Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՋ ՄԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

Անդրանիկի քեռորդին, Երուանդ Փափազեանի ամուսնութեան երեկոյթն է։

Երբ թառիսթ Կարօյի թառը լռեց եւ Օրիորդ Ս. դադրեցաւ պարելէ, ծափերու ուրական մը՝ ուռաներու որոտումովը լեցուն, դղրդեց ողջ սրահը։

Կարօյի մատներո՞ւն էր որ կ՚երթար այս զգլխիչ արտայայտութիւնը, թէ ոչ պարուհիին սրունքներուն։ Կարելի չէ որոշակի ըսել։ Կարօյի թառը իր անմրցելի համբաւն ունէր Թիֆլիսի մէջ։ Օրիորդ Ս. ին ըսես, ո՞վ չէր ճանչնար գեղն ու շնորհները, որոնց մէկն էր, բայց ո՛չ գլխաւորը, անոր, այդ րոպէին, պարած սալօմէյեան պարը։

Յետոյ ո՞վ ներկայ չէր, այդ երեկոյթին, որուն հրաւէրները Անդրանիկէն էին որ ղրկուած էին, ուր Օրիորդ Ս. պիտի պարէր եւ թառիսթ Կարօն պիտի նուագէր, ռուսահա՞յ կ՚ուզես, թրքահա՞յ, բայց, մանաւանդ, Շապին Գարահիսարցիներ եւ Էրզրումցիներ։ Չէ՞ որ՝ փեսան Շապին Գարահիսարցի է, իսկ հարսը Էրզրումցի։

Երբ, Օրիորդ Ս. դադրեցաւ պարելէ, իր թուխ աչքերուն՝ ան սրահին շրջանն ընել տուաւ, պարապ աթոռ մը գտնելու եւ դէպ ի այն ուղղուելու համար։ Պարա՞պ աթոռ. այո՛, կար հատ մը, Անդրանիկի բազմած թիկնաթոռին քովը։ Օրիորդ Ս. քայլ մը առնելուելաւ դէպ ի այդ աթոռը. բայց, անդրադարձումով մը, թէ աթոռը շատ վեր պիտի գար իրեն համար, ընկրկելու ժէսթ մը ունեցաւ ան՝ հետը ամօթխած ժպիտ մը։

Օրիորդ Ս. ի ընկրկումին ժէսթը չէր վրիպած Անդրանիկի աչքերէն։ Ան՝ դէպ ի Օրիորդը թռաւ անմիջապէս եւ անոր ձեռքէն բռնելով՝ քովի աթոռը առաջնորդեց զայն։

Ծափերու նոր եւ, այս անգամ, աւելի խելայեղ տարափ մը տեղաց Անդրանիկի այս ժէսթին վրայ։

Անդրանիկի դէմքը կը ճառագայթէր՝ տարօրինակօրէն զուարթ ժպիտով մը։ Օրիորդ Ս. ըսես, պարէ՞ն թէ ոչ Անդրանիկի՝ իրեն ցոյց տուած պատիւէն տաքցած՝ ձեռքին ճերմակ թաշկինակովը՝ անդադար կը շոյէր իր թեթեւակի շիկնած այտերը։

Անդրանիկ գիտէր, թէ Օրիորդը իր քովը նստեցնելէն վերջ, հարկ էր զայն մեծարել եւ զբօսցնել։ Անոր հետ խօսակցութեան մտնելու համար, սակայն, հարկ է նախ ծանօթանալ անոր հետ։ Անդրանիկի հարցումները քիչ մը աւելի յուզեցին Օրիորդը, քիչ մը աւելի շփոթեցին զայն, բայց, հէնց այդ յուզումն ու շփոթութիւնը՝ խառնուած այն նազանքի ժպիտին, որ Արեւելքցի աղջիկը միայն գիտէ՝ իր՝ դէպ ի վար խոնարհող աչքերուն միջով՝ դնել, այտերէն բերանին անկիւնները ինկնող գիծերուն մէջ, շեշտ մը եւս դրին անոր գեղին վրայ, բայց չաւելցուցին, բնաւ, անհամարձակութիւնը եւ ամօթխածութիւնը որ նոյնպէս Արեւելքցի աղջկանն է։ Երբ Անդրանիկ Օրիորդին ո՞վ եւ ո՞ւրտեղացի ըլլալը իմանալէն վերջ, անոր հարցուց թէ ինքն ալ գիտէ՞ր արդեօք իր ով ըլլալը՝

Օ՜, ի՜նչպէս թէ չէ   պատասխանեց Օրիորդը, այս անգամ համարձակ եւ յուռթի ժպիտի մը կայծը իր թուխ աչքերուն մէջ   Հայ կա՞յ միթէ որ չճանչնայ իր ազգին հերոսը։

Կարօյի թառին ձայնը եւ Օրիորդ Ս. ի հասցէին ուղղուած՝ բազմականներու ծափերը եւ ժպիտները կտրեցին յանկարծ խօսակցութեան թելը։ Անդրանիկ իր ծափերովը եւ ժպիտներովը տաքցուց հրաւէներուն խանդավառութիւնը։ Ատոնցմով ալ չբաւականացաւ ան։ Օրիորդ Ս, ի ցոյց տուած նազանքներուն վրայ՝ դէպ ի ան ծռեցաւ, այս անգամ ուրիշ տեսակի ժպիտով մը, որ կարծես անոր կ՚ըսէր՝

Իմ խաթե՜ր համար

Անդրանիկի այս ժէսթին վրայ, Օրիորդ Ս. վերկեցաւ անմիջապէս եւ տարած առաջին յաղթանակին իրեն բերած ինքնավստահութեամբ գինով՝ զմայլելի ճկունութեամբ մը, պարեց իր երկրորդ պարը։

Միջադէպ մը, սակայն, թեթեւ ստուեր մը բերաւ այս երկրորդ պարին վրայ։

Մինչ Օրիորդը կը պարէր, հիւրամեծարներէն մէկը, դէպ ի անոր պարապ ձգած աթոռը առաջնորդեց նոր հասնող հիւր մը, տիկին մը, որ իր տարիքովը, բայց մանաւանդ անունովը՝ բազմականներուն մէջ բարձրաթոռ ըլլալու ամէն իրաւունքը կը վայելէր։ Անդրանիկ, սակայն, նայուածքը եւ ձեռքը դէպ ի հիւրամեծարը ուղղելով եւ անկէ դէպ ի պարուհին շրջելով՝ հասկցուց անոր թէ այդ աթոռը պարապ չէ, թէ ան՝ պարուհիին է, նոր Սալօմէին։

Հիւրը դժգոհ մնաց անշուշտ, հիւրամեծարը իր կարգին, բայց, մերժումը Անդրանիկէն էր որ կուգար։ Անոնք, հիւրը եւ հիւրամեծարը իրարու երեսը նայեցան եւ ետ դարձան։

Հիւրերը շատ ծանօթ մէկն էր։ Ներկաներուն մէջ չի գտնուեցաւ մէկը, որուն նայուածքը ուրիշինը փնտռելու չելնէր, յուզումը եւ զարմանքը անհաղորդ չձգելու համար, կիներու այտերը, յուզմունքնէն քիչ մը աւելի շիկնեցան, անոնցմէ ոմանք գուցէ մտածեցին նաեւ, թէ արդեօք պէտք չէ՞ր մարիլ, իսկ այրերուն մէջ չմնաց մէկը՝ որ զարմանքէն շրթունքը խածած չըլլար։

Անդրանիկ չէր ճանչնար հիւրը։ Ան, անհաղորդ չմնաց բնականաբար, միջադէպին յառաջ բերած տպաւորութեանը, բայց շուտով մոռցաւ զայն։ Ան  տարուած էր պարովը, զոր երբ Օրիորդ Ս, աւարտեց, Անդրանիկ նորէն ցատկեց տեղէն եւ, անոր ձեռքէն բռնելով՝ անոր աթոռը առաջնորդեց զայն։

Անդրանիկ նոր խօսքեր գտաւ շնորհաւորելու Օրիորդ Ս. ը, եւ չդադրեցաւ բնաւ գաղտագողի ակնարկներ նետելէ դէպ ի անոր կարապի վիզը, դէպ ի անոր փոքրիկ գլուխը շրջանակող անոր սեւաթոյր խոպոպիքը, դէպ ի անոր արձանային կիսադէմքը։ Ու, երբ պարի շրջանակը մնաց նորապսակ ամոլին, եւ, քեռորդին Երուանդ, ճերմակ չէրքէզսքին հագին, որ այնքա՜ն շատ կը վայելէր անոր սլացիկ հասակին, նորահարսին հետ միասին պարեցին կովկասեան պարերը, Անդրանիկի աչքը կամ նոր հարսին վրայ էր, անոր բարձր հասակին եւ թխորակ դեղին եւ կամ Օրիորդ Ս, ի վրայ, որ իր մանրիկ կազմուածքին նրբութեամբը եւ փոքր դէմքին ճերմակութեամբը, թաւշեայ կանանչ պարեգօտին մէջ, թուփէն նոր բացուող շուշանի մը կը նմանէր այդ րոպէին։

Անդրանիկի այս վերաբերմունքը չէր կրնար վրիպիլ ներկաներուն աչքերէն։ Միջադէպին հետ խառն եւ անով ոռոգուած՝ այդ վերաբերմունքը՝ խօսակցութեան առատ նիւթ հայթայթեց, այդ օրը, ներկայ բազմականներուն, յետագային ալ, հիւրերուն պատկանող լայն շրջանակներու մէջ։

Անդրանիկ որ գէշ քուն մը ունէր, առհասարակ, այդ գիշերը, այդ գէշ քունն ալ չունեցաւ։ Յիշողութիւնը, իրարու ետեւէն, անոր աչքերուն կը բերէր ո՛չ միայն երեկոյթին պատկերները, այլեւ անոնց իւրաքանչիւրէն, անոր երեւակայութեան յղացած նոր եւ այլազան պատկերներ, որոնք՝ իրական թէ երեւակայական՝ անոր աչքերէն՝ անգթօրէն, կը խլէին քունը։

Անդրանիկ՝ քանի մը անգամ փորձեց Տօքթ, Նաւասարդեանի մէկ պատուէրը   անկարեւոր եւ տղայական բաներով լեցնել ուղեղը, եւ, անոր մէջ տեղ չթողուլ լուրջ մտածումներու   պատուէր՝ որ ստացած բազմազան դեղերուն եւ հրահանգներուն մէջ, մինակը եղած էր որ յաջողած էր իրեն։ Անկարելի եղաւ իրեն, վայրկեան մը իսկ, փակել իր աչքերը։

Տօքթէօր Նաւասարդեանի յիշողութիւնը, առտուան կողմը, Անդրանիկին բերաւ անոր ուրիշ մէկ խորհուրդը, որ կը զուգադիպէր այդ պահուն անոր  մտածումներուն կորիզին։

Օր մը, Տօքթ. Նաւասարդեան՝ Անդրանիկին խորհուրդ տուած կ՚ըլլայ չծխել, խորհուրդ՝ որուն դէմ Անդրանիկ, որպէս չքմեղանք, կը դնէ իր ձանձրոյթը, ձանձրանալու հիւանդութիւնը։ Անդրանիկի այս խոստովանութեան վրայ, Տօքթ. Նաւասարդեան՝ անոր ուրիշ խորհուրդ մը տալու կ՚ելնէ, այս անգամ։

Եկէ՛ք ամուսնացէ՛ք Անդրանիկ   կ՚ըսէ փորձառու բժիշկը   ամուսնութիւնը միայն կրնայ կանոնաւորել քու կեանքը եւ դարմանել քու կեանքը կրծող ձանձրոյթը, որ ուրիշ բանէ առաջ չգար, եթէ ոչ քու վարած ոչ բնականոն կեանքէն։

Անդրանիկ, այդ օրերուն, կ՚ապրէր Թիֆլիսի Ապաս-Ապատսքայա հրապարակին վրայ, Գարեգին Վասիլեանի (այժմ ի Փարիզ) տունը, իր մտերմութիւնը վայելող Կարնեցի երիտասարդ բարեկամ մը, որուն հետ, իր ձանձոյթի պահերուն, ան կը սիրէր սրտաբաց խօսակցութեան մտնել եւ կատակներ ընել, եւ զոր՝ իր քովը կանչելու համար՝ սովոր էր երեք հարուածներ տալ պատին, որուն միւս կողմը կը գտնուէր Գարեգինի ննջասենեակը։ Անդրանիկ՝ դէպ ի առաւօտը՝ ուրեմն, զինք հալածող մտածումներէն յոգնած՝ քանի մը անգամ, ժամացոյցին խորհուրդին դիմեց, պայմանադրական հարուածները տալու համար։ Անհամբերութենէն, սակայն, ան՝ հակառակ ժամացոյցի խորհուրդին, տուաւ հարուածները ու երբ Գարեգին՝ քուն աչքերուն, զարմացած այս անժամանակ կոչին վրայ, աչքերը չփելով անոր քովը մտաւ, Անդրանիկ՝ նախանձի տեսակ մը զգացումով,

Անկո՛ւշտ, դեռ չես կշտացած քունէն   ըսաւ անոր։

Փաշա՛, չէ՞ որ ուշ պառկեցանք։

Վառէ՛ սիկարդ, նայի՛մ, քունդ աչքերէդ դուրս հանէ՛ մէկ մը։

Անդրանիկ սիկարի եւ սուրճի մոլի, մասնաւոր հաճոյք մը կը զգար, երբ իր սիրած մէկ անձին հետ էր որ անձնատուր կ՚ըլլար այդ մոլութիւններուն մէկին եւ կամ միւսին։

Երբ Վասիլեան վառեց սիկարէթը եւ նստեցաւ, Անդրանիկ լուրջ դէմք մը առաւ։

Մօտէն ծանօ՞թ ես դուն քու հայրենակիցներէն Դ, ընտանիքին   հարցուց անոր։

Շատ մօտէն։

Ի՞նչ գործ կ՚ընէ պարոն Դ, ։

Մասնաւոր գործ մը չունի ան եւ կը սպասէ որ ռուսները յաղթեն եւ ինքը վերադառնայ Էրզրում, ուր շատ մը կալուածներ ունի ան։

Քոյրն ալ կը ճանչնա՞ս դուն մօտէն։

Օրիորդ Ս., օ՜, ինչպէ՞ս թէ ոչ   պատասխանեց Վասիլեան, ոչ առանց չարաճճի ժպիտի մը, զոր Անդրանիկ չտեսնելու զարկաւ։

Է՜հ, ինչպէ՞ս աղջիկ է Օր. Ս.   շարունակեց Անդրանիկ։

Աննման աղջիկ մըն է, ընտանեկան եւ դպրոցական լաւ կրթութեամբ օժտուած։

Ինչո՞ւ, ուրեմն, մինչեւ հիմայ ձեռքը խնդրող չէ ունեցած։

Օ՜, շատերը անոր ձեռքը խնդրած են, բայց, ինքն է որ չէ հաւնած   ըսաւ Գարեգին, եւ ունեցաւ նոր ժպիտ մը, որուն անհանդարտութիւնը՝ Անդրանիկին այն կասկածը ներշնչեց թէ խօսելու պիտի ելնէ ան։ Անդրանիկ՝ ձեռքին սաթէ համրիչովը՝ Գարեգինի՝ գիշերուան կերուխումէն դեռ կարմիր քիթին վրայ հարուածով մը՝ ընդմիջելով անոր ժպիտը,

Դուն խալիս Էրզրումցի չես   ըսաւ ան, այս անգամ ինքը ժպտելով   գնա այս հարցումներուս պատասխանները տիկին Արմիկէն բե՛ր։

Գարեգին՝ վանեցի հօր զաւակ է, Ղրզրումի մէջ մեծցած, կինը, տիկին Արմիկ, բնիկ Էրզրումցի է։

Տիկին Արմիկի պատասխանին վրայ, որ աւելի տաք էր, աւելի դրական՝ Անդրանիկ՝ ծուխի քանի մը ումպեր կլլելէն վերջ, Գաեգինին ուղղուեցաւ նորէն,

Յօնանեան դպրոցը գնա՛   ըսաւ անոր Անդրանիկ   եւ անկէ թէլէֆօն ըրէ՛ Թումանեանին եւ իմ անունով ըսէ անոր, որ անմիջապէս ինծի գայ։

Յօնանեան դպրոցը, քանի մը քայլի վրայ կը գտնուի, Պէհպութեան փողոցին վրայ։ Թումանեանն ալ, այդ օրերուն, Թիֆլիս կը գտնուէր եւ կ՚ապրէր՝ Վէրայի կողմերը, Յովսէփ Խունունցի տունը։

Շատ չանցած, համակրելի բանաստեղծը, «խէր ըլլայ, Անդրանիկ, էս ի՜նչ բան է էսենց կանուխ առաւօտ», հարցումովը, որ մինակ չէր, ոչ ալ առանց անոր երկայն թեւերու լայնարձակ տարուբերումներուն եւ քրքջալիր ժպիտին ընկերակցութեանը, իր աղմկալից մուտքը գործեց Անդրանիկի քովը։

Անդրանիկի ընդունելութիւնը, ընդհակառակն, տաք չեղաւ  սովորականին պէս։ Թումանեան չկրցաւ  անոր դէմքին վրայ չնշմարել խոր թախիծ մը։

Հիւա՞նդ ես, ի՞նչ ես   հարցուց ան, թօնը փոխելով, տեսնելով որ Անդրանիկի մօտ արձագանգ գտած չէին, ո՛չ իր ուրախ մուտքը, ոչ ալ իր հարցումին զուարթութիւնը։

Հիւանդ չեմ, բայց այս գիշերը բնաւ քնացած չեմ։

Է՜հ, ի՜նչ կայ որ, այս ցերեկին կը քնանաս եւ կը շտկուիս. էտ էլ բա՞ն է   ըսաւ Թումանեան, վերակոչելով իր ուրախ ժպիտը։

Թումանեա՛ն, քեզի խորհուրդ մը հարցնելու համար է որ քեզի տուի այս անժամանակ նեղութիւնը, սկսաւ Անդրանիկ։

Հարցու՛ր, ճանս։

Թումանեա՛ն, կը յիշե՞ս, դուն, օր մը ինծի օրիորդի մը անունը տուիր, հետը խորհուրդը, որ ամուսնութեան առնեմ զայն։

Այո՛, բայց այդ օրիորդը ամուսնացած է։

Խնդիրը այդ օրիորդին վրայ չէ։

Հապա՞։

Խնդիրը ամուսնութեան սկզբունքին վրայ  է, որ առիթով դուն այն կարծիքը յայտնեցիր, թէ ան է միայն, ամուսնութիւնը, որ պիտի կրնայ փոփոխութիւն մը դնել իմ այս ձանձրալի կեանքին մէջ։

Հապա՞, հապա՞, ինչպէս թէ չեմ յիշեր Անդրանիկ ջա՛ն   ըսաւ Թումանեան, քահ քահով մը   ես միշտ էլ էդ կարծիքին եմ։ Դուն էլ, երբ ամուսնանաս, ինձ պէս, էն զգացում պիտի ունենաս, որ ես ունեցայ հէնց ամուսնութեանս օրը։

Ի՞նչ զգացում։

Էն զղջումի զգացումը, թէ ինչո՞ւ աւելի առաջ ես չէի ամուսնացեր։

Հապա՞ ժողովուրդը։

Ժողովուրդի ի՜նչ բանն է քու ամուսնութիւնը։

Ի՞նչ պիտի ըսէ ան։

Ի՞նչ պիտի ըսէ, ան ուրախ պիտի ըլլայ, որ իր առիւծը կորիւններ ունենալու է։

Այո՛, բայց Թրքահայութեան այս դժբաղդ օրերուն, երբ դեռ անոր հարցը որոշ վիճակ մը չէ ստացած։

Ի՜նչ թրքահայութեան հարցի խօսք է որ կ՚երնես, Անդրանիկ   ըսաւ Թումանեան, լուրջ դէմք մը առնելով   Թրքահայաստանը՝ Ռուսահայաստանին պիտի միանայ եւ անոր հետ պիտի բաժնէ ռուս ժողովուրդին բաղդը։ Ըլլայլիքը այս է, Անդրանի՛կ. հայկական հարցը՝ մեր բանաստեղծներուն եւ մէկ մըն ալ կուսակցութիւններուն համար միայն գոյութիւն ունէ, դուն, խօմ, ո՛չ կուսակցական ես, ո՛չ էլ բանաստեղծ։

Բայց, չէ՞ որ դուն բանաստեղծ ես։

Իբրեւ բանաստեղծ է որ ես քեզի կը յայտնեմ այս ճշմարտութիւնը։

Մեզի ընելիք չէ՞ մնացեր, ուրեմն, այլեւս   հարցուց Անդրանիկ տխրութեամբ։

Հապա՞, հապա՞, ինչպէ՞ս թէ չէ. Թրքահայերու կորուստին դարմանումը, որուն՝ ահա, ամուսնութիւնը կը ներկայանայ առաջին եւ լաւագոյն միջոցը   ըսաւ Թումանեան խրոխտ ժպիտով մը։

Անդրանիկ չկրցաւ չբաժնել Թումանեանի  ժպիտը, բայց ծածկելու համար զայն, ան ինքզինքը  տուաւ տուփէն սիկարէթ մը հանելու եւ զայն վառելու գործին։

Սիկարէթը վառելէն վերջ, Անդրանիկ ինկաւ նորէն այն լուռ թախիծին մէջ, որ անոր կուգար երբ իր միտքը պաշարուած կ՚ըլլար ծանր որոշում մը տալու հարկադրանքովը։

Թումանեան գիտէր այդ թախիծը փարատելու գաղտնիքը։

Ես՝ մինչեւ իմ ամուսնութեան օրը, դրախտի չէի հաւատար, Անդրանիկ   ըսաւ ան, զուարթ շեշտով մը   ամուսնութենէս վերջն է, որ, ոչ միայն կը հաւատամ անոր գոյութեանը, այլեւ գիտիմ թէ անոր մէջ կ՚ապրիմ ես։ Խօ՜մ դուն տեսած ես, Անդրանիկ, իմ դրախտը, իմ գիւղը, իմ օջախը եւ անոր մէջ՝ իմ տուզինայով երեխաները։

Անդրանիկի սիրտը բացուեցաւ, լեզուն հետը։

Երէկ, Երուանդի ամուսնութեան երեկոյթին մէջ աղջիկ մը տեսայ, որ ինծի քու խորհուրդդ յիշեցուց, բայց կը վարանիմ։

Մի՛ վարանիր, հոգի՛ս, մի՛ վարանիր, ըսաւ Թումանեան եւ ոտքի ելնելով, տաք տաք ողջագուրեց Անդրանիկը։

Արցունքի ցօղե՜ր՝ Թումանեանի ժէսթին՝ իր հոգին ալեկոծող փոթորիկին բաղխումէն՝ շողացին յանկարծ Անդրանիկի թարթիչներուն ծայրը։ Սքողելու համար տկարութիւն մատնող այդ երեւոյթը, Անդրանիկ մարած սիկարէթը վառելու ելաւ, յետոյ, տեսած աղջկան եւ անոր մասին առած տեղեկութեանց  պատմութիւնն ընելէն վերջ, իր բարեկամին ըսաւ,

Թումանեա՛ն, եթէ Օր, Ս, իր հաւանութիւնը չզլանայ, ես պիտի ամուսնանամ անոր հետ եւ դուն պիտի ըլլաս իմ կնքահայրս։

Դէ՜հ եկուր, ուրեմն, մի անգամ էլ, որպէս սանիկս համբուրեմ քեզ   ըսաւ խանդավառ բանաստեղծը եւ նորէն իր երկար բազուկներուն մէջ առնելով Անդրանիկը, համբոյրներով ողողեց անոր ճակատը։

Թումանեանի մեկնումէն վերջ, Անդրանիկ ունեցաւ անձկութեան սոսկալի պահ մը, սիկարէթը բերնին մէջ, տենդոտ քայլերով՝ ան չափելու ելաւ սենեակին լայնքն ու երկայնքը։ Յայտնի էր որ, գործնական քայլ առնելու կէտին վրայ, թերը ու դէմը, անոր հոգիին մէջ, կը մղէին իրենց պայքարներուն վերջնականը, վճռականը։ Հայելիին առջեւէն անցած պահերուն, անոր աչքերուն, մերթ իր ճակատին կնճիռներն էին որ կ՚երեւային, մերթ իր առնական գեղեցկութեանը հետ, իր թուխ աչքերուն գեղեցիկ փայլը։ Թերը չէր, սակայն, որ վերջապէս առնել տուաւ անոր դրական որոշումը, այլ, կը թուի թէ այդ թեր ու դէմին չարչարանքէն իր հոդին ազատելու պէտքը։ Երբ, իր երթեւեկներուն մէջ, ան անցաւ սենեակին դրան առջեւէն, յանկարծակի եւ քիչ մը խիստ ժէսթով մը բացաւ զայն եւ խրոխտ ձայնով մը Վասիլեանը  կանչեց։

Երբ Վասիլեան դրան առջեւը եկաւ, առանց զայն ներս հրաւիրելու եւ, որպէս թէ ան՝ իր զինուորներէն մէկը եղած ըլլար, հրամատարի ժէսթով մը եւ հրաման մը հաղորդելու ձեւով, Անդրանիկ անոր ըսաւ.

Այսօր, Պ. Դ. տեսնելու գնա եւ, իմ կողմէն, մտերմաբար, անոր միտքը շօշափէ իր քրոջ ձեռքը խնդրելու հաւանականութեանը մասին։

Հրամանը այնքան ազդեցիկ էր որ Վասիլեան չհամարձակեցաւ ժպտիլ այս անգամ, բայց, իրիկուն, զուարթ ժպիտով մըն էր որ Անդրանիկին հաղորդելու եկաւ պարոն Դ. ի պատասխանը։

Նման հաւանականութեան մը՝ սիրով ընդառաջ պիտի երթան թէ՛ ինքը եւ թէ՛ քոյրը։

Այս էր եղած Պ. Դ. ի պատասխանը եւ այս էր դեռ այդ օրերուն, գաւառական բարքերուն մէջ, ամուսնութեան բանակցութեանց առաջին հանգրուանը։

Պաշտօնական առաջարկը, երկրորդ տեսակցութեան մը ընթացքին կայացած հասկացողութեան համաձայն, ինքը, Անդրանիկն էր որ պիտի ընէր Օր. Ս. ի, հանդիպումի մը մէջ, որուն՝ Անդրանիկ պիտի որոշէր տեղն ու ժամանակը։

Այս հանդիպումէն առաջ, սակայն, տեղի ունեցաւ ուրիշ հանդիպում մը։

Անդրանիկ կոչունք մը տուած էր ի պատիւ իր քրոջ հարսին պարագաներուն։ Կոչունքը, Թիֆլիսի լաւագոյն սրահներէն մէկուն մէջ հաւաքած էր նորէն Երուանդի եւ հարսին բարեկամները, մեծ մասամբ հայրենակիցներ։

Անդրանիկ քիչ մը ուշ մնացած էր. երբ ան հասաւ, հրաւիրեալներէն ոչ ոք կար պակաս, անոր մուտքն ալ հիացում պատճառեց, ոչ միայն անոր համար որ ան Անդրանիկն էր, այլ, որովհետեւ հաւաքոյթին ամենէն չիք անձնաւորութիւնն կը թուէր ըլլալ ան։ Իր նոր կտրել տուած քաղաքային հագուստներուն մէջ, իր նոր կտրուած մազերովը եւ նոր ու խնամով սափրուած դէմքովը, կարծես թէ ան տասը տարիով երիտասարդացած էր այդ իրիկուն։

Սրահը մտնելուն, Անդրանիկի առաջին ժէսթը եղաւ, աչքերուն շրջանն ընել տալ հրաւիրեալներուն վրայ։ Անոնք կանգ չառին մինչեւ որ չինկաւ Օրիորդ Ս. ի աչքերուն մէջ։ Զոյգ մը ժպիտներ՝ այդ հանդիպուէն ծաթած, հաղորդութեան մէջ դրաւ անոնց հոգիները։ Եւ, ահա, Կարօյի թառը, որուն թելերը կը սկսին թռթռացնել անհամբեր պարիկներու սրունքները։

Երբ նոր հարսն ու փեսան՝ դէմ դէմի, պարեցին առաջին պարը, հիացումի արտայայտութիւններ՝ ծափերու շռնթոցովը, չորս կողմէն եկան խուժելու անոնց վրայ։ Հարսը որ հարսանեկան զգեստներուն ճերմակութեանը մէջ, թուխ երեւցած էր հարսնիքին օրը, այս անգամ, սեւ մետաքսներուն մէջէն, ան, Սարօնի ծաղիկն էր։ Իր բարձր եւ ճկուն հասակովը, որ պարելու շնորհին մէկը երկուք կ՚ընէ, ան՝ որոտացող ծափերուն, եթէ ոչ մեծ մասին, գէթ շռնթացողներուն հասցէն էր, բայց, ապահովաբար, քնքոյշ թաթիկներէ մեկնածներուն՝ բոլորին ալ իսկական հասցէն փեսան էր՝ Երուանդը՝ իր չէրքէզսքիին մէջ, որուն արծաթ երախակալը մէջտեղ կը հանէր անոր սլացիկ հասակին, իսկ սեւութիւնը իր խարտեաշ եւ թարմ դեղին բոլոր նրբութիւնները։

Անդրանիկ հպա՞րտ էր իր քեռորդիին այդ ֆիզիքական շնորհներովը։

Ո՛չ, այդ րոպէին։

Պարին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, անոր աչքերը մէկ մը՝ պարող զոյգին վրայ էին, մէկ մը՝ Օրիորդ Ս. ի, որուն խանդավառութիւնը, դէպ ի պարողները, ներկաներուն մէջ, ամենէն գաղջն էր։ Չափազանց տխուր, Օր. Ս. ի ձեռքերը հազիւ իրար քով կուգային ծափելու համար։

Ինչո՞ւ։

Այս հարցումն էր որ Անդրանիկ՝ իրարու ետեւէն, ինքն իրեն կուտար, հարցում՝ որուն պատասխանը զինք այնքան տխուր կ՚ընէր, որքան իր սիրականը։

Օրիորդ Ս. կը նախանձէ՞ր արդեօք։

Այս հարցումը, Անդրանիկ՝ առաջին անգամ, ինքն իրեն տուած էր, երբ նկատած էր որ Օրիորդ Ս. ՝ պարի տեւողութեան ընթացքին, նայուածքը Երուանդէն դէպի ինքը եւ իրմէն դէպ ի Երուանդ կը շրջէր։ Հարցումին պատասխանը, ան՝ դէպ ի քովի մեծ հայելին դառնալով, անոր մէջ փնտռած էր։ Անոր մէջ, Անդրանիկ՝ ոչ իր դէմքին համակրելի առնականութիւնը տեսած էր, ոչ ալ գեղեցիկ աչքերուն թուխ փայլունութիւնը, ան՝ հոն տեսած էր, միայն, իր մազերուն ճերմակները եւ ճակտին կնճիռները։

Երբ Անդրանիկ՝ աչքերը հայելիէն դարձուցած էր դէպ ի Օր. Ս., տխուր զգացում մը, սեւ ամպի մը նման՝ եկած էր պատելու անոր հոգին։

Անդրանիկ յիշած էր, այդ րոպէին, որ 53 տարու էր ինքը։

Ու իր հոգին պատելու եկած այդ տխրութեամբը, Անդրանիկ քննելու ելած էր Օրիորդ Ս. ի հոգին եւ գտած հարցումին պատասխանը։

Օրիորդ Ս. 18 տարու էր, նախանձելու իր բոլոր իրաւունքին մէջ։

Երբ, Անդրանիկ՝ իր այս գիւտէն վերջ, անգամ մը եւս դարձաւ դէպ ի հայելին, իրեն այնպէս թուեցաւ թէ իր ճակտին կնճիռները աւելի խոր էին, իր գլխուն մազերը աւելի ճերմակ։ Ու, երբ նորապսակ զոյգը, ներկաներուն bisերուն վրայ, պարեց իր երկրորդ պարը, միշտ դէմ դէմի, հանդիսականներուն ծափերը աւելի խանդավառ եղան աւելի խելայեղ, իսկ Օրիորդ Ս, ինը աւելի գաղջ, Անդրանիկինը՝ հազիւ լսելի։

Բայց, երբ ինքը, Օրիորդ Ս. ՝ իր հերթին, պարելու ելաւ իր առանձին պարը, Անդրանիկ նկատեց որ ան տխուր չէր բնաւ։ Անոր պարին յաղթանակը այնքան ցայտուն եղաւ, անոր հետեւող ներկաներուն խանդավառութիւնը այն աստիճան ոգեւոր, ինքը, պարուհին, դարձաւ այնքան ժպտուն, անոր ժպիտը՝ այնքան արագօրէն ծաղկած Անդրանիկի դէմքին վրայ, այն աստիճան պայծառ էր, յորդ եւ լուսաւոր, որ զինք սիրողին, Անդրանիկի հոգին լեցնող սեւ խորհուրդները փախան անոր առջեւէն, ինչպէս աշնան սեւ ամպերը՝ արեւու առջեւէն։

Երեկոյթին մնացեալ մասը անցաւ շատ զուարթ։ Կախէթի գինին ջուրի պէս կը հոսէր։ Ընդարձակ սրահն ըսես, իր մէն մի անկիւնով մէկ մէկ տեսակ խրախճանքի թատր դարձեր էր, հոս Կարօյի թառը, հոն երգ, անդին պար, բազականները՝ ոտքի վրայ, կամ նուագին շուրջն են եւ կամ պարողներուն։ Անդրանիկ մերթ հոս, մերթ հոն, քայլերը զինք հետզհետէ կը մղեն դէպի իր աստղը։ Երբ անոնք իրարու դէմ ելան կէտի մը վրայ ուր արմաւենիի հսկայ թաղար մը, անոնց անցքը կը խցէր, Անդրանիկ բռնեց Օրիորդին ձեռքերէն եւ անոր հետ գրաւեց լայնատարած արմաւենիին շինած կիսաստուերին ներքեւ գտնուող երկու աթոռները։

Ես ուրիշ առիթի վերապահած էի   զինուորի համարձակութեամբ բայց գորովի անուշ ժպիտ մը աչքերուն մէջ, ըսաւ Անդրանիկ սիրուհիին աչքերուն մէջ սուզելով   բայց հիմայ ըսեմ՝ լմմնամ։ Ես քեզ կը սիրեմ եւ կը փափաքիմ ամուսնանալ քեզ հետ։

Օր, Ս, իր սեւ ու երկար թարթիչները իրար խփեց եւ զանոնք դէպ ի վար բանալու համար էր որ իրարմէ զատեց եւ պահեց ամօթխած լռութիւն մը։ Անդրանիկ՝ արեւելքցի աղջիկներուն յատուկ նազա՞նքի վերագրեց, թէ ոչ վերապահութեան, ամէն պարագայի քաջալերական չգտաւ օրիորդին լռութիւնը եւ նուազ համարձակութեամբ էր, որ ան կրկնեց իր առաջարկը։

Դուն զարգացած աղջիկ ես, եւ գիտես որ ամուսնութիւնը երջանիկ է, երբ փոխադարձ սիրոյ վրայ է որ կ՚ըլլայ ան։ Հիմայ ինծի ըսէ՛, թէ դուն ալ կը սիրե՞ս զիս։

Օրիորդը՝ թարթիչները նորէն իրար խփեց, բայց, ան զանոնք բացաւ, այս անգամ, դէպ ի Անդրանիկի աչքերը։ Անդրանիկ այդ թարթիչներուն մէջ նշմարեց, անոնց երկարութեան ձգած շուքին մէջ հազիւ տեսանելի, արտասուքի զոյգ մը շիթեր, որ անոր պահած լռութենէն նուազ քաջալերական թուեցաւ իրեն։ Ան միտքին մէջ նոր հարցում մը պատրաստելու վրայ էր, երբ Օրիորդ Ս. կանխեց։

Խօսքո՞վ։

Ոչ։

Օրիորդ Ս. իր սեւ թարթիչները ոսկեզօծեց, անմիջապէս, ժպիտի մը կայծերով, այնքա՜ն գգուող, այնքա՜ն տաք, որ առին տարին, րոպէապէս անոր արցունքին շիթերը, այնպէս, ինչպէս արեւի տաք ճառագայթները առաւօտեան ցօղը։

Բայց ժպիտը, որքան ալ գգուող, որքան ալ տաք, պատասխան մը չէ։ Անդրանիկ, սակայն, խուսափեցաւ ընելէ, գուցէ չկրցաւ ընել իր հարցումին երրորդը։ Աջ ձեռքը սիրտին վրայ, այնքան պինդ, որ կարծես անոր տրոփիւնները բռնել կը ձգնէր, ան բաւականացաւ այդ հարցումը դնելով խանդի եւ գորովի ժպիտի մը մէջ, զոր իր սիրած էակին այնքա՜ն գորովալի ժպիտը ծաղկեցուցած էր իր դէմքին վրայ։ Եւ, այս՝ լռութեամբ զեղուն հարցումին վրայ էր, որ Օրիորդ Ս. աշխոյժ եւ արագ ժէսթով մը, բռնեց Անդրանիկին ձեռքերէն, նայուածք մը նետեց աջը ու ձախը, յետոյ մէկդի ըրաւ արմաւենիի լայն տերեւը, որ՝ կանանչ ձեռքի մը պէս, կարծես անոնց սէրը օրհնելու համար, անոնց գլուխին վրայ ծռած էր, եւ դէպ ի Անդրանիկ ծռելով՝ հազիւ լսելի ձայնով մը, բայց հաստատուն շեշտով մը՝ ըսաւ անոր,

Անդրանիկ, ես ի՞նչպէս կրնամ չսիրել քեզ, չէ՞ որ դուն իմ իտէալին հերոսն ես։

Անդրանիկ սիրտին տրոփիւններով էր որ պատասխանեց, տրոփիւններ՝ որոնք զարկերէ չէր որ կուգային, այս անգամ, այլ համազարկերէ, որոնց նմանները ան չէր յիշեր ո՛չ Սասունի, ո՛չ ալ Տիլմանի կռիւներէն։

Անգամ մը անկողինին մէջ, Անդանիկ ինքզինքը տուաւ, միտքին մէջ, երեկոյթին անցքերուն պիլանը շինելու աշխատանքին։ Ան՝ սկսաւ քեռորդիին եւ հարսին պարերէն եւ պարերուն ընթացքին, Օրիորդ Ս. ի դէմքին վրայ սեւ ամպի մը պէս սաւառնելու եկած տրտմութեան հովէն, անկէ՝ ան անցաւ անոր, Օրիորդ Ս. ի պարին եւ այդ պարին յաղթանակին՝ անոր դէմքին վրայ արթնցուցած հպարտ բայց քաղցր ժպիտին, անկէ ան անցաւ, միշտ ժամանակագրական կարգով, իր սիրած էակին հետ ունեցած հանդիպումին եւ անոր հետ, արմաւենիի թաղարին բաղդաւոր արգելքին վրայ, անոր շուքին ներքեւ իրենց առած դադարին, յետոյ արցունքի՝ այն շողուն շիթերուն՝ որոնք՝ իր սիրոյն յայտարարութեան վրայ այնքա՜ն յեղակարծօրէն փայլած էին իր սիրուհիին թուխ աչքերուն մէջ։  Ամենէն վերջ, ան կանգ առաւ՝ այն այնքա՜ն աշխոյժ, այնքա՜ն ժպտուն եւ սիրալիր ժէսթին վրայ, որով իր սիրտին հերոսուհին, իր ձեռքէն բռնած եւ դէպ ի ինքը ծռած, շունչ շունչի, ըրած էր իր փոխադարձ սիրոյ խոստովանութիւնը։

Անդրանիկի պիլանը այսքան արա՞գ եղաւ։ Ո՛չ։ Ան՝ մէկ մէկ պահ կեցաւ այդ դրուագներուն մանրամասնութիւններէն իւրաքանչիւրին վրայ եւ, մէկ մէկ փոքր անալիզի ենթարկեց զանոնք։ Այդ մանրամասնութեանց իւրաքանչիւրին հետ ան վերզգաց անկէ իրեն եկած ուրախ կամ տրտում զգացումները, յետոյ որպէս վերջնական կայան, ան կանգ առաւ իր սիրուհիին սիրոյն խոստովանութեան վրայ,

Անդրանի՛կ, ես ի՞նչպէս կրնամ չսիրել քեզ, չէ՞ որ դուն իմ իտէալին հերոսն ես։

Անդրանիկ մէկա՞նց յիշեց, մէկա՞նց գտաւ այս ֆրազը։

Ո՛չ։

Օրիորդ Ս. ի ժպիտին, անոր աչքերուն ցօղերը չորցնող ժպիտին եւ իր ձեռքերը բռնելով, իրեն ըրած տաք խօսքերուն զինք անակնկալի բերող այնքա՜ն աշխոյժ, այնքա՜ն սիրազեղ ժէսթին տպաւորութեան ներքեւ, Անդրանիկ ո՛չ կրցած էր, ո՛չ ալ պիտի կրնար մէկանց կշռել լսած տաք խօսքերը, անոնց իւրաքանչիւրին տալու համար իր բուն եւ իսկական իմաստը։ Բայց, չէ՞ որ ժէսթերէն եւ, ժպիտներէն, որոնք կ՚անցնին, մնացողը խօսքն է, անոր նշանակութիւնը։ Հարկ է գտնել, ուրեմն, նոյնութեամբ յիշել այդ խօսքերը եւ պահել զանոնք։

Այսպէս ըսաւ՝ ինքնիրեն, վերջ ի վերջոյ, Անդրանիկ, իր պիլանը կազմելէն յետոյ։

Բայց, ըսել լաւ է, ընել աւելի լաւ, բայց քիչ մը դժուար։ Հարկ է գտնել բառերը, դասաւորել զանոնք եւ անոնցմէ շինել նախադասութիւններ։ Անդրանիկ՝ հիմայ ունի այդ լուրջ աշխատանքին անհրաժեշտ տարրերը, առանձնութիւն, պաղարիւն, բայց, անոր կը պակսին ճշգրիտ յիշողութիւնը՝ իր լսած բառերուն, որոնցմէ ան տպաւորութիւն մը միայն ունի պահած։ Յիշողութեանը մէջ, այդ տպաւորութեան քողին ներքեւ թագնուած կան բառեր, բեկորներ, աւելի ճիշդը, զորս, սակայն, ան պատրաստուած է մէկիկ մէկիկ փնտռել եւ երեւան հանել, յոգնեցուցիչ աշխատանք մը, որուն՝ սակայն, ան կապուած է իր էութեամբը։ Ու, Անդրանիկ գտած իւրաքանչիւր բառին օձիքէն բռնելով՝ սկսաւ հեդել զանոնք, այնպէս, ինչպէս այբ, բէն, գիմը, իր մանկութեան օրերուն։

Երբ Անդրանիկ՝ վերջապէս իրար բերաւ այդ բեկորները, դասաւորեց զանոնք եւ շաղկապելով շինեց նախադասութիւնը ու գտաւ որ ան իսկականն է իր սիրած էակին շրթունքներէն դուրս եկածներուն, սկսաւ բարձրաձայն արտասանել զայն,

Ես ի՞նչպէս կրնամ չսիրել քեզ, չէ՞ որ դուն իմ իտէալին հերոսն ես։

Քունէն արթնցողի մը պէս, որ կը զգայ յանկարծ թէ երազ մըն է միայն բաղդը, որ այդ քունը բերած է իրեն, Անդրանիկ ուրիշ բան չտեսաւ իր հեգած եւ շաղկապած նախադասութեան մէջ, եթէ ոչ պարզ երազ մը։

Օրիորդ Ս. զիս կը սիրէ, վասնզի ես անոր իտէալին հերոսն եղած եմ, իտէալով է ուրեմն որ ան զիս կը սիրէ եւ ոչ թէ սիրտովը։

Ահա իրականութիւնը, որուն՝ իր քունը՝ շողշողուն երազի մը պատկերը տուած է իրեն։

Իրականութիւնը մէկանց տարա՞ւ իր յաղթանակը, ո՛չ։ Ան՝ նախ, մեկնակէտ մը եղաւ, որ թիրախ դարձաւ անմիջապէս, Օրիորդ Ս. ի ժպիտներուն ու ժէսթերուն հետ՝ Անդրանիկին եկած լաւատես մտածումներու յարձակողականներուն։ Անդրանիկ չդադրեցաւ նոր տարրեր փնտռելէ եւ զանոնք այդ յարձակողականներուն ի սպաս դնելէ, բայց դատողութեան առողջութիւնը արթնցած է անգամ մը անոր մէջ, ան կը գործէ եւ իրարու ետեւէն անոր ըսել կուտայ,

Եթէ չըլլար ուրեմն իտէալը, Օրիորդ Ս. չպիտի սիրէր զիս։

Յետոյ,

Ան զիս այնքան կը սիրէ, որքան ո եւ է մէկը որ կապուած է այդ իտէալին, որ մինակ Օրիորդ Ս. ին չէ։

Յետոյ,

Եթէ այսպէս եղած ըլլար, Օրիորդ Ս. առանց զիս տեսնելու ալ պէտք էր որ զիս սիրէր։

Այս մտածումները չոր փայտերու մէկ մէկ խուրձեր եղան հնոցին համար, որուն մէջ իրարու ետեւէն հալելու կուգային Օրիորդ Ս. ի ժէսթին ու ժպիտին հետ Անդրանիկի անոնցմէ ծծած լաւատես մտածումները։ Վերջին րոպէին, սակայն, անոր եկաւ ուրիշ մտածում մը,

Հապա՞ եթէ պարզ պատահականութեան մը հետեւանք եղած են Օրիորդ Ս. ի խոստովանութեան խօսքերը եւ կամ խօսելու ձեւ մը։

Այս մտածումներուն վրայ, Անդրանիկ անկողնէն ելաւ, ելեքտրական լոյսին կոճակը դնրձուց, սիկարէթ մը վառեց, եւ, տենդոտ քայլերով սկսաւ չափել սենեակին լայնքն ու երկայնքը։ Իր երթեւեկներուն մէջ, ան՝ րոպէ մը, կանգ առաւ հայելիին դէմ եւ ինքզինքը դիտեց անոր մէջը։ Հոն, իր ճակտին կնճիռները, րոպէի իր մտածումներուն լոյսին տակ, անոր աչքերուն թուեցան մէկ մէկ փոս առուներ, որոնց մէջ կարծես թէ ան զինք չարչարող եզրակացութեան դէմ եկող իր փաստերուն վերջինը ձգելու համար էր որ վեր ելած էր։

Այսպէս, իր հետապնդած եզրակացութեան վրայ, ան ժպտեցաւ։ Ժպիտին, հայելիին մէջէն իր ուղեղին անդրադարձո՞ւմն էր որ անոր բերաւ նոր հարցում մը, թէ ոչ հարցումն էր որ բերաւ ժպիտը, Անդրանիկ ձեւ տուաւ միտքին եկող հարցումին,

Բայց, Օրիորդ Ս. ինչո՞ւ պիտի սիրէ զիս։ Ես  զինք պիտի սիրէի՞ միթէ եթէ անիկա 70 տարու եղած ըլլար եւ, միաժամանակ, իմ իտէալին հերոսը։

Այս ձեւը առած հարցումին վրայ, Անդրանիկի աչքերուն առջեւը եկան յանկարծ Օրիորդ Ս. ի աչքերուն մէջ փայլած արտասուքին շիթը, ան շիթ մը չէր այլեւս, այլ ովկիանոս մը։

Ժպիտէն վերջ, Անդրանիկի դէմքին վրայ եկաւ խոժոռը, անոր պայքարողի ոգին թարգմանող խոժոռը, որ անոր կուգար, առհասարակ, երբ թշնամիի մը եւ կամ հակառակորդի մը դէմ կը գտնուէր ան։ Հայելիին դէմն է դեռ անիկա եւ անոր մէջ կը տեսնայ իր դէմքին խոժոռը, որուն մէջ կորսուած են, հիմայ, ճակտին կնճիռները։ Ան 53 տարու չի զգար այլեւս ինքզինքը, այլ երիտասարդ մը, բայց իր մարդին, պայքարի, կռիւի, քաջութեան, հերոսութեան մարդին մէջ։ Ան հին հերոսն է հիմայ, Սասունի կամ Տիլմանի հերոսը, պայքարի եւ կռիւի պատրաստ։ Բայց, որո՞ւն դէմ։ Օր. Ս. ի՞։ Ո՛չ, այլ իր «ես»ին, իր մարդկային տկարութեան դէմ։ Գերմարդն է ան հիմայ, որ կռիւի կ՚ելնէ մարդուն դէմ, եւ, չէ՞ որ ան մինչեւ հիմայ չէ յաղթուած, իր յաղթանակը կը տանի, իր իսկ վրայ, իր «ես»ին վրայ։

Քանի որ Օրիորդ Ս. զիս չսիրեր, ես պէտք չէ որ իմ սէրը պարտադրեմ անոր։ Պէտք է որ ես խզեմ կապը եւ անմիջապէս։

Անդրանիկ՝ իր այս յաղթանակին դափնիներուն վրայ կը քնանայ սուրբի մը պէս։ Առաւօտը ան կ՚ունենայ զարթօնքը՝ զոր Սասունի լեռներուն օդը միայն կրնար անոր տալ, անոր միտքը զինք պարուրող մտմտուքներէն դուրս եկած է այնքան պայծառ, որքան այդ ամսուան յատուկ մշուշէն դուրս խուժող արեւը։ Ան հիմայ մէկ մտածում միայն ունի   ի՞նչպէս խզել կապը, որպէսզի Օրիորդ Ս. ՝ նախ, չըսէ թէ անկեղծ չէր եղած իր սէրը, յետոյ միտքէն չանցընէ թէ իր մտադրութեանը եւ որոշումներուն մէջ անհաստատ մէկու մը հետ եղած է իր գործը։

Այս մտածումներովը Անդրանիկ այդ առաւօտը, իր քայլերը ուղղեց դէպ ի Սօլօլակի Չաշկայ Չայը, դէպ ի անոր այն անկիւնը, ուր ան սովոր էր ժամադրուիլ արեւին հետ, անոր ճառագայթներուն տաքցնող հեշտութեանը հետ խմելու համար իր առաջին սուրճը։

Ան կը քալէր կռիւի երթացող զինուորի մը՝ ամուր եւ հաստատուն քայլերովը, գլուխը բարձր, նայուածքը խրոխտ։

Չաշկա Չայի իր անկիւնը, արեւու ճառագայթներով տաքցած, խմած սուրճը, այդ րոպէին, իրեն թուեցաւ Մօքայէն նոր հասած, ծխած ծխախոտի հոտը զմայլելի։

Հազիւ թէ Անդրանիկ աւարտած էր իր սուրճը, որ սրճարանին առջեւէն անցնիլը տեսաւ Ռոստոմին, որ գլուխը կախ, ձեռքերը գրպաններուն մէջ, որոնցմով ան վերարկուին քղանցքները սովոր էր իրար վրայ բերելու, Սօլօլակէն դէպ ի վեր կ՚ելնէր։

Անդրանիկի՝ այդ րոպէի մտածումներուն մարդն էր որ կը հանդիպէր։ Ան՝ ապակեփեղկին տուած հարուածներովը ներս կանչեց զայն, սուրճ մը ապսպրեց եւ անոր ըրաւ իր՝ վարդի մը կեանքն անգամ չունեցող կարճ սիրոյն կարճ պատմութիւնը, զորս ան վերջացուց բնորոշ ֆրազով մը,

Անոր սէրը՝ Երուանդի հարսանիքին օրը, աչքերովս սիրտս մտաւ, խնամապատիւին օրը, ականջովս ելաւ հոնկէ։

Ռոստոմ մէկանց չանդրադարձաւ այս կարճ նկարագրականին բանաստեղծական գեղեցկութեանը։ Ան՝ Անդրանիկի մէկ փոքրիկ բացատրութեանը պէտք ունեցաւ իմանալու համար թէ սէրը աչքերէն է որ կը ծնի, որ իր սիրածին իր ականջը մտնող խոստովանութեամբ եղած էր, որ իր աչքերէն ծնած սէրը մեռած էր։

Անդրանիկ իր ըսելիքը ըսած էր թօնով մը, որ դիմացինին թոյլ չի տար անդրադառնալու անոր այս կամ այն կէտին, մանաւանդ որոշումին։ Ռոստոմ՝ առանց ատոր ալ, իր խառնուածքովը՝ ոչ միայն տրամադիր չէր փոխել տալու Անդրանիկի որոշումը, այլեւ, ինչպէս գուշակած էր ինքը, իր մտածումներուն մարդն էր։

Այսուհանդերձ, համոզումէ՞ն թէ ոչ առ ի պատշաճութիւն, ան՝ Օրիորդ Ս. ի խոստովանութիւնը տարակոյսի ներքեւ առնող քանի մը խօսքեր ըրաւ, որուն վրայ, Անդրանիկ, քիչ մը տաքցած՝

Ինձ համար, անդրդուելիօրէն պարզ է Օրիորդ Ս. ի խօսքերուն իսկութիւնը։

Յետոյ, Ռոստոմի պահած լռութենէն գռգռուած՝

Կնկան խօսքերու իսկութի՜ւն   ըսաւ Անդրանիկ եւ այս կարճ մենախօսութեամբ կարծես, իր լռութիւնը խզելու հրաւիրեց Ռոստոմը։

Անդրանիկ՝ որպէս խորհրդատու իր դէմն ունէր, այս անգամ, բանաստեղծական զգացումներու փոխարէն փիլիսոփայող միտք մը։

Այո՛   ըսաւ վերջապէս Ռոստոմ   կինը Աստուծոյ պէս է, ով որ անոր իսկութիւնը հասկնալ ուզէ, հաւատքն ալ կը կորսնցնէ, սէրն ալ հետը։

Անդրանիկ գոհ մնա՞ց Ռոստոմի այս ընդհանրացնող դատաստանէն, յայտնի չըրաւ ան։ Ան՝ կլանուած՝ իր մասնաւոր պարագայովը, Ռոստոմին՝ բերնով կրկնեց, միտքով հարիւր անգամ կրկնածը՝

Ի՞նչպէս խզել կապը, որպէսզի Օրիորդ Ս. չտարակուսի՝ մէկ կողմէն իր սիրոյն անկեղծութեանը, միւս կողմէն իր կամքին եւ որոշումին հաստատութեանը եւ անյողդողդութեանը վրայ։

Կ՚ուզէք որ Օրիորդ Ս. նոր յայտարարութեամբ մը, ետ առնէ հինը   հարցուց Ռոստոմ։

Անդրանիկ նեղացաւ որ Ռոստոմ, խելացի մարդ՝ չէր թափանցած իր միտքին։

Ո՛չ, ընդհակառակն, ես կ՚ուզեմ որ Օրիորդ Ս. հասկնայ եւ համոզուի, թէ՝ ես անկեղծօրէն կը սիրէի զինքը, բայց, անոր այն խոստովանութեան վրայ՝ թէ ան զիս կը սիրէ որպէս իր իտէալին հերոսը, ես կտրականապէս կը խզեմ իմ սրտին կապը, մնալու համար անոր իտէալին հերոսը։

Ռոստոմ ունեցաւ ժպիտ մը, աւելի ճիշտը, ժպիտի մը կէսը, վասնզի, ըստ իր սովորութեանը, որ հազուադէպ է, այդ ժպիտը կը ծաղկէր միայն անոր աջ այտին վրայ։ Ան պահեց, սփինքսեան լռութիւն մը։ Այդ սփինքսին փոխարէն, Անդրանիկն էր, սակայն, որ իր նայուածքով կը լափէր Ռոստոմը։ Ան չխօսեց, մինչեւ որ Անդրանիկ, ճարահատ, բիւրեղացնելով չկրկնեց իր միտքը։

Ի՞նչպէս հասկցնել Օրիորդ Ս. ին իմ այս հաստատ եւ անդրդուելի որոշումը։

Ես դժբախտաբար չեմ ճանչնար Դ, ընտանիքը, այլապէս ես ինքս, ամենայն յօժարութեամբ, յանձն կ՚առնէի ձեր այդ որոշումը Օրիորդին յայտնելու պաշտօնը։

Դուք կը ճանչնա՞ք Պ, Գէորգ Աբուլեանը, հարցուց, յանկարծ, Անդրանիկ, գիւտ մը ըրած ըլլալու գոհունակ ժէսթով մը։

Ի՞նչպէս թէ ոչ։ Շատ լաւ։

Անիկա շատ մօտ բարեկամ մըն է Դ. ընտանիքին։ Դուք նեղութիւն կը կրէք ուրեմն, Պ. Աբուլեանի քով հրաւիրելու Օրիորդ Ս. իր եղբօր Պ. Օ. ի հետ եւ անոր յայտնելու իմ խօսքերը, զորս թուղթի մը վրայ պիտի գրեմ, որպէսզի ո՛չ բառ մկ պակսի անոնցմէ, ո՛չ ալ բառ մը աւելնայ անոնց վրայ։ Եւ, եթէ երբեք Օրիորդը բան մը ըսելու ելնէ, չլսելու զարնէք ու մեկնիք, անմիջապէս։

Ու, Ռոստոմի յայտնած յանձնառութեան վրայ, Անդրանիկ՝ աշխուժով մը, գրպանէն հանեց ծոցատետրը, ջղային շարժումով մը անկէ թերթ մը պատռեց, եւ վրան մատիտով գրեց։

«Անդրանիկ կ՚ըսէ թէ ես անկեղծ սիրով մը փափաքեցայ ամուսնանալ ձեզ հետ, բայց ձեր այն խոստովանութեան վրայ, թէ դուք զինքը կը սիրէք որպէս ձեր իտէալին հերոսը, ան՝ վերջնականապէս, կը խզէ իր սիրտին կապը, մնալու համար ձեր իտէալին հերոսը»։

Յաջորդ օրը, երբ Ռոստոմ Անդրանիկին եկաւ անոր յայտնելու համար թէ նոյնութեամբ գործադրած էր իր յանձնարարութիւնը, սպասեց որ Անդրանիկ՝ իրեն հարցնելու ելնէ թէ ի՞նչ եղած էր Օրիորդ Ս. ի վերաբերմունքը կամ պատասխանը։ Անդրանիկ հիասթափ ըրաւ Ռոստոմը։ Ան բաւականացաւ ըսելով,

Շատ շնորհակալ եմ։