ՏԵՍԻԼ
Ա
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ,
ԼՈՐԵՏՈՍ
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Խեղճ
Կերարտոս,
ո՞րչափ
կը
ցաւիմ
իր
վրան.
աշխարհքս
միշտ
ասանկ
է,
աղէկ
մարդը
երկար
չապրիր:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Եղբայր
իմ,
աս
ո՞րչափ
լացիր,
աս
ո՞րչափ
հառաչեցիր,
ալ
համբերութիւնս
հատուցիր.
չեմ
գիտեր,
թէ
ամէնէն
սիրելի
ազգականդ
ալ
ըլլար,
այսչափ
պիտի
ցաւէի՞ր:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Պարապ
խօսքեր
կ՚ընես,
գիտեմ
ես
ըրածս.
ո՞ւր
տեսար
դուն
Կերարտոսին
պէս
քաջ
ու
հաւատարիմ
ծառայ
մը:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Այո՛,
ես
ալ
շատ
կը
ցաւիմ
անոր
մահուանը
վրայ,
բայց…
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Չե՞ս
յիշեր,
քանի՞
անգամ
իւր
կենաց
վտանգովը
իմ
կեանքս
ազատեց.
միթէ
դուն
ալ
անոր
պարտական
չե՞ս
քու
կեանքդ
ալ,
երբ
անտառին
մէջ
վեց
աւազակներ
քու
վրադ
յարձակեցան,
ու
Կերարտոս
ադ
անզգամներուն
երկուքը
գետինը
փռեց
ու
մէկալներն
ալ
փախցուց:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Ու
ես
ալ
ապերախտ
չգտնուեցայ
ու
շատ
ստակով
վարձատրեցի
իւր
քաջութիւնը,
բայց
հիմա
որ
մեռած
է,
ալ
պարապ
է
երկայն-բարակ
ողբեր
ընել
իւր
վրան.
նայինք
մանաւանդ
ուրիշ
մէկը
գտնալ
անոր
տեղը:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Շիտակը
զրուցեմ,
ահա՛
ադ
է
ինծի
մտմտուք
պատճառողը,
շատ
դժուար
է
այսօրուան
օրս
գտնալ
անոր
պէս
կտրիճ
եւ
հավատարիմ
մէկը:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Ին՞չ,
մտմտու՜ք,
ՈՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Այո՛:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Գիտցի՛ր,
հազիւ
թէ
խեղճ
Կերարտոսին
մահուան
լուրը
տարածուեցաւ
այս
առտու,
երեք
հոգի
ներկայացան
ինծի
ետեւէ-ետեւ
եւ
աղաչեցին
հանգուցելոյն
յաջորդութեան
պատիւը
ունենալ:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Բայց
գիտե՞ս,
որ
հիմակուան
ծառաներէն
շատը
մեծ-մեծ
խօսող,
խոշոր-խոշոր
ջարդող
ու
սրտով
անպիտան
եւ
վատ
մարդիկներ
են:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Բայց
կրնանք
անոնց
մէջ
աղէկ
ընտրութիւն
մը
ընել:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Շատ
աղէկ,
ուզածդ
ըլլայ,
զո՞վ
պիտի
գտնաս
նայիմ,
որ
Կերարտոսին
տեղը
կարենայ
բռնել:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Կրնանք
մէյ
մը
այս
առտու
եկողներուն
մէջ
ընտրութիւն
մը
ընել:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Կը
ճանչնա՞ս
զիրենք:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Շիտակը
զրուցելով
չէ,
բայց
ինծի
անանկ
ըսին,
որ
անվախ,
զօրաւոր
մարդիկներ
են:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Որովհետեւ
միտքդ
դրեր
ես,
որ
ան
երեքին
մէջ
մէկը
պէտք
է
ընտրել,
եւ
քաջ
մարդիկներ
են,
իմին
ալ
խելքիս
կը
փչէ
մէկ
խաղ
մը
ընել`
զանոնք
փորձելու
համար:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Փորձէ՛,
ինչպէս
որ
կ՚ուզես:
ՏԵՍԻԼ
Բ
ԹԱԴՈՍ
ԵՒ
ԱՌԱՋԻՆՔ
ՔԹԱԴՈՍ.
Տեա՛րք
իմ,
Շանախորով
ըսուած
մէկը
եկեր,
ձեզ
տեսնալ
կ'ուզէ:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Անոնցմէ
մէկն
է:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Թո՛ղ
գայ
(Ծառան
կ՚երթայ):
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Սա
ընելու
փորձդ
ի՞նչ
է,
կրնա՞մ
գիտնալ:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Պիտի
ըսեմ
քեզի.
անանկ
փորձ
մըն
է,
որ
եթէ
ճերմըկերես
կարենան
մէջէն
ելլալ,
իրաւցնէ
քաջ
մարդիկ
են:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Ահաւասիկ
ինքը,
տե՛ս,
ինչ
ահաւոր
կերպարանք
է:
ՈՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Կը
տեսնամ,
գլխԷն
ինչուան
ոտքը
սպառազինեալ
է,
բայց
քաջութիւնը
երեւոյթին
վրայ
կեցած
չէ:
ՏԵՍԻԼ
Գ
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ
ԵՒ
ԱՌԱՋԻՆՔ
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Յարգամեծար
տեարք…
ձեր
հրամանովը…
կ՚ուզէի…
խնդրել
ձեզմէ…
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Խոսէ՛,
խոսէ՛:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Լսելով
ձեր
ծառային
մահը…
եւ
հիմա…
ես
ալ
գործ
մը
չունենալով…
կը
յուսամ…
ուստի
կ՚աղաչեմ
ձեր
յարգամեծար
տէրութեանցը…
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Կ'ուզէ՞ս
մեր
քովը
ծառայ
ըլլալ:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Այո՛,
այո՛,
աս
կ'ուզէի
ըսել:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Քու
անունդ
ի՞նչ
է:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Բարթուղիմէոս
Մարդակերոս
անուանեալն
Շանախորով,
բայց
կարող
Է
նաեւ,
եթէ
հրամմելու
ըլլաք,
խորովել,
այրել,
տապկել
բովանդակ
աշխարհս:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Ո՜հ,
ո՜հ,
շատ
բարձրէն
սկսար:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Ներեցէք,
կ'ուզէի
ըսել,
որ
իմ
քաջութիւնս…
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Մտիկ
ըրէ՛,
թերեւս
մեր
ծառայութեան
մէջ
ընդունինք
զքեզ,
եթէ
պայմանները
յարմարին.
առայժմ
պէտք
է,
որ
այս
գիշեր
պահպանութիւն
ընես
մեռելի
մը:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Մեռելի՞
մը,
ի՞նչ
ըսել
կ'ուզէք,
կը
կարծե՞ք,
որ
ես
բաւական
ոյժ
չունիմ
կենդանիները
սպանելու,
որ
կ'ուզէ՛ք
մեռելոց
պահապան
ընել
զիս:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Հանդարտէ՛,
ո՜վ
քաջդ,
գիտես,
որ
անցեալ
գիշեր
մեռաւ
մեր
խեղճ
սպասաւորը,
որն
որ
իր
կատարելութիւններովն
սիրելի
եղած
էր
ինծի,
որոշեցի,
ուրեմն,
որ
վաղը
պատուաւոր
յուղարկաւորութիւն
մը
ըլլուի
իրեն,
բայց
ինչպէս
որ
մեր
երկրին
սովորութիւնն
է,
դեռ
չթաղուած
մեռելին
քով
պէտք
է
պահապան
մը
կենայ,
ուստի
դուն
պիտի
ըլլաս
այս
պահապանը:
Կրնա՞ս
յանձն
առնուլ
այս
պաշտօնը:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Յանուն
բոլոր
դժոխական
կաճառին
կենդանի
մարդկանց
ամէնէն
զօրաւորագունին
կրնամ
պահապան
ըլլալ,
ո՞ւր
մնաց
մեռելի
մը:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Շատ
աղէկ,
ես
ալ
պիտի
վկայեմ
ան
ատենը
քու
գործունէութիւնդ:
Արեւը
կը
մտնայ,
քիչ
մը
կերակուր,
անկէ
ետքը
գործի
կսկսիս:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Բայց
կ'ուզեմ
մէյ
մը
գիտնալ,
ո՞ւր
է
այդ
մեռելը:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Քիչ
մը
ետքը
հոս
բերել
տամ
պիտի:
Թադո՛ս:
ՏԵՍԻԼ
Դ
ԹԱԴՈՍ
ԵՒ
ԱՌԱՋԻՆ
ԹԱԴՈՍ.
Հրամմեցէ՛ք:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Տար
աս
մարդը
խոհանոցը,
ըսէ՛
խոհարար
պառաւին,
որ
քիչ
մը
կերակուր
տայ
իրեն:
Հոն
կեցիր
դուն,
ինչուան
որ
կանչեմ
զքեզ,
հարկ
չէ
ըսել,
որ
մեռելի
մը
պահպանութիւն
ընելու
համար
զէնքեր
պէտքը
չեն:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Ին՞չ,
Շանախորովը
միթէ
զինուց
կարօտութիւն
ունի.
թող
դիմացս
ով
որ
կ'ուզէ,
մարդ
ըլլայ,
անասուն
ըլլայ,
Սադայէլը
ըլլայ,
հոգ
չեմ
ըներ,
մատւըներովս
կը
խեղդեմ
զինքը,
գիտցած
եղիք:
Երթանք
ուրեմն:
ԹԱԴՈՍ.
Ո՜հ,
ի՞նչ
սոսկալի
մարդ,
թէ
որ
իրաւ
են
զրուցածները:
ՏԵՍԻԼ
Ե
ԼՈՐԵՏՈՍ,
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Ին՞չ
այլանդակ
մտածմունք
է
քու
մտածմունքդ,
նայինք
ծայրը
ո՞ւր
պիտի
երթայ:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Չե՞ս
գիտեր,
ռամկին
մէջ
աւելորդապաշտութիւնը
որչափ
զօրացած
է,
նոյնիսկ
անվախ
սրտով
մարդիկներն
ալ
մեռելներէն,
կախարդներէն
եւ
ուրուականներէն
կը
վախնան:
ՏԵՍԻԼ
Զ
ԹԱԴՈՍ
ԵՒ
ԱՌԱՋԻՆՔ
ԹԱԴՈՍ.
Տեարք
իմ,
այս
իրիկունը
չտեսնուած
անտանելի
դէմքերու
իրիկուն
է.
ահագին
երկայնութեամբ
մարդ
մը
եկաւ,
տնկուեցաւ,
պեխերն
ու
կերպարանքը
այնպէս
սոսկալի
են,
որ…
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Երեքին
մէկն
ալ
ան
է:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Զրուցէ՛,
որ
գայ.
ժամանակին
եկաւ:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Քիչ
մը
ետքը
երրորդն
ալ
կու
գայ:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Իմ
ուզածս
ալ
ան
է,
փորձս
աւելի
աղէկ
պիտի
յաջողի:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Անշուշտ
եմ,
որ
կու
գայ.
մեր
տանը
մէջ
ծառայ
ըլլալու
պաշտօնը
բաւական
ախորժակ
շարժէլու
պատճառ
մըն
է:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Շատ
իրաւ
է
ըսածդ:
ԼՈՐԵՏՈՍ.
Բայց
դեռ
ինծի
բան
մը
չըսիր,
թէ
ի՞նչ
հնարքով
պիտի
փորձես
ասոնց
քաջութիւնը:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Քիչ
մըն
ալ
համբերէ՛
ու
կ'իմանաս.
դուն
ալ
պիտի
համոզուիս,
թէ
որչափ
վատասիրտ
են
ատ
ինքնակոչ
քաջերը:
ԼՈՐԵՏՈՍ
Աղէկ,
ուզածիդ
պէս
ըրէ՛.
ես
երթամ,
պատրաստեմ
սրահը,
այս
իրիկուան
հիւրերուն
ընդունելութեանը
համար:
ՌՈՄՈԻԷՏՈՍ.
Այո՛,
ատ
հիւրերը
յարմար
ատենին
պիտի
գան
զուարճալի
տեսարանի
մը
ներկայ
գտնուելու,
բայց
ահա՛
խրտուիլակը:
ՏԵՍԻԼ
է
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ,
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Մեծարգոյ
տէ՛ր,
կրնա՞մ
արդեօք
ձեր
տանը
մէջ
ծառայութեանը
պատիւը
ունենալ:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Որոնք
են
քու
արժէքդ
ու
պարծանքներդ:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Ամէն
բանի
կարող
եմ,
վախ
ինչ
ըսել
է,
չեմ
գիտեր,
անւոյ
պէս
երագաշարժ
են
ոտքերս,
ու
թեւերուս
ուժին
խօսք
չկայ:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Կրնա՞ս
մեռել
ձեւանալ:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Մեռել
ձեւանա՞լ,
ի՞նչ
ըսել
կ՚ուզէք.
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ
Գիտցած
ըլլաս,
որ
քիչ
մը
առաջ
ուրիշ
մըն
ալ
եկաւ
խնդրելու
համար,
որ
զինքը
իմ
ծառայութեանս
ընդունիմ,
բայց,
շիտակը
ըսելով՝
մեծ
համարում
մը
չունեցայ
իւր
քաջութեանը
վրայ,
հիմա
աղէկ
ատենին
եկար.
դուն
կտրիճ
եւ
ուժով
մարդ
կ՚երեւաս,
ուստի
մտածեցի
իրեն
խաղ
մը
ընել,
որ
իւր
անպիտանութիւնը
խայտառակի,
եւ
դուն
նախամեծար
սեպուիս:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Սքանչելի
մտածմունք,
շուտ
ըրէք,
սկսեցէք,
ասանկ
գործերու
համար
մէկ
հատիկ
եմ.
ի՞նչ
պէտք
է
ընել,
զրուցեցէ՛ք:
Դարձեալ
կը
կրկնեմ
ձեզի,
որ
ամէն
բանի
կարող
եմ,
եւ
կ՚երդնում
Գողիադին
մօրուքին
վրայ,
բոլոր
դժոխք
ստակ
մը
չեն
արժեր
դիմացս,
պոչերնին
կը
կտրեմ
սատանաներուն,
կտոր-կտոր
կ՚ընեմ
Սադայէլին
եղջիւրը
ու
լեղապատառ
կը
հալածեմ
զամէնն
ալ
ծակէ
ծակ:
ՌՈՄՈԼՏՈՍ.
Տեսնանք
ուրեմն,
տեսնանք:
Անունդ
ի՞նչ
է:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Թադէոս
Կոդրատիոս.
եւ
իրաւցնէ
կը
կոտրեմ,
կը
կտրեմ,
կը
խորտակեմ,
կը
ճզմեմ
դիմացս
ելլողը:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Անունդ
սոսկալի
անուն
մըն
է.
ո՞վ
կայ
հոն,
Թադոս:
ՏԵՍԻԼ
Ը
ԹԱԴՈՍ
ԵՒ
ԱՌԱՋԻՆՔ
ԹԱԴՈՍ.
Հրամմէ՛
տէր:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Աս
կտրիճ
մարդը
տար
ձախ
կողմի
պզտի
սրահը,
թո՛ղ
հոն
ձգէ
զէնքերը
ու
զգեստը.
հագցուր
իրեն
ճերմակ
լաթեր,
կերակուր
ալ
տուր,
որ
ուտէ:
Զինքը
աղէկ
պահես
հոն,
որ
չըլլայ
թէ
մէկը
տեսնայ
կամ
իմանայ.
դուն
ալ,
Կոդրատիոս,
դուրս
չելլաս
անկէց,
մինչեւ
որ
զքեզ
չկանչեմ:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Գլխուս
վրայ,
տէ՛ր:
ԹԱԴՈՍ.
Երթանք:
ՏԵՍԻԼ
Թ
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ
ՄԻՆԱԿ,
ԵՏՔԸ
ՊԵՏՐՈՍ
ՌՈՄՈԻԷՏՈՍ.
Ո՜հ,
որչափ
գոհ
պիտի
ըլլամ,
թէ
որ
մէյ
մը
համոզի
եղբայրս,
որ
այս
պարծենկոտ
քաջերը
որչափ
վատ
ու
անպիտան
մարդիկներ
են:
ՊԵՏՐՈՍ.
(Ներսէն)
Կորսուէ՛,
անդին
գնա,
անզգամ:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Ո՞վ
է
ատ
կանչւըռտողը:
ՊԵՏՐՈՍ.
Ինծի
պէս
մարդու
մը,
որ
ամբողջ
բանակէ
մը
չի
վախնար,
ու
աշխարհք
կը
դողացնէ…
ո՜հ,
ամենախոնարհ
ծառայ
եմ
ձեր
բարձր
տէրութեանը:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Բայց
ի՞նչպէս…
ասանկ
հոս…
ՊԵՏՐՈՍ.
Անբան,
անասուն,
տխմար,
ցնդածին
մէկը
կ՚ուզէր
զիս
դուռը
սպասեցնել՝
իմ
գալս
ձեզի
իմացնելու
համար:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Բայց
կարծեմ,
որ
պէտք
էր…
ՊԵՏՐՈՍ.
Կը
հասկնամ,
կը
հասկնամ,
գիտեմ,
ի՞նչ
ըսել
կ՚ուզէք.
ես
ալ
գիտեմ
քաղաքավարութիւնը,
բայց
ամէն
կանոն
իր
ազատութիւնը
ունի,
ու
ինծի
պէս
մարդ
մը
ամէն
տեղ
համարձակ
կրնայ
մտնալ
ելլալ.
ամէն
դռները
կը
բանայ,
ու
թէ
որ
գոցուին,
կը
խորտակէ,
կը
փշրէ
զանոնք:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Սակայն
ասանկ
տան
մը
մէ՞ջ...
ՊԵՏՐՈՍ.
Այո՛,
այո՛,
մէկ
տուն
մը,
որ
արժանի
է
ամենայն
պատւոյ,
յարգութեան
եւ
մեծարանաց,
եւ
ես
բուն
իսկ
ասոր
համար
եկայ
իմ
մեծարանքս,
յարգութիւնս,
ակնածութիւնս
մատուցանելու
ձեր
բազմահռչակ
անձին
եւ
քաջափայլ
զարմին:
Եւ
կեցցէ՛ն
ամենայն
հայհոյութիւնք,
զոր
դժոխք
կը
պոռթկան.
կ՚ուզէին
արգիլել
զիս,
զիս`
Պետրոս
Ամենակուլոսը,
առանց
վախնալու,
որ
իրաւցնէ
կուլ
կու
տամ
ինծի
դէմ
կեցողները:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Բայց
վերջապէս…
(Շիտակը
զուարճալի
մարդ
է):
ՊԵՏՐՈՍ.
Բայց
վերջապէս,
ազնուափայլ
տէ՛ր,
ես
հոս
եկայ
ամենայն
համարձակութեամբ:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Ու
ես
ալ
կ՚ուզէի
ճիշտ
գիտնալ`
համարձակութեամբ…
ՊԵՏՐՈՍ.
Համարձակութիւ՛ն,
սքանչելի՜
խօսք,
ա՜հ,
համարձակութիւնը
մեծ
բան
է,
համարձակութեամբ
ամենայն
դժուարութիւնք
եւ
վտանգք
կը
յաղթուին.
ահա՛
ես
ալ…
զոր
օրինակ`
կարող
եմ
մինակ,
իմ
համարձակութեամբս,
ցիր
ու
ցան
ընել
ու
կծիկը
դնել
տալ…
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Բայց
գիտե՞ս,
որ
կամաց-կամաց
համբերութիւնս
կը
հատցնես…
ՊԵՏՐՈՍ.
Այո՛,
մեծապատիւ
տէր,
համբերութիւնը,
բայց
գիտէ՞ք,
որ
համբերութեամբ
մեծամեծ
գործքեր
գլուխ
կ՚ելլան.
համբերութիւն
ըսիք,
միտքս
եկաւ.
մէկ
օր
մը…
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Ո՜հ,
ալ
չեմ
դիմանար,
պիտի
զրուցե՞ս
հոս
գալուդ
պատճառը,
չէ
նե…
ՊԵՏՐՈՍ.
Ին՞չ,
դեռ
չիմացա՞ք,
որ
ես
հոս
եկեր
եմ
Կերարտոսին
յաջորդը
ըլլալու
համար.
թէ
որ
անիկա
տասը
հոգի
գրպանէն
կը
հանէր,
ես
հարիւր
հոգի:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Ին՞չ
է,
ըսիր,
անունդ:
ՊԵՏՐՈՍ.
Պետրոս
Ամենակուլոս:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Բայց
որո՞նք
են
արժէքներդ,
որ
կարենամ…
ՊԵՏՐՈՍ.
Իմ
արժէքնե՞րս,
աղուոր
խօսք.
քաջութիւնս
անյաղթելի,
ուժս`
սարսափը,
որ
մինակ
իմ
անունէս…
է՜հ,
զիս
ձեր
տանը
մէջ
ընդունեցէք,
աղէկ
թոշակ
մը
կապեցէք
ինծի
ու
անկէ
ետքը
ամէն
բան
հրամմեցէք
ինծի,
կը
տեսնաք:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Ուրեմն`
քու
քաջութիւնդ
կրնայ
ինծի
շահաւոր
ըլլալ.
ըսէ՛
ինծի,
մեռելներէն
կը
վախնա՞ս:
ՊԵՏՐՈՍ.
Մեռելներէ՞ն,
հա՛,
հա՛,
հա՛.
մեռելներէ՞ն,
շնորհակալ
եմ
ձեր
ըրած
կատակին
վրայ.
ո՛չ
մեռելներէն,
ո՛չ
կենդանիներէն.
չէ՞ք
գիտեր,
որ
հարիւր
սատանայ
կը
կրեմ
փորիս
մէջ,
իմ
հրամանիս
տակ:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Ուրախ
եմ
այդ
առատութեանը
վրայ.
սատանայ
ըսիր,
միտքս
եկաւ.
կրնա՞ս,
իրօք,
սատանայ
մը
ձեւանալ:
ՊԵՏՐՈՍ.
Ին՞չ
ըսել
է,
ամենայն
յօժարութեամբ,
անկից
դիւրին
բան
կա՞յ,
ահա
պատրաստ
եմ.
արդեօք
կատակերգութի՞ւն
մը
կ՚ուզէք
խաղցնել:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Այո՛,
կատակերգութիւն
կամ
անոր
նման
խաղ
մը:
Այս
իրիկուն
մէկը
եկաւ`
ուզելով
Կերարտոսին
տեղը
անցնիլ,
ու
անոր
դագաղին
քով
պահապանութիւն
պիտի
ընէ
այս
գիշեր:
Դուն
սատանայի
հագուստով
պիտի
երեւնաս
անոր,
երբոր
ըսելու
ըլլամ,
այսչափ
բաւական
է.
ո՞վ
կայ
հոն,
Թադոս:
ՏԵՍԻԼ
Ժ
ԹԱԴՈՍ,
ՊԵՏՐՈՍ,
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ
ԹԱԴՈՍ.
Հրամմեցէ՛ք:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Տա՛ր
աս
կտրիճը
վերի
սենեակներէն
մէկուն
մէջ,
ու
դուն
շուտով
ետ
դարձիր
(Կ՚երթան):
ՏԵՍԻԼ
ԺԱ
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Ին՜չ
զուարճալի
խաղ
մը
պիտի
ըլլայ,
որչա՞փ
պիտի
խնդամ
այդ
յիմար
պարծենկոտներուն
վրան
(Ծառան
կու
գայ):
Հիմա
գնա՛
սրահին
մէջ,
բայց
նայէ,
որ
մէկը
չի
տեսնայ
զքեզ,
ու
հոս
բեր
ճերմակներ
հագած
մարդը,
շուտ
ըրէ՛:
ԹԱԴՈՍ.
Հիմա
կու
գամ
(Կ'երթայ
սեղան
մը
կը
բերէ):
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Աս
սեղանը
բաւական
մեծ
է
ու
կրնայ
դագաղի
մը
տեղ
գործածուիլ.
մեռելը
շատ
աղէկ
կրնայ
վրան
պառկիլ:
Սեւ
օթոց
մը
պէտք
է,
ան
ալ
տեղէ
մը
կը
գտնանք.
սատանային
լաթերն
ալ
բարեկենդանի
զգեստներէն
կը
գնեմ…
ահա՛
մեռելը:
ՏԵՍԻԼ
ԺԲ
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ,
ԹԱԴՈՍ
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Ահա՛
եկայ
ես.
պատրաստ
եմ
ձեր
ամէն
հրամանը
կատարելու,
բայց
որչա՞փ
աւելի
կ՚ախորժէի,
թէ
որ
ձեռքերնուս
ուժը
մէյ
մը
փորձի
հանէիք:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Լուռ
կեցի՛,
ձայն
մի
հաներ.
դուն,
Թադոս,
գնա՛
քիչ
մը
ջուր
ու
ալիւր
բեր
ինծի
(Ծառան
կ՚երթայ):
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Ալիւր
եւ
ջո՞ւր,
ի՞նչ
ընել
կ՚ուզէք:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Հիմա
կը
տեսնաս:
ԹԱԴՈՍ.
(Կու
գայ)
Ահա՛
ուզածնիդ:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Թրջէ՛
սըւոր
երեսը:
ԹԱԴՈՍ.
Գլխուս
վրայ:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Քսէ՛
ալիւրը
երեսին,
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Ուզածներուդ
պէս
ըլլայ:
ԹԱԴՈՍ.
Տեսէ՛ք,
ի՞նչ
աղէկ
մեռել
եղաւ:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Ո՞վ
գիտէ,
ի՞նչ
փառաւոր
կերպարանք
եղաւ:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Լռէ՛,
լռէ՛.
տարածուէ՛
այս
սեղանին
վրայ
ու
շունչ
չառնես
ամենեւին,
յիշէ՛,
որ
մեռած
ես.
Թադոս,
սեւ
օթոց
մը
բեր:
ԹԱԴՈՍ.
Շուտ
մը
(Կ՚երթայ):
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Ահա՛
սեղանին
վրայ
կը
տարածուիմ,
ա՜հ,
աս
ի՞նչ
կարծր
անկողին
է.
բայց
միշտ
ասանկ
մեռա՞ծ
պիտի
մնամ:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Հիմա
քու
պահապանդ
կու
գայ:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Քովը
զէնք
պիտի
չունենայ,
այնպէս
չէ՞:
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Այո՛,
իմ
քաջասիրտս,
մի՛
վախնար,
մի՛
դողար,
անզէն
պիտի
գայ:
Դուն
քիչ
մը
ատեն
անշարժ
կեցիր,
ու
երբ
քու
պահապանդ
աչուըները
յոգնած
քնանալ
ուզէ,
քու
հնարագէտ
հանճարոյդ
կը
թողում
յարութիւն
առնել
ու
սարսափեցնել
զինքը.
թէ
որ
կրնաս
զինքը
դող
հանել
ու
փախցնել,
դուն
պիտի
ընտրուիս,
ու
բացի
անկէց
հարուստ
պարգեւ
մըն
ալ
կ՚ընդունիս:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Հասկցայ.
հոգ
մնէք,
դիտեմ
ընելիքս:
ՏԵՍԻԼ
ԺԳ
ԹԱԴՈՍ
(ՍԵՒ
ՕԹՈՑՈՎ)
ԵՒ
ԱՌԱՋԻՆՔ
ԹԱԴՈՍ.
Ահա՛
սեւ
լաթը:
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ.
Ծածկէ՛
իւր
վրան,
ասանկ,
աղէկ
է.
ո՛չ,
գլուխը
պէտք
է
ազատ
ըլլայ,
որ
շունչ
առնէ
եւ
ընելիքը
գիտնայ:
Թադոս,
երթանք,
մեռել,
զգոյշ
կեցիր,
քեզ
տեսնամ,
գիշեր
բարի:
ՏԵՍԻԼ
ԺԴ
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ,
(ետքը)
ԹԱԴՈՍ
ԵՒ
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
(Քիչ
մը
ելլալով
եւ
չորս
կողմը
նայելով)
Քանի՞
տեսակ
խենթ
կայ
երկրիս
վրայ.
ի՞նչ
փառաւոր
գործ,
մեռե՛լ
ձեւանալ.
ի՞նչ
անարգութիւն,
բայց
ոտքի
ձայն
է,
պահապանս
կու
գայ,
խորհրդածութեանց
ատեն
չկայ,
եւս
դարձեալ
մեռնիմ:
ԹԱԴՈՍ.
Ահա՛
մեռելը,
կատուներէն
եւ
մկներէն
աղէկ
պահպանես
զինքը.
արթուն
կեցիր
ու
նայէ՛,
որ
ամենեւին
քունը
վրադ
չհասնի,
չէ
նէ
անանկ
վախ
մը
կ'ունենաս,
որ
արիւնդ
կը
սառի:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Ո՜հ,
ո՜հ,
ես
վախնամ
մեռելէ՞
մը.
գնա՛
բանդ,
սատանան
ինքը
անձամբ
ալ
գայ
զինքը
տանելու
համար,
դարձեալ
չեմ
վախնար:
ԹԱԴՈՍ.
Անանկ
է
նէ,
գիշեր
բարի
(Կ՚երթայ):
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Երթաս
բարով,
ուստի
ազնուամեծար
մեռեալդ,
(Կը
մօտենայ
սեղանին),
ո՜հ,
ո՜հ,
ի՞նչ
ատելի
կերպարանք
ունին
մեռելները
ինծի
համար.
աս
ալ,
մանաւանդ,
շատ
տգեղ
է,
ի՞նչ
աւազակի
դէմք,
ու
աղէկ
մարդ
մը
կը
կարծէին
զինքը:
Իր
կենդանութեանը
ատենը
չէի
ճանչնար
ադ
մարդը,
ծանօթներուս
մէկուն
կը
նմանի…
բայց
չեմ
յիշեր
որուն.
աւելի
աղէկ
է
երեսը
չընայիլ:
Ուստի,
սիրելիդ
հանգուցեալ,
աղէկ
ընկերութիւն
պիտի
ընենք
մէկտեղ,
եւ
քեզի
պատիւ
ընելու
համար
այս
բաժակովս
(Ծոցէն
կը
հանէ)
պիտի
խմեմ
քու
քաջութեանդ,
որ
անդիի
աշխարհք
գնաց
(Կը
խմէ
քիչ
մը
ու
բաժակը
սեղանին
վրայ
կը
դնէ):
Ին՜չ
գէշ
կերպարանք
կ՚ունենան
մեռնելու
ատեննին
ամէնէն
քաջերն
ալ.
որչափ
երկայն
պիտի
երեւնայ
ինծի
աս
գիշերս,
ի՞նչ
ընեմ
ձանձրութենէ
փախչելու
համար,
է՛հ,
ինքնիրենս
խենթի
պէս
խօսիմ,
տեսնամ
մէյ
մը
սրահին
դռները:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
(Երբ
Շանախորով
կռնակը
կը
դարձնէ,
բաժակին
մնացորդը
կը
խմէ):
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Աղէ՛կ,
դռները
գոց
են:
Ա՜հ,
կամաց
կամաց…
ոսկորներուս
մէջ
դող
մը…
կը
մտնայ.
ո՞վ
մտածեց
ասիկա,
մեռելի
մը
հետ
մինակ
թողուլ
զիս,
կը
յիշեմ,
որ
իմ
մեծ
մամս,
երբ
տղայ
էի,
կը
պատմէր…
որ
ուրուականներ…
մեռելները
յարութիւն
կ'առնեն…
ու
գիշերուան
մէջ
կը
պտտին…
ամէնն
ալ
սուտ
առասպելներ
են,
բայց
քիչ
մըն
ալ
իրաւը
կայ
մէջը:
Իմ
մամս
աղէկ
գիտէր,
ու
մեր
գեղին
վարժապետն
ալ,
որուն
անունը
Լիափորիկ
էր,
անցած
տարի
մեռել
մը…
է՜հ,
բայց
ինչո՞ւ
մեռնելու
վրայ
կը
մտածեմ.
աս
է
ձանձրութեան
յաղթելու
կերպը`
զուարթութիւ՜ն,
բայց
ինչուա՞ն
ետքը
ոտքի
վրայ
պիտի
կենամ,
ահա՛
աթոռիկ
մը,
հիմա
աղէկ
է
ասանկ,
շատ
աղէկ,
շատ
հանգիստ
չեմ
ուզեր,
որ
քունէն
բռնուիմ.
է՜հ,
որչափ
կարելի
է
նէ,
կը
ջանամ
չքննանալու,
կաթիլ
մըն
ալ
տնկեմ,
ի՜նչ
սքանչելի
ընկեր
է
սա
գինին
(Բաժակը
բերանը
կ՚առնէ),
աս
ի՞նչ
է,
մէջը
ցամքեր
է,
բան
չկայ.
արդեօք
մեռե՞լը
խմեց…
չէ՛,
չէ՛,
կրնայ
ըլլալ,
որ
առաջուց
ամէնն
ալ
խմեր
եմ,
ու
մտքէս
ելեր
է
(Թմրութիւն
կու
գայ
վրան).
ի՞նչ
ընեմ,
երբ
քունը
կուգայ…
մարդ
չի
կրնար…
դիմանալ…
հոգ
չէ…
դռները
աղէկ
գոց
են…
ես
կը
քնանամ…
բնութիւնը…
իւր
հանգիստը…
կը
պահանջէ…
(Կը
քնանայ):
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
(Գլուխը
կը
վերցնէ)
Քնացաւ..
հիմա
ատենն
է
իրեն
խաղ
մը
խաղալ…
բայց
(Կը
թմրի)
ազնիւ
գինին
զիս
հաշտեցուց
քունին
հետ,
է՜հ,
ես
ալ
կրնամ
քնանալ
քիչ
մը,
գիշերը
երկայն
է,
բայց
աս
ի՞նչ
կարծր
անկողին
տուեր
են
խեղճ
մեռելին.
յոգնեցայ
կռնկի
վրայ
պառկելէն,
կողիս
վրայ
դառնամ
(Շարժելու
ատեն
բաժակը
կ՚իյնայ):
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
(Կ՚արթննայ
ու
սարսափած
կը
վազէ.
Կոդրատիոս
առաջին
դիրքը
կ՚առնէ).
Վա՜յ
ինծի,
օգնութիւ՜ն…
ա՛հ,
աղէկ
որ
արթնցայ.
ի՜նչ
սոսկալի
բան,
երազին
մէջ
տեսնալ,
որ
սատանան
եկեր,
մեռելը
իր
տունը
կը
տանի
ու
զիս
ալ՝
անոր
հետ
մէկտեղ:
է՜հ,
միշտ
առաջին
քունին
մէջ
կու
գան
սարսափելի
երազները
(Կը
թմրի),
հիմա
կը
յուսամ
աւելի
հանգիստ
քնանալ
(Սեռելը
կը
շարժի),
աս
ի՞նչ
է.
վերջապէս
աս
մեռելը
փորձանք
մը
պիտի
բերէ
գլխուս,
ալ
չեմ
կրնար
մինակ
մնալ
հոս,
կը
դողամ,
արիւնս
սառեցաւ.
երթամ,
օգնութիւն
կանչեմ.
մէկը
կը
տեսնամ
սըտեղը
(Կը
նայի),
խոհարար
պառաւն
է,
կը
մօտենայ
հոս.
եկո՛ւր,
եկո՛ւր:
ՏԵՍԻԼ
ԺԵ
ՊԱՌԱՒ
ԵՒ
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ
ՊԱՌԱՒ.
(Չի
տեսնար
մեռելը)
Թո՛ղ
տուր
զիս,
ո՞վ
ես
դու,
խոհանոցը
քունս
տարեր,
հոն
մնացեր
էի,
թո՛ղ
տուր,
որ
երթամ,
անկողինս
պառկիմ:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Քիչ
մըն
ալ
դուն
արթուն
կեցիր
ու
պահպանութիւն
ըրէ՛:
ՊԱՌԱՒ.
Որո՞ւ
պահպանութիւն
պիտի
ընեմ:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Տե՛ս
(Մեռելը
կը
ցուցնէ),
ասոր:
ՊԱՌԱՒ.
Մեռե՜լ
մը,
մեռե՜լ
մը
(Սարսափած),
ո՜վ
աստուած,
մեռե՜լ
մը:
Դուն
սպաներ
ես
զինքը,
դուն
գող
ես,
աւազակ
ես,
զիս
ալ
պիտի
սպանես,
մորթես,
կտոր-կտոր
պիտի
ընես:
Ա՜հ,
օգնութիւն,
գթութիւն,
կրակ
կայ,
գող
կայ
(Կ՚ուզէ
փախչիլ,
Շանախորով
կը
բռնէ
զինքը),
ա՜հ,
ա՜հ,
արիւնս
պիտի
խմես…
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Որչափ
արիւն
ունիս,
որ
խմեմ,
լուռ
կեցիր,
ցնդած
պառաւ.
մտիկ
ըրէ,
նայէ,
ի՞նչ
պիտի
ըսեմ
քեզի:
ՊԱՌԱՒ.
Ա՜հ,
ողորմէ
ինծի,
դեռ
մեռնելու
ժամանակս
չէ,
մեղք
եմ,
թո՛ղ
տուր,
որ
գոնէ
նախ
աղօթքս
ընեմ,
խնայէ՛
երիտասարդ
կենացս.
ա՜հ,
ա՜հ,
ահա՛
մարեցայ,
շունչ
չի
մնաց
վրաս,
մեռայ,
իրաւցնէ
մեռա՛յ:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Լուռ
կեցի՛ր,
ըսի
քեզի.
ես
քեզմէ
օգնութիւն
կը
յուսայի,
ու
դուն
երկրորդ
փորձանք
եղար
գլխուս,
անզգամ,
պառաւ.
հիմա
սատանան
կու
գայ,
կը
յափշտակէ
զքեզ:
ՏԵՍԻԼ
ԺԶ
ՊԵՏՐՈՍ
ՍԱՏԱՆԱՅԻ
ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՈՎ,
ՄԷԿ
ՁԵՌՔԸ
ՋԱՀ,
ՄԻՒՍ
ՁԵՌՔԸ
ՇՂԹԱՆԵՐ
ՊԵՏՐՈՍ.
Սատանան
կու
գայ
հոս
քեզի
համար,
թշուառակա՛ն:
ՊԱՌԱՒ.
Գթութիւ՜ն,
հասէ՛ք,
օգնեցէ՛ք:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Ա՜հ,
կ՚աղաչեմ,
տէր
սատանայ,
ներէ՛,
ողորմէ՛,
ա՜հ,
ա՜հ,
աս
ի՞նչ
կրակ
է,
կայրէ,
կը
բորբոքէ
զիս
(Գետինը
կ՚իյնայ):
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
(Կ՚արթննայ
աղաղակեն,
սատանան
տեսնելով`
սարսափած
կը
ցատկէ
սեղանին
վրայէն
ու
կը
պոռայ)
Ա՜հ,
սատանան
եկեր
է
(Կը
վազէ):
ՊԵՏՐՈՍ.
(Կը
սոսկայ
տեսնելով
մեռելին
յարութիւն
առնելը)
Ա՜հ,
մեռելը
յարութիւն
առաւ,
օգնեցէք
(Կը
նետէ
ջահն
ու
շղթան
ու
ինքն
ալ
կը
վազէ,
ամէնն
ալ
իրարու
կը
հանդպին
ու
իրարու
դիմացը
ծունկ
կը
չոքին):
Ողորմէ՛
ինծի,
սիրելի
մեռել:
ՇԱՆԱԽՈՐՈՎ.
Ա՜հ,
տէր
սատանայ:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Ա՜հ,
իմ
անձկալի՛
սատանայ:
ՊԱՌԱՒ.
Ա՜հ,
գթած
մեռել,
բարեսիրտ
սատանայ:
ՏԵՍԻԼ
Ժէ
ՌՈՄՈԻԼՏՈՍ,
ԼՈՐԵՏՈՍ,
ծառաներ
կը
մտնան
ճրագներով.
ճրագի
լուսով
երեք
ծառայք
կը
ճանչնան
զիրար
ու
խաղք
եղած
ոտք
կ՚ելլան
ՊԵՏՐՈՍ.
Դուն
Շանախորո՞վն
ես:
ԿՈԴՐԱՏԻՈՍ.
Դուն
Ամենակուլո՞սն
ես:
(Տէր
ու
ծառայք
բարձրաձայն
կը
խնդան
վրանին)
ՌՈՄՈՒԼՏՈՍ.
Ա՜հ,
վատասիրտ
մարդիկներ
երեքնիդ
ալ.
տե՛ս,
եղբայր
իմ,
տեսէ՛ք
դուք
ալ,
ի՞նչ
կ՚արժեն
սուտ
պարծենկոտները:
ՎԵՐՋ