Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Գ
ՏԵՍԻԼ Ա

ՏԻԲԵՐԻՈՍ, ՄԱՄԻԼԻՈՍ

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Եկո՛ւ, Մամիլիոս, պէտք է, որ հնազանդիմ հօրս, հրաման ղրկեց ինծի, որ արեւը չի մտած` դուն Հռովմէն դուրս պէտք է ըլլաս:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Դեռ այս առտու, բոլոր Հռովմայ ու ժողովրդին հետ մէկտեղ իմ խնդիրքներս ընդունելէն վերջը, ինչպէ՞ս հիմա ետ կ՚առնէ խօսքը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Միայն քու անձիդ համար է այս պատուերը, քաղքէն դուրս ելլալէդ վերջը պիտի տրուին քեզի Տարկուինեանց գանձերը. երթա՛նք:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ուրեմն` ի՞նչ լուր կ՚ուզես, որ տանիմ քու կողմանէդ թշուառ Արոնտին:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ըսէ՛ իրեն, որ ինքը մինակ արժանի չէ Տարկուինոսին որդին ըլլալու, ու ես չի մոռնալով մեր բարեկամութեան առաջին սէրը, կը ցաւիմ իւր վիճակին վրայ. աւելի մեծ օգուտ մը չեմ կրնար ընել իրեն համար:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ինքզինքիդ համար շատ մեծ օգուտ կրնաս ընել դուն:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ին՞չ կ՚ուզես ըսէր:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Կ՚ուզեմ ըսել, որ եթէ երիտասարդ սրտիդ գթութիւնը անծանօթ չէ, պէտք է, որ գթաս քու անձիդ եւ քուկիններուդ վրայ:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ին՞չ կը խօսիս:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Արոնտեսին գթութիւնը քեզի աւելի օգտակար կրնայ ըլլան, քան թէ քուկդ անոր. ազատութեան կրակը սիրտդ կը բորբոքէ, ու չես տեսնար ո՛չ վտանգ եւ ո՛չ արգելք. բայց կրնա՞ս կարծել որ երկայն ատեն կարենայ դիմանալ այս նորելուկ ռամկական կառավարութիւնը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ազատութիւնը քեզի համար անկարելի բան մը երեւնալը զարմանք չէ, որովհետեւ դուն ծառայ ես, սակայն Հռռվմայ միաբան կամքը…

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ուրիշ Հռովմայ մը կամքն ալ իմացայ ես, կը ցաւիմ քու վրադ. դուն, որ հօրդ հետ անդունդին բերանր կը վազես, բայց Տիտոսը հոս կու գայ, գուցէ ինձմէ աւելի աղէկ կրնայ եղբայրդ յայտնել քեզի իրաց կասկածելի վիճակը:

ՏԵՍԻԼ Բ

ՏԻՏՈՍ, ՄԱՄԻԼԻՈՍ, ՏԻԲԵՐԻՈՍ

ՏԻՏՈՍ. Զքեզ կը փնտրէի ինչուան հիմա, հարկաւոր խօսք մը…:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Հիմա չեմ կրնար:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Պէտք է, որ ինքը զիս անմիջապէս Հռովմայէն դուրս հանէ, այսպէս է եղեր ձեր հօրը բացարձակ հրամանը, ո՜հ, որչա՞փ կը ցաւիմ ձեր վրայ, ո՜վ պատանիք:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Երթա՛նք, երթա՛նք, Մամիլիոս. եղբայր իմ, քիչ մը ատենէն կը դառնամ ես քեզի:

ՏԻՏՈՍ. Ու ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ այդ մարդը:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Երթա՛նք, ճամփան ըսեմ ես քեզի, թէ որոնք են եղբօրդ` քեզի զրուցելիք հարկաւոր խօսքերը:

ՏԻՏՈՍ. Կեցի՛ր, կ՚ուզեմ գիտնալ…

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Բոլոր չգիտցածներդ ալ գիտեմ ես, ամէն բան ինձմէ կը կախուի, մեծ վտանգներէն կրնամ ես ազատել զձեզ, ես միայն:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Խորամանկ խօսքերով կ՚ուզես մեր միտքը պաշարել:

ՏԻՏՈՍ. Ո՞վ են անոնք, որոնց բախտը քեզմէ կը կախուի:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Տիբերիոս, Տիտոս, ձեր հայրը Բրուտոս, Կոլլատինոս եւ Հռովման:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ին՞չ կը խօսիս դու, ո՛ անմիտ:

ՏԻՏՈՍ. Գիտեմ, որ անօրէն յոյս մը կը սնուցանես սրտիդ մէջ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Յո՞յս, ստուգութիւն է անիկա, չէ թէ յոյս. Տարկուինոսին նպաստաւոր ահագին դաւակցութիւն մը կը պատրաստուի քաղաքին մէջ, եւ մի կարծեր, ո՜վ Տիտոս, որ Ագուիլեանք են միայն անոր մէջ. Օկտաւեանք, Մարկիոսեանք եւ ուրիշ հարիւրաւոր անձինք ազնուականներէն եւ ժողովրդէն:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ո՜վ երկինք, ի՞նչ կը լսեմ:

ՏԻՏՈՍ. Իրաւ է, մեծ գրգռութիւն մը կայ Հռովմի մէջ, բազմութիւն մարդկանց կը ժողվուէին Ագուիլեանց տունը, ուր ես ալ կ՚ուզէի գտնուիլ, իբրեւ իրենց բարեկամն ու ազգականը. սակայն զիս մինակ չընդունեցան, ուստի մեծ կասկած մը ծագեցաւ մտքիս մէջ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ես հոն էի, դաւակցութիւնը մեծ եւ զօրաւոր է, որ չեմ վախնար յայտնել ձեզի:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Անօրէն:

ՏԻՏՈՍ. Վատ հնարքներդ գործածեցիր:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Մտիկ ըրէ՛ք, մտիկ ըրէ՛ք, որդիք Բրուտոսի, ինչ որ կ՚ուզեմ ըսել ձեզի: Եթէ կարող ըլլայի ես իմ հնարքովս այնպէս շուտով եւ այնչափ մեծ դաւակցութիւն մը պատրաստել, ո՞վ կրնար յանդգնիլ նենգաւոր կոչել զիս. միթէ նենգութի՞ւն է օրինաւոր թագաւորի մը արդար իրաւունքը պաշտպանելով` իւր մոլորեալ ու խաբուած հպատակները ճշմարտութեան եւ արդարութեան ճամփան բերել. բայց իմինս չէ այս պատիւը, ու առիթ մը չունեցայ ես գործածել ո՛չ հնարք, ո՛չ արուեստ եւ ո՛չ, ինչեւիցէ, աշխատութիւն: Հազիւ թէ ժողովրդեան բազմութիւնը ցրուեր էր, ծածուկ հրաւէր մը ընդունեցայ` ներկա գտնուելու գաղտնի ժողովքի մը: Զարմանքով լեցուեցաւ միտքս, տեսնալով այնչափ եռանդուն պաշտպաններ միաբանած` վրէժխնդիր ըլլալու աքսորեալ թագաւորին իրաւանցը: Այնչափ խոստմունքներ կ՚ընէին ինծի, որչափ որ ես չէի կրնար պահանջել իրենցմէ. միայն Սեստոսը արժանի կը կոչէին մեծ պատուհասի, վասնզի մինակ Սեստոսն է յանցաւոր, ու Հռոմէն աւելի իւր հայրը անոր դէմ բարկացած է, ու երդում ըրաւ կատարեալ վրէժխնդրութիւն ընելու: Ես յայտնեցի իրենց թագաւորին աս միտքը, ան ատենը ամէնքը մէկ բերան պոռացին զինքը վերստին իր գահը հաստատելու համար. «Ամէնքնիս ալ մեր կեանքը կը զոհենք», - այս եղաւ Հռովմայ լաւագոյն եւ ամէնէն ազնուական մասին միաբերան աղաղակը: Հիմա դուք կը տեսնա՞ք, որ արուեստ կամ խորամանկութիւն չկայ խօսքերուս մէջ. ամէն բան յայտնեցի ձեզի զձեզ ազատելու համար ու նաեւ ձեր հայրը` եթէ կ՚ուզէ ինքը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Որովհետեւ այսպէս ամէն բան ծանօթ է քեզի, ուրեմն` աւելի աղէկ է, որ Հռովմ մնաս դուն ինչուան հօրս դարձը. հիմա կ'իմանամ, թէ ինչո՞ւ հայրս խստիւ պատուիրեց ինծի ժամ մը առաջ դուրս հանելու զքեզ քաղքէն:

ՏԻՏՈՍ. Աղէկ մտածեցիր. առ այժմ պէտք է, որ Մամիլիոսը Վիտիլեանց մեր ազգականներուն տունը իբրեւ պատանդ կենայ, դուն հսկէ իւր վրան, ինչուան որ ես քաղքէն դուրս ելլամ ու ըսեմ հօրս, որ ժամանակ չկորսնցնէ, շուտով հոս դառնայ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Անկեղծութեամբ խօսեցայ ես ձեզի հետ` կարծելով, որ ազնուական սրտերու կը խօսիմ, ու հիմա կ՚ուզէք մատնել զիս. հոգ չեմ ըներ, թո՛ղ Բրուտոս իմ անձիս վրայ ազգաց սուրբ իրաւունքը ոտքի տակ առնէ, սակայն վերադաս վտանգը այնչափ մօտ է ձեր գլխուն վրայ, որ իմ անձիս վնասէն չի կրնար պզտիկ օգուտ մը ծագել ո՛չ ձեզի եւ ո՛չ Բրուտոսին: Եւ որո՞նք են Բրուտոսին ու Կոլլատինոսին պաշտպանները, վատ ու աննշան խառնիճաղանճը, որոնց վրայ կռթներ են եւ որոնցմով պիտի կործանին ու ջնջուին: Գնա՛ դուն, Տիտոս, քու հօրդ. որչափ փութացնես իրեն հոս գալը, այնչափ իւր կորստեանը պիտի մօտեցնես զինքը. ու դուն շուտով տար զիս Վիտիլեանց տունը, գուցէ դուն այնչափ ապահով չես ըլլար հոն, որչափ ես:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ինչպիսի՞ կասկածով կը պաշարեն զիս քու խօսքերդ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ուր ճշմարտութիւն կայ, հոն կասկած չըլլար, Վիտիլեանք ալ` ձեր մօրը չորս եղբայրները, որ Բրուտոսին հետ արեամբ ու բարեկամութեամբ կապուած էին, անոնք ալ Տարկուինոսին կողմն են:

ՏԻՏՈՍ. Ճշմարիտ են քու խօսքերդ:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Անշուշտ, սուտ կը խօսիս:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Կրնա՞յ զձեզ համոզել աս թուղթը, որուն մէջ գրուած են իրենց ձեռքովը ամէն դաւակիցներուն անունները. ահա՛ տեսէ՛ք, կարդացէք անոնց չորսին ալ անունները:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ո՜վ տեսիլ…

ՏԻՏՈՍ. Երկի՜նք, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հօր վիճակը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Չարագուշակ օր ու թշուառ Հռովմ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Չի կարծէք դուք, որ իմ հոս մնալովս դաւակցութիւնը չի կարենայ յաջողիլ. հաւատարիմ զօրականի մը ձեռքով, ծածուկ ամէն բան իմացուցի ես Տարկուինոսին: Ետրուրացիք, Վոլսկեանք, Վէացուոց թագաւորը ու բոլոր դրացի ժողովուրդներր եւ Հռովմ իրեն հետ են. աս թուղթս ուրիշ բան չի ծառայեր, բայց եթէ մէջը ստորագրուողներուն վրայ թագաւորին ներումը ու գթութեանը հրաւիրել: Բրուտոսին ձեռքը մատնեցէք զիս աս թղթիս հետ, թէ որ կ՚ուզէք, քիչ մը ատեն իւր անյագ վրէժխնդրութիւնը արեամբ պիտի լեցնէ Հռովմ, բայց չի կրնաք պիտի ազատել զինքը անշուշտ մահուանէ, ու Տարկուինոս պիտի տիրէ վերջապէս:

ՏԻՏՈՍ. Ո՜հ, կանխատես եղեր էի ես այս չարիքներուն, ու ըսի նաեւ հօրս:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Կորստեան վիհ մը բացուած է մեր ոտքին տակը, խոսէ՜, ի՞նչ պէտք է ընենք:

ՏԻՏՈՍ. Մեծ վտանգի մէջ է մեր հայրը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ու աւելի մեծ վտանգի մէջ` Հռովմ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ձեզի կ՚ըսեմ, ինչ օգուտ է գաղտնի խօսիլը. կամ Հռովմէն դուրս ըրէք զիս, կամ շղթաներով կապեցէք. ամէն բանի պատրաստ եմ, բայց թէ որ ճշմարիտ սէր ունիք դեռ ձեր վրայ, ձեր հօրը ու հայրենեաց, գիտցած եղիք, որ զձեզ, ձեր հայրը ու Հռովմը ազատելը ձեր ձեռքն է:

ՏԻՏՈՍ. Ինչպէ՞ս:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ին՞չ է քու յոյսդ:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ձեր անուններն ալ աւելցուցէք հոս, ու ամէնն ալ կ՚ազատին:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ին՞չ, պիտի մատնե՞նք մեր հայրը ու հայրենիքը:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Այն ատեն մատնեցիք դուք ձեր հայրը, հայրենիքը, ձեր պատիւը ու խնամակալ աստուածները, երբ ձեր օրինաւոր թագաւորին դէմ յանդգնեցաք ապստամբիլ: Բայց, թէ որ այդ ապստամբութիւնը յաջողէր, գոնէ ձեր մատնութենէն պտուղ մը քաղած կ՚ըլլայիք: Հիմա դարձեալ կ՚ըսեմ ձեզի, այդ յոյսը չէք կրնար ունենալ, ու ձեր ողբալի յամառութիւնը փուճ տեղը անգութ կոտորածներու պատճառ պիտի ըլլայ:

ՏԻՏՈՍ. Բայց, ըսէ՛ ինծի, թէ որ ուրիշներուն պէս մենք ալ մեր անունը ստորագրեցինք սա թղթիս մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը:

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Շատ արդար հետեւանքներ. նախ` թագաւորին բերնէն պիտի լսէք իւր անձին ջատագովութիւնը, դուք իր ներկայութեամբը դատաւոր պիտի նստիք ամբարիշտ Սեստոսին անլուր յանցանացը ու արդարադատ պատուհասին: Պիտի տեսնաք ձեր հայրենիքը աւելի հեզ կառավարութեան մը տակ խաղաղ ու երջանիկ, ու ամէնքը զձեզ հայրենեաց փրկիչ պիտի կոչեն, որ Բրուտոսին ու Տարկուինոսին մէջ բարեկամութեան գործիք եղաք, որով միայն կրնայ ազատիլ Հռովմ:

ՏԻՏՈՍ. Ստոյգ է, կրնանք ըսածիդ պէս…

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ա՜հ, մտածէ՛, ո՞վ գիտէ, գուցէ ուրիշ ճամփայ մը…

ՏԻՏՈՍ. Որ՞ն է ուրիշ ճամփան. շատ զօրաւոր է դաւակցութիւնը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ես քեզմէ կրտսեր եմ տարիքով, ասանկ ծանր պարագայի մը մէջ չեմ ուզեր ու չեմ կրնար բաժանուիլ քեզմէ, միշտ սիրելի ես դուն ինծի, բայց սրտիս մէջ սոսկալի գուշակութիւն մը կ՚զգամ…

ՏԻՏՈՍ. Սակայն գիշերը վրայ կը հասնի, ու դեռ չերեւցան իրենց զօրականներովը ո՛չ իմ հայրս եւ ո՛չ Կոլլատինոս. Տարկուինոս, անշուշտ, իմացաւ ամէն բան, չորս կողմէն պաշարուած ենք. գոնէ թագաւորին բարկութիւնը ջանանք հանդարտեցնել…

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Ուշ է ժամանակը, որոշեցէ՛ք: Աւելի աղէկ է, որ այս թանկագին վայրկեանները ձեր օգտին գործածէք. ստորագրեցէ՛ք, ահա ձեզի թուղթը, ու շուտով ելլամ Հռովմէն, որպէսզի շուտով խաղաղութիւնը Հռովմ դառնայ:

ՏԻՏՈՍ. Վկայ կը կոչեմ երկինքը, որ գիտէ սրտիս անմեղութիւնը, գիտեն երկինք, որ հասարակաց օգուտը կ՚ստիպէ զիս (Կ՚առնէ թուղթը ու կ՚ստորագրէ):

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ո՛հ, ի՞նչ կ՚ընես:

ՏԻՏՈՍ. Ահա՛ իմ անունը:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Այնպէս ըլլայ` ահա՛ իմ անունս ալ, ո՛վ Մամիլոս (Ան ալ կ՚ստորագրէ):

ՄԱՄԻԼԻՈՍ. Գոհ սրտով կ՚երթամ հիմա:

ՏԻՏՈՍ. Դուն առաջնորդէ անոր մինչ ես…

ՏԵՍԻԼ Գ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՎ, ՏԻՏՈՍ, ՏԻԲԵՐԻՈՍ, ՄԱՄԻԼԻՈՍ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ին՞չ կը տեսնամ, դեռ Մամիլիոս Հռո՞վմ է:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ո՞ւր ենք, ի՞նչ ըրինք մենք:

ՏԻՏՈՍ. Աւա՜ղ թշուառութեանս:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՆ. Ասա՞նկ կը կատարէք դուք ձեր հօրը հրամանը. բայց ինչո՞ւ այդչափ խռովեցաք, ինչո՞ւ լուռ կեցեր էք, ի՞նչ թուղթ է այդ. գոհութիւն դից, գուցէ ժամանակին հասայ. զօրակա՛նք, շղթաներու զարկէք շուտով Տիտոսն ու Տիբերիոսը:

ՏԻՏՈՍ. Մտիկ ըրէ՛, կ՚աղաչեմ:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Քիչ մը ատենէն թո՛ղ մտիկ ընեն ձեզի Հռովմ ու Բրուտոսը. երկու եղբայրները իրենց հօրը տունը տարէք ու հսկէք վրանին:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Ա՛հ, Տիտոս…

ՏԵՍԻԼ Դ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ ԵՒ ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Աս անարժան մարդն ալ շուտով դուրս հանեցէք քաղքէն:

Ձգի վարագոյրն