Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՐԻԼ

Ապրիլ , Աւետումի  տօնին առաւօտը։

Արեւ մը՝ որ կարծես մարդուս հոգիին մէջ կաթելու համար է, որ ծագած է։

Ողջ գիշերը տեւող մղձաւանջի մը յոգնութենէն սպառած, առտուան կողմը ինկած եմ խոր քունի մը մէջ, որմէ՝ այդ արեւուն ճառագայթներուն խտղանքն է որ եկած է արթնցնելու զիս։ Այդ ճառագայթներուն գինիովը արբած՝ հազիւ յիշողութեանս կուգայ թէ ի՜նչ օր է որ կը բերէ այդ արեւը։

Յիշողութեան առաջին հարուածը ինծի կը բերէ պատուհանիս առջեւէն անցնող էշ մը, մինչեւ ականջներու ծայրերը բեռնաւորուած՝ որ, զինք ետեւէն հրմշտկող տիրոջը հետ կը քալէ դէպ ի Ամերիկեան շրջանակը։ Հայու բնազդն է, որ ինձմէ առաջ արթնցած՝ կը քալէ արդէն։

Փողոցը կ՚ելնեմ։ Աչքերս դէպ ի անմիջական շրջապատս՝ կը նկատեմ որ նոյնիսկ առջի օրուանը չէ ան եւ մէջն ոնի բան մը որ ինծի սարսուռ կ՚ազդէ։ Ահա դրացիին աղջնակը, հազիւ տասնամեայ, որ՝ աւելը ձեռքին մէջ, այդ տօնական օրը, տանը սահմանը զարդարելու ելած էր։ Տխուր եւ մտայոյզ, ան՝ սակայն, փոքրիկ շշուկի մը վրայ, կամ անցորդի մը ի տես՝ կանգ առնել կուտայ իր աւելի հարուածներուն, կը տնկուի, ականջը կը սրէ դէպ ի շշուկին եկած կողմը, կամ նայուածքովը կը խրուի անցորդին աչքերուն մէջ. ան՝ աչքովը թէ ականջովը իր ապրելու թէ չապրելու վճիռն է որ կը խուզարկէ։

Կը քալեմ. ես ալ չգիտեմ դէպ ի ո՜ւր։ Կը քալեմ ի խնդիր ծանօթի մը, անոր հետ բաժնելու րոպէին ծանրութիւնը։ Կը քալեմ մինչեւ որ այդ ծանօթը կը կեցնէ զիս։

Ծանօթը՝ Կուլօղլեան Օհաննէսն է, յայտնի ուսուցիչ-բանաստեղծը ծխամորճը ձեռքին մէջ, մէջքը սովորականէն աւելի ծռած, որ՝ իր կարգին՝ ինձ պէս, ծանօթի մը հանդիպելու համար է որ կը քալէ։

Ծիծեռնակները նոր վերադարձեր են իրենց ամարանոցները։ Անոնք՝ իրենց գտած զով բոյներուն եւ ծով բնութեան՝ իրենց պատճառած ուրախութենէն արբշիռ, ճախրանք է որ կը կատարեն օդին մէջ։ Անոնք՝ կարես ինքզինքնին եւ իրենց ուրախութիւնը մեզի ցոյց տալու համար, որպէս թէ՝ օդին մէջ միջոցը պակսէր իրենց, մինչեւ մեր գլուխները կ՚իջնեն, անոնց վրայ կատարելու համար իրենց մարզանքը։

Որքա՜ն անհաղորդ են մեր հոգեկան դրութեան, այս անիրաւ թռչունները   եղաւ բանաստեղծին առաջին խօսքը։

Կուլօղլեան՝ այդ րոպէին, հոգիին մէջ ունեցած խռովքին ծիծեռնակները գտած էր որպէս հասցէ։

Ծիծեռնակներէն աւելի նո՛ր բան մը չունի՞ք։

Հրացանի մը ձայնը, որ կարծես իմ հարցումէն էր որ թռաւ, պատասխանը  եղաւ միաժամանակ իմ հարցումին։

Աչք եւ ականջ կը կտրինք երկուքս ալ. աչք՝ մեր սոսկումը իրարու հաղորդելու. ականջ՝ հարուածին երկրորդը լրտեսելու համար։

Երկու   մրմնջեց Կուլօղլեան, երկու անգամ խոշորցնելով աչքերը։

Երեք   ըսինք միասին։

Փոքրիկ դադար մը, որուն՝ րոպէի բառարանովը, սխալելու իմաստը կրնայինք տալ։

Յետոյ, ի՜նչ սխալ։

Չորս, հինգ, վեց, համազարկ են այլեւս անոնք եւ մենք չենք կրնար համրել հարուածները, մանաւանդ որ անոնք կուգան հիմայ ոչ թէ մէկ՝ այլ ամէն կողմէ։

Կռիւը սկսած է։

Քայլերնիս կ՚ուղղենք դէպի այն կողմը, ուրկէ եկած էր հրացանի առաջին ձայնը, դէպ ի Ամերիկեան շրջանակը։

Ո՞վ եղած է առաջին հարուածը արձակողը։

Մեր այս հարցումը այնքան անպատասխանի մնաց, որ մեզ տարաւ մինչեւ լսուած հարուածին ամենէն մօտիկ վայրը, մինչեւ Գերմանական որբանոցը։ Հարուածները փոխանակուած էին որբանոցին տնօրէն Հէր Սբօրի եկ իր կնոջը աչքերուն ներքեւ։

Հէր Սբօրի եւ տիկինը մեզի պատմեցին եւ մեր՝ Կուլօղլեանի եւ իմ խնդրանքին վրայ ստորագրելով մեզի տուին տեղեկագիր մը, յայտնող թէ թուրք պահակները եղած էին, որոնք ուզած ըլլալով առեւանգել Շուշանց գիւղէն Այգեստան մտնել ուզող երկու կիները, այս վերջիններուն օգնութեան փութացող երկու հայ պահակներու կողմէն արգիլուած էին։

Կռիւը սկսած էր մեր հին պատմութեանը մէկ նոր դրուագով։

Հայ պատուին նախանձախնդիր երկու երիտասարդ պահակներ՝ Եղիա Նախշունեան եւ Յակոբ Տիւրզեան՝ առաջին զոհերը եղած էին այդ թշնամիներուն։

Քաղաքագիտական կարեւոր գործ մը տեսած ըլլալու հպարտութեամբ մը՝ տեղեկագիրը գրպաննիս, մենք մեր քայլերը ուղղեցինք դէպ ի Շտապը։

Շտապը՝ Ռուսներու՝ ամէն կարգի պաշտօնատուներու համար գործածած անունն է։

Հպարտութիւնը մեզի կուգար մեր այն կարծիքէն, թէ առաջին հարուածին փաստը արժէք մը պիտի կըրնայ ներկայացնել։

Բայց, մինչեւ Շտապը, դեռ շատ ճանապարհ կայ։

Միսիօնարներու շրջանակին մեծ դրան առջեւ խըռնուած բազմութիւն մը մեզ շրջանակին ներսը կը քաշէ։ Հոն չորս տղաներ, տարիքով ոչ մէկը տասնեւհինգէն վեր, Կարմիր Խաչի կարմիր նշանները թեւերնուն վրայ, գետին գրած են, ծաղիկներու փոքրիկ ածուի մը եզերքին, պատգարակ մը, հանգիստ տալու համար անոր մէջ, Ամերիկեան հիւանդանոցը փոխադրուելու համար պառկած վիրաւորի մը։ Վիրաւորը՝ ոչ իսկ պատանի. ինքը եւս Կարմիր Խաչի ծառայութեան վազած՝ քաղաքին վրայ անձրեւող  գնդակներէն ճակատին ստացեր է հատ մը։ Անոր դէմքը ներկուած է արիւնով, բայց ան կը ժպտի։ Կը ժպտի ան երանութեան ժպիտով մը. անոր արիւնալուայ ժպիտը, այդ եղերական րոպէին, արտակարգօրէն կը նմանէր քովի ածուին մէջ բողբոջող  կարմիր կակաջին.

Վիրաւորին ժպիտը, սակայն, մինակ չէր, անոր ժպիտը՝ ժպիտներ էր կանչած։ Իր ընկերները ահա, որոնք՝ ի տես այդ ստոյիկեան պայծառ ժպիտին, կը ժպտին անգթօրէն։

Զարմանահար, դէպ ի ընկերս կը դառնամ, անոր հետ բաժնելու համար րոպէի զգացումները. բայց, ահա առաջին բառը, որուն մէջ պիտի սկսիմ դնել զգացումներս, կը սառի շրթունքներուս վրայ։ Զգայու բանաստեղծը կուլար։ Կուլար ան մանուկի մը պէս։ Ու անոր արտասուքին շողուն կայլակները, ինչպէս առաւօտեան ցօղը ածուին մէջ նոր բացուող  կակաջներուն վրայ, կ՚իջնէին յորդօրէն՝ մեզ զարմանք բերող այդ մատաղ ժպիտներուն վրայ։

Այդ ժպիտը մենք տեսանք, երբ քաղաքին փողոցները մտանք, 8-10 տարու մանուկներուն երեսին, որոնք՝ Շտապի հրաւէրին վրայ՝ թշնամիի անձրեւած գնդակները հաւաքելու ելած են։ Երեւոյթը սրտապնդիչ է բայց ո՛չ անոր տուն տուող պատճառը, որ ուրիշ բան չէ եղած եթէ ոչ փամփուշտի պակասը։

Երեւոյթը զիս ստիպեց կանգ առնել մեր դրան առջեւ, հետո առնելու եւ Շտապը տանելու համար 200 փամփուշտի հետ մարթինի  հրացան մը զոր ունէի ես. եւ երբ ես զանոնք Հէր Սրօրիի տեղեկագրին հետ սեղանին վրայ գրի Եկարեանի առջեւ, ան՝

Փամփուշտները ինծի, տեղեկագիրը քեզի   ըսելով՝ ետ հրեց փաստաթուղթը, զոր, ես, անհաշտ այն գաղափարին հետ՝ թէ Հայերը պիտի կրնային ինքզինքնին պաշտպանել պետութեան մը դէմ, պահելով մօտ 12 քառակուսի քիլօմէթր տարածութիւն մը, որ վրան ծառեր միայն ունէր եւ հողէ ու փայտէ տուներ, ի հարկին արժեցնելու խելքով գրպանս դրի։

Մինչ ես այս մտածումներուն մէջն էի, թնդանօթի որոտում մը եկաւ յանկարծ կտրելու անոնց թելը։ Առաջին թնդանօթն էր որ կը պայթէր, այնուհետեւ, անդադար շարունակելու համար։

Հիմայ, պատերազմը պաշտօնական է   ըսաւ Եկարեան՝ յօնքերը իրար բերելով։

Ոչինչ   ըսաւ Կայծակ Առաքել, որ՝ ռուսահայ  ըլլալուն համար, գիտէր՝ նիչէվօն հայացնող այդ բառին վրայ դնել Ռուսին փիլիսոփայելու շեշտը։

Եւ, մինչ մենք՝ մեր ականջները սրած՝ թնդանօթի նոր որոտումներու ձայնը կը լրտեսենք, ու ահա, ատոր փոխարէն։ Շտապի առջեւ ինքզինք լսելի ընել տուաւ զինուորական նուագի մը գոռ ձայնը։

Սարսուռ մը պատեց մեզ։

Որուն միտքը, այդ չար րոպէին, թէ Վարժապետանոցը, վերջերը ֆանֆառի գործիքներ էր բերել տըւած եւ նուագախումբ մը կազմած։ Եթէ չըլլար նուագին կտորը, առաջին տպաւորութիւնը՝ թնդանօթի ձայնէն վերջ, այն պիտի ըլլար թէ զինուորական նուագախումբն է արդէն։ Կտորը՝ րոպէի շունչէն բխած՝ ինքզինքը հասկնալի ըրաւ անմիջապէս։

Ամենայն տեղ մահը մի է

Մարդ մի անգամ կը մեռնի...

Պատուհանները կը խուժենք։

Պատուհաններուն առջեւ կը խուժէ, րոպէապէս, մեծ թիւով բազմութիւն մը։

Ու ահա, ընկերակիցս Կուլօղլեան որ այդ բազմութիւնը ճեղքելով՝ աթոռի մը վրայ կը բարձրացնէ իր Զաքէոսի հասակը։

Կուլօղլեան հեղինակն է, 96ին, Գարահիսարի լանջերուն վրայ, Ս, Բարդուղիմէոս վանքին շուրջը, ինքնապաշտպանութեան սեղանին վրայ ողջակէզ 800 ջահիլ-ճիվաններու բերնով՝ իրենց մայրերուն եւ սիրականներուն ուղղուած դիւցազներգութեանը,

«Մի լար մայրիկ, մի լար քոյրիկ, մի քորք, եղբարք ամուսինք,

«Հայրենիքի դատին համար, մենք հոս ինկանք միասին»։

96ի հերոսամարտէն կը սկսի բանաստեղծահռետորը իր խօսքը եւ զայն կը վերջացնէ գոչելով՝

Այչ հերոսամարտին շարունակութիւնն է այս կռիւը, այդ կռիւին մէջ ինկած հայ կտրիճներուն վրէժին օրն է այս օրը։

Քանի՜ները՝ այդ բազմութեան մէջ, մայրերն էին այդ 800 ջահիլ-ճիվաններուն, քանիները՝ անոնց ամուսինները եղած էին եւ կամ նշանածները։ Քանիները՝ այդ բազմութեան մէջ, հայրերը եւ կամ եղբայրներն էին այդ ինկած կտրիճներուն։ Կիները կը փղձկին, այրերը, բռունցքնին վե՜ր, վրէ՜ժ կ՚աղաղակեն, ու նուագախումբը որ՝ այս անգամ, կը ձայնէ՝

Ի զէն, ի վրէժ, օն անդր յառաջ։

Կէս օրէն վերջ, գացի թերահաւատի մատս դնելու, մէկին մէջ ինքնապաշտպանութեան բանալ տուած այն հարիւրաւոր ծակերուն, որոնք կրակ կը ժայթքէին յարձակող Թուրքերուն դէմ, գացի Նալբանդեանի տունը, որ, որպէս կարեւոր դիրքերէն մէկը, կ՚իշխէր Խաչ Փողոցի հրապարակին։ Դիրքին խմբապետը, Զարեհեան Կարապետ, հին արմենական մը, զիս տարաւ դէպի ծակ մը, հողէ պատի մը մէջ բացուած փոշոտ փոքրիկ ծակ մը, զոր՝ եթէ դիտակի պէս աչքիդ չդնես, չգիտես թէ ինչի կրնայ ծառայել ան։ Փոքրիկ ծակ մը, որուն առջեւ, սակայն, կը պարզուէր ընդարձակ տարածութիւն մը։ Այդ տարածութիւնը պարփակող աչքերին հրամանին ներքեւ, ծակէն մեկնող գնդակները մահ էր որ սփռած էին շուրջը։ Տեսայ ես չորս դիակներ, իրենց յանդգնութեան պատիժը կրած Թուրքերը, որոնց մէկը՝ դէպ ի հարաւը ծունր դրած, կարծես աղօթելու ելած էր։ Անոնք մնացորդներն էին երկու ժամ առաջ կատարուած յանդուգն յարձակողականի մը տուած զոհերուն։

Այսպէս ուրեմն ծակերու շղթա՞յ մը, ամբողջ Այգեստանին շուրջը   հարցուցի ես հին հայդուկին։

Որ՝ տեղ տեղ, խրամներու մէջ կ՚իջնայ   ըսաւ ան։

Դիրքէն դուրս եկայ ես՝ նուազ թերահաւատ, նուազ յոռետես։ Երկինքը ինծի թուեցաւ, այդ պահուն, նուազ ամոյն, արեւը աւելի փայլուն։ Բայց, երբ արեւին յաջորդեց մութը, մութին չափ մութ խորհուրդները սկսան իրարու ետեւէն վրաս յարձակիլ։

Այս մութին, ծակերէն ինչպէ՜ս տեսնել դուրսը։

Հապա՞, եթէ այդ ծակերէն մէկ թոյլ գտնուի։ Չէ՞ որ շղթան այնքան զօրաւոր է, որքան անոր ամենէն թոյլ օղակը։

Մութէն վերջ, խիստ հրացանազարկ մը, որ պահ մը այն աստիճան սաստկացաւ, անոր ձայները ինծի այն աստիճան մօտ թուեցան, որ, կարծես թէ անոնք մօտակայ փողոցէն էր որ կուգային։ Անձկութենէս դուրս ելայ տունէն, մութին մէջ մինչեւ փողոցին ծայրը առաջացայ, բայց տեսայ որ ձայնը՝ հոն, այն է, ինչ որ կը լսէի մեր տունէն, անցայ ես միւս փողոցը, մինչեւ անոր ծայրը, միշտ դէպ ի ձայնին կողմը, միեւնոյն ձայնը, միեւնոյն թափը։ Չէի գիտեր ես, բայց գիտցայ, այդ րոպէին, որ մութը եւ լռութիւնն էին որ այդքան կը շեշտէին եւ կը մօտեցնէին ձայնը։

Վերադարձիս ճամբուն վրայ, ես հանդիպեցայ դրացիի մը, որ իմ հնհնուքովը փողոցը ելած էր. ան չափազանց գոհ մնաց, երբ ես՝ հինէն գիտցողի մը պէս, քիչ մըն ալ գիտական հիմերու վրայ դնելով՝ անոր բացատրեցի երեւոյթը։ Անոր գոհունակութիւնը, իր կարգին, ինծի նոր կազդուրում մը բերաւ եւ ես եկայ հանգիստ քուն մը քաշելու։

Ուրիշները, սակայն, անոնք՝ որոնց ուսերուն վըրայ էր որ կը ծանրանար, այդ ճակատագրական օրը, պատմական պատասխանատուութեան բեռը, այդ գիշերը, ինձ պէս, ո՛չ փորձերով էին անցուցած ո՛չ ալ հանգիստ քուն քաշած։ Անոնք, այդ գիշերը, սքանչելի պաղարիւնութեամբ մը՝ ինքզինքնին տուած էին կազմակերպական աշխատանքի եւ կազմած էին իսկական կառավարութիւն մը։ Անոնք ստեղծած էին եւ Զինուորական Մարմնոյն տրամադրած՝ անոր գործունէութեան անհրաժեշտ՝ օժանդակ մարմիններ— քաղաքային յանձնախումբ, պարենաւորման եւ նպաստի գոմիթէներ, զինաբաշխ մարմին, տեղեկատու դիւան   անոնք կազմակերպութիւն տուած էին հէնց առաջին րոպէէն, ինքնաբերաբար յառաջ եկած Կ. Խաչի շարժումին, որուն գլխաւոր ջիղը կը հանդիսանային Տօքթ. Աչըր եւ իր կինը եւ որուն կողքին կանգնելու եկաւ, քանի մը օր վերջ, իր արհեստանոցովը, Վասպուրականի Հայ Կանանց Միութիւնը։

Յաջորդ օրը, թշնամիի թնդանօթները աւերներ գործած էին ինքնապաշտպանութեան դիրքերուն մէջ, կազմուեցաւ ամրաշէն խումբը, որուն՝ ղեկավարը Շաւարշ Հովիւեան սովոր էր ամրաշէն  բանակ տիտղոսը տալու եւ որուն պաշտօնն էր թշնամիի թնդանօթին ցերեկին քանդածը գիշերը շինել եւ խրամներ բանալ։

Ու, այնուհետեւ զգացուած իւրաքանչիւր  պէտքը շնորհիւ սոյն կազմակերպական շնորհին, իր ետեւէն բերաւ նոր հաստատութիւն մը։ Զգալի դարձաւ վառօդի պակասը, պակասին յաջորդեց վառօդարան, զգալի եղաւ զէնքերու նորոգութեան պէտքը պէտքին յաջորդեց զինագործարան։ Քաղաքին մէջ ներքին կարգը  պահպանելու պէտքը տեղի տուաւ ոստիկանական  մանր վէճերը լուծելու պէտքը՝ դատական, մաքրութեան եւ առողջապահութեան պէտքը՝ քաղաքապետական կազմակերպութիւններու։ Այս կազմակերպութեանց ընթացքին, հրաւէրներ կ՚ուղղուէին առանց խարական ոգիի, որպէս առաջնորդ ունենալով միայն պէտքը եւ արժանիքը։ Չգտնուեցաւ  մէկը, որուն՝ կոչում եղած ըլլար մասնագիտութեանը, որ չվազէր անմիջապէս, չգտնուեցաւ ո եւ է մէկ՝  որ մերժած ըլլար իրեն եղած հրաւէրը։ Ամէն ոք՝ անձնուիրութեան եւ զոհողութեան  կրակով մը, որ կրակի պէս, իրմով կը սնանի եւ իրմով կը զարգանայ եւ որ ուրիշ բանի կարելի չէ նմանցնել եթէ ոչ նորէն իրեն, տուաւ այն՝ ինչ որ ունէր, տուաւ՝ առանց տատանումի, առանց վարանելու։

Ու եղաւ որ, օր մըն ալ, ինքնապաշտպանութեան գործը, Ճէվտէթի մէկ նոր դաւին, անոր՝ պանքայի մասնաճիւղին տնօրէնին հասուցած մէկ նամակին պատասխան մը ղրկելու համար պէտք ունենայ մէկու մը, մէկը որ քսան քայլ տոնէր, այս պատէն այն պատը, այս տունէն այն տունը  եւ պատասխան մը տանէր Ճէվտէթին, անոր՝ զէնքերու յանձնումի պայմանաւ..., ներում շնորհելու առաջարկին։

Քսան քայլ միայն, այո՛, տեղացող գնդակներու  կարկուտին ներքեւ։

Բայց, ապրելու եւ չապրելու այդ կռիւի օրերուն զո՞վ արդար է հրաւիրել այդ մահացու դերին, ո՞վ է մասնագէտը... այդ մահաշունչ գործին։

Այն՝ որուն մատ մը միայն մնացեր է եւ ոչ աւելի, մինչեւ այդ մահը։

Մարօն։

Կքած պառաւ մըն է Մարօն. որքա՜ն քիչ մնացեր է անոր ապրելու, որքան գէ՜շ քիչ...

Մուրացիկ մըն է Մարօն, որ հազիւ կ՚ապրի։

Մարօ՛, այս գործն ալ քեզի՛, կ՚ուզե՞ս այս պատէն այն պատն անցնիլ եւ այս թուղթը՝ որ Ճէվտէթին համար է, այս տունէն այն տունը անցնել։

Հարկա՛ւ, տուէ՛ք ինծի թուղթը   կը պատասխանէ Մարօն, կնճիռը երեսին՝ առնական շեշտով մը։

Եւ ինքն է Մարօն, որ արդարացնել կը ճգնի նախապատուութիւնը՝ որ իրեն վիճակելու եկած է։

Թուրքը ի՜նչ պէտք ունի իմ անպէտ կեանքին   կ՚ըսէ ան՝ ծանրօրէն։

Յետո կար ճերմակ դրօշակը, բանագնացի ճերմակ դրօշակը։

Եւ յետոյ, չէ՞ որ կռիւը ընդհանուր է եւ ամէն Հայ իր տուրքն ունի տալու ընդհանուր պէտքին։

Մարօյի տուրքը։

Իր քիչ եւ գէշ օրերն եւ Մարօյի տուրքը։

Մարօն ալ գիտէ այդ բանը եւ հպարտ է ան՝ որ ինքն ալ իր տուրքն ունի, հպարտ որ ինքն ալ բան մըն է եւ բան մը կ՚ընէ, այսպէս թէ այնպէս։

Ան անգիտակ չէ, մանաւանդ, որ բան մըն ալ կը դառնայ եւ աւելի բան մը, եթէ ողջ չդառնայ։

Գիտէ՞ ան թէ ի՞նչ է թուղթը, ի՞նչ անոր մէջինը։

Ո՛չ, չգիտէր ան, բայց կրնա՞յ չզգալ որ լաւ բան մը կայ անշուշտ այդ թուղթին մէջ, ճար մը, անպատճառ, այդ ահաւոր օրերուն, օրհասական վտանգին համար, որ՝ չէ՞ որ իրն ալ է։

Նամակը ծոցը, ճերմակ դրօշակը ուսին, կնճիռը  երեսին, փողոցն է Մարօն, կտրելու համար, կրակէ կարկուտին ներքեւ, քսան քայլ, այս պատէն այն պատը, այս տունէն այն տունը։

Հազիւ երկու քայլ, ու ահա Մարօն, նամակը ծոցը, դրօշակը ուսին, կնճիռը երեսին, գետին ինկած է թաւալգլոր, տասնեակ մը գնդակներ ծակած են չորցած մարմինը անձնուէր կնոջը եւ ճերմակ դրօշակը Հայ բանագնացին։

Քիչ եւ գէշ օրը զոհող Մարօյի քով, հապա՝  որպիսի՜ դրուագներ շատը եւ լաւը զոհաբերողներու։

Օր մը, փրկելու համար ինքնապաշտպանութեան դիրքերէն մէկը, պէտք կ՚ըլլայ մէկու մը, անձնուրաց մէկու մը, որ գնդակէ կարկուտին ներքեւ, թշնամիի դիրքն անցնէր եւ հրդեհէր զայն։ Կտրիճ երիտասարդ մը, Օհաննէս Այազեան՝ յառաջ կը խոյանայ ինքնակամ, կ՚անցնի կրակէ գիծը եւ, հրդեհելով թշնամիի դիրքը, կը փրկէ վտանգուած դիրքը, բայց վերադարձին՝ ան մահացու գնդակ մը կը ստանայ գլխուն եւ կ՚իյնայ դիտապաստ։

Գացի տեսնելու անձնուէր կտրիճը, ոչ իսկ երիտասարդ մը՝ զինք կրող պատգարակին վրայ։ Արիւնի ներկ առած գանգուր սեւ մազերուն շուքին ներքեւ՝ անոր աչքերը կը ժպտէին կարծես։ Այո՛, անոնք կը ժպտէին այնքա՜ն անուշ, այնքա՜ն անմեղունակ ժպիտով մը, որ ես պահ մը կարծեցի թէ չէր մեռած ան, թէ ան կ՚ապրէր դեռ եւ թէ կեանքի ժպիտովն էր որ կը ժպտէին անոր բաց աչքերը։ Աւա՜ղ, մեռած էր ան եւ մահուա՞ն թէ անմահութեան ժպիտն էր որ կը շողար աչքերուն մէջ։ Ան՝ իր մահովը մահը կոխելու էր գացեր։ Ան ժպտեր էր որ իր կեանքին գինովը կեանքեր էր գնած, երբ թշնամիի գնդակը եկած է խլելու այդ մատաղ կեանքը։ Թշնամիին գնդակը խլած էր եւ խամրած անոր կեանքը, բայց ո՛չ անոր ժպիտը, անոր անուշ եւ անմեղունակ ժպիտը, խօսուն եւ անթառամ, որ կարծես ծլեր էր անգամ մը անոր աչքերուն մէջ, եւ հոն գամուած մնացեր։

Այսպէս կ՚անցնէին կռիւին օրերը։ Անոնց իւրաքանչիւրին հետ, կռիւէն՝ պատմութեան կ՚անցնէին դրուագներ՝ մէկը միւսէն պատուաբեր, մէկը միւսէն սրտառուչ։ Առանց ստուերածող նօթերո՞ւ։ Ո՛չ։ Բայց, այդ նոթերը, որոնց գուցէ հանդիպէինք դեռ, կուտեր էին միայն եւ ոչ ուրիշ բան պտուղին հիւթեղ թարմութեանը մէջ։

Յաջորդ օրը, օրինակի համար, փողոցը հանդիպեցայ Ամրաշէն խումբին հրամանատար Շաւարշ Հովիւեանի, օրուն դէմքը՝ սովորական ժպիտին փոխարէն ժանգ կը բուրէր, այդ րոպէին։

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ ունիս, Պ. Շաւարշ։

Կը տեսնա՞ք այս հէրիֆը, պատասխանի տեղ, ըսաւ ինծի Շաւարշ, քիչ մը պոռալով եւ դէպ ի ետ՝ մատնանշելով գիւղացի մը   այս թէմպէլը, երէկ թոնիրէն դուրս հանած եմ, այսօր ալ, ո՞րտեղէն կ՚ուզէք որ դուրս հանած ըլլամ զինք։

Ուրտեղէ՞ն։

Օղիի բուսատին մէջէն։

Բուսատը՝ օղի քաշելու յատուկ խոշոր կաթսան է։ Բայց մարդը՝ տարօրինակօրէն խոշորակազմ գիւղացի մը՝ բուսատէն աւելի խոշոր կ՚երեւէր։

Երեւակայեցէք տանջնաքը   շարունակեց Շաւարշ   որ այս Գողեաթը իրեն տուած է ինքզինքը կծկելով բուսատին մէջ տեղաւորուելու համար, ի՜նչ է, չերթայ 4-5 ժամ բացօդեայ աշխատիլ։ Ինչո՞վ բացատրել, մեր հոգին հանող այս փախուստի հնարքները։

Գուցէ օղեմոլ մըն է, զոր օղիին հոտն է որ դէպ ի բուսատը քաշած է։

Բացատրութեանս ճշդութեան համար չէր որ ժանգը փախաւ Շաւարշի երեսէն, տեղ տալու համար անոր յաւիտենական ժպիտին։

Ինծի անծանօթ չէր, սակայն, որ այդ օրերը, իրենց դրուագներովը՝ կ՚անցնէին մեր զինամթերքին քանակին, մեր պարենաւորումին մթերքին վրայէն, ու ես, յաճախ, անձնատուր կ՚ըլլայի այդ ընկճող մտածումներուն եւ յիշողութիւններուն, իրարու ետեւէն միտքս կուգային, հէնց կռիւն առաջին օրը, Շտապի հրաւէրին վրայ, թշնամիին գնդակները, անոնց տարափին ներքեւ հաւաքելու ելած մանուկներու չարաճճի յանդգնութեան հետ, հրաւէրին դրդապատճառը, Եկարեանի ժէսթը, որով ան չէր ուզած նայիլ Հէր Սփօրիի տեղեկագրին վրայ, երբ քովը 200 փամփուշտ տեսած էր, յետոյ, անոր գունեղ մէկ որակումը, «պառու» (խողովակ, մէջը պարապ), որով՝ ան պաղ ջուր լեցուցած էր, օր մը անկէ վերջ, Դաշնակցութեան զինապահեստին մասին իմ յայտնած տաք մէկ յոյսին վրայ։ Այս յիշողութիւնները՝ իրենց կարգին տեղ կը բանային ուրիշ մտածումներու, հասնող մինչեւ պարտութեան հեռանկարները, որոնք սակայն, իրենց պրկումին ծայրը հասնելէն վերջ, կը սկսէին թուլանալ եւ տեղի տալ յուսալից խոհերու հակազդեցութեանը։ Յիշողութեանս դուռը զարնելու կուգային, նման պահերուն, 96ի կռիւներուն նախընթացը, ամերիկացի եւ գերմանացի միսիօնարներու եւ իտալական հիւպատոսին ներկայութիւնը եւ անոնց պաշտպանութեան հեռանկարները, որ ատեն, Հէր Սփօրիի տեղեկագրին սակին հետ՝ իմ աչքին կը բարձրանար զայն ձեռք բերած ըլլալու իմ յաջողութեան արժէքը եւ, քիչ չէին անդամներ՝ որ ես ստուգելու ելնէի անոր ներկայուիւնը գրպանիս մէջ եւ աչքէ անցունելու անոր պարունակութիւնը։

Առաւօտ մը, այս հակընդդէմ մտածումներուս եւ անոնց հետեւող անստուգութեան զգացումին անձնատուր, բնակարանիս պատշգամը, օրօրուն թիկնաթոռի մը վրայ՝ ես ինքզինքս կ՚օրօրէի, երբ հեռուէն նշմարեցի քեռորդիս, տասնամեայ աղջնակ մը, որ՝ այգիներու միջով, թիթեռնիկի մը պէս ծաղկէ ծաղիկ թռչտելով՝ դէպ ի մեր տունը կը վազէր։ Զիս տեսնելուն, ան՝ երեսին ժպիտներովը եւ ձեռքին շարժումներովը հասկցուց թէ ինծի ուրախ լուր մը բերելու կուգար ինքը։ Հազիւ այն կէտին վրայ, ուրկէ՝ գիտէր թէ իր ձայնը պիտի կրնայ ինծի հասցնել, ան պոռաց,

Մօրեղբա՛յր, պարոն Յակոբ եկած է։

Պ. Յակոբ Աւանցեան Յակոբն է որ՝ ընտանեօք քրոջս տան մէկ յարկաբաժինը կ՚ապրէր եւ որ՝ սակայն, այդ օրերուն, Արճէշ կը գտնուէր։

Այգեստանի պաշարումին խիստ օղակին մէջ, որ Քաղաքամէջէն անգամ սուրհանդակի մը ժամանումը անկարեի դարձուցած էր, Արճէշէն՝ Հայու մը ժամանո՜ւմը։ Հրաշք մըն էր որ կը պատահէր։ Քրոջս տունը վազեցի։

Հրաշքը ճշմարիտ ոդիսական մըն էր, որուն քով Ոդիսեւսն անգամ, կարծես թէ պիտի տժգունէր քիչ մը։

Ապրիլ առաւօտը, ըսել է Վանի կռիւներէն մէկ օր առաջ, Արճէշի գայմագամը, անջատ հրաւէրներով եւ զանազան պատրուակներով կառավարչատունը կը հրաւիրէ քաղաքին բոլոր Հայերը։ Հրաւէրին պատասխանողը, սակայն, ետ չդառնար, եւ մինչ այս երեւոյթը կը սկսի աչքի զարնել եւ հրաւէրին տակաւին չերթացող քանիները՝ իրարմէ՝ երեւոյթին լուսաբանութիւններ կը փնտռեն, անդին, կառավարչատանը մէջ, տեղի կ՚ունենար ահաւոր բան մը։ Հրաւէրին պատասխանել փութացողները՝ կառավարչատունը մտնելնուն պէս կը խուզարկուին եւ ձեռքերնին կապանքներու մէջ առնուելէ վերջ, համրիչի հատիկներուն պէս կ՚անցնին երկար չուանի մը ծայրէն, որ՝ այսպէս, կը դառնար մարդկեղէն շղթայ մը, իր վրան համրող քաղաքին բոլոր Հայերը, Առաջնորդէն սկսեալ մինչեւ պաշտօնատան խահուէճին։

Երբ ընկերոջս վերադարձը ուշացաւ   իր ոդիսականին դառնալով՝ պատմեց Աւանցեան   կարծելով թէ անոր հին մէկ գործին համար է, որ վար դրած են զինք, Մարութեան Խոսրովը գայմագամին քով բարեխօսութեան ղրկելու համար անոր վաճառատունը գացի։ (Մարութեան՝ յայտնի անձնաւորութիւն մը գայմագամին ամենէն սիրելի անձնաւորութիւնն էր)։ Հոն, ինծի ըսին որ ան ալ գայմագամի կոչունքին գացեր է։ Առիթը օգտագործելու նպատակաւ, այս անգամ վազեցի կառավարչատունը։ Հոն, զիս, իմ ինքնակոչ քայլերով առաջնորդեցի Մարութեանի քովը…։ Ձեռները կապանքներու մէջ, ան չուանէ շղթային ծայրը կը գտնուէր Առաջնորդի եւ Ապազեան Նշանի միջեւ։

Ապազեան՝ քաղաքին Իտարէի ժողովի անդամներէն էր։

Հակառակ պատմութեան եղերականութեանը, միտքիս մէջ չկրցի չկտրել անոր թել եւ րոպէ մը չանդրադառնալ ուրիշ պատմութեան մը, Ճէվտէթ պէյի ֆէրմանին ընթերցումին օրը, Էննիկ էֆէնտիի ինծի ըրած պատմութեանը։ Այդ անդրադարձումիս մէջ, ես զիս երեւակայեցի, պահ մը, ձեռքերս կապանքներու մէջ չուանին ծայրն անցած, բայց, շուտով, եւ ոչ առանց ճիգի ձգեցի ես երեւակայութիւնը, անցնելու համար իրականութեան եղերականութեանը։

Երբ, 12 տարեկանէ վեր՝ արու վերջին Հայը չուանէ շղթային մէջ կ՚անցնի, օրը իրիկուն եղած կ՚ըլլայ արդէն։ Ոստիկանները՝ մահուան թափօրը կ՚առաջնորդէն դէպ ի Օրօրան գետը եւ հոն, մութը չկոխած, արեւի վերջին ճառագայթներուն լոյսովը՝ ուղիղ նշանառութեամբ մը հրացանազարկ կ՚ընեն ամէնքը։

Կ՚իյնան անոնք ամէնքը, օրը մէկ, որը քանի մը հարուածներու ներքեւ։ Աւանցեան, սակայն, առանց հարուածի է որ կ՚իյնայ եւ երբ, մութը՝ այդ գիշերը դժոխքի չափ սեւ, կուգայ ծածկելու այդ ահաւոր տեսարանը, ոտքի կ՚ելնէ ան՝ զինք ծածկող դիակներուն ներքեւէն, ծովին ճամբան կը գտնէ, ծովեզերքը կը հասնի եւ ինքզինքը կը նետէ հոն խարսխած նաւը, որ, իր կարգին, առագաստը՝ մազապուրծ փախստականին պատմութիւնովը լեցուն՝ շունչը կ՚առնէ Աւանուց նաւահանգիստը։

Աւանցեան հոն չի կրնար երկար մնալ, անօրինակ յանդգնութեամբ մը, որ անոր կը բերէին իր արկածները, գիշեր մը, որուն սեւը իրեն կը յիշեցնէր Օրօրանի գետին ափունքին մութը, այդ մութին սեւ թեւերովը ան ճամբայ կ՚ելնէ եւ կը հասնի իր ընտանեկան օճախը։

Այսպէս, Արճէշի եւ շրջակայից 12էն վեր 1200 հայ արուներէն, Աւանցեանն էր մինակ, որ կրցած է ճողոպրիլ Իթթիհատի յղացած եւ գայմագամ մարաշցի Ալի Րիզայի այնքան հրէշօրէն  կազմակերպած սպանդէն։

Արճէշի մէջ, յեղափոխութիւնը գոյութիւն չունէր, զինուորցուի հարցը բնա՛ւ։

Դրութեան նկարագիրը փոխուած է հիմայ ինձ համար։ Վերադարձիս ճամբուն վրայ, Աւանցեանի բերած լուրերով ընդարմացած գլուխս քիչ մը աւելի հակած՝ կը քալէի ես, երբ ինծի մօտեցաւ ազգական մը, ըսելու համար թէ միսիօնարական շրջանակին մէջ սենեակ մը չէր կրցած գտնել եւ խնդրելու՝ որպէսզի իր ընտանեօք մեր տունը փոխադրուի ինքը։

Մեր տունը միսիօնարական շրջանակին քով կը գտնուէր եւ ես Ճէվտէթ պէյին՝ եթէ ոչ բարեկամ, ծանօթ մը կը համարուէի։

Ո՛չ իմ տուն եկէք, ո՛չ ալ ուրիշ տեղ սենեակ փնտռեցէք։

Ինչո՞ւ   հարցուց ազգականս զարմանքով։

Հարկ եղաւ ազգականիս պատմել Աւանցեանի՝ Արճէշէն բերած նորութիւնները։

Երթամ, ուրեմն, նիզակ մըն ալ ես առնեմ   ըսաւ ազգականս, յուսահատ թօնով մը։

Շտապի կարգադրութեան համաձայն, տաք զէնք չունեցող բոլոր Հայերը պէտք էր որ զինուած ըլլային նիզակներով՝ զորս՝ յատուկ արհեստանոցներ կը շինէին օրն ի բուն։

Այդ օրը լուրի օր  եղաւ։ Քիչ վերջ լուր եկաւ թէ՝ նոյն գիշերը, Քաղաքամէջէն հասեր է սուրհանդակ մը։ Առաջին լուրն էր որ կը հասնէր այնտեղէն։ Գիտէինք թէ Քաղաքամէջ կը դիմադրէր, բայց ի՞նչ պայմաններու մէջ, սուրհանդակն էր որ պիտի ըսէր։ Ու  տունը, ուր իջած էր ան, դարձած էր ուխտատեղի մը։

Սուրհանդակը, Շալճեան, համակրելի երիտասարդ մը, քանի՞ հարիւրերորդ անգամ ըլլալով՝ ինծի, երբ քովը եղայ, կրկնեց պատմութիւնը այն օրհասական կռիւին, զոր ափ մը կտրիճներ, զինուած ցեղին հերոսութեան միեւնոյն առաքինութիւնովը կը մղէին ցեղին կեանքին դէմ ելած միեւնոյն թշնամիին դէմ։

Ահա նոր թէրմօփիլը, իր ուրոյն դրուագներովը, զորս լափելով չենք կշտանար։ Ահա կին մը, Աղաւնի Վարդապետեան, նոր Յուդիթ մը, որ պատրաստամիտ յանդգնութեամբ մը եւ անօրինակ անձնուիրութեամբ մը՝ փրկելով ինքնապաշտպանութեան դիրքերէն մէկը, ամենէն կարեւորը, կը փրկէ ողջ քաղաքը։ Ահա պատանի մը, Արամ Կապուտիկեան, որ, ռումբը ձեռքին մէջ, թշնամիի գնդակներուն ներքեւ, երեք անգամ անոր դիրքերը կը մտնէ եւ հրդեհելով զանոնք, հնարաւոր կը դարձնէ ինքնապաշտպանութեան գործը։ Ահա կռիւներուն ղեկավար Հայկակ Կօսօյեան, մինչեւ մազերուն ծայրը ջիղ, որ՝ սքանչելի պաղարիւնութեամբ մը եւ կամքի անօրինակ ուժով մը կը գիտնայ համադրել այս թաղուն ուժերը եւ զանոնք ի սպաս դնել ինքնապաշտպանութեան գործին։ Ահա ուրիշ մը՝ այդ դրուագներէն, որ մեզ նորէն կը տանի դէպ ի Թէրմօփիլեան յիշողութիւնները։ Ճէվտէթ՝ զինադադար մը կ՚առաջարկէ եւ երկու պատուիրակներ ղրկելով՝ կռուողներուն կեանքը… կը շնորհէ եւ անոնց ներումը կ՚ապահովէ, պայմանաւ որ անոնք յանձնեն իրենց զէնքերը։

Եկուր առ   կը պատասխանեն նորէն նոր Սպարտացիները։

Յիշողութիւնս, այս դրուագին վրայ, զիս ակամայ կը տանի դէպ ի հին Թէրմօփիլի չար վախճանը եւ, մինչ ես կ՚երեւակայէի տեսնել այդ հերոսները Պղուտոնի սեղանին շուրջը, սուրհանդակը ըրաւ ուրիշ պատմութիւն մը, որ իմ երեւակայութեան ճամբան շեղել տուաւ ինծի, պատմութիւն՝ որ նոր էջ մը պիտի բանար կռիւներու պատմութեանը մէջ։

Քաղաքամէջի պարէնը օր առաջ հատցնելու նպատակաւ, Թուրքերը հոն կը մտցնեն հայ սովալլուկներու բազմութիւն մը։ Այդ բազմութեան մէջ գտնուողներէն մէկը, արհեստաւոր մը, որոն կեանքին՝ ինչպէս բժիշկներէն շատերոնը, դեռ պէտք ունէին Թուրքերը, օր մը առաջ, թուրք զօրանոցներէն մէկուն մէջ աշխատած պահուն, կը լրտեսէ երկու թուրք սպանելու միջեւ տեղի ունեցող խօսակցութիւնը, որմէ զգայացունց բաներ կ՚իմանայ ան։ Այդ խօսակցութենէն յայտնի կ՚ըլլայ որ Տիլմանի մէջ սկսած է արդէն ճակատամարտը ռուս բանակին եւ, ամիսներէ ի վեր պատրաստուելով՝ Պոլսէն ճամբայ ելած Խալիլ փաշայի բանակին միջեւ, թէ՝ Անդրանիկը իր գունդով ռուս բանակին մէջ կը գտնուի, թէ՝ այդ կռիւին պատճառաւ է որ Ճէվտէթի օգնութիւն խնդրող կանչերը կը մնան անպատասխանի։

Պատմութեան կապը եւ ժամանակագրական կարգը կը պահանջեն, որպէսզի մենք, պահ մը, ընդհատենք Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն պատմութեանը ընթացքը եւ անցնինք՝ այդ կռիւներուն վրայ այնքան բաղդորոշ նշանակութիւն ունեցող այդ ճակատամարտին, որուն մէջ մենք պիտի գտնենք մեր պատմութեան հերոսը՝ Անդրանիկ։