Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Ե

ՏԵՍԻԼ Ա

ԴԱՒԻԹ, ՅՈՎՆԱԹԱՆ

ՀՌՎՆԱԹԱՆ. Եկու՛, սիրեցեալ բարեկամ, գիշերը լմննալու մօտ է, կը լսե՞ս բանակին խառնաձայն աղաղակը. առաւօտը կանուխ պատերազմը պիտի սկսի, բայց լռութիւնը կը տիրէ հօրս վրանին քով. նայէ՛, երկինք ալ քու փախստեանդ կ'օգնեն, լուսինը կը սահի, ու ետքի ճառագայթները մութ ամպերու տակ կը ծածկէ. փութա՛, ուրեմն, փախի՛ր, մէկը չի կրնար տեսնել զքեզ:

ԴԱՒԻԹ. Ո՛վ իմ սրտիս ընտրելագոյն մտերիմ, քաջդ Յովնաթան, երբ բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդը պատերազմի կը շարժի, ի՞նչպէս կարելի բան է, որ Դաւիթ փախչելու պատրաստուի. ի՞նչ է մահը, կ'ուզեմ հոս մնալ, զարնէ զիս Սաւուղ, եթէ կ'ուզէ, բաւական է, որ առաջ շատ մը թշնամեաց գունդեր գետինը փռեմ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ա՜հ, դուն չես գիտեր, Դաւիթ, որ հայրս սկսաւ արեան մէջ զովացնել իր բարկութիւնը, Աքիմելէք քահանայապետը հոս գտնուելով` անոր ցասմանը զոհ ինկաւ:

ԴԱՒԻԹ. Ին՞չ կը լսեմ, քահանայներու վրայ դարձուց անիկա իր սուրը, վա՜յ քեզի Սաւուղ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Աւելին ալ մտիկ ըրէ, անգութ հրաման տուաւ թագաւորը Աբեններին, որ եթէ դուն պատերազմի խառնուրդին մէջ երեւնաս, սպանէ զքեզ:

ԴԱՒԻԹ. Ու դուն այս բաներուն կը համբերե՞ս, Յովնաթան:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Յովնաթան չի կրնալով այս բաներուն համբերել՝ յուսահատ մահուան դէմ կը վազէ զէնքերու մէջ, բայց դուն ալ մի՛ ուշանար, կասկածելի ժամը կը մօտենայ, գուցէ վրաններուն քով մէկը կը լրտեսէ զմեզ, ու քեզի փախչելու ատեն չի մնայ:

ԴԱՒԻԹ. Ա՜հ, որչափ ծանր է ինծի պատերազմը թողուլ, երթալ։ Անծանօթ ձայն մը կը լսեմ, որ կը կոչէ սրտիս մէջ. «Հասած է սոսկալի օրը Իսրայէլին ու թագաւորին գլխուն վրայ»: Ու՞ր էր թէ… բայց ո՛չ, հոս քահանայից անմեղ արիւնը թափուեցաւ, պիղծ է բանակը, ու աղտոտած մեր կոխած երկիրը: Աստուած վրէժխնդիր պիտի ըլլայ այդ արիւնին, Դաւիթ ա՛լ չի կրնար հոս պատերազմիլ, երթամ ուրեմն, ինչու՞ չեմ կրնար զքեզ ալ հետս տանիլ, բայց դուն ինծի մտերիմ չեղած Սաւուղի որդին էիր, նըւրիէ՛ անոր քու սուրդ ու քաջութիւնդ, բայց անվնաս պահէ կեանքդ, որ ամէն բանէն աւելի սիրելի է ինծի, ո՜հ, վերջին անգամ գրկեմ զքեզ։

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Վերջին անգամ ընդունէ իմ սիրոյս բարեւը, վասնզի յետին տեսութիւնդ է այս Յովնաթանին հետ: Երթանք, պիտի ընկերանամ քեզի ինչուան բանակէն հեռանալդ (Կ՚երթան):

 

ՏԵՍԻԼ Բ

ԱԲԵՆՆԵՐ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԱԲԵՆՆԵՐ. Պատերազմը սկսելու մօտ է, երթանք լեռան անդիի կողմը, թշնամին պաշարելու համար: Ամէն բան կարգի դրի` վերջին փորձանքը բերելու անոր գլխուն վրայ, ու պիտի չազատի. ուրախացի՛ր մարդակէր սուրդ Աբենների, աղէկ գործ պիտի տեսնես դուն այսօր իմ ձեռքս: Պատերազմ, ո՜վ զուարճալի հանդէս. արիւնս կ'եռայ, կատաղութիւնս կը բռնկի, ու սուրս անհամբեր կը մրմռայ: Բայց ու՞ր է Դաւիթ, ու՞ր է երաժիշտ զօրապետը: Պատերազմին ձայնը իւր քնարին թելերուն ներդաշնակութիւնը շփոթեց, ու քաշուեցաւ, հեռու գնաց, փախաւ ասկէ. գուցէ հիմա ծառի մը շուքին տակը հանգիստ նստած կ'երգէ հովիւի՞ մը պէս, երբ մենք առիւծի մը պէս պիտի մռնչենք արիւնացայտ դաշտին վրայ: Եկու՛, փափուկ պատանիդ, եկու՛, սիրուն երիտասարդ, քիչ մը ատեն սրտիդ վախը ու վատութիւնդ մէկդի թող, եկու՛ ու, գոնէ հեռուէն ըլլայ, դիտէ ու տես, եթէ դուն աղէկ երգել ու պարել գիտես, Աբեններ ալ ինչպէս աղէկ գիտէ պատերազմին խաղը. եկու՛, չէ նէ կու գամ ես քեզի ու շղթայակապ կը քաշկռտեմ զքեզ. բայց հիմակու հիմա ձեզի կու գամ ես, անթլպատ ու անզգամ փղշտացիք, կու գամ ու մէկտեղ կը բերեմ ձեզի Աբեններին սովորական ընծաները` սարսափ, կոտորած, կորուստ ու մահ (Կ'երթայ):

ՏԵՍԻԼ Գ

Յովնաթան` վիրաւորուած ու իւր ծեր թիկնապահին կռթնած
ՅՈՎՆԱԹԱՆ, ԵԶՐԱՍ, ԹԻԿՆԱՊԱՀ

ՀՈՎՆԱԹԱՆ. Ու՞ր ենք, Եզրաս, ու՞ր կը տանիս զիս. թող, պարապ տեղը կը ջանաս ազատել Յովնաթանը, արիւնս կը վազէ, աչուըներս կը ծանրանան, ալ չեմ կրնար քալել:

ԵԶՐԱՍ. Զօրացի՛ր, որդեակ իմ, չըլլայ որ կենդանի ձեռք իյնաս յաղթականին, մէկ քանի ոտք ալ առ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ալ ուժ չէ մնացեր վրաս. մահուան ձեռքը պաղած սըրտիս պլլուեր է հնար չկայ, պէտք է մեռնիլ:

ԵԶՐԱՍ. Ո՜վ դառն ցաւոցս (Կ՚իյնայ), ես չեմ կրնար օգնել անոր, չեմ կրնար հոգեվարք տիրոջս վերջին խնամքները մատուցանել, տկար ձեռուըներս բաւական չեն զինքը իմ ուսերուս վրայ բառնալ, ա՜հ, թշուառ ծերութիւն, քեզի հետ պիտի մեռնիմ հոս, տէ՛ր, ուրիշ բան չիգար ձեռքէս:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Մտիկ ըրէ՛, սիրելիդ Եզրաս, իմ ետքի խնդիրքս. եթէ աս մահաբեր գիշերուան մէջ գոնէ իմ հայրս միայն ազատեցաւ, պատմէ՛ անոր իմ մահս. զրուցէ՛ իրեն, որ Յովնաթան մեռաւ, բայց քաջութեամբ մեռաւ. զրուցէ՛ իրեն, որ գթայ Դաւթին վրայ, իւր անմեղութեան վրէժը ինձմէ կ'առնէ աստուած, զրուցէ՛ հօրս` անտրտունջ կը մեռնիմ ես, իրեն ու իւր ժողովրդին համար բոլոր արիւնս թափելով:

ԵԶՐԱՍ. (Լալով. ) Ա՜հ, տեսայ ես քու ծնունդդ ու հիմա ալ պիտի տեսնամ քու մեռնիլդ, ուրեմն` ինչուան աս խոր ծերութեան հասայ ես, որ քեզմէ ետքն ալ ապրիմ, բայց կրնայ ըլլալ, որ աստուած դեռ խնայէ քեզի, ա՜հ, մէյ մը առաւօտ ըլլար, ու փախստական զինուորին մէկը հոս հանդիպելով` օգնէր ինծի քեզ ապահով տեղ մը տանելու, բայց ամէն կողմ լռութիւնը տիրեր է:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ալ օգնութիւն չեմ սպասեր ո՛չ բախտէն եւ ո՛չ մարդիկներէն, միայն թէ, ո՛վ իմ հաւատարիմս, քիչ մը ջուր թէ որ կարենայիր գտնել, ծարաւի եմ։

ԵԶՐԱՍ. (Փնտրելով) Պարապ տեղը քիչ մը ջուր կը փնտրեմ, հոս ո՛չ աղբիւր մը եւ ո՛չ ջրհոր…

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ա՛ռ, ուրեմն, իմ սաղաւարտս, իջիր ձորին մէջ ու կեդրոնի հեղեղատէն քիչ մը ջուր լեցուր, բեր ինծի:

ԵԶՐԱՍ. Ինչպէ՞ս մինակ թողում զինքը, ո՜վ աստուած, տուր ինծի զօրութիւն դանդաղ ծերութեանս, որ շուտով ետ դառնամ:

 

ՏԵՍԻԼ Դ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ

       Թող մի՛ տար զիս փղշտացուոց ձեռքը, ո՛վ աստուած, թող մի՛ տար ոսկորներս օտար երկրի մէջ, գոնէ իմ մոխիրներս ժողուէ թշուառ հայրս: Հայր իմ, ա՛հ, ինչ անուն ելաւ բերնէս, գուցէ հիմա կը մեռնի ինքը` Յովնաթանին անունը տալով: Մեղքող, սիրելի քոյր, ո՞րչափ պիտի լաս իմ մահս, Եզրասը չի գար. թմրութիւն կը տարածուի աչուըներուս վրայ, ուսկի՞ց կու գայ աս հանդարտութիւնը, որ քունի կը հրաւիրէ զիս, Եզրասը ուշ պիտի հասնի, ո՜վ աստուած, քու գիրկդ արթննամ (Կը քնանայ ծառի մը ոտքը)։

ՏԵՍԻԼ Ե

ՍԱՒՈԻՂ
Փախստականը կամաց-կամաց կը մօտենայ առանց Յովնաթանը տեսնելու

ՍԱՒՈՒՂ. Ու՞ր փախչիմ, ու՞ր գտնամ աս մահաբեր գիշերուան թանձր մթութեանը մէջ իմ զինուորներուս ողորմելի մնացորդը, ինկա՞ն, ուրեմն, ամէնն ալ թշնամեաց սուրին բերանը, ու ես, ես մինակ անոնց հարուածներէն ազատ մնացի: Ու՞ր եմ ես… բանակին տեղն է հոս, ահա՛ նոյն վրանները, որ քիչ մը առաջ մարդկանց բազմութեամբ եւ ձայներով լեցուն էին ու հիմա լուռ եւ ամայի մնացեր են։ Ժողովուրդ իմ, ասա՞նկ խօսք տուի դառնալու ես քեզի, քու կտրիճ որդիքներդ հետս տարի, ու մինակ կը դառնամ, մինակ ես չի մեռայ: Երկինք իրենց ոխութեան ինչուան վերջին բաժակը թափեցին գլխուս վրայ, յափշտակեցին ձեռքէս յաղթութիւնը ու ապրելու դատապարտեցին զիս. բայց ո՛չ, ես իմ ձեռքովս թագաւորի մը արժանի մահուամբ վերջ տուի իմ կենացս: Բայց ու՞ր երթամ, ու՞ր փնտրեմ զինքը. արշալոյսը դեռ չի ծագիր աս արիւնով ներկուած լեռներուն վրայ, ո՞վ գիտէ, գուցէ արեւուն առջի ճառագայթները օգնեն ինծի գտնալ մեռելներուն մէջ երկի՛նք, ազատէ գոնէ Յովնաթանը:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. (Արթննալով) Ու՞ր եմ ես, ո՞վ է զիս կանչողը:

ՍԱՒՈՒՂ. (Ապշած) Ուսկի՞ց կու գան այդ հառաչանքները. խոսէ՛, ո՞վ ես դու, ի՞նչ կ'ընես հոս (Կը վազէ դէպի անոր):

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Կը մեռնիմ…

ՍԱՒՈԻՂ. Ին՞չ ձայն է աս:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Հա՛յր…

ՍԱՒՈԻՂ. Իրաւ է, Յովնաթա՞ն…

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ես եմ։

ՍԱՒՈԻՂ. (Գրկելով զինքը) Գտայ ուրեմն զքեզ։

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ու կը մեռնիմ քու գիրկդ, բայց երանի՜ ինծի, մեռնելէս առաջ կրցայ տեսնել ու գրկել զքեզ:

ՍԱՒՈԻՂ. Ին՞չ կը տեսնեմ, արեանդ մէջ կը լողաս. ասա՞նկ կը դարձնես զինքը, ո՛վ աստուած, ո՞ր հրէշը զարկաւ զքեզ. յոյս չկայ ուրեմն, ուրեմն պէտք է, որ ես ալ մեռնիմ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ապրէ՛, իմ վրէժս առնելու համար, վերջին շնորհք մը կը խնդրեմ քեզմէ. իմ տեղս Դաւիթը քեզի որդի ընդունէ, անիկա արդէն ինծի եղբայր էր, աստուած կը սիրէ զինքը:

ՍԱՒՈՒՂ. Ի՞նչ, աս ատելի անունը դեռ քու բերա՞նդ է. աստուած զինքը կը սիրէ՞, այս է պատճառը, որ ես ալ կ'ատեմ զինքը։ Իրեն կողմը բռնելու համար այս գիշեր աստուած թագս կտոր-կտոր ըրաւ գլխուս վրայ. իրեն համար կը մեռնիս դուն, իրեն համար կ՚իյնամ ես ալ, ու դուն կ'ուզես, որ ա՛հ, ու՞ր էր, թէ կարենայի իւր ատեցեալ սիրտը մխելու սուրս, աղիքները դուրս թափելու ու երակներու մէջ արեանը ինչուան վերջին կաթիլը պարպելու, բայց այդ մխիթարութիւնը պիտի չունենամ ես. վատը ամէն հոգ աստուծոյ վրայ թողուցեր ու փախեր է, կը վախնայ աս դողդոջուն թեւերէս, կ'սպասէ, որ մահուանս լուրը առնէ ժամ մը առաջ` ինկած թագս գետնէն ժողվելու համար: Եկու՛, Դաւիթ, եկու՛, աս արեանց հեղեղի մէջ փնտրէ ու գտիր արքայական թագն ու գաւազանը, եկու՛ թագաւորէ մեռելներու ոսկորներով ծածկուած դաշտերուն վրայ: Սոսկալի ժառանգութիւն մը կը թողում քեզի, փութա, յաջորդէ ինծի ու անապատներու, աւերակներու ու մեռելներու վրայ թագաւոր եղիր:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Դժբախտ հայր, վերջին շնչոյս համար ըլլայ, խնայէ ինծի, ինքզինքիդ եկուր, մի՛ գրգռէր աւելի աստուծոյ բարկութիւնը:

ՍԱՒՈԻՂ. Ու ի՞նչ կրնայ ընել ինծի քու աստուածդ ասկէ աւելի. ինչուան սիրելի որդւոյս արիւնաթաթաւ մարմնոյն քով քաշկռտեց բերաւ զիս, թող գոհ ըլլայ քանի որ քու կեանքդ ազատելու յոյս մը ունէի, վախեցայ ես աստուծմէն: Դուն կը մեռնիս, ալ իրեն հետ բան չունիմ, իւր անգթութիւնը չի կրնար իմ տանջանքներս աւելցնել, կը ճըզմէ զիս իւր ահաւոր ձեռքովը, բայց ես կը հայհոյեմ զինքը:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜վ հայր, ի՞նչ խօսքեր կ'ելլեն բերնէդ. դուն, աստուած, մի՛ լսէր զանոնք, մէկ զոհ մը բաւական ըլլայ քեզի, արիւնս քաւէ հօրս մեղքերը:

ՍԱՒՈԻՂ. Ո՛չ, բան մը չեմ ուզեր քեզմէ, աստուած անողորմ (Կատղած), ո՛չ գթութիւն, ո՛չ ներումն. կը հայհոյեմ ու կը նախատեմ զքեզ: Թո՛ղ երկինքը, որ քուկին գահդ է, գլխուս վրայ փլչի, պիտի բարձրացնեմ դարձեալ գլուխս տիեզերաց դէմ, ու յուսահատութեանս զարհուրելի ձայնէն պիտի դողան աստղները, բոլոր կայծակներդ հատուցիր իմ վրաս թափելով, բայց Սաւուղ դեռ կանգուն ու անվախ կեցեր է։ Վրէժխնդրութեանդ ամէն բոցերը փչեցիր ինձի դէմ, ու Սաւուղ չերեւցաւ, սակայն որդիս աչքիս առջեւը կը մեռնի. յաղթեցիր, ուրեմն, յաղթեցիր անգութ հնարքով, վասնզի զաւակս սպանեցիր, բայց երկար պիտի չվայելես այդ յաղթութիւնը, ես ինքզինքս գերեզմանին փոսը պիտի նետեմ հիմա ու ոչնչութեան վիհը վրաս գոցելով պիտի ազատիմ ձեռքէդ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜վ հայր իմ, ա՜հ, որչա՞փ կը դառնացնես ինծի իմ մահս, ու կենացս վերջին վայրկեանները լեղիով կը խառնես: Ինչու՞ ժամ մը առաջ չեմ մեռնիր մեռնի՞լ… ա՜հ, չէ, մեռնիլ չեմ ուզեր, դեռ ատենս չէ ի՞նչ տեսիլ է ասիկա, մահուան հրեշտակը սեւ թեւերով գլխուս վրայ իջաւ… անուշ աչուըներ կը նետէ իմ վրաս ու կը ժպտի,.. բայց ձեռքը սուր մը բռնած է… դարձուր ինձմէ այդ սուրը, մի՛ զարներ, խնայէ՛ ինծի, տե՛ս, դեռ երիտասարդ եմ, դեռ կենաց պարտիզին մէջ պիտի պտտիմ ես. երջանկութիւնն ու փառքը կը հրաւիրեն զիս… յաղթութիւ՜ն…:

ՍԱՒՈԻՂ. Թշուառութիւն ինծի ու քեզի համար (Ձեռքը ճակտին կը զարնէ):

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Դուն հո՞ս ես, հայր իմ, ո՜հ, այո՛, դուն ես. փարատեցաւ տեսիլը, ալ կը մեռնիմ ես, այո՛, կը փափագի՛մ, կը ցանկամ մահը հա՛յր, երիտասարդութեան մէջ աւելի կ'իմացուի եղեր մահուան վայելքը: Գերեզմանին դռնէն կը տեսնամ երկինքը հրեշտակները ձեռք կ՚երկնցնեն ինծի… հա՜յր, մէյ մըն ալ գրկեմ զքեզ… մնաս բարով… ընդունէ՛… (Կը մեռնէ):

ՍԱՒՈՒՂ. Մեռաւ, ու ես դեռ կ՚ապրիմ: Մեծութիւնս, թագս ու փառքս եւ բոլոր տունս ջնջուած տեսնելէս վերջը, երթամ, ջնջուիմ ես ալ: Եկէ՛ք իմ ձեռքովս գերեզման մտած թշուառներու կատաղի ուրուականներ, եկէ՛ք, խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք արիւնովս, որ հիմա գետի պէս պիտի վազցընեմ, ծա՛փ զարկէք, երբ Սաւուղ անել փոսին մէջ ցատկէ (Ներսէն փղշտացուոց աղաղակը կը լսուի): Ին՞չ կը լսեմ, կու գան, զիս կը փնտրե՞ն. պիտի գտնաք զիս, վատ թշնամիներ, հոս, որդւոյս մարմնոյն վրայ (Կը զարնէ ինքզինքը ու կ'իյնայ Յովնաթանին մարմնոյն վրայ)։

ՏԵՍԻԼ Զ

Փղշտացիք ջահերով ներս կը վազեն յաղթութեան երգ մը երգելով:

Զգի վարագոյրն