ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ
Գ.
ՀԱՏՈՐ
Ա.
Մոխիրնոցը։
Բառը
անծանօթ
չէ
մեզի։
Բայց
ստուգաբանութիւնը
շատ
տխուր
գիտութիւն
մը
ըլլար
պիտի,
եթէ
լուրջ
ու
լեցուն-գլուխ
հնախոյզները
միայն
խանդավառէր`
սնանելով
բառերու
փշրանքներով
ու
լեզուական
ցամաք
պատգամներով։
Անիկա,
բարեբախտաբար,
համառօտուած,
խորհրդանշուած
ողբերգութիւն
ալ
է
երբեմն,
որ,
աղէտին
հետակորոյս
թաթառէն
յետոյ
կը
դիմանայ
բարբառի
մը
մէջ`
անցնելով
յաջորդներուն,
անշուշտ
աղօտած,
բայց
դեռ
պահելով
կնիքը
եղերական
դրուագին։
Մեր
լեզուն
բաւական
ունի
անոնցմէ,
որոնք
մեր
բարքերուն
ու
դժբախտութեանց
իբր
խեցիները
կը
դիմանան
տակաւին`
հետզհետէ
կորսնցնելով
իրենց
ցայտուն
մասերը։
Ու
բանտի
մը
մէջ,
մա՛նաւանդ,
յատուկ
անուն
մը
անիմաստ
կը
դառնայ,
եթէ
եղեռնական
խորունկ
դրուագներու,
ոճիրներու
հեռարմատ
մը
չծածկէ
իր
տակ։
Հին
քաղաք,
Պրուսան։
Թուրքերը,
որոնց
մասնագիտութիւնը
եղաւ
քաղաքակրթութիւնները
թաղել,
նոր
է,
որ
իրենց
ախորժակները
կը
տարածեն
նաեւ
ողջ
տարրէն
դէպի
անողջը,
այսինքն՝
մարմարը,
կառոյցը։
Կ
’
ըսուի,
թէ
անոնք
մեր
երկրին
աւերակներն
ալ
ձեռնարկած
են
անյայտ
ընելու,
սկսելու
համար
նոր
իրենց
քաղաքակրթութիւնը,
մաքուր
թուղթի
մը
վրայէն։
Անշուշտ
իմաստութիւն
մըն
ալ
ատ։
Իրենց
պապերէն
անդին
անցնելու
իրենց
զայրոյթին
մէջ՝
անոնք
կը
տաճկցնեն
Հայաստանի
երեսը։
Երեսուն
տարի
առաջ,
անոնք
չէին
այցուած
այդ
ներշնչումէն
ու
թողած
էին
պատմական
քաղաքը
`
Պրուսան,
գրեթէ
իրենց
գտածին
նման։
Աւերակներ։
Ո՞ր
հողամասը
չունի,
անոնց
ծայրատուած
եւ
դեռ
ահագին
կայսրութեան
մէջ,
անոնցմէ։
Որոնց
մէկ
կարեւոր
մասը
կը
յամառի
տակաւին
հողի
երեսին,
պարիսպներու
հսկայ
դիակներով,
շրջած
իրենց
կողերուն։
Հին
միջնաբերդը,
որուն
սարահարթը
այսօր
տրտում
պարտէզներու
գերութեան
է
յատկացուած,
փոքր
դամբարաններու
տարտղնուած
դիակայնութեամբ,
իր
կողերը
կազմող
ապառաժներէն
վար
է
հոսած
ահաւոր
հաստութեամբ,
բայց
փշուր
-
փշուր,
իր
խեցեհիւս
ալիքները
`
թրքանալու
համար
դաժան
սարսափով։
Փլատակներ,
շատ
բազմազան,
արդի
քաղաքէն
քանի
մը
ժամ
հեռուները
մինչեւ
տարածուող,
հաւանաբար
ազնուականներու
ապարանքներ,
որոնք
տասը
-
քսան
դար
առաջ
այդ
հրաշալի
լեռնաթափին
փռուեցան
`
իբր
հեթանոս
գեղեցկութիւն,
առատութիւն
եւ
տարփանք,
այսօր՝
մացառներով
կեղաւոր,
եղիճներու
սղոցակուռ
բանակովը
անմատոյց
իրենց
մեծ
կողմերէն,
խորշիկ
մը
տրամադրած
են
Մոնկոլիայէն
կարծես
նոր
ժամանած
թաթարին,
որ
քանի
մը
մորթ
կը
տարածէ
թերեւս
այն
դահլիճին
յատակին,
ուր
թագուհիներու
ոսկի
պատմուճանները
շողացին։
Ամէն
տեղ,
մա՛նաւանդ
յետսակառոյց
թաղերու
մէջ,
հանդիպելի
են
փորուածքներ,
հողն
ի
վար
իջնող
խելացնոր
փեռեկտումով։
Երբեմն
անոնք
իրենց
գահավէժ
թաւալումին
մէջ,
յանկարծակի
սառումով
մը
կը
վերածուին
կամարակապ
աւազաններու.
աւելի
յաճախ՝
ճամբաներու
`
գրեթէ
միշտ
կափուցուած
իրենց
ոլորքներուն
մէկ
կէտին,
աւելի
քիչ՝
հանելով
ընդերկրեայ
պալատներու
անաղարտ
բեկորներուն,
սրահ,
սենեակ,
վիրապներ,
երկաթապատ
պատուհաններով
արգելարաններ,
–
բանե՛ր՝
ասոնք,
որոնք
կը
թելադրեն
դիտողին
երեւակայութեան
քանի
մը
հազարամ
կանխող
բերդերը,
ապարանքները
կրկին,
գետնէն
վեր
մասերուն
մէջ
այնքան
շլացնող,
գեղեցիկ
ու
տարփայոյզ,
բայց
մա՛նաւանդ
գետնամուխ
յարկերուն
մէջ
կրկնապէս
ահաւոր,
խոր,
արիւնով,
մահով
ու
ասոր
բոլոր
անտիպ
դրուագներովը
պսակաւոր։
Ամէն
մեծ
պեղումի,
այսինքն՝
երբ
մեծ
կառուցումի
մը
համար
հիմերը
կ
’
իջնան
հինգ
-
վեց
կանգուն
ցած
արդի
փլակոյտէն
դէպի
վար,
այս
խոռոչները
կը
բուսնին
յանկարծ։
Ընդերկրեայ
այդ
վիրապները
իմ
ժամանակիս,
այսինքն՝
երեսուն
մը
տարի
առաջ,
վերեւի
տունին
համար
սկսած
էին
վտանգ
նկատուիլ։
Առնուազն
սատանաներու
կայան
ծառայել
մը
զանոնք
կը
դատապարտէր
կուրնալու։
Թուրքերը,
նորնալու
իրենց
մոլուցքին
մէջ,
կ
’
ատեն
հնութեան
աւանդները,
ինչպէս
զանոնք
ստեղծող
ժողովուրդները
կը
չորցնեն
հողին
երեսէն։
Կէս
դար
առաջ
կը
յարգէին
վիրապները,
սառնիճները,
գետնուղիները,
պետական
մեծ
շինութիւններու
ցանցին
մէջ
`
մութ,
բայց
հաւանական
պէտքերու
հեռանկարով
մը։
Ընդերկրեայ
այդ
կառոյցները
Ջերմուկներ
կոչուած
արուարձանին
մէջ
երկրաբանական
տեսարաններու
ալ
կը
վերածուին
քաղաքին
պատմութեան
մէջ
յաճախակի
ցնցումներով,
որոնք
անոր
ընդերքը
բզիկ
-
բզիկ
են
ըրած։
Այդ
արուարձանին
մէջ
երբեմն
երեւան
կը
հանուին
պատմական
քարայրներու
ճարտարապետութեամբ
կաղապարումներ,
բայց
բնութեան
մուրճին
փոխարէն
մարդկեղէն
կնիքով։
Այդ
մասը
ունեցած
է
ատենին
իր
երկրորդ
քաղաքը,
այս
անգամ
գետնատակին։
Հո՛ն՝
ուր
երկրաշարժը
խնայած
է
քիչ
մը
բան
(1854
ին
հսկայ
շարժ
մը
քանդած
է
այդ
քաղաքին
երեք
չորրորդը,
մա՛նաւանդ
ստորերկրեայ
մասէն
),
կողին
երկարած
պարիսպի
մը
մէկ
կէտէն
ներս
մտնողը
ինքզինքը
տասը
-
քսան
քայլով
կը
գտնէր
մեծկակ
սրահի
մը
մէջ,
վիմափոր
ու
մաքուր։
Զայն
ծակծկող
դուռները,
դաւաճան
անցքերու
բերան
ծառայելէ
զատ,
իրենց
սեմերէն
կ
’
իյնային
յանկարծ,
անդունդի
մը
հասակին
վերածուելով,
ուր
իշխաններ
ու
[
իշխան
]
ուհիներ
ձգուեցան
հարկաւ,
բուռն
կիրքերու
այդ
մերկ,
պարզ
դարերուն,
երբ
ապրիլը
ապրիլ
էր,
այսինքն՝
ուտել
ու
սիրել,
ու
չմտմտալ։
Այդ
զոհերը,
փաթթուած
իրենց
մեղքին,
բախտին,
աւելի
յաճախ
իրենց
գեղեցկութեան
կամ
անմեղութեան,
այդ
անդունդներէն
նե՜րս։
Որոնք
շատ
տարբեր
չեղան
թուրքերուն
ձեռքով
այդ
հողերու
այս
անգամ
երեսին
վրայ
գործադրուած
նոր
ողջակէզներէն։
Այն
ատեն
ապարանքին
գահակալը,
իր
զգայարանքները
ունէր
իրեն
իբր
օրէնք։
Մեր
օրերուն
անոր
աւերակին
տիրակալը
տարբեր
բան
չունեցաւ
ոճիրը
մարսելի
ընելու
ո՛չ
միայն
իրեն,
այլեւ՝
շատ
բարակցած,
շատ
քրիստոնեայ
աշխարհին
անգամ։
Ու
միտքիս
առջեւ
կը
մնայ
կանգուն
տասը
դար
առաջուան
գազա՛նը,
ու
անոր
հեղինակած
օրէնքը,
որ
ապառաժները
այդպէս
կը
փողրակէ
դէպի
վար,
հոն
թափելու
համար
միս
ու
արիւն։
Օրէ՜նքը։
Որ
հիմա
թուղթով
կապկպուած,
ներկուած,
ածիլուած
կամ
սեռափոխուած
–-
ատիկա
ընտրեալ
գործն
է
մեր
շահերուն
–
կը
թուի
կորսնցուցած
ըլլալ
իր
հովանաւորած
ահարկու
ապօրինութիւնները։
Հիմա
կը
սիրենք
անոր
վրայ
կամ
կը
կատղինք
։
Այդ
օրերուն
անիկա
մատ
մըն
էր,
շրթունք
մը,
նայուածք
մը,
աւելի
կարճ՝
կիրք
մը։
Կ
’
անցնին
թագաւորութիւնները,
ինչպէս
քաղաքներու
երեսները։
Կ
’
անցնին
ութ,
տասը
ժողովուրդ,
ըսել
կ
’
ուզեմ՝
մեղքերու
բազմամիլիառ
բջիջը,
որ
այդ
քաղաքներուն
յատակ
է
ծառայած,
կը
բզկտուի
ժամանակին
ժանիքէն,
բայց
կը
վերակազմուի
մայր
մեղուին
տարօրինակ
պատրանքովը։
Բերդերը,
դղեակները,
անոնց
տէրերն
ու
[
տիր
]
ուհիները
կ
’
ըլլան
փոշի,
անոնց
անայց,
վիմափոր
տապաններուն
խորը։
Պիտի
գայ
նորը։
Պիտի
գայ
ու
երբեմն,
քիչ
փոփոխութեամբ,
կեանքի
պիտի
կանչէ
վաղնջուց
ապարանքը,
իր
օրէնքներուն
նոյն
կարկինովը։
Թո՞ւրքը։
Ան
ալ
եկած
է,
ու
անհուն
այդ
փլատակներուն
վրայ
դրած՝
իր
ալ
կնիքը։
Հիմա՞։
Ջուրի,
թուզի,
մետաքսի
եւ
խնձորի
քաղաք՝
Պրուսա՛ն,
զոր
թուրքերը
կ
’
ախորժին
կոչել
«
Կանանչ
Պրուսա
»,
թելադրել
ձգտելով
տուներու
գորշ
մրջնացումը
օղաւորող
պսակը,
քաղաքն
է
նոյն
ատեն
ընդերկրեայ
զնտաններու։
Շատ
տարիներու
ներքեւ
անոնք
կը
պառկին,
կանգուն,
դէպի
խորը,
խուլ
ու
կոյր,
անօթի,
մարդկեղէն
որսին
ակնկառոյց։
Մոխիրնո՜ց։
Պարզ
բա՞ռ։
Մի
աճապարէք։
Մոխիրնո՛ց.
գուցէ
անոր
համար՝
վասնզի
չարազրոյց
աւանդութեան
մը
համաձայն,
կէս
դար
առաջ,
այդ
զնտանին,
զնտաններու
գօտիին
մէջ
ինկողները
ողջ
-
ողջ
փոշի
կ
’
ըլլային,
աղի
վերածուելով
իրենց
մարմինին
երեսէն։
Կրա՞կ։
Բայց
ժողովուրդը
անոր
գոյնն
ու
ջերմութիւնը
գիտէ։
Գետնէն
բխող
կազե՞ր։
Ո՜վ
ինչ
գիտնար։
Ամբողջ
շրջանը
հրաբխային
դանդաղ
գործունէութեան
մը
հետքերը
կը
պահէ
տակաւին։
Պաղ
ջուրը
հանդիպած
տեղէն
դուրս
կու
գայ։
Նոյնը
հասկցէք
տաքին
համար
ալ։
Թունաւոր
շոգինե՞ր։
Աւանդութիւնը
կ
’
ախորժի
սուտէն,
բայց
միշտ
անկէ
չի
մեկնիր։
Բաղնի՞ք,
հնութեան
պաշտամունքի
պալատներէն
բեկո՞ր
մը։
Իմ
օրերուս
ջնջուած
էր
ճնշումը,
մոխիրնոցը
արդարացնող
հեքիաթը՝
ինչպէս
խցուած
էին
նման
վտանգաւոր
վիրապները
քառորդ
դար
առաջ
հոն
պաշտօնի
մեծ
կուսակալի
մը
հրամանով,
զարգացած
անձնաւորութիւն,
այդ
ատենին
համար
ահաւո՜ր
արժանիք,
եւ
որ
յետոյ
բարձրացած
է
մինչեւ
եպարքոսութեան։
Անոր
վճռականութիւնը,
արդարամտութիւնը,
լայնախոհութիւնը,
զինքը
ըրած
են
բացառապէս
ժողովրդական։
Ու
բարեհամբաւ
այդ
պաշտօնատարը
մաքրած
է
քաղաքը
մեծ
ու
պզտիկ
իր
բռնաւորներէն,
այն
օրերուն
ամէն
թաղի
մէջ
այնքան
առատ,
բոլոր
կարեւոր
պողոտաներուն
կանգնելով
մահուան
եռանկիւնը,
կամ
անկիւններուն
զետեղելով
կառափնատի
ծառայող
մսագործի
կոճը,
կամ
շարելով
հրապարակներու
վրայ
սր
[
ց
]
ուած
ձողերը,
կախելով,
գլխատելով,
ցցհան
սատկեցնելով
արիւնկզակ
մեծաւորները,
անխնայ
ու
արագ,
ասիական
իմաստութեամբ,
ու
անոնց
դիակներով
լեցնելով
իրենց
բնակարաններուն
գորշ
այդ
նկուղները,
մրցելով՝
այս
կերպ,
փառքին
հետ
թուրք
պատմութեան
ուրիշ
մէկ
ականաւոր
զօրավարին,
որ
իր
ձեռք
անցուցած
աւազակներուն
ողջ
մարմիններովը
չորցուցած
է
հորերը
Անատոլուի
կարգ
մը
գաւառներուն։
Այդ
փաշան
իր
պիտակովը
(
Գույուճի
Մուրատ
փաշա,
որքան
կը
յիշեմ
),
ամէն
ատենի
համար
պիտանի
հերոս
մըն
է
երկրի
մը
մէջ,
ուր
ասպատակութիւնը
գերագոյնն
է
ասպարէզներուն,
մինչեւ
եպարքոսութիւն
ճամբայ
ունեցող։
Մեր
այս
պատմութեան
օրերուն,
բանտին
այդ
մասը
կը
պահէր
Մոխիրնոց
յորջորջումը,
բայց
գրեթէ
կորսնցուցած
էր
արդարացուցիչ
հեքիաթը։
Նախագաւիթ
մըն
էր
ան,
ինչպէս
ունին
քաղաքին
բաղնիքները,
մայր
զանգուածին
կիսով
յաւելեալ
նոյնոճ
կերտուածքով՝
թրքական
շինութեանց
ատեն
երեւան
հանուող
հին
մեհեանէ
մը
կամ
մեծատարած
բաղնիքէ
մը
ձեւաւորուած։
Երկրաշարժը
տաք
ջուրերու
ակերը
փոփոխութեան
կ
’
ենթարկէ
կարճ
իսկ
շրջաններու
վրայով։
Դարերու
գծո՞վ։
Այս
ենթադրութիւնը
կ
’
ամրանար
պատերուն
նկարագրովն
ալ,
որոնք
բերդերու,
պարիսպի
կտորներուն
նախանիւթերը
գործածեր
էին,
մատի
հաստութեամբ,
բայց
տափակ
կղմինտր,
թիզ
մը
հասակով,
անհուն
համբերութեամբ
հիւսուած
վրայ
վրայի,
գորշ
կապար
շաղախի
մը
մէջ
երկաթնալով։
Այս
նախանիւթը
հասարակաց
է
բոլոր
փլատակներուն։
Նախագաւիթ
ըսի,
վասնզի
կիսակամարները,
աղեղները,
հաստ
պատերէն
բխող
եւ
իրարու
կորացող,
հանդիպելի
են
այսօր
կանգուն
բաղնիքներուն
այդ
մասերուն
մէջ։
Միջնադարեան
ո՞ճ։
Թուրքերը
անշուշտ
կը
ցատկեն
հռովմէականին
ալ
վրայէն,
քանի
որ
այնքան
աճապարանք
ունին
իրենց
ցեղը
հնագոյն
մշակոյթով
մը
օժտելու
եւ
իւրացնելու
փառքը
այդ
ինկած
ճարտարապետութեան։
Ինչո՞ւ
կը
մոռնան
սակայն,
թէ
խրճիթներով
ապրեցան
առնուազն
տասը
դար
տակաւին,
երբ
Բիւթանիոյ
այդ
դաշտին
վրայ
հելլէն
ոճը
կը
ծածկէր
հսկայ
լոգարանները
եւ
մեհեանները։
Ու,
հակառակ
ժամանակին,
շարժին,
թուրքին,
այդ
ոճին
փշրանքները
դեռ
կը
յամառին
մնալ
հողին
տակը՝
ինչպէս
երեսը։
Ծոյլ
ժողովուրդները
ցախով
գոհացան։
Աւերումի
մէջ
յաջողակ
ժողովուրդները,
երբ
կը
յոգնին
խորտակելէ,
կը
ձեւափոխեն
իրենց
հին
ժառանգութիւնները,
եւ
կամ՝
պատի,
տաղաւարի
յաւելումով
կը
կարծեն
ստեղծած
ըլլալ
ցեղի
մը
ամէնէն
ամուր
ու
տեւող
արտայայտութիւնը
–
ճարտարապետութիւնը,
որ
աւելի
բախտաւոր
է,
քան
թուղթի
վրայ
պահուած
միւս
եղանակը
`
գրականութիւնը։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
թուրքերը
շատ
տեղ
գոհացան
`
եկեղեցիները
ուղղակի
մզկիթի
վերածելով։
Բնատիպի
վրայ
իրենց
յաւելումները,
մա՛նաւանդ
Պոլիս,
տխուր
են՝
որքան
բարբարոս։
Կիրի
ծեփ
մը,
աղիւսէ
պատ
մը,
երբեմն
տախտակ
-
պարիսպ
մը
բաւ
են
սեպած
ջնջելու
համար
հինը։
Անոնց
երբեք
չէ
այցելած
նորը,
այսինքն՝
իրենցը։
Պոլիսը
ոճաւորող
մզկիթնե՞րը։
Անոնց
մէջ
ոչինչ
ունի
մոնկոլը։
Ատաղձը
տկարացած
երկիրներուն
կողոպուտն
է
միշտ։
Ոճը՝
տաճկցած
քրիստոնեային
մտածնունդը։
Բանուորն
անգամ
տուած
են
պարտուած
ազգերը։
Ու
ա՜յդ
պատճառով
Պոլսոյ
ճարտարապետական
թրքութիւնը
արտաքին
է
թերեւս։
Չեմ
զբաղիր
Այա
-
Սոֆիայով,
որ
տաճկցած
է
ճէմիշներով
ու
բակադիր
ապտէսթի
աւազաններով։
Մինարէնե՜րը։
Տգեղ
սիւներու
կը
նմանին
հոն,
մինչ
իսլամին
ուրիշ
սրբատեղիներուն
մէջ
անոնք
ծաղկանկար
սլաքներ
են
`
զաղփաղփուն
իրենց
շնորհովը
կերպադրելով
բարակ
մարմինները
կիներուն։
Գահիրէի
մինարէները
եղէգի
կը
նմանին
ու
կը
վայլեն
իրենց
ոճաւորած
յիշատակարաններուն։
Ոչինչ
այնքան
տխուր,
որքան
տաճկական
միջակ
քաղաքներու
բորբոսած
գմբէթով
աղօթատեղիները,
որոնք
իրենց
պատերուն
խոց
-
խոց
գորշութեամբը
նայուածքը
կը
կտրատեն
ու
խաղաղութեան,
բարութեան
յղացքի
փոխան
տեսակ
մը
սարսափ
կը
ցոլացնեն։
Նոյնիսկ
կեդրոն
քաղաքներու
կառոյցները
անմիջական
պէտքերով
միայն
կը
տառապին
կարծես։
Ասոնցմէ
ոչ
մէկը
իր
մէջ
կը
խտացնէ
տեւողութեան
վրայ
տարածուելու
ամփոփ
յառումը,
որ
քրիստոնեայ
կամ
հեթանոս
ոճերուն
գաղտնիքը
եղաւ,
ա՛յն
թռիչքը,
որ
բացուած
պահուն
սառեր
է
մարմարին
մէջ
ու
գոթական
տաճարներու
ciselureէն
դեռ
կը
պատրաստուի
երկինք
բարձրանալ։
Տեսեր
եմ
Էտիրնէն,
Սէլիմի
նշանաւոր
մզկիթը,
որ
միջին
դարու
այդ
քարացած,
բայց
ամբողջ
ու
շնորհալի
ճարտարապետութեան
քով
դրուած,
թոհուբոհ
միայն
կը
թելադրէ,
գուցէ
ցեղին
այդ
օրերու
միակ
հոգեթռիչքը,
որ
անընդհատ
արշաւներու
մղձաւանջ
մըն
է
վրանին։
Անշուշտ,
պէտք
չէ
մոռնալ
ճարտարապետին
անգթութիւնը,
Միջին
դարը
եւ
Պալքաններուն
այլասերումը։
Առանց
բիւզանդական
հանճարին
ու
առանց
անոր
սպաննող
դիւանագիտութեան,
թուրքերը
ո՛չ
շինել,
ոչ
ալ
յաղթել
գիտնային
պիտի։
Չի
բաւեր
դիտել
կիրն
ու
շաղախը,
փայտն
ու
տախտակը,
սիւնն
ու
մարմարը։
Կողոպտող
զօրաթեւերը,
իրենց
յաղթական
դարձերուն
ատոնք
պիտի
բերեն։
Այդ
նախանիւթը
ազգայնացնող
ոգի՞ն։
Բայց
ո՞ճը՝
որ
հանգչող
գիծերու
բիւրեղացումն
է
ժողովուրդի
մը
մէջէն
դէպի
դուրս,
անոր
ամէնէն
հիմնական
շնորհներուն
դէպի
արեւ
սլացքը։
Պրուսան,
ուրիշ
մայրաքաղաք
մը,
հարազատ
նշխար
մըն
է
տասնհինգերորդ
դարու
թրքական
մեծ
արշաւանքին,
որ
մէկ
դարու
մէջ
արաբական
կայսրութեան
կէսին
չափ
աշխարհներ
տիրակալեց
սա
տարբերութեամբ,
որ
Պաղտատ
մը
կամ
Քորտովա
մը
չկրցաւ
կտակել։
Որ
կործանեց,
առանց
շինելու,
ինչպէս
ըրեր
էին
արդէն
միւսները,
ցեղակիցները,
Մանչուրիայէն
մինչեւ
Միջերկրական։
Քանի
մը
պատմական
մզկիթները,
որոնք
այդ
քաղաքին
մէջ
գոնէ
իսլամ
-
արաբ
ճարտարապետութիւն
մը
կը
կերպադրեն,
գլխաւորաբար
սուլթաններու
փոքր
դամբարանները,
Եշիլի
եւ
Պայազէտի
մեծակառոյց
մզկիթները,
աւարի,
առատութեան,
անգթութեան
ու
արիւնի
հսկայ
դարը
կ
’
ոգեկոչեն,
երբ
ներգեւած
ու
մեղկ
քրիստոնեայ
իշխանութիւնները,
կոմսեր
ու
դքսութիւնները,
իրարու
ետեւէ
ինկան
վայրագ,
գունդեր,
նոր
այս
ժողովուրդի
գարշապարին։
Անոնց
դիակներով
կառուցուած
այդ
շէնքերը
նոյն
անողոք
խստութիւնը
դեռ
չեն
կարսնցուցած,
որ
շինել
տուողներունն
էր
այդ
դարուն,
երբ
մորթելը
ուտելուն,
վայելելուն
ախորժաբերը
կը
հանդիսանար
հսկայ
խրախճանքներէն
առաջ
կամ
վերջը։
Հաստ
պատերու,
սմքած
կամարներու
ուրիշ
թոհուբոհ
մըն
է
ընթացիկ
կառոյցը
Պրուսայի
միւս
հնօրեայ
շէնքերուն,
որոնց
ոճին
մէջ
դեռ
նշմարելի
կը
մնայ
նահանջը,
ատոր
կապուած
իրարանցումը
բիւզանդական
ոգիին։
Միջնաբերդի
կողմերը,
աւերակներով,
հաստատելի,
կամ
ճղճիմ
բնակարաններով
ոճաւոր։
Մոնկոլեան
երա՞զ։
Կայ
ատ
ալ,
միայն
ու
միայն
աղօթարաններուն
վրայ,
արաբական
պատեանի
մէջ,
դէզ
ու
դիակ,
թուրի
հասակով
ու
հաստութեամբ
արաբական
գիրերու
հանդէսի
մը
մէջ,
որ
պատերը
կը
սպառազինէ
ու
աչքերը
կը
լացնէ
իր
խստութեամբ։
Ուլու
-
ճամին,
քաղաքին
կեդրոնը,
հաստութիւն
ու
թրքութիւն
է
միայն։
Թուրքերը
հին
շէնքերը
իւրացնելու
կերպը
պարզեցուցած
են
չափազանց։
Անոնք
կամարներուն
կամուրջները
տանիքներով
կը
կապեն
իրարու։
Գրաւուած
շէնքերը
կը
թողուն
օրուան
տարազով։
Աղօթատեղիներու
առատութիւնը
զիրենք
չ
’
ըներ
խստապահանջ։
Ամէն
հարուստ
միւսլիւմանի
երազը
իր
տունին
մօտիկ
տրամադրելի
ունենալն
է
մզկիթ
մը,
հոգ
չէ
թէ
ծաւալով
պզտիկ։
Ու
ասիկա
հասկնալի
է,
քանի
որ
որոշ
տարիքէ
մը
յետոյ,
բանակը
ձգող
մարդուն
զբաղումը
ուրիշ
բան
չէ,
եթէ
ոչ
ժամացոյցը
հոլովել
`
աղօթքի
րոպէները
հետապնդելու։
Հինգ
նամազը
օրուան
գերագոյն
մտահոգութիւնն
է։
Անոնց
պետական
միւս
կառոյցները
կ
’
ախորժին
մակաբուծութենէն։
Պազար,
բաղնիք,
շուկայ,
մա՛նաւանդ
բանտ
ու
զինուորական
մթերանոցներ
մէջտեղ
բերելու
ատեն
անոնք
նկատի
ունին
այս
վարժութիւնները։
Ոչինչ
այնքան
տխրօրէն
յատկանշող
է
ժողովուրդ
մը,
որքան
պարտուողին
վրայ
անոր
փաղաղումը։
Անցէք
թուրքերու
հայրենիքին
մէջէն։
Ու
պիտի
զգաք,
թէ
ի՛նչ
են
աւելցուցած
իրենց
միսէն
այդ
քաղաքներուն։
Մոխիրնոցը։
Չմոռնանք
անիկա։
Մէջտեղը՝
ընդարձակ
սալարկ
մըն
էր,
բաղնիքի
մը
նախամասը
յիշեցնող։
Ութանիստ
այդ
յատակը
պատերէն
կը
զատուէր
սեւ
մարմարի
երիզով
մը,
որմէ
անդին՝
թուրքերու
կողմէ
նոր
դրուած
մեռել
-
քարեր,
յունական
նշանագիրներէն
մերկացած,
տգեղ
ու
անհամաչափ,
կը
խորհրդանշէին
այդ
իսկ
խորշին
մէջ
ինչ
որ
իրենց
ոճը
եղաւ
դարերով։
Երկու
թիզ
լայնքով
տախտակ
նստարան
մը
կը
դառնար
բոլորակը
ամբողջ,
պատին
փակած,
–
Արեւելքի
քաջածանօթ
սաքուն։
Բանտ
-
քաղաքին
այս
նախագաւիթը
յատկացուցած
էր
հիւրերուն
։
Սիրուն
տարա՜զը՝
որով
թուրքերը
գիտեն
սքողել
բանտին
սարսափը
միամիտներուն։
Հոն
կ
’
ուղղուին
նորամուտները
`
դեռ
պատիժէ
ու
մասնաւորումէ
ազատ
յանցաւորները։
Մուտքի
րոպէին
իսկ,
սովորութիւն
կար
զանոնք
մերկացնելու,
կարծես
հաւատարիմ
մնալու
համար
բաղնետան
աւանդութեան,
որուն
մարմինն
էր
հաւանաբար
իր
միւս
բաժիններէն
կործանած
սա
հին
աւերակը։
Կ
’
առնուէին
անոնցմէ
ինչ
որ
հաճոյ
թուէր
խուզարկութեանց
պաշտօնեային,
անօթի
գազան
մը,
որ
իր
նեղուած
օրերուն
անվնաս
առարկաներն
ալ
կ
’
ընէր
մեղաւոր
ու
կը
դնէր
վար։
Յանցաւորները,
հոն
մտնելէ
յետոյ,
այդ
սաքուին
վրայ
պիտի
ձգէին
ինչ
որ
ազատած
էր
պաշտօնեային
քմահաճոյքէն,
–
պայուսակ,
կօշիկ,
ուտելիք,
սա
տակը
՝
ծածկոցները
եթէ
ունէին
բերած
իրենց
գեղերէն։
Պառկելու
համար,
սալե՛րը։
Ամէն
երանգէ
ու
չափէ։
Փորփրուած,
տաճկնալու
համար։
Այս
խազխզումը
հոգեկան
պահանջ
է
անոնց։
Քրիստոնեայ
եկեղեցիներն
ու
գերեզմանատունները
մինչեւ
այսօր
կը
շարունակեն
քակուիլ,
մերկացուիլ
իրենց
պատմուճաններէն՝
կազմելու
համար
յատակը
սա
գարշանոցներուն։
Բանտարկեալները,
անկախ՝
իրենց
մեղքերուն
ծանրութենէն
կամ
թեթեւութենէն,
այս
չոր
լուացում
էն
յետոյ,
ինչպէս
կը
հեգնէր
կողոպուտի
սա
եղանակը՝
բանտին
արկո
ն,
կը
ձգուէին
սալարկին
վրայ,
ազա՜տ,
ընտելանալու՝
ա՛լ
անկնիք
սալերու
խորհուրդին
մէջ։
Աւերակը
պատմութեան
դասախօսէ
մը
աւելի
կ՚արժէ։
Ու
անով
ոճաւոր
թերագործը
ցեղերու
ճաշակէն
մեծ
բան
կը
յայտնէ,
թէկուզ
բանտերէն
դուրս,
մա՛նաւանդ
թաղամիջեայ
գռիհներուն
մէջ,
երբ
թուրքին
քմահաճոյքը
կ
’
ուզէ
գրաւում
ընել,
յանուն
կրօնքի։
Խա՜ն,
բաղնի՜ք։
Տեղեր
ասոնք,
ուր
ազգամիջեան
ատելութիւնները
կնիքի
կ
’
ելլեն։
Որքան
ալ
սա
հաւաքավայրը
իր
առժամեայ
նկարագիրը
ունենար
իրեն
իբր
տիրական
գոյն,
ցամաք,
անոճ,
ու
մերկ,
ինչպէս
է
ըլլալ
ճակատագիրը
բոլոր
ոչ
-
անհատական
շէնքերուն,
բանտի
այդ
մասին
մէջ
հեքիաթի
բրդուճ
մը
կը
դիմանար
տակաւին,
իր
ընդերկրեայ,
վիրապային
բաժինովը,
ուր
իբր
թէ
ձգուէին,
գոնէ
ատենի
մը
համար,
մեծ
ոճրագործները,
թեթեւնալու
իրենց
փուշերէն,
հասուննալու՝
խոստովանութեան,
անո՜նք,
յաճախ
նախագաւիթ
մտած,
միւսներուն
նման
պարզ
երեւոյթով։
Հազուադէպ
է,
որ
ոճիրը
ըլլայ
հռետոր
եւ
պոռպռան։
Անշուշտ,
այդ
մեծ
չարագործները
իրենց
հետ
կը
բերէին
ծանր
ամբաստանութիւններ,
բայց
ուրանալու
համար
զանոնք
մեծ
խաղաղութեամբ։
Արեւելքի
մէջ
ուրացումին
ջերմութիւնը
յաճախ
կը
շփոթուի
արդարութեան
հետ,
ինչպէս
պարզութիւնը՝
մեղապարտութիւն
կը
թարգմանուի,
նոյն
օրէնքին
հակադարձովը։
Ուրացումը
մեծկակ,
օգտաւէտ
առաքինութիւն
մըն
է։
Հեքիաթը
կ
’
ուզէր,
որ
այդ
հերոսները
դրուելէ
յետոյ
այդ
չերեւցող,
բայց
գոյ
վիրապներուն
խորը,
քիչ
-
քիչ
փոքրանային
`
այդ
խորշերուն
շատ
ցած
կամարներէն
իրենք
ալ
անզգալաբար
ցածնալով,
սմքելով
իրենց
դիրքին
գագաթներէն,
իրենց
սուտին
տիկերէն,
զիջելով
իրենց
կատաղութիւնը,
նախ՝
իրենց,
յետոյ՝
շրջապատին։
Մեռնողին
ետեւէն՝
ստուեր։
Ի
հարկէ։
Ամէն
բանտային
տնօրէն
«
գործնական
իմաստասէր
»
մը
չէ
թերեւս,
ինչպէս
հիմա
կ
’
որակեն
իրենք
զիրենք
պարզամիտ
մարդեր,
այլ՝
գործնական
հոգեբան
մը,
որուն
թափանցումի
գործիքները
ոչինչով
վար
են
քահանաներէն
ու
խղճմտանքի
մեծ
վերլուծողներէն։
Ձանձրոյթը,
յուսահատութիւնը,
կարօտը
վախէն
առաջ
ոճրագործը
կը
կակուղցնեն
ու
կը
թրջեն։
Խոստովանութի՞ւն։
Ինչո՞ւ
չէ,
երբ
մա՛նաւանդ
թուրքին
ճոկանն
է
քահանան։
Պիտի
տեսնենք
այդ
խոռոչներն
ալ,
երբ
յառաջանանք
մեր
պատմումէն
ներս։
Հեքիաթը
չէ,
որ
լաւ
կը
յօրինէ։
Թուրքերը
դարերով
հաւատաքննութիւն
գործադրեցին
իրենց
արգելարաններուն
մէջ։
Մարդկային
կեանքը
այնքան
քիչ
գնահատուած
երկրի
մը
մէջ,
որպիսին
թուրքերունը,
ձեզի
կը
ձգեմ
դատել
չափը
անգթութեան,
որ
ծախսուեցաւ
այդ
խոռոչներուն
ծոցը
ծուարած
հոգիներուն
վրայ։
Անկէ
զատ
տանջանքի
զգայարանքը,
զայն
տալու
գեղձերը
կարգ
մը
ժողովուրդներու
մօտ
զարգացած
են
շատ։
Ու
թուրքը
գլխաւորն
է
անոնց։
Մորթելու
մէջ
չյոգնիլը
մկանային
մարզանք
ըլլալուն
չափ,
հոգեկան
ալ
մխում
է։
Նախագաւիթին
քովն
ի
վար,
նրբանցքնե՛ր,
կամարակապ,
ինչպէս
կը
թելադրէին
պատերը
դէպի
վեր՝
կորացող,
բայց
գմբէթէն
փոխուած
։
Նեղ,
այդ
անցքերը
քսան
քայլ
անդին
ու
ասդին
կը
վերածուէին
ոստիկանական
սենեակներու,
դիւաններու։
Կուսակալութեան
քաղաքապահ
ուժերը
հոդ
ունէին
իրենց
դաշտային
ու
գիւղային
սպասարկութեան
պաշտօնատեղիները։
Սալարկը,
բաղնիքին
ոճը,
տանիքին
փորուած
փոքր
լուսամուտները
կը
նպաստէին,
որ
այդ
անցքերը
նորամուտին
եւ
այդ
տեղերու
անծանօթ
զբօսաշրջիկի
միտքին
վերածուէին
միջնադարեան
գետնուղիներու
`
յանցաւորները
ողջ
-
ողջ
գետնին
ընդերքը
առաջնորդող,
ուր
անոնց
պիտի
մնար
մեռնելէ
առաջ
մահը
ապրիլ։
Ասկէ
զատ
պէտք
է
նկատի
առնել
թուրքերուն
մօտ
բացառիկ
շեշտումով
ուշագրաւ
այն
պաշտօնականութիւնը,
որ
պատժելու,
ծեծելու,
մորթելու
քիչ
մարդկային
վարժութիւնները
կը
տարազէ
ապշեցուցիչ
բնականութեամբ։
Այն
ժողովուրդն
է
ասիկա,
որ
կրցաւ
պարզ
մնալ,
մեր
բնաջնջումը
իբր
յղացք,
յետոյ՝
որոշում,
յետոյ՝
իրողութիւն
ընդունելէ
ետքը։
Ու
հազարաւոր
գեղերու,
քաղաքներու
մէջ,
տասն
անգամ
տասը
հազար
գլուխները
այդ
ծրագիրը
եւ
մեր
միամտութիւնը
քով
քովի
դրին
ու
չճաթեցան
իրենց
խղճմտանքներէն։
Բացառիկ
օրերու
հոգեբանութեան
մը
արդիւնքը
չէ
այս
սառնութիւնը,
խորհրդապահութիւնը։
Անոնք,
իրենց
ամէնէն
խաղաղ
պահերուն
անգամ,
քրիստոնեան
պատուհասելու
առիթին
առջեւ
կը
դառնան
խորհրդաւոր
արարածներ,
թաքնամիտ
ու
նենգ։
Հեքիաթը
կ
’
ուզէր,
որ
այդ
անցքերէն
անդին
ոճրագործները,
բանտարկեալները
մոռցուէին
ո՛չ
թէ
բանտէն,
այլ՝
վերի
Աստուծմէն։
Միշտ
այդ
հեքիաթին
պնդումովն
էր,
որ
այդ
վարի
աշխարհին
մէջ
տիրակալ
էր
ծեծը,
պարզ,
ամբողջ
անսանձ,
անվերապահ,
որ
կրնար
վերջանալ
մահուամբ,
իբր
բնական
յանգում,
կամ
նուաղումով,
երբ
կարիք
կար
քրքրելու
բանտարկեալին
ջիղերը
`
անոնցմէ
կորզելու
համար
գաղտնիքը,
յաճախ
անգոյ,
խենթի
մը
ուղեղին
մէջ
սահմանաւորուած
ու
բռնի
փոխադրուած
կալանաւորին
ուղեղին։
Հոդ,
այդ
խորութեանց
մէջ
ծեծը
անասնական
ալ
չէր։
Մարդկայինէն
դուրս,
վասնզի
չէր
վախնար
ականջէ
ու
աչքէ։
Ու
տանջանքը,
բոլոր
ուժովներուն
սիրական
ժամանցը,
երբ
մարդիկ
չունէին
թատրոններն
ու
զուարճութեան
միւս
կերպերը։
Խաղաղ
ու
բացարձակ
տանջա՜նքը։
Պնդողներ
կային,
որ
ձայնը,
մէջէ
մէջ
տանող
անցքերն
ի
վար,
կը
խղդուէր
ինքն
իրմէ,
ելքի
գետին
չունեցող
ալիքի
մը
նման,
դառնալով
ինք
իր
վրայ,
ու
ջուրի
երեսին
համակեդրոն
շրջանակներու
նման
աճելով
ու
աճելով
իր
իսկ
ցոլացումէն։
Միշտ
այդ
հեքիաթին
համաձայն,
կու
գար
կէտ
մը,
ուր
կը
դադրէին
պատերը
`
հատնելով
խոռոչներու
գանկին
մէջ։
Խոռոչներ՝
նման
ապառաժի
մէջ
փորուած
դուռերու։
Տեսնո՞ղ։
–
Հարկ
չկայ
շատ
տեսնելու
`
հաւատալու
համար
ամէնէն
յիմար
յօրինումներուն։
Ո՞վ
է
տեսեր
թուրքին
ազնուութիւնը,
երբ
նստած
Եւրոպա,
իր
դահլիճին
ապահով
գեղեցկութեանը
մէջ
կը
նկարագրէ
անոր,
միշտ
այդ
թուրքին,
բարեկրթութիւնը,
պարզութիւնը,
հիւրասիրութիւնը
`
յաճախուած
որեւէ
զգայական
հրապոյրներէ,
կամ
կաշառուած՝
դեղին
վայելքներէն։
Ո՞վ
է
տեսեր
թուրքին
անգթութիւնը
բոլոր
այն
մեծ
-
մեծ
նաւապետներէն,
որոնք
ապահով
իրենց
զրահաւորներէն
դիտեցին
քարափներու
ողջակէզները,
խաղաղ
ու
քիչ
մը
էսթէթիք
զգացումներով
ու
լռեցին
աշխարհին
ինչ
որ
այդ
պատկերը
իրենց
քունին
մղձաւանջ
արժեց,
աւելի
վերջը։
Ասիկա՝
փակագծիկ
մը։
Իրաւը
այն
է,
որ
Արեւելքի
մէջ
կեանքը
կը
ձեւուի
կնիքովը
չտեսնուած
բաներուն։
Թուրքը
չի
բաւեր
տեսնել։
Պէտք
է
զայն
զգալ։
Ու
ատոր
համար
պարզ
է
ճամբան։
–
Գերութիւնը։
Եւրոպական
երկու
մեծ
ազգերէն
(
Անգլիա
եւ
Ֆրանսա
)
բաւական
թշուառականներ
զգացին
ատիկա
Իրաք
ու
Կիլիկիա։
Անոնք
պարտաւոր
էին
իրենց
յուշերը
գրելու։
Այն
ատեն
աշխարհ
կը
հասկնար
հայկական
ողբերգութիւնը։
*
*
*
Սողոմը
ընդունողնե՞րը,
մոխիրնոցին
մէջ։
–
Մարդեր
մը,
թիւով
շատ։
Որոնք
նմանութիւն
չէին
բերեր
թիւ
տասներկու
նկուղին
բնակիչներուն։
Խայտաբղէտ
էր
ասոնց
տարազը,
ամէն
աստիճանէ,
երանգով՝
ինչպէս
որակով։
Ու
սրտառուչ
ալ
նորին
քով,
որ
դերձակին
արդուկը
դեռ
չէր
կորսնցուցած
հայու
մը
կռնակին,
երեք
ամիսէ
ի
վեր
զլացուածը,
ինչպէս
կը
վկայեն
օձիքները,
իւղ
կապելէն
-
կապելէն
ա՛լ
կաշի,
սեւցած
ոսկորի
վերածուած։
Ատոնց
աղտին
ու
քայքայումին
վերեւ
բանտին
կնիքը
`
պարզ
ու
պայծառ։
Մինչ
ուրիշներ
`
կազմելով
դառն
այլուրութիւն
մը,
այդ
առտու
իրենց
տունէն
բաժնուած
ու
բաց
օդ
հոտող։
Բոլորեցին
զինքը,
ուրա՜խ,
կարեկցուն
ու
հետաքրքիր։
Բանտը
արժէքի
կը
հանէ
մեր
ազատութիւնը։
Ամէն
նորեկ
այդ
ազատ
աշխարհէն
դեռ
հոտ
մը,
ծուէններ
մը
կը
կրէ
վրան։
Այս
մօտութիւնը
գրաւեց
անոր
ուշը:
Թիւ
տասներկուքը
չէր
ունեցած
այս
սիրտբաց
թեթեւութիւնը։
Եղաւ
անոր
աչքին,
րոպէ
մը,
մռայլ
խոռոչը,
իր
լռակեաց
չղջիկներով։
Անոնց
միակերպ
տարազը,
կէս
քերծուած
գանկերը
փուշի
պէս
ցցուեցան
իր
մէջ։
Անիկա
չէր
կրնար
խորհիլ,
որ
արգահատանքը
տրտում
է
մեր
մէջ,
ու
ցաւը,
ուրիշի
մը
ցաւակցիլն
ալ
նոր
տառապանք
մը
մեզի։
Ինչպէս
մեզ
կը
խոցէ
յաճախ
մեր
դէմէն
մեր
վրայ
արձակուած
գութին
զգայութիւնը։
--
Օրը
գէշ
է։
Մռլտացողն
էր
շուտիկ
դէմքով
փոքր
ու
թշուառական
մարդ
մը,
որ
եկողները
կը
դիմաւորէր,
հաճոյակատար
ու
զուարթ
`
ջանալով
առաջին
տպաւորութիւնը
մեղմ
ընծայելու
սա
բունէն
։
Ուզածը
սիկարն
էր
կամ
պիստակի
հատիկ
մը,
որմէ,
իր
դատողութեամբը,
ունենալու
էր
ամէն
մարդ,
նոյնիսկ
բանտ
քալած
ատեն։
Պիստակի
համար
իր
տկարութիւնը
անիկա
կը
տարածէր
ամէնուն։
Այնպէս
որ,
այդ
բառին
արտասանութիւնը
կը
ստեղծէր
առատ
ծիծաղ։
Սիկարը
առնելէ
ետքը,
անիկա
կը
սկսէր
իր
պատմութեան,
անդադար
վիպելով,
ընդլայնելով,
հեգնութեան
շատ
սուր
զգայարանքով
մը
տրուած,
որ
դիւր
կու
գար
ցուրտ
այդ
սալարկին
եւ
անժպիտ
պատերուն
սաղաւարտաձեւ
ճնշումին
դէմ։
--
Թո՛ւղթդ,
թո՛ւղթդ,
ընկեր։
Սողոմը
պատասխանի
տեղ
դարձաւ
ետին
`
փնտռելու
ձեւով
տասնապետը,
որ
զինք
բերած
էր
հոս։
Տասնապետը
անհետացեր
էր։
Թո՞ւղթը։
Ան
ալ
միասին
անշուշտ։
--
Կամաց
-
կամաց։
Կու
գա՜յ։
Մարդ
չէ,
որ
ծերանայ
ու
մեռնի։
Այս
նախադասութիւնները
կտոր
-
կտոր,
զանազան
բերաններէ,
իբր
շղթայի
մը
օղակները,
հատ
-
հատ
փրթան
ու
գացին։
Գլուխները
չէին
տարբերեր
զանգուածէն։
Ու
ըսողները
չունէին
ճիգ,
շարժում
ըրած
ըլլալու։
--
Աղէկ
գործը
վեց
ամիսէն։
--
Հա՜յ
-
հա՜յ։
--
Ինշալլա՛հ։
--
Մաշալլա՛հ։
--
Սիւպհան
Ալլա՜հ
…
Կը
խօսէին
մարդիկ։
Ու
լոյս
կար
բաղնեկամարին
ներքեւ։
Իրիկնացումը
սկսած։
Ու
քարերը՝
պաղով
լեցուելու
վրայ։
Այս
սրախօսութիւնները
թուլիկ
գանգատներ
էին
--
Համիտի
ռէժիմի
նկարագիրն
էր
դժգոհ
ըլլալ,
բայց
չգանգատիլ,
մա՛նաւանդ
պաշտօնեայ
դասակարգէն
--
այսպէս
բանաձեւուած,
կորսնցնելով
իրենց
դառնութիւնը,
բերանէն
այն
մարդոց,
որոնք
շաբաթներէ
ի
վեր
կը
սպասէին
իրենց
թիւին,
հերթին,
ամէնէն
առաջ
թուղթին։
Ժամանակը
ամէնէն
պղտոր
բանն
է
բանտարկեալի
ուղեղին
մէջ։
Անիկա
պիտի
չափուի
այդ
պզտիկ
գաւիթին
պարունակութեամբը
ու
պիտի
տարտամի
շատ
շուտ։
Անոնք
յանցանք
գործած
ըլլալու
գիտակցութենէն
կը
թուէին
հեռացած։
Կային՝
որ,
զոհ
դառնալու
աճպարարութեան
չստորնացող,
մոռցեր
էին
իրենց
մեղքերը,
իրապէս,
այնքան
հինցած
կը
զգային
զիրենք
այդ
քանի
մը
շաբթուան
մէջ։
Յոգնած,
սպասման
չափով
ալ,
նաեւ
եկող
ու
գացող
քարտուղարներուն
հարցականներէն,
որոնք,
եղէգ
-
գրիչը
իրենց
ֆէսին
տակ
մխած,
կը
թթուէին
անոնց
անիմաստ
ներկայութեան
`
խորհելով
անշուշտ
թագաւորին
հացին,
որ
կը
վատնուէր
աւելորդ
ակռաներու
վրայ։
Անոնք
քննիչներ
ալ
տեսած
էին
`
մնալու
համար
հո՛ն,
ուր
էին։
Յանցանք
գործելը
նուազ
դառն
էր,
քան
սա
անզբաղ
մակաղումը։
Դատարա՞ն։
Բայց
խա՜ն
չէր
ատիկա,
որ
տրեխով
ու
գաւազանով,
առնուազն
հայհոյութեամբ
մտնէին
ներս։
Դատուելու
համար
ալ
թո՜ւղթ
էր
հարկաւոր։
Պիտի
մնային
ուրեմն
ատոնք,
թուղթի
կորուստներ,
հիւրանոց
ին
մէջ
(
մոխիրնոցը՝
պաշտօնական
յորջորջումով
)
մինչեւ
որ
բախտը
քաղցր
հայէր
իրենց
ու,
տեղէ
մը,
դիւանէ
մը,
թղթածրարէ
մը
կամ
դժոխքին
անկիւնէն
հանէր
մէջտեղ
այդ
անիծեալ
առարկան
ու
արտօնէր
իրենց
պատժապարտումին
սկզբնական
սեւագրութիւնը,
առանց
որուն
անոնք
անհարազատ
զաւակներն
են
սա
մեծ
կազմակերպութեան,
որուն
անունն
է
ժամանակակից
արդարութիւն։
Շղթա՞յ։
Ոչ
ոքի
վզին։
Բայց
կային
այնպիսիներ,
որոնք
կապուած
էին
իրենց
ձեռքերէն,
ո՛րը
դէպի
կռնակը,
ո՛րն
ալ
փորին
վրայ։
Նոր
ժամանածներ,
անշուշտ,
սպասելով,
որ
քակուէին
այդ
շղթաներուն
կղպանքները։
Ոստիկանները,
այդ
եղկելիները
հոս
քշած
ատեն,
կը
պատահէր,
որ
կորսնցնէին
այդ
մանր
փականքներուն
նոյնքան
մանր
բանալիները,
վարժութեամբը
իրենց
կենցաղին,
որ
անփոյթ
է
սովորական
դէպքերու
եւ
հարցերու
մասին։
Թափթփածութիւնը,
ձախաւերութիւնը
ամուրիներուն,
օտարին
տունը
պառկողներուն,
աւելի
շատ՝
օտարի
հաց
ուտողներուն։
Կ
’
երթային
անգամ
մը
յանցաւորը
հաւնոց
թխմելէ
ետքը
`
փնտռելու
եւ
բերելու
բանալիները։
Անոնց
հո՜գն
էր
հատեր,
փակուած
անասունին
համար
հարցուփորձ
ընել:
Գովուշ
ին
մէջ
այնքան
քաղցր
էր,
ճամբու
տաժանքէն
յետոյ,
երկարուն
հանգիստը։
Գեղերէն,
յանցաւորները
քաղաքին
բանտը
փոխադրող
ժանտարմաները
այնքան
խելօք
Դաւիթներ
են,
որ
կը
մոռնան
բանալիները,
իրենց
վրայ,
ու
կը
փնտռեն
դուրսերը։
Նասրէտտինի
անէքտոթ
ը
ամէն
օր
թարմ
իրականութիւն
է
`
էշը
հեծնալով
էշ
փնտռելու։
Անոնց
առաջին
գործը
կ
’
ըլլայ
գլուխնին
զարնել
գետին
եւ
ութ
ժամ
քնանալ
անծակ։
Սողոմին
կանոնաւոր
շղթան
զարմացուց
բոլորը։
Բանտը
յիմարներու
հաւաքարան
ըլլալէ
առաջ,
իմաստուններու
խորհրդարան
մըն
է։
Ամէնէն
դդումն
անգամ՝
առանց
ուզելուն
եւ
գիտնալուն,
գանկին
մէջ
բաներ
մը
դիզած
կ
’
ըլլայ
տարիներու
ընթացքին։
Վասնզի
կարգ
մը
մարդոց
համար
տարին
քանի
մը
հեղ,
քանի
մը
ամսով
«
այցելութիւն
»
մը
խառնուածքի
մաս
կը
կազմէ
։
Ու
ասոնք
են,
որ
բանտէն
արձակուելէ
յետոյ
իրենց
գեղ
դարձին,
իմաստուն
պատգամներով
կը
խօսին
հարիւրապետէն,
հազարապետէն,
որոնց
տուներէն
ներս
մուտք
ունենալ
կը
յաւակնին
`
իբր
ներսի
մարդ,
անշուշտ
կողով
մըն
ալ
մանրամասնութիւն,
բամբասանք
`
ընդհանրապէս
նիւթ
ունենալով
իշխանաւորին
կիները,
աղջիկները,
այնքան
աղուոր,
մարդամօտ,
հաւանաբար
իրենց
էրիկներէն
չկշտացող
տեսակէն։
Բանտարկեալները
սա
շղթայաւոր
մուտքը
կապեցին
ուրիշ
երկու
հայերու
երեւումին
`
տեսնուած
այն
առտուն։
Ասոնք
մնացեր
էին
հոն
երկու
ժամ,
յետոյ
առնուեր
դուրս
`
դէպի
նրբանցքը
ոստիկաններուն։
Չարագուշա՜կ
այդ
կողմնացոյցը։
Ոստիկաններուն
կողմէ՝
դէպի
հողին
ընդերքը։
Մեծ
յանցաւորներու
վիճակուող
այս
ճակատագիրը
հայերուն
վրայ
սովորական
կը
դառնար։
Ո՞վ
էր
փսփսացած,
անոնց
դուրս
ելլելէն
վերջ
չարագուշակ
տարազը։
–
Քոմիթա
ն։
--
Ա՞ս
ալ։
Ըսին
իրարու,
խոժոռ
ու
խորհրդաւոր,
բայց
մնացին
տարակուսող։
Սողոմին
զգեստները
մօտի
հայ
գեղերուն
կտրուածքն
ու
նախանիւթը
ունենալնուն,
դժուար
ընդունելի
կ
’
ընէին
նման
բանաձեւ
մը։
Լեռներուն
մէջ
պտտող
ասպատա՞կ։
–
Սպասելի
չէր
այդ
ապրանքը
սա
մատաղ
տղայէն,
որուն
տժգունութիւնը,
ձեւերու
փոքր
շնորհքը
անընդունելի
կ
’
ընէին
լեռնային
խստութեանց
մէջ
կարծրացած
գազանը։
Անոնք
գլուխ
ճօճեցին
ու
չափեցին
խիստ
գունատ
երիտասարդը։
Հետաքրքրական
սակայն։
Շղթայովը,
որ
չէր
վայլեր,
ու
բռնի
դրուած
կը
թուէր
անոր
ուսերուն։
Ճերմակ
վիրակապներովը,
տակաւին
աղտէ
զերծ,
որոնք
գեղէ
մը
մինչեւ
քաղաք
եօթը
օխա
աղբի
հիւթով
կ
’
ըլլան
ժանգահար,
եւ
որոնք
զինուորութիւն
ըրածներուն
մէջ
արթնցուցին
ռմբական,
պատերազմական
առնուազն
յեղափոխական
գործունէութեանց
մնացորդ
յուշեր,
երբ
Պալքաններու
մէջ,
հզօր
բախումներէ
յետոյ,
բռնուած
քոմիթա
ները,
սպաներուն
մատնութեամբը
(
զինուորը
միշտ
ամբոխ
է
եւ
կը
տրամաբանէ
մեծ
գիծերով
)
կը
կապէին
այդպէս
ճերմակ
լաթերով,
փոխանակ
շերտ
-
շերտ
մանրելու,
մեծ
կտորը
ականջնին
թողելու
պայմանով։
Ամէնէն
աւելի
հետաքրքրողը
այդ
տղուն
վրայ,
պատանութի՛ւնը,
որ
հազիւ
ստուերուող
պեխերէն
եւ
դէմքին
թարմ
կնիքէն
կը
բխէր։
Ու
տժգոյն,
շատ
տժգո՜յն,
հերքելու
չափ
ընթացիկ
տիպարը
դանակէ,
գնդակէ
անցնողներուն,
որոնք
հաստ,
մսագործի
արիւն
կ
’
ըլլան
դիզած
իրենց
դնդերներուն։
Կարգ
մը
մարդոց
մօտ
երեսը
չի
զանազանուիր
ոտքի
միսէն։
Սովորութիւնը
կ
’
ուզէր,
որ
ամէն
մտնող
յանցաւոր,
հինգ
վայրկեանի
դադարէ
մը
յետոյ,
որ
կարելիութիւնը
կը
ստեղծէր
մեղքին
խռովքէն
խանգարուած
ջիղերը
քիչ
-
շատ
տեղաւորելու
միսերուն
ներքեւ,
ներկայացուէր
պիտի
գաւիթին
պետին
տամ
-
չաւուշի
ին
։
Պատժուած
մը
աս
ալ,
բայց
մեծ
գիծէ։
Այսինքն՝
տասնհինգ
տարիով։
Բայց,
օրինաւոր
խողովակով
լրացուցած
անոր
պահանջուած
մասը,
քանի
մը
տարիով
հեռու՝
իր
ազատ
արձակումէն։
Այդ
քիչիկ
միջոցը
այդ
չաւուշները
կ
’
անցընէին
դուրս
իրենց
նկուղէն,
աւելի
թեթեւ
յանցաւորներու
բաժինին
մէջ
`
կարգապահութեան
իբր
ազդակ։
Այդ
կարգադրութեամբ
գովուշ
ներու
ներքին
խաժամուժը
կը
սանձուէր
աւելի
դիւրաւ։
Ամէն
նորեկ
դիւրայոյզ
է
եւ
կռուազան։
Կ
’
ուտէ
ծեծը,
բայց
կը
մոռնայ,
վասնզի
ոստիկանը
դուրսն
է։
Բարձր,
արիւնով
ու
առասպելով
նուիրագործուած
հեղինակութիւն
մը
ծեծկըւուքը
կ
’
ընէ
պակաս,
ոստիկաններուն
գլուխն
ալ՝
աւելի
հանգիստ։
Կամաւոր
անունին
տակ,
իրապէս
ստիպողական
տուրք
մըն
ալ
կը
գանձեն
անոնք,
մտնողէն՝
ինչպէս
ազատ
արձակուողէն,
վասնզի
պատահական
է,
որ
քրիստոնեաներուն
շատերը,
արդէն
առանց
բանաւոր
պատճառի
քշուած
հոդ,
զգաստարան
չինկած,
քրտնելէ
ետքը,
ձգուին
դուրս։
Անոնք
սրտագին
կը
պարպեն
մանրուքն
ալ
իրենց
գրպաններուն,
եթէ
ունին։
Չունեցողները
կը
թեթեւնան
իրենց
չուխայէն,
գօտիէն,
նոր
կօշիկներէն։
Մաքրութեան,
քարիւղի,
ածուխի,
ջուրի,
աւելի
եւ
ուրիշ
անուններու
տակ
գանձուած
այս
գումարները
անուղղակի
հասոյթի
աղբիւր
են
ոստիկաններուն։
Այս
ամէնը
լռին
գիտակցութեամբը
մեծերուն,
որոնք
բանտային
պիւտճէին
մէջ
կլորակ
ծախքեր
նախատեսած
եւ
տրամադրած
ալ
կ
’
ըլլան
ամէն
տարի։
Աղքատութեան
եւ
թշուառութեան
այս
տուրքը
երբեմն
կը
ստեղծէ
աղեխարշ
տրամներ,
որոնք
բանտին
պետին
թաքուն
թելադրութեամբը
կը
յարդարուին
զոհին
ընկերներէն։
Ծեծը
ատոր
ամէնէն
անմեղ
ձեւն
է,
երբեմն
յանգող
շնորհքով
մահուան,
աւելի
յաճախ՝
սրտառուչ
ջախջախումի։
Կը
փշրուին
չունեցողին
ոսկորները
ու
ոչ
ոք
կը
պատժուի
այդ
բարբարոսութեան
համար,
վասնզի
հաւաքականութիւնը
իր
հմայքն
ունի,
նոյնիսկ
բանտին
մէջ
ու
զինաթափ
կ
’
ընէ։
Կը
հասկցուի,
որ
այս
պաշտօնը
ինքնին
շատ
ալ
թեթեւ
գործ
մը
չըլլայ։
Բանտապետը
անպայման
տասնհինգ
տարի
կերած
մարդասպան
մըն
է,
որով,
ինքնին,
անառարկելի
հեղինակութիւն
սա
սուտուփուտ
մեղաւորներուն
մէջ,
մէկ
մասը
լիովին
անպարտ,
մեծ
մասն
ալ
գող՝
հաւկիթի,
պտուղի,
հաւի,
երբեմն
ալ
կնիկի։
Ու
մոխիրնոցն
է
կրկին
հանգստավայրը
ախտավարակներուն,
լուսնոտ
ու
որդնոտ,
որոնք
մեղք
կը
գործեն
ծեծի
մը
գնով
`
շաբաթ
մը
ապահով
հաց
ուտելու
համար։
Ու
բախտախնդիրները,
քսակահատները,
լեզուի
տուողները,
մարդ
ծեծողները,
կիներու
խօսք
նետողները,
եւ
ամբողջ
գորշ
ամբոխը
ճճի
մեղաւորներուն,
որոնք
ծեծկըւուքի
աժան
ալ
հերոսներ,
կը
հետաքրքրեն
ոստիկանութիւնը,
երբ
«
անգործութիւնը
տիրէ
»,
դուք
հասկցէք՝
երբ
ազգային
խնդիր
մը
չգրաւէ
ոստիկանութեան
ուշը,
ու
մեծ
ոճիրները,
որոնք
որ
մեծ
ձերբակալութիւն,
ահագին
հարցաքննութիւն
եւ
երթեւեկ
կը
պահանջեն,
ցանցառ
դառնան,
վրայէ
վրայ,
քանի
մը
ամսով։
Բանտապետը։
–
Մեծապեխ
ու
շատ
թուխ
երիտասարդ
մը։
Հակառակ
քառսունէն
վեր
ըլլալուն,
դեռ
պահած
էր
մոյնքին
թարմութիւնը։
Անզբաղ
կեանքը
երբեմն
ծնունդ
կու
տայ
այս
բացառութիւններուն։
Գէր
ըսուելու
չափ
լեցուն,
որ,
այդ
գառագեղներուն
մէջ
մարմնական
ուժին
հետ
հեղինակութիւն
ալ
կը
խորհրդանշէ։
Աչքերէն
արիւն
կաթող,
իրականին
մէջ
արիւնահոսման
ենթակայ
աչքեր,
քանի
որ
նստուկ
կեանքը
եւ
խնամուած
սեղանը
(
անիկա
կ
’
ուտէր
իր
քսակէն
ու
կ
’
ուտէր,
չվաստկած
ծախսող
մարդու
ախորժակով
)
իրարու
կը
միանային
անոր
որովայնէն
ներս։
Արիւնի
պէս
բաց
կարմիր
ֆէսը
անոր
կու
տար
դիւանապետի
գլուխ
մըն
ալ,
ճաղատ
ու
կարմիր,
որուն
նմոյշները
այնքան
առատ
են
պետական
պաշտօնեաներու
գատրո
ներէն։
Անիկա
չշարժեցաւ
տեղէն,
Սողոմին
մուտքէն
յետոյ։
Շղթան,
տասնապետի
աչքով
խփումը
դեր
ունէին
բացատրելու
սա
վերապահութիւնը,
քանի
որ
հեղինակաւոր
մարդու
իր
հմայքներէն
մէկն
ալ
իր
խոնարհամտութիւնն
էր
ամէն
եկուորի
հետ,
կարեկցուն,
եփուն,
մարդամօտ,
փարատելու
աստիճան
եկուորին
միտքէն
առաջին
դառնութիւնները
կղզիացումին։
Իրողութի՞ւն,
որ,
անիկա
փուր
չէր
փրցուցած,
առտուն
«
սխալմամբ
»
հիւրանոց
մոլորած
քոմիթա
ճիներէն,
ինչպէս
մեկնուած
էր
հայերուն
հեռացումը,
քանի
մը
ժամէն։
Բանտապետը
խելք
ունէր։
Ու
գիտէր
զայն
գործածել։
Անոր
հեղինակութիւնը
կապ
ունէր
թափանցամտութեան,
որով
շրջապատին
շարժումները,
ասոնց
թաքուն
զսպանակները
արագ
-
արագ
կը
հասկնար
ու
կը
զգացնէր
ատիկա,
իսկապէս
գործողութեան
մարդու
վայել
սառնութեամբ։
Շատ
բան
կը
զգանք
ու
կը
հասկնանք։
Բայց
կը
պահենք
մեզի,
երբ
հայեցողական
է
մեր
խառնուածքը։
Կրնանք
մեծ
արուեստագէտներ
ըլլալ
այդ
տուրքերով,
բայց
պիտի
չազդենք
մեր
շրջապատին,
որ
միշտ
պիտի
փնտռէ
տիրողները,
գործողութեան
մարդերը,
ասոնք՝
իրենց
դիտածը
իրենց
չպահողները։
Բանտապետը,
հայերու
այս
շղթայակիր
տեղափոխութեամբը
հոտն
էր
առած
ծանր
բաներու։
Վեց
-
եօթը
տարի
առաջ
`
Հայկական
ջարդերուն
ատեն
շարժած
էր
սա
գիծերուն
մէջ։
Այն
ատեն
ալ,
կուսակալութեան
մէջ
ձեռք
անցուած
ոչ
-
երկրացի,
հետեւաբար
հայաստանցի
արհեստաւորները,
օրավարձով
բանուորները,
անգործ
բեռնակիրները,
պանդուխտները
իբր
քոմիթա
ձերբակալած
ու
մաքրել
էր
տուած,
թուրք
բանտարկեալներուն
ձեռքով։
Ձեւակերպութիւնները
կը
յիշեցնէին
այդ
արիւնոտ
թուականը։
Ու
օդին
մէջ
հոտ
կար
գէշ
բաներու։
Պոլսոյ
եւ
Իզմիրի
մեծ
հաստատութեանց
մէջ
գտնուած
ռումբերն
ու
տինամիթները
բանտերուն
համար
նիւթ
էին
քնարական
ցասումի։
Ամէն
թշուառական,
հայու
մը
անունին
հետ
առիւծ
կը
կտրէր
ու
քաղաքական
ատելութիւն,
անզէն,
տկար
ժողովուրդի
մը
դէմ,
ամէնէն
ընթացիկ
նիւթն
էր
ներսէն,
ինքնիրմէ
մեծնալու,
իր
ազգը
սիրելու,
փատիշահը
փառաբանելու։
--
Հարցուցէք
երկիրը,
-
հրամայեց
անիկա
`
ափի
մը
չափ
խոշոր
գլուխով
սաթ
ծխափողը
բերնէն
հանելով։
Պատասխանը
թթուեցուց
զինքը։
Քոմիթա
տիտղոսուած
հայը
ուրիշ
արարած
մըն
էր։
Թուրքը
անոր
վրայ
իր
մեզմէ
ունեցած
արհամարհանքին
կը
լծորդէր
նաեւ
իր
կատաղութիւնը,
մեզմէ
չսպասուած
սա
ապերախտութեան
իբր
անդրադարձ՝
իր
անպարագիծ
ատելութիւնը,
արեւելեան
եւ
վճռական,
որով
կարգ
մը
անգթութիւններ
բացատրելի
կ
’
ըլլան
մարդոց
ոճիրներէն։
Քոմիթա
ներուն
պատուհասումը
գործն
էր
անշուշտ
բարձր
կազմակերպութեան
մը,
որուն
օղակները
կը
կեդրոնանային
Պոլիս։
Քաղաքական
լրտեսութիւնը
այդ
տարազով
մատչելի
կ
’
ըլլար
զանգուածին։
Հայերը
պետութեան
դաւադիր
միքրոպներն
էին,
որոնց
դէմ
պաշտպանուելու
հարկն
իսկ
զայրոյթ
կ
’
ազդէր։
Ու
ահաւոր
նրբերա՜նգ,
այդ
զայրոյթը
անոնց
մէջ
կը
փոխուէր
խոր
արհամարհանքի։
Ոչ
մէկ
տեղ,
ոչ
մէկ
ատեն,
բացի
94-95
ի
շրջաններուն
պոլսական
տիպարներու
ստեղծած
մտայնութենէն,
թուրքերը
չզբաղեցան
հայերով,
զանոնք
անկարող
նկատելով
քաղաքական
որեւէ
ձեռնարկի։
Ի՞նչ
կ
’
արժէր,
բանտապետին
կարծիքով,
այդ
քոմիթա
ները
խղդելը
`
առանց
կորզելու
գաղտնիքները,
որոնք
անոնց
աղիքներուն
երկայնքովը
ոլորուած
կը
մնային։
Ու
հոս
գաղտնիքը
ինքնին
արժէքէ
զերծ
էր,
իբր
արդիւնք
ալ
պատճառ
կ
’
ըլլար
նոր
անուններու
ծանուցումին։
Ու
կը
խորհէր
խելացի
մարդը
անդունդներուն,
որոնց
մէջ
այդ
դաւաճանները
փսխէին
պիտի
նախ
իրենց
ծրագիրները,
ապա՝
արիւնն
ու
թոքը։
Ու
սատկէին։
Կեցուց
անիկա
իր
հարցուփորձը։
Կը
սպասէր
իր
արարածներուն։
Հինգ
վայրկեան
յետոյ,
ոստիկան
մը
զայն
կանչեց
դուրս
`
խօսելու
անոր։
Աս
ալ
սովորութիւն
մը։
Այս
լրաբերը
շատ
մութ
ու
վատ
դիմագիծով
մէկն
էր,
որ
պաշտօն
ունէր
ամէն
եկուորի
վրայ
կարելի
զեկոյց
հաղորդելու
բանտապետին
`
անոր
թղթածրարին
հիմնական
գիծերը
մատչելի
ընելով
աւատառուին։
Կապալը
հիմնական
զսպանակն
էր
այս
փութկոտութեան։
Լրաբերը,
ծառայելով
արձանագրութեանց
գալէմ
ին
մէջ,
անոր
դիւանապետին
համակրութիւնը
կը
վայելէր,
ի
գին
իր
կնոջ,
ու
իր
բնական
հետաքրքրութիւնը
գոհացնել
կը
ձգտէր
նիւթական
ակնկալութիւնով
ալ։
Իրմով
հաղորդուած
տեղեկութեանց
առաջին
յօդուածը
կը
վերաբերէր
նորեկին
դրամական
կարողութեան,
բաւական
բարդ
աշխատանք,
որ
տարօրէն
դիւրացած
էր
անոր
կազմակերպած
միջոցներով։
Ամէն
ոստիկան,
գեղերէն
«
ապրանք
»
փոխադրած
ատեն,
հարկին
տակն
էր
լրիւ
լուսաբանուելու
ապրանքին
այար
էն,
զոր
պիտի
ճշդէր
կարելի
բոլոր
կերպերով,
երբ
յանցաւորը
կապելէ
յետոյ,
գիւղական
առաջին
տեղեկագիրը
պատրաստել
կու
տար
տեղին
իմամին,
մուխթարին,
եւայլն։
Լայն
ժամանակ,
այդ
խմբագրումի
պահուն,
քաղելու
ուզուածը։
Ասիկա՝
առհասարակ
գործադրելի,
մա՛նաւանդ
թուրք
յանցաւորներու
մասին։
Հայե՞րը։
Այդ
հարցը
ունէր
երկու
հիմնական
յօդուած։
Որոնցմէ
առաջինը
տիեզերական
պատրիարքի
ընդհանրականութեամբը։
Ամէն
հայ
ունեւոր
էր
անպատճառ։
Ու
հակառակ
անոր,
որ
քառսուն
փարայի
համար
քառսուն
կռուփի
գլուխ
ծռող
հայաստանցիներ
մեռած
էին
բանտապետին
ծեծին
տակ,
անիկա
չէր
ընդուներ
բացառութիւն
այդ
օրէնքէն։
Ամէն
գիւղացի
աղուէս
է,
հայ
թէ
թուրք։
Բայց
հայը՝
խորանարդ
աղուէս։
Ապացո՞յց։
–
Տուները,
խանութները,
կալուածները։
Ապացո՞յց։
–
Մուրացկանին
պակասը
անոնցմէ։
Բայց
այդ
տեսութիւններէն
դուրս,
նոյնիսկ
աւուր
հացի
կարօտ
գիւղացիին
համար
անիկա
անզիջող
կը
մնար,
վասնզի
կար
քաղաքին
Հայ
աղքատախնամը,
որ
տաղաւարներուն
չէր
մոռնար
բանտարկեալներուն
քաղցուեղէն
եւ
աղանդեր,
ծխախոտ
ու
մանր
ծախս
հասցնել։
Ունեցողը՝
չունեցողին։
Բանտապետ
չաւուշը
սկսելու
էր
գործի,
առաջին
յօդուածին
տրամադրութեամբ։
Սողոմը,
հիւր,
անծանօթ,
ժամանակով։
Լրաբերը
տուաւ
քանի
մը
մանրամասնութիւններ,
հիւանդանոցի
անոր
օրերէն։
Կը
մնար
անտեղեակ
պատճառին,
որ
զայն
կը
դնէր
երէկ
հարիւր
-
մէկ
տարուան
դատապարտուածներուն
նկուղը։
Կը
մնար
դարձեալ
անծանօթ
պատճառին,
որ
զայն
կը
ղրկէր
հոս։
Անշուշտ
գաղտնիք
մը
կար
հընզըր
ին
մօտը,
զոր
կախաղանը
պիտի
չուշանար
մաքրելու։
Չէր
կարծեր,
որ
մնար
հիւրանոցին
մէջ
երկար։
Ատոր
համար
անմիջապէս
քերթել
։
Ոստիկանը
չմոռցաւ
նաեւ
խօսելու
անոր
փոքր
համբաւէն,
զոր
օրուան
մը
կեանքը
տուեր
էր
այդ
շանզաւակին,
բանտին
միւս
բաժինին
մէջ։
Անոր
ձայնը,
իր
բացառիկ
քաղցրութեամբը,
յուզեր
էր
խոր,
մարդասպաններու
անզգած
ու
խաւարչուտ
թաղերը,
ուր
արցունքը,
Եգիպտոս
ինկող
անձրեւին
պէս՝
ցանցառ
է,
կ
’
ըսեն։
Աւելի՝
ընդարձակ
հետաքրքրութիւն
քոմանտան
փաշայէն,
որ
մօտ
ամիս
մը
կայ,
առնուած
էր
քոմիթա
ներով
ստեղծուած
առեղծուածին
մէջ։
Պոլիսին
ուշադրութի՜ւնը։
Աւելի՝
փաշային
փոքր
աղջիկը,
կեավուր
Նէճիպէն,
որ
Աստուած
ինք
գիտէ
ո՛ր
ճամբով,
լսեր
էր
հընզըր
ին
անուշ
եղանակը,
իսկապէս
անուշ,
վառուած
ու
վառող
բանով
մը։
Յետոյ,
տեղակալ
Աքիֆ
պէյին
պատահարը։
Կիները՝
որ
խառնուած
էին
գործի։
Ասոնք
մօտի
մանրամասնութիւննե՜ր,
որոնցմէ
վեր՝
քոմիթա
ն։
Անիկա
«
տխմար
»
ով
մը
դիմաւորեց
բանտապետին
տարակոյսը։
Ինք,
տասնէն
աւելի
տարի
բանտին
մէջ,
ի՜նչ
կը
ճանչնար
այդ
օձերու
հանգոյց
ժողովուրդը։
Քոմիթաճի՞
։
Ի
հարկէ՜։
Ո՛ր
հայը
չէր
ատիկա,
դեռ
մօր
արգանդէն։
Աւելի՝
սպաննած
էր
երկու
հոգի
`
մայր
մը
ու
իր
տղան,
որ
բարեկամ
կը
նկատուէր
թուրքերուն։
Ու
հրկիզած
ամբողջ
տունը,
անոնց
դիակները
անհետելու
դիտումով։
Ասոնք
ստուգուած
իրողութիւններ։
Աւելի՝
կրակ
բացած
օսմանեան
զինուորներուն
վրայ,
մէկու
մը
թեւը
վիրաւորած։
Դեռ
կ
’
ուզէ՞ր։
Այս
խօսակցութիւնը
իբր
արդիւնք
ունեցաւ,
նիւթական
մտահոգութենէ
աւելի՝
բանտապետին
խուլ,
անհանգիստ
հետաքրքրութիւնը
սա
կեավուր
ի
կտորին
դէմ,
որ
թուրքի
վայել
սրտոտութիւն
էր
ցոյց
տուած
ու
մոխիրնոցը
մտնելէ
ետքը
կը
թուէր
վեր
անոր
սարսափէն։
Սիւլէյման
չաւուշը,
աս
էր
անունը
անոր
(
ոճիրը
գործած
ատեն,
անիկա
տասնապետ
զինուոր
մըն
էր,
աւելի
փայլուն,
աւելի
խռովիչ,
հանրատուններու
վճարեալ
տարփածու,
զոր
կը
բուծանէին
իրար
նախանձող
երկու
աղջիկներ
`
անդադար
իրենց
կռիւներովը
գրգռելով
շփացած
զինուորը։
Հանճարային
յղացումով
մը,
անիկա,
հաշտեցնելու
համար
այդ
քածերը,
տարեր
էր
դուրս
այդ
տունէն,
դաշտային
բանջարանոց
մը,
անոր
հիւղակին
մէջ
սարքեր
շուայտութեան
մռայլ
հանդէս
մը,
որով
յաճախուած
է
այդ
ցեղին
սեռային
զգայութիւնը,
յետոյ
կապած
իրարու
եւ
սպաննած,
գինով
ըլլալուն
),
ձգելով
իր
ամրացեալ
թախտը,
–
յովազի
նկարէն
մորթով
մը
պսակուած
բազմոց,
որ
տեղաւորուած
էր
դրան
կուշտին,
եկեղեցիի
մեծ
պատուհանները
յիշեցնող
բացուածքի
մը
մէջ
–,
մօտեցաւ
Սողոմին։
Անուններու
նմանութիւնը
բարեգուշակ
էր
նորեկ
մարդասպանին
համար,
ինչպէս
մեկնաբանեց
քաղաքացի
հայ
մը
`
հոդ
ինկած
իբր
խարդաւանող,
թանկագին
մուշտակ
մը
աւելի
աժանով
մը
տեղափոխած
ըլլալու
ամբաստանութեամբ։
--
Մի
վախնար,
Սողոմոն
աղբար,
մի
վախնար,
-
կ
’
ըսէր
անիկա
`
քաշուելով
իր
հայերէնէն,
թուրքին
սա
կայսրութեան
մէջ։
Աստուածավա՛խ,
դուք
պէտք
է
հասկնաք
վախկոտ՝
ամէն
բանէ,
ինչպէս
ատոնց
կարգին,
Աստուծմէ
ալ։
Պոլսոյ
մէջ
մեր
քաղքենին
աւելի
արձակ
գտայ
ես։
Բայց
Պրուսա՞ն։
Թուրքերը
այդ
քաղաքին
մէջ
պահած
են
խստութիւն
մը,
որ
պէտք
է
չափուի
իր
արդիւնքէն
մեր
քաղքենիին
վրայ։
Հայ
թաղերը
ամայի
էին
իմ
տղայութեանս,
անցնող
-
դարձող
թաթար
լակոտներու
սարսափէն։
Ու
մեծերը
պարտաւոր
էին
պզտիկներու
այդ
ահաբեկումը
գնել,
կաշառել։
Աւետարան
կարդացող,
թրքաբարբառ,
բայց
հայատառ
գիրքերէ։
Տիրացո՛ւ։
Շարականներ
ջուրի
պէս
գոց
սորված։
Միջին
տիպարը
մեր
արհեստաւորներուն,
որ
ա՛լ
ջնջուելու
վրայ
էր
այդ
օրերուն։
Իր
խանութը,
կնիկը,
կիրակնօրեայ
եկեղեցին
ու
իրիկուան
օղին,
ճաշէն
յետոյ
սուրճը,
քնանալու
համար
Ս.
Գիրքէն
գլուխի
մը
ընթերցումը
կը
կազմէին
անոր
աշխարհը։
Լեզուանի՛,
եօթը
հրեայ
բառով
ծախելու
աստիճան։
Թուրքէ
մը
աւելի
սահուն
խօսելով
«
անհաւատին
»
լեզուն։
Անիկա
փաստեց
իր
աստուածաշնչական
տեսութիւնները։
--
Սողոմ,
Սողոմոն,
հազրէթը
Սիւլէյման
Փէյղամպէր
։
Ասոնք
ամէնը
մէկ
ծագում
ունէին
մուշտակագործին
բերնին
մէջ։
Ու
համոզիչ
էին
անոր
փաստերը։
Կ
’
ըսէր
կակուղ,
ծաւալէն
փոքր
ձայնով
մը,
որ
կը
շփոթուէր
կեղծիքին
հետ։
Սողոմը
լսած
էր
այդ
քաղաքի
հրեայ
հայերէն,
որոնք
անուշ
-
անուշ
խօսելէն
ոսկիները
կը
պարպեն
գեղացիներու
քսակներէն։
Բնազդական
զգուշաւորութիւն
մը
զինքը
ըրաւ
վերապահ։
Բայց,
հաճելախօս
ու
յիմար՝
մուշտակագործը
անտեղեակ
էր
տղուն
զգացումներուն։
Անոր
մտահոգութիւնն
էր
չիյնալ
աչքի,
չճնշել,
սիրուիլ
բոլորէն,
հաճոյակատարութեամբ,
ու
իր
ծառայութիւնը
անվախճան
տրամադրելով։
Այս
կանխապատրաստութեամբ
անիկա
կը
հաւատար
իր
անպարտ
արձակուելուն։
Վասնզի
իր
բարեմասնութիւնները
իր
ընկերներուն
բարեացակամութիւնը
շահած
էին
իրեն։
Այդ
ընկերներուն
վճիռովը
անիկա
ամէն
օր
անգամ
մը
ազատ
կը
ձգուէր
դէպի
իր
տունը,
բայց
գիշերը
կը
թաղէր
այդ
գուշակութիւնը։
Այն
ատեն
անիկա
բանտին
մէջ
կ
’
երգէր
տարփավառ
շարքի
ներ,
թեթեւ,
աշխոյժ,
որոնք
բանտարկեալները
կ
’
օրօրեն
քաղցր
ու
տրտում
յուշերու
ծոցը։
Այս
բարիքին
համար
անիկա
շնորհ
ունէր
բանտապետին
մօտ,
որ
սազ
եւ
ուտ
գիտէր
նուագել
ու
կ
’
ընկերանար
հայ
երգիչին։
Միակ
քրիստոնեան՝
անիկա,
այդ
բազմութեան
մէջ,
եթէ
չառնուէին
նկատի
երկու
հրեաներ,
որոնք
չորս
օր
առաջ
ծեծկուեր
էին
փողոցի
վրայ,
խաբուելիք
գեղացի
մը
իրարմէ
կորզելու
տենդին
մէջ
ու
չէին
տեսած
ոստիկանը,
որ
փրթեր
էր
դիմացէն։
Մարդը
զանոնք
ձգեր
էր
առջին
ու
քշած
հիւրանոց,
հակառակ
անոր,
որ
տակաւին
իրենց
թաղին
մէջ
անոնք
հաշտուած
էին
իրարու
հետ
ու
ջանացած
ողոքել
ոստիկանը,
բառերով
ու
աղաչանքով։
Չէին
ունեցած
խելքը
քիչ
մը
բան
փայլեցնելու
անոր
աչքին։
Հրեան,
խոնարհ,
այնքան
խոր
յարգանք
ունի
աշխատանքին
դէմ,
որ
չի
կրնար
ըմբռնել
կաշառքը։
Մուշտակագործ
Ղազարոս
էֆէնտիին
միջնորդութիւնն
էր,
որ
կակուղ
ըրաւ
բանտապետին
աչքը
նոր
ժամանած
երիտասարդին
վրայ,
ինչպէս
պիտի
պարծենար
յետոյ
իր
ընկերներուն,
լրջօրէն
հաւատալով
չըրածին
իրականութեանը։
Ահագին,
անգնահատելի
կարեւորութիւն
ունէր
այդ
բարեացակամութիւնը,
սա
ժամանակներուն։
Հայու
կտորը
ա՛լ
դասական
բանաձեւ
էր՝
կայսրութեան
մինչեւ
խուլ
խորշերը
թափանցած։
900
էն
ետքը
մեր
ժողովուրդը
հոգեպէս
կը
հանդերձուէր
915
ի
բնաբաններուն,
որոնք
խաբուսիկ
միջնարարով
մը
առժամաբար
մոռցուեցան։
Հայը
կտոր
ալ
չէր
Եղեռնին
ատենը
ու
անկէ
անդին։
Թուրքերուն
կործանած,
կորակոր
հպարտութիւնը
մեզի
հանդէպ
սա
արհամարհանքին
մէջ
ինքզինքը
վերակազմեց։
Մուշտակագործը,
ծնած
ու
մեծցած
մինչեւ
ընդերքն
իսկ
տաճկցած
սա
քաղաքին
մէջ,
խոհեմ
էր
ու
ճկուն։
Ձեռքերը
իրարու
շփելէն
անիկա
գրեթէ
փսփսաց.
--
Ժամանակները
փափուկ
են
խայերուն
համար։
Լռեց։
Կը
վախնար
շատ
խօսելուն։
Բայց
տղուն
հետ
առաջին
խօսողը
ինքն
էր
նորէն։
«
Արիւնն
էր,
որ
կը
քաշէր
»,
ինչպէս
պիտի
բանաձեւէր
իր
զգայնութիւնը,
աւելի
վերջը։
Հաճոյակատար
ու
բարի՝
անիկա
վրան
առաւ
թուրքերուն
եւ
Սողոմին
միջեւ
հաւանական
դժուարութեանց
հարթումը։
Ամէնէն
չնչին
պատրուակը
բաւ
է
կռիւ
ստեղծելու։
Բանտը
մարդը
կ
’
ընէ
ջղագրգիռ,
թուրքը
կը
տասնապատկէ
ու
հայը
կը
հարիւրորդէ։
Այսպէս
է
աշխարհին
բանը։
Քառսունէն
վեր,
տուն
ու
տեղի
տէր,
երեք
զաւկի
հայր,
շուկացի,
այսինքն՝
օձը
ծակէն
հանելու
կարող
իր
լեզուով,
Ղազարոս
էֆէնտին
--
տիտղոս,
զոր
կը
պարտէր
բացէն
նուէրի
մը
բանտապետին,
ձեռագործ
քսակ
մը
հին
ոճով
ու
յուլունազարդ
--
կը
խօսէր
սրտանց։
Կը
հաւատար
իր
չըրած
միջնորդութեան,
որուն
շնորհիւ
էր,
որ
Սողոմը
իր
գոյքերէն
ու
մարմինէն
խուզարկումը
անցուց
թեթեւ։
Իրականին
մէջ
սա
վեցերորդ
անգամն
էր,
որ
անիկա
կ
’
ենթարկուէր
սա
դաժան,
նուաստացուցիչ
քննութեան,
ամէն
մէկին
մէջ
ալ
անցնելով
կռուփի
նոյն
հարուածներէն,
հայհոյանքի
նոյն
ասեղներէն։
Այնպէս
որ,
մորթէն
զատ
վրան
ոչինչ
կար
անձնական։
Առած
էին
գօտին,
բայց
ձգած
չարագուշակ
կօշիկները
`
հակառակ
գեղի
հարիւրապետէն
անոնց
հագցուած
երբեմնի
կարեւորութեան։
Հոս
ալ
կը
ձգէին
իրեն,
--
շնո՜րհը
անշուշտ
մուշտակագործին
բարեխօսութեան,
ի
յառաջագունէ
կատարած
բանտապետին
մօտ,
դեռ
Սողոմը
չմտա՜ծ
հոն,
ինչպէս
նաեւ
պզտիկ
ծրարը,
որ
կը
պարունակէր
ձեռք
մը
ճերմակեղէն,
ան
ալ
նուէ՜ր,
բայց
իրական,
հիւանդանոցի
ընկերէ
մը,
քաղքըցի,
բանտ
ինկած
կնիկի
հարցով,
թուրք
ու
բարի,
նոր
ապաքինած
ծանր
հիւանդութենէ
մը,
որ
անուն
չունէր։
Ուրի՞շ։
Ոչինչ
ունէր
ան։
Ու
չկար
մէկը,
որ
հարցնէր
իմաստը
սա
խուզարկութեան,
բանտին
մէկ
մասէն
միւսը
անցնելու
պահուն։
--
Դրա՞մ։
Չունէ՜ր։
Մուշտակագործ
Ղազարոս
էֆէնտին
թթուեցաւ,
բայց
ոչ
ամբողջ։
Կարգ
մը
դէմքերուն
ճակատագիրն
է
ատիկա։
Այնքան
երկար
մակաղած
են
իրենց
հոգեկան
յօրինուածութեան
մէջ,
որ
դժուար
կը
փոխեն
ատով
ստացուած
կնիքը։
Թերեւս
իր
մօրը
արգանդին
մէջ
մեղմ
ըլլալու
սովորած
այդ
երեսներուն
չէր
երթար
շիտակ
խստութիւնը։
Տհաճութիւնն
ալ
զգեստ
մըն
է,
որ
չի
վայլեր
ամէն
դէմքի։
Թթուեցա՛ւ,
վասնզի,
տեղեակ
բանտային
օրէնսդրութեան,
պիտի
կանչուէր
վճարելու
ցեղակիցին
հաշւոյն։
Ու
ողորմութիւնը,
հոգեկան
երեւոյթ,
կ
’
ազդուի
հոգին
պարուրող
մթնոլորտէն։
Կարելի՞
բան
էր
բանտ
իյնալ
`
առանց
շէնք
-
շնորհք
քսակի։
Նման
զանցառութիւն
մը
հասկնալի
էր
թերեւս,
երբ
կատարուէր
ստիպման
ներքեւ,
այսինքն՝
անճարակ
գողերու,
քսակահատներու
կամ
բանտի
կարօտ
մուրացիկներու
վրայով։
Բայց
մէկո՜ւ
մը
կողմէ,
որ
պալատ
էր
կրակած
ու
մարդ
սպաննա՜ծ։
Պզտիկ
ճամբորդութիւն
չէր
վերջապէս
կատարուելիքը։
Ամէնէն
քիչը՝
տասնհինգ
տարի։
Ուրե՞մն։
Անոր
խելքը
չէր
հասներ
աղքատութեան
հաւանական
փաստին։
Նման
ամէն
քաղաքացիի,
կ
’
երեւակայէր
գեղը
մեծ,
շատ
մեծ
ընտանիք
մը,
ուր
ամէն
բան
ամէնունն
է,
պարտքը՝
ինչպէս
պահանջքը,
պարտէզ,
ձիթաստան,
այգի,
արտ,
ու
ասոնց
անսպառ
արդիւնքները։
Ինք
կը
ճանչնար
Սողոմին
գեղացիները,
որոնք
հարսնիքներու
ատեն
կը
գտնէին
զինքը
ու
կու
տային
իրեն
կարել
վեց
-
եօթը
ձեռք
հարսանեկան
մուշտակներ,
իւրաքանչիւր
տունէ։
Հէ՜յ։
Սուտ
չէր,
որ
կը
խօսէր։
Հաճի
աղաները
ու
հաճի
խաթունները
օխանոց
պարկերով
կը
հանէին
ոսկին
իրենց
շալերուն
փաթէն։
Իրաւ
է,
թէ
հիմա
քիչ
մը
կարճ
էին
անոնց
ալ
ձեռքերը։
Բայց
խոզակը,
ձէթը,
խաղողը,
ցորենը
կախում
չունէին
քաղաքականութենէն։
Սողոմը
եղաւ
կարճ
այս
քաղցր,
պճլտուն,
անմեղ
ու
համով
շատախօսութեան
դէմ։
Մարդուն
հայերէնը
հասկնալի
էր,
թէեւ
կէտկիտուած
առատ
թուրքերէն
բառերով։
Թոյլ
ականջով
մտիկ
ըրաւ
մուշտակին
ալ
պատմութիւնը,
որուն
մէջ
Ղազարոս
Քիւրքճեան
էֆէնտին
Յիսուսն
ու
յարութիւն
առնող
Ղազարոսը
վկայ
կը
կանչէր
իր
պարկեշտութեան։
Իր
գանգա՜տը,
դերձակներու
դէմ
սնուցած
վատ
համբաւէն,
քանի
որ
իր
արհեստն
ալ,
ասեղին
պատճառով,
կը
մտնէր
այդ
դասակարգին
մէջ։
Բայց
մուշտակն
ու
չուխայի
կտորը
նման
բաներ
չէին
կրնար
ըլլալ։
Չէ՞
որ
մահացու
մեղք
էր,
հայ
-
քրիստոնեային
համար,
գողութիւնը։
Ու
ամէն
հայ
սորված
էր
ատիկա
Մարկոսեանի
Քրիստոնէական
ին
մէջ,
թէ՛
տասնաբանեայէն,
թէ՛
մահացու
մոլութիւններէն։
Այս
գնացքով,
այս
անփութութեամբ
այնքան
խօսեցաւ
հայու
կարօտ
խեղճ
մարդը,
որ
չարաչար
յոգնեցուց
արդէն
չհանգչած
երիտասարդը։
Սողոմը
դրաւ
գլուխը
սաքուի
եզրին։
Անիկա
չէր
պատասխաներ
ալ
շատախօս
քաղքըցիին,
որ
ի
վերջոյ
զգաց
անպատեհութիւնը
իր
քարոզին
ու
քաշուեցաւ
մէկդի։
Շրջապա՛տը։
Մարդերու
դէմքը
աւելի
բաց,
այսինքն՝
իմաստի
ելած
կը
թուէր
հետզհետէ։
Բացի
ատոնց
շեշտ
տաճկութենէն,
ուրիշ
տպաւորութիւն
չառաւ
անիկա,
աշխարհէն
անփորձ
իր
ջիղերուն
երեսէն։
Բայց
զօրաւոր
եղաւ
իր
տհաճութիւնը
բանտապետ
թուխ
երիտասարդէն,
որուն
հեղինակութիւնը,
այնքան
ծանր,
զգալի
էր
բոլորին
ալ
վրայ։
Իր
թախտը
դարձած,
սիկարը
նորած,
մուխին
մէջ
կէս
մը
թաղելով
խստութիւնը
իր
աչքերուն՝
ան
կը
հսկէր
սա
խաժամուժին
ու
կը
պահէր
իր
պատկառանքը։
Մուշտակագործը,
առակովի,
փոխաբերեալ
դարձուածքներով,
տուեր
էր
անոր
ոճիրը
Սողոմին
ու
յարակից
փոքր
մանրամասնութիւնները։
Անշուշտ
չէր
ճշդած
սպանութեան
հանդէսը։
Բայց
Սողոմը
անոր
պատահարը
տարածեց
թիւ
տասներկու
նկուղին
գինովին,
որմէ
բութ
վայրագութիւն
մը
կը
ճաճանչէր
սա
դէմինին
ալ
վրայ։
Անիկա
նեղուած
էր
մա՛նաւանդ
անոր
ամուր
ու
համաչափ
կազմէն,
որ
բացի
իր
սեփական
կշիռէն,
ոճիրով
ու
համբաւով
ալ
կը
տարուէր
սա
հեղինակութեան։
Ճղճիմ
կազմերու
նախա՞նձ։
Նո՛ր
էր
ասիկա
Սողոմին
մէջ։
Գեղի
տղաքը,
ըմբիշները
միայն
կը
զբաղին
դնդերային
հարցերով։
Յետոյ՝
աճումի
օրէնքները
ամէն
կազմի
մէջ
նման
չեն
ճնշեր։
Իրաւ
է,
թէ
անցնող
երկու
ամիսներու
ընթացքին,
Սողոմը
քակուած
էր
բաւական,
իր
ոսկորներուն
կապէն։
Անդամները,
մա՛նաւանդ
կուրծքը
շահեր
էին։
Յարմար
զգեստ
մը,
մա՛նաւանդ
մէջքին
շալ
մը
բաւ
էին
`
հալեցնելու
կազմի
այդ
տարբերութիւնը։
Բայց
ո՞ւր
դնել
ինչ
որ
ցեղային
ոլորտը
կու
տայ,
իբր
ուժ
ու
հեղում,
մեր
մարմինին։
Ո՞ւր
դնել
թրքութի՜ւնը,
որ
առաջին
անգամ
այդպէս
խիստ,
պայծառ
կը
ճառագայթէր
կարմիր
ֆէսէն
ու
թուխ
ճակատէն։
Գազա
յի
բանտը,
կերած
ծեծերը,
հիւանդանոցը,
թիւ
տասներկու
նկուղին
այլապէս
տպաւորիչ
կալանաւորները
հեռու
էին
իր
մէջ
ըրած
ըլլալէ
սա
տպաւորութիւնը։
Ուրիշ
մարդ
չըլլար
հոդ։
Անոր
հետ
զարնուելու
պէ՞տք
մը։
Բայց
յիմար
էր
ինքը։
Բաներ
կան,
որ
կանխահաս
են
մեր
մէջ։
Ու
թերխաշ
հայերէնը
մուշտակագործին,
ու
քսան
-
երեսուն
սա
դէմքերը
անկարող
էին
իր
մէջ
հակակշռելու
ինչ
որ
կարմիր
անոր
ֆէսը
կը
ղրկէր
սա
ծակին
։
Ու
դառնացաւ
անիկա։
Քաղաքը
կը
միջամտէր,
անտես
իր
հոսումովը,
թերեւս,
սա
թախիծին
ու
յուսաբեկ
յոգնութեան։
Միւս
կողմէ՝
անիկա
ունեցաւ
նոյնքան
դառն,
բայց
վայրագ
հակազդմունքներ
իր
ընկերներէն,
խստապարանոց,
բայց
անկնիք
մարդեր,
մեծ
մասով,
անձ
ըլլալէ
աւելի
միսի
կառոյց։
Թոյլ՝
սիկար
վառելու
համար
իսկ
պետէն
արտօնուիլ
ուզելու
աստիճան։
Անոր
մտքէն
անցաւ
այդ
մարդուն
հետ
չափուիլ
մը,
իր
լեռներուն
վրայ։
Յետոյ՝
իրեն
դարձաւ
իր
հայութիւնը,
որով
կաշկանդուած
իջեր
էր
մինչեւ
այս
տեղուանքը։
Հայու
եւ
թուրքի
հարցը
ատելութեան
հարց
մը
ըլլալէ
առաջ՝
սա
հոգեկան
ճակատումն
է
մեր
մէջ։
Մեր
մտաւորականները
ատիկա
ըրին,
այսինքն՝
այդ
վիճակէն
անցան,
միտքի
պողոտաներով։
Մեր
մարմինի
տղաքը
ատիկա
ըրին՝
իրենց
կալուածէն։
Ո՛րքան
անոր
մէջ
խոր
ու
հզօր
էր
պատկերը
թիւ
տասներկու
նկուղէն,
ա՛յնքան
թոյլ
ու
անկնիք
բան
էր
անոր
առածը
սա
փայլուն
ախոռէն։
Անհանգիստ,
անվստահելի
բան
մը
կ
’
ողողէր
մարդերը
`
գետնի
սալերն
անգամ
հինգ
ընելով։
Անյարիր,
մոխի՛ր
այդ
բունին,
արդարացնելու
համար
իր
յորջորջումը։
Առժամեային
ազդեցութի՞ւնը,
որով
դէմքերը
կը
թուին
սուտ։
Սարսափը՝
անորոշ։
Ու
խորհիլ,
որ
առնուազն
բիւրաւորներ
աշխարհի
երեսին,
դրուած
են
այդ
մակաղումին,
առնուած
իրենց
մեղքէն
կամ
վայելքէն։
Խարդախ
ու
անհանգիստ
այս
շրջապատը
սեղմեց
անոր
կզակները։
Անիկա
եղաւ
կարճ
իր
մեծ
անուանակցին
հետ։
Գիշերը
կը
պատրաստուէր։
Երկու
ցաւագար,
դողդողալէն,
կը
լուային
լապտերներու
ապակիները
`
չխորհելով
ըրածնուն։
Ուրիշ
մը
ոստիկանին
կը
ներկայացնէր
զանոնք,
որ
կը
լեցնէր
քարիւղով
ու
կու
տար
ետ։
Վանդակը
բացուած,
դուրս
ելլողներուն։
Հատ
-
հատ,
այնպէս
որ,
մտնողի
մը
տեղ
ուրիշ
մը
կ
’
ելլէր։
Ոստիկան
մը,
առջին
ձգած
ծերուկ
հաճի
-
պապա
մը,
զարկաւ
վանդակին
փեղկերուն։
--
Գուս
-
գուս
փիլա՜ւ
։
Ուզողները
արտօնուած
էին
հողէ
պտուկներ
երկարելու,
որոնց
մէջ
թիթեղեայ
դգալով
մը,
տկար
աչքերուն
համար
գլուխը
մէկ
կողմին
ծռելէն՝
համրանքով
փիլաւ
կը
դնէր
ծերունին
`
գրպանելով
տասնոցը։
Չորս
զաւակ
կը
նայէր
ծերունին,
թոռները՝
բոլորն
ալ,
իր
մէկ
աղջկան,
որուն
էրիկը
վռնտեր
էր
զինքը,
երես
առած՝
ինքզինքը
օտար
երկիր
փախցնելու
համար։
Սիկար
ծախողը։
Անուշ
ծախողը։
Այս
բոլորը,
օրէնքով
արգիլուած,
բայց
փաստօրէն
գոյ,
արտօնուած
էին
տասանորդեան
դրութեամբ։
Պա՛ղը։
Լոյսի
բեկորներ։
Բանտին
միւս
գաւառներէն
տրտում
երգեր։
Մեծ
պողոտային
վրայ
լանտո
ներուն
որոտումը։
Ու
կեա՜նքը,
որ
կը
գիշերնար,
երկինքին
նման
`
մտնելու
համար
վայելքի
փափուկ
գօտիին,
ճաշի,
ժպիտի,
խաղի,
հաճոյքի
բիւրազան
ձեւերով։
Ձգած
էին
զինքը
իր
գլխուն։
Քանի
մը
վայրկեան
յետոյ,
դրաւ
անիկա
իր
մարմինը
իր
ծրարիկին։
Ձեռքերը
ըրած
էր
ընդունարան
դէմքին,
որ
կը
մսէր
ցուրտէն,
ինչպէս
արեան
պակասէն։
Քո՞ւն։
Չէր
կարելի
որակել
սա
առանձնացած
սուզումը,
ոչ
ոքի
նայելու,
ոչ
ոքէ
ոչինչ
ուզելու
անտրամադիր
մտմտուքը։
Տեղին
նորութեան
անոր
ընտելացումը
կը
սկսէր
սա
ճամբով։
Իրաւ
ալ,
մուտքէն
կէս
ժամ
յետոյ,
անոր
վրայէն
անհետացած
էր
օտարութիւնը,
ինչպէս
թռած՝
նորութիւնը։
Երիտասարդութեան
մէջ
միայն
կարելի
պատրանքով
մը՝
անիկա
մէկ
կտորն
էր
եղած
սա
շրջապատ
գորշութեան,
անկնիք
այն
դժբախտութեան,
որով
տաղաւարուած
են
սա
տժգոյն,
տրտում
համախմբումները։
Մարդեր
ասոնք,
փոքր
մեղքերու,
ճճի
յոյզերու,
օրէնքին
սարսափին
մէջ
զայն,
օրէնքը,
արհամարհելու
մղուած,
այսինքն՝
գողցած,
խաբած,
աւրած,
ուրիշ
բանի
դժուար
ճկելնուն։
Ատոնց
մօտ,
Սողոմենց
տղան
տեսակ
մը
հերոս,
արիւնին
ու
կրակին
զոյգ
ահովը,
քիչիկ
մըն
ալ
պատկառելի։
Անոր
մեղքին
մեծ
գիրերը
գիտէին
հիմա
այդ
մարդերը։
Քոմիթա
՛։
Քիչիկ
մըն
ալ
այդ,
բայց
անվաւեր։
Չտուաւ
երես
մուշտակագործին,
որ
արդէն
քոմիթա
յին
յայտնումէն
ասդին
կը
զգուշանար
անկէ,
բայց
խօսելու
տենդէն
բռնավար,
կը
դառնար
շուրջը։
Սողոմը
կ
’
ընէր
այդպէս
`
տառապելով
մենութեան
պէտքէ
մը։
Յոգնութիւնը,
յուշերու
բեռը,
մարդասպաններու
բաժինին
խօսարանը,
սեւազգեստ
կինը,
պատշգամին
աղջիկը
կը
գրաւէին
անոր
ուղեղը։
Մերկ
միսի
վրայ
թառող
մագիլներու
նման,
ծանր
-
ծանր
ճնշելով։
Նիւթական
այս
բե՜ռը,
երբ
կը
շուարինք
մեր
լքումին,
ընկճուածութեան
պատճառները
ճշդելու
ու
կը
փնտռենք
մենէ
դուրս
ինչ
որ
խորարմատ
թաղուած
է
մեր
ներսը։
Մեր
դժբախտութիւնը,
ըսել
կ
’
ուզեմ՝
անոր
այն
ձեւը,
որ
հանգոյց
մըն
է,
կարելի
է
անուանել
թունաւորուած,
աւրուած
պտուղը
մեր
հոգիին։
Չտուաւ
երես,
նոյն
տհաճութեամբ,
ուրիշի
մը,
անխարդախ
թաթար
մը
ասիկա,
բեռնակիր
ու
դէգ,
որ
բանտ
էր
ինկած
իր
թաղը
ոտքի
հանելուն։
Քաղաքին
վերերը,
Ռուսիայէն
ու
Պալքաններէն
գաղթականներ,
միասենեակ
տուներով
թաղեր
կը
կազմէին։
Կոշտ,
խիստ,
մարմինով՝
ինչպէս
հոգիով,
այդ
մարդիկը,
քիչ
-
քիչ
կը
սրբէին
քաղաքին
փոքր
ստամբակները,
ծեծի
դիմացող
իրենց
կռնակին
ապաւինած։
Ու
բանտը
զզուած
էր
անոնցմէ։
Ասիկա
ծեծեր
էր
զոքանչը
`
դուրսի
ցեխին
վրայ
երկարելով
անոր
մարմինը
ու
կոխկռտելով։
Կը
պատմէր
ատիկա
`
մեծ
հաճոյքով
պատմումը
համեմելով
փառաւոր
յիշոցներով,
այնքան
փարթամ
ու
պատկերալից,
չխորհելով,
որ
կինը
աղջիկն
էր
այդ
գարշութեան։
Եօթը
օր
է
կը
սպասէր
թուղթին,
որ
մոռցուած
էր
ոստիկանին
գրպանը,
հաւանաբար
նետուած
իբր
աւելորդ
թուղթ,
քանի
որ
զինքը
հոս
առաջնորդողը
կարդալ
չէր
գիտեր,
հիւանդ
ալ
էր
ու
գացեր
էր
պառկելու
`
մարդը
յանձնելով
սպասող
զինուորին։
Ու
դէգ
թաթարը
դժգոհ
չէր
այս
տամ
էն,
ուր
կէս
-
կուշտ,
կէս
-
անօթի
կ
’
անցընէր
օրը
իր
ամէնէն
սիրած
եղանակով
`
երկննալով
ու
երկննալով։
Միակ
հոգը՝
սիկարն
էր,
որ
հացէն
գերակշիռ
է
թիրեաքի
ին
համար։
Դրա՞մ։
Ատ
էր,
որ
չունէր,
չէր
ունեցած։
Կ
’
ընէր
բեռնակրութիւն
իր
փորին
եւ
բերանին
համար։
Օղին
եւ
ծուխը։
Անշո՛ւշտ։
Ու
անոր
կինը,
մօրը
հետ,
պարտաւոր
էր
պահել
զաւակները։
Ուրիշ
բան
չէր
հասկնար
անիկա
աշխարհին
օրէնքներէն։
Փախո՞ւկ։
Չէր
անիկա
միայն
բանտին
մէջ,
ուր
օղին
թանկ
է
շատ։
Ատ
էր
պատճառը,
որ
կը
մօտենար
ամէն
նորեկի
`
պատմելու
համար
անոր
մեծ
կամուրջի
մը
փլիլը
մեծ
հեղեղէն,
որ
Ողիմպոսը
`
թուրքերուն
Քեշիշ
տաղը
քանդել
սպառնացած
էր
ան
տարին։
Հիւրանոցին
պատուակալ
յաճախորդ
տասը
տարիէ
ի
վեր՝
անիկա
չէր
զարմանար
իր
պատմութեան
չհիննալուն,
վասնզի
ամէն
անգամ
անոր
ունկնդիրները
նորեր
կ
’
ըլլային։
Անիկա
չէր
նեղուեր,
որ
զինքը
մտիկ
չընէին։
Մեծ
համբերութեամբ
հիմա
այդ
կամուրջին
ներքեւ
կը
շինէր
ահագին
փոս
մը,
այնքա՛ն
խորունկ,
որ
մինարէ
մը
լման
կուլ
կու
տար,
եթէ
մէկը
կարենար
ատիկա
ձգել
անոր
մէջ։
Պատմութիւնը
այսպէս
յարդարուած,
կը
քալէր
դէպի
հեքիաթը,
որ
այդ
փոսին
մէջ
կ
’
ապրեցնէր
ջուրի
աղջիկներ,
թուրքերուն
ջուրի
մելեք
ը
։
Օ՜,
ինք
քանի՜
հատ
տեսեր
էր
անոնցմէ,
թէ՛
այդ
փոսին
շուրջը,
գիշերը
կէսին
իրենց
մարմինները
չորցնելու
դրած,
թէ՛
վարը,
Ջերմուկները,
բոլոր
կարեւոր
գափլըճա
ներուն
ներսը։
Ու
կ
’
ընէր
երդում
զոյգ
իր
աչքերէն,
թէ
չէր
ըսեր
սուտ։
Յետոյ
կը
խորանար
այդ
ոգիներուն
արարքները,
ընդհանրապէս
ոճիր,
քանի
որ
անոնք
թշնամի
էին
տեղի
աղջիկներուն,
տասնհինգ
նոր
մտած։
Այդ
փերիները
կը
հագնէին
ձայնն
ու
մարմինը
անոնց
մայրերուն,
կ
’
արթնցնէին
զանոնք
իրենց
անկողինէն,
կը
հանէին
ոտքի,
կը
տանէին
բաղնիք,
լուսդէմ
ու
կը
ձգէին
մեծ
աւազանին
մէջ
`
խղդելով
անձայն։
Ի՞նք։
Քանի՜
հատ
էր
ազատած
անոնց
ձեռքէն
`
խլելով
աղջիկը
մազերէն,
ջուրին
խորէն։
Թաթարը
այս
հեքիաթը
տուած
ատեն
խոր
վայելչութիւն
կը
ստանար։
Ու
չէր
տարակուսեր
ասումին
արդիւնքէն։
Միտք
բանի՞ն
այս
ամէնուն։
Հարկա՜ւ։
Ջաղացքի
քարն
իսկ,
աղալէն
-
աղալէն,
կը
մաշի
կ
’
ըսեն։
Բերա՞նը։
Քար
չէ
անիկա,
որ
չմաշի։
Եղել
պէտք
էր։
Եղը՝
սիկարը։
Չէր
հանգչեր
անիկա,
մինչեւ
որ
հեքիաթին
մէջ
չփախցնէր
դրուագը,
ուր
հերոսներէն
մէկը
`
դեւ
կամ
գոնջ
տղայ,
ձեռքերը
շփելով
պիտի
կատակէր.
--
Հայտէ
նայինք,
սիկա՛րը։
Հետեւելով
հերոսին
`
թաթարը
կը
կեցնէր
պատմումը
ու
կը
պահանջէր.
--
Սիկա՛րը։
Զուր
վաստակ
սակայն,
անոր
աշխատանքը։
Սողոմը
չէր
ծխեր։
Ճամբեց
զայն,
նեղսիրտ
ու
քիչ
մը
բիրտ,
շատ
ալ
չհասկնալուն
Թուրքեստանի
նախատիպ
բարբառով
սպառազէն
այդ
լեզուն։
Անիկա
չտեսաւ,
թէ
շրջապատը
ի՜նչ
մռայլ
աչքով
չափեց
անոր
փակուած
աչքերը։
Թաթարը
թուրք
էր
ամէն
բանէ
առաջ։
Ու
Սողոմը
հայ՝
ամէն
բանէ
վերջ։
Ուրիշ
փորձ
մը,
նման
պաշարողականով,
աճպարարի
մը
կողմէ,
որ
քահանայ
կը
փախցնէր
բանտին
մէջ
–-
յանցանք՝
որուն
համար
ձերբակալուած
էր
փողոցին
մէջ
եւ
զոր
պաշտօնապէս
կը
գործադրէր
ահա
`
շահը
կիսելով
ոստիկաններուն
եւ
բանտապետին
հետ
-–,
չունեցաւ
արդիւնք։
Ասիկա
վճռական
փաստն
էր
Սողոմին
չքաւորութեան։
Բախտախաղը
ո՛չ
մէկ
տեղ
ունի
այնքան
հաստատ
իմաստ,
որքան
բանտին
մէջ։
Առանց
դրամի
յանցաւորները
իրենց
զգեստները
կը
ծախեն
`
այդ
բախտը
փորձելու
համար։
Ամէն
ոք
իմացաւ
ատիկա։
Այս
յայտնութիւնը
եղաւ
բաւ,
որպէսզի
անիկա
մէկէն
ի
մէկ
ազդէր
մուտքին
ալ
հովէն
։
Մարդ
սպաննելը
դիւրաւ
չի
հաշտուիր
անօթութեան
հետ։
Մոռցա՞ն
զինքը։
Գիշերը
տեղաւորուելու
վրայ։
Լապտերները,
հակառակ
իրենց
թիւին,
անբաւական
էին
`
քիչ
մը
ուղիղ
լոյս
կեցնելու
սենեակին
մէջ։
Յանցանքը,
ապակիներուն
ըլլալուն
չափ,
ապահովաբար
կ
’
երթար
ձէթին,
որ
ամէնէն
աղտոտ
տեսակին
կը
պատկանէր
`
ամէնէն
ընտիրը
գնուելուն
հակառակ։
Պետութիւնը
կողոպտելը
Արեւելքի
մէջ
աչքըբացութիւն
է
ու
բարիք։
Ու
գարշահոտութիւնը,
որ
անոնց
մուխէն
կը
մղուէր,
նորեկներուն
կոկորդը
կը
կճէր։
Մարդիկ
անցան
իրենց
տեղերը։
Անկիւնները՝
ուժովներուն
ու
հիներուն։
Սաքուին
վրայ
երկարողները
վճարողնե՛ր,
որոնք
փայտին
թիզը
կը
գնէին
բանտապետէն։
Յայտնի
այս
կողոպուտը
կը
պարտկուէր
պարտ
ու
պատշաճ
բացատրութիւններով,
աղքատներուն
օգնող
կազմակերպութեանց
այլուրութեամբը
աղքատներէն։
Ուրիշներ
սալարկին
կեդրոնը
փռեցին
վերմակ
մը,
խորտուբորտ
բոլորակով
մը
միշտ
մէջտեղը։
Հոն
պիտի
նետուէր
բախտին
ոսկորը,
թաւլու
ին
զար
ը,
բանտին
հռչակաւոր
պարպութ
ը
։
Խորունկ,
գրեթէ
սեռային
ձգողութիւնը
կախարդական
բոլորակին։
Խմբուեցան
բոլոր
ունեցողները։
Մո
ւշտակագործը
կը
դառնար
խումբին
շուրջը,
բայց
զգոյշ,
ինչպէս
էր
պարտքը
ըլլալ
բոլոր
ոչ
-
թուրքերուն,
մա՛նաւանդ
բանտին
մէջ։
Շահիլը
կրնար
նախանձ
գրգռել,
որքան
կորսնցնելու
դրամ
ենթադրել
ու
թելադրել
գիշերային
յարձակում
մը։
Օրեր
կան,
ուր
Աստուած
կ
’
օտարանայ
այդ
խոռոչներէն
ու
հայեր
կը
մեռնին
`
խղդուած
իրենց
ընկերներուն
բազուկէն,
ու
կը
յանձնուին
քահանային,
որ
պարտաւոր
է
ստորագրել
օրինաւոր
անպարտագիր
մը
իր
ստացած
մեռելէն,
շէնքը
-
շնորհքը
տեղը՝
մեռնելէն
ետքն
ալ,
օրինաւոր
պայմաններու
մէջ
կատարած
իր
երթը
«
ի
կայանն
յաւիտենից
»,
ու
ստորագրել
նմանապէս
բժշկական
տեղեկագիրն
ալ,
որ
մահը
կը
վերագրէր
աս
ու
ան
պայթումին,
երակներէ
կամ
սիրտէ,
երեսուն
նոր
մտած
մարդոց
մարմիններէն։
Ու
կը
փակուէր
եղեռնը։
Չունեցողնե՞րը։
Անշո՛ւշտ։
Անոնք
ալ
թող
կու
տային
ծխանները
ծխախոտին,
առատ,
թաւ
ու
կարմրաւուն։
Գեղէն
բերուած
անկիւնաբեկ
թուղթերով
անդրամ
խաղեր։
Մրափ։
Քերուըտուք։
Հազ։
Հայհոյութիւն։
Երբեմն
մարդիկ
երգ
մը,
որ
չունէր
իրաւունք
շատ
բարձրանալու
քանի
որ
երգողները
անոճ
կոկորդով
ձանձրոյթ
փարատելու
հոգով
կ
’
ընէին
այդ
փորձը։
Ամէնէն
կարեւորը,
իրիկուան
թային
էն
յետոյ,
փոխադարձ
լքումն
էր
իրարմէ։
Իր
կերածը
մարսելու
յոգնութեան
հետ,
յիշատակներու
դարձ
մը։
Ուզա՛ծը
Սողոմին։
Իր
ծրարիկին
վրայ
դրած
իրանը,
կռնակն
ալ
սաքուի
շրթունքին՝
անիկա
կ
’
այցուէր
անօրինակ
յուզումներէ։
Ցաւ
ու
բեռ՝
շղթան,
որ
կը
դպէր
անվարժ
անոր
միսերուն
ու
փուշ
-
փուշ
կ
’
ընէր
զանոնք։
Նախանձով
ու
բեկումով
նայեցաւ
չորս
դին։
Ոչ
ոքի
վրայ
ան՝
զոր
կը
զգար
իր
վրայ։
Անոր
մեծակառոյց
ոճիրը
կը
զատուէր
սա
շնագայլերուն
մնտռութիւններէն,
սանկ
ու
նանկ
ճամբաներու
յաճախորդներ։
Բայց
անոր
միտքը
հոսանքին
տակն
էր
յստակ
ու
ուժով
զգայութիւններու,
անոնցմէ՝
որոնք
առեր
ենք
բացառիկ
պահերու,
բայց
առեր
խորունկէն
ակօսուած։
Անիկա
չզարմացաւ,
որ
սեռային
պատկերներ
պակսէին
հիմա,
ի՛նք՝
որ
կը
թրթռար
անոնց
բզզիւնին
մէջ,
ինչպէս
ճանճը
ոստայնին
վրայ։
Այդ
զգայութիւններէն
մէկը,
որ
կը
նեղէր
իր
աներես
յամառութեամբը,
կու
գար
դանակէն,
իր
այն
ճնշումէն,
զոր
միսին
կողմէ
ետ
հրուած
շեղբը
տուած
էր
ան
ափին։
Այնպէս
որ,
օրուան
մէջ
իրեն
կը
վիճակուէր
այդ
պահը
ապրիլ
շատ
-
շատ
անգամներ։
Ճակատագրական
այս
զգայութիւններուն
բախտն
է
պահել
իրենց
սկզբնական
սրութիւնը
շատ
աւելի
երկար,
քան
ուրիշները։
Անոնք
չեն
հպատակիր
ֆիզիքի
օրէնքներուն
ու
մեր
ծեր
[
ա
]
նալուն
կամ
նուազելուն
անտարբեր,
կը
մնան
իրենք
զիրենք։
Կրնան
այլանալ,
այսինքն՝
խոտոր
համեմատելով
մեր
օրէնքներուն,
խորանալ
աւելի։
Ունինք
յիշատակներ,
որոնք
մեծ
կը
կշռեն,
քան
եղելութիւնը,
որուն
իբր
նկարը
ինկան
մեր
հոգիին
պահեստին։
Ոճիրէն
ասդին
հալածական
անոր
ուղեղը
հեռու
էր
իր
կշիռը
գտնելէ,
նոյնիսկ
մահուան
թաթէ
մը
ուղղուած։
Անոր
չէր
այցելած
դասական
զիղջը
ի
պաշտօնէ
ոճրագործներուն,
մինչեւ
վերջին
օրը,
երբ
հիւանդանոցէն
զինքը
պիտի
նետէին
մարդասպաններուն
նկուղը։
Այս
թուլացումը,
սակայն,
եղաւ
իր
մէջ
րոպէի
համար,
երբ
անոր
կիսախուփ
աչքերուն
ցանցէն
հեռացաւ
փափուկ
պատկերը
մատղաշ
աղջկան
մը
`
քաղաքի
տարազով,
առանց
քողի
ու
անուշիկ
ժպիտով։
Անոր
անհետացումէն
յետոյ
էր,
որ
շրթները
հարցուցին
առաջին
անգամ.
--
Ինչո՞ւ
սպաններ
էր։
Բայց
հարցում
մը
խղճահարութիւն
չէ
միշտ։
Խղճմտանքը
գութն
է
ինք
իր
վրայ։
Անիկա
մօտ
էր
տեսակ
մը
նուաղումի,
աւելի
ճիշդը՝
տեսակ
մը
քունի,
որուն
պահանջքը
կը
ծանրանար
վրան
դեռ
առաւօտէն։
Հիւանդանոցին
բաղդատաբար
չէզոք
մթնոլորտէն,
ուր
թուրքը
կար,
բայց
տկար
կազմով
ծառաներու
ընդմէջէն,
մինչեւ
թիւ
տասներկու
նկուղին
շնչահեղձ
ընող
վիրապը,
անոր
տեսածները,
լսածները
նուաճեր
էին
զայն,
դանդաղ՝
բայց
յառաջխաղաց
թունաւորումով,
բոլորովին
հոգեկան,
որ
կ
’
արտայայտուէր
խօսքէ
չկամութեամբ,
ինքնախօսումով
ու
դէմքին
դաժան
պրկումներով։
Անիկա
չէր
կրնար
ճշդել,
թէ
ուրկէ՛
կը
բերէր
սա
անդարման
յոգնածութիւնը,
լայն
ու
ծանր
վերմակի
տակ
առնող
անոր
ներսին
որոշ
մասերը,
սեռային
գօտիէն
ու
ոճրածին
ճահիճէն,
որ
մեր
ամէնուն
ներսը
կը
մնայ
սքողուն։
Յետոյ,
իբր
թէ
վիրապին
սեւ
ջուրէն,
անտես
ձեռքէ
մը
վերցուած,
եղան
անոր
աչքին
թիւ
տասներկու
նկուղին
շղթայակիրները
`
մեծ
իրենց
մեղքերուն
հասուն
հանգոյցներովը։
Նո՞ր
կը
թափանցէր
անոնց
պատուհասումի
կերպին,
մութին
ու
երկաթին
վստահուած։
Ուրուացաւ
անոր
մէջ
տարրական
զգայութիւն
մը,
արդարութիւն
ըսուած
բանի
մը
մասին,
բայց
չմարմնացաւ։
Թուրքին
ոլորտին
մէջ
ամէն
զգացում
ձեւազեղծ
ենք
ըրած։
Աւելի
ճիշդը՝
մեզի
չէ
տրուած
պատեհութիւնը
զգացումները
իրենց
իրականութեան
մէջ
առնելու։
Գերութիւնը
բառ
է
հիմա,
տիրողներու
լեզուին
տակ։
Անիկա
կեանք
էր
մեր
ուղեղին
տակ
ու
մեր
ամէն
բանը։
Զզուանքի,
դառնութեան
համ
մը
ողողեց
անոր
ներսը։
Իմացական
զգայութիւններ
ունինք,
որոնք
կը
տեղաւորուին
ֆիզիքականին
ճամբաներովը։
Կու
գայ
պահը,
ուր
ո՛չ
միայն
չենք
կրնար
ոտք
փոխել,
այլեւ
մտածումէ
մը
ուրիշին
անցնիլ։
Անոր
ջիղերը
հիմնովին
սպառած
էին։
Փակուեցան
անոր
արտեւանունքները
`
երկաթ,
անդիմադրելի
մատէ
հրուած
իրարու։
Քո՞ւն։
Չէր
ունեցածը
։
Աղօթողը
դեռ
չէր
պոռացած
գիշերասկիզբի
էզան
ը։
Մրափը
արդիւնք
է
երբեմն
մեր
հոգեկան
իւրեմի
ին։
Մղձաւա՞նջը։
Տեսի՞լքը։
Գեղն
էր
անիկա,
աղբիւրի
այն
ակին,
ուր
անոր
ձայնը
զինքը
կ
’
ընէր
ներկայ
աղաներու
խնճոյքին։
Ուր
եղեր
էր
քանի
մը
ամիս
առաջ
ուրիշ
խմբակի
մը
հետ։
Գոյն,
օդի
շղարշ,
զովութեան
եւ
սօսափի
զգայութիւններ,
կատարելապէս
հարազատ։
Բայց
նոյն
ատեն,
նոյնքան
յստակ
գիտակցութիւնը
սա
սալարկին։
Բե՜ռը
շղթային։
Աւելի՝
մահուան
մերձանկար
անդոհ
մը,
որ
կը
նմանէր
անդունդէ
մը
բխող
ձայնին,
անտեսանելի՝
բայց
ահաւոր
ուժգնութեամբ
մը
իրական։
Այնպէս՝
որ,
իր
գեղին
անուշիկ
այդ
տեսարանին
համար,
վտանգի,
սարսափի
սա
հեղումով
անգամ
մըն
ալ
կ
’
ուժեղնար։
Երազ
չէր
ատիկա,
այլ՝
սովորականէն
վեր
պայծառութիւն
մը,
որով
ողողուած
կը
զգար
պատկերը,
–
կաղնիի
այդ
համաչափ
թուփերը,
խումբ
-
խումբ,
մարդկային
ձեռքով
մը
ըսես
հիւսուած
իրարու,
շուքը
ընելու
աւելի
համով։
Այդ
թուփերը
մշտադալար
արօտի
մը
մէջ
խարսխուած,
մտերիմ
իրենց
հովը
կը
պահէին,
ա՛յն
տարփավառ
գորովը,
զոր
տղաքը
կ
’
ունենան
բնութեան
կարգ
մը
գեղեցկութիւններուն,
–
ջուրին
ու
ծաղիկին,
համաձայն
իրենց
բնաւորութեան
գաղտ
մագնիսներուն։
Այդ
թուփերուն
կապուած
էին
անոր
պատանութեան
քանի
մը
ուժգին
յուզումները,
երբ
իր
ձայնը
արձակած
ատենը
անգիտակցաբար
նետուած
կ
’
ըլլար
ինքն
ալ
երգին
ակօսէն,
թանձրացած
զգայութեանց
բաշերուն
պլլուած՝
ինչպէս
հեղեղէ
մը
քշուած
երիվար
ու
հասկցած
իր
ձայնին
սարսուռը
ինքը՝
իր
հաշւոյն,
մինչ
աւելի
մեծեր
կը
պարպէին
իրենց
գաղտ
կրակներուն
վրայ
կենաց
ջուրը
`
տէրտէրին
ճերմկած
գաւաթին
զարնելով
իրենցը,
ճուացնելով
մետաղը,
ու
հեղուկ
կրակը
կաթիլ
-
կաթիլ
մզելով
դէպի
երկայնքը
իր
ջիղերուն,
բոցէ
անձրե՜ւ,
ինչպէս
էր
տրուած
տեսնել
իրեն
ջուրին
կայլակումը,
հեռագրի
թելերէն
շար
ի
շար
ուլունքներուն,
տարափէ
ետք
…
։
Օղին
անձրեւ
մըն
է
խմողին
ներսը,
մենէ
շատերուն
համար,
ու
անոր
շոգիին
մէջ
արուեստին
կը
բարձրանանք
մենք։
Ա՛ն
է,
որ
կը
մեղմէ
մեր
ցաւերուն
պտուտակները
եւ
կը
թուլցնէ
մեր
արհամարհանքը
մեզմէ։
Հաւասարութեան
հաշտ
զգացումը
չէ
անիկա,
որ
աղքատին
ու
հարուստին
յաւիտենական
առեղծուածը
մշուշով
կը
լուծէ,
այլ՝
հաշտութիւն
մը
նաեւ
ինք
իրեն
հետ։
Ամէնէն
դաժան
հոգին
անոր
կայլակին,
կաթնացումին
մէջ
պահ
մը
կը
քաղցրանայ
…
։
Սողոմին
հետն
էին
ուրիշներ,
պատանի,
իրմէ
մեծեր,
գեղին
անունով
ըմբիշներէն,
դրացիներ՝
իրենց
հացի
անիւին
կապուած
գրաստի
կենցաղով,
որոնք
տեսիլքի
հիւսիսայգին
մէջ
կ
’
այլանային
`
դադրելով
իրենց
շատ
մը
կողմերէն,
ու
ցցուելով
ուրիշ
մէկ
քանիներէ։
Վա՞խ։
Անստուգութի՞ւն։
Մատաղներու
դէմքին
այս
զգացումները
հեշտ
չէր
զանազանել։
Արիւնէն
խենթ
տղաքը
մահն
ալ
պղտոր
կը
տեսնեն։
Ու
տարուօքներ,
լուրջ
ու
բոլորին
ծանօթ
աղբար
ները,
գեղին
գործերով
աւելի
տարուած։
Որոնք
կը
հասնին
ուրիշին
ցաւին
ու
նեղութեան,
գիտեն
սփոփել
ու
պաշտպան
կանգնիլ
որբին,
անոքին։
Անոնց
մէջ
կան
կռուի
ալ
հերոսներ,
որոնց
երիտասարդութիւնը
դրուագներ
ունի
արութեան
եւ
վեհանձն
ներումի։
Բայց
որոնք
նեղ
օրերու,
շալկած
իրենց
հրացանները՝
գլուխը
կը
կենան
շուարած
ժողովուրդին
ու
սիրտերը
կ
’
ամրացնեն։
Խառն
ի
խուռն՝
մատաղներուն
հետ։
Աղբերակի
սա
խորունկ
յուզումին
մէջ,
տակաւի՛ն,
երկու
օտարականներ,
Ջարդերէն
առաջ
ղարիպ
որակուող,
այդ
օրերուն
անանուն,
վասնզի
մեղք
էր
մարդոց
համար
ըլլալ
մեր
երկրէն։
Ոստիկանները
պաշտօն
ունէին
օտարամուտները
շղթայի
զարնելու
ու
…
երկիր
ղրկելու։
Հայեր՝
այդ
օտարականները։
Մէ՛կը՝
անոնցմէ,
որոնց
անունը,
երկիրը
բերան
առնելը
բաւ
էր
թուրքին
ճիրանը
ձգելու
անխոհեմները։
Հասնող
սերունդը
դժուար
պիտի
ըմբռնէ
անձուկին
աստիճանը,
որ
մեր
հոգիինը
եղաւ,
Ջարդերէն
մինչեւ
Սահմանադրութիւնը,
մինչեւ
թուրքերուն
հռչակաւոր
ազատութիւնը,
այնքան
անհաւատալի
է
անիկա
ազատ
երկիրներու
մթնոլորտին
վարժուած
նորերուն
համար։
…
Եւ
սակայն,
պարզ
մարդեր
էին
այդ
ղարիպները
`
նման
գեղի
վարժապետներուն,
իրենցմով
շրջող
համբաւէն
մղոնով
հեռու։
Գրեթէ
ժողովուրդ,
ու
զուրկ
սարսափի
այն
զրահանքէն,
որով
սպառազէն
կը
պտտէր
քոմիթա
ն
գեղացիներուն
ուղեղին
մէջ։
Լե՛ռ՝
թուրքերուն
հանդերձած
ահարկու
գազանին
ու
սա
փոքրիկ
օտարականներուն
մէջտեղը։
Մէկը
բերան
ալ
չունէր։
Այնքան
քիչ
էր
անկէ
ելած
բառերուն
թիւը։
Անշուշտ
Սողոմը
լաւ
չէր
թափանցեր
երկրորդին
բոլոր
ըսածներուն,
որոնք
կը
դպէին
շատ
բանի,
թուրքին
ու
հայերուն
կապին։
Բայց
բառի
կարօտ
չեն
կարգ
մը
բաներ,
որպէսզի
պարզ
դառնան
մեզի։
Մարդեր
կան,
որոնց
ներկայութիւնը
բաւ
է
մատնանիշ
ընելու
իրենց
խորհուրդը։
Սողոմը՝
միւսներուն
պէս
չէր
հասկնար,
թէ
ի՛նչ
կ
’
ուզէր
իրենցմէ
սա
կարճահասակ
տղան,
երբ
կը
խօսէր
աղբիւրի
պէս,
հեռու
ընկերներէ,
ուժերէ
ու
պահեստներէ,
որոնք
ծովերէն
անդին
ապահով
ձեռքերու
տակ
կը
սպասէին
մեծ
օրուան։
Սո՞ւտ։
Չէր
կրնար
մտնել
այդ
ամէնուն
մէջ,
պարզ
այն
պատճառով,
որ
քոմիթա
ն
շատ
անգամներ
անոնց
պատմուած
էր
սա
տարազներով։
Սո՞ւտ։
Չէր
կրնար
ըլլալ
այն
մռայլ,
ընկճուած՝
բայց
երկաթէն
ալ
ամուր
վստահութիւնը,
որ
սա
դէմքը,
անկէ
հոսող
բառերը,
մտիկ
ընող
հոգիներուն
տարօրէն
սուր,
քաղցր,
նուաղում
բերող
ընկալչութիւնը
կը
շաղախէր
իրարու։
Եղաւ
այդ
ու
կանխող
օրերուն՝
այդ
հոգեբանութիւնն
ալ,
արի
եւ
տարուած
մարդոց
մէջ,
որոնք
մահը
հաւասար
նկատեցին
ազատութեան։
Հայկական
միսթի՜քը,
մեր
լեռներուն
եւ
լիճերուն
ծնունդ
գրաւչութիւնը,
որ
մեր
մէջը
անհուն
այդ
թրթռումներուն
կը
վերածուի
ու
մեզ
կ
’
ընէ
փոխն
ի
փոխ
խենթ
կամ
հերոս։
Որ
մեր
պատմութիւնը
հասկնալի
կ
’
ընէ
տեսնել
կրցողին։
Կռուի
կամ
խունկի
մարդեր,
ճակատամարտի
դաշտին
ինկած
կամ
կամովին
վիզ
երկարած
թշնամիի
սուրին,
մէկ
են
անոնք՝
թէ՛
այդ
անցեալին,
թէ՛
նոր
օրերու
մեծ
ողջակէզին
մէջ։
Սողոմը
գիտէր
աւելի
պարզ
բաներ,
որոնք
երբ
դրուին
սա
մտածումներու
պարունակին,
չեն
հերքեր
զանոնք։
1900
ին,
քոմիթա
ն
յղացք
մը
չէ,
ոչ
ալ
հեքիաթ
մը։
Անիկա
մեր
միսթիքն
է,
որ
իր
ընտրեալները
կը
հրազինէ
ու
չի
հասկցուիր
զանգուածէն։
Այդ
օտարականներէն
մէկը
իր
լռութեամբը,
հեռահայեաց
իր
ներկայութեամբը,
գրեթէ
սուրբի
իր
դիմախաղովը
կը
նպաստէր
այդ
տպաւորութեան
աճումին։
Միւսին
ըսածներուն
մէջ
կային
բաներ,
որոնք
իրենց
նորութեամբը
եղան
ուշագրաւ։
Ըստ
կարճահասակ
պարոնին,
յեղափոխութիւնը
պէտք
էր
«
լայննար
»,
ելլէր
իր
զուտ
տեղական,
փոքր
պատահարի
իմաստէն,
որով
մատչելի
էր
անիկա
այս
գեղացիներուն
ուղեղին։
Այս
տեսակէտին
մէջ
անոնք
կը
տարբերէին,
մօտ
անցեալին
մէջ,
հայուն
համար
արիւն
թափած
միւս
քաջերէն,
որոնց
մտածումով
թուրքը
ատելութեան
անհուն
ծով
էր
`
մեր
հոգիներուն
վրայ
արձակուած։
Նո՛ր՝
սա
քոմիթաճի
ները։
Որոնք
նոյն
կրակով,
այրուած
սիրտով
չէին
խօսեր
դրացի
թուրք
գեղերէն,
տեսած
էին
անոնց
հանդարտաբարոյ
ծանրութիւնը,
ծանօթ՝
մեր
եւ
անոնց
նախանցեալ
յարաբերութիւններուն։
Չէին
հերքեր
ներկան
ու
անոր
դժոխքը,
բայց
ատոր
պատասխանատու
կը
նկատէին
մեծերը,
պետերը։
Կարճահասակ
պարոնը
կը
տաղէր
կառավարութիւնը
`
զայն
ընդունելով
հեղինակը
բոլոր
չարիքներուն։
Գեղացիները
մտիկ
կ
’
ընէին,
անշուշտ
զարմացած,
իրենց
զգացումներուն
մէջ
երկմտուն։
Ջարդե՞րը։
…
Սողոմին
ուղեղին
տակ
տեսիլքը
կ
’
ընթանար
իրականութեան
ոլորքներէն։
Ան
հիւսուած
էր
բազմաթիւ
ու
չնչին
մանրամասնութիւններով,
որոնք
տեղի
մը
կու
տան
իրականութեան
կնիք,
այն
գունաւորումը,
սեւեռումը,
որոնցմով
պատկերը
ա՛լ
չի
կրնար
սրբուիլ
մեր
մէջէն։
Համապատկերը,
այսինքն՝
ինք
իր
մէջ
ամբողջ
իրականութիւնը,
կաղինի
թուփերուն
խելօք,
կանոնաւոր
խրձնացումը
ու,
մա՛նաւանդ՝
պահը
լեցնող
հոգեկան
խռովքը,
որուն
ասեղներուն
ներքեւ
տարիքները
եկած
էին
հաւասարութեան
սանդուխի,
–
բոլորը
կը
կրէին
հանդիսաւոր
օրուան
անփոխելի
մոյնքը։
Մեծե՜րը,
այսինքն՝
անոնք,
որ
հինգ
-
վեց
զաւկի
տէր,
կոխուած
տուրքին
ու
հացին
մղձաւանջէն,
կերեր
էին
թուրքին
մտրակը,
իրենց
տուներուն
ալ
մէջը,
երբ
անօթի
իրենց
զաւկներուն
խոտ
ու
թեփ
կը
խաշէին
ու
կ
’
ելլէին
դուրս
ախոռներէն
`
բանտ
երթալու,
տուրքէ
պարտական։
Մեծե՜րը՝
որոնք
կերեր
էին
այդ
ծեծը,
Աստծոյ
ճամբաներուն,
առանց
պատճառի,
պարզ
իրենց
հայութեան
գնով։
Ու
կերեր՝
աւելի
կարծրը,
յեղափոխական
զսպումի
խստութեանց
մէջ,
թուրք
անգթութիւնը,
զինուորէ,
ոստիկանէ,
քարտուղարէ,
բանտի
գազաններէն,
ամեհի
մարդիկ,
յատկապէս
հանուած
իրենց
նկուղներէն,
սարսափի
կենդանի
արձաններու
նման
կանգուն
անոնց
շղթայակապ
կործանումին
վերեւ,
«
գաղտնիք
կորզելու
»
գիտութեան
մը
ծառայելով,
իրենց
անձին
ահաւոր
բխումներէն,
երբ
բռնի
վկայութեան,
խոստովանութեան
մը
համար
կը
մխուէին
գետնափոր
վիրապներէ
ներս,
պահանջքի
սեղանին։
Մեծ
մասը
այդ
մեծերուն,
96
ի
դէպքերուն
իջած
էին
այդ
նկուղները
բանտին,
կոխկռտուած
իրենց
ամէնէն
սուրբ
զգացումներուն
ալ
մէջը,
թուրքին
մոյկերէն,
բռնի
հրուելով
ըմբոստութեան,
որպէսզի
գեղ
դարձին
իրենց
իսկ
ձեռքով
շղթայազերծէին
ջարդը։
Այսպէս
կը
խօսէին
այդ
մարդիկը,
ճիւաղի
պէս
ցից՝
անոնց
վրայ,
երբ
ճոկաններուն
ելեւէջը
կը
բանար
կապն
ալ
ոստիկաններու
բերանին
ու
մատուցուող,
հրամցուող
սա
ծեծը
իբր
ազդու
եւ
անվրէպ
դարման
կը
պատգամէր
անկախ
Հայաստան
որակուած
հիւանդութեան,
յիմարութեան։
Ասոնք,
այս
նախատական
անգթութիւնը,
տանջանքին
մէջ
սա
լրբութիւնը
չէին
կրնար
մոռցուիլ։
Վեց
-
եօթը
տարի
անցեր
էր
այդ
օրերէն
ու
Աղբերակը
հաւաքուած
սա
մարդոցմէն
ամէն
մէկը,
խեղճ
իր
անձը
իբր
յառաջ
ներս,
կուրծքն
ի
վար
քաշած
ատենը՝
իր
շունչը
կը
զգար
ասեղներով
սպառազէն
կարժ
մը
բան,
տարտղնուող՝
սիրտէն
անդին
ալ,
դէպի
մարմնին
այն
մասերը,
որոնք
որոշուած
անուն
մը
չունին,
ու
ատով՝
մեր
հոգիին
ամբողջ
աւազանը
կ
’
ըլլան։
Այդ
մեծերը
մտիկ
ընող
մատաղներուն
մէջ
ալ
կ
’
ընթանար
խռովքին
նոյն
ալիքը,
ազգային
դիւրազգածութեան
պատկերներով,
միամիտ,
քանի
որ
զերծ
էր
անիկա
կեանքին
հակակշիռէն։
Թուրքերէ
զերծ
գեղերու
մէջ
այս
պատրանքը
զօրաւոր
է
շատ
ու
մեր
ազգային
զգայութիւնը
այլապէս
գունաւոր
ազդակ
է
եղած։
Անշուշտ,
աւելի
վերջը,
երբ
կեանքը
լայննայ
ու
փոքրերուն
ալ
գարշապարին,
ասոնք
ալ
պիտի
առնեն
ցաւին
մեծ,
միակտուր
զգայութիւնը,
որով
միայն
եղբայր
ենք
իրարու։
Տառապանքը
սխալ
չէ
թերեւս
նմանցնել
սեռին։
Ասոր
պէս,
ան
ալ
պէտք
ունի
տարիներու
ամբարի
մը,
ինչպէս
առաջինը՝
դնդերային
որոշ
դրութեան
մը։
Ժամանակը
մեծ
գահաւորակն
է,
որ
կը
կրէ
անդադար,
դէպի
ներս
ու
դէպի
դուրս։
Պիտի
դիզէ
անիկա
պարարտութիւն
ու
սերմ,
ինչպէս
նաեւ
ցաւի
ալ
նեարդներ,
իսկանիւթ,
որպէսզի
հասուննայ
գերագոյն
ծաղիկը
մեր
մարմինին։
Նմանութիւնը
գործածելի
է
ցաւին
համար
ալ։
Տարիքը,
աշխարհի
մեծ
պատրանքներուն
հետ,
զրկանքներուն
հետ
մեր
շփուիլը,
անոնցմէ
զգետնուիլը
զաւկի,
կնիկի,
գերեզմանի
կապուած
խոր
զգացումներն
են,
որ
կը
հանդերձեն
այդ
խաւերը
իր
մէջ։
Քառսուն
տարի,
զրկանքին
խթանը
կը
խոցէ
ու
կը
խոցէ
մեր
հոգին։
Ու
հասկնալի
է,
որ
այդ
հոգին
իր
դիմադրական
ուժին
մէջ
հաւասար
չգայ
քսան
տարի
ծեծուած
ան
միւսին։
Ատ
է
պատճառը,
որ
տարիքին
հետ
ըլլանք
տկար,
դիւրազգած
ու
պարտուինք
այն
հարուածներէն,
որոնցմէ
քիչ
կ
’
ազդուէինք
քսանին։
Ու
ճիշդ
է
թերեւս
վարկածը,
որ
պատանին
ու
երիտասարդը
կէս
մարդ
կ
’
ընդունի,
այսինքն՝
կը
զեղչէ
անոնց
մարմինէն
ցաւի
ընկալչութեան
լիութիւն
մը
`
կէս
սփիւռ
միայն
շնորհելով
անոնց
այդ
գիծէ
ջիղերու
ցանցասփռումին։
Դասական
է
երիտասարդներու
անփութութիւնը,
կապանքէ
թեթեւութիւնը,
մեր
բառերով՝
հերոսութիւնը։
Գաղտնիք
չէ,
որ
բանակները
կ
’
ապրին
անով։
Ու
պատանին,
երիտասարդը
չեն
իյնար
ձգողութեան
ու
պրկումին
մէջը
այն
հզօր
լարերուն,
որոնք
մեր
պատառ
մը
սիրտին
վրայ
իրենց
կտուցները
կը
մխեն,
ինչպէս
նուագարանի
մը
եզրին,
իրենք
զիրենք
հոն
ամրացնելու
ու
դէմք
տալու
համար
մեր
հոգեկան
լինելիութեան,
զուարթ
կամ
տխուր,
նեղ
կամ
արձակ,
ինչպէս
է
պատկերը
մարդոց
հոգիներուն,
երեսունէն
ետքը,
ա՛լ
կնճիռի
ինկած,
իր
լարին
իսկ
ցանցերուն
կնիքովը։
Չեմ
գիտեր,
քանի՞
հատ
ունի
այդ
լարերէն՝
սիրտը
քսանամենիներուն։
Ու
փակագի՜ծ։
Այսինքն՝
պէտք
է
տակաւին
շատ
տեսնել
մեր՝
հայերուս
սիրտերը,
ուրիշ
ազգերու
մէջ
կաղապարի
ելած
սիրտերէն։
Անշուշտ
քսան
տարեկան
գերմանը
մեզի
պէս
չ
’
ապրիր,
ըսել
կ
’
ուզեմ՝
իր
հոգեմոյնքը
պատրաստող
սա
տարիներուն՝
բացուած
է
այլապէս
գողտր,
գեղեցիկ
ու
բարձր
յուզումներու։
Անշուշտ
դասական
հայրենասիրութիւնը
այսօր
հինցած
է
քիչ
մը։
Բայց
այդ
խարտեաշ
երիտասարդը
գիտէ,
թէ
կը
հասուննայ
ինքը
իրեն
ու
այդ
մեծ
երկրին
համար,
որ
իր
մարմինը
պարգեւած
է
անոր
ու
կը
պահանջէ
փոխադարձ,
այսինքն՝
այդ
մարմինով
կարելի
փայլը,
շնորհը,
տունը,
գիրքը,
երգը,
քանդա՜կը։
Ու
անոր
հոգին
զերծ
է
մեծ
պալարէն,
կեղէն՝
որ
թուրքին
թաթն
էր
մեր
սիրտին
վրայ։
Որո՞ւ
համար
կը
մեծնար,
երեսուն
տարի
առաջ,
մեր
պատանին։
–
Թուրքին
դանակին։
Ու
ասիկա
գիտէինք,
բոլորս
ալ,
բնազդով։
Տարեցնե՞րը։
Ու
թախիծը
տակաւին։
Որ
քսան
դար
վարերէն,
մեր
ցեղին
խուլ
ընդերքներէն
կը
յառնէ
ու
մեր
այրերը
կ
’
ընէ
տարօրէն
տխուր։
Ու
մեր
կիները՝
տրտում
նուիրում,
մեր
երգերուն
ընդմէջէն
իբր
իմաստի,
զգացումի
շամանդաղ
թրթռացող
այն
քաղցր
ու
բեկ
շնորհը,
որ
զանոնք
կը
զատէ
ուրիշներէ։
…
Ինչ
որ,
այս
վերլուծումներէն,
անմատոյց
էր
Սողոմին,
կերպով
մը
մատչելի
կ
’
ըլլար
տեսիլքին
սահմաններէն։
Զգացումին
առաւելութիւնն
է
ազատ
կարենալ
ըլլալը
մտածումէն։
Ու
անիկա,
միտքէն
առանց
նեղուելու,
կը
բաշխուի,
կը
ստորաբաժնուի
պարզուկ
հոգիներու
խարիսխին
համեմատ։
Կեանքը
ունի
այս
հազուագիւտ
պահերէն,
որոնք
տարիներու
ծուէն
-
ծուէն
շամանդաղուած
զգայութիւնները
րոպէի
մը
մէջ
կը
խտացնեն
ու
կը
թափեն
լափլիզող
կայծակը
իրենց
ծոցէն
դուրս։
Սիրային
տրամները
հետեւանք
են
հաւանաբար
այդ
գերպրկումներուն։
Տարիներով
հաւաքուած
երազն
է,
որ
դէմք
կը
դառնայ
մեր
դէմի
կնիկէն
ու
մեզ
կը
զգետնէ։
Այդ
գիծով,
նուազ
բախտորոշ
չէ
դրուագը,
որ
երազի
մը
պատմուճանով
կը
մատուցուի
մեր
ջիղերուն։
Կ
’
արթննանք
ու
հասած
ենք,
մահուան
կամ
վայելքին։
Ու
չմոռնալ
սա
խոնարհ,
շատ
չյեղյեղուած
ճշմարտութիւնն
ալ,
որ
կեանքին
գերագոյն
յուզումներուն
համար
մեր
սիրտին
կերպասը
նոյն
կտաւէն
կ
’
ընդունի։
Ատոնցմէ
մէկը
`
մահը,
նոյն
խորտակումն
է
իմաստասէրին՝
ինչպէս
Սողոմին
ուղեղէն
ներս։
Ատոնցմէ
միւսը
`
սէրը,
նոյն
հրդեհն
է
ամէնէն
ականաւոր
բանաստեղծին
ջիղերն
ի
վար,
որքան
Սողոմին։
Ատոնցմէ
մէկ
ուրի՞շը,
թո՞ւրքը։
Սողոմին
համար
ատիկա
բառ
էր
տակաւին
այդ
անտառին
մէջ,
անշուշտ
այնքան
մը՝
ինչպէս
էր
անիկա
մեր
պզտիկներուն,
որոնք
թուրքն
ու
դեւը
նոյն
շապիկով
կը
ձեւեն։
Բայց
անկէ
ասդի՞ն։
Բայց
ախոռին
ծե՞ծը։
Սա
վերջին
քանի
մը
ամիսներուն
անոր
տրուեցաւ
հասուննալ։
Ու
ասիկա
շատ
երեսներով։
Այդ
տղուն
մէջ,
տասը
տարի
առաջ,
թուրքին
հանդէպ
ատելութիւնը
հաւատքի,
այսինքն՝
գոց
սորված
բաներու
մաս
կը
կազմէր։
Ու
ամէն
հաւատք
անհատական
տագնապի
մը,
կսկիծի
մը,
կիզումի
մը
քուրայէն
միայն
արժէքի
կ
’
ելլայ,
այսինքն՝
հոգեկան
իրողութիւն
կը
դառնայ։
Կը
լսենք
ու
կը
լսենք,
բայց
չենք
հաղորդուիր
որքան
ատեն,
որ
արձագանգող
պատեր
ըլլանք։
Կը
լրջանանք
ու
կը
տառապինք,
երբ
մեր
տագնապը
իբր
ցաւ,
իբր
ջիղերու
տարափ,
իբր
այրող
ճենճեր
զգալ
սկսինք։
Ասիկա
կը
կոչուի
հաշուի
նստիլ
ինք
իր
ներսին
հետ։
Ջարդերուն
դերը
պիտի
ըլլար
այդ
տագնապը
տարօրէն
մօտեցնել,
հասունցնել,
մեծերուն՝
ինչպէս
փոքրերուն
զգացական
աւազանին։
Անոնք
պարտաւոր
էին
այդ
ատելութիւնը
փրկել,
հանել
հաւատալիքի
անգայտ
խորխէն
ու
իբր
ապրուած
իրականութիւն,
իբր
ստեղծագործ
շամանդաղ
անձրեւել
մենէ
ներս։
Յետո՞յ։
Այդպէս
հրդեհուելէ
ետքը,
զայն
ծածկել
օտարներէն։
Վասնզի
իր
ազգը
սիրելու
համար
չի
բաւեր
ուրիշներունը
ատել։
Պէտք
է,
մեզի
բռնադրուածին
նման,
մեր
ամէն
օրը
կրել
իբր
սկսող
հոգեւարք
մը,
առտուն
արթննալ,
բայց
չըլլալ
վստահ
անոր
վախճանը
գտնելու։
Ու
մտնել
գիշեր,
մահուան
համար
տեառնագրելէ
յետոյ
զմեզ։
Այս
է
ահա
համբաւաւոր
բարօրութիւնը,
խաղաղ
ու
երջանիկ
կեանքը,
զոր
թուրքերը
շնորհեցին
մեզի,
Ջարդերը
կանխող
տարիներէն
մինչեւ
հիմա։
Չեմ
իջներ
աւելի
ետ,
հարիւր
մը
տարի
վար,
ուր
այդ
կեանքը
այլապէս
ահաւոր,
լեղի
հաց
էր
`
մեր
ակռաներուն
թխմուած։
…
Սողոմը
կանչուած
էր
անտառ,
մեծ
զգուշութեամբ
`
Նալպանտենց
տունէն
իր
այդ
գիշերուան
բացակայութիւնը
խոր
անհանգստութեամբ
մը
ծածկելով
պառաւին
աչքէն։
Կանչողը՝
վարպետ
Թորոսը,
ազգին
ցաւովը
դիւահար
դարբին,
որ
հրացա
ն
կը
շինէր,
կը
նորոգէր,
աւելի
ճիշդը՝
որսի
տեսակէն,
բայց
թուրքերու
բերնին
հասած
էր
ահաւոր
գերազանցութեան,
թնդանօթ
անգամ
ձուլելու
կարող,
քոմիթաճի
ներու
հաշուոյն,
96
ի
խլրտումին
ատեն։
Առաջապահ
մարտիկ,
ոստիկանները
տարտղնող
ու
բանտին
մէջ
այդ
յանդգնութիւնը
քաւած,
վրայ
տալով
աջ
ձեռքը,
որպէսզի
անկարող
ըլլայ
պոմպաներ
շինելու։
Տարած
տանջանքը,
վայել
արութեամբ։
Դարձած
գեղ,
իր
խանութին
մէջ,
տղուն
հետ,
մէկ
ձեռքով
կը
հանէր
հացին
դրամը
ու
կը
պատրաստէ՜ր,
գիշերները
գաղտնի,
թնդանօթնե՜րը,
որոնք
այդ
գեղին
մէջ
անկախութիւն
պիտի
յայտարարէին,
ինչպէս
կը
հաւատար
գազա
յին
գայմագամը
անգամ։
Այդ
գիշեր,
անիկա
ձգեր
էր
երեսի
վրայ,
իր
ծանր
պառկած
կնիկը,
երեք
-
չորս
պզտիկները,
ու
անդրանիկին
հետ,
որ
հազիւ
կար
տասնհինգ,
ելեր
անտառ
`
«
Հայաստանէն
»
ժամանած
մարդերը
«
համբուրելու
»
։
Մեծ
պեխերը
ու
թուքոտ
բարբառը
անոր
համբոյրը
ըրած
էին
ծիծաղելի,
բայց
դասական։
Անվկանդ
յոյսով՝
անիկա
կը
սպասէր
օրուան,
երբ
Սիմէոն
Ծերունիին
նման
պիտի
արձակէր
իր
ժողովուրդը
իր
գերութենէն՝
Ի
գիրկն
առեալ
ծերունւոյն
…
բայց
ոչ
Աստուածորդին,
ինչպէս
կը
պատմէր
հինաւուրց
երգը,
այլ՝
մեծափող
իր
հրացանը,
որուն
աչքը,
այսինքն՝
բլթակը
կը
համբուրէր,
այսքա՜ն
կանուխէն,
«
կարմիր
աւետիս
»
բոլոր
սպասողներուն։
Այս
դերակատարումը
այնքան
իրաւ,
լրջութեամբ
ու
հաւատեռանդ,
որ
մոռցուած
էր
անունը
`
տեղի
տալով
Սիմէոն
Ծերունիին։
Ու
կը
սպասէր
քաջարի
արհեստաւորը,
եթէ
ոչ
«
թագաւոր
հայոց
»
ին,
գոնէ՛
«
յեղափոխական
հայոց
»
ին,
զոր
չէր
տեսած
եօթը
տարի
կայ։
Ծարաւի՞։
Հիւանդը
անոնց։
Այս
քանի
օր
էր
փակ
էր
անոր
խանութը։
–
Ուշքի
կանչող
պարագայ
այդ
սահմանափակ
թիւով
խանութներու
մէջէն։
Անիկա
անտառէն
չէր
իջներ
գեղ,
հակառակ
յեղափոխականներու
իսկ
պնդումին։
Անոր
կինը
հիւանդ
էր
ու
ծանր
տեսակէն։
Պզտիկները,
զգուշաւոր,
ժամեր
առնող
շրջումներով
կու
գային
զինքը
գտնելու։
«
Մաման
կը
մեռնի՜
»
։
«
Թո՛ղ
մեռնի
»
պոռացեր
էր
անիկա
`
երկար
յիշոց
մը
արձակելով
տղուն
ետեւէն։
Սիմէոն
Ծերունիին
կնի՞կը։
Ս.
Գիրքը
չի
յիշեր
ատիկա։
Բայց
հեքիաթ
մը
Դարբին
Թորոսին
դրուագը
յիշեցնող
բաներ
մը
ունէր
թեւաւորուած։
Անիկա
իր
մեծ
մանչը
ղրկեր
էր
դաշտ,
Նալպանտենց
այգիները,
ստիպող
ու
աղաչողական,
Սողոմը,
պիւլպիւլ
Սողոմը
հրաւիրելու
անտառ։
Ինչո՞ւ։
Չէր
գիտեր
ճշդիւ։
Բայց
տղուն
ձայնը
կը
յառնէր
անդադար
ականջին
մէջ
ու
գլխուն
պտոյտ
տալու
չափ
ուժով
կը
դպէր
ուղեղին։
Ուրկէ՛
իմանար
խեղճ
արհեստաւորը,
որ
մեր
մէջ
շատ
վիճակներ,
շատ
զգացումներ
այդ
տարազին
մտնելու
համար
ուրիշ
ի՜նչ
ձեւերէ
անցան։
Անոնք
փուռ
դրուած
աղիւսներու
կը
նմանին։
Գոյնէն
կը
խաբուինք
ու
չենք
խորհիր
օրուան,
երբ
այդ
վիճակները
փշուր
-
փշուր
կազմեցինք,
առքի
մը
թեւերուն
վրայ,
որ
թռաւ,
սուզուեցաւ
մեր
մշուշներուն
ծոցը,
բայց
չմեռաւ։
Անոնք
պիտի
յառնեն
կրկին,
երբ
զուգորդութիւններ
միջամտեն։
Ուզա՞ծը՝
Նալպանտենց
ծառայէն։
Քիչ
բան։
Բայց
այնքան
անդիմադրելի։
–
Ե
՜րգ
մը,
որուն
համար
անիկա
ափերով
արցունք
կը
թափէր,
երբ
պատանի,
իր
նշանածին
խորհած
ատենը,
ինքնաբերաբար
կ
’
ըլլար
հայր,
այսինքն՝
իր
կինը
կ
’
ընէր
մայր
`
իր
կորսնցուցած
զաւկըները
փնտռելով։
Այդ
երանելի
շրջանին,
թուրքին
հանդէպ
մեր
ատելութիւնը՝
հայհոյանք,
անոնց
սպասող
ապահով
կմախքով
ինքնազովացում
միշտ
ու
մեծակառոյց
հանդէս
(
հիմա,
ատոնք
ըլլալով
հանդերձ,
է
նաեւ
ուրիշ
բան
)
։
Ու
Սողոմենց
Հայրապետին
տիրացու
տղան
`
պիւլպիւլ
Սողոմը,
այդ
պատմական
Ակնաղբիւրին
(
ուր,
ուրիշ
անգամներ
ալ,
քաղցր
կամ
մռայլ
հաւաքումներու,
անոր
ձայնը,
սառ
ջուրի
հեղեղի
նման,
փուշ
-
փուշ
էր
ըրեր
սիրտերը
),
երգեր
էր
եօթանասունական
թուականներու
ամէնէն
ժողովրդական
մեղեդիներէն
մէկը,
ա՛ն՝
զոր
ա՛լ
իր
կերկեր
ու
խազերը
խորշուք
հանող
կոկորդին
հակառակ,
մեծ
խղճմտութեամբ
սորվեցուցեր
էր
իրեն
անոր
բուն
իսկ
փոխադրիչը,
կուրցած
ու
անդամալոյծ
տէր
Մօրուքը,
Պոլսոյ
Ազգային
հիւանդանոցի
մէկ
հանդէսին
մէջ,
առաջին
անգամ
զայն
լսած
ու
մէկ
հեղէն
գամած
իր
ուղեղին։
Տէր
Մօրուքը
երգով
թելադրուած
պատկերներուն
կենդանի
վկան
ալ
կը
մնայ
`
կորսնցուցած
ըլլալով
չորս
իր
մանչերը,
ու
իր
ծերութեան
մէջ
կարօտ՝
փեսին։
Կոյր
էր
տասը
տարիէ
ի
վեր,
բայց
առողջ։
Անոր
յաղթանակը
խոր
թախիծով
լեցուած
այդ
երգն
էր,
տակաւին
մինչեւ
քանի
մը
տարի
առաջ։
Անով
պիտակուած
էր
իր
ալ
դժբախտութիւնը։
Ու
գերեզմաններու
գլխուն
անիկա,
առանց
հրաւէրի,
հոգեհանգիստի
շարականէն
ու
մաղթանքէն
ետքը,
կամացուկ
մը
կ
’
երկարէր
եղանակին
մէկ
տողը,
մէկ
թելը։
Աչքերը
կուրնալէն
յետոյ,
սրտառուչ
էր
անիկա,
երբ
իրարու
կարուած
իր
թարթիչները
կը
լխկէին
միացման
գիծէն,
քրտինքի
նման
բան
մը
պտղելով,
ու
կը
պատկերէր
հազարներու
ահաւոր
տառապանքը,
հեռաւոր
Պոլիսին
այդ
պարտէզին
մէջ
բուսցնելով
յանկարծակի
յօրինուած
ամպիոնի
մը
վրայ
կին
մը
սեւերու
մէջ,
բայց
լոյսէն
ալ
ճերմակ,
որ
կը
բանար
իր
թեւերը,
աչքերը
երկինք,
մէկ
ծունկն
ալ
կոտրած,
վիզէն
շղթայ
ու
կը
հարցնէր
երկինքին
դուռներուն
սրտաճմլիկ
հարցականը
երգին
…
Մոխիրնոցին
մէջ
մրափո՞ղ,
թէ
արթուն,
Սողոմը
շարժեց
իր
թեւերը։
…
Անտառն
էր
անիկա։
Ու
անոր
շրթներէն
ոլորուեցաւ
ապրշումէ,
բայց
արիւնի
թաթխուած
թելի
մը
նման
վաղնջուց,
անմոռանալի
եղանակը.
Իմ
սիրելի
զաւակունքըս
կը
թափառին
օտար
աշխարհ,
Ես
ո՛ւր
երթամ,
ո՜ւր
փնտռեմ,
կը
ծառայեն
այլոց
խոնարհ։
Անպատմելի՝
ձայնին
անդրադարձը
բոլորին
վրայ։
Դարձան
գլուխները
անոր
ուղղութեամբ։
Մեռե՞լ
էր
երգողը,
թէ
ուրիշ
մէկը։
Սողոմին
ափը
կը
շարունակէր
սեղմել
իր
երեսը։
Ու
գոց
թարթիչները
անկէ
կ
’
առնէին
աչքին
մատնող
տկարութիւնը։
Ձայնին
քաղցրութիւնը
զարկած
էր
բոլորին
ալ
սիրտը։
Մեծ
մասով
ջիղէ
ցնցուածներ՝
բանտարկեալները
յուզումը
կրկնապատկուած
կ
’
ընդունին։
Հաստ
պատերը,
զրկանքը,
խոր
թախիծը,
որ
կէս
մութին
եղեամն
է
մեր
հոգիին,
թերեւս
կը
նպաստեն
զգայութեանց
այս
այլայլումին։
Անձկագին
լռութիւն
մը
դիմաւորեց
սա
շատ
դաշն
ու
սրտայոյզ
հոսումը։
Ինքնաբերաբար,
առանց
որ
մէկը
միջամտէր,
դադրեր
էին
խաղերը,
թուղթն
ու
«
քուեան
»
։
Աւելի՛ն.
կիսամրափ
գլուխները
շտկուեցան
իրենց
վիզերուն
վրայ։
Տանիքէն
բու
մը
կտոր
-
կտոր
բան
մը
փսխեց
սա
լռութեան,
որ
եղանակը
կ
’
երկարաձգէր
անոնցմէ
ներս։
Ամէնուն
աչքը՝
Սողոմէն
մուշտակագործ
Ղազարոս
էֆէնտիին։
Ու
խեղճ
մարդը
դեղնած
էր
բոլորէն
աւելի։
Բարեբախտաբար
լոյսի
աղօտութիւնը
կը
ծածկէր
այդ
դէմքին
խոր
տագնապը։
Տիրացու
Ղազարոսը
ծանօթ
էր
արգիլուած
եղանակին։
Ու
քաջածանօթ
նաեւ
պատիժին,
զոր
երգերը
կը
դիզէին
«
հայոց
»
ուսերուն։
--
Ի՞նչ
կ
’
ըսէ։
Հարցնողն
էր
բանտապետը
`
յուզուած
երգին
թախիծէն
ու
անոր
մէջ
ենթադրելով
տեսակ
մը
սիրային
տրոփ։
Մարտական
եղանակները
չեն
լար։
Տիրացուն
կմկմաց։
Բայց
մեղեդին
ինքզինքը
արձակեց
կրկին։
Բոլորը
տառապէս
սառեցան։
Բան
մը
անհանգիստ
կ
’
ընէր
անոնց
աղիքները։
Քանի՛
եղանակը
կը
ջերմանար,
ա՛յնքան
ֆիզիքական
անձուկը
կը
լայննար
մարդոց
կոկորդէն
վար,
որոշ
կէտերու
`
զարնելով
«
իր
ճպոտը
»
պիտի
ըսէր
բանաստեղծ
-
վիպասան
մը։
Խօսիլը՝
անկարելի։
Մուշտակագործը
օգտուեցաւ
այս
ուշաթափումէն՝
հեռանալու
համար
ամէնէն
լոյսէ
քիչ
անկիւնը։
Սողոմը,
միշտ
այտը
ափին,
կը
ջանար
թարթիչները
քակել
իրարմէ
ու
չէր
կրնար։
--
Քոմանտան
փաշա՜ն։
Այսպէս
պոռաց,
կիսաձայն,
պահակ
ոստիկանը,
դուռ
-
վանդակէն
ներս։
Բանտարկեալներուն
խռովքը
տասնապատկուեցաւ,
այդ
աւետիսով։
Անոնց
գորոված,
ջերմացած,
սեռէն
այցուած
հոգիին
մէջ
(
երգը
անոր
ակօսն
է
յաճախ,
մեզմէ
շատերուն
համար
)
նոր
խռովքը,
որ
փաշային
հետեւորդ
«
Եղնիկէն
»
կու
գար։
Կինը
այդ
գառագեղներուն
մէջ
ամէնէն
հզօր
իրականութիւնն
է։
Անոնք
վարժուած
էին
այդ
անակնկալ
այցելութիւններուն։
Փաշան։
Անշուշտ
կինը
`
սարայլը
ն։
Բայց
մա՛նաւանդ
Եղնիկը։
Չէին
սխալած։
Փաշան։
Ետեւէն՝
կինն
ու
աղջիկը։
Որոնք
գիշերային
այս
պտոյտները
կը
կատարէին
արտաքուստ
պարզ,
բայց
ներսէն
գաղտ
նպատակներով։
Մոխիրնոցին
առջեւ,
մեծկակ
լապտեր
մը,
բաւական
զօրաւոր
լոյսով
մը
կը
բանար
քոմանտան
փաշային
գալիք
ճամբան։
Զոր
կ
’
եզերէին
խոշոր
թաղարներու
մէջ
լեմոնի
տունկերը,
մարդերէն
շատ
աւելի
արժէքաւոր
անոր
աչքին։
Իր
օրով
բանտին
ընդարձակ
տրտմութիւնները,
շէնքերէն
դուրս,
ծածկուեցան
ծաղիկով
ու
կանանչով։
Բուսաբանութեան
եւ
բնագիտութեան
ու
քիմիայի
պատուակալ
դասախօսը
Պերլինի
եւ
Փարիզի
իր
տպաւորութիւնները
իրականութեան
կը
վերածէր
`
պետութեան
վրայ
առանց
փարա
մը
ծախք
բեռնալու,
թեթեւ
պատժապարտներուն
բազուկներով։
Փաշայէն
աւելի,
այդ
ծաղիկներով
ու
անոնց
մշակումով
տարուած
էին
անոր
հետեւորդ
կիները,
ինչպէս
կ
’
ուզէին
հաւատացնել
իր
ետեւէն
այդպէս
ուշ
ատեն
թափառելով
սա
տխուր
ու
քիչ
մ
ը
երկիւղառիթ
անցքերուն
մէջ։
Բանտը
միշտ
խորհրդաւոր
բան
մը
կ
’
արտածորէ
իր
վանդակներէն։
Ծաղիկի
ու
կանանչի
իրենց
հետաքրքրութեան
մէջ՝
անոնք
կը
հետապնդէին,
առանց
որոշապէս
գիտակցելու,
մարդկային
տառապանքը,
այսինքն՝
անոր
կարելի
երեսները,
ծալքերը։
Անոնք
այդ
տառապանքը
կը
ճանչնային
իրենց
տունէն
ներս,
երկու
տարիէ
ի
վեր
աթոռէն
բաժնուիլ
չկրցող
աղջկան
մը
վրայ,
որ
զիրենք
կը
ղրկէր
հայրիկին
ետեւէն,
կարօտ
իր
աչքերուն
պատկեր,
յուզում
մուրալով։
Առաւօտէն
մինչեւ
իրկուն,
օդը
ներած
օրերուն,
այդ
ցաւագար
աղջիկը
իր
պատգարակէն
կը
դիտէր
վարի
անցուդարձը,
այնքան
յիմար,
խռովիչ,
պղտոր,
փոփոխական
ու
թելադրիչ։
Կեանքին
թաթը՝
բոլորին
ալ
ծոծրակին։
Այդ
հիւանդին
կամքին
հպատակ՝
անոնք
կ
’
ընէին
այս
պտոյտները
աւելի
ետքը
իրենց
հ
աշւոյն,
վերատեսուչ
փաշային
արգելքին
հակառակ։
Սարայլը
կիները
որոշ
հեղինակութիւն
կը
վայելեն
իրենց
ամուսիններուն
վրայ։
Փատիշահին
անձնական
գանձէն
անոնց
ամսականը
չէ
միայն
պատճառը
այս
կշիռին։
Մոռնալու
չէ
անհուն
հմայքը,
որ
այդ
վեհապետինը
եղաւ
քառորդ
դարէ
աւելի
տեւողութեան
մը
վրայ։
Զօրաւոր
ու
միջնադար
յիշեցնող
այս
կազմակերպութեան
մէջ,
որ
Սուլթան
Համիտի
ռէժիմը
կը
խորհրդանշէ,
կիները
մեծ
զսպանակներ
էին։
Ու
խալիֆաներուն
պալատը՝
կիներու
արեւադարձային
շքեղութեամբ
պարտէզ
մը։
Ասկէ
զատ,
մոռնալու
չէ
օրէնքը,
որուն
համեմատ
տարիքը
դժուար
գլուխ
կ
’
ելլէ
այդ
կիներուն
գեղեցկութեան։
Մեծ
լապտերին
լոյսին
մէջ,
դանդաղ,
կը
մօտենային։
Տասը
քայլ
ետ,
յիսնապետ
մը
եւ
չորս
զինուոր։
Որոնք
պաշտօն
ունէին
հետեւիլ
առաջին
խումբին,
անհրաժեշտ
բացով
։
--
Քոմանտան
փաշան։
Մոխիրնոցէն,
խոր
ու
եղկ
փսփսուքը։
Երգը՝
մռլտուք,
լուռ
հոսում,
Սողոմին
բերնէն։
Տեսիլքին
մէջ
անիկա
կը
հետեւէր
վարպետ
Թորոսին
հեկեկանքին։
*
*
*
Պրուսայի
բանտերը
ընդարձակ
են,
գիւղակի
մը
չափ։
Կուսակալութեան
տարածութիւնը
պատճառ
է,
որ
ոճիրը
կատարուի
անոր
հողերուն
վրայ
բացառիկ
առատութեամբ։
Պոլսէն
եւ
Իզմիրէն
յետոյ,
ուր
կիները
զսպանակներն
են
թափուած
արիւններու
մեծագոյն
տոկոսին,
Պրուսան
կը
համրէ
ամէնէն
շատ
մեղաւորները
նոյն
աղբիւրով։
Անոր
բանտերը
օժտուած
են
յատուկ
կազմակերպութեամբ,
որ
արդիւնք
է
զբօսաշրջիկներէ
շատ
այցուած
ըլլալու
իր
հանգամանքին։
Ու
այդ
բանտերուն
մարմնով
ալ,
աստիճանով
ալ
մեծ
վերատեսուչը,
ամէն
գիշերուան
պէս,
անցաւ
առանց
տեսնելու
կիսակամարի
մը
ստինքէն
կախ
գրեթէ
կոյր
լապտերը։
Սուր,
քառանիստ
երեսներէն
ապակիները
սեւցեր
էին
կէսէն
վեր։
Ու
բանտուած
լամբիկը
հազիւ
կը
յաջողէր
իր
կարմիր
կտուցիկը
միային
ազատել
սեւ
շաղախէն,
լոյսի
փոխարէն
պղտոր
տառապանք
մը
դերելով
ու
կը
նմանէր
ատրճանակի
մը
փամփուշտին։
Քոմանտան
փաշան
չտեսաւ
այդ
խաւարած
լոյսը։
Օրէնքը,
որուն
անունն
ու
պատկառանքը,
ամէն
րոպէ
պտոյտ
կ
’
ընեն
դիւանէ
դիւան,
ու
նահանգէ
նահանգ,
բայց
զոր
կը
խաբեն
այնքան
լրբութեամբ,
այդ
օրէնքը,
յատուկ
պաշտօնեայով,
բանտ
-
գիւղակին
բոլոր
լապտերները
քննութենէ
կ
’
անցընէր
ամէն
օր,
ինչպէս
ամսականաւոր
ուրիշներ
ամէն
օր
կը
ճշդէին
թիւը
կալանաւորներուն։
Լապտերները,
որպէսզի
ամէն
գիշեր
իրենց
պարէնը
ունենային,
ենթակայ
էին
փաշային
մարդոց
մանրակրկիտ
զննութեան։
Փաշան
ամէն
օր
կը
վաւերացնէր
գործածուած
ձէթին
ու
քարիւղին
հաշուեցոյցները,
խղճամիտ
ստուգումներէ
ետք։
Անկաշառ,
որովհետեւ
հարուստ,
լուցկիներն
իսկ
մանրախոյզ
ճշդութեամբ,
տուփերով
համրելու
աստիճան՝
անիկա
կը
տեսնէր
փոքր
զեղծումները,
անփութութեամբ
չմարուած
կտուցի
մը
սպասը,
թափուած
իւղը,
որուն
հետքը
դիւրաւ
չի
ծածկուիր,
բայց
կը
մոռնար
եռակնիք
կղպել
մեծ
մթերանոցը,
որ
իր
մեծութեան
հպատակելով՝
բարձրաքանակ
կը
թեթեւնար
իր
իսկ
քիթին
տակ,
նոյն
այդ
սպասարկուներուն
հաւատարիմ
աչալրջութեամբը։
Անշուշտ
վերատեսուչ
փաշան
վեր
էր
կեղծիքէն
ու
նենգութենէն։
Անիկա
կը
կատղէր
փոքր
իսկ
մսխումէն,
մա՛նաւանդ
պետական
գանձէն,
որուն
պայծառութեան
ծառայած
էր
իր
գերդաստանը
դարաւոր
վաստակով։
Զեղծումը
կը
դատապարտէր
յանուն
այդ
նախնիքներուն,
որոնք
սա
քաղաքին
բազմահարիւր
տարիներուն
մէջը
ապրեր
էին
ուղղահաւատ
ու
անստգիւտ
կենցաղով։
Գերմանիա
ըրած
վերատեսուչը
անշուշտ
զոհած
էր
իր
հաւատքը,
բայց
պահած
ասով
լաստակերտ
յարդարանքը,
որով
ընկերութեան
մը
դիմագիծը
կը
մնայ
ամբողջ։
Ու
չէր
տեսներ
մուխէն,
իսէն
կլլուած
լապտերին
նման
խոշոր
գողութիւնները,
քանի
որ
իր
գրագիրները,
հաշուակալները
մուտքին
ու
ելքին
կշիռին
մէջ
պակաս
չըրին
փրկարար
հակուղիղը,
որ
գումարները
կը
հաւասարակշռէ։
Քոմանտան
փաշան
--
անոր
անունը
խղդուած
էր
տիտղոսին
մէջ
--
մեծկակ
իր
գաւազանին
վրայ
կոխելէն
յառաջացաւ։
Անոր
քայլերը
կը
հնչէին
երկաթ
իրենց
սմբակներով,
սալերէն։
Ու
անոր
հեւուն
շնչառութիւնը
կը
յաղթէր
ճօճուն
անոր
մարմինին
բազմազան
հեծքերուն։
Գիշերասկիզբի
քննութի՛ւն։
Որ,
շրջանակ
առ
շրջանակ
պիտի
տարուէր
առաջ
`
կազմելու
համար
անվախճան
հատորները
անոր
յուշերուն,
տարիներէ
ի
վեր
կանոնաւոր
խմբագրութեամբ։
Գերման
դասախօսի
մը
խնդրանքով
սկսուած
այս
աշխատանքը,
կը
շարունակուէր
դասախօսին
մահէն
վերջն
ալ։
Ոճրային
հոգեբանութեան
նուիրուած
իր
հետազօտութեանց
համար
փաշային
--
երբ
ուսանող
էր
--
ուսուցիչը
չէր
գոհացած
արեւմտեան
տիպարներով։
Ու
փաշան
պրակ
-
պրակ
նոթ
ու
կենսագրութիւն
կը
ճարէր
բանտ
ինկող
ամէն
շահեկան
անասունէ։
Մեքենական
այս
աշխատանքը
ի
վերջոյ
խօսած
էր
անոր։
Ու
գիտունի
հանդարտութեամբ,
կապանքի
տակ
կեանքին
պատկերները
անիկա
կը
նոթէր,
առաջ՝
գրագիրներուն,
հիմա՝
ինքը
իրեն,
երբեմն
ալ՝
աղջկանը։
Մոխիրնոցին
վանդակ
-
դուռը
ամէն
անգամուան
պէս
կեցուց
զինքը։
Փնտռա՞ծը,
հոն։
Դուք
գիտէք
հոգեբան
-
փորձարկուն։
Բայց
չէք
գիտեր
միւսը,
այդ
հարիւր
օխանոց
զանգուածին
մէջ,
որ
տակաւին
կը
մնար
անեղծ։
Ատիկա
պատանութիւնն
էր
անոր։
Անիկա
կու
գար
հոս
`
վերագտնելու
համար
այն
քանի
մը
սուր
զգայութիւնները,
որոնք,
հօրենական
ապարանքէն,
նման
կամարներով,
բիւրեղացած
էին
անոր
մէջ։
Մենք,
երբ
մեր
ջիղերուն
ամէնօրեայ
առատ
երազում
չենք
ճարեր,
հարկին
տակն
ենք
մեր
անցեալէն
վերբերել
անոնց
աղօնքը։
Ոճիրներ
պատմող
փաշան,
որուն
մէջ
սեռային
բնազդը
գրեթէ
խուլցած
էր
հիմա,
իր
անցեալը
ոգեկոչելու
տրտմութիւնը
կը
փոխարինէր
սա
մռայլ
պատկերներով։
Անկողինէն
փախչելու
գիտութի՞ւն
մը։
Ո՜վ
ինչ
կ
’
իմանայ
փարթամ
այդ
փաշաներուն
ներքին
թախիծներէն։
Հասուն
տարիքի
մէջ
ծերութիւն
մը
կրելը
փոքր
տառապանք
մը
չէ,
երբ
վայելքին
բոլոր
միւս
ծորակները
բացուած
են
լիառատ
ու
հիմնականը
կուրցած։
Անոր
աչքը,
առաջին
թարթումին,
մոխիրնոցէն
ներս,
առաւ
կիսածուփ
անգայտութիւնը,
որ
օդ
չէ՝
որքան
չէ
մշուշը,
բաղնիքի
աւազաններուն
վերեւ,
շրջուած
բաժակի
մը
կտրուածքովը։
Այդ
մշուշին
մէջ,
լապտերները։
Փաշային
նորութիւնն
էր
--
ինչո՞ւ
չէր
ըսեր
նահանջը
--
ատենէ
մը
ի
վեր
ընդհանրացած
քարիւղը
տարագրել
բանտերէն
`
փոխարինելով
օտարը
տեղականով՝
ձէթով։
Այս
կարգադրութեամբ
կը
շահէր
գանձը՝
ինչպէս
ազգային
ճարտարարուեստը։
Մնաց
որ,
այս
չորքոտանիները
անարժան
ալ
էին
վայելել
լոյսը,
որ
դեռ
անծանօթ
էր
անոնցմէ
շատին
գեղերէն
ներս։
Բանտարկեալներէն
կարեւոր
մաս
մը
ոտքի։
Ուրկէ՞
գիտէին,
բոլորովին
նորերն
ալ,
այս
այցելութեան
կապուած
թաքուն
վայելքը։
Ի՜նչ
խուլ
հեշտանքով,
անոնց
խենթեցած
աչքերը
կը
սպասէին
պատկերին,
անհաւատալի՝
որքան
իրաւ,
պալատական
երկու
հանըմի,
որոնք
իրենց
իմաստին
վրայ
աւելցուցած
էին
այդ
օրերուն
իրական
հրաշքը,
–
սաւանէն
ազա՜տ,
չունենալով
իշխանուհիներուն
հետեւորդ
արաբը,
ներքինին՝
որ
արտօնուած
էր
մտրակով
վազցնելու
լոյսը
հանըմներուն
դէտ
ամէն
աչքի։
Վերատեսուչ
փաշային
ահը
չէր
կրնար
արգիլել
սա
վիզերը,
հակելէ
առաջ,
ձեւի՜ն
ծարաւի
անոր
կնոջն
ու
աղջկան,
ինչպէս
չէր
կրնար
խանգարել
լայն
թարթափանքը
անոնց
միտքին,
որ
կը
սփոփէր
անոր
ընկերացող
ձեւերը,
թռչունի
զիստ
կրծող
գինովներու
հեշտութեամբ։
Պատմութի՛ւն,
անոնց
անցքէն
յետոյ
կիներուն
կաղապարը,
մորթին
գոյնը,
ու
տարօրէն
գիտուն,
ջուրոտ
երկրաչափութիւնը
անոնց
մարմնամասերուն։
Քոմանտան
փաշան
բանտարկեալները
չորքոտանի
կ
’
որակէր
`
առանց
տեղեակ
ըլլալու
անոնց
սա
շատ
մասնաւոր
ախորժակներէն։
Գերման
դասախօսին
թեզն
էր,
անոնց
անասնութիւնը
փաստել,
երեք
չորրորդով։
Ուրիշներ,
բոլորովին
նորեր,
որոնք
հազիւ
թէ
լսած
էին
այցելութեան
հեքիաթը
ու
թերահաւատ,
իրենց
ծրարները
ըրած
բարձ՝
երկարեր
էին
պարզուկ
քարերուն,
իբր
թէ
ատիկա
ըլլար
հանգիստը,
բնական
ձեւէն։
Կային՝
որ
ալիւրի
պարկով
մը
միայն
կը
զատուէին
քարին
մարմինէն։
Քո՞ւն,
սա
մարդիկը,
կրունկները
ետ,
դէպի
յետոյքը
կոխած,
այդքան
կանուխ,
երբ
դուրսի
աշխարհին
կեանքը
կը
յամենար։
Չարթնցուցին
սակայն
զանոնք։
Վայելքի
մէջ,
մա՛նաւանդ
աչքէ,
կծծի
կ
’
ըլլանք։
Քոմանտան
փաշան,
հաւատարիմ
իր
մեթոտին,
կեցաւ
ուշադիր։
Անոր
անփոփոխ
եղանակն
էր,
կիսամութ
այդ
ձեւերուն
վրայ
պահել
երկար
իր
նայուածքը։
Հոգեբանութիւնը
տղոց
ձանձրոյթին
համար
ստեղծուած
գիտութիւն
մը
չէ։
Գերմանները
զայն
թուրքերուն
աւանդած
ատեն
իրապաշտ
նպատակներ
ալ
կը
հանդերձեն
անոնց
ապագայ
ձեռնարկներուն
նպաստող։
Կան՝
որ
երազներու
հաւաքումը
կը
յանձնարարեն
ջերմապէս,
անոնց
courbeերէն
հանելու
համար
նկարագիրներ։
Կան՝
որ
ոճրագործներուն
առաջին
օրերը
մանրամասն
կը
նոթագրեն,
անոնց
մէջ
հաստատելու
համար
արդարութեան
մարդոց
անմատոյց
օրէնքներ։
Ըստ
այդ
ցուցմունքներուն,
քոմանտան
փաշան
դիտած
էր
արժէքը
այդ
հայեցողական
վարկածներուն։
Անվրէպ՝
անիկա
աչքէ
կ
’
անցընէր
քունը
սա
նորեկներուն,
որոնք
իրենց
«
հիւրութեան
»
անդրանիկ
գիշերը
սովոր
էին
անցընել
անծակ,
այսինքն՝
առանց
թարթիչ
գոցելու։
Յաջորդին,
պարտասուն,
դիմանալու
անկարող,
առջի
ստուերներուն
հետ,
անոնք
պիտի
կործանէին
իրենց
զրահուած
պրկումէն,
լուծուելու
համար
սա
արտայայտիչ
--
ըստ
փաշային
--
թմբիրին
խորը,
որուն
այնքան
կարիք
ունէր,
քառսունութ
ժամէ
ի
վեր
լարուած,
տանջուած
անոնց
ջղացանցը։
Ոճիրը,
մա՛նաւանդ
պզտիկը,
մեր
վարժանքներէն
իր
ստեղծած
խանգարումներով,
մեզ
կը
նեղէ
կրկնապէս։
Իրենց
տունին
ընտանութեանց
կապուած
կանոնաւոր
քաղքենիները,
այդ
աշխարհին
մէջ
սայթաքելէ
յետոյ,
ամէն
րոպէ
նիւթ
պիտի
ճարեն
իրենց
տառապանքը
սրող։
Կորսնցուցած
հանգիստի
զգայութիւնները
`
անոնք
պիտի
աճեցնեն
եղերական
խտութեանց
ու
սա
առժամեայ
ընդհատն
իսկ
անոնց
ողբան
պիտի
`
ըլլալով
տղայ,
փնտռելով
օրուան
առաւօտը։
Ճաշին
ժամը,
կերակուրին
թափառական
հոտերը,
պատահմամբ
խոհանոցէն
դուրս
փախչելով,
լուացուիլը,
մուճակին
կամ
հողաթափին
կակուղիկ
զգայութիւնները,
սենեակին
անկիւնը,
թիկնատարած
բազմիլը,
մուխը
կամ
սուրճը
ա՛լ
պարզ
բաներ
չեն,
իրենց
անայլայլ
յաջորդութեամբը
հոգիի
մեքենականութիւն
մը
կերպադրող,
այլ՝
մեծ,
կարօտակէզ
զրկանքներ։
Պզտիկ
այս
թւումը
հասկնալի
կ
’
ընէ
ուրիշ
գիծէ
զգայութեանց
մուտքը
կրկէս,
[
որոնք
]
իբրեւ
զաւակ,
կին,
նշանած,
սիրուհի
կը
բռնանան
մեր
վրայ։
Այս
ամէնը,
առանձին
-
առանձին,
կապար
-
կապար
կը
հիւսուին
մեր
թարթիչներուն,
բայց
չենք
կրնար
կապել
անոնք
իրարու։
Ու
կը
լուսցնենք,
մշտապէս
այրուած
մեր
անմիջական
երէկէն,
որ
դեռ
ատեն
ալ
չէ
ճարած
յուշ
իսկ
ըլլալու։
Ու
կը
սկսինք
մեր
բանտին
երկրորդ
օրը,
նոյնքան
ջախջախուած։
Լոյսը,
անոր
բերած
քիչիկ
մը
փոփոխուն
պատկերները
պիտի
աշխատին
մեր
ջիղերուն
վրայ
տակաւին
տասը
-
տասնհինգ
ժամ,
մինչեւ
որ
թմբիրը
գայ
ասոնք
լքելու
իրենցմէ։
Հանգի՞ստ։
Չէ
ասիկա,
այլ՝
զինաթափում
մը,
աւելի
ուղիղ՝
ջղաթափում
մը։
Պահակը՝
զինուորական
բարեւի
իր
արձանացման
մէջ։
Ոստիկանական
դիւանէն
գիշերուան
սպասին
պատասխանատու
սպա՛ն՝
որ
նոյնքան
յարգանքով
մօտեցաւ
անոր,
ձեռքին
թուղթ։
Մոխիրնոց
գիշերողներուն
լրիւ
ցուցակը։
Անայլայլ
այս
ներկայացումը,
ամէն
գիշերամուտին։
Քոմանտան
փաշան,
աչքերը
գառագեղին,
մտիկ
ըրաւ
նաեւ
բերանացի
բացատրութիւնը
հերթապահ
սպային։
Ձէթին
մուխը
կամարին
ներքեւ
բաղնեմշուշ
էր
դիզած,
հաստ,
գրեթէ
սեւ,
որ
շերտ
-
շերտ,
սիւն
-
սիւն
ոլորքներով
կը
ծփար
դանդաղ,
յուզուելով,
տրորուելով,
վարէն
վեր
ճամբորդ
ծխախոտ
ծուխին
ծուռիկ
-
մուռիկ
ասեղներէն
կամ
աղեղներէն։
Այս
պատկերը
դառնագոյն
իր
համովը
վերատեսուչ
փաշային
հոգին
կ
’
ողողէր։
Իր
հօրենական
պալատին
մէջ
անոր
պատանութիւնը
եղեր
էր
այս
պատկերներուն
հետ։
Իր
ձեռքով
նորոգուած
հիմակուան
պարզ,
ճաշակաւոր
բաղնիքին
փոխարէն,
այն
ատեն
այդ
պալատին
մէկ
խորշը
ատ
ոճով
կառոյց
մը,
ուս
ուսի
պատերու
վրայ
կորաքամակ
կամարով,
որուն
ներքեւ
կլոր
աւազան
մը
մութ
ալապաստրէ
բանի
մը
նման
կը
սեւնար։
Այդ
աւազանին
կապուած
անոր
դառնագոյն
զգայութիւննե՜րը։
Յիշատակին
նկարագիրը
աղօտիլն
է։
Բայց
ոչ
ամէն
տեսակի
համար։
Կան՝
որ
տարիքին
հետ
կը
խորանան։
Ու
մեզ
կը
տանջեն։
Մոխիրնոցին
կանթեղները,
նման
այն
աղտոտ
թիթեղեայ
ամաններուն,
որոնք
կէս
դար
առաջ
լուսաւորութեան
բոյներ
էին,
նոյնիսկ
ամէնէն
հարուստ
բնակարաններէն
ներս։
Ամէն
կանթեղի
անմիջական
շրջապատին
պար
էին
մտեր
կիսակարմիր
ծուէններ,
թրթռուն,
աճապարոտ,
քիչ
մը
ճարճատուն,
այլ
երբեմն
խօսելով
մռայլ
բան
մը
դիտողին
հոգին
ի
վար։
Տխո՛ւր,
սե՛ւ,
թշուա՜ռ,
ա՛յնքան
կ
’
ըլլար,
ո՛րքան
էր
եղած
այժմու
փարթամ
պաշտօնատարին
հոգին
ալ,
հեռաւոր
այդ
պատանութեան
շրջանին
գերի՝
սեւ
ու
ճերմակ
կիրքերու։
Ու
տխուր
նորէն,
ինքն
իր
պոչին
պտուտքող
սա
ամպիկը,
զոր
զանազան
կէտերէ,
վէրքի
նման
կ
’
արիւնոտէին
ձէթին
լեզուակները,
կէս
-
կոյր
աչքերու
նման,
որոնց
մաս
մը
փտած
է
պտուղը։
Մարդկային
դառնութի՛ւնը՝
աղտոտ
այդ
կանթեղներու
ամբողջ
հասակին,
քանի
որ
ունէին
պտղիլ
կամ
հեծեծել,
երբեմն
սեւ
-
սեւ
մխալ։
Վերատեսուչ
փաշան
այն
հոտած
պատկերին
դիմաց
միշտ
պատանի
չէր,
ինքիրմով
աղտահար
ու
տառապող,
այլեւ
բնագիտութեան
պատուակալ
ուսուցիչ,
զինուորական
վարժարանին
մէջ,
որուն
նախապատրաստական
դասարանին,
ամէն
տարի,
ֆիզիքի
առաջին
դասը
կ
’
ընէր
այդպէս
կանթեղով
մը
`
դրան
սեմին
ու
գագաթին
բռնելով
անոր
բոցը,
դասական
ու
հոյակապ
պարզութեամբ
մը
տաք
ու
պաղ
օրերու
տարբերութիւնը
«
փորձնապէս
»
ապացուցելով։
Այս
գիծով,
տարի
մը
դէպի
իր
պաշտօնը։
Ակնարկ,
սպայէն
մատուցուած
թիւին։
Ստուգում
գիշերային
բանաձեւին։
Տուաւ
կրակի
հրաման
`
փորձելու
համար
պահակին
մաուզէրը։
Կեցուց
զայն
բլթակի
շարժումին
ու
դարձաւ
ետին։
Անոր
կինն
ու
աղջիկը,
չորս
-
հինգ
քայլ
բացօք,
աչքի
տակ
ունէին
գառագեղէն
ներս
պատկերը։
Ցուրտ
մը
թէեւ
թեթեւ,
բայց
արագ
-
արագ
հաստցող։
Պարզկայ
երկինքը
ու
ձիւնապատ
Ողիմպոսը
զգալի
էին
սա
խոնաւ
ու
թանձր
կառոյցներուն
վրայ
աւելի
հոծ
ուժգնութեամբ։
Վերատեսուչ
փաշան
կոխեց
կոճակի
մը,
ձեռքի
ելեկտրական
լամբիկէն։
Այդ
օրերուն,
մենաշնորհ
նորութիւն
մը
այդ
լապտերը,
զոր
արտօնուած
էին
գործածել
զինուորականներէն՝
սպաները,
քաղաքային
պաշտօնեաներէն՝
աւագները
ու
թիկնաւորները։
Մայրաքաղաքին
մէջ
ելեկտրական
սպասարկութիւնը
արգիլող
սարսափը
(
վեհապետը
կը
հաւատար
ժուռնալով
իրեն
մատուցուած
եղջերուաքաղին
)
կը
մեղմանար
անկէ
դուրս,
Պոլսէն
հեռաւորութեան
չափով։
Հոդ,
կը
տիրէր
թեթեւ
խստութիւն։
Ուրիշ
մարդոց
մօտ
այդ
լապտերին
գոյութիւնը
բաւ
էր՝
առաջնորդելու
այդ
ամբարիշտները
պատերազմական
ատեան։
Մշտապատրաստ
մարմին,
արագ
ու
վճռական,
որ
կը
քննէր
մեղադրելիները,
կը
վերլուծէր
ենթադրական
ոճիրի
անհերքելի,
փաստուած
զսպանակները
ու
կու
տար
իր
վճիռը։
Այդպէս
դատապարտուած
դժբախտներուն
վերագրելով
մեծատաղանդ
ծրագիրներ,
Թուրքիոյ
հողային
ամբողջութեան,
առնուազն
վեհապետին
անձին
դէմ
եղեռնածիր
դաւադրութեան
մեղքերով։
Հայերուն
ու
պուլկարներուն
համար,
որոնք
քոմիթաճի
ութիւնը
իրենց
ասպարէզ
էին
ընտրած,
ելեկտրական
լամբար
մը
յաճախ
կախաղան
կը
պահանջէր
իբր
պատիժ։
Կոճակին
չոր
աղմուկին
հետ,
լոյսի
մեծկակ
ժայթք
մը
փռուեցաւ
մէկէն,
կիսախաւարին
ներսը։
Վրձնաձեւ
լարուած
այդ
ոստայնին
մէջ
դէմքերը
եղան
տարօրէն
դեղին,
մարմրուն
ու
հոսուն։
Քոմանտան
փաշան
լոյսի
այդ
խաղը
դիտած
էր
միշտ
մեծ
ուշադրութեամբ,
ու
զայն
նիւթ
ըրած
գիտական
վերլուծման։
Գերմանիա
անիկա
սորված
էր
«
ուսումնասիրական
մոլութիւնը
»
։
Ունէր
շատ
մը
սկսուած
թեզեր,
որոնցմէ
մէկը՝
Լոյսին
վրայ։
Կէօթէին
նմանելու
համար
այս
ընտրութիւնը
բան
մը
կ
’
ապացուցանէր
անշուշտ։
Քանի
տարի
կայ,
պայրամներուն՝
անիկա
ձեռք
կ
’
առնէր
տետրակը,
կրկին
մաքուրի
քաշելու
ու
կը
ծրագրէր
կայսեր
գնահատումին
ենթարկել,
կնոջը
միջնորդութեամբ,
քանի
որ
վեհապետը
պսակաւոր
էր
աշխարհին
բոլոր
ուսումներով,
ինչպէս
կը
վկայէին
էլիֆպաներէն
սկսեալ,
քիմիայի
հաստ
դասագիրքերը,
իրենց
երանելի
յառաջաբան
-
մատուցումներուն
մէջ
`
դիզելով
այդ
չքնաղագիւտ
ու
աստուածիմաստ
ինքնակալին
փառքին՝
դափնիները
բոլոր
ակադեմիաներուն։
Օ՜,
գաւառի
փաշաներուն
երջանիկ
գիտութիւնը՝
ինչպէս
գերմանական
համալսարան
հոլոված
կովերու
յաւակնոտ,
յիմար
տգիտութիւնը,
ուսուցման
ասպարէզէն։
Քոմանտան
փաշան,
օր
մը
խմբագրուելիք
այդ
յիշատակարան
-
ուսումնասիրութեան
հետ,
կը
տեսնէ՞ր
նաեւ
այդ
դեղնաւուն
դիմակներուն
վրայ
ան
միւս
իմաստութիւնը,
որ
մեր
երեսին
բաբախումն
է
մեղքէն
վեր
բանի
մը։
Որ
խղճահարութիւնը
չըլլալով
հանդերձ,
մեղքէն
պժգանքը
չըլլալով
հանդերձ,
մեզ
կ
’
ընէ
արգահատելի
մեզի
դէմ։
Ի՞նչ
է
այն
անունը
պատկերին,
որ
կը
փռուի
բանտի
մը
ներսէն,
բայց
չ
’
իյնար,
դուրս։
Մեր
տեսածը,
մարդե՞ր,
թէ
անոնց
նկարները։
Տառապա՞նք,
թէ
այդ
տեսակ
բանի
մը
ի
սպառ
հերքումը։
Ո՞ւր
զետեղել
տարբերութիւնը,
որով
կը
զատուի
պատերով
կուղպ
տառապանքը
բաց
աշխարհով
մատուցուածէն։
Մե՞նք
ենք
յոգնողը,
թէ
ներսի
այդ
կալանաւոր
թշուառութիւններուն
ճնշումն
է
մեզ
նուաճողը,
երբ
փոխանակ
մէկի
տասը,
քսան
աչքերէ
նոյն
տրտմութիւնը
մեզ
կը
նիզակէ։
Ինչո՞ւ
այսպէս
զգալ։
…
Սա
խոռոչներուն
մէջ
մարդկային
դէմքը,
առանձինն,
գուցէ
կ
’
արժէ
այնքան
քիչ,
որքան
համազգեստ
մը՝
ճակատամարտի
դաշտին։
Բանտին
հեղանուտը
ընդարձակ
խաղացքի
կը
նմանի։
Հոն
ինկողները
վրայ
կու
տան
ամէնէն
առաջ
մանր
կնիքը
իրենց
անհատականութիւններուն։
Անձնականութիւնը
կ
’
ատենք։
Հաւաքական
տառապանքը
մեզ
կը
յուզէ
կրկնապէս։
Քոմանտան
փաշաները
պիտի
չխռովին,
վասնզի
այդ
տառապանքը
խմորն
իսկ
է
իրենց
դիրքերուն
հաստախարիսխ
գոյութեան։
Լոյսը
քալեց։
Ու
քալեց
աննպատակ։
Ինկան
ուրիշներ
անոր
քանակին։
Հիմա,
սիրամարգի
պոչին
պէս
հովահար
մըն
էր
այդ
պայծառութիւնը։
Անոր
մէջ
մարդե՞րը։
Զօրեղապէս
գունաւորուած՝
անոնք
ինչո՞վ
կը
շահագրգռէին
կիները։
Պզտիկը,
հօրը
հաստ
շուքին
մէջ,
վախով
կը
հետեւէր
սա
բուսնող,
ընկղմող
կոհակներուն,
որոնց
իւրաքանչիւրը
ծրար
-
ծրար
տրտմութիւն
ու
ցաւ
կը
կրէր
անշուշտ
իր
միսերուն
ներքեւ։
Աղջկան
միտքը
խուլ
ու
զզուախառն
հաճոյքով
կը
կարծէր
տեսնել
նաեւ
անոնց
մէջ
կծիկ
եղած
մռայլ
այն
բանը,
որ
իր
զսպանակներէն
առժամաբար
լքուած
կիրքն
էր
անոնց։
Պայմաններուն
ընկալչութիւնը
անհուն
է
այդ
շրջանին։
Անոնք
մութ
ու
աղօտ
զգայութիւններու
իրենց
փնտռտուքին
մէջ
կանգ
չեն
առներ
պղտոր
բաներու
առջեւ։
Ու
այդ
զգայութիւնները
կանոնաւորող
զսպանակներուն
թերակազմ
խաղը
յաճախ
անզօր
է
զսպելու
զանոնք։
Երիտասարդը
այդ
շրջանէն
կաղապարուած
միսն
է
յաճախ։
Ու
մեր
դժբախտութիւնները
կը
դարբնենք
տասնհինգի
դուռներէն։
Գեղացիներուն
հոգեկան
առողջութիւնը
անլուծելի
պիտի
ըլլար,
առանց
այն
պայծառ
դաշտանկարին,
որ
անոնց
մարմինն
ու
միտքը
կը
շինէ
նոյն
օրէնքներով։
Քոմանտան
փաշային
աղջիկը
կը
տեսնէ՞ր
այդ
գլուխները,
արագ
այդ
ուրուացման
մէջ
իրենց
մեղքերով
պսակաւոր,
գրական
տարազով
մը՝
գարգմանակուած։
Ու
կը
լսէ՞ր
այն
խուլ,
բութ,
սարսափելի
ախորժակները,
որոնք
այդ
գանկերուն
տակ,
ուղեղին
կակուղ
ակօսներէն,
աճեր
էին
այդպէս,
օրին
մէկը,
ջախջախելու
չափ
ոսկորէ
տուփը,
առնուազն
ջիղերուն
լարուած
նուագարանը,
երեւան
բերելով
այդ
բզկտումին
մէջէն
անասո՜ւնը։
Պզտիկ
աղջիկ՝
անիկա
չէր
գիտեր,
թէ
ամէն
շեղում
ներքին
այդ
բռնութենէն
ազատումի
եղանակ
մըն
է։
Ու
ոճիրը
իբր
արդիւնք
զզուելի
ըլլալէն
առաջ,
իբր
պատճառ
ողբերգութիւն
է
ահաւոր։
Չմեռնելու
համար
մեռցնողները
կէսէն
աւելին
կը
կազմեն
մարդասպաններուն։
Ու
արիւն
թափողը
միայն
գարշելի
չէ։
Փնտռեցէք
անկէ
առաջը։
Բանտի
մը
պարիսպներէն
ներս
աշխարհ
մը
կը
նստի,
որուն
մէջ,
մեզ
տիրող
օրէնքներն
են,
որ
կը
կառավարեն
դարձեալ,
բայց
իրենց
հակահարուածովը։
Վերատեսուչին
աղջիկը
գիտէր
սակայն,
թէ
մեծ
մասը
սա
մարդերուն
խենթեր
էին։
Ու
անոնց
խենթութիւնը
գինն
էր
կարօտին,
ծարաւին,
իր
նման
մարմիններէն։
Ո՛չ
միայն
խենթեր,
այլեւ՝
դառնակսկիծ
թշուառութիւններ
`
զարնուած
շատ
մը
կողմերէ
նոյն
ատեն։
Ունէին,
այդպէս
ժանեթափ,
աւելի
խռովիչ
տրտմութիւն։
Օձին
հեքիաթը
զուր
յօրինում
չէ
Արեւելքի
մէջ։
Լոյսը
կանգ
առաւ,
աւելի
երկար,
Սողոմին
վրայ։
Քոմանտան
փաշան,
Պոլսէն
ազդուած,
ատեն
մը
զայն
ենթարկեր
էր
բացառիկ
հսկողութեան։
Քոմիթա
ն,
ամբոխին
համար
պարզ
պատկեր,
իշխանաւորին
մէջ
չէ
բիւրեղացած։
Զայն
կազմող
միսթիքը
ըմբռնելի
չէ
հեշտ
կեանքի
ու
դիւր
հոգեբանութեան
այն
հերոսներուն,
որ
ամէն
երկիրներու
պաշտօնէութիւնը
կը
յօրինեն։
Սողոմին
ոճիրը,
ատեն
մը
խոշորցուած,
քաղաքական
գոյնով,
վերջին
քննութեանց
լոյսէն
կը
դառնար
իր
իսկական
իմաստին։
Անկէ
առաջ
բռնուած
զոյգը
զայրացուցած
էր
անոր
գիտունի
անզգածութիւնը։
Ծեծը,
անքնութիւնը,
չարչարանքը
անզօր
էին
մնացած
այդ
յիմարները
հարկադրել
պատմելու
բաներ,
որոնք
թուղթին
վրայ
հաճելի
են
բոլոր
փորձարկուներուն։
Անոնք
պիտի
քաւէին
իրենց
յամառութիւնը
իրենց
գլուխով։
Մինչեւ
այդ,
պէտք
էր
պատահարը
տարազել
վայել
առարկայականութեամբ։
Յիմար
ժուռնալ
ի
մը
հետեւանքով,
պոլսական
ոստիկանութեան
իրարանցումը,
դէպքը
«
խորացնելու
»
համար
գործածուած
մարդերն
ու
միջոցները
ու
նոր
տեղեկագիրները
բաւական
բան
կը
զեղչէին
ստեղծուած
խռովքէն։
Կուսակալը,
իր
կարգին,
շահագրգռուած
քոմիթա
ներուն
յայտնութեամբ,
իր
աչալրջութիւնը
փաստեր
էր
ուժգին
`
շարժման
դնելով
արդարութեան
եւ
կարգին
բոլոր
միջոցները։
Սողոմին
ձերբակալումը,
սպաննուած
Դելոնին
տղոցը
սաստկագին
հետապնդումը,
այս
փորձանքներու
ակ
ու
աղբիւր
քոմիթաճի
ներուն
շատոնց
ծակումուտ
իյնալը
յաջողութիւններ
էին
ապահովաբար,
կառավարական
մեքենային
առողջ
գործունէութիւնը
փաստող։
Հայկական
նահանգներուն
համար
քոմիթա
ն
տեղական
պատահար
էր
թուրքերուն
աչքին։
Ոստիկանութիւնը
այդ
մարդոց
հետ
գլուխ
ելլելու
գործը
փաթթած
էր
քուրդերու
վզին։
Ոստիկանական
առաջին
շրջանակին
մէջ,
որ
Մարմարա
ծովուն
շրջասփիւռ
գաւառներով
էր
կազմուած,
անոնց
երեւումը
իրապէս
կը
շահագրգռէր
Պոլիսը։
Այս
մտայնութեան
վերագրելի
է
այս
հարցին
ստացած
ընդարձակութիւնը։
Պոլիսը
անշուշտ
մայրաքաղաքը
ըլլալու
չէր
Հայաստանին։
Բայց
քաղաքն
էր
Համիտին,
որ
իր
ապահովութենէն
դուրս
քիչ
բանի
աշխատեցաւ։
Սողոմը,
այս
հարցին
մէջ
առնուած
սկզբնական
տեղեկագիրներուն
ցուցմունքովը,
նկատուած
էր
կարեւոր
գետին,
կազմակերպական
գաղտնիքներու
երակէն,
քանի
որ
Պոլիսը
կը
հաւատար
ատոր։
Դրուեցաւ
անիկա
հիւանդանոց,
անշուշտ
քիչ
մը
բախտովի,
կիներու
հանդիպումով։
Բայց
իմաստութիւնը
այդ
պատահմունքն
ալ
շահագործեց։
Տղուն
մատաղութիւնը
ունենալով
նկատի,
ծրագիր
կար
բռնութենէն,
տանջանքէն
առաջ,
կակուղ
միջոցներով
կորզել
անկէ
գաղտնիքներու
ծրարը,
-
զէնքին
ու
պոմպաներուն
պահեստը,
որոնք
այնքան
պայծառ
մանրամասնութեամբ
մատնանշուած
էին
Եըլտըզ
առաքուած
տեղեկագրին
մէջ։
Ցերեկներ
ու
գիշերներ,
Սողոմենց
տղան
տառապեր
էր
ծանրածանր
ցաւերու
խոցտուկին
տակ։
Անոր
վէրքերը,
թաւ
միսի
վրայ,
յոգնութիւն
ու
վախ
կու
տային
անոր
ինքնին
խռովածուփ
հոգիին։
Անիկա
երբեմն
բաց
աչքով
կը
զառանցէր
`
նիւթ
ունենալով
պատանութեան
յուզումներ,
աս
ու
ան
հարսէն
ստացուած։
Ու
երգեր՝
զանազան
սիրային
դրուագներ,
ժողովրդական
խաղերով
դերուած,
որոնք
անոր
անգիտակցութենէն
կը
բխէին
թմբրային
այդ
պահերուն։
Քաղաքէն
վարձուած
լրտես
մը,
հիւանդապահի
ճերմակ
գոգնոցով,
հաւաքած
էր
այդ
երգերը
ու
թարգմանած
քոմանտան
փաշային։
Անոնց
սիրային
գնացքը
քմծիծաղ
էր
բերած
սեռային
զգայութեանցը
մէջ
ճարպով
խղդուած
պաշտօնատարին։
Ու
այդքան։
Հսկողութիւնը
մնաց
կենդանի
անոր
գլխուն։
Անդին,
գեղին
ու
գազային
մէջ
քննութիւնները
առաջ
կը
տարուէին
«
փութոյ
պնդութեամբ
»
։
Ժամանակին
բերած
թուլացումը
տեղի
չունեցաւ
այս
դէպքին
շուրջը։
Պակաս
թուղթերուն
ամբողջացումը,
քոմիթաճի
ներուն
թղթածրարին
կեդրոնացումը
մէկ
ձեռքի
մէջ,
ոճրային
հանգոյցը
--
երկու
դիակ
եւ
հրդեհ
--
այս
գործին
տուած
էին
առանձին
շահեկանութիւն,
եթէ
զեղչուէր
ալ
անկէ
քաղաքական
երանգը։
Հիւանդանոցէն
բանտ
դարձուած
պահուն,
զայն
պիտի
դնէին
բացառիկ
խուղ
մը,
գործադրելու
ծանր
ամբաստանութեանց
մէջ
պարտադիր
յարաբերութեանց
խզումը,
ինչպէս
պահանջեր
էր
առաջին
օրէն
հարցաքննիչ
դատաւորը,
ա՛ն՝
որ
ամբաստանեալներուն
նախնական
հարցուփորձերը
կը
վարէ
եւ
տրուած
դէպքին
մեծ
գիծերը
կը
սեւեռէ՝
դատարան
նետելէ
առաջ։
Սկսած
էր
անիկա
իր
դերը,
հիւանդանոցին
մէջ
քանի
մը
ժամ
սարէն
-
ձորէն
խօսակցութեան
ձեւին
տակ,
որուն
գլխաւոր
մասերը
կ
’
արձանագրէր
տժգոյն
տղայ
մը
`
մազերը
աղջկան
պէս
սանտրած,
երեսը
բշտիկներով
ծածկուած
ու
խորապէս
տխուր։
Հարցաքննիչ
դատաւորը,
դիւրութեան
համար,
այս
ընդարձակ
հարցը
բաժնած
էր
զոյգ
մասերու,
–
քոմիթա
եւ
սպանութիւն։
Առաջինը
`
կարեւորագո՜յնը,
ահագին
թուղթի
դէզեր
կը
բերէր
տակաւին
թղթածրարին։
Սողոմին
հիւանդանոցի
օրերուն,
քննութիւնները
խորացուած
էին։
Երկու
օտարականներուն
վրայ
գործադրուեր
էին
թրքական
տանջանքին
բոլոր
ոճերը։
Գաւառակին
մէջ
կատարուած
ձերբակալութեանց
վկայութիւնները,
քահանային
ժուռնալ
ի
օրինակը,
ողջմտութիւնը,
կը
հերքէին
խելացի
Դաւիթի
մը
զգայացունց
յօրինումը,
-
Պոլսոյ
վրայ
մեծ
յարձակում
մը,
նման
96
ի
Պանքայի
գրաւումին,
բայց
այս
անգամ
վեհապետին
պալատը
ունենալով
նպատակ։
Այս
առասպելին
առթած
իրարանցումը
ամիս
տեւեց։
Քոմիթաճի
ներուն
ձերբակալումը
չմեղմեց
այդ
խուճապը
անշուշտ,
բայց
Պոլիսը
իր
հազարապետ
փաշային
հաւաստումովը
դատեց
դէպքը
աւելի
հանդարտ։
Ոստիկանութիւնը
դեռ
չէր
որդեգրած
905
ի
Եըլտըզի
դէպք
ին
առթիւ
եւրոպական
իմաստով
քննութիւններ
ու
կը
գործէր
թրքական
մեթոտով,
–
մաքրել
ձեռք
անցուածը։
Տանջանքի
մէջ
այդ
մարդոց
լռութիւնը,
անոնց
հետ
յարաբերողներուն
կցկտուր
տեղեկութիւնները
խորապէս
շահագրգռեցին
քոմանտան
փաշան,
որ
իր
օրագիրին
համար
փայլուն
նիւթ
կը
յուսար
քաղել։
Անիկա
խաբուեցաւ
իր
ակնկալութեան
մէջ։
Ստոյգ
բա՛ն
մը,
–
տեղին
ու
մարդոց
անծանօթ
այդ
օտարականներուն
պատկանիլն
էր
«
անիծապարտ
»,
«
դաւադիր
»
մարդոց
դասակարգին։
Բայց
անոնց
եւ
խեղճ,
«
հայվան
»
գեղացիներուն
մէջտեղ
գործակցութեան
փաստ
մը՝
անգոյ։
Մնաց
որ,
բռնուողները
չէին
ուրացած
իրենց
«
խռովարար
»
նպատակները
`
ընդունելով
քոմիթա
ն։
Բայց
անկարելի
եղած
էր
անոնց
բերանէն
անուն
առնել։
Տուած
էին
իրենց
միսերէն
շատ
բան
թուրքին
աքցանին,
բայց
ոչ
իսկ
վանկ
մը
հայ
բան,
իրենց
անցած
տեղերէն։
Անոնց
ծննդավայրին
առասպելն
ալ
կը
կրկնապատկէր
անոնցմով
ստեղծուած
անորոշութիւնը։
Քոմանտան
փաշան,
իր
քարտուղարներուն
կը
թելադրէր
իր
նոթերը
օրը
օրին։
Երբեմն,
վարժեցնելու
համար
պետական
ոճին
ու
մտայնութեան՝
անիկա
այդ
նոթերը
մաս
-
մաս
կու
տար
նաեւ
աղջիկին,
որ
անուղղակի,
անցնելով
անդին
հայրական
մտածումներէն
ու
միւլահազա
ներէն,
«
սիրտ
կը
կապէր
»`
գործածելու
համար
ժողովրդական
բացատրութիւն
մը
սա
մարդոց,
անձէն
աւելի
անոնցմով
գոյաւոր
խորհուրդին։
Ո՞վ՝
սա
երիտասարդները,
որոնք
տուն
ու
տեղ
լքած,
դժնդակ
գաղափարի
մը
սիրոյն,
այսքան
յօժար,
կ
’
ենթարկէին
իրենք
զիրենք
«
արդարութեան
խստութեանց
»
ինչպէս
քողարկուած
բառերով
կը
դիտէր
իր
հայրը։
Ա՛յնքան՝
որ
իր
այդ
հետաքրքրութիւնը
անցեր
էր
նաեւ
մօրը,
որ
աղջիկէն
շատ
աւելի
զօրաւոր
պատճառներ
ունէր
այդ
մասին,
ինչպէս
պիտի
ճշդուի
ատ
ալ
քիչ
վերջը։
Մայր
ու
աղջիկ,
վարագոյրի
մը
ետեւէն,
ներկայ
եղան
անոնց
հարցաքննութեան
մէկ
մասին։
Այս
սաղմնաւորուած
հակումին
աւելցուցէք
Սողոմն
ալ։
Ասոր
մատաղութիւնը,
պիրկ
ուժգնութիւնը,
ձայնական
փաղաղիչ
հուրքը՝
նորութիւններ։
Կիները
բան
պիտի
չհասկնան
քաղաքական
ատելութենէն,
քառսունը
չանցած։
Բանտի
հիւանդանոցին
մէջ,
գրեթէ
լալով,
անոնք
ականջ
էին
տուած
անոր
եղանակներուն,
տենդի
մէջ
ըսուած,
խոր,
անհամաչափ
ակօսէ
մը՝
պարզ
սակայն
բոլոր
սիրտերուն։
Այսքա՞ն։
Մի
աճապարէք։
Ուրիշ
բա՞ն
է
արդեօք
հսկայ
կաղնին,
երբ
իբր
հունտ
կ
’
իյնայ
հող։
Այսքա՞ն։
Այո՜։
Բայց՝
բաւական,
գալիք
դէպքերուն։
Մի
մոռնաք
«
աւազին
հատիկը
»,
մա՛նաւանդ
սիրտի
քառուղիներուն։
--
Ո՞ւր
է։
Հարցնողն
էր
կամաց,
աղջիկը,
որ
դժուարութիւն
ունէր
հեռուն
տեսնելու։
--
Հո՛ն։
Մայրն
էր,
գլխովի
ցուցմունքով։
Պատկերը,
թեթեւ
այդ
նշանէն
եղաւ
տարօրէն
պարզ։
Գոհունակութեան
մօտ
զգացում
մը
լեցուց
անոր
մատղշուկ
հոգին։
Երբեմն
զետեղուելու
համար
մեր
մէջ,
պէտք
ունինք
այս
արտաքին
նպաստներուն։
Ծրարը,
տղուն
ներքեւ
գրեթէ
անգոյ։
Ա՛յնքան՝
որ
գլուխը
կը
թուէր
դրուած
ուղղակի
քարին։
Առջեւը՝
դէզ,
շղթային
ճմռթկուած
ալիքը։
Իւղոտ
ու
տեղ
-
տեղ
փայլուն
անոր
օղակները
իրենց
ողորկ
մասերով
կարծես
դանակ
-
դանակ
կը
գզէին
խարզած
լոյսը
`
քակուելով
աստղաձեւ,
դողալէն
-
դողալէն։
Քանի
մը
ճերմակ
վիրակապ,
ոտքէ
ու
մատներէ,
որոնց
ցոլացիկ
դեղնութիւնը
լուրջ
ու
վհատ
բան
մը
կ
’
աւելցնէր
զգեստին
տանհիւս,
տմոյն
կոշտութեան
վրայ։
Կիները
այրերու
վրայ
հագուստ
չեն
տեսներ։
Բայց
ամէն
կնոջ
մէջ
ուրուագիծը
կ
’
ապրի
հիւանդապահուհիին,
որ
կը
սպասէ
առիթի։
Տպաւորիչ
անոր
դիմանկարը
սակայն,
ուրիշներէն։
Անարիւն
ու
նուրբ,
դեռ
պատանի
գրեթէ,
զոր
տրտում
ու
ահաւոր
պատրանք
մը
ըրած
էր
աւելի
հասուն
`
չվայլելու
չափ
անոր
թարմութեան։
Մեր
տղաքը
կեանքը
կը
ճանչնան
կա՛մ
ոստումով,
կա՛մ
դանդաղ
թափանցումով։
Առաջինը
ոճիրին
զսպանակով
կը
գործէ։
Երկրորդը
մեր
ետեւէն
քաշկռտուող,
մեզմէ
վախցող
մեր
մանկութիւնն
է,
զոր
կը
հանենք
մինչեւ
ճերմակ
մազերուն
գօտին
երբեմն։
Այդ
է
պատճառը,
որ
ըլլանք
մեծ
մանուկներ,
բայց
այնքան
շատ,
որ
նկարագիր
տանք
զանգուածներու։
Սողոմին
դէմքը
կը
մնար
վարանոտ,
դէպի
ոճիրը,
հակառակ
դժնդակ
իրականութեան։
Կան
այս
մարդասպանները,
որոնց
չենք
վայլեցներ
իրենց
վայրագութիւնը։
Անոր
կաղապարը
կը
զատուէր
խորունկ
հակապատկերով
մը
շրջապատէն,
ուր
մարդերը,
երեսի
կաշիի
տեղ,
ըսես,
կը
կրէին
ծխախոտի
մգլած
ու
ճեղ
-
ճեղ
տերեւներ,
զանազան
վէրքերու
սպիներով
կանխահասօրէն
խատուտուած։
Քիչ
անգամ
կանոնաւոր
դիմագիծ
մը
նշմարելի
կ
’
ըլլայ
այդ
դիրտին
մէջ,
որ
բանտերու
նախագաւիթը
կը
կազմէ
Թուրքիոյ
մէջ։
Մարդոց
ապրուստը,
զրկանքը,
աւերիչ
ախտերը,
անօթութիւնը
ու
սեռին
առքը
հարազատ
կնիքով
կը
զարնեն
այդ
եղկելի
արարածները,
մեծ
մասով
իրենց
մարմինէն,
որքան
զայն
պատող
զգեստներէն
ցեցահար։
Խօսքը
չեմ
ըներ
այդ
գարշ
կաւին
մէջ
պարտկուելու
կանչուած
ոգիին,
մեր
բառովը՝
հոգիին,
որ
այս
ամէնէն
դուրս
դեռ
իր
բջիջներուն
մէջ
կը
կրէ
ցեղին
ալ
շարաւը։
Ու
հոգիէ՝
ինչպէս
միսէ
անոնց
անասնութիւնը
ակնբախ
է
ու
չափազանց։
Սողոմին
վրա՞յ։
Անշո՜ւշտ։
Կիները
տարիքին
հանդէպ
սրբազան
պատրանք
ունին,
երբ
ամուսնութեան
հարց
մը
չի
պղտորեր
իրենց
հոգեկան
ոստայնացումը,
առանձնութեան
մէջ,
մինչ
իրենց
զգացումները
իրենց
ցանցերը
կը
ձգեն
լռիկ,
անոնց
հոգիին
ջուրերուն
ու
պատկեր
կը
շինեն։
Մեծ
դղեակներու
մենախտաւոր
աղջիկները
այդ
պատկերները
կը
գտնեն
իրենց
մօտէն,
սանկ
ու
նանկ
քուզէն
ներ,
կամ
անտառի
պահնորդներ,
կամ
խոհանոցէն։
Արեւմտեան
այս
շեղումները
Արեւելքի
մէջ
հանդիպելի
են
կանանոցներու
մարզէն,
աւելի
դիւրութեամբ,
քանի
որ
աւատական
ազնուապետութիւն
մը
չի
ճնշեր
հոս։
Ու
թուրքը
պէյ
է,
առանց
կայսերական
ֆերմանի
յաճախ,
իր
ուղեղովը,
անգթութեամբը,
ոճիրներովը,
ոսկիովը։
Ու
այս
պէյերուն
կիները
նոյնքան
բոպիկ
հոգեկան
գանձերէ,
զգայութեանց
մարզին
վրայ
կը
միանան
այրերուն
ճոխութեան
`
իրենց
մարմիններէն
ճարելով
ապշեցուցիչ
խռովք
ու
բռնութիւն,
մշտապէս
կոտրելու
սպառնալիքին
տակ,
մշտապէս
մնալով
շլացուցիչ,
առինքնող
ու
անխուսափելի։
Մարդասպանը
խռովայոյզ
արարած
մըն
է։
Պիտի
նայինք
այդ
մարդոց,
զարմանքով՝
ինչպէս
յուզուած
ալ։
Երկու
մահերու
լուսապսակին
մէջ
անոնց
դէմքը
ինքնին
կ
’
այլակերպուի։
Աւելցուցէք
ատոր
վրայ
քոմիթա
ն,
որ
եթէ
պետական
շրջանակին
համար
հանգոյց
մըն
է,
հաշիւներու
լռում
մը,
բայց
պարզ
մարդոց
մօտ
կշիռ
ունեցող
հոգեկան
յօրինո՛ւմ
մը։
Կիները
դիւրաւ
կը
զետեղեն
անոր
վրայ
դեղին
երեւակայութեան
ծաղիկները։
Մահուան
առջեւ
այդ
փոքր
մարմիններուն
արիութիւնը,
քաղցրութիւնը,
տանջանքին
մէջ
մռայլ
պարզութիւնը
ու
գաղտնիքէ
կրացումը
այդ
օրերուն
կը
պատմուէին
արդէն
աւագներու
շրջանակին
մէջ։
Քոմիթա
՞,
Սողոմը։
Ո՜վ
գիտէ։
Հայերը
դիւրաւ
հասկցուելիք
ժողովուրդ
մը
չեն
թուրքին
կողմէ,
որ
զանոնք
զետեղած
է
արժէքներու
ստորնագոյն
տախտակին
ու
չըմբռնեց
անոնց
յեղափոխութիւնը։
Այդ
այլուրային
ձգողութենէն
դուրս
--
քաջութիւնը
կիները
նուաճող
մեծագոյն
առաքինութիւնն
է
--,
Սողոմին
վրայ
կար
տակաւին
մասնակի
շահեկանութիւն։
Իր
վէրքերուն
առատութիւնը,
ատոնց
հանդէպ
իր
անգոյ
պարզութիւնը,
իր
ձերբակալուելուն
հետ
կապ
ունեցող
եղերականութիւնը
թղթածրարէն
սահած
դրուագներ
էին,
տպաւորիչ,
մա՛նաւանդ՝
երբ
սարայլը
ն
ու
իր
աղջիկները
ճանչնանք
քիչ
մը
աւելի։
Երեք
տարի
է
հայ
կոյր
կնիկ
մը
կ
’
աղօթէր
անոր
հիւանդ
աղջկան
համար։
Արդի՞ւնքը։
Ցաւերը
չէին
քալած։
Ու
անոր
անհասկնալի
տարփաւորը
`
խարբերդցի
Աւետիսը,
այդ
կնոջ
հոգիին
մէջ
անցուցած
էր
տեսակ
մը
ցաւոտ
հետաքրքրութիւն։
Խոհարարները,
մեծ
պալատներու
մէջ,
երբեմն
կը
հասնին
զգայարանքներու
ճամբով
խղճմտանքներու
վրայ
սա
հեղինակութեան։
Բայց
այդ
մասին
աւելի
ուշ։
Անշուշտ,
Նալպանտենց
հարսը
իջած
էր
մինչեւ
քաղաք,
բայց
գեղացիի
մարմին
մը
կշիռ
չ
’
ունենար
այս
պալատներէն
ներս։
Այդ
հարսը
շշուկ
էր
միայն
ընդարձակ
տրամին
մէջ,
որ
ելած
էր
Սողոմին
մատներէն,
զուրկ՝
թանձրութենէ
եւ
դիմագիծէ։
Անունը
գիտէին։
Ու
այդքան։
Անունները
յաճախ
բառ
են՝
առանց
բովանդակութեան։
Արտասանեցէք
հատ
մը,
ձեզի
օտար,
ու
պիտի
համոզուիք։
Նոյնիսկ
ուրիշներ,
որոնք
կրնան
արտասանուիլ
մեծկակ
հարցերու
կողքին,
կը
տպաւորեն
հազիւ,
ու
կը
նետուին
փութով
կասկածելի
զրոյցներու
կառքը։
Այս
դեղնութեան
մէջ,
որ
լամբի
լոյս,
որքան
ոճիրէն
ծծուած
ուժասպառում
էր
Սողոմին
վրայ,
ինչ
թաքուն
ո՜ւժ,
որպէսզի
աղջիկը
դպէր
մօրը,
փսփսալէն.
--
Ի՜նչ
ալ
անարիւն
է։
--
Լռէ՛,
կամաց։
Մայրը
անցաւ
առաջին
գիծի։
Անոր
սովորութիւնն
էր
այսպէս
պտոյտներու
ընթացքին
--
բժիշկները
փաշան
հարկադրած
էին
այս
մարզանքին,
մահուան
սպառնալիքով
--
ապաստանիլ
էրկանը
հաստ
շուքին
մէջ,
քաղաքը
բնակած
օրերուն
`
չիյնալու
համար
քիչ
մը
շատկեկ,
բանտարկեալներու
կամ
զինուորներու
աչքին։
Այս
զգուշութիւնը
հաճոյ
բան
մըն
էր
`
երկուստեք
յօժարութեամբ
մը
ընդունուած։
Սարայլը
ն,
ոչ
-
թուրք,
կովկասեան
ցեղերէ
հին
իշխանի
մը
արիւնէն,
Խրիմի
պատերազմին
Պրուսա
հաստատուած,
փարթամ
ընտանիքի
մը
մէջ,
դժուար
էր
ճկած
խիստ
նամեհրամին։
Թագաւորին
ծոցին
արժանանալէ
յետոյ,
վարդի
պէս
աղջիկ՝
անիկա
դարձեր
էր
իր
պալատին,
առանց
յղի
մնալու,
ու
պահեր
իր
ընտանիքին
չափով
մեղմ
պայմանները։
Իր
ամուսնութիւնը
յարգած
էր
այդ
ազատութիւնը՝
մնալու
պայմանով
ծանր
այն
պատկառանքին
մէջ,
որ
կայսերական
մահիճի
մը
ամպհովանին
է
կիներուն
վրայ։
Երբ
սարայլը
մը
զգայարանքներուն
հիմնովին
փճացած
գերի
մը
չէ,
կը
տանի
իր
կործանումը
թագաւորին
պալատէն
մինչեւ
սա
բանտերու
տեսչութիւնը,
բանտին
սանդուխը
տխրութեամբ
կ
’
իջնէ
ու
կը
կապուի
վրիպած
կեանքին
`
հետզհետէ
դառնալու
համար
հպարտ
ու
անմատոյց
սառնութիւն,
զզուանքէն
ու
քիպիր
էն
ինքզինքը
ժանգոտելով
կամ
երբեմն
ալ
կը
զառածի
դէպի
հասկնալի
նարգիսականութիւն
մը
`
անտանելի
դառնալով
ամէնէն
շատ
ինքը
իրեն։
Թագաւորի
ծոց
պառկիլ
մը
գուցէ
այսօր
կիներուն
թուի
տարտամ
իրողութիւն,
կուռքին
տապալումէն
յետոյ։
Բայց
այդ
օրերուն,
ամբողջ
կայսրութիւն
մը
ապրեցաւ
վեհապետին
անձին
մէջ
միայն,
որուն
բարեւը
բաւ
էր
վազող
ջուրերը
կեցնելու,
ինչպէս
կը
պատկերէ
ժողովուրդը
այս
կարգի
հեղինակութիւնները։
Վերատեսուչ
փաշային
կինը
չէր
խօսուած,
քաղաքին
մէջ
էրկանը
տունը,
Պոլիս
օդափոխութեանց
եւ
Եւրոպա
զբօսական
պտոյտներու
ընթացքին
`
արժանաւոր
վերապահութեամբ
մը
կրելով
կայսերական
սուգը
իր
վրիպանքին։
Պարզ
էր
ու
լուրջ
`
առանց
ըլլալու
ցանկախոյզ,
-
պարագայ
որով
կը
ստուերուին
Արեւելքի
մէջ
կիներուն
բնական
կամ
յարդարուն
խստութիւնները,
նամեհրամի
հանդէպ
անողոք՝
էրկանը
ու
ատոր
ազգականուհիներուն
առջեւ,
բայց
մէրանցը
տունը
ընդունելով
կնոջ
տարազով
ծպտուած
սիրողները։
Ներքին
բխում
էր
ատիկա
անոր
վրայ,
կովկասեան
ցեղերու
լրջութեամբ
ու
տրտմութեամբ
երանգաւոր։
Գաւառական
քաղաքի
մը
մէջ,
դատափետուած
անոր
նորութիւնն
էր
ընտանեկան
հաւաքոյթներու
կազմակերպութիւնը,
ուր
մուտք
ունենային
այրեր,
շատ
դժուարահաճ
ճաշակով
մը
ընտրուած,
ամփոփ
ու
խորունկ
էֆէնտիներ
`
գեղադէմ
ու
խրոխտ,
բոլորն
ալ
Կովկասէն
գաղթական
գերդաստաններու
շառաւիղ,
որոնք
լեզուով
թրքացած,
բայց
հոգիով
հաւատարիմ
էին
հազարամեայ
արիւնին։
Անոր
էրիկը
`
հոգեբան,
որքան
բնագէտ,
որուն
դէմքին
վրայ
դեռ
չէր
աւարտած
մոնկոլ
սերմին
շրջափոխութիւնը,
գերման
կիներու
վրայէն
իր
յիշատակները
պատմած
ատեն,
յաւակնութիւն
կը
դնէր
բարքերու
նման
տախտակներ
ստեղծել
ձգտելու
թուրքերուն
ալ
մէջը։
Այդ
առաքելութեամբ
անիկա
կ
’
արտօնէր
իր
կինը
ընդարձակ
իր
սրահներուն
մէջ
պտտիլ
առանց
պարտադիր
քողին։
Կ
’
արտօնէր
անոր
մասնակցիլը
վիճաբանութեանց
`
գիտական,
հոգեբանական,
քաղաքական
հարցերու
շուրջը,
որոնք
թուրքերու
վարիչ
շրջանակին
մէջ
ունին
չկասկածուած
կարեւորութիւն։
Սխալ
է
թուրքը
խանձարուրել
կրօնական
մոլեռանդութեան
մը
քուրջերուն
մէջ։
Անիկա՝
հերիք
է,
որ
քիչ
մը
կարդացած
ըլլայ,
ու
բաժանորդ՝
թերթի
մը,
կատաղի
քաղաքագէտ
մըն
է
նոյնիսկ
հարիւր
տուննոց
գիւղի
մը
խորը,
իր
հօրը
հասոյթները
ուտելով
եւ
իր
երկրին
փառքին
ինքզինքը
տրամադրելով։
Քաղաքներու
մէջ,
անոր
ուսում
ըրած
դասակարգը,
երբ
մոնկոլեան
սթիկմաթ
ներով
ծանրաբեռն
մենագար
մը
չէ,
կիներու
կամ
կրօնական
առքերու
մագնիսովը
կապկպուած,
անպայման
անյատակ
հայրենասէր
մըն
է
`
խստութեան
մէջ
իր
ետին
ձգելով
եւրոպական
ազգայնամոլութիւնը։
Տասնիններորդ
դարու
կէսերուն
սկսող
արեւմտականութիւնը
թուրքերու
մէջ
իր
թափանցումը
ըրաւ
կայսրութեան
գրաւուած
մասերէն
ազնուական
գաղթականներով,
որոնցմէ
կիներ
երկար
ատեն
պահեցին
իրենց
ազգային
սովորոյթները,
ամէնէն
կարեւորը՝
այրերէ
չփախչիլը։
Գիւղեր
կային
իմ
օրերուս,
ուր
աղջիկը
չէր
փախչեր
օտարականէն
անգամ։
Քոմանտան
փաշային
կինը,
իր
ծագումին
աւանդութիւններուն
կը
միացնէր
նաեւ
իր
աղջիկնութեան
կարճատեւ
փառքը։
Անիկա
չլսեց
քաղաքին
հաջոցը
ու
էրկանը
հետ
կը
մտնէր
կառավարական
պալատին
մէջ,
նոյն
պարզութեամբ
`
սեւ
շալի
մը
մէջ
ամփոփելով
մազերուն
խուրձը
`
չվիրաւորելու
համար
զառամ
դիւանապետները
ու
կրօնաւորները։
Սարայլը
ի
իր
հանգամանքը
զինքը
կը
պահէր
զերծ
աժան
ու
թուքոտ՝
ինչպէս
մուրոտ
ալ
հետաքրքրութենէն։
Գեղանի
ու
երիտասարդ
զինուորականներու
հետ
իր
խօսքին
ընտանութիւնը,
ցանկութենէ
ինքզինքը
վեր
դրած
ըլլալու
իր
վստահութիւնը,
բայց
մա՛նաւանդ
ամուսնական
կեանքի
սա
քսան
տարիներուն,
էրկանը
հարճերէն
իր
լրիւ
այլուրութիւնը
փաստե՞ր
էին
անոր
քիչ
մը
գիրուկ
պարկեշտութեան,
նոր
բառով
մը՝
զգայական
«
պաղութեան
»
։
Անիկա,
առջի
տարիներուն,
չէր
տառապած
փաշային
անխուսափելի
կիներովը,
որոնք
այնքան
առատ
են
փնտռողին
շուրջը։
Ու
անոր
գիրնալէն
ու
իր
կարգին
«
պաղելէն
»
ետքը,
պահեր
էր
իր
բնական
բարութիւնը
«
գիտնականօրէն
»
կործանած
մարդուն
դէմ։
Ի՜նչ
գիտէ
աշխարհը
մեր
ներսէն։
Ու
գիտցածն
ալ
որքա՜ն
գէշ
ու
ծուռ
գիտէ։
Իր
հօրենական
ապարանքին
մէջ
--
որ
Պրուսայի
մօտ
բաղնիքներու
ծանօթ
արուարձանին
բարձրադիր
մէկ
կէտին
կը
տարածուէր
փոքր
գիւղակի
մը
ծաւալով
--,
անիկա
կը
պահէր
մեծ
ու
գրեթէ
նուիրական
հաւատարմութեամբ
մը
սրտի
իր
կապը
իր
հանգուցեալ
հօրը
խոհարարին
հետ։
Ինչպէ՞ս
կը
պատահին
այս
հեքիաթունակ
բաները,
որոնք
թուղթին
վրայ
այնքան
հեռու
կը
թուին,
բայց
իրական
են
այնքան։
Ինչպէ՞ս
կը
պատահին
ան
միւսները,
սովորական
պայմաններու
կարկինին
մէջ
չափուած
փոքր
բաները,
մարդու
մը
եւ
կնոջ
մը
մէջտեղ,
բանե՜ր՝
որոնց
ճշդութեան
ամէնէն
ուշ
ու
դժուար
կը
հաւատան
բուն
իսկ
հերոսները
կամ
անոնց
փոխանորդ
այրերն
ու
կիները։
Պատահած
է
մեր
տուածն
ալ,
շատ
ու
շատ
անգամներ։
Ամէնէն
դժուար
հաւատացողը
այդ
փաշաներն
ու
պէյերը
եղան
նորէն
…
։
Շատ
պարզ,
շատ
սքողուած
տարփանքը
սարայլը
ին,
ուր
գերագոյն
գագաթն
ու
խոնարհագոյն
մերկութիւնը,
ծառայական
մերկութիւնը
իրար
կը
գտնէին,
անոր
հոգին
փակ
պահեց
աս
աշխարհին
փոքր
կամ
ոսկի
կեղծիքին։
Զարգացո՞ւմ։
Հազիւ
կը
կարդար։
Կիրքե՞ր։
Կոտրած
էր
անոնց
բաժակը
արքունական
ողբերգութեան
մը
մէջ,
որուն
ահաւոր
տգեղութիւնը,
ոսկի
սենեակներուն
անըմբռնելի
ձանձրոյթը,
ու
պալատական
կարգուսարքին
նոյնքան
ահաւոր
անմարդկայնութիւնը
դեռ
քսան
տարի
ետքը,
արցունք
կը
բերէին
անոր
աչքերէն,
երբ
բացուէին
ուղեղին
ներքեւ։
Այս
դժնդակ
փորձառութենէն
յետոյ,
այդքան
մատաղ
իր
մարմինին
մէջ
անքակտելի
կեղի
մը
պէս
խարանուած՝
անիկա
ինչպէ՜ս
ինկեր
էր
ծոցը
միւս
անդունդին,
–
պարզուկ
տղա՜յ
մը
`
աշկերտը
խոհարարին,
փողոցէն
բերուած,
բայց
տարօրէն
խոր
ու
գրաւիչ
աչքերով,
ունենալով
իր
երեսին
անասելի
այն
ձգողութիւնը,
որ
մահն
ու
վախը
իրարու
կը
վերածէ,
նայուածքի
մը
տակ։
Ինքնին
սրտառուչ,
խոր
այս
դրուագը,
պալատական
բարքերէ։
Այս
մահավտանգ
արկածը,
որուն
մէջ
առնուազն
սուսիկ
գլխատում
մը
ամէնէն
հեշտ
վերջաբանը
կը
կազմէր
այդ
օրերուն,
քանի
որ
քրիստոնեային
արգիլուած
էր
թուրք
կինը,
կրօնքին
կամ
գլխուն
գնովը։
…
Պէտք
է
կարճ
ըլլալ
`
չյոգնեցնելու
համար
ընթերցողը։
Խարբերդի
մէկ
գեղէն
այդ
հայուն
կտորը,
իր
վարպետին
մահէն
ետքը,
անցնելով
անոր
գործին,
ինքզինքը
բանտեց
իր
հանըմին
տարփանքին
մէջ,
ա՛յն
պարզութեամբ,
որով
այդ
գեղանի
կինը
եկեր
էր
իրեն։
Պատանեկան
այս
կապերուն
ճակատագիրն
է
ըլլալ
դիւրաբեկ։
Հակառակը
պատահեցաւ
անոր։
Ու
տարիներուն
հետ
այդ
զգայական
արկածը
հոգեկան
նկարագիր
ալ
առաւ,
ուր
գիծ
ունէին
հաւանաբար
երկու
դերակատարներուն
անդրագոյն
անցեալները,
երկուքն
ալ
հաւանաբար
օր
մը
իրարու
մօտ
ապրած,
հեռաւոր
լեռներու
դրացնութեան
մէջ,
իրենց
նախնիքներուն
վրայով։
Հեքիաթ
չէ
ասիկա։
Երբ
երակ
մը
ածուխի
համար
դարեր
անհանգիստ
կ
’
ընենք,
ինչո՞ւ
երակ
մը
հոգիի
համար
ըլլանք
ծիծաղելի
ձեւով
մը
պարզապաշտ։
Ո՞վ
է
ճանչցեր
մեր
հոգին,
որպէսզի
զայն
դատէ
աւելի
քիչ
սխալով։
Մեր
պատմութեան
սա
օրերուն
անիկա
քառսուն
էր
արդէն
`
դէմքէն
չյայտնելով
այդ
բեռը։
Ըսի
ասոնք,
թեթեւ
մը
սակայն,
հասկնալի
ընելու
համար,
թէ
ինչո՞ւ
կիներու
արիւնը
կը
տաքնայ,
առանց
պատճառի,
աս
ու
ան
հայուն
կտորին
վրայ։
Սողոմին
հանդէպ
անոնց
հետաքրքրութիւնը
առաջին
ու
խոր
թաղուած
իր
զսպանակը
ունէր
ձայնին
մէջը
«
վարպետին
»
ցեղին։
Խոհարարը
բանաստեղծ
էր,
այսինքն՝
մեր
իրականութեան
աշուղը,
որ
կ
’
ապրէր
ներսէն
ու
այդ
ապրումները
երգով
դուրս
կու
տար։
Մենք
լաւ
չենք
չափեր
ճամբան,
ուրկէ
զգացումներու
կարաւանը
կ
’
անցնի։
Չենք
կասկածիր,
թէ
այդ
անցքին
հետքերը
այնքան
խոր
կնիքով
առեր
ենք
մեր
մատաղ
հոգիին
դաշտին։
Ու
կը
զարմանանք,
երբ
օրին
մէկը
գտնենք
մեզ
գրաւուած։
Այդ
հետաքրքրութեան
մէջ,
բացի
«
վարպետին
»
ձայնէն,
տեղ
ունէր
քիչ
մը
դիպուածն
ալ։
Սողոմը
գազա
յին
բանտը
ղրկուած
էր
կէս
-
մեռել։
Բախտը
ուզեց,
որ
զայն
քաղաք
փոխադրող
կառքը
հանդիպումն
ընէ
մօր
ու
աղջկան,
բանտին
բակին
մէջ,
առաջացած
գիշերով։
Շրջապատ
ոստիկանները,
դանդաղեր
էին
կառքին
գնացքը։
Ամէն
կին
անոնց
համար
սէվապ
է։
Անոնց
դէմքը
աւելի
լաւ
վայելելու
համար
բռներ
էին
իրենց
լապտերները
վեր։
Այս
շարժումը
լուսաւորեց
կառքին
մէջ
երկարող
ձեւը,
որմէ
դէմքը
կը
բերէր
դալուկ,
մեռելի
շեշտ
արտայայտութեամբ,
անկիւններէ
շուք
առած
ու
խռովիչ՝
մինչեւ
անոնց
ընդերքը։
Մարդկային
մարմինը
ունի
պահեր,
երբ
զինքը
այդ
ձեւին
բերելու
համար
վատնուած
տարիներու
գորովն
ու
աղապատանքը
սերի
պէս
կը
կենայ
անոր
երեսին։
Կիները
միայն
գիտեն,
թէ
ի՛նչ
ըսել
է
տղայ
մը
յղանալ,
ծնիլ,
դիեցնել
ու
բերել
սա
տարիքը
մինչեւ,
որպէսզի
առանց
խոր
այլայլումի
չկարենան
տեսնել
այդքան
դժուարաւ
աճած
այդ
հրաշքին
յանկարծակի
կործանումը
ճակատագրի
հարուածէն։
Անոնք
կեցուցին
կառքը։
Երկարեցին
իրենց
գլուխները
դռնակէն
ներս։
Երիտասարդ
էր
գրեթէ,
ու
տաքուկ՝
դէմքին
վրայ
ուրուացող
գոլէ
մը։
Հարցուցին
բերողներուն
անոր
գեղը,
անունը,
ոճիրը,
կամաց
`
ոստիկաններուն
չկամ
ու
ատելավառ
արտայայտութեան
հակառակ։
Կիսակամար
այդ
կառքին
մէջ
երկարող
տղան
ո՞ր
հրաշքին
գնովը
նետեր
էր
այդ
կինը
ետ,
դէպի
այն
տարիքը,
որուն
մէջ
անիկա
թափանցումն
էր
ըրած
մարդերու
մարմինին,
առնութեան
պատկերին
տակ
սքողուն
այն
միւս
զեղումի՜ն,
այնքան
արագ,
այնքան
կայծակնահոս,
բայց
լայն,
բայց
ընտանի,
վստահելի։
Տարփանքի
զգայարանքները
իրենց
ներքեւ
թաղուած
կը
պահեն
այս
խորունկ
արմատները։
Մայրը
հրամայեց
կառքը
քշել
հիւանդանոց,
ան
ալ
բանտի
մէկ
խորշը,
զրահապատ,
ու
խստօրէն
հսկուած։
Տղան
կառքէն
վար
առին։
Չէր
արթնցած։
Երկարեցին
աղտոտ
մահիճի
մը
մէջ։
Չէր
արթնցած։
…
Այն
գիշերը
անոնք
`
մայր
ու
աղջիկ,
հետաքրքրեցին
նորեկով
բանտին
գիտուն,
իմաստուն
ու
հոգեբան
վերատեսուչը։
Այդ
գիշերէն
մինչեւ
սա
պահը
Սողոմը
կ
’
ապրէր
անոնց
համար,
սովորականէն
տարբեր
կեանքով
մը։
Մի
հարցնէք,
թէ
ի՛նչ
երանգ
կը
պահուի
այդ
տարբերութեան
մէջ։
Զգացումները
կը
շինուին
ու
անոնց
բախտն
է
այդ
ճարտարապետութենէն
ուրացուիլ։
Աւարտելէ
յետոյ
միայն
մենք
կը
տեսնենք,
թէ
ի՛նչ
ենք
ըրած։
*
*
*
Յանկարծ,
մօտի
մինարէէն
--
այդ
միակ
շրջանին
մէջ
տասը
կ
’
անցնէր
մզկիթներուն
թիւը,
մեծ
մասը
անհատներու
ծախքով
կառուցուած,
ով
գիտէ
ի՜նչ
ծով
մեղքերու
քաւութեան
համար,
վասնզի
թուրքին
երիտասարդութիւնը
արիւն
թափել
է,
ու
ծերութիւնը՝
ապտէսթ
առնել
--
աղօթողը
բացաւ
իր
ձայնը,
զոր
կտրտեցին
հարիւրով
ուրիշներ
աստիճաններու
առատ,
բայց
ամբողջ
բազմութեամբ
մը,
ողբական
նուագի
մը
վրայ,
խառնուելով
իրարու։
Բացի
մեզի
ծանօթ
իր
առաքինութիւններէն,
վերատեսուչ
փաշան,
Գերմանիոյ
կը
պարտէր
ուրիշ
ալ
տաղանդ
մը,
--
արեւելեան
երաժշտութեան
հանդէպ
խորին
պաշտամունք։
Զուսպ
ու
թաքուն
յուզումով
մը՝
անիկա
վերցուց
լոյսին
վրձինը
Սողոմին
երեսէն։
Պատկերը
դարձաւ
կիսամութ
իր
ծփանքին։
Մշուշները
կը
շարունակէին
լողալ
ու
լողալ։
Մութին
մէջ,
այս
անգամ
դուրսի
աշխարհէն
հարիւրաւոր
ձայներ
կը
փորագրէին
կարծես
մռայլ
ներդաշնակութիւն
մը,
որ
արեւելեան
քաղաքներուն
անհարթութիւնը
կը
սրբագրէ։
Թուրք
մը
--
արեւմտեան
մտքին
լայնօրէն
հաղորդ
--
կը
գրէր,
թէ
բան
մը
պիտի
պակսէր
աշխարհէն,
եթէ
մինարէին
գագաթէն
երգը
լռէր։
Իրաւունք
ունէր
անիկա։
Զանգակները
լսեր
եմ
քրիստոնեայ
ոստաններուն
կոկ
ու
վայելուչ
կամարներէն
վեր,
այնքան
խժալուր
ու
դժնդակ։
Մետաղը,
սիրտէ
զուրկ
աման,
չէ
կարող
արտայայտել
ինչ
որ
կրակն
է
մարդերու
ձայնին։
Անոնք
`
զանգակները,
կը
ծափեն
ու
կը
ծեծեն
ականջները,
երբ
համազարկ
երգեն։
Մինարէին
բարձունքէն,
էզան
ները,
մեղմ՝
բայց
արիւն,
մեզ
կը
խռովեն,
ինչպէս
եւ
պտոյտի
կը
հանեն
մեր
հոգին։
Ձայնական
այդ
ալիքները
նոյն
պարոյրով
կ
’
աւազանեն
Հնդկաստանն
ու
Արաբիան։
Ու
արաբական
նախադասութեանց
մէջ,
որոնք
կը
թափուին
վար,
հաւատացեալը,
բայց
մա՛նաւանդ
անհաւատը
կը
զգան
տարափը
անապատին
սիրտերուն
ու
տափաստանի
արիւնին։
Փաշային
հա՛զը,
խոշո՜ր,
վայրա՜գ,
տասը
-
քսան
անընդմէջ
հարուածներով։
Մայր
ու
աղջիկ
պարտաւոր
էին
կենալ
անոր
աջին
ու
ձախին։
Ու,
շնչահեղձական
սուլոցը
անոր
նոպային։
Որ,
սուր
գիծի
մը
պէս,
կը
մխուէր
ներս,
դէպի
կաթսան
անոր
խժան
թոքերուն
`
անցք
մը
ճարելու
համար
զովացնող
օդի,
անոր
խղդուող
սրտին։
Որմէ
յետոյ,
ուժգին
վանդակ
մը
ամբողջ
շունչ,
խողովակը
պարուրող
աղտն
ու
թարախը
աւլող,
փոխադրող։
Խո՛ւխը,
քանակէն
ծանօթ։
Շատ
ուտող,
քիչ
սպառող
մարդոց
պատահող
այս
հիւանդութիւնը,
որուն
բազմազան
են
արտայայտութեան
կերպերը,
փաշային
անձը
սեռէն
սառեցնելէ,
միսերը
տկռելէ
ետքը,
ջերմաչափի
չափ
ալ
զգայուն
կ
’
ընէր
խոնաւութեան։
Գիշերուան
ցուրտը
լիովին
սկսած։
Վերադա՜րձը։
Երկու
կիները
կը
վարանէին
քայլ
բանալ,
երբ
բանտին
կիսամութ
գաւիթէն
փրթաւ
եղանակը,
անակնկալ՝
որքան
պայծառ։
Մինարէները
լռած
էին
արդէն։
Եկայք,
որդեակք
իմ,
ձեր
մօրն
այցելութեան
…
Ձեր
մօրն
այցելութեան
…
Սառած՝
բայց
բառին
տալով
դասական
իր
իմաստը,
մնացին
երեքն
ալ,
իրենց
ոսկորներուն
վրայ։
Նոյն
սլաքը
գտեր
էր
երեքին
ալ
սիրտը։
Վասնզի
ձայնին
ճակատագիրն
է
մէկ
բխիլ
ու
հազար
իյնալ։
Վասնզի
զայն
ընդունողներուն
բախտն
է
հազար
առնել
ու
մէ՜կ
զգալ։
Ճամբանե՞րը։
--
Շատ
են
անոնք
ու
տարբեր
մարդէ
մարդ։
Այս
վէպի
ընթացքին
ինծի
պատահեցաւ
գործողութիւն
արձակել,
բայց
չհետեւիլ
անոր։
Ուշացայ
այդ
գործողութեան
ներքին
ծաւալումն
ի
վար
`
խորհելով
այն
իրաւունքին,
զոր
մեր
չյայտնուած
եսը
ունի
մեր
յայտնուած
եսէն
աւելի։
Անշուշտ,
վէպը
իր
օրէնքներն
ունի,
որոնք
կ
’
ուրանան
այս
շեղումները։
Բայց
օրէնքները
արդիւնք
են
պատահուած
իրողութեանց
իբր
հակահարուած։
Անշահեկա՞ն
է
արդեօք,
հետեւիլ
հոգիի
մը
բաւիղներէն
ներս,
դէպի
այն
անդունդները,
որոնք
երգի
մը
ժապաւէններովը
չափելի
կը
դառնան։
Նուա՞զ
ողբերգական
է
դժնդակ
ու
թշուառական
այն
քաոսին
մէջ,
որ
մեր
անցեալն
է
միշտ,
այդ
դողդոջ
լոյսով
պտտիլ
կրնալ
ու
տեսնել
բաներ,
որոնք
մերը
եղան
ու
չուզեցինք
հանել
դուրս։
Ո՛վ
է
այն
յիմարը,
որ
պիտի
նախասիրէ
դուրսին
համար
յարդարուած
իր
կեանքն
ան
միւսէն,
զոր
տարիները
քիչիկ
-
քիչիկ
ճարտարապետեր
են
այնքան
տառապագին
յուզումներու
գնով։
Ո՞վ
ալ
ըլլաք
այս
տողերը
կարդացողը,
եղած
էք
ա՜ն
ալ,
որուն
կ
’
ուզեմ
դարձնել
ձեզ,
ուրիշներու
ճամբով։
Ու
վէպը
ատոր
ազատութիւնը
կու
տայ
ինծի,
ձեր
կողմէն
պզտիկ
զիջումով
մը։
Սինեմա
մը
վայելելու
համար
կը
յօժարիք
քանի
մը
ժամ
ամբոխ
ըլլալ։
Շնորհեցէք
ձեզի
այդ
շեղումը։
Ու
մի
պահանջէք,
որ
յիմար
փաշա
մը
անպատճառ
աջ
ու
ձախ
թքնէ,
սուր
շարժէ,
մարդեր
սպաննող
հրամաններ
արձակէ։
Ատիկա
արտաքին,
շարժական
ու
մէկ
երեսով
գործողութիւն
է։
Մի
պահանջէք,
որ
անոր
կնիկը,
նոյնքան
յիմար
ու
տարփավառ
սիրուհիի
մը
նման,
թերթօնական
արկածախնդրութիւններ
ցուցադրէ
ձեզի։
Երկուքն
ալ
ատկէ
աւելի
են
միշտ,
ինչպէս
դուք
ամէն
մէկերնիդ
ձեր
հիմակուան
ընթերցողի
վիճակէն
աւելի
եղաք։
Ձայն
մը
առնելու
ճամբաները
շատ
են։
Ու
դիւրութեան
համար
կը
բաժնեմ
զանոնք։
Վարագոյր
-
վարագոյր։
Թերեւս
ըլլայ
այս
կերպը
աւելի
մատչելի։
*
*
*
Սարայլը
ն։
Որ,
Սողոմին
ձայնին
ճամբովը,
բայց
ատիկա
առնելէ
շատ
առաջ,
իր
խոհարարին
դէմ
գուցէ
կը
սիրէր
սա
տրտմական
Արեւելքը,
ձայնի
մը
բեհեզին
վրայ
այդպէս
նախշուած,
այդպէս
մանրադիր,
ըլլալէ
առաջ,
միջոցներէն
ճամբորդող,
մեծահրաւէր
սեռային
արբշռանքը։
Վասնզի
ճշմարիտ
կ
’
ըսեմ
ձեզի,
ձայնին
ու
սեռին
մէկ
են
ճամբաները։
Վասնզի,
ճշմարիտ
կ
’
ըսեմ
ձեզի,
մէկը
անոր
պատանութիւնն
է,
ու
միւսը՝
մահը։
Թագաւորի
ծոց
պառկած
տրտում
կինը,
չմեռնելու
համար
(
քսան
տարեկան
չկար
անիկա,
երբ
դարձուեցաւ
իր
հօրը
տունը,
աշխարհին
մեծ
զարդարանքովը
բեռնաւոր
)
երգել
կու
տար
խոհարար
վարպետին,
այդ
տրտմական
Արեւելքին
հոգիէն՝
բոլորն
ալ
նոյն
կաղապարով,
իրարու
մօտ՝
եղանակները,
որոնք
այդ
պարզուկ,
անպսակ
բերանով
կը
պատմէին
խուլ,
խորունկ,
չկասկածուած
ցաւեր,
տարերկրեայ
ու
տարացեղ
ցանկութիւններ։
Անոնց
մէկ
երեսին՝
ա՛ն՝
որով
օրօրուած
ըլլալու
էին
իշխանուհիներուն
արիւնները,
դեռ
հոս
չգաղթած,
այդ
հեռու
Կովկասին
լեռնագեղ
ձորակներն
ի
վար,
որոնց
մէջէն
ջուրին
հետ
կիներուն
փրփուրը
կը
հոսի,
ու
ձայնին
հետ՝
աղջիկներու
կաթը
`
դեռ
ստինքներուն
չհասած։
Հովտէ
հովիտ,
երգը
կամար
է
ոսկի,
որուն
վրայէն
սիրտերը
կը
ճամբորդեն։
Ու
դաշտը
ոսկի,
ուր
կը
բուսնին
մեր
հաճոյքին
խարտեաշ
հասկերը
ու
կը
մեռնին
մեր
ցաւերուն
թօշնած
տերեւները։
Ու
գերեզմա՜ն
է
անիկա,
սաղարթուն
ու
կանանչ,
ուր
կ
’
երթանք
ամէնքս
հանգչիլ
սորվելու,
մեր
կիրքին
նիզակներուն
ներքեւ
արիւն
ծորելէն,
նետահար
երէին
նման,
ու
կը
խելօքնանք։
Ի՛նչ
է
ձայնը
հայու
մը
կտորին
բերանէն,
երբ
այդ
բերանը
ահագին
լեռներու,
մեծ
ժողովուրդի
մը,
դժբախտ
ու
դժնդակ
պատմութեան
մը
փողրակն
է
ոսկի։
Այդ
ձայնին
միւս
երեսին,
եկեղեցական
մեղեդիներու
տարազով,
միւս
անպարագիծ
թախի՜ծը,
ապրելուն
անիծուած
երգը,
այնքան
ընդարձակ,
հազարով
մղոններէ
իր
թելերը
հաւաքող,
հացի,
վայելքի,
զրկանքի
անհամար
առէջներով
գոյաւոր։
Պանդուխտ,
ծախուած,
մեղքին
շղթայուած
ու
գեհենին
ժառանգաւոր
իր
հայու
հոգի՜ն,
որ
կը
սիրէր
ու
կու
լար
նոյն
շեշտին
վրայ
`
իր
զգացումներուն
նաւը
երկթի
վարելով։
Անիկա
քանի՜
-
քանի՜
անգամներ
երգած
էր
«
զաւկըները
կորսնցնող
մօր
»
այդ
երգը,
անոր
--
դեռ
չամուսնացած,
անոր
մէջ
լացնելով
«
մայր
չեղած
»
թաղո՜ղ
կինը
Արեւելքին
--,
որ
քաշուած
իր
ժանեակներուն
ալիքներուն
մէջ՝
պիտի
նմանի
այն
միւսին
`
գերեզմանի
մը
գլխուն
իր
զաւակը
կանչելով
վեր։
Յետոյ,
երգած
անոր
էրիկին,
աւելի
ետքը՝
աղջիկներուն,
բոլորն
ալ
խռովելով
մինչեւ
արցունք։
Թարգմանա՞ծ։
Անշո՛ւշտ։
Բայց
պահելով
գեղջուկ
քերթուածին
սրտառուչ
խորքը,
ազգին
թշնամիներէն,
բանալով
անոնց
ջիղերուն
հասողութեան
ի՛նչ
որ
բառերը
ունին
ընդհանուր
ու
անվտանգ։
Պարզ
ու
հաւատաւոր,
այդ
«
Հաւատիս
»
ը
(
անոր
անունը,
Աւետիս,
տաճկցուցած
էին
այդ
յորջորջումով,
զոր
կու
տային
առանց
հեգնութեան
ու
առանց
չարութեան,
տաճիկ
պալատին
հարիւրով
բերանները
)
ի՜նչ
խորունկ
արցունքով
կրցեր
էր
փրկել
Լուսաւորչի
սուրբ
խաւատք
ը
գեղանի
կնիկին
բռնութենէն,
որ
անոր
ջիղերը՝
ինչպէս
հոգին
կը
պահէր
իր
լուծին
ներքեւ։
Տարիները
կ
’
անցնին,
մենք
ուզենք
ու
չուզենք։
Մեր
սիրածները
կը
բացուին
մենէ
`
երթալու
համար
իրենց
ճամբան։
Բախտը
երբեմն
կը
կարգադրէ
լուռ
անգթութիւններ,
ու
մեզ
կը
գամէ
մեր
սիրածին
կրունկներուն։
Խոնարհներուն
վիճակուած
այս
տառապանքը
քիչ
-
քիչ
կը
նոյնանայ
անոնց
կեանքին
ալ
իմաստին։
Ու
Աւետիսները
պիտի
մնան
իրենց
խոհանոցներուն
մէջ
`
հնազանդ
ըլլալու
համար
իրենց
սիրածներուն
կամքին։
Գերի՞։
Դուք
գտէք
աւելի
պարզ
վերադիր
անոնց
կեանքին։
Անկարող
փախչելու,
նախ՝
չկրնալուն,
աւելի՝
չուզելուն։
Ու
բոլոր
փակ
աշխատողներուն
նման,
որոնց
ծառայութիւնը
վերջ
ի
վերջոյ
կեանքի
ըմբռնում
կը
դառնայ՝
անիկա
իր
խոհանոցին
հնօրեայ
գմբէթը
իրեն
պատեան
ըրած,
խաչուեցաւ
իր
գործերուն։
Տարիները
անցան։
Հանըմին
ու
իր
մէջ
գոյացաւ
սրտի
ալ
բանուածք։
Անիկա
չէր
տառապեր
անոր
գեղեցկութենէն,
-
պարագա՛յ՝
որ
բոլոր
այս
պայմանով
սիրողներուն
ողբերգութիւնը
եղաւ։
Կ
’
ունենար
զայն
պարզ
տրտմութիւնով
`
խնայելով
անոր
արքենի
մարմինին
ինչ
որ
մոխիրն
է
սեռին։
Ու
կը
ծերանար։
Սփոփա՞նք։
Քի՛չ։
Արտօնուած
էր
տօն
ու
բոլոր
Կիրակի
օրերը
երթալու
քաղաքին
ժամը։
Այդ
պարտքը
կ
’
ընէր
ոտքով,
ուխտի
մը
պէս,
ձիւնին
թէ
կարկուտին,
աննահանջ
ու
խրոխտ։
Պիտի
վառէր
քառորդ
մէճիտնոց
զոյգ
իր
մոմերը
`
պայմանադրական,
յատուկ
պատրաստուած
քաղքցի
ժամկոչէն։
Պիտի
քաշուէր
գաւթին
մէկ
անկիւնը,
կենալու
տեղ
կծկտած,
աչքերը
փակ,
մինչեւ
վախճանը
արարողութեան,
լո՜ւռ,
խմելով
արարողութիւնը,
անոր
մէջ
հազարամեակները
իր
պապերուն,
շինելով
միտքէն
մեծակառոյց
ու
արքայագեղ
եկեղեցիները,
որոնց
մէջ
իրեն
չափ
մեղաւոր
թագաւորներ
չեն
լացած,
տապկուող
ձուկին
պէս
ճղիկ
-
ճղիկ
եփելով
իրենց
արիւնին
մէջ։
Անխոստովան,
անհաղորդ
(
ինք
կ
’
ըսէր՝
անխավորդ
),
ան
պիտի
դառնար
իր
պալատական
գերութեան։
Տարիները
կ
’
անցնին
ու
կիները
կը
հիննան։
Թուրքի
պալատը
նմանցուցած
են
ջերմանոցի։
Բաժին
կայ
ճշմարտութեան
այդ
վերագրումին
խորը։
Կինը
պարտէզի
ծաղիկ
է
այդ
պալատներուն
մէջ
ու
շատ
մը
անուններու
տակ
կը
բուսնի
անիկա։
Հաւատիսը
պարտաւոր
է
հանդուրժել
անոնց
բոլորին
ալ
գեղեցկութիւնը,
հարճերուն
ծեքծեքուն
ժպիտները
ու
դիմանալ։
Սարա՞յլըն։
Բայց
ո՞վ
է
իջեր
սիրտը
կիներուն,
երբ
կ
’
անցնին
քսանը։
Ի՞նչ
է
արժէքը
անոնց,
իրենց
մարմինը
տալէն
ետքը,
երբ
կը
բարձրանան
իրենց
յարկը,
ու
կը
սպասեն
իրենց
էրիկներուն։
Ո՞ւր՝
սկիզբը
դժբախտութեան։
Կիները
այդ
հարցումները
չեն
ըներ,
մենէ
աւելի
անկեղծ
ըլլալնուն։
Այդ
արքենի
կնիկին
ծոցին
մէջ
խարբերդցի
Աւետիսը
ստրջա՜նք,
երբեմն,
մեղքի
թակոյկին
մէջ
խորասոյզ
մուկին
նմանող։
Երկինքը
պահ
մը
կը
վարագուրենք
մեր
մէջ։
Բայց
չենք
կրնար
ջնջել
զայն։
Չեմ
իջնար
անոր
թշուառ
մանկութեան,
բայց
պարտաւոր
եմ
խօսելու
անոր
մօրմէն,
որ
Խարբերդէն
ճամբայ
էր
ինկած,
զաւկին
տէր
ըլլալու
ու
դարձաւ,
անմուրատ,
զաւկին
«
թագն
ու
պսակը
»
չպագած։
Վեց
ամիս
անիկա
մնաց
իր
տղուն
քով։
Զգա՞ց
ողբերգութիւնը։
Հանըմը
անոր
հետ
վարուած
էր
անասելի
փափկութեամբ։
Հայ
-
քրիստոնեան
չունէր,
անոր
կարծիքով,
այդ
սիրտը
իր
կուրծքին
տակ։
Կասկածեցա՞ւ
ողբերգութիւնը,
երբ
բացաւ
անոր,
զաւկին
ամուսնութեան
հարցը։
Պէտք
է
աճապարել
ու
ձգել
այս
տառապանքները՝
կէս
բացուած
ծրարներու
նման։
Անոր
մայրը
կրկին
խռովեց
անոր
հոգեկան
կշռոյթը։
Անիկա
այցուեցաւ
պատիժին
ուրուականէն։
Մարդը
մէկ
աշխարհի
կենդանի՜ն։
Այդպէս
չէր
խօսեր
քաղքի
ժամուն
Աւետարանը։
Հոգի՞ն։
Ու
անիկա
լացաւ
իր
տառապանքը
խելացի
տիկինին,
որ
սփոփեց
անոր
տարակոյսներուն
դառնութիւնը։
Ադ
Աստուածը,
ինքն
էր
այս
բոլորը
կարգադրողը։
Անկէ
գաղտնի
ոչինչ
կը
մնայ։
Որո՞ւ
տառապանքը
ելեր
էր
իրենց
ձեռքէն։
Որո՞ւն
իրաւունքը
ոտնակոխ
եղեր
իրենց
դժբախտ
երջանկութեամբը։
Ի՞նչ
էր
ի
վերջոյ
արդարութիւն
կոչուածը
սա
աշխարհին
երեսին։
Միւսի՞ն։
Ապահովաբար
զիջող
ակնարկով
կը
դիտուէին
հոն
ալ
սիրողները։
Ու
անիկա
կը
բռնէր
իր
հոտաւէտ
ափերը
անոր
աչքերուն
ու
կը
հրամայէր
երգել։
Մելանուշ,
ծաւալուն,
հոգիին
խորերը
երկարող
վառ,
կպչուն,
մեղրոտ
քաղցրութեամբ
այս
երգերը,
հայ
ու
թուրք,
անոնց
անկիւնակալ
թշուառութիւնը
կը
մեղմէին։
Սարա՞յլըն։
Գուցէ
անիկա
իր
խոհարարին
մէջէն
կը
խմէր
ինչ
որ
կիները
ուզեցին
վախով,
իրենց
մենութիւններուն,
երբ
հայելիի
մը
մէջ,
իրենց
միսին
հետ
եղան
դրուած
ճակատ
ճակատի,
ու
դողացին
իրենք
իրենցմէ։
Հեքիաթը
կ
’
ուզէ,
որ
նարգիսականութիւնը
մեկնի
լիճերէն։
…
Տարինե՞րը։
Փարթամ
պալատի
հազարումէկ
պատահմունքնե՞րը։
Դա՞ւը։
Նախա՞նձը։
Էրի՞կը։
Կան
ատոնք։
Բայց
իրականութիւնը
չ
’
ախորժիր
ատոնք
ուռեցնելէ։
Իր
խոհարարին
մէջ
իր
տարփաւորը
գտնող
կինը
իր
տունը
կը
ձեւէ
տարփանքին
կենդանակերպին
տակ։
«
Մինարէն
գողցողը
պատենքն
ալ
հետը
կը
պտտցնէ
»,
-
կ
’
ըսէ
ժողովուրդը
`
առակելով
մեծ
դժուարութիւնները
դիմակալող
մեծ
ալ
կամքերուն
հնարքները։
Տարինե՞րը։
Ճշմարիտ
կ
’
ըսեմ
ձեզի,
մի՛
հարցնէք
զանոնք
ուրիշներուն,
ամէնէն
քիչը՝
վէպի
հերոսներուն,
այլ
հարցուցէք
ձեզի։
Այն
ատեն
միայն
պիտի
չփնտռէք
գիրքերէն
իրենց
չունեցածը,
տալ
չկրցածը։
Կու
գան,
այո,
անոնք
ալ,
այսինքն՝
մէկ,
հինգ,
տասը,
տասնհինգ
տարինե՜րը,
բեռնաւոր՝
որքան
թեթեւ։
Յոյսը
զանոնք
կ
’
ընէ
ծանր,
յղի,
շքեղ։
Մինչ՝
միւս
կէսին
պատրանքին
ուտիճը
տեղաւորուած,
կը
սպառէ
անոնց
հիւթը
ու
զանոնք
կ
’
ընէ
փցուն
մաշկեր։
Մինչեւ
որ
անցնինք
երեսունը։
…
Չէք
հարցներ,
դուք՝
մեծերդ՝
«
այդ
թիւին
կէսի՞ն
»
։
Անշո՛ւշտ։
Եղեր
ենք
ամէնքս։
Էինք
ատիկա,
հեքիաթի
մը
չափ
պարզ
ու
գեղեցիկ։
Ու
մեր
մարմինները՝
անարատ
տաճար
կոյսերու,
աստուածներու
արժանի։
Երբեմն
բախտը
կը
կարգադրէ,
որ
հազուագիւտ
երազ
մը
հասնի
մեր
գլխուն
ու
մենք
մտնենք
կայսեր
մահիճը։
Բայց
այդ
բախտը
չ
’
ըսեր
մեր
ելքը։
Տրտո՞ւմ։
Եղաւ
ատիկա
քոմանտան
փաշային
կինը,
հեռու
պարմանութեան
այդ
տարիին։
Աւելի՞ն։
Անցանք
«
ընդ
սուր
եւ
ընդ
հուր
»,
ու
իջանք
մեր
վանդակը,
թեւաբեկ
ու
խեղճ,
զոր
կուղպ
կը
պահէ
տէր
մը,
փաշա
կամ
ծառայ,
բայց
կը
պահէ։
Յետո՞յ։
Աւա՜ղ։
Նաեւ
այդ
«
յետոն
»
մենք
եղանք
մեր
առանձնութեան
մէջ,
մեզմէ
յուսահատ,
մեզի
թշնամի,
մեզ
անարգելով
ու
դիմանալու
համար
սեւ
փափաքներու,
հողին
մեծ
դիւթքին,
զաւակ
մուրալով
ու
չունենալով։
Այո՜։
Լալով,
առանց
պատճառի։
Աճելով
մեր
մարմինին
ներքին
բաւիղներէն
ու
տոչորուելով,
անանձրեւ
հասկին
նման
մեր
մէջ
կպչելով։
Մինչեւ
որ
խենթութեան
րոպէի
մը,
գրկենք
պատանին,
որ
մեր
սենեակին
մէջ
անուշ
կը
բերէ,
խոհարարի
աշկերտ,
ցեղով
ալ
օտար,
բայց
քաղցր
ու
տխուր,
նայիլ
վախնալով
ու
նուաղելով
մեր
բազուկներուն։
Ու
գրկենք
--
ընդմիշտ
…
։
Մարդերու
կեա՜նք։
Կա՛ս
դուն,
ծեծով
ու
հուրով,
մահով
ու
արիւնով։
Կիներու
կեա՜նք,
քեզ
ո՜ւր
հարցնել։
Ո՞ր
քարին
տակը
չես
դուն,
ու
ո՞ր
որջին
խորը
քեզմէ
չէ
կաթած
այն
իրաւ
պուտը,
որ
հեղուկ
տառապանքն
է
մեր
ճակտին
դրուած։
Վէպերը
քեզ
կ
’
անարգեն,
երբ
կը
շպարեն
կամ
սեւ
կը
պատնեն։
Աս
ես
դուն,
քու
ծայրագոյն
մերկութեանդ
մէջ,
այսպէս
զգլխանք,
այսպէս
ողբերգութիւն,
զոր
պիտի
կրենք
մինչեւ
որ
ա՛լ
կթոտին
ծունկերը
մեր
հոգիներուն
ու
իյնանք
մեր
հողքին
մէջ,
քու
դիակդ
ալ
միասին
ընդքարշելով։
Երեսունէն
վա՛ր։
Յետո՞յ։
Այսինքն՝
երեսունէն
վեր։
Այսինքն՝
երբ
մեր
մարմինը
ա՛լ
միս
է
հանդարտ
ու
բե՜ռ
նոյն
ատեն։
Այդ
շրջանին
է,
որ
զգացումներու
արտաքին
ոստայնին
կը
փաթթուինք
`
չխղդուելու
համար
ինքնազզուանքի
ճահիճին
մէջ։
Ու
այս
տարազը
գրականութիւն
չէ
հոս,
այլ՝
ստուգութիւն,
մեր
մեծ
մասին
համար։
Ինչպէս
կը
զգաք,
հարիւրով
էջեր,
մեծագոյն
վարպետներու
ստորագրութեամբ,
քիչ
պիտի
գային
այսպէս
տեսնուած
ու
այսպէս
տրուած
մէկ
հատիկ
կեանքի
ողբերգութիւնը
սպառելու
համար:
Բայց
գագաթներու
կառչող
մեր
վիպասանութիւնը,
ուրիշին
վայելքին
հետամուտ՝
դեռ
կ
’
ապրի
մանկլաւիկի
իր
շրջանը։
Ես
յուսահատ
չեմ
օրէն,
երբ
ամէն
գրող,
ինքզինքը
ազատած
օտարին
ծառայելու
նուաստութենէն,
պիտի
տար
ինքզինքը
վայել
լիութեամբ
ու
անղենջակ
մերկութեամբ։
Բանտի
մը
խորշէն,
ձայն
մը,
ակնթարթային
արագութեամբ,
այս
բոլորը
կը
դարձնէ
մեզի,
ու
կը
դարձնէ
անհուն
ալ
պայծառութեամբ։
Տարակուսողները
կրնան
թերթել
հոգեբանութեան
հատորներ,
որոնք
սա
կայծակնահեւ
ապրումներուն
իրականութիւնը
կը
հաստատեն,
առանց
բացատրել
կարենալու
անոնց
կենսաբանական
մեքենականութիւնը։
Դիտուած
են
նուաղումներ,
որոնց
կիսավայրկեան
տեւողութեան
ընթացքին
ենթակաները
կէս
երեսուն
տարիներու
կեանք
մը
ապրած
են։
Մինչեւ
անոնց
աչքերուն
բացուիլը՝
այդ
տարիներուն
ամբողջ
շամանդաղումը
անցեր
էր
անոնց
ջիղերուն
ցանցէն։
Հետեւինք
այդ
գիտութեան
վարպետներուն։
Չմեկնինք։
Ու
քալենք,
տալով։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
այս
տողանցքը
վար
չի
մնար
բեմադրական
յապաղումէն։
Սարայլը
ն,
սիրային
դրուագ
մը
լաստակերտած
ատեն,
պիտի
չարժէր
աւելի։
Ու
տրամը
միշտ
յարմարութիւն
չունի
անցեալին
ալ
անդրադարձը
առնելու։
Ու
կը
ձգեմ
սարայլը
ն
`
անցնելու
համար
միւսներուն,
միշտ
այդ
գաւթի
դէմէն,
այդ
երգին
վիժանուտ
խռովքին
մէջ։
*
*
*
Ճշմարիտ,
ճշմարիտ
կ
’
ըսեմ
ձեզի.
--
Շատ
են
ձայն
մը
առնելու
ճամբաները։
Ու
ահա
մէկն
ալ
անոնցմէ.
--
Եղէք
պզտիկ,
տասը,
տասներկու,
ինչո՞ւ
չէ՝
տասնհինգ
ալ
տարեկան
աղջիկ։
Ու
եղէք
ատիկա
տաճիկի
պալատի
մը
մէջ,
որ
օդային
բառ
է
ձեզմէ
շատին
համար,
բայց
ուրիշ
բան
անոնց՝
որոնք
քսուեցան
անոր
պարիսպներուն։
Չեմ
կրնար
ծանրաբեռնել
սա
արդէն
խեղդուելու
չափ
խիտ
էջերը,
տալու
համար
նկարագիրը
այդ
շէնքերուն,
որոնք,
ներկի
կամ
մարմարի
պառկելէ
առաջ՝
ողբերգութիւն
են
յաճախ,
բոլորովին
տարբեր
Արեւմուտքի
հին
ու
նոր
դղեակներէն
կամ
ապարանքներէն։
Ասոնց
մէջ
Արեւելքին
ճոխութիւնը,
ոսկին
ու
բեհեզը
չունիմ
նկատի։
Չունիմ
նկատի
շէնքին
խուլ
ու
ներս
բացուող
ոճն
ալ,
որ
յորդ
է
եւ
հռետոր։
Կը
մօտենամ
միայն
այն
վանդակահիւս
բաժինին,
ուր
կիները
թաղարի
մէջ
ցանցուած
տժգոյն
վարդենիներու
կը
նմանին
ու
կը
հսկուին,
հերթով
ապրելո՜ւ։
Այս
մէկ
հատիկ
պատկերը
պահեցէք
ուշադիր
կերպով։
Թող
այդ
կիները
դալկանան
դեռ
իրենց
գարնան
մէջ
`
աւելի
հաճոյք
ճարելու
համար
պալատին
տիրոջ։
Արեւելքի
մէջ
աժան
ապրանք
է
մարդկային
կեանքը։
Ըսեր
եմ
ասի
քանի
մը
անգամ։
Կի՞նը։
Կինե՞րը։
Տաք
-
տաք,
կարգի
սպասող,
սենեակ
մտնելո՜ւ։
…
Եղէք
այդ
պալատներէն
մէկուն
մէջ
պզտիկ
աղջնակ։
Գիրկէ
գիրկ
անցէք,
ոսկիով
քողուած,
բայց
տառապեցէք,
վասնզի
պիտի
չգիտնաք,
թէ
ինչո՞ւ
մայրիկն
է
տրտում,
հայրիկը՝
խոժոռ,
փոքր
հանըմները
այնքան
կեղծ
ու
ծեքծեքուն,
ու
կեանքը՝
այնքան
ծանր,
այնքան
դալուկ
ու
խուլ
վախի
մէջ
`
հակառակ
բեհեզին
ու
ոսկիին
ալիքին։
Եղէք
տակաւին
չարաճճի,
որ
պալատին
բաժինները
իրար
կ
’
անցընէ,
հարճերը
կը
նախատէ,
սպասուհիները
կը
համբուրէ,
անոնց
սեւ
շրթունքներուն
արիւնը
ծծելու
ուժով,
կ
’
իջնէ
խոհանոց,
ուստա
Հաւատիսին
ճերմակ
գոգնոցը
բռնի
կը
հագնի
ու
զայն
կը
ստիպէ
մեմլեքէթի
թուրքի
մը
եղանակել
։
Այո՜։
Ու
յամառեցէք,
ձեր
հոգիին
բոլոր
լարերը
լարած,
կենալու
այդ
ճենճին
մէջ,
որ
շոգին
է
խոհանոցին։
Մինչեւ
որ
արձակուի
վարպետին
բերնէն
կախարդ
թռչնիկը
`
իր
ետեւէն
քաշելով
ձեր
հոգին,
բիւրաթե՜ւ
թռչուն,
անգայտ
գիսաւոր,
տանելու
համար
ով
գիտէ
ո՜ւր,
այսինքն՝
ձեր
ուզած
թառին։
Գացէք
ետեւէն
պարզուկ
այդ
խաղերուն,
մինչեւ
որ
գիսաւոր
անգայտութիւնը
հոծնայ,
ջերմանայ
ու
տող
մը
հառաչելով
կաթիլ
մը
դառնայ
ու
բերան
մը
ողբի
մէջ
փայլակ
մը
դառնայ,
խեղճուկ
Հաւատիսին
աչքերէն
թռող,
իմաստէն
պղտոր,
բայց
տարօրէն
վառ,
միսերուդ
դպող
ու
փուշ
-
փուշ
ընող
`
արցունք
առնելով
ու
արցունք
տալով,
բայց
մա՛նաւանդ
սիրտ
սղմռտող,
շերտ
-
շերտ,
ինչպէս
կ
’
ընէ
շեղբը
դանակին։
Ինչո՞ւ
այսքան
խոր
կ
’
իջնան
ձայնին
ասեղները։
Այո՞։
Հարցուցէք
ձեզի
ու
մտածեցէք։
Բայց
դիտեցէք
մա՛նաւանդ
ձեր
մայրը,
այնքան
անուշիկ,
այնքան
հեռու,
օտար
սա
պալատին
վերնական
գաւառներուն։
Այնքան
քիչ
ձեզ
համբուրած,
մազերնիդ
շոյած
ու
հագուեցուցած
պահերուն։
Այնքան
աղուոր,
կաթի
պէս
ողորկ,
ու
մաքուր,
մորթէն
ու
աչքէն։
Որ
կը
ծռի
հնոցներուն
կրակին,
վարդին
պէս
բոց
առած
երեսներէն,
աչքերէն
ալ
մութ
մանիշակի
խորութեամբ,
ու
կը
խօսի
մռայլած
մարդուն,
ուստա
Հաւատիսին,
դողդոջ
ու
պրկուն։
Որ
քաղցրանայ
--
զաւակները
կը
զգան
այդ
երկուութիւնը
իրենց
մայրերուն
--,
ժպտելու
ատեն
ամբողջ
սիրտ
դառնայ
ու
ձեզի
նայի,
թեթեւ
շղարշով
մը
անգայտ
յուզումի
…
։
Ու
հարցուցէք,
մամային
մեկնումէն
յետոյ,
խեղճ
Հաւատիսին.
«
Ինչո՞ւ
կը
դողան
կարծր
իր
ձեռքերը,
ինչո՞ւ
դողացին
ճակտին
գիծերը,
ինչո՞ւ,
քիչ
առաջ
ինչո՞ւ։
Ինչո՞ւ
կը
տրտմի,
երբ
մայրն
է
իր
մօտ։
Ինչո՞ւ
կը
հանգչի,
ինչո՞ւ
կը
բացուի,
կը
շէննայ
առատ,
անոր
մեկնումէն
յետոյ
…
։
Ինչո՞ւ
…,
ինչո՞ւ
»
։
…
։
Անշուշտ
ճամբան
է
ասիկա,
որ
վտանգ
կ
’
երթայ
։
Երբ
պատանի
ե՜նք
։
Գիրքի
վերնագիր
չէ
ասիկա։
Ամբողջ
տրամա՜,
ինչպէս
պիտի
տարազէին
մեր
պատուական
արեւելահայ
եղբայրները։
Ճամբա՛ն՝
որ
կը
հրապուրէ
մեծ
պարմանուհիները,
պզտիկուց
խռով,
բայց
չպատրուած
։
Որ
անտառ,
այսինքն՝
անոր
խորը
թաղուած
անդունդը
ունի
իրեն
յանգ,
բայց
հոն
կ
’
ոլորուի,
փոքր
կածաններուն
կռնակովը,
հազիւ
ուրուացող։
Որ
պարզ
է
սակայն,
երբ
սկիզբ
կ
’
առնէ
գեղջուկ
ջրհորէն,
կամ
հին
աղբիւրէն,
ու
կ
’
ըլլայ
մռայլ,
թափանցելէ
վերջ
առաջին
խաւարները
լուսնոյ
սարերուն
ու
աստղին
սարերուն։
Յետո՞յ։
Մո՜ւթ։
Ու
անծանօ՛թ։
Զոր
ոստայն
մը,
ճակատին
մահիկ,
կը
պատսպարէ,
սրբազան
վարագոյրի
մը
նման,
սրբապիղծ
աչքերէ
ու
առէջներէ։
…
։
Ամէն
աղջիկ
ճամբորդն
է
այս
ճամբուն։
Ու
հեքիաթը
երբեմն
անոնց
կու
տայ
կորեկ
կամ
ցորեն,
որպէսզի
ցանեն,
փրկեն
հետքերնին։
Վերադա՜րձը՝
այնքան
պատրող
է
արդէն։
Միշտ
ալ
թռչունը
պիտի
սրբագրէ
ճակատագրին
այդ
կանխահոգութիւնը։
Վասնզի
դա՛րձը՝
առանց
առագաստի,
գերեզման
կ
’
իյնայ։
Թերեւս
պատմած
են
ձեզի
միւս
փոփոխակն
ալ
հեքիաթին,
որ
ծառերէն
կը
կախէ
տոլեր,
հովերուն
թաթին,
որոնց
աղմուկովը
ճամբորդները
կը
յուսան
գտնել
զիրենք
ճամբողները։
Հէ՜յ
միամտութիւնը
մեր
նախնիքներուն,
երբ
այսքան
խոր
ու
հզօր
խորհուրդներ
կը
վստահէին
այս
զաղփաղփուն
ոստայններուն։
Գուցէ
անոր
համար,
որովհետեւ
չունէին
աղջիկը,
այն
անհասկնալի
արարածը,
որ
նոր
քաղաքակրթութեան
ցուցանիշն
է
դարձեր
ու
մեր
օրերուն
մեծագոյն
հարցականը,
արդէն
դիմագիծ
հագած
իր
երրորդ
սեռը,
այնքան
առատ,
դժբախտ
ու
եղերական
պապակով
ինքզինքը
փշրելու,
իր
սկզբնական
անիմաստին
վազելու։
Հարիւր
տարի
առաջ,
անիկա՝
երրորդ
սեռը,
հրէշ
որակուելու
չափ
հազուադէպ,
այսօր
մեծ
քաղաքներու
կէսը
կը
կազմէ։
Հարիւր
տարի
առաջ
էգը
մանուկ
էր
կամ
կին։
Միջինը՝
իմաստէ
զուրկ։
Տասնմէկ
տարեկան
ամուսնութիւնը
մեզի
հեքիաթ
կը
թուի։
Բայց
չենք
մտաբերեր,
որ
սկսուած
մանկութիւնը
(
առանց
հիմկու
աղջիկներուն
վիճակուած
յաճախակի
խաչելութեան
)
կը
նուաղէր
երկունքի
անդրանիկ
մահիճին
մէջ,
երբ
տասնհինգամեայ
մայր՝
իր
մանչուկին
աչքերը
կը
համբուրէր,
ինքն
ալ
չգիտնալով,
թէ
ուրկէ
կը
բուսնէր
իր
մէջ
այդ
ծարա՜ւը։
Այդ
բարքերը
ու
այդ
ճամբան
պարզ
էին,
հաստատ
ու
ապահով։
Օրանէն
կը
գրուէին
տղաքը
իրարու։
Եւ
տառապանքը
մահուամբ
միայն
կը
հասուննար
անոնց
պարման
ու
առողջ
սիրտերուն
խորը,
ոչ
իրարու
վրայով՝
այլ
անդրանիկ
զաւկին
թաղումովը։
Հիմա՞։
Հարցուցէք
դուք
ատիկա
ձեր
շրջապատի
այն
դժբախտ
ձեւերուն,
որոնք
գինն
են
մեր
ազատութեան,
-
օրիո՛րդը,
փափուկ,
անհուն
ծարաւ,
հրդեհ,
խռովք
ու
ծփանք
առեղծուածը,
որ
փատնայ
պիտի,
սառի
պիտի,
յետոյ
փտի
ինքն
իր
մէջ,
բայց
ներկը
վրա՜ն,
դիմակը
նոփ
-
նոր
ամէն
օր,
իր
կոթունէն
կախ
ծաղիկին
բախտով։
Գիտէք
անոր
ներսը։
Ու
քիչիկ
մըն
ալ
աւելի,
եթէ
կ
’
ուզէք։
Օրիո՛րդը,
պարկեշտը,
բարին,
առաքինին,
բայց
ճճիներէ
կրծուած,
պեղուած
կեանքին
գաղտ
կեդրոններէն։
Ուրիշ
բան
չէ
աղջիկը
հիմա։
Սարայլը
ին
աղջիկը,
հարուստ
փաշայի
մը
պուպրիկը
չեղած
--
բա՛ն
մը՝
որուն
համար
աւելորդ
պարզմտութեամբ
պարծենալ
ունէր
--,
չէր
գիտեր,
թէ
աղջիկն
էր
մեծ
Արեւելքին,
որուն
արձակութիւններէն,
խորութիւններէն,
չորութիւններէն
ու
խորշակներէն
շատ
բան
ունին
թուրքերը
ծրարած
իրենց
զգացական
հանգոյցներուն
ծոցը։
Թուրքերը,
Միջին
Ասիայի
ստեփ
ներէն
Արեւմուտք
հեղեղուած
դարերուն,
իրենց
ետեւէն
պտտցուցած
են
իրենց
ամայութիւններուն
փոքրահասակ
գազանը,
շնագայլը,
որ
յետոյ
պիտի
զառածի
դէպի
այժմեան
շունը,
այնքան
անհրապոյր,
տգեղ,
երկու
իսկութեանց
անճաշակ
խառնուրդ,
երկդիմի
ախորժակներով
ըլլալ
չկրնալով
խելացի
ու
բարի
կենդանին
Արեւմուտքին։
Թուրքերը
բերած
են
ուրիշ
շատ
բան
ալ։
Ու
այդ
բաներուն
կարգին՝
մեծ,
խուլ,
աննահանջ
իրենց
ախորժակը՝
միսէ,
արիւն
է
(
գայլերը
երբ
անօթենան,
մի
մոռնաք
ասիկա,
իրարու
միս
ալ
կ
’
ուտեն
)
։
Մեր
պատմիչները
անոնց
կերակուրի
պահն
ու
ձեւը
տուած
ատեննին,
անգիտակցաբար
կու
տան
անոնց
բնազդներն
ու
զգայարանքները։
ԺԳ
դարէն
ասդին
փոփոխութի՞ւն։
Հարկա՜ւ։
Կործանելով
ու
բզկտելով,
հում
ուտելով
ու
արեան
մէջ
լողալով
հանդերձ,
անոնք
առած
են
իրենց
ջիղերու
կծիկներուն
ներընտել
ոգեկանութիւնը
այդ
ցամաքներուն,
որոնք
տառապեցան
անոնց
ճիրաններէն
նոյնքան՝
որքան
մարդերը։
Ու
առած՝
անդարձ։
Հայաստանը
կոխկռտելով
առաջացող
թուրքերուն
մէջ,
արեան
բաղնիքէն
ու
զոհին
ճենճերումէն
արձակուած
մռայլ
գեղեցկութիւնը
տակաւին
հիմա
կարելի
է
զատորոշել,
ձայնական
spectreով
մը։
Քիչ
երկրի
երգերը
այնքան
տաք
են
ու
արիւնի
ճամբով
մը
օծուն,
որքան
հայկական
բարձրաւանդակի
վերածխումները։
Մեր
ժողովրդական
երաժշտութիւնը
դոնդող
արիւնի
նման
կը
նստի
մեր
ուղեղին։
Ու
հիմակուան
թուրքերը,
աճապարոտ
բանգիտութեամբ
մը,
լքեալ
գոյքերու
գիծով,
իրենց
կը
մենաշնորհեն
`
տաճկցնելով
մեր
երգը
ու
անոր
հեղինակ՝
մեր
երգիչները։
Ու
կը
մոռնան,
թէ
դարեր
շարունակ
մենք
էինք,
որ
տուինք
իրենց
աշուղները,
երգիչները,
երգահանները։
Ասիկա
թթու
ինքնահաւանութիւն
մը
չէ,
իմ
կողմէ
տարածուած
իմ
ցեղիս
վրայ։
Երբ
Կոմիտասը
կը
թրքացնեն,
մարդ
կը
ստիպուի
ըսելու
այս
բաները։
Իրողութիւն
է,
որ
խորունկ,
շատ
խորունկ
թախիծ
կայ
բոլոր
այն
երկիրներու
երգին
մէջ,
որոնք
տիրակալուած
են
թուրքերէն։
Անցեր
եմ
ռումանական
դաշտագետինէն,
այնքան
պարարտ,
յորդ,
հաւասարակշիռ,
ու
արցունքով
հետեւեր
գեղջուկ
եղանակին,
որ
աղջիկներուն
պարովը
կը
թաւալի
`
խարտեաշ
տրտմութեամբ
մը
օծելով
հոգին,
երբ
կը
պատմէ
սիրտերուն
աղբերացումը
իրարու,
վճիտ
ու
գոլուտ,
խայտանքին
մէջէն
յանկարծ
սեւնալով։
Թուրքին
շո՜ւքը։
Անցեր
եմ
Ռոտոփի
լեռներուն
երկու
փէշերը,
պիրկ
ու
չարքաշ
դաշտերով,
ասոնք
ալ
պարզ,
իմաստուն,
տնտեսող
ու
առողջ։
Բայց
կեցէք
վայրկեան
մը։
Ու
կիրճի
մը
բերանէն,
ուր
գիւղն
է
ծուարած,
թող
հովը
բերէ
պարե՜րգ
մը։
Ձեր
հոգին
պիտի
սեղմուի,
վասնզի
հովին
մէջէն
սոյլը
պիտի
առնէք
մորթուած
կոյսերուն,
որոնք
յաղթանակներէ
յետոյ
թուրքերը
կը
զոհէին
իրենց
փիրերուն
`
անոնց
աներեւոյթ
օգնութիւնը
իրենց
գնելու
համար։
Ով
դրաւ
պուլկար
բխումին
մէջ
այդ
ստուերը։
Ու
այսպէս,
Սերպիան
ու
Յունաստանը,
Ասորիքն
ու
Հայաստանը։
Հինգ
դար,
ոմանց՝
տասը
դար,
այդ
ցամաքներուն
վրայ,
արդար
ու
բարի,
գինեշատ
ու
ցորենով
առատ
կեանքին
փոխարէն,
վաւաշ
ու
արիւն
բուսաւ։
Ու
այդ
տասը
դարերուն
քսան
ժողովուրդ
տարին
այդ
վաւաշն
ու
արիւնը,
ոմանք
սպառելով,
այլասերելով,
ուրիշներ՝
տոկալով։
Իրարու
հանդէպ
խոր
ատելութեամբ
զրահուած
իմ
եղբայրներս,
խորհեցէք
այս
ճշմարտութիւններուն
ու
ներող
եղէք
իրարու։
Չունինք
իրաւունք
պահանջելու
իրարմէ
առաքինութիւններ,
որոնք
ազատ
ու
բարի
հողերը
կը
շնորհեն
մարդոց
որդիներուն։
Մի
մոռնաք,
թէ
գերութիւնը
բառով
չի
հերքուիր։
Թէ՝
կայ
անիկա
մեր
ամէնուն
ալ
երակներուն,
ստափուած
կերի
մը
նման
ու
դար
է
հարկաւոր
ու
արդար
հայրենիք,
որպէսզի
մենք
դադրինք
իրար
այսքան
ատելէ։
Մեզ
անգութ
ու
նեղսիրտ
ընող
մեր
տրտմութիւնը,
գծծութիւնը
փնտռեցէք
թուրքէն։
Թուրք
ոգին
կազմուած
է
այդ
ու
տակաւին
շատ
ուրիշ
տարրերով։
Ես
պիտի
ջանամ
վերլուծել
այդ
զգայնութիւնը,
հետզհետէ,
երբ
զարգանայ
մեր
պատմութիւնը,
մա՛նաւանդ
915
ի
մեծ
սպանդին
մէջ։
Առայժմ,
բաւ
է
դիտել
տալ,
թէ
տասնիններորդ
դարուն,
ու
դեռ
այսօր
անիկա,
թուրք
զգայնութիւնը,
շատ
մօտիկն
է
հորդաներուն
այն
հոգեբանութեան,
որ
անոնցն
էր,
երբ
քշուած
իրենց
տափաստաններէն
դէպի
Արեւմուտք,
կրծելով
միսը
իրենց
ձիերուն
թամբին
տակ
եփուած՝
ու,
կրնկուած
ոսկորի
եւ
փարթի
խենթ
շնագայլերէն,
շէն
ու
ապատ
կը
փնտռէին
կրակելու,
ու
մարդկային
խումբեր՝
մորթելու,
իրենց
աչքին
ծարաւը
յագեցնելու
համար։
Այսօ՞ր։
Փոխուած
է
այդ
ահաւոր
մարզանքին
եղանակը
միայն։
Հիմա
այդ
շուայտութիւնը
փոխանակ
ըլլալու
ամէնօրեայ,
վերածուած
է
պարբերական
կշռոյթի։
Թուրք
պատմութիւնը
մռայլ
յաճախանքն
է
այդ
արիւնին։
Դարէ
դար
անոնք
մորթելէ
զատ
աւելի
մեծ
զբաղում
չեն
ունեցած։
Հինգ
դարու
թուրք
կայսրութիւնը
երբ
դրացի
պետութիւններու
հողը
չունի
այդ
մարզանքին
համար,
ունի
իր
ներքին
շուկաները,
գերի
ժողովուրդները։
Անիկա
իր
բնազդներուն
ցուցմունքը
պիտի
գործադրէ
`
հսկայական
ողջակէզներ
սարքելով
անոնց
վրայ։
Այս
է
ահա
ինչ
որ
Նիցչէ
կը
տարազէ
le
retour
é
ternel
յղացքին
վրայով։
Հարազատութիւնը,
հաւատարմութիւնը՝
իրենց
ցեղին
ոգիին։
Ու
տակաւին
պէտք
է
աւելցնել,
թէ
այդ
շատ
ուժգին
կիրքերով
լաստակերտ
մարդոց
մէջ
ընտանեկան
կեանքը
մնացած
է
արիւնամած,
կուղպ,
մռայլ,
վանդակի
ետեւ,
ու
փոշիի
վրայ
գրուած
ուխտին
պէս
առկախ
(
քանի
որ
էրիկին
մէկ
խօսքը
բաւ
է
տուն
աւրելու
`
արձակելով
կինը
պարզուկ
քմայքով
),
թէ
հանրային
կեանքը
(
Պոլսէն
դուրս,
գաւառական
կեդրոն
քաղաքներու
թատրոններու
մէջ
չէին
տարբերեր
քէօչէկներու
միջոցով
իրագործուած
հեշտապարերէն
)
անոնց
համար
պատերազմն
է,
կամ
ներքին
մարզերու
վրայ՝
սպանդի
ընդարձակ
հանդիսադրութիւն
մը,
թէ
անհատական
կեանքն
ալ
(
կը
հասկնամ
հողէն
ու
հացէն
դուրս
մարդկային
կորովը՝
ի
խնդիր
երջանկութեան,
քիչիկ
մը
բարութեան
ու
արուեստին
)
անոնց
մօտ,
սեռին
ու
արիւնին
ետեւէն
սրարշաւ
վազք
է
յաճախ,
ապա
ուրեմն
հասկնալի
է
իրենց
երկիրներուն
խեղճութիւնը,
նոյնիսկ
ամէնէն
առատ
տուրքերուն
ծոցին,
աղքատութիւնը,
շէնէ
ու
ապատէ
կարճութիւնը։
Թուրք
քաղաքները
կարկտաններ
են,
ի
հեճուկս
իրենց
կրունկներուն
դիմացող
հին
ոստաններու
աւերակոյտին
վրայ։
Թող
մտքէ
չանցընեն
պարծենալ
իրենց
մզկիթներով,
որոնց
աւազը
մինչեւ
անգամ
ուրիշ
մշակոյթի
փոշին
է
եղած։
Ու
մարդ
երբ
երկրի
մը
հոգին
կը
ձգտի
ոճի
հանել,
ինչպէս
է
իմ
փորձը
սա
էջերուն,
կը
դժուարանայ,
շատ
մը
բաներ
հասկնալէ
յետոյ,
բաներ,
որոնք
կը
ներդաշնակուին
ցեղին
մոյնքին
ու
կմախքին
մէջ,
երբ
կը
ջանայ
բացատրել
սա
երաշտութեան,
խստութեանց,
անգթութեանց
համախառնուրդ
բխումին,
-
մարդուն
ալ
վարակիչ
մելամաղձոտութիւնը,
արտասուահամ
ու
«
այրեցաւեր
»
(
մեր
Սայաթ
-
Նովային
եանա՜
-
եանա՜
ման
գալը
)
կրակը,
որոնք
այդ
մարդոց
սիրերգները
կը
թռցնեն
այդ
մգլոտ,
շարաւած
գեղերուն
ու
քաղաքներուն
վերերէն
`
ճարելով
այդ
երգերուն
քիչ
մը
ահաւոր
ալ
գեղեցկութիւն,
ձեւով
ու
թեւով՝
լուրջ
կամ
թեթեւ,
ոստոստելով՝
երբ
աղջիկները
պարի
կը
հանէ,
ու
լայննալով՝
երբ
երիտասարդը
մահուան
կը
ղրկէ։
Բոլորն
ալ
ունին
այս
իրաւ
ու
ջերմ
խառնուածքը,
որ
անոնցմով
պատկերուած
արիւնը
կը
կապէ
իմաստի։
Ինչպէ՜ս։
Ո՞ր
հրաշքով,
մորթելէ
դուրս
ուրիշ
ամէն
արտայայտութեան
մէջ
խառնակ,
անոճ
այդ
ոգին,
սա
երգերուն
վրայ
ինքզինքը
թարգմանէ
ոճի
մը
շնորհովը:
Ինծի
կու
գայ,
թէ
բացատրելու
համար
այս
անբնականութիւնը,
պէտք
է
ընդունիլ
այդ
հողերուն
վրայ
կնիքը
անտեսանելի,
բայց
իրական
այն
աստուածութեան,
որ
ամբողջ
Մերձաւոր
Արեւելքը
քաղցրութեան
ու
տրտմութեան,
թռիչքի
ու
սողոսկումի
արձակարան
մը
կ
’
ընէ։
Ո՞րն
է,
ցեղերու
սա
խառնակոյտին
մէջ,
ժողովուրդը,
որ
բանալին
տայ
սա
առեղծուածին։
Ու,
ընդարձակելով՝
կը
հարցնեմ
կրկին.
ո՞րն
է,
առանձին,
ցեղերու
սա
ճաղանճին
մէջ,
ժողովուրդը,
որ
երկու
ծովերու
հակամարտ
ճնշումէն
բարձրացուց,
ազատագրեց
իր
մշակոյթը,
պատմութեան
յանձնելու
համար
անխառն
քանի
մը
յիշատակ։
Չկայ
անիկա
այդ
թերակղզիին
մէջ։
Թուրք
կայսրութիւնը
այնքան
անցեալ
է՝
որքան
բիւզանդականը։
Ու
հիմակուան
թուրքերը,
որոնք
այդ
քառանկիւնը
ազգայնացուցին,
իրենց
անցեալը
հերքող
ոչինչ
են
հանած
հրապարակ։
Կանխահա՞ս՝
սա
դատումը։
Գուցէ։
Կէս
դարէ
ի
վեր
թուրքերը
արեւմտեան
Ճափոն
կ
’
որակեն
զիրենք
Ասիոյ
մէջ։
Պուլկարները
քառորդ
դարու
մէջ
արդիական
երկիր
մը
դրին
թուրքերու
ագարակաստան
նկատուած
խեղճ
այդ
հողերուն
երեսին։
Կանխահա՞ս՝
այս
շեղումն
ալ,
բանտի
մը
նախագաւիթին,
երբ
երգի
մը
սլաքին
տակ,
աղջնակ
մը
կ
’
արիւնի
ներսէն,
ցեղին
ասեղովը։
…
։
Ու
հարկ
է
ընդունիլ,
մռայլ
ու
փակ
այդ
քաղաքներուն
վերեւ,
պատգամը՝
որ
կը
հոլանայ
անոնց
կիներուն
եւ
երգիչներուն
բերանէն,
–
թեւաւոր
տրամ,
զոր
այնքան
սրտառուչ
կ
’
ընէ
բանտի
մը
տանիք
վանդակը։
Ու
մարդոց
որդիները,
երգին
օդասլաց
«
ժապաւէնն
»
ի
վեր
կը
սորվին,
թէ
ինչպէ՜ս
եարը
կը
սպասէ
եարին,
եօ՜թը
տարի,
մէկ
կուշտի
պառկելով։
Թէ
ինչպէ՜ս
չոր
հողին
ու
չոր
քարին
վրայ
եարը
կը
ծլի,
հերիք
է,
որ
քովիկն
ըլլայ
միւս
կտորը
եարին։
Սարայլը
ին
աղջի՞կը։
Անշո՛ւշտ
որ
կը
հասկնար
իր
մօրը
տարփաւորին
`
ուստա
Հաւատիսին,
բոլոր
եղանակները
`
առանց
հասկցած
ըլլալու
իր
մայրը։
Մենք
այս
աղջիկը
պիտի
տեսնենք
այս
պատմութեան
մէջ,
աւելի
մանրամասն։
Զայն
կը
ձգեմ,
հոդ,
երգի
մը
սլաքին
ներքեւ
ու
կ
’
անցնիմ
ուրիշին։
*
*
*
Ճշմարիտ,
ճշմարիտ
կ
’
ըսեմ
ձեզի.
--
Շատ
են
ճամբաները
ձայն
մը
առնելու։
Եւ
ահա
ուրիշը
անոնցմէ.
--
Ճամբա՛ն,
աղաներուն,
պէյերուն,
փաշաներուն։
Յիսուն
տարի
առաջ
սրճարանը
թատրոնն
էր
թուրքին։
Անոր
պատին՝
շա՛րը
սազերուն,
որոնք
կը
սպասէին
Ոդիսեւսի
աղեղին
նման,
հեռու
երգիչին։
Որ
կու
գար
բարի,
պերճ
կամ
խոնարհ,
պատմուճանով
կամ
գլգլեակով
`
առանց
կրօնքէն
տառապելու,
պաշտպանուած՝
իսլամ
փարթամութեան
միջնադարեան
անփութութենէն
դէպի
արուեստ։
Ու
կ
’
անցնէր
երգի
`
հաւաքելով
ցախմօրուս
թաթարը,
ցորենագոյն
ու
շրջափոխուած
գեղջուկը
նոյն
կիսամութին
մէջ,
յուզելու
համար
անոնց
շատ
տրտում,
շատ
բարկ
անասնութիւնը։
Եղած
է
շրջան,
երբ
թուրքերուն
իշխած
հողերուն
վրայ
այդ
երգիչները
կատարած
են,
նոր
ժամանակներու
մէջ,
ինչ
որ
միջնադարուն
ասպետները,
աւելի
առաջ՝
պարտ
երը,
այետ
ները
կ
’
ընէին
աւելի
հին
քաղաքակրթութեանց
մէջ։
…
։
Ու
անգործի
երգիչները,
թափառական
տէրվիշները,
որոնք
չորս
ճամբու
բերնին
կը
կոթողէին
իրենց
ձայնը,
ուղիղ
շատրուա՜ն,
ինչպէս
կան
տակաւին
այս
աղբիւրները
մէկ
-
երկու
դամբարաններու
բակին,
իրենց
մարմինին
ողբալի
աւերակէն
ժայթքող,
իրենց
ձայնը,
փաղաղիչ
կրակ,
թաղէ
թաղ
թռող
ու
սիրտերը
լզող,
վանդակներու
ետին
աղջիկները
դանկըտող
իրենց
միսերուն
սուրբ
գաւառներէն,
կամ
փողոցի
երեսին՝
ապշահար
տղաքը
լացի
մէջ
թրջող
։
Ճամբա՞յ։
Անշո՛ւշտ։
Այնքա՛ն
ընդարձակ,
որ
հազարներու
հոգիին
դուռները
կ
’
առնէ։
Ու
տակաւին
միւսները,
մեծ
կամ
խոնարհ
մինարէներուն
տրտում,
ինքնասոյզ
ու
յիմար
երգահանները,
քսան,
երեսուն,
յիսուն
մեթր
վերերէն,
աղեկտուր
իրենց
գեղգեղանքը
վար
հոսելու
ատեն
վերանալով,
ա՛յնքան՝
որ
պատռուած
իրենք
իրենցմէ,
վազեն
իրենց
ձայնին
ետեւէն
դէպի
վարի
աշխարհը
ու
մեռնին
`
դեռ
վանկը
չսպառած
իրենց
խռչակէն։
Գինովնե՞ր,
այս
ինկողները։
Ո՜վ
ինչ
գիտէ
առքէն
ու
խռովքէն,
զոր
կը
հանենք
մենք
մեր
մէջէն,
մեծ
յուզումի
մը
ճպոտին
ներքեւ։
Ու
խենթե՛րը,
որոնց
ուղեղին
մէջ
ցաւը
եղեամ
է
կապած։
Զարնուած
էակներ,
ասոնք
կը
նստին
շիրիմներու
գլխուն
ու
կը
կանչեն
պառկողը,
այնքան
իրաւ,
սրտանց,
ընտանի,
որ
բացէն
ունկնդիրը
պատրանքը
կ
’
առնէ
բուսնելիք
աղջկան
հողերէն
դուրս
`
բերելու
համար
պաղատող
այդ
շրթներուն
համբոյրը
այն
միսերուն,
որոնք
մահէն
իսկ
չեն
պաղած։
Սեռային
յիմարութիւնը
գրական
տարազ
մը
չէ։
Ձեզի
կը
ձգեմ
չափել
կրակը
հող
չիջնող
շրթներուն։
Ու
տակաւին
ուրիշնե՜ր։
Գեղաձայն
տղաք։
Ինչպէս
են
մեր
մէջ
տիրացուները։
Որոնք
աւագորեարին
վայելքները
իրենց
ոգեղէն
այդ
իսկութիւնով
մեղրելու
դերէն
անդին,
ունին
յաճախ
ուրիշ
ալ
երանգ,
խորհրդազգած,
քիչիկ
մըն
ալ
անտարազելի,
վասնզի,
Արեւելքի
մէջ,
կեանքը
ոչ
մէկ
փայլակէ
այցուած
մթութիւն
է
յաճախ,
գիշե՜ր՝
որ
կը
տեւէ
քառասուն
տարի։
Չաւարտած
քերթուած
է,
անգթութիւն
է,
զրկանք
է,
ուրիշներէ
ճամբայ
հանուած
մեր
վրայ։
Կամ՝
մեզմէ
յայտարարուած։
Ձայնը,
այսինքն՝
անոր
քաղցրը,
յուզիչը՝
տեսակ
մը
փոխարինութիւն
մեզի
բռնադրուած
կամ
մեզմէ
բխող
մեր
տրտմութիւններուն։
Մարդեր
կան,
որ
երգելով
կը
կշտանա՜ն։
Ըսել
կ
’
ուզեմ
կը
հանգչին։
Կոյրե՞րը։
Անշո՛ւշտ։
Որոնք
աշխարհ
մը
կարօտ,
պապակ,
համբոյր,
ջերմութիւն
ու
սեռ
ու
սերմ
կը
վստահին
իրենց
մեղեդիին,
երբ
իրենց
մորթով
կը
տեսնեն
կինը։
Խենթե՞րը։
Անշո՛ւշտ։
Որոնք
լարերուն
վրայ
մատ
զարկած
ատեն
լոյսով
կ
’
ողողուին
ու
սեռ
կը
դառնան,
լացի
մը
մէջ
լուծուող։
Ի՜նչ
երկար
է
շարանը։
Որքան
քիչ՝
գիրք
մը
…
։
Հեռակայ,
այսինքն՝
մեզմէ
օտար
շեշտն
իսկ
տպաւորիչ
է
մեզի։
Զայն
պարտաւոր
ենք
կրելու
`
մեր
փափաքին
իսկ
ընդդէմ
քալելով։
Սիրահարը
անոր
ուղիով
կը
բարձրանայ
զգայութեան
մշուշոտ
ու
վտանգաւոր
գագաթներ։
Վշտահարը
անոր
բաժակովը
կը
պարպէ
լիճերը
իր
սրտին։
Մի
մոռնաք
Արեւելքին
դասական
պատկերը,
որ
մէկ
հատիկ
վշտոտ
մարդու
վիճակը
արտագրելու
համար
ծովերը
կը
վերածէ
մելանի,
անտառները՝
եղէգի,
ու
այսպէս
հանդերձուելէ
ետքն
ալ
դեռ
անվճար
կը
գտնէ
իր
պաշտօնը։
Քոմանտան
փաշա՞ն։
Որ
մինակ
բանտերու
պահպանութիւնը
կամ
արեւմտացումը
չունէր
շրջանակ
իր
փառասիրութեան։
Անիկա
ծանօթ
էր
քաղաքին
իր
խոր,
խուլ,
խօլ
պաշտամունքովը
արեւելեան
երաժշտութեան
հանդէպ։
Այդ
պաշտամունքը
թերեւս
ներելի
ըրաւ
իր
բարքին
միւս
տարօրինակութիւնը,
որ
այդքան
բարբարոս
քաղաքի
մը
մէջ,
իր
կինը
կ
’
արտօնէր
արեւմտեան
տարազով
շրջելու։
Այդ
պաշտամունքը
կը
բացատրէր
դարձեալ
իր
ատելութիւնը
ընդդէմ
արեւմտեան
երաժշտութեան,
զոր
կը
դատապարտէր
իբր
մետաղագործական։
Ու
նոյն
ատեն
այդ
սէրը
կը
մնար
բաւարար
զսպանակ՝
արդարացնելու
անոր
հօրենական
տիտղոսը,
քանի
որ
թուրք
ազնուապետութիւնը
միշտ
չ
’
երաշխաւորուիր
պետական
ծառայութեամբ,
ինչպէս
է
պարագան
սլաւ
երկիրներու
ազնուականութեան
համար,
ջարդի
տաղանդով,
որ
ցեղային
գիծ
է՝
այնքան
զօրաւոր
ու
թանկագին
իր
բարիքներովը։
Ան
չ
’
երաշխաւորուիր
դարձեալ
ոճրաշնորհ
ու
անտիպ
տուրքերով,
աս
ու
ան
ստահակին
սխրագործութեանց
մէջ
հասունցած,
կատարելագործուած
ու
կանչուած,
բարձր
տիտղոսով,
պատուանշանով
կայսերական
գնահատող
իրատէ
ով
պսակուելու,
ներկուելու
ու
իբր
մշակոյթի
ազդակ
փառաբանուելու։
Թուրք
հիմակուան
պէյերուն
մեծ
մասը
այդ
շքանշանը
կը
պարտի
քրիստոնեայ
կամ
քուրդ
արիւնին
մէջ
մութցած
իր
ձեռքերուն։
Հիմա,
ինչպէս
այն
ատեն
ալ,
ասոնցմէ
դուրս
ուրիշ
առաքինութիւններ
կը
պահանջուէին
ազնուականութեան
թեկնածուներէն,
–
շինարարական
տուրքեր,
առհասարակ
կրօնական
մարզէ,
մզկիթներ
նորոգող
կամ
հիմնող,
թէքքէ
ներ
ու
մէտրէսէ
ներ
պարենաւորող,
կամ
գերեզման
մը
պարսպող։
Առաքինութիւններ
ասոնք,
որոնք
կողոպուտին
կամ
հօրենական
կալուածներուն
վրայ
աւելնալով
ամենահասարակ
ծագումով
սրիկան
կամ
իր
պապերուն
մեղքովը
հարիւր
տարի
առաջուընէ
տակաւին
իր
հիմկու
արիւնին
մէջ
այլասերած
ցաւագարը,
ախտաժէտը
կը
բարձրացնեն
ընկերային
դիրքի։
Բանտերու
վերատեսուչ
քոմանտան
փաշան,
իր
ժառանգութիւնը,
գերմանագիտութիւնը,
թագաւորի
«
փեսայութիւնը
»
կը
շահագործէր
`
ո՛չ
միայն
հեգնելով
քրիստոնեայ
աշխարհին
սիրական
գործիքները
`
դաշնակն
ու
ջութակը,
այլեւ
այդ
հեգնութիւնը
հանելով
բարձրաստիճան
պարսաւի,
դէմ
երթալու
չափ
կուսակալով
փորձուած
նորաձեւութեան,
թուրք
ապարանքներէ
ներս
դաշնակին
ընդհանրացման։
Անիկա,
այդ
տեսակէտին
հաւատարիմ,
կը
տարածէր
իր
պաշտպանութիւնը՝
ազգային
արուեստին
ամէնէն
խոնարհ
ձեւերուն։
Կ
’
ատէ՞ր
Արեւմուտքը,
թէ
վտանգուած
ժողովրդականութիւնը
կանգուն
պահելու
ճարտարանք
մըն
էր
սա
հալածանքը
անոր
երաժշտութեան
դէմ։
Իրողութիւնը
ան
էր,
որ
այս
դարասկիզբի
բարձրաստիճան
սպաներուն
նման,
ան
ալ
եղեր
էր
Գերմանիա,
չորս
տարի,
սորվելու
համար
անիմաստ
բան
մը,
գիտութի՛ւնը՝
մարդերը
աւելի
դիւրաւ
ու
կանոնաւոր
սպաննելու։
Այցուա՞ծ
էր
անիկա
այս
անհեթեթութեան
գիտակցութեամբը,
քանի
որ
ատիկա
պէտք
չունէր
սորվելու,
ձուկին
պէս
լողալ
գիտնալուն՝
դե՜ռ
մօրը
արգանդէն։
Իրողութիւն
էր,
որ
անիկա
կ
’
ատէր
խարտեաշ
այդ
ժողովուրդը,
որուն
կինն
ու
գինին
կանչուած
էին
գրաւելու
աշխարհը,
ինչպէս
կը
պատգամէ
կարգախօսը
այն
օրերու
գերման
ազգայնութեան՝
գերման
երաժշտութեան
հեղեղին
ընդմէջէն։
Կ
’
արժէ՞
որ
հարցնենք
կապը,
տափաստանեան
կիսավայրենի
ցեղի
մը,
եւ,
Արեւմուտքին
ամէնէն
խորունկ,
իմաստուն,
անշահախնդիր
մշակոյթին
միջեւ,
որ
գերմաններունը
եղաւ
մինչեւ
երկաթէ
վարչապետին
տիրակալութիւնը։
Ատիկա
թուրքերը
չհարցուցին,
չհաւատալնուն,
ինչպէս
պէտք
ալ
չունենալնուն։
Նորնալու
տենդը
անոնց
մէջ
ծնունդ
է
ֆիզիքական,
զինուորական
հնհնուքներու։
ԺԹ
դարու
վերջերը
թուրքերը
վրայ
տուին
ինչ
որ
շահած
էին
Խրիմի
պատերազմէն
ետքը
իբր
արեւմտացում։
Այնպէս
որ,
գիտէին,
թէ
ի՛նչ
կ
’
ուզէին
գերմաններէն,
երբ
անոնց
դպրոցները
կը
լեցնէին
իրենց
սպաներով։
Անշուշտ,
այս
կապը
չհարցուցին
իրենք,
պիզմարքեան
գերմանները
ու
զօրանոցային
իրենց
հոգեբանութիւնը
բացին
կիսակիրթ
մարդոց,
որոնք
այդ
դպրոցներուն
մէջ
մտան
ու
ելան,
քիչ
մը
պատմութիւն,
մաթեմաթիք,
տիեզերագրութիւն
սորված,
բայց
կաթիլ
մը
իսկ
բան
չառած
հոգեկան
այն
տուրքերէն,
մարդկայնութենէն,
վերջապէս
գերման
իտէալիզմէն,
որ
Եւրոպայի
մէջ
մշակոյթին
գերագոյն
միջնաբերդը
մնաց
մինչեւ
տասնիններորդ
դարու
վախճանը։
Ու
դարձան
անոնք
իրենց
երկիրը,
իրենց
սիրտին
պողպատուած
կարծրութեամբը
զարմացնելու
աստիճան
բանակին
հին
սպաները,
որոնք
առնուազն
գթալ
ունէին
ու
մորթելու
հրամանը
ժամացոյցով
կամ
արեւով
կը
պայմանաւորէին
եւ
ոչ
թէ
տարիներու
անվախճան
տեւողութեամբը։
915
ը,
զուտ
գերմանական
յղացք,
թուրքերուն
նոր
մտայնութիւնն
է
անշուշտ
նոյն
չափով,
ու
գերագոյն
նախատինքը
նետուած
ուսուցիչի
ճակատին։
Մնաց
որ,
թուրքը
նոր
չէ,
որ
կ
’
ատէ
Եւրոպան։
Թուրքերու
գերմանապաշտութիւնը
պատրանք
իսկ
չէ,
այլ՝
ստորին
կեղծիք
մը։
Գերմանիա
ըրած
այդ
զինուորականութիւնը
թուրք
բանակին
ամէնէն
վայրագ,
որքան
անկարող
սպայութիւնն
է
տուած։
Զինուորական
յաջողութեանց
վրայ
ձեւուած
բարեկամութիւն
մը
պիտի
յանգէր
իր
անխուսափելի
ելքին։
Ու
Պրուսայի
մէջ
իր
կալուածներուն
ընդարձակութեամբը,
ագարակ
-
գիւղերով,
մա՛նաւանդ
ուղղափառ
բարեպաշտութեամբ
--
դուք
սրբագրեցէք
անհուն
մոլեռանդութեամբը
--
արաբական
շէյխի
մը
պէս
յարգուած
Հիւսնի
փաշան
--
հայրը
մեր
վերատեսուչ
փաշային
--
իր
տղան
Գերմանիա
ճամբած
ատենը,
արցունքով
յանձնարարած
էր
անոր
ատել
անհաւատը,
իր
ամէն
բանին,
նոյնիսկ
ամէնէն
անվնասներուն,
օրինակի
համար՝
երաժշտութեան
ալ
մէջը։
Ասիկա
տարօրինակ
չթուի
ձեզի։
Հիւսնի
փաշան,
քանի
մը
հարիւր
տարիէ
ի
վեր
Պրուսայի
դաշտին
տիրական
դէմքեր
տուած
գերդաստանի
մը
ա՛լ
սպառած
ժառանգորդը,
մինակ
ոսկի
ու
վարկ
չունէր։
Այլ
ունէր
ամէնէն
յուզիչ
ու
խնամուած
ձայներէն
մէկը։
Մենք
զաւակն
ենք
մեր
պապերուն,
բայց
մա՛նաւանդ
անոնց
մենագարութիւններուն։
Այս
պատմութեան
խառնուած
սա
ճարպի
տակառը
փղոսկրեայ
դիմագիծով
իր
հօրմէն
ժառանգած
էր
գուցէ
իր
ատելութիւնները։
Մեծցեր
էր
այս
տղան
անկորուստ,
անքակտելի
այն
տպաւորութեանց
մէջ,
որոնք
միսթիք
ու
էկզոթիք
եղանակներէն
կը
մթերուին
մեր
մէջ,
մեր
պատանութեան
այնքան
ընկալուչ
ու
պարզ
ու
բարի
օրերէն։
Արիւնին
ու
սեռին
ամպհովանին,
-
երաժշտութիւնը։
Հելլէն
քաղաքակրթութիւնը,
Նիցչէին
կարծիքով,
ծնունդ
է
կրօնական
երգերու։
Հարիւր
տարի
ետքը,
երբ
թրքութիւնը
ջնջուի,
չեմ
ըսեր
իբր
ժողովուրդ,
այլ
իբր
վայրագութիւն
ու
մարդախոշոշ
անօթութիւն,
անշուշտ
պիտի
գտնուին
մարդեր,
որոնք
անոնց
պատմութեան
առաջաւոր
դարերը
ենթարկեն
վերլուծման։
Սեռէն
ու
արիւնէն
յետոյ,
այդ
մարդերը
պիտի
ծանրանան
այս
ժողովուրդին
երաժշտական
զգայնութեան։
Անշուշտ,
թուրքերուն
դեռ
կը
պակսի
արուեստագէտը,
որ
քանի
մը
կարկառուն
քանդակներով
սեւեռէր
մէկ
-
երկու
երեսները
իրենց
հոգիին,
ինչպէս
մերը
ըրած
են
մեր
շարականները
ու
նոր
օրերու
մեր
գեղջուկ
երգերը։
Անոնց
երկիրներուն
վրայ
ոճ
է
հաստ,
խոր
ու
ձգձգուն
մեղեդին,
մզկիթներու
ներսը
կամ
մինարէներու
գագաթէն,
ամրան
արշալոյսներուն,
կիսամութ
երկինքէն,
երբ
կը
փողրակուի
գողտր
ալեակով,
քնացած
քաղաքին
տրտում
կամ
անքուն
խղճմտանքները
դէպի։
Ու
ոճ
է
կրկին՝
ինչ
որ
աշուղներուն
լարերէն
ինկաւ
ամբոխին,
իբր
ասղնտուք
ու
իբր
համբոյր,
երբ
անոնք
պատմել
ջանացին
պարզագոյն
իղձերը
սիրող
սիրտերուն։
Իսլամութեան
սուրբ
քաղաքներէն
չէ
անշուշտ
Պրուսան։
Բայց
անոր
դաշտերուն
մէջն
է,
որ
ծագում
են
առած
կրօնական
զանազան
կազմակերպութիւններ,
Գոնիայէն
ծաւալող։
Վայելքի,
պտուղի,
առատութեան
ու
գոյնի,
թաւիշի,
դեղձի,
մետաքսի
ու
թուզի
քաղաք՝
անիկա
կրցած
է
իրեն
ձգել
իսլամ
աշխարհին
մեծ
ուխտեալները,
–
երգիչներ,
աղօթողներ,
սուրբեր,
հսկայ
մեղաւորներ
ասոնք,
որոնք
Պոլսոյ
ճամի
ներուն
քարերը
համբուրելէ
յետոյ
կ
’
այցուին
այդ
քաղաքին
ալ
առքէն,
տարօրէն
ուժով,
իր
մինարէներուն
նիզակաձեւ
տարտղնումին
չափ,
մզկիթներուն
գարգմանակուած
--
մահիկ՝
ծոցին
աստղ
-
սաղաւարտովը
--,
ու,
մա՛նաւանդ՝
գոյն
-
գոյն
փաթթոցներուն
ու
գդակներուն
անհատնում
թափօրովը։
Կրօնաւորը
ամէն
տեղ
է
հոն։
Ու
այցելուն
խորապէս
կը
տպաւորուի
անով
պայմանաւոր
ոգեկանութենէն,
որ
սուրբ
քաղաքներուն
տեսակ
մը
մթնոլորտ
կը
հանդերձէ։
Հոն
են
անոնք,
այս
աղօթողները,
որոնք
երկիւղած
յարգանքով
կը
հրաւիրուին
այս
ու
այն
փաշային,
այս
ու
այն
սուլթանին
--
կանանոցը
մեծ
կալուածներ
ունի,
օդափոխութեան
յատուկ
--
ապարանքները,
ու
ոսկի
վարագոյրով
մը
կիսուած
սրահի
մը
մէջ,
որուն
միւս
մասին
մէջ
իշխանուհիները
կը
նստին
ոսկի
աթոռներու,
անոնք
կ
’
երգեն
իրենց
օտար
աշխարհներուն
այնքան
խռովիչ,
նոր,
այնքան
անիրական,
բայց
այնքան
ալ
մօտ
հոգիները,
երբ
նամազ
ի
դիրքով,
ծունկերնուն
վրայ
տեղաւորուած
կը
գրաւեն
կեդրոնը
բոլորակին,
կազմուած՝
կէս
կանգուն
մօրուքով
ու
կէս
թիզէն
ալ
քիչ
դէմքով
ծերունիներէ,
գլուխնուն՝
ուրիշ
կէս
-
կանգուն
դէզով
փաթթոցը,
լեռնէն
նոր
հանուած
ձիւնի
կոնի
մը
նմանակ։
Արձաններու
պէս
անշարժ,
իրենց
փղոսկրէ
մատները
դրած
իրենց
ծունկերուն,
օձի
մը
նման
իրենց
համրիչները
օղակ
ձգած
իրենց
առջին՝
անոնք
մօրուքով
ու
քիւլահ
ով
հետեւին
պիտի
երաժիշտին,
Թուրքեստանէն
կամ
Գանգէսէն,
Նեղոսէն
կամ
Մարոքէն,
կամ
աւելի
սրբազնասուրբը՝
Արաբիստանէն
նոր
ժամանած,
սեփ
-
սեւ
մազերէն՝
ինչպէս
բիբէն,
ու
դեղին
ու
թուխ
ու
փղոսկր
ու
եբենոս
իրենց
մարմինէն,
համաձայն
սկզբնական
երկրին,
ուր
բացին
անոնք
իրենց
մորթերը
արեւին։
Սրա՛հ,
որ
կը
յիշեցնէ,
կ
’
ոճաւորէ
մզկիթի
մը
ներքնամասը,
կամ
ղազի
սուլթանի
մը
դամբարանը,
գորգով
խղդուած,
ջահերով
ծաղկած,
պատուհաններէն
տաճկցած,
ու
որմերուն՝
արապեսք
ներու
մէջ
սպառազէն
բառեր,
անուններ,
ամբողջ
երամ
մը
միջատներու,
թրաձեւ
գէլ
երուն
բերնէն
արտածորած
պատկառանքին
ու
ահին
մէջէն
աստիճան
մը
աւելի
խռովայոյզ,
աւելի
թուրք։
Ու
կամարէն
--
այդ
ապարանքները
մանրադիր
ապարանքներ
ալ
ունէին,
քաղաքին
այս
ու
այն
մզկիթը
կերպաւորող
--
արծաթեայ
աշտանակներ,
վրայէ
վրայ,
գօտեձեւ
ու
բազմաստեղ,
ասոնք
ոսկի
մատնոցներ,
որոնց
մէջէն
մատերը,
դեղնաւուն
մոմեր,
բոցը
կ
’
ոլորեն
`
ձայնին
ի
համբոյր
ճօճուելով
մեղմիւ։
Այս
տեքորը
մինակ
պիտի
բաւէր
մարդերը
«
մահու
չափ
»
յուզելու։
Բայց
ահա
երգիչը։
Կո՞յր.
խեղանդա՞մ.
խելագա՞ր.
լուսնո՞տ.
բանաստե՞ղծ,
թէ
հասարակ
ստահակ։
Ոչ
ոք
հարցնէ
պիտի
այդ
բաները։
Որ
կը
բանար,
ծանր,
ապրշում
թելը
իր
ձայնին։
Առաջ
քանի
մը
քուղով,
բարակ
ու
բարակ,
ձայն
ըլլալէ
աւելի
քակուիլ
մը
կախարդ
կծիկէ
մը,
այդ
սկիզբը,
բայց
քաշուած
ուղիղ,
ըսես
մէկ
գիծով,
քիչ
-
քիչ
ամուր,
աւելի
յորդ,
աւելի
ընդարձակ։
Յետոյ՝
հաստատ,
լայնքին
ու
երկայնքին
առատ
ու
արձակ,
ինչպէս
արքենի
պողոտայ
մը,
որուն
վրայ
արշաւի
են
ելած
մարդերը
բզկտող,
ուրախ
կամ
սեւսիրտ,
բարի
կամ
գազան
ընող
բոլոր
թաքնաթաքուր
զօրութիւնները,
սէ՛րը՝
որ
ստաշխի
նման
կ
’
այրի,
բայց
չի
սպառիր.
նախա՛նձը՝
որ
վարագոյրէն
անդին
սիրտերը
ճեղքել
կ
’
աշխատի,
ու
մաքրութիւնն
ու
մեղքը,
բաժակ
-
բաժակ,
աւազան
-
աւազան,
երբեմն
ծով
-
ծով,
արքայութեան
առքը
ու
արիւնին
մղձաւանջը,
որ
կարմիր
մառախուղ
է
ամէն
թուրքէ
ներս,
կարաւան
-
կարաւան,
խոնարհ
կամ
հպարտ,
աճող
ու
պայծառ,
ինչպէս
ամրան
արեւն
է
կէսօրէն
առաջ։
Չկայ
արուեստի
ուրիշ
բխում,
որ
այդ
հարազատութեամբ
պատկերէ
ու
խորհրդանշէ
Արեւելքը,
որքան
անոր
կրօնական
երգասացութիւնը։
Ու
մօրուքուորներու
շրջանակը
կը
դղրդի,
խուլ
ու
դժնդակ,
աքցանուած
ձայնին
մագիլներէն
դէպի
պողոտաները
իրենց
մեղքերուն,
այն
քառասուն,
յիսուն,
վաթսուն
տարիներուն,
որոնք
ճակատագրին
գիրքէն
դրուեցան
իրենց
ուսերուն,
ու
սեփ
-
սեւ,
շարաւ
կամ
գօսացում,
անգթութիւն
ու
զրկանք,
լեցուեցան
ու
նետուեցան
ետ։
Ծերե՜րը
՝
երբ
կ
’
աղօթեն,
կու
լան
ո՛չ
իրենց
ներկան,
ոչ
ալ
ապագան,
այլ՝
անցեալը։
…
։
Ու
ահա
նրբացո՛ւմը,
այսինքն՝
երկարումը
թելին,
հետզհետէ
աւելի
բարակ,
բայց
պողպատ,
պիրկ՝
բայց
խտացած
ոսկի,
ուրկէ
կը
զգայիր
պլլուիլը
երգիչին
դէպի
գագաթը
ոսկեզանգ
պատրանքին։
Հեւուն
ու
հեծկլտուն,
ամէն
րոպէ
փրթելու,
գլորելու
վախին
մէջ
ճմլելով
իր՝
ինչպէս
լսողին
սիրտը,
կոծկոծուն
ու
իրաւ,
այնքան
տառապագին,
այնքան
սրտակեղեք,
որ
շունչը
կը
կենայ
մտիկ
ընողին՝
զարնուած
իր
ալիքներուն
ալ
մէջը
անժուժելի
բռնութենէ
մը,
ճիշդ
ինչպէս
կը
պատահի
զգալ
մեզի
անձուկը՝
պարանն
ի
վեր
շուլլուողի
մը,
որմէ
քուղ
մը
-
երկուք
փրթին
յանկարծ։
Կու
գայ
րոպէն,
երբ
կը
փակենք
մեր
աչքը,
ա՛լ
հանդուրժելու
անկարող։
Ու
գագաթումը,
այսինքն՝
ձայնին
սուրի
մը
սայրին
նման
ինքն
իր
վրայ
շրջանումը,
այսինքն՝
լայն,
սուր
կէտի
մը
վրայ
մեր
հոգիին
հոլացումը,
թեւատարած
ու
ծիածան,
կաթ
-
կաթ
բացուելով
երկինքին
անհաս
լապտերներուն
ծո՜ցը՝
իբր
ծաղիկը
մեր
մեղքերուն։
Իբր
պղպջակումը՝
մեր
մաքրութեան։
Բայց
պէտք
է
քալել,
երգին
սա
սարահարթներէն,
ուր
մեզիպէսները
տրեխ
ալ
չունին
հանելիք։
Անկէ
ետքը
նահանջը,
թեւամփոփ,
տխուր,
լալագին,
մեղմ,
վախկոտ,
հաշիւով։
Որպէսզի
չափես,
ընդգրկումիդ
մէջ,
աղտն
ու
աղբը
մեր
ոլորտին,
ա՛յն՝
զոր
չենք
բանար
շատ,
–
մեր
մեղքերուն
գաղտ
ածուները,
ուր
շղթայուած
են
թարթափելու
հոգիները
մեր
բոլորին։
Յետոյ,
աւելի
քիչ,
աւելի
մեղմ,
աւելի
հաշիւով՝
փոխուելու
չափ
տարօրինակ
գլգլուքի
մը,
ձայնէ
դուրս
բանի
մը,
որ
կը
հոսի,
բայց
չկայ,
սըլուըլում
մը,
շշունջ
մը,
վարանոտ,
խարխափուն,
աւելի
վախկոտ,
ամէն
րոպէ
փրթելու
վրայ,
բայց
կանգուն,
յստակ
ու
բաւական
ալ
թանձր,
որպէսզի
մարդիկ
անոր
դերբուկներուն
կառչիլ
կարենան,
անոր
ետեւէն
իջնալու,
իջնալու
համար
միշտ
աւելի
ցած,
հողին
երեսէն
ալ
վար,
դէպի
անդունդ
–
սիրտը
մեր
աշխարհին,
մեր
գերեզմանը,
ուր
կը
քաշուին
ի
վերջոյ
այդպէս
դիզուելու,
մրրանալու
սեւ
զօրութիւնները
մեր
մեղքերուն
`
սպասելու
համար
ծաղիկները
թռիչի՜ն՝
դէպի
ուրիշ
աշխարհներու
արքայութիւնը,
մինչեւ
որ
թուլութեան,
անփութութեան
հովեր
փարատեն
աղջամուղջը
այդ
խորքերէն
ու
առիթ
տան
մութ
ուժերու,
որպէսզի
բարձրանան
կրկին,
պատռտեն
կուրծքերը
աղջիկներուն
կամ
մանչերուն.
առնեն,
գրաւեն
գահը
անոնց
երազներուն
ու
տառապանքը
հեղուկի
այդ
երկինքներէն՝
սեփական
անձին
ու
շրջապատին։
Սուտ
չէ
մտածումը,
որ
մեր
ողբերգութեանց
հնոցը
կը
զետեղէ
մեր
զգայնութեան
անդունդին
խորը։
Ու
կան
երգեր,
որ
կը
պատկերեն
այս
դժնդակ
ալշիմի
ն։
Ու
կան
երգիչներ,
որոնք
կը
խորանարդեն
առաջին
կարողութիւնները
պարզ
յօրինումներուն։
Դրէք
այս
մարդոց
պարունակին
տասնհինգամեայ
հոգիներ,
կրկնօրէն
պատանի
(
վասնզի
մանուկ
չեն
եղած
)
ու
Արեւելք,
որոնց
զգացումներու
բջիջները
իբր
արարչանիւթ
ունենան
քանի
մը
հազարամ
անասնութիւն,
վայրագ
ու
գեղեցիկ,
մերկ
ու
բացարձակ,
ինչպէս
ապրեցան
թուրքերը
Կասպիցը
չանցած,
ու
դեռ
կ
’
ապրին
հոն։
Ու
Արեւմուտք
քշուած
սա
տղոց
երակներուն
մէջ
կը
պտտի
սակայն
քանի
մը
դարու
մեծվայելչութիւն,
ծովի
պէս
արիւն,
փառք
ու
յաղթանակ,
ու
գինովութիւն,
ու
սերմ,
ու
սպանդ,
ինչպէս
ապրեցան
թուրքերը,
երբ
անցան
Հայկական
բարձրաւանդակը
ու
հոսեցան
Վոսփորէն
անդին։
Ժառանգականութիւնը,
գահընկէց
տարազ,
ոչ
մէկ
ժողովուրդի
մօտ
կիրարկելի
է
այնքան
օգուտով,
որքան
թուրքին
մօտ,
որպէսզի
բացատրուին
ահաւոր
անկարելիութիւնները
անոնց
պատմութեան՝
ինչպէս
անհատական
կենցաղին։
Ո՞ր
դժոխքէն
պէտք
է
արտագրել
օրէնքը,
որ
մեզ
ընէ
ատակ
`
ըմբռնելու
համար
անասնութիւնը
ճիւաղին,
Գերմանիա
ըրած
ու
Ֆաուսթ
ծափած,
բայց
երկիր
դարձին,
կրկնօրէն
տաճիկ,
մեծ
խաղաղութեամբ
երկամեայ
մանկիկ
մը
ոտքէն
բռնելով
գլխիկը
երկաթուղիի
անիւին
զարնող։
Ո՞ւր
են
գիրքերը,
որ
այդ
խժդժութիւնները
մարդկայնացնեն։
Հարկադրա՞նքը
անոնց
պապերուն։
Ո՜վ
գիտէ։
Բայց
ուրիշ
չէին
անոնք,
Գերմանիա
չըրած։
Ու
անոնց
որդինե՜րը։
Փաշա՝
ծնունդով։
Պարունակին
մէջը
ուրիշ
երգերու։
Դրէք
այս
տղոց
զգայարանքները
ընտանի
շրջանակի
մէջ,
իրենց
հօրը
ապարանքներուն
ժամեր
տեւող
պարտէզներէն
դուրս,
հինաւուրց
տաճար՝
այս
անգամ
ուրիշ
աստուածութեանց,
եօթը
հեղ
հսկայ
ու
դարաւոր
սօսերու
շուքով։
Պրուսան,
իր
Ջերմուկներու
մարզին
մէջ
ունէր
անոնցմէ։
Իմ
տղայութեանս
քաղաքին
հին
միջնաբերդը
այդպէս
հովանաւոր
աւերակներու
համապատկեր
մըն
էր,
զոր
մեծբուխ
ջուրերը
կը
բիւրեղէին
քիչ
մը
վրանին
լարած
հսկայ
սօսերը
ով
գիտէ
ո՛ր
իշխանական
մատերէ
հոդ
վարսուած։
Ու
անոնց
ոտքին
արօ՜տ,
գեղանի,
պարարտ։
Ու
մեծ
ծառաստան,
նոճ
ու
շագանակ։
Ու
ջուրեր,
առուակ
-
առուակ,
որ
կը
հոսին
իրենցմէ
աղմկոտ,
ա՛յնքան՝
որ
մերկ
են
անոնց
անկողինները։
Որոնց
եզերքին՝
քաղցր
հասակները
թաւուտներուն,
ամէն
կանանչէ
ու
ամէն
հոտէ։
Ու
թաւուտէ
թաւուտ,
հեշտութեան
մահիճներ,
յարդարուած
խոտին
իրանէն
ու
ծաղիկին
բաժակէն,
ու
բուրումնաւէտ։
Տերեւը՝
վերմակ։
Դրէք
երգիչը,
կոյրը
կամ
ոչը,
բայց
կտաւէն
նոյն,
այդպէս
սեւաւոր
բիբէն
ու
մորթէն
ու
այդպէս
անհուն։
Տուէք
անոր
ձեռքը
ձեր
ուզած
գործիքը։
Ճիղճ
ու
խոցոտ,
ինչպէս
պատահելի
են
այս
կարգի
նուագարանները
մուրացիկներու
անութին։
Ու
բացուի
ձայնը,
կլոր,
ու
կլոր
վեր
ու
հեռու,
մինչեւ
որ
թաւուտներու
խորշիկը
պարի
մեծ
սրահ
դառնայ
անոնց
մտքին
ու
աչքին
առջին։
Կա՛լ։
Ուրկէ
ծաղկին
աղջիկները,
ինչպէս
գինիէ
բխած
հարսնուկներ,
ու
մարմին
դառնան,
ու
խռովք
դառնան,
ու
հեշտանք
դառնան
`
հրաշքի
մը
շրթներով
վերածուելու
համար
ուրիշներու,
այս
անգամ
քաղաքէն
բերուած,
թաւուտին
պահուած
ու
մէջտեղ
նետուած
`
պարելով,
պարելով,
հետզհետէ
թեթեւնալով,
քակուելով
շղարշին
փրփուրէն,
մնալու
համար
մարմարի
պէս
մերկ,
ու
թրթռալով՝
ինչպէս
ոստերն
են
վերէն,
ու
խենթենալով՝
ինչպէս
սիրտերն
են
տղոց,
ու
վազելով
իրարու՝
ինչպէս
գիրքերու
վարկածներուն
մէջ
հիւլէները
կը
վազեն
իրարու
`
շաղապատուելով,
իյնալով
գետին։
Սեւ
ու
կոյր
բերանէն
երգը
թող
դողայ
անոնց
համբոյրէն։
Ո՜վ
պատանութիւնը
տղոց,
որոնք
ոճիր,
փաշայութիւն
ու
սակառով
թուզ
պիտի
գտնեն
իրենց
սկաւառակին
վրայ,
երբ
կը
հասուննան։
Հասկնալի՞
՝
քոմանտան
փաշան,
երբ
մեծնալէն
ետքը
արեւմտեան
երաժշտութենէն
իր
օտարութիւնը
ջանաց
արդարացնել,
ազգային
ազդակներու
կեղծ
նեցուկներով։
Հասկնալի՞
իր
մոլեռանդութիւնը,
արեւելեան
երաժշտութիւնը
փառաբանելու,
երբ
արեւմտեանին
հետ
անոր
մտքին
կը
ներկայանար,
միշտ
ալ,
իր
մէկ
կորանքը,
արդիւնք՝
իր
պայծառ
թրքութեան,
քանի
որ
սենեակի
մը
մէջ
դաշնակ
նուագող
աղջիկ
մը
համբուրած
էր
բռնի
`
ապտակին
ցաւը
ծամելով
այտերուն
համին
հետ։
Գերման
աղջիկնե՜րը։
Անոնց
համին
հետ
կապուած
գերման,
այսինքն՝
արեւմտեան
երաժշտութիւնը։
Վրէժ
լուծելու
թուրք
եղանա՛կը։
Որ
նորէն
ըլլալու
էր
բաւարար
պատճառ,
որպէսզի
երիտասարդութեան
հանգումէն
ետքն
ալ
անիկա
շարունակէր
քաջալերել,
առատ
դրամով
ու,
բարեհաճ
փաշացու
հետաքրքրութիւնով
բոլոր
անոնք,
որոնց
խռչակին
խողովակը
ուրիշ
կաւէ
էր
շինուած,
գեղերու
խեղճուկ
մինարէներէն
երբեմն
այնքան
անուշ,
քաջոլոր
ձայնով
տղաքը,
անօթի
յաճախ,
Ռամազանին,
ժում
մը
հացով
մինարէ
ճարող,
ու
«
ճպուռին
պէս
իր
երգովը
ինքը
կշտանալով
»,
ինչպէս
կը
պատկերէ
ձայնին
առքը
մեր
հին
մէկ
մատենագիրը։
Հասկնալի՞,
քոմանտան
փաշան,
որպէսզի
յիսունին
հասած,
ահագին
կոյտովը
փորին,
զոր
տեղափոխելը
ճշմարիտ
տաժանք
էր
անոր
նիհար
սրունքներուն,
հազէն
նիզակուելու
գնով,
կնիկէն
ու
աղջիկէն
այնքան
սերտօրէ՜ն
կրնկուած,
առնէր
աչք
թափառիլ
սա
ժամերուն
բանտին
աս
ու
ան
խորշերը
վերագտնելու
համար
մէկ
քանին
այն
յուզումներէն,
որոնք
սատափուած
էին
անոր
ջիղերուն,
այդ
հեռաւոր,
կապոյտ,
բայց
տխրօրէն
թշուառ
օրերէն,
երբ
պարուհիները
տարածած
բազուկներուն
վրայ,
անոնց
պորտին
մէջ
թաղելով
իր
գլուխը՝
կը
թռէր
գետնէն,
երգի
մը,
դափի
մը,
գեղջուկ
սազի
մը
զգլխիչ
հանդէսին
մէջ
ու
կը
տապալէր,
յոգնելէ
աւելի՝
հոգիէն
բեկուած,
չգտնելուն՝
ինչ
որ
մեր
անասնութիւնը
կը
հոտոտէ
միսերէն
անդին։
Հիմա,
ծանր,
պետական
անձնաւորութիւն,
մեծ
պաշտօնատար,
իր
շուքէն
զատ
կնոջ
ալ
շուքովը
ծիրանաւոր,
քոմանտան
փաշան
այսքան
փառքի
տակ
եղկելի
խլեակն
էր
իր
պատանութեան,
որ
կ
’
ուրանար
ինքզինքը,
գէթ
մութին
մէջէն
ու
ականջ
կու
տար
իր
հին,
այնքան
ալ
նոր
երգերուն։
Ինքզինքը
կրկնել։
Այս
է
գիրը
մարդոց
մեծ
մասին,
քանի
որ
կեանքը
այն
օրէն
քիչ
տարբեր
պիտի
ձեւուի
անոնց
մեծ
մասին։
Ինքզինքը
փնտռե՞լ։
Ասիկա
գիրն
է
խենթերուն,
որոնք
պիտի
փակեն
իրենց
ոտքին՝
ինչպէս
ուղեղին
ծխնիները,
ոչինչ
գտնելով։
Ինքզինքը
գտնե՜լ։
Մեծերն
են
ասոնք,
սրբութեան
գնով։
Ոճիրի
գնով։
*
*
*
Երգի
կտո՜ր։
Տակաւին
շատ
ուրիշ
բաներ
է
անիկա։
Մոխիրնոցէն
ներս,
մուշտակ
շինող
աղքատ
Ղազարոս
էֆէնտիին
համար,
անիկա
կարմրցուած
շիշն
էր
հեքիաթին,
որ
կ
’
անցնի
մարդոց
սիրտերէն,
մէկ
կողմէն
միւսը,
ճենճ
-
ճենճ,
այրերով
միսը՝
ինչպէս
մտածումը։
Հայ
էր
անիկա
ու
իր
տղայութեան
լացած,
որդիները
ողբաձայն
կանչող
մօր
եղանակէն։
Ան
ալ
այցուած
էր
խուլ
այն
խռովքէն,
որով
անկախութեան
երազը
ինքզինքը
մշուշեց
`
նման
երգերէ
ծորած
հոսանուտով։
Ու
յո՛յսը։
Որ
այդ
մօր
ողբը
պիտի
վերածէր
յաղթերգի։
Պիտի
մաքրէր
անկէ
տրտմութեան
ձիւթը
`
զայն
վերածելով
խարտեաշ
ու
խանդավառ
բանի
մը,
բերելով
մեր
հոգեդաշտին
վրայ,
իբր
նորոգեալ
հորիզոն
համապատկերը
ազատ,
ազատուած
ժողովուրդներուն։
Հեքիաթ
չէ
ասիկա։
Պատմիչ
ըլլալու
հարկ
չկայ,
այս
ստուգութենէն
տառապիլ
կրնալու
համար։
Աւելի՜ն։
Եղանա՛կը
այն
ահաւոր
ջախջախումին,
որուն
նմանը
թուրքերը
միայն
հնարել
գիտցան,
երբ
պարտուած
ժողովուրդները
խղդեցին
արիւնին
ու
հեշտանքին
հանրամատոյց
հեղեղին
տակ,
ու
ադ
սխրագործութեան
ականատես
ողջ
պահեցին
բաւական
վկայ
`
վերածելով
զանոնք
աւերակներու
մէջ
խարսխուած
ուրուականներու,
որոնց
արգիլուած
ըլլայ
նոյնիսկ
հանգիստը
մահուան,
որպէսզի
չմնայ
կիսատ
տանջանքին
բաժակը։
Ինչո՞ւ
այդպէս։
Չէին
հարցներ
ատիկա
հեղեղին՝
որ
կ
’
ելլէ
հունէն
ու
կը
քանդէ
ապատները։
Կրակին՝
որ
կը
պլլուի
զեղակերտ
պալատներու
եւ
կ
’
ուտէ
զանոնք
`
առանց
խղճալու։
Երգի
կտո՜ր։
Որ
տակաւին
ի՜նչ
ուրիշ
կրակներ
կը
փոխադրէ
միջոցէ
միջոց
ու
սիրտէ
սիրտ։
Որ
չի
զատեր
սեռն
ու
տարիքը,
ինչպէս
ցեղն
ու
կրօնքը
ու
կը
բռնանայ,
մեր
բոլորի՜ն։
Աղջիկներո՞ւն։
--
Հարկա՜ւ։
Ամէնէն
շատ
գուցէ
անոնց։
Անմշակ
հողն
է,
որ
առատ
բերք
կու
տայ։
Ու
կար
ատեն
մը,
երբ
աղջիկներուն
հոգին
պատկեր
էր
անհերկ
պարտէզի
։
Կա՞ն
այդ
աղջիկները,
տակաւին
հիմա,
տագթի
[
լօ
]
չսորվա՜ծ՝
իրենց
սիրային
նամակները
չէզոք
թուղթի
վերածելու
չափ։
Որոնք
սնտուկ
չբռնեն,
փաթրոն
ներուն
ժպիտէն
լզուելով,
կամ
ասեղի
մը
բարակ
մարմինը
չվարանին
փոխել
աւելի
հաստին։
--
Կայի՞ն։
Դիւրին
է
հարցնել։
Ո՞վ,
ադ
աղջիկները։
Ոչ
անշուշտ,
ինչ
որ
ա՛լ
վարժուած
էք
ունենալու
ձեր
նայուածքին
տակ
հետզհետէ
տիպարի
վերածուող,
մեր
ժամանակին
ծաղկած
բանուորցուն,
որ
դպրոցին
մէջ
կը
սորվի
յոգնիլ,
կը
ճանչնայ
արուն,
կը
չափէ
անոր
հոգեկան
առանձնութիւնը
ու
կը
զատէ
զայն՝
վայելքի
եղջի՜ւր՝
մեղրի
տեղ
կրակ
ու
խուլ
տրտմութիւն
ծորող,
առանց
քաղցրութեան
ու
առանց
սիրոյ։
Դարձուցէք
ֆիլմը։
Ձեր
գտնելիքը
չէ
մեր
հին
ընտանութեան
մէջ
ամրածածուկ
ձեւը,
որ
սեռին
չհասած,
իր
մօրը
կողմէ
«
երեսի
ջուրով
»
իր
տիրոջը
կը
յանձնուի
կեսրոջը
ծոցին
հասուննալու
համար,
աւելի
մտերիմ,
աւելի
ապահով
ու
առողջ։
Դուք՝
որ
այս
տողերը
կը
կարդաք,
խորհած
ունի՞ք
ձեր
մամերուն,
որոնց
կէսը
այսպէս
են
ճարած
իրենց
սեռը
եւ
որոնց
մայրերը
հարս
էին
տասներեքին,
երբ
մեր
օրերուն
այդ
տարիքը
հազիւ
է
տղայ։
Բայց
ճիշդ
է
ասիկա,
դարերով,
մեր
գեղերուն
վերեւ,
ու
ճիշդ
է
գուցէ
ուրիշ
երեսով։
Պա՛րզ,
մէկ
կտոր
էակ,
առանց
շեղումի
ու
առանց
սիրոյ
`
բառը
առնելով
այսօրուան
ռոմանթիզմով,
այլ՝
համեստ
սնտուկ,
զաւկի
պահարան
ու
հացի
մեծ
տաշտ։
Ուր
պահ
է
դրուած
հունտը
մեր
ցեղին,
–
գեղացի
աղջիկ։
Ո՜վ՝
ան
միւսը,
երգի
սիրահար,
քորսաժ
էն
թուլցած
ու
մեծ
փնտռող։
--
Ոչ
սա
մեր
տարագրութեան
քաղաքներուն
շատ
գիտցող
էգը,
որ
քիթ
է
ամբողջ,
ու
շատ
քիչով
սիրտ,
զոր
բզկտել
է
տուած
դեռ
շատ
պարմանի,
հանդիպած
մանչուն։
Գունաթա՛փ,
(
ինքզինքը
մաշող
),
հպարտութեամբը
սառած
(
ինքզինքը
սիրող
),
դրամին
դեղնախտովը
զարնուած
(
ինքզինքը
ծախող
)
եւ
կամ
կարուհի՜ն,
որ
էրիկէ
յուսահատ
կ
’
երթայ
արուին,
յապաղած
ցաւով
ու
կը
պառկի
խեղճ,
չվայլած՝
զզուող
ու
մարդէն
կատղած։
(
Անցա՞ն
ձեր
աչքերէն
մեծ
տեսակները
այդ
թշուառներուն
)
։
Հապա՞։
--
Շատ
ուրիշ
բան
մը։
Աղջիկը,
թուրքերուն
երկիրներուն
վրայ
ուրիշ
բան
էր,
շատ
ուրիշ
բան։
Ու
միտքս
կու
գայ,
իմ
տղայութեանս
ամէնէն
սիրուած
գիրքէն
հարցարան
մը,
Մարկոսեանի
Քրիստոնէական
էն։
Երանելի
գիրքը
հերոսաբար
կը
հարցնէր,
աս
ու
ան
խնդիրը
դնելէ
ետքը.
--
Գոց
գիտե՞ս
…
Ինչպէ՜ս
եռանդուն
կը
բանայի
բերանս
`
պոռալու
մեր
քնացած
վարժապետին
երեսին.
--
Գիտե՜մ
…
Հիմա,
ուսանող
ուրիշ
վարդապետութեանց,
կը
պատասխանեմ
նուազ
եռանդով.
--
Հատ
մը
անոնցմէ։
Աղջիկն
է
անիկա,
թուրքերու
քաղաքին։
Պզտիկ,
վարդագոյն
բանը,
զոր
դիւրաւ
շփոթէիր
պիտի
պուպրիկներուն
հետ
մեծ
վաճառատանց
վիթրին
ներէն,
ժպտագին
նայող։
Որ,
հինգը
անցած,
չէզոք
չէ
արդէն,
պուպրիկն
ու
գոհարը,
վարդն
ու
մետաքսը
իրար
շաղուըւած,
երբ
կը
թրվռայ՝
մօրկանը
մատներուն՝
մազերը
հալած
ոսկի
ընելով։
Անցնի
պիտի
անիկա
դալկութիւններէ,
խուլ
կարօտներէ,
հեռու
մայրիկին
անծանօթ
ցաւէն,
շաքարին
բեռէն
ու
ոսկիին
դեղնութենէն,
շփացուած,
պուպրիկուած,
անդիմադրելի,
պալատէ
պալատ,
երբեմն
արքունիքէ
արքունիք,
կառք
մը
սպասաւոր
ու
կառք
մը
ներքինի
ձգած
իր
ետին,
տասնէն
նոր
ելած,
երբ
կ
’
անցնի
իր
գահաւորակով,
մօրը
կուշտին,
նկարչի
վայել
ներդաշնակումով
`
պատկեր
կազմելով
բեհեզէն
ու
թաւիշէն,
կարկեհանէն
ու
զմրուխտէն,
ծարիրէն
ու
կնդրուկէն,
իր
դէմքը
ըրած
մայրիկին
սոզի
ն
(
թշուառ
այդ
քերթուա՞ծը,
զոր
կը
ստեղծէին
թուրք
կիները
`
քողին
բանտուած
իրենց
երեսները
այդպէս
փոխադրելով
իրենց
աղջիկներու
դէմքին,
թելադրել
ձգտելով
խռովքն
ու
գիտութիւնը
վառին
տակ
բաբախուն
հրաշքին
),
կատարեալ
նկար,
բնագիրը
արժեւորող
ճարտարապետութեամբ։
Անոնք՝
որ
արքունի
մահիճներէ
անցան,
այդ
սուղ
երազէն
պիտի
պահեն
անշուշտ
թել
մը
ոստայն։
Զոր
պիտի
դնեն
իրենցմէ
փրթած
սա
կտորիկին։
Ամէն
մայր
թագուհի
է,
գոնէ
աղջկանը
վրայով։
Ու
զաւակը
թռի
պիտի
գերուհիներու
ուսերէն
ուրիշի
ուսին։
Թող
անոր
մայրը
պատկերին
դիմաց
դառնայ
բանաստեղծ
ու
զայն
նմանցնէ
իր
ուզած
բանին։
Անիկա
պատուհաններէն
ցաթող
վանդակ
շուքերով
սրահներուն
մէջ
պիտի
թրթռայ,
մեր
քերթողներէն
այնքան
անխնայ
լլկուած
հովին,
զեփիւռի՜ն
թեւովը։
…
Զարդ
մը,
անիկա,
այդ
մեծութիւններուն,
փայլին
հակառակ,
հորձքին
հակառակ,
խորքին
մէջ
տրտում,
վասնզի
կ
’
ապրի
անիկա
մօրկանը
կարօտ։
Թրքուհին,
իշխանազունը,
ատեն
չունի
մայր
ըլլալու,
իր
բոլոր
րոպէները
յատկացուցած
ըլլալուն՝
կին
մնալու
։
Անոր
աղջիկը՝
այդքան
կանուխէն՝
իշխանուհի,
տասնով,
քսանով
կիներու
գլխուն։
Աղջիկնութիւնը
ոսկեդարն
է
թուրք
կնիկին։
…
։
Որ,
տասնէն
նոր
անցած,
հասուն
է
արդէն,
բայց
դեղնախտաւոր
հասունութեամբ
մը,
փակ
ու
մռայլ
խորհուրդովը
պալատին,
արուի
կառոյց,
հսկայ
ջերմանոց
մարդկեղէն
հազուագիւտ
տունկերու,
խնամքով
ճարուած
չորս
աշխարհներէն,
ամէն
երանգով
ու
ամէն
բոյրով,
Կովկասի
սարալանջերուն՝
ոսկի
մաքրութեամբ
ու
մարմար
ծոցով
աղջիկներէն
մինչեւ
Ադլասի
խորշերուն
նրբազարմ,
շղւուն,
սաթ
ստինքներով
աղջիկները,
որոնք
մահիճէ
մը
ներս
եղնիկին
թռիչը
եւ
վագրին
շրթները
կը
փոխադրեն
ու
իրենց
թեւերը
կը
հիւսեն
մարդոց
միսերուն,
պոաներու
պէս
խոր,
սպաննող
ճնշումով,
ու
մինչեւ
կրակի
չափ
վառ
արգանդներով
սեւութիւնները,
որոնք
սեռը
կը
սպաննեն
`
իրենց
մարմիններէն
հանելով
այնքան
բռնութիւն,
–
բոլորն
ալ
ճարուած
վայելքին
համար,
տանջանքին
համար,
ու
մաշարայէն
հատնումի
համար
մեծ
փաթթոցներուն
մեծ
գազաններուն
։
Հասո՛ւն,
պարտէզներու
մէջ,
զոր
մեր
հօրը
ահը
կը
շահի
բռնի,
աղքատէն՝
ինչպէս
հարուստէն
(
մեծ
կալուածները
բռնագրաւումը
ունին
իրենց
ծագումին
)
ու
լեռներէն
ու
դաշտէն։
Զոր
հարիւրով
մարդոց
քրտինքն
ու
եղունգները
կը
յարդարեն,
կը
սազեն,
կը
ծաղկեւորեն՝
իր
ոստիկներուն,
ու
իր
մատներուն
ու
իր
ռունգերուն
վայելքին
համար,
երբ
վարդէ
մը
աւելի
պերճ
այտերով
պահուըտուք
խաղայ,
ինքը
իրեն
հետ
աւազաններու
դէմքին։
Ո՜վ
մանկութիւնը
պալատի
աղջիկներուն,
ձգուած
ժամեր
տեւող
այդ
պարտէզներու
ամայի
արութեանց
խռովքին
դիմաց։
Մեր
կեանքը
սուտ
երազ
մըն
է,
կ
’
ըսեն
հնդիկ
գիրքերը։
Ո՞ւր
չէ
ատիկա։
Ի՞նչ
դիւրին
է
ըսել
ու
անցնիլ
ու
չծանրանալ,
թէ
ի՜նչ
ծուէններով
կը
շինուին
աղջիկները
տասնէն
տասնհինգ,
միշտ
պալատէ
պալատ։
Մեր
արուեստը,
հասուն
մարդոց
ձեռակերտ,
անոնց
զգայութիւնները
միայն
յաջողութեամբ
ու
խնամքով
կը
տարազէ
`
հպանցելով
հարուստ,
գերազանցապէս
արգաւանդ
աշխարհին,
որ
երկրորդ
մանկութիւնը
ու
անդրանիկ
պատանութիւնը
կը
պարունակէ։
Զգայութեանց
մէջ
թարմութիւն,
ինքնութիւն,
խորութիւն՝
հոգիին
մէջ
աղջնակին,
որ
կը
հանդերձուի
սեռին
մեծ
գոլին։
Բայց
պէտք
է
քալել
ու
հազիւ
դպիլ
ուրիշ
բաներու,
միշտ
այդ
աղջիկներէն՝
աննկարագրելի
(
որովհետեւ
ընդզգացուած
)
այն
տրտմութեանց
ու
մռայլ
հաճոյքին
ու
ջախջախուած
գարունին,
զորս
կ
’
ունենային
սաւանին
առջեւ
թրքուհիները
այդ
օրերուն,
զիրենք
լրջութեան
ու
գիտակցութեան
կանչող
շղարշ
այդ
բանտէն,
ա՛լ
վերջնական,
մինչեւ
գերեզման։
Ես
ունիմ
իմ
յիշատակներուս
մէջ
մէկը
այդ
տեսիլներէն
ու
ինծի
տրուեցաւ
արցունքը
ունենալ
տասներեք
տարուան
աղջնակի
մը,
որբուհի,
ինծի
հետ
աշխատող,
շերամի
հունտերու
վաճառականի
մը
մօտ,
ամրան
արձակուրդներուն։
Երկու
տարի
անիկա
քրիստոնեայ
աղջիկի
մը
պարզութեամբը
հեռու
էր
զիս
յուզելէ։
Երրորդ
ամրան,
սաւանը
զինքը
փոխակերպեց
ու
լացուց,
խոր։
Չէ՜ր
գիտեր
ինչու
լալը։
Բայց
անոր
ձեռքը
սառ
էր
ափիս
մէջ,
մութ
թաւուտներէն
ներս
ու
կու
լար
ժպտելու
համար
ինծի
…
։
Ողբերգութիւն
մըն
է
այս
պատենաւորումը,
որուն
վրէժը
կ
’
առնեն
աղջիկները
`
իրենք
զիրենք
խաթարելով
վաղաժամ։
Բայց
պէտք
է
քալել
`
դպելու
համար
այն
խուլ
ծփանքներուն,
որոնք
կը
յառնեն
աջէն
ու
ձախէն,
նոյնիսկ
հօրեղբայրներէ
ու
անոնց
մանչերէն,
մօրեղբայրներէ
ու
տան
գերիներէն,
բոլորն
ալ
մօտիկ,
դիմակով
տարբեր,
բայց
իմաստէ
նոյն։
Արեւելքի
մէջ
արուն
շատ
սեղմ
կերպով
կապուած
է
իր
տարազին։
Ու
աղբիւր
է
ան
ալ
յուզումներու,
աւելի
որոշ
ու
աւելի
հաստ,
աս
ու
ան
դէմքէն,
հեւքէն
ու
ձայնէն,
երբ
պալատական
աղջիկներու
անզբաղ
ոտները
կը
դեգերին
մութ,
ամայի
նրբանցքներուն
բաւիղներէն
ու
անոնց
հետաքրքիր
աչքերը
կը
յանդգնին
ծակել
կիսամութը
հեռանկեալ
խորշերու,
պաղ,
մենաւոր,
բայց
ուր,
յեղակարծ,
կին
մը
կը
բուսնի,
սաւանէն
սեւցած,
իր
շուքին
մէջ
պարտկել
ջանալով
ուրիշ
սեւութիւն
մը,
գռուզ
ու
խորտուբորտ,
որուն
մորթն
է
սաւանին
կերպասէն
եւ
զոր
կը
մատնէ
աչքերուն
դեղինը
ու
ատամներուն
փղոսկր
բանուածքը։
Ո՞վ՝
սեւերով
կնիկը։
Գո՞րծը։
Ու
աղջնակը
պիտի
հարցնէ
ատիկա
իրեն,
յետոյ՝
իր
քրոջը,
յետոյ՝
մամային,
անոնցմէ
առնելով
նոյն
պատասխանը։–
Պալատներուն
մէջ
մարդերը
շատ
քիչ
բան
գիտեն։
Հետեւեցէք
այդ
աղջիկներուն,
երբ
կը
թարթափին
ուրիշ
անկիւններ,
այցուած
մեղմ
հծծիւններէ,
որոնք
կան
ու
չկան,
հեռու
են
ու
քովդ,
թաւուտէն
կը
յորդին,
բայց
կը
թուին
մէջէդ
բուսնիլ,
այնքան
հաշտ,
հեշտ,
դաշն
են
անոնք
քեզի,
այնքան
«դուրեկան»։
Բայց
պէտք
է
քալել`
հանդիպելու
համար
ուրիշ
ոստայնումներու,
սարդերու
ճարտարապետութեամբ,
այլ
պարտէզէ
պարտէզ,
մէկուն
մէջ
իրենք,
միւսին
մէջ
անոնք։
Իրենք՝
խօսելով
ժպտուն
(որքան
պարզ
է
այս
վերադիրը,
երբ
վանդակով
բաժնուած
ձայնը
կ’որակէ
պարտէզէ
պարտէզ),
վճիտ՝
ինչպէս
է
հունչը
ոսկիին՝
մարմարին
վրայ,
ու
վրան
իրենց
կուրծքին
ալ
մարմարին։
Իրենք՝
թեթեւ
երգ,
շուար
ու
անուշ,
զոր
կը
կոտրեն
բառերու
զանակները,
պարտէզէ
պարտէզ`
քերթուածը
ընելով
միսերու
ձայն
մը։
Անոնք՝
լայն,
խոր,
կարօտալից,
տարօրէն
խռովիչ,
վասնզի
ծանօթ,
վասնզի
խաղընկեր,
մէկ
-
երկու
տարի
առաջ,
հօրեղբօր
տղաք
ու
աղջիկներ։
Զորս
կը
բաժնէ
իրարմէ
տասը
կանգուն
բարձրութեամբ
պատը
`
սիրտերը
կանգունով
կապելով
իրարու։
Հետեւեցէք
տակաւին
անոնց`
այդ
աղջիկներուն,
մեծ
պողոտաներու
վրայ,
դասակ
մը
ներքինիներու
արձանատիպ
թափօրին
ընդմէջ,
որոնք
իրենց
մտրակները
կը
բռնեն
նոյն
գիծի,
ոսկեճարմանդ
կառքերու
թերասքող
ու
թափանցիկ
վարագոյրներու
ետեւէն,
երբ
կը
նային
մեղմ,
ոլորուն,
դնելով՝
երեսի
տեղ՝
կաթէ
կտոր
մը,
դռնակին
ապակիին
ու
մազի
տեղ
փնջիկ
մը
բոց,
որ
այրէր
դէմէն։
Օ՜,
թրքուհիները
Արեւելքի
քաղաքներուն,
այդպէս
դալկութիւն
ու
հեշտանք,
այդպէս
դոնդող
ու
հրաւէր,
«յամրընթաց,
դագաղի
պէս
կառքերու
խորը,
ընկողմանած
ու
տրոփելով»,
ինչպէս
կը
նկարագրէ
մեր
բանաստեղծներուն
ամէնէն
բանաստեղծը,
իւսկիւտարցի
տղան։
Թրքուհինե՜րը՝
դաշտերու
վրան,
հովանոցներուն
գոյնզգոյն
գմբէթիկներէն
ծիրանաւոր,
ու
լաչակին
ձիւնէն
ծաղկող
աչքերով։
Բայց
պէտք
է
քալել`
հանդիպելու
համար
տակաւին
ուրիշ,
ուրիշ
բաներու,
կասկածին
ու
կսկիծին,
լացին
ու
ժպիտին,
սեռին
աքցանին
ու
մարմինին
պապակին
ընդմէջէն,
որոնց
իրերանցիկ
ալիքներուն
մէջ
կը
ծագի
ինքը`
հասած
աղջիկը,
ծարաւ
աղջիկը։
Երբ՝
կը
յորդի
ինքը
իրմէ,
իր
միսերէն՝
կուղպ,
կնքուած
իր
ոգին,
աղջիկը,
առնուած
արբունքին
հրավառ
ու
անսպառ
խարոյկէն,
սրբազան
մորենիէն,
անցած
կրակէն
ու
նետուած
անդին,
ա՛լ
բիւրեղացած,
ա՛լ
ադամանդուած,
անշամանդաղ
բաժակ՝
ու
հանդերձուած՝
սերմին
ցնցուղին։
Որ
պիտի
յամենայ
խոշոր
շուքերուն,
խուլ
թաւուտներուն,
երեկոները,
իր
պարտէզին
մէջ,
շղարշը
քամակին
զուարթունի
թեւի
մը
նման
ամփոփած,
ախորժելով
բեհեզին
շունչէն
հակառակ
անկէ
զգացած
արհամարհանքին,
վախնալով
անոր
կնիքէն
ու
անոր
ստուերէն
իր
դէմքին
վրայ,
բայց
զայն
կրելով։
Փաշայի
աղջիկները
ուշ
կը
հասուննան,
այսինքն՝
անոնց
մայրերը
շատ
ուշ
կը
յօժարին
անոնց
նպաստել,
քանի
որ
աղջիկը
կենդանի
վկայութիւնն
է
մօրը։
Փաշայի
աղջիկները
անըմբռնելի
բարդութեամբ
արարածներ
են`
կազմուած
ըլլալով
սա
արագ
վերլուծումին
մեծ-մեծ
լարերէն։
Ու
կազմուած
ըլլալով
տակաւին՝
գերուհիներու,
թշուառ
բանուորներու,
անկար
ծերերու
դառնակսկիծ
հեղումին
մէջը։
Միշտ
ցաւագար
նէնէ
մը,
կամ
ատոր
արուն,
այդ
աղջիկները,
օրանէն
սկսած,
կ’առնէ
իր
ոլորտին
մէջ
ու
անոնցմէ
ներս,
անզգալի
ծորումով
կը
հոսեցնէ
ինչ
որ
իր
անմռունչ
ողբերգութիւնը
եղաւ,
այդպէս
մեծերու
փառքէն
խեղճ
ու
խղդուած։
Այնպէս
որ,
տասնհինգ
տարի
ետք,
այդ
բազուկներէն
դուրս
պրծող
աղջիկը
ցաւոտ
է
ու
սեւ,
հոգիին
ալքէն։
Ու
ահաւո՛րը՝
քաշուած
դէպի
զգայութիւնները,
որոնք
զինքը
կազմող
էակներունը
եղան։
Վասնզի
գիտցէք,
մեր
հոգին
ալ
ֆիզիքական
գոյութիւն
է
ու
կը
շինուի
մեր
միսերէն,
որոնք
կը
յարդարուին
մեզ
շրջապատող
ուրիշ
միսերէն։
Մեր
մայրը,
իր
պալատներուն
ու
սէրերուն
ետեւէն,
մեզի
չէ
եղած։
Ու
մենք
եղած
ենք
մեր
նէնէ
ինը,
տատա
յինը,
հալա
յինը։
Ադ
է
պատճառը,
որ
անիկա
փնտռէ,
այդ
պարտէզին
մէջ
մատաղ
բանուորը,
ա՛ն՝
որ
տժգոյն
է,
ինչպէս
մութին
հասունցող
խմորը,
հազիւ
կրելով
ծովը
աչքերուն,
զորս
պարտաւոր
է
գետին
խոնարհել,
լեռ
մը
շրջողի
ադլասեան
տաժանքով,
չիյնալու
համար
աչքին
մէջը
ա՛լ
քողուած
պարիկին,
անփոյթ
պչրանքով
վառը
իր
նետած
քամակին։
Ձեզի
հեքիաթ
կու
գայ
սա
տեսարանը
իշխանուհիի
մը
ու
հիւղակի
մերկ
արարածի
մը
ընդմէջ։
Բայց
մի
մոռնաք,
որ
հեքիաթները
եկած
են
Արեւելքէն։
Ու
պալատները
յեղափոխութեամբ
մը
դեռ
չեն
զրկուած
իրենց
հոյակապ
պարտէզներէն։
Ու
անոնց
պարիկները
դեռ
չեն
նետուած
օտար
աշխարհներ,
աման
լուալու,
լուացքը
ընելու,
որպէսզի
ապրին։
Այս
պատմութեան
օրերուն
անոնք
կան։
Ու
կան՝
ահաւոր
այս
հակադրութեանց
իբր
նուիրագործում։
Ու
կա՜ն,
որպէսզի
իր
ցամաք
հացին
հետ,
անոր
ամէն
մէկ
պատառը
կուլ
տուած
ատեն
այսպէս
տղեկ
մը,
այդ
պատիւներուն
մշտական
գերին,
մեծ
հօրը
գիծով,
որ
ա՛լ
շարժելու
անկարող
հիւղակ
կը
պահէ,
ծամէ
այտիկը
փափուկ
աղջիկին,
իր
միտքին
բոլոր
կրակը
փոխադրելով
իր
ատամներուն։
Այդ
տղա՜քը։
Որոնց
մորթին
վրայ
կտրուած,
հատած
բան
մը
կը
զոփայ
(ներեցէք
այս
գրական
դարձուածքին),
անօթի
օրուան
գունատ
յոգնութիւնը,
որով
կը
զատուին
«մոխիր
ուտողներու»
դէմքերը
«գինւոյ
եւ
ձիթոյ»
բարիքներէն
յղփացած
դասակարգէն։
Որոնց
մերկ
սրունքներուն
վրայ
փուշերը
արիւն
են
գծած,
սեւ,
մութ,
խիստ,
տպաւորիչ՝
վասնզի
անսպասելի՝
այդ
դալկութենէն,
որ
աչքերունն
է
ու
այտերունը
։
Բայց
որ
խռովի՜չ
է՝
ինչպէս
ըլլալ
է
ճակատագիրը
մեր
այդ
հեղուկին։
Անօթի
տղա՜ք։
Որոնց
հոգին
փաշաներու
ամբարներուն
չափ
կ’ուռի
(երբեմն
կը
պատռի
նոյնիսկ)
հոն
ինկած
աղջկան
մը
աչքին
խմորէն։
Ու
այս
է
եղերականը։
Աւելի՛ն.
թող
այդ
աղջիկը
ուշանայ,
միշտ
քողը
քամակին՝
նման
տղու
մը
մօտիկ,
զայն
չարչարելու,
զայն
լացնելու
թաքուն
հեշտանքով։
Ու
դնէ
զայն
վար,
ապերախտ
գործի,
տարապարհակի`
քիթին
չառնելով
կատարուած
աշխատանքը,
հողէն,
ծառէն,
ջրհորէն
հասկնալու
չափ
վերակացուէն
աւելի։
Ու
յանդիմանէ
խիստ
իր
բառերով,
սպառնալիքով,
բայց
զգուշաւո՛ր՝
նախատելէ
անոր
աղքատութիւնը,
տժգունութիւնը,
աղտոտութիւնը`
սպասելով
անոր
արցունքին,
որ
կը
յամառի
չերեւնալ
կէս
մը
մութէն,
շատ
մըն
ալ՝
ամօթէն,
անոր
աչքերուն։
Ու
զայն
արձակէ`
գրեթէ
վռնտելով
լեզուովը,
բայց
աչքովը
շոյելով
քաղցր,
սգաւոր
անոր
տրտմութիւնը,
մա՛նաւանդ
ձայնէն
ըլլալով
անուշ,
ըլլալով
համբոյր
(բառը
գործածելով
գիրքերուն
իմաստովը),
ու
պահուիլ
անցնի
թուրքերուն
ետին,
մեկնողին
տեղ
ինքը
լալով,
բայց
յորդ,
բայց
բարի,
բայց
հիւանդ,
վաղահաս
աղջկան
խորունկ
տագնապով։
Ո՜վ
վայրագութիւնը,
որուն
կ’ենթարկենք
մեր
սիրտը
մեզմէ
ու
դուրսէն,
երբ
պարմանի
ենք,
ու
մեր
շուքին
մէջ
տղոց
հասակը
կը
կոխկռտենք,
մեր
խռովքին
մէջ,
մեզ
խաբելու
մեր
ճիգը
յանկարծ
պատրելով
ու
մեր
սուտին
համար
ամչնալ
անգամ
չկրնալով։
…։
Թող
այդ
աղջիկը
այդպէս
դղրդուած,
այդպէս
հալածուած
փախչի
պարտէզներէն
դէպի
ընդերքը
մեծ
պալատներուն,
որոնք
վաղնջաւոր
աւերակներու
վրայ
կը
ձեւեն
իրենց
փառքը,
ու
յամենայ
հոն,
գետնայարկներու
(առանց
լուսանցքի),
ցուրտ
սալարկներու,
ուր
մամուռը
իր
բարակ
մարմինները
կը
գծաւորէ։
Առանց
աղմուկի,
շղարշն
ուսերուն,
դէմքը
հոլանի՝
անիկա
պիտի
բուսնի
այդ
խորութեանց
մէջ,
յաճախ
առանձին,
մոմի
լապտերիկը
պատսպարած
իր
մուշտակներուն
մէջ,
ինչպէս
հեքիաթին
փերին,
ու
զարնէ
քարին
իր
տոտիկները,
որոնք
ոսկոր
իսկ
չեն
կրցած
ըլլալ։
Հանէ
մեծ
խռովք,
որպէսզի
սաստէ,
վանէ,
հալածէ
խեղճ
աշխատողները
այդ
անդունդներուն,
շղթայուած
այդպէս,
այդ
յատակներուն
ծանր,
սեւ,
խոնաւ
գործերուն՝
ինչպէս
են
հնոցները,
մեքենավարները
մեծ
շոգենաւերու
ընդերքին։
Սեւ
ծառանե՜րը՝
որոնց
մեղքն
է
իյնալ
իր
անցքին
ու
չունենալ
տեղ
երես
շրջելու,
ինչպէս
կը
պահանջէ
անգիր
սահմանադրութիւնը
տաճկական
պալատներուն,
երբ
իշխանուհիները
կը
հանէ
պտոյտ,
անոր
ճամբան
ընելով
ազատ
ամէն
նայուածքէ։
Մարդոց
որդիները
պարտաւոր
են
աչքով
խոնարհիլ
հիմա,
հարիւր
տարի
առաջ
կռնակովին
փոխարէն։
Սեւ
ծառանե՛րը։
Որոնք
այդպէս
չարչարելէ
յետոյ
պիտի
ուզէ
հոդ,
իրենց
այդ
դիրքով,
հիացիկ՝
իրեն,
վախէն
դողահար,
թարթիչներուն
ոստայնէն
լարուած
դէպի
իր
դէմքը։
Ո՜վ
մեր
անգթութիւնը,
որ
անցեալին
մէջ
կը
փորէր
մեզ
նայող
աչքերը,
բայց
շրջուած
միամտութիւնն
էր
դարձեալ։
Սեռը
անգութ
ըլլալէ
առաջ՝
մանուկ
է,
այսինքն՝
անխելք։
Գո՞րծը՝
այդ
ընդերքներուն։
Բայց
աղջիկը
տասը
գործ
չունի։
Մէկ
ու
միակ
է
ատիկա։
Ու
հարկ
չկայ
անունը
տալու։
Հետեւեցէք
իրեն
մինչեւ
սառնի՜ճ
ը,
խորհուրդով
կառոյց,
հաւանաբար
հազարամեայ։
Զոր
բարդ
փակոցներ
կը
պաշտպանեն
անզգոյշ
ոտքերու
ու
ձեռքերու
դիմաց։
Իշխանուհիները
--ո՜վ
մռայլ
առհաւութիւնը
հողերուն
ու
վիրապներուն,
որոնք
չեն
դադրիր
իրենց
քաշելու
թուրք
հանըմներն
ալ,
երբ
բիւզանդական
ու
բիւթանական
իշխանուհիները
մարսեցին
իրենց
գէջ
թոքերուն
մէջ--
յաճախ
բացած
են
այդ
ծանր
փակոցները
ու
իջած
վար,
ա՛լ
վեր
չելլելու։
Մինչեւ
սառնի՛ճը։
Զոր
կու
տայ
բանալ,
բռնի
ու
անգութ,
կը
ծռի
վրան,
մինչ՝
իր
շղարշը
մետաքսի
համբոյրի
մը
պէս
կը
քսուի
բերնի
մը
նման,
ինչպէս
կը
դողդղայ
ջուրի
երեսին,
սիրահար
բերնի
մը
նման,
ինչպէս
կ’ըսէ
պատմութիւն
մը,
հոդ
ինկած
հարսնուկէ,
այս
պալատին
մէջ
բուսած
է՛ն
աղուոր
ծաղիկներէն,
որ
իր
աղուորութիւնը
քաւելու
համար
իր
ուղեղովը,
այսինքն՝
ուրիշ
հանըմի
մը
հարկադրանքին
տակ
այդպէս
տարուեցաւ
անոր՝
սառնիճին
մուտքին,
հագուած,
իր
ամէնէն
շքեղ
զգեստները,
որոնք
կիներուն
մարմինը
այլապէս
զգլխիչ
կ’ընեն,
երբ
ճաշակէ
ու
ճոխութենէ
պաշտպանուին
հաւասարապէս։
Ո՞ւր։
Մի
հարցնէք
նոր
հարսներուն,
թէ
ինչո՞ւ
կ’աճապարեն
դառնալ
իրենց
հալաւին։
Անոնք
պիտի
թռին
այդ
պատրանքին։
Անիկա
հագաւ
իր
ամէնէն
շքեղ
զգեստները,
միամիտ,
անկասկած,
ու
քալեց
դէպի
ընդերքը
պալատին,
ետեւէն
մեծ
հանըմը`
փաշային
կիներուն
առաջինը,
ու
սուլթանի
ծոց
պառկած,
ինչպէս
է
սարայլը
ն
մեր
այս
պատմութեան։
Յետոյ՝
վիրա՜պը։
Սա
ողբերգութիւնը,
ճիներու
հեքիաթի
մը
պէս
խոր
ու
իրական,
սարայլը
ին
աղջկան
մատաղ
օրերուն,
բանուած
է
անոր
ուղեղին,
ինչպէս
մարմարի
վրայ
արիւնոտ,
բայց
անջինջ
նկար
մը։
Ա՛յնքան՝
որ
անիկա
ապրեր
է
այդ
տրամը
իր
երազներուն
մէջ,
սա
իր
պատկերով,
շղարշն
երեսին,
երբ
կը
նայի
ցած,
սեւ
այդ
երեսին։
Ան
վախէն
կ’արթննայ
լալով,
մաման
կանչելով,
որ
չկայ։
Ու
կը
զգայ
քովիկը
պառաւ
մատները
հեքիաթն
ըսողին,
որ
կը
մեղմէ
անոր
սարսափը`
մեղմ
երգելով
եղերական
դրուագը`
ժողովրդական
յօրինումէ
մը
փոխ
առնուած
բառերով։
Արցունքը,
աղաչանքը
զոհուելիք
հարսին։
Անգթութիւնը,
սառնութիւնը
զոհող
հանըմին։
Ժողովրդական
երգերը
երբեմն
հարց-պատասխանիով
կը
կերպադրեն
այդ
խուժդուժ
տեսարաններուն
ահաւոր
սարսափը,
խեղդելու
չափ,
լացի
մէջ,
ունկնդիրը,
մա՛նաւանդ՝
երբ
անիկա
վար
է
տասնէն…։
Մինչեւ
որ,
չորս
սեւ
ձեռքեր,
Արաբիստանի
փայտէն,
կապեն
հարսնուկին
թեւերը
կռնակին,
ու
անոր
ոտքի
կոճերուն
հանգոյցով
ամրացնեն
յիսուն
օխանոց
քարը,
ա՛ն՝
որ
կը
նստի
հիմա
փակոցին
վրայ`
պաշտպանելու
համար
չարագուշակ
վիրապին
բերանը
անզգոյ
շ
կամ
յուսահատ
աղջիկներու
հետաքրքրութենէն։
Յետո՞յ։
Այո՜։
Բերանը
կապած
անոր
հարսնութեան
շարովը
իջեցնեն
ցած`
առանց
աղմուկի
ու
առանց
գութի։
Ու
գոցուի՜
փակոցը։
Դուք
եղէք
աղջիկ,
ունեցէք
այս
դրուագը
ձեր
մտքին
խորը,
ու
այցելեցէք
խաւարին
սա
արքայութիւնը։
Պիտի
փնտռէ՞ք
հարսնուկը,
որ
կրնայ,
հրաշքով,
բխիլ
այդ
ջուրէն,
ինչպէս
երդումով
կը
հաստատէ
հեքիաթը
լաստակերտող
պառաւը`
զայն
ըլլալով
տեսած,
իր
աւրուած
աչքերուն
տկարութեան
հակառակ,
տարիին
մէջ,
որոշ
գիշերներու,
երբ
քաղաքին
միւս
ծայրը
հարսնիք
են
բռնած
նոր
պէյերն
ու
փաշաները:
Իրենց
թմբուկներուն,
ու
դափերուն,
ու
զուռնաներուն
մեծ
համերգը
մութին
փորէն
կը
կոտտայ
անդուլ,
ճիները
անգամ
պատրելու
չափ
համով,
որոնք
երբեմն
կը
վազեն
այդ
հանդէսներուն,
իրենց
հարսներն
ու
փեսաները
ոսկիով
ու
ադամանդով
մանրանկարելէ
ետքը`
անոնց
մէկ
թիզ
հասակին
վրայ
զետեղելով
ամբողջ
Արեւելքին
պահծու
գանձերը։
Այդ
գիշերներուն,
ան
ալ,
վիրապին
մէջ,
այդպէս
հարս
մնացած
կինն
ալ
կը
լսէ
երգ,
կը
դպի
ճկոյթին
ծայրովը
կափարիչին,
որ
թուղթի
պէս
տեղի
կու
տայ`
իր
վրայի
քարն
ալ
աւազի
հատիկ
ընելով։
Ու
կ’ելլէ
անիկա
դուրս,
հագուած
իր
ամէնէն
շքեղ
զգեստները,
բարի
ու
խելօք,
մահուան
մէջ
անգամ
հաւատարիմ
իր
հոգիին
օրէնքներուն։
Ու
կը
կրէ
իր
ափին
մէջ
իր
սիրտը,
անարատ
հաւկիթ,
լոյսէ
գունդի
մը
նման,
որուն
վրայ
մեր
մեղքերը
սեւ
բիծեր
կը
դնեն,
տարուէ
տարի։
Երանի՜
անոր,
որ
այդ
հաւկիթը
ճերմակ
է
պահած…։
Արեւե՛լք,
հազար
ու
մէկ
գիշերները
դուն
չշինեցիր։
Անոնք
հասուն
պարտէզներ
էին
քու
ժողովուրդներուդ
հոգիին
խորը։
Անոնք
գեղակառոյց
պալատներ
էին
անոնց
երեւակայութեան
դաշտերուն
վրայ,
այդպէս
պաճուճուած
արիւնով
ու
սեռով։
Ու
դուն
ես
դարձեալ,
որ
կը
վարես
զիս,
երբ
պալատներու
կեանքին
մէջ
գրիչ
կը
փորձեմ`
զիս
առնելով
իրականութենէն,
նետելու
համար
քու
յաւիտենական
յորձանքներուդ։
Ու
չես
վախնար
զիս
վտանգելէ,
երբ
քու
դիւթական
անցեալդ
ոսկի
վարագոյրներու
պէս
կը
կախես
իմ
թարթիչներուս,
մերօրեայ
կեանքին
դրուագումին
համար
մշտասեւեռ
բիբերուս
դէմ
փռելով
կախարդութիւնն
ու
հեքիաթը,
որոնք
երկու
թեւերդ
եղան,
դարէ
դար։
Թուրքերուն
պալատը
այսպէս
ոսկեզօծելու
սա
անգթութիւ՜նը։
…։
Արեւե՛լք,
ներէ,
որ
քալեմ։
Ու
քալեցնեմ
ինծի
հետ
սարայլը
ին
աղջիկը
մինչեւ
բաղնի՜քը։
Խորո՜ւնկ
հեշտարան,
որ
Արեւելքն
է,
այս
անգամ
մարմար,
այս
անգամ
շոգի։
Ուր
ջուրը
գետնէն
դուրս
կու
գայ,
հողին
մութ
կեանքին
ամբողջ
ջերմութեամբը,
եռալով
իր
ակին
վրայ
ու
փողրակուելով։
Մարմարը,
անոր
յատակին,
դեղին
ոսկեջուրով
մը
կ’օծուի։
Աւազաններ
ու
աւազանիկներ
անոր
մարմինը
կը
խորշաւորեն,
կը
կլորցնեն։
Ու
ոսկի
փողրակներ,
այդ
հողային
ջերմացած
իգութիւնը
երբ
կը
հեղուկեն,
շատրուան-շատրուան,
մեղմ
մրմունջի
մէջ,
կը
թուին
երգել
հոգին
բիւր-բիւր
կոյսերուն,
որոնք
այդ
ջուրերուն
մէջ
խեղդուեցան,
քաղաքին
գրաւման
պահերուն
(քանի՜
անգամ
տէր
է
փոխած
սա
պառաւ
քաղաքը),
մորթուելէ
առաջ
հոդ
նետուած
քիչ
մը։
Հեքիաթն
ու
թուրքը
իրար
չեն
հերքեր։
…։
Սատափ
դռնակներ։
Ոսկի
սանտալներ։
Ու
գմբէթներէն
ծիածանները
ապակիներուն։
Ու
կամարներէն
ոսկի
կաթիլները
անձրեւին,
որոնք
կիներուն
դէպի
ստինքը
կը
թրթռան
վերէն,
անծանօթ
շրթներու
նման
ծծելու
զանոնք։
Ու
խելացնոր
այս
դաշնակութեանց
ընդմէջէն,
աղջի՜կը,
երբ
ձայնն
ու
մշուշը
իրար
կը
պագնեն
նոյն
գուռին
վրայ,
ու
իր
մերկութեան
վրայ՝
աւազանիկի
մը
գլխուն,
առիւծի
մը
մարմար
բերանը
կը
կողկողի,
կարծես
ցանկայոյզ,
ու
կու
լայ,
ու
կու
լա՜յ,
ցանկալէ
յետոյ,
հասնիլ
չկրնալուն։
Բաղնիքը
պալատներուն,
գոհարատուփի
մը
պէս
սատափուած։
Ու
հոյակապ՝
իբր
անօթ,
տաճար
հեշտութեան,
ուր
կիները
փրփուր
կը
դառնան
վարդանալէ
առաջ
ու
կը
լքեն
իրենցմէ
իրենց
իգութիւնը՝
հաստ
կամ
նրբիրան,
ջուրերու
գգուանքին,
ծուփ
ի
ծուփ,
զիստերէն
ու
երանքներէն,
ամբարձուած
կարծես
արու
երանքներէ
՜,
մեղմօրէն
լզող
ու
արտասուահո՜ծ։
…։
Բայց
պէտք
է
քալել։
Մինչեւ
խոհանոց։
Տեսակ
մը
պալատ,
թաւիշ
աթոռներ։
Արծաթ
սպասներ։
Ու
հին-հին
սաներ,
յունական
գիրէ
արձանագրութեամբ,
որոնք
հազար
օխա
ապուր
կը
բաշխէին
հաւանաբար,
երբ
Պրուսան
մայրաքաղաքն
էր
սկսող
թուրքերուն
եւ
անոնց
ենիչէրի
ներուն։
Ընդարձակ։
Բաժան-բաժան։
Մէջէ
մէջ
սենեակներ,
ու
սրահներ։
Ո՞ր
խորհուրդով
ուրիշներու
ապարանքին
մէջ
այնքան
անկշիռ
այս
բաժինը
հոս
առած
ըլլար
այսքան
լրջութիւն։
Ու
մեծ
բազմութիւն,
ձիւնի
պէս
հագուած
սպասեակներու,
երկու
սեռէն
ալ։
Զատ
աշխարհ
մը,
անիկա,
իր
մուտքի
զոյգ
նրբանցքներովը
դէպի
Կանանոց
ու
դէպի
Այրանոց։
Վասնզի
թուրքերը,
երբ
չեն
ջարդեր,
խոհանոցի
հոյակապ
հերոսներ
են,
հօրով
ու
մօրով։
Քոմանտան
փաշան
իր
փորը
կը
պարտէր
այս
գեղեցիկ
խոհանոցին
ու
հաւանաբար
ֆիզիքի
գիրքերուն
վրայ
աւելնալիք
նոր
իր
գիւտերուն,
որոնք
զայն
կը
գամէին
իր
մտածումներուն
հեշտ
գահոյքին։
Ըսէ՝
զատ
աշխարհ։
Բայց
որուն
կեդրոնը
ըլլայ
հայաստանցի
վարպետը։
Տրտում
վարպետը,
իր
մօրմէն
սիրուած,
ու
ինք
գիտէր
ատիկա,
բայց
իր
ձեւովը,
այսինքն՝
ինչպէս
որ
ինքը
կը
սիրէր
զայն։
Սէրը
պզտիկներու
հոգիին
մէջ
մօրէ
նոր
ծնած
տղու
չափ
մերկ
է։
Ի՜նչ
հրապոյր,
ի՜նչ
ուժ
է
այդ
յոգնած
մարդէն
բխածը։
Ի՜նչ
խոր
հաճոյքով
ու
լուռ
թախիծով,
անիկա,
տասնամեայ
աղջիկ,
մինչեւ
տասներկու,
մինչեւ
տասներեք,
նստի
պիտի,
ինչպէս
կ’ընէր
ատիկա
իր
հօրը`
քոմանտան
փաշային,
վարպետին
ծունկին,
կամաց,
կատու,
էգ,
քնքուշ,
գրգռիչ
մուշտակ,
ոսկի,
վարդ,
ռեհան,
բոլոր
հոտերը
ու
բոլոր
փափկութիւնները
մէկտեղ,
կարծես
յատկապէս
պատրաստած
ինքզինքը՝
այդ
գիրկին
գալէ
առաջ։
Նստի
պիտի
հոն։
Դարձնէ
անոր
տխուր
գլուխը
(ի՜նչ
բառ
է
հարկաւոր՝
տալու
համար
մեր
գլուխներուն
բեկումը,
երբ
անոնց
խորը
հսկայ
խեցգետինը
կ’աճի
մեր
սուգին,
մեր
կործանած
կեանքին,
մեր
անմուրատ
սիրոյն)
իրենին
ու
զննէ
խոր,
շատ
խոր։
Ի՞նչը։
–
Սե՜ւն
անոր
աչքին,
ոսպի
մեծութեամբ,
հեւուն
ու
կախարդ,
ինչպէս
է
իրը,
հայլիին
դիմաց,
երբ
ընկղմի
մէջը
իր
բիբին
յանկարծ
լայնցող,
ծովու
չափ
խոր։
Աւելի՞։
Այսինքն՝
ինչ
որ
մենք
խուլ
ճամբաներէ
կ’ընդզգանք,
բայց
չենք
սպասեր,
այնքան
հեռու
են
երկու
պարունակները,
իրականութիւնը
ու
անոր
կրկներեւոյթը,
մատաղ
աղջիկներուն
հոգիին
վերեւ,
երբ
իրենց
մայրը,
առանց
պատճառի
կը
նախանձի
սա
ու
ան
մարդէն,
նոյնիսկ
դեռ
սեռէն
լիովին
հեռու
տարիքի
մը
դուռէն։
Սարայլը
ին
աղջիկը,
աւելի՞։
Ո՜վ
գիտէ,
գուցէ
իր
մատներովը,
երբ
շրջանը
կ’ընէ
վարպետ
Հաւատիսին
յոգնած
դէմքին,
դունչէն
սկսած,
գծելով
անոր
երեսին
վրայ
բզէզի
կորագիծը,
ան
կը
զգա՞յ
նոյն
ոսկի
կարկինը
նաեւ
դեղձ
մարմարին
մէջ,
որ
միսն
է
իրեն։
Աւելի՞։
Ո՜վ
գիտէ,
գուցէ
եւ
հոգին,
խորունկ
այն
օրա
ն,
որ
մօտէն
առնուած՝
դէմքի
մը
ոլորտը,
ճառագայթումը,
խառնուրդն
է
յաճախ,
այսինքն՝
մեր
ցոլարձակումը,
ներսէն
դէպի
դուրս,
ոգեղինացումը,
այն
կազային
բարեխառնութիւնը,
որոնք
մեր
դէմքը
կը
զատեն
ուրիշ
միլիոններէ
եւ
մեզ
կը
թարգմանեն
միսի
կտաւովը,
եւ
ուր
կը
տրուի
մեզի
խտանալ
մեր
ներքին
բաղադրութեան
տեսակարար
կշիռովը։
Այս
է
պատճառը,
որ
կարգ
մը
դէմքերու
հետ
մօտէն
մեր
քսուիլը
մեզ
ընէ
հիւանդ,
զզուալից,
կամ՝
հակառակէն,
տարուած
ու
գերի։
…Մենք
կը
հարցնենք
ու
կը
սպասենք
պատասխանի`
առանց
խորհելու,
թէ
շատ
քիչ
բան
ունինք
անոնց
դէմ
հանելու։
Թող
սարայլը
ին
աղջիկը
նստած
ծունկին
տրտում
վարպետին,
բռնէ
շրթներէն,
ինչպէս
երկամեայ
մանկիկի
մը,
ճմռէ
ու
ճմռէ,
ցաւցնէ
սաստիկ,
այդ
կեռասի
շինծու
հատիկը,
երբեմն
ալ
խածնէ։
Այո՞։
Աւելի՛ն.
ուզէ
անիկա,
այդ
շրթունքներէն,
բռնի
ու
յամառ։
Ուզա՞ծը։
–
Բայց
անոնց
կաթը,
այն
անտես
կայլակը,
որ
սուլումի
ձեւով,
համրիչ-համրիչ,
բխի
անոնցմէ,
դանդաղ
ու
յստակ,
ջերմ
ու
թրթռուն,
արիւնի
նման
ու
սերմի
նման
(զոր
կ’անգիտանայ,
տասնէն
նոր
ելած,
բայց
որ
իր
ոսկորներուն
մութ
բաւիղներէն
կ’երազէ
այնպէս,
անգիտակ,
մութ,
նեարդ-նեարդ
հաւաքուելով
աշխարհին
ամէնէն
անուշ
ու
դառն
բաներէն
համանուագ,
ու
անոր
մարմինին
կարգ
մը
մասերուն
վրայ
փոսեր
եւ
կարկառներ
կը
հոյաձեւէ,
սպասման
մտած
աչքերուն
ետին,
եօթը
տարի
քնացող
հեքիաթի
գեղեցիկին
նման),
–
կա՜թը
անոր
հոգիին,
երբ
գլխիկը
դրած
անոր
մեծ
կուրծքին
սպասէ
խելօք,
ոսկի
դոյլի
մը
նման,
անոր
բառերուն,
երգին
բառերուն,
որոնք
կ’իյնան
հատիկ-հատիկ,
ու
կ’իյնան
կոյս
ջուրերուն
մէջը
աղջիկներուն։
Որուն
մեծ
ցաւը,
շատ
մեծ
իր
ցա՜ւը՝
սէրն
է
չափազանց
այդ
անհաւատէն,
թուխ
ու
հաստ
այդ
Հաւատիս
աղբարէն։
Ու
պիտի
ծեծէ
մանրիկ
մատներով
վարպետին
ճակատը`
անկէ
ուզելով
պատասխանը
ինչո՞ւ
սիրելուն,
հայրիկին
չափ
զայն
խենթ
սիրելուն։
Ու
տխրի
պիտի
այդ
սիրոյն
համար։
Աւելի՞ն։
Դէպի
վիրա՞պը
սե՜ւ
ստուգութեան։
Հասակը
պարապ
բառ
մը
չէ
մարմինին
համար։
Որքան
առաւել՝
հոգիին
համար։
…Հեքիա՞թ,
սա
ամէնը,
այս
արագ
պատմումին
ընդմէջէն։
Գուցէ՜։
Դուք,
ո՜վ
իմ
ընթերցողներս,
հիմա
ձեր
ոսկեզօծ
կամ
մահաշուք
տարագրութեան
մէջ,
հացին
կամ
վայելքին
տագնապին
կռանին
ներքեւ
մոռցած
էք
շատ
բան։
Հիմա
դուք
նիւթ
էք
միայն,
ու
կ’անգիտանաք
հողին
հսկայ
օրէնքները։
Հողին
օրէնքնե՜րը՝
որոնք
ժողովուրդ
մը
կը
շինեն
աղկաղկ
խմորէն,
ու
կը
պահեն
զայն
իր
կաղապարին
մէջ,
այսպէս՝
հեքիաթով
ու
ձիւն
ու
խաղով
։
Մի
մոռնաք,
որ
Արեւելք
կու
տամ
ձեզի,
բայց
ոչ
վերադիրովը,
այլ՝
ձերը,
ուր
դեռ
կը
մնան
թաղուած
արմատները
կէս,
ձեր
հոգիներուն։
Մի
շփոթէք
Սիւրիան
ու
Պաղեստինը
ու
Եգիպտոսը
Հայկական
բարձրաւանդակին
լանջերէն
ծիլ
առած
անմահ
խաւարտին,
ուրկէ
հիւսուած
է
թաւիշը
ձեր
նայուածքին
ու
թռիչները
ձեր
երազներուն։
…Կեա՞նքը՝
սա
վարպետներուն,
ու
սարայլը
ներուն,
ու
իր
աղջիկներուն։
Եղած
է
ան
ալ։
Եղան
այս
մարդերը,
անոնց
դուռերուն։
Ու
եղան
ամէն
դարու։
Ամէնէն
հազուադէ՞պը։
Այո՛,
եթէ
կ’ուզէք,
այսինքն՝
ախոռապանութենէն
դէպի
կեսարութիւն։
Կոխուած
ճամբայ
է
ատիկա։
Ու,
լսեցէք
ուշադրութեամբ,
թուրքերուն
այժմու
աւագները
անդրկասպեան
երկիրներէն
չեկան։
Հոս
էին
անոնք,
«ի
սկզբանէ
անտի»,
Մերձաւոր
Արեւելքի
բուխ
դաշտերուն
մէջ։
Թուրքերուն
կինե՞րը։
Անոնք
փնջուած
են
Կովկասէն
մինչեւ
Վիեննա,
մարդ
տունկին
ամէնէն
նուրբ
ցօղուններէն
բռնաքաղ,
ու
ատով՝
աւելի
զգլխիչ։
Հոս
էին
փաշաները,
հազարաւոր
տարիներէ
ի
վեր։
Տաճկցան
ու
խաւարեցան
իրենց
ժողովուրդէն։
Վասնզի
կրօնք
փոխելը՝
փոխել
է
հոգի։
Վասնզի
տաճկնալը՝
լրում
մըն
է,
մահը
տրամին։
Սրտառուչը՝
անկէ
առաջն
է,
այս
եղերականութեան
մէջ
դիմանալն
է
բոլոր
Հաւատիսներուն։
*
*
*
Այս
քիչ
մը
մանր
վերլուծումներէն
ետք՝
Հասկնալի՞
--
Սա
կինը`
սարայլը,
բարի,
սիրահար,
դժբախտ,
հայու
հոգիով
մը
արդէն
մկրտուած։
Որ
մոխիրնոցի
կիսամութին
բացուող
սա
երգին
շրթունքներէն
իր
ափափուիլը,
ծամուիլը,
լմուիլն
էր
զգացած,
այնքան
տիրաբար։
--
Սա
փաշան,
յիմար,
հիւանդ,
սերմէն
սառած։
Որ
Արեւելքն
ու
Արեւմուտքը
իրար
է
խառնած
ու
նման
ամէն
պարտուածի,
բռնի
հրուեր
էր
ծոցն
իր
պատանութեան։
--
Սա
աղջիկը,
տասնհինգէն
անց,
այդքան
հեռուներէն
հանդերձուած
մեծ
պահին
համար,
երբ
բախտորոշ
կայլակը
կ’իյնայ
սիրտի
բաժակին
ու
կը
լեցնէ։
Մոխիրնոցի
մը
դէմ,
երգի
մը
ճամբա՜ն։
Ողորմելին,
այս
երեքէն,
աղջիկն
էր
սակայն։
Սուր
էր
դպեր
անոր
միսերուն։
Նուաղուն,
հազիւ
ձայն
ճարեց
հարցում
ձեւելու.
--
Ի՞նչ
կ’ըսէ
երգը,
պապա։
Անիկա
կը
փայփայէր
հօրը
ձեռքը
առած
իր
ափին
մէջ։
Գորո՞վ։
Յուզո՞ւմ։
Ե՞րբ
կը
զատուին
իրարմէ
այսքան
մօտ
բաները,
ըսելու
համար
իրարու
հակառակ
բաներ։
Նո՞յն՝
տարփանքին
գոլը,
ու
սիրոյ
գոլը,
երբ
ճամբայ
կ’առնեն
մեզմէ
դուրս։
Ե՞րբ
աւելի
կը
սիրենք։
Անիկա,
միամիտ
աղջիկ
(Աւետիսին
երգերուն
մէջ
անոր
գտածը
իրաւունք
չէր
տար
անոր
խորնալու,
չգիտցած
ճամբէն)
այդ
փայփայագին
շարժումով
կը
կարծէր
սքողած
ըլլալ
իր
նպատակը։
Փնտռա՞ծը։
Լամբի՜կը։
Ուզա՞ծը։
Անիկա
կոխեց
կոճակին։
Փաղաքուշ
էր
ու
անդիմադրելի՝
ինչպէս
եղան
բոլոր
կիները,
երբ,
սեռին
լուսապսակով
հովանաւոր՝
մօտեցան
մարդոց
ու
խնդիրք
ըրին.
--
Ապրէ՛,
թագաւոր…
Անիկա,
փոխաբերաբար,
աղջիկ
էր
թագաւորի։
Մոխիրնոցէն
ներս
եղաւ
նոյն
դեղնութիւնը։
Սողոմը՝
անփոփոխ։
Անոր
շուրջը,
գլխուն
կողմէն,
բանտարկեալները,
լոյսին
մէջ
իյնալու
մռայլ
կարօտով։
Ո՜վ
մարդերու
սիրտ,
որքա՜ն
յիմար
ես
դուն`
հաւատարիմ
մնալու
համար
անկարելի
բաներու։
Բանտի
մը
ներսէն
դուրս
մեր
նայուածքը
ամէնէն
առաջ
կը
փնտռէ
կինը։
Չեմ
գիտեր
ուրիշ
բան
կ’ընէ՞
անիկա,
արձակ
աշխարհին
ալ
մէջը,
որոշ
տարիքի։
Ո՜վ
մարդերու
սիրտ,
որքա՜ն
խելացի
ես
դուն,
երբ
օրուան
մը
վարժութեամբ
կը
դատես
անսխալ
քու
դէմիններդ,
կը
չափես
գուշակօրէն,
փաշաներու
(ու
անոնց
կիներուն
ու
աղջիկներուն)
ալ
հոգեբանութիւնը,
ու
լոյս
կը
խուզարկես,
սա
կերպ
քնացողներու
գլխուն,
ինքզինքը
լարած
զայն
բաշխող
ձեռքին։
…։
Բանտապետը
լուրջ,
պատկառուն,
լոյսի
եզերքին։
Թուրքը
անվթար
կը
պահէ
նուիրապետութեան,
հեղինակութեան
զգացումները…
Դարեր
անցան,
լուր
մը
չառի…
Այնքան
կամաց,
թախծոտ,
արտասուահեղձ,
որ
թրջեցան
կիներուն
աչուըները։
Այցուած
էին
խոհանոցէն,
ու
թուականով
ալ
ծանօթ
դաշտային
մէկ-երկու
պտոյտներէն,
որոնց
ընթացքին,
վարպետ
Հաւատիսը,
իր
գործէն
ետքը,
քաշուած
ծառի
մը
տակ,
կու
լար
իրապէս,
սա
եղանակով,
ու
կը
լացնէր
մայրն
ու
աղջիկը։
--
Ի՞նչ
կ’ըսէ,
պապա։
Գիտէր
«ըսածը»։
Բայց
կը
հարցնէր`
քիթը
բռնած,
սեղմելով
ու
նեղուած։
Այս
ճարտարանքը
ամչցուց
զինքը։
Վասնզի
անիկա
այցուած
էր
նաեւ
իր
ուրիշ
մասերուն
մէջ։
Տաքնալ
մը
ատիկա,
բայց
այնքան
հեշտ
ու
մերկ,
որ
կարմրեցաւ։
Մինչեւ
սա
րոպէն
անիկա
իր
մարմինին
սա
ջերմացող
մասերէն
անտեղեակ
եղաւ։
Յետոյ՝
զգայութիւնները
պայծառացան
աւելի։
Ջերմութեան
ալիք
մը,
ծոծրակէն
մինչեւ
ստինքները
հասաւ
մէկ
ուղիով,
յստակ։
Հոսեցաւ
ու
չիջաւ
աւելի
վար։
Ու
վախ
էր
անոր,
հետեւիլ
այդ
սողոսկումին,
իր
միսերուն
սա
պայծառ
պողոտաներէն
հանդիսաւոր,
հարսնեթափօր։
--
Քոմիթա
կ’ըսէ,
աղջիկս։
Կամաց,
անհամ
ու
վախկոտ՝
այս
պատասխանը,
որ
նուաստ
ալ
էր,
սուտի՞ն՝
թէ
յայտ
խեղաթիւրումին
պատճառով։
Զգացին
ատիկա
երեքն
ալ։
Կիները
քաղաքականութիւն
չեն
ըներ
փատիշահին
պալատէն
դուրս։
Հայերո՞ւ
հանդէպ։
Ըսի
ատիկա,
որքան
կը
յիշեմ,
անցած
էջերուն:
Թուրքերը
չհաւատացին
անոնց։
Սո՞ւտ։
Գիտնալո՜վ։
Երբեմն
կ’ըլլայ
այդ
սրբապղծութիւնն
ալ,
երբ
սրտառուչ
պատկեր
մը,
վատաբար,
կ’աւրենք,
չիրաւին
մշուշովը։
Ու
մեր
բեկո՜ւմը՝
աւելի
չիյնալու
ցանկութեամբ,
աւաղելով
մեզի
լուռ,
թարթիչով
վար,
մեր
նուաստութեան
ամօթը
խնայել
չկրնալնուս,
մենէ
դուրսերուն,
ամէնէն
աւելի՝
մեզի։
Այսպէս
է,
որ
հայր
մը
կը
կործանի
իր
աղջկանը
աչքին,
դժբախտ
իր
սուտով։
Մայրը՝
կը
մեռնի։
Իր
մօրը
սուտը
(դուք
կը
հասկնաք
աշխարհն
այդ
սուտին)
աղջկան
վրա՜յ։
Սարայլը
ին
աղջիկը
վէպ
քիչ
կը
կարդար։
Ու
անիկա
հարցուց
իր
հօրը.
--
Կը
հասկնա՞ս
անոնց
լեզուն։
--
Քիչ
մը։
--
Ինչպէ՜ս
եա։
--
Հաւատիսէն։
Նոր
սուտ։
Քոմանտան
փաշան
իր
գիտական
զբաղումներուն
մէջ
խորապէս
տարուած,
ատեն
չէր
գտներ
պարզ
մարդոց
դառնալու։
Հաւատիսը
իր
խոհարարն
ալ
չէր։
Աղջիկը
լոյսը
բռնեց
հօրը
երեսին։
Զոր
շրջեց,
Ֆաուսթ
ծափահարած
վերատեսուչ
փաշան։
Սուտը
չի
նեղեր
մեր
լեզուն։
Բայց
կը
թթուեցնէ
քիչ
մը
մեր
հոգին։
Անոր
աղջիկը
յամառեցաւ
սակայն։
Հովը,
պա՛ղ,
զարկաւ
փեկոնիներուն
կմախացած
ճիւղերուն`
անոնցմէ
հանելով
չոր
երաժշտութիւն
մը,
ցաւոտ
ու
տրտում։
Անոր
տեսարան
իջնելը
անախորժ
էր
հոսանքի
հանդէպ
շատ
զգայուն
փաշային։
--
Հաւաքէ
վերարկուդ,
-
ըսաւ
անիկա
աղջկանը։
Ու
անոր
ազատ
ձեռքը
դարձուց
մուշտակը
աղջկանը
օձիքին։
Շագանակագոյն,
խոր
այդ
փափկութիւնը,
տարօրէն
բաց
անոր
դէմքին
տակ,
ուր
անգիտակից
մտածում
մը
կը
թափառէր։
Երգող
տղուն
վրայ
իր
գորո՞վը։
Ո՛վ
կրնայ
չափել
աղջիկներուն
սիրտը։
Հայկական
ջարդերը
մարսուած
էին։
Ու
կայսրութիւնը
այդ
մկրտութեամբ
կը
թուէր
գտած
ըլլալ
բարոյական
միութիւն
մը,
որ
ժողովուրդներու
մեծագոյն
զօրութիւնն
է։
Վեց-եօթը
տարիի
անցեալ
մը,
յոյներուն
վրայ
յաղթական
պատերազմով
մըն
ալ
սրբագրուած,
գերման
բարեկամութիւնը,
թուրք
սպայութեան
գիտականացումի
փաստեր
են,
որոնք
Սուլթան
Համիտի
մեծազօր
բարիքները
նկատուեցան։
Արիւնի
մէջ
խղդուած
մեր
Յեղափոխութեան
վրիպումը
թուրքերը
ամրացուց
իրենց
զգացումներուն
մէջ։
Մորթողները,
կողոպտողները,
ամէնէն
աւելի
անգութ
միւսլիւմանները
Ջարդերուն
հետեւող
շրջանին
մէջ
հասած
էին
պետական
արժէքի։
Նոյն
համեմատութեամբ,
զգաստութիւն,
մարդկութիւն
յանձնարարող
հատուկոտոր
պաշտօնեաներն
ալ
պատուհասուած,
իրենց
դիրքերէն
հեռացուելով։
Փատիշահին
իմաստութիւնը
իմաստութիւնն
էր
ցեղին։
Ժամանակը
փոխանակ
մեղմելու
այդ
անաստուած
արդարութիւնը,
զայն
վերածեր
էր
համապարփակ
քաղաքականութեան։
Քսաներորդ
դարու
սկիզբը,
իր
դպրոցներով,
պետական
կազմակերպութեամբ,
կրօնքով
ու
բանակով,
ժողովուրդ
մը
կը
սորվէր
նոր
ժամանակներու
մեծագոյն
ճշմարտութիւնը,
–հողերու
տիրացո՜ւմը՝
բնիկներու
ջնջումով։
Ասիկա
դասախօսեցին
մա՛նաւանդ
Գերմանիա
ուսած
սպաներ։
Երիտասարդութիւնը
մեծ
խանդավառութեամբ
որդեգրեց
այս
վարդապետութիւնը։
Միւս
կողմէ՝
Ջարդերը
ըրած
էին
ուրիշ
ալ
բարիք։
Կէս
դարու
քաղաքականութեամբ
թուրքին
ընկրկումին
հերքումն
էր,
որ
կը
բերէին
անոնք
ջարդարար
ցեղին
մտայնութեան
խորը։
Պէտք
է
բարձրաբարբառ
յայտարարել,
ինչպէս
ես
ալ
լսած
եմ
ատիկա
իրենց
բերնէն,
թէ
թուրքերը
երբեք
չհաւատացին
հայկական
վտանգի
մը։
Բայց
ճարտարութեամբ
շահագործեցին
ինչ
որ
շարժումը
կրնար
բերել
իրենց
իբր
նպաստ,
այդ
բնաջնջումի
վարդապետութեան։
Բիւզանդացումն
է
ասիկա։
Անոնք
իմաստուն
դարձան`
զբաղում
գտած
ըլլալով
այդ
շարժումը
մօտէն
հսկելով։
Փատիշահը
թուրք
յեղափոխականները
հետապնդելու
գործին
ընկեր
էր
գտած
հայն
ալ։
Մինչեւ
Սահմանադրութեան
վերհռչակումը
(1908)
երկրորդական
պաշտօնեաները
զբաղում
ունէին։
Ու
ասիկա
շահ
էր,
իրենց՝
որքան
ինքնակալին։
Այնպէս
որ,
գեղի
հոճան
կամ
քաղաքին
հազարապետը
կ’արժէին
իրար,
երբ
կարգը
գար
խղճմտանքներ
հարցաքննելու։
Բայց
հետզհետէ,
մեծածաւալ
կողոպուտին
հետեւանք
մարսողական
սա
թմբիրին
հետ,
մարմին
առաւ
ուրիշ
մտայնութիւն
մը,
որուն
նախատարերքը
կու
գար
ուղղակի
վեհապետին
ուղեղէն։
Ասիկա
անձնական
ապահովութիւնն
էր
բռնակալին։
Գերմանիա
եւ
Ամերիկա
մարզուած
ոստիկանութիւն
մը
իր
ուսումը
արժեւորելու
համար
կամաց-կամաց
խեղաթիւրեց
մեր
մարտիկներուն
հայկական
նկարագիրը`
անոնց
հագցնելով
միջազգային
ոճրագործներու,
ամէն
երկիրներէ
հալածական
անիշխանականներու
դիմագիծ,
մանրամասնութի՛ւն՝
որ
մեծերու
ուղեղին
մէջ
գլխաւոր
տեղ
կը
գրաւէր։
Հայկական
ֆետային,
քիչ
մը
վերացեալ
յղացք,
թէեւ
անհերքելի,
բայց
արեւելեան
ոճիրէն
անմասն
իր
պարզութեամբը,
ասպատակային
իր
շեշտ
նկարագրովը
քշուեցաւ
Արեւելք`
սահմանափակուելու
համար
համբաւաւոր
Արեւելեան
Նահանգներու
մէջ
երեւցող
մարդոց,
որոնց
գոյութիւնը
թուրքին
փնտռածն
ու
չգտածն
էր
այդ
օրերուն,
այդ
մարզերուն
վրայ։
Այդ
մարդոց
հեքիաթը
բաւ
էր
իրենց`
կանգուն
եւ
մնայուն
պահելու
համար
բռնութեան
ու
զայն
թելադրող
անճիտումին
թաթառը
մեր
հայրենիքին
վերեւ։
Այս
զբաղումն
ալ,
իբր
չորրորդական
գործ,
թուրքերը
չեն
ստանձնած
ուղղակի,
ֆետայիին
սանձահարումը,
բարեհաճ
շնորհով
մը,
ձգած
ըլլալով
կիսակիրթ
ցեղի
մը,
որ
իր
իմաստութեան
պտուղը
վայելեց
մենէ
անմիջապէս
վերջը։
Բայց,
Արեւմտեան
Նահանգներուն
մէջ,
մա՛նաւանդ
Պոլիս,
քոմիթաճի
ն
ահարկու
արարած
մըն
էր,
հեքիաթի
հսկայ
մը,
որ
96ի
բախումներուն
հաստատուած
հայկական
նուիրումին
կը
միացնէր
արեւմտեան
գիտութեան
բոլոր
հնարմունքները,
միջազգային
ոճիրին
կահն
ու
կազմածը։
Պոլսոյ
մէջ,
հակառակ
այնքան
հալածանքներուն,
անոնց
յամառ
գոյութիւնը
նուազ
չէր
նպաստեր
այդ
մտայնութեան
ամրացումին։
Պոլսոյ
մօտիկ
մեծ
քաղաքներն
ալ
առնուեցան
այդ
շրջանակին
մէջ։
Հինգ-վեց
տարին
բաւ
եղաւ
անոնց,
որպէսզի
շինուի
բացառիկ
մտապատկերը,
մարդերէ՝
որոնց
հայութիւնը
կու
գար
չորրորդական
գիծէ,
ինչպէս
նաեւ
մեծատարած
շուրջա՜ռը
Անկախ
Հայաստանի
վարկածին։
Փոխարէն՝
հիմնական
բան
մը,
–
յորովայնէ
ընտրեալ
այն
վճռական
ոճրախանձ
բնազդը,
որով
աշխարհ
կու
գան
կարգ
մը
մարդեր։
Վարիչ
շրջանակներու
մէջ
այս
մտապատկերը,
իր
նորութեամբը,
որքան
ճահաւոր
մատուցումովը,
բաւ
էր`
բացատրելու
բացառիկ
այն
կատաղութիւնը,
որով
հալածուեցան
մեր
յեղափոխականները
Արեւմտեան
Նահանգներու
մէջ։
Քոմիթաճի
ն
բիւրեղացումն
էր
այդ
մտայնութեան։
Սողո՞մը։
Դեռ
պատանի,
մօտիկ
գեղէ
մը,
թուրքերէն
իսկ
շէնք-շնորհք
հասկնալ
մը
չունեցող
այդ
տղուն
մէջ
ինչպէ՞ս
զետեղել
ստորոգելիները
այն
միւսներուն,
որոնք
եօթը
սատանայ
կրնային
ծուղակել
իրենց
հնարիմաց
խելքովը
եւ
տասը
առիւծ
ընկրկել
ապառաժ
իրենց
սրտովը։
Աւելցնե՞լ,
այս
յղացքներուն
տակաւին
ուրիշներ,
աւելի
բարդ,
ու
աւելի
դժուարամատոյց,
վասնզի
անոնք
կու
գային
սեփական
ժողովուրդէն։
Քոմանտանին
աղջիկը
լսած
էր
անշուշտ
նաեւ
այն
միւսներուն
մասին,
այս
անգամ
իր
ցեղէն,
որոնք,
ոտքով
ու
ձեռքով
կապուած,
ողջ-ողջ
պարկ
դրուած
ու
ծով
էին
ձգուած,
Սարայ-Պուրնիի
բացերը։
Երիտասարդ
ու
հայրենասէր
սպաներ
ասոնք,
մոլորած
սակայն
եւ
իրենց
մահը
դիմաւորած,
առանց
դառնութեան,
ինչպէս
կը
պատմուէին
այդ
դրուագները։
Թուրքը,
ճակատագրապաշտ
ժողովուրդ,
մահուան
հանդէպ
լուրջ
է
եւ
արի։
Ստուգութի՞ւն։
Շշո՞ւկ։
Սո՞ւտ։
Տեսնողնե՞ր։
Կայի՜ն,
եղա՜ծ
էին
այդ
սպաները,
այդպէս
պարկերու
մէջ
կոխուելէ
առաջ։
Ուզածնի՞ն։
Շատ
բաներու
մէջ
հիմնականը
կենալու
չէ,
այլ՝
հարցումը…
Իմ
մանկունքս
մեռան
կորան…
Տարօրինակ
էր,
որ
երգը
գար
այսպէս,
այսինքն՝
կտոր-կտոր,
երկար
ընդհատներով։
Դեռ
մայր
ու
աղջիկ
ճշդած
չէին
տղուն
քունն
ու
արթունը։
Պառկած
տեղէն
աչքերը
գոց,
մարդիկ
կարո՞ղ
էին
սա
երգին,
այսինքն՝
ձայնին,
տալու
սա
տարողութիւնը,
սաստկութիւնը
յուզումի։
Յետոյ,
իրենց
այնպէս
եկաւ,
որ
այդ
ընդհատները
կարծես
դիտումնաւոր
յարդարանք
մը
կը
մատնէին,
երգին
տպաւորութիւնը
խորացնելու,
տեղաւորելու
ունկնդիրներէն
ներս։
--
Հիմա՞։
Հարցնողը
մայրն
էր։
Որ
խոհարարին
անարուեստ
ու
պարզ
ձայնին
ու
սա
մշակուած,
խորապէս
զգայուն,
խռովիչ
հեղումին
մէջ,
ճշդեր
էր
տարբերութիւնը։
Ան
ալ
չէր
հաւատար
քոմիթա
յի
հեքիաթին։
Ու
չէր
գիտեր
ինչո՛ւ։
--
Միշտ
նոյնը…
Պատասխանի
ձեւին
տակ,
խուսափողական
բա՛ռը։
Ասիկա
եղանակ
է
`
ճշմարտութեան
խուժումը
դիմաւորելու։
Խղճմտանքը
միս
չէ,
որ
ցաւի։
Բայց
անոր
սլաքը
կը
բանի
հոգիին
միսերուն
վրայ։
Ու
հոս
հոգի՞ն։
Ի՛նչ
որ
մեր
մանկութիւնը,
մա՛նաւանդ
պատանութիւնը
պատրանք
են
դիզած
մեր
գանկին
ներքեւ։
Ի՛նչ
որ
մեր
մշակոյթին
խուլ
ու
ահաւոր
անասնութեան
մէջ
կը
մնայ
պուտիկ
մը
ազնի
ւ
բան։
Ես
ո՜ւր
դիմեմ…
--
Հիմա՞։
--
Նորէն
քոմիթա,
աղջիկս։
Ու
մաքրեց
կոկորդը։
Հազը
անհանգիստ
ընելու,
զայն
կազմուելէ
արգիլելու
այս
կանխահոգ
արարքը
նշան
էր
անոր
հաճութեան։
Անիկա
խորապէս
տարուած
էր
եղանակին
քաղցր
թախիծէն։
Ամէն
թուրք
զօրաւոր
ազդեցութիւններ
կ’առնէ
երգէն։
Ձեզի
ծանօթ
է
քոմանտան
փաշան,
իր
պատանութեան
պարունակովը։
Կը
կտրեմ,
կարճ,
անոր
հաճութեան
զսպանակները։
Քոմիթա
՞ն։
Սուտ
կամ
իրաւ,
այդ
բառը
պատրուակ
էր
--ինչպէս
ալ
եղաւ
տարիներով
ու
է՛
տակաւին
ճակատագիրը
այդ
բառին--
ուշանալու
սա
թախծալից
յուզումին
թեւերուն։
Անիկա
կը
տեսնէր
իր
գանկին
ներքեւ
հինաւուրց
գերեզմանները,
այդ
կեավուր
գեղերուն
(ուր
իր
պտոյտները
դուրս
էին
յեղափոխական
կեղծիքէն,
տարիներ
առաջ),
երբ
մայրեր,
աղջիկներ
կու
լային,
գրեթէ
սա
երանգով,
սա
ճիկէր
ը
գտնող
այրումով։
Ու
ինք,
բարակ
իր
կռնակը
(այն
ատեն
ի՜նչ
նրբակազմ
երիտասարդ
էր
անիկա)
տուած
նոճիի
կամ
սօսիի
մը,
մտիկ
կ՚ընէր
գեղջուկ
երաժշտութիւնը,
Վակներն
ու
Պեթհովէնը
ոգեկոչելով։
…։
Անիկա
բռնեց
իր
փորը։
--
Սիրտի
կը
դպչի
կոր,
հայրիկ։
Հարկա՛ւ։
Յուզումը
աւելի
խոր
կ’աշխատէր
ճարպի
այդ
տակառին
մէջ։
Անիկա
փորը
բռնեց
կրկին։
Ու
զգայական
անոր
կեդրոններուն
մէջ
բան
մը
բաբախեց։
--
Արիւնի
հետ
կը
խաղան,
աղջիկս։
--
Երգողնե՞րը։
--
Ոչ,
ասոնք։
Մատներնին
կարմիր
է,
իրենց
երգին
պէս։
Աղջիկը
ցնցուեցաւ։
Մոռցեր
էր
բանտը,
հիւանդանոցը։
Սողոմին
սպաննած
ըլլալը։
Կոյսի
անոր
հոգիին
մէջ
արիւնին
ակօ՜սը՝
ձայնին
ոսկի
խոփովը
փորուած։
Որքա՜ն
տարօրինակ
է
մեր
կազմութիւնը։
Ի՜նչ
արագութեամբ
կ’անցնինք
«սուրէն
ու
կրակէն»՝
վազելու
համար
մեր
մեծ
ակօսին։
--
Բոլո՞րն
ալ։
--
Բոլորն
ալ,
ասոնք։
Աղջիկը
անդրադարձաւ։
Մտքին
դէմ
էին
շղթայուած
երկու
հայերը`
վաւերական
քոմիթա
ներ։
Եղեր
էր,
վարագոյրի
մը
ետեւէն,
որ
թափանցիկ
էր
բաւական,
անոնց
մէկ
հարցաքննութեան։
Այս
զիջումը
ըրեր
էր
անոր
իր
հայրը`
գոհացում
տալու
համար
մատաղ
անոր
երեւակայութեանը։
Երկու
հայերը
վճռապէս
մերժեր
էին
արիւն
թափած
ըլլալու
մեղքը։
--
Քար
է
անոնց
սիրտը,
աղջիկս։
--
Ինչպէ՞ս
կը
հասկնաս
ատիկա,
հայրիկ։
Ու
տարակոյս
կամ
գիտնալու
պահանջ
մը
չէր
այս
հարցականը
անոր
բերնին
մէջ։
Այլ՝
խորունկ
տառապանք։
Մօտ
էր
ան
լալու։
Որմէ՞։
Սա
պաշտօնական
սուտէ՞ն,
թէ
հոյակապ,
կարմիր
տխրութենէն,
որ
կը
հոսէր
տղուն
կոկորդէն։
Ինչո՞ւ
այդքան
սուտ,
երբ
պէտք
չկար
ատոր։
Բանտարկեալնե՞րը։
Ոչ
ոք
անոնցմէ
անցուց
մտքէն
արթնցնել
երազող
Սողոմը։
Բանտապետին
հրահանգն
էր
ատիկա։
Ընդհակառակն,
անուղղակի
պաշտօն
ունէին
բոլորելու
ամէն
քնացող,
ու
միտք
պահելու
անոնց
բերնէն
թռած
բառի
բեկորները,
որոնք
առտուն
կը
տրամադրուէին
հարցաքննիչ
դատաւորին,
ամենագէտ,
փիլիսոփայ,
դաժան,
սոփեստօրէն
մեծամիտ
իր
կարողութեամբը։
Անիկա
պիտի
շահագործէր
այդ
ոճրային
տուեալները,
յանցապարտներուն
կենդանագիրը
պատրաստելէ
ետքը,
երբ
կը
մտնէր
ոճիրին
հանգոյցէն
ներս
ու
խոշոր
գիծերով
կը
պարզէր
դէպքին
նկարագիրը,
տարողութիւնը,
հաւանական
ծալքերը։
Խմող
ու
յիմար։
Բայց
փառաւոր
պատմող,
ծանօթ
էր
բանտային
քաղաքին,
իր
ուռկանով
ը,
–
ճշմարիտ
ցանց
մը,
պարզ
լրտեսումի։
Բոլորուած
ուշադիր,
աչքին
ծայրովը
դուրսը
հովելով,
բանտարկեալները
տրտում
էին,
դուրսիններուն
չափովը։
Լոյսին
խաղը,
ծուխէն
գլխանոցուած
գմբէթին
ճնշումը,
ձայնին
խոր
ու
այրող
կսկիծը
զանոնք
կ’ընէին
այլայլուն
ու
յիմար։
Վերատեսուչ
փաշան,
յոգնած
(անոր
աչքերը
չէին
հետեւած
տակաւին
փորին)
իր
լապտերը
տուաւ
աղջկան։
Գլխովը
մէ՞կը,
տե՞ղ
մը
կը
փնտռէր։
Անոր
հազը
կ’ուրուանար։
Հեռուէն
հսկող
սպան
մօտեցաւ
անոր`
ներկայելով
մեծ
պահարան
մը։
Առաւ
փաշային
բարեւը
ու
գնաց
ետ-ետ,
իր
խումբին
գլուխը։
Պաղ
ու
սափրուած
անոր
դէմքը
վանող
բան
մը
ունէր,
որ
անցաւ
կիներուն։
Փաշան,
աչք
պտտցուց
պահարանին
ու
առանց
բանալու
դրաւ
գրպանը։
--
Ի՜նչ
պէտք
անոնց
լեզուն
հասկնալ։
--
Որո՞նց,
հայրիկ։
--
Չարագործներուն,
անիծուածներուն
մէկ
է
լեզուն։
--
Ինչպէ՞ս։
Չպատասխանեց։
Հաներ
էր
գրպանէն
պահարանը։
Պատռեց։
Նայեցաւ
մէջի
թուղթին,
ստորագրութեան։
Ծալեց
կրկին
ու
տեղաւորեց
գրպանին
խորը։
Այո՜։
Գրեթէ
կը
մենախօսէր։
Մատները
դրած
շրթներուն՝
հազր
դիմաւորող,
բայց
վարանոտ
ու
սպասարկու։
Անիկա
չէր
կրնար
մտածել`
ընկճուած
ըլլալով
երգին
թախիծէն։
--
Դուք
չէք
գիտեր
ի՜նչ
կ’երգեն։
Յետոյ,
պակաս
մը
ձգողի
աճապարանքով՝
--
Ոչ
ալ
խօսածնին։
Տրտում
էր
անիկա։
Մտքովը
դրեր
էր
Սողոմը
քոմիթա
ներուն
համար
ծրագրուած
դաւին
մէջ։
--
Մեղք
չէ՞
աս
ձայնին։
--
Հազար-հազար
մեղք,
հայրիկ։
Աղջիկը
լռեց`
շատ
ըսած
ըլլալու
վախով։
Քոմանտան
փաշան
կրկին
հանեց
թուղթը։
Ակնոցը
կը
փնտռէր
ու
չէր
գտներ։
Ճարահատ՝
տուաւ
աղջկան։
Փիլիսոփայ՝
հարցաքննիչ
դատաւորը
վերջին
պահուն
կ’անդրադառնար
իր
սխալին։
Սողոմը
մոխիրնոցին
մէջ
պառկելու
չէր
այդ
գիշեր,
այլ
առաջնորդուելու
էր
իր
ընկերներուն
մօտ,
ուր
ինք
պիտի
սպասէր
դուրսէն`
քոմիթա
ներուն
հետ
անոր
տեսակցութիւնը
ոստիկանօրէն
օգտագործելու։
Կամաց
այս
ընթերցումը
աղջկան
մտքին
բերաւ
միւս
լուռ
տեսարանը,
ահաւոր
այն
հարցաքննութեան,
որուն
ընթացքին
փիլիսոփայ
հարցաքննիչ
դատաւորը
երկու
ժամ
քրտինք
էր
թափած,
բայց
տառացի,
իր
ամէն
մէկ
բառը
կրկնել
տալով
քոմիթա
ներէն
մէկուն
--միւսը
անասուն
էր՝
թուրքերէն
չիմանալուն--
ու
առնելով
անոնց
երկուքին
բերաններէն
ինչ
որ
կ’ուզէր
արդարութիւնը
առնել։
Թուրքերուն
հանրածանօթ
իֆատէ
ն
։
Այդ
կերպ
ստացուած
էջերէն
իւրաքանչիւրին
ներքեւ՝
երկուքին
ալ
ստորագրութիւնը,
որով
կը
հաստատէին
եկած
ըլլալ
Կովկասէն`
կազմակերպելու
համար
Եալովայի
լեռներուն
վրայ
մեծ
թաքստոց
մը,
տինամիթի
եւ
ռումբի,
զէնքի
եւ
թնդանօթի
ընդարձակ
պահեստով։
Անոնք
պիտի
վարձէին
հարիւրով
հայեր,
միշտ
այդ
լեռնագիւղերէն`
տախտակ
հանելու,
անոնցմով
նաւեր
շինելու,
նաւերով
խուժում
փորձելու,
մայրաքաղաք,
Սուլթանին
պալատին`
զայն
տինամիթով
օդը
հանելով։
Սարայլը
ին
աղջիկը
քիչ
վէպ
կը
կարդար։
Բայց
չէր
կրցած
իր
զարմանքը
զսպել
մտածելու
սա
պարզութեան։
Քոմանտան
փաշան
տեսած
էր
այդ
առիթով
Պոլսէն
ղրկուած
փաշան
ալ։
Իրողութիւն
էր,
որ
երկու
անծանօթներ,
անուղիղ
նպատակներով,
բռնուած
էին
հայաբնակ
վայրերու
մէջ,
Պոլսոյ
մօտերը
նկատուող
շրջանի
մէջ։
Իրողութիւն
էր,
որ
ատոնք
մինակ
էին,
գէթ
թուղթերը
ատոր
հակառակը
փաստող
նոթեր
չունէին։
Ո՞վ՝
ուրեմն
ասոնք։
Եւ
ինչո՞ւ։
Աղջիկը
թուղթը
ծալեց
կամացուկ։
Սողոմը
լռած։
Ու
եղաւ
այն
խուլ,
անձկագին
բանը,
որ
վեր
է
ցաւէն՝
ինչպէս
հաճոյքէն։
Ասոնք
յանգումներ
են։
Դէպի
ասոնք
մեր
յարդարումն
է,
որ
հզօր
տեղ
ունի
մեր
ուղեղին
մէջ։
Եղաւ
մէկը
այն
պահերէն,
որոնք
իրականութեան
եւ
մղձաւանջին
մէջտեղը
կը
կենան։
Կ’ուզենք՝
քալէ
ու
չի
քալեր։
Կ’ուզենք՝
կենայ,
ու
չի
կենար։
Տեսակ
մը
երազային
տարտամութիւն։
Հրացանի
խուլ
ոլորտին
յաջորդ
մարդկային
այն
ճիչին
նման,
որուն
կը
հետեւի
մահուան
լռութիւնը։
Լո՞յսն
էր
դողացողը,
թէ
Սողոմը։
…
Ու
դուրսը
կեցողները
տեսան,
որ
Սողոմի
կծիկէն
բան
մըն
էր
զատուած։
Ձե՛ռքը։
Արագ,
ցցուեցաւ
այդ
թեւը`
ամբողջ
հասակովը
բխելով
այդպէս
սեւ,
անութին
ճերմակ
վիրակապերէն։
Անիկա
պառկողը
վերածեց
մէկ
թեւէն
կոտրած
խաչի
մը,
ինչպէս
կը
նախատէին
թուրք
լակոտները,
հայերու
տան
պատերուն
ածուխի
կտորներով
մահուան
այդ
գործիքը
գծած
ատեննին։
Սողոմին
բռունցքը
կ’եռար
մութին
վրայ
կիսակարմիր։
Անտես
կշիռ
մը,
հոծութիւն
մը,
հարուած
մը,
վտանգաւոր
ու
տենդոտ,
վասնզի
դաստակը
կ’ոլորուէր
անդադար,
կարծես
դաշոյնի
մը
կոթը
խաղցնելով
շատ
մօտիկ
բանի
մը
վրայ։
Պիրկ
թեւին
գագաթին
այդ
բռունցքը
իր
փոքր
ճօճումովը
խորապէս
շահագրգիռ
էր։
Ի՞նչ
կը
դանկըտէր
Նալպանտենց
ծառան,
այսպէս
կիսաքուն,
շղթային
մեղմ
հեծքին
ա՛լ
խուլ։
Ո՞ւր,
որո՞ւ
վրայ
սա
յարձակողականը,
զոր
ելեկտրական
լոյսը
ըրեր
էր
տարօրէն
թրթռուն։
Քո՞ւն,
թէ
ուրիշ
բան
մը։
Յետոյ
տեսան,
որ
գլուխն
ալ
դղրդեցաւ
ծրարիկին
վրայ,
բայց
շատ
կամաց,
այնքան
ծանր
ու
դժուար,
որ
ամբողջ
մարմինը
տքալ
առաւ
բուռն
պրկումին
ներքեւ:
Ոլորուեցան
անոր
ոտքերը,
ինչպէս
կը
պատահի
ատիկա
կարգ
մը
ջղային
գալարումներու
ատեն։
Լուսնոտութիւնը
ընթացիկ
հիւանդութիւն
է
գեղերուն
մէջ։
Ու
անոր
տեսարանումը՝
ամէնուն
ծանօթ։
Քաղաքը
բաւական
Արեւելք
է,
որպէսզի
դասական
դեւերը
չըլլան
յանցաւոր
սա
տագնապին
մէջ։
--
Սիւպհա՜ն
Ալլահ,
սիւպհա՜ն
Ալլահ։
Ճուացողն
էր
Գերմանիա
հոգեբանութիւն
ըրած,
Պրուսայի
զինուորական
վարժարանի
Ա.
դասարանի
ֆիզիքի
պատուակալ
ուսուցիչը։
Անոր
աղջիկը
աչքը
չէր
բաժնած
գալարուող
երիտասարդէն,
որուն
դէմքը
նման
կու
գար
գունաւոր
պաստառի,
ճիգին
արդիւնքով
այդպէս
ալիք-ալիք։
Ու
բա՛ց,
ու
գո՛ց,
պահէ
պահ,
փայլակի
մը
շողիւնին
ներքեւ,
որ
անոր
գանկին
մէջ
բացուելու
եւ
գոցուելու
էր`
այդպէս
անդրադառնալու
համար
երեսին
վրայ։
Որքան
դիւրին
է
դատել,
անշուշտ
սխալի
գնով։
Ի՞նչ
կ’ըսէ
մեր
դէմքին
ոստայնը,
երբ
մեր
ուղեղին
ներքեւ
մէկը
կը
խաչեն։
Փոթորի՞կ։
Կրա՞կ։
Արի՞ւն։
Շղթան,
կոտրտուած
երկաթի
մը
նման,
փոքր
հեծքերով
մասնակից
էր
այս
գալարանքին։
Ըլլար
անիկա
մարմինը,
այդպէս
ողող,
փշրուած,
անտես
վիշապի
մը։
Ըլլար
մեղքին
մեծ
կոճակումը,
դրուագ-դրուագ,
որ
պիտի
փակչի
մեր
մարմինին`
վիշապի
կռնակի
մը
պէս
սատափելով
մեր
միսերը։
Ու
ամէն
օղակի,
ամէն
փուրի
՝
սլաք
մը
լեզու
մխրճելով
մեր
նեարդներուն
ցանցերը
մինչեւ։
--
Երթանք,
հայրիկ։
Քոմանտան
փաշան
ձեռքը
տարաւ
աղջկանը
բերանին։
Լռութիւն
հրամայելու
այս
արեւելեան
եղանակը
կը
հաշտուէ՞ր
լուսնոտութեան
դասական
տեսիլին։
--
Գիտութիւնը
պիտի
յաղթէ…
Երջանիկ
փաշա՜ն։
Որ
մեր
ֆիզիքական
ցաւերը
դարմանելէ
յետոյ
--չէր
անդրադառնար
իր
անդարման
խօթութեան,
զոր
Եւրոպայի
բժիշկները
ուսի
թօթուումով
մը
յաւակնած
էին
ճանչնալ--,
այդ
օրերու
զօրաւոր
հոսանքի
մը
անձնատուր,
կը
հաւատար
նաեւ
մեր
հոգեկան
բոլոր
ցաւերուն
ալ
բուժումին։
Դա՜րը
գիտութեան
էր։
Դպրոցները
մինչեւ
յետին
գիւղակին
մէջ
Միջին
դարու
խաւարը
կը
ջանային
պատռել
մեհմէտճիք
ներուն
ուղեղէն,
ու
ասիկա՝
Գուրան
ը
գոց
ըրած
մոլլաներու
միջոցով։
Գիտութեան
ու
կրօնքին
այս
հաշտութի՜ւնը։
Գիտութիւնը
պիտի
յաղթէր
անշուշտ
բոլոր
մեր
ցաւերուն,
երեւելի
եւ
աներեւոյթ։
Սողոմը
վար
առաւ
իր
ձեռքը։
Թուլացո՞ւմ։
Երեքն
ալ
փակցուցած
էին
իրենց
ձեռքերը
դրան
երկաթ
ձողերուն։
Սպասո՞ւմ։
Լաւ
չէին
գիտակցեր
իրենց
ըրածին։
Անոնց
մտքին
ամրացաւ
Արեւելքի
շատ
պատահական
ցաւը,
որ
այդպէս
կը
սկսի,
բայց
կ’աճապարէ
պառկողին
բերնին
փրփուր
բանելու,
փոխադրելու
համար
դուրս
ներսի
անդունդներուն
թոյնը,
այդպէս
պղպջակ,
ինչպէս
կը
դատէ
ժողովուրդը
նման
տեսարան
մը,
ծովերու
ափէն,
երբ
մանրիկ
ծփանքը
ջուրերուն
խորունկ
ժանգը
եզերք
կը
բերէ։
Ե՞րբ
տեսան,
որ
ոտքի
էր։
Բայց՝
կիսահակ,
կանգուն
մնալու
տառապանքին
մէջ,
մարմնին
վերի
մասը
առաջ`
դժուար
պահելով
իր
կշիռը։
Վէրքին
կապերը,
երեսին
շեշտ
դալկութիւնը
ու
շնորհալի
կաղապարը
տպաւորիչ
էին
ծայր
աստիճան,
ինչպէս
մտածեց
մանկամարդ
աղջիկը`
մեկնելով
խաժամուժ
եւ
անասնագիծ
միւս
դիմակներէն,
որոնք,
շրջապատ,
դաժան,
գազան՝
մոռցեր
էին
փաշան`
հետեւելու
համար
կեավուր
ին
տղուն։
Կիսապիրկ
այդ
կեցուածքին
մէջ
սարայլը
ն
զգա՞ց
զայրագնոտ
կիրքը,
որ
մեզ
կը
նետէ
մեզմէ
առաջ,
այդ
աստիճան
հզօր
թափով։
Անոր
կռնակին
վրայ
ուրուացան
թեւերը
խոհարարին,
որոնք
զինքը
սեղմած
ատենը
կը
թուէին
թաղուիլ
իր
մէջ`
խառնուելու
չափ
զգայութեան
նոյնութեան
մը
խորը
ու
կը
կտրէին
սա
աշխարհէն,
թոյլ
նուաղումի
մը
վրայ
առագաստ
բացած։
Սողոմին
վրայ
ամէն
ինչ
հեռու՝
այդ
հեշտագին
յուշերուն
մօտիկ
երանգէն։
Հակառակն
էր,
որ
ճիշդ
էր։
Ոճրագործը
դիւրաւ
կը
կապուի
սեռին։
Անոնք
ուրկէ՛
գիտնային,
թէ
իրենց
առջեւն
էր,
տեսակ
մը
քնաշրջիկ
այլուրութեան
մշուշով,
դաշոյնը
իրմէն
առաջ
երկարող
ոճրագործը,
որ
ֆիզիքի
քաջածանօթ
մէկ
օրէնքով,
ենթակայ
իր
սկսած
շարժումին՝
չի
կրնար
կասիլ
իր
ձեռքէն
ետքը։
Իրականութեան
մէջ,
զոհի
մը
մարմինը,
իր
ընդդիմահարումով
կը
սառեցնէ
դէպի
առաջ
այս
հոսումը։
Հոս
դերուածին
նման
օդը
անկարող
է
դաշոյնի
շեղբը
սանձահարելու։
Ու
մարմինը
հպատակելով
սկզբնական
մղումին,
կը
հակի
առաջ`
իյնալու
գետին։
Զինուորական
վարժարանի
բնագիտութեան
պատուակալ
դասախօսը
Գերմանիա,
ֆիզիքին
հետ,
հետեւած
էր
նաեւ
հոգեբանութեան։
Վարժարաններու
մէջ
մեր
սորվածները
յիմար
մեղքերու
կը
նմանին,
զորս
պիտի
ուրանանք
ամէն
առիթով։
Այդ
օրէնքին
լաւագոյն
կիրառումը
քոմանտան
փաշան,
որ
այդ
Գերմանիայէն
յանկարծ
յիշեց,
այս
անսպասելի
պայմաններուն
մէջ,
դաս
մը՝
կատարուած
շատ
անուանի
Herr
professeurի
կողմէ,
քանի
մը
հազար
ունկնդիրներու
առջեւ,
եւ
որուն
մէջ
հոգեբանութեան
դասագիրքերու
հեղինակ
եւ
փիլիսոփայական
ուսմանց
աշխարհի
մէջ
հանրածանօթ
գիտնականը
թեզ
էր
ընտրած
ապացուցանել,
մեր
մէջ,
մտապատկերներու
հազիւ
կասկածուած,
բայց
այնքան
հիմնական
դերը,
նշանակութիւնը,
երբ
անոնք
կը
բխին
այս
պայմաններուն
մէջ,
այսինքն՝
անգիտակից
խորքերէ,
առանց
ենթարկուելու
արտաքին
աշխարհի
ուղղիչ
զսպանակներուն։
Անոր
մայր
մտածումն
էր,
հոգեկան
հոսանուտի
մը
դժուար
ըմբռնելի
վարկածին
վրայէն,
հասնիլ
ընդհանրացումներու,
որոնք
շրջանակեն
շատ
մը
անլուծելի
դէպքեր,
հեռազգածութեան,
պայծառատեսութեան,
մարգարէութեան,
հեռազդեցութեան,
շրջող
տախտակներու,
իբնոթիզմ
ի`
բոլորն
ալ
ընդունելով
իբր
պարագայական
արտաքնացումները
մէկ
ու
նոյն
հոսանուտին,
որ
գոյ
է,
ինչպէս
հոգին
եւ
ունի
իր
օրէնքները։
Դասախօսը
արուեստագէտները
ու
մարդոց
մէջ
հեղինակութիւն
վայելող
զօրաւոր
անհատականութիւնները
կը
բացատրէր
այդ
ամենաբոյժ
վարկածով։
Բայց
ինչ
որ
անկորուստ
պահուած
էր
քոմանտան
փաշայի
յիշողութեան,
միւս
շատ
փաստացի
կառուցումով
պաշտպանած
մէկ
գործադրութի՛ւնը,
սկզբնական
վարկածին։
Անիկա
կը
հաւատար
օրին,
երբ
դատական
իշխանութիւնները
ոճիրին
հարցը
ընդմիշտ
լուծած
պիտի
ըլլան՝
հետեւելով
իր
վարդապետութեան։
Անոր
պահանջն
էր
նկատի
առնել,
ամբաստանեալներու
ու
բանտարկեալներու
վրայ,
ոճրային
ծալքերը,
լուսաւոր
մղձաւանջները,
որոնք
այնքան
ահաւոր
իրականութեան
հետեւանք՝
իմաստի
կ’ելլեն,
գեղերու
մէջ,
հոգեւարքի
մահիճներուն,
ուր
շրջապատը,
ափ
ի
բերան,
տեղեակ
կը
դառնայ
անմեկնելի
սրբագրութեանց
հանգոյցին։
Պահանջն
էր
հսկել
յիմարութիւնը
սկսող
բառահեղեղը,
անոր
պղտոր
ընթացքին
մէջ
հաստատումն
ընելու
հոգեյատակի
հիմնական
ցցունքներուն,
որոնք
իմացականութիւնը
կը
պատռտեն՝
ինչպէս
արտի
մը
վրայ
ժայռերու
կտորները
կ’ընեն
ատիկա։
Հանրածանօթ
դասախօսին
կարծիքով
--քոմանտան
փաշային
մէկ
թերութիւնն
էր
իր
մեծ
ուսուցիչներուն
անունները
մեծ
հպարտութեամբ
ըսել
ամէն
առիթով,
հիացական
ու
անխելք,
չզգալով
անտեղութիւնը
այդ
ցուցադրումին--,
դատական
իշխանութիւնները
պարտաւոր
էին
մեծ
ուշադրութեամբ
հետեւիլ,
այդ
քնէածական
պահերուն,
ներքին
աշխարհէն
որեւէ
ձեւով
դուրս
ուրուացող
ամէն
փշուրի։
Երազ
մը,
որքան
ալ
գէշ
տեսարանուի,
ձայնի
նպաստով
մը
մեկնելի
է
յաճախ։
Զօրաւոր
զգայութիւնները
--ու
այս
տարազով
անիկա
կը
հասկնար
ոճիրին
հարուածովը
մեր
մէջ
փորուածները--
կը
յաղթեն
քունին
օրէնքներուն.
եւ
միտքը
կը
հպատակի
միշտ
ուժին
մեքենականութեան։
Այնպէս
որ,
ըստ
տեսութեան
հետեւութեան,
դուրսէն
լաւ
դիտուած,
նոթուած
ու
խնամքով
վերյարդարուած
երազի
մը
ուրուատիպը
բաւ
է`
հերքելու
ամէնէն
յամառ
ուրացումները։
Ոճրագործը
միշտ
պիտի
հասնի
կէտի
մը,
ուր
ինքզինքը
պիտի
մատնէ
աներկբայ:
Հերիք
է,
որ
հարցաքննութիւնները
տարուին
առաջ,
այս
զգուշութիւններով։
Հոգեբանութիւնը,
այս
իսկ
նուաճումով,
կ’իջնէր
գործնական
կեանքի
ամէնէն
մռայլ
մէկ
կալուածին
մէջ,
պակսող
ու
անսխալ
ջահը
բերելու։
Փառք
գիտութեան,
որ
կերպարանափոխ
է
ըրած
աշխարհը։
Հաւատք
անոր
վրայ՝
որ
պիտի
ցուցակագրէ
նաեւ
հոգիին
բոլոր
«ոսկորնե՜րը»,
կմախքը։
…։
Խանդավառ
այս
բացագանչութիւնները
անշուշտ
դեր
ունէին,
որպէսզի
դասը
մնար
ողջ
մեր
քոմանտան
փաշային
ալ
ուղեղին,
այն
ատեն
տակաւին
պարզ
պէյ
մը,
ինչպէս
կը
ծնին
բոլոր
թուրք
երիտասարդները։
Դատաւորներ,
փաստաբաններ,
արեւելեան
երկիրներու
մէկ
մեսիան
խիստ
շահեկան
գտած
էին
դասախօսը,
եւ
յայտնած
իրենց
անկեղծ
շնորհաւորութիւնները`
մաղթելով
անոր
կարծիքներուն
արագ
ընդհանրացում։
Այդպէսով
ոճիրի
հարցը
կը
մտնէր
նոր
փուլի։
Ու
մարդիկ,
սպաննելէ
առաջ,
սպաննուելու
մեծ
վախով
անդամալոյծ,
կը
զգուշանային
հարկաւ
աւելորդ
արիւն
թափելէ։
Խե՜ղճ
դասախօս։
Ազգերը
պիտի
թափէին
ազգերուն
արիւնը,
իրմէ
չկասկածուած
ուրիշ
օրէնքներով
եւ
պիտի
փառաւորուէին
ջարդած
ըլլալու
առաքինութեանց
համար։
…Քոմանտան
փաշան,
օսմանեան
փառապանծ
բանակին
նոր
ուժերէն,
ժէնի
ի
ճիւղին
համար
պատրաստուող
գիտուն,
լոյսի
վրայ
ապագայ
նոր
գիւտի
մը
նախաշաւիղը
արդէն
մտած,
փութացեր
էր
սեղմել
ձեռքը
ներկուռ
հոգեբանին`
յայտնելով
հիացումը
Արեւելքի
մեծ
ժողովուրդին
դէպի
վաստակն
ու
մեծութիւնը
Արեւմուտքի
մեծ
ժողովուրդին։
Ու
մոռցած
դասը՝
վազած
գարեջրատուն,
որուն
արկղակալուհին
կը
գովէր
իր
աչքերը
ու
դեղձանուշ
դէմքը…
Սողոմը
ինկաւ
երեսին
վրայ։
Ցնցուեցան
բոլորը
ներսէն
ու
դուրսէն։
Քոմանտան
փաշային
մատը,
ցուցմունքով,
մարդերը
ծռեց
տղուն
գլխուն։
Որոշակի
չէին
գիտեր,
թէ
ի՞նչ
կը
հրամայէր
իրենց
այդ
մատը։
Բայց
Թուրքիոյ
մէջ
անգիր
օրէնք
կայ,
որ
հզօր
է
նոյնքան։
Քանի
մը
տարուան
ընթացքին,
իրաւ
է
թէ
ալ
չէին
կրկնուեր
այն
դէպքերը,
որոնք
96ի
հայկական
ջարդերուն
իբր
հետեւանք,
բանտերու
մէջ
բերանացի
արիւնոտ
պատկերներ
եղան։
Այդ
օրերուն,
թուրքը
մաքրեց
իր
բանտերուն
մէջ
մեծ
թիւով
հայեր։
Բոլոր
այն
քաղաքներուն
մէջ,
ուր
արիւն
հոսեցաւ,
նախապէս
դատապարտուած
հայերէն
զատ
--թուրքին
իմաստութի՜ւնը՝
աշխարհ
խաբելու
աճպարարութեան
մէջ--,
բոլոր
բռնուածները
մեռան
բանտին
մէջ,
զանազան
հիւանդութիւններով,
զորս
կը
հաստատէին
բժշկական
տեղեկագիրներ
ու
գաւառին
առաջնորդական
փոխանորդ
քահանան։
Ասիկա
մեթոտ
է
եւ
պետական
արդարութիւն։
Ողբացեալ
Զօհրապն
իսկ
մեռաւ
այս
պայմաններուն
մէջ
եւ
թաղուեցա՜ւ։
Իրականին
մէջ,
այդ
բանտարկեալները
մեռան,
այդպէս
մատի
ցուցմունքներով,
իրենց
կալանաւոր
ընկերներու
ձեռքով
խեղդուած։
Ու
ամէն
ոճիր
այդ
երանգին
մէջ,
կարծես
անթել
կարգախօսով
մը
կը
հեռաձայնուի
նահանգէ
նահանգ։
Մատի
ցուցմո՞ւնք։
Անշո՛ւշտ։
Զոր
կը
ճանչնայ
բանտապետը։
Տարի
մը
առաջ,
սա
մոխիրնոցին
մէջ,
աւելի
երիտասարդ
սպայի
մը
նշանացի
մատովը
խղդուեցաւ
քսաներկու
տարեկան
երիտասարդ
մը,
Պիլեճիկի
կողմերէն,
գեղանձն
ու
ազնիւ,
որ
մեղքն
էր
գործեր՝
հաճոյ
ըլլալու
սպային
կնոջ։
Ջարդերէն
ետքը
այս
կարգի
եղերական
դրուագներ,
սեռային
պարունակէ,
ցանցառեր
էին։
Բայց
վտանգին
մեծութիւնն
էր
թերեւս,
որ
կը
գրաւէր
հազուագիւտ
տղաքը։
Երիտասարդը,
որ
սպային
ագարակին
մէջ
կը
հերկէր
արտերը
եւ
կը
պահպանէր
անոր
հօտերը,
անլուր
արիութեամբ
մը,
հալածելով
«զինու
զօրութեամբ»,
անունին
ահովը
շրջանին
շփացած
հրոսախումբերը,
բնիկ
կամ
ալպան,
յիմար
էր
եղեր,
մատնուելէ
ետքը,
փոխանակ
լեռ
ելլելու,
քաղաք
երկննալ`
գտնելու
համար
պէյը։
Թխմած
էին
ծակը։
Յետոյ՝
փոխադրած
ուղղակի
Պրուսա,
սա
նախագաւիթը։
Սպան
ուշ
էր
մնացեր`
ճամբան
մաքրելու
համար
իր
պատիւին
հասած
սա
արատը։
Ու
վազած
բանտ։
Հոն,
անոր
մատը
մաքրեր
էր
հաշիւը։
Անշուշտ,
հայ
քահանան
առաւ
մեռելը։
Բժի՞շկը։
Գտաւ
արաբական
թէրքիպ
ով
մարազ
մը։
Քոմանտան
փաշա՞ն։
Հայ
մը
քարիւղի
լամբ
չէ,
որ
արժանի
ըլլար
անոր
քննութեան։
Թուղթերը
ողջ
ըլլան։
Այս
կարգի
աւանդութիւնները
կարօտ
չեն
մեկնութեան։
Բանտապետին
առաջնորդութեամբ,
բանտարկեալները
առած
էին
արդէն
իրենց
մագիլներուն
մէջ
տղուն
պուկը,
երբ
երկու
կիներուն
լեղապատառ
ճիչը
ցրուեց
պատրանքը`
սառեցնելով
ոճիրը,
իր
ոստայնին
մէջ։
Քոմանտան
փաշան
ոճրագործ
մը
չէ։
Բայց
թուրք։
Երկու
բառերու
այս
առընթերումը
մեզ
չի
զարմացներ
հիմա։
Աւելին.
այն
օրերուն,
այդքան
ընտանութեամբ,
բնականութեամբ՝
մարդ
սպաննելը,
որուն
ծովածաւալ
ընդարձակութիւնը
իր
լրումը
պիտի
գտնէր
915ին,
տակաւին
պետական
արձակ
կարգախօս
մը
չէր։
Որուն
գործադրումը
հետապնդէին
մարդիկ,
ազգային
երախտագիտութեան
ակնկառոյց։
Անիկա
Սողոմը
դուրս
էր
ուզած։
Այդ
փափաքը՝
մահ
էր
հասկցուած։
Տարօրինա՞կ։
Չէ
ասիկա
երկրի
մը
մէջ,
ուր
մինչեւ
այսօր,
մարդկային
կեանքը
կշիռ
չունի
դեռ։
Չունէր,
ազգային
մեծ
մախանքներէն
ալ
առաջ։
Ու
չունեցաւ
մա՛նաւանդ
անկէ
ետք։
--
Հանեցէք
դուրս։
Հրամանն
էր
փաշային։
Կեցուցին
ոտքի։
Անոր
դէմքին,
անհուն
սարսափ,
ու
հեւքը՝
զայրագնած
ցաւի
մը։
Ինկեր
էր
աջ
ոտքին
վրայ,
ուր
վէրք
մը
դեռ
կը
յապաղէր
փակուելու։
Ցաւի
այս
զգայութիւնը՝
մտրակուած
տեսիլքով
մատնուելու
ահէն,
լարեց
անոր
ջիղերը
դժոխային
պրկումով։
Գեղացիի
աղկաղկ
անոր
հայութիւնը
կը
ջնջուէր
մէջէն`
րոպէաբար
տեղ
տալու
համար
միւսին,
այն
հեքիաթային
պայմաններուն,
որոնք
պատմուած
էին
իրեն
յեղափոխականներէն։
Անիկա
կարծեց
սկսած
ըլլալ
նոր
կեանքը,
բանտային
աշխարհէն։
Ու
անոր
ամէնէն
ստիպողական
հրահանգը,
ձիգ
բռնել
լեզուն
։
Այսպէս
կը
պատգամէին
աժան
ու
չաժան
մարդու
կտորներ,
որոնք
96ի
դէպքերէն
առաջ
երեւցեր
էին
մեր
կողմերը
ու
յեղափոխական
կը
գրէին
։
Ձիգ
բռնեց
լեզուն։
Անկէ
առաջ,
անշուշտ
ձիգ
բռնեց
մարմինն
ալ,
որուն
մէկ
մասն
էր
ադ
լեզուն։
Դեռ
լիովին
չարթնցած,
այս
պատգամը
յստակ,
դրուեցաւ
անոր
ուղեղին։
Պիտի
չխօսէր
մահուան
իսկ
գնով։
Բացաւ
աչքերը։
Անոր
գործը
եղաւ
ինքզինքը
զետեղել
ջանալ,
թէ՛
սրունքներուն
վրայ,
որոնցմէ
մէկը
կրակի
ինկած
միսի
պէս
կ’այրէր,
թէ՛
հոգիին
մէջ,
որ
իր
գեղն
էր,
Ակնաղբիւրին
եւ
Նալպանտենց
տունին
զոյգ
կէսերովը։
Արթո՞ւն։
Քո՞ւն։
Ո՞ւր՝
մա՛նաւանդ։
Անոր
թարթիչներուն
ետին,
ծալուող
դրօշի
մը
նման,
մէկ
պոչէն
բաց
էր
Ակնաղբիւրը։
Ու
անով
պայմանաւոր
երգին
տեսիլը։
Երգին
թեւով՝
խթման
արարողութիւն
մը,
որուն
մէջ
անիկա
զգայութիւնը
ունէր,
Դանիէլի
«Յամին»ը
փողաձեւ
ծալած
ատեն,
իր
իսկ
աչքերուն,
սեւեռ՝
կարմիր,
իր
ձեռքով
գծուած
բաժակին,
զոր
երկու
հրեշտակներու
մատները
կը
բռնէին
պինդ,
ընթերցուածք
ը
սկսող
ճերմակ
թուղթ
տարածութեան
շրթունքին,
դեղնագիծ
երկինքի
մը
սիրտը
իբրեւ։
Ո՜վ
մեր
դժբախտ
անձնականութիւնը,
գիտուններուն
տարազել
ուզած
Եսը։
Դուն
հոգեբաններուն,
փիլիսոփաներուն
բերնի
ծամոց
ըլլալէ
առաջ,
սա
փշրանքներն
ես,
մեր
մէջ
ցրցքնուած։
Կարճ
իր
մղձաւանջին
մէջ,
Սողոմենց
տղան
ապրեր
էր
եօթը
տարի։
Եղեր
էր
ժամուն
տիրացուն,
Նալպանտենց
ծառան,
երգիչը
Ակնաղբիւրի,
որ
արթննալուն
հակառակ,
դեռ
կը
քաշուէր
ետ,
վար՝
դէպի
մացառները
անոր
հոգիին,
բայց
գոյ
տակաւին
անբացատրելի
աղօտայնութեամբ
մը,
ծածանումով
մը,
երկարումով
մը,
ինչպէս
կ’ըլլայ
մեր
տպաւորութիւնը
թաւուտէ
մը,
քարակոյտէ
մը,
մացառիկէ
մը
ներս,
դէպի
վար,
անհետ
օձէն,
որ
չկայ՝
բայց
կը
շարունակէ
մեզ
խռովել,
քանի
որ
կը
լսենք
խշրտուքը։
Ու
Ակնաղբիւրին
քով
եղերական
տեսարանը
կրկին
Նալպանտենց
Սերոբին
սպանութեան,
դաշոյնին՝
բութ
այն
զգայութեամբ
կրկնաւոր,
որ
իրն
էր
եղեր,
երբ
հատու
գործիքին
սայրը
քիչիկ
մը
տատաներ
էր
կրծոսկրին
ակօսը
գտնելէ
առաջ։
Ո՜վ
մեր
դժբախտ
անձնականութիւնը։
Անոր
առջին
տեղի
տուաւ
երկաթ
վանդակը։
Կամարէն
կախ
լապտերը
անբաւական
էր
պարզելու
դէմքին
անձուկը
մօտիններուն։
Տեսա՞ւ
երկու
կիները,
որոնք
ուրիշ
թերակամարի
մը
տակ
կը
նայէին,
վախնալով,
իր
դանդաչումին։
Դուրս։
Փաշան
հեռուէն
հովուող
սպան,
անոր
նշանովը
վազած
էր
առաջ։
Անիկա
արձանացաւ,
նոր
հրամանի։
Քոմանտան
փաշան
գրպանէն
առաւ
թուղթի
կտորը,
անգամ
մըն
ալ
աչք
պտտցուց,
յետոյ
ճմռկելով
նետեց
գետին։
--
Ներս,
շղթայով
սենեակը։
Սպան
քաշուեցաւ
ետ,
ոտքին
մէկը
զարկաւ
միւսին,
ձեռքը
միշտ
ձախ
ճակատին։
Այս
շարժումները
կը
դերէին
հրամանին
հասկացողութիւնը։
--
Հայտէ՛։
Սպան
արձակուեցաւ
իր
պաշտօնական
կեցուածքէն։
Քովնտի
նայելով
ետ.
--
Արշ
…
Չորս
զինուորներ
շրջապատեցին
Սողոմը`
առանց
անոր
դպելու։
Կիներուն
ներկայութիւնը,
բանտարկեալներուն
ապշահար
գլուխները,
վանդակին
ճեղքերէն,
փաշային
սուլող
շնչառութիւնը
իրարու
կ’աւելնային՝
ջնջելու
համար
բուն
իսկ
յանցաւորը,
[որ]
անոնց
թեւերուն
ուղղութիւնը
առաւ,
իյնալով
անոնց
առջին։
--
Ո՞ւր,
հայրիկ։
Աղջիկն
էր
`
անկարող
ինքզինքը
զսպելու։
--
Բանտ,
-
ըսաւ
անոր
հայրը,
հանդարտ,
բայց
նեղուած։
Սարայլը
ն
քաշեց
աղջկան
ետեւէն։
Խօսիլը
անտեղի
էր։
Խումբը
շտկուեցաւ
մոխիրնոցէն
անդին,
համբաւաւոր
նրբանցքը,
ուր
մտած
էին
առտուն
երկու
հայերն
ալ։
--
Ծրա՞րը։
Աղջիկն
էր
յիշեցնողը։
Սպան
կեցուց
դասակը։
Զինուոր
մը
առաւ
բանտապետէն
ճերմակ
կապոցիկը
ու
զետեղեց
Սողոմին
անութին։
Տղան
չէր
նայեր
ո՛չ
դէմը,
ո
չ
ալ
քովնտի։
Խոնաւ
ու
ցուրտ
օդին
մէջ
կամարակապ
այդ
հնութիւններուն
հոտը
գրաւած
էր
անոր
կարելի
ուշադրութիւնը։
Լոյսի
կտուցներ
կ’աւրէին
գորշ
կարմրութիւնը,
մեծ
շուքերով
ալիքուած։
Մտան
նրբանցքը։
Զայն
կ՛եզերէին
վանականներու
խուցեր
յիշեցնող
սենեակներ,
ափափոյ
յայտարարուած
սիւնաշարքերու
կիսաղեղներուն։
Ստոր
տեսակի
ծեփ
մը
աւելի
կ’աղտոտէր
թշուառ
այդ
յաւելումներուն
տաճկութիւնը։
Ասոնք
բնակարաններ
էին
ոստիկաններու
շրջուն
թեւին,
որ
քաղաքը
եւ
անոր
ենթակայ
դաշտը
կը
պահէր
իր
հսկողութեան
տակ։
Ժանտարմա
որակուած
այս
մարդերը
ձանձրոյթով,
կատաղութեամբ
ու
վրէժով
լեցուն,
քանի
որ
քրիստոնեայ
գեղերը
ցանցառ
էին
շատ,
քանի
մը
յոյն
գեղ,
իրենց
իշխանութեան
կալուածին
մէջ,
ձիերը
վազցնելէ
կամ
մուխթարները
սիրաշահելէ
յոգնած,
հազիւ
ատեն
կը
ճարէին,
սպասարկութենէն
յետոյ,
գալ
փռուելու
իրենց
մահիճներուն,
չորս
կազի
սնտուկ,
վրան՝
չորս
տախտակ,
վրան՝
չորս
պարկ
խոտ,
վրան՝
երկու
պետական
պաթանիա։
Քրտինքին,
աշխին
ու
աղտին
համախառնուրդ
հոտը
անկարելի
կ’ընէր,
ըրած
էր
կիներուն
յառաջացումը,
ասկէ
առաջ
ալ,
ուրիշ
անգամներ,
անկէ
անդին։
Պահակ
մը
առաջին
կամարին
կեցուց
խմբակը։
Հարցուց
սպային
գիշերուան
բանաձեւը
ու
արձանացաւ։
Սենեակներէն
գլուխներ։
Կը
նայէին
ու
անփոյթ
էին,
քիչ
մըն
ալ
չկամ:
Իրենց
առջեւէն
այդ
տարագրումները
բեռ
կը
թուէին
անոնց
յոգնած
հոգիին։
Գիտէին,
թէ
իրենցմէ
մէկ
քանին
պիտի
հանուէին
իրենց
քունէն,
աս
ու
ան
էֆէնտիին,
պէյին
կցուելու,
սպասելու
համար
երբեմն
մինչեւ
առտու
շղթայով
սենեակին
թափանցի՜կ
դրան
առջեւ։
Անոնք
չշարժեցան
իրենց
դիրքերէն։
Փ
աշան։
Որ,
մարած
սատանային
լապտերը,
աթոռ
էր
ուզեր,
քիչ
մը
նստելու,
պատսպարուած
տախտակեայ
շարժական
պահականոցի
մը
մէջ։
Կինե՞րը։
Ասոնք,
հին
փորձերով,
իրենց
ուղեղներուն
խորը
ունէին
դրուագուած՝
համր,
ոստայնը
սա
մարզերուն։
Ուրիշ
անգամներ,
անոնք
անցեր
էին
այդ
կամարակապ
նրբուղին,
կանգ
առնելու
համար
ընդերկրեայ
միւս
ճամբուն
առջեւ,
որ
կ’առաջնորդէր
շղթայով
սենեակը,
իր
հեքիաթովը
բաւական
թելադրող,
որպէսզի
պարման
աղջիկ
մը
հրապուրէր
իրեն:
Բուռն
անոր
փափաքին,
յուզումին
ու
լալու
տրամադիր
անոր
վիճակին
հակառակ,
անոր
մայրը
յաջողեցաւ
զայն
առնել
ետ,
դէպի
պալատ։
Ատկէ
առաջ
անիկա
խնդրեր
էր
տղուն
կեանքը
իր
հօրմէն,
պարզ
եւ
աղերսարկու։
Հոգեբան
վերատեսուչը
անշուշտ
նոր
գլուխ
մը
պիտի
աւելցնէր
հոգեբանութեան
գիրքերուն
մէջ,
որով
պիտի
ապացուցէր
մեր
զգայութիւններուն
անհակակշիռ
տիրակալութիւնը
մեր
բուսական
հոգեբանութեան
ջուրոտ
արօտներուն
վրայ,
Ֆրէոյտէն
առաջ։
Կարճ
այս
խօսակցութիւնը,
եղերական
իր
կողմէն
միայն
մատչելի՝
մեծփոր
գիտունին,
յատկանշական
էր
սակայն
բանտային
բարքերէն։
Տասնվեց
չմտած
աղջիկը
ուրկէ՞
հոտ
կ’առնէր
կարելի
մահուան,
որ
այդ
ճամբուն
վախճանին
կը
սպասէր
արթուն։
Անիկա
ուզած
էր
այդ
տղուն
կեանքը,
հեքիաթներու
երկախօսութեամբ
մը`
հայրը
ստիպելով
արդարութեան
անունով
խոստում
ընելու։
Առանց
քննութեան՝
հայերու
մահը
յիշատակ
մը
չէր
այդ
աշխարհէն
ներս,
այլ՝
աւանդութիւն,
քաղաքական
ուղեգիծ։
Հոգեբան
ու
պատուակալ
դասախօսը
անշուշտ
խորհեցաւ
ուրիշ
նրբութիւններու,
յիշատակին
մէջը
գերման
Հէր
փրոֆեսէօր
ին։
Կրցա՞ւ
վարկածել
ուրիշ
ալ
վարկած
մը,
որուն
համեմատ
մինակ
ոճիրը
չէ,
որ
մեր
հոգին
կը
տարազէ
ու
ոճի
կը
հանէ,
մա՛նաւանդ
ազգերու
կրկէսէն,
այլեւ՝
սէ՜րը։
Բայց
բառը
թուրք
զգայութեան
մէջ
զուրկ
է
միւս`
քրիստոնէական
երանգէն,
որով
կը
շփոթուի
տիեզերքը
լեցնող
մեծագոյն
զգացումին
հետ
մեր
մէջ։
Թուրքերը,
իրենց
բարբառով
մէկ
հատիկ
բառ
ունէին,
որ
զգայարանական
իմաստէն
դուրս
ուրիշ
երանգ
չ’արտաբերեր։
Շատ
մօտէն,
իբր
հաստ
պատերուն
ընդերքէն,
պառկելու
փո՛ղը։
Որ
բանտին
օրը
փակելով`
կը
բանար
առաջին
տագնապոտ
օրը
անոր
հոգիին։
Անիկա
խուլ
ու
խոր
արգահատանքով
մը
կը
զգար
ինքզինքը
կապուած
այնքան
սրտառուչ
ձայնին
հեղինակին։
Այդ
րոպէին
անոր
մէջ
իրենց
հեղումը
ունեցան
նաեւ
հիւանդանոցին
փախստեայ
պահերը,
երբ
առանց
ուզելու,
դուռին
ետին
պահուըտած,
հետեւեր
էր
անոր
կիսամրմունջ
երգերուն։
Ու
կեցաւ
անոր
պարման
ուղեղին
մէջ
Հաւատիս
աղբարը,
լուրջ,
տրտում,
քաղցր։
Ու
քովիկը՝
մաման,
հայրիկին
Պոլիս
օրերուն,
երբ
ժամերով
կ’ուշանար
խոհանոցին
մաքրութեամբը`
յոգնեցնելու
չափ
տղու
իր
համբերութիւնը։
Անցան
ատոնք
ալ`
գալու
արագութեամբ։
Մինչ
կը
դողար,
կը
թրթռար
ու
կը
պոռար
փողին
արոյրէ
հրամանը,
քոմանտան
փաշային
աղջիկը
իր
աչքերը
կը
սրբէր,
խոր
զգուշութեամբ`
հօրմէն
աւելի
մօրմէն
վախնալով։
Ու
անիկա
անկարող
էր
այս
երանգը
բացատրելու։
Լա՞ցը։
Ձայնի
ժապաւէն
մը,
այնպէս՝
ինչպէս
էր
անիկա
ելեր
դուրս
բանտէն,
կրկնուեցաւ,
պառկեցաւ,
մանչու
մը
հասակով,
իր
հոգիին
մէջ,
տաք-տաք,
ու
տարօրէն
իրաւ։
Ու
այդ
ձայնը
թեւեր
ունենար,
բարակ՝
բայց
ամբողջ,
որոնք
կը
դպէին
անոր
աշխարհին
անյայտ
դուռներուն։
Ու
կը
հանէին
ոտքի
անլուր
բազմութիւն։
Այսքան
շա՞տ՝
այն
պուտ
մը
բանը,
զոր
սովոր
ենք
հոգի
անուանել։
Անիկա
լեցուն
էր
այդ
ձայնին
բոլոր
տրտմութեամբը,
հուրքովը,
թարմութեամբը
ու
սեռովը։
Լացը
ծածկելու
համար
կանխեց
իր
մայրը։
Հայրը
կ’ուշանար։
Մինչեւ
իրենց
պալատին
մուտքը,
խիճէ
մաքուր
արահետը
շատ
եկաւ
իրեն։
Մեր
ոտքերը
ամէնէն
առաջ
կ’ազդուին
մեր
տագնապներէն։
Խիճերը
կը
նեղէին
արդէն
ինքիրմէ
հանուած
անոր
մարմինը։
Ծաղիկներ
դպան
անոր,
պաղ,
խոնաւ,
թշնամի։
Տերեւ
մը
մահուան
ճճիի
մը
պէս
սառեցուց
զինքը
իր
ծոծրակին
վրայ։
Դիւրազգած,
մռայլ,
սիրտովը
շատ
լայնցած՝
անիկա
պալատի
մուտքին
սպասեց
իր
մօրը։
Չէր
տեսած
երիտասարդ
զինուորը,
որ
զայն
մինակ
գտնելուն,
դեղներ
էր
մէկէն
ու
ըրեր
բարեւի
շարժում,
որ
արգիլուած
էր
քաղաքային
անձնաւորութիւններուն։
Սանդուխին
առջեւ։
Շունչը
կու
գար
քիչ։
Բռնեց
բազրիքը,
եղկ
ու
աղուո՜ր
–
ո՜վ
յիմարութիւնը
մեր
զգայութիւններուն
--
եւ
սպասեց։
Մայրը,
խօսելէ
յետոյ
դուրսի
զինուորին,
մտաւ
ներս։
--
Ինչո՞ւ
կեցեր
ես։
Չպատասխանեց։
Տարուած
կը
թուէր
ու
հեռու
կը
թուէր։
--
Ի՞նչ
ունիս։
--
Գիտես,
մայրիկ,
իրարու
կը
նմանին։
--
Ինչե՞րը։
--
Ձայները։
Մայրը
լռեց։
Հասկցա՞ծ
էր։
Բայց
աղջիկը
շարունակեց.
--
Հաւատիսին
ու
ասոր։
Մայրը
շարունակեց
լռել։
Անոր
երեսը
շրջուած
էր,
այսինքն
փախցուած՝
աղջիկէն։
Կու
լա՞ր։
Անդին,
Սողոմը
կը
քալէր,
դէպի
շղթայով
սենեակը։