Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԾՐՈՒԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԽՕՍ ՍՈԽԱԿԸ

Յիշուած դէպքը դարձակէտ մը եղաւ մէկ կողմէն Խրիմեանի եւ Սրուանձեանի` մինչ այդ սիրալիր յարաբերութեանց, միւս կողմէ Խրիմեանի կողմնակիցներու կամ Ապօղոսեան կուսակցութեան միասնականութեան համար։

Երկու եկեղեցականները չկրցին հաշտեցնել իրենց տեսակէտները։ Սրուանձեան` պահպանողական  միտք, ո՛չ մէկ յոյս կը տածէր մեծ պետութեանց` ո՛չ խոստումներուն ո՛չ ալ միջամտութիւններուն վրայ, իսկ Ռուսիոյ քաղաքականութեան մէջ ան ոչինչ կը տեսնէր Հայերու ազատութեան իտէալին ի նպաստ։ Խրիմեան, ընդհակառակն, էութեամբ գաղափարապաշտ, ի ծնէ լաւատես, զգացումով էր որ կը մօտենար հարցերուն։ Ան կառչած կը մնար Պալքանեան ազգերու ազատագրութեան փաստին։ Զուր տեղ կարգ մը մտաւորականներ, Պլուզեան Մաղաք, Թիֆլիսի Ներսէսեանը աւարտած եւ հոն պաշտօնավարած յայտնի մտաւորական մը, Մանուէլ Անանեան, Գերմանիա սորված համալսարանական մը, Սեդրակ Տէվկանց, Շահէն ի Սիպիրի հեղինակը, ջանացին հաշտեցնել անոնց տեսակէտները։ Անոնք ոչ միայն մնացին անհաշտ, այլեւ իւրաքանչիւրը անոնցմէ իր հետը տարաւ իր գաղափարակիցները։ Պահպանողականները, որոնց մէջ` հայրս Գալճեան Գէորգ պէյը, Տէր Պօղոսեան եղբարք, Յովհ. Երամեան, Մաղաք Պլուզեան, Մանուէլ Անանեան անցան Սրուանձտեանի կողմը, իսկ Փորթուգալեանի կամ  անոր գործունէութեան համակիրները մնացին Հայրիկի հետ։ Խրամատը երթալով խորացաւ եւ յանգեցաւ Ապօղոսեան կուսակցութեան աջ եւ ձախ թեւերու բաժանումին։ Աջը` որուն գլուխը կ՚անցնէր` Գալճեան Գէորգ պէյի ծերութեան պատճառաւ, հայրս ունէր կառավարութեան քով ազդեցութիւն եւ իր մէջ կը համրէր Երեսփ, ժողովին մէջ Ապօղոսեան խմբակին անդամներուն մեծ մասը։ Իսկ ձախը` գլխաւորութեամբ Նաթանեան Կարապետի, ժիր եւ գործունեայ անձ մը, իր ետեւէն կը քաշէր երիտասարդութիւնը։

Հայու քաղաքական միտքը` այդ օրերուն, դեռ կաղապարուած չէր։ Աւելի ետքն էր որ` յեղափոխական գրականութեան եւ անոր յաջորդող կուսակցական գործունէութեան իբր հետեւանք, Հայուն մէջ շեշտուեցան այնքան ճակատագրականօրէն իտէալիզմը եւ րօմանթիզմը, որոնք հետզհետէ այն աստիճան պարարտ հող գտան անոր մէջ, որ` իր անհատական կեանքին եւ գործին մէջ պահպանողական եւ հեռատես համարուած Հայը` հանրային կեանքին մէջ դարձաւ չափազանց  միամիտ եւ յախուռն։ Երեւոյթ մը որ վերջ ի վերջոյ վերածուեցաւ ցեղը բնորոշող դիմագիծի։ Այդ օրերուն, Հայու քաղաքական միտքը կը տարուբերէր զիրար հակակշռող  երկու անորոշ հոսանքներու միջեւ, իտէալիզմը` որ իր աղօտ եւ անորոշ շունչը կ՚առնէր մարդկային տարրական իրաւունքներէ եւ քիչ մը կը թանձրանար մէկ կողմէ թուրքի լուծին բրտութեամբը  միւս կողմէ Պալքանեան ազգերու ազատագրութեանց օրինակովը եւ իրականութիւնը, որ իր գոյութեան իրաւունքը կ՚առնէր միջավայրի պայմաններէն եւ անցեալին փորձառութիւններէն։ Խրիմեան եւ Սրուանձտեան այս երկու հոսանքներուն ներկայացուցիչներն էին։ Պայքարը անխուսափելի էր, հակառակ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող մէկէ աւելի կապերուն եւ այն փոխադարձ անկեղծ յարգանքին զոր անոնք կը տածէին իրարու հանդէպ։

Ոմանք Խրիմեանին կը վերագրեն Հայերու ազատագրական շարժումին ծնունդը։ Այս վերագրումէն մեկնելով` քննադատը` ըստ իր հայեցողութեանը, յաճախ ըստ տրամադրութեանը, կամ երկինքը կը հանէ Խրիմեանը եւ կամ դժոխքը կ՚իջեցնէ զայն։ Սխալ է ե՛ւ մէկը ե՛ւ միւսը, վասնզի սխալ է հէնց ինք մեկնակէտը, վերագրումը։

Խրիմեան չէր որ հիմը դրաւ Հայու քաղաքական շարժումին։ Որքան  ալ աղօտ, Խրիմեանէն շատ առաջ հայ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցեր է ազատութեան իտէալը, իտէալը որ միշտ ֆէթիշներ կը փնտռէ։ Եթէ  Խրիմեան  գոյութիւն ունեցած չըլլար, հայ ժողովուրդիմտաւորական շարջումը, մէկ կողմէն, ռուս, քաղաքականութիւնը իր արեւելեան պատերազմովը եւ անոր հետեւող անցքերովը, միւս կողմէն, Հայու հետզհետէ արթնցող իտէալիզմէն պիտի հանէին անոր փնտռած ֆէթիշները։

Այսպէս, Հայ ժողովուրդը Խրիմեանին չէր որ հետեւեցաւ այլ անոր իտէալին, որ մինակ անորը չէր, ոչ  ալ մինակ անորը մնաց։ 95 եւ 96ի դէպքերէն վերջ, երբ այդ իտէալին կրթնած քրիստոնեայ Եւրոպայի պաշտպանութեան ինչ ըլլալը հասկցուեցաւ, նոր Ֆէթիշներ, հաւաքական դրոշմով ըլլայ թէ անհատական, երկրորդական գիծի վրայ թողուցին Խրիմեանը։ Իսկ 915ի երկրորդ եւ ահաւոր փորձէն վերջ, երբ այլեւս Խրիմեան չկար, երբ կարելի էր մեր նաւուն առագաստը շրջել քիչ մը, քանինե՜ր այդ քննադատներէն բանիւ եւ գործով հով տուին այդ առագաստին։

Յետոյ, կարելի՞ է միթէ իտէալի մարդը դատել անոր գործունէութեան արդիւնքէն։ Եթէ գիտութիւնը Նաբոլէոն դատէր անոր գործունէութեան արդիւնքէն, զայն` Եւրոպան մէջն ըլլալով Ֆրանբան կործանած ըլլալուն համար, անարժէք մէկը պիտի համարէր։ Պատմութիւնը կրնայ, ըստ պարագայի, կամ ըստ պատմագրի, քիչ մը վեր ըսել անոր համար քիչ մը վար, բայց գիտութիւնը մէկ բան կրնայ ըսել եւ ըսած է, թէ` ան, Նաբոլէոն , մեծ մարդ էր, հսկայ մը, իր մեծութեան սաղմը իր հետը բերած գերմարդ մը։ Իր մեծութեան սաղմը իր հետը բերած մեծ մարդ մըն էր նմանապէս Խրիմեան, փառասէր մը, այո՛, ինչպէս Նաբոլէոն, որ ձգտեցաւ եւ հասաւ իր ունեցած պայմաններու եւ ապրած միջավայրին ներած փառքի եւ մեծութեան սանդուղին բարձրագոյն աստիճանին։ Հանճար մը, այո՛, արտակարգ պէսպիսութեամբ օժտուած հանճար մը, որ կրնայ Լուտեր մը դառնալ եթէ Գերմանիոյ մէջ ծնած ըլլար, Գրոմվէլ մը` Անգլիոյ մէջ, Լամարթին մը` Ֆրանսայի մէջ, այն աստիճան որ զօրաւոր էին անոր մէջ եւ շեշտուած, միաժամանակօրէն փայլելու տենչը, յեղափոխական հակումը եւ գրական ճաշակը։

Յետոյ, ի՞նչ պիտի ըլլար քննադատին դատաստանը Խրիմեանի մասին, եթէ, օրինակի համար, մեծ պատերազմը չծագէր, եթէ Թուրքիան անոր չմասնակցէր, եթէ Քէմալ մը մէջտեղ  չելնէր եւ յունական բանակը անակնկալօրէն չի կազմալուծուէր եւ կամ եթէ այս ամէն «եթէ»ներէն վերջ, Ֆրանսա եւ Իտալիա յանկարծ չփոխէին իրենց քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ։

Խրիմեանի քննադատներուն պարտադրած այս փոքրիկ ընդմիջումէն վերջ անցնինք  մեր պատմութեան ընթացքին։

Քաղաքական գիծէն անկախ` Խրիմեան եւ Սրուանձտեան ունէին զիրենք բաժնող ուրիշ գիծեր, նկարագրի եւ բնաւորութեան գիծեր։ Սրուանձտեան` մինչեւ եղունքներուն ծայրը խնայող, կարգապահ, ձեւապաշտ, անտանելի կը գտնար Հայրիկի` տէրվիշութեան հասնող լայնասրտութիւնը։ Սովի տաք օրերուն, ան` աստիճան մը հանդուրժելի գտած էր որ Առաջնորդարանի սրահը ծառայէր միաժամանակ Սովելոց Յանձնաժողովի գործերուն` որ առիթով բաւական էր կարօտեալ մը ըլլայ, ուզած պահուն, ցեխոտ ոտներով մինչեւ Առաջնորդարանին դահլիճին վերին գլուխը առաջանալ կարենալու համար։ Կարօտեալները վարժուած էին եւ իրենց անբռնաբարելի իրաւունքը կը համարէին մինչեւ Հայրիկի քովն երթալ եւ ժամերով անոր պատմել իրենց ցաւերը։ Հայրիկ ոչ միայն մինչեւ վերջը մտիկ կ՚ընէր, այլեւ, համակ գութ, եթէ լսած պատմութենէն զգար որ բան մը կար ընելիք, առանց բաւարարութիւն տալու, սովոր չէր ետ ճամբելու իրեն դիմողը, ողորմութիւն մը եթէ ձեռքին ներքեւ տրամադրելի միջոց մը ունենար, նուէր մը իր կողմէն, նուէր մը այդ րոպէներուն հանդիպած անձին կողմէ առնուած, յանձնարարական մը` հակառակ պարագային եւ վերջապէս բան մը որ այդ պահուն իր խիղճը ազատէր կարօտեալի ցաւին անոր վրայ դրած բեռէն։

Սովին մեղմանալէն վերջ, Սրուանձտեան ուզած էր եւ քանի մը անգամ ալ Հայրիկին առաջարկած` որպէսզի աշխատութեան բաժանում ըլլայ եւ Սովելոցին գործերը Փոխանորդարանը փոխադրուին, բայց Հայրիկ` ամէն անգամուն ալ առաջարկը ականջի ետեւ ձգած էր, ինչ որ սակայն օր մը, անակնկալօրէն, մէջտեղ պիտի գար եւ անմիջական պատճառը պիտի դառնար Սրուանձտեանի հրաժրականին։ Անգամ մը ծերունի գիւղացի մը կը նեարկայանայ Հայրիկին, զոյգ մը կիսամերկ երեխաներու ձեռքերէն  բռնած։ Հայրիկը գրպանը կը խառնէ բան մը չգտնար։ Ծերունին դուրսը կը կեցնէ սպասելով փոխ ուզելիք անձի մը այցելութեանը, ոչ ոք չգար։ Ճարահատ` Հայրիկ փնտռտուքի կ՚ելնէ դահլիճին մէջ։ Դարակները խառնած ատեն անոնցմէ մէկուն մէջ ան ծրար մը կտաւեղէն կը գտնէ եւ կարծելով թէ հանրային հաստատութիւններէն մէկուն համար գնուած բան մըն է, կը վերցնէ ծերունիին կուտայ եւ կը ճամբէ զայն։ Բանէն դուրս կուգայ սակայն որ կտաւեղէնը Սրուանձտեան իրեն անձնականին համար գնած է, զոր երբ վերջէն տեղը չգտնար, Հայրիկին կը հարցնէ, ան ալ եղելութիւնը կը պատմէ։

Սրբազա՛ն կ՚ըսէ «Գրոց-Բրոց»ի հեղինակը ես Երեմիա սրբազանին պէս հարուստ մէկը չեմ,

Սրուանձտեանի այս խօսքը Հայրիկ կ՚ըմբռնէ անմիջապէս կծու ակնարկութիւն մըն էր Հայրիկի նմանօրինակ  մէկ ուրիշ արարքի մը, անոր Պատրիարքութեան օրերէն մնացած։

Այդ օրերուն, անգամ մը, Խրիմեան Պատրիարքին կը ներկայանայ ցնցոտիներով ծածկուած Մշեցի քահանայ մը։ Հայրիկ` քահանան կը յանդիմանէ անոր այնքան գէշ հագնուած ըլալուն համար։ Յետոյ անոր չքաւորութեան առարկութիւններուն վրայ սիրտը կը շարժի, գրպանը կը խառնէ, քահանային տալիք բան մը չգտնար անոր մէջ։ Այդ րոպէին անոր աչքերը յանկարծ կ՚իյնան Տէվկանց Երեմիա  եպիսկոպոսի` Շատախի շալէ նոր կարել տուած վերարկուին վրայ, զայն վերցնել եւ քահանային տալը մէկ կ՚ընէ։

Առ գնա՛ ծածկուիր ասորմով։

Քահանայի չար բաղդէն, սանդուխին վրայ Երեմիա եպիսկոպոս քահանային դէմը կ՚ելնէ եւ իր վերարկուն անոր թեւերուն վրայ տեսնելով` զայն գող մը կը կարծէ եւ բռնի վերարկուն ձեռքէն կ՚առնէ։ Քահանան աղմուկը  կը փրցնէ։ Աղմուկը Հայրիկին կը հասնի որ կը միջամտէ, քահանային իրաւունք կուտայ եւ Երեմիա եպիսկոպոսէն կը խնդրէ քահանային վերադարձնել անոր… վերարկուն։

Ատենին, Պոլսոյ մամուլին քաշքշած այս անցքին ակնարկութիւնը Հայրիկին քիչ մը ծանր կուգայ։ Ան պատասխան չտար Սրուանձտեանին, ոչ իսկ իր սովորական ժպիտովը, պատասխանը այն կ՚ըլլայ, որ յաջորդ օրը Սրուանձտեան իր տեղը կը գտնէ կտաւեղէնին ծրարը,

Հայրիկ կը մոռնայ եւ կամ մոռցած ցոյց կուտայ։ Ան Վարագ կ՚երթայ ուր կը մնայ քանի մը օրեր։ Վերադարձին, կը տեսնայ որ Սովելոց Յանձնաժողովին պաշտօնեան` իր գրասեղանին հետ փոխադրուած է դիւանատան սրահը։ Հայրիկ այդ օրը բան մը չըսեր, բայց յաջորդ օրը, երբ հարկ կ՚ըլլայ նամակ մը գրել Յանձնաժողովին վերաբերող մէկ գործին առիթով, պաշտօնեան կը կանչէ, տուն կուտայ, յետոյ յանկարծ կ՚ընդմիջէ եւ կ՚ըսէ`

Առանձին չպիտի կրնաք գրել, գրասեղաննիդ առէք հոս բերէք եւ գրեցէք ինչ որ կ՚ըսեմ։

Պաշտօնեան Գարեգին Վ. ի երեսը կը նայի անգամ մը, յետոյ տեսնելով որ ան շարժումի մը նշանը չտար, կը վազէ ետ կը բերէ եւ տեղը կը դնէ գրասեղանը որ այլեւս տեղէն չշարժիր։

Խուլ քէն մը կը սկսի։

Վրայ կը հասնի «Սեւ Խաչ»ի դէպքը։

«Սեւ Խաչ»ը Արեւելեան պատերազմի ընթացքին`  կարգ մը երիտասարդներու միջեւ կայացած գաղտնի կազմակերպութիւն մըն է։ Անոր նպատակն է ինքնապաշտպանութիւն եւ ազատութիւն։ Կազմակերպութեան ծրագիրը Կիւթէմպէրկի աչքերէն անցած չըլլալուն համար յայտնի չէին նպատակին տրամադրուած միջոցները, բայց անունն արդէն չափէն աւելի բացատրական էր, անկէ յայտնի էր որ ի հարկին ան սեւ խաչ մը պիտի քաշէր այս կամ այն անունին վրայ։ Թէեւ պատմութիւնը չըսեր թէ ան ըրած է նման  բան մը։

«Սեւ Խաչ»ը ուրեմն սովի ճնշումէն թեթեւցած, Մայիս 24ին կ՚ուզէ տօնել Ազգ. սահմանադրութեան տարեդարձը։ Գաղտնի ընկերութիւնը այդ առիթով ցուցադրելու կ՚ելնէ ոչ միայն ունեցածը այլեւ չունեցածը։ Կազմակերպութեան անդամները` նոյն օրը ամէնքն ալ համազգեստով, հրացան ուսերնուն, դրօշնին առջեւնին, թափօրով Վարագ կ՚երթան։ Հոն են, անոր հրաւէրին վրայ զանազան մշակութային միութիւններ իրենց դրօշակներովը։ Վանքին մէջ տեղի կ՚ունենան սահմանադրութեան հիմնադիրներու համար հոգեհանգստեան պատարագէն վերջ, յայտագրին համաձայն, ճառեր, զօրահանդէսներ, զինավարժութիւններ եւայլն։  Յետոյ  կերուխում, որմէ վերջ բնականաբար տեղի կ՚ունենան յայտագրէն դուրս բաներ ալ, որոնք չեն ուշանար կառավարութեան ականջը հասնելու։

Յայտագրին ներսը եթէ համազգեստ, զէնք, զինավարժութիւն, զօրահանդէս կայ, դժուար չէ երեւակայել թէ ինչե՜ր կրնային եղած ըլլայ անկէ դուրս եղածները…։

Յաջորդ օրը կուսակալ Հասան բաշան շուկան պտոյտի կ՚ելնէ եւ կ՚ուղղուի դէպ Գալճեան Գէորգ պէյի գրասենեակը, բայց, փոխանակ ներս մտնելու եւ ըստ սովորութեան սուրճ մը առնելու հոն, դրան մէջէն Գէորգ պէյին կ՚ըսէ`

Ո՞ւր են սա ձեր երիտասարդ էֆէնտիները, Վարագէն չե՞ն վերադարձած արդեօք։

Յետոյ առանց պատասխան սպասելու։

Շատոնց է Խրիմեան էֆէնտին տեսած չունիմ։ Կը փափաքիմ այս օրերս, եւ եթէ կարելի է վաղը զինքը տեսնել անգամ մը։

Կ՚ըսէ ու կը ձգէ կը հեռանայ։

Կուսակալի այս տարօրինակ վարմունքը տակն ու վրայ կ՚ընէ ծերունի Հայը, որուն առաջին գործը կ՚ըլլայ, ըստ սովորութեան լուրին հաղորդակից ընել հայրըս։ Անոնք միասին կը փութան Առաջնորդարանը։ Հոնկէ Սրուանձտեան վարդապետին հետ նամակով մը Հայրիկին կը հաղորդեն իրողութիւնը եւ անկէ կը խնդրեն յաջորդ օր քաղաքը իջնալ։

Հայրիկ տկար թէ ոչ, կը պատասխանէ թէ տկար է, չկրնար Քաղաքը իջնալ եւ կը յանձնարարէ Սրուանձտեանին իր կողմէ երթալ եւ տեսնել Կուսակալը։

Սրուանձտեան` Վարագի տօնակատարութեան առիթով արդէն դժգոհ` կը սրտմտի ու կ՚ընդվզի։

Ես ասանկ պաշտօն չեմ կրնար վարել, ես կը հրաժարիմ կ՚ըսէ Սրուանձտեան եւ կը մերժէ կատարել Խրիմեանի յանձնարարութիւնը։ Զուր կ՚անցնի բարեկամներու խորհուրդները եւ թախանձանքները։ Ան կը յամառի իր մերժումին մէջ եւ կը պնդէ իր հրաժարելու մտադրութեան վրայ։

Քաղաքական ժողովը կը պարտաւորուի ի պաշտօնէ Հայրիկին հաղորդել Սրուանձտեանի մերժումը, եւ անկէ խնդրել կրկին որ Քաղաքը  իջնէ։

Հայրիկ այս անգամ կը պատասխանէ`

Քանի որ Գարեգին հայր սուրբը հրաժարած է, ես վաղը Քաղաք կ՚իջնամ եւ Կուսակալին կ՚երթամ։

Հայրիկի այս տոմսը կարդալուն պէս, Սրուանձտեան սեղանին գլուխը կ՚անցնի եւ իր հրաժարականը կը գրէ Հայրիկին։

Ժողովականները ի զուր կը ջանան ետ կեցնել զայն։

Դուք Հայրիկը չէք ճանչնար կը պնդէ ան։ Անոր «քանի որ Գարեգին Վ. հրաժարած է» բացատրութիւնը իմ հրաժարումիս վերջնականութեան իմաստն ունի։

Արդարեւ Հայրիկ, որքան անկեղծ նոյնքան անյողդողդ, յաջորդ օրը` Առաջնորդարանը գալուն, երբ Սրուանձտեանի ձեռքէն կը ստանայ անոր հրաժարականը, չըսեր խօսք մը որ հակասէր իր գործածած բացատրութեանը։ Ան գիտէ որ գործակցութիւնը իրենց միջեւ այլեւս անկարելի է։

Հրաժարականը կարդալէ վերջ Հայրիկ զայն գրպանը կը դնէ ըսելով`

Ամենայն ինչ կատարեալ է ուրեմն։

Այս խօսքին վրայ Սրուանձտեան կը յառաջանայ Հայրիկի ձեռքը համբուրելու։ Հայրիկ կը փղձկի գիրկը կ՚առնու իր ձեռնասունը, հայրենախօս սոխակը, ինչպէս սովոր էր զայն անուանել եւ արտասուքով թրջուած  համբոյրներով կը ծածկէ անոր ճակատը։

Պ. Մարկոս Նաթանեան, այդ օրերուն Առաջնորդարանի դիւանապետ եւ այս անցքին ներկայ` կը պատմէր օր մը, թէ` մինչ այդ Հայրիկը տեսած չէր բնակ այդ աստիճան յուզուած, եւ, անկէ վերջ մէկ անգամ միայն, Ներսէս պատրիարքի մահուան հեռագիրը ստանալուն առիթովը, տեսած էր անոր` այդպէս գրեթէ տղայի պէս լալը եւ արտասուելը։

Այս ցաւագին տպաւորութեան ներքեւ` Հայրիկին  լուր կը բերեն թէ «Սեւ Խաչ» կազմակերպութեան անդամներէն ոմանց տուները խուզարկուած են եւ թէ անոնց գլխաւորը` Կարապետ Կիւլիւմեանի տանը մէջ զէնքեր եւ համազգեստներ գտած եւ զինքն ալ բանտարկած են։ Այս լուրին վրայ աստիճան մը եւս ընկճած` Հայրիկ կ՚ելնէ Կուսակալին կ՚երթայ։

Հասան փաշան` վարժուած Խրիմեանը  տեսնելու միշտ ժպտուն եւ զուարթ, ի տես անոր տխուր երեւոյթին, երբ պատճառը կը հարցնի Հայրիկեն, եւ երբ այս վերջինը անձնական տկարութիւնը կը պատրուակէ, խորամանկ Ալպանացին կեղծաւոր ժպիտով մը`

Ձեզ հետ տեսնուիլ  կ՚ուզէի մասնաւոր խնդրով մը, բայց քանի որ անհանգիստ էք, կարեւորութիւն չունի, ուրիշ որ մը կը տեսնուինք։ Այսօր ձեզ նոր յոգնութիւն չեմ ուզեր պատճառել։

Հայրիկ անկէ խորագէտ` խուճապի չգար եւ նոր ժամադրութեամբ մը կը մեկնի այդ օրը։

Հասան փաշան, կամ իր բնորոշ անունովը` Շքոտրալի Հասան փաշան` Եանեացի Ալի փաշայի ցեղէն ազնուական ալպանացի մըն է, որուն պաշտօնը` կայսրութեան այդ հեռաւոր անկիւնը, որպիսին էր Վան, զայն Րումէլիէն հեռու պահելու պատրուակ մըն էր միայն, տեսակ մը աքսոր։

Հասան փաշան նրբամիտ եւ լայնախոհ պաշտօնեայ մըն է։ Որպէս ալպանացի, Համիտէն հալածուած մը, ան լայն ոգիով եւ փիլիսոփայի աչքերով կը նայէր Հայերու գուցէ լուրջ չհամարած ազատագրական շարժումին վրայ։

Հասան փաշան մեծ յարգանք կը տածէր Խրիմեանի հանդէպ, ոչ միայն որպէս  նախկին պատրիարքի, այլ նաեւ որպէս մեծ մարդու։ Օժտուած թափանցող նուրբ միտքով մը, ան ճանչցած էր Խրիմեանի  մէջ փիլիսոփան, մարդը` որ իր որակումովը «կարծես թէ այս աշխարհէն չէ»։ Հօրս` որ պաշտօնի եւ բարեկամութեան բերմամբ յաճախ Կուսակալին կ՚այցելէր, անոր առաջին խօսքը կ՚ըլլար առհասարակ, իւրաքանչիւր այցելութեանը «Խրիմեան էֆէնտիի որպիսութիւնը» հարցնելը։ Իսկ երբ Խրիմեան այցելութիւն տար անոր, Փաշան սովոր էր մինչեւ դուռը դիմաւորել զայն, քովը բազմեցնել, ձեռքովը սիկարէթ տալ, լուցկին քաշել եւ մեկնելուն` մինչեւ սանդուխին գլուխը առաջնորդել զայն,

Մինչեւ նոր ժամադրութեան օրը սակայն «Սեւ Խաչ»ի խնդիրը քիչ մը աւելի լուրջ կերպարանք ստացած  կ՚ըլլայ։ Կիւլիւմեանի տունէն գրաւուած թուղթերու մէջ  գտնուած են նաեւ  կազմակերպութեան հաշիւները, որոնց մէջ, ի միջի այլոց, Կամսարականի անունովն ալ նուէրի մը յիշատակութիւնն տեսնուած է եղեր։ Կուսակալի առաջին խօսքը, նոր տեսակցութեան ընթացքին, կ՚ըլլայ` թօնով մը որուն ո՛չ լուրջ ըլլալը յայտնի է ո՛չ ալ կատակ`

Կամսարական էֆէնտին ձերիններէն զօրք կ՚առնէ  եղեր։

Հայրիկ կը խնդայ։

Դուք ալ թոյլ տուած էք կը շարունակէ խորագէտ Ալպանացին, որ ձեր վանքը թալիմհանէ ընեն։

Հայրիկ նորէն կը խնդայ։

Բայց խնդալը չբաւեր։ Հարկ է բան մը ըսել։

Ես դիտմամբ թոյլ տուի կը պատասխանէ Հայրիկ, միշտ ժպիտով մը որ վանքը երթան թալիմ ընեն, որպէսզի դուք իմանաք թէ Կամսարական էֆէնտին Հայերէն զօրք կ՚առնէ…։

Հասան փաշան կը զարմանայ Հայրիկի ուշիմ պատրաստաբանութեան վրայ եւ կ՚ըմբռնէ անոր  թագուն իմաստը։ Անոնք կը հասկցուին իրարու հետ։ Կուսակալը կը խոստանայ խնդիրը փակել, բայց չմոռնար ըսելու`

Ես ձեզ կը հասկնամ, բայց ես մինակ չեմ այստեղ, հոս ունինք զինուորական հրամանատար մը, ուրիշ պաշտօնեաներ, որոնց` ինչպէս նաեւ տեղացի թուրք երեւելիներուն ես կը դժուարանամ խօսք հասկցնելու։

Օր մը առէք ատոնք ամէնքը վանքը բերէք, Կամսարականն ալ կը կանչենք, միասին կը ճաշենք եւ քիչ մըն ալ կը խնդանք այս տղայութիւններուն վրայ։

Ու տեսակցութիւնը կը յանգի Վարագի մէջ ճաշի մը, որուն ներկայ կ՚ըլլան Կուսակալէն, Հրամանատարէն ի զատ թուրք եւ հայ քանի մը երեւելիներ Կամսարականը, անգլիական եւ պարսկական հիւպատոսները։

Տեղի կ՚ունենան նուագ, արտասանութիւններ, երգեր որոնցմէ Հայրիկի անունին ձօնուածէն այնքան կ՚ախորժի Կուսակալը որ վեց անգամ կրկնել կուտայ զայն։ Բայց մեկնելու պահուն երբ Հայրիկ «նորէն հրամմեցէք մը» կ՚ըսէ, դիւանագէտ փաշան դէպի անոր ականջը կը ծռի եւ ժպիտով մը`

Նորէն կուգամ, բայց առանց որ նոր զօրահանդէս մը պատճառ տուած ըլլայ։