Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵՐԲ ԶԻՆՈՒՈՐ ՉԷ

Կամաւորական խումբերուն ցրւումը մէջտեղ հանած է զանոնք հաւաքողներու բոպիկութիւնը։ Միւս  կողմէն՝ թրքահայ գաղթականներու՝ մէջ, ռուսահայ կազմակերպութեանց հանդէպ՝ օր ըստ օրէ շեշտուող դժգոհութենէն առաջ եկած է, անոնց խնամակալութենէն միանգամ ընդ միշտ ազատուելու ընդհանուր փափաք մը։ Այս փափաքին արձագանգը հասած է՝ այդ բոպիկութեան ատելութիւն երդուընած Անդրանիկին, եւ, ան լծուած է թրքահայ համագումար մը, եւ անկէ՝ թրքահայ խորհուրդ մը մէջտեղ հանելու աշխատանքին։ Կուսակցութիւնները՝ իրենց կարգին՝ տեղի տալով այս ընդհանուր փափաքին առջեւ, իրենց համամտութիւնը յայտնած են։ Վերջապէս, չէ՞ որ ամէն բան կրնայ պատահիլ, նոյնիսկ փափաքուած բաներ. ապրիլի կէսին (916), Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Արեւմտահայ Համագումարը, եւ ես, որպէս Վանի ներկայացուցիչներէն մէկը, Վանէն եկած եմ մասնակցելու անոր աշխատութեանց։

Մեր վերջին տեսակցութեան տպաւորութեան ներքեւ, ես՝ առանց զարմանքի չէր, որ նկատեցի թէ՝ Անդրանիկ կարծես հոգեփոխուած ըլլար։ Ան հանդարտ էր, քիչ մը գիրցած կ՚երեւէր, եւ, իր քաղաքային ու չիք հագուստներուն մէջ՝ աւելի վաճառականի մը կը նըմանէր քան թէ հայդուկի։ Անոր հանդարտութիւնը՝ պահ մը, ինծի կարծել տուաւ նոյնիսկ, թէ՝ ան հաշտուած է իր նախկին ընկերներուն հետ։ Բայց, խորհրդակցութեանց ընթացքին, երեւան եկաւ որ ան՝ ընդհակառակն՝ մասնաւոր հակամիտութիւն մը ցոյց կուտար դէպ ի ռամկավարներու տեսակէտները։ Այս հակամիտութիւնը՝ որուն կը հետեւէին դաշնակցականներէն Անդրանիկի համակիրներ, երթալով շեշտուեցաւ, իսկ, Խորհուրդին ընտրութեան առիթով, պայթեցաւ։

Լաւ որոշումներ տրուած էին, բայց, Անդրանիկի բացատրութեամբ «անոնք փարա մը չէին արժէր, եթէ անոնց գործադրութիւնը լաւ ձեռքերու չյանձնուէր»։

Ընտրութեան բանակցութիւնները օրեր տեւեցին, եւ, երբ Անդրանիկ տեսաւ թէ իր հին ընկերները չեն հրաժարած իրենց հին մեթոտներէն, բարկութեան նոպայի մը մէջ, «խէրն եմ անիծեր ասանկ համագումարին»  ըսելով՝ մեկնեցաւ ժողովէն եւ գնաց Էջմիածին։

Համագումարը ցրուեցաւ եւ չվերագումարուեցաւ, մինչեւ որ Անդրանիկ՝ Կաթողիկոսի միջոցաւ հաւաստիք չստացաւ, թէ՝ ընտրուելիք Խորհուրդին մեծամասնութիւնը դաշնակցական չպէտք էր որ ըլլար։

Անիմաստ կ՚ըլլայ «Արեւմտահայ» անուն տալ Խորհուրդին, եթէ ան իր հրահանգները պիտի ստանայ կուսակցական պիւրօյէն, որ ռուսահայ է։

Այս էր Անդրանիկի թէզը։

Այս հասկացողութեամբ կազմուած թեկնածուներու ցանկովը, երբ Չէօրէքճեան Սրբազանը՝ որ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչն էր Համագումարին մէջ, Անդրանիկին ներկայացաւ, այս վերջինը՝ Տիկին Զապէլ Եսայեանի անունին վրայ միայն դիտողութիւն ըրաւ։

Կնիկները ի՞նչ բան ունին ասանկ գործերու մէջ   դիտեց ան։

Յետոյ, աչքերովը՝ քովիններէն, որոնց մէջ կը գտնուէի ես, ան տեղեկութիւն փնտռեց կին թեկնածուին հակումներու մասին։

Հակառակ որ յարգելի Տիկինը՝ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր Համագումարի օրակարգին բոլոր հարցերուն քննութեանց, ոչ ոք կրցաւ ըսել, թէ  այդ դաշնակցուհին՝ պիւրօյակա՞ն մըն էր, թէ ոչ Անդրանիկեան։

Բայց, կը տեսնէ՞ք որ այսքան մարդոց մէջ, այս կնիկն է միայն   ժպիտով մը՝ դիտեց Չէօրէքճեան Սրբազանը   որ կրցած է պահել իր հակումները եւ ցոյց չտալ թէ ինչ կարծիքի է ինքը։

Կնիկ է բայց՝ կը կարծեմ թէ՝ զինուորի մը  պէս գիտէ հրացանը ուսէ ուս փոխել   ըսաւ Անդրանիկ, ժպտելով իր կարգին։

Ժպիտը՝ Անդրանիկի տրամադրութիւնը փոխելու ծառայեց։ Ան՝ այդ նոր սրամտութեամբը՝ շարունակեց.

Այո՛, կնիկ է, բայց մարդէ մը աւելի սիկարէթ կը ծխէ։

Արեւմտահայ Խորհուրդը ընտրուեցաւ եւ ոչ առանց մեր նախամօր սեռին ներկայացուցիչին։

Անդրանիկի վրայ իմ նշմարած հանդարտութիւնը, սակայն, առերեւոյթ էր։ Այս իրադարձութիւնները պատճառ եղան, որպէսզի ան կորսնցնէ այդ հանդարտութիւնը եւ նորէն անձնատուր ըլլայ իր քրօնիկ ջղայնութեանը։

Անդրանիկի  ջիղերը գռգռութեան մէջ պահող երկրորդ պատճառն եւս իր գոյութիւնը կը պահէր եւ մօտէն կը հետեւէր առաջինին։ Անգամ մը, իր քովն էինք քանի մը բարեկամներու հետ։ Նկատեցինք որ առանց որ իր կողմէն ուզած ըլլար, Տօքթէօր Պօնաբարդ՝ որ տեսակ մը թիկնապահի դիրք ունէր Անդրանիկի քով, բուռ պուառի հետամուտ կարսօնի մը փութկոտութեամբ, քանի մը վայրկեանը անգամ մը, գաւաթ մը քօնեաք կը մատուցանէր Անդրանիկին, որ չէր մերժեր զայն։ Պօնաբարդ, իբրեւ բժիշկ, գէթ այդքան բան գիտէր անշուշտ, թէ՝ Անդրանիկի հոգեկան դրութեան համար դեղ մը չէր որ կը մատակարարէր անոր։ Անդրանիկի հակումը, եւ, իր ալ Անդրանիկին հաճոյ թուելու հակումն էր, որ յարգելի բժիշկին ընել կուտային, բժշկական կանոններու դէմ գործած էր մեղանչումը։

Ընտրական պայքարին՝ իր պատճառած յոգնութեամբը՝ նախապատրաստ վիճակի մը մէջ կը գտնուէր ուրեմն Անդրանիկ, Համագումարին ի պատիւ, Երեւան քաղաքին կողմէն սարքուած երեկոյթին իրիկուն, երրեկոյթ՝ որ մազ մնաց որ տռամով մը վերջանար։

Երեկոյթը տեղի կ՚ունենար Երեւանի գլիւպին մեծ սրահին մէջ, անոր կը մասնակէին, Համագումարի անդամներէն ի զատ՝ բոլոր անոնք՝ որոնք դիրք կամ անուն ունէին Երեւանի մէջ, Նիր Իսթի եւ Լորտ Մէրիի լիազօրները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչներ Մուրատպէկեան եւ Չէօրէքճեան Սրբազանները, որոնք սրածայր վեղարներու սեւութիւնը՝ տեսակ մը խորհրդաւորութեան շուք կը բերէր՝ իրենց միջեւ, նախագահական աթոռը գրաւած Ազգային հերոսին վրայ, որ՝ իր լռութեամբը եգիպտական կուռքի մը երեւոյթը կը պարզէր այդ րոպէին։

Սրահը՝ մայիսեան կանանչներով եւ ծաղիկներով զարդարուն՝ կը պարզէր դաշտի մը երեւոյթը, ոչ անշուշտ եղիւսեանինը, վասնզի հոն չէր հոսեր Լէթէ գետը, որուն ջուրէն խմողը անցեալը կը մոռնայ, հոն, գետի պէս կը հոսէր, ընդհակառակն, գինին, որ անցեալը արթնցնելու շնորհն ունի դժբաղդաբար։

Այսպէս եղաւ որ Ռոստոմ՝ իր բաժակաճառին մէջ, չկրցաւ մոռնալ անցեալը։ Փետրուարեան յեղափոխութիւնը ջուրին երեսը հանած է նորէն Վանի գրաւումին փաստը եւ Ռոստոմը՝ իր ճառին մէջ, նորէն ծախու հանելու ելած է այդ փաստը, Անդրանիկի ջիղերը ոտքի հանող այդ փաստը։

Ռոստոմ աւելի խորհող մըն է քան թէ խօսող։ Երբ, մանաւանդ ան սխալ բաներ ունի ըսելիք, խօսքերը՝ Ահարոնեանին կամ Վռամեանին եկածին պէս, հեղեղով չէ որ կուգան անոր։ Ան՝ աւելի կը ծամծմէ քան թէ կ՚արտաբերէ խօսքերը։ Ռոստոմ այդ ծամծծմոցներու միջով էր՝ որ, ի միջի այլոց, ըսաւ,

Կամաւորական խումբերէն որը շուտ մտաւ Վան, որը ուշ, ոը բնաւ չմտաւ…

Հազիւ թէ Ռոստոմ այս վերջին խօսքը արտասանած էր, որ Անդրանիկ «ամօթ չէ՞, հերիք չէ՞» պոռաց բարձրաձայն եւ անձեռնոցը սեղանին վրայ նետելով, մեկնելու համար ոտքի ելաւ։

Անդրանիկի գոյնը՝ րոպէապէս, ձեռքին անձեռնոցին գոյնը առած էր։

Վան շուտ մտնող խումբերը Դրօյի եւ Համազասպի զտարիւն դաշնակցական խումբերը եղած էին, ուշ մտնող Քեռիի խումբն էր, իսկ բնաւ չմտնողը Անդրանիկինը։

Ոչ Տիլմանի կռիւին անունը կար Ռոստոմի ճառին մէջ, ոչ ալ այդ ճակատագրական կռիւը վարող զօրավար Նազարպէկովի եւ կամ անոր մէջ այնքան վճռական դեր կատարող Անդրանիկի անունները։

Նազարպէկովի դերը բան մը չէ՞ ուրեմն Վանի կռիւներուն վրայ   աւելցուց Անդրանիկ իր երեստուանքի խօսքերուն։

Մուրատպէկեան եւ Չէօրէքճեան Սրբազանները՝ աջէն եւ ձախէն, Անդրանիկի թեւերէն կախուած՝ նստեցուցած էին զայն։

Անդրանիկ նստեցաւ, բայց չդադրեցաւ լուտանքներ թափելէ Ռոստոմի գլխուն, այնչափ ատեն, մինչեւ որ Արամ՝ օտար հիւրերու ներկայութեաանը խօսքն ընելով՝ Անդրանիկէն խնդրեց բաւ համարել։ Անդրանիկ լռեց, բայց իր կուսակիցներէն մշեցի Դէմիրճեան, որ Անդրանիկի ջիղերը ոտքի հանող Ռոստոմի ակնարկութեան մասին բան մը չէր գիտեր, եւ դժբաղդաբար, իր բան մը գիտցած չըլլալն ալ չէր գիտեր, ոտքի ելաւ եւ ըրաւ խօսքեր՝ որուն խիստ վերջաբանը միայն ըմբռնելի եղաւ ներկաներուն։

Դուք ո՞վ էք որ   ըսաւ ան ուղղելով Արամին   որ ազգային հերոսին վրայ լեզու կը բարձրացնէք։

Արամ ճիշդ է որ նեղացաւ եւ ձեռքը դէպ ի ետեւի գրպանը տարաւ, բայց ի՞նչ հանելու համար անկէ, րէվօլվէ՞րը, թաշկինա՞կը, սիկարէթի տո՞ւփը, ոչ ոք բան մը կրցաւ ըսել, վասնզի ոչ ոք բան մը տեսաւ, տեսնուածն այն եղաւ որ, Արամի այս ժէսթին վրայ՝ Անդրանիկի քեռորդին Երուանդ՝ տաքարիւն երիտասարդ մը, րէվօլվէրը ձեռքը՝ Արամի վրայ խոյացաւ։

Ասիկա լրումն եղաւ գայթակղութեանը։ Ոչ ոք աթոռին վրայ մնաց, որը՝ հետաքրքրութենէն, որը՝ վախէն, որը՝ միջամտութեան եռանդէն ոտքի վրայ են բոլոր սեղանակիցները։ Բարեբաղդաբար, միջամտութիւնները, որոնց ամենէն ազդեցիկը Անդրանիկի սաստոցն եղաւ, թոյլ չտուին որպէսզի ճառերէն եւ գինիէն վերջ ուրիշ բաներ ալ հոսին։ Տիրեց առերեւոյթ հանդարտութիւն մը, որուն վրայ՝ Մըսդըր Եարօն, որ գաբիթէն չէր տակաւին, այլ պատուելի, խօսելու ելաւ երկար ճառ մը, որուն մէջ, ան՝ Հայերու հասցէին ըրաւ բաւական ոչ-պատուելի խօսքեր։ Բայց, ներկաները հետաքրքրողը, խօսքերուն բնոյթէն աւելի, անոնց երկարութիւնն էր։ Կը տիրէր վախ մը՝ թէ անոր ճառէն վերջ, վէճն ու կռիւը պիտի վերսկսին։ Կը թուէր թէ՝ Մըսդըր Եարօն ալ գիտէր այդ բանը եւ գիտակցօրէն էր որ կ՚երկարէր խօսքը։ Գուցէ անոր նկատողութիւններն ալ իրենց դերն ունեցան եւ վերջ գտաւ Վանի հին կռիւներուն յիշատակին՝ այսպէս անակնկալօրէն, արթնցուցած նոր կռիւը։

Բայց, այս նոր կռիւին յիշատակն ալ կ՚արթնցնէ խորհրդածութիւն մը, որուն վրայէն չենք ուզեր անցնիլ։

Գաղտնիք չէր այլեւս, որ Վանի հերոսամարտին արժէքը կը կայանայ, անոր մինչեւ Տիլմանի ճակատամարտը, մինչեւ ռուս բանակին ժամանումը, դիմանալուն մէջ։ Վանի ճակատագիրը Տիլմանի կռիւին մէջ էր որ վճռուեցաւ եւ այս իրողութիւնը՝ ամենէն աւելի, Ռոստոմին էր որ ծանօթ էր։ Բայց, որովհետեւ Տիլմանի կռիւին մէջ, որպէս ազգային դէմք, դեր ունեցողը Անդրանիկն էր, որուն փառքը կուսակցութեան չէր երթար, Ռոստոմ՝ զայն դրուանի տակ պահեց եւ, վրան դրաւ կամաւորական խումբերուն ժամանումը, որ՝ որպէս հետեւում Տիլմանի յաղթանակին էր որ տեղի ունեցած էր։

Տիլմանի կռիւը մղողը եղած էր զօրավար Նազարպէկովի զօրաբաժինը։ Անդրանիկի սրտմտութիւնը՝ զօրաբաժնին կամ անոր հրամանատարին անտեսումէ՞ն էր որ կուգար։ Կարելի չէ բոլորովին դրական պատասխան մը տալ։ Անդրանիկ բաղդորոշ դեր մը ունեցած էր այդ կռիւին մէջ։ Եթէ այդ դերը հայ պատմութեան համար արժէք մը չներկայացնէր, անոր անտեսումը չեմ յուսար թէ կարենար այդ աստիճան վրդովել Անդրանիկի հոգին։ Անոր վրդովումին թափը կուգար այն բանէն, որ այդ պատմական արժէքը ներկայացնող դերը՝ մասնաւոր դիտումով մըն էր, որ անտեսումի կ՚ենթարկուէր։

Ուրիշ հարց մը։

Անդրանիկ պիտի ունենա՞ր այդ պատմութիւնը, եթէ պատմութիւնը միեւնոյնն ըլլար, իսկ իր անունին տեղը ուրիշի մը։ Չեմ յուսար։ Իր «ես»ին յաւելումովն էր, կը կարծեմ, որ այդ անտեսումը կրցած էր այդ աստիճան խռովել Անդրանիկի հոգին, ըմբոստացնել զայն, եւ, անոր առնել տալ իր ընդոստ եւ անակնկալ  ելոյթը։

«Ես»ը մարդկային է, բայց ան կրնա՞ր արդարացնել միթէ ելոյթին բնոյթը։

Եթէ Անդրանիկի զարգացումը իր օգնութիւնը չզլանար Անդրանիկին, ան ուրիշ կերպ մը պիտի կրնար գտնել անշուշտ, արժեցնելու համար իր «ես»ը։ Որ Անդրանիկ՝ նման ալեծուփ հողմի մը, պոռթկաց յանկարծ, պատճառներէն մէկն ալ այդ օգնութեան պակասն էր, պակասը զոր կիրքն էր որ այդքան յեղակարծօրէն լեցնելու կուգար։

Կի՜րքը։

Բայց ո՞ր իշխանաւորին, ո՞ր դիքթաթէօրին պակսած է կիրքը, ազդեցութեան, հեղինակութեան կիրքը, որուն թափը՝ առհասարակ, ուղիղ կը համեմատի իշխանաւորին ներկայացուցած ուժին հետ։ Անդրանիկ ուժ մըն էր, կուռք մը այլեւս ։ Սեղանին վրայ, որ թատր եղաւ այս գայթակղութեանը, ան աւելի բարձրաթոռ էր քան Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, քան Երեւանի Առաջնորդը, երկուքն ալ եկեղեցւոյ իշխաններ։

Ոյժը՜, ուժին յա՜րդը։

Բայց չէ՞ որ այդ ուժն էր եղած, անոր յարգն ու պաշտամունքը, որ Շապին Գարահիսարի հողէն եւ ջուրէն շինուած Օզանեանի մը միսէն եւ ոսկորէն ձուլած էին այդ կուռքը, Անդրանիկը։ Կարելի՞ է միթէ այդ ուժին տիրոջը՝ զանց առնել  այդ ուժին յարգը, թոյլ տալ որ չյարգեն զայն։

Հերոսը կը ներկայացնէ ուժը. անոր համար էականը այդ ուժին պահպանումն է։ Պահպանումին ձեւը, մեղմ թէ խիստ, քիչ փոյթն է անոր, եւ կամ բնաւ։

Չէ՞ որ ուժը՝ ինքնին, խստութիւնն իսկ է։