Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա

ՍԵՆԵԱԿ

ՏԵՍԻԼ Ա

ԿԵՍԱՐ, ԱՆՏՈՆԻՈՍ

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ահա՛ այսպէս պիտի թագաւորես դուն, Կեսար. այս բարեպատեհ ժամուն մէջ Հռովմ իր ճակատը պիտի խոնարհեցնէ քու պսակիդ դիմացը ու զքեզ պիտի ողջունէ` մշտայաղթ, հզօր պահապան ու արի վրէժխնդիր Հռովմայ բարձր գահին, ու միահեծան ինքնակալ: Անտոնիոս ամենեւին չի նախանձիր, մանաւանդ թէ պաշտպան կը կենայ քեզի պէս դիւցազնի մը փառացը. ու իմ ձեռքերս պիտի լարեն որոգայթը, որուն մէջ դուն Հռովմը կ՚ուզես բռնել: Բաւական է ինծի քու ձեռքիդ տակը երկրորդ ըլլալ մարդկանց մէջ. կը ցանկամ մինակ գլխուդ թագ կապել ու ծառայել, քան թէ թագաւորել, բայց ի՞նչ է, որ կը տեսնամ, տէր. հառաչանքներով մինակ պատասխան կու տաս ինծի քուկին փառքդ ինծի. ուրախութիւն է, ու քեզի վի՞շտ կը պատճառէ, ո՞ւսկից կու գայ քեզի այդ տխրութիւնը. դուն որ աշխարհքիս ու Հռովմայ մեծապանծ թագաւորն ես. Կեսար կը հառաչէ՜, Կեսար կը վախնա՜յ. ո՞ր բանն է քու կտրիճ սրտիդ վախ տուողը:

ԿԵՍԱՐ. Սիրեցեալդ Անտոնիոս. ատենն է ալ սրտիս խորհուրդները քեզի յայտնելու. գուցէ քեզի անծանօթ չէ, որ քիչ ատենէն պիտի շարժեմ իմ բանակս գոռոզացեալ Պարթեւաց վրայ. կ՚երթամ Կրասոսին ու բոլոր Հռովմայ անարգանաց վրէժը պահանջել հայերէն ու պարսիկներէն. իմ արծուիս, որ հռովմէական հզօր բանակիս անպարտելի նշանն է, Վոսպօրէն անդին կ՚ուզէ տարածել թեւերը, ու կտրիճ զօրքերս գլխուս պսակուելուն կը սպասեն, կը յուսամ, այս ձեռքերը, որ Հռենոսը գերեցին, պիտի նուաճեն Եփրատն ալ. այս յոյսը կը քաջալերէ զիս. բայց չի կրնար խաբել. ո՞վ գիտէ, կրնայ ըլլալ բախտս յոգնի ինձ հետ վազելէն. բախտը աշխարհքս ամէն իմաստունները ծաղր կ՚ընէ, ու թէ որ Պոմպէոսն ալ մատնեց նէ, չի՞ կրնար ըլլալ, որ հիմա ալ Կեսարը, վասնզի յաղթանակէ դէպի կործանումն շատ անգամ ոտքի քայլ մը բաւական է: Քառսուն տարի տիրեցի, կռուեցայ ու յաղթեցի, ու աս ձեռքերս աշխարհքիս բախտին երասանակները կառավարեցին. իմացայ, որ աշխարհքիս մէջ բախտ ըսածը կ՚երթայ ու կու գայ, ինչպէս չոր խոտ մը հողմէն: Բայց ինչ պիտի ըլլայ նէ, թո՛ղ ըլլայ. ասկէ ետքը բնաւ չեմ վախնար, գիտեմ յաղթել առանց պարծենալու, եւ մեռնիլ առանց ցաւելու: Իմին երթալու ատենս աս մինակ կը խնդրեմ քու բարեկամութենէդ, իմ որդիքներուս վրայ ըլլան միշտ աչքերդ. աս ըլլայ քեզի իմ վերջին կտակս. Անտոնիոս Կեսարին որդուոցը հայր ըլլայ. երդում չեմ ուզեր. յիշէ՛ միայն խօսքերս:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ինչպէ՞ս կարելի է այդ բանը. դուն երթաս պատերազմի, արիւն թափելու ու մահուան, ու ես քու տեղդ Իտալիա՞ մնամ, երբ փառաց հրաւէրը զքեզ Ասիա կը կանչէ. ծանր կու գայ ինծի նաեւ տեսնել, որ բախտիդ վրայ վախնալով` չարիքներ կը գուշակես, թագաւորութեանդ ու որդուոցդ հայր կ՚ընես զիս. ուրիշ որդի չունիս դուն Հոկտաւիոսէն ի զատ, ու որդեգիր ամենեւին:

ԿԵՍԱՐ. Չեմ ուզէր ծածկել քեզմէ հայրենի սրտիս վիշտը. Հոկտաւիոս իմ հարազատ որդիս է, գիտեմ, անոր համար ալ Կեսար անուանեցի զինքը. սակայն բախտը, չեմ գիտեր, բարերար կոչեմ չէ նէ թշնամի, ուրիշ որդւոյ մը, ու սիրելի որդւոյ, զիս հայր ըրաւ. բայց աւա՜ղ, անիկա ինծի սիրոյս փոխանակ չարիք կը հատուցանէ:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Եւ ո՞վ է անիկա, ո՞վ է այն ապերախտ, դիւցազանց արեան անարժան որդին:

ԿԵՍԱՐ. Մտիկ ըրէ՛. կը ճանչնա՞ս արդեօք Բրուտոսը:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ինչ՞…

ԿԵՍԱՐ. Ան Բրուտոսը, Կատովնին անաչառ օրինացը աշակերտ ու պաշտպան, ոխերիմ թշնամի միապետական տէրութեան, անիկա, որ իմ անձիս թշնամիներուն հետ միշտ ինծի դէմ հակառակ ելաւ, անիկա, որ Թեսաղիոյ դաշտերուն մէջ ձեռքս իյնալով երկու անգամ կեանքը շնորհեցի, անիկա իմ անուանս խրոխտ թշնամիներուն մէջ ծնած ու մեծցած, անիկա…

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Անիկա ի՞նչ, առաջ տար խօսքդ, կ'աղաչե՛մ:

ԿԵՍԱՐ. Անիկա իմ որդիս է:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ին՞չ կ՚ըսես:

ԿԵՍԱՐ. Կը զարմանա՞ս. բայց դուն մինակ ինծի մի՛ հաւատար. ա՛ռ, կարդա՛յ ու տես:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. (Բանալով ու իբր թէ մինակ վերնագիրը տեսնելով) Սերուիլիա, Կատովնին քոյրը՞…

ԿԵՍԱՐ. Անկէ ծնաւ ինծի որդեակն իմ Բրուտոս. ո՜վ դիք, պահեցիք, ուրեմն, զինքը, որ ինծի հակառակ ապստամբ գլուխ վերցնէ, բայց կարդա՛ դուն այդ նամակը, որ իւր մայրը ինծի գրեց մահուան անկողնին մէջ. կարդա՛ ու ամէն բան անկէ կ՚իմանաս:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. (Կը կարդայ) «Սիրելիդ իմ Կեսար. ահա կը մեռնիմ ես. աստուծոյ բարկութիւնը միանգամայն կեանքիս ու սիրոյս վերջ կու տայ. ա՜հ, միտքդ ըլլայ միշտ, որ Բրուտոսին` իմ որդւոյս հայրն ես. մնաս բարով, ընդունէ՛ ետքի շնչոյս հրաժարականը, լսեն աստուածները իմ աղաչանքիս, որ գրեթէ գերեզմանիս մէջեն իրենց կ՚ուղղեմ. Բրուտոս նոյն սէրն ունենա քու վրադ, նոյն սէրը, որով հիմա հողը կ՚իջնամ: Քուկին Սերուիլիադ»: Զարմանալի դիպուած, ո՞ր բռնաւոր բախտը զքեզ հայր ըրաւ այնպիսի որդւոյ մը, որ քեզի հետ ամենեւին նմանութիւն մը չունի:

ԿԵՍԱՐ. Սակայն ունի անիկա ալ առաքինութիւններ, թէպէտեւ հօրը առաքինութիւններուն նման չեն. իւր անյաղթելի արիութիւնը թէպէտ ինծի հակառակ է, բայց ինծի սիրելի է շատ, բարկացած եմ իր վրան, բայց համոզուած ալ եմ, որ այդ կատաղի անձը սաստիկ զարմացմամբ լեցուցած Է զիս, ու թէպէտ թագաւորութեան սէրը կը դատապարտէ զինքը, մտքովս իրաւունք կու տամ իրեն կամ հայրենի սրտիս գթութենէս բռնադատուած եւ կամ Հռովմայեցի ըլլալովս` հայրենեացս իշխանական ձայնը միշտ կը լսեմ սրտիս մէջ, որ ամէն բանէ աւելի պէտք էր սիրել. աւելին ալ ըսեմ քեզի, թէ որ Բրուտոս Կեսարու որդին է, պէտք է որ ատէ միապետութիւնը, ես ալ երիտասարդութեանս տարիքին մէջ նոյն կարծիքն ու համոզումը ունէի. ատեցի Սիղղան, գարշեցայ բռնաւորներէն, ու եթէ Պոմպէոսին անիրաւ իշխանութիւնը չուզէր ոտքի տակ առնել զիս, հիմա Կեսար Հռովմայ քաղաքացիներէն մէկն էր. իրաւ, փառասէր ու գոռոզ բնութեամբ, բայց առաքինութիւնը սիրող, հաւատա՛ ինծի, Անտոնիոս, թէ որ Կեսար չըլլայի, Բրուտոս էի:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Կարգէ դուրս են ինծի համար այդ խօսքերդ, տէ՛ր:

ԿԵՍԱՐ. Պէտք է անանկ սիրտ մը ունենալ, որ ամէն վիճակի յարմարի. քիչ ատենէն կը տեսնաս դուն, Բրուտոս, երբ իմանայ իմ որդիս ըլլալը, պիտի փոխէ իւր միտքը. արքունի պսակը, որ իմ ճակտիս պատրաստուած է, կը յուսամ, որ կակղցնէ իւր սրտին խստութիւնը. շատ անգամ, երբ բախտը կը փոխուի, կը փոխուի բնութիւնն ալ. չե՞ս յուսար բնութիւնը ու արիւնը, թագաւորութեան յոյսը ու քու խրատներդ քիչ ատենէն իմ որդիս ինծի դարձնեն:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ես կը տարակուսիմ, տէր, աղէկ կը ճանչնամ ու ակամայ կը խոստովանիմ անոր մտքին անսաստ խեռութիւնը, անանկ դպրոցի մը գնաց, աշակերտ եղաւ, որ շողոքորթական խօսքերու եւ ո՛չ ականջ կը կախէ, այդ կախարդ փիլիսոփան` Ստոյիկոսը, որ կը սովրեցնէ բնութեան դէմ կռւըտիլ, անիկա միշտ անոր ականջէն վար կը սուլէ. անոր սիրտը հիմա քարացած է ու աղիքները պղինձ դարձած, նոյն ինքն Կատովն, այդ ցնորեալ դիւցազնը` Ստոյիկեան վարդապետութեամբ մոլորած, որ ատելութեամբ մահը ընտրեց, քան թէ քու բարեկամութեան սէրդ, որ չրլլայ թէ ներումն խնդրելու խոնարհի, նոյն ինքը, կ՚ըսեմ, բոլոր իր ամբարտաւանութեամբը այնչափ երկիւղալի չէր, որչափ այդ անգութ գազանը, որ դուն կ'ուզես ու կը յուսաս ընտանեցնել:

ԿԵՍԱՐ. Ո՜վ բարեկամ, ի՞նչ կը խօսիս. վիրաւորեցիր զիս:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Կը սիրեմ քեզ ու չեմ կրնար խափել:

ԿԷԱԱՐ. Բայց գուցէ ժամանակը խելքը գլուխը բերէ իրեն:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ես չեմ յուսար

ԿԵՍԱՐ. Ին՞չ, ուրեմն, անոր ատելութիւնը...

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Այո՛, պիտի բորբոքի ու երէ զքեզ:

ԿԵՍԱՐ. Հոգ չէ. ինչ պիտի ըլլայ նէ, թո՛ղ ըլլայ, ես անոր հայրն եմ ու Կեսար եմ. ինծի պարծանք է, չէ թէ միայն թշնամիներուս ներել, այլ եւ բարեկամ կոչել զանոնք ինծի, կ՚ուզեմ, որ Հռովմ ու իմ որդիս ակամայ բռնադատուին զիս սիրելու. ու ներող գթութեամբս խոնարհեցնեմ դիմացս Բրուտոսը ու բոլոր աշխարհքը, զքեզ ինծի օգնական պիտի առնեմ, ո՜վ քաջ. դուն քու ձեռքդ ինծի երկնցուցիր` ապստամբներուն գլուխը ջախջախելու համար, նուաճէ ՛ հիմա, նուաճէ՛ Բրուտոսն ալ. կակղցուր անոր պնդացած սիրտը ու հեզութեամբ ըսէ իւր ծննդեան գաղտնիքը, որ կ՚ուզեմ յայտնել իրեն, բայց բնաւ չեմ համարձակիր:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ահա՛ պատրաստ կեցած եմ, ամէն բան յանձն կ՚առնեմ քեզի համար. բայց դարձեալ կ՚ըսեմ ես յոյս չունիմ:

 

ՏԵՍԻԼ Բ

ՏՕԼԱՊԵԼԼԱՅ, ԿԵՍԱՐ, ԱՆՏՈՆԻՈՍ

ՏՕԼԱՊԵԼԼԱ. Վեհազն տէր, աւագանին, ինչպէս որ հրամայեցիր, հոս ժողվուելով` կուզէ ներս մտնել:

ԿԵՍԱՐ. Ինչո՞ւ համար այդչափ ուշացան, թո՛ղ գան շուտով:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. (Անոնց ներս մտնելու ատեննին) Ահա՛ կու գան. երեսներէն ատելութիւն ու լեղի կը կաթի:

ՏԵՍԻԼ Գ

ԿԵՍԱՐ, ԱՆՏՈՆԻՈՍ, ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿԱՍԻՈՍ, ԿԻՄԲՐՈՍ, ԴԵԿԻՄՈՍ

ԿԵՍԱՐ. Առաջ եկէք. դուք, որ Հռովմայ հաստատուն սիւներն ու ամրութիւնն էք, քաջ նիզակակիցք իմ, մօտեցէք ինծի, Կասիոս, Կիմբրոս, Դեկիմոս ու դուն իմ Բրուտոսս. բոլոր աշխարհքիս նուաճութեան ժամը հասաւ, թէ որ յաջողեն մեզ երկինք, ու դժոխոց մէջ Կրասոսին ոգին գոհ ընելու Պարթեւաց գահին կործանմամբը. եկաւ ժամանակը, որ Հռովմայ տէրութեան պակասորդը պիտի լեցուի պատերազմի իրաւունքով. ամէն բան պատրաստ է, ու Եփրատ գետը ինծի կը սպասէ. ես վաղը հոն պիտի երթամ, Կասիոս ու Բրուտոս ինծի հետ պիտի գան, Իտալիայ ու Գաղղիա Անտոնիոսին ձեռքը մնան: Ուրիշ բան չի մնար Հռովմայ ու ինծի, բայց միայն գիտնալ, թէ ի՞նչ անունով պէտք է, որ տիրեմ աշխարհի. Սիղղա իշխանապետ էր, Մարիոս` հիւպատոս, Պոմպէոս` սպարապետ, որուն ես յաղթեցի, ու բաւական է ըսել, որ նոր իշխանութեան նոր անուն մը պէտք է: Ամէն տեղ ձայն մը կը հռչակի, թէ պարապ տեղը Հռովմ կը խրոխտայ Հայոց ու Պարսից դէմ, միայն մէկ թագաւոր մը բաւական է յաղթել անոնց. անոնց դէմ կը պատրաստուի Կեսար, որ թագաւոր չէ. Կեսար հզօր քաղաքացի մըն է ու իր յաղթութեանց փառքովը մինակ կրնայ պարծիլ. բայց, գուցէ, գայ օր մը, որ ինքն ալ փոփոխամիտ ռամկին ապստամբութեանը փորձը առնէ: Միթէ թող կու տա՞մ, որ իմ կենդանութեանս ատենը Հռովմ յաղթուի, մանաւանդ թէ հազար անգամ թո՛ղ մեռնի Կեսար. կը լսէ՞ք իմ խօսքերս ո՛ հռովմայեցիք, ու կ՚իմանա՞ք միտքս ու դիտաւորութիւնս, որուն կը փափագիմ:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Ժամանակ է ալ խօսելու, ո՜վ Կեսար. այն ամենայն թագ ու արքունի գաւազան, որ մեր աշխատութեանցը պտուղն ու յաղթանակը պիտի ըլլան կ'ըսես, նախանձոտ ծերակուտին ու ժողովրդեան աչքին աւելի նախատինք պիտի սեպուին, քան թէ շնորհք ու բարերարութիւն: Մարիոս, Սիղղա, Պոմպէոս իրենց անիրաւ իշխանութեամբն ալ չի յանդգնեցան Հռովմայ սահմաններն ուզածներուն պէս բաժնել ու թագաւորի պէս պատգամներ որոտալ մեզի. մենք աւելի մեծ բարիքներ կը յուսայինք քեզմէ, Կեսար:

ԿԵՍԱՐ. Ին՞չ է ուզածդ, ըսէ՛ նայիմ:

ԱՄԷՆՔԸ. (Բացի Անտոնիոսէն) Ազատութիւ՛ն, ազատութիւ՛ն

ԿԱՍԻՈՍ. Դուն ալ երդումով խոստացար ջնջել բոլորովին ինքնակալ տէրութիւնը, ու մենք այսօրուան վրայ յոյսերնիս դրեր էինք. ասիկա էր նաեւ Հռովմին ուրախալի յոյսը, որ հիմա թշուառ եղած է գերութեամբ, արիւնոտ դիականց մէջ կը նստի ու հառաչանաց ձայնը ինչուան երկինք կը հասնի. ա՛րդ, յիշեցնեմ քեզի քու երդումդ, Կեսար:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Թող մեծնայ Կեսար, ես ալ կ՚ուզեմ, բայց ազատ ըլլայ Հռովմ, ու ի՞նչպէս կարելի բան է, որ ինչուան Հնդկաստան իշխողը գերի ըլլայ ինք իր մէջը. ի՞նչ օգուտ է անոր, որ իւր անունէն դողայ աշխարհք ու ամէնքը պաշտեն զինքը, իբր փառաւոր թագուհի մը, երբ անիկա գերութեան շղթաներու մէջ կը տառապի. ի՞նչ օգուտ մեզի ալ գիտնալը, որ Կեսար ամէն կողմէն շատ մը գերիներ ու հարուստ կողոպուտներ մեզի կը բերէ. պարսիկներն ու հայերը չեն մեր արեան ծարաւի` ոխերիմ թշնամիները. անոնցմէ չարագոյն թշնամիներ կան. այո՛, կան, ես գիտեմ ըսածս:

ԿԵՍԱՐ. Դո՞ւն ալ մի, ով իմ Բրուտոս:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Կը լսե՞ս ասոնց յանդգնութիւնը. տե՛ս, թէ թողութեան արժանի՞ մարդիկ են ասոնք:

ԿԵՍԱՐ. Անանկ է նէ` դուք ձեր լիրբ յանդգնութեամբը կ՚ուզէք յոգնեցնել իմ մարդասէր հեզութիւնս, դուք, զորոնք իմ սրտովս ու աղեղամբս ստացեր եմ, դուք, Մարիոսին ծառաները ու Պոմպէոսին գերիները, որ մինակ իմ գթութեամբս աս օդը կը շնչէք, ապերախտ ու անսանձ լեզուներ, որ Սիղղայի դիմացը պապանձած ու կապկպած էին ու հիմա իմ վեհանձնութենէս համարձակութիւն առած` վրաս կը գոռան, ամենեւին չի վախնալով, որ Կեսար այդչափ նուաստութիւն յանձն առնէ ձեզմէ վրէժ առնելու: Հոն, Փարսադիոյ դաշտին մէջ, հոն պէտք էիք ընել այդ լրբութիւնը. հիմա բախտը իմ կողմս է. թէ որ յաղթել չի գիտցաք, սովրեցէ՛ք ծառայել:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ծառայե՞լ. ո՜հ, իմ քաջ ընկերներս, մեռնինք մանաւանդ` մեռնինք. հրաման տուր, Կեսար, թո՛ղ զարնեն մեզ, մի՛ կարծէր, որ վատերու հետ կը խօսիս. Հռովմայ փառացը անարժան սրտեր չունինք մենք, Թեսաղիոյ դաշտին վրայ մեզմէ ոչ ոք իւր կեանքը քեզմէ խնդրելու անարգութիւնը չունեցաւ. դուն ինքիրմէդ մեզի պարգեւ տուիր զայն, որ նախատինք ըլլայ մեզի, դառն է մեզի այս կեանքը, թէ որ այդչափ սուղ պիտի գնենք նէ. թէ որ դուն թագաւորութեան կը փափագիս. անանկ է նէ, ալ մի՛ խնայէր մեզի, զա՛րկ, սատկեցուր. ու նախ` ինձմէ սկսէ՛:

ԿԵՍԱՐ. Մտիկ ըրէ ինծի (Մէկալներուն), գացէք դուք. այնչափ յանդգնեցա՞ր, Բրուտոս, որ ինչուան զիս ալ կը նախատես. սուր խոցերով վիրաւորեցիր զիս, ու չեմ իմանար. բայց մի՛ վախնար, չի կրնար ըլլալ, որ Կեսար քու կեանքդ ուզէ: Մէկդի թող, Բրուտոս, այդ անմիտ. կատաղի սէրը հայրենեաց` ծերակոյտին ու Հռովմայ (Բրուտոս կ՚ուզէ երթալ). մտիկ ըրէ՛, կեցի՛ր հոս. դուն մինակ կրնաս զէնքերս ձեռքէս առնել (Նորէն կ՚ուզէ երթալ). կեցի՛ր, մի՛ բաժնուիր քովէս, սրտիս սիրելին, ո՜վ իմ Բրուտոս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բոլոր արիւնս քուկինդ է, Կեսար, թէ որ դուն քու առջի խօսքդ պահես, իսկ թէ որ դուն բռնաւոր մըն ես, քու սէրդ զզուելի ու գարշելի է ինծի (Կ՚ուզէ երթալ):

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Կեցի՛ր, մ՚երթար…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ես Անտոնիոսի՞ն հետ. հռովմայեցի չեղողին հետ չեմ կրնար կենալ, ու ո՛վ որ թագաւոր կ՚ուզէ, անիկա հռովմայեցի չէ:

ՏԵՍԻԼ Դ

ԿԵՍԱՐ, ԱՆՏՈՆԻՈՍ

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ես քեզի չըսի՞ մի հիմա կը կարծե՞ս դուն, որ բնութիւնը կակղցնէ այդ քարացեալ սիրտը. մէկդի թող այդ մտածմունքդ: Բրուտոս թէ որ կ՚ախորժի, թո՛ղ լայ Հռովմայ կործանումը. բայց թող ծածուկ մնայ իրմէ իւր ծնողին անունը, որ կը հալածէ. մահուան արժանի է այն ապերախտ ու յանդուգն մարդը, որ քու բարիքներդ ոտքի տակ առաւ. ալ մոռցիր ասկէ ետքը, որ անիկա քու որդիդ է:

ԿԵՍԱՐ. Չեմ կրնար. վասնզի կը սիրեմ զինքը:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Թէ որ ասանկ է նէ, ուրեմն, իջնայ թո՛ղ Կեսար իւր աթոռէն. միտքդ դրեր ես, որ անոր ձեռքո՞վը պիտի պատրաստուի քեզի գահը. Հռովմայ իշխանը դո՞ւն ես մի, չէ նէ Կասիոս, Կիմբրոս, Դեկիմոս` անծանօթ, աննշան մարդիկ, որ գոռոզութեամբ համարձակեցան յանդիմանել, կշտամբել զքեզ, սպառնալ քեզի, որ տիեզերաց թագաւոր ես. ու դեռ կենդանի են անոնք:

ԿԵՍԱՐ. Անոնք ինծի հաւասար իշխանակիցներս են. բայց իմ ձեռքիս տակը բռներ եմ զանոնք ու գիտեմ խաղաղութեամբ լուծը անոնց վիզը անցունել:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Թէ որ քու տեղդ Մարիոսն ու Սիղղան ըլլային, մի՛ կարծէր, որ այդչափ գթութեամբ վարուէին անոնց հետ, այլ չարաչար մահուան պատուհասով փոխարէն կը հատուցանէին անոնց:

ԿԵՍԱՐ. Բարբարոսին մէկն էր Սիղղա. արիւն, հուր ու գազանացեալ բարկութիւն անոր իշխանութեանը գահը պատրաստեցին, կեղեքեց անիկա Հռովմը, ամէնուն ատելի եղաւ. բայց ես կ՚ուզեմ ամէնուն սիրելի ըլլալ. գիտեմ ես ռամկին բնութիւնը, որ մէկ օրուան մէջ ատելութիւնը սիրոյ կը փոխէ. թէ որ թագաւորական պատիւս իրեն ծանր կ՚երեւայ, անուշ պիտի գայ իրեն մարդասիրութեանս գութը, ասանկ ծաղկըներու տակ կը ծածկեմ ես վիհը, ուր կը գլորեմ զինք: Պէտք է շոյել գազանը զինքը կապելու ատենն ալ, քաղցրութեամբ կ՚որսամ ու գգուանքներով կը նուաճեմ, ու թշնամիներու վրա իմ սէրս յաղթանակ կը կանգնեմ:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ինչուան որ չի վարժին անոնք քեզմէ վախնալու, չես կրնար թագաւորել:

ԿԵՍԱՐ. Չէ՛, չեմ ուզեր, որ վախնայ մէկը Կեսարէն. բայց միայն անիկա, որ իրեն դէմ զէնք կը վերցնէ:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Բայց գիտնաս, որ Հռովմ կրնայ գէշ գործածել քու մարդասէր քաղցրութիւնդ:

ԿԵՍԱՐ. Հռովմ ինչուան հիմա մեծարեց իմ բարերարութիւններս. նայէ՛ դուն մէյ մը այն տաճարին, որ կանգնեց Կեսարի սիրոյն:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Վախցի՛ր, գուցէ մէկ օր մը ուրիշ տաճար մըն ալ կանգնէ` փառաց վրէժխնդրութեան. վախցիր անոնց սրտերէն, որ նախանձու թոյնով լեցուն է. այդ ցնորեալ Կասիոսը արդէն գուշակեց, որ այսօր իմ ձեռքէս պիտի ընդունիս դուն արքայական թագը, ու քու երեսիդ ալ յանդգնեցաւ մրմռալ. պէտք էր, գոնէ, այս ապստամբներէն աներկիւղ ըլլալ ու անոնց նետերէն ապահովել ինքզինքդ:

ԿԵՍԱՐ. Թէ որ ես վախնայի անոնցմէ, ինչուան հիմա արժանի պատիժը անոնց գլուխը կը թափէի, բայց ինչո՞ւ ատելութեան խորհուրդներ կը թելադրես ինծի. բաւական է ալ. ելլանք երթանք, ու մէկդի դնելով փուճ կասկածներու ու վրէժխնդրութեան վախը` մարդասէր կամօք թագաւորենք աշխարհքիս վրայ, որ ինքիրենը իւր պարանոցը կը մատուցանէ` ծառայութեան լուծը առնելու համար:

Ձգի վարագոյրն