Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Դ

ՏԵՍԻԼ Ա

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜վ քաջք, Հռովմայ ազատութեանը համար բաւական արիւն թափեցինք, կրնայ ձեզմէ մէկը քիչ մըն ալ իւր տունը հանգչիլ. թէ որ նորէն յանդգնի թշնամին աչքը վերցնել դէպի Հռովմ, պիտի ժողվինք վերստին զինքը վանելու համար:

ՏԵՍԻԼ Բ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ, ԲՐՈՒՏՈՍ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Աղէկ ատեն հասար, ո՜վ Բրուտոս, սրտիս կասկածով լեցուած քու ուշանալուդ վրայ` քիչ մնաց Հռովմէն դուրս պիտի ելլայի քեզի հանդիպելու համար:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ուշ հասայ ես, բայց լի յոյսով եւ ուրախութեամբ. մեծ դժուարութեամբ համոզեցի իմ քաջերս պարսպէն ներս մտնալ: Այնչափ եռանդով եւ սաստկութեամբ կը պատերազմէին թագաւորական գնդի հետ, որ չգիտնալով Տարկուինոսին փախուստը` Արտէայէն ճամփայ ելեր էին մեզի դէմ, թէպէտ եւ առջի բերանը քաջութեամբ դիմակալեցին, բայց վերջապէս խորտակեցան չարաչար. բազմաթիւ մեռեալներով ծածկեցին դաշտը, ու մնացածները ցիր ու ցան եղան: Երբ, այն ինչ արեւը մտնելու վրայ էր, յաղթութեան դափնիներով պսակուեցանք մենք, ու գիշերուան մթութիւնը մինակ կրցաւ ազատել թշնամին բնաջինջ կորստէն:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ոչինչ, նուազ բախտաւոր եղաւ իմ արշաւանքս ալ: Գիտես, որ քաղքին մէկալ դռնէն դուրս ելեր էի ես, ու ահա, յանկարծ, դիմացնիս ելաւ մեծ խումբ մը հռովմայեցի զօրականաց, որ բռնաւորին քովէն փախեր ու մեզի կու գային. ո՜հ, ինչպիսի վսեմ ուրախութեան բարձրագոչ աղաղակներով մէկզմէկ գրկեցին այդ քաջերը, զօրականք եւ քաղաքացիք ամէնն ալ մէկզմէկու հետ խառնուելով, Հռովմ մտան իմ առաջնորդութեամբս ու զիրար կ՚ուզեն գերազանցել Հռովմայ պաշտպանութեան համար:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Անշուշտ, ինչուան հիմա որդւոյս ձեռքով դուրս վռնտուեցաւ դաւաճան Մամիլիոսն ալ: Երթանք կարճ հանգիստ մը վայելելու, որ արժանապէս վաստկեցանք, կարծեմ. երբ արեւը ծագի, դարձեալ պիտի տեսնայ զմեզ Հռովմայ ատեանը, մեծ ու կարեւոր իւնդիրներու վրայ պիտի խօսին ժողովրդին հետ:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ո՛վ Բրուտոս, դեռ հանգստեան ատենը չէ, զօրքերդ թող հեռանան քիչ մը ատեն քեզմէ, բայց չի թողուն զէնքերնին. պէտք է, որ մինակ խօսիմ քեզի հետ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ին՞չ:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Հռովմայ օգուտը կը պահանջէ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Գացէք ու ատեանին մօտ սպասեցէք ինծի, զօրակա՛նք:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ա՜հ Բրուտոս, փուճ տեղը այս սոսկալի գիշերուան մէջ, նոյնիսկ քու տանդ մէջ, կարճ քուն մը կը փնտրես դուն:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ին՞չ կ՚ուզես ըսել. երկի՛նք. ի՞նչ կը նշանակեն դէմքիդ խռովութիւնը, անձիդ տագնապն ու սարսափը:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Կը դողամ, այո՛, Բրուտոսին համար, Հռովմին ու մեր ամէնուս համար: Դուն այս առաւօտ, իմ անլուր աղէտիցս կարեկից, մտերմութեամբ յուսոյ եւ վրէժխնդրութեան մխիթարութիւնները կը մատուցանէիր, ու ես, աւա՜ղ թշուառիս, ես փոխարէն ուրիշ վէրքով մը պէտք է խոցեմ քու սիրտդ, ա՜հ, ինչո՞ւ չի մեռայ ես, որ չի տեսնայի այսպիսի չարագուշակ օր մը: Դժբախտ հայր, իմ խօսքերս մահառիթ նետի մը պէս պիտի զարնեն զքեզ, սակայն չեմ կրնար լռել:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜վ աստուածք, սոսկում կը պատճառեն ինծի քու խօսքերդ. սակայն ամէնէն մեծ չարիքը չարեաց սպասելն է. խոսէ՛, ինչուան հիմա գերութեան մէջ ապրելով` վարժած եմ համբերել թշուառութեանց ու զրկուիլ ամէն բանէ, որ ինծ սիրելի է: Անձիս թշուառութիւնը ոչինչ է Հռովմայ ազատութեանը փոխարէն, խոսէ՛ ուրեմն:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Քեզմէ կը կախուի, այո՛, քու ձեռքդ է Հռովմայ ազատութիւնը, բայց այնպիսի ծանր գնով… ո՜վ աղէտալի օր… ես առաջին պատճառ տուի վեհ ու դիւցազնական գործոյն, ու անոր կատարմանը համար պէտք է, որ Բրուտոս բովանդակ Հռովմայ մէկ անլուր ու անգութ օրինակ մը պատրաստէ արիութեան անաչառ սրտի: Կրնայի՞ր հաւատալ, նոյնիսկ քու բնակարանդ ապահով չես դուն, զօրաւոր ու կատաղի դաւակցութիւն մը կ՚եփի Հռովմայ մէջ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ես արդէն կասկած մը ունեցայ Մամիլիոսին խօսքերէն, անոր համար ալ խստիւ պատուիրեցի Տիբերիոսին` շուտով Հռոմէն դուրս ընելու զինքը:

ԿՈՍԱՏԻՆՈՍ. Դեռ արեւը չէր մտած, երբ ես տեսայ, որ Մամիլիոս դեռ հոս էր քու որդիքներուդ հետ. կը ցաւիմ ըսելու քեզի, սակայն ստոյգ է, որ գէշ հնազանդեցան քեզի:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜հ, ինչպիսի բարկութեամբ ու սարսափով կը լեցնեն զիս քու խօսքերդ:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Թշուա՛ռ Բրուտոս, ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ ես յայտնեմ քեզի դաւակցութիւնը, ու երբ լսես դաւակիցներուն անունները, քու մերձաւոր ազգականներուդ ու բարեկամացդ մէջ առաջին են Վիտիլեանք, գլուխք դաւաճանաց:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Վիտիլեա՞նք…

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Եւ քու որդիքդ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ին՞չ կը լսեմ. արիւնս կը պաղեցնես երակներուս մէջ. իմ որդիքներս մատնիչ… ա՜հ, չէ, չե՛մ հաւատար:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ո՜վ Բրուտոս, երանի թէ ստոյգ չըլլար, ես ալ նախ` չուզեցի հաւատալ, սակայն հարկ եղաւ, որ աչուըներուս հաւատամ, ետքէն` այս թուղթը. մահաբեր թուղթ մըն է մեզի համար, կարդայ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Սիրտս կը դողայ. ի՞նչ կը տեսնամ հոս. անուն անուան վրայ գրուած առաջին` Ագուիլեանք, ետքը` Վիտիլեանք, Մարկիոսեանք եւ ուրիշներ, եւ վերջապէս… Տիտոս… Տիբերիոս… ա՜հ, բաւական է, ալ չեմ կրնար, թշուառ Բրուտոս, ալ հայր չես դուն, բայց դեռ Հռովմայ հիւպատոսն ու քաղաքացին ես. Տիտոսն ու Տիբերիոսը շուտով հոս, իմ դիմացս բերէք: Բայց ինչպէ՞ս քու ձեռքդ ինկաւ աս սոսկալի թուղթը:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ես աչքովս տեսայ զայն Մամիլիոսին ձեռքը, թէպէտ եւ շուտով կ՚ուզէր պահել, ու ձեռքէն առի մէկէն: Հաւատարիմ պահապաններու ձեռք յանձնեցի ետքէն քու որդիներդ ու փութով հարկաւոր եղածը կարգի դրի: Մատնութիւնը մատնիչներուն գլուխը պիտի զարնէ, տարակոյս չկա՜յ, ո՜վ քաջ, ժամանակին վրայ հասայ ես, ու, անշուշտ, Արամազդին բարձր գթութեանը արդիւնքն է, որ ինծի յայտնուեցաւ այնպիսի աղէտաբեր գաղտնիք մը, վասնզի ես հայր չեմ, ցաւով ու սառնութեամբ կը պատմեմ զայն, ու կ՚ստիպուիմ իմացնելու քեզի ու քու տանդ մէջ ոտքդ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ուրիշ տուն չունի ալ դժբախտ Բրուտոսը, բայց եթէ Հռովմայ ատեանը ու գերեզմանը:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Սիրտս չի դիմանար խօսքերուդ. մոռացուցին քու ցաւերդ իմ վիշտերս, բայց ո՞վ գիտէ, գուցէ կրնան արդարանալ քու որդիներդ. խօսեցնել տուր մէյ մը զիրենք: Դաւակցութեան խորհուրդը քեզի մինակ յայտնեցի ես. ամէն ազդու միջոցներ ձեռք առի, որպէսզի այս գիշեր մարդ դուրս չելլայ քաղքէն: Առաւօտուն բոլոր ժողովուրդը պիտի ժողվուի ատեանը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ու բոլոր ժողովուրդը առաւօտուն Բրուտոսին բերնէն պիտի լսէ ճշմարտութիւնը` ինչ ըլլայ նէ, ըլայ:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ահա՛ կը տեսնամ թշուառ երիտասարդները, որ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Իմ որդիքնե՞րս, այնպէս կը կարծէի ես զանոնք դեռ այս առտու, հիմա թշնամի եղան ինծի ու մատնիչ` Հռովմայ:

ՏԵՍԻԼ Գ

ՏԻՏՈՍ, ՏԻԲԵՐԻՈՍ, ԶՕՐԱԿԱՆԱՑ ՄԷՋ, ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ

ԲՐՈՒՏՈՍ. (Զօրաց) Հեռացէք քիչ մը, իսկ դո՛ւք առաջ եկէք:

ՏԻՏՈՍ. Ա՜հ, հայր…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Հռովմայ հիւպատոսն եմ. կը հարցնեմ ձեզի, թէ Հռոմայ քաղաքացի՞ էք:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Այո՛ ու դեռ` որդիք Բրուտոսի:

ՏԻՏՈՍ. Ու փորձով ալ կը ցուցնե՞նք, եթէ հաճի ունկնդիր ըլլալ մեզի Բրուտոսը:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Գութ կը շարժեն իրենց կերպարանքն ու խօսքերը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Տեսէ՛ք սա թուղթը, որ անօրէն Մամիլիոսը Տարկուինեանց կը տանէր. ուրիշ շատ անուններու մէջ ձերիններն ալ կան, բուն իսկ ձեռքերնուդ ստորագրութեամբը, ուրեմն` դուք այսուհետեւ Հռովմայ մատնիչներն էք, չէ՛ թէ որդիք Բրուտոսի, վատանուն բռնաւորաց որդիքներ էք դուք:

ՏԻՏՈՍ. Ստոյգ է, ուրիշ երեւելի անուններու մէջ, ես նախ եւ առաջ ստորագրեցի իմ անունս ալ, իմ օրինակէս ստիպուելով` ստորագրեց ետքէն եղբայրս. ինքը յանցաւոր չէ, ինծի մինակ կը վայլէ փոխարէն պատիժը, ինքը միշտ ինձի հակառակը խորհուրդ կու տար:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Սակայն չկրցայ ուրիշ ճամփայ մը ցուցնել քեզի. յարկ էր ազատել մեր հայրը ծանր վտանգէ մը, Մամիլիոս այնպիսի ճարտարութեամբ սուտը իրաւին հետ խառնեց, որ մենք խաբուելով իւր հնարքներէն մեծ վտանգի մէջ ու անօգնական կարծեցինք հայրերնիս: Ո՜հ շատ սիրեցինք մենք զքեզ, հայր, անոր համար մոլորեցանք: Թէ որ յանցաւոր ենք, մեծ պատուհասի հաւասարապէս արժանի ենք երկուքնիս ալ, բայց հայրական ատելութիւնը, որ ամէնէն մեծ պատիժն է ուսկից միայն կը վախնանք մենք, ա՜հ, հայր, վկայ կը կոչեմ երկինքը ու կ՚երդնում, որ արժանի չենք մենք անոր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜վ կատաղութիւն, ու դուք ուրիշ նենգաւորաց հետ խօսք դրիք Տարկուինոսը նորէն իր գահը հանե՞լ:

ՏԻՏՈՍ. Ես ստորագրութիւնս դնելով` կարծեցի Տարկուինոսին գութը շարժէլ քու վրադ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Տարկուինոսին գութը շարժէ՞լ իմ վրաս. թէեւ այնպէս ըլլար, դուն, անօրէն, պէտք էիր հայրենիքը մատնել ինծի համար: Քիչ մը առաջ դուք ինծի հետ երդում չըրի՞ք մեռնիլ, քան թէ Տարկուինոսին հնազանդիլ նորէն:

ՏԻՏՈՍ. Չե՛մ ուրանար… ո՛չ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Երդմնազանց էք ուրեմն եւ մատնիչ, սա թղթիս մէջ իմ ու ձեր մահը ստորագրեցիք միանգամայն (Կու լայ):

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Բուն կու լա՞ս, ո՜վ հայր իմ, ո՜հ, թէ որ հայրական արցունքներ խիստ դատաւորի մը աչքերը թրջելով կը վկայեն գոնէ, որ բոլորովին գթութեան անարժան չենք մենք, ուրախութեամբ պիտի մեռնինք Հռովմին համար:

ՏԻՏՈՍ. Բայց թէպէտ եւ յանցաւոր, Տիտոս. ոչ վատ է եւ ոչ ալ անօրէն:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ա՜հ, որդեակք իմ, որդեակք իմ… ի՞նչ կ՚ըսեմ. դուք իմին առաջին եւ միակ նախատինքս էք: Արհամարհելի կեանք մը կ՚ուզէիք ձեր հօրը` իւր փառացն ու ազատութեանը կորստեամբը, կ՚ուզէիք ձեզի հետ գերութեան թունաբեր օդը շնչել տալ ինծի, երբ ձեր ձեռքն էր ինծի հետ ազատ, մահուան դիմաց վազել, ու այդպիսի ամբարիշտ խորհուրդ մը գլուխ հանելու համար, ձեր նորածին հայրենեաց մատնիչ եղաք, ականջնիդ գոցեցիք պատւոյ ձայնին, աներդումն գտնուեցաք աստուծոյ դէմ: Ու թեւ ես բոլոր Հռովմայ ձեռքովը մատնուէի, ու ինչպէս որ դուք ըրիք, բռնաւորին ոտքը իյնալով գթութիւն պաղատէի իրմէ, ա՜հ, դուք անմիտք, ինչպէ՞ս չկրցաք գուշակիլ, որ հալածական ու վատ բռնաւորի մը սիրտ ուրիշ բան չկրնար ըլլալ, բայց եթէ անգութ ծարաւ վրէժխնդրութեան եւ արեանց: Ստոյգ, անարգ եւ երկարատեւ մահուան կ՚ուզէիք դատապարտել զիս` ձեր հայրը, զինքը ազատելու համար:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Չեմ ուրանար, որ երբ այնչափ ազնուականաց անունները տեսայ թղթին մէջ, սիրտս վախով լեցուած` անկարելի կարծեցի քու վեհ խորհրդոցդ կատարումը: Արդէն գիտես, թէ կասկածելի ու վտանգաւոր կը սեպէի միշտ ատ ձեռնարկութիւնը, թէպէտեւ սրտանց կը փափագէի, ուստի երբ տեսայ, որ քիչ ատենուան մէջ ամէն բան կերպարանափոխ եղաւ, ու հռովմայեցուոց երեւելիները թագաւորին կողմը կ՚անցնին, դողացի Հռովմին վրայ, ու փուճ տեղը արեամբ պիտի լեցուէր, քուկինէդ սկսելով: Մեր անուններն ալ թղթին մէջ աւելցնելով` գոնէ զքեզ թագաւորին վրէժխնդրութենէն կու յուսայի ազատել, ու չարարուեստն Մամիլիոս երկայն խօսքերով այնպէս կը խոստանար մեզի:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ա՜հ, ի՞նչ ըրիք. ուրեմն Հռովմայ քաղաքացին չէի՞ր դուն նոյն վայրկենին, որովհետեւ կը մատնէիր Հռովմը ինծի համար, եւ ոչ ալ Բրուտոսին որդին էիր նոյն ատենը, որովհետեւ իւր պատիւը կը ծախէիր անարգ շղթաներ փոխարէն ընդունելով:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Քու արդար բարկութիւնդ մինակ իր վրայ մի դարձնէր, ո՜վ հայր, ես ալ նոյնպէս արժանի եմ ցասմանդ. կը խոստովանիմ, որ ես ալ դողացի քեզի համար, աւելի սիրեցինք մեր հայրը, քան թէ հայրենիքը, մի միայն յանցանքնիս այս է:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Չեմ գիտեր, որո՞ւ ցաւակից ըլլալ. հօ՞րը, չէ նէ որդուոց. թշուառ ու շատ թշուառ են ամէնն ալ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Աղէկ կը տեսնամ ես ալ. աւելի Բրուտոսի որդիք ուզեցիք ըլլալ, քան թէ Հռովմայ: Գերութեան մէջ ծնաք ու մեծցաք դուք, ու ես չէի կրնար, ինչպէս որ քաղաքացի հօր մը կը վայելէր, վեհ ու ազնուական մտածութեանց սնունդը տալ ձեզի: Որդեակք, ձեր յանցանքին ուրիշ պատճառ չեմ փնտրեր, ես ինքզինքս կը մեղադրեմ ծառայական վիճակի մէջ համբերատար լռութիւնս ու դողալս, զձեզ ալ դողալու վարժեցուց: Ա՜հ, գթութիւնը մեռած չէ սրտիս մէջ. որդեակք իմ, սիրելի որդեակք, ես ձեզմէ աւելի թշուառ եմ: Ո՜հ, թէ որ Հռովմը մատնելու կամ հայրերնիդ մահուընէ փրկելու ընտրութիւնը ձեր ձեռքն էր, ինչո՞ւ մտքերնիդ չի բերիք, որ Բրուտոսին բաւական էր մէկ սուր մը` զինքը վատութենէ ազատելու համար, ու Բրուտոս սուր մը ունէր, ու գիտէին զայն իւր որդիքը. պէ՞տք էին, ուրեմն, դոդալ իրենց հօրը համար:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ալ դադրին, ո՜վ Բրուտոս, ցաւերդ ու բարկութիւնդ, գուցէ կրնան դեռ ազատիլ որդիքներդ:

ՏԻՏՈՍ. Փրկութիւն չկայ ինծի համար, ալ չեմ ուզեր ապրիլ: Կորսնցուցի սիրելի հօրս համարումը ու, թերեւս, սէրն ալ. չէ՛, ալ չեմ ուզեր ապրիլ, բայց իմ տխուր օրինակովս թո՛ղ արդարանայ կրտսեր եղբայրս ու ազատի:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Շատ մեծ է մեր յանցանքը, ո՜վ հայր, բայց հաւասար է. անիրաւ ես, թէ որ հաւասար չի կշռես պատիժն ալ: Թերեւս Հռովմայ խնամածու երկնային ոգին ուզեց, որ մեր արիւնը հիմն ըլլայ ցանկալի ազատութեան:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜հ, որդեակք, ալ այսչափ բաւական է: Ձեր անկեղծ ու վսեմ զղջումը կը խորովէ սիրտս. ա՜հ, կ՚իմանամ, որ դեռ հայր եմ, քան թէ հիւպատոս… ոսկորներս կը դողան գթութենէ ու չարատանջ զգացմունքներէ, քիչ ատենէն, այո՛, քիչ ատենէն բոլոր արիւնս պիտի թափեմ հայրենեաց համար… Հռովմայ նոր կենդանութեանը վերջին հաստատութիւն մը պէտք է, ու անիկա իմ արիւնէ պիտի ըլլայ, միայն թէ ազատ ըլլլայ Հռովմ: Երդում կ՚ընեմ եւ ոչ մէկ օր մը ապրելու ձեզմէ ետքը. ետքի անգամ գրկեմ զձեզ, սիրելի որդեակք… դեռ կրնամ գրկել զձեզ… արցունքներ կ՚ընդմիջեն խօսքերս… մնա՛ք բարով… որդեակք իմ: Հիւպատոս Հռովմայ, ահա՛, քեզի կը յանձնեմ աս թուղթս, սուրբ պարտաւորութիւն մը կը դնեմ վրադ, աս թուղթս Հռովմայ դիմացը հանելու. քու պահպանութեանդ յանձնուած են յանցաւորներն ալ, քեզի հետ արշալուսին պիտի գամ ատեանը: Ալ երկայն ատեն չեմ կրնար դիմանալ այս անգութ տեսարանին:

ՏԵՍԻԼ Դ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ, ՏԻՏՈՍ, ՏԻԲԵՐԻՈՍ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ՏԻՏՈՍ. 8աւալիդ հայր…

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Միայն թէ ազատ ըլլայ Հռովմ…

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Եկէ՛ք ինծի հետ:

Ձգի վարագոյրն