Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մահը...

Իմացեալ մահը։

Անմահութիւն անունը տուած է անոր անմահն Եղիշէն։

Անմահութեան առաջին հաւատացեալը՝ Սոկրատ՝ ուրիշ բառերու մէջ դրած է այս ճշմարտութիւնը։

Կեանքը կռիւ մըն է   ըսած է ան   մահը յաղթանակ։

Յաղթանակ՝ խլելու համար անմահութիւնը։

Յաղթանակ՝ որով հողէ եղող եւ նորէն հող դարձող պատեանէն դուրս կուգայ հոգին    համբաւ ըսէ ասոր, գործ, կամ յիշատակ   բայց մի մոռնար քովը դնելու բարի ածականը, որ՝ ոչ միայն չմեռնիր, ոչ միայն կ՚ապրի, այլեւ, երբեմն ալ կ՚ապրեցնէ։

Այդ իմացեալ մահովն էր, ահա, որ մեռած էր Անդրանիկ, այդ յաղթանակն էր որ  տարած էր ան. անոր հոգին էր   համբաւը, գործը եւ յիշատակը   որ այդ յաղթանակովը պիտի ապրէր եւ ապրեցնէր սերունդները։

Այդ յաղթանակին տօնն էր Անդրանիկի յուղարկաւորութեան հանդէսը, որ կատարուեցաւ սեպտ. 7ին Ֆրէզնօյի մէջ, որունմասնակցելու եկած էին հազարաւոր հայրենակիցներ։ Հոն եւ Ֆրէզնոյի քաղաքապետը եւ կառավարիչը։

Ֆրէզնոյի Հայոց եկեղեցին շատ փոքր, իսկական հանդիսավայրը եղաւ, կրօնական արարողութենէն վերջ, եկեղեցիէն Հայոց գերեզմանատունը տանող ընդարձակ ճանապարհը։ Ահա նժոյգ մը, զոր սանձերէն բռնած են զոյգ մը կամաւորներ, նժոյգ որ կը կրէ Անդրանիկի համազգեստը, սուրը եւ մոյկեր եւ, որ որպէս խորհրդանիշ մարտնչող կեանքին, կը քալէ թափօրին առջեւէն, ահա ծաղիկներով ծածկուած դագաղը, որուն ծոպերէն բռնած են հերոսին մօտիկ զինակիցներ, ահա հանգուցելոյն այրին, որուն խիստ սլացիկ երիտասարդ հասակը՝ վիշտին ծանրութեան ներքեւ կքած՝ կարծես երկուքի բաժնուած է, ահա զինուորական նուագախումբը, որ անդադար կը հնչեցնէ Շօփէն մահերգը, եւ ահա օդանաւ մը՝ որ շատ վերէն եւ միշտ թափօրին առջեւէն, ծաղիկի խուրձեր է որ կը թափէ ուղեգիծին վրայ, եկեղեցիէն մինչեւ գերեզմանատունը։ Եւ դագաղին ետեւէն սգաւոր Հայեր եւ Հայուհիներ, թիւով աւելի քան տասը հազար, որոնց աչքերէն հոսող արտասուքի շիթերը, ինչպէս առաւօտեան ցօղ, ուղքօրէն կ՚իջնեն այդ ծաղիկներուն վրայ։

Գերեզմանատան մէջ, դամբանականներէն վերջ, Անդրանիկի դագաղին գլուխը կանգնելու կուգայ հազիւ պատանի խարտիշագեղ աղջնակ մը, համակ սեւերու մէջ՝ ո՞րբ մըն է ան թէ ոչ Անդրանիկի մահով որբացած մը։ Ան՝ արտասանութիւն մը ունի ընելիք, եւ սակայն լուռ է ան, անոր ջղային եւ շփոթ ժէսթերէն յայտնի է որ կրած յուզմունքը կը սեղմէր անոր կոկորդը եւ թոյլ չէր տար անոր արտաբերելու արտասանութեան առաջին բառը։ Աղջնակը՝ գերագոյն ճիգով մը, կ՚արտասանէ վերջապէս՝

Անդրանի՜կ...

Բառը, սակայն, կը սառի անմիջապէս աղջնակին շրթունքներուն վրայ, անոր յաջորդողները՝  բառեր չեն այլեւս, այլ հեկեկանք, ան կուլայ, կուլայ ան մանուկի մը լացին ճչոցովը, մօր մը ցամքած ստինքներէն կաթ մուրացող անօթի մանկիկի մը բարձրաձայն լացովը։ Ու, ահա հոգինուն մէջ լռելեայն լացող հազարաւորներու, մասնաւորապէս կանանց եւ տղայոց լռին լացն ու հառաչը կը պոռթկան յանկարծ եւ այս անգամ անզսպօրէն, անխնայօրէն, կուգան միանալու որբուհիին  լացին ձայնին։ Լացը օրինակներով ճարակած, ինքնիրմէ սնունդ առած՝ ինքնիրմով զարգացած, րոպէի մը մէջ կ՚առնէ այնպիսի՜ համատարած համեմատութիւն, այնպիսի ժխոր մը, զոր ոչ ականջը կրնայ ըմբռնել ոչ ալ բերան՝ նկարագրել։ Այդ րոպէին է ահա որ տեղի կ՚ունենայ անակնկալ եւ սրտառուչ տեսարան մը։ Նշանի մը վրայ՝ Անդրանիկի զինակիցները զինուորական կեցուածք մը կ՚առնեն յանկարծ եւ առնական աշխուժով մը եւ գոռ ձայնով մը կը սկսին երգել Անդրանիկի երգը, բոլոր ներկաները, որոնցմէ՝ Ամերիկայի մէջ այնքան ընդհանրացած այդ երգը չերգող չկայ, անմիջապէս արձագանգ կուտան ու ահա օդը կը թնդայ հազարաւոր բերաններէ հնչող Անդանիկի երգովը,

 

Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ

Թնդացնում ես երկինք գետին տենչավառ,

Քաջ անունդ պիտի յիշուի դարէ դար,

Հսկայ լերինք քեզ ապաստան Անդրանիկ։

 

Այս յեղակարծ եւ առնական ելոյթը՝ իր մէջը րոպէապէս խեղդած է արդէն լաց ու կոծին ձայնը։ Երգը կը շարունակէ՝

 

Քիւրտ ու տաճիկ երբ լսեն քո անունը,

Օձերի պէս պիտի սողան իւրեանց բոյնը,

Երակներիդ ազնիւ քաջի արիւնը

Չի ցամաքէ մինչ յաւիտեան Անդրանիկ։

 

Լացողներէն շատերը լացը թողած՝ հիմայ երգն է որ կը հնչեցնեն։

 

Հայոց կուսանք դափնեայ պսակ թող հիւսեն,

Քնքոյշ ձեռամբ քո ճակատդ պսակեն,

Գոհարներով անվախ կուրծքդ զարդարեն,

Հայրենիքի տէր ու պաշտպան Անդրանիկ։

 

Հայոց կուսանք եւ փափկասուն տիկնայք արցունք չունին այլեւս իրենց աչքերուն մէջ։ Անդրանիկի անունը իրենց շրթունքներուն վրայ, անոնք առնական աշխուժով մըն է, որ կ՚որոտան երգին վերջին տունը,

 

Հայաստանի սոխակները քեզ համար

Թող դայլայլեն գիշեր ցերեկ անդադար,

Անյաղթ մնաս դու քաջ կռուի սիրահար,

Կեցցե՛ս յաւէտ դու անսասան Անդրանիկ։

Անյաղթ մնա՛ս… Կեցցե՛ս յաւէտ…

 

Երբ Անդրանիկ դագաղին մէջն է արդէն եւ դագաղը երգին առջեւը։

Այո՛, եթէ կեանքը կռիւ մըն է, իսկ մահը, բայց իմացեալ մահը՝ յաղթանակ մը, անմահութիւնը։

Ասիկա մարդուն համար։

Ի՞սկ գերմարդուն, հերոսին համար։

Հերոսը կը ծնի, բայց չի մեռնիր։

ՎԵՐՋ