ՈՒՐ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ
ԶՕՐԱՎԱՐ
ՉԷ
ԱՅԼԵՒՍ
Անդրանիկ՝
Աղեքսանդրաբօլ
հասնելուն՝
մեծ
բարեացակամութեամբ
կ՚ընդունուի
զօրավար
Նազարպէկովէն,
որ,
ո՛չ
միայն
անոր
թոյլ
կուտայ
ընտրանօք
զատել
իր
զինուորները,
այլեւ,
կը
յարգէ
անոր
նախասիրութիւնները՝
ձիերու
եւ
զէնքերու
ընտրանքին
մէջ։
Զօրավարը՝
բանակին
աջ
թեւին
պաշտպանութեան
կը
յատկացնէ
Անդրանիկի
նոր
զօրամասը
եւ
զայն
կը
ղրկէ
Օրթա
Քիլիսէ։
Թրքական
յառաջխաղացումի
մասին՝
հայ
ղեկավար
շրջաններու
մէջ
տիրապետող
տեսակէտն
այն
էր,
թէ՝
Պրէսթ
Լիթովսքի
դաշնագրին
հիման
վրայ
էր,
որ
տեղի
ունեցած
էր
այդ
յառաջխաղացումը,
եւ
թէ՝
հետեւաբար,
ան
կանգ
պիտի
առնէր
այդ
դաշնագրին
մէջ
գծուած
սահմանին,
Ախուրեան
(Արփա
Չայ)
գետին
եզերքը,
Աղեքսանդրաբօլէն
վեց
քիլօմէթր
հեռու։
Թուրքերը՝
Ապրիլ
16ին,
հասնելով
Ախուրեանի
եզերքը,
հաստատուեցան
Պրէսթ
Լիովսքի
գծած
սահմաններուն
վրայ
եւ
չառին
ո
եւ
է
քայլ,
որ
կրնար
խախտելու
ծառայել
հայ
շրջանակներու
այդ
միամիտ
տեսակէտը։
Արթուն
եւ
նախաձեռնութեան
ոգի
ունեցող
զօրավար
մը,
անձնական
նախաձեռնութեամբ՝
շատ
բան
պիտի
կրնար
ընել,
բայց
Նազարպէկովը
այդ
մարդը
չէր։
Քիչ
մը
հիւանդ,
բաւական
ծեր,
շատ
ընկճած,
ան՝
ականջը
քիչ
մը
շատ
դրած
էր
Թիֆլիսի
բոլիթիքօսներու
բերաններուն
վրայ։
Ան
կը
քնանար՝
Պրէսթ
Լիթովսքի
դաշնագրին
բարձերուն
վրայ,
երբ
ամիս
մը
վերջ,
Մայիս
16ի
առաւօտը,
դեռ
արշալոյս
չեղած,
թուրք
հրամանատարէն
հասած
գրութիւն
մը
կուգայ
արթնցնելու
զինք։
Գրութիւնը
թուրքերէն
լեզուո՞վ
էր,
թէ
ոչ
պարսկերէն,
հայկական
սպայակոյտը՝
ամբողջ
ժամ
մը,
այդ
պարագային
քննութեամբ
անցուցած
է։
Յետոյ,
հասկնալով
որ
պարսկերէնով
խառն
այնպիսի
թուրքերէն
մըն
է
եկածը,
որ
պարսկագէտ
մը
միայն
պիտի
կրնար
կարդալ
զայն,
ամբողջ
ժամ
մըն
ալ
անցուցած
է
փնտռելով
այդ
պարսկագէտը
որ,
իր
կարգին,
ամբողջ
ժամ
մը
գրած
է,
իմանալու
համար
որ
գրութիւնը
ուրիշ
բան
չէ,
եթէ
ոչ
վերջնագիր
մը,
որ
երեք
ժամ
պայմանաժամ
կուտար
Աղեքսանդրաբօլը
յանձնելու։
Երբ
ընթերցումը
կ՚աւարտի
վերջապէս,
Թուրքերը
գրաւած
կ՚ըլլան
արդէն
Թիֆլիս-Երեւան
երկաթուղագիծը։
Այդ
օրերուն,
Պաթում
գումարուած
հաշտութեան
խորհրդաժողովին
մէջ,
Թուրքերը
մատնած
էին
արդէն
թէ
Պրէսթ
Լիթովսքի
սահմանները
չէին
լրացներ
իրենց
երազները,
բայց,
խորհրդաժողովին
հայ
անդամները՝
կլանուած՝
Պրէսթ
Լիթովսքի
դաշնագիր
միւս
կողմերուն,
Գերմանիոյ,
Աւստրիոյ
եւ
Պուլկարիոյ
ներկայացուցիչներուն
քով
իրենց
դիմումներովը,
միւս
կողմէն,
կաշկանդուած
Վրացիներու
ստեղծած
դժուարութիւններովը,
հնարաւորութի՞ւն
թէ
ոչ
արթնամտութիւն
չէին
ունեցած
Նազարպէկովը
արթնութեան
հրաւիրելու,
որ,
սակայն,
առանց
ատոր
ալ,
կրնար
կարգ
մը
զգուշական
միջոցներ
ձեռք
առնել։
Անոր
համար,
անկարելիութիւն
մը
չէր
—
օրինակի
համար
—
Թեթեւցնել
Աղեքսանդրաբօլի
պահեստները,
որոնց
լեցունութիւնը՝
ինքնին,
խայծ
մը
կրնար
ըլլալ
Թուրքերու
յառաջխաղացումին
համար։
Այդ
պահեստներուն
մէջ
կը
գտնուէր,
ի
միջի
այլոց
—
այս
մէկը
յիշենք
—
աւելի
քան
100,
000
բութ
(16,
000,
000
քիլօ)
շաքար։
Թուրքերը
գինովցեր
էին
իրենց
յաջողութիւններով։
Գինով՝
անոնք
տնտեսեցին
նոյնիսկ
գերման
բանակին
ընդհանուր
հրամանատար
Հինտէնպուրկի
կողմէն,
վերջին
րոպէին,
հասած
խնդրանքը,
ի
մասին
Պրէսթ
Լիթովսքի
գծած
սահմաններէն
անդին
չանցնելուն։
Անոնք
յարձակեցան
Աղեքսանդրաբօլի
հայկական
բանակին
վրայ,
որ՝
կարճ
եւ
անօգուտ
դիմադրութենէ
մը
վերջ,
քաշուեցաւ
Քարաքիլիսէ,
որուն
առջեւ
անոր
ցոյց
տուած
հերոսական
դիմադրութիւնը
եղաւ,
որ
միացած՝
Սարտարապատի
առջեւ
Զօրավար
Սիլիկովի
տարած
փառաւոր
յաղթանակին,
ստիպեց
Թուրքերը՝
յարգել
Գերմանիոյ
եւ
Աւստրիոյ
միջամտութիւնը
եւ
բաւականանալ
Պաթումի
դաշնագրովը։
Հայկական
բանակին
Աղեքսանդրաբօլը
լքելէն
վերջ,
Անդրանիկի
զօրամասը
չէր
կրցած
այլեւս
իր
կապը
պահել,
ո՛չ
անոր,
ո՛չ
ալ
Զօր,
Սէլիկովի
բանակի
հետ։
Ան՝
հետեւաբար,
ուղղակի
մասնակցութիւն
չունեցաւ
այդ
երկու
ճակատագրական
կռիւներուն
մէջ,
բայց
ան՝
իր
շարժումներովը՝
Ճալալ
Օղլիէն
մինչեւ
Դիլիջան,
զբաղեցնելով
թաթարական
տեղական
ուժերը
եւ
պաշտպանելով
որոշ
շրջաններու
ազգաբնակչութիւնը՝
իր
անուղղակի
եւ
անուրանալի
նպաստը
բերած
եղաւ,
երկու
ճակատներուն
վրայ
ալ
ձեռք
բերուած
յաջողութիւններուն։
Դիլիջանի
մէջ,
որ
տասը
օրերէ
ի
վեր,
իր
զօրամասին
պաշտպանութեան
ներքեւ
կը
գտնուէր,
Անդրանիկ՝
Յունիս
7ին,
Թիֆլիսի
Հայոց
Ազգային
Խորհուրդէն
կը
ստանայ
Հայաստանի
անկախութիւնը
հռչակող
Պաթումի
դաշնագրին
պատճէնը,
որուն
գլխաւոր
գիծերուն
ան
ծանօթ
էր,
Կարսէն,
զօրավար
Կօրկանեանի
կողմէ,
օր
մը
առաջ,
հասած
մէկ
նամակէն։
Այդ
օրը,
մինչեւ
իրիկուն,
Անդրանիկ
զբաղումը
կ՚ըլլայ
կարդալ,
քարտուղարին
կարդալ
տալ
դաշնագրին
պատճէնը
եւ,
զինակից
մտերիմներէն
աս
ու
ան
քովը
կանչելով,
անոնց
հետ
խորհրդակցիլ։
Անդրանիկի
մէջ
ծագած
է
նորէն
«լինելու
—
չլինելու»
Համլէթեան
տարակոյսը։
Ջղային
մարդ՝
անոր
մէջ
արթնցած
է,
նորէն՝
իր
միտքին
ներկայացած,
իր
վճիռին
ենթարկուած
հարցին
այս
կամ
այն
կէտին
վրայ
երկարօրէն
կանգ
առնելու,
անոնց
վրայ
որոճալու
իր
հիւանդագին
հակումը։
Դաշնագրին
մէջ,
ան
կը
հանդիպի՝
այնպիսի
կէտերու,
որոնց
ըմբռնումը
կ՚ենթադրէր
լայն
եւ
մասնագիտական
ծանօթութիւն,
զոր՝
ոչ
միայն
չունէր
ինքը,
այլեւ
զուրկ
էր
հնարաւորութենէ՝
գտնելու
մէկը
որ
ի
վիճակի
ըլլար
լուսաբանելու
զանոնք։
Եւ,
այս
հանգամանքը
կը
ծառայէր
աստիճան
մը
եւս
ջղայնացնելու
Անդրանիկը։
Իսկ,
խորհրդակցութեան
հրաւիրած
իր
մտերիմներուն
անկատար
բացատրութիւնները
եւ,
անոնց
մէջ
իր
գտած
հակասութիւնները
ուղղակի
անձկութեան
կը
տանէին
անոր
ջղայնութիւնը։
Անդրանիկի
ճիշդը
կ՚ըլլայ՝
քով
քովի
բերել
որոյ
փաստերը
եւ
անոնց
վրայ
հիմնաւորել
իր
եզրակացութիւնը,
եզրակացութիւն՝
որ
զինք
դուրս
բերէր
իր
մատնուած
տարակոյսին
ծովէն,
բայց,
հազիւ
թէ
ան
կը
յաջողի
այդ
փաստերէն
մէկ
երկուքը
իրար
քով
բերել,
որ,
հակադարձի
մը
իրեն
բերած
կիրքին
կրակին
ներքեւ՝
անոնց
հալիլը
կը
տեսնայ
րոպէապէս։
Եւ,
այդ
հակադարձերը՝
անոր
կուգային
ալիքներու
այնպիսի՜
խուժումով
մը,
որ
չէին
կրնար
առանց
արձագանգի
մնալ
անոր
շրթունքներուն
վրայ.
—
Հայաստան՝
ուրեմն,
առանց
Աղեքսանդրաբօլի,
առանց
Կարսի,
առանց
Սուրմալուի,
առանց
Գարապաղի,
առանց
Զանգեզուրի,
առանց
Նախիջեւանի։
Եւ,
իւրաքանչիւր
անունը՝
իր
ուրոյն
«առանց»ովը՝
քարիւղի
նոր
թափ
մը
կ՚ըլլայ
Անդրանիկի
հոգին
լափլիզող
կրակին
վրայ։
Հիմայ,
անոր
միտք
չէ
որ
կը
գործէ,
այլ
երեւակայութիւնը։
Ժողովուրդի
մատնուած
սպառնալից
դրութիւնը
չէ,
ո՛չ
ալ,
այդ
դրութենէն
զայն
ազատուած
տեսնելու
հարկադրանքը,
որ
անոր
միտքը
կը
պաշարեն,
այլ
իրողութիւնը,
որ
ուժն
է
եղած՝
որ
հարկադրած
է
այդ
սպառնալից
գրութիւնը,
որ
ուժն
է
որ
չուանի
մը
պէս
կը
սեղմէ
ողջ
ժողովուրդի
մը
կոկորդը.
ուժ՝
որ
ինքն
ալ
ունի
եւ
իր
ունեցած
այդ
ուժը
ուրանալու,
անկէ
հրաժարելու
առաջարկն
է
որ
կը
բերէ
Ազգային
Խորհուրդի
նամակը։
Բայց,
չէ՞
որ
իրաւունքը
այդ
ուժերու
փոխյարաբերութեանն
է,
հզօրագոյնինը.
այս
մտածումին՝
որ
լուռ
կ՚անցնի,
անմիջապէս,
կը
յաջորդէ
բարձրաձայնը
—
1200
զինուո՜ր,
Թուրքին
գօնթրօլին
տակ։
Յետոյ,
ժպիտով
մը՝
որ
համակ
հեգնանք
է՝
—
13
քիլօմէ՜թր
երկաթուղի։
Ի՜նչ
վեհանձնութիւն։
Յիշողութեան
հարուած
մը,
եւ
ահա,
Անդրանիկ
գրպանէն
դուրս
կը
հանէ
դաշնագրին
պատճէնը
եւ
բարձրաձայն
կը
կարդայ
անոր
4րդ
յօդուածը.
—
Արգիլուած
է
զինուած
խումբերու
կազմակերպումը,
Հայաստանի
հողին
վրայ։
Յօդուածին
ենթադրած
մտածումը
լուռ
է,
բայց
կը
կարդացուի
անոր
բոցավառ
աչքերուն
մէջ։
Ինքը
պարտաւոր
է,
ուրեմն
ցրուել
իր
խումբը.
հպատակելով
Թուրքին,
որուն՝
ինքը
դէմը
ելած
էր,
երբ
200
հրացան,
ինքը,
որ
հիմայ
ունէր,
անկախ
Հայաստանի
չափ,
1200
զօրք
եւ
աւելի
հրացան.
ինքը,
որ
կռնակը
Դաշնակիցներն
ունէր
եւ
անոց
խոստումը։
Խոստումին
յարգը
գիտցողին
համար,
երեւակայութեան
որպիսի՜
աղբիւր։
Հասնելէ
վերջ,
սակայն,
երեւակայութեան
ոլորաները,
Անդրանիկ՝
անոնց
բարձրութիւններէն
յանկարծ
կը
գահավիժէր
իրականութեան
գիրկը,
իրականութիւնը
իր
աչքին
ցցող
մտածումներուն
գիրկը։
Չէ՞
որ
պատերազմին
ելքը
դեռ
շատ
անորոշ
էր
եւ
Դաշնակիցները
շատ
հեռու։
Չէ՞
որ
ժողովուրդը
պիտի
ապրէր,
մինչեւ
անոնց
յաղթութեան
օրը։
Այս
մտածումները
մինակ
չէին
մնար։
Անոնց
ետեւէն
կուգային
իր
նկարագրին
զուգադիպող՝
շարք
մը
ուրիշ
իրողութիւններ,
օրինակի
համար,
այն,
որ
իրեն
զինուոր
եւ
զօրք
տուողն
եղած
էր
իր
վերին
հրամանատարը,
որ
ենթակայ
էր
Ազգային
Խորհուրդին,
ինքզինքը
Հայաստանի
բարլամէնթ
հռչակած
մարմնոյն,
որ
ընդունած
էր
դաշնագիրը
եւ
ստորագրած
զայն։
Այսպէս,
այդ
օրը,
Անդրանիկ,
մինչեւ
իրիկնամուտը,
գերին
դարձաւ
իր
հոգին
փոթորկող
թեր
ու
դէմին։
Մեղմելու
համար
այդ
տարակոյսին
իրեն
բերած
չարչարանքը,
ան՝
իր
սովորական
միջոցներուն
դիմեց,
ծխեց,
չեղաւ,
խմեց,
չեղաւ։
Իրիկնամուտին
ան՝
անտառի
իր
սովորական
պտոյտի
փորձին
դիմե։
Բայց,
ինչ
որ
հանդիպեցաւ
անոր,
զինուոր
թէ
ճամբորդ,
կենդանի
թէ
թռչուն,
նոյնիսկ
այդ
օրուան
արեւն
ու
օդը,
անտառին
ծառն
ու
մարդը,
անոր
թեր
ու
դէմը
գռգռելու
միայն
ծառայեց։
Ահա
կին
մը,
նորահարս
մը,
որ,
ջուրի
սափորը
ուսին,
կը
քալէ՞,
ո՛չ,
ինքզինքը
քարշ
կուտայ։
Հազիւ
քսան
քայլ,
ան՝
գետին
կը
դնէ
սափորը,
կը
նստի,
կը
հեւայ։
Կմախք
մըն
է
ան՝
մահուան
չափ
տժգոյն։
—
Հիւա՞նդ
ես,
քոյրիկ,
կը
հարցնէ
Անդրանիկ։
Նորահարսը
ուժ
չունի
խօսելու,
գլուխի
շարժումով
մըն
է,
որ
ան
կուտայ
իր
«ո՛չ»
պատասխանը։
—
Հապա՞։
Կինը՝
ձեռքը
ստամքոսին
վրայ
կը
դնէ,
յետոյ
վեր
կը
վերցնէ,
եւ
անոր
ափին
խոռոչ
մը
կազմել
տալով
եւ
դէպ
ի
Անդրանիկ
երկարելով՝
—
Ճաբոնական
կուկուրուզ…
Մնացեալը,
որ
կնոջը
ուժերը
թոյլ
չէին
տուած
արտասանելու,
Անդրանիկ՝
զօրութեամբ
է
որ
կը
հասկնայ։
Կինը՝
այդ
օրը,
ափ
մը
ճաբոնական
կուկուրուզ
միայն
կերած
էր։
Անդրանիկ
չմատնելու
համար
արտասուքի
ցօղերը,
որոնք
իր
աչքերուն
մէջ
կը
խուժեն,
կը
հեռանայ
կնոջմէն,
բայց,
չի
մոռնար
թիկնապահին
հրամայելու,
որպէսզի
սափորը՝
մինչեւ
կնոջը
տունը
տանի,
յետոյ,
վերադառնայ
եւ
զօրամասին
մթերանոցէն,
պարկ
մը
ալիւր
փոխադրէ
այդ
միեւնոյն
տունը։
Պատկերը՝
եւ
ցօղը
որ
ան
քամած
էր
իր
աչքերէն,
նոր
ուղղութիւն
մը
տուին
Անդրանիկի
մտապաշարումին։
Ինչո՞ւ
չփնտռել
ճամբայ
մը
որ
չըլլայ,
ո՛չ
ապըստամբութիւն,
որ՝
այսպէս
թէ
այնպէս,
Հայաստանի
կառավարութեան
դէմ
եղած
պիտի
ըլլար,
ո՛չ
ալ
հպատակութիւն,
որ
Թուրքին
բիրտ
ուժին
առջեւ
ելած
պիտի
ըլլար։
Այս
փնտռտուքովը՝
Անդրանիկ
հասաւ
ծրագրին,
որ
Էրզրումի
անկումէն
վերջ,
պահ
մը
զբաղեցուցած
էր
զինք
—
թրքահայ
զօրաբաժինին
հետ
Պարսկաստանի
վրայով
Միջագետք
անցնիլ
եւ
միանալ
անգլիական
բանակին։
Բայց
անցնող
երեք
ամիսներու
հետ
որպիսի՜
պատեհութիւններ
անցած
են։
Թուրքը,
հիմայ,
իր
ճամբուն
վրայ,
ամենուրեք
է
ե՛ւ
Հայաստանի,
ե՛ւ
Նախիջեւանի,
ե՛ւ
Պարսկաստանի
մէջ։
Ու,
այս
դժուարութեանց
հեռապատկերները
կը
սկսին
մտմտուքի
մէկ
մէկ
նոր
աղբիւրներ
դառնալ
Անդրանիկի
համար։
Այդ
մտմտուքները
Անդրանիկի
քայլերը
ուղղեցին
դէպ
ի
Դիլիջանի
հովիտը,
որուն
նմանը,
տեղացիները
սովոր
են
ըսելու
—
եւ
ոչ
առանց
իրաւունքի
—
«աշխարհը
չէ
տեսեր»։
Տխուր
է,
սակայն,
Անդրանիկի
հոգին
եւ
անհաղորդ՝
բնութենէն,
այդ
հովիտին
մէջ
ինկած
զմայլելի
տեսարանին։
Մարդին
զմրուխտ
կանանչը՝
հիմայ,
անոր
աչքերուն՝
քիչ
մը
սեւ
կը
թուի,
զայն
կէտկիտող
վայրի
շուշանները
չափազանց
գորշ։
Անոր
հոգին՝
կարծես
ձանձրոյթ
կը
զգայ
ի
տես
հովիտին
թուփերուն
եւ
մացառներուն
ներքեւ
թագնուած
եւ
վերջալոյսի
ճառագայթներուն
ժպտող
եւ
անոնցմով՝
նոր
գոյն
նոր
փայլ
հագնող
երփներանգ
ծաղիկներուն։
Հապա՞
հովիտին
ամայի
լռութիւնը։
Որքա՜ն
գէշ
ընտրութիւն
ըրած
է
Անդրանիկ՝
անոր
ընկերակցելու
բերելով
իր
հոգիին
լուռ
ամայութիւնը։
Ձայն
մը,
աղմուկ
մը,
ճնճղուկի
մը
ճլվլոցը,
հովի
մը
սիւքն
անգամ,
ճրագ
մը
պիտի
ըլլար
այդ
ամայութեանը
սեւին
մէջ։
Չկար
սակայն,
այդ
ձայնը։
Անդրանիկ
տեսակ
մը
վախ
կը
զգայ։
Ան
կը
ճեպէ
իր
քայլերը
եւ,
աչքերուն
մէջ
ինկնող
վերջալոյսի
ճառագայթներուն
նեղացած՝
քայլերուն
զիկզակներովը,
կարծես
այդ
րոպէին,
երկինքէն
ինկած
քանի
մը
ծառերու
շուքերուն
ապաստաններովը՝
ան
դուրս
կը
խուժէ
հովիտէն։
Հովիտէն
անգամ
մը
դուրս,
արեւմուտքէն
իր
դէմը
ելնող
ընդարձակ
ձորէն՝
Անդրանիկ
կը
լսէ
անոր
մէջէն
անցնող
ջուրին
ձայնը։
Դէպ
ի
այդ
ձայնը
կ՚ուղղէ
ան
իր
քայլերը։
Ջուրին
ձայնին,
հետզհետէ
միանալու
կուգան
անոր
ուժովը
բանող
ջրաղացքներուն
եւ
սղոցարաններուն
մեքենաներու
աղմուկը,
եւ
կարծես
կը
թուլցնեն
քիչ
մը
անոր
հոգին
սեղմող
կապերը։
Անդրանիկ՝
որ,
պահ
մը,
վերջնական
համարած
էր
եւ
անանցանելի
իր
հոգին
պարուրող
սեւը,
անոր
վրայ
ծագող
նշոյլը
պինդ
կը
բռնէ
եւ,
արագ
քայլերով
կը
մօտենայ
այդ
աղմուկը
իրեն
զրկող
ջրաղացքներուն.
—
Պիճօ՜
—
կը
պոռայ
ան՝
յանկարծ,
հեռուէն,
ծառի
մը
կոճղին
վրայ
նստած
տեսնելով
զինուորի
հագուստ
հագած
տղայ
մը։
Պիճօն՝
փոխանունը
տարիքէն
առած
տասնեւչորս
տարու
վառվռուն
պատանի
մըն
է,
Անդրանիկի
զօրակոչին
վրայ՝
Սօխումէն
վազած
եկած,
որուն՝
Անդրանիկ
երեք
անգամ
վրայէն
հանած
էր
զինորի
գաբօթը
եւ
որուն,
սակայն,
Էրզրումի
ճակատը
մեկնելու
եռանդէն
յոգնած՝
չորրորդ
անգամուն
ըսած
էր
անոր՝
—
Տղաս,
այս
անգամ,
գաբօթը
քու
վրայէն
չպիտի
հանեմ,
քու
հոգիիդ
աւելին
թող
լեցնէ
քու
տարիքիդ
պակասը։
Պիճօն՝
ջրաղացքը
ղրկուած
Անդրանիկի
զօրամասին
ցորենին
հսկողութեան
պաշտօնովն
էր
որ՝
այդ
պահուն,
կը
գտնուէր
այդտեղ։
Ան
ձեռքէն
կը
ձգէ
անմիջապէս
կանանչ
ոստը,
որուն
վրայ
սուլիչ
մը
շինելու
զբաղած
էր
ան
եւ
զինուորական
բարեւ
կը
բռնէ։
—
Պիճօ՛,
ի՞նչ
կ՚ընես
այդտեղ։
—
Ցորենին
կը
հսկեմ,
փաշա՛։
—
Պիճօ՛,
հաշտութիւն
կայ
Թւրքերուն
հետ,
ի՞նչ
պիտի
ընես
երբ
զօրամասը
ցրուելու
ելնեմ։
Պիճօն՝
այն
աստիճան
կը
շշմի
Անդրանիկի
լուրէն,
որ
կը
մօռնայ
բարեւի
ձեռքը
վար
իջեցնել։
Անդրանիկի
յիշեցումը
եւ
հարցումին
կրկնութիւնը
խարազանի
հարուած
մը
կ՚ըլլան
մատաղատի
տղային
համար։
—
Պարսկաստան
պիտի
փախչիմ,
փաշա՛
—
կ՚ըսէ
ան
կտրուկ
թօնով
մը։
—
Բայց,
Թուրքը
ամէն
տեղ
է
Պարսկաստանի
ճամբուն
վրայ։
—
Օ՜
—
կ՚ըսէ
պատանին
—
լեռնային
ճանապարհներով
կը
փախչիմ։
Պիճօյի
այս
կտրուկ
եւ
շեշտակի
պատասխանը
յանկարծակի
թեթեւութիւն
մը
կը
բերէ
Անդրանիկի
հոգիին։
Պիճօն
այն
կ՚ըլլայ
Անդրանիկի
համար,
ինչ
որ
եղած
էր
շատ
հին
Պիճօ
մը՝
Դիոգինէսի
համար,
իր
օրինակովը
անոր
սորվեցնելով
ափովը
ջուր
խմելու
կարելիութիւնը։
Յաջորդ
օրը,
Անդրանիկ
իր
առաւօտեան
սուրճը
խմելու
վրայ
էր,
երբ
Աղսթաֆայի
ճամբով
հասնող
մասնաւոր
սուրհանդակ
մը,
հարիւրապետ
մը,
որուն
մինչեւ
Դիլիջան
ընկերացած
էր
թուրք
սպայ
մը,
Թիֆլիսի
Ազգային
Խորհուրդին
կողմէն
իրեն
ներկայանալով՝
յանձնեց
Խորհուրդին
նամակը,
որ
հիմնուած
հաշտութեան
դաշնագրին
4րդ
յօդուածին
վրայ
եւ
ի
հետեւումն
Վէհիպ
փաշայի
մասնաւոր
հրամանին,
որուն
պատճէնը
ներփակած
էր,
կը
հրաւիրէր
զօրավար
Անդրանիկը
անմիջապէս
ցրուել
իր
զօրամասը։
Վէհիպ
փաշայի
հրամա՜նը։
Այդ
հրամանը՝
մէկ
րոպէի
մէջ,
հին
հայդուկին
տալ
կուտայ
որոշումը,
զօր
խորհրդածութիւնը՝
մէկ
օրուան
մէջ
չէր
կրցած
տալ
նոր
Զօրավարին։
—
Ըսէ՛ք
Վէհիպ
փաշայի,
թէ
Անդրանիկ
իր
զօրքերը
չպիտի
ցրուէ։
—
Հապա՞
ինչ
պիտի
ընէք։
Անդրանիկ՝
սուրհանդակին
կուտայ,
իր՝
Պիճօյէն
առած
պատասխանը.
—
Պարսկաստան
պիտի
տանիմ
զանոնք
ինձ
հետ։
Բայց,
մի
օրեայ
խորհրդածութիւնը
առանց
դերի
չէր
մնացած
Անդրանիկի
որոշումին
գործադրութեանը
մէջ։
Երբ
քարտուղար
սպայ
Շիմշիրեանին՝
Անդրանիկ
տուն
կուտայ
իր
պատասխանը,
անոր
աչքերուն
առջեւ
կուգայ,
ափ
մը
ճաբոնական
կուկուրուզով
սնանող
Դիլիջանցի
նորահարսին
դալուկ
դէմքը։
Ան
կը
սկսի
հիմնաւորել
իր
մերժումը։
—
Իմ
զօրքերը
Թրքահայեր
են,
ես
ինքս
Թրքահայ։
Հաշտութիւնը
կնքողը
եղած
է
Ռուսահայ
Ազգային
Խորհուրդը։
Ես
ինքզինքս
պարտաւոր
չեմ
զգար
ենթարկուելու
անոր
ստորագրած
հաշտութեան
դաշնագրին։
Բայց,
որովհետեւ,
ես
իրաւունք
չունիմ
ապրելու
այս
երկրին
մէջ
եւ
անոր
համար
դժուարութիւններ
ստեղծելու,
դուրս
կ՚ելնեմ
անոր
սահմաններէն։
Զօրավար
Նազարպէկովին
ան՝
աւելի
խիստ
պատասխան
մը
կուտայ
հեռագրով,
եւ
անկէ
կը
խնդրէ
իրմէն
ստանալ
Դիլիջանը։
Յաջորդ
օրը,
սպայ
մը,
գնդապետ
Տիգրան
Պաղտասարեան
կուգայ
յանուն
Հայաստանի
կառավարութեան՝
ստանալու
Դիլիջանը։
Անդրանիկ՝
զօրամասը
հետը,
կը
բռնէ
Պարսկաստանի
ճամբան։
Յաջորդ
իրիկուն
ան
կը
հասնի
Էլէնովքա,
որ
Գեղամայ
(Սեւան)
լիճին
հիւսիսակողմը,
մեծ
գիւղ
մըն
է։
Գեղամայ
լի՜ճը։
Լիճը՝
որուն
անունը
մեր
պատմութեան
մէկ
սեփականութենէն
[1]
է
որ
մեզի
կուգայ
եւ
որուն,
սակայն,
գեղէն
եւ
տեսքէն
է
որ
Թուրքերը
եւ
Պարսիկները
առած
են
անոր՝
Կէօք
Տէնիզ
(երկնածով)
եւ
Շիրին
Տէրեա
(գեղածով)
անունները։
Անդրանիկ
անցեր
է
Գեղամայ
լիճէն,
տեսեր
է
զայն,
բայց
ոչ
յունիսի
մէջ,
անոր
ջուրին
կապոյտը
շրջանակող
բլուրները,
մանր
ու
անհամար,
հիմայ,
իրենց
կանանչ
պարեգօտներու
մէջ,
զիրար
գրկած,
կամ
իրարու
գիրկէն
նոր
ելած
յաւերժահարսերու
կը
նմանին,
լիճին
շուրջը
պար
բռնած։
Անդրանիկ՝
Դիլիջանի
հովիտին
Անդրանիկը
չէ
հիմայ,
ան
նետած
է
զարը
եւ
պիտի
խաղայ
խաղը։
Կանգ
առնել
կուտայ
Անդրանիկ՝
իր
զինուորներուն
այդ
կանանչ
բլուրներէն
մէկուն
ստորոտը,
զօրանցք
մը
կատարել
կուտայ
անոնց,
յետոյ,
իր
ճերմակ
ձիուն
վրայ
նստած՝
անոնց
կ՚ուղղուի,
—
Տղանե՛ր,
այստեղէն՝
ճամբաները
մեր
առաջ
կը
բաժնուին,
անոնցմէ
մէկը
կը
տանի
դէպ
ի
Երեւան,
միւսը
դէպ
ի
Նախիջեւան։
Դուք,
հիմայ
ազատ
էք
ընտրելու
անոնցմէ
մէկն
ու
մէկը։
Ես
թրքահայ
մըն
եմ
եւ
թրքահայութեան
ազատագրութեան
համար
քսանեւհինգ
տարի
է
որ
կը
կռուիմ։
Ռուսահայերու
կնքած
հաշտութիւնը
ես
ինձ
համար
պարտադիր
չեմ
համարեր
եւ
ահա
անոր
երկրամասէն
դուրս
կ՚ելնեմ,
երթալու
համար
մինչեւ
Միջագետք
եւ
անգլիական
բանակին
միանալով
շարունակելու
իմ
կռիւը։
Իմ
ճամբան
գծուած
է
ուրեմն,
բայց
ես՝
ինծի
հետեւողներուն
հանգստութիւն
չեմ
խոստանար,
ոչ
ալ
վարդէ
անկողին։
Իմ
ընտրածը՝
փուշի
եւ
արիւնի
ճամբան
է,
ձեզմէ
իւրաքանչիւրը՝
թող
իր
ազատ
կամքովը
ընտրէ
իրենը։
Սպայ
մը
միայն,
Շիմշիրեան,
շարքերէն
դուրս
կուգայ
եւ,
իր
ընտանեկան
պայմաններուն
արգելքին
բացատրութեամբը՝
իր
հրաժարականը
կը
յայտնէ,
մնացեալները
ուռռաներով
եւ
«Անդրանի՛կ,
մինչեւ
մեր
արեան
վերջին
կաթիլը,
քեզ
հետ
պիտի
ըլլանք»
աղաղակներով
իրենց
ճամբան
կ՚ընտրեն։
Յաջորդ
օրը
կիրակի
է։
Անդրանիկին
լուր
կը
բերեն
թէ
Կաթողիկոսէն
հասեր
է
կոնդակ
մը,
որ՝
պատարագէն
վերջ,
եկեղեցիին
մէջ
պիտի
կարդացուի։
Անդրանիկ
կը
փութայ
եկեղեցին,
Կոնդակին
մէջ՝
Էջմիածնի
Կաթողիկոսը՝
Հայաստանի
անկախութեան
աւետիսովը,
իր
հօտին
կը
յանձնարարէ
հանդիսաւոր
մաղթանքներ
ընել
Հայաստանի
նոր
հանրապետութեան
համար։
Հանդէսը
եւ
մաղթանքը
տեղի
կ՚ունենան
եւ
Անդրանիկ՝
ուրիշներու
կարգին,
կ՚երթայ
սեղմել
գիւղապետին
ձեռքը
ու
իր
շնորհաւորութիւնները
յայտնել։
Յետոյ,
երբ
գիւղին
պահեստապետը
իրեն
յայտնելու
կուգայ
թէ
իր
զինուորները
բռնագրաւելու
ելած
էին
գիւղին
գարիի
պահեստը,
Անդրանիկ
հրաման
կ՚ընէ
ձեռք
չդպցնել
գիւղի
պահեստին։
—
Զօրամասը
գարի
չունի
—
կ՚առարկէ
այս
անգամ
պահեստապետը։
—
Նախիջեւանի
խաները
եւ
պէկերը
շատ
գարի
ունին,
անոնցմէ
կ՚առնենք
—
կը
պատասխանէ
Անդրանիկ։
Դիլիջանցի
նորահարսին
պատկերն
է,
որ
րոպէապէս
անոր
աչքերուն
առջեւը
եկած՝
Անդրանիկին
տալ
տուած
էր
անոր
հրամանը։
Նոր
Պայազիտէն
Դարալակեազ
տանող
ճամբուն
վրայ,
բլուրի
մը
գագաթէն՝
Անդրանիկ
կը
նշմարէ
որ
իր
զօրամասին
հետքերուն
վրայ,
բազմութիւն
մը
կը
յառաջանայ
հեռուէն։
Դիտակը
աչքին,
ան
կը
ստուգէ
որ
բազմութիւնը
զինուած
է
եւ
կը
կրէ
զօրախումբի
մը
բոլոր
նշանները։
Ան
հնչել
կուտայ,
անմիջապէս,
վտանգի
փողը
եւ
զօրքերուն
բռնել
տալով
բլուրներուն
գագաթները,
դիտակը
ձեռքը
կը
սպասէ։
Շատ
չանցած
ան
կը
ստուգէ
որ
հայկական
գումարտակներ
են
եկողները,
որոնք
հետզհետէ
յայտնի
կ՚ընեն
որ
ուրիշ
բան
չեն,
եթէ
ոչ
Դիլիջան
եկող
Վանի
զօրամասին
պատկանող
խումբեր,
զորս
Անդրանիկի
հմայքը
իր
ետեւէն
քաշեր
է։
Անոնց
այս
ինքնաբուխ
ժէսթը
մեծ
ուրախութիւն
կը
պատճառէ
Անդրանիկին
եւ
ահագին
խանդավառութիւն
իր
հետեւորդներուն
մէջ,
որոնք
ուռռաներով
կ՚ողջունեն
իրենց
ճամբուն
հետեւողներուն
ժամանումը։
Հրա՞շք։
Ո՛չ։
Պատերազմներու
պատմութեան
մէջ,
մեծ
զօրապետներու
եւ
աշխարհակալներու
առաջին
յաջողութիւնները
իրենցն
են
անշուշտ,
իրենց
հանճարին
եւ
բաղդին,
վերջիններուն
մէջ,
սակայն,
իենց
ներշնչած
հմայքն
է
որ
կը
հանդիսանայ,
որպէս
գլխաւոր
գործոն։
Անդրանիկին
ինքնաբերաբար
հետեւողներէն
շատերը
Նազարպէկովին
երես
դարձուցած
դասալիքներ
էին։
Ինչո՞ւ։
Դասալիքներն
իսկ,
եթէ
չունին
—
եւ
դիւրի՞ն
է
ունենալ
—
իրենց
հոգին
թարգմանող
լեզու,
չպիտի
կրնային
տալ
այս
«ինչու»ին
պատասխանը։
Այդ
«ինչու»ն
իր
ընդհանուր
առումին
մէջ,
օր
մը,
բանաստեղծօրէն
թարգմանելու
ելած
է
Ամենայն
Հայոց
[2]
բանաստեղծը
Յովհաննէս
Թումանեանը՝
—
Կամ
Նազարպէկովը
Անդրանիկ
ըլլալու
էր
եւ
կամ
Անդրանիկը՝
Նազարպէկով,
այս
դժբաղդութիւնը
(րթքական
արշաւանքը)
Հայերու
գլխին
չէր
գար։
Այսպէս,
Անդրանիկ՝
Նոր-Պայազիտ-Դարալակեազ
եւ
Նախիջեւան-Ջուլֆա
լեռնային
եւ
դժուարին
ճանապարհով,
յունիս
վերջերը
հասաւ
Ջուլֆա։
Այս
օրերուն,
Սալմաստ
կը
գտնուէին
Վանէն
նահանջող
կամաւորական
խումբերը՝
քաղաքացի
ազգաբնակչութեանը
հետ
խառն՝
թիւով
աւելի
քան
20,
000
հոգի։
Ասոնց
նպատակն
էր
ճեղքել
Խոյի
քով
բանակող
Ալի
Իհսան
փաշայի
թրքական
ուժերը
եւ
անցնիլ
Կովկաս,
մինչ
Անդրանիկ՝
իր
կարգին,
Միջագետք
անցնելու
համար
էր,
որ
այդ
նոյն
ուժերը
ճեղքելու
հարկադրանքին
ներքեւ
կը
գտնուէր։
Այսպէս,
Ալի
Իհսան
փաշայի
զօրաբաժինը՝
կը
պարտաւորուի
դէմ
դնել
աջէն,
Վանէն
նահանջող
հայկական
ուժերուն,
ձախէն
Անդրանիկի
զօրամասին,
որոնք
կը
գործէին
իրարու
գոյութենէն
եւ
ծրագիրներէն
բոլորովին
անտեղեակ։
Ալի
Իհսան
փաշան՝
իր
ուժերը
կը
կեդրոնացնէ
նախ
Վանի
ուժերու
դէմ,
որոնք՝
կռուելով
կը
քաշուին
դէպ
ի
Ուրմի։
Թուրք
հրամանատարը՝
վերջէն,
Անդրանիկ
Ջուլֆա
ժամանումին
վրայ՝
կը
հարկադրուի
թուլցնել
իր
հետապնդումը,
ինչ
որ
հնարաւորութիւն
կուտայ
հայ
եւ
ասորի
ուժերուն
եւ
քաղաքացի
ազգաբնակչութեանը,
թիւով
աւելի
քան
60,
000,
ուղղուիլ
դէպ
ի
Համատան
եւ
անկէ
դէպ
ի
Միջագետքը։
Դառնալով
ուրեմն,
դէպ
ի
ձախը՝
Ալի
Իհսան
փաշան
Անդրանիկի
դէմ
կը
մղէ
Խոյի
ճակատամարտը,
որուն
մէջ՝
Անդրանիկ
կ՚ունենայ
նախնական
յաջողութիւններ,
ան՝
կը
գրաւէ
նոյնիսկ
Խոյ
քաղաքը
եւ
կը
յառաջանայ
մինչեւ
Ս.
Վարդանի
բարձունքները,
սակայն,
ի
վերջոյ,
կը
պարտաւորուի
ետ
դառնալ
եւ
քաշուիլ
Ջուլֆա։
Այնտեղէն,
Միջագետք
անցնելու
անհնարաւորութեան
առջեւ,
Անդրանիկ
կ՚անցնի
Նախիջեւան,
ուրկէ՝
թուրք
հրոսախումբերու
եւ
տեղական
ուժերու
դէմ
կռիւներով՝
կը
հասնի
Զանգեզուր
եւ
հոն
կը
տեղաւորուի։
Ալի
Իհսան
փաշայի
արգելքը
իսկական
օրհնութիւն
մը
եղաւ
ոչ
միայն
Զանգեզուրի,
Ղափանի,
Սիսեանի
60,
000
հասնող
հայ
ազգաբնակչութեան
համար,
որոնք
առանց
Անդրանիկի՝
շրջակայ
թուրք
հրոսակներու
սպառնալիքով
բնաջնջումի
վտանգին
ներքեւ
կը
գտնուէին,
այլեւ
շրջակայ
Նախիջեւանի
եւ
Գարապաղի
Հայերուն
համար,
որոնք
Անդրանիկի
մօտաւորութիւնը
տեսակ
մը
հովանաւորութիւն
կը
համարէին
իրենց
համար։
Անդրանիկ
այն
եղաւ
այս
Թուրքերուն
համար,
ինչ
որ՝
ատենին,
Աննիբալ
եղած
էր
Հռովմայեցիներուն
համար,
անոնց
սարսափը,
«Անդրանիկ
մեր
դուռն
է»
սարսափովը
կ՚ապրէին,
այդ
օրերուն,
ոչ
միայն
այդ
շրջաններուն
զինուած
Թուրքերը՝
այլեւ
անոնց
կիները
եւ
երեխաները,
այն
աստիճան
որ
հայ
հերոսին
քաջութեան
եւ
անպարտելիութեան
համբաւը՝
տեղ
եւ
արմատ
բռնած
էր
անոնց
մէջ։
Ալի
Իհսան
փաշայի
արգելքը՝
փոքրիկ
օրհնութիւն
մը
եղաւ
նաեւ
Դաշնակիցներուն,
որովհետեւ
Զանգեզուրի
մէջ
ամրացած՝
Անդրանիկ
թոյլ
չտուաւ
Թուրքերուն
անցնիլ
Ղարապաղը,
որ
Պաքու
տանող
ճանապարհներուն
ամենէն
կարճն
էր։
Դարձեալ,
Անդրանիկի
սպառնալիքն
եղաւ,
որ
թոյլ
չտուաւ
Թուրքերուն
Ղարաքիլիսայի
ուղղութեամբ,
Դիլիջանի
եւ
Ղազախի
վրայով
մեծ
ուժ
մը
ղրկելու
Պաքու։
Իսկ,
քաղաքականօրէն,
Անդրանիկի՝
Զանգեզուրի
մէջ
պարզած
ըմբոստութեան
դրօշակին
իմաստն
այն
եղաւ,
թէ՝
Պաթումի
դաշնագիրը
լուծած
չէր
ո՛չ
հայկական
հարցը,
ո՛չ
ալ
Կովկասի
սահմանաբաժանումին
կնճիռը։
Իր
զինուորական
գործունէութեան
զուգընթաց,
Անդրանիկ՝
Զանգեզուրի
մէջ։
միջոց
եւ
ժամանակ
ունեցաւ
նաեւ
ստանձնելու
իր
տիրապետած
շրջանին
հայութեան
խնամատարական
հոգածութիւնը։
Ու
երբ,
Դաշնակիցներու
եւ
Զինակիցներու
միջեւ
կնքուած
զինադադարին
վրայ,
919ի
գարնան,
Անդրանիկ՝
իր
դերը
վերջացած
համարելով՝
դէպ
ի
Երեւան
ճամբայ
ելաւ,
այդ
օրը
ճշմարիտ
սուգի
մը
օրը
եղաւ
Զանգեզուրի
եւ
շրջակայից
հայութեան
համար։
[1]
Գեղամ
Նահապետ
(որդի
Ամասիա
Նահապետի)
գնացեալ
զմիւս
կողմամբն
արեւելեան
հիւսիսոյ,
յեզր
ծովակի
միոյ,
շինէ
զեզր
ծովակին,
եւ
թողու
անդ
բնակիչս
եւ
յիւր
անուն
եւ
սա
զլեառն
անուանէ
գեղ
եւ
զշէնս
Գեղարքունի
(գիւղ-արքունի՞)
որով
կոչի
եւ
ծովն
(Խորենացի)։
[2]
Ամենայն
Հայոց
բանաստեղծ
տիտղոսը՝
ինքը,
Թումանեանն
է
որ
իրեն
տուած
է։
Օր
մը,
թրքահայ
գաղթականները՝
վեհարանի
նոր
շէնքին
մէջ
տեղաւորելու
առաջարկին
առիթով,
բանավէճ
մը
կը
ծագի
Թումանեանի
եւ
Գէորգ
Կաթողիկոսին
սիջեւ։
Այս
վերջինը
կը
մերժէ
առաջարկը
եւ
Թումանեանի
պնդումներուն
վրայ
նեղացած՝
բացագանչելու
կ՚ելլէ
«վերջապէս
ես
ամենայն
Հայոց
կաթողիկոսն
են»,
որուն
վրայ
Թումանեան
բորբոքած
«վերջապէս
ես
էլ
ամենայն
Հայոց
բանաստեղծն
եմ»
կը
գոչէ։