Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Բ

ՏԵՍԻԼ Ա

ԲՐՈՒՏՈՍ, ՏԻՏՈՍ

ՏԻՏՈՍ. Ինչպէս որ հրամայեցիր, հայր, բոլոր ծերակոյտը հրաւիրուեցան մեծ ժողովքին, բովանդակ Հռովմը քու մէկ նշանիդ հոս, դիմացդ պիտի ունենաս. Միտքս ապշութեան մէջ` հազիւ կրնամ ըմբռնել, թէ ինչպէս յանկարծակի Հռովմայ տէրը եղար:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ես ինքզինքիս տէրն եմ եւ ո՛չ Հռովմայ, ո՛վ Տիտոս, եւ ո՛չ ալ ուրիշ տէր մը պիտի ըլլայ երբեք հոն: Ես իրեն համար երդում ըրի, ես, որ ինչուան հիմա վատ գերի մըն էի. դուք զիս ծառայ տեսաք, երբ բռնաւորին որդուոցը հետ իւր պալատին մէջ զձեզ գերութեան մէջ կը մեծցնէի: Անարգ ու բռնութեան տակ ճնշուած հայր մը չէր կրնար ազատութեան սնունդը տալ ձեզի. ո՜հ, թէ որ հիմա ազատութիւնը այնչափ քաղցր ու փառաւոր կ՚երեւայ աչքիս, դուք, որդեակք իմ, դուք էք պատճառը. աներկիւղ քաջութեան ու ազատութեան տուած օրինակներս, հիմա աւելի բորբոքեն զձեզ ու թօթափեցէք ձեր սրտին մէջէն ամէն վստահութեան խորհուրդները, որ իմ առջի ծառայական վիճակս կրցաւ ազդել ձեզի. գոհ պիտի մեռնիմ ես այն օրը, որ ազատ քաղաքացիներու մէջ պիտի թողում իմ որդիքներս:

ՏԻՏՈՍ. Հա՛յր, քու վսեմ սրտիդ, որ միշտ մեր աչքին դիմացը կը փայլէր, բախտը ասկէ աւելի մեծ ու փառաւոր ասպարէզ մը չէր կրնար բանալ. երանի՜ մեզի, թէ որ կարենանք օգտակար ըլլալ մեր հօրը իւր վեհ խորհուրդը կատարելու համար, բայց մեծ ու սոսկալի են նաեւ արգելքները. ռամիկը միշտ փախստական է, ո՞վ գիտէ որչա՛փ օգնականներ ունին դեռ Տարկուինեանք:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Թէ որ ամենեւին արգելք մը չըլլար, գործը թեթեւ ու Բրուտոսին անարժան գործ մը կ՚ելլար, բայց, թէ որ Բրուտոս արգելքներէ վախնար, արժանի չէր անանկ վսեմ խորհուրդ մը կատարելու: Միացուր, ուրեմն, քու երիտասարդական անշէջ եռանդդ հօրդ անշարժ ու անաչառ դիտաւորութեանը, ու այսպէս Բրուտոսին ու Հռովմայ որդին պիտի ըլլաս միանգամայն. բայց եղբայրդ ահա հոս կու գայ, տեսնանք, ինչ լուր կը բերէ մեզի:

ՏԵՍԻԼ Բ

ՏԻԲԵՐԻՈՍ, ԲՐՈՒՏՈՍ, ՏԻՏՈՍ

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Սիրեցեալ հայր, աւելի յարմար ատեն չէի կրնար հոս հանդպիլ քեզի, ուրախութեամբ քեզի կը փնտրէի: Սաստիկ փութալէս շունչս կտրեցաւ, անսովոր զգացմունքներ սիրտս կը դրդեն. տեսայ մօտէն Տարկուինոսները, տեսայ ու չի դողացի:

ՏԻՏՈՍ. Ին՞չ եղաւ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՞ւր տեսար:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ականատես ըլլալով` համոզուեցայ հիմա, որ ինքն է ցած բռնակալ մը: Գոռոզ թագաւորը լսելուն պէս Հռովմայ ալեկոծեալ շարժումը, իւր անօրէն որդւոյն հետ թողուց բանակը ու արտորալով դէպի քաղաքը կը վազէր ընտիր զօրաց խումբով մը, ու արդէն հասեր էին իմ պաշտպանութեանս յանձնուած Կարմենեան դռանը քով: Ո՜հ, որչափ բախտաւոր գտնուեցայ ես. բռնաւորաց դէմ ես նախ մերկացուցի սուրս: Երկաթէ դուռը ամրացուցած ու գոց էր, ու ես քսան զօրականով, ամէնքնիս ալ ձիու վրայ, դուրսը կեցած կը սպասէինք, ու ահա յանկարծ բազմաթիւ գունդ մը դէպի մեզի կը վազեր սպառնալից աղաղակներով. լսել, տեսնալ, զանոնք ճանչնալ ու սուսերամերկ վրանին յարձակիլը մէկ վայրկենի գործ եղաւ: Բռնաւորք եւ գերիք ազատութիւնն ու մահը տեսան մեր սուրերուն ծայրը. իրենցմէ տասը հոգիէն աւելի գլտորեցան փոշւոյ մէջ, մնացորդը փախան, ու ամենէն առաջ` բռնաւորը: Երկայն ատեն զիրենք հալածելէն ետքը ետ դարձայ` այս յաղթութեանս աւետիսը փութով քեզի բերելու:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Յաղթութիւնը թէպէտեւ պզտիկ է, սակայն բարեգուշակ պիտի ըլլայ այս սկիզբը պատերազմին: Կ՚ուզէի ես ալ մասնակից ըլլալ անոր. ճակատ առ ճակատ իրենց դիմացը կենալէն աւելի մեծ փափագ մը չկայ սրտիս մէջ: Ո՜հ, ինչու չեմ կրնար միեւնոյն ատեն դաշտին մէջ, հրապարակը, լեզուս, միտքս ու սուրս գործածել միանգամայն, բայց այսպիսի որդիքներով շատ գործքեր մէկտեղ կրնամ կատարել:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Հա՛յր, այդ վատերը ցրուելէս ետքը, երբ կը դառնայի դէպի պարսպին, հեռուէն ձիու ոտքի մը ձայն լսեցի, որ մեզի կու գար. ետ դարձայ ու տեսայ բռնաւորին կողմանէ մինակ ու անզէն մէկը կը յառաջանար` ձեռքը ձիթենիի ճիւղ մը բռնած, հասաւ ինծի ու խոնարհ կերպարանքով մը խաղաղութեան պատգամաւոր ըլլալը ինծի յայտնելով` կը խնդրէր Հռովմ մտնալ. «Բրուտոսին ու ծերակուտին պայմաններ ու դաշինք բերէր եմ» կ՚ըսէր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Եւ ո՞վ էր այդ դեսպանը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Մամիլիոս. ըսի իմ զօրքերուս, որ հսկեն իր վրայ քաղքէն դուրս, ու ես քեզի եկայ, իմանալու համար, թէ ի՞նչ պէտք է ընել:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Աղէկ ժամանակին հասաւ ինքը, ասկէ աւելի հանդիսաւոր օր մը չէինք կրնար ընտրել բռնաւորի մը դեսպանին աչքին ներկայանալու համար. գնա, փնտրէ՛ ու հե՛տդ բեր զինքը հոս. թող խօսի բոլոր Հռովմայ դիմացը, եթէ կը համարձակի, եւ յուսամ, որ Հռովմայ արժանի պատասխան մը պիտի ընդունի:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Կ՚երթամ ես իրեն:

ՏԵՍԻԼ Գ

         ԲՐՈՒՏՈՍ, ՏԻՏՈՍ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Դուն ալ գնա ծերակոյտը դիմաւորելու ու ամէնէն պատուաւոր տեղը որոշէ իրենց համար: Ահա ժողովրդին բազմութիւնը հոս կը դիզուի, կը տեսնամ ծերակուտի մէկ մասն ալ. փութա՜, որդեակ:

ՏԵՍԻԼ Դ

ԲՐՈՒՏՈՍ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՛վ դուն մարդկային սրտին խորունկը քննող միահեծան թագաւորդ Ողիմպոսի, դուն, որ իմ սիրտս կը տեսնաս ու կը վառես. ո՜վ Արամազդ, բարձր եւ յաւիտենական պաշտպան Հռովմայ, տո՛ւր ինծի հանճար, միտք եւ լեզու` արժանի մեծութեան վսեմ նպատակիս. այո՛, պիտի շնորհես խնդրուածքս, եթէ իրաւ է, որ դուն ընտրեցիր զիս գործիք ազատութեան, քու ճշմարիտ եւ առաջին պարգեւդ:

ՏԵՍԻԼ Ե

ԲՐՈՒՏՈՍ, ՎԱՂԵՐԻՈՍ, ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ, ԾԵՐԱԿՈՅՏ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ձեր ամէնուդ դիմացը կու գամ ես խիստ համար մը տալու իմ գործոցս: Դուք քիչ մը առաջ Կոլլատինոսի հետ նոր պաշտօնի մը բարձրացուցիք զիս, սակայն երբեք չեմ պարծիր անմիտ փառասիրութեամբ. չէ թէ պատւոյ ազատութեան մինակ ծարաւի չեմ, սէր առ Հռովմ եւ անհաշտ ատելութիւն Տարկուինեանց դէմ. ասոնց մէջ տեսնուի մինակ իմ յարգս, եւ ուրիշները ասոր համար մինակ նախանձին Բրուտոսի ու ջանան գերազանցել զինքը, ուրիշ բանի չեմ փափագիր:

ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ. Քու վեհ եւ արի կերպարանքդ ու ազատախօս համարձակութիւնդ կ՚իմացնեն մեզի, ո՜վ Բրուտոս, որ դուն ես հայր հռովմայեցուոց եւ Հռովմայ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Որովհետեւ այդ սիրելի անունը կու տաք ինծի, ուրեմն ես ալ կը համարձակիմ որդիքս կոչել զձեզ. այո՛, որդեակք իմ, կը յուսամ քիչ ատենէն անտարակուսելի փորձերով յայտնել, որ ինքզինքէս եւ ամէն բանէ վեր սիրելի էք դուք ինծի: Իմ իշխանակիցս քաջաց բազմութեամբ քաղքէն դուրս ելաւ` բռնաւորին քովէն փախչող զօրականները ընդունելու համար: Մեր ազատութեան լուրը բօթաբեր սուրհանդակի մը պէս հասաւ բռնաւորին ականջը, եւ յուսահատ ապշութեամբ ձեռքը ճակատը զարնելով` ինքնիրեն կը հարցնէ, թէ ի՞նչպէս գերի ժողովուրդ մը կը յանդգնի խլրտիլ, ոտք ելլալ, կապերը քակել ու իւր շղթաները մահացու զէնք դարձնել զինքը տանջողներուն գլուխը ջախջախելու համար: Զայրագին աչքերը մեր վրայ դարձուցած` կատաղութենէն կը մռընչէ իւր աւարը ձեռքէն փախցնելուն ու ժանիքները կը բանայ վրան յարձակելու համար: Թո՛ղ գայ, ո՛ հռովմայեցիք, թո՛ղ գայ հոս` իւր գերեզմանը գտնելու, վասնզի ազատութեան հովը կենդանարար շունչ մըն է ժողովրդոց ու խորշակի պէս կը զարնէ բռնաւորները: Թո՛ղ գայ հոս, փնտրէ իւր գաւազանն ու գահը, ու մեր սուրերուն ծայրը գտնայ անարգութիւնն ու մահը: Սուրբ է ատելութեան բոցը, երբ չարերու դէմ կը բռնկի ու կը տոչորէ զիրենք: Մենք, որ բռնաւորաց զոհ պատրաստուեր էինք, հիմա բռնութիւնը մազերէն բռնած զոհ ընենք ազատութեան խորանին դիմացը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Բրուտոսին խօսքերը պատգամներ են մեզի համար. քու ըսածիդ պէս այդ ատելութիւնը վսեմ, յաւիտենական ու սուրբ հիմունքը ըլլայ Հռովմայ, ուստի մենք, յանուն դժոխային աստուածոց, մէր ամէնուս եւ մեր որդուոցը արեանը վրայ մէկ ձայնով կատաղաբար ատելութիւն կ՚երդնունք Տարկուինեանց դէմ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Գերազանց դիւցազնական խօսքեր. գոհ կը մեռնեմ ես, վասնզի կրցայ մէկ անգամ խօսիլ, ինչպէս որ հռովմայեցիի մը պէտք է խօսիլ, ու իմ ականջներովս լսեցի նաեւ հռովմայեցուոց արժանի իմաստներ: Ուստի, որովհետեւ Հռովմ իւր պաշտպանութեան հոգը բոլորովին մեզի կը յանձնէ վստահութեամբ, քիչ ատենէն պարսպէն դուրս կ՚ելլամ ես ալ, ինչուան ու զէնքերը ձգելով, անկասկած, խաղաղութեան մէջ հաստատուն կառավարութիւն մը շնորհեմ Հռովմայ:

ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ. Կոտրել, ցրուել, ջնջել պէտք է նախ բռնաւորները:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այդ գործքին գլուխը ես պիտի ըլլամ. առայժմ հաճեցէք ունկնդիր ըլլալ իրենց դեսպանին, որ կը խնդրէ ձեզի հետ խօսիլ: Կը հաւատա՞ք, Տարկուինոս ու իւր անօրէն որդին Սեստոսը, մէկ քանի հոգիով, քիչ մը առաջ յանդգնեցան Հռովմայ մօտենալ, կարծելով թէ վախկոտ ոչխարներու խումբի մը պիտի հանդպին. անմիտներ, սաստիկ խաբուեցան, ու Տիբերիոս` իմ որդիս, հալածելով զանոնք, զինուց առաջին պարծանքը ստացաւ: Բռնութեան տեղ, հիմա խորամանկութիւնը ձեռք առնելով` կը համարձակի հոս Մամիլիոսը դեսպան ղրկել. անարժան պայմանները որո՞նք են, կ՚ուզէ՞ք լսել:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Կամ անոնց կամ մեր մահը, ուրիշ պայման չենք ուզեր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Պատասխանը լսէ ուրեմն ինքը ու տանի:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Թո՛ղ գայ շուտով ծառայ դեսպանը, մտիկ ընէ Հռովմայ պատասխանը ու երթայ, պատմէ զինքը ղրկողին:

ՏԵՍԻԼ Զ

ԲՐՈՒՏՈՍ, ՏԻՏՈՍ, ՏԻԲԵՐԻՈՍ, ՄԱՄԻԼԻՈՍ, ՎԱՂԵՐԻՈՍ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ԾԵՐԱԿՈՅՏ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Եկու Մամիլիոս, առաջ անցիր, նայէ՛, որո՞նք են չորս կողմդ: Տարկուինեանց պալատին մէջ մեծցած ըլլալով` դուն Հռովմը չես տեսած, տե՛ս, ասիկա է, հոս է բովանդակ Հռովմը, որ պատրաստ է քեզի մտիկ ընելու, խոսէ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Մեծ ու կարեւոր խօսքեր ունիմ քեզի ըսելու, ո՜վ Բրուտոս, բայց այսչափ բազմութեան մէջ յանկարծակի…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բարձր խոսէ՛, ու չէ թէ մինակ ինծի, ծերակուտին ու ժողովրդեան յայտնէ արքայական պատգամները, եւ ուրիշներու հետ Բրուտոսն ալ մտիկ կ՚ընէ քեզի:

ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ. Ամէնուն խոսէ, ու կարճ խօսքով ամէնուն ալ պատասխանը կ՚առնես մեծ հիւպատոս Բրուտոսին բերնովը. ճշմարիտ թարգմանն է ինքը մեր սրտին ու խորհրդոցը: Խոսէ՛, ուրեմն, ու համառօտ ըսէ. կատարեալ ու բացարձակ պատասխան պիտի ընդունիս մեզմէ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Լսեցի՞ր:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Կը դողամ ես, Տարկուինոս արքայ…:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՛չ Հռովմայ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Տարկուինոս Հռովմայ բարեկամն ու հայրը…:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Անիկա Սեստոսին անօրէն հայրն է, չէ թէ մեր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Հաճեցէք մտիկ ընել իւր խօսքերը մեծանձնական լռութեամբ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Քիչ մը առաջ Տարկուինոս, Հռովմին խռովութիւնը լսելուն պէս, գրեթէ մինակ ու անզէն, ձեզի կու գար իր անմեղութեանը ու ձեր հաւատարմութեան վրայ վստահելով, բայց զինեալ բազմութիւն մը ետ մղեց զինքը. ուստի զիս ձեզի կը ղրկէ պատգամաւոր հաշտութեան ու իմ բերնովս կը հարցնէ ձեզի, թէ ի՞նչ յանցանք գործեր է ինքը, որ պարտաւորի ձեր` իրեն շնորհած գահը կորսնցնելու:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՛վ կատաղութիւն, ո՛վ յանդգնութիւն, Լուկրետիան մեռաւ, ու դեռ կը հարցնէ՞ իւր յանցանքը:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Յանցանքը Սեստոս գործեց, չէ թէ ինքը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ու Սեստոսն ալ հօրը հետ հոս կու գար քիչ մը առաջ, եւ թէ որ անոր հետ փախած չըլլար, դուք զինքը հոս կը տեսնէիք հիմա:

ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ. Ա՜հ, ինչո՞ւ արգիլեցիք զիրենք Հռովմ մտնալու, հազար կտոր ըրած էինք հիմա Սեստոսն ալ, Տարկուինեանք ալ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Իրաւ է, Սեստոսն ալ հօրը հետ էր, բայց Տարկուինոս աւելի իբրեւ դատաւոր, քան թէ իբրեւ հայր, իւր որդին հոս կը բերէր ձեր դիմացը` արժանի պատիժը հատուցանելու իրեն:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Անամօթ եւ լիրբ ստութիւն է ըսածդ, որ զարմացմամբ կը գրգռէ զիս. եթէ ամբարիշտ հայրը իւր գահը պահելու համար որդւոյն արիւնը թափէր, միթէ դարձեալ կ՚ընդունէի՞նք մենք զինքը. Լուկրետիային նախատինքն ու մահը իրաւ է, որ մեր տառապանաց չափը լեցուց, բայց առանց անոր ալ, միթէ ուրիշ հազարաւոր ոճիրնե՞ր կը պակսին հօրը, Սեստոսին ու բոլոր այդ անօրէն Տարկուինեանց ցեղին: Իրենց թագաւորութիւնը արիւնահեղ բռնութեանց ու անիրաւութեանց երկայն հիւսուածք մըն է, ո՞ր մէկը պէտք է յիշատակել հոս իրենց անթիւ սպանութիւններէն. զրկանք, անիրաւութիւն, յափշտակութիւնք եւ բիւր չարիքներ անոնց ձեռքովը լեցուեցան Հռովմ, վերջինը եղաւ Լուկրետիային մահը, բայց անկէ անդին պիտի չանցնի ո՛չ իրենց անպարշտութիւնները եւ ո՛չ մեր տառապանաց ու համբերութեան չափը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Այո՛, վերջին է այս, երդում կ՚ընենք բոլորնիս ալ. պիտի մեռնինք նախ, քան թէ թողունք, որ Տարկուինոս կենդանի Հռովմ մտնայ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ին՞չ եղար, Մամիլիոս, լուռ ու շփոթած կեցեր ես. կրնայիր այդ պատասխանը գուշակել դուն. գնա, ուրեմն, ու տար զայն քու տիրոջդ, որովհետեւ աւելի կ՚ընտրես ծառայ ըլլալ, քան թէ մարդ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Շատ իրաւունքներ կրնայի առաջ բերել, բայց…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բռնութեան տակ ճնշուող ժողովրդեան ու բռնաւորաց մէջ ուրիշ իրաւունք չկան, բայց եթէ զէնքերը: Երբ ինքը գահին վրայ գոռոզութեամբ ու անգթութեամբ կ՚իշխէր Հռովմայ, միթէ ականջ կը կախէ՞ր իրաւանց եւ աղաչանքներու ձայնին, մանաւանդ թէ կը խնդար ինքը, երբ մենք կու լայինք:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ուրեմն` թո՛ղ ուրիշները ձեզ աւելի երջանիկ ընեն լաւագոյն թագաւորութեամբ: Մէկ առաջարկութիւն միայն ունիմ ընելու: Շատ գանձեր ունի Տարկուինոս Հռովմայ մէջ. իւր պատիւը, հայրենիքը եւ գահը յափշտակելէն վերջը արդեօք իւր գանձերն ալ յափշտակե՞լ է ձեր միտքը:

ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ. Թո՛ղ Բրուտոս պատասխանէ մեր տեղը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Հռովմայէիք չի յափշտակեցին Տարկուինոսէն իւր հայրենիքը, բռնաւորք չունին հայրենիք եւ ո՛չ ալ արժանի են ունենալու: Պատիւը շատոնց կորսնցուցին իրենք իրենց ձեռքովը, մեր կամքովը ինկան, կործանեցան բռնութիւնն ու բռնակալը, ու իրենց գահը մոխիր դարձած` ցրուեցաւ, օդին մէջ անհետ եղաւ: Իրաւ է, որ իրենց նախնիքներէն մնացած գանձեր ունի Հռովմ, որ չարարուեստ հնարքներով քաղքին մէջ տարածուեցան ու ապականեցին մեր բարուց ամբծութիւնը, ուստի Հռովմ այդ գանձերուն մինակ Տարկուինոսները արժանի կը տեսնայ ու ամբողջ ետ կը դարձնէ իրենց:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜վ վսեմամիտ Բրուտոս. Հռովմայ խնամակալ աստուած մը կը խօսի Բրուտոսին բերնովը, իւր ըսածին պէս ըլլայ, ու ետ տրուին Տարկուինոսին իր գանձերը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ու գանձերուն հետ հալածուին մոլութիւնք ու ամէն արքունական պղծութիւնները: Գնա՛, Մամիլիոս, իրենց ստացուածքները ժողվէ՛, որչափ կրնաս փութով. իմ որդիքներս քեզի պահապան ըլլան ու հսկեն վրադ (Իր որդուոցը), գացէք իւր հետը:

ՏԵՍԻԼ է

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ԾԵՐԱԿՈՅՏ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ա՛լ պէտք է դադրեցնենք մեր ժողովքը ու ելլանք պատերազմի դաշտը, տեսնանք, թէ ուրիշ պատասխան կը մնա՞յ տալու Տարկուինոսին մեր սրովը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ահա՛ հոս ենք մենք, ամէն բանի պատրաստ քեզի հետ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Քալեցէք, երթանք, ուրեմն, յաղթութեան կամ մահուան:

Ձգի վարագոյրն