Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԾԻՒԻ ՈԳԻՆ

Պատրիարք ի Պօլիս` Վասպուրականի Արծիւը հեռու էր իր բոյնէն։ Անոր թեւերուն փոխարէն, սակայն, անոր շունչն ու հոգին կը շարունակէին սաւառնիլ Վանի եւ Վասպուրականի վրայ։

Ազգային սահմանադրութիւնը գործադրութեան դնելու կայսերական հրովարտակը ելած էր եւ Հայրիկի ոգիով արթնցած Վանեցիին փափաքն էր որ այդ գործադրութիւնը` Վանի մէջ տեղի ունենար, անոր` Հայրիկի ոգիին ընդունակ առաջնորդի մը ձեռքով։

Վանի Առաջնորդութիւնը` այդ օրերուն կը վարէր, որպէս տեղապահ, Մելիքեան Պօղոս վարդապետ` ժիր եւ ազդեցիկ` բայց անուս եւ հին գլուխ եկեղեցական մը, որուն գլխաւոր յենարան` քաղաքին քանի մը ազդեցիկ ջոջերն էին, ինչ որ իր դէմ հանած էր ժողովուրդի  բուն զանգուածին արթնցող մասը։

Ժողովրդեան այս հատուածին դիմումներուն եւ տրտունջներուն վրայ, Խրիմեան Հայրիկ, օրուայ պատրիարքը, 1871ին Վան ղրկած էր, որպէս Առաջնորդական  տեղապահ, Վարագի Ժառանգաւորացի հունձքէն Աղուանեան  Գրիգորիս վարդապետ, (վերջէն եպիսկոպոս եւ Կարսի առաջնորդ), երիտասարդ եւ գաղափարական եկեղեցական մը, Ազգային Սահմանադրութիւնը գործադրութեան դնելու մասնաւոր պաշտօնով։ Իսկ Պօղոս վարդապետին հրամայած էր պաշտօնը թողուլ եւ Վարագի վանքը քաշուիլ։

Պօղոս վարդապետ` իր կողմնակից ջոջերուն խորհուրդով, կ՚ըմբոստանայ օրուայ պատրիարքին դէմ։ Խրիմեան` այս անգամ, ինքնագլուխ, առանց Խառն Ժողովոյ գիտութեան, Բարձր[ագոյն] Դուռ կը դիմէ եւ Ալաշկերտի Սուրբ Յովհաննու վանքը աքսորել կուտայ ըմբոստ առաջնորդը։

Աղուանեան վարդապետ, երկաթէ ձեռքերով կը վարէ ընտրական գործը, ընդդիմադիր ջոջերէն մի քանին նոյնիսկ պահ մը բանտարկել կուտայ եւ գլուխ կը հանէ ընտրութիւնները, որոնց մէջ ջաջախիչ մեծամասնութիւնը կը կազմեն Հայրիկի համակիրները։

Գրիգորիս վարդապետ` այսպէս մէջտեղ եկած Ժողովներուն հետ, անշշուկ կը վարէ վիճակին գործերը մինչեւ Խրիմեանի  Պատրիարքութենէ հրաժարիլը 1873։

Հայրիկի հրաժարումէն անմիջապէս վերջ, Պօղոս  վարդապետ իր կամայական աքսորին, իսկ Վանի իր բարեկամներն ալ իրենց պարտութեան եւ բանտարկութեան հաշիւները պրպտելու կ՚ելնեն եւ բողոքներով հրապարակը կ՚աղմկեն։ Պօլիս, Խրիմեանի հակառակորդներուն, հրաժարեալ Պատրիարքը պզտիկ ձգելու պատրուակ հարկաւոր է, այդպիսիները առիթը կ՚օգտագործեն եւ, Օգսէն Խօճասարեանի վարած Օրագրի էջերուն մէջ, լայնօրէն արձագանգ կուտան եղած բողոքներուն։ Կեդր[ոնական] Վարչութիւնը չկրնար անտարբեր մնալ, հարցը սեղանի վրայ կը բերէ եւ կ՚որոշէ Պօղոս վարդապետ իր աքսորավայրէն Պօլիս տանիլ, իսկ Վանէն հասած բողոքները քննելու համար Վան ղրկել Կարնոյ Առաջնորդ Վեհապետեան Յարութիւն եպիսկոպոսը։

Յարութիւն եպիսկոպոս` հին գլուխի տէր մարդ, չսիրեր ո՛չ Խրիմեան եւ ո՛չ ալ անոր բերած նորութիւնները, զոր կանխահաս եւ անժամանակ կը գտնէ։ Ան կը լուծէ Աղուանեանի ընտրել տուած սահմանադրական ժողովները, պաշտօնանկ կ՚ընէ Ազուանեանը եւ, առհասարակ ազդեցիկ անձնաւորութիւններէ, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կուտայ Պօղոս Վ, ի բարեկամներուն, խառն վարչութիւն մը կազմելով, անոր գլուխը կը դնէ, որպէս առաջնորդական տեղապահ, Լիմի միաբաններէն Թադէոս Վարդապետ կը հեռանայ Վանէն։ Միւս կողմէ, Ներսէս Պատրիարք` Լիմ անապատի վանահայր կը կարգէ աքսորական Պօղոս վարդապետը եւ Վան կը ղրկէ զան։

Թադէոս Վ. ի եւ փոքր շրջաններով անոր յաջորդող Փիրղալէմեան Ղեւոնդ (յայտնի բանասէր) եւ Մոկացեան Մեսրոբ վարդապետներուն կը յաջորդէ 1875ին Երեմիա եպիսկոպոս Տէվկանց, «Հայրենասիրութիւն Հայոց» գիրքին հայրենասէր հեղինակը որ վիճակին գործերը կը վարէ մինչեւ 1879։

Պօղոս Ապօղոսի, այլ խօսքով հինի եւ նորի պայքարին կրակը մարած չէ այլ մոխիրի տակ թաղուած։ Ու երբ 1879ին, ժամանակը հասած համարելով` Պատրիարքարանը` ժողովները սահմանադրապէս վերակազմելու հրամանը կուտայ, կիրքերու թաղուած կրակը կը բռնկի յանկարծ։

Կիրքերը հրահրելու համար ի՜նչը աւելի լաւ առիթ քան քուէարկութեամբ ընտրութիւնը։

Ու ահա, շաբաթներու պատրաստութիւններէ վերջ, հինը եւ նորը, լուսաւորեալը եւ խաւարեալը, առանց մոռնալու, խնամիական, աւանդական, շահակցական նկատումներով մէկ կամ միւս կողմը դիրք բռնողները, վերջապէս երկու բանակներ` որոնց խայտաբղէտութիւնը ծածկուած է Պօղոսեան եւ Ապօղոսեան պիտակներու ներքեւ, Վարդավառի կիրակէ եւ երկուշաբթիի օրերը, դէմ դէմի կ՚ելնեն։

Արեւելեան պատերազմը նոր վերջացած է։ Անոր խորշակին հետ` հայաբնակ գաւառներու վրայէն անցած են անոր պատմութիւններուն ե՛ւ ծուռը ե՛ւ շիտակը։ Արհաւիրքը անցած է բայց անոր տակէն շրթունքներու վրայ մնացած են բառեր քրիստոնէից ազատագրութիւն, բարեկարգութիւն, դաշնագիր, յօդուած անուններ Լորիս-Մելիքով, Տէր Ղուկասօֆ, եւայլն, որոնք` այսպէս թէ այնպէս բան մը կը խօսին ժողովուրդի սիրտին։ Ժողովուրդը կ՚ըմբռնէ՞ ատոնց իմաստը, անշուշտ ո՛չ։ Անոր ընտրանին ըմբռնած չէր, ո՛ւր մնաց ինքը։ Իրողութիւն էր սակայն որ բան մը կար փոխուած։ Թէ՛ ի՜նչն էր փոխուածը, ժողովուրդը ինքն ալ չէր գիտէր անշուշտ, բայց գիտէր որ փոխուածն ի նպաստ նորին է եւ ոչ թէ հինին։ Վերջապէս Խրիմեանն է, նոր մը, որ Ազգին անունով Եւրոպա գացեր է, պետութիւններուն դիմեր է։ Ժողովուրդին այս զգացումը որքան ալ աղօտ եւ անորոշ, առանց դերի չմնաց ընտրութիւններուն մէջ եւ Ապօղոսեանները նորէն տարին յաղթանակը։

Ժողովուրդի այս զգացումը նժարը դարձնող ծանրութիւն մըն էր, բայց ոչ ամենայն ինչը։ Ամենայն ինչը նորէն աշխատանքն էր, դրամը, ազդեցութիւնը, խաթրը, իքրամը, առանց մոռնալու զուռնա—նաղարան։

1871ի ընտրութիւնները լայն ակօսներ բացած էին ընտրական դաշտին մէջ, այսինչ թաղը Պօղոսեան է, այնինչ գիւղը Ապօղոսեան։ Նոր ընտրութեանց մէջ գիւղերը առհասարակ կը պահպանեն իրենց աւանդութիւնները` բայց Քաղաքի կռուադաշտին ակօսներուն մեծ մասը լեցուած է պատերազմի փոթորիկէն, հոն, նորերը նոր ակօսներ կը բանան։

Մեծ գիւղ մըն է Աւանց, Քաղաքին նաւահանգիստը, որ իր մօտիկութեան համար քաղաքին արուարձանն ալ կը համարուի։ Աւանց Ապօղոսեան է։ Առաջին ընտրութեան մէջ անոր երկու երեսփոխանները եղած են կուսակցութեան  շէֆերէն հայրս եւ հօրեղբայրս։ Կուսակցական մեքենային հետ դեր ունեցեր է անոնց յաջողութեան մէջ, անոնց դիրքը, ազդեցութիւնը եւ անհրաժեշտը, անոնց միջոցները…։

Աւանց գիւղի դէպ ի ծովը երկարող հարաւային մասը բնակուած է գիւղացիներով, առ հասարակ նաւատէր կամ նաւաստի։ Դէպ ի հիւսիսը կը գտնուին քաղաքացիներու, կամ, Վանեցիներու քաղաքամէջ բնակողներու համար ընտրած յորջորջումովը` քաղքցիներու ամարանոցները։ Որպէս այդպիսին մենք ամարանոց մը ունինք գիւղը։ Կէս Աւանցի կը համարուինք եւ ընտանիքով հոն ենք ընտրութեանց օրը։

Իմ մէջը դեռ թարմ է յիշողութիւնը ընտրական պայքարին այդ օրը պարզած նորօրինակ տեսարաններուն։ Գիւղական նուագախումբը զուռնա-նաղարան— որ անդադար կը նուագէ մեր տան առջեւ, գիւղացիները` որոնք, խումբերով կ՚ելնեն կը մտնեն, գինին որ ջուրի պէս կը հոսի, վերջապէս, թաշկինակներով «ճըռթ»եր (20 կոպէկնոց ռուսական դրամներ, որոնք պատերազմի ընթացքին ողողեցին Արեւելեան  Նահանգները) որոնց գալը եւ գիւղացիներու ափերուն մէջ հալիլը մէկ կ՚ըլլար։

Աւանց այս անգամ ալ մնաց Ապօղոսեան։