Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԾԻՒԸ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Է

Գէորգ Դ. ի յաջորդին ընտրութեան օրերն էին։

Պալաժէնիոյ օրէնքը ծրագրուած էր, բայց տակաւին գործադրութեան մէջ չէր։

Պոլսոյ Ազգային Ժողովը՝ իր ապրիլ 16ի (1884) նիստին մէջ, իր կողմէ ընտրած էր երեք թեկնածուներ

Վարժապետեան, Խրիմեան եւ Մուրատեան Էջմիածնի ընտրողական ժողովին ներկայացուելու համար։

Թուրք կառավարութիւնը՝ հաշտ աչքով չէր նայեր անշուշտ Խրիմեանի ընտրութեան հաւանականութեան վրայ։ Հաշուելով թէ՝ անոր ներկայութիւնը Վանի մէջ եւ անոր անսանձ գործունէութիւնը մայրաքաղաքէն այնքան հեռու եւ Էջմիածնի այնքան մօտ վայրի մը մէջ, մեծ գրաւական մը կրնայ ըլլալ անոր ընտրութեան յաջողութեան համար, հրահանգած էր Վանի  կուսակալին, Խրիմեանը Պոլիս ղրկելու միջոցներու մասին խորհիլ։

Վերջէն սակայն, Վարժապետեանի ընտրութեան վրայ, ան թուլցուցածէր իր հրահանգները։ Միւս կողմէ՝ կուսակալ Հասան փաշան՝ ի տես Խրիմեանի քաշուած եւ մեկուսացած դիրքին, բարեացակամութենէ մղուած՝ նպաստաւոր տեղեկագիր մը ղրկած էր Պոլիս անոր մասին։ Դրութիւնը այս էր, երբ անակնկալօրէն Ներսէս Վարժապետեանի հրաժարականը մէջտեղ ելաւ եւ Խրիմեանի ընտրութեան հաւանականութեան հարցը նորէն սեղանի վրայ եկաւ։ Ամէնքի աչքերը սկսան դառնալ այն ատեն, նորէն դէպի Վարագ, ուր Հայրիկ՝ այդ օրերուն, ծանր հիւանդութիւն մը կ՚անցունէր։

Հայրս, այդ տարի, խոստացած էր Վարագ ուխտի տանիլ մեզ։ Վանքին ուխտագնացութեան օրերը, յունիս, յուլիս, կ՚անցնէին եւ սակայն հայրս կը յամենար իր խոստումին մէջ։ Ան երկու պատճառներ ունէր իր յետաձգումներուն համար, նախ՝ կը փափագէր վանքին հանդարտ մէկ ատենին հանդիպցնել մեր ուխտագնացութիւնը, որ իր տեւողութեամբը՝ տեսակ մը գիւղագնացութիւն պիտի ըլլար մեզ համար, յետոյ, կը սպասէր որ Հայրիկ բոլորովին  ապաքինէր։

Ինձ համար հետաքրքիրը՝ պատճառներուն երկրորդըն էր։ Ամիսներէ ի վեր չէինք տեսած Հայրիկը, ո՛չ մեր տունը, ուր ան կուգար յաճախ, ո՛չ մօրեղբօրս տունը, որուն ան բարեկամն էր եւ դրացին, ո՛չ ալ եկեղեցիները, ուր կը վազէինք անխափան զինքը տեսնելու եւ անոր քարոզները լսելու համար։

Անհամբեր էինք եւ օրերը կը համրէինք։

Վերջապէս, շաբաթ առաւօտ մը, օգոստոսի մէջ ֆուրկօններով ճամբայ ելանք։

Կիւրակէ առաւօտը, պատարագէն վերջ, վանքի այգիի մեծ ընկուզենիի  շուքին ներքեւն ենք։ Մեծ ընկուզենինփոքրիկ անտառ մըն է, անոր հովանիի ընդարձակ տարածութեան վրայ, շուրջանակի, բազմոցներ են փռուած, որոնք աթոռներու կը ծառայեն՝ սեղանի ծառայող սփռոցներուն շուրջը։ Հոն է ամբողջ Միաբանութիւնը, պակաս Յուսիկ վարդապետը որ կը փախչի նման  հրաւէրներէ, այնպէս, ինչպէս այծեամը որսկանէն։ Եւ ահա Հայրիկ, որ կքած, ձեռքի գաւազանին յենած, կուգայ յամր քայլերով։ Ընդ առաջ կը վազենք եւ ձեռքին վրայ կը խուժենք զայն համբուրելու համար։

Տկար է Հայրիկ, տժգոյն եւ յոգնած, անոր դէմքը նիհարած՝ կարծես փոքրցեր է քիչ մը, մինչ մօրուքը, լայնցած՝ մանեակի մը ձեւը առեր է անոր շուրջը։ Ան իր «օրհնեալ ըլլաք»ները այնքան հեւ ի հեւ կուտայ, այնքան արագ, այնքան շնչահատ, որ ուշացողները կը հրաժարին իրենց եռանդէն։ Հայրիկ՝ առաջին անգամն էր որ իր սենեկէն դուրս կ՚ելնէր։

Հայրիկ ծանր հիւանդութիւն մը ունեցած էր եւ կ՚անցունէր ապաքինումի շրջանը, որ այնքան աւելի հոգեպարար է եւ հաճելի, որքան հիւանդութիւնը ծանր։ Հայրիկ այդ երջանիկ շրջանն էր որ կ՚անցունէր, ուժերու վերանորոգումի շրջանը, որ ատեն, ինչպէս որ ախորժակը կը սրուի, սնունդով լեցնելու համար մարմինէն պակսածը, այնպէս ալ հոգին կը զեղու մասնաւոր խանդով մը, իր օգնութեան մասնաւոր բաժինը բերելու վերանորոգումի ճիգին։

Բազմոցին վրայ ընկողմնած՝ Հայրիկ սկսաւ անյագ թոքերով շնչել առաւօտեան զով օդը եւ անյագօրէն ըմբոշխնել բնութեան տեսարանները, այնքա՜ն հոգեպարար՝ Վարագի լեռան այդ գեղեցիկ լանջին վրայ։

Երբ անոր թոքերը քիչ մը յագեցան բացօդեայ շունչով եւ աչքերը առին իրենք պարարումի բաժինը երկինքին կապոյտէն, ծառերու եւ թուփերու կանանչէն եւ հնձուած արտերու ոսկի նարինջէն, հոգին սկսաւ փնտռել իրը, այն ինչ որ կապ ունի իր մէջ դիզուած յիշատակներու եւ զգացումներու հետ, այն, ինչ որ կը հետաքրքրէ զանոնք եւ կը պարարէ։

Եւ Հայրիկ կը սկսի փնտռել լուրեր ի մասին անցքերու եւ անձերու, այնպէս ինչպէս եղած է միշտ, ազատ, անկաշկանդ, եթէ կ՚ուզէք քիչ մըն ալ անիշխանական, պաշտօնականութիւններու վրայէն թռչելով, կարգերու վրայէն ցատկելով, ականջը հոգիին զարկին վրայ եւ հոգիին լեզուովը։

Է՜, նայինք ի՞նչ կայ, ի՜նչ չկայ, ո՜վ ապրած է, ո՜վ մեռած։

Եւ այս դասական յառաջաբանէն վերջ։

Ինչպէ՞ս է մեր Թանկարաճին։

Պայմանագրական դասաւորութեան մը մէջ՝ Թանկարաճիին անունը շատ վերջ պիտի գար կամ բնաւ։ Ան ամէնէն առաջ եկաւ.

Թանկարաճին՝ Մկրտիչ Թանկոյեանն է, Առաջնորդարանի հինաւուրց դիւանապետը, կարճ, գիրուկ՝ որուն տիպարը՝ առաջացած տարիքի մէջ, Վանի բառբառով կը դառնայ  ցնփոր։ Թանկարաճին՝  իր կազմուածքին յատուկ զուարթախոհութեան հետ ունի զուարթ, եւ, փնտռողներուն համար հաճելի համարձակախօսութիւն մը։ Հայրիկ՝ տիպարը կը փնտռէ. բայց կը սիրէ՞ անոր ներկայացուցիչը։ Կարելի չէ «այո» ըսել։ Ամէն պարագայի, ան կը սիրէ տիպարը։

Թանկարաճին՝ Պօղոսի հետ Պօղոսեան է, Ապօղոսի հետ Ապօղոսեան, եւ, շնորհիւ իր այս շնորհին, ցատկելով դասական ճշմարտութեան վրայէն եւ երկու տէրանց ծառայելով, ան, տարիներով հաստատ մնացեր է իր այնքան փափուկ աթոռին վրայ։ Առանց այդ պաշտօնին, Թանկարաճին գուցէ անգործ մնար։ Եւ՝ ապրելու պէտքը եւ իր պաշտօնը պահպանելու մտմտուքը՝ վերին աստիճան սրեր էին անոր դիւանագիտական... ճարպիկութիւնը եւ զայն հասուցած էին իր կատարելագործութեան բարձրագոյն  աստիճանին։ Հայրիկ կը ճանչնար մարդը, բայց ճանչնալով հանդերձ մարդը, կ՚ախորժէր անկէ, անոր ներկայութենէն, գուցէ նաեւ կը սիրէր զայն, ճիշդ իր ապրելու պէտքին մղումով ցոյց տուած անոր ճարպիկութեան համար։ Ան կը սիրէր այդ ճարպիկութիւններուն տուն տուած դրուագները՝ հակառակ որ անոնց մէկ մասը իր մորթին վրայէն կ՚անցնէին։ Այդ դրուագները Հայրիկ կ՚առնէր եւ յաճախ կը պահէր անոնց զուարթ կողմերովը, մնացեալը կամ կը նետէր եւ կամ կը մոռնար։

Հայրիկ՝ եթէ չէր սիրէր Թանկարաճին, կը սիրէր անպատճառ անոր զուարթ բնաւորութիւնը, մանաւանդ անոր անկուտիութիւնը, որոնք իրարու խառնուած կը դառնան տեսակ մը փիլիսոփայութիւն։ Անոնք, Հայրիկ եւ Թանկարաճին, իրենց պաշտօնակցութեան օրերուն, յաճախ, ծակ գրպաննին իրարու խառնած՝ հաց ու պանիրի եւ պտուղի սեղաններ էին սարքած, զարդարուն՝ կանանչ սոխով կամ աննուխով՝ զորս Թանկարաճին՝ ծառան կը վազցնէր բերելու իր բակի փոքրիկ պարտէզէն։

Հայրիկ մասնաւոր համակրանք մը ունէր— իր բառովը— կուտ չբռնողներուն համար։ Տարուած այս համակրանքէն՝ ան՝ եթէ ոչ ներողամիտ, գէթ հանդուրժող աչքերով կը նայէր այդպիսիներուն՝ իրենց նեղութիւններուն պարտադրած մանր մունր շեղումներուն  վրայ։ Հայրիկի այս հանդուրժողութիւնը, ներողամըտութեան կը վերածուէր, եթէ շեղողը՝ ընտանիքով բեռնաւորուած մէկը եղած ըլլար։ Թանկարաճին ընտանիքով բեռնաւորուած մըն էր եւ այն վեց մէճիտիէ ամսական որ ան կը ստանար Առաջնորդարանէն, բոլորովին անբաւական էր անոր ընտանիքին պէտքերուն համար։

Թանկարաճին նւոէր կը ստանար, գործ գլուխ փոքրիկ բան մը, բուռ պուառ մը, բուռ մանժէ մը ըսենք ասոր, քանի որ խմելիքը ուտելիքէն վերջ կուգայ եւ քանի որ վեց մէճիտը չէր բաւեր անոր ուտելիքին։ Թանկարաճին գիտէր թէ Հայրիկ չտեսնելու կը զարնէր երբեմն տեսածները, բայց չէր գիտէր թէ ան ներողամիտ էր։ Անոր համար, ան ամէն հնարաւոր զգուշութիւններ կը կիրարկէր, անկէ գաղտնի ընելու, ինչ որ կ՚ընէր գործի տէրերուն հետ։ Այս զգուշաւորութիւնները՝ իրենց պարտադրած մանր մունր նրբութիւններովը չափազանց մեծ զուարճութիւն կը պատճառէին Հայրիկին, որ ոչ միայն կը հետաքրքրուէր, այլեւ, երբ ժամանակ ունենար, քիչ մըն ալ կը հետապնդէր զանոնք։ Այս հետապնդումները, որքան ալ ցանցառ, չէին վրիպեր Թանկարաճիի ուշադրութենէն, որ՝ անհաղորդ Հայրիկի բուն նպատակին, եւ հակառակէն առնելով, կը մղուէր նոր զգուշութիւններու, նոր նրբութիւններու եւ հետեւաբար Հայրիկի համար զուարճութեան նոր նիւթերու։

Թանկարաճին բնաւ սովոր չէր ամուսնական հրամանագրի մը կամ ուրիշ ո եւ է պաշտօնագիր անմիջապէս յանձնել գործատիրոջը, որքան ալ կարճ ըլլար գործը կամ ստիպողական։ Այդ յանձնումը անպատճառ պէտք էր որ տեղի ունենար, առնուազն, յաջորդ օրը, ժամու մը, զոր ինքը յատկապէս կ՚որոշէր եւ կ՚ընդգծէր, եւ որ անպատճառ կը զուգադիպէր իր առանձնութեան պահերուն։ Գործին տէրը՝ առհասարակ անծանօթ չէ յետաձգումի նպատակին։ Ան՝ յաջորդ օրը, որոշեալ ժամուն, ձեռքը բան մը, կը ներկայանայ դիւանապետին եւ գործը կը լմննայ։

Մինչեւ հոս եղած ծանր բան մը չէ, բայց ան հոս չվերջանար միշտ։ Կը պատահէր երբեմն, որ գործին տէրը մեթոտին անծանօթ, կամ քիչ մը ժլատ, ներկայանար ձեռքերը պարապ։ Այդ պարագային հրամանագիրը կամ պաշտօնաթուղթը պատրաստ եղած չէին ըլլար։ Որ ատեն կը սկսէր գործատիրոջ տրտունջը, յաճախ կռիւի վերածուելով եւ մինչեւ օրուայ Առաջնորդին ականջը հասնելով։ Սրուանձեան, պիւրոկրաթ մարդ՝ անհանդուրժելի գտած էր դիւանապետին այս մեթոտը եւ օր մըն ալ, առիթը բռնելով՝ ճամբու դրած էր զայն եւ անոր տեղ պաշտօնի կոչած Նաթանեան Մարկոս էֆէնտին, զոր, սակայն գործին շատութիւնը եւ վարձատրութեան քիչութիւն փախցուցած էին շուտով, եւ հարկ եղած էր նորէն դիմել Թանկարաճիին։ Նախկին դիւանապետը իր մեթոտներով, այս անգամ աւելի հաստօրէն, եկած տեղաւորուած էր, վերակոչումին մէջ տեսնելով իր մեթոտին տեսակ մը նուիրագործումը։

Մինակ աս չէր։ Կը գտնուէին այնպիսիներ, մասնաւորապէս մերձակայ գիւղերուն մէջ, քահանայ, թաղական, մուխթար կամ թեկնածու, որոնք Առաջնորդարանի մէջ աչքի մը պէտք ունէին։ Այսպիսիներն ալ իրենց, նուէներն  ունէին Դիւանապետին համար, պըլիթ մը թազա պանիր, չափուկ մը խաղող, կուժ մը շիրայ։ Այդպիսիները «արժանաւորներ» կը դառնային եւ «ազգասէրներ», ու Թանկարաճին անոնց համար լեցուն բերնով եւ պատրաստի բարեխօս մը, օրուայ առաջնորդին եւ կամ անոր ժողովականներուն քով։ Պիւտճէյին այս բաժինն ալ սակայն ինքնաբերաբար չէր որ կը գոյանար, ան ալ իրեն յատուկ մեթոտներ ունէր, միշտ բնորոշ, միշտ նրբին։ Պէտք է որ ամէն ոք գիտնար թէ Թանկարաճին ուզածը  կը քալեցնէ Առաջնորդարանի մէջ։ Ան սովոր է ուրեմն տարաձայնելու ոչ միայն ըրածը, այլ նաեւ շատ հեզ, չըրածը։ Տարաձայնութիւններն ալ որպէսզի անցնէին, պէտք է որ ունենային համապատասխան կահաւորում։ Ան ամբողջ պատմութիւն մը կը սարքէր, մէջը կարենալ տեղաւորելու համար թէ՝ ինքը Կիրակոսը թաղական ընտրել տուեր է, թէ՝ ինքն եղած է որ Մարկոսին ընտրութեան արգելք հանդիսացած է։ Ան լաւ գիտէ որ եթէ նման պատմութիւններուն ինն փուճ կ՚անցնին, մէկը անպատճառ բան մը կը բերէ։ Հայրիկը՝ ամէնէն աւելի զուարճացնողը Թանկարաճիի այս վերջն մեթոտն էր, որուն, հեղինակը չէր կարծեր բնաւ թէ Հայրիկ կրնար անդրադառնալ եւ որ սակայն Հայրիկի ամենէն աւելի փնտըռածն էր։

Թանկարաճիի այդ մեթոտները՝ անոր բազմամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին, չէին կրնար ծնունդ չտայ դրուագներու։ Հայրիկ այդ դրուագները գոց գիտէր։ Ան գիտէր անշուշտ ուրիշներու վերաբերեալ նման շատ աւելի հետաքրքիր դրուագներ։ Թանկարաճիներունը՝ Հայրիկի համար ունեցած մասնաւոր հետաքրքրականութիւնը անոնց կենդանութեան մէջն էին։ Երբ ան իր դերին մէջ  կը տեսնար այդ հաստ փորով եւ քիչ մը արտակարգ մարդը, անոր վերաբերող դրուագները կենդանի պատկերներ կը դառնային իր աչքերուն եւ մասնաւոր թափով մը կը զուարճացնէին  անոր՝ իւմոր սիրող հոգին։

Թանկարաճիի որպիսութիւնը հարցուցած րոպէին, Հայրիկ չարաճճի ժպիտ մը ունեցած էր Տէվկանց եպիսկոպոսի հասցէին։ Ժպիտը յատկանշական էր եւ կը յիշեցնէր այդ դրուագներէն մէկը, որ ներկաներուն ալ անծանօթ չէր։

Օր մը Տէվկանց եպիսկոպոսի առաջնորդութեան օրով՝ Թանկարաճին սրբազանին կը  ներկայանայ՝

Սրբազա՛ն, այս իրիկուն իմ հիւրս պիտի ըլլաք, կինս հնդկահաւ մը լեցուցեր է ձեզ համար։

Տէվկանց Սրբազանը կը զարմանայ։ Դիւանապետը, իր՝ Առաջնորդարանին շատ մօտ գտնուող տունէն երբեմն, կաթ, մածուն, թանապուր, կանաչեղէն բերել տուած է իրեն համար, բայց հնդկահա՜ւ։ Առաջին անգամն էր, որ կը պատահէր։ Ի՞նչ կրնար ըսել, հրաւէրը կ՚ընդունի։

Իրիկունը հնդկահաւը մէջտեղ կուգայ եւ երկուքը միասին ախորժակով կը ճաշակեն զայն։

Քանի մը շաբաթ վերջ, օր մը, Շահպազի գիւղացի Ա. բողոք մը կը բերէ Առաջնորդարան, դրացին՝ Բ. ի դէմ։ Բ. տանիքէն խոշոր քար մը նետած է Ա. ի շան բոյնին վրայ, բոյնը խորտակուած է եւ շունը սատկած։ Ա. եւ Բ. դատի կը մտնեն։ Դատավարութեան ընթացքին երեւան կուգայ որ Ա. սատկեցուցած է շունը, վասնզի շունը խեղդած է անոր հնդկահաւը,

Է, լաւ, կը վճռէ Տէվկանց Սրբազան, դէմ դէմի դրէք շունը եւ հնդկահաւը եւ իրարմէ վազ եկէք։

Ո՛չ կ՚ընդդիմախօսէ Ա Բ. վնաս մը չունեցաւ. ան իր հնդկահաւին փորը լեցուց եւ քաղաքը տարաւ։

Մտմտուքը կը բռնէ Առաջնորդը, որ յիշողութեամբ թուականները պրպտելու կ՚ելնէ եւ կը գտնէ որ հնդկահաւին խեղդոցը՝ ճիշտ եւ ճիշտ կը զուգադիպի Թանկարաճիի՝ անսպասելի հրաւէրին։ Դիւանապետին՝ այդ րոպէին, երեսը ծածկող քրտինքի կայլակները կը լուծէին Սրբազան դատաւորին յետին տարակոյսները։

Երեմիա Սրբազան կարճ կը կապէ գործը, բայց չկրնար երկար ատեն իր մէջ պահել անոր պատմութիւնը, որ վերջ ի վերջոյ կը դառնայ Առաջնորդարանի շրջանականերուն սեփականութիւն։

Թանկարաճիի որպիսութեան մասին հարցումը, Տէվկանց Սրբազանին ուղղած ժպիտին հետ, այս պատմութեան յիշողութիւնն էր որ կը բերէին Հայրիկին եւ այդ յիշողութեան հետ, անոր  հոգիին՝ այդ րոպէին պէտք ունեցած եւ փնտռած զուարթութիւնը։

Հայրիկի հարցուցած, փնտռած երկրորդ անձը Աղաւնեան Յարութիւնն է։ Աղաւնեանէն առաջ դեռ ովքե՜ր կան Հայրիկին մօտիկ, անոր կողմէ հարցուելիք փնտռուելիք, պաշտօնակալներ, գործակիցներ, հարուստ բարեկամներ։ Անոնց ամէնէն առաջ, Պապիկ—Թոռնիկի հեղինակին յիշողութան մէջ տեղ բռնողը եղած է Աղաւնեան, Աւանց բնակող բարի գիւղացի մը, արտին ափին կապուած, մաճը ձեռքին, ծերունի «պապիկը» որ իր նահապետական տան թոռնիկները գոմէշի ձագերու վրայ նստեցնելով զանոնք կը ծանօթացնէ եւ իրարու հետ կը բարեկամացնէ, որ «ձեռքերնին խարազան դնելով անոնց՝ կամի վրայ նստել կը սորվեցնէ, անոնց բերանը դնելով երկրագործի առաջին երգը, կալսին երգը»։

Աղաւնեան լաւ մարդ է եւ լաւ երկրագործ. անոր գոմէշները հռչակ ունին, անոր կռուանը (գոմէշներուն կուողը) անուն ունի, Աւանցի գոմէշներուն ամէնէն անպարտելին է ան։

Աղաւնեան երիտասարդութեան բարեկամ մըն է, բայց Հայրիկի յիշողութեան մէջ տեղ բռնողը, այդ բարեկամութենէն աւելի. կամ անոր հետ, Աղաւնեանի տիպարն է, հայրենի հողին կապուած, անոր խորհուրդը իր մէջ ծածկած, հայրենիքի գաղափարը իր կեանքովը յաւերժացնող տիպարը՝ տիպարը, որուն երգն է որ ան երկներ է այն օրէն, երբ առաջին անգամ գրիչը ձեռք առած է գրելու, որուն գովքն է որ հիւսեր է իր բոլոր երկերուն մէջ, որուն սէրն է որ տարփողած է իր բոլոր քարոզներուն մէջ։ Ուղղութիւն մը, որուն կառչած մնաց Հայրիկ, որուն առաջին մէկ օրէն ան կապեց իր հանրային գործունէութիւնը եւ որուն ան հետեւեցաւ անշեղ եւ անայլայլ հետեւողականութեամբ։

Հայրիկ Աղաւնեանը կը սիրէր, վասնզի անոր մէջ տեսած էր նաեւ իր մաճն ու արօրը, իր եզն ու գոմէշը, իր հողն ու երդիքը պաշտպանելու զանոնք իրեն պահելու ինքնավստահութիւնը։ Իր անդրանիկը՝ Մարտիրոս, երբ քսան տարու եղած էր, Աղաւնեան՝ պէրտան մալ գրած էր անոր ձեռքին մէջ եւ անոր տուած զայն գործածելու հոգին ու կերպը,

Հայրիկը չհասկցողներն են, որ անոր ինքնապաշտպանութեան յորդորներուն մէջ, անպատճառ ապստամբութեան կամ ցոյցերու խորհուրդներ նշմարած են, եւ ըստ այնմ, սխալ ենթադրութիւններու մէջ ինկած։

Հայրիկ՝ առանց մասնաւոր հաճոյքի չէ որ կը լսէ իր հարցումներուն ենթադրած գրական պատասխանները։

Հապա մեր Փորթուգալեան, որ անգամ մը չեկաւ զիս տեսնելու։

Մեծ եղբայրս Փորթուգալեանի դպրոցի աշակերտներէն է։ Ան՝ իրեն պարտք սեպեց փաստաբանն ըլլալու իր տեսուչին։

Պարոն Փորթուգալեան զաւակ մը ունեցաւ այս օրերուն, Սրբազան, գուցէ այդ է պատճառը։

Հայրիկ չկրցաւ ուրախութեան բացագանչութիւն մը զսպել։ Յետոյ՝

Մա՞նչ է։

Այո՛, Սրբազա՛ն։

Այս վերջին ճշդումը նոր բացագանչութիւն մը խլեց Հայրիկի բերնէն,

Գաւառներու մէջ նորածինին մանչը՝ սիւն է տանը, աղջիկը՝ սուգ։

Հիմա արժէ որ Համուտ աղենց տունը զննենք  անոր համար։

Համուտ աղենց տունը՝ ընդարձակ եւ մեծարժէք կալուած մըն է՝ թուրքի սեփականութիւն, որ սուրի մը պէս խրուած է զուտ հայաբնակ թաղամասին մէջ։ Հայերը միշտ ուզած են գնել այս կալուածը, կառավարութիւնն ալ հակառակ սեփականատէրերու ցանկութեանը, միշտ արգելք հանդիսացած է։ Ան վերջէն սեփականատիրոջ պաշտպանութեան համար տանը դէմ շինեց զօրանոց մը, որ քիչ մնաց վիժեցնէր 915ի Հայերու ինքնապաշտպանութիւնը։

Հայրիկ՝ իր այս շատ վեհանձն նուէրին… վրայ  ըսկսաւ խնդալ, ապա շարունակեց՝

Կեանքիս մէջ այս մարդուն (Փորթուգալեանի) պէս միասիտ եւ լաւատես մարդու չեմ հանդիպած։ Իրիկուն մը, մեր տունը հաւաքոյթ մը ունէինք. խօսակցութեան ընթացքին Համուտ աղենց տանը խօսքն եղաւ, ներկաներէն մէկը, դրացի մը, վերցուց ըսաւ թէ՝ ինքը կարող է 1500 ոսկիի գնով մը յաջողցնել կալուածին  գնումը։ Յաջորդ օրը, Պ, Փորթուգալեան  ինծի եկաւ եւ լրջօրէն՝

Եկէ՛ք դպրոցին համար դնենք այս կալուածը։

1500 ոսկիի՞,

Այո՛,

Դրա՞մը,

Մաս մը ունինք, մնացեալն ալ ասդիէն անդիէն կը ճարենք,

Ինչքա՞ն է ունեցած մասերնիս... ։

Երեսուն ոսկի մը ունինք պատասխանեց Փորթուգալեան, ամենայն պաղարիւնութեամբ։

Երկուքս ալ սկսանք խնդալ շարունակեց Հայիկ ես անսովոր թափով մը, ան իր սովորական անթառամ ժպիտովը որ կարծես թէ կը հեգնէր իմ խընդուքը եւ ինձ կ՚ըսէր «ի՞նչ կայ որ, ի՞նչ կայ խնդալու»։

Փորթուգալեան լաւատես մըն էր արդարեւ եւ անոր լաւատեսութիւնը քիչ մըն ալ կուգար անոր կազմականէն։ Արիւնային խառնուածքով անոր մարմինին մէջ՝ կարծես թէ նեարդ գոյութիւն չունէր, իսկ ժպիտը կարծես թէ փթթեր էր անգամ մը անոր նուրբ երեսին վրայ եւ հոն գամուած մնացած։

Է՜, Քէօռ թագաւորը ո՞ւր է, նե՞րսը թէ դուրսը, անսպասելիօրէն հարցուց Հայրիկ։

Քէօռ թագաւորի համար «ներսը» բանտի նշանակութիւնն ունի։

Հայրս, որ բնաւ չէր սպասէր այս հարցումին, պատասխանեց թէ՝ ներսն ըլլալու է ան։ Բայց ես՝ որ քանի մը օր առաջ տեսած էի թաղին հերոսը՝ փութացի ուղղել հօրս պատասխանը եւ չափազանց գոհ զգացի ինքզինքս որ խօսքի խառնուած էի եւ բանի մը օգտակար եղած, հոգ չէ թէ այդ բանը Քէօռ թագաւորի պէս մէկու մը՝ ներսը կամ դուրսը եղած ըլլալն ըլլար։

Հայրիկի այս վերջին հարցումը սակայն, փոքրիկ գայթակղութիւն մը յարոյց սեղանին միւս ծայրը։ Մայրըս կ՚սպասէր որ Հայրիկ, մանաւանդ Քէօռ Թագաւորը հարցնելէն վերջ, հարցնէր նաեւ Գալճեան Գէորգ պէյը՝ որ իր մօրեղբայրն էր ու Հայրիկին  ալ ամէնամօտիկ բարեկամ, եւ որ՝ այդ օրերուն, ծանրապէս հիւանդ էր ու Հայրիկին անծանօթ  չէր որ ան հիւանդ էր։ Հայրիկ անտեղուանք չեղաւ։ Սեղանին սպասարկութիւնը սկսած էր. եւ Հայրիկ որ՝ թանապուրէ զատ ուրիշ բան չէր կրցած առնել, իր նոր ապաքինողի տրամադրութեամբը սկսած էր, այդ րոպէին, ախորժակին քաշած կերակուրներու, տառեխի, մաճառ ձուկի, թուրշիներու պատմութիւններն ընել եւ անոց յիշողութիւններով կշտանալ…։

Հայրիկ՝ կը յարգէր ծերունի պէյը, ան գովեստով կը խօսէր մասնաւորապէս անոր՝ որպէս Սովելոց Յանձնաժողովի ատենապետի, ցոյց տուած գործունէութեան համար։ Բայց այլ է յարգանքը, այլ սէրը։ Հայրիկ չէր սիրէր Գէորգ պէյը, վասնզի ան հարուստ մըն էր։

Հայրիկ՝ առհասարակ չէր սիրէր հարուստները, ինչպէս որ չէր սիրեր հարստութիւնը։ Հարուստին հետ՝ ան իր կաշիին մէջ չէր։ Ոչ մէկ հարուստի հետ ան մտերմութեան կապ ունեցած էր։ Ընկերվարական մըն էր ան, ոչ անշուշտ մարքսիստ մը որուն տեսակները այնքան ալ չեն ատեր հարստութիւնը. այլ Քրիստոսի տեսակէն։ Հարուստը անոր համար մեղաւոր մըն էր։ Ինքնին՝ վաղուան համար չի հոգացող մը, Հայրիկ անըմբռնելի  կը գտնար տարիներու համար հոգացողութիւնը եւ ատկէ ծնունդ առնող ընչասիրութիւնը։ Անոր՝ փիլիսոփայելու վարժուած միտքին համար դժուար էր հաշտուիլ շուկայիկ մտածումներու հետ։

Այս փաստերը՝ եթէ այդ օրը կարենայի մօրս բացատրել, նորէն անօգուտ պիտի անցնէին, եւ ան պիտի մնար ինչպէս որ մնաց, իր դժգոհի դիրքին մէջ։

Հայրիկ խօսած էր, խնդացած, զուարճացած, բայց ապաքինումի շրջանի չափն անցուցած։ Ան յոգնածութիւն զգաց եւ նստած բազմոցին վրայ երկննալով՝ մրափ մը առնելու փափաքը յայտնեց։

Յուսիկ վարդապետին հարցուցի, օր մը, թէ՝ ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ  երջանկութիւնը իր մրափելու փափաքին հետ, ըսաւ  Հայրիկ եւ վարդապետը ինձ պատասխանեց «քունը», կտրուկ եւ վճռական, այնպէս, ինչպէս որ եթէ անոր հարցուցած ըլլայի թէ ո՞րն է աշխարհի ամէնէն լուսատու բանը եւ ան պատասխանած ըլլար «արեւը»։

Խօսքին հետ Հայրիկ փակեց իր աչքերը եւ կարծես խօսքին ազդեցութեան  ներքեւ՝ քնացաւ սուրբի մը պէս։

Հայրիկ՝ աչքերը փակեց թէ ոչ, Միաբանները ականջէ ականջ փսփսուքի սկսան, «քաղաքի» լուրերը քաղելու փսփսուքին։

Լուրերուն հետաքրքրականը՝ անոնց համար Էջմիածնի ընտրութիւնն է։ Միաբան չկայ որ անմիաբան ըլլայ Հայրիկի ընտրութեան ընդհանուր ցանկութեանը հետ։

Ամէնքն ալ կը սիրե՞ն Հայրիկը եւ այդքա՞ն։ Ոչ անշուշտ։ Չսիրողներու ցանկութիւնն ալ ուրիշ անկիւնէ կուգայ։ Չէ՞ որ ան՝ իր ընտրութենէն վերջ պիտի հեռանար վանքէն։

Սրտերուն յաւելուածներէն չէր ուրեմն որ կը խօսէին բերանները։ Անոնցմէ յորդող լաւատես ենթադրութիւններէն՝ որը կեղծ էր, որը իրաւ։

Վարժապետեան հրաժարած է, Մուրատեան ռուսահայերու համար մոռցուած մը։ Ո՞վ կը մնայ։

Հայրիկ։

Պարզեանց Սուքիաս շատ ծեր է, Սեդրակեան շատ երիտասարդ։ Ո՞վ կը մնայ՝

Հայրիկ։

Հակառակ ոչ մէկ կարծիք։

Հրաւէրը վերածուեր է ընտրողական ժողովի։ Փըսփսուքները կըտաքնան։ Փսփսացողներէն շատերուն հոգն էր, աւելի իրենց բարի ենթադրութիւններուն Հայրիկի ականջն իյնալը քան թէ անոր արթննալը։

Եւ արթնցաւ Հայրիկ։ Գուցէ արթուն էր ան եւ աչքերն էր միայն որ բացաւ։ Վասնզի աչքերը բացաւ թէ ոչ ան ըսաւ՝

Յուսիկ Վ. չըսաւ թէ երջանկութիւնը կաթողիկոսութեան մէջն է, այլ քունին, եւ դուք խանգարեցիք իմ քունը…