Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԱՆԵՑԻՆ

Աստուած, երկու Հրեայ, մէկ ամբողջ Հայ եւ կէս Քիւրտ իրար խառնելով, ստեղծած է Վանեցին։

Ստեղծած է՝ գլուխը տափակ ու միտքը սուր։

Տէրը երգիչ ստեղծած է Վանեցին, սակայն, փոխանակ անոր կոկորդին մէջ սոխակ մը դնելու, սխալմամբ ագռաւ մը խոթած է։ Վանեցին իր կոկորդի ագռաւը իբր սոխակ յաջողած է ծախել, քանի մը անգամ։ Այդ պատճառով ալ Աստուած իր սխալը չէ դարմանած։

Երկնաւոր հայրը Վանեցիին առոգանութեան տուած է եզական բան մը. Վանեցին խօսած ատեն, կարծես ունի բերնին մէջ տառեխ ձուկ մը, իսկ իր կոկորդին մէջ` ճանկրտող կատու մը։

Երբ կը խօսի բարկացած, կարծես Վանայ ծովն է, որ փոթորկած է ու կլլած Աղթամար կղզին, վանքովը ու հաւերովը միասին։ Վանեցին ամէն բան կրնայ կեղծել, սակայն ոչ ուրիշին առոգանութիւնը։ Ոչ ոք ալ չի կրնար կեղծել Վանեցիին առոգանութիւնը։

Ապուշ Վանեցի մը (հազիւ մէկ քանի հատ ծնած) կրնայ խաբել հարիւր սատանայ։ Խելացի Վանեցի մը կրնայ սառոյցը իբրեւ կրակ ծախել։ Տակաւին չէ ծնած Վանեցի մը, սակայն, որ կարենայ խաբել… հայրենակից մը։

Վանեցիին սիրտը ոսկի, հոգին ոսկի, աստուածը ոսկի է։ Ան կը բանի կամ ոսկիի տակ, կամ ոսկիի վրայ։

Վանեցիին քսակը գոց է, սակայն, սեղանը` բաց։ Ձեռքը գոց է, բերանը` բաց։ Գլուխը գոց է, ճակատը` բաց։ Վանեցիին ականջը գոց է, սակայն, աչքը շատ բաց։

Վանեցին առեւտրական է, խոհարար է, ոսկերիչ է, խաչավաճառ է։ Ամէն Վանեցի, սակայն, կամ յեղափոխական է եւ կամ մտաւորական։ Յաճախ` երկուքը միասին։ Իւրաքանչիւր յեղափոխական հերոս է, իւրաքանչիւր մտաւորական ալ` գրող։

Վանեցին գրելու համար երբ ծածկանուն գործածէ, գրեթէ անպայման «Վան» բառը կամ վանկը կը դնէ իր ստորագրութեան մէջ։ Օրինակներ. Սօս Վանի, Վահան Վանիկ, Արտաշէս Վանարեան, Ոստանիկ Վանիտէ, Վարդան Վաննօ, Աշոտ Վանդար, Խորէն Սիրվան, Նշան Վանդակունի, Մարգար Վանեանց, Հայկ Վանատուր, Աւետիս Վանակն, Գարեգին Վանթրը, Սահակ Վանօ, Պօղոս Վանթէ, Պետրոս Վանթուզ, Վրոյր Վանթիլաթէոր, Աբրահամ Վաներէց, Արշամ Վանումեանց, Սարգիս Վանողեան, Գուրգէն Վանթրըպլէօ, Վահրամ Վանթրիւքիւլ, Նշան Վանթրիլոկ, Աւետիս Վանթրիւ, Վահան Վանթրույեէ, Վարազդատ Վանտալ, Հայ Վանական։

Վանեցի գերդաստանի մը մէջ յաճախ մէկ հոգի դաշնակցական է, մէկ հոգի` ռամկավար, մէկ հոգի` հնչակեան, մէկ հոգի ալ` համայնավար։ Դաշնակցականը կ’ըլլայ թթու, համայնավարը` կծու, հնչակեանը` կծկուած ու ռամկավարը` թթուած։ Իսկ մէկ հոգի ալ անպատճառ չէզոք է` նոր կուսակցութիւն մը կազմուելու պարագային մէջը խոթելու համար իր ուժեղ քիթը։

Ամէն կուսակցութիւն տկարակազմ է առանց Վանեցիին։ Այս պատճառով է, որ Խ. Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ համայնավար Վանեցիներ, արտասահմանի մէջ ալ` շատ Դաշնակցական Վանեցիներ։ Ոմանք կ’ըսեն, թէ Վանեցին է, որ իր զօրութիւնը կ’առնէ կազմակերպութենէ։ Մէկ բան բացարձակ է, որ Վանեցին ուժեղ ազգային մըն է, փոյթ չէ, թէ ուրկէ կը մատակարարէ իր ոյժը, աջէ՞ն, թէ ձախէն, վերէ՞ն, թէ վարէն, քաւարանէ՞ն, թէ դժոխքէն, ներսէ՞ն, թէ դուրսէն եւ կամ ամէն կողմէն։

Վանեցին ծնունդ տուած է երկու մեծ կազմակերպութիւններու. առաջին՝ արմէնօ-հրէական միութեան, երկրորդ՝ արմէնօ-հայկական եղբայրակցութեան։

Մինչ Սամսոնցիները կ’ուզեն հիմնել սամսոնականութիւնը, Կեսարացիները կ’ուզեն ստեղծել կեսարականութիւնը, Ակնցիները կ’ուզեն վերականգնել ակնընդականութիւնը եւ Տարօնցիները կը ճգնին առաջ բերել տարօնականութիւնը, Վանեցիները, ընդհակառակն, կ’ուզեն քանդել… վանականութիւնը։

Վանեցին որբ հայութեան տուած է Հայրիկ մը։ Հայութիւնը, սակայն, որբ Վանեցիին մայրիկ մը չտալէ զատ, կնիկ մը տալն իսկ յաճախ շատ կը տեսնէ։

Պոլսեցին, եթէ շոգենաւով Պաթումի առջեւէն անցնի, կը սկսի խօսիլ ռուսահայերէն։ Վանեցին, սակայն, եթէ նայուածքով մը Պաթումի քարտէսին վրայէն անցնի, կը սկսի ճառել ռուսահայերէն։

Վանեցին նաթիւրալիզէ ռուսահայ է։

Վանեցին անձուլելի, անպատուաստելի, անբաղադրելի է, սակայն, իբրեւ Հայ։ Եթէ օր մը բոլոր Հայերը օտարանան, Վանեցին է, որ Հայ պիտի մնայ յաւիտեան ու կենդանի պիտի պահէ հայութիւնը։

Այս պարագան Վանեցին ինքն ալ գիտէ լռելեայն։ Այս պատճառով քիթը մեծ է։ Աստուած միայն գիտէ, թէ այդ քիթը ո՛ւր կը սկսի եւ ո՛ւր կը վերջանայ։

Վանեցիին քիթին վրայ արեւը մարը չի մտներ։