բեռ ըլլալը, անգօսնուիլը, ոտքի կոխան ըլլալը կը պատմեն ու կ՚ողբան, նկուն, յուսահատ, հայհոյող ու դժոխագիր: Խարխո՜ւլ այդ «ձեռագործները» երկնային արուեստագէտին, օր մը եղած աշխարհ մը ընդգրկելու չափ գեղով ու զօրութեամբ, երիտասա՜րդ, որ թեւերը կը բանար ու լեռն ու ծովը չափել կը փորձէր: Այսօ՜ր…

 

-- Գործի՜ [263] է նորէն Նեռը [264]:

 

Նեռը ապերախտ քահանան էր, որ կը պղծէր ամբարիշտ ոտքերովը Ամենակալին տունը ու կը ծախէր իր ազգը, հաւատքը, զաւկըները իր կիրքերուն: Հասած էր ուրեմն սա թաքստոցին` անդոհը խուզարկութեանց: Սողոմը չէր գիտեր, թէ ոստիկաններ փնտռած էին պոմպա սօսիին խանութին մէջ, ղրկուած հաւանօրէն քահանային կողմէ, զոր նախատեր էր անիկա, Աւագ Հինգշաբթիի անոր պատարագը անուանելով «անընդունելի», թքնելով ու սպառնալով անոր պիղծ ձեռքերուն, ու սոսկական ուրիշ քահանայէ մը ընդունելով հաղորդը:

 

-- Անորն է դարը:

 

-- Դարը Աստուծոյ է, զաւա՛կս:

 

Այնքան խաղաղ ու վստահ էին անոր բառերը, որ երկնային ապահովութիւն մը, արձակութիւն մը ծաւալեցաւ անոնց շուրջը: Ուրիշ կերպ չէին խօսած հաւանաբար մեր պատմութեան մեծ հայրապետները, երբ իրենց ժողովուրդին կործանումին մէջ կանգուն կը բռնէին ողջերուն հոգիին առջեւ դրօշը յոյսին, ինքնսփոփ հաւատքին:

 

-- Անոր կանգունը չի նմանիր մօրդ կանգունին:

 

Տարիներ խօսքէ հեռու մնացած այդ բերանին մէջ ամէն մէկ նախադասութիւն շինուած, բայց դանդաղ կու գար դուրս: Կարծես բառերը կը զգային ծանրութիւնը յուզումին ու իմաստին, որով բեռնաւորուած էին, երբ կը փրթէին ուղեղին ծագերէն կամ սրտին անդունդներէն: Ու այդ բառերը ծանր-ծանր կը նստէին լսողին վրայ ու չէին փշրուեր` ինչպէս կ՚ըլլայ մեր տպաւորութիւնը թեթեւսոլիկ ու շատ խօսողի մը դիմաց: Այդ բառերով էր, որ ծերունին նկարեց պատկերը ամբարիշտին, որ իրը կը կարծէ բացի իր տունէն, դրացիինը, ու պարտէզէն` արտերը ուրիշներուն, բայց, երբ կու գայ պահը, կը համակերպի, աշխարհքին փոխան, կանգուն մը փոսին: Ու անիկա չմնաց այդ փոքրութեան վրայ: Տարածեց նմանութիւնը դէպի պողոտաները, որ փողամբարձ կը վարգեն անասնութիւնները ու անաստուածութիւնները ազգերուն: Քանի՛ կը խօսէր, Սողոմին համար ա՛յնքան պարզ ու դիւր կը դառնային մութ, դժուար հարցերը, որոնցմէ այցուած էին անոր ցերեկները բանտի նկուղին մէջ, չհասկնալով վերի Աստուածին կամքը սա անօրէնութեանց մէջ: Այո՜: Ազգերը չունէին տարբեր պատկեր, քան սովորական ամբարիշտինը անոր նիզակին ներքեւ: Ա՞ն էր ուրեմն, որ կը վարէր դժոխային բռնութեան անուաշարքը, որուն ժանիքներուն մէջ գզուելու ձգուած էր մեր մարմինը եւ որուն եղերական ճռինչին ընդմէջէն մեր հոգին ամէն օր կ՚աղցուէր ու իբր փոշի կը տրուէր չորս հովերուն: Ու հարցուց հսկայ իր տարակոյսը Սողոմենց տղան, նման մէկու մը, որուն կողին դեռ կը մնար մխուած թշնամի սուրը:

 

-- Անորն է կամքը, զաւա՛կս:

 

Ցաւ ու գորով, անկարող բողոք իրար կը լրացնէին Սամունին բերնէն ինչ որ մեր պատմութեան բոլոր դարերը չեն դադրած արձանագրելէ: Անոր ձերքը, հայրապետի մը շարժումով մատի վերածուած, ցոյց կու տար տղուն [265] վերի կապոյտը, ու մտովի` անոր ամենագէտ գահակլը, Լուսաւորչին ու Վարդանին Աստւածը:

 

-- Ու մե՛րն է մեղքը:

 

Մարդ դժուար կը հաւատար սրբազան բերանէն այսքան իրաւ, կենդանի սա գարշութեան: Մեղքէն անցնող մը միայն պիտի գտնէր նման տարազ մը, մեր հոգիի աղբին:

 

-- Ո՞րն է մեղքը:

 

-- Քու՛կդ ու իմը: Մեր բոլորի՛նը:

 

Ելաւ նստած տեղէն: Աղբիւրը [266] անյայտ ջերմութիւն մը, հրաշքի հեղանիւթ մը գոլի մը պէս կը թրթռային անոր շարժումներէն ու կ՚ընէին բաբախում մը` ամբողջ զառամութիւն ու կոտրտուք այդ երեւոյթը: Ու կը հոսէր այս կրքոտ խաղաղութիւնը, ինչպէս անսպառ վառարանէ մը:

 

-- Վա՜յը անոր, որ մեղքէն դուրս գիտէ ինքզինքը:

 

Խորունկ մղում մը, որուն հեռակէտը անյայտ էր [267] իրեն` շեղեցուց զինքը հասարակաց լարէն: Մե՜ղքը: Ու անոր սիրտին մէջ հուժկու զարկ մը թօթուեց ամբողջ իրանը: Նման հարուած անիկա ունեցեր էր ախոռին մէջ, երբ աղբօրը դիակը դրեր էր փայտերուն, քարիւղով բռնկեցնելէ առաջ:

 

Մե՜ղքը: Երեսուն տարի է, ամէն օր անիկա ծամած էր այդ ժանգոտ երկաթը, չէր փրցուցած փշրանք մը իմաստ, նոյնիսկ` հեռայոյս: Ինչո՞ւ մեռցնէր ու ինչո՛ւ վառէր: Երեսուն տարի, ամէն օր անիկա իր դէմը ցցուած կը տեսնէր կինը, դեւէն աւելի խաւար երեսով, ու մարմինին բոլոր խօթութիւններովը, որոնք տեսողական պատրանքով քիչ-քիչ կը վերածուին խոր ու անգայտ հրապոյրներու ու կը դիմանար անոր արցունքին, անոր կէնճ ութեան, անոր զրկանքին: Ու կը դիմանար մանաւանդ, հրաշքով փոխուած անոր ահաւոր գեղեցկութեան, որ անոր մարմինը բոլոր ծակերէն ու բոլոր ալքերէն իրեն կը քաշէր ու իր առանձնարանը կ՚ողողէր կայծերու ջրվէժի մը մէջ ու կը թօթուէր անոր ջիղերը, առնութիւնը` հզօր ուռնակովը սեռին: Մե՜ղքը, Աստուծոյ իսկ շունչին տակ: Անոր տաճարներուն մէջ: Անոր հետ հոգեկան կցորդումին իսկ ատենը: Երեսուն տարի է, Աւագ Հինգշաբթի, ամէն խոստովանանքի, անոր լինտերը թել-թել խազխզուած էին ահաւոր գաղտնիքէն, որ փուշերու, ասեղներու կծիկի մը պէս կ՚ելլէր վեր, հոգիին գերեզմանէն, կը պատռտէր իր ճամբան ճեղ-ճեղ, ու արգիլուա՛ծ` ատամներուն ոսկորէն, կ՚իջնէր կրկին իր դամբարանը: Անշուշտ անիկա իր վատութիւնը այդ պահուն փրկող փաստեր շատ ունէր: -Ի՜նչ կարելի էր վստահիլ տէրտէրներուն, որոնք երէցկիններու վարտիքը մտած, գեղը կը տանէին աղէտէ աղէտ, թուլ իրենց բերաններէն, թուլ կնիկներէն գողցուած գաղտնիքներովը: Բայց անոր գիշերները կը խարուկուէին, կը նիզակուէին բարակ-բարակ սատանաներէ: Սամիկ Սամունը կը հրուէր դէպի զառիթափը, դժուար ու խուսափուած, բայց ա՛լ աննահանջ: Վասնզի ան ունէր նշաններ մահուան մեծ այցին: Ու անոր ոճիրը, արդէն բացեր էր կափարիչը իր գերեզմանին ու ճամբայ ինկած դէպի բերանը, երբ Սողոմին անակնկալ մէկ հարցումը ընդհատեց այս յարութիւնը: Երիտասարդը կ՚ուզէր հասկնալ Աստծոյ շահը մեր քաշածին մէջ:

 

-- Մէկ են ազգերը անոր աչքին տակ:

 

-- Զինքը ուրացողնե՞րը:

 

-- Նայէ արեւին:

 

Ուրեմն, այսօր մեր պուկին իր դանակը դրած իսմայէլեան ա՞զգն ալ կը հպատակէր Անոր անիմանալի մատին:

 

-- Կասկած մ՚ունենար:

 

Մտածումին հոծութիւնը, ուժը կը դիւրէին լեզուական անհարթութիւնը, որ քիչ խօսող մարդոց մօտ վարժութիւն է անփոփոխելի: Ու անոր խօսածը կը պարունակէր ծուծը իր գիրքերուն, երկար-երկար մարսուած ու որոճացուած, ու գո՜լը մանաւանդ իր իսկ ջախջախումին: Աստուծով սկսած ու դժոխքին դատակնքուած իր կեանքը կը լուսաւորէր այդ իմաստութիւնը: Կերպով մը հասարակաց: Արդարեւ `

 

-- Ի՞նչ էր արժէքը ուժին, փառքին ու ահաւոր այն ախորժակներուն, որոնց վրայ կը կռթնին բոլոր յիմարները աստնուորին, անհատէ, ազգէ: Ի՞նչ է կշիռը կաթիլ մը վայելքին, որով վայրկեան մը կ՚իւղոտի մեր մարմինը, յաջորդին աքցանուելու համար անոր սլաքներէն: Կի՜ն ու դրա՜մ: Երբ կը կարգենք կամ կը մեծարենք: Միս ու գինի: Երբ կ՚ուտենք կամ կը խենթենանք: Ասոնք չե՞ն մեծագոյն կանգունները մարդոց տենչերուն: Բայց ժժմակի ու աճիւնի բոլոր կապալառուները, ուրիշներու զրկանքով փոր կապողները, իրենց միսին վաճառումով արիւն, աղ ու արցունք վազցնողները թող ելլէին հեղ մը պտոյտի, Իզնիկի աւերակներուն վրայ ու աւերակներուն մէջ լիճով ծածկուած մեծ ոստաններուն: Ու առնուազն հեղ մը մտնէին դուռնէն ներս գեղին հին գերեզմանին:

 

Ծերունին աւելցած էր իր ջերմացումին մէջ: Ու Սողոմը կարծես կը տեսնէր աղբիւրը, ուրկէ կը հոսէր սա կրակը:

 

-- Փոշի՜:

 

Չըսաւ «Ունայնութիւն ունայնութեանց»ը, զոր լղրճած էր թուլբերան տէրտէրը, կօշիկին կրունկին իսկ նորոգումը կապելով առակասացին մեծ պատգամին:

 

Փոշի՜: Ուրիշ ի՞նչ ըլլար պիտի մարմինը Նալպանտենց հարսին, որուն մէկ ծիծին համար, առանց թարթելու, անիկա կու տար թեւին երկուքն ալ` եթէ ուզէին:

 

Ու այս մեծ կանգուններուն կողքին ան միւսները, ներսանց` բայց նոյնքան յիմար, մեր փոքրութիւնները, հպարտութիւնն ու անգթութիւնը: Մեր արհամարհանքն ու նախանձը: Մեր ճճի փառասիրութիւնները ու յաւակնութիւնները, մեր մորթին կամ խելքին, ծնունդին կամ ցեղին յուռութքերով շփացած, մեր եղկելի նուաստացումները, որոնք մեր մինակութիւնը գեհենի կը վերածեն: Ինչո՞ւ մուրացկան մը, բորոտ մը, մահամերձ մը, եօթանասունը անցած պառաւ մը, օրական հերթով, չենք խարսխեր մեր պալատներու մուտքին, ելլելու ու դառնալու ատեն հեղ մը չափելու մեր ապականութիւնը իր հայելիներուն վրայ ու մտքով խոնարհ երթալու առնուազն մեր մեղքերուն:

 

Ու ազգե՜րը: Թող ըլլային անգութ, ըլլային առիւծ, կամ բորենի, կամ նոյնիսկ նապաստա՜կ: Բոլորն ալ ազատ չէին Անոր նիզակէն: Ու կեցաւ ծերունին, փոքրելով շրթները.

Եւ հզօրացեալքըդ պարտեցարուք,

Զի Աստուած ընդ մեզ է:

 

Ուրկէ՞ գտած էր մռայլ երկեակը, որ անոր, Սամիկ Սամունին ու բոլոր մեր ժողովուրդին մտածումը կը պատկերէր սա անհնարին ուժգնութեամբ: Անիկա, «Խաղաղական»ի այդ երկեակը, նոյն րոպէին իսկ մեղեդի եղաւ Սողոմենց տղուն շրթունքին ու վազեց: Քաշուող շուքերը, աշնան քիչիկ մը կծու համը, որ կը կրկնէ գարնանը, [268] ու ժամէն փոխուած [269] պատկերին՝ [270] Սամունին սա զուգադրութիւնը աւելորդ չէին իրարու: Անոնք բաւ եղան` տղուն մտքին վերադարձնելու անոր հզօրագոյն զգայութիւններէն մէկ գլուխ, ամբողջ ու անկորուստ, որուն մղձաւանջէն պիտի չկրնար ազատիլ պալատներու հրամայած ու հալածուող բանակէն հալածողին կողմը անցած ատենն անգամ:

 

Կախարդ պրիսմակ մը նոյն րոպէին Սողոմին աչքերուն բերաւ Մեծ-պահքի իրիկուն մը, արեւմուտքէն ետքը, երբ շաբաթ մը ողջ ամպակալ երկինքը կը բացուէր մէկէն ու գեղին վրայ կը դնէր անհուն կործանում: Անձրեւը, առանց դադարի, ողողած էր դաշտի գեղերը, ընելով ծով անոնց արտերը ու արգիլելով անոնց դուրս գալը իրենց տուներէն: Ջարդի էր տարին ու անոնք սրցուցած իրենց թուրերը, կացինները, բայց մա՛նաւանդ իւղոտած իրենց հրացանները սպասեր էին տարափին դադարին` խուժելու համար հայ գեղին վրայ: Պատրուա՞կ: Սողոմը չէր գիտեր, պզտիկ ըլլալուն: Հիմա, վերջին փորձառութիւնը իրեն կ՚ըսէր պատճառը այդ ողբերգութեան: Մեծ-պահքին այդ իրիկունը գեղին բոլոր կիները, անկարները, ծերերը, փոքրերը թափուած էին ժամ: Ու անոր այրերն ու երիտասարդները թափուած ճամբաները գեղաշուրջի, խրամներուն ջուրերը կապելով իրարու: Ու հսկում: Տիրացո՞ւ, դեռ չէր կազմուած անոր կոկորդը, բայց կը զգար ձայնին հուրքը իր մարմինին մէջ: Բոլոր գլուխները գետին փակած: Ու շղթայ կարծես` մանուկներու շրթունքին ու կզակին: Յանկարծ խոնաւ ու մթնշաղ եկեղեցիին մէջ, մռայլ բերանէ մը բխած էր երգը, սկիզբները քիչ, դողդոջ, տակաւ ջերմ ու լեցուն ու թեւ առած, տարազ առած ամուր հաւատքէն, որ գետնամած սա խուժանին մէջ ցեղին հաւաքական հոգին կը հանդերձէր պատմական, լուսաւոր մահուան, անո՛ր` որ քանի՜-քանի՜ հազար անգամ իբր քանդակ ու իբր քերթուած եղաւ մեր ժամերուն մէջ, ելաւ այրած կամարներէն վեր, դրուեցաւ կապոյտին ու մնաց փորուած անոր երեսին: Ժամուն բոլոր անկիւններուն, ու մէջտեղուանքը կարասները ձէթին, ու թիթեղները քարիւղին, որոնք պիտի լուցանէին սա կենդանի ջահերը ու պիտի պատրաստէին զանոնք կրակին արագ ափափումին: Հայ կիներուն ու մանուկներուն վերերէն գրուա՜ծ հզօր քերթուած: Օծուած էին բոլորը, լաթերէն ու մազերէն, մանկամարդերը վերէն վար, գեղուհիները` ծոցերնուն շապիկը ու ստինքներն անգամ: Ու կ՚անցնէր կուկում ը [271] ձեռքէ ձեռք, երեսէ երես: Ու պուտ-պուտ կը կայլակէր ձէթը ակօսուած այտերուն վրայ պառաւներուն: Ու մայրե՜րը` որոնք բամպակը թաթխած իւղին մէջ կը խծկէին ականջները իրենց մանուկներուն: Ո՞վ էր վարեր վայրագ այս կարգադրութիւնները: Ու դասին մէջն էր Սողոմը, կրկնելով զարհուրելի յանկերգը `

Զի Աստուած ընդ մեզ է:

 

Ու բացուեցաւ կապը անոր շրթներուն, խաղաղ ետինքին, քանի տարի ետքը մղձաւանջէն.

Եւ զի թէպէտ դարձեալ զօրանայք,

Դարձեալ ի պարտութիւն մատնեսջիք,

Զի Աստուած ընդ մեզ է:

 

Ծերունին փակեց աչքերը: Անոր հոգին կարօտն ունէր ձայնին, ձայներուն` որոնք բառերէն շատ աւելի խոր կը քաշեն հոգիին ղեկը ջուրերուն մէջէն: Այդ պահուն եղաւ լռութիւն հովէն ու ճնճուղներէն: Ու Սողոմին ձայնը խոր, կրակ, որ [272] արեան գոլորշիին վրայ ողջակէզ [273] կը ծաւալէր երկուքին ալ սիրտէն դուրս, թանձր իր տխրութեամբը միջոցն իսկ հրկիզելով: Ո՞վ էր հեղինակը տարօրինակ շարականին այնքան նոր, այնքան իրաւ ու այնքան մեծ, ընդգրկելու չափ տասնհինգ վերջին դարերը մեր պապերուն ու մեր ժամուն: Մէկը հարկաւ դժխեմ արտաքինով, բայց հոգեպէս լոյսկոթող մեր այն հայրապետներուն, որոնք հիմակուան պատահածին նման այն ատեն ալ, կեցան անյողդողդ իրենց ժողովուրդին կործանումին մէջ ու բացին իրենց բերանը` բխելու համար ոլորքները իրենց հոգիին, ու կամարեցին ձայնին ծիածանները, բիւրաւոր աչքերու դիմաց, մեռնելու յամառ [274], արեան մէջ արդէն իսկ մածնացած, բայց առանց նինջի: Որո՞նք` պարագաները, որոնց ընթացքին ցեղը թելադրեր էր գերազանց այդ շեշտը իր մէկ բերանին ու այդ ճամբով սեւեռեր իր զգայնութեան քստմնելի, բայց այլապէս խրախուսիչ մէկ քանդակը, այդքան հզօր ու անկորուստ գիծերով: Սամիկ Սամունին ու Սողոմենց Սողոմին տեղ թող ներուին ինծի այս հարցումները:

 

-- Պատասխա՞ն:

 

-- Այո՜:

 

-- Բայց բոլորս, սկսելով գեղին տիրացու վարժապետէն ու փոխասաց մանուկէն մինչեւ բարձրասլաց քերթողները [275] մեր ողբերգութեան: Սկսելով տէրտէրէն, որ պայտուած մեռաւ տասնհինգ տարի առաջ, իր ժողովուրդին գլուխը, բայց չուրացաւ իր ազգը, մինչեւ շքեղ հայրապետները մեր անցեալին ու իմաստնայեղց մեր կրօնաւորները, որոնք թշնամիին սուրը առին իրենց սիրտէն ներս մեծ խաղաղութեամբ կամ ցեղին պատգամը գիտցան այս կարգի հզօր տուներու մէջ քանդակել ու ապրիլ «անվախճան կենօք»: Թող ներուի ինծի այս կանխումը: Հարիւրաւոր էջերու մէջ ինծի պիտի տրուի եղերական պարտքը այդ հոգիին գիւտը ընելու մեր նորագոյն պատմութեան մէծ երկրաշարժին մէջ: Մեր ժողովուրդին ողջակէզը քաղաքական փաստ մը ըլլալէ աւելի` մեր հոգիին արիւնումն է, վիրաւոր` բայց կապուած երակի մը պատառումը, ուրկէ հոսած է անծանօթ հեղուկը հզօրագոյն երազին, զոր Արեւելքը ոստայնած ըլլայ: Վասնզի թուրքը Արեւելքին աղտն է, կեղը, թարախը: Անոր հոգին դեռ աւազներուն չոր արմատներն իսկ անատակ է կենսաւորելու: Անցէք Պոլիսէն մինչեւ Հինտիգուշ, ո՛ւր որ կանանչ կայ, ո՛ւր որ երկու ծաղիկ է աճեր կամ ութ-տասը քար կամարի մտեր, գիտցէք թէ մեր շունչն է կատարողը այդ հրաշքին: Ու մեր շարականները կը պատմեն մեր չմեռնող կենդանութիւնը:

 

-- Պատասխա՞ն, տակաւին:

 

-- Այո՜:

 

-- Բայց բոլոր դարերը մեր պատմութեան ու տաճարները մեր փառքին: Ու մեր արքաները, միսին կապուած թշուառական արարածներ, որոնք նոյն այդ ոգիին խշումին տակ մինչեւ հրեշտակ [276] կը շիկանան ու կաթողիկէները կը դիզեն կաթողիկէներուն, մեր ժողովուրդին երկինքը դէպի երկինք ցայտեցնելու, հոյակապ վայելչութեամբը մեր կամարներուն: Ու ախոռները թուրքին, աղօթատեղիները կամ բրտանոցները, որոնց մէջ մեր շղթայուած եղբայրները սպանդին երթալէ առաջ չմոռցան երգել.

Եւ որ բնակեալդ էք ի խաւարի

Եւ ի ստուերս մահու,

Լոյս ծագեսցի առ քեզ,

Զի Աստուած ընդ մեզ է:

 

Կա՞յ մէկը, որ չհասկնայ տարօրինակ այս աւետիսը, տակաւին այսօր: Անո՜նք` որ մեր երկինքը կը պարպեն, - բայց անոնք ալ երկինքը կը պեղեն վարը, հողի ն վրայ այն երկրին, որուն իմաստին, լինելութեան ծաղիկն է այս դժբախտ, անիմանալի ժողովուրդը: Կրնայ ծագած չըլլալ այդ լոյսը վրան անոնց, որոնք նման հակումներէ, նման վայրագութիւններէ ետք, ներս մտան մահէն, բայց չեղան տկար: Կրնայ այդ լոյսը արժեզրկուիլ կայաններու եւ ելեկտրական հսկայ բախումներու նիւթապաշտ պայծառութենէն: Բայց կու գայ ժամը, որ կը սրբէ պատրանքը բոլոր աչքերէն ու կը մօտեցնէ մեր բզկտումները, հակամարտութիւնները սրբազան պսակին, արիւնէ ու բոցէ, որուն թեւերը կը հիւսուին ու կը հիւսուին հազար հինգ հարիւր տարիէ ի վեր ու չեն աւարտած: Վասնզի ա՛ն` որ մեռաւ խաղաղութեամբ կացինին տակը թուրքին, ու ա՛ն` որ կը մեռնի տառապանքէ` լեա՜րդը` անգղի կտուցին, եղբայր են իրարու նոյն հաւատքին մէջ: Ու ահա հինաւուրց կղզիի մը ապառաժ մէկ կատարին տակաւին կան մարդեր, որոնք կը յամառին երգին ժապաւէնը ծիածանել ու կամարել դէպի իր եղբայրները, միշտ `

Ի ստուերս մահու

ու կը դիտէ պատկերը` անոնց աչքին` դարերուն, որոնց խաւը չեղած է կարող ե՜րգը թաղելու:

 

Ու կը թռչէր երգը, բիւրապատիկ ու փշուր-փշուր, ու կը պագտուէր տերեւներուն հետ սօսիին ու աչուկներուն հետ ճնճուղներուն: Ու կը զովացնէր հոգին բոլոր ինկողներուն ու բաբախումի կը հանէր անմահ սկզբնահիւթը, որ ծուարած կը հանգչի խորը մեր բոլոր ստեղծումներուն, կը քնանայ` բայց չի մահանար: Սամիկ Սամունը անշուշտ գոց չէր սորված մինակ Եհովային գիրքը: Անիկա, ահաւոր իր յիշողութեամբը, սորված ըլլալու էր նաեւ հաստ-փոր Չամչեանները, որոնք ժամուն ու դպրատան նուիրուած էին Նալպանտենց հաճի Արթինէն ու կը կազմէին այդ շրջանի ընթերցման գերազանց մատեանը, ժողովրդական ու հաստատ, ինչպէս նպատակը: Իմ տղայութեանս այդ գիրքերը պարտաւորուած էին փախչիլ դպրոցէն ու ապաստանիլ ժամուն գանձարանը, բորբոսին ու ցեցին ժանիքին: Բայց տասնով-քսանով կը համրուէին մարդերը, որոնք անոր գլուխները կրնային զրուցել առանց սխալի ու կը դողային, եթէ չլային: Այնքան խորունկ է այդ դարաւոր ոգին մեր ալքերուն մէջ: Ու երգին մէջէն մեր ժողովուրդին հաւատքը կ՚անցնէր, ատանկ վիրաւոր, եղէգին նման: Բայց ատանկ անմահ:

 

Երգին զառիթափէն դէպի երկինք դիւրին է ճամբան:

 

Ամէն ինչ հոն կը տանէր ինքզինքը ամփոփելու ա՛լ անկարող ծերունին: Ու բացուած իսկ էին առաջին սահանքները կապոյտին, երբ նոյն ոլորքէն, ուրկէ յայտնուած էր Սողոմը, բուսան անաղմուկ երկու ճամբորդներ: Բարե՜ւ: Ջո՜ւր: Թիւրքմէններ էին ասոնք, որոնք լերան միւս թափին ունէին կայան ու հօտ ու նախիր:

 

Դարերէ ի վեր հաստատուած հաստամեստին մէջ, անոնք ընտանի էին շրջանի գեղերուն` ինչպէս գազաններու որջերուն: Բռնապետութիւնը տակաւին չէր յաջողած անոնց մէջ մշակել վայրագութիւն, որով վարակուած էին դաշտի ու լերան կանոնաւոր գեղերը: Կը սիրէին հայերը, որոնց գիւղերուն մէջ անոնք ոսկիի կը փոխէին իրենց ոչխարներուն ու այծերուն բուրդն ու մազը: Կը սիրէին ու կը մեծարէին հայ ասպատակները այն մեծ ծառայութեան համար, զոր անոնք կը մատուցանէին անոնց վրաններուն, մաքրագործելով անոնց շրջանակէն թուրք վոհմակները, կազմուած մօտի գեղերուն բոլոր ախտաւոր ու փճացած սրիկաներէն, ծպտուած ու զինուած, խուժելով վրաններէն ներս ու տասը տարեկանէն մինչեւ քառսուննոց կիները բռնաբարելով ու վարակելով անոնց առողջ արիւնը քաղաքներու --ուր զինուոր էին եղած-- բոլոր սեռային ախտերով: Իրենց ճամբուն վրայ անոնք տարիներէ ի վեր վարժուած էին Սամունին տեսիլքին, զոր կը նկատէին երկնառաք սուրբ մը, հրաշագործ կարողութիւններով: Ամէն իջնելու` անոնք նեղուելով կը յաջողէին քիչ մը իւղ ու պանիր ընդունելի ընել, հազար աղաչանքներէ վերջ: Սամուն չորպաճին կը բուժէր անոնց հիւանդները, մա՛նաւանդ լուսնոտ մանուկները, որոնց մարմինները կրակի մէջ ալ ըլլային, անիկա կը թաթխէր Ջուր-ելած ի սառ յորձանքին ծոցը, կարծես Ս. Աւազանին մկրտութեան մէջը: Ու մանուկները հանգչած, տենդէն ազատ, ժպտուն կամ քուն` կը դառնային իրենց վրանները ու ա՛լ չարը չէին տեսներ: Չարը հիւանդութեան դեւն էր տակաւին այդ նախնական մարդոց մօտ: Ձմրան, անոնք ամէն գնով կը ճեղքէին երկու-երեք մեթր հաստութեամբ ձիւնը, օգնութեան փութալու համար իր սօսիին մէջ գայլերէ պաշարուած Սամունին: Ու անոնց պառականին [277] կը դղրդէր գետինն ու երկինքը, տարօրէն հանգոյն իրարու, ձիւնին մաղանման [278] պատմուճանին մէջ: Հեթանոս էին, բայց կը վախնային անոր անէծքէն, ատանկ խիստ ձմեռներուն, անոր պարենաւորումը գործադրելով ի գին շատ մը վտանգներու, վերէն ու գազաններէն: Այդ ձորամէջերուն երբեմն ձիւնը երկու ժամուան մէջ տասը-տասնհինգ մեթր բան կը դիզէ հովերուն բերնովը, ու մարդիկը` ոտքի` կը թաղէ, ատեն չձգելով անոնց, որպէսզի թօթուեն կակուղ պատենքը: Ամէն նոր ծնունդ կը բերուէր անոր օրհնութեան ու ընթերցումին:

 

Այս ընդմիջումը բաւ եղաւ հեռացնելու` գալու պատրաստ երկինքը: Պատկերները մեր մտքին մէջ չեն յարգեր գիրքի վրայ բանաձեւած մեր օրէնքները: Այդ ներկայութիւնը հեթանոս տարրերու, տեղին բերաւ աշխարհիկ նկարագիր: Հարցումներ, պատասխան, սիկար, պանիր, լուր ու աւետիս, - բանտէն դարձը տղոց: Ու սօսեսրահը նման գեղին մէկ սրճարանին: Նոյն վայրկեանին` ջորի՛ն, որ ժժմակազարդ, հարսնեւոր` պիտի ըսէր թիւրքմէններու բարքերուն անծանօթ մը, ճերմակ ու խայտիկ իր պատկերը աւելցուց նահապետական դարերը յիշեցնող սա տեսարանին: Վրան` խաս շալերով կին մը, երեսները բաց ու առանց ճակտի կապին: Աղջի՛կ: Դասական չորս մահիկները, մազերը թեթեւ ծածկող լաթին չորս պոչերէն: Երկո՜ւքը [279] ` ճակտին երկու կորասիւներուն, իրենց զոյգ եղջիւրներէն կախած ոսկի բոժոժներ: Ի՜նչ հրաշքով լաթի այդ կտորը կը մնար առատ այդ մազերուն վրայ, առանց տեղէ մը հանգուցուած ըլլալու: Կը պակսէին բազմաշար մանեակները, ծա՛նր վիզը ծռելու չափ մանկատի աղջիկներուն, մինչեւ երեք-չորս օխա ոսկի փռելով անոնց առատ կուրծքերուն: Ու դէ՛մքը մութ ոսկեգոյն, արեւուն ու ձիւնին խստութիւնները պատմող: Հեռաւորութիւնը լեռներու ոգիի կը վերածէր տեսիլքը: Կեցաւ ջորին, ու վրայէն թռաւ, մարախի նման, երիտասարդ աղջիկը: Աչքերը մեծ էին, շատ բաց ճերմակի մը մէջ հանդարտ ու փայլուն: Հոգեկան յատակի մը պակասը անոնց կու տար գոհարի քարերուն մէկ հովը, դո՛ւրս` իրենց հեղած խռովքէն ու անտարբեր: Մի՛ս, մարմինը, որուն մէջէն դեռ չէր քալած աւիշը, ա՛ն` որ չոր ծառերուն մինչեւ ականջները կը փոխադրէ աշխարհին մեծ համը ու կը քողէ ճիւղերը` ինչպէս ծաղիկ կը բանայ աղջիկներու սրտին մէջ: Կեցաւ անիկա Սամունին առջեւ, աչքերը վար: Յետոյ հակեցաւ ու ամբողջ դաշնակութիւն մըն էր հոսածը, ոսկեթել ու հնօրեայ թաւիշներուն ճմլումէն առաջ եկած: Առաւ անիկա ձեռքը Սամունին, տարաւ բերնին, ետքը` ճակտին ու մնաց խոնարհ: Անոր ձեռքերը, խաչաձեւ, կը հանգչէին արիւնով ու կանանչով խառն հիւսք գօտիին: Օրհնէնք ընդունելու կեցուածք էր ատիկա: Ամբողջ արարողութեան ընթացքին Սողոմենց տղան աչքը չէր բաժնած աղջկան ծոցէն, թեթեւօրէն լիք: Այս լիութիւնը, երեսներուն լայնքը, մարմինին խոստումները զինքը տարին դուք գիտէք որո՛ւ: Անասելի տրտմութեամբ հետեւեցաւ կախարդական պատկերին, որով երազ մը կը թափի իրական կաղապարի մը մէջ: Երբ այցելուները բացուեցան ու մարեցաւ փոքր դռոյթը ոսկեբարձ ջորիին, Ս. Ըռըստակէսի սօսին կորսնցուցեր էր խորհուրդի իր հովը: Աշխարհիկ կալ մըն էր գետինը Սողոմին համար, որուն մէջ պարէր լեռնական աղջիկը, վիզէն դէպի վար զգլխիչ ճերմակով: Ե՞րբ էր դիտեր Սողոմենց տղան աղջկան երեսներուն առատ ոսկիէն ետքը սպիտակ ու աչք առնող ծալը անոր կերտան ին [280]: Կը խորհէ՞ր Սամունն ալ մեկնող աղջկան, երբ հարցուց տղուն.

 

-- Քեզ ի՞նչ [281] հով բերաւ աստեղուանքը:

 

Ըրաւ հարցումը, բայց զգաց իր դժգոհութիւնը իր ըրածին դէմ: Սովոր չէր անիկա նման բանի մը: Ամէն եկող, թշնամի կամ թեր` «կու գար բարով»:

 

-- Հէ՛չ, եկայ անանկ:

 

Պատասխանը ըրած էր արագ: Կը վախնա՞ր կրկնուելէն:

 

Մանր աչքերը Սամունին կծկուեցան [282] ու կեդրոնացան: Անոնց աղեղէն նետուեցաւ նայուածքը իբր գիծ, իբր «նետ», ներս տղուն բիբէն: Հրո՛ղ, ուժգի՛ն: Կարծես կը պատռտէին ոստայնը անոր ականողիքին: Ի՞նչ կը փնտռէր այդ հայեացքը, այդքան խստութեամբ: Մարգարէ՞: Ի՞նչ էր աղերսը` ա՛լ աներեւոյթ սա աղջկան ու պողպատի պէս կարծրացող սա սլաքին մէջ: Տկարացաւ Սողոմենց տղան: Ինկան թարթիչները վար: Անիկա հազիւ գիտէր, թէ Սամունը կենդանի օրացոյցն էր ու այդ մեծութեան մէջ վարի տէրտէրներէն աւելի ուղիղ էր [283] դասեր տօներն ու շարականները: Վեց ամիս առաջ ան կը զրուցէր օրերը շարժական տօներուն, անվրէպ ու գուշակի պէս: Ատկէ զատ, անոր մտքին մէջ, տարիին ո՛չ միայն եղանակները, այլեւ օրերն անգամ կնիք ունէին, գոյն ունէին ու սեփական կեանք: Սուրբերը ու անոնց կարգերը, «իւր սարօք», դեռ կը մնային անջինջ անոր յիշողութեանը տախտակներուն վրայ: Բարձին տակ` տօնացոյց. հոգեկանէն դուրս, լիագին ճշդութեամբ` աշխարհիկ ալ կեանքը, շաբթէ շաբաթ ստանալիք իր երազանքներով, տեսակները աշխատանքին ու բերումները բազմազան կարիքներու: Անիկա շատ լաւ գիտէր, թէ Սողոմին տարիքէն երիտասարդ մը, այգեկուքի սա բազմազբաղ օրերուն չէր կրնար դաշտը չըլլալ:

 

-- Ո՞ւր է ձիդ:

 

-- Չբերի:

 

Այսքան դիւրի՞ն` սո՜ւտը, նոյնիսկ սա մարգարէ մօրուքի շուքին:

 

-- Աղայիդ քո՞վն ես:

 

--

 

Ինչո՞ւ չէր հարցներ բանտէն:

 

-- Ձէնդ չէ դարձեր:

 

Կ՚ակնարկէր քիչ առաջուան շարականին:

 

-- Աւագ Հինգշաբթի՜:

 

Լռեց անիկա ու դէմքին տարածուած էր անհուն սրտաբեկում:

 

Սողոմենց տղան չէր կրնար հետեւիլ ծերունիին մտքին, որ ոստոստուն, առանց մեծ ցանկութեան մը ակօսին մէջ ձեւի պառկելու, կը թափառէր կեանքին մեծ արօտին վրայ: Բայց Աւագ Հինգշաբթիի վերյիշումը զինքը նետեր էր հիմնական հունին, ա՛ն` որ պիտի յանգի մեր մահուան փոսին: Ծերունին կը զգար ատ Հինգշաբթիին բացառիկ խորհուրդը, իր ճերմակ սեղանովը, տասներկու առաքեալներուն կտաւը խորանին, Յուդա՜ն` որուն սեւ, աստղաձեւ նայուածքը կը ճաճանչէր այդքան հեռուներէն դեռ հզօր ու դաւաճան. իր Յուդաները, պատարագը, խելացնոր «Սուրբ Սուրբ»ը Սողոմին, որուն ձայնը` ոսկի քիւլիւնկ ` ըսես պեղէր կապոյտ պատերը իրկինք ին [284] ու անցք բանար «վերնակա՛ն» լոյսին, ասոր թեւերովը` քերովբէներուն [285], ու երկնային զօրութիւններուն: Սողոմին խաթունը, ատ Հինգշաբթին, տեղի տալով տէրտէրներուն, թաղականներուն խնդրանքին` ժամ կը ղրկէր իր ծառան, խեր մը ընելու հովը տալով իր գերդաստանին: Փոխարէն` պատարագին մէջ յատուկ յիշատակութիւն կ՚ըլլար Նալպանտենց ննջեցելոցը հոգուն հանգիստին:

 

-- Աւագ Հինգշաբթի, տղա՛ս, ճանչցիր Աստուծոյ շնորհքը:

 

Խաչ էր հանած ու իջած` ծունկի, մօտի՛կը` բազկատարած միւս ձեւին, որ ծանօթ էր գեղին մէջ: Իր անունին շուրջը կառուցուող հրաշալիին ամէնէն հզօր մասը այդ տեսարանումն էր անոր: Աստուած տեսնելու, զայն ընդունելու, տէրտէրին բառովը` «հոգեւոր ընկալչութեան»: Անոնք` որ եղած էին անոր մօտ, կը խօսէին խելքէ վեր գեղեցկութեանը, [286] խորութեանը [287] վրայ անոր բառերուն, երբ այդպէս հանդիսաւորուելէ ետքը, դէմքին կը բանար հեռաւոր դալուկ ու երկնքի ոսկի, աչքերը ըրած կաթիլ ադամանդ, խօսքը թափելով դողահար բերնէն: Գեղջուկ իր բառերը կը թաթխուէին երկնային շողիւններու մէջ, ու ճաճանչուն, ինչպէս էր նկարներու մէջ գլուխները սուրբերուն ու Երրորդութեան անձերուն, ու խոր, ինչպէս է անդունդը, որ այդ նկարներուն մէջ աչքերը կ՚ընէ այնքան օտար մեր գիտցածէն, կը մօտեցնէին ահաւոր պատկերը Ամենակալին մարդկային տարազի, ընտանի ու ժուժելի: Ինչպէ՜ս անոր երեսէն կը քաշուէր մարդկեղէնը ու տեղը կու տար միւսին, անճառելի այն ուրուայնութեան, որ ոգիները` ինչպէս կարգ մը նկարներէ կտաւներ --դէմքի մասը-- կը տանի մեր սահմաններէն անդին: Երկինքն ու երկիրը, Սողոմենց Սողոմն ու Նալպանտենց Աղուորը ստեղծող ու մեր սիրտերը բաց թուղթի պէս կարդացող «անժուժելի»ն պիտի գա՞ր տեսարան: Սողոմենց տղան խենթ կ՚ըլլար այդ զրոյցէն: Սամիկ Սամունին հեքիաթին հետ անիկա գիտէր նաեւ միւսները, ահաւոր պատմութիւններ, որոնց մէջ, վկայաբանութեան մը երանելի հերոսը, աչքերը փոքրած աքաղաղի ոսպնեակին չափ ու գամած անոր փխրուն սլաքը, ժամերով, ամպերու ալիքներուն, կը հսկէր, յորդ ու յարափոփոխ այդ թեղէն [288] դուրս բերելու համար «ցանկալի», «զարհուրելի», «անժուժելի», լուսեղէն պաստառը Անոր դէմքին: Ամբողջ ողբերգութի՛ւն մը, այդ սպասումը: Ու խուսափո՜ւմը օրերու ճիգին: Հարիւր անգամը քիչ է, կարդացեր էր Մովսէսին զրոյցը, ուր Իսրայէլին առաջնորդը երկու քարերու մէջէն զգացեր էր անոր անցքը: Ու քսան հեղ պատմել էր տուած տէր Միքայէլին ան միւս զրոյցը, ազգային ասիկա, որուն մէջ մեր մեծ սուրբերէն մէկը, Գրիգոր Նարեկացի, տեսեր էր Աստուածամարը, ծոցին Յիսուս, քալելով ծովին վրայէն դէպի ցամաք:

 

-- Ճանչցիր Աստուծոյ շնորհքը:

 

Երկրորդ անգամ նախադասութիւնը կը հնչէր իբր ազդարարութիւն մը: Կը տեսնէ՞ր անիկա Սողոմենց տղուն սիրտը, ուր ոճիրին որդը կը սղոցէր շնորհն ու գեղեցկութիւնը անոր ծալքերուն, երեսակներուն: Ու վա՜խ: Երկինքին այդքան մօտենալէն ետքը Սողոմին ներսը ինչո՞ւ կը յամառէր ոստղիլ աւաչը [289] արիւնի՜ն:

 

-- Անօթի չըլլա՛ս:

 

Կ՚ըսէր ասիկա, հետեւելով Սողոմին  այլուրութեան, որով տղան կը դադրէր քիչ առաջուանը մնալէ:

 

-- Հա:

 

Սուտ կը խօսէր: Բայց նիւթական այս մանրամասնութիւնը պահ մը ետ նետեց ուրուացող պատկերը սատանաներէն սղոցուելուն:

 

Ե՞րբ [290] բերուեցաւ ուտելիքը: Ո՛չ տեսաւ ան, ոչ ալ շարժում [291] ունեցաւ դէպի սեղանը:

 

-- Կարօտցա՞ծ ես հօրդ:

 

Նախադասութեան հետ, երիտասարդը տեսաւ հայրը, պատանքէն քիչ առաջ, երկարած ու սո՜ւրբ, մատուցուած` մահուան կլափին, հասո՛ւն` ինչպէս ծառէն ինկած պտուղ մը:

 

-- Կը տեսնա՞ս:

 

Պարզ էր հարցումը: Ակնարկութիւնը սուրբերու բարբառին աղը կը նկատուի: Հոգեկան կեանքի ուժգնութիւնը կամ նուագումը տղոց մէջ կապ ունէր մահուան ու անոր լծորդ միւս զգայութեանց աճումին, երկարաձգումին: Տարիներով ողջերը կը մխիթարուէին ու կը բաւարարուէին իրենց երազներով, որոնց մէջ մեռելները կու գային շարունակելու երկրաւոր իրենց կեանքը, ու դիմացնելու պատրանքին երկսայրին: Մեր մէկ գրագէտը, ատ արարածներուն բերանով հարցուցած է գերագոյն հարցումը, - «Ո՞րն է իրաւը, ատ ստուերներո՞ւնը, թէ արեւուն տակիններունը»:

 

-- Ատեն-ատեն:

 

Սամիկ Սամունը տխուր ու լուրջ աւելցուց.

 

-- Նեղն է երկինքը:

 

Ըսած էր նախադասութիւնը, մեկնելով տղուն վարանոտ հաստատումէն: Մոռցուող մեռելները փաստ էին զօրաւոր ողջերու, որոնք կը մտնէին տղոցը սիրտը ու կը գրաւէին տեղը գացողներուն: Իր մեռելները մոռնալը գեղին մէջ համազօր է իր կեանքը գէշ դասաւորելուն:

 

-- Դուն կը տեսնա՞ս մեռելները:

 

-- Ողջերուն պէս:

 

-- Ուզա՞ ծ ատենդ:

 

-- Ուզած ատենս:

 

-- Կը խօսի՞ս ալ հետերնին:

 

Չպատասխանեց: Սամունը բռնեց տղուն թեւէն ու քալեց: Կ՚երթային դէպի սօսին: Հսկայական բու՛նը, հաստ դռնակով մը հեղ[ու]սուած` վերածուեր էր ամուր սենեակի մը: Պարպուած իր ծուծէն, դարերով խոռոչ, յետոյ կրծուած բազմազգի կրծողներէ, պատռտուած իր կողէն` անիկա Սամունին ձեռքով մտեր էր նոր իր պատկերին: Կը դիմանար գայլերու գրոհին, որոնք ժամերով կը պառկէին անոր սեմին ու ներսէն ծառին վրայ բարձրացող Սամունին խրատները ի վերջոյ պարտաւորուած մտիկ կ՚ընէին, ձայնն առնելով որսորդներու կամ թիւրքմէններու ժամանումին: Ծերունին հրացան չէր պարպեր: Երկաթ ձողեր, որոնք կարկտան փայտերուն վրայէն կը մխրճուէին ծառին միսէն ներս, [292] մարդահասակ ու ցից քարեր պարիսպ մը կը ձեւէին` տեղ-տեղ նիհարցած կեղեւը պաշտպանելու նպատակով:

 

Բացաւ դուռը, թիլ [293] մը հաստութեամբ ընկուզի տախտակ: Սողոմը կողմնակի աշեց ներսը: Ընդարձակ ու լեռնականներու, անտառապահներու մօտ ընթացիկ առարկաներով կահաւոր: Լոյս կ՚առնէր վերէն: Սնտուկ: Երկփողեան հրացան, նեղ ժամու համար, գայլերուն դէմ: Եղած են ձմեռներ, երբ ձիւնամրրիկը տեւած է օրեր ու սօսիին երկու մ արդահասակ բունը կորսուած ձիւնին տակ: Ատ իսկ բերումով` գայլերը կրնային վերի ծակը շահագործել :

 

Ծերունին վերցուց տախտակ մը, ուղղակի ծառին միսին փորուած խորքէ մը: Հանածը Աստուածաշունչ մատեան մըն էր. «բորոտ»ի…

 

-- Բորո՛տ է…

 

Ինչպէ՜ս վարժուեր էր լսել ու ըսել: Ու աչքին բուսաւ կաղ, մէկ աչքէն փուտ, փորէն յղի կնիկի պէս ուռած մարդը, որ ամէն տարի, կռնակին ծրար, մէկ ձեռքին կաշիէ պայուսակ, միւսին ալ մեծկակ սակառ` կը պտտէր թաղերը, ու բորոտ իր ծոծրակը արիւնելու չափ քերելով, նմանելու համար գիւղացիներուն մէջ մեծ ժողովրդականութիւն գտած  «անարծաթ բժշկացն Կոզմայի եւ Դամիանոսին»  --կարմիր մատներովը անիկա կը տրորէր նաեւ փուտը իր աչքին իբր արժանի պատուհաս ով գիտէ ի՜նչ մեղքի--, կը բաշխէր, առանց դրամի, զուտ հոգեկան հացի իբր մատակարար, գերազանցապէս հոգեշահ այդ մատեանները, փառակազմ, ոսկեփոշի, ամերիկեան Պորտին յղփանքը վրանին, պայուսակէն ելած ատեն իսկ պատկառանք ազդող: Հակառակ իր ուխտին, որով անիկա կը հրաժարէր մատեաններուն հնչուն փոխարժէքէն, անիկա վարձք կը սեպէր ապառաժէն ալ --դուք հասկցէք ամէնէն քարսիրտ գեղացին-- բան մը փրցնել անպատճառ, ձիթապտուղ, պուլամա, եղ, տրեխ, նորածիններու շոր, շորեղէն, մա՛նաւանդ բրդեղէն, գուլպայ, վզի շալ, ու ի՛նչ որ կու գար «բուխ» սրտէն տանտիկինին: Կ՚ընէր ասիկա` վարժեցնելու համար գեղացին ողորմութեան, երկրորդ` հոգեւոր իրերու եւ կեանքին հանդէպ կենդանի հետաքրքրութեան: Ու գեղունի Սաղմոսները, Եսթերները, Առակները, Մարգարէները այս ճարտարութեամբ կը վերածուէին նիւթական հացին, զոր այդ «բորոտ»ը կը կրէր իր գեղը, ծովէն անդին, ութ-տասը տղոց ապրուստը ապահովելով, անդրանիկը ձրի տեղաւորած «բորոտ»ներուն մեծ «դպրատունը» ու քշելով իր էշը շատ աւելի լաւ, քան արհեստ ու աչք ունեցողները, հոգ չէ թէ անոր ափին սակառը գոյնզգոյն իր պարունակութեամբը յիշեցնէր աղքատներու, գնչուներու տոպրակները: Ի՜նչ կը հեգնէին տղաքը այդ անհաւատ քրիստոնեաները, անոր բաշխած գիրքերը հռչակելով սուտ ու ներշնչուած սադայէլէն:

 

-- Աստուծոյ խօսքը չի բորոտիր, տղա՛ս:

 

Տեսաւ, որ իրաւունք ունէր ծերը:

 

Բայց ի՞նչ` կա՛պը մեռելներուն հետ խօսելուն ու «բորոտ» այդ մատեանին մէջտեղը:

 

Գիրքը չէր դողար անոր ձեռքին մէջ: Շարժումը կիսեց մէջտեղէն մանրատառ մատեանը: Անոր աչքերը անզօր էին զատելու գիրերը յստակութեամբ: Բայց անոր մատները գոց գիտէին էջերը:

 

Երեսուն տարի անիկա ուրիշ բան չէր ըրած, ամէն օր, տասը-քսան հեղ, գիրք բանալէ, կարդալէ, շնչելէ զատ: Բացուած տեղն էր Թագաւորաց գիրքը: Հողոտ ու հաստ անոր մատներուն տակ էջերը թուքէն ու ցեխէն կիտուած էին կազմեր, ճմռկուած կէտին ոլորքներու վրայով: Մօտեցուց աչքերուն, բայց փոխեց նպատակը: Հրեց գիրքը դէպի Սողոմը:

 

-- Տիրացու ես դուն, կարդա՛:

 

Տղան գիրքը առաւ: Թեթեւ, քաղցր: Որքան ատեն է թուղթի համ ու հոտ կարօտցեր էր անիկա: Այդ րոպէին անիկա պարպուած էր իր կեանքին վերջին տարիներէն ու կ՚ըլլար պատանին, երկինքով ու հեքիաթով սնանող, որուն հոգին ճերմակ էր` գրուելու տրամադրուած էջի մը նման: Ո՞ւր` ոճի՜րը, Նալպանտենց կնիկը, բանտը ու ա՜ղբը աշխարհին:

 

Գլուխը` որ կը թուէր սատափուած մոմի կաթիլներով --Սողոմը կ՚անգիտանար այդ կաթիլներուն պատճառը: Գիշերային հսկումներու, դժուար կացութիւններու ժամանակ Սամիկ Սամունը քանի՜-քանի՜ հեղ կանչեր էր Սամուէլը, մոմի լոյսովը, մինչեւ գիշերը կէսերը--, կը պարունակէր Սաւուղին դիմումը վհուկ կնիկին, Սամուէլին ելքը գերեզմանէն, ու պատգամները` Սաւուղին:

 

Սողոմենց տղան կարդաց «բորոտ» մատեանէն. դժուար էր գտնել ինքզինքը մանր տառերուն ու աշխարհիկ անոր լեզուին մէջ: Դպիր էր անիկա, ու ջուրի պէս վարժ` եղանակելու մարգարէները, կամ տիրացու շեշտով` ճաշու թուղթերը առաքեալներէն: Բայց քիչ-քիչ ապակամ այդ գոյնը փարատեցաւ անոր ընթերցումէն: Համարները զօրաւոր բաներ կը թելադրէին ու վհուկին տեսիլքը գրգռիչ հով մը ունէր: Մինչեւ որ` տեսաւ կարծես անիկա Սամուէլին ելլելը, հողին յատակէն, որ «վերարկու մը ունէր ու ծեր էր»: Վախէն դուրս բան մը` այդ զգայութիւնը կ՚ընէր տանելի: Աչքին ծայրովը փնտռեց գիրքին վերարկուն Սամունին վրայ, որ շեղ այդ անկիւնէն կը հեռանար, կը քայքայուէր իր հէնքէն: Իր դէմէն այնքան յստակ էր քակուելու սա զգայութիւնը, որ վախցաւ, թէ երեւոյթը տարածուած էր նաեւ մատեանին գիրերուն: Կորսնցուց անիկա գիրերը, որոնք պարի ելան մոմի թափանցիկ կաթին մէջ` ծռմռած, խոշորցած ու պաղած: Պահը, գերագրգռութեան հզօր լարուածքը, որ անոր մարմինը չէր ձգած ախոռի ծեծէն ասդին, վախը, քսանչորս ժամէ ի վեր գրեթէ անսուաղ իր փորը, որ կ՚որոտար ու պտոյտ կը բերէր անոր ճակտին քովերուն ու կ՚արձագանգէր ականջներուն փողերէն ու մա՛նաւանդ` անհնարին սպասումը ուժէն, ջիղերէն, իրերէն ու յուշքերէն, ու գուցէ ամէնէն շատ սաստիկ արիւնահոսութիւնը գրեթէ խախտած էին անոր մէջ երեւակայութեան դասական օրէնքները: Ու բան մը, ուրուային ու խոշոր, թրթռալով շարժումի կ՚ելլէր` ծերացած Սամուէլին տեսիլքը ձեւաւորելու, անոր աչքերուն կիսաղեղէն վեր, յօնքերուն պաշտպանութեամբը կազմուած տարածութեան վրայ: Որքան տեւած էր անոր մէջ եփը այս խռովքին: Հատան գիրերը բոլորովին ու անոր աչքին դաշտը լիովին ողողուեցաւ պատկերէն: Ինքն էր, վերարկուով ու մօրուօք: Բայց ահա աւելի՛ն: Նոյն փլանին, ուրիշ մը. անպատան ու գեղացի: Ու հա՛յրը: Որ Սամուէլին թուղթէ նկարը քշեց ետ ու կեցաւ: Երկի՞նք: Երկի՞ր: Անոր աչքերը ունէին ողջութեան մեղրը ու տրտում հով մը, զոր մեռելութիւնը կը ճարէ ուրուականներուն բոլորին ալ: Յուզումը այնքան ուժգին էր, որ ինկաւ գիրքը ձեռքէն: Նոյն րոպէին, թարթիչները խստօրէն հիւսած, մատները կուղպ, կործեր էր կողին, տժգոյն` ինչպէս նոր մեռել մը:

 

Երբ ջուրի զովութեան տակ բացաւ աչքերը, վերցուած էր «բորոտ» մատեանը: Գլխուն, ծունկի` Սամունը, տարբեր իր [294] վերարկուով, զոր հով մը կը բանար փէշերէն կապտաւուն լռութեանը մէջ տեսիլքին, աղօտած, բայց ողջ` իր գծագրութեանը մէջ: Ահաբեկ` անիկա ածեց իր նայուածքը, սանկ առաջօք, մօտերը, մէկը փնտռողի ու չգտնելուն զարմացածի յայտ դիմակերպով: Չտեսաւ Սամունը, որ մօրուքը կը փետտէր ջղագար բանով [295] մը ու կը դողար Սողոմէն աւելի: Յետոյ հրեց իր նայուածքը սօսիին ետին: Նոր ձեւ կ՚ըլլային աղուոր ու մանր թփուտները, որոնք մեծկակ ծառի մը շուքէն դուրս կը փախչին բնազդով ու շուրջպարի կը մտնեն սիրտ տիրակալողին [296] շուքն ի վար: Յետոյ դարձաւ քովնտի, նման մէկու մը, որ ետ կը դառնայ շատ հեռու ճամբայէ: Շնչառութիւնը կը լայննար ու երեսին դալկութեան վրայ գիծեր կը հաւաքուէին: Յոգնած ու ջախջախուած կոպերը արագ-արագ կը զարնուէին իրարու, կարծես վանելու համար տեսիլքին աւաչը [297] անոնց ներքեւէն: Չպատասխանեց Սամունին, որ անոր` ինչպէս բոլոր միւս նուաղումները կը կապէր գերբնական տեսիլքներու: Անծանօթը, անոր անդոհը, նուաղումով գոյաւոր յուզումը վարակած էին անոր զառամ բերանը: Ան հոգին կու տար գիտնալու համար տեսիլքը, ուրկէ կը դառնար տարօրինակ տղուն: Երկինք այցելելը գեղին մէջ ասպարէզ էր գրեթէ, ու անոր համարատուութիւնը վայելք` ափ ի բերան սպասողներու պանդոյր վախին դէմ: Խաչը խաչին, Յիսուսը Քրիստոսին կը փակցնէին հաստ, խեղճ մեղաւորները, որոնց զլաց[ու]ած [298] էր այդ հաճի երթալէն աւելի թանկ շնորհքը:

 

Տղան կը լռէր: Ու բառէ անոր խուսափումը տառապանք էր երկնածարաւ ճգնողին: Դժգոհ` հրեց անոր ծունկերուն բոլորակ հիւսք մը, ոզորիէ, սակառի յատակ մը, առանց եզերքի: Վրան` չորս գլուխ կարմիր բողկ, ու երկու ալ սոխ: Օրը պահք: Չորեքշաբթի: Օրհնեց արագ սեղանը, կոտրեց ճիրանի նման եղունգներովը փաչատելէն սեւ նկանակի մը կէսը, կարծր` ինչպէս կոտրած ձաւարի երկանաքար մը: Տարիներով կրնար դիմանալ հացէն զատ ամէն բանի նմանող այդ սեւ ու ծակոտկէն բանը, որ կը յիշեցնէր նաեւ հրաբխային հողերու մէջ յաճախակի հանդիպուած չեչոտ քարերը, փոսաւոր ու երկաթի աղտեղութիւն նոյն ատեն: Կերա՞ն: Կերա՞ւ մա՛նաւանդ Սամունը, Սողոմը պիտի չկրնար յիշել ատ պարագան, հակառակ բուռն փափաքին, մինչեւ ոճիրը լուսցնող առտուն, երբ իր մոռցած փորին առաջին ու խիստ պահանջը պիտի իմանար գնչուներու վրանին մէջը:

 

Բայց հաց էր: Անիկա ուժգին վախն ունէր, հակառակ իր կամքին, բերանը բանալու, սեղանի գլխուն: Իրեն այնպէս կու գար, որ պատրաստ մէկը կար իր կոկորդէն դուրս քաշելու կծիկը, պարկը` որուն մէջ սաղմ էր կապեր անոր գաղտնիքը: Մտիկ կ՚ընէ՞ր ծերունին, որ կը խօսէր ընդհատ-ընդհատ ու հեռու բաներ: Այդ վայրկեանէն տակաւին քանի մը ժամ վերջը մինչեւ, մինչեւ հօրը գերեզմանին վրայ իր երդումի իջնելը, անոր կը թուէր լսել անջատ բառեր, կէս-կէս, առանց շարայարուած իմաստի մը կապին, որոնք պիտի մտնէին ու ելլէին անոր մարմինին բոլոր ճամբաներէն, ուր պիտի վազէր հեղեղը Սամիկ Սամունին մեղքին: Արեւը` քայլ առած դէպի Մեծ-քարը: Շուքեր` որոնք կ՚աճէին արագ-արագ: Յոգնած լռելէն` ինչպէս լսելէն, անկարող լեզուն հնազանդ պահելու, հօրը հետ դէմ դէմի խօսելու հզօր պէտքէն դղրդուն, բայց նեղուած մա՛նաւանդ Սամունին ենթարկուած տագնապէն, որ շատ մօտիկն էր լուսնոտներէ իր տեսակներուն, դողդոջ, [299] տեղէն ելաւ ոտքի: Ու անոր իբրեւ շուքը` զգալի, ծանրկեկ տոպրակը ոճիրին, որ կը կքէր զինքը: Խոյս տալու ու ինքնիրեն հետ ըլլալու համար անիկա երկարեց իր ձեռքը, առաւ անոր կոշտ ափը ու պագաւ, երբ խփուած աչքերուն մէջ կը կենար ոտքի թիւրքմէնին աղջիկը, վիզն ի վար ճերմակ, ինչպէս առուակին փրփուրը, ուր կը պատմէր ժամբակի Աշըխը, անոնց լոգնալը:

 

-- Ո՞ւր:

 

Ձայնէն հեռու բան մըն էր սա կտոր մը բառը, որուն անձուկը վրիպեցաւ իր իսկ տագնապէն քշուած Սողոմին հասողութենէն: Պատասխանի տեղ` թօթուեց գլուխը անորոշ ուղղութեամբ: Չէր կրցած կռնակ դարձնել ծերունիին, որ աչքերը յառած մեկնելու պատրաստուող արեւին, կը կենար անշեղ, բայց կործանած, --ամէն ինչ իրմէ այդ քայքայումը կը պատկերէր: Մանր ճուռպոտած թարթիչներէն անոր բիբերը կը նմանէին արեան կաթիլներու, արեւէն ինկած ու ճերմկուցին մէջ սառելու վրայ: Ան ալ կ՚ուզէր խօսիլ, բայց կ՚արգիլուէր: Մարմինը քանի մը հեղ գնաց ու եկաւ, կրկնելով մտածումը, որ յորդելու ելած ալիքի մը պէս կը ծեծէր անոր վանդակի ներսի երեսները ու, մա՛նաւանդ` գանկին տակ կ՚ըլլար մուրճի մեծ հարուած, ճօճուն ու հզօր` աջին ու ձախին: Ներքին իրականութիւնը մեր մարմինը կ՚ենթարկէ նման ծփանքներու: Դէպի ոճիրը, անհեթեթը, վսեմը, այսինքն` դէպի կործանումը մեզ խելօք ու պարկեշտ ընծայող օրէնքներուն, անհրաժեշտ է այս նախապատրաստութիւնը: Փլելէ առաջ` տարերային հեծկլտուքին կը նմանի այս վիճակը, որ կը զգան տունին ներսինները: Չափեց կրկին երիտասարդը: Ու ողորմելի էր անոր նայուածքը, նուաստութենէն անդին բեկումով մը: Յետոյ, տխրած չարաչար, սեփական կործանումին ստոյգ պատկերէն, որուն վրայէն անոր խղճմտանքը ա՛լ վերցուցած էր քառսուն տարիներու վարագոյրը, անցաւ այդ աղբին տեսարանէն ալ անդին, ընկղմելու համար աւելի խոր, իր իսկ նայուածքը ժուժելու անկարող, ըսես մեղքէն յորդող աչքերէն վանուած` դէպի սիրտը: Մեր սիրտը գերազանց ապաւէնն է այս տագնապներուն ատեն: Հոն կ՚ապաստանինք, երբ մեր ուղեղը դաւաճանէ մեզի: Մա՜հ թող կանչէ անիկա, որ կէս դարու ճգնութեամբ կը կարծէ ինքզինքը արժանաւորապէս հանդերձած ըլլալ գերագոյն այդ րոպէին: Անհատ մը, իր պզտիկ սահմանէն: Ու խորհիլ, որ երբեմն ամբողջ ժողովուրդ մը ուրիշ բան չ՚ըներ այդ մռայլ հանդերձանքէն դուրս: Անոնք` որ մեր պատմիչները կը կարդան, կը վարակուին այս պատկերին տիրակալող մշուշէն: Ե՞րբ գտան մերինները ատեն, շէն քաղաքները ու մեր զմայլելի երաժշտութիւնը ու մեր դժբախտ հոգիին մէջ այնքան թանկ երեսակներու յարդարումը իրագործելու, քանի որ դարեր ու դարեր երկինքին այլամերժ սպասը ըրին ու իրենց օրերը այդ անկիւնէն արժեւորեցին: Մա՜հը: Որ կրնար սպասել ճամբուն ոլորքին ու Սողոմին մեկնումէն առաջ կրնար քայլ առնել դէպի սօսին: Ի՞նչն էր, որ Սամունը կ՚ընէր այդքան զգայուն այդ հանգիստին, այնքան հասուն գալիքին: Այս րոպէները գեղին քար խղճմտանքները խմորի պէս կակուղ կ՚ընեն: Կէս դարու պղնձակուռ ամբարիշտը հոգեւարք մտնելէ առաջ կը մեղմանայ ու կը կանչէ իր սնարին տէրտէրը ու կը բանայ ժանգոտ դուռները իր մեղքին: Ինչու՞ այսքան ուշ: Հարցուցէք Սամունին, որ ջանաց հասուննալ ամէն տարի, բայց Աւագ Հինգշաբթիները միշտ ալ ճամբու դրաւ, ի՛նք` որ կ՚ապրէր այդ խոստովանանքին համար եւ ոչ` ուրիշներուն պէս նոր մեղքերու բջիջները մեղրելու: Ու եկած էր [300] պահը, ուր անոր անցեալը, մա՛նաւանդ ամէնէն սեւ մասը, միակտուր` ինչպէս մեծ կրակէ մը անցած խաւար ապառաժ` կը կենար ոտքի, ու անցք, դուռ կը պահանջէր շուարուն ծերէն: Յետոյ` նման մէկու մը, որ շատ վճռական որոշում մը առնելէ առաջ, բոլոր վարանումները կը նետէ մէկդի` անիկա վանումի այդ խուլ շարժումը փոխանցելով իր ձայնին գրեթէ խիստ, դաժան` հրամայեց.

 

-- Կեցի՛ր:

 

Տղայէն առաջ ինքն էր կեցողը:

 

-- Ըսելիք ունիմ:

 

Կոտրած էր` ինչպէս ճեղքուած ամանի մը ձայնը:

 

Կը դողա՞ր, թէ կը վախնար: Բացուած էր կուղպ ափը:

 

Մէջէն, երկուքին մէջտեղը, ինկաւ կարմիր գլուխը բողկին:

 

-- Կը տեսնա՞ս, - շարունակեց անիկա, ցոյց տալով բողկը ու զայրանալով մատին, որ չէր գտներ բողկին ճիշդ ուղղութիւնը:

 

-- Բողկ է:

 

-- Ատ, քու գիտցածդ:

 

Չըսաւ շատ սիրական առածն ալ ետեւէն, որով կը հեգնէր անիկա անգէտները ու զանոնք «կ՚աղէր, որ չհոտէին»:

 

Նետեր էր նոյն ատեն կաշեգործ վերարկուն, որ պաշտօն ունէր, ամառ թէ ձմեռ, անոր մերկութիւնը պատելու, նմանցնելու համար զայն ձարազգեաց ճգնողներուն: Այդ տեսակ անգիտակից շարժումներ մեծ գուպարի սկիզբ կ՚ընեն տղաքը, երբ կը պատրաստուին գօտեմարտութեան կրկէսը նետուելու: Կենդանիի, աշխած ու շեռոտ նոխազի բարկ հոտ մը զարկաւ Սողոմին քիթին: Մէջտեղ ելան ծերունիին թեւերը, աղօտ կաշիէն տառապէս խարտուած ու խաշած, պիսակ-պիսակ: Բան մը կրծած էր անոնց միսերը, ոսկորներուն տալով պատկերը որդերէ գզուած փայտ իլիկներու: Զանոնք ըրաւ ետ-առաջ ու փտուկ փայտի խուլ խշրտուք մը անցաւ Սողոմին ականջներէն: Վէրքեր, կոճակ-կոճակ, սեւ ու կարմիր: Բորո՛տ: Այսպէս կտցուած [301], խայտոտ, ու հերկուած` մինչեւ դեղնութիւնը ոսկորներուն, սարսափելի էր անիկա, քան անապատի բոլոր սուրբերը, որոնց մարմինը կը պակսէր իրենց հեքիաթներէն:

 

-- Գլոխն է:

 

-- Գլո՞խը:

 

Սողոմը նայեցաւ չորս դին ու անոր զարմանքը կը լայննար, թելադրուած մերկ թեւերուն սառուցիչ նկարէն: Չէր տեսներ բան մը, որ մօտ ըլլար գլուխի մը եւ կը նեղուէր չհասկնալով:

 

-- Հա՛, անոր:

 

Ոտքը դպաւ բողկին, տարօրէն զգոյշ ու վախկոտ: Յետոյ` եղերական տրտմութեամբ մը.

 

-- Անոր գլոխը [302]:

 

-- Որո՞ւ:

 

-- Եղիային:

 

Խե՞նթ էր այս մարդը:

 

Շփեց ականջները, աչքերը սեւեռ կարմրուկ բողկին: Բայց ուրկէ ո՛ւր, անոր այցելեց նմանութիւն մը գետնի բողկէն ու Եղիա մարգարէին գլուխէն: Այդ օրերուն գեղի դպրոցներուն մէջ ազգային պատմութիւնը փոխարինուած էր սրբազան պատմութեամբ: Գիրքը` որուն վրայ կը դողար Սողոմենց Սողոմը, շատ մը պատկերներ կը պարունակէր, որոնցմէ մէկը կը ներկայէր զարհուրելի մարգարէն երկինքէն բոց իջեցնելու համար ատամներն ու կռուփները սեղմած, բայց գլուխէն ճղճիմ, տարօրէն փոքր, խոտոր համեմատող անկիւնոտ ու գիշատիչ անոր դէմքին: Խոշոր բողկ մը` ինչպէս սրախօսած էին ատենին դպրատունը, թէեւ վախով: Պատկերին ճերմակ մասը -այսինքն` ամբողջ գանկը- տղեկ մը ներկած էր Զատկուան կարմիրով, հաւկիթ մը հանելու համար անոր ձուաձեւէն: Այդ իսկ յարդարանքով գլուխը առած էր նմանութիւնը բողկին, կոթէն այդպէս բարակ ու ամրօրէն տեղաւորուած տնկուած ուսերուն ակօսին: Այս վերյիշումները րոպէ մը գրաւեցին անոր ուշը: Յետոյ փորձեց պատկերը հանել դուրս ու դնել Սամունին, բայց յիմարութիւն մը ընելու վախը արգիլեց զինքը: Ու կը զսպէր ինքզինքը խօսքէ ու խնդուքէ, պինչերը սեղմած մատներուն ներքեւ, ջախջախելով ժպիտի ոլորքները, որոնք ձեւի կ՚ելլէին:

 

-- Եղիային, տղա՛ս:

 

Սամունն էր` հաւաքած ինքզինքը: Երկարող լռութիւնը երբեմն կ՚ուժաւորէ մեր վարանոտ խղճահարութիւնը: Ու անոր վերջին բառը թաց էր ու գորովոտ, իրական հօր մը բերնէն, որ չի կրնար մոռնալ իր թաղած զաւակը, տարիներ ետքն ալ: Արցունքը ինկաւ անոր աչքերէն, դեղին յատակէն քիչ մը պղտոր բխումով:

 

Ինչո՞ւ կու լար:

 

«Երկու թուրի մէջ»` Սողոմը, յուզուած` ինչպէս խորապէս շահագրգռուած, կը զգուշանար խօսքէ:

 

-- Ամէն օր հեղ մը ուտել կու տան:

 

-- Ո՞վ:

 

-- Անոնք:

 

Կը նայէր քիչ մը բաց, վարանոտ ու համեստ, մէկը չբարկացնելու յայտնի հոգով մը:

 

Ու անհուն էր անձուկը անոր երեսին: Ու վախէն հալած պաղատանք էին անոր աչքերը արցունքէն նեղուած, որոնք կը մշուշէին աղաչանքը, որ մեր նայուածքը կ՚ընէ երբեմն այնքան սրտառուչ ու կը յուզէ մեր դէմինը: Բայց ինչ որ ուշագրաւ էր ամէնէն աւելի, ուրիշներէն օգնութիւն սպասողի իր նկուն, սայթաքուն վիճակն էր, սանկ փաթթուիլը մարդուն, որուն մէկ ոտքը ներս է անդունդէն ու թեւերով կը պլլուի շրթունքի թուփին: Դիւրին, երազներու մէջ պատահական արագութեամբ մը այս պատկերները կը փոխուէին անոր երեսէն: Յաջորդութիւն ըլլալէ աւելի, բոլորին ալ համերանգ խորքի մը վրայ համակարգ ծաւալո՛ւմը, որ ջուրին մէջ մտնելէ առաջ մարդոց դէմքերը կ՚ընէ աշխարհին ամէնէն եղերական տեսիլքներէն մէկը: Ուրիշ չեն նաեւ դէմքերը անոնց, որոնք դանակին կ՚երկարեն իրենց գլուխները:

 

-- Ինչո՞ւ կ՚ուտես [303]...

 

Հարցուցած ըլլալու համար, ընդմիջեց Սողոմը, որ սրտէն գալարուած կը հետեւէր Սամունին, ու անոր երեսներէն եկած ու անցած վրդովումներուն:

 

-- Դո՛ւն եղիր` մ՚ուտեր:

 

-- Ի՞նչ է կերածդ:

 

-- Գլոխը տղուս:

 

Սողոմէն դարձեալ վրիպեցաւ իմաստը այդ պարզ, հասարակ բառերուն:

 

Արտաբերումը, սարսուռը, որուն անցքը, քայլքը զգալի էր դուրսէն ու անոր մատը` ինչպէս թարթիչները կը ձգէր իր հոսանքին մէջ, ըսուածքի պարզութիւնը ու ձայնին ընկեր գունաթափ, անկարող լքումը կը պահէին այդ պատկերը մարդկեղէն գոյնի, կաղապարի մէջ, որպէս զի Սողոմը խորհէր իր չտեսած խենթութեան: Տարակոյսը այցելեց իրեն, բայց յիմարութեան դասական նշանները ու սա թոռմած դդումը անհաշտ էին անոր միտքին մէջ: Ինչպէ՞ս գիտնար անիկա, թէ խենթերը իրարու չեն նմանիր` ինչպէս չեն նմանիր դաշտի ծաղիկները: Մնաց որ, այս տեսարանումը, տարիներու կրկնումովը, վերածուեր էր Սամունին շատ բնական մէկ արտայայտութեան: Խենթերը կը կրեն իրենց մտապատկերները ոչ-խենթերու նման, երբ ծալքի մտնէ ուղեղը, այսինքն` գլանը ընդունի այցելուներուն: Ստոյգ իմա՞ստը «գլուխ ուտել» բացատրութեան:

 

-- Դուն եղիր տէ ` մ՚ուտեր:

 

Կրկնեց անիկա ու կղպեց աչքերը: Երկու բթամատերուն միջնայօդի ոսկորները խցանի պէս մխելով անոնց փոսիկին: Դուռ մը աւելի զգուշութեամբ պիտի չգոցուէր: Որո՞ւ դէմ:

 

Նոյն ատեն անոր առաջ ծռած դէմքէն, ինչպէս կը պատահի, երբ մենէ ուժով թաթ մը կը ծանրանայ մեր ծոծրակին, անոր շրթները, իրենց անկիւնակապերուն վրայ պրկուած անտես բանալիէ մը, կը կլորնային իրենց կեդրոնէն, շինելու համար նեղկուկ անցք մը: Այդ վիճակին մէջ, անոր բերնին ձեւը նման էր ուլականջի մը խեփորին, բռնի բացուած: Սարսա՛փ, անոր մօրուքին թանձր ալիքը տարտղնելու, լարելու չափ ուժգին: Զզուա՛նք` որ անոր երեսի ակօսները օձի կռնակներու նման սողալու կը հանէր կարծես ու տագնապի կը մատնէր ամբողջ արտայայտութիւնը: Յետոյ` ուժին տակ ընկրկում: Ու բառեր. բեկո՛ր, աղաչագին ու խեղճ, բայց բաւական, որպէսզի երեսին կատարուող տեսիլքը չմնար առեղծուած: Այս ցուցմունքին համեմատ անտես մատներ անոր բերնի բացուածքին դրին աչքերը իր միամեայ մանկիկին, որ մեռած էր մօրը ծոցին, ասոր հետ պատուհանէն վար նետուելէ ետքը: Ու անզօրութիւնը մարդերու խիղճին: Անիկա ընդունեց այդ աչուկները ո՛չ իբրեւ մեռելի, այլ` իբրեւ ողջի, խիղճի խայթէն աւելի հզօր ցաւով մը խորովուած: Ու կ՚ուտէր անիկա իր տղուն կեանքը, այդպէս մանրադիր: Յաջորդեց ծամելու պատկերը: Իր բառով` աղօնը, աղօրիքներով: Ու սոսկալի բան էր լսել խուլ աղացուիլը միսին, որ փշուր-փշուր, ինչպէս տան երկանաքարէ մը, [304] կը յորդէր դուրս հերձատամներուն քակուած ցանկապատէն: Յետոյ` լեզուով լորձնում: Կուլ տուաւ անիկա ու լռեց: Պատկերը կը մնար պարզ ու ընտանի: Արեւը խաղաղութիւն էր ու արիւն: Սօսին բիւրեղեայ նուագ, հո՜վը` ա՛յնքան, ո՛րքան էր պէտք, զգալի ընելու համար թեւերը հրեշտակապետին, տիրապետող դէմքը երեւոյթին:

 

Բացաւ բերանը:

 

Նոյն անտես մատները հոն դրին միսը իր կնիկին [305], որուն խմորը կը կպրանար, կը ձիւթոտէր ու կը փակչէր անոր լինտերուն, իբր ամէնէն աղտոտ, գարշագին բանը աղտի այս աշխարհին: Ու անոր դէմքը անցաւ աքցանումի ու փշաքաղումի նոյն զգայութիւններէն: Սարսափին կը խառնուէր բարկութեան նուաղ հով մը:

 

Ու հակառակ հրեշտակապետին ճնշումին` անիկա յօնքերը կը պռստէր ու խուլ քրթմնջիւնով կ՚ընկերացնէր ծամելու գործը: Ո՞վ էր յանցաւորը աղէտին:

 

Երրորդ անգամ բացաւ անիկա թշուառական իր բերանը: Ու նոյն մատները հոն նետեցին ամորձիքները իր աղբօրը:

 

Կցկտուր նախադասութիւններ, հետզհետէ ամբողջացող բառեր կը լուսաւորէին դժոխագիր այս հաղորդութիւնը: Ու, անտես թելադրութեան մը ներքեւ` Սամունը կը կրկնէր տղու նման հեգելով բառերը, որոնք յայտնութիւն կամ խոստովանանք, իմաստ մը կու տային հինցած տրամին: Պատմելու շնչատ կերպը, շարժուձեւով պաշտպանուած, կ՚ըսէ նո՛յնքան, ո՛րքան լիալիր կերպը: Ագռաւ մը ուրուացաւ սօսիին գագաթին: Ու դիակի հոտ մը բռնացաւ անոնց ուղեղին: Սամիկ Սամունը մահէն վախնալուն չափ կը վախնար սեւ թռչունէն, որ ձգած գեղը, զայն եզերող աղբանոցները, կու գար թառելու սօսիին, իր դիակը սպասող, խուզարկու ձեւով մը երկարած կտուցը դէպի ծերունին: Ամէն օր, անգամ մը փնտռելէ ետքը, կը սուզուէր վար, անհանգիստ ու նկուն ընելով ծերուկին սիրտը:

 

-- Մերե՛թ:

 

Չկրցաւ զսպել անէծքի բառը: Այս բացագանչութեամբ անիկա ազատել կը կարծէր իր մեռելը պատառող այդ կտուցէն: Գրուած էր, որ մեռնէր ինքը իր ճգնարանին մէջ: Կ՚ընդունէր այդ պատգամը: Բայց չէր հաշտուած անօրէն թռչունին անհամբեր ախորժակին հետ:

 

Աւարտա՞ծ այս դժնդակ խոստովանութիւնը: Հոգեւարքը գեղերուն մէջ ունի այս կարգի մերկացումներ: Երիտասարդութեան մեղքը, որուն դիակը ընկղմած կը պահուի կեանքին ու սեռին յորդ ալիքներուն ներքեւ, յիսունէն ետքը քիչ-քիչ կ՚ելլէ վեր, դէպի երես: Ամէնօրեայ եկեղեցին, գիշերային պատմումները, մահուան մօտիկութիւնը մշտական տեսիլքի մը պէս մեղաւորին աչքին կը բռնեն մեղքը, որ կ՚ուժովնայ ու մինչեւ հոգեւարք կ՚ամբողջանայ իր ուրուային շէնքին վրայ: Այդ է պատճառը, որ հոգին յանձնելու գործը երբեմն օրեր կը տեւէ: Սամիկ Սամունը մօտեցա՞ծ էր դրան:

 

Հագաւ կրկին վերարկուն, որով մէջտեղէն կը վերնային բորոտ, ահաւոր անոր թեւերը: Բաց` աչքերը: Առաւ գետնէն բողկը, պարպուած իր յուռութքէն: Դէպի պարզ պատմումը անիկա եղաւ հանդարտ: Ըրաւ ատիկա, մարդկօրէն, սատանային ճիտին փաթթելով ամբողջ բեռը իր արարքին: Այս յաւելուածով` անիկա լրացուց ինչ որ դեռ կը մնար թերի այս ամէնէն: Իր գաղտնիքը իր առջին` անիկա կը նմանէ ր մերկացուած պառաւի: Եղկելի ու արգահատելի հաւասարապէս: Քառորդ ժամը բաւ է եղեր, որպէսզի մարգարէ, եօթն հեղ սուրբ, աստուածամերձ գուշակ, սիրտեր կարդացող Սամիկ Սամունը կործանէր ի սպառ ու իր երիտասարդութեան ոճիրին վրայ, մնար ծնրադիր` ինչպէս աւերակներու ոգի մը, որ բզիկ-բզիկ փուլ եկած գեղեցիկ պալատի մը գետնամած սիւնին, կը նայի անթարթ ու չի հասկնար:

 

Ամբողջական ու յստակ այս տախտապարումը: Խօսելու ստիպուած էր անիկա դանակին տակը Միքայէլ հրեշտակապետին ու անոր նիզակին ներքեւ ընդունած միսին կտորները սեւեռուն մատներէն:

 

Քառս ու ն տարիէ ի վեր անկուշտ տզրուկի մը նման իր սրտին փակած սա գաղտնիքը այսպէս թափելով դուրս, անիկա մէկէն թեթեւ գտաւ ինքզինքը: Կարծես հոգիին խորէն վերցուած ըլլար դագաղ մը մեղք: Այս թեթեւացումը անդրադարձաւ տանջահար անոր դէմքին, ուր խաղաղութիւնը կը հանգչէր մարդկօրէն եւ ոչ հրաշալիին անկիւնէն: - Դա՞սը: Բայց պարզ էր անիկա: Աստուա՞ծ կը ղրկէր Սողոմենց տղան, թէ սատանան: Գիշերը պիտի տար պատասխանը այս հարցումին:

 

Սողոմենց տղան ապրած էր բաւական, գոնէ հոտուըտալու չափ իմաստը այս տրամին: Ու Սամունին մէկ պարբերութիւնը տարօրէն կը լայնցնէր պարզ այս պատահումը: Ծերունին կը հաւատար, թէ աշխարհքին ամէն մէկ քարին տակ կը հանգչէր իրենին նմանող ու աւելի ալ վար ողբերգութիւն մը: Մարդը գազան է, ու ամէն տեղ է անիկա: Ու անոր ճիրաններուն մէջ ժամանակը` խեղճուկ կտաւ: Դարերը դիւրին չէ, որ կը շրջու ին ու տարին, օրերու իր շղթային մէջ չի փախցներ առիթը: Անիկա ծովերէն անդին ու ծովերէն ասդին ով գիտէ որքա՜ն ձեռքերու մահ ու դանակ կը դնէ սիրականներուն մա՛նաւանդ դէպի սիրտը: Անսասան էր Սամունին վստահութիւնը այս կէտին: Անշուշտ դդում էին մարդիկ, հասկնալու այն զսպանակները, որոնք Չարիքը այսպէս հանդերձած էին մարդոց կրունկին: Անշուշտ մարդկային բան էր տակաւին հաւատալ պատուհասին, որ կը հաւասարակշռէր մարդերուն սա անսփոփ թշուառութիւնը, մեղքէն նուաճուելու ու երկինքէն չհրաժարելու դժնդակ ճակատագիրը: Ու արդար էր, որ իր քաւութիւնը սկիզբ առնէր դեռ այս աշխարհէն: Փարատեցան խոստովանանքին «անհանճար տրտմութիւնները» ու քաղցր հաճոյքի լայն երանգ մը կը մեղմէր անոր արտայայտութիւնը հետզհետէ, երբ սաղմոսէ սաղմոս, առակէ առակ անիկա մտաւ Աստուծոյ ճամբաներուն մռայլ բաւիղները: Զինքը մտիկ ընող մը պիտի սիրէր այս հաստատ, գեղջուկ միսթիքականութիւնը, որոշ հեռանկարով, շահով: Անիկա կը հաւատար իր ճգնութեան իմաստին: Արտակարգ պատահարները, անգամ մը միջոցին մէջ զետեղուելէ ետքը, կը թեթեւնան իրենց զարտուղի, վիրաւորիչ կողմերէն: Նախաոճիրը անշուշտ աւելի դժնդակ է, քան վերջազիղջը: Մտածման իր խեղճուկ գործիքը տանելով աւելի առաջ` Սամիկ Սամունը հաստատապէս գիտէր, որ մարդոց ստուարագոյն մասը թաթին ու շապիկին տակն էր մեղքին, որ դուրսի աշխարհին պատկերն է մարդէն ներս: Ա՛ն աշխարհին` զոր կը յօրինեն մեզմէ անհաս ուժեր, - հովն ու ձիւնը, կրակն ու ջուրը, շարժն ու պատերազմները: (Անուանեցի մեծ զսպանակները մարդոց, մինչեւ նոր ժամանակներու մուտքը): Ո՞վ էր հեղինակը այս չարիքներուն: Բայց ո՜վ` մա՛նաւանդ հեղինակը մեր իսկ ոճիրներուն: Ինչո՞ւ աս մէկը ծնի հեզ ու գողտր, ու ան միւսը` լիրբ ու գազան: Ինչո՞ւ աս ազգը ըլլայ անուշ ու հողը փոխէ ոսկիի, ու ան միւսը ըլլայ դաժան ու ոսկին վերածէ կուպր ու աղբի: Առտուն գառնուկի պէս տունէն դաշտ իջնող տղան, ինչո՞ւ, իրկունը դառնար անկէ գայլի կզակով: Առանց արատի, մօրը ծոցէն աշխատանքի դրուած պատանին, ինչո՞ւ, քանի մը տարուան մէջ, պլլուէր մեղքին ու տունին խաթունին ծոցը մտնէ՜ր: (Սողոմը նայեցաւ առջին): Ինչո՞ւ վարդի պէս անհուպ աղջիկը բացուէր պիղծ ու օտար ցօղերու, ու կինը խաբէր այնքան դիւրութեամբ ծոցի էրիկը, ուրանար մեղքը, լողար անոր մէջ ու մուշտակաւոր ժամ վազէր Ս. Հաղորդութեան: (Սողոմը կը նեղուէր): Կը խաբենք հեշտանքով: Կը սպաննենք սիրով: Կը ստորանանանք հաճոյքով ու վայելք, գեղեցկութիւն ալ կը դնենք մեր անձը խորտակող ամէն նուաստ արարքի մէջ: Բոլոր այս դատումները Սամունին մէջ վերացում ըլլալէ աւելի` համառօտում, եզրակացութիւններ էին բազմահազար դէպքերէ: Ե՞րբ` քններ ու դասաւորեր [էր] [306] այս ամէնը: Բայց մինակ ոճիր մը երբեմն յիսուն իմաստութիւն կը հերքէ: Անոր բառերէն կը պարզուէր, որ գեղը, մինչեւ իր խորագոյն ու նրբագոյն յուզումները, [307] կը մնար դեռ ողջ, այս մարդուն կաշեպատ միսերուն տակ: Ու տարիներու ճգնութիւնը բարակ փոշիով մը միայն ալեւորած էր անիւները անոր կիրքերուն, զսպանակները զգայարանքներուն: Ու գիտցէք, ողջ են գեղերը, այսինքն` թանձրագոյն մեղքերը մենէ բոլորին ալ մէջը, ո՛րը մետաքսով, ո՛րը քուրձով, հոտած կամ շլացիկ, որդնոտ կամ պուպրիկ, մանկամարդ կնոջ մը նման տարփաւէտ ու ծերուկի մը պէս պապակուն [308] դէպի սեռը, շրթունքը: Բայց մէկէն կ՚իյնար մարգարէական խստութիւն` թէ՛ ձայնին եւ թէ դատումին մէջը, երբ կը ծանրանար կիներու մեղքին: Իր ողբերգութիւնը ձգելէ առաջ ճակատագրին անիւին, որպէսզի գզուէր աղտոտ բամպակի պէս, անիկա կը զարմանար, ընդարձակ զարմանքով դեւին, որ մարմինն է կիներուն: Անապատականի դաժան վաւաշը դիւրին էր կարդալ այս կատաղի յարձակումին տակ: Անոր այդ գորշ ակնոցին տակ կը չքանային կիներուն արտաքին ցուցմունքները, գոյնէ, միսէ, աչքէ ու բիւրազան ուրիշ հրապոյրներէ ու կ՚ըլլային մէկ ու նման, - սեւն ու ճերմակը, շնորհալին ու անկէ զուրկը: Տարօրինակ էր, որ չխօսեցաւ իր կնիկէն, զոր ամէն օր հեղ մը թուքի մէջ կը խղդէր ածուխ իր միսին` ինչպէս հոգիին համար: Թէեւ ամէն օր ըլլար մտածած անկարելի այն պատահմունքին, որ տգեղութիւնն է կիներու վրայ, բայց նոյն ատեն անհուն ձգողութիւն: Ասկէ դէպի տարփանքը, բայց խելայեղն ու ոճրարարը ճամբա՞ն: Կայ անիկա ու անհաս են անոր ճամբաները մեր միջոցներուն: Չե՞ն եղած ճիւաղի մարմինով կիներ, որոնք ներշնչած ըլլան ամէնէն անըմբռնելի զգլխանքը: Գեղը շատ չի ծանրանար աղուոր կիներուն իր երգերուն մէջ, երբ կը գովէ գինովութիւնը զգայարանքներուն: Ու յայտնապէս կը շեշտէ արտասովոր համը, որ միսերունն է: Տխեղծը, տգեղը, ծուռումուռը, խեղը, նոյնիսկ խենթը կը գրգռեն անասնական կիրքեր: Այդ խօթացած մարմինները երբեմն գերաճուն զգայարանքի մը վրայ կը փոխադրեն հոգեկան ցօղը, արոմ ը (arome) ու ատով կը տիրեն, ստուերի մէջ թաղելով իրենց պակասները: Ու գեղը կ՚երգէ անոնց հրահրած հզօր խենթութիւնները: Բայց տխեղծ կամ ոչ, կինը պահեր ունի, որոնց ոլորտէն անիկա կ՚ազդէ` ինչպէս ճակատագիրը, այսինքն` կոյր ու վերջնական: Այդ պահերուն տղոց սիրտը աճած խմորի կը նմանի անոնց ափին: Եւ անոնք կը խաբեն ու կ՚ուրանան անպատում բնականութեամբ: Յիմար է մարդը, որ հաւատք կը դնէ փտած այդ նաւակին, կիներու ծոցին: Աւելի յիմար ա՛ն` որ անոնց սիրոյն մեղքի կը մտնէ՛: Վասնզի նոյն այդ հրաշքով, անոնց ծոցէն դէպի ոճիրը` ճամբա՜ն կամար է ոսկի: Տղաքը, աչքերնին մշուշ, կը մտնեն տակը այդ կամարներուն ու կ՚արթննան արիւնի, առնուազն աղբիւսի մէջ:

 

Քանի՛ կը խօսէր, ա՛յնքան կը բացուէր անոր հոգեկան հորիզոնը: Այնքա՛ն միւս կողմէն կ՚անձկանար հոգին Սողոմենց տղուն: Նոյն ատեն տեսակ մը տխուր, ծեծուած անկեղծութիւն, [309] անկէ` զոր մեղքի նոյն սանդին մէջ տրորուածները կ՚ունենան իրարու դէմ, [310] իրենց մենութիւններուն [311] կը պարագայէր այս խորհրդածութիւնները, կը գունաւորէր ու կը տեղաւորէր երկուքին ալ գլխուն: Մահամերձը դուրս է ձեւէն: Սամունը կրնար յանձնել իր հոգին մէկ գիշեր ետքը: Վճարուա՞ծ: Քաջութիւն էր պէտք նման ստուգութեան մը համար: Իր ետին` քառսուն տարուան միապաղաղ ճգնում: Անկէ աւելի վար` երկնանուէր պատանութիւն: Երկուքին մէջտեղը` ճարմանդ մը, սեւուկ կնիկի մը միսէն ու գերեզմանի մանրանկարներ: Բայց այդ ճարմանդը հզօր էր գոյնէն ու կը նետէր իր ցոլքը քառսուն տարիներուն ընդարձակ տափաստանին ու կը ջնջէր շնորհն ու իմաստը անոր պատանութեան: Անբաւակա՞ն ուրեմն իր աղօթքները, զրկանքը, հրաշքները, լուալու համար կուպրի որոշ այն փայլը, բանաստեղծ մը պիտի ախորժէր ըսելէ` փողփողումը, որ յատակն էր կազմեր անոր օրերուն, ու մինչեւ զղջումի սա տեսարանին: Սամունը պիտի չգիտնար ընթացիկ պատահմունքը, որուն համեմատ մեր ապրումները երբ ենթարկուին տեւողութեան միակերպ թմրումին [312], հարկադրաբար փոխուին պիտի իրենց հիւսուածային յօրինման մէջ ու պիտի հագնին ստուերամոյնքը մեր հոգեկան խարիսխներուն: Ա՛ն` որ քառսուն տարի հող է կործած բահովը կամ թիովը, հացն անգամ պիտի տեսնէ անոր երանգով: Ա՛ն` որ քառսուն տարի մեղքի մը մշուշին դէմ պաշտպանած է իր զգայարանքները, հանգիստն անգամ պիտի շփոթէ մեղքին հետ: Չաղօթելը մե՜ղք է: Ու Սամիկ Սամունը չէր գտած ճամբան, որ կը մաքրէ իր մեղքերը: Միակ իր մխիթարութիւնը, գիրքերն ու հեքիաթնե՜րը, որոնց մէջ իրեն չափ մեղաւորներ, նոյնիսկ աւելիներ, այսինքն` կուռքերու պաշտօն ընծայողներ: Աստուծոյ դէմ սատանային հետ դաշինք կնքողներ, եւ կամ ուրիշներ, իրենց մարմինը մեղքին աղբովը պարարելէ ետքը, իրենց հոգին ալ ժանգի կապողներ, որոնք ազատեր էին սանդարամետէն ու կուպրը կը փոխէին ոսկիի: Օրինակնե՞ր: - Ո՞վ աւելի շատ մեղք է հնարած, քան ինքը, սաղմոսերգուն: Ու մեծ սուրբերը հեթանոս դարերու, որոնք աշխարհքին համերէն իրենց ակռաները փտեցնելէ ետքը ինկեր էին անապատ ու փակած իրենց հաշիւը կեանքին հետ, անհուն վաստակով: Անառակ որդի՞ն: Անշու՛շտ: Ու բոլոր անառակները, Այս պատրանքը իր երկսայրի երեսներովը --դէպի դժոխք ու դէպի դրախտ-- անհրաժեշտ էր, որպէսզի, գերեզմանի մուտքին, քաղցր սփոփանքով, փակէր անիկա մեծ ողբերգութիւնն իր կեանքին, խորտակուած արշալոյսէն իսկ: Չեմ գիտեր ուրիշներ, այսինքն` Սամուն չեղողները ի՛նչ պիտի գտնեն իրենց աչքին դէմ, երբ երկու աշխարհներու սահմանագիծին կենան վերջին անգամ ու ջանան տեսնել: Սամունին ուժերուն աշխարհիկ նուազումին դէմ, յայտ է, որ կ՚աճէր միւսը, ա՛ն` որ իբր հեռադիտակի մը գլանէն կ՚առնէր շառայլները միւս աշխարհներուն, լոյսի ու կուպրի հաւասարապէս: Ու կ՚ըսէր անիկա, - Խոտն աւելի երջանիկ է, քան սիրտը ամէնէն երջանիկ մարդուն: Անցաւոր է աշխարհին վրայ ամէն բան, ամէնէն առաջ կնոջ մարմինը: Վնասակար է ուժգին ամէն ձգողութիւն, ամէնէն առաջ ա՛ն` որ կիներուն աչքէն ու յիշատակէն ողջ կ՚ապրի մեր մէջ ու մեզ խենթ կ՚ընէ: Ցուրտ է ձի՜ւնը, բայց տարիք կու տայ [313]: Ամէնէն ճերմակ կի՞նը, - փէշերով արցունք կամ փուռերով կրակ, կամ առու արեան եւ կամ փողոտում: Քիչ է Յովհաննէս Մկրտիչին անէծքը: Հեռու կիներէ՜ն: Հեռու մա՛նաւանդ անոնց պատկերէն, որ աւելի թունդ է, քան անոնց միսը: Վա՜յ անոր, որ կը հալածուի անոնց պատկերէն: Ու կ՚ըսէր Սամիկ Սամունը. - Հանգիստ թող ընեն ոսկորները, վասնզի կնիկներուն կրակը փոշի կ՚ընէ, երբ կ՚անցնի անոնց բաւիղներէն: Հանգիստ թող ընեն տղոց աչքերը, վասնզի անոնց մետաքսը կ՚այրի կիներուն բոցէն: Պղպջա՛կ` սա երիտասարդութիւնը, որուն վրայ այնքան կը դողդողանք: Պղպջա՛կ` քառսուն, յիսուն, հարիւր տարին` մարդու մը կեանքէն, ու դարերը ազգերու կրկէսէն: Սողոմենց տղան շփէր աչքերը, ու նայէր երկինք: Ու նայէր հօ՜րը, զոր կը տեսնէր ահա Սամիկենց Շմաւոնը, անուժ աչքերով, բայց կը տեսնէր հայլիի նման: Ու նեղն էր անիկա, Սողոմենց Հայրապետը, գլխիկը ափին ու խոր տագնապով: Զաւակը թաղող հայր մը միայն ատանկ ճիտը ծուռ նստէր պիտի իր տղուն հողքին:

 

-- Նեղն է երկինքը, Սողոմենց տղայ, - ըսաւ անիկա ու վերջացուց այս խռովիչ մենասացութիւնը:

 

Սողոմը երկու ձեռքերով ծածկած էր վրանները ականջներուն: Բայց շեփոր մը կը պոռար անոր մէջ.

 

-- Նեղն է պապադ, պապա՛դ, պապա՛դ…

 

………………………………………………………………………………………………

 

Երբ Սողոմենց տղան դարձաւ անտառին առանձնութեանը, արեւը հաւաքած էր իր լոյսը ճամբաներէն ու բարձրադիր գագաթներուն վրայ կարմիրները կը հոծնար: Հողին ու տերեւներուն [314] մեծ մսուքը ծայր տուած: Զարմացաւ փուշ-փուշ մսելուն: Կարծես պաղը ասեղ-ասեղ իյնար իր միսերուն: Ընթացիկ զգայութիւնները իր մէջ ենթարկուած էին տեսակ մը ձեւազեղծման, երկարումի, աղօտայնութեան: Ու խոր տրտմութիւն: Ու անդոհ` որ կը կանխէ մեծ կործանումները: Այս նուազումները [315] անիկա չկապեց լոյսի պակասին այն գլխաւոր պատճառով, որ ինքը մեծ, պայծառ կրակ էր այդ պահուն: Խախտուա՛ծ իր միտքին խարիսխներէն` ինչպէս մարմինին զգայութիւններէն, քալելով իբր մեծ քար մը, զառիթափն ի վար, անդո՜ւնդը: Շատ մօտիկն էր ան լրիւ խենթութեան: Հազիւ ուրուացաւ ելքին պատկերը [316], որ աղօտ թուղթի կտոր մըն էր, մօտիկը դրուած իր սա վիճակին: Ան կը քալէր կորաքամակ, մեծ բեռան մը ներքեւ: Ու անոր առջեւէն, Սամունին ողբերգութի՜ւնը, որ կը լեցնէր կիրճի ձեւով փոս իր ճամբան, յորդած հեղեղի մը նման [317] ծեծելով եզերքը. [318] ու արիւն ու թարախ էր իր քշածը: Ու հեղեղին վրայ` սեւ, սեւ անոր կնիկը, որուն արգանդէն սկիզբ կ՚առնէր սա տարօրինակ շարժը: Ու հեղեղին վրայ` միւսները, բանտի տղաք, իբր խլեակներ, նետուելով աջ ու ձախ: Ու հեղեղին վրայ Սողոմենց Սողոմը, մինչեւ դունչը առնուած պղտոր հոսանքէն: Ան չէր անդրադառնար, որ ժամեր տեւող այս գրեթէ կախարդապատում տեսակցութենէն ինչո՞ւ միայն կաղ, մէկ աչքէն կոյր ու «դեւ» այդ կնիկին պատկերը կը յամառէր բխիլ ու դիմանալ: Ո՞ր հրաշքը չքացուցեր էր սօսեսրահին մեծ, երկնային խռովքները ու իմաստալից դատումները ու վճիռները Սամունին, որ, գեղջուկի տարազով, կը բանաձեւէր մեծերուն, վաւերական իմաստուններուն փորձառութիւններն այս աշխարհէն: Քանի՛ կ՚իջնար, ա՛յնքան իր գերագրգռութիւնը կ՚աճէր: Երբ հատան լեռնային նկարագիրները ու բլուրներուն առաջին կորութիւնները գծագրուիլ առին, պատրաստուող մութը պատուհաս ու դժոխք ուրուացուց, բայց անյաջող` հակակշռելու առքը ներքին պատկերին: Սողոմէն վեր ուժեր տգեղ այդ կնիկին քով մէկ գիծի դրին Նալպանտենց հարսը: Այդ անկիւնէն, երկու նկարները կը ստանային ձգողութիւն մը, որ վեր էր իր ցարդ զգացածներէն: Այս շոգեւորման ընդմէջէն անոնք կորսնցուցած էին անձնաւորման տարրերը ու կը տպաւորէին իբր անանուն առեղծուածը անո՛ր` որ դարերը լեցուց ու պատասխան չունի դեռ…: Կէսօրուան թթաստա՜նը, հիմա ողնուած [319] նկար, ուրկէ վերցուցած ըլլան ոսկորները: Արտաքին աշխարհին այս գունաթափումը խոտոր համեմատութեամբ կը զարգացնէր անոր ներսին զարկերը: Անոր բոլոր անդամները, այսինքն` զանոնք գոյաւորող թելերը հրմշտուկին, նիզակումին տակն էին գերագոյն այն տագնապին, որ Սամունէն արձակուած անոր կնիկովը թափօրուող, բայց դէպի Նալպանտենց տունը գլուխ առած ամբոխ մը կ՚ընէր անոր հոգին բազմաբերան, բայց միակամ ու մահուան ու ողջակիզումի համախառնուրդ կրակովը կը ջահէր անոր ուղեղը սա մթնշաղին ու կը լարէր անոր թեւերը դէպի լայն պողոտաները արիւնին ու սեռին: Մտապատկերեց պահը, երբ անոր, Նալպանտենց հարսին մերկութիւնը արիւնով ներկելէ ետքը, պիտի տար կրակին ալ սրբագործ հերկին…: Բայց անիկա կը զարհուրէր իր իսկ ցաւէն: Քանի՛ կ՚իջնէր դէպի գեղ, ա՛յնքան կը ճշդուէր այդ տագնապին թնճուկը, - արիւնի ու կրակի առաձիգ կծիկ մը կը կլորնար անոր ուղեղին մէջ, շինուող կայլակի մը նման, որ փլէր ինք իրեն: Ոճի՞ր, ի՛նչ որ կը կաթէր անկէ: -Անշուշտ, քանի որ, ինչպէս կախարդական կճեփէ [320] մը, այդ կծիկէն կը բերէր Նալպանտենց հարսը, այնպէս սրտառուչ, այնպէս քաղցր, որ մեղրի համ մը կը հոսէր երակներն ի վար, քիչ ետքը վերածուելու համար կծու, այրող ուրիշ թելի, դարձեալ Նալպանտենց հարսէն, այս անգամ լիրբ, հեգնող, [321] իր «բերանը փաչատելու» համար լուսէ մատները կորաձեւ երկարելով դէպի անկիւնակապերը իր շրթներուն: Դպաւ անիկա բերանին, վանելու համար պիղծ հպումը: Ոճի՞ր` ինչ որ կը կաթէր այդ կծիկէն: Անշո՛ւշտ, քանի որ հաճի Աննան կը փրթէր անոր մէկ ուրիշ ծայրէն, ու Երուսաղէմ, Ս. Յարութիւն, Ս. Մսուր պագած իր բերանովը աշխարհին աղբն ու որդերը կը տեղար աղքատներուն, անօթիներուն, հոտած բերաններուն: Ոճի՞ր, անկասկա՛ծ, երբ այդ կծիկը կ՚ըլլար նոյն ատեն Նալպանտենց Սերոբը, որուն ձեռքերը կ՚երկարէին մինչեւ հարիւրապետներն ու թուրքերը…: Սամուն, երկինք, դժոխք` բոլորը նետուած երրորդ, չորրորդ փլանի:

 

Մութը ինկած էր ա՛լ, սեւ, անանց[ան]ելի ձիւնի մը նման ու գերեզմանի ճերմակ քարերն իսկ հազիւ իրենց երկար, քառանկիւն պատանքները կարող էին ազատել, ձեւաւորել անոր հաստ շղարշէն: Գե՜ղը` ներքի՛ն, դեղին ու դողդոջ լոյսերու ցան մը միայն, մութին վստահած վայելքն ու դաւը, համբոյրն ու ողջակէզը, միսին [322] ու ուղեղին ամբողջ խաչելութիւնները: Գե՜ղը` ներքի՛ն, բարի ու գողտր անուններու ձեւեր, քոյր ու պզտիկ եղբայրներ, նշանած ու դեռ հազարաւոր պատկերներ, մեծ մասը մարդոցմէ, որոնց նայեցանք օր մը ու անցանք: Ինչո՞ւ մտած էր մահուան տունը, երբ իր սրտէն պրկուած ջիղերուն համար երկնային հեղումները անժուժելի պիտի գային: Չհարցուց սակայն այդ ինչուն, երբ իր սրունքները ցատկեցին պարիսպը «մահուան դաշտին»: Լեռնէն դէպի գեղ անոր էջքը խուլ սպառնալիքին տակն էր գայլերու զոյգին, որոնք կը հետեւէին անոր, կանխելով ալ զինքը երբեմն, անկիւնադարձներուն, բայց զգուշանալով մօտենալու անոր դաշոյնին հասողութեանը մինչեւ: Ի՞նչ կ՚ուզէին «չարագործ գազան»ները, գործածելու համար Յակոբ Նահապետին բառերը: Լեռներէն դէպի գեղ անոր էջքը ձգողութեան տակն էր գնչուներուն կրակին, որ գերեզմանին աջին, ընդարձակ արօտէն կը փայլէր ու կը տժգունէր, բայց կը պահէր, ամբո՛ղջ, անոր աչքերուն դիմաց, նկարը խռովիչ գուշակին, որուն ցոյց տուած ճամբան սկիզբ կ՚առնէր Ս. Ըռըստակէսի սօսիէն: Ո՞ւր: …Միւս կողմէ` նոյն այդ էջքին ատեն, անիկա ատեն-ատեն, ունեցեր էր, այդ աչքերուն առջեւ պաստառի մը կտորը, ուր ոսկեդիր կը վառէին Սամիկ Սամունին վերջին բառերը, կայծկլտուն, երբեմն մեռելային կապտութեամբ յատակի մը վրայ: Ու այդ կտաւը այդպէս բռնկած, կը նոյնանար անոր մէջ տեսիլքի մը հետ, զոր կը յիշէր ունեցած ըլլալ ընթերցումէ մը, ասանկ սեւաւոր գիշեր մը, պատերազմէ մը առաջ - այսինքն` արեան ծովէ մը առաջ -, առաջին քրիստոնեայ կայսրը, երբ խաչին քառաթեւը կը գտնէր մութերուն ալքէն: Կիներու հաւաքոյթի մըն էր ըրած այդ ընթերցումը: Օ՜, ի՜նչ տգեղ էին անոնց դէմքերը, երբ կու լային, պառաւ ու փտած: Յանկարծ սարսռաց անիկա: Այդ մռայլ խաւերէն անիկա ինչպէս զատեց աչքերը Նալպանտենց հարսին, որ այդ օրը թաշկինակ չունէր ու արցունքին ասպարէզ էր տուեր դողալու վարի թարթիչին ու ուշանալու վառ շարին վրայ անոր այտերուն: Ո՜վ անգթութիւնը մեր յիշատակներուն, որոնցմէ դատապարտուած ենք հանդուրժելու մեր ամէնէն տխուր տառապանքները: Չի բաւեր ըսել ասիկա ու անցնիլ անդին: Պէտք է դիմանալ անոնց, երբ կը նախատեն, կը գրգռեն մեզ ու ներկան հերքելով աւելի դաժան կը դառնան: Բերէք ձեր աչքին աղջիկը, զոր սիրեցիք, անյիշատակ օրեր առաջ եւ որ քանդակուեցաւ ձեր ուղեղին, ա՛ն` որ հիմա, դժնդակ պառաւ, կը յամառի իր շապիկին, հին խորխին դառնալ, այդ փլատակ հանդերձանքով: …Ինչե՜ր էին Սողոմը գերեզման քշողները: Իբր թէ տուն չունենար: Գեղացի չըլլար միւս բոլորին պէս ու լեռնէն իջնար: Իրողութիւն էր, որ անոր մէջ կանգ առած էին կենցաղի ընթացիկ երանգները: Յետոյ գտաւ, որ անոր այս պահը տիրակալուած էր մեռելհարցային ընթերցումով, «բորոտ» մատեանէն: Հօրմէն օգնութի՞ւն: Չենք հաւատար, բայց կ՚ընենք դեղերը մեր մահը վճռող բժիշկէն ալ ետքը: Ու անցաւ աչքերէն ճիտը ծուռ հայրը, նստած իր տղուն հողքին, ինչպէս ուրուագրած էր Սամունին տեսիլքը ու ինչպէս կը կարծէր ինք նշմարած ըլլալ յառնող Սամուէլին ստուերէն անդին: Ինչո՞ւ: Որո՞ւ հողքին: Մինչեւ այդ կէտը` անիկա չէր իսկ խորհած ոճիրին հետեւանքներուն: Բռնուի՞լ: Կախուի՞լ: Բայց րոպէ մը միայն ինկաւ անիկա տխրութեան այդ մտապատկերին: Ողջ ըլլային լեռները, որոնց կռնակը մինչեւ Ճերմակ ծով կ՚իջնար: Յետոյ` սպանութիւնը գեղին ընտանի հանդէսներէն կը նկատուէր ա՛լ: Թուրքերը չէին նեղուեր սպաննողէն, հերիք է որ սպաննուածը ըլլար հայ: Կը մտածէ՞ր, թէ այս մասնայատկութիւնները պէտքի մը հպատակելով կը ներկայանային անոր մտքի դաշտին: Անիկա խանգարուած կը զգար, արտաքին ու ներքին աշխարհներուն մէջտեղ, ա՛յն հաւասարակշռութիւնը, որով կը զանազանուի խենթութենէն ամէն մտայղացք: Կը քաշէին, վերը վար կ՚ընէին իր մէջ ամէն բան, անտես` բայց զգալի ուժեր: Ու սատկելիք, գազան պատկերը կրկին, հզօ՛ր, ցնորաբեր, որ ուղեղին մէջ պտուտքելէ ետքը ճամբա՛յ ինկաւ դէպի ողնայարը, անկէ` բոլոր ջիղերը: Անիկա գալարեց ինքզինքը, ինչպէս տենդի մը մէջ մէկը, որ կին մը կը փաթթէ, կտրուած իր խելքէն` ինչպէս մարմինէն, - րոպէական սարսուռ ու թրթիռ, որով կեանքին մեծ առեղծուածը իր սուտը կ՚օծէ ու մեզի տանելի կ՚ընէ մինչեւ իսկ դժոխքը: Այդ ուրականին թեւին տակ անիկա եղկելի մղեղ մըն էր, որ պիտի ընէր հոսանքին ճամբան, կրակէ գիծով դէպի տունը Նալպանտենց հարսին, սա գիշերասկիզբին, վառուած լոյսերով հացի սեղանով ու… անկողինով: Ո՜վ խեղճութիւնը մեր ոսկորներուն, որոնց պաշտօն է տրուած պատնէշ կենալ մեր ուղեղին հոսումին, իբր թէ գանկը պարիսպը ըլլար մեր գրոհներուն: Զինքը կը հրէին ետ, դուրս, ընդարձակ դուռէն ու կը խնդային: Կը հայհոյէին մօրը, հօրը ու բոլոր մեռելներուն…: Արտակարգ իր անձուկին մէջ` անիկա փաթթուեցաւ Սաւուղին դրուագին: Խոտի շիւղ մը երբեմն բաւ է կեանքի հեղեղ մը իր հունէն շեղելու: - Դիմել հօրը, անշուշտ անոր գերեզմանին վրայ, կանչել ուրուականը, դնել առջին իր տագնապը, բզիկ-բզիկ սիրտը իր զաւկին, լոյս, կամք, ուղղութիւն խնդրելու անկէ: Հաստատուն այս թերթը, անոր լոյծ ու խառնակ ուղեղին վրայ, փրկութեան կտաւ մըն էր, դժուար ճարուած առագաստ մը: Որոշում մը, որքան ալ ձախորդ, հազար հեղ աւելի կ՚արժէր, քան նեարդներէն լիխպ, տրորուող թոհուբոհը մեր ալեկոծ, խարխար [323] կամեցողութեան:

 

Գերեզմանատան պարիսպը ցատկած ատեն, հողին մնացած անոր կրունկը զգաց ժանիքը գազանին, որ ուշացած, հասեր էր միայն գուլպային: Դպաւ մատով ցաւի կէտին: Ոչ իսկ կաթ մը արիւն: Շփոթահար իր վրիպանքէն` գազանը սուզուեցաւ խրամն ի վար: Գայլերը անկարող են պատ անցնելու:

 

Պարիսպին վրայ, թեւերը մէջքին, վայրկեան մը կեցաւ անիկա: Սամունը, Սամուէլը, Սողոմենց Հայրապետը, գնչուհին ու Նալպանտենց հա՜րսը: Նոյն ձեւն էր, որ կը փոխուէր անոր ներքին աչքին տակ:

 

Ո՞ր ձեռքը կը բերէր այս իրարու օտար ստուերները ու, իբր մէկ արմատէ բխում` կ՚անձնացնէր զանոնք առանձին-առանձին: Յետոյ դարձաւ ետին, մէկը սպասողի յստակ սուզումով: Եկաւ ա՛ն ալ, բանտի իր ընկերը, տժգոյն ու բարի, ոճիրին աղիքներովը կապկպուած: Աչքին գոց վարագոյրին տակ այս մարդերը ունէին պարագայական կնիք, ամէն մէկը շալկած իր նպաստը, ու տրամադրող անոր:

 

Հաստ ու աստղոտ գիշեր: Մէկ թեւովը բլուրը գրկած, միւսով բանալով պարեգօտը: Վարը, Սողոմին ուսերուն, ընտանի բերա՛ն, սեւ այդ գիշերը, բարի ու թելադրող, սիրուհիի մը պէս, որուն կը դիմէ մարդ, մահէն փախչելով: Գնչուներու վրանները` հեռուն, անշուշտ իբր բոց, զոր հով մը կը գզէր, ոսկի գզածին նման ու հրթիռով կը պսակէր աղօտած խաւարը: Ու բարակ ձայներ, տարերկրեայ, ամբողջ նուագ ու իգութիւն: Տիկ` որ ըլլար հեկեկանքը հսկայ գիշերին, այսքան մանրացած: Ու ծափ ու պար` որ խաւարին պորտին կը շինէին քաղցր հանդէսը հարսնիքին, անոր ամէնէն սրտառուչ մասին, երբ հարսնցուն կը հաւաքէ իր հարսնաքոյրերը, թաղին բոլոր աղջիկները ու մեծ ու պզտիկի ներկայութեան կը բանայ իր մարմինը անծանօթ հովին, պարելով աղջիկի վերջին պարը, այդ նուրբ, աննիւթ թրվռուքը միամիտ կոյսին, քանի մը գիշեր ետք ճաթա՛ծ իր գանձարանէն, ու եղա՛ծ հաստ, գրգռիչ հրաւէր: Կեա՜նքը, այս ցամաք հացին ու քուրձ վրաններուն մէջ: Բայց ինչ որ Սողոմը յուզեց մինչեւ աղիքները, սրտառուչ եղանակն էր ատիկա, ծանօթ իր տխուր գեղեցկութեամբը, ա՛յն` որ կը գովէր վրանակեանքը, անոր հոգէ քիչ ազատութիւնը, անոր աղջիկները ու ասոնց սիրտին մինակութիւնը, մա՛նաւանդ զգլխիչ, թուխ կիները: Սողոմին առջեւէն անցաւ գուշակուհին ու անոր ստինքներուն տարօրէն խռովիչ պատկերը, ձիւնի մէջ թաղուած լորի կտուցին նմանութեամբը: Ու երգը կը պոռար, կը պատգամէր քաղցրութիւնը

Թարմ հարսներու մարմինին

 

ու աշխարհին թագերէն ու անոր ոսկիներէն վեր կը դասէր նոր հարսի մը հիւսուելու, փաթթուելու աստուածային վայրկեանը: Ջերմ, ամբողջ միջոցը կնոջ մը միսին նման բաբախուն ընող այս երաժշտութիւնը գրեթէ խենթեցուց զինքը: Երգին ուժը կը քառապատկուի արձագանգով: Անիկա մոռցա՞ծ էր ինչու գալը հոս: Ու նետեց ինքզինքը ցած: Առաջին մտածումը եղաւ ճեղքել գերեզմանը ու մտնել գեղ, ներկայանալ Նալպանտենց տունը ու պոռալ քաղցրութիւնը, երգին նման, կիներու միսին…

 

Կակո՜ւղ` հողը: Շա՜տ, որքան չէր սպասեր: Լխպա՞ծ արցունքներովը ողջերուն, գուցէ մեռելներուն: Անիկա չայցուեցաւ գերեզմանները հսկող վախէն: Բայց հողը փոխեց անոր մտածման սլաքը: Կինը ուղիղ ճամբան է, որ մեզ հասկնալի կ՚ընէ մեռելը: Ու մեռելները սեռին հետ իրենց կապը չեն կտրեր: Ըսել կ՚ուզեմ ` կ՚ապրին մեր ջիղերուն վրայ, երբ մաշած չեն ասոնք:

 

Քալեց: Քարեր, գորշ կամ ճերմակ, աւրուած իրենց բիւրեղեայ ճարտարապետութեան մէջ, տպաւորելու չափ գերայոյզ տղան իբր շարժական բաներ, աչքին առջեւ քակելով իրենց ձեւերը ու ծռելով, ելլելու ճիգի մը մէջ: Հողքեր, ո՛րը թարմ, ո՛րը մաշած: Մութը, աստղերէն երակուած, անբաւական էր սրբելու յատակի այս խորտուբորտութիւնները: Մինչեւ ճամբան, որ գերեզմանը կը կիսէ` անիկա անցաւ առանց յուզումի: Երկու-երեք ոսկի վանդակ հարուստ տուներէ, պահ մը առին անոր յիշողութիւնը: Դպաւ մատովը նոր հարսի մ ը ձողացանկին, հարուստ գերդաստանի աղջիկ, որ մեռած արթնցաւ [324] կեսրոջը ծոցէն, էրիկը ջաղաց ըլլալով: Ու նմանութիւնը յիշեցուց Նալպանտենց Աղուորը, որուն պէս ամուլ էր անուանի հարսը: Անոր միտքը կոծեց կասկածը, կեսուրէն` որ կրնար խղդել անպտուղ արգանդը: Բայց քալեց: Զոյգ սօսինե՜րը: Տէրտէրին թախտը: Աղբիւրը, նուէ՛ր հաճի Մանուէլին, որուն աղջիկը փախած էր իրենց հովիւին հետ ու զրկուած «աշխըրքի մալ»էն ու առիւծի պէս նշանածէն: Անոր աջին, չորրորդ գերեզմանը: Նոր խնամուած: Մաքուր: Կռնակէն սեփ-սեւ: Հօրը գերեզմանն էր անիկա:

 

Շուարած` կեցաւ գլխուն: Իրեն օգնութեան հասաւ պահ մը դադրած երգը, որ կը պոռար բոշա իմաստութիւնը գեղին երեսին ու կը հրաւիրէր մեռելները պատմել վարերէն, իրենց աշխարհէն, թէ գիտէի՞ն աղբիւր մը աւելի անուշ, քան աչուկները նոր ժմնուկ աղջիկին: Ու կը խմէր երգը այս ակէն, որուն «մէկ կաթիլը բաւ էր մեռել մը ստիպելու, որ ձգէ երկինքն ու փախչի ասդին»:

 

Սո՜ւտ չէ, որ կ՚ըսէ երգը: Հա՞յրը: Չունէ՞ր խօսելիք իր առջինեկին: Իջաւ ծունկի: Դառն ծանրութիւն մը կը ժանգոտէր իր շարժումները: Վա՞խ, պրկո՞ւմ: Անիկա մտաբերեց, առանց ընդհատի, բառ առ բառ մռայլ ու խելացնոր ընթերցումը, որ կատարուած էր վերը, սօսիին ներքեւ: Սուր, չափազանց սուր անոր յիշողութիւնը, ձայնին հմայքէն յետոյ, կը մնար անոր երկրորդ շնորհը, բոլորէն ընդունուած` իբր շարունակութիւնը Սամունին պատանութեան: Այդ յիշողութիւնը, որ ձեւին, բայց մա՛նաւանդ անոր տակ օր մը բաբախած ու հիմա սառած յուզումին հանդէպ հաւատարիմ էր, տառապագին ընծայելու չափ յիշատակը, պիտի կազմէր, տարիներ ետքը, անոր հզօրագոյն նահատակութիւնը, կենդանի կրծումը, երբ պալատներուն ջերմոցներէն, թուրք իր զգեստներուն ու աշխարհին շքեղութեանցը մէջէն, անհաս ծարաւով պիտի պապակէր համն ու հոտը իր գեղին:

 

Ու առած աչքերը ափերուն մէջ - բնազդական վա՜խը, բոլոր տեսիլքներէն -, հողին ու կանանչին պաղ-պաղ հպումէն, վիրալից իր ծունկերուն մէջ թել-թել համրելով մզմզուքը շաղին, նեղուելով մա՛նաւանդ մէջքի դաշոյնէն, որուն պատենքէն ծայրագունդը կը կճէր փոսիկը իր աճուկին, անիկա, փլած, փոշի ու աղերսարկու` ուզեց պատգամը իր հօրը:

 

Զգաց, որ չէր խօսած: Ի՛նչ կը պահանջէր մեռելէն:

 

Նոյն ատեն խուլ սարսափ մը, ուրուացող կարելի պատահելիքէն, կ՚ամրանար ու կը բռնանար անոր սրտին անցքերուն: Ի՞նչ ունէր ուզելիք իր հօրմէն: Մեռելները ողջերէն, իրենց ողջերէն ոչինչով կը տարբերին: «Մրջոմին վրայ ոտք չկոխող» Հայրապետը ինչպէ՜ս պիտի դիմաւորէր արիւնոտ իր ծրագիրը: Կարկամած` դրաւ գլուխը անոր հողքին, - պա՛ղ, բայց այրող, որ հալեցուց անոր գանկին պատերն ու անոր ուղեղն ու մեռելը դրաւ իրարու հասողութեան: Անիկա գտած էր ըսելիքը: Պիտի դնէր ելլողին առաջ այն երկու տարին, որոնք դարձած էին հօրը հոս իջնելէն ասդին: Սպասեց անիկա լռին շրշիւնին, որով կը քակուին հողին բողկուկները ու ոստայնը, ճամբայ տալու համար վարի աշխարհքէն վեր ճամբորդներուն, հեքիաթներուն մէջ դրուած սրսփացնող իրապաշտութեամբ մը: Չղջիկ մը թռաւ: Ու անոր կոր ու սեւ ալիքը կլոր-կլոր կը բացուէր ու կը մօտենար: Քարերը երկարած ու պաղ, անոնց վրայէն եկող հովը կը բերէր այդ զգայութիւնը:

 

Ոչ մէկ շշուկ, առջեւի գերեզմանէն:

 

Հազարաւոր մեռելներ --մութը կը շատցնէ շատ բան--  իրենց այդ պաղուկ ու սեւ քունին մէջ, իրենց հող ու քար վերմակին ետեւէն կը տեսնէի՞ն կամ կը լսէի՞ն սա տղան: Անոնք կը մտածէի՞ն ցեխին, ճճիի խիւսին, որմէ շինուած են ողջե՜րը, գալ այսպէս պաղատելու համար չողջերուն: Անիկա վերցուց ճակատը հողէն: Յստակ, ուրուագին, պսա՛կը` սակայն վարդենիէն, զոր Սողոմին մօրը մատները տնկեր էին երկու տարի առաջ, դողաց քանի մը սարսուռ: Հո՞վ, թէ հողին շարժը դէպի վեր, փեռեկումը, ճեղք տալու համար մեռելին դէպի դուրս: Ականջներուն երկու փորուածքներէն` կորագիծ վե՜ր դէպի ուղեղը մաստ-ասեղի հզօր հարուածներ, արագ-արագ, ծեծելու համար խմորը անոր խելքին, թափ անցնելով միանալու համար գանկին ճի՛շդ կեդրոնին ու ցցուն` կախուելով անոր անբաւութեանը վերեւ իբր սայրը դանակին, որ պիտի ճեղքէր փորը Նալպանտենց հարսին: Գանկին այդ կէտին անիկա կարծեց զգալ երկաթ գլուխը մէջքի դաշոյնին: Ջիղերու տագնա՞պ, թէ զգայախաբութիւն: Բայց հողը մնաց խելօք ու վարդենին լռեց իր լռին երգէն: Գեղին վարերէն զիլ զուռնա մը փակլախորան ը կ՚ընէր երէկուան խնճոյքին ու կը զռար մինչեւ քիթը սա մեռելներուն:

 

-- Պապօ՜, պապօ՜…

 

Քիչիկ, բարձրացուց շեշտը: Ու անոր ատամներէն կ՚իյնար հեկեկանքը, կ՚ըլլար փսփսուք, կը տարտղնուէր փշուր-փշուր մեռելքարերէն [325], կը հեռանար, քայլերու [326] որոշ հոսում մը դողացնելով անոր գերագրգիռ ականջներուն կամ որոշակի ծծուելով խոտերուն բիւր լեզուակներէն: Ու դրաւ ճակատը հողին, առնելու համար ջերմութիւնը իր հօրը շունչին: Հողը կը մնար լուռ:

 

Միջոցին մէջ գնչու երգը կը հիւսէր հարսները, անոնց թեւերը նկարելով ճերմկուկ կրակ, որոնք մեր բերնին վրայ ձիւնին պէս կ՚այրեն ու մեզ խենթ կ՚ընեն: Ու գնչու երգը դանակին բերանով վարդեր կը քաղէր անոնց երեսներէն, որոնք մեր շրթներուն տակ արիւնն ու կրակը իրար կը շաղուեն ու մեզ կը կապեն մահէն ալ անդին: Ու բոց կը ժողվէր անոնց ծոցերէն: Ու լոյս կը վառէր անոնց ստինքէն: Ու անոնց կրունկներէն հոսումի կը հանէր տարփանքին առուն, արցունքի առուն: Դանա՛կ` մատները անոնց: Նիզա՛կ` նայուածքը անոնց, մազերը ուռկան: Այս պատկերները, իրենց միամիտ իրապաշտութեանը մէջ, մեծ արուեստին արժանի իրենց յաջողական [327] շրջագիծերով, սեփականութիւնն են Արեւելքի ժողովուրդներուն ու կը յայտնաբերեն անոնց մէջ արուեստի միակ զգայարանքը: Վասնզի կեանքը, հոն, փոխանակ ապրուելու` կ՚երազանայ, կը բիւրեղանայ: Տուները իրենց տխեղծ տրտմութեամբը զայն կը վանեն ու կը նետեն դաշտերը օդին, ուր երգին անտես արօրը կը հերկէ արիւն ու կրակ: Նստած ժողովուրդներու մէջ սիրային բանաստեղծութեան խորութիւնը պատահմունք մը չէ, այլ` բխումն իսկ ինքնասուզման: Ով որ, աշնան գիշերով, մտիկ է ըրած սիրահար տղան, մութին վրայ փռած ոսկի ու արիւն շղարշը իր տարփանքին ու անոր վրայ լողալու ու այրելու կանչած իր սիրուհին, շատ հզօր «եա՜րը», անիկա պիտի ճիշդ չափէ արտակարգ ուժը, որ գեղջուկ երգերուն ծոցը ծուարած կը հանգչի: Մնաց որ, անոնք բոլորն ալ ծնունդ են արիւնի, առնուազն սրտին: Տարին կը բուսցնէ զանոնք, ինչպէս իր խնձորները` տղոց ու աղջիկներուն միսին ածուներէն: Ու անոնք կը մեռնին, յաջորդուելով նորերէ, ճամբորդելով մարզէ մարզ, տաղաւարելով նման վիճակներ: Անոնց ընդհանրականութիւնը տարածուն կ՚ընէ իրենց ազդեցութիւնը: Շո՛ւնչ մը, սլա՛ք մը, - ու ահա բառերը պիտի ուռին ու քալեն, ու անոնց թեւին վրայ մարմինները, ապրող ու իրաւ, անուն ու տարիք, մերկ ու ջերմիկ, իրարու հիւսուած այնքան սերտ, այնքան խոր, որ մտիկ ընողը կը մոռնայ հողը իր ոտներուն տակ ու կը մտնէ խորհուրդին մէջը թռչուն քերթուածին: Մինակ տարփաւոր չեն այդ երգերը: Անոնք հէնք ունին ամէն ոստայնէն, որ կը փաթթէ մեր սիրտը, երբ ցաւին աչքը հասուննայ անոր մէկ խորշին ու մենք պարտկել ջանանք մերկութիւնը մեր ջիղերուն: Անոնք կը պատմեն կշիռքով:

 

…Ու գնչու երգը իր փոքրագոյն մաղը կը գործածէ չափելու համար համը այս աշխարհքին ու անոր անբաւ փառքերը, որոնք ափ մը փոշի իսկ չեն ճարեր երբեմն մաղին յատակին: Ու երգը կ՚երգէր կիները, ոսկիները, անգթութիւններն ու յաւակնութիւնները, արքաներն ու ստրուկները ու մեր ինքնավստահ ուռեցուորումները, բոլորը այսօր իրողութիւն, բայց քիչ ետքը հո՜ղ, անկարող նոյնիսկ ծածկելու ափ մը յատակը գնչուներէ հիւսուած մաղին, թէկուզ ամէնէն փոքրին: Ու ծափ ու պար, լռութիւնը աճեցնելով թեթեւ այս պատգամները կը բերէին մեռելներուն, որոնց ամէն մէկը բառ մըն է եղած հսկայ այդ երգին, այսօր ինկած գետին, բայց հաստատելով թաքուն իմաստութիւնը հողին…: Ու մա՜ղը` որ կը մաղէր արիութիւն ու կրակ, արիւն ու հաւատարմութիւն, խոստում ու [խոստմնա]պահութիւն [328]: Ու կը ձեւէր անիկա մահը, ուշադիր իր մկրատին, անփոյթ` կերպասին [329], որ թագուհիի [330] ծոց մը կամ փտած այտը կ՚ըլլար պառաւին. կամ քսանամենի թաւիշը` նոր բացուող տղուն ու անհուպ, անձեռագործ, բեհեզը հարսնցու կոյսին, այտերուն վրայ` թեւաւոր կրակ կամ դեղնած արիւն: Ու կու տար անիկա մահուան բաժակը բոլոր անոնց, որոնք սիրելու տեղ` կճել կ՚ախորժին ու կը գործածեն երկու ճամբաներ: Ով որ ետ կը ճամբէ իր սիրականը, անոր մատերը պիտի սառին ու փակին իր դուռին: Ով որ իր ծոցին մէջ կը խաբէ իր սիրտը, պիտի գորտ կրէ իր լանջքին ներքեւ: Ու մաղը կը ցանէր փոշի, մեռելներուն ու ողջերուն ու կը գծէր կախարդ բոլորակը, որ իրարու հիւսուած կ՚ընծայէ սրտերը մարդոց, դրուած վերերէն: Վա՜յ անոր գլխուն, որ կ՚աւրէ ճակատագրին բոլորակը: Անոր աչքերը, ողջ-ողջ, պիտի ուտեն հողին ճճիները: Ու կը սպաննէր, տարօրէն դիւրաւ, բոլոր ուխտադրուժները, անոնց պորտէն անցընելով վրիժառու նիզակը ու անոնց դիակը այրելով քարիւղին լեզուովը…

 

-- Պապօ՜:

 

Մղձուկ ու ջախջախուած: Երգը կը մատնէ՞ր զինքը:

 

Իր զգեստները ըսես նեղ եկան, գնչու երգէն ուռած իր սիրտին: Ճաթելու զգայութիւն մը մղեց անոր կզակները իրարմէ հեռու: Լալու անկարողութիւնը կ՚աւելնար իր տագնապին: Ու երգը կը զինէր, իր յորդորանքովը, անոր մատները դէպի պորտը բոլոր խոստմնադրուժներուն: Ու նոյն երկաթ գիծէն ձայնը զայն կը տանէր ծոցին, ծոցերուն ու անոնց ջերմին, որուն գոլովը մեռելներն իսկ կեանքին կը դառնային, դառնալու էին: Ողջե՞րը: Հարցնողն էր Սողոմը, որուն մտքին մէջ Զատկուան ժամ էր Աղուորին ծո՛ցը: Մէկէն այդ պատկերը խարանումի պէս բան մը անցուց իր կարգ մը կեդրոններէն: Կափկափեց անիկա այդ զգայութեանց խթանին տակ: Գերեզմանը, զայն լեցնող մութը, վերի աստղերը, երգն ու գնչուներուն իմաստութիւնը դադրեցան ու անոր մէջ, ինչպէս խառնարանէ մը, տարփանքին լաւա՜ն, պայծառ, ծխաշունչ: Որ կը քալէր ու կ՚ուտէր, բայց չէր հատցներ: Յիմա՞ր էր, գերեզման գալու այսպէս: Շո՜ւտ: - Նալպանտենց տունը: Անիկա կը կարծէր լսել շշունջը այս բառերուն ու մութն ու վարդենին մաս ունէին այս փսփսուքէն:

 

-- Պապօ՜, պապօ՜:

 

Չղջիկը:

 

-- Ինչո՞ւ [331] թողուցիր տղադ:

 

Չէր լար:

 

-- Պորտէ՛ն կռնակը:

 

Հողը մնաց լուռ:

 

Այն ատեն ելաւ անիկա ոտքի:

 

Թօթուեց ծունկերէն հողի կաթիլները ու անոնք պաղ էին` ինչպէս քրտինքը մահամերձ հօրը ճակտէն: Զիստին փոսիկէն հրեց վեր դաշոյնը, որուն գլուխը ելաւ դուրս գօտիէն, ու անոր մէջքը` ինչպէս հոգին, րոպէաբար վերածեց երկաթի: Տեղը եկաւ իրեն աւելի բաց, քարերն ի վար թեթեւ ծփանքով ու շարքի անցած մեռելներու հանդէսով մը: Հո՜վ` որ մօտի սօսիներէն տարօրէն դաշն հեծկլտանք մը կը լայնցնէր ու անոնց բոժոժիկներու [332] խուլ նուագէն կը հանէր հնչական մեռելական դաշնակութիւն [333] մը: Անցան այդ բեկորները Սողոմին վրայէն, կաթ-կաթ թափելով վրան ինչ որ անվերջ ժամանակէն մեռելները ունին հանած ու յանձնած ծառերուն ու օդին: Գեղին դիէն զուռնան, որ պարի կը հանէր աղջիկներն ու հարսները: Սողոմենց տղա՜յ, - ըսաւ ինքնիրեն, յիշած էր Աւետարանին մէկ համարը, որ աղուէսներուն ու գազաններուն որջ, թռչուններուն բոյն կը շնորհէ, բայց Մարդու որդիին կը զլանայ տեղ մը գլխիկը հանգչեցնելու: Սողոմենց տղա՜յ, այսինքն` կտոր մը հում միս, որ պիտի փտի թուքին, մուրին մէջ, ճիրաններուն մէջ սեւ աշխատանքին: Ու պիտի թոռմի ո՛չ ինչպէս ուրիշները, այլ` նման առագաստին, որմէ փախած ըլլայ իր հովը, այլ` նման ծաղիկին, որուն առէջին կարիճի խայթ մը ըլլայ հեղ[ու]սուած: Պիտի թոռմի, սրտին` դաշունուած երա՜զ մը յիմար:

 

Աստղ մը փրթաւ, փշրուեցաւ ու մեռաւ:

 

-- Տէ՜ր երկնաւոր:

 

Իր շրթները ըսին, [334] բայց ոչ՝ սիրտը:

 

Կ՚ըսեն, թէ կան պահեր, ուր այդ երկինքին բաց կ՚ըլլան դուռները: Ու եղած են մարդեր, որ լսած ըլլան արձագանգը Կապուտւորին, մեր ժողովուրդին համար այնքան յստակ այս պատկերին: Ո՛չ հողքէն, որ փշրուած հող էր հիմա Սողոմին աչքին, ոչ ալ կործանած աստղին Աստուծմէն չեկաւ շշուկը, թեթեւ իսկ ցուցքը, որ միջամտէր անոր անյուսութեան, տարփանքին, կարօտին ու կատաղութեան սա համախառնուրդ ջուրերուն ու անոր կամեցողութեան ասեղը դարձնէր արիւնէն, ոճիրէն ասդին: Բանականութի՜ւն, որքան յիմար ես դուն: Ինչո՞ւ չըսիր ատ տղուն, որ Նալպանտենց հարսը, որքան ալ հզօր, պիտի չարժէր ինչ որ որոշած ես զոհելու: Ու ինչո՞ւ չես ըսեր, դեռ մինչեւ այսօր, հազար-հազար այն տղոց, որ, աշխարհի բոլոր ծագերէն, կ՚ընեն զոհը իրենց անձին նման պատրանքի:

 

Եղաւ այրող այն լռութիւնը, որուն ընթացքին հոգին լուսաւորող զոյգ մոմերէն մէկը կը հանգի: Գեղ, բարք, տուն, որբերը, մայրը, ու դուրսի աշխարհք ըսուած քաղցր երազն ալ հալած էին անոր բոցին մէջ: Սկսաւ վառելու միւսը, սեւ ատ մոմը, զոր մահուան անտես ձեռքը կը բռնէ մեր կամքին քարայրը: Խուզարկեց Սողոմենց տղան հորիզոնները: Ո՜չ իսկ ամպ մը: Ո՞ւր էր ան Աստուածը, որ խոտերուն իսկ սիրտը կ՚իջնէր երբեմն: Անոր ուղեղը հարթ սենեակն էր, բոլորովին մերկ, սեւ մոմը` կեդրոնին, որուն բոցը դաշոյնին լեզուն կը ձեւէր հրդեհին խորքէն: Ու ատ դաշոյնը տեսանելի էր ու օձեղէն սլաք:

 

-- Տո՜ւն:

 

Հնչեց անոր ձայնը, խուլ ու կճրտուն:

 

-- Նալպանտենց տո՛ւնը, - լրացուց ուրիշ մը, որ չկար, բայց տարօրէն իրաւ արտասանեց չարագուշակ բառերը: Դուրսէն ըսուած ըլլալու այս տպաւորութիւնը այնքա՛ն զօրաւոր էր, որ Սողոմենց տղան սառեցաւ: Ոչ ո՜ք: Միջոցը` միջոց: Աստղերը` հանդարտ: Մութը` բռնկած, բոցերէն, երգով ու կրակով: Գեղը` անորոշ մշուշ: Ձորակին վրայ, շնագայլերու մելամաղձոտ ողբ մը, որ անասնային իր կարծրութիւնը կ՚ողորկէր, օդին մէջ, հեռուներէն գալարուն: Զգաց, որ իր շարժումները կը տպաւորէին զինքը տեսակ մը կրկնութեամբ: Թե՛ւը` մէջքին մէջ զոյգ: Մա՛նաւանդ քայլերը, որոնք շատ յստակ հնչեցին երկրորդէ մը ինչպէս: Ո՞վ: Կը վախնար հարցումէն աւելի պատասխանէն: Առաջին անգամն էր, որ մտապատկերը այսքան ուժգին կ՚առարկայանար: Անիկա գրեթէ ընկերացուած էր բանտի տղայէն: Օրուան մը ընթացքին այս մռայլ պատկերին մինչեւ սա դիմացկունութեան ելլելը անիկա շահագործեց տխուր միամտութեամբ մը: Չեկող հօրմէն ու լուռ Աստուծմէն ետքը, այս ինքնամատոյց նպաստը կը վճռէր անոր ճակատագիրը:

 

Հրուած կռնակէն  --ի՜նչ պայծառ ցաթեց սրբազան պատմութեան միամիտ նկարը, որուն մէջ հրեշտակ մը երկու ձեռքերը դրած նախածնողներու կռնակին, դուրս կը մղէ զանոնք դրախտէն, դուռին բացուածքէն ընդառաջող դէպի սատանան ու ցաւերը մահով կեանքին--, բայց առանց սայթաքումի, կճուելով պատահական խոտերէ, անցաւ անիկա գերեզմանի բացատը, որ մեռելներու չի պատկանիր: Փոխանակ դուռին, այդ ճամբան կը հանէ պարիսպին այն կէտը, ուրկէ վար ձորակը մատչելի կ՚ըլլայ դէպի Մեծ արօտավայրը, հո՛ն` ուր գնչուներ կը մակաղին ու տղաքը կը խաղան իրենց ամէնէն ընդարձակ խաղերը:

 

Ինչո՞ւ այդ ուղղութիւնը եւ ո՛չ դրանը: Անիկա չհարցուց իր քայլերուն, որոնք ուղեղին տեղը կը բռնեն երբեմն մեր ամէնուն ալ մէջը:

 

Ցատկեց պարիսպին վրայ, շատ աւելի խեղճ իբր հոգեկան շաղախ, որքան չէր անիկա ներս մտած պահուն: Կը տառապէր այն որոշ զգայութեամբ, զոր պարապ մը կը ստեղծէ մեր մէջ, երբ ամէնէն աւելի կարօտ ենք լիութեան, բանով մը գոնէ բռնուած ըլլալու գիտակցութեան: Որոշ էր, որ լքուած էր Աստուծմէ, որուն ահը, Աջը այնքան հեղերու հասած էր իր գիրքերուն մէջ: Յետոյ` քաղցր մելամաղձութեամբ խորհեցաւ դժոխքին, զոր շինած էր նոյն Ամենակալը եւ որուն բնակիչները շուներէն չէ, որ ընտրուէին պիտի: Ու այդ ուղղութեամբ անիկա իջաւ մեղքին, մեղաւորներուն ու այս ամէնուն մէջ Անոր մեծ կամքին: Ու նմանցուց անիկա Մեղքը ճակատագրին: Զայն պիտի ընդունինք, պարտաւորուած, երբ զարնէ մեր դուռը: Գերեզմանը ձգելու կէտը մինչեւ` անիկա այցուած էր պատանութեան հզօրագոյն խորհուրդէն: Աստծոյ ու միւս աշխարհին տարօրէն ջերմ ու շօշափելի զգայութիւններէն, որոնք գեղերուն մէջ հացին ու մեղրին ու եղին չափ իրական են պարզ այդ սիրտերուն համար: Այն տղան եղաւ անիկա, որ իր սքանչելի ձայնովը, մարմինէն քակուած, հոգիին համար ծիրանի գօտի մը կը ձեւէր երկրին ու երկինքին մէջտեղը, երբ «Ի վերին Երուսաղէմ»ը կ՚եղանակէր դագաղներու գլխին: Մնաց որ, ամէն մարդ գերեզման կը մտածէ քիչ մը, նոյնիսկ օր-ցերեկով, երբ պտոյտով ալ անցնի հողքերուն ընդմէջէն:

 

Անիկա լքուած էր նաեւ հօրմէն, քանի որ չելաւ իր դամբանէն: Որուն ուրուականը պիտի չվարանէր դանկըտելու, եթէ ասիկա հետեւէր տղուն, պարիսպէն դուրս, ինչպէս կը յանձնարարէ ժողովրդային փորձառութիւնը: Մեռելները փորձանքի համար միայն կը ձգեն գերեզմանին շրջապատը: Թաղերուն ու աղբիւրներուն, տուներուն ու, մա՛նաւանդ` ախոռներուն մէջ անոնց հանդիպումը չարագուշակ է:

 

Գայլե՞ր փախան, թէ իրեն թուեցաւ այդպէս: Խրամի էջքին սատակի զօրաւոր հոտ մը զինքը կեցուց: Գնչուները գեղին սատկելիք կենդանիները հոդ կը ձգէին, քերթելէ ետք: Բորենինե՞րը: Անշո՛ւշտ: Դարձաւ կրունկին, ու պարիսպին գիծով իջաւ ճամբան: Պարտէզը, անոր այն քի՛թը, ուր նստեր էին Ուստիանին հետ: Պահակին հետ Նալպանտենց տրա՜մ ը:

 

Կեցաւ այդ կէտին: Երկուք էր ճամբան: Ա՛ն` որ լեռ կը տանի: Ա՛ն` որ գեղ:

 

Մահուան ու կեանքին մէջտե՜ղը:

 

Ու գտաւ իր քով բանտի ընկերը, գոլի նման, բայց որուն գիծերը հաստցեր էին: Իր շու՞քը: Չկրցաւ զատել: Բացուեցաւ անոր մտքին Նալպանտենց տունը: Ծոց ու արիւն, կին ու կրակ: Այս պատկերը, ցուլի մը աչքին դէմ բռնուած կարմիրին նման` շղթայազերծեց անոր մէջ գազանը:

 

Ոսկոր, միակտուր, պողպատ: Առաւ անիկա գեղ տանող թեւը ճամբուն:

 

Ու անոր առջեւէն, ինչպէս կրակի ժապաւէն մը, կը քալէր իր երդումը:

 

-- Հունտէն հատցնել Նալպանտենց տունը:

 

Ու անոր ետեւէն, պողպատ քայլերով, իր արձագանգը, բանտի ընկերը:

 

Գիշերը կը քալէր Սողոմէն դանդաղ:

 

 

 

ՎԵՐՋ Ա. ԳԻՐՔԻՆ

 

 

 

 



[1]            պարտադիր լրբութիւնը -- ?

[2]            հասնելուն  ?  հասնելու ?

[3]            զանոնք ?

[4]            ջնջ. ստորակէտ

[5]            այցելուած, սրբագրուած այցուած

[6]            նուիրանքին, սրբագրուած՝ նուիրանքէն -  ?

[7]            հաշուոյն, սբրագրուած՝ հաշւոյն

[8]            Ծնթ. - Եալովա - Մարմարայի պոլսահայեաց ափունքին նաւահանգիստ, որուն կռնակի լեռնաշղթան բազմաթիւ հայաբնակ գիւղեր կը պարունակէր:

[9]            յաւելում ստորակէտի

[10]          զօրութիւնը, սրբագրուած՝ չորութիւնը - ?

[11]          յաւելում ստորակէտի

[12]          յաւելում միացման գծիկի

[13]          կը հետեւին, սրբագրուած՝ կը հետեւէին

[14]          հեռու, սրբագրուած՝ հերու

[15]          Ծնթ. - պարկենք՝ պատկեր: Փոխաբերաբար՝ շատ գեղեցիկ:

[16]          մեծագարութեան, սրբագրուած՝  մենագարութեան

[17]          գղիաթ, սրբագրուած՝ գզիաթ

[18]          Տեսաւ, սրբագրուած՝ Տեսան

[19]          փոքրութիւններէն ?  փորձութիւններէն ?

[20]          sic Օշական՝ տղաձգան (այլապէս՝ տղացկան)

[21]          ջնջ. ստորակէտ

[22]          ջնջ. ստորակէտ

[23]          Մարդի՞կ, սրբագրուած՝ Մարտի՞կ [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[24]          ճանչցան, սրբագրուած՝ ճանչցաւ

[25]          յաւելում ստորակէտի

[26]          դրուած, սրբագրուած՝ գրուած ?

[27]          կը փախցնէին, սրբագրուած՝ կը փակցնէին ?

[28]          ներս ?  սերտ ?

[29]          ջնջ. բառեր՝ Անծանօթ գիծերով:

[30]          կենսանիւթին, սրբագրուած՝ կենսահիւթին

[31]          անհասելի ? անհասանելի ?

[32]          անհունութինը, սրբագրուած՝ անհունութիւնը

[33]          Ծնթ. - սմսեղ - խեղճուկ

[34]          ծովը ?

[35]          մեղմելու ?  մեղմող ?

[36]          Ծնթ. - սառտուածը՝  մաղուածը

[37]          դրաւ, սրբագրուած՝ ըրաւ

[38]          ջնջ. ստորակէտ

[39]          դուռներուն, սրբագրուած՝ գուռերուն

[40]          Ծնթ. - ալանկ՝ հրապարակ:

[41]          Ծնթ. - գոռել - գերեզմանը ձգած ու պտոյտի ելած թուրքի սատակ, որ շունի եւ ուրիշ կենդանիի մարմինը հագած` կը հետեւի, գիշերը կէսին, գերեզմանի մօտէն անցնող ճամբորդին:

[42]          յաւելում միացման գծիկի

[43]          կրակոյտի, սրբագրուած՝ կրակոյտէ

[44]          յաւելում բութի

[45]          Գայթակղութենէն, սրբագրուած՝ Գայթակղութիւնը

[46]          չոր, սրբագրուած՝ զոր

[47]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[48]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[49]          ամէն ատոնք   ?

[50]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[51]          սառած, թերմաշ  ?

[52]          յաւելում ստորակէտի

[53]          յաւելում միացման գծիկի

[54]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[55]          շառուկնոց  ?

[56]          գայլախաղի, սրբագրուած՝ գայլախազի: [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[57]          տունը, սրբագրուած՝ տունէն ?

[58]          գեղին, սրբագրուած՝ գեղէն

[59]          ջնջ. բառի՝ գեղին

[60]          արձանանան, սրբագրուած՝ արձանանային

[61]          պատատում ? պատառում ?

[62]          յաւելում բութի

[63]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ:

[64]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[65]          իրարու կը թափէր  ?

[66]          փակեց, սրբագրուած՝ չփակեց  -- ?

[67]          աղան, սրբագրուած՝ տղան

[68]          հաշուոյն, սրբագրուած՝ հաշւոյն

[69]          ջնջ. ստորակէտ

[70]          մէնէ, սրբագրուած՝ մենէ

[71]          ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[72]          յաւելում միջակէտի

[73]          Ծնթ. - շարքի - ձգձգուն եղանակով սիրերգ:

[74]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[75]          պատահական ծերութիւն մը  ?

[76]          անհոս [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[77]          կը վայլէ, սրբագրուած՝ կը վայելէ

[78]          միջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[79]          Ծնթ. - շնծեր՝ վաւաշոտ ծերունի

[80]          գղիաթ, սրբագրուած՝ գզիաթ

[81]          որ զայրացուցած էր ?

[82]          Ծնթ. - Ճինիվիզ - ճենովական: Որ թուրքերը կանխող գրաւումն է ծովեզերեայ կարգ մը բերդերու վրայ: Տարազը ընդհանրացած է, թուրքերու ծանօթ պարզապաշտութեամբը:

[83]          տանիքէն, սրբագրուած՝ տանիքին

[84]          կը մնար, սրբագրուած՝ կը մնան

[85]          Ծնթ. - ին - որջ, քարայր. նեղ եւ մութ տեղ

[86]          պաշտօն(եայ)ն, սրբագրուած՝ պաշտօնեան

[87]          Ծնթ. - սեռն՝ հարազատ, բնական:

[88]          ինչ, սրբագրուած՝ ի՞նչ

[89]          երակին ? կրակին ?

[90]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[91]          յաւելում գոցուող գծիկ-փակագիծի

[92]          փոխտող ? փոխող ?

[93]          ջնջ աւելորդ գծիկ

[94]          չփշրուին ?  փշրուին  ?

[95]          սպառած, սրբագրուած՝ սպասած

[96]          Անա՜նկ ?  Անա՞նկ ?

[97]          փշաքաղ ? փշրող ?

[98]          շատ գիտցող, սրբագրուած՝ շատ-գիտցուկ ?

[99]          Ծնթ. - տաղել - խարանել

[100]        ասղանկարէ --  ?

[101]        կ՛ալեկոծուին, սրբագրուած՝ կ՛ալեկոծուէին

[102]        պատեկներու, սրբագրուած՝ պատիկներու [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[103]        տախտին [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[104]        Ծնթ. - յովտ՝ ամենափոքր նշան, գիր:

[105]        Ծնթ. - հէվէնկ - խաղողի ողկոյզներու հիւսք:

[106]        յաւելում ստորակէտի

[107]        քուրս ին, սրբագրուած՝ քուրսի ին

[108]        ջնջ. ստորակէտի

[109]        յաւելում ստորակէտի

[110]        իրանի, սրբագրուած՝ գերանի

[111]        անթելներով [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[112]        կը սիրեն -- ?

[113]        Տապլտուկը ? Տապլտուքը ?

[114]        Ինչպէս, սրբագրուած՝ Ինչպէ՜ս

[115]        ջնջ. ստորակէտ

[116]        Քուն, արթուն, սրբագրուած՝ Քո՞ւն, արթո՞ւն

[117]        գոյութիւնները, սրբագրուած՝ զգայութիւնները

[118]        անկասկած ?  անկոշկոծ ?

[119]        պաղող: սրբագրուած՝ պտղող

[120]        կճեփէն ?  կճեպէն  ?

[121]        հոգենիւթով, սրբագրուած՝ հոգեհիւթով ?

[122]        տիրողին, սրբագրուած՝ դիտողին

[123]        կ՛ոլորէ, սրբագրուած՝ կ՛ոլորէր

[124]        միջոցին - ?

[125]        յաւելում ստորակէտի

[126]        աչքերէ, սրբագրուած աչքերէն

[127]        թուհուբոհ, սրբագրուած՝ թոհուբոհ

[128]        փթթուկ ?  փրթուկ ?

[129]        կրկնո՞ղ ? - եւ յաւելում բութի

[130]        թուղթի, սրբագրուած՝ թուղթէ

[131]        քարգոն, սրբագրուած՝ քարդոն [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[132]        դանակը հանդիպող ... կամքը - ?

[133]        մետաքսի, սրբագրուած՝ մետաքսէ

[134]        մազի, սրբագրուած՝ մաղի

[135]        տղոց, սրբագրուած՝ տղոցմէ -  ?

[136]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[137]        ամբարձիգ  ? ամբարձձիգ ?

[138]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[139]        արիւնին, սրբագրուած՝ արեւին

[140]        ո՞ւր, սրբագրուած՝ ո՛ւր

[141]        ոտքի ?  ետքի ?  

[142]        Աղեկուն, սրբագրուած՝ Աղեկուկ [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[143]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[144]        նկարել  ?   նկատել ?

[145]        պահակէ, սրբագրուած՝ պահակէն

[146]        թուանք», սրբագրուած՝ թըւանք»ը

[147]        Ծնթ. - նամ տուող -  համբաւ ունեցող  

[148]        փուլի, սրբագրուած՝ փուրի

[149]        գէղը, սրբագրուած՝ գեղը

[150]        Ծնթ. - ախեխ՝ ակաթ:

[151]        Ծնթ. -  միննէթի տակ մնալ - երախտիքը չփոխարինել:

[152]        Ծնթ. - uայպել - հեղուկ մը դէպի տեղ մը քշել:

[153]        ջնջում՝ բ. տպագրութեան բ. հատորի այս կէտէն՝ սխալ տեղադրուած նախադասութեան՝ պաղարիւն. թերահաւատ, կատակի շուքէ մը պաշտպանուած: Շատ խօսողներուն հաւաստումները ենթակայ են նման նկատառման: Քիչ-քիչ, կատակին երանգը հալածուէր, տեղը տալով եւ յաւելում մոռցուած նախադասութեան՝ պնդէր դիմախաղը շատախօս դեսպանին, հրաշքով մը կապուած հիմա  լեզուին լիսեռէն...: Հինգ վայրկեանը բաւ էր եղած, որպէսզի Նալպանտենց  հին ծառան, առտուան հերոս ու պահանջկոտ,

[154]        հալածուէր, սրբագրուած հալածուեր էր

[155]        զգայութիւնը, սրբագրուած՝ զգայնութիւնը

[156]        Քանի հայրամեր դե՛ղ է, սրբագրուած՝ Քանի՞ Հայր-մեր տեղ է

              Ծնթ. - Հասկնալ՝ գիւղակը մօտիկ է, ճամբան՝ կարճ [քանի մը հայր-մեր ի տեւողութեամբ... ]

              [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[157]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[158]        յաւելում ստորակէտի

[159]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[160]        փոթորիկ, սրբագրուած՝ փոթորիկը

[161]        ջնջ. միջակէտ

[162]        կը ծակծկէր պահէ - ?

[163]        հոսում ?  հոսուն  ?

[164]        կը սուզուէր, սրբագրուած՝ կը սուզուէին

[165]        ջնջ. ստորակէտ

[166]        խաչաձեւում ?

[167]        մազերու, սրբագրուած՝ մաղերու

[168]        յաւելում բութի

[169]        Կեդրոնէն ալ կիսաղեղ  - ?

[170]        Որքան, սրբագրուած՝ Որքա՛ն

[171]        ջնջ. ստորակէտ

[172]        խառնող [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[173]        Ծնթ. - uուտ-պլորիկ - ոսկեգոյն թիթեղ, կլոր ու փորագրուած, պատրանքը տալով ոսկի դրամիկներու:

[174]        մազը, սրբագրուած՝ մաղը

[175]        դալկացած ?  դալկացան ?

[176]        կը տեստիանէր, սրբագրուած՝ կը տեսարանէր [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[177]        ո՛վ, սրբագրուած՝ ո՞վ

[178]        դիմացած է, սրբագրուած՝ դիմացած են

[179]        երկուտասնեակ սրբագրուած՝ երկու տասնեակ

[180]        մաղաձեւ, սրբագրուած՝ մազաձեւ

[181]        յաւելում ստորակէտի

[182]        ճիժ ու քալող  -- ?

[183]        մազերու, սրբագրուած՝ մաղերու

[184]        պաշտամունքը --?

[185]        Ծնթ. - աշուիլ - աչքի իյնալ

[186]        յաւելում միացման գծիկի

[187]        ապաստարան, սրբագրուած՝ ապաստանարան

[188]        ըկուընիդ, սրբագրուած՝ ընքուընիդ

              Ծնթ. - Գրելաձեւին համար՝ տեսնել «Ծակ-Պտուկը»:

[189]        գրկած էին, սրբագրուած՝ զրկած էին

[190]        երանգներուն ?  երանգներով ?

[191]        տանիլ, սրբագրուած՝ տանող

[192]        եզակի, սրբագրուած՝ ելակի

[193]        շրջումներուն, սրբագրուած՝ շրջումներու  [շրջաններու ?]

[194]        բազմացած --  ?

[195]        ջնջ. ստորակէտ

[196]        խժլտուկի  ?  խժլտուքի  ?

[197]        Ծնթ. - հինել - «հէնքէն» հիւսել. փոփոխակ՝ հիւնել

[198]        յաւելում բ. հրատ. մոռցուած բառի՝ այրած [կրակած ?]

[199]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[200]        կենդանիի, սրբագրուած՝ կենդանի

[201]        ջնջ. ստորակէտ

[202]        յաւելում պակսող բառի՝ որ ?

[203]        խռուստան, սրբագրուած՝  խռուաստան

[204]        գտան, սրբագրուած՝ գտաւ

[205]        հոյներ, սրբագրուած՝ հոներ

[206]        գղեարներ, սրբագրուած՝ զղեարներ

[207]        Ծնթ. - թթրկիչ - թթուաշ աղցան մը:

[208]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[209]        ջնջ. ստորակէտ

[210]        ու այդ կազմով  --  ?

[211]        Աղուահամ ?

[212]        ջնջ. ստորակէտ

[213]        Ծնթ. - խամբուլ - տերեւներու պսակ մը

[214]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[215]        Հրաշագոյն, սրբագրուած՝ Հրաշագործ

[216]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[217]        կը կտրէր, սրբագրուած՝ կը կարէր

[218]        պալասան [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[219]        երեւակայութեանց, սրբագրուած՝ երեւակայութեանը

[220]        կը ծածկէին, սրբագրուած՝ կը ծակծկէին - ?

[221]        սանդուռին [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[222]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[223]        ցուցած, սրբագրուած՝ ցուցուցած - ?

[224]        ամբարձիգ ?  ամբարձձիգ  ? 

[225]        գագաթին [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[226]        հրեշտակնե՛ր [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[227]        Ծնթ. - ձողել կամ ձողտել - շերտ-շերտ փոկել մորթը: Նաեւ` կաշին ձողիկի պէս բարակ կտրել, կոկել:

[228]        ջնջ. ստորակէտ

[229]        զեփիւռին - ?

[230]        յաւելում փակագծող գծիկի

[231]        նոյնացել, սրբագրուած՝ նոյնացնել

[232]        Ծնթ. - շինիկ - քառորդ քիլէ:

[233]        ջնջ. ստորակէտ

[234]        ջնջ. ստորակէտ

[235]        յարդին բացած անոր բերանը - ?

[236]        ծոցէն, սրբագրուած՝ ծոցին

[237]        ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[238]        փուռ-վրաններու, սրբագրուած՝ փուռ-վրաներու [բառը՝ փուռ-վրայ ]

[239]        նպաստեց, սրբագրուած՝ նպաստեցին

[240]        յաւելում ստորակէտի

[241]        ջնջ. ստորակէտ

[242]        սրտքաղուած --  ?

[243]        բակ  --  ?

[244]        ջնջ. ստորակէտ

[245]        յառաջդիմած է, սրբագրուած՝ յառաջդիմած էր

[246]        օգտուած է, սրբագրուած՝ օգտուած էր

[247]        եզէկիէլեան, սրբագրուած՝ եզեկիէլեան

[248]        ընդերքին [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[249]        սեղմուած է, սրբագրուած՝ սեղմուած էր

[250]        զատել, սրբագրուած՝ դատել ?

[251]        Նեղն էր, սրբագրուած՝ Նեղն է

[252]        կիսուած, սրբագրուած՝ կիտուածը

[253]        խաղ, սրբագրուած՝ խազ

[254]        ջնջ. աւելորդ բառի՝ ու

[255]        վճարօր - ?

[256]        զիջած, սրբագրուած՝ զեղչած

[257]        աղբեւին, սրբագրուած՝ աղբեւքը

[258]        Բարա՞կ, սրբագրուած՝ Բարա՜կ

[259]        Ծնթ. - վարձք - վարձատրութեան արժանի, լաւ կեանք:

[260]        լերկութիւնը, սրբագրուած՝ լերկութեանը - ?

[261]        յաւելում բացուող փակագիծ-գծիկի

[262]        յաւելում բառի՝ որ --?

[263]        Գործի՞, սրբագրուած՝ Գործի՜

[264]        Ծնթ. - Նեռ - Յայտնութեան գիրքին մռայլ հերոսը, զոր ջարդերու մղձաւանջին մէջ մեր ժողովուրդը նոյնացուցած է հագարացի անօրէններուն պետերուն հետ: Ծանօթ էր Կարմիր Սուլթանին իբր բացայայտիչ:

 

[265]        ջնջ. ստորակէտ

[266]        ջնջ. ստորակէտ

[267]        է, սրբագրուած՝ էր

[268]        յաւելում ստորակէտի

[269]        փոխուած - ?

[270]        յաւելում բութի

[271]        Ծնթ. - կուկում՝ փոքր սրուակ ձէթի, քարիւղի եւն.:

[272]        ու, սրբագրուած՝ որ

[273]        յաւելում բութի

[274]        յամառ  ?  համար ?

[275]        քերթողներ, սրբագրուած՝ քերթողները

[276]        հրեշտակ [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[277]        պառականին ?   պառականը ?

[278]        մազանման, սրբագրուած՝ մաղանման

[279]        Երկո՞ւքը, սրբագրուած՝ Երկո՜ւքը

[280]        Ծնթ. - կերտան՝ կզակին տակի ծալքը:

[281]        ի՜նչ, սրբագրուած՝ ի՞նչ

[282]        կոկուեցան, սրբագրուած՝ կծկուեցան

              [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[283]        է, սրբագրուած՝ էր

[284]        իրկինք ին ?  երկինքին ?

[285]        քէրովբէներուն, սրբագրուած՝ քերովբէներուն

[286]        յաւելում ստորակէտի

[287]        ջնջ. ստորակէտ

[288]        թեզէն, սրբագրուած՝ թեղէն

              Ծնթ. - թեղ - ցորենի դէզ՝ կալի մէջ:

[289]        աւազը, սրբագրուած՝ աւաչը

              [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[290]        Ե՛րբ, սրբագրուած՝ Ե՞րբ

[291]        շարժոմ, սրբագրուած՝ շարժում

[292]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[293]        Ծնթ. - թիլ - բթամատին ու ցուցամատին բացուածքին չափը:

[294]        էր, սրբագրուած՝ իր

[295]        բանով - ?

[296]        սիրտ տիրակալողին ?      

[297]        աւազը, սրբագրուած՝  աւաչը

[298]        զլացած, սրբագրուած՝ զլացուած  ?

[299]        ջնջ. բառի՝ ու

[300]        եկած է, սրբագրուած՝ եկած էր

[301]        կացուած, սրբագրուած՝ կտցուած ?

[302]        գլուխը, սրբագրուած՝ գլոխը

[303]        կ՛ուզես, սրբագրուած՝ կ՛ուտես

[304]        յաւելում ստորակէտի

[305]        կծիկին, սրբագրուած՝ կնիկին

[306]        յաւելում պակսող բառի՝ էր  ?

[307]        յաւելում ստորակէտի

[308]        պապաջուն, սրբագրուած՝ պապակուն

[309]        յաւելում ստորակէտի

[310]        միջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[311]        մեծութիւններուն, սրբագրուած՝ մենութիւններուն  ?

[312]        թմրումին ?   թրմումին  ?

[313]        տարիք կու տայ   ?

[314]        արեւներուն, սրբագրուած՝ տերեւներուն --  ?

[315]        նուաղումները, սրբագրուած՝ նուազումները ?

[316]        ելքին պատկերը --  ?

[317]        ջնջ. ստորակէտ

[318]        յաւելում միջակէտի

[319]        ողկուած, սրբագրուած՝ ողնուած [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[320]        կճեփէ ?  կճեպէ ?

[321]        յաւելում ստորակէտի

[322]        միսն, սրբագրուած՝ միսին

[323]        Ծնթ. - խարխար՝ խախուտ --  [Ճիշդ եւ յստակ գործածութիւն: Ջնջել բ. տպ. հատորի աւարտին դրուած «Տարտամութիւններ առաջացնող բառեր»ու ցանկէն: ]

[324]        մեռած արթնցաւ - ?

[325]        մեռել քարերէն, սրբագրուած՝ մեռելքարերէն

[326]        քայլերուն, սրբագրուած՝ քայլերու

[327]        յաջողական ?  յուզ[ող]ական ?

[328]        պահութիւն, սրբագրուած՝ [խոստմնա]պահութիւն ?

[329]        կերպասէն, սրբագրուած՝ կերպասին - ?

[330]        թագուհի, սրբագրուած՝ թագուհիի

[331]        Ինչո՛ւ, սրբագրուած՝ Ինչո՞ւ

[332]        բոժոժիկները, սրբագրուած՝ բոժոժիկներու

[333]        դաշնակութեան, սրբագրուած՝ դաշնակութիւն

[334]        բութ, սրբագրուած՝ ստորակէտ