ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Պալքանեան
պատերազմին
յաջորդած
է
արդէն
համաշխարհայինը,
անոր
առաջին
օրերն
են։
Թրքահայութիւնը
կլանուած
է
հարցովը,
թէ՝
Թուրքիա
պատերազմի
պիտի
մտնէ՞
թէ
ոչ։
Չէ՞
որ
հարցը՝
անոր
համար
լինելու
չլինելու
նշանակութիւնն
ունի։
Թուրքը
վարանումի
մէջ
է
տակաւին,
անոր
ալ
ուշադրութիւնը
կլանուած
է
հարցովը,
թէ
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
Հայերու
դիրքը,
երբ
ինքը
պատերազմի
մտնելու
ըլլայ։
Ան՝
ուշի
ուշով
կը
հետեւի
Դաշնակցութեան
քայլերուն,
կուսակցութեանը,
որ
Կովկասի
մէջ
ունեցած
դիրքին
բերումովը,
գլխաւոր
զսպանակը
կը
հանդիսանար
հայ
քաղաքական
կեանքին։
Այս
փոխադարձ
մտավախութեամբ
տոգորուն՝
Հայը
եւ
Թուրքը,
իրենց
օրերը՝
զիրար
լրտեսելով
կ՚անցնէին
Վանի
մէջ,
ուր
կը
գտնուէր
Դաշնակցութեան
կարեւորագոյն
կեդրոնը։
Թուրքին
վրայ
լաւ
տպաւորութիւն
թողուցած
էին
Դաշնակցութեան
Էրզրումի
համագումարին
լուայեալ
մնալու
որոշումը,
ինչպէս
նաեւ,
կուսակցութեան
Վանի
ներկայացուցիչներ,
Արամի
եւ
Իշխանի
առաջնորդութեամբ՝
հայ
զինուորցուներու՝
զուռնա
նաղարայի
ընկերակցութեամբ,
զօրանոցը
դիմած
ըլլալու
իրողութիւնները։
Բայց,
վերջէն՝
Իթթիհատի
Կովկասի
մէջ
ունեցած
էմիսէրներէն՝
հասած
տեղագիրները
ըսած
էին
ուրիշ
բաներ,
որոնք
այս
տպաւորութիւնը
չքացուցած
էին։
Այդ
բաներէն
մէկը,
իրիկուն
մը,
Իթթիհատի
հիմնադիրներէն
Էօմէր
Նաճի
պէյը,
որ
այդ
օրերուն
Վան
կը
գտնուէր,
իմ
ականջին
շշնչաց։
Մենք՝
միասին
քով
քովի
կը
գտնուէինք,
այդ
իրիկուն,
սեղանի
մը
շուրջը,
որ
Սէթ
Գափամաճեան
տուած
էր
ի
պատիւ
կուսակալ
Թահսին
պէյի,
անոր
մեկնումին
առիթովը։
Նաճի
պէյը,
որ
անկեղծ
յեղափոխական
մըն
էր,
եւ
այդ
իրիկուն,
գլուխը
չափէն
աւելի
տաքցուցած՝
ինծի
ուղղուեցաւ
յանկարծ,
երբ
ես՝
Հայերու
անձնուիրութեան
հաւաստիքներով
լեցուն
բաժակաճառէ
մը
վերջ,
տեղս
կը
նստէի։
—
Դուք
ինքզինքնիդ
է
որ
կը
խաբէք
—
ըսաւ
Նաճի
պէյը,
իմ
ականջին։
Մենք
անտեղեակ
չենք
Հայերու՝
Կովկասի
մէջ
ունեցած
գործունէութեանը։
Հոն,
Հայերը
Անդրանիկի
առաջնորդութեամբ՝
կամաւորական
խումբեր
կը
կազմեն,
Ռուսին
հետ
մեր
դէմ
դուրս
գալու
համար։
Ու,
երբ,
եւ
իմ
զարմանքը
յայտնեցի
թերահաւատութեանս
հետ,
Էօմէր
Նաճի
պէյը՝
գրգռուած՝
բայց
միշտ
մեկուսի՝
—
Մենք
պատերազմին
պիտի
մասնակցէինք
Դաշնակիցներու
դէմ,
եւ,
եթէ
Հայերը
Ռուսիոյ
կողմը
բռնեն,
մենք
զանոնք
պիտի
ջարդենք։
Պիտի
ջարդենք
զանոնք
անխնայօրէն,
առանց
նկատողութիւններու,
առանց
աջը
ու
ձախը
նայելու,
պիտի
ջարդենք,
նոյնիսկ,
այս
սեղանին
տէրը,
որուն
շամբանեան
կը
խմենք
այս
րոպէին։
Յաջորդ
առաւօտը,
իմ
առաջին
գործն
եղաւ,
իրենց
բարեկամին
այս
տարօրինակ
խօսքերը
երթալ
յայտնել
Վռամեանին
եւ
Իշխանին,
որոնք
մեր
փողոցին
վրայ
կ՚ապրէին,
—
Խենդ
է
ան
եւ
գինով
մը
—
ըսաւ
Վռամեան
եւ
ուսերը
թօթուեց։
Էօմէր
Նաճի
պէյ
կը
խմէր,
բայց,
ո՛չ
գինով
մը
էր
ոչ
ալ
մանաւանդ
խենդ
մը։
Այսուհանդերձ,
ես
անոր
յիշեցուցի
դասական
առածը,
«Խօսքն
առ
գինովէն,
խենդէն
եւ
տղայէն»։
Վռամեան՝
նորէն
ուսերը
թօթուեց։
Իշխան
լուռ
մնաց։
Վանի
մէջ,
այդ
օրերուն,
գոյութիւն
ունէր
միջկուսակցական
ժողով
մը,
որուն՝
առանց
կուսակցական
ըլլալու,
ես
կը
մասնակցէի,
որպէս
առեւտրական
դասու
ներկայացուցիչ։
Այդ
ժողովին՝
նոյն
շաբթուան
ընթացքին
ունեցած
մէկ
նիստին
մէջ,
որուն
կը
մասնակցէր
Արամ,
ես
հաղորդեցի
Նաճի
պէյի
լուրջ
խօսքերուն
հետ՝
Վռամեանի
անլուրջ
դատաստանը։
Արամ՝
ինձմէ
աւելի
լուրջ
դատեց
Նաճի
պէյի
խօսքերը,
աւելի
անլուրջ
Վռամեանի
դատաստանը
եւ
սիրով
ընդունեց
ժողովին
կողմէն՝
իրեն
եղած
առաջարկը,
կամաւորական
գունդի
մը
կազմութեանը՝
թրքահայութեան
վրայ
ունենալիք
անդրադարձումին
ահաւորութիւնը,
կուսակցութեան
Արեւելեան
Պիւրոյին
բացատրելու
մասին։
Արամ
իր
պարտականութիւնը
կատարեց,
միջկուսակցականը
իրենը,
միեւնոյն
վտանգը
մատնանշելով՝
Էջմիածնի
Կաթողիկոսին։
Բայց
ո՛չ
Արեւելեան
Պիւրօն,
ո՛չ
ալ
Էջմիածնի
Կաթողիկոսը,
եթէ
ուզէին
ալ,
պիտի
կրնային
այլեւս
կասեցնել
տարերային
շարժումը,
զոր
ձարական
Ռուսիան՝
շնորհիւ
հէնց
Կաթողիկոսին
եւ
Պիւրոյին,
աւելի
ճիշտը,
Թիֆլիսի
պուրժուազիին
—
որուն
ձեռքին
մէջ
պարզ
խամաճիկներ
էին
թէ՝
մէկը
եւ
թէ՛
միւսը
—
յառաջ
բերած
էր
արդէն։
Խօսքը
չենք
ընել
Ազգային
Պիւրօ
կոչուած
եւ
թրքահայ
դատին
տէր
կանգնելու
պաշտօնով
եւ
թրքահայէ
ի
զատ
ամէն
ազգի
տարբերելէ
կազմուած
մարմնոյն,
որ
իր
գոյութիւնը
առած
էր
վերեւ
մատնանշուած
գործօններէն։
Շարժումին
մէջ,
Գէորգ
Կաթողիկոսը՝
իր
անմահութիւնը
կը
փնտռէր,
Դաշնակցութիւնը՝
իրենը,
Թիֆլիսի
Առաջնորդ
Մեսրոպ
եպիսկոպոսը՝
իր
կաթողիկոսութեան
երազովը՝
առիթին
վրայ
խոյացած
էր
ինչպէս
յովազ
իր
որսին,
Ալեքսանդր
Խատիսեան
եւ
Սամսոն
Յարութիւնեան
ըսես,
արշաւի
մտած
ժօգէյներու
պէս,
ուրիշ
բան
չէին
փնտռեր,
եթէ
ոչ
այն,
թէ
իրենցմէ
ո՞րն
էր
որ
առաջ
պիտի
անցնէր։
Խորհուրդ
եղաւ
անգամ
մըն
ա՛լ,
իր
ոչ-գինով
վիճակին
մէջ
գտնել
Էօմէր
Նաճի
պէյը։
Խորհուրդը
կուգար՝
ինքզինքը
խաբելու
առիթ
մը
որոնելու
մտայնութենէն,
որուն՝
ակամայօրէն
գերի
կը
դառնան
մեծ
վտանգի
մը
առջեւ
գտնուողները։
Հարկաւոր
էր,
ուրեմն,
ստեղծել
առիթը
եւ
կահաւորել
զայն։
Այս
մտայնութեան
ուրիշ
մէկ
երեւոյթն
էր,
նոյնքան
խաբուսիկ,
խնջոյքներու
եւ
հրաւէրներու
միջոցաւ,
մեղմացնել,
մեր
օրըստօրէ
ծանրացող
դրութիւնը։
Այս
երեւոյթներուն
երկուքը
մէկ
փորձի
մէջ
դրինք
եւ
Վարագի
հոգաբարձութեան
կողմէ
հրաւէր
մը
սարքեցինք
ի
պատիւ
կուսակալ
Թահսին
պէյի
մեկնումին։
Ու,
Էօմէր
Նաճի
պէյը՝
ոչ-գինով
վիճակի
մէջ
գտնելու
համար,
առաւօտ
մը,
քովը
գացի
ես
ու,
վանքին
հոգաբարձութեան
անունով
զինք
ցերեկոյթին
հրաւիրեցի։
Մարդը
կը
գտնուէր
շատ
հանդարտ
վիճակի
մը
մէջ,
եւ,
հակառակ
որ
իրարու
հետ
շատ
խօսքեր
ունեցանք
մենք,
պատերազմական
լուրերուն
շուրջը,
Գափամաճեանի
երեկոյթին
ըրած
իր
խօսքերը
յիշեցնող
ոչ
մէկ
բառ
ելաւ
անոր
բերնէն։
Բայց
նոյն
իրիկուն
իսկ,
իր՝
Պարսկաստան
մեկնելու
պատրաստուած
ըլլալը
յայտնելով,
ան՝
շատ
քաղաքավարութեամբ,
մերժեց
հրաւէրը։
Վռամեանի
տեսակէտը
սկսաւ
քիչ
մը
բարձրանալ
պորսային
մէջ,
մանաւանդ
յաւարտ
ցերեկոյին
որ
չափազանց
սիրալիր
եղաւ։
Անոր
կը
մասնակցէին
նախկին
եւ
նոր
(Ճէվտէթ
պէյ)
կուսակալները,
զինուորական
հրամանատարը,
ուրիշ
կարեւոր
պաշտօնեաներ։
Աշնանային
զմայլելի
ոգով
մը,
անոնք
վանքին
ընկուզենիներու
շուքին
ներքեւ,
եպիկուրիան
լաւատեսութեամբ
մը,
կերան,
խմեցին,
խնդացին,
եւ,
երբ,
ճաշէն
վերջ,
վանքին
որբանոցին
աշակերտները՝
իրենց
երկրագործական
զէնքերովը
զինուած
եւ,
անոնց
բերած
հունձքերովը
բեռնաւորուած՝
տողանցք
մը
կատարեցին,
անոնք՝
խիստ
խանդավառօրէն
ծափահարեցին
եւ
իրենց
հիացումը
յայտնեցին
հոգաբարձութեան
եւ
ջերմ
շնորհաւորութիւններ՝
հաստատութեան
տնօրէն
Պ.
Արտակ
Դարբինեանի։
Հրաւէրը
սկիզբէն
մինչեւ
վերջ,
անցաւ
այնպէս,
ինչպէս
որ
կը
փափաքէինք
մենք՝
որ
ըլլար
ան,
իր
սիրագեղութեամբը՝
ան՝
Օսմ[անեան]
Սահմանադրութեան
առաջին
օրերը
կը
յիշեցնէր
մեզի։
Այդ
սիրազեղութեան
ջերմութեանը
ներքեւ,
կարծես
հաեցաւ
ամբողջովին
Նաճի
պէյի
խօսքքերուն
թողուցած
տպաւորութիւնը,
՝
զոր,
մեզ
հովանաւորող
ընկուզենիին
ոստերուն
խնագին
ծափերը
հետը
տանող
հովը,
առած
տարած
էր
միասին։
Ան՝
այնքան
տեւած
էր
սակայն,
որքան
այդ
օրուան
արեւը։
Գիշերը՝
իր
հետը
բերաւ
իր
չափ
սեւ
լուր
մը,
Թուրքիա
պատերազմի
մտած
էր։