Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ՎԵՆԵՏՔ Ի ՀԱՅՍ

Մեր ինչուան հիմա առաջ բերած վաւերական յիշատակագիրներէն յայտնի եղաւ, թէ Վենետկոյ Հասարակապետութիւնն Հայոց աշխարհին մէջ իրեն յարակայ ներկայացուցիչ ունէր զՊայլն, ոչ այնքան իբրու քաղաքական գործող մը ընդ հայկական պետութեան, - որովհետեւ այս վախճանաւ սովոր էր յատուկ դեսպաններ ղրկել, - որքան իր հպատակացը վաճառականական գործոց համար. ուստի եւ Պայլն կու նստէր յԱյաս, որ մեծ կեդրոն եւ նաւահանգիստ մէր համաշխարհական վաճառականութեան: Ըսինք թէ Պայլն իր խորհրդականներն ունէր, եւ թէ ամէն կարեւոր գործ անոնցմէ երեքին երկու մասին հաւանութեամբ կու սահմանուէր: Ասոնց հետ կային նա եւ ուրիշ պաշտօնեայք, ինչպէս Բարապանք ( placiarii ): Վաճառատեսուչք ( merciarii ). եւ պահապանք կալուածոց, որպիսիք էին ` հասարակապետութեան Տունն, Փնդուկք վարձաբեր շինուածք. եկեղեցի եւ այլն: Այլ վաճառականաց բազմապատիկ եւ բազմադիմի կարեւոր գործոց համար ` յառեւտուրս, ի դաշնադրութիւնս, ի փոխառութիւնս, ի կտակս, անհրաժեշտ պէտք կար նա եւ ուրիշ պաշտօնէի մալ. եւ էր Նօտարն, անանջրպետ անձ մի ամէն գլխաւոր պաշտօնակալի քով, որպիսի ոք էր Պայլն. եւ ինչպէս ի բուն հայրենիսն ` նա եւ յայլ աշխարհս, նոյն ժամանակաց սովորութեանց եւ օրինաց համեմատ եկեղեցականք էին նօտարքն, իբրու հաւատարմագոյն անձինք, եւ յաճախ  նա եւ թաղպետք իսկ եկեղեցեաց: Վենետք ալ Սրբոյն Մարկոսի նուիրուած եկեղեցի մը ունէին յԱյաս. բայց հաւաստիք մը չկայ թէ անոր ժողովրդապետն նօտար այլ եղած ըլլայ. եւ հաւանելի այլ չերեւիր. այն քիչ թուով յիշուած նօտարքն ալ յԱյաս ` Վենետկոյ եկեղեցեաց անուամբ  կը կոչուին, ինչպէս Ս. Ռափայէլ եկեղեցւոյ քահանայն Փրանկիսկոս Ուրսոյ (1303) Պետրոս (1314-5) թաղպետ Ս. Եւփիմեայ. յիշուի եւ Յովհաննէս Բէլլէկրինի քահանայ` նօտար, առաջին գրող կտակի յԱյաս մեռնող անձի մը, բայց որոշ չէ թէ արդեօք հօն գրուած է կտակն թէ ի Վենետիկ: Իբրեւ վկայ նօտարի` կը յիշուի Մարկոս Չիոյ` քահանայ Ս. Երմագորայ եկեղեցւոյ (1316): Պօղոս քահանայ եկեղեցւոյ Ս. Յակովբայ Տէլլուփրիոյ (de l'Orio, 1327): - Ուրեք կը յիշուի եւ Պայլին մատրանապետ` Նիկողայոս քահանայ Ս. Եւստաթեայ (1331): Այս յիշատակուածներէն ` միայն Պետրոս քահանայի ձեռքով յորինուած ու կնքուած հինգ կտակք ծանօթ են ` գրեալք յԱյաս, յամս 1314-5. ուրիշ նօտարի մայլ, որոյ անուն չի յիշուիր ի գործոն, այլ Վենետկոյ դիւանաց մէջ գտնուի ընդ գրուածս Յովհաննու Գամբիոյ նօտարի, եւ են երեսունեւչորս թուով, յօրինեալք ի միջոցի ութ ամսոց, ի կիսոյ օգոստոսի (1316) ցմարտ հետեւեալ տարւոյն, դոյզն ` մանաւանդ թէ ամենադոյզն նշխար մը յօգնաթիւ ու անհամար գործոց արձանագրելոց ` գէթ յութսուն ամս բարգաւաճանաց Այասոյ եւ յաճախելոյ Վենետաց ի Հայս, յորոց ոմանք ոչ միայն ի շահաստան քաղաքի անդ բնակէին, այլ նա եւ յայլ քաղաքս աշխարհին, որպէս ն մայրաքաղաքն Սիս, յԱտանա, եւ այլն. որոց եւ քաղաքացի ( borghesi ) ալ գրուած կամ եղած են, ինչպէս կիմանամք ի նօտարական յիշեալ գրուածոց, եւ յորոց դիւրին է գուշակել թէ որպիսի անակնունելի լոյս պիտի ծագեն Այասայ նօտարագրութիւնք Վենետաց ընտանեկան պատմութեան, Թող վաճառականական գիտելիքն: Ճենովացի ազնուական ասպետն Տէ-Սիմօնի հմուտ հետամուտ հայրենական եւ արեւելեան յիշատակաց հրատարակեց ի պատուական գիրս Արեւելեան Լատին դիանաց (Archives de l'Orient-Latin) իբր 180 գործս արձանագրեալս յԱյաս ճենովացի նօտարաց ձեռքով, գրեթէ միայն երկու տարուան (1274, 1279) միջոցին մէջ, եւ որ իրենց ազգայնոց կը վերաբերէին. եւ որովհետեւ Վենետք ` անոնցմէ աւելի երկար ատեն եւ բազմաթիւ բնակեցան եւ երթեւեկէին ի Հայս, հազարաւոր թուով պէտք էր որ եղած ըլլային նա եւ նօտարական գործք, որոց եթէ ոչ բովանդակն ` այլ մեծ մասն մի յուսալի է Վենետկոյ անսպառ դիւաններէն: Ասոնցմէ առաջ բերենք միայն ` ինչուան հիմայ հրատարակուածներէն կամ մեր առանձին քննութեամբ ի դիւանս ծանօթ եղածները, նկատմամբ այն ժամանակին ` որոյ վերայ է մեր խօսքն. վասն զի վերջին ԺԶ - ԺԸ դարուց նօտարական եւ պաշտօնական հայկական գրուածք ի Վենետիկ ` հազարաւորք են ծանօթքն, որ դեռ հրատարակուած չեն:

Այաս քաղաքին մէջ վախճանելոց կտակաց մին է` Յովհաննու Ռուծծինի (Ruzzini) (1 հոկտ. 1315) մականուանելոյ Թաթարոյ (Tataro): Այս անուամբ ծանօթ է Միքայէլ ոմն որ ի վերջ երեքտասաներորդ դարու` Հայոց Սմբատ թագաւորին դիպակ վաճառած էր, ինչպէս նա եւ ուրիշ շահավաճառի գործերով: Ռուծծինի իր ստացուածքը կտակէ որդւոյն, եւ կտակակատար սահմանէ Վլաս Մալիբիէրի եւ Բենեդիկտոս Ճիրա'րտի ազնուատոհմ անձինքը. փափաքի թաղուիլ Այասոյ Ս. Մարկոս եկեղեցւոյն մէջ, եւ կը յանձնէ` նոյն քաղաքին նաւահանգստին մէջ գտնուած իր նաւը եւ ինչքը ժողվել, անոնց տիրութիւն ընելով: - Գտնուին դարձեալ ի դիւանս Վենետկոյ` վաւերագրեալ կտակք Անդրէի Նանի (1 նոյեմբ. 1315), որ նոյնպէս թաղուեցաւ ի Ս. Մարկոսի Այասոյ. - Եասսմինայ (Iasomina) այրւոյ Դանիէլի Միքայէլ (25 յուլիս, 1316), որ բաց յայլեւայլ բարերարական հրիտակաց` կու թողու քսան դրամ (deremi) Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ յԱյաս, ուր կը բնակի, կ՚ըսէ, հայ քահանայն Միքայէլ, (ubi habital presbyter Michael Armenus). _ Կտակք Միքայէլի Սիենացւոյ եւ Սիմոնի Հռամացւոյ (25 նոյեմ. 1315). յետինն թերեւս ասորի էր ազգաւ, իսկ բնակութեամբ հաստատուած յԱյաս:

Ասոնցմէ զատ ` բազմաթիւ եւ հետաքըննականք են մանաւանդ Վենետաց համար ` նօտարական գործք այլ եւ այլ խնդրոց, վճռոց, դաշնագրոց, զորս աւելորդ կը համարիմք առ այժմ մէջ բերել, չունենալով մեր նիւթին հետ անմիջական վերաբերութիւն մի: Յիշենք միայն 1327 նոյեմբեր 15 թուականաւ գրուած դաշնագիր մը, որով հայանունն Հեթում (Aytonus de Oria) նաւապետ գենուացի ` վեց խալէից ( նաւուց )` խոստանայ չվնասել հօն գտուող վենետկեան ութ  նաւուց, եւ Պա ' լտոյ Սբի ' նոլայ Գենուաց գունցն ` երաշխաւոր կ՚ըլլայ Էրիցցոյ պայլի Վենետաց:

Այս վերջին յիշատակ, կամաւ թէ ակամայ ` կ՚արթընցընէ ի յուշ Իտալաց, մանաւանդ Վենետաց եւ Գենուացւոց, այն նախանձընդդէմ մրցանքն եւ արիւնահեղ պատերազմներն ` որ ի ջուրս ծովուց գրգռեցան այս երկու ժողովրդոց մէջ, եւ յորոց ` յայլ եւ այլ ժամանակս եւ ի դէպս ` բոլորովին անմասն չեղաւ նա եւ Այասայ գոգն. որով ` կարասեաց եւ ազգերու շահուց այն շտեմարանն ` լայն եւ թոյլ գերեզման այլ եղաւ շահախնդիր զինելոց. որք երբեմն իրենց ասպնջական բարեկամաց եւ բարերարաց Հայոց դէմ այլ ` հինաբար վերուցին իրենց ձեռքն ու զէնքը, թէպէտ եւ փութալով զղջալ եւ ջանալով միւսանգամ անոնց շնորհեաց արժանաւոր ըլլալ: Այսպէս 1267 թըւին` Գենուաց նաւատորմիղն առաջնորդութեամբ Լուդեդդոյ Կրիմալտոյի` աւարելով կողոպտեց ի Կոռիկոս, (որ Հայոց ամրագոյն նաւահանգիստն էր եւ յետ Այասոյ երկրորդ շահաստան), վաճառաբարձ նաւ մը, որոյ վրայ շատ վաճառականք` նա եւ ի Հայոց, բեռցուցեր էին իրենց ապրանքը, եւ յետոյ ստիպուեցան (1271)  անոնց եղած վնասը դարմանել, հատուցանելով իբր 22, 800 բիզանդ սառակին-հայ, ինչպէս կու ցուցընէ Գենուայի դիւանաց մէջ գտնուած նօտարական մուրհակ մը: Բայց ամենէն աւելի հռչակաւոր եւ Վենետաց համար աղիտագոյնն եղաւ` Այասոյ ջուրց մէջ տրուած նաւամարտն, յամի 1293, զոր այսպէս կը համառօտէ տարէգիրն Հեթում պատմիչ. « Խալէքն Ճնվիզացն կռվեցան յԱյասայ, ընդ երեսնուերկու խալէ եւ ընդ դարեթի Վենեցիանացն, եւ շահեցան Ճնվվէզքն քսանեւչորս խալէ», առաջնորդութեամբ Սբինոլայ Նիկողայոսի: Ինչպէս ծանօթ է: Լիկուրիացւոց այս յաղթանակն, նոյնպէս եւ Վենետաց վրիժական պատերազմունքն յայլ եւ այլ ծովս, եւ նոյն իսկ յԱյաս ` իրենց ձախողութենէն գրեթէ անմիջապէս ետքը. վասն զի սկսան մէկէն յարձակիլ հինաբար վաճառաբարձ նաւուց վրայ, ու վերը յիշուած Կոռիկոսի դիմաց կողոպտեցին հարուստ նաւ մը մարսիլիացի վաճառականաց. ուրիշ նաւու մը վրայ այլ յարձակեցան խալէք ` Պածիլլի Մարկոսի առաջնորդութեամբ: Այս անիրաւութեան դէմ բողոքեցին զրկուող մարսիլիացի վաճառականք, եւ ամէնէն աւելի Պետրոս Քադրըլէնկ ոմն (1295 մայիս), որ նաւով յԱյասոյ պիտի երթար ի Ռումինիա. եւ կ՚ըսէր թէ 700 տուրովնեան ոսկւոյ վնաս կրած ըլլայ. խօսքին ստուգութեանը վկայեցին նա եւ բիզացի վաճառականք յատենի իրենց Յովհաննէս Պորտի գունցի (consul) (1296, սեպտ. 2): Այս դիպաց կ՚ակնարկէ անշուշտ Վենետկոյ հասարակապետութեան վճիռ մը, տուեալ ի 22 ապրիլի, 1295: Ասոնց եւ Մարսիլիացւոց մէջ յուզուած խնդիրն եւ վէճ երկար տարիներ քշեց (1302). վասն զի Վենետք ալ իրենց պահանջքն ունէին ի Մարսիլիացւոց, ինչպէս գրէր (1303, նոյեմբ. 18) Մարկոս ոմն Սիպոդ` առ դուքսն իւրեանց` այս խնդրոց եւ պահանջից համար: Դուքսն արդէն երկու տարի յառաջ (1300) կանխեր գրեր էր խոստանալով գլխաւոր զրկելոյն ` Թովմայի Րիգա ' տոյ կրած վնասը հատուցանել: Երբ այս խնդիրք յուզուէին, Վենետք՝ Գենուացիք՝ երկու ժողովուրդք ծովատէրք ` չէին դադրեր ի խռովելոյ զալիս, եւ անոնցմէ աւելի խաղաղասէր վաճառականներ: Վենետք ջրէն ի ցամաք յարձըկելով ` կարծեցին յաջողագոյն հարուածով տկարացընել իրենց հակառակորդը, քանդելով ցրուելով անոնց սեղանաւորաց ու վաճառականաց յԱյաս քաղաքի ունեցած տրապիզքը (1297), առաջնորդութեամբ Մորոզինոյ Թէոփիլեայ: Նոյն ատեն եւ Գենուացիք ինչ որ չէին կարող գործել յԱյաս, ի սահմանս Կիպրացւոց` անոնց դաշնակցաց` գործէին յելուզակաբար. այն պատճառաւ Միքայէլ Թաթարոյ կը բողոքէր առ թագաւոր նոցա (1298): Քանի մը տարի ետք կը յաջողէին Բէրսիվալ զօրավար առաջնորդին ձեռքով Այասայ մօտ, ի Կաւոյ Կարաբասոյ, (Cavo de Carpasso), գերել վենետկեան խալէ մը. եւ որովհետեւ այն միջոցին իրարու հետ հաշտուած կը համարուէին երկու հասարակապետութիւնք, Վենետաց եւ Կիպրոս նստող Պայլն բողոքեց առ երեսփոխան Գենուաց որ ի կղզւոջն. եւ  տեսնելով որ փոյթը չէ եւ արժէք մը չուզեր տալ իր բողոքին, գրեց առ դուքսն, ծանուցանելով եղածը (1303, մարտ):

Նոյն ժամանակներն այլ աւելի կարեւորագոյն խնդիր մը ծագեցաւ ոչ լոկ օտարաց ` այլ եւ Հայոց ընդ Վենետս: Ստուգիւ չենք կրնար ըսել թէ ի ' նչ պատճառաւ ` Վենետաց երկու խալէք ` նաւապետելով Անդրէի Սանո ' ւտոյ եւ Պաւղոսի Մորոզի ' նոյ, յարձակեցան Այասայ ցամաքային բերդին վրայ, ու արքունականաց հետ կողոպտեցին նա եւ առանձնականաց Հայոց եւ օտարաց ինչքը. ընդ որս եւ զգունեցի Բիզացւոց: Ասոր բողոքանաց վրայ առ թագաւորն Հայոց, Բէրմարինոյ Յովհաննէս Պայլն փութաց ի ստիպելոյ արքային եւ Լիկոս եւ Կալոժեն նաւապետաց Այասոյ` հատուցանել առ Թորոս դուքս (փոխանորդ) Գունդստապլին, ի փոխարէն վնասուց գունցին` 1214 նոր դրամ հայկական: Բնականաբար այս հատուցմամբ քաջալերուած ուրիշ զրկեալք այլ` իրենց բողոքոյ ձայնը բարձրացուցին, իւրաքանչիւր ոք նշանակելով իր վնասը, եւ արքունի ատենին ձեռքով արդարութիւն եւ իրաւունք պահանջելով: Ատեանն այլ աւելցուց արքունական վնասը` զինուց եւ կազմածոց ի բերդին, եւ ներկայացընելով (1309) առ Պայլն եւ առ խորհրդականս նորա, ընդունեցաւ հատուցումն, ինչպէս մանրամասն կը նշանակուի, երեսուն հազարէն աւելի գումար մը նոր դրամոց. ուստի եւ Աւագ Պարոնն, որ թուի թէ ինքն Հեթում թագաւորահայրն էր, ( որովհետեւ ստորագրութիւն չկայ, այլ միայն ի փռանկ լեզու Nons le Gran Seignor ), իր եւ թագաւորին կողմէն անդորրագիր տուաւ:

Երբ աստ Վենետաց պարտքերը կը վճարուէին, յարեւմուտս իրենց մայրաքաղաքին մէջ Պետրոս Քաթրըլէնկ զրկուած մարսիլիացի` վաճառականաց պահանջից հատուցման խնդիրը կը յարուցանէր. եւ ուզած ու ենթադրած իրաւանց չհանդիպելով, շատ տարի անցնելէն ետքը (1332, մայիս 12) նորէն խնդիրը ներկայացուց, ուզելով առանց դատի` յատենի դքսին աւարտել գործը, զոր պետութեան յանձնարարութեամբ ի քննութիւն առած էր յառաջագոյն սնդիկոսն Պենգա ու անընդունելի եւ մերժելի ցուցած էր զխնդիրն, մանաւանդ այն պատճառաւ ` որ յառաջնում նուագին Մարսիլիացւոց իրաւունքը պահանջած ատեն, իրենին խօսքը չէր ըրած: Սակայն ասով այլ բողոքողը չդադրեցաւ. ու գրեթէ վրան տասն տարի անցնելէն ետքը կրկին յուզուած է այս յամառեալ խնդիրս, եւ վերջապէս աւարտած, անդորրագիր տալով Թոմայինոյ Ֆոնդանոյ Պիաչենցացւոյ եւ իրեն հետ նա եւ Քաթրըլէնկի, յետ գրեթէ քառասուն տարւոյ ի ծագմանէ խնդրոյն: Այն ժամանակաց մէջ ալ երբեմն այսպէս կը յերկարաձգէին դատք եւ իրաւունք. եւ բարեբաղղք համարուելու են որք Պետրոսի նման յերկարակեացք ` յաջողին հասանել իրենց խնդրոյն, եւ արդարութիւնը կատարուած տեսնել:

Սոյն 1332 տարւոյն մէջ հանդիպած է դարձեալ յամառ հակառակութեան դէպք մը Գենուաց ընդ Վենետաց ի ջուրս Այասայ, յարձակմամբ առաջնոցն նաւու մը վրայ` որ այն նաւահանգստէն կ՚երթար ի Կիպրոս: Զարմանալի եւ հակառակ ընդդէմ զուգադիպութեամբ ` այն միջոցին ու օրերուն ` յատեանս Վենետաց ալ խնդիր կ՚ըլլար իրենց պահանջանաց համար եւ հարստահարութեանց, զոր ի Հայոց կը կրէին կամ կրել կարծէին, եւ զոր ըստ ժամանակին եւ կարգի պիտի ջանանք հետազօտել: Դառնանք հիմայ այս երկու ազգաց իրարու հետ ունեցած յարաբերութեանց, ուր թողուցինք ի սկզբան բանիցս, մէջ բերելով մեր թագաւորաց առաջին դաշնագիրերը ` զոր կնքեցին Վենետկոյ դքսերուն հետ, անոնց ` ազատ կամ գրեթէ ազատ ` վաճառականութեան յամենայն սահմանս երկրին Հայոց. ուր ` ինչպէս քիչ յառաջ յիշատակուած նօտարական գրուածներէն այլ տեսանք, ոչ սակաւ Վենետք ` չէ թէ միայն վաճառականութեան, այլ նա եւ բնակութեան տուներ հաստատած էին, եւ շատերն նա եւ քաղաքացի գրուած Սսոյ եւ Այասոյ, եւ հօն մեռած եւ թաղուած ի Ս. Մարկոս Այասոյ, կամ յայլ քաղաքս, եւ իրենց ժառանգները թողած. կային ուրիշներ այլ որ կու պարապէին յարուեստս, ի հիւսուած եւ յոստայնանկութիւն ցփսեաց եւ դիպակաց, ի հիւսնութիւն, ի դարբնութիւն, ի վաճառ գինւոյ եւ այլոց պարենից, եւ այլն: