Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Գ

ՏԵՍԻԼ Ա

ԴԱՒԻԹ, ԱԲԵՆՆԵՐ

ԱԲԵՆՆԵՐ. Ահա՛ եկայ ես. թագաւորը սեղանէն ելաւ-չելաւ` Աբենները փութաց քու հրամանիդ հնազանդիլ:

ԴԱՒԻԹ. Ուզեցի մինակ խօսիլ քու հետդ:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Մերձաւոր պատերազմի՞ն վրայ կ՚ուզես խօսիլ:

ԴԱՒԻԹ. Այո՛, եւ միանգամայն այս ալ ըսել, որ դուն իմ ձեռքիս տակը չես, բայց երկուքնիս ալ միաբան ժողովուրդին ու թագաւորին պէտք է ծառայենք, ուրիշ մտածմունք չունենանք, ո՜վ Աբեններ:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Իմ թագաւորիս համար, որուն արիւնէն եմ, սուրս շատ անգամ փայլատակեր է թշնամւոյն դէմ, երբ դեռ քու պարսատիկներուդ ձայնը չէր լսուեր ամենեւին:

ԴԱՒԻԹ. Թագաւորական արիւն իմ երակներուս մէջ չի խաղար, ամէնուն յայտնի են իմ գործքերս, ու իմ անձիս չեմ տար փառքը, Աբեններն ալ աղէկ գիտէ: Բայց դուն մոռցիր իմ գործքերս ու մինակ քուկիններդ յիշէ. դուն այսօր ջանա՛ նախանձաւոր ըլլալ քու անձիդ ու ինքզինքէդ մեծ…

ԱԲԵՆՆԵՐ. Ինչուան հիմա ես ինքզինքս զօրագլուխ գիտէի. Դաւիթը հոս չէր, անոր համար ալ համարձակեր էի մինակ ամէն բան կարգի դնել յաղթութեան համար: Թէ որ ես զօրավարի իշխանութիւն ունենայի, մտիկ ըրէ՛ ու տես իմ կարգադրութիւնս. ահա՛ մեր դիմացը, հիւսիսէն դէպի հարաւ, ձորի մը մէջ տարածուէր է փղշտացուոց բանակը. մէկ կողմէն ցած բլուր մը կը պատէ զիրենք, որուն գլուխը անկոխ ու ցցուած է, մէկալ կողմը, լեռներու մէջ ընդարձակ դուռ մը կայ, ուսկից լայն դաշտին մէջէն ինչուան ծով կը հանէ ճամփան, թէ որ հոն ձգենք թշնամին, յաղթութիւնը անշուշտ է, ուստի պէտք է նախ փախուստ ձեւացնել: Երեք բաժին ընելու է զօրքերնիս. առաջինը` ձախ կողմէն զանոնք դաշտը ձգելու համար փախչիլ ցուցնել, երկրորդ գունդը մէջտեղը մնայ` անկարգ ու ցրուած թշնամին խաբելու համար, իսկ մենք ընտիր քաջերով արեւելքի կողմէն ապառաժ բլրոյն վրայ ելլելով` թշնամիին կռնակը կ'առնենք, ամէն կողմէն կը պաշարուի ու բնաջինջ կը կորսուի:

ԴԱՒԻԹ. Քաջ ու խելացի ես միանգամայն, զօրութիւնը, որուն վրայ ըլլայ նէ ըլլայ, գիտեմ ես յարգել ու գովել. ես քու զօրականդ ըլլամ, չէ թէ զօրագլուխ, ու քու պատերազմիդ մէջ իմ գալովս մինակ սուր մը աւելնայ:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Դաւիթն է զօրապետ, Դաւիթն է պատերազմին յարդարիչը, ո՞վ իրմէ աւելի վարպետ զէնք կը շարժէ:

ԴԱՒԻԹ. Եւ ո՞վ Աբեններէն աւելի աննախանձ պէտք է ըլլայ այն չափ ամենամեծ ձիրքեր ունենալէն վերջը: Քու խորհուրդդ ամէն կողմանէ քաջադէպ կը տեսնամ ես. Յովնաթան ու ես հոս, թագաւորական վրաններուն քով կը կենանք. Քուշը արեւելքի կողմը անցնի, Սադովկ հազար հոգիով լեռանը վրայ ելլայ, ու դուն տասը հազար մարդով պատերազմին դաշտը բռնես:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Քեզի կը վայելէ այդ նախապատիւ տեղը:

ԴԱՒԻԹ. Անոր համար զքեզ հոն կը դնեմ. արեւը դեռ նոր կ՚ելլայ, ամէն բան պատրաստէ դուն, բայց փողի ձայնը չի լսուի ինչուան, որ ժամը չորս չըլլայ: Տե՛ս արեւմտեան սաստիկ հով մը կը փչէ, իրիկուան դէմ փոշւոյ մրրիկը ու արեւը թշնամւոյն աչքը զարնելով` խառն, մեզի հետ մէկտեղ պիտի կռուին:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Աղէկ կ՚ըսես:

ԴԱՒԻԹ. Ուրեմն` գնա՛, հրաման տուր ու ջանա՛յ, Աբեններ, քո արժանի փառքը չի մթնեցնել անարժան արուեստներով:

ՏԵՍԻԼ Բ

ԴԱՒԻԹ

       Խորագէտ է պատերազմին կարգաւորութեանը մէջ, բայց ի՞նչ օգուտ, երբ զօրքին սիրտը իրեն հետ միացած չէ. աս մինակ կը պակսի Աբեններէն, որն որ Դաւթի կը շնորհէ աստուած: Այսօր յաղթութիւնը կատարենք, ու անկէ ետքը թողում, հեռանամ դարձեալ Սաւուղէն. չկայ ինծի խաղաղութիւն անոր քովը, մանաւանդ թէ նոր յաղթանակս նոր յանցանք պիտի սեպուի ինծի:

ՏԵՍԻԼ Գ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ, ԴԱՒԻԹ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Սիրեցեալդ իմ Դաւիթ, չես գիտեր, որ այն, ինչ իմ հայրս կոչունքէն ելաւ, Աբեններ մէկէն անոր քովը մօտեցաւ ու քիչ մը ատեն խօսեցաւ հետը: Ես ալ մօտ գացի, անիկա դուրս ելաւ, ու հայրս փոխուած տեսայ:

ԴԱՒԻԹ. Ին՞չ ըսաւ, ինչպէ՞ս երեւցաւ քեզի:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Առաջ մեզի հետ արցունք ցօղեց. կը համբուրէր ու կը գրկէր զմեզ, իբրեւ որդեսԷր հայր մը կը խոսէր մեզի, հիմա նոյնը չէ:

ԴԱՒԻԹ. Տարաժամ հոգերով մի՛ ցաւցներ սիրտդ, ինքը թագավոր է, ու ինչպէս կը հաճի, թո՛ղ այնպէս վարուի մեզի հետ: Բաւական է, որ պատերազմը չի կորսնցնէ այսօր, վաղը իւր անգութ խորհուրդները դարձեալ ինծի դէմ ի գործ դնէ. նորէն իմ առջի անարգ վիճակս կը սպասէ ինծի. խիստ աքսոր, փախուստ եւ վիշտ: Ինծի միակ ու ստոյգ մահ զձեզ թողուլն է, Յովնաթան. ու հարկ է թողուլ… ա՜հ, ընդունայն յոյսեր, թշուառ հարսանիք ու չարագուշակ փեսայութիւն: Փոխանակ երջանիկ օրեր անցնելու ձեզի հետ, միշտ աքսորեալ ու փախստական ապրիլ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ա՛հ, ո՛չ, ալ պիտի չի բաժնուինք մէկմէկէ, ալ ո՛չ ոք պիտի յանդգնի յափշտակել զքեզ մեր գրկէն. բաւական եղաւ մեր դժբախտ կեանքը հօրս ցաւալից պալատին մէջ: Ո՞վ կ'ըսէր, որ երիտասարդական տարիքս, այն ոսկեզօծ յոյսերու ու փառաց տարիքը, սգաւոր ու լեղի օրերու պիտի դառնայ, ո՞վ կ՚ըսէր, որ այն պայծառ ու գեղեցիկ առաւօտը յանկարծ տխուր ամպերով պիտի գոցուի: Ատեն մը հայր, քոյր ու բարեկամ երջանկութեամբ կը լեցնէին զիս, հիմա ալ դարձեալ անոնք են, որ կը կտրտեն սիրտս: Դաւիթ, երբ բախտը մեզմէ երեսը կը դարձնէ, թշուառութեան փշալից ճամփան դէպի գերեզման կը տանի. թշուառ ու կտրիճ մարդու մը չի կայ անկէ աւելի հանգիստ ու վայելուչ տեղ: Բայց դուն ապրէ՛, Դաւիթ, ապրէ՛ Իսրայէլ ազգին փառքն ու կանգնումը ըլլալու համար, ապրէ՛, ատեն-ատեն Յովնաթան եղբայրդ միտքդ բերելու ու անոր վրայ լալու համար:

ԴԱՒԻԹ. Սիրտս ալ չի դիմանար քու խօսքերուդ. ա՜հ, դադրէ՛, հեղեղի պէս արեան, չէ թէ արցունքներու նուիրուած է այս օրս:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Քեզի համար վախ ու արգելք մը չկայ պատերազմին մէջ. վասնզի աստուծոյ անյաղթելի վահանը ունիս դուն, բայց կը վախնամ, որ ամբարիշտ Աբենները չարիք մը չի մտածէ քու վրադ:

ԴԱՒԻԹ. Բայց ի՞նչ. Սաւուղ պատերազմի գործը ինծի յանձնելուն կասկած մը ունեցա՞ւ, որ այդպէս կը խօսիս:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ատիկա չի լսեցի, սակայն ընքւիները կախած` ինքն իրեն հետ չեմ գիտեր ինչ կը խոսէր դաւաճան քահանայից վրայ. դաշտի մէջ անծանօթ մարդիկներու ու խաբեբայ կրօնքի, մութ, կտրուկ ու ահեղ խօսքեր Դաւթին բարեկամ եղողի մը համար:

ԴԱՒԻԹ. Ահա՛ ինքը:

ՏԵՍԻԼ Դ

ՍԱՒՈՒՂ, ՅՈՎՆԱԹԱՆ, ԴԱՒԻԹ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Եկո՛ւ, հայր սիրուն, հանգչեցո՛ւր միտքդ. հոս բաց ու մաքուր օդը զօրացնէ զքեզ, եկո՛ւ, հայր իմ, եկո՛ւ, նստէ՛ քու որդիքներուդ մէջ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ին՞չ խօսքեր են անոնք:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ա՜հ, հայր իմ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՞վ էք դուք, ո՞վ է պայծառ ու մաքուր օդի վրայ խօսողը. այս օդը թանձրամած մառախուղ է, խաւար ու մահուան մթութիւն… մօ՛տ եկուր ինծի, կը տեսնա՞ս արեւուն չորս կողմը արիւնոտ պսակ մը պատեր է… կը լսե՞ս չարագուշակ հաւերու ողբական ձայները… օդին մէջ սուգ ու լաց կը տարածուի, կը պատէ իմ սիրտս ալ ու զիս ալ լալու կ՚ստիպէ… բայց ի՞նչ. դո՞ւք ալ կու լաք:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Աստուած հզօր Իսրայէլի, ասա՞նկ քու երեսդ կը դարձնես Սաւուղէն, անիկա, որ երբեմն քու ծառադ էր, հիմա այսպէս թշնամւոյն ձեռքը կը թողուս զինքը: Հայր, տե՛ս, քու քովդ է սիրելի որդիդ, թէ որ դուն զուարթ ըլլաս, ինքն ալ ուրախ կ՚ըլլայ, ու արցունք կը թափէ, թէ որ դուն ալ կու լաս. բայց ինչո՞ւ արտասուենք, դարձաւ մեզի ուրախութիւնը:

ՍԱՒՈՒՂ. Դաւիթը` կ՚ուզես ըսել. Դաւի՛թ. ա՜հ, ինչո՞ւ համար իմ որդւոյս հետ ինքն ալ զիս չի գրկեր:

ԴԱՒԻԹ. Հա՛յր, կը վախնայի, որ զքեզ չի բարկացնեմ. ա՜հ, ինչո՞ւ համար սրտիս մէջ չես կրնար կարդալ, ես քեզի հետ եմ միշտ:

ՍԱՒՈՒՂ. Դո՞ւն… անանկ է նէ, դուն կը սիրե՞ս Սաւուղայ տունը:

ԴԱՒԻԹ. Ին՞չ, կը սիրե՜մ. Յովնաթանը եղբայրական սիրով կը սիրեմ. աշխարհիս մէջ ամէն վտանգ աչքս կ՚առնեմ քեզի համար ու ինքզինքիս համար բան մը չեմ հոգար:

ՍԱՒՈՒՂ. Բայց ինքզինքդ ալ մեծ բանի մը տե՞ղ կը դնես դուն:

ԴԱՒԻԹ. Ես իմ անձս կը մեծարե՞մ, դաշտին մէջ ո՛չ անպիտան զինուոր մը, եւ արքունիքիդ մէջ քու փեսադ ու աստուծոյ դիմացը ոչնչի մը տեղ դրեր եմ ինքզինքս:

ՍԱՒՈՒՂ. Միշտ աստուծոյ վրայ կը խօսիս դուն. բայց աղէկ գիտես, որ շատոնցուընէ նենգաւոր քահանայից ժանտ ցասումը հեռացուց զիս աստուծմէ, ուրեմն` զիս նախատելո՞ւ համար կը յիշես դուն զաստուած:

ԴԱՒԻԹ. Ո՛չ, այլ զինքը փառաւորելու համար: Ա՜հ, ինչո՞ւ միտքդ դրեր ես, որ աստուած քեզի հետ չէ. ով որ զինքը չուզէր, անոր հետ չէ, բայց ով որ զինքը կը կոչէ ու անոր վրայ կը դնէ բոլոր յոյսը, ե՞րբ հեռացեր է անկէ: Ինքը գահին վրայ հանեց զքեզ, իրմով կը թագաւորես դուն, դուն անորն ես, թէ որ մինակ իր վրայ դնես յոյսդ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՞վ կը խօսի երկնից վրայ. արդեօք քահանա՞յ մըն ես դուն, որ սուրբ քարոզներ կու տաս ինծի, տեսնանք (Կը մօտենայ Դաւթին), է՜հ, ոչ, զինուոր ես դուն ու սուր կախեր ես մէջքդ, մօտեցի՛ր տեսնամ, Դաւի՞թն է խօսողը, չէ նէ Սամուէլ, ի՞նչ սուր է ասիկա, ես այս սուրը իմ ձեռքովս տաճարին ընծայ չի տուի՞ մի:

ԴԱՒԻԹ. Ասիկա այն սուրն է, որ իմ տկար պարսատիկովս ստացայ, որ վայրենի հսկային ձեռքովը գլխուս վրայ կախուած ահարկու մահ կ՚սպառնար ինծի, սակայն անոր արիւնը խմեց եւ ոչ իմս:

ՍԱՒՈՒՂ. Բայց սուրբ տապանակին քով իբր նուիրական սուր մը չի կախուեցաւ՞ ասիկա:

ԴԱՒԻԹ: Այո՛, բայց…

ՍԱՒՈՒՂ. Անանկ է նէ, ուսկի՞ց առիր դուն զայդ, ո՞վ տուաւ քեզի զայդ, ո՞վ:

ԴԱՒԻԹ. Ըսեմ շիտակը: Անզէն ու փախստական հասայ ես Նոմբա, ի՞նչ պատճառներու համար, գիտես, ճամփայները լեցուած էին եղեռնագործ մարդիկներով, ու ես զէնք մը չունենալով քովս, ամէն մէկ քայլ առնելուս կրնայի մահաբեր վտանգի մը հանդպիլ: Սուրբ տապանակին դիմացը երկրպագելով` հոն այս զէնքը խնդրեցի ես ղեւտացիէն, որ թէ մէկուն տրուած ըլլար գործածել, անշուշտ մինակ Դաւթին կը վայլէր:

ՍԱՒՈՒՂ. Ու անիկա՞…

ԴԱՒԻԹ. Առաւ եւ տուաւ ինծի:

ՍԱՒՈՒՂ. Եւ ո՞վ էր անիկա:

ԴԱՒԻԹ. Աքիմելէք:

ՍԱՒՈՒՂ. Անօրէն, վատ տիրադրուժ… ո՞ւր է տաճարը. ո՜վ կատաղութիւն… ա՜հ, ամէնն ալ ամբարիշտ, ամէնքն ալ անօրէն ու դաւաճան, թշնամիք աստուծոյ, դուք իր պաշտօնեաները, ո՞ւր եք… ճերմակ զգեստով սեւ հոգիներ… ո՞ւր է տապարը, ո՞ւր է խորանը, կործանի, սպանեմ, մորթեմ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Հա՛յր իմ, ի՞նչ կ՚ընես, ո՞ւր կը վազես, ի՞նչ կը խօսիս. հանդարտէ, հայր, հոս խորան, զոհ չկայ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՞վ է զիս արգիլողը, ո՞վ է, որ ինծի դէմ կը կենայ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Հա՛յր…

ԴԱՒԻԹ. Դուն երկնքէն օգնէ, աստուածդ Իսրայէլի, քու առջեւդ ծունկ կը չոքիմ տէր ու կը պաղատիմ…

ՍԱՒՈՒՂ. Խաղաղութիւնը գնաց ինձմէն. արեւ, իշխանութիւն որդիք ամէնն ալ կորսուեցան, թշուառական Սաւուղ: Ո՞վ է քեզի մխիթարութիւն, ո՞վ քեզի օգնական. քու որդինե՞րդ. համր են անոնք, անգութ, ապերախտ. ամէնն ալ ողորմելի ծերոյն մահը կ'ուզեն, ամէնուն աչքը այս թագին վրան, որ ալեւոր ճակատս կը պսակէ. առէ՛ք, յափշտակեցէ՛ք զայն, ու անոր հետ մէկտեղ կտրեցէք դողդոջուն գլուխս ալ… ո՜հ, իմ աղէտալի վիճակս, մահը լաւագոյն է, մահը կ՚ուզեմ (Քիչ մը ատեն այս խռոված վիճակին մէջ կենալէն ետքը կը սկսի լալ):

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ա՜հ, հայր իմ, ամէնքնիս ալ քու կենացդ կը փափագինք, ամէն մէկերնիս ալ մեր կեանքը կու տանք, որ դուն ապրիս: Արդ` իւր բարկութիւնը արցունքներուն մէջ կը հալի. եղբայր իմ, ժամանակն է քաղցր երգերով իւր սիրտը հանդարտեցնել շատ անգամ երկնային նուագներովդ մոռցուցեր ես դուն իւր սրտին խոցերը:

ԴԱՒԻԹ. Ո՜հ, մեր բերնովը խօսի աստուած, եկէ՛ք, ընկերք իմ, ու երգենք ամենակալ աստուծոյ օրհնութիւնը, որուն ձեռքն են թշուառ մահացուաց տառապեալ սրտերը (Հոս երգեցիկ տղաք կու գան ու օրհնութիւն մը կ՚երգեն):

ՍԱՒՈՒՂ. Երգերու ձայն կը լսեմ ես… մահաբեր թմրութիւնս փարատէ՛ ինձմէ, ցուցո՛ւր ինծի երիտասարդութեանս փառաւոր տարիները (Հոս պատերազմական երգ մը կ՚երգեն): Ա՜հ, այո՛, այս է իմ առջի տարիներուս զուարթարար ձայնը, որ կարծես թէ գերեզմանին մէջէն զիս աշխոյժ ու եռանդուն կենաց կը կոչէ… ինչ կ՚ըսեմ, եղու՜կ ինծի պատերազմի ձայնը ալ չեմ ախորժիր, պարապութիւն, հանգիստ ու մոռացութիւն աւելի կը վայլէն ծեր մարդու մը (Խաղաղութեան երգ մը կ՚երգեն հոս): Ո՜հ, գեղեցիկ հանգիստ, ո՜վ սքանչելի խաղաղութիւն սրտի, երակներուս մէջ կը ծաւալի անուշակ երջանկութիւն մը, բայց ի՞նչ կը կարծէք դուք. միթէ վատին մէ՞կն է Սաւուղը, որ խաղաղութիւնս փնտրէ. ին՞չ, քաջայաղթ Սաւուղ թագաւորը մէկդի նետուած, պատերազմի անպիտան գործի՞ք մը կը կարծէք դուք (Նորէն պատերազմական երգ մը կ՚երգեն):

ԴԱՒԻԹ. Ասանկ պիտի իյնան, կործանին քու թշնամիներդ, ես ալ քու քաջերուդ գլուխը անցած` կը հալածեմ փղշտացիքը, կը զարնեմ, կը կոխեմ, կը ջախջախեմ, որ սորվին, թէ երկու ահաւոր սուրեր ունին իսրայէլացիք պատերազմի մէջ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՞վ է ատիկա, որ խրոխտալով կը խօսի: Սաւուղին սուրէն ուրիշ սուր կա՞յ պատերազմին մէջ. անօրէն է, թո՛ղ մեռնի, կորսուի՛ զիս նախատողը (Կը վազէ Դաւթին վրայ):

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Կեցիր, հայր, ի՞նչ կ՚ընես:

ՍԱՒՈՒՂ. Եղու՜կ քեզի, արքայ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜հ, փախի՛ր, հազիւ թէ կը բռնեմ զինքը, փախի՛ր:

ՏԵՍԻԼ Ե

ՍԱՒՈՒՂ, ՅՈՎՆԱԹԱՆ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Հայր սիրեցեալ, հանդարտէ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՞վ կը բռնէ զիս, ո՞վ կ՚աղաչէ, ո՞ւր է իմ սուրս, ո՞ւր է, ձեզի կ՚ըսեմ, տուէ՜ք ինծի իմ սուրս:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ա՜հ, եկու ինծի հետ, հայր սիրելի, թող պիտի չիտամ, որ երթաս, տե՛ս, հոս օտար մարդ չկայ, քու որդւոյդ հետ դարձիր պալատդ, վասնզի հանգչելու կարօտութիւն ունիս. եկո՛ւ, դադրի քու բարկութիւնդ, քու որդւոյդ հետն ես ու միշտ քու քովդ պիտի ունենաս զինքը:

Ձգի վարագոյրն