ՀԱՅԱՆ
ՀԱՐՍԻԿԻՆ
ՄՈԻՇԷՆ
Մենք
ու
Մուշէենք
պատկից
էինք
իրարու:
Անոնց
տունը
փոքր
էր,
մերինին
կուշտին
փակած
տնակի
մը
պէս
կ՚երեւար,
բայց,
արդէն,
աւելի
մեծը
ի՞նչ
պիտի
ընէին:
Մայր
մը,
տղայ
մըն
էին:
Այսինքն`
Հայանը
ու
Մուշէն:
Մուշէն
հայր
ունէր
թէեւ,
բայց
տեսած
չէր:
Իմ
տարիքիս
տղոցմէն
ոչ
մէկերնիս
Մուշէին
հայրը
գիտէինք:
Մեր
ծնելէն
առաջ
ան
Ըստանպոլ
գացեր
էր,
ու
ատ
գնալն
էր,
չէր
դարձեր:
Կ՚ըսէին,
թէ
ողջ
էր:
Բայց
ի՞նչ
օգուտ
Մուշէին
ու
մօրը`
անոր
ողջ
ըլլալէն,
երբ
քանի
գացեր
էր,
անոր
մէկ
փարան
առած
չէին,
կամ
տող
մը
գիր
չէր
ղրկեր,
չէր
հարցուցեր,
թէ
կնիկ
մը
ունիմ,
տղայ
մը
ունիմ,
կ՚ապրին,
թէ՞
մեռան:
Մուշէին
մայրը
էրկանը
ոչ
նամակին,
ոչ
ալ
տուն
դառնալուն
կը
սպասէր:
Յոյսը
կտրեր
էր:
Գիտէր,
որ
չէր
գար:
Ես
հարսիկ
կը
կանչէի
անոր,
Հայան
հարսիկ:
Ափի
մը
չափ
փոքր
դէմք
մը
ունէր,
նեղ
ու
բարակ
մարմին
մը:
Շատ
քիչ
կը
խօսէր:
Բան
մը
հարցնելու
ըլլայիր,
այնչափ
մը
կը
պատասխանէր,
որ
խօսիլ
չէր
ըսուեր
ատոր:
Կը
զարմանայիր:
Նոր
հարսնութիւ՞ն
կ՚ընէր,
մո՞ւնջ
էր,
արդեօք
կը
խորհէիր,
բայց
այդ
տարիքով
նոր
հարս
կ՚ըլլա՞ր:
Մուշէին
մեծնալուն
կը
սպասէր,
որ
էրիկմարդ
ըլլար,
իրենց
տունն
ալ
նորէն
շէննար:
Ադ
ալ
ե՞րբ:
Մուշէն
իմ
տարիքս
էր:
Մեզի
միշտ
կ՚ըսէին,
թէ
ես,
Մուշէն,
Բեկցի
Մամուն
Կարօն,
մէկ
մէկ
օր
տարբերութիւնով,
նոյն
շաբթուն
մէջ
ծներ
էինք:
Դարձեալ`
երեքս
միասին,
միեւնոյն
օր
մը
մկրտուեր
էինք:
Մենք
էրիկմարդ
մը
ըլլալու
ինչքա՜ն
կ՚ուզէինք:
Քանի՞
մը
եղաւ`
փէշով
էնթարիի
տեղ
տիզլիկ
հագնելնիս.
չլչլի
տեղ
Երզնկու
եմենի
ոտքերնիս
անցնելնիս:
Այդ
աշունը
նոր
տասներեքնիս
պիտի
մտնէինք:
Խոշոր
գլուխով
էր
Մուշէն:
Ծաղկախտէն
փոս-փոս
եղած
էին
ճակատն
ու
երկու
երեսները:
Դպրոցով
բռնուեցանք
ամէնքս
ալ,
բայց
Մուշէինը
ամէնէն
սաստիկը
եղաւ:
Նոյնիսկ
աչքին
մէջ
ծաղիկ
հանեց:
Կ՚ըսէին,
թէ
Հայանը
օրերով
լացաւ:
Էրիկը
չէր
փնտրեր
զինքը:
Մուշէն
ալ
որ
մեռնէր`
ինք
ի՞նչ
պիտի
ընէր:
Երթար,
ինքզինքը
Ֆռաթը
նետեր,
անանկ
ապրելէն
աւելի
աղէկ
էր:
Ետքը
մէկեն
աղէկի
դարձաւ
Մուշէն
ու
ոտքի
ելաւ:
Կարդալու
բնաւ
սէր
չունէր:
Մեր
հին
դպրոցը,
ուր
պատերուն
երկայնքին,
գետինը,
այծու
մորթերու
վրայ
կարգով
կը
նստէինք
ամէնքս,
Մայրենի
Լեզուին
երրորդ
գիրք
մենք
աւարտեցինք,
ան
առաջինին
վրայ
մնաց:
Չէր
սորվեր,
որ
փոխէին:
Բայց
ան
ալ
ձայն
մը
ունէր,
որ
երկու
գիւղին
ոչ
մէկ
տղան
ունէր:
Ինչքան
երգ,
հարէն
կար
մեր
գաւառին
մէջ`
գոց
գիտէր:
Ով
որ
հարսնիք
ընէր`
Մուշէն
կը
տանէր:
Ամէն
մարդ
կ՚ըսէր,
թէ
անոր
կանչածները
կը
դպէին
իրեն:
Ուխտագնացութիւններուն,
Արակայ
ըլլար,
թէ
Սուրբ
Գէորգ,
Սուրբ
Երեւում,
ուր
է`
կիները
էրիկմարդոցը
համար
ծառերուն
տակը
փռոցնէր
կը
տարածէին,
ուր
անոնք
օղի,
գինի
կը
խըմէին,
Մուշէն
կ՚առնէին
մէջերնին,
որ
Ակնայ
պանդուխտի
երգերը,
անտունիները
կանչէր
իրենց։
Ադ
տարին,
մեր
նոր
գայմագամը`
Ահմետ
պեկը,
որ
Երզնկայի
չորրորդ
բանակին
միւշիւր
Զեքի
փաշային
կաթնեղբայրն
էր,
երբ
մեր
երկու
գիւղերը
այցելեց,
Մուշէն
երգեց
անոր
ի
պատիւ
Քոսայենց
Քերոբ
պատուելիին
շինած`
«Մեր
գաւառակին
մեծ
գայմագամին,
Արդարակորով
քաջ
Ահմետ
պեկին,
եկէք,
որ
երգենք`
երգ
ուրախութեան,
արեւշատութեան
համար
աղօթենք»
սկզբնաւորութիւնով
երգը:
Մենք
ալ,
դիմաւորելու
համար
տարուած
երկու
դպրոցներու
աշակերտներս,
մէկբերան`
«Տիւնեալար
տուրտուգճա`
թախթը
ալի,
պախթը
օսմանի,
պերտեվամ
պույուրսուն,
ամի՜ն»
պոռացինք:
Ահմետ
պեկը
շատ
հաւնեցաւ
Մուշէին
ձայնին,
ու
այնքան
մարդոց
առջեւ
իր
ձիին
վրայէն,
իր
նստած
տեղէն`
քովը
կանչեց,
«շատ
ապրիս»
ըսաւ:
Մուշեն
ալ
անոր
ձեռքը
համբուրեց:
Հայեան
հարսիկը
մինակը
կ՚աշխատէր:
Մուշէն
ալ
հետը
կը
տանէր,
բայց
Մուշէին
աշխատանք
կ՚ըլլա՞ր:
Ամէնուն
պէս`
անոնք
ալ,
թէ
ցանին
թէ
արօսին
մէջ
արտեր
ունէին,
ու
գետին
երկու
կողմը`
երկու
այգիներ:
Արտերուն
ցանելը,
քաղելը,
կամնելը
նորէն
այնքան
չէին,
այգիներունը
շատ
տեսակ
էին:
Գարնանէ
մինչեւ
աշնան
վերջը,
մինչեւ
Յիսնակ
այգիները
իջնալ
պէտք
էր:
Ամէնուն
պէս`
Մուշէենք
ալ
պտուղներուն,
բանջարեղէններուն
բոլոր
տեսակները
ունէին:
Շատ
տաք
ընելուն`
չորս
օրը
անգամ
մը
գետին
ջուրովը
ջրել
պէտք
էր
ծառերուն
արմատները,
բանջարեղէններուն
մաշըրաները,
մինչեւ
շրթերը
ջուրով
լեցնելով:
Յետոյ`
պէտք
էր
այնչափ
թթենիներուն
տակը
թափած
թութերը
ժողվել,
որոնք
ամէնէն
աւելի
ձեռք
կը
բռնէին:
Յետոյ`
պտուղները,
բանջարեղէնները
հաւաքելու,
ձմռան
համար
աւազներու
վրայ
փռելու
էին,
որ
չորնային:
Խաղողները
կթելու,
թնթելու
էին,
որ
գինի,
նարտենկ,
շիրայէ
թարխանայ,
թութերը
եփելու
էին,
որ
ուրուպ,
պաստեղ,
բլիթ
պատրաստէին:
Ամենէն
վերջն
ալ
տուն
կրէին
ասոնք:
Ամէն
գիշեր,
ամէնուն
պառկելու
պատրաստուած
պահերուն,
մայր
ու
տղայ,
բեռնով
էշը
առաջքնին,
յոգնած,
բերաննին
բաց,
այգիներէն
կուգային:
Միասին
հապիկան
վրայ
կ՚առնէին,
տուն
կը
կրէին,
ու
ատկէ
ետքն
էր,
որ
մայրը
կրակ
պիտի
վառէր
եւ
բան
մը
եփէր,
որ
ուտէին:
Ի՞նչ
կ՚եփուէր
այդ
ժամէն
ետքը:
Հաւկիթ,
ջրվրայ:
Հացը
պիտի
փշրէին
ամանին
տակը,
ջրվրան
պիտի
լեցնէին
վրան
եւ
պիտի
ճաշէին:
Մուշէին
աչքերը
կը
գոցուէին,
կը
քնանա՞ր,
թէ`
կ՚ուտէր,
չէիր
հասկնար,
կամ,
աւելի
ճիշտը`
քնանալով
կ՚ուտէր,
Հայան
հարսիկին
բուռ
մը
երեսը,
ըսես,
աւելի
կը
պզտիկնար,
բռնակ
մը
կը
դառնար,
գիտես
թէ`
աչքերը
չկային,
ծնօտ
մը
կ՚ելլէր
ու
կ՚իջնար
բակին
անկիւնէն
մխացող
ճրագին
աղօտ
լոյսին
մէջ:
Քովի
տուներէն
կնիկները
կուգային
ու
կը
նստէին
դիմացը:
—
Պահիկանց
աղջիկ,
—
կ՚ըսէին
անոնք
Հայան
հարսիկին
ու
Մուշէին
նայելով,
—
ամէն
օր
ալ
աս
կը
քաշուի՞:
Կէս
գիշերին
պիտի
գաս,
օճախ
պիտի
վառես
ու
ճաշ
պատրաստես:
Օր
մը
առաջ
տղադ
կարգէ,
հարս
մը
առ
ու
ազատէ
աս
նաչարութենէն:
Երկու
կուժ
ջուր
բերող
մը,
ախոռդ
աւըլող
մը,
այծերդ
կթող
մը
ունենաս
նը`
շահ
մըն
է
քեզի:
—
Այո,
—
կը
պատասխանէր:
Երբեմն
ալ.
—
Ատանկ
է,
իրաւ
էք,
—
կ՚ըսէր:
—
Ինտո՞ր
ընեմ,
պզտիկ
է
Մուշէն,
—
կ՚աւելցնէր:
—
«Պզտիկ»
մը
առեր
ես`
կ՚երթաս,
«ինտոր
ընեմ»
մը
առեր
ես,
կ՚երթաս,
Պահիկանց
աղջիկ,
—
կը
յանդիմանէր
այս
խօսքին
վրայ
Ղարաչոռցի
մամս,
որ
իմ
բուն
մամս
չէր,
մեր
Տեմուրճենց
չորս
տուներէն
Արութ
պապուս
կնիկն
էր:
Ան
մեր
Արմտաններուն
կնիկներուն
բնաւ
չէր
նմանէր:
Մուխի
գոյն
դէմք
մը
ունէր,
աչքերը
բոցի
գոյն
կը
փայլէին
ու
իրենց
տեղը
քուրդ
շատ
ըլլալուն,
քուրդի
պէս
քրդերէն
կը
խօսէր:
—
Գիտես,
թէ
հէչ
մէկը
պզտիկ
տարիքով
տղայ
չէ
կարգեր:
Մինակ
դուն
ես,
—
ու
օրինակներ
կը
թուէր:
—
Խաշմանենց
Աղան,
Նաղաշենց
Թադոսը,
Վեվէենց
Պեկոն,
Կախմխցի
Ղանպերին
թոռը`
Ճեմօն:
Ալ
ըսե՞մ:
Դուն
չե՞ս
լսէր,
որ
նաչար
մայրը
չորս
տարուան
տղան
կարգեր
է:
—
Գիտեմ,
Ղարաչոռցի
Նենէ,
—
կը
պատասխանէր
Հայան
հարսիկը:
Կը
քաշուէր
անկէ:
Անգամ
մը
մայրս
ալ
խօսքի
մէջ
մտաւ,
քաջալերելու
համար
Հայանը.
—
Հայան,
ի՞նչ
պիտի
ընես
աս
ու
ան,
աղուոր
աղջիկ
մը
գտիր,
որ
Մուշէն
կարգենք,
–
ըսաւ:
Ղարաչոռցի
մամս
բարկացաւ.
—
Մեր
հարսին`
մեր
Գալենց
աղջկանը
ըսածին
մի
նայիր,
Պահիկանց
աղջիկ,
ըսաւ:
–
«Աղուոր»
մը
առէր
են,
կ՚երթան:
Աղուոր
ի՞նչ
ըսել
է։
Աղջկան
աղուորը
ինչի՞
պէտք
կ՚ըլլայ:
Տան
ճակատը
պիտի
նստեցնես,
երեսի՞ն
պիտի
նայիս:
Աղուո՜ր:
Ատ
աղուոր
ըսածդ
չպիտի՞
ծերանայ:
Անա՞նկ
պիտի
մնայ:
Չպիտի՞
թնթռկի:
Բան
բանողը
նայինք:
Մայրս
ըսածին
զղջաց
ու
լռեց.
բերնի՞ն
ինկեր
էր,
որ
պատասխանէր։
—
Հեմ
Հայան,
Պահիկանց
աղջիկ,
դուն
ինծի
նայէ,
—
կ՚ըսէր:
—
Կը
նայիմ,
Գոբբալ
հարսիկ,
—
կը
պատասխանէր
Հայանը:
Շատ
խոշորակազմ
ըլլալուն`
Գոբբալ
հարսիկ
ալ
կը
կանչէին,
որ
խոշոր
ըսել
էր:
—
Չըլլայ,
որ
պզտիկ
աղջիկ
առնես:
Թող
տղէդ
վեց,
եօթը
տարու
մեծ
ըլլայ:
Քանի
մը
մեծ
ըլլայ,
այնքան
քեզի
համար
աղէկ
է,
պզտիկ
հարսը
ի՞նչ
պիտի
ընես,
ինչի՞
օգուտ
ունի:
Օրոցքը
պիտի
դնես
ու
օրօրե՞ս:
Թող
տղադ
պզտիկ
ըլլայ:
Հարսդ
կը
սորվեցնէ
անոր
չգիտցածները:
Մեծ
տարիքովը
ու
ուժովը
առ,
որ
ամիսը
անգամ
մը`
վա՜յ
փորս
կը
ցաւի,
վա՜յ
մէջքս
կը
ցաւի`
չըսէ
ու
քիթը
կախէ:
Աղբիւրն
որ
երթայ,
կուժը
լեցնէ,
մէկ
անգամէն
շալակը
նետէ
ու
քալէ:
Երկու
թեւերը
բանայ,
պարկը
մէկեն
գըրկէ,
վերցնէ
ու
իշուն
բեռնայ
մինակը:
—
Հեմ
իս
նայեցէք,
կնիկ
մարդիկ,
ձեզի
եմ,
—
հետզհետէ
ոգեւորուելով
կը
շարունակէր,
ամէնուն
ուղղելով
խօսքը,
—
հարս
մը,
ամէնէն
առաջ
տան
մալն
է,
ետքը`
էրկանը:
Գիշերէ
գիշեր
ձեր
տղուն
ծոցը
պիտի
պառկի,
էրկանը
կնիկն
է,
անկէ
անդին
անորը
չէ,
տանը
հարսն
է,
գերդաստանին
մալն
է:
—
Մուշէ,
ծօ՛,
քեզ
պիտի
կարգեն,
—
կ՚ըսէի
Մուշէին,
աս
խօսուածներուն
հետեւեալ
օրերը,
երբ
մենք
մեզի
մնայինք
ու
պտտելով,
մինչեւ
դաշտին
ուռիներուն
տակը
երթայինք,
կամ,
թումբերուն
ալոճները
աղէկ
մը
դեղնէր
էին,
ալոճներուն
վրայ
ելլէինք`
թոթուելու
համար:
Եւ
կամ`
երբ
գիւղին
մէկ
պարտէզէն
միւսը
անցնէինք,
ընկուզենիներէն
թափած
ընկոյզներ
ժողվէինք,
երկերկու
տափակ
քար
գտնելով`
դէմ
դիմաց
նըստէինք,
թէ
կոտրէինք,
թէ
միջուկները
հանէինք,
հանէինք
ու
ուտէինք:
—
Հայտի,
ծօ՛,
-
կը
պատասխանէր
շեշտով
մը,
որ
կարծես
ես
կը
յերիւրէի,
իրենց
բակը
իր
վրայ
ըսուածները
ինք
չէր
լսեր,
ես
միայն
կը
լսէի:
—
Հեմ
քէնէ
մեծ
տարիքով
աղջիկ
մը
պիտի
առնեն
քեզի:
Ղարաչոռցի
մամս
չըսա՞ւ,
չլսեցի՞ր:
—
Հայտէ,
ծօ՛,
ես
չեմ
կարգուիր,
—
կը
կրկնէր:
—
Հա,
քեզի
պիտի
հարցնեն
քու
կարգուիլդ:
Մարդ,
մամոնքդ
ինտոր
ուզեն
նը`
անանկ
պիտի
ըլլայ:
Անոնք
որ
աղջիկը
ուզեն
նը`
ան
կ՚առնեն:
Մեծ
Խաչը
անցաւ,
Վարագայ
Խաչին
Կիրակին
մէկ
մըն
ալ
տարաձայնուեցաւ,
թէ
Մուշէն
նշանէր
էին:
Քամախի
Մարեկը
չկա՞յ,
հոնկէ
է`
ըսին,
աղջիկը:
Մենք`
տղաքս
ձգենք,
Մուշէն
ալ
լուր
չունէր
իր
նշանուելէն:
Ան
ալ
չէր
գիտեր:
Աշունը
ես
Իսթանպուլ
գացի:
Եօթը
տարի
մնացի,
յետոյ
նորէն
գիւղ
դարձայ:
Ադ
օրը,
ինչպէս
միշտ
կ՚ըլլար
ամէն
պանդխտութենէ
եկողին,
մեր
տունը
մինչեւ
երեկոյ
լեցուեցաւ
ու
պարպուեցաւ
ինծի
«բարի
ես
եկեր»
ըսող
կիներով,
այրերով:
Տարեցները
գրեթէ
նոյնը
մնացեր
էին,
կամ
շատ
քիչ
փոխուեր
էին,
բայց
իմ
տարեկիցներս
հասակ
նետեր.
երիտասարդներ
եղեր
էին:
Ամէնքն
ալ
կարգուեր
ու
զաւակներ
ունեցեր
էին:
Չկարգուած`
ես
մնացեր
էի:
Հայան
հարսիկն
ալ
փոխուէր
էր:
Ուր
է
ես
ափի
մը
չափ
երես
մը,
նեղ,
բարակ
մարմին
ունէր
գիտէի,
հիմա
երեսները
լայնցեր
էին,
գեր
չէր
ըսուեր,
բայց
հաստըցեր
էր:
Մուշէն
փնտրեցի:
«Ամենքը
եկան,
Մուշէ՞ն
ուր
է»
հարցուցի:
Քանի
մը
հոգի
միասին
պատասխանեցին.
«Խոշկիրի
Մուսթաֆայ
փաշային
ղոնաղը
գնաց»
ըսին:
Թոռը`
Ալիշան
պեկը
կը
կարգէ
փաշան,
քեման
չալելու,
խաղ
կանչելու
տարին:
Մուշէն
սազանտար
է
հիմա:
Հարուստներու,
պեկերու
հարսնիքներուն
կը
կանչեն:
Քանի
մը
օրէն
կուգայ»:
Միւս
օրը
Մուշէին
կնիկը
տեսայ:
Առտուն
կանուխ
աղբիւրը
ցորեն
լուալէն
կուգար,
շալակը
լեցուն
պարկով
մը:
Երդիքը
հանեց,
ցորենը
տարածեց,
որ
արեւին
չորնայ:
Հայան
հարսիկը
մամուս
խրատը
բռնէր
էր:
Առած
հարսը
մարմինին
հաստութենէն,
թաւ
յօնքերէն
յայտնի
էր,
որ
Մուշէէն
շատ
մեծ
էր:
Աս
ըսեմ,
որ
անանկ
պզտիկ,
բարկուկ
ու
շարկուկ
հարս
մըն
ալ`
ան
պարկ
մը
լեցուն
ցորենը
չէր
կրնար
շալկել
ու
երդիքը
հանել:
Իմ
աչքս
անգամ
չկտրեց: