Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Դ
ՏԵՍԻԼ Ա

ՍԱՒՈՒՂ, ԱԲԵՆՆԵՐ, ԱՔԻՄԵԼԷՔ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԱԲԵՆՆԵՐ. Տէ՛ր արքայ, մեծ պատճառ մը կ՚ստիպէ զիս քեզի դառնալ թշնամի` արեան գետեր չվազցուցած: Դաւիթ, այդ կտրիճ Դաւիթը, որու վրայ կեցած էր յաղթութիւնը, աներեւոյթ եղեր է: Մէկ ժամ մը մնաց պատերազմին սկսելուն, բոլոր զօրքը եռանդով վառուած` աղաղակներով օդը կը թնդացնէ, կը դողայ երկիր փայլակի պէս վազող ձիերուն ոտքին տակը, ամէնքը մահ, կրակ ու պատերազմ կը շնչեն, բայց ո՞վ տեսաւ Դաւիթը. մէկ տեղ մը չկայ Դաւիթ: Բայց դուն տես, արքայ, անշուշտ, երկնից նպաստն է այս բանս մեզի, տես, ո՞վ անոր տեղը պատերազմի դաշտին մէջ կ՚երեւայ. ասիկա որ քահանայից փափուկ բեհեզներու մէջ պատած է, գողի մը պէս Բենեամինի գնդին մէջ պահուըտեր էր. ահա՛, լսէ իրմէ, թէ ինչ կարեւոր պատճառներով այս վտանգներու մէջ կը դնէ ինքզինքը:

ԱՔԻՄԵԼԷՔ. Այո՛, ըսեմ պատճառը, թէ որ թագաւորին բարկութիւնը թոյլ տայ ինծի:

ՍԱՒՈՒՂ. Թագաւորին բարկութի՛ւնը, ուրեմն` արժանի ես դու անոր, բայց ո՞վ ես դուն, ինծի կ՚երեւայ, թէ պիտի ճանչնամ զքեզ. միթէ դուն Հռամայի տեսանողաց զառանցեալ ու գոռոզ խմբէն չե՞ս մի:

ԱՔԻՄԵԼԷՔ. Քահանայ եմ աստուծոյ, գլուխ ղեւտացուոց եւ սրբազան պաշտամանցս մէջ յաջորդ մեծին Ահարովնի: Միշտ տապանակին քովը կենամ ես. ատենօք տապանակ ուխտին սովորութիւն էր բանակին մէջ կենալը, հիմա մեծ բան մը կ՚երեւայ աստուածական պաշտօնէին, թէեւ գաղտուկ, հոն երեւնալը: Նոր ու կարգէ դուրս դիպուած մըն է սրբանուեր քահանային ներկայութիւնը հոն, ուր Սաւուղ կը թագաւորէ. դուն զիս չե՞ս ճանչնար, ու ի՞նչ զարմանք. դուն արդեօք ինքզինքդ կը ճանչնա՞ս, ոտուըներդ մոլորեցուցեր ես աստուծոյ ճամփէն, իսկ ես կը կենամ տապանակին քով, ուր մեծն աստուած կը բնակի, հոն, ուր շատոնց է Սաւուղ տեսնուած չէ. իմ անունս Աքիմելէք է:

ՍԱՒՈՒՂ. Մատնիչ կը նշանակէ այդ անունը, հիմա աղէկ կը ճանչնամ զքեզ, աղէկ ատենին հոս հասար. ըսէ՛ ինծի, դուն չե՞ս մի աքսորեալ Դաւթին ապաւէն` կերակուր ու զէնք տուողը, ու ինչպիսի զէնք. փղշտացւոյն նուիրական սուրը, որ աստուծոյ ուխտեալ նոյն տապանակին քով կախուած էր, դուն պիղծ ձեռքովդ անկէց առնելով` քու տիրոջը ու թագաւորիդ ժանտ թշնամիին մէջքը կապեցիր զայն, հիմա ալ եկեր ես, անօրէն, բանակիս մէջ ալ մատնութիւն ընելու, տարակոյս չկայ:

ԱՔԻՄԵԼէՔ. Այո՛, զքեզ մատնելու համար եկեր եմ, վասնզի կու գամ աստուծմէ մաղթելու համար յաղթութիւն, որ աստուած չուզէր տալ. այո՛, ես եմ Դաւիթին օգնական ձեռք մատուցողը, բայց ո՞վ է այդ Դաւիթը, միթէ թագաւորին փեսան չէ՞ ու իր զօրքերուն ամէնէն մեծանունն ու քաջը, պատերազմի մէջ քու զօրութիւնդ ու վահանդ, ու խաղաղութեան ատենը իր քաղցր երգերովը քու սրտիդ տիրողը, ժողովրդեան ուրախութիւնն ու թշնամեաց սարսափը: Ես այսպիսի անձի մը պաշտպանութիւն ըրի, միթէ քիչ մը առաջ դուն քու ձեռքովդ զինքը իւր առջի փառքին մէջ հաստատելով` պատերազմի առաջնորդ չընտրեցի՞ր մի, որ բանակիդ մէջ յաղթութիւնը նորէն բերէ. ու աստուծոյ` սրտիդ մէջ տնկած կորստեան վախը ցրուէ, փարատէ. թէ որ դուն զիս կը դատապարտես, ինքզինքիդ դէմ վճիռ կու տաս:

ՍԱՒՈՒՂ. Ուսկի՞ց կու գայ ձեզի այդ գթութիւնը, դուք անգութ քահանայներ, ամբարիշտ ու արեան ծարաւի սրտեր: Մեծ յանցանք սեպեց Սամուէլ` Ամաղեկայ թագաւորին արիւնը չի թափելուս համար, որ սուրը ձեռքը գերի ընկեր էր, վսեմամիտ թագաւոր մը, վեհանձն ու առաքինի պատերազմող, բայց թշուառ ու գթութեան արժանի` խիստ շղթաներով կապուած բերին զինքը դիմացս. թէպէտ յաղթուած, բայց ազնուական հպարտութիւն մը ունէր կերպարանքին վրայ: Իւր արիութիւնը յանցանք սեպուեցաւ Սամուէլի աչքին, երեք անգամ իւր քահանայական ժանտ ձեռքովը մխեց երկաթը խեղճին սիրտը, ասո՞նք են ձեր քաջութիւնները, ա՜յ վատասիրտ մարդիկ: Բայց ով որ իւր բնիկ թագաւորին դէմը գլուխ կը վերցնէ ու մատնիչ է, դուք զանիկա կը պաշտպանէք ու վեր կը վերցնէք, մինակ ձեր պարտքը հոգերնիդ չէ, ուրիշ ամէն հոգերով լի է սրտերնիդ: Ո՞վ էք դուք. ծնունդ չար եւ անզգամ, որ մեր վտանգներովը հանգիստ ու ապահովութիւն կը գտնայ, ու վատ զգեստներու մէջ պատած եղջիւրները մեր գլխուն վրայ կը բարձրացնէ, երբ մենք զրահներու տակ արիւն քրտինք մտած, մեր որդուոց ամուսիններուն ու նաեւ ձեզի համար աղէտալի կեանք մը կ'անցնենք. ա՜հ, ո՞վ էք դուք:

ԱՔԻՄԵԼԷՔ. Եւ դուն ո՞վ ես. թագաւոր մը երկիրիս վրայ, բայց աստուծոյ առջին ի՛նչ թագաւոր: Ինքզինքիդ դարձի՛ր, Սաւուղ, ուրիշ բան չես, բայց եթէ պսակեալ փոշի մը: Ես ինքիրմէս ոչինչ եմ, բայց երբ մէյ մը աստուած շունչ տայ ինծի, կայծակ եմ, մրրիկ եւ հուր: Աստուած զքեզ ալ հաստատեց, բայց թէ որ մէյ մը ծուռ նայի, ի՞նչ կ՚ըլլայ, Սաւուղ: Անիրաւութեամբ փղշտացի թագաւորին կողմը կը բռնես ու անոր չար ճամփուն մէջ դուն ալ մոլորեր, կ՚երթաս. ամբարիշտ թագավորի մը համար թշնամի սուրէն ուրիշ ի՞նչ պատիժ կրնայ ըլլալ, սարսէ՛ դուն, Սաւուղ, ահա՛ սեւ ամպերուն մէջէն կրակէ թեւերով մահուան հրեշտակը կը տեսնամ, աջ ձեռքը կը փայլատակէ վրէժխնդիր բոցեղէն սուրը ու ձախ ձեռքով ամբարիշտ գլուխդ մազերէն կը բռնէ: Դողա՛, Սաւուղ, ու սարսէ՛, տե՛ս, ո՞վ է զքեզ մահուան դիմացը քաշկռտողը, այս մարդը` սատանային եղբայր չար Աբենները, որ քու ծերացեալ սիրտդ մաղձով ու դառնութեամբ կը լեցնէ, ու պատերազմասէր թագաւորը տղու մը պէս իրեն խաղալիք ըրեր է: Ո՞ւր է Սաւուղայ տունը, ալիքներուն վրայ դրուեր է հիմը. տեսէ՛ք, ինչպէս կը շարժի, իյնալու վրայ է, կործանեցաւ, փոշի դարձաւ. ի՞նչ եղաւ Սաւուղայ տունը. ոչինչ:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Տէ՛ր արքայ, հրաման տուր, որ քու տեղդ ես պատասխանեմ. տեսնաս, տէր, քահանայի մը լրբենի լեզուն ինչպէս գիտէ սանձել Աբեններ:

ՍԱՒՈՒՂ. Սաւուղն ալ գիտէ զայդ, մարգարէ գուժաբեր. մեղք, որ գլխուդ գալիքներն ալ չի կրցար գուշակել, ու ես քեզի զրուցեմ, ու Աբեններ ի գործ դնէ: Դուն, ո՛վ քաջ, փութա՛, փոխէ շուտով Դաւթին հրամանները, որ մատնութեամբ լեցուն են. վաղը արշալոյսին պատերազմ ըլլայ. կ՚ուզեմ, որ ցորեկուան պայծառ արեւը վկայ ըլլայ իմ պատերազմիս, քու սպառնալիքներդ իմ առջի եռանդս վառեցին: Վաղը ես պիտի ըլլամ բանակիս, ու բոլոր օրը բաւական պիտի չըլլայ ըրած կոտորածիս (Աբեններին), հանէ այս մարդը դիմացէս, մէկդի տար, թո՛ղ մեռնի, ու իր վատ արիւնը փղշտացիներուն արեանը հետ խառնուի:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Բաւական է, որ Աբեններին ձեռքն է, նոյն բանն է, թէ մահուան ձեռքը ըլլար:

ՍԱՒՈՒՂ. Բայց իմ վրէժխնդրութեանս չի բաւէր այսչափը, ղրկէ իմ բարկութիւնս բոլոր քահանայից բնակած տեղերնին ու զա՛րկ, սպանէ ջնջէ իրենց տունը տեղը, որդիքներուն, հայր ու մայր, ու անօրէն ցեղերնին փոշի ըլլայ ու ցրուի օդին մէջ, որպէսզի իմանան, թէ Սաւուղ մը կայ դեռ երկրիս վրայ. այսչափ ատեն ձեզմէ գրգռուած` ձեռքս կայծակներ չի թափեց ձեր գլխուն վրայ, անոր համար այնչափ հպարտութեամբ գոռոզացեր էիք իմ վրաս:

ԱՔԻՄԵԼԷՔ. Ինձմէ ո՛չ ոք կրնայ յափշտակել արդարոյ ցանկալի մահը, իմ մահս միանգամայն քաղցր ու փառաւոր է ինծի, բայց ձեր երկունքներնուդ ալ մահը արդէն շատոնց անդարձ վճռէր է աստուած, որով պիտի իյնաք անարգութեամբ, Աբեններ, ու դուն, Սաւուղ, ո՛չ թշնամիէն եւ ո՛չ պատերազմի մէջ. երթա՛նք. աստուծոյ ետքի պատգամները խօսեցայ ես ամբարշտին, անիկա խուլ եղաւ. իմ պաշտօնս լմնցաւ, ու կեանքս աղէկ գործածեցի:

ՍԱՒՈՒՂ. Տա՛ր, սատկեցո՛ւր զինքը շուտով անողորմ ու չարաչար մահուամբ:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Ինծի թող այդ հոգը. տեսնաս, ինչպէս շուտով պիտի կատարուի հրամանդ. եկու դուն երթանք (Խստութեամբ կը քաշէ Աքիմելէքին թեւէն ու կը տանի):

ՏԵՍԻԼ Բ

ՍԱՒՈՒՂ

       Ամէնքն ալ ինծի դէմ անգութ թշնամի դարձեր են, ամէնքն ալ միաբաներ ժամանակէն առաջ գերեզմանս կը փորեն ու կ՚ուզեն բռնի գլտորել զիս մէջը, բայց գուցէ յոգնեցան ալ երկինք զիս հալածելէն: Կ՚ուզեմ իմանալ մէյ մը այդ միահեծան տիրոջ անողոքելի կամքը, որ ամենազօր կը կոչեն, կ՚ուզեմ բանալ բախտին գիրքը, կարդալ իմ ճակատագիրս ու տեսնալ, թէ որո՞ւն է այդ աներեւոյթ ձեռքը, որ ահագին հարուածներ կ՚իջեցնէ թշուառ գլխուս վրայ:

ՏԵՍԻԼ Գ

ՎՀՈՒԿ, ՍԱՒՈՒՂ

ՍԱՒՈՒՂ. Դո՞ւն ես այդ մարգարէուհին, որ ապագան գուշակելով պիտի ծանուցանես Իսրայէլի թագաւորին իւր ճակատագիրը:

ՎՀՈՒԿ. Ես եմ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՞վ ես դուն:

ՎՀՈՒԿ. Ամենակալ աստուծոյ ձայնը:

ՍԱՒՈՒՂ. Վա՜յ քեզի, եթէ զիս խաբելու ըլլաս:

ՎՀՈՒԿ. Մանաւանդ թէ` վա՜յ քեզի, Սաւուղ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ուրեմն` ի՞նչ կը բերես ինծի:

ՎՀՈՒԿ. Քու վճիռդ:

ՍԱՒՈՒՂ. Զրուցէ՛:

ՎՀՈՒԿ. Ով աստուած, ինչո՞ւ համար մինակ զիս ընտրեցիր բոլոր Իսրայէլին մէջէն. տկար ու վախկոտ կին մըն եմ ես, աւելի զօրաւոր պաշտօնեայ մը ընտրէ քեզի, քու աստուածային բարկութիւնդ թագաւորի մը ծանուցանելու համար ո՞վ եմ ես:

ՍԱՒՈՒՂ. Ինչո՞ւ ձեռքերդ կը դողան ու արցունք կը թափես:

ՎՀՈՒԿ. Մարէ՛ գութը իմ սրտին մէջ, ո՜վ աստուած, որ համարձակ ճշմարտութիւնը կարենամ խօսիլ:

ՍԱՒՈՒՂ. Շինծու սարսափներովդ կարծես թէ պիտի վախցնե՞ս զիս:

ՎՀՈՒԿ. Բայց ո՜վ թագաւոր, բերանս առաջ չերթար խօսելու:

ՍԱՒՈՒՂ. (Բարկութեամբ) Դեռ կը դանդաղի՞ս, համբերութիւնս հատաւ. խոսէ՛, կամ ելիր դիմացէս:

ՎՀՈՒԿ. Ինչո՞ւ չեմ կրնար դուրս ելլալ ու հետս տանիլ այն ամէն թշուառութիւնները, որ հիմա պիտի մարգարէանամ. կ՚ուզեմ ետ դառնալ, բայց աստուած կը բռնէ ու յառաջ կը մղէ զիս: Չեմ կրնար դէմ դնել իւր զօրութեանը. այո՛, կը զգամ քու ներկայութիւնդ, աստուած ահավոր, ու երկնաւոր բարկութիւնդ սրտիս մէջ կ'անցնի: Սակայն ի՞նչ արիւնոտ ճառագայթ էր, որ աչքիս զարկաւ, լո՛ւռ կեցէք: Ապագան կը բանայ իւր մթին գաղտնիքները, վիհ մը կը տեսնամ ես, ու մէջը խառն ի խուռն լեցուած են թշուառութիւնք, առաքինութիւն եւ ոճիրք. Սաւուղ… Դաւիթ… ցաւալիդ Յովնաթան: Ա՜հ, ո՜վ թագաւոր, ալ մի՛ ստիպէր զիս խօսելու:

ՍԱՒՈՒՂ. (Դողալով) Ին՞չ եղեր են Դաւիթը, Յովնաթանը, խոսէ՛:

ՎՀՈՒԿ. Այո՛, մէգը փարատեցաւ, ու վարագոյրը բացուեցաւ. կը տեսնամ, անիկա է:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՞վ:

ՎՀՈՒԿ. Դաւիթը:

ՍԱՒՈՒՂ. Դաւիթը ի՞նչ:

ՎՀՈՒԿ. Յաղթեցի՛ր, Դաւիթ, ի՞նչպիսի փառքով կը փայլիս դուն. ի՞նչ է որ կը տեսնամ ճակատիդ վրայ:

ՍԱՒՈՒՂ. Լմնցո՛ւր, առաջ տար խօսքդ:

ՎՀՈՒԿ. Թագ մը:

ՍԱՒՈՒՂ. Անօրէ՛ն, ի՞նչ ըսիր, անիկա՞, Դաւիթը՞ պսակուած:

ՎՀՈՒԿ. (Տխրութեամբ) Ու դուն կ՚իյնաս, կը մեռնիս, թշուառ երիտասարդ, ու կու լայ զքեզ, փափուկ ու գեղեցիկ զոհ, բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդը. գթութիւ՜ն, գթութիւ՜ն, ո՜վ աստուած, դարձուր քու բարկութիւնդ, բաւական են Սաւուղին իր անձին թշուառութիւնները, բայց մահը առանց գութ ունենալու Յովնաթանին ծաղիկ հասակին, կը զարնէ զինքը, ու փուճ տեղ Դաւիթ արցունքի գետեր կը վազցնէ սիրելի բարեկամին վրան:

ՍԱՒՈՒՂ. Լո՛ւռ կեցիր. բաւական եղան լսածներս:

ՎՀՈՒԿ. Սաւուղ, քու մեղքերուդ համար զրկեց աստուած քու որդիդ, դատապարտեցար դուն, ու երկինք երես դարձուցին քեզմէ: Մէկ շնչով ցիր ու ցան ըրաւ աստուած քու ցեղդ ու յափշտակեց ձեռքէդ գաւազանը:

ՍԱՒՈՒՂ. Լո՛ւռ կեցիր, ըսի քեզի, մի՛ խօսիր:

ՎՀՈՒԿ. Սաւու՜ղ, Սաւու՜ղ, աստուած է, որ կը խօսի. քու տկար ձեռքերէդ պիտի իյնայ գաւազանը ու թագաւորութեանդ հետ մէկտեղ Յուդայի ցեղին պիտի անցնի: Դաւիթ եւ իր որդիքը պիտի վայելեն քու ցեղիդ խոստացուած բարիքները: Ինչպէ՞ս պայծառ կը փայլի Դաւիթ, արդար ու շքեղ է իւր յաղթանակը, այդ վեհ արմատէն ի՞նչ ծաղիկներ կը բուսնին, ինչ կը տեսնամ, աստուած մը… երգեցէ՛ք, երգեցէ՛ք Դաւիթը:

ՍԱՒՈՒՂ. Ալ քու յանդգնութեանդ չափը անցուցիր, խաբեբայ ու նենգաւոր է քու բերանդ: Աստուած խոստացաւ ինծի գահը, աստուած չի խաբեր:

ՎՀՈՒԿ. Աստուած իր բարկութիւնը կը խոստանայ ապերախտ թագաւորներուն:

ՍԱՒՈՒՂ. Կարծես թէ անպատիժ պիտի մնան քու նախատինքներդ ինծի դէմ:

ՎՀՈՒԿ. Կարծես թէ պիտի կրնա՞ս փոխել աստուծոյ պատգամները:

ՍԱՒՈՒՂ. Գիտե՞ս դուն գլխուդ գալիքը:

ՎՀՈԻԿ. Այս մինակ գիտեմ, որ նոյնիսկ քու ձեռքերդ պիտի պատժեն զքեզ, ու արեւը մարը չի մտած` պիտի կատարէ աստուած իմ բերնովս քեզի զրուցածները. մնաս բարով, վատաբախտիկ հայր, մնաս բարով, թշուառ թագաւոր:

ՍԱՒՈՒՂ. (Կը բռնէ զինքը) Ո՛չ, ո՛չ, ա՜յ նենգամիտ, մտիկ ըրէ ու պատասխան տուր ինծի. բաւական համբերեցի քու լրբութիւններուդ, կ՚ուզեմ խայտառակել քու խաբէութիւնդ. թէ որ երկինք յայտնեցին քեզի, ըսէ՛, նայիմ, որո՞նք են յանցանքներս, որ կը համարձակիս երեսս զարնել:

ՎՀՈԻԿ. Մթութեան մէջ ծածկուեցան, բայց երկրիս չի տեսածը երկինքը կը տեսնայ, Սաւուղ։

ՍԱՒՈԻՂ. Զրուցէ՛, թէ որ գիտես:

ՎՀՈՒԿ. Սամուէլին ուրուականը պիտի ըսէ քեզի, որոնք են քու չարիքներդ:

ՍԱՒՈԻՂ. Սամուէլ, ի՞նչ ըսել կ'ուզես։

ՎՀՈՒԿ. Դուն ինքիրենդ չես կրնար կարդալ այդ արիւնանիշ գրերը:

ԱԱՒՈԻՂ. Ին՞չ բան ունի Սամուէլ ինծի հետ։

ՎՀՈԻԿ. Ո՞վ խոթեց իւր սիրտը արիւնահեղ երկաթը։

ՍԱՒՈԻՂ. Ո՞վ։

ՎՀՈՒԿ. Դու՛ն։

ՍԱՒՈՒՂ. (Կատղած վրան կը վազէ սրով) Ա՜յ աներես կնիկ, վառեցիր իմ վրէժխնդրութիւնս. պարապ տեղը ուզեցի խնայել քեզի. գնա՛, զրուցէ՛ քու աստուծոյդ, գնա՛, զրուցէ՛ Սամուէլին, թէ ինչպէս կը պատժէ Սաւուղ (Անոր զարնելու վայրկեանին մէջ կը տեսնայ Սամուէլին ուրուականը, սուրը ձեռքէն կ'իյնայ) Երկի՜նք, ի՞նչ կը տեսնամ, դու՞ն ես, քու արիւնաթաթաւ ստուերդ է, այդ ի՞նչ սոսկալի նայուածք է, այդ ի՞նչ ահարկու կերպարանք, որ սարսափով կը լեցնէ զիս. ա՜հ, ներէ ինծի, մահաբեր ուրուական, ներէ, կ'աղաչեմ. այո՛, ես բացի, ես այդ վէրքերը գիտեմ, կը ճանչնամ, հարկ չէ, որ երեսս զարնես ինծի: Ա՜հ, չէ. դուն բերանդ մի՛ բանար, աչքերէդ ու դէմքեդ կ'իմանամ՝ ի՞նչ ըսել կ'ուզես ինծի, դարձի՛ր գերեզմանիդ մէջ, հոն քիչ ատենէն պիտի տեսնուինք մէկմէկու հետ, եթէ կ'ուզես` հիմա, զա՛րկ, մեռցուր զիս, առ վրէժդ (Կուրծքը կը բանայ ու կը չոքի. Սամուէլ աներեւոյթ կ'ելլայ):

Ձգի վարագոյրն