Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԷՋ ՄԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԿԵԱՆՔԷՆ

Հերոսը ինքը տարօրինակութիւն մըն է։ Հերոսին  կեանքը՝ շարան մըն է արկածներու եւ տարօրինակութիւններու նմոյշներու, պայմանաւ  որ անոնք զուրկ չըլլան առաքինութեան դրոշմէ։ Այդ նմոյշներն են, որոնք՝ հին օրերու մէջ  աստուածացուցած են քաջ եւ կտրիճ մարդիկ։ Ի՞նչ ունեցած է Հէրքիւլ, իր՝ մեծագոյն հերոս կոչումին համար, ի՞նչ Աքիլլէս՝ իր   հերոսներուն հերոս մակդիրին համար, եթէ ոչ տարօրինակ արկածներ, որոնց արգանդը, սակայն, եղած են քաջութիւն, յանդգնութիւն եւ անվեհերութիւն։

Անդրանիկ Դիլիջանէն մեկնած էր, խռոված իր նախկին ընկերներէն, որոնք՝ այն ճակատագրական րոպէին որ ազգերու պատմութեանը մէջ այնքան հազուադէպ է, իրենց մօլեռանդութեամբը, իրենց աջովը եւ ձախովը, մէկ մէկ խութեր եղած էին Հայու փրկութեան նաւուն համար։ Ան մեկներ է խռոված՝ Հայաստանի կառավարութենէն, որ՝ իր անկարողութենէն բռնադատեալ ստորագրած Պաթումի դաշնագիրէն է, որ առած է իր ծնունդը։

Անդրանիկ անգիտակ չէր, որ իր ըմբոստութեան ելոյթը՝ դերին հետ, որ այնուհետեւ անոր վիճակեցաւ, լուսաւոր միակ կէտն էր դրութիւնը բնորոշող սեւին վրայ։ Ան կը սպասէր, որ Դաշնակիցներու յաղթութենէն վերջ եւ անոր՝ Հայերու համար բերած հեռանկարներուն  առջեւ   նկարներ՝ որոնք քանի գացին այնքան հեռացան   Հայաստանի կառավարութիւնը, աւելի ճիշտը   իր հին ընկերները՝ մոռացութեան վիհը ձգէին իրենց հին վէճերը, յիշէին զինք եւ արժէք մը տային, որքան իր հին գործունէութեան, նոյնքան եւ առաւելապէս իր՝ ի նորոյ կատարած դերին։ Ընկերները զլացան այդ բանը, զլացան, ոչ այնքան անոր համար՝ որ խոր էին իրենց վէճերը, այլ, որովհետեւ   Անդրանիկ ասոր ալ անգիտակ չէր   գնահատու թիւնը Անդրանիկի  դերին, քիչ մը փոխելու պիտի ծառայէր դիմագիծը զոր անոնք տալ կ՚ուզէին վերջին անցքերուն։ Ոչ   ընկերները, կառավարութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերող ժողովրդական կուսակցութեան ներկայացուցիչները կրնային դեր մը կատարել բայց, անոնք ալ, դժբաղդաբար, նախաձեռնութի՞ւն թէ ոչ ժամանակ   վասնզի ժամանակնուն մեծ  մասը անոնք սովոր էին Թիֆլիսին իրենց տուներուն մեջ անցնելու   չունեցան նախաձեռնու միջամտութեան մը։ Խատիսեանի մէկ երկու ուշացա՞ծ թէ ոչ անհամապատասխան փորձերը ապարդիւն անցան։ Այս ալ ըսենք որ Անդրանիկի բնաւորութեան կարգ մը գիծեր   անհաշտութիւն, յամառութիւն   նախաձեռնութեան մասին մտածողները յուսահատեցնող բան մը ունէին իրենց մէջ։ Ի մի բան, ամբողջութիւնը՝ երեւան եկած վերաբերմունքին, այն իմաստը ունեցաւ թէ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ եթէ ոչ կ՚ուրանար, գէթ անտեսել  կ՚ուզէր Անդրանիկի կատարած դերը։

Անդրանիկ՝ կռուի, պայքարի մարդ՝ իր դերն իրաւունքը, այսպէս թէ այնպէս, տեսնել չուզող կառավարութեան աչքին՝ աչք դրաւ դէմ, ատամին՝ ատամ։ Եւ, փոխանակ Երեաւանի, Էջմիածին գնաց, Կաթողիկոսին եւ կամ, դաշնակցական լրագրողներու իւմօրովը՝ Գէորգ Զօրավարին յանձնելու իր զէնքերը։

Բանաւո՞ր էր, իրաւացի՞, Անդրանիկի այս ելոյթը։

Բայց, կարելի՞ է միթէ բանավարութիւն փնտռել հերոսներուն քով, որոնց մօտ՝ դատողութիւնը միշտ գերին եղած է երեւակայութեան։ Կողմերու մէջ դատողութեան օրկանին   Հայաստանի կառավարութեան  կ՚իյնար, մասնաւորապէս անոր մէջ գտնուող չափաւոր տարրերուն, ըմբռնել Անդրանիկի ելոյթին իմաստը, եզրակացութիւններ հանել անկէ եւ ի գին ամէն  զոհողութիւններու, կամուրջ մը ձգել իր եւ Անդրանիկի միջեւ։ Գէորգ «Զօրավարն» ալ կրնար այդ ուղղութեամբ դեր մը կատարել. բայց այդ քայլն առնող մը չգտնուեցաւ, եւ այդ զանցառութիւնը տեղի տուաւ ահաւոր միջադէպի մը։

Անդրանիկ՝ Էջմիածին հասնելով ինքզինքը տուած էր զինուորական ծառայութեան վկայականներ տալով իր զինուորներուն, զանոնք արձակելու զբաղումին։ Այդ օրերուն, իր զինուորներէն մէկը՝  Զանգույի կամուրջէն անցած ատեն, կը ձերբակալուի մավզէրիսթ ոստիկանի մը կողմէ։

Այս դէպքը կը պատահէր այն օրերուն, որոնց՝ կարելի է, մավզէրիսթներու շրջանը անունը տալ, մավզէրիսթներ կը վխտային մավզէր կրողներուն մէջ եւ կառավարութիւնը ինքն ալ չգիտէր թէ՝ մավզէր կրող ոստիկաններուն  մէջ, ո՞րն էր պաշտօնեան, ո՞րը մավզէրիսթը։

Մավզէրիսթ-ոստիկանը ուրեմն կը ձերբակալէ Անդրանիկի զինուորը, յետոյ, ատրճանակ  փնտռելու պատրուակին ներքեւ, խուզարկութիւն մը կը կատարէ անոր վրան եւ կը թռցնէ անոր  դրամապանակը։ Զինւորին փրցուցած աղմուկին վրայ՝ անոր օգնութեան կը հասնին իր քանի մը զինակիցները եւ օձիքէն կը բռնեն  ոստիկանին։ Վրայ կը հասնի սպայ մը, որ կողմերը լսելէն վերջ։ կ՚անարգէ Անդրանիկի զինուորները եւ անոնց բողոքին վրայ ատրճանակ կը քաշէ անոնց վրայ։ Անդրանիկի զինուորները՝ որոնց խումբը երթալով ստուարացած է, քարերով, փայտերով սպային վրան կը յարձակին եւ կռիւ մըն է որ կը սկսի, հետզհետէ այն աստիճան ծաւալելով՝ զոր զսպելու համար, հարկ կ՚ըլլայ զինուորական ուժի միջամտութեան։

Դրօն՝ վաշտ մը զինուոր հետը առած, դէպքին վայրը կը փութայ, եւ տեսնելով որ քարերը իր զինուորներուն վրայ ալ կը սկսին տեղալ, համազարկի հրամանը կ՚ընէ, որմէ՝ վիրաւորներ եւ սպաննուածներ։ Քանի՞ վիրաւոր, քանի՞ սպաննուած, կարելի չըլլար ճշդել։ Գիշերայն, Անդրանիկին կը հասնի ոչ միայն թիւերուն, այլեւ պատճառին չափազանցուածը։

Լուրը Անդրանիկի մէջ դիզուած վառօդին համար կայծ մը կ՚ըլլայ։ Հանդարտ եւ պաղարիւն մէկը պիտի սպասէր, անշուշտ, մինչեւ առաւօտը, եւ իր առաջին գործը պիտի ընէր լուսաբանել պատճառը եւ ճշդել զոհերուն թիւը։ Անդրանիկ, գերագռգիռ , դիւրայոյզ, ո՛չ մէկը կ՚ընէ եւ ո՛չ միւսը. կը հագնուի ան անմիջապէս Էջմիածին գտնուող պետական զինուոր թէ՝ ոստիկան, թիւով աւելի քան 500 հոգի, զինաթափ կ՚ընէ, սպաները իր սենեակը տանելով հոն կը բանտարկէ, թէլէֆօնի եւ հեռագրական գործիքները վերցնել կուտայ, եւ կարգը պահպանելու համար, հարիւր զինուոր ձգելով գիւղը, մնացեալ ուժերովը՝ հետեւակ, ձիաւոր, թնդանօթաձիգ, յարձակելու կ՚երթայ Երեւանի վրայ։

Կաթողիկոսը՝ Անդրանիկի ետեւէն կը հասցնէ դիւանապետը, Տիրայր եպիսկոպոսը՝ որուն աղաչանքներուն վրայ՝ Անդրանիկ Զանգույի կամուրջին գլուխը կանգ կ՚առնէ եւ ժամ մը միջոց կուտայ, իր զինուորներէն՝ սպաննուածներուն դիակները, վիրաւորները եւ բանտարկեալները իրեն յանձնելու համար։

Տիրայր եպիսկոպոս՝ Երեւան հասնելով ահազանգը կը հնչեցնէ, իրար անցնելով ո՛չ միայն պետական, այլեւ օտար զինուորական շրջանակները։ Պայմանաժամը լրանալուն, Դաշնակիցներու՝ մասնաւորապէս Անգղիական զինուորական միսիօնին միջամտութեան վրայ, Անդրանիկին կը յանձնուին մէկ երկու վիրաւորներ, քանի մը բանտարկեալներ, իսկ սպաննուած, որ կը թուի թէ չափազանցութիւններէն մէկը եղած է, բնաւ։ Մինչ այդ, կը հասնի անգլիական զինուորական միսիօնին շէֆը՝ Զօր, Տէվի, եւ սպաննուածները գտնել եւ յանցաւորները պատժել տալու հաւաստիքներով կը հանդարտեցնէ Անդրանիկը եւ ետ ղրկելով զայն առաջքը կ՚առնէ եղբայրասպան կռիւի մը, որ, այդ բաղդորոշ օրերուն, երբ Դաշնակիցները՝ Կովկասի սահմաններուն հետ Հայերու անկախութեան բաղդը կ՚որոշէին, քիչ մըն ալ ինքնասպանութիւն պիտի համարուէր։

Նոյն ամրան, ես՝ ուղեւորութեան մը առիթով դէպ ի Երեւան, այցելեցի Գէորգ Կաթողիկոսին։ Անդրանիկի այս տարօրինակ ելոյթը՝ մէկը եղաւ մեր միջեւ անցնող խօսակցութեան նիւթերուն։ Առանց մոռնալու իր քննադատութիւնները կառավարութեան հասցէին, Կաթողիկոսը Անդրանիկի այդ օրերու գերագռգիռ վիճակին վերագրեց, անոր այդ յախուռն եւ տարօրինակ ելոյթը։

Էջմիածին հասնելուն   պատմեց Նորին Սրբութիւնը   որպէս թէ իր ջղայնութիւնը չբաւէր իրեն, Պուլանըղցի, Խնուսցի, Ալաշկերտցի գաղթականները, անոր դուռը սկսան ափ առնելով ջղայնացնել զինք։ Գաղթականներու ծայր աստիճան խեղճութիւնը եւ իր բան մը չկարենալ ընելու գիտակցութիւնը իր ծայրագոյն աստիճանին հասուցին Անդրանիկի մատնուած ջղայնութիւնը։

Որպէս փաստ՝ Անդրանիկի ջղային այդ վիճակին, Նորին Սրբութիւնը, ուրիշ դրուագի մը պատմութեանն ա՛լ պէտք տեսաւ։

Այս դէպքէն երկու օր առաջ   պատմեց Վեհափառը   ինծի այցելութեան եկած էր Զօրավար Տէվի։ Նոյն պահուն, իմ քովը կը գտնուէր Անդրանիկ։ Խօսակցութիւնը կը դառնար Գարապաղի եւ Նախիջեւանի  սահմաններուն շուրջը, երբ Անդրանիկ՝ յանկարծ, Թրքահայաստանի սահմաններուն խօսքը մէջտեղ բերաւ եւ գանգատ յայտնեց, որ Դաշնակիցները՝ Մունտրոսի զինադադարի պայմաններուն մէջ, մոռցած էին Հայաստանը։ Ու, երբ Զօր. Տէվի «Դաշնակիցներուն զօրք պէտք էր այդքան տեղեր գրաւելու համար» առարկութիւնն ըրաւ, Անդրանիկ գռգռուած, «դուք՝ Միջագետք, Պաղեստին, Սուրիա, Պոլիս, Կիլիկիա գրաւելու զօրք ունէիք, զանոնք գրաւեցիք, աւարի առիք, իսկ մեզի գիտէ՞ք ինչ տուիք... »։ Ու խօսքն ընդհատելով՝ ան, ոտքի ելաւ յանկարծ եւ քայլերը ուղղելով դէպ ի զօրավարը, անոր թեւէն բռնեց եւ, ետեւէն դէպ ի պատուհանը քաշելով՝ «Դուք մեզի ասոնք տուիք», ըսելով՝ անոր ցոյց տուաւ Վեհարանի շէնքին հանդիպակաց պատին ներքեւ նստած մեռելատիպ եւ կիսամերկ գաղթականներ, այր, կին, երեխայ։

Այս պատմութիւնը ըրած պահուն, Կաթողիկոսի դիմագիծերը կը մատնէին թէ ինքը բնաւ գոհ չէր մնացած Անդրանիկի կողմէն իր հիւրին հանդէպ ցոյց տուած այս վերաբերմունքէն, արտայայտութիւն՝ զոր այն չուշացաւ խօսքով լրացնելու։

Հիմքին մէջ իրաւացի, բայց ձեւին մէջ բոլորովին անպատշաճ այս ժէսթին համար   շարունակեց Վեհափառը   ես՝ շիտակը, ամօթահար մնացի։

Բարեբաղդաբար   երեք տարի վերջ, Լորտ Քըրզըն՝ Լոզանի մէջ, սրբեց այդ ամօթը։