Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ

Հրապարակ

ԿԻՄԲՐՈՍ, ԴԵԿԻՄՈՍ

ԴԵԿԻՄՈՍ. Իրաւ կ՚ըսեմ ես քեզի, որ տեսայ Բրուտոսը` խռոված կ՚երթար հոնկէց, ու արցունքներով լեցուած էին իր աչքերը. կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ փոխած ըլլայ միտքը:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Քաւ լիցի. Բրուտոս կը սիրէ Հռովմը. կը սիրէ անիկա ճշմարտութիւնը ու փառքը, քիչ մը ետքը կու գայ ինքը հոս, ինչպէս որ խոստացաւ:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Ահա կը տեսնեմ մէկը, որ արտորնօք հոս մեզի կու գայ:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Անիկա չէ՞ մի եւ կամ Կասիոս:

ՏԵՍԻԼ Բ

ԿԱՍԻՈՍ, ԿԻՄԲՐՈՍ, ԴԵԿԻՄՈՍ

ԿԱՍԻՈՍ. Հասաւ ժամանակը, ո՜վ քաջք, Հռովմայ կենդանութիւնը աշխարհքիս թագուհին պիտի ազատի այսօր իւր արքային ձեռքէն. աս պարծանքը ձերինն է, քաջազունք Հռովմայ. դեռ քիչ մը ատեն ալ, ու պիտի կորսուի բռնաւորը, վերնայ մէջտեղէն այն գործը, որ չի կրցան գլուխ հանել Պոմպէոս, Կատովն` Ափրիկէ ու Սպանիա, մեր ձեռքովը պիտի կատարուի այսօր. հայրենեաց վրէժը պիտի խնդրենք, ու աշխարհիս չորս կողմը քարոզ պիտի կարդան, որ ամէնքը պաշտեն մեր Հռովմը, վասնզի ալ ծառայ չէ:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Ամէնքնիս ալ պատրաստ ենք քեզի հետ մահուան ու կենաց, մեռցնելու ու ապրելու, միայն թէ պաշտուի Հռովմ ու ծերակուտին ատեանը. մահուան ու կենաց խտրութիւն չենք ըներ. կամ բռնաւորը սատկի մեր ձեռքովը, եւ կամ զմեզ սատկեցնէ ինքը:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Բայց ի՞նչ կ՚ընէ Բրուտոս. դեռ չերեւցաւ անիկա. Բրուտոս բռնաւորին դահիճը, որ երդունցուց զմեզ ու երդում ըրաւ ինքը նախ Կեսարին կեանքը վերցնել. ինչո՞ւ համար այսչափ ուշացաւ, արդեօք մէկ տեղ մը արգիլուեցաւ մնա՞ց, եւ կամ յայտնուեցաւ դաւաճանութիւնը:

ԿԱՍԻՈՍ. Չեմ կարծեր. տեսայ Բրուտոսը, որ բարկացած կու գար տագնապով, վախ մի՜ ունենաք անոր վրայ. եւ ինքզինքէս աւելի անոր վրայ յոյսս դրեր եմ:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Ահաւասիկ ինքը, բա՜բէ, ի՞նչպէս խռոված կ'երեւայ:

 

ՏԵՍԻԼ Գ

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿԱՍԻՈՍ, ԿԻՄԲՐՈՍ, ԴԵԿԻՄՈՍ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այս ի՞նչ է, մինակ դո՞ւք էք հոս:

ԿԱՍԻՈՍ. Միթէ քի՞չ ենք մենք. երբոր դուն ալ մեզի հետ ես:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Ին՞չ է այդ սրտիդ տագնապը, Բրուտոս. Բռնաւորը բան մը իմացաւ՞ արդեօք, մատնուեցա՞ւ Հռովմ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՛չ. Կեսար չգիտէր իր մահուան մօտ ըլլալը, անիկա վստահ է ձեր վրայ:

ԿԱՍԻՈՍ. Ինչո՞ւ անանկ է նէ, խռովեր ես:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՞ւր է Կիկերոն, ես ինչուան հիմա անոր ետեւէն կը պտտէի:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Չե՞ս գիտեր, որ ծերակուտէն մէկ քանի հոգի հետը առած՝ ելաւ գնաց փութով Հռովմէն:

ԿԱՍԻՈՍ. Ծերութիւնը թոռմեցուց անոր առջի քաջութիւնը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բայց չի մարեց. հռովմայեցի մարդ չի համարձակիր արհամարհել Կիկերոն. երդում կ՚ընեմ աստուծոց վրայ, որ Հռովմայ առաւելագոյն օգտին պահեց ինքը իւր անձը ու ազատութիւնը:

ԿԱՍԻՈՍ. Բայց մեզի բիւ՜ր անգամ երանի, որ ապահով ենք, կամ ինչուան խոր ծերութիւն հասնիլ ազատութեամբ, կամ հիմակուընէ մեր ծաղիկ, կտրիճ հասակին մէջ վաղամեռիկ ըլլայ Հռովմայ հետ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Իրաւ, երանի է ձեզի. բայց ինծի ո՛չ բնաւ, որ կամ, անգթութեամբ մեռնիլ պէտք է եւ կամ կենդանութեամբ ծառայ ըլլալ:

ԿԱՍԻՈՍ. Ին՞չ կ՚ուզես ըսել:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Բռնաւորին հետ երկայն բարակ խօսելով ի՞նչ իմացար:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ոչի՛նչ Հռովմին համար, միայն ինծի համար սոսկումն ու մահուան սարսափ, ու ձեզի` ատելութիւն թշնամութեան հետ խառնած:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Որո՞ւն համար այս թշնամութիւնը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ինծի, Բրուտոսի:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Զքեզ նախատե՞լ:

ԿԱՍԻՈՍ. Զքեզ, որ Հռովմայ ու մեր կենդանութիւնն ես:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ես եմ… ո՜վ անհաւատալի բան, աւա՜ղ ինծի. ինչուան հիմա կը կարծէի, որ Կատովնին թոռն եմ… սակայն:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Ին՞չ է, ըսէ մեզի, ի՞նչ լսեցիր, ինչո՞ւ, զարհուրեր ես:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Դառն լուր մը ականջս հնչեց, որ կարող է զձեզ ալ սարսափով լեցնել:

ԿԱՍԻՈՍ. Կամ բռնաւորին, կամ մեր մահը անշուշտ է, մեռնինք ամէնքնիս ալ, բայց զարհուրիլ ո՛չ բնաւ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Չէ՛, այդպէս չէ. մտիկ ըրէ մէյ մը ինծի, որ սարսափեցնեմ զքեզ. պարտք կը սեպեմ ինծի սպաննել Կեսարը Հռովմայ, մեր, մեր յաջորդներուն ու աշխարհիս փրկութեանը համար. ես նախ` վերուցի ձեռուըներս իր վրայ, իւր կորստեանը ժամն ու տեղը որոշեցի, սակայն… սակայն գիտցէք հիմա, որ Բրուտոս… Բրուտոս…

ԿԻՄԲՐՈՍ. Ին՞չ է:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բրուտոս անոր որդին է:

ԿԱՍԻՈՍ. Դուն Կեսարու որդի՞ն ես:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ծնունդ եմ դառնարմատ արգանդին Սերուիլիա:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Ո՜վ Հռովմ:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Բրուտոս որդի բռնաւորի՜:

ԿԱՍԻՈՍ. Չէ, դուն անոր որդին չես, այդ սիրտը ունեցողը անոր որդին չի կրնար ըլլալ:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Ին՞չ կերպով ստուգեց քեզի այն Կեսար:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Շատ կերպով. ինծի հետ միշտ սիրով ու հօր պէս վարուեցաւ, իւր թագաւորութեանը զիս ժառանգ կ՚անուանէր, բայց գլուխ ամենայնի կարդալ տուաւ ինծի չարագուշակ թուղթ մը, Սերուիլիային ձեռքովը գրած անոր, որուն մէջ զիս իրենց որդին ըլլալուն յայտնությունը սարսափով տեսայ:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Ո՜վ բօթաբեր լուր. ո՜վ ահագին գաղտնիք, ինչո՞ւ համար ինչուան վերջը խաւարին մէջ թաղուած չի մնացիր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բայց անիկա հիմա ալ իւր բռնաւորութիւնը իրեն փառք կը սեպէ, յամառեր, պնդեր է` կա՛մ թագաւորութեան կա՛մ մահուան հանդիպիլ:

ԿԱՍԻՈՍ. Ու գտնայ անիկա մահը:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Անողոքելի բռնաւոր մըն է, բայց յիշէ դուն, Բրուտոս, որ Հռովմայ որդուոցը ուրիշ հայր չիկայ…

ԿԱՍԻՈՍ. Ու բռնաւոր մարդը չունի որդի:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Հիմա դուք ականջով լսեցիք ու աչքով տեսաք իմ թշուառութիւնս. դատաւոր նստեցէք իմ բախտիս, ի՞նչ արժանի է գործել, ընտրեցէք. ձեր մէջը թէ որ կայ մարդկային կարգէն գերազանց արդարակորով մարդ մը, թո՛ղ ցուցնէ ինծի արժանաւոր ճամփան. ահա՛ ես, ինքզինքս ձեզի յանձներ եմ, ձեզի կ՚ապաւինիմ. բայց ինչո՞ւ ամէն մէկերնիդ աչուընիդ գետինը խոնարհեցուցեր էք. դո՞ւն ալ լուռ կը կենաս, Կասիոս. այս ահագին խոր անդունդին մէջ մէկը ինծի ձեռք չերկրցներ, զիս չարագործութենէ կամ վատութենէ մէկը չի փրկեր, տրտո՞ւմ կը կենաս, Կասիոս:

ԿԱՍԻՈՍ. Խորհուրդ մը պիտի տամ քեզի ու անոր վրայ կը տրտմիմ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ըսէ՛, կ՚աղաչեմ:

ԿԱՍԻՈՍ. Թէ որ դուն ռամիկ, աննշան մարդոցմէ մէկն ես, գնա՛, ծառայ եղիր ասկէ ետքը, նմանէ քու հօրդ, զա՛րկ, սատկեցո՛ւր զանոնք, որ պէտք էր խնամել. թո՛ղ հայրենիքդ ուրիշ ապերախտ բռնաւոր մըն ալ ունենայ, որ շուտով ալ իր պատիժը գտնայ: Բայց ի՞նչ, իմ խօսքերս Բրուտոսին համար ե՞ն, այն քաջ դիւցազնին` թշնամի անօրէն բռնաւորաց, որուն վեհ սիրտը, որ արդարութեան միշտ արթուն պահապանն է, Կեսարին անարժան անունը մաքրեց ու սրբեց: Ըսէ՛ ինծի, կը յիշե՞ս արդեօք դուն Կատիլինային` մեր հայրենեացը ըրած կատաղի սպառնալիքները:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այո՛, խիստ աղէկ կը յիշեմ:

ԿԱՍԻՈՍ. Ուրեմն, թէ որ այդ արիւնկզակ բռնաւորին ձեռքովը Հռովմայ ազատութեան կորսուելուն ատենը ու մեր հասարակաց թշնամւոյն գլուխը արդարադատ պատուհասով զարնուելու ատենը, անիկա զքեզ իրեն սիրալիր որդին կոչեր, ին՞չ կ՚ընէիր դուն այն ատենը, ո՞ւր, իր քո՞վը, չէ նէ մեր կողմը կը կենայիր դուն:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բա՜բէ, ի՞նչ բաներ կը հարցնէ ինծի, Կասիոս. այդչա՞փ ուրեմն տկար ու անարգ սեպեցիր իմ առաքինութիւնս, որ վայրկեան մըն ալ չի կրնամ որոշել հայրենիքս անօրինէն:

ԿԱՍԻՈՍ. Բաւական է այսչափս, Բրուտոս, բաւական է. նոյնիսկ քու խօսքերդ կը ցուցնեն քեզի ընելիքդ. ազատեցաւ Հռովմ. բայց դուն ըսէ ինծի, կրեցի՞ր դուն մտքի ու սրտի խռովութիւն մը, որ ռամիկը սովորած է բնութեան ընծայել. Կեսարին մինակ մէկ խօսքը հայրենեաց սէրը, քու պարտքդ ու երդումդ խլե՞ց մի քու սրտէդ: Որովհետեւ քեզի անստոյգ գաղտնիք մը յայտնեց ու զքեզ իրեն որդի դաւանեցաւ, միթէ անով բռնաւոր ու դատապարտելի ըլլալէն դադրեցաւ՞ մի, միթէ դուն նոյն Բրուտոս ու նոյն հռովմայեցին չե՞ս մի. Կեսար քու հայրդ է, բայց Հռովմն ալ քու մայրդ չէ՞ մի, մենք` քու նիզակակիցներդ, քու եղբայրներդ չե՞նք մի. դուն մեզի հետ այս առաքինութեան օթեւանի մէջ չի մեծցա՞ր մի, ծնունդ Բրուտոսի, ծնունդ Սկիպիոնի, սիրելի Պոմպէոսի, Կատովնի փեսան ու բարեկամ ինձ, Կասիոսի. դեռ ի՞նչ կ՚ուզես այս պաշտելի անուններէն աւելի. ի՞նչ փոյթ է քեզի, որ մէկ բռնաւոր մը Սերուիլիան հրապուրելով` քեզի կեանք տուեր է. բայց այդ քաջազուն սիրտդ ո՞վ տուաւ քեզի. Կատովն չէ՞ մի. անիկա, Բրուտոս, կրթեց զքեզ, Կատովն է մինակ քու հարազատ հայրդ. անկէց ժառանգութիւն ինկաւ քեզի քու առաքինութիւնդ. կտրէ՛, ուրեմն, կտրէ՛ այդ ամօթալի կապանքը, որ զքեզ կապեր է. յիշէ՛ մեր երդումը, ամօթ սեպէ՛ քեզի հայր անգամ անուանել զինքը, որ չէ որդի, այլ թշնամի Հռովմայ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ին՞չ կ'ըսէք դուք ալ, մտերիմ բարեկամք:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Թէ որ մենք ալ այս նոյն խորհուրդները չունենայինք սրտերնուս մէջ, մեզմէ աւելի Հռովմայ փառաց անարժան որդիքներ կրնայի՞ն մի ըլլալ. բայց ի՞նչ պէտք է ուրիշներուն խորհուրդ հարցնել աս բանիս համար, հարցո՛ւ քու սրտիդ, հարցո՛ւ Բրուտոսին:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բանամ, ուրեմն, իմ սիրտս ձեզի, տեսաք դուք իմ վրաս սարսափը տիրած, բարկութիւն ու ալեկոծեալ մտաց շփոթութիւն, քիչ մը ատեն սիրտս տկարացաւ, իմ խստացեալ աչքերէս արցունքի ցօղեր կաթեցին. Հռովմայ սիրոյն ահաւոր երդումներ ընելէն վերջը ծնողիս մահուամբը, ամօթով լեցուած եմ, ու որդիութեանս վրայ կ՚ողբամ դառնապէս. կը գարշիմ, կը զզուիմ անոր չարիքներէն, ու կը զարմանամ անոր առաքինութեանը վրայ, բռնաւոր ու դիւցազն թշնամի ու հայր կը ճանչնամ զինքը: Կեսար ու Հռովմ սիրտս կը պատռեն, աղիքներս կը կտրտին անոնց վրայ ու վախով եւ գթութեամբ, սիրով եւ բարկութեամբ լեցուած, բնութեան օրէնքէն եւ ուրիշ բիւրաւոր կիրքերէն քաշկռտուած, կը բաղձամ այդ մահուան, որ Կեսարին պատրաստուած է: Մտիկ ըրէք ինծի, ո՜վ քաջք, ու դեռ աւելին լսեցէք. գիտցէք, որ Կեսար սքանչելի մարդ մըն է աչքիս, չեմ կրնար ատել զինքը, այն վեհազուն սիրտը բաւական է մինակ կախարդելու ամէնքը, ու թէ որ մէկուն տրուած ըլլար իշխել Հռովմայ, ինքը մինակ կրնար ըլլալ ներելու արժանի բռնաւոր մը… սակայն սրտերնիդ ամուր բռնեցէք, ո՜վ քաջք, մինակ այն անիծեալ բռնաւորի անունը կրակ կը կտրէ զիս. Հռովմայ, ծերակուտին ու ամէնուն աչքը իմ վրաս են, տիեզերաց օգուտը իմ ականջէս վար կը խօսի անոր դէմ. մի՛ վախնաք բնաւ, ո՜վ նիզակակիցք իմ, պիտի վառուիմ դարձեալ ես իմ արիական առաքինութեամբս, ձեր դիմացը կը հեծեմ, բայց երդմանս հաւատարմութիւնը չի պիտի մոռնամ, հիմա հոս քիչ մը ատենէն դարձեալ դէմ առ դէմ պիտի խօսիմ անոր հետ… բա՜բէ, ինչո՞ւ չեմ կրնար կակղցնել, փոխել անոր միտքը, որով կարենայի փրկել զինքը ու Հռովմը. ո՞ւր էր իմ տեղս աստուածներէն մէկը խոսէր իրեն հետ, կամ լեզուիս զօրութիւն տար. բայց, թէ որ օգուտ մը չընեն` խօսքերս, թէ որ յոյսս պարապ ելլայ, թէ որ չխոնարհի գոռոզը, սուրը գետինը կործանէ զինքը. աչուըներս մէկդի պիտի դարձնեմ, բայց պիտի երկնցնեմ ձեռքերս. քաւ լիցի, որ հայրենիքս հօրս հետ փոխեմ, թո՛ղ զարմանան տիեզերք, կամ զարհուրին մեր նորանշան գործքին վրայ. Բրուտոսի փոյթը չէ, որ փառաց կամ անարգութեան արձան կանգնէ. ես շատոնց աչքս առեր եմ փառքը ու անարգութիւնը. ազատ քաղաքացի եմ, գիտեմ ես արժանը, ուրիշ ամէն բան ոչինչ է. գացէք, գացէք, ո՜վ քաջք ու ծառայութեան լուծը թոթուելու ջանացէք:

Ձգի վարագոյրն