Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Անգամ մը հեռու Լոյս Քաղաքին մութ խաւերէն, ազատ անոր թոհ ու բոհէն, Անդրանիկ՝ Մանչէսթըրի խաղաղ մթնոլորտին մէջ սկսաւ փնտռել իր յիշողութիւնները, իր քէնը Հայաստանի կառավարութեան դէմ, այո՛, բայց նաեւ իր սօրը հանդէպ հայ ժողովուրդին՝ որ այդ կառավարութեան  հոգնածութեան ներքեւ կ՚ապրէր, նաեւ, իր գուրգուրանքը՝ հանդէպ հայ բանակին, որ այդ կառավարութեան յենարանն էր։ Այդ սիրոյ եւ գուրգուրանքի յիշողութիւնները իրենց  ետեւէն բերին ուրիշ յիշողութիւններ, ժողովուրդին ըլլայ թէ բանակին կիսամերկ վիճակին յիշողութիւնը որ՝ կերպասի եւ կերպասի հայ վաճառականներու այդ դասական միջավայրին մէջ, թանձրացաւ եւ մարմին առաւ։ Այո՛ այդ սէրը եւ գուրգուրանքը դարձաւ հաշտութեան միջնորդ մը Անդրանիկի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ։ Անդրանիկ իր ժողովուրդին սիրուն, իր սիրած զինուորին համար, օգնելու ելաւ իր քէն ըրած կառավարութեանը, այս անգամ ոչ իբրեւ զէնքի, այլ սիրոյ, գութի, անյիշաչարութեան հերոս։

Հազիւ հանգիստի շունչ մը առած Մանչէսթըրի մէջ, Անդրանիկ իր ներշնչած հմայքին, իր վայելած համբաւին եւ հեղինակութեան հետ՝ իր նախաձեռնութիւնը ի սպաս դրաւ անգլիահայ գաղութին մէջ, յօգուտ Հայաստանի ժողովուրդին եւ բանակին զգեստցուի մեծ հանգանակութեան մը (Clothing Fund) որուն արդիւնքը 60, 700 ոսկիի վրայ   եւ այդ արդիւնքին թելադրութեան վրայ   անգլիական կառավարութիւնը աւելցուց 51, 000 ոսկի։ Արդիւնք մը որ առիթ պիտի տար երեւան բերելու, այս անգամ, ուրիշ տեսակի հերոսութիւն մը, անշահախնդրութեան հերոսութիւնը։

Իսկական հերոսը՝ որ կողմ որ դարձնէք, հերոս է միշտ։

Հանգանակիչ յանձնաժողովը՝ այսպէս գոյացած 111, 700 ոսկիէն 10, 000 ոսկին, շէնքով մը, իր նախագահ Անդրանիկին կը յանձնէ, խնդրելով անկէ որպէսզի այդ գումարը գործածէ այնպէս՝ ինչպէս որ հաճոյ կը թուի իրեն, իր եւ իր զէնքի ընկերներու պէտքերուն։ Անդրանիկ կ՚ընդունի նուէրը, բայց երկու օր վերջ, զայն Յանձնաժողովին ետ կը վերադարձնէ, ըսելով թէ «չի կրնար այդ գումարը գործածել այնպէս, որ բեռ մը չբերէ իր խիղճին վրայ։ Հայաստանի կիսամերկերուն ղրկեցէք, լաւագոյն գործը անոնց թշուառութեան ամոքումն է»։

Այս իրողութիւնը, առանձին, գուցէ շատ մեծ բան մը չըսէ զայն իմացողներու հոգիներուն, գրէ՛ք զայն, սակայն, ուրիշ իրողութիւններու քով եւ պիտի տեսնաք անոր մեծութիւնը, անոր մեծավայելչութիւնը։ Դրէ՛ք զայն, օրինակի համար, իրողութեանը քով, որ Կարապետ Մելքոնեանի թիւ 1 կտակակատար Արքեպիսկոպոս Մուշեղ Սերոբեան՝ դատի դիմելու սպառնալիքով, իր՝ կտակակատարի զուտ բարոյական դերը հընչուն դրամի վերածեց, որբերու իրաւունք եղող կտակադրամէն 10, 000 ոսկի գանձելով։ Դրէ՛ք զայն, օրինակի համար, այն իրողութեանը քով, որ Կարապետ Մելքոնեանի թիւ 2 կտակատար Պատրիարք Զաւէն, իրեն՝ որպէս Պատրիարքի վստահուած կտակակատարի զուտ բարոյական դերէն չհրաժարեցաւ, մինչեւ որ, միշտ դատի սպառնալիքով, 5000 ոսկի ոսկի չառաւ Բարեգործականէն։

Անդրանիկ՝ Ազգ. Պատուիրակութեան խնդրանքին վրայ, որպէս անոր պատուիրակ՝ 919ի վերջերը մեկնեցաւ Ամերիկա։ Տեղւոյն հայրենաբաղձ Հայութիւնը՝ Ատլանտեանէն մինչեւ Խաղաղականը անոր ցոյց  տուաւ այնպիսի խանդավառ ընդունելութիւն մը, որ Ամերիկացիները սկսան զարմանքւվ իրարու հարցնել թէ ո՞վ էր իրենց երկիրը եկող այդ հիւրը։ Ու երբ անոնք իմացան թէ այդ հիւրը Հայերու համար եղած է այն, ինչ որ Վաշինկթոն եղած է Ամերիկացիներու համար, որ ան Վաշինկթօնի պարզութեամբը եկած է Քալիֆորնիոյ մէջ այգեգործութեամբ անցընելու իր հանգըստեան օրերը, զայն Ֆիլատելֆիոյ մէջ տարին բազմեցնելու Վաշինկթօնի պատմական աթոռին վրայ բացառիկ պատիւ մը, որ Ամերիկայի մէջ վերապահուած է պատմութեան մէջ էջ մը գրաւող անձնաւորութեանց։

Ամերիկահայութեան ցոյց տուած անօրինակ խանդավառութիւնը, որուն աղբիւրը անոր Հայրենիքի հանդէպ սնուցած սէրն ու հետաքրքրութիւնն էր, միացած առատութեանը հետ զոր, այդ օերերուն ան կը վայելէր, Անդրանիկի մէջ նորէն արթնցուցին Հայաստան թողած իր եւ իր հիւրընկալներու արիւնակիցներուն թշուառութեան յիշողութիւնը, նորէն անոր մէջ արթնցուցին իր բան մը ընելու պարտաւորութեան զգացումը, ու ան՝ նախաձեռնու եղաւ եւ գլուխը կանգնեցաւ մեծ հանգանակութեան մը, որ՝ աջակցութեամբ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Բարեգործականի մասնաճիւղերուն, տուաւ 532, 000 տօլարի արդիւնք մը, արդիւնք՝ որուն մեծագոյն մասը պիտի երթար թեթեւցնելու իր՝ Անդրանիկի քէն ըրած կառավարութեան ուսերուն վրայ ծանրացող բեռը։

Հանգանակութեան զբաղումէն անգամ մը զերծ՝ Անդրանիկ նորէն ինքզինքը մատնուած կը զգայ անգործութեան, մինակութեան ձանձրոյթին, որուն վրայ աւելնալու եկած հայրենաբաղձութիւնը՝ իր մէջ կ՚արծարծէ այս անգամ ցաւը՝ որ ինքը՝ այսպէս թէ այնպէս, զրկուած է վայելելէ Հայրենիքին մէջ տիրող ազատութիւնը, որուն վրայ՝ որպէս անոր ռահվիրայ, ամենէն աւելի շատ իրաւունք ունէր։

Այս ցաւովը թանձրացած ձանձրոյթը՝ Անդրանիկը կը մղէ նորէն դէպ ի Տօքթ. Նաւասարդեանի խորհուրդը, ընտանեկան բոյն մը կազմելով, կեանքը իր բնականոն ընթացքին մէջ դնելու խորհուրդը, խորհուրդ՝ որ իր քաջալերութիւնը կը գտնէ մէկ կողմէ մտերմական շրջանակներու մէջ, միւս կողմէ յանձին շնորհալի աղջկան մը, Օրիորդ Նուարդ Քիւրքճեանի։

Պ. Պօղոս Նուպար ոչ միայն քաջալերողներէն մէկը կ՚ըլլայ այդ խորհուրդին, այլ նաեւ անոր կնքահայրը եւ 921ի գարնան Փարիզի մէջ տեղի կ՚ունենայ Անդրանիկի ամուսնութիւնը։

Ամուսնութենէն առա՞ջ թէ վերջ, Անդրանիկ մտածած է իր կազմելիք բոյնին միջավայրին մասին, միջավայր՝ որ իր բնութեամբ եւ հայկական նկարագիովը, քիչ թէ շատ յիշեցնէ հայրենիքը եւ իրեն մոռցնել տար իր հայրենաբաղձութեան վիշտը, եւ, որպէս այդպիսին, ան ընտրած է Քալիֆորնիա։

Ամուսնութիւնը, սակայն, կէս միջոց մըն էր եւ քիչ մը շատ ուշացած։ Ազգային հերոսին հարկաւոր էր նոր եւ համապատասխան զբաղում մը, գործ մը, որ՝ որպէս կեանքի գլխաւոր նպատակ, հետզհետէ իր բնական հունին մէջ մտցնէր Անդրանիկի կեանքը՝ որ թոյլ չտար, ոչ ալ ժամանակ, որպէսզի անոր միտքը դառնայ նորէն դէպ ի իր երեւակայելու սովորութիւնը եւ ծանրանայ աշխարհային պօշութիւններու վրայ, անոր հարկաւոր էր իր հոգին պարարել գիտցող նոր սնունդ, իր հմայքը եւ բրէսթիժը նորոգող, զինք եւ իր անցեալը յիշեցնող, իր պէտքն ու կարեւորութիւնը շեշտող սնունդ։

Պակսեցաւ անոր ե՛ւ մէկը ե՛ւ միւսը։ Ու ձանձրոյթը եկաւ նորէն իր թաթերուն մէջ առնելու անոր հոգին եւ պրկելու անոր ջիղերը։ Իր կողակցին ազնիւ գուրգուրանքը՝ իր կազմած ընտանեկան բոյնին մէջ, չափով մը միայն կրնային լրացնել այդ պակասը։ Կայուն   հաստատուն առողջութեամբ մը միայն՝ Անդրանիկ պիտի կրնար, այդքան եռուն եւ լեցուն կեանքէ մը վերջ, մոռնալ այդ կեանքին յատուկ տենչեր եւ հակումները եւ վերադառնալով բնութեան ծոցը, զանոնք փոխարինել բնութեան վայելքներովը, ինչպէս որ ըրած էր Վաշինկթօն եւ ինչպէս որ ըրած էր ինքը Սասունէն վերջ քաշուելով Վառնա։ Բայց, Վառնայէն վերջ, ան տասնեւվեց տարի քալեր է անդադար, եւ որպիսի՜ ճանապարհներով դէպ ի ծերութիւնը։

Անդրանիկին խորհուրդ տուողներ գտնուեցան եւ ինքը քանի մը անգամ փորձեց ագարակային եւ կամ այգեգործական աշխատանքի տալ ինքզինքը, բայց, յարատեւութիւնը որ անհրաժեշտ էր վարժուելու համար այդ նոր կեանքին, անկէ կը պահանջէր նոյն կեանքին, անկէ կը պահանջէր նոյն այդ կայուն եւ հաստատուն առողջութիւնը, որմէ դժբաղդաբար զուրկ էր Անդրանիկ եւ զոր վերագտնելը շատ դժուար է հերոսի մը համար։

Հերոսին հոգին կամ երեւակայութիւնը այնքան վառ է, այն աստիճան զարգացած, եւ միշտ ի վնաս մարմնոյն, որ անխնայօրէն կը սպառէ անոր ֆիզիքական ուժերը անկէ խլելով միաժամանակ կամքի ուժը, առանց որուն շատ դժուար է հաւասարակշռութիւն ստեղծել զարգացած հոգիին  եւ տկարացած մարմնոյն միջեւ։

Անդրանիկ՝ իր ջիղերը գռգռելու մէջ կը տեսնար իր հանդարտութիւնը, իր՝ ապրելու վայելքը, մինչդեռ հէնց այդ գռգռիչներն էին, որ իրենց կարգին, կը տկարացնէին անոր կամքին ուժը։

Անդրանիկ երթալով կը  տկարանար։ Անոր սիրտին մկանունքը եւ ջիղերը երթալով անբաւական կը դառնային։ Այն քանի մը ուղեւորութիւնները՝ որ ան կատարեց դէպ ի արեւելք՝ Պոսթոն, մասնաւորապէս, թեթեւ ամոքումներ միայն կրցին բերել անոր հիւանդութեանը։ 927ի գարնան, ան՝ Պոսթոնի մէջ ունեցաւ սրտի ծանր տագնապ մը, որուն առաջքը բժիշկները կրցին առնել. բայց, քաշուեցան   ինչո՞ւ   իրեն յայտնելու իր հիւանդութեան բնոյթը եւ պարզ պաղառութեան  մը վերագրեցին այդ տագնապը։

Շատ հեղինակաւոր եւ կտրուկ հրամաններ, իր՝ Անդրանիկի՝ իր զինուորներուն ուղղած հրամաններուն նմանող հրամաններ արձակել գիտցող բժիշկ մը՝ պիտի կրնար անշուշտ անոր պարտադրել առողջապահական կարգ մը անհրաժեշտ պայմաններ, բայց, հայ բժիշկներուն մէջ կը պակսէր այդ հեղինակութիւնը, իսկ օտար բժիշկներու պատուէրները՝ թարգմանութեամբ փոխադրուած անոր, իրենց փոխադրութեան եւ թարգմանութեան մէջ կը կորսնցնէին իրենց թափը։ Հայ բժիշկները՝ փոխանակ կոտրելու Անդրանիկի բնաւորութեան իրենց պատուէրներուն դէմ եկող գիծերը, «Անդրանիկն է» ըսելով կը քաշուէին անկէ եւ կը փայփայէին անոր ըմբոստութեան հակումը։

Առաւօտ մը, այդ բժիշկներէն մէկը, սրտի նոր բայց թեթեւ տագնապի մը առիթով, այցելութեան կը հրաւիրուի Անդրանիկի տունը։ Ան՝ Անդրանիկէն կը խնդրէ երկու գաւաթի եւ հինգ սիկարէթի իջեցնել իր սուրճի եւ ծխախոտի գործածութիւնը։ Բժիշկը քիչ մը շատ կը նստի Անդրանիկի քով, որ ատեն, Անդրանիկ  կը ծխէ հինգ սիկարէթ եւ կը խմէ երկու սուրճ, ու երբ բժիշկը՝ աղապատանքի ժպիտով մը կը դիտէ այս զուգադէպ պարագան, Անդրանիկ ինքն է որ անալիզի կ՚ենթարկէ բժիշկին պատուէրը։

Խնդրանքով պատուէրին գործադրութիւնը այսքան կ՚ըլլայ   կ՚ըսէ ան եւ նոր սիկարէթ մը կը վառէ։

Ուրիշ օր մը, նման մանրակրկիտ յանձնարարութիւններ ուրիշ բժիշկի մը, Անդրանիկ աւելի յատկանշական դիտողութիւն մը կ՚ընէ,

Չարչիները (մանրավաճառ) միայն կրնան այդքան մանր բաներու վրայ մտածել։

Ո՞րն էր պատճառը որ Անդրանիկ կը մղէր արհամարհելու իր առողջութեան համար այդքան անհրաժեշտ պատուէրները։ Միա՛ն, այդ պատուէրները գործադրելու ճիգին, կամքի ուժին պակա՞սը, ո՛չ, ատիկա էականն չէր։ Էականը շատ խորէն կուգար, ան կուգար հէնց իրեն՝ Անդրանիկի էութենէն, անոր հերոսութեան էութենէն, պատճառ, զոր, օր մը, այս անգամ ոչ— բժիշկի մը նման մէկ խորհուրդին առիթով, ինքն Անդրանիկ, եղած է որ բնորոշած է,

Ամօթ է մահուընէ այդքան վախնալ   ըսած է ան յոնքերը պռստելով եւ կշտամբանքի թօնով մը։

Յովհաննէս Թումանեան որ հայ գրագէտներէն ամենէն մօտը եղած է Անդրանիկին եւ զայն մօտէն ճանչցող մը, օր մը, 923ի սկիզբները, երբ ես զինք տեսնելու գացեր էի Շահպարոնեանի հիւանդանոցին մէջ, ինձմէ Անդրանիկի լուրերը հարցնելու, իմ ալ վերեւի միտքերը յայտնելու առիթով, ըրաւ կարճ, բայց շատ բանաստեղծական անալիզի մը, որ կը թուի ըլլալ ամենէն ճշգրիտը,

Անդրանիկ վախնալէ միայն կը վախնայ։

Ինչպէ՞ս կ՚ուզէք, ուրեմն, որ Անդրանիկ յարգէր իրեն վախ ազդող խորհուրդները, որ անոր հոգին զիջանէր վախնալու մարմինի մասին, այն մարմինին որուն անդոսնումէն եւ արհամարհանքէն է որ կը ծնին հերոսութիւնները։

Մահը, մարմինի այդ ոխերիմ թշնամին, քանի քանի՜ անգամներ փախած էր անոր դէմքին խոժոռին, անոր ճակտին կնճիռներուն, անոր յօնքերուն պռստոցներուն առջեւէն։

Այդ միեւնոյն կնճիռներն էին որ կուգային անոր ճակտին վրայ, միեւնոյն պռստոցները անոր յօնքերուն մէջ, ամէն անգամ որ Անդրանիկ կը լսէր այդ թշնամիին խօսքը։ Ան չէ՞ր գիտեր միթէ որ այդ թշնամին նոյնքան անպարտելի էր որքան ոխերիմ։ Ինչպէ՞ս թէ ոչ։ Բայց, հէնց այդ գիտակցութենէն էր որ կուգար անոր միակ վախը, վախնալու վախը։

Աւելի աղէկ է չվախնալով մեռնիլ, քան թէ վախնալով ապրիլ։

Ահա տըվիզը, զոր՝ Թումանեանի վերլուծումին ճամբով, կարելի է հանել Անդրանիկի կեանքէն, անոր հերոսի կեանքէն։