Բանաստեղծին ձայնը. Գիրք մտածման, քննադատութեան եւ գրականութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԵՐ
       Կ’արտատպեմ հետեւեալ քերթուածը Աթենք հրատարակուող «Արեւագալ» ամսաթերթէն։ Անոր հեղինակն է Սար. Սահակեան, որ արդէն հրատարակած է «Ձորավանք» անուան ներքեւ, բանաստեղծութիւններու հատոր մը։
       ԱՅՍՔԱՆ ՏԱՐԻ…
       Այսքան տարի կը շնչեմ այս արեւին տակ օտար,
Առանց որ թե՛լ մը կապէ զիս դեռ հողին ու ջուրին.
—Արմատախիլ ու հազիւ տարատնկուած իբրեւ ծառ,
Ոստերն, որուն ամէն օր հետըզհետէ կը ծիւրի՛ն։
       Հողին վըրայ, այլ սակայն զերթ թաղարի մէջ անձուկ,
Ջերմանոցի մը իբրեւ բանտարկըւած ծածքին տակ…
—Կ’անցնին հովեր խնդութեան, ընդվըզումի հովեր տաք՝
Առանց որ գէթ այցելէ ոստերուս դո՛ղ մը ծածուկ…
       Ինչպէ՜ս գըրել անանուն ողբերգութի՛ւնը երբեք՝
Անհայրենիք մանկութեան, պատանութեան սրտաբեկ,
Ու տարագիր աշնանալ ըսպառնացող օրերուն…
       Ո՜ւր փոթորիկ մը ներքին կամ փոթորիկ մը ուրիշ՝
Որ խըլէր ծառն՝ իր ամուլ մենութենէն ամբարիշտ,
Ու զայն նետէ՜ր վերըստին հայրենի խօ՜լ հովերուն…։
       Կ’արտատպեմ հետեւեալը յօդուածէ մը, որ հրատարակուեցաւ վերջերըս «Արեւ» օրաթերթին մէջ։ Ֆրանսաբնակ հայ երիտասարդ մըն է զայն գրողը, որ կը ստորագրէ Ա. Ռազմունի եւ որ անծանօթ է ինծի։
       «Ես երիտասարդներու բանակէն մին եմ, որ կ’ընդվզիմ անցեալ սերունդին դէմ, սակայն` առանց կիրքի ու ցաւելով իրենց ապադարձ թշուառութեան ու մեր երիտասարդ ծերութեան վրայ։
       Ի՞նչ պատրաստեց ու մեզի ի՞նչ տուաւ հին սերունդը։ Անո՛նք, որ դիտել գիտեն ու կը դատեն իրենց խղճին համաձայն, այդ հարցումին առանց խոր կսկիծի եւ սուգի չեն կրնար պատասխանել, որուն մէջն է մեր քառորդ դարու թշուառութիւնը։
       Արդարեւ, մենք նախ քան մեծ եղեռնը չարութեան անգիտակ պատանիներ էինք ու կը սիրէինք մեր հայրերը, մեր նմաններն ու մտքերնուս չէր կրնար անցնիլ իրարու դաւաճանել, մէկզմէկու միս ուտել։
       Ողջակեզի օրերուն անօթի, մերկ եւ հուրի, սուրի մէջ մենք չար չէինք ու իրարու հանդէպ նեցուկի տեղ կը ծառայէինք։ Մէկ պատառ հացը կը կիսէինք մեր նմանին հետ ու վիշտը մէկուն անտարբեր չէր թողեր միւսը։ Անցան դժոխային օրերը։ Աշխարհի հրաբուխը, ըստ երեւոյթին, խաղաղեցաւ ու մենք մեզ գտանք հեռաւոր երկիրներու մէջ։
       Հակառակ մեր ուժասպառ վիճակին` մեր սիրտը կը բաբախէր անցեալին ու մեր ապագային հեռանկարով։
       Այն օրերուն եթէ գտնուէին խղճամիտ ու անաչառ մեր հայրերը, եթէ ըլլային հեռատես ու մեզ կազմակերպէին ապագային համար, կասկածէ դուրս է, թէ այսօր կ’ունենայինք մեծով փոքրով մէկ կամք ու կը պատկանէինք նո՛յն զանգուածին։ Այդ օրերուն (1923էն սկսեալ) մեր մէջ չարութիւն չկար, ու հայ անունէն խօսողը մեր սրտին կը խօսէր ու կը մեծնար մեր աչքին։ Այդ օրերուն ի՛նչ որ հրամցուեցաւ մեզի՝ առանց կասկածի, մխրճուեցաւ մեր սրտին։ Մենք խմո՛ր էինք ու կաղապարուելու պէտք ունէինք։ Այդ դժուար գործ չէր։
       Խումբ մը մարդիկ, բոլորն ալ հայ, անցեալով զանազան քաղաքական կուսակիցներ, այլ եւ այլ անուններով մօտեցան մեզի ժպիտով, խոստումով, մեծամեծ յոյսով եւ համոզիչ հաւատքով։ Դժուար չէր կողմնակիցներ ճարել, դժուար չէր կէս ժամուան ճառէ մը ետքը կուսակիցներ արձանագրել ու անոնց վրայ տուրք մը հաստատել, ու դժուար չէր անոնց սրտերը բաբախել տալ անցեալի դրուագներով ու զիրենք կապել աներեւոյթ ապագային։
       Եթէ գիտնայիք, թէ ի՜նչ խանդավառութեամբ կը ծափահարէինք հերոսներու յիշատակը, եթէ գիտնայիք, թէ հոգեկան ինչպիսի՜ գոհունակութիւն էր լսել յուսադրիչ խօսքեր, որոնք մեզ կը տանէին մինչեւ կո՛յր պաշտամունքի, անպայման պիտի համոզուիք, թէ մեր պատանիները աւելի՛, քան հայ էին եւ պատրաստ՝ ամէ՛ն զոհողութեան յանուն ազգասիրութեան, յանո՛ւն հայերու անբաժան եղբայրութեան։ Այս ճշմարտութիւնը, սակայն, մնաց պատանիներու սրտին մէջ ու երբե՛ք չհասկցուեցաւ նոր կազմակերպող գաղութի ղեկավար տարրին կողմէ։ Այդ ղեկավար տարրը` մտածելով, գործելով մէկ մտքով, այսինքն՝ իրեն կուսակիցներ ճարել, ժամանակ չի գտաւ անդրադառնալու, թէ ըրածը օգտակա՞ր գործ էր, թէ նոր ձեւի թշուառութեան մը սկզբնաւորութիւնը։
       Բոլորիս հասկնալի է պատանեկութիւն մը, որ լեղապատառ ազատած էր անորակելի սպանդէն` թողլով հայրենի երկիր, սիրելիներու անշիրիմ դիեր ու հեռացած մորմոքուած սրտով, վրէժխնդի՛ր զգացումով ու անկայուն, լքուած ներկայի մը սարսափով։ Բոլորս կ’ըմբռնենք այժմ, թէ այդպիսի սրտերը դէպի բարին կամ չարը տանիլ պատահական մարդոց կողմէ իսկ, խաղալիք մըն էր այդ օրերուն։
       Դժբախտաբար այդ անձերը պատահական անձինք չեղան, որոնց մէջ գուցէ խղճամիտներ գտնուէին, այլ նախկին կազմակերպութիւններու տիտղոսաւոր ղեկավարներ եղան, որոնք մեր անգիտակ հոգիները լեցուցին, մեր նոր բացուող աչքերը շլացուցին իրենց պերճախօս անցեալով եւ շողշողուն տիտղոսաւոր զարդանշաններով։
       …Այս (ներկայ) երիտասարդութիւնը տարիներով ճառեր, դասախօսութիւններ է լսեր, անհամար յօդուածներ է կարդացեր ու այսօր կը մտածէ այդ բոլորին առաջ բերած օգուտներուն եւ վնասին մասին։ Երիտասարդութիւնը այսօր հաստատապէս կ’ըմբռնէ, թէ այդ բոլորը ո՛չ միայն ակնբախ օգուտ մը չէ ունեցած մեր միակամութեան տեսակէտով, այլեւ մեզի գրգռեր է իրարու դէմ, չարացուցեր է վասն ոչինչի եւ ի շահ այս կամ ա՛յն կազմակերպութեան, որուն հետեւանքները եղան այսօրուան մեր անկազմակերպ վիճակը, իրարու հանդէպ անհաւատութիւնը եւ սարսափելի կասկածը, որ կայ մէկ անհատէն միւսը եւ մէկ կազմակերպութենէն միւսը։ Մինչդեռ իրականութեան մէջ մե՛նք, իբրեւ իրաւազուրկ, հայրենազուրկ ու բախտակից, պէտք էր մէկզմէկու նեցուկ ըլլայինք, ազգային միակամ մարմին մը ունենայինք, ամէ՛ն բանի պատրաստ։