Մնացորդաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ծնթ. - Վրիպակներ եւ սրբագրութիւններ՝  կը յղուին «Գ. Մելիտինեցի» շարքի հրատարակութեան  Անթիլիաս, 1988: Անոնք առհասարակ՝ «Յուսաբեր»ի ա. տպագրութեան վրիպակներն են, մեծ մասամբ կրկնուած՝ այս հրատարակութեան մէջ: Հեղինակի ձեռագիր բնագիր պահուած է, բարեբախտ դիպուածով, հատորի ա. եւ բ. Գիրքերու պարագային: Հատորի գ. Գիրքէն սկսեալ, սրբագրութիւններուն համար կը հետեւիմ միւս գործերուն կիրարկած քննական ընթերցումի մեթոտիս --  իմաստային վրէպները գտնել-սրբագրել՝ համագիրի խորագոյն ընկալման շնորհիւ:

օ Վրէպներու եւ սրբագրութիւններու արձանագրում-պահպանումը ծանօթագրութիւններու ձեւին տակ՝ կը կիրարկէ քննական հրատարակութիւններու ընդհանուր կանոնները: Աւելին՝ անիկա կարելի կը դարձնէ գործերու անցեալ հրատարակութիւնները եւս բարելաւել՝  սրբագրութիւնները մուծելով անոնց մէջ:

Ինչպէս միւս գործերու պարագային, հոս եւս՝

- Սխալներ եւ սրբագրութիւններ նշած եմ միասին:

- Նշած եմ նոյնպէս հաւանական սխալները, բայց առաջարկած վերականգնումներուս կցած եմ ? հարցանիշը:

- Բացայայտ կամ հաւանական, բայց անվերականգնելի սխալներ եւս մատնանշած եմ, պարզապէս ընկերակցուած՝ նոյն  ? նշանով:

- Ծանօթագրութիւններու մէջ պատահած վրէպներ սրբագրած եմ տեղւոյն վրայ, վրէպը՝ անկիւնաւոր փակագիծերու մէջ:

- Կէտադրութիւն սրբագրած եմ միայն անհրաժեշտութեան պարագային (իմաստային վերականգնում): Այլապէս, պահած եմ անփոփոխ -- նաեւ հեղինակային որոշ զարտուղութիւններ կամ զանցառումներ::

- Չեմ ձեռնարկած ուղղագրական միաձեւութեան (օրինակ՝ բառի մը տարբեր գրելաձեւերու նոյնացման): Ճիգը կեդրոնացուցած եմ բնագրի իմաստային վերականգնումին վրայ, որ յաճախ անտեսուեր է, ցարդ:      

- Այս առաջին. հատորի ա. եւ բ. գիրքերու պարագային, սրբագրութիւններու կարեւոր համեմատութիւն մը կը պարտիմ «Մնացորդաց»ի անգլերէնի թարգմանիչ Միքայէլ Ճ. Կօշկարեանին:

Յ. Քիւրքճեան