Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՆԴԱՊԵՏ ԼԱԼԷԿԻՆ

Անդրանիկի այս խօսքերը օր մը եկան գտան զիս։ Ես՝ հակառակ Անդրանիկի խորհուրդին, Վան կը գտնուիմ քաղաքապետութեան պաշտօնով։ Գնդապետ Տէրմէն մեկնած է, անոր յաջորդած է զօրավար Պուրկովսքի որ, սակայն, ժամանակին մեծ մասը Թիֆլիս կ՚անցնէր։ Այդ օրերուն, ան Վան չէր գտնուեր եւ անոր փոխանորդութիւնը, իր օգնականը, Լալէկին է որ կը վարէ, Անդրանիկի աչքին փուշը, որ հիմայ, աստիճանի բարձրացումով, գնդապետ է։

Անդրանիկ իրաւունք ունէր ատելու այս անձը, որուն դէմքին համր տգեղութիւնը՝ տեսակ մը չար եւ խորունկ արտայայտութիւն մը ունէր իր մէջը։ Պաշտօնի բերումով յաճախակի յարաբերութեան մէջ, ես, օր մը, այս անձին դէմքին վրայ չտեսայ ժպիտ, եթէ ժպիտ չհամարենք այն ծամածռութիւնը, զոր ան՝ ժպիտի տեղ դէմքին վրայ կը բերէր, երբ գինի ուզելու կ՚ելնէր ինձմէ։

Գինին, այդ օրերուն, իր սեփական պատմութիւնն ունէր Վանի մէջ։ Բագոսի այդ ըմպելիին խնդրանքն ու մատուցումը այնքան հեռու էին իրարմէ, որքան երկինքը երկիրէն. ասկէ՝ անվերջ վէճեր, որոնց ուրիշ կերպ կարելի չէր եղած ելք մը գտնել, եթէ ոչ, գէթ տեսականօրէն, տեսակ մը քաղաքապետական մենաշընորհի վերածել այդ թանգ հեղուկին վաճառումը։ Սպաներուն այլեւս պէտք չէր մնար գինետէրերուն դուռները ափը առնել տալ իրենց զինուորներուն՝ եւ, գինիին գոյութեան եւ կամ անոր գինին շուրջ՝ վէճերէ վերջ՝ բռնութիւններու տեղի տալ։ Գինետէրերը՝ քաղաքապետարանին յայտնած էին իրենց ապրանքին քանակը։ Պէտք ունեցողները՝ քաղաքապետարանի տոմսովը եւ անոր որոշած սակովը կը ներկայանային գինետէրին եւ կը ստանային ըմպելիքը։

Թէ՝ գործնականին մէջ որ աստիճան կարելի եղած էր իրագործել այս տեսականը, ուրիշ խնդիր է։ Խնդիրը հոն է որ բարձրաստիճան սպաները, որոնց կարգին գնդ. Լալէկին, կը յարգէին այս  կարգադրութիւնը։ Եւ երբ Լալէկինի  գինին կը հատնէր, ժպիտ— ծամածռութիւնը կը ծնէր անոր դէմքին վրայ։

Չորս շիշ գինի, պարոն քաղաքապետ, դրամը կը վճարեմ գինին բերողին։

Ան, սակայն, չէր վճարեր դրամը, զոր չպահանջելն ալ մենք քաղաքականութիւն կը համարէինք։

Այս էր մեր յարաբերութեան վիճակը, երբ, օր մը, չորս Քիւրտեր ներկայացան քաղաքապետարանը գնդ. Լալէկինի  յանձնարարականովը։

Յանձնարարականին մէջ, օրուան կառավարիչը կը հրահանգէր քաղաքապետարանին, չորս գրիւ ցորեն  հայթայթել ներկայացող չորս Քիւրտերուն, որոնց ընտանիքներուն անօթութիւնը զիրենք մղած է դիմել ռուս իշխանութիւններու վեհանձնութեան։

Քիւրտերը իրենց հետն ունէին իրենց պարկերը եւ հարկաւոր դրամը, վճարելու համար ցորենին գինը։

Քիւրտերէն մէկը՝ զիս տեսնելուն, յանկարծակիի գալու ժէսթ մը ունեցաւ, ինչ որ պատճառ եղաւ, որպէսզի ես քիչ մը աւելի ուշադրութեամբ զննեմ իր դէմքը եւ ճանչնամ զինք։

Յանկարծակիի եկողը՝ Քիւրտ չէր, այլ Եզիտի մը, Բերկրիի շրջանէն՝ թուրքերէն եւ հայերէն խօսող Օսմանէ Շավէշ անուն հանած-վարած մը, կէս ավօքաթ մը, որ՝ շրջանին դատարանը գործ ունեցող  Քիւրտերուն համար, տեսակ մը խորհրդատու կը համարուէր։

Այս անձին ներկայութիւնը՝  Քիւրտերու խումբին մէջ, իմ մէջը արթնցուց կասկածը, թէ անոնք ցորեն գնելու չէին եկած, այլ ռուսական ուժերը լրտեսելու։ Անոնք  ռուս բանակին կայաններուն մէկէն եղած էր որ քննութեան համար ղրկուած էին գնդ. Լալէկինի։ Յետոյ, ստուգեցի որ իրենց մասին կասկածող կայանէն առաջ, անոնք՝ ցորեն փնտռելու պատրուակաւ, այցելած էին նաեւ ուրիշ կայաններ։

Ռուս բանակին կայաններուն համար անսովոր բան մը չէր, այդ օրերուն, իրենց պարենաւորումէն աւելցուքին համար յաճախորդ փնտռել եւ ծախու հանել զայն։

Ես ագարակ մը ունէի որուն բնակչութեան մեծ մասը Եզիտիներէ կը բաղկանար։ Այս հանգամանքին բերումով, ծանօթ Եզիտիներու բարքերուն, երբ Օսմանէ Շավէշ հաւաստեց թէ ցորեն գնելէ ի զատ ուրիշ նպատակ մը չէին ունեցած, ըստ եղիտի օրէնքին, զայն երգումի կանչեցի։ Երկու կտոր թուղթ դրի սեղանին վրայ, մէկը՝ ծծուն թուղթ, կարմիր, միւսը՝ մելանով ներկուած՝ սեւ՝ եւ հրաւիրեցի Օսմանէ Շավէշը՝ ձեռքը կարմիրին վրայ դնելով ընել  իրենց աւանդական երդումը, թէ՝ «եթէ սուտ խօսիմ, թող Մելիք Տաուսը զիս կարմիր աշխարհէն սեւ աշխարհը ղրկէ»։

Եզիտիները կարմիր աշխարհը իրենցը կը համարեն, սեւը Իսլամներուն։

Օսմանէ Շավէշ մերժեց երդումը եւ փաստաբանութեան ելաւ։ Ան ըսաւ թէ, իրենց սեփական դատաւորները, շէյխերը, միայն կրնան  իրենց առաջարկել այդ երդումը։

Տեսականօրէն, գուցէ իրաւունք ունէր Օսմանէ Շավէշ իր մերժումին մէջ, բայց, այդ մերժումը աստիճան մը եւս զիս հաստատեց իմ կասկածին մէջ, որուն վրայ  գնդապետ Լալէկինին գացի անմիջապէս անոր յայտնելու համար թէ պարզ լրտեսներ էին Քիւրտերը, զորս հարկ էր անմիջապէս բանտարկել։

Գնդապետ Լալէկին գոհ չմնաց. ան՝ նոյնիսկ բարկացաւ քիչ մը, բայց որոշում մը չկրցաւ տալ եւ խորհրդակցութեան հրաւիրեց դիւանապետը՝ Հրեայ  մը, իր չափ չար եւ աղեղ, զօրս միասին տեսած ատեն, մարդուս առաջին մտածումը այն կ՚ըլլայ թէ՝ երկուքին ո՞րն է աւելի տգեց։ Խորհրդակցութեան արդիւնքը այն եղաւ, որ գնդապետը հրամայեց դիւանապետին՝ բանակի պահեստէն չորս գրիւ ցորեն տալ Քիւրտերուն եւ ճամբել զանոնք։

Այս իրողութիւնը տեղի կ՚ունենար ուրբաթ օր մը, անոր յաջորդող կիրակին, իրիկուան կողմը, ես սրճարանի մը առջեւը նստած էի, ոստիկան մը հապճեպով մօտենալով ինծի տուաւ մատիտով գրուած բաց թուղթ մը, որուն վրայ գնդ, Լալէկին իր ձեռքովը գրած էր թէ՝ «Թուրքերը՝ Ոստանի կողմէն քաղաքին վրայ կը յառաջանան, թէ՝ ռուս բանակը պիտի ձգէ քաղաքը եւ թէ՝ քաղաքային բնակչութիւնը անմիջապէս պարպելու է քաղաքը եւ անցնելու է Կէօլլու գիւղը»։

Մեզի անծանօթ չէր որ՝ այդ օրերուն, ռուս բանակը գրեթէ գոյութիւն չունէր Վանի մէջ։ Հոն կար միայն քաղաքապահ գունդը, թիւով ոչ աւելի քան 1000 զինուոր, բայց կար նաեւ, բարեբաղդաբար, թնդանօթաձիգ վաշտ մը, որուն հարիւրապետը հրաշք  գործեց։ Ան՝ յաջորդ օրը, Արտամետի ճամբով առաջացող թրքական ուժերը իր թնդանօթներուն կրակին տակ առաւ եւ զարմանալի նշանառութեամբ մը, բառին իսկական իմաստով հնձեց զանոնք։ Մենք՝ բլորի մը բարձրութենէն, դիտակով կը հետեւէինք քաղաքին ճակատագիրը վճռող այդ թնդանօթային կռիւին փուլերուն։ Թուրքերը՝ հարիւրաւոր զոհեր տալէ վերջ պարտաւորուեցան ետ դառնալ եւ քաղաքը փրկուեցաւ։

Շաբաթ մը վերջ, եւ այս իրողութեան  վրայ, Թիֆլիսէն Վան ժամանեց աղաքին կառավարիչ զօրավար Պուրկովսքի։ Անոր ժամանումին օրը, նախասենեակին մէջ, ես հանդիպեցայ գնդապետ Լալէկինի, որ առաջին անգամ ըլլալով, առանց գինի ուզելու, դէմքին վրայ բերաւ մաքսաւորի ժպիտ մը, այն աստիճան խեղճ, որ՝ կարծես, քիւրտ լրտեսներուն պատմութիւնը՝ զօրավարին չընելու շնորհը կը մուրարինձմէ։

Ես խոհեմութիւն համարեցի պահել գաղտնիքը, որուն վրայ Լալէկինի ժպիտը աւելի յաճախ եղաւ, նըւազ ծամածուռ, գինիին գինն ալ ապառիկ չէր մնար. բայց, ասոնք տեւեցին այնքան, որքան զօրավար Պուրկովսքիի ներկայութիւնը Վանի մէջ։

Զօրավարը՝ ամիս մը վերջ արձակուրդով նորէն Թիֆլիս մեկնեցաւ։ Անոր մեկնումին յաջորդ օրն իսկ, գնդապետ Լալէկին, որ նորէն փոխանորդ կը դառնար, արմեանշքա ըսելով քովէն վռնտած էր քաղաքապետարանի բարապան Օհաննէս Նաթանեանը, որ քաղաքապետարանի մէջ առնելիք ուզելու գացեր էր անկէ։

Քաղաքապետարանը, վերջերը, կը հայթայթէր զինուորականներու եւ պաշտօնեաներու վառելիք փայտը, որուն արժէքը՝ ան՝ ամսէ ամիս, կը գանձէր անոնցմէ։ Արդ՝ Լալէկին՝ անգամ մը միայն, 120 րուպլի վճարած է, որպէս ամսագրին, որմէ վերջ, ամէն անգամ որ դիմում եղած է իրեն, այդ մէկ անգամուան վճարումը մէջտեղ բերելով, ան միշտ մերժած է նոր վճարում ընել։ Այդ մէկ անգամուան վճարումն ալ ան ըրած է Քաղաքապետարանէն կառավարչատուն տանող  ճամբուն վրայ գտնուող սանդի մը վրայ իր նստած մէկ  պահուն եւ սովոր էր՝ամէն անգամ, իր վճարումին վկայ բերել այդ սանդը։

Ես սանդին մէջ նստած էի, դուք ուզելու եկաք եւ ես վճարեցի։

Այսպէս ըսած էր ան երկու անգամ եւ այս երրորդ անգամին, այդ առարկութեամբ եղած էր որ արմեանշքա որակումով ճամբու դրած էր Նաթանեանը։

Սանդը այն է Վանի կարգ մը փողոցներուն համար, ինչ որ երկար նստարանները եւրոպական մեծ քաղաքներուն պողոտաներուն մէջ։ Այդ փողոցներուն անկիւնները կը տեսնես երբեմն, լայն թիկնաթոռի մը մեծութեամբ՝ քառակուսի քար մը, որուն խոռոչին մէջ, տընկին տարուածներուն ներքեւ ցորենը կը դառնայ  կորկոտ, բայց երբ այդ խոռոչը պարապ է, ան՝ ստուգիւ թիկնաթոռ մը կը դառնայ։ Հազուադէպ բան չէ որ յոգնած անցորդ մը՝ շունչ առնելու եւ կամ սիկարէթ մը փաթթելու համար, անոր եզերքին վրայ նստիլ ուզէ եւ կամ, սանդին պէս պարապ թաղեցի մը, ոտները եզերքներէն կախ՝ անոր խոռոչին մէջ ընկըղմած, զայն հովանաւորող ուռենիին շուքին ներքեւ հանգիստ քուն քաշէ։

Ամբողջ տարի մը, ցորենի հետ եւ անոր պատճառաւ տընկի հարուածներուն ենթակայ, Վանի սանդը՝ տարուան մէջ օր մըն ալ իր քէֆն ունի, Բարեկենդանի քէֆը։ Այդ օրը, ան կը գինովնայ եւ կը մոռնայ՝ ամբողջ տարուան ընթացքին կերած հարուածները։ Բարեկենդանի կիրակին է այդ օրը։ Թաղեցին՝ այդ օրը, խնամով կը լուայ իր սանդին խոռոչը, անոր մէջ, մինչեւ բերանը, կը լեցնէ կարմիր գինին, կուռիկները (հողէ շինուած տեղական գաւաթներ) կը չարէ անոր եզերքները, եւ, հասնողին ու անցնողին կը հրամցնէ Բարեկենդանի գինին։

Լալէկինի վճարումին վկայ սանդը՝ Աճէմ Խաչօյի սանդն է, անունը՝ դէմը գտնուող Աճէմ Խաչօյի նահապետական  տունէն առած։

Այս տանը առջեւէն կ՚անցնի, հանդարտ քայլերով՝ Քէնտըրչիի  աղբիւրը, որուն՝ այն կէտին վրայ, ուր վերէն արշաւող Թազա Քահրէզի ջուրը փայտէ կամուրջով մը, կը ցատկէ վրայէն, խոշոր ուռենիի մը հովանիին ներքեւ, դարերէ ի վեր, մեծ թիկնաթոռի մը պէս, բազմած կը մնայ մարմարի մօտեցող քարէ մը շինուած սանդը, որուն խոռոչին մէջ, քովէն անցած պահերուն, շո՞ւնչ մը առնելու, թէ ոչ, փայտէ կամուրջէն չռացող ջուրին նուագը մտիկ ընելու համար, Լալէկին սովոր էր երբեմն իյնալու։

Երբ, Նաթանեան՝ տժգոյն եւ վրդոված՝ ինծի պատմելու եկաւ գնդ. Լալէկինի այս վարմունքը, ես իրեն ըսի.

Սպասե՛նք, մինչեւ զօրավար Պուրկովսքին վերադառնայ եւ փոխանորդը նորէն դառնայ օգնական։

Բայց զօրավարէն առաջ ուրիշ բան եկաւ, ռուսական փետրուարեան յեղափոխութիւնը։ Ձարն ինկաւ եւ անոր ճուտերը սկսան սմքիլ։ Սկսան պարզուիլ երեւոյթներ՝ որոնք օսմանեան սահմանադրութեանը առաջին օրեր կը յիշեցնէին։

Գնդապետ Լալէկին՝ միայն քաղաքապետարանի փայտին գինը չէր որ կերած էր։ Անոր շահատակութիւնները սկսան բերնէ բերան շրջան ընել, անոր՝ ապառիկ ապրանք տուողները՝ մէկիկ մէկիկ սկսան յիշել իրենց առնելիքները։

Ես՝ կլանուած սահմանադրութեան առաջ բերած խանդավառութեամբ եւ ցոյցերովը՝ մոռցած էի քաղաքապետարանի առնելիքը, բայց Նաթանեան չէր մոռցած արմեանշքան։

Օր մը, վրէժխնդիր պաշտօնեան՝ ինձմէ ուզելու եկաւ գնդ. Լալէկինի վճարած  120 րուպլին։

Ի՞նչ պիտի ընէք։

Գնդապետին պիտի տանիմ։

Նաթանեան Օհաննէս եղբայրն է յայտնի ուսուցիչ Մարկոս Նաթանեանի, ինքն եւս ուսուցիչ։ Բայց մինչ Մարկոս էֆէնտի չափազանց լուրջ մէկն էր, Օհաննէսը անոր իսկական հակատիպարն էր, զուարթ, կատակարան։ Ան ունէր նաեւ միմիք մը եւ a propos մը, որ՝ եթէ Փարիզի մէջ ծնած ըլլար, զինք գուցէ հասցնէին մինչեւ անոր reveներուն մէկուն բեմը։ Յետոյ առանց յեղափոխական ըլլալու, ան՝ իր մէջն ունէր քիչ մը յեղափոխական խմոր։

Նաթանեան՝ բլան մը յղացած էր։ Ան՝ 120 րուպլին Լալէակինին պիտի տանէր, ըսելով՝

Հաճեցէք ետ առնել սանդին վրայ նստած ձեր մէկ պահուն, ինծի վճարած ձեր 120 րուպլին, եւ, անոր բնական «ինչու»ին պիտի կցէր՝

Ետ առէք, որպէսզի կարենանք ձեզի տրուած փայտերու հաշիւը միանգամ ընդ միշտ դուրս բերել իր մատնուած շփոթութենէն։

Յետոյ ի՞նչ պիտի ընէք։

120 րուպլին ետ տալէն վէրջ, պիտի պահանջեմ չորս ամսուան փայտերու պաշիւը՝ 480 րուպլին։

Ես չկրցի իմ համաձայնութիւնը չյայտնել, եւ, յղացումին տէրը՝ նոյնութեամբ գլուխ հանեց իր ծրագիրը։

Գնդ, Լալէկին ոչ միայն վճարեց ստացած փայտերուն արժէքը՝ 480 րուպլին, այլեւ սկսաւ, այնուհետեւ, որպէս բարեկամ, քաղաքապետարանը յաճախել։ Ան չբաւականացաւ Հայերուն մօտիկութիւն ցոյց տալով, եւ, օր մըն ալ, փափաք յայտնելու ելաւ թէ կ՚ուզէր հայերէն քանի մը բառեր սովրիլ, օրինակի համար սպասիպու (շնորհակալ եմ) հայերէնը։ Բայց, երբ ընդառաջ գացի իր փափաքին, ան՝ ոչ մէկ կերպով կրցաւ արտասանել «շնորհակալ եմ» կամ «շնորհակալութիւն»՝ մէկը միւսէն երկար եւ դժուարահնչուն բառերը։ Ու, երբ, ուրիշ օր մը, ան ինձմէ խնդրեց «շնորհակալ եմ»ի իմաստը տուող ուրիշ կարճ եւ դիւրին բառ մը գտնել իրեն համար, «գոհ եմ» էն աւելի յարմար բան մը չկրցի գտնել, գոհացնելու համար զինք։

Գնդապետը շատ գոհ մնաց, եւ սկսաւ Հայերու հետ՝ սպասիպուի եւ մէրսիի փոխարէն, գործածել «գոհ եմ»ը։ Միայն թէ՝ որովհետեւ ռուսերէնի մէջ «հ» տառը գոյութիւն չունի, «գոհ»ը Լալէկինի լեզուին վրայ, դարձաւ «գոխ», բառը մը որ՝ իր կարգին, հայրէնի մէջ գոյութիւն չունենալուն համար, «գող»է ի զատ ուրիշ հնչիւն կամ իմաստ չէր կրնար տալ։

Օր մը, նորէն քաղաքապետարանը կը գտնուէր Լալէկին։ Ան՝ Նաթանեանէն խնդրեց սիկարէթ գնել իրեն համար եւ, երբ, այս վերջինը՝ իրեն բերաւ սիկարէթի տուփին հետ՝ տուած դրամին աւելցածը, գնդապետը՝ լեցուն բերնով մը արտասանեց իր «գող եմ»ը։

Ճիշտ է   ըսաւ Նաթանեան միմիքով մը՝ որ կը տասնապատկէր բառին արժէքը։