Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԶ դարուն կիսուն կամ քիչ մի վերջ, ի Վենետիկ գտնուած դեռ ոչ բազմութիւ Հայոց մէջ ամենէն նշանաւորն եղած է սա, եւ երեսուն տարիէ աւելի զանազան դիպուածոց եւ պիտոյից մէջ ցուցեր է մեծ հանճարը, մեծ գործօնէութեամբ եւ յաջողութեամբ: Իր յատուկ կամ մկրտութեան անունն է Անտոն, մականունն Սուրիան, որ կամ նոյնպէս յատուկ անուն է, եւ կամ թերեւս հայրենեօք ` Միջագետաց եւ Ասորւոց կողմէն ըլլալով ` այսպէս կոչուած ըլլայ յԻտալացւոց, որք Սիրիա կամ Սուրիա կանուանեն այն կողմերը. արդ դիւանաց մէջ կու գրուի սա Antonia Suriano detto l Armeno ( Անտոն Սուրիան ` կոչեցեալն Հայ ):

Իր Հօր անունն ալ անծանօթ է, Յովսէփ (1): Ե՞րբ կամ ո՞ր տարի է Վենետիկ եկած ըլլալն ` յայտնի չէ, այլ երիտասարդ կամ մանկահասակ եկած պիտի ըլլայ, իր բոլոր կենաց տարիքէն չափելով, որ է 58 տարի. իսկ իր անունն եւ գործքն 32 տարիներու մէջ կու յիշուին (1559-1591): Բայց իր առաջին գործէն կամ գործոյ առաջարկութենէն գուշակուի ` որ 1559 թուականէն այլ առաջ ծանօթ եղած է. կու վկայէ իր որդին ` որ հայրն  40 տարի ծառայծ է տէրութեան, ըսել է 18 տարեկան սկսած. ուստի եւ յայտ կըլլայ որ ի Վենետաց առած է իրեն ամուսին, եւ իրեն գլխաւոր գործոյ կամ արուսետին յաջորդ թողած է զաւակն Յովսէփ անուամբ, ծնած իբր ի 1576. ( վասն զի է 54 տարուան ի 1630). մէկ որդին այլ յիշուի հօրմէն քանի մօր առաջ մեռած ` 11 տարուան: Մարկոս - Անտոն (Mare Antonia) անուամբ, որ Վենետաց սիրելի ( երբեմն ալ ծաղրելի ) անուն մէ, եւ անով յայտնուի իր կնոջ ն այլ վենետկեցի ըլլալն, բայց այդ կնոջ անունն եւ ընտանիքը չեմ գտած:

Առաջին անգամ Հայ Անտոնի անունը ` կու գինեմք իրմէ յիշուած իր մէկ աղերսագրին մէջ առ Դուքսն Վենետկոյ եւ առ ծերակոյտն: ( ի 24 յունիսի, 1561). երկու տարի առաջ ըրած գործոյն համար: Յամսեան հոկտեմբերի, 1559 տարւոյն, առաջին աղերսագիր մի տուեր է մեծ եւ դժուարին ձեռնարկութեան մի, որ որքան իրեն պատիւ կըրնար բերել, գուցէ ոչ շատ պակաս ` ամօթ Վենետաց, որք այնքան ճարտարք էին ի նաւաշինութեան, ի նաւարկութեան եւ ի նաւամարտի. բայց ` կամ երբեմն զգաստութիւննին կու պակսէր, կամ ծովն անոր ալ կու յաղթէր. եւ կամ չէր բաւեր իրենց հնարքն ` նաւահանգիստը ապահովցընելու յամենայն վտանգաց: Իրն այս է, որ իրենց մէկ մեծ եւ զինեալ նաւ մի ` Կալէոնէ, որ հասարակ Կալէա, ըստ հայոց Խաչէ ` ըսուած նաւերէն մեծ է, զէնքերով, հրեաներով ( թօփ ) եւ ուրիշ ամէն կազմածով եւ բեռամբք ընկղմեր խորասուզէր էր նաւահանգստին մէջ, եւ հանելու ճար կամ ճարող մի չէր գտնուած, թէ եւ փորձեր եւ քննութիւններ եղած էին. այլ յուսահատեալ թողեր էին: Հաւանական է որ մեր Հայն ալ Վենետկոյ հռչակեալ նաւարանին մէջ արուեստաւոր  մըլլալով, տեսեր էր ոչ միայն անոնց փորձերը եւ աչօք քններ էր նաւուն ընկղմած տեղը եւ դիրքը. այլ եւ անոնց փորձերուն կամ գործեաց պակասութիւնը: Ինքն այն ատեն 26 տարուան երիտասարդ մէր. մտածեց, վստահացաւ  մտածութեանը. եւ աւելի ծածուկ քան յայտնի ` նաւը հանելու գործիքի կամ չէնքի մի գաղափար մի կամ փոքրիկը շինեց, վերոյիշեալ թուականին (1559, հոկտ. ) աղերսագրով ներկայացուց տէրութեան գերագոյն ատենին: Ատեանն կամ դուքսն ` թէ եւ անյարմար չտեսաւ գործիքը, բայց առջի փորձողներուն անյաջողութենէն չվստահանալով, խնդիրը չմերժեց, բայց չուզեց այլ օգնել անոր ` դրամով կամ ուրիշ նիւթերով, այլ թողուց որ նա իր ծախքովը գործը տեսնէ. իսկ Անտոն որ այնքան մեծ գործոյ դրամական կարողութիւնն չունէր, հարկաւ կու ստիպուէր յետ կենալ: Երեւի թէ իր առաջարկութիւնն նորէն արթընցուց ուրիշները: Բարդուղիմէ անուն նաւապետ մի յանձն առաւ իր ծախուք գործել եւ հանել նաւը կամ նաւուն մէջի եղածները. մեծ արկղաձեւ (Casson ) գործիք մի շինեց եւ սկսաւ փորձել. այլ գործիքն ալ ընկղմեցաւ. նորէն մէկ մայլ շինեց. այն ալ առջինին պէս ընկղմած կալէոնին ընկեր եղաւ. Բարդուղիմէ անճըրկած ` սկսաւ իր կորուստը հոգալ. բայց ոչ ինքն եւ ոչ ուրիշ անձինք իր շինուածներն ալ կըրցան հանել: _ Այն ատեն Անտոն նորէն ոտք ելաւ, առաջարկեց տէրութեան պաշտօնէից, որ հրաման տան իրեն իր ծախքով հանելայն երկու արկղաձեւներուն մէկը, ( որովհետեւ մէկայլն  ծովուն ծփանքէն քայքայուած փճացած էր ):

Հաւանեցան պաշտօնեայք բայց պարտաւորեցին զնա (7 մայիսի, 1561) որ ութ որ չանցած ` ձեռք զարնէ գործոյն եւ քանի մի շաբաթ վերջը իրենց պաշտօնարանին գլխաւոր գործատեսներէն մէկէ (Capitano dell Officio) խաւրեցին ` որ տեսնէ թէ ինչ է ըրած Հայն: Գնաց քննեց նա, եւ ( յունիսի 11 ին ) լուր բերաւ, թէ Անտոն ոչ միայն հաներ է զարկղակերտն, այլ եւ քչեր տարեր է ինչուան Ս. Գէորգ կղզւոյն քով, քանի մայլ խոշոր նաւակներ (durchelle) բերեր է հոն, որ արկղին մէջ լցուած տիղմն ու աւագը հանեն մաքրեն: Այս գործոյ եւ գործեաց համար Անտոն 1000 դուկատէն աւելի ծախք ըրած էր:

Հիմայ պարզ երեսով համարձակ գնաց յատեան Դքսին (24 յունիսի, 1561), եւ նորէն գրով հրաման խնդրեց կալէոնն այլ հանելու, իր ծախքով եւ իրաւացի պարծանօք կըսէր. « Տեսնելով որ ուրիշներն ոչ միայն դժար ` այլ եւ անկարելի համարէին այն արկղակերտները հանելու, մտածեցի որ անով ո ' րչափ վնաս պիտի ըլլայ ձեր նաւամուտքին, միանգամայն եւ իմ առ Ձեր Պայծառութիւնն (Sua Serenita) ունեցած սէր ու գորովս, եւ Աստուծոյ ինձ տուած հանճարն, յորդորեցին որ ջանամա հնարք գտնել եւ հանել ընկղմածներուն մէկը... գտայ եւ առաջարկեցի. հաւանեցաք, եւ յանձնեցիք ինձ հանելու, եւ ես օգնութեամբ Աստուծոյ հանեցի, իմ ծախքովս, եւ շատ դիւրութեամբ. որուն վրայ ամենայլ զարմացան: Արդ հիմայ որ իմ կարողութեանս ցոյց մի տուի Ձեր Պայծառութեան, կարծեմ թէ քիչ մի համարմունք գտայ ձեր առջեւ, եւ թէ պիտի կարենամ յաջողել ուրիշ աւելի դիւրին ձեռնարկութեան մի եւս ` ինչպէս կարծեմ, որ է, ( եթէ շնորհէք ինձ չորս ամիս ժամանակ ), հանել ` իմ ծախքովս ` կալէոնին մէջ եղած հրազէնքը (artelleria), փայտերը եւ այլ ինչ որ կայ, բայց այս պայմանով ` որ հանածներս ` իմս ըլլան, եւ ես ծախեմ Նաւարանին ` ինչ պատշաճ գնով որ ուզեն: Ասկէ զատ խնդրեմ, որ տրուի ինձ առանձնաշնորհութիւն, որ մինչեւ 30 տարի ոչ ոք ինձմէ զատ կարենայ այս իմ ըրած գործոցս ձեռք զարնել, ոչ մեծ եւ ոչ փոքր մեքենայ շինել ` առանց իմ հաւանութեանս. բոլոր տէրութեանդ մէջ ` ուր ալ որ ըլլայ. եւ եթէ մէկն հակառակ գործէ ` պարտական ըլլայ թէ շինածը կորուսանելու եւ թէ տուժելու  300 դուկատ, զոր երեքի բաժնելով ` մէկ մասն առնու այս բանիս գործադիր պաշտօնարանն, մէկ մասը ` Նաւարանն, երրորդն ալ ես աղերսողս, որ խոնարհաբար Ձեր Պայծառութեան կու նուիրեմ եւ կու յանձնեմ զիս »:

Նոյն որ (24 յունիս ) չորս աւագ ատենակալք ` Դքսին կողմանէ պատուիրեցին Նաւարանի հոգցողաց, որ քննեն այս խնդիրը եւ իմացըննեն իրենց կարծիքը: Երեք օր վերջը (27 յուն ). հոգցողքն գրով ծանուցին Դքսին, որ հաւանելի է Հայոյն առաջարկութիւնն, վասն զի արկղակերտը հանելով ` յայտնի ըրաւ իր հանճարեղ մարդ ըլլալը, (ha dimostrato di esser persona d'ingegno). կու վայլէ որ հրաման տրուի իրեն ` գործը կատարելու իր մեքենաներով. իսկ 30 տարուան առանձնաշնորհութիւնը ` կու թողունք Դքսին կամքին: Երկրորդ օրը (28 յունիս ) եւ դարձեալ յուլիս 7 ին ` Ծերակուտին առջեւ կրկին կարդացուեցան հոգացողաց գրուածքն, եւ քանի մ ' օր վերջ (17 յուլ. ), Ծերակոյտն ` ( ուր 147 անձինք էին ) 145 քուէիւք վճռեցին ` որ կատարուին Անտոնի խնդրածներն, ինքն իր ծախուք եւ գործեօք հանէ հանելիքը, եւ պատշաճ գնով ծախէ Նաւարանին: Դարձեալ իր խնդրոյն համեմատ ` 30 տարի միայն ինքն շինէ այնպիսի մեքենաներ, եւ առանց իր հաւանութեան շինողն պատժուի եւ տուժէ: Այս վճիռը հետեւեալ օրը (18 յուլ. ) երեք վաւերական թղթովք տուին Անտոնի:

Անտոնի խնդրած պայմնաժամն ` այս վճռին օրէն սկսած ` կու վերջանար նոյեմբերի կիսուն. բայց այն միջոցին այլեւայլ դէպք արգելք եղան իրեն, որ յայտնի էին ուրիշներու այլ. ուստի նոյն ամսոյն 10 ին նորէն աղերսեց Ծերակուտին ` որ իրեն տարի մ՚այլ ժամանակ շնորհեն, որ ձմեռն անցնի, եւ կարենայ նորոգել իր խնդրած եւ ընդունած նաւակը (Varsa), զոր իր պէտքին յարմարցուցեր էր: Նոյն օր հաւանեցաւ Ծերակոյտն (122 քուէով, ընդդէմ 2 միայն մերժողի ): Նոյն վճիռն դարձեալ տարի մի վերջը (6 հոկտ. 1562) կրկնեցաւ, նորէն տարի մ ' այլ ժամանակ շնորհուեցաւ իրեն: Դիւանական գրուածոց մէջ ` որ եւ է խնդրոց ամէն դիպուածքն չեն պատմուիր, որով չեմք կըրնար գիտնալ կամ գուշակել, թէ ի՞նչ պատճառաւ ուշացաւ Անտոնի գործողութիւնն, կ՚երեւի թէ դժուարութիւնն ոչ այնքան իրմէ էր ` որքան հակառակորդներէ կամ նախանձողներէ, որք թերեւս իր կենաց ալ կու սպառնային. եւ զայս գուշակեմ Տասանց Ատենի ( որ տէրութեան ամենէն ահաւոր ատեանն էր ) տուած վճռէն, յ՚ 13 մարտի, 1562, ըստ խնդրոյ Անտոնի, որ կարենայ ի Վենետիկ թէ ինքն վրան զէնք կրել եւ թէ իր երկու մարդիկն ` որոց անուանքը կ՚ուզէին իմանալ: Նոյն վճռին մէջ կու վկայեն այլ ` որ այն ատեն Անտոն կ՚աշխատէր Կալէոնը հանելու, (il qual attende cavar il Galeon): Եթէ ամբողջ հանե՞ց կալէոնը եւ ե՞րբ, որոշ չըսուիր, այլ անհաւան չերեւիր. որովհետեւ անկէ ետեւ ուրիշ շատ ընկղմած նաւեր ալ հանած է: Իսկ այն կալէոնը կամ միջի եղածները հանելու համար ` մեծ գործիաւոր նաւակ մի շիներ էր, կամ մեծ գործիք մի նաւաձեւ, որ իր յատուկ Հայ անուան պէս ` յատկապէս Նաւակն կոչեցաւ, վարքա կամ Պարքա, ( զոր եւ իր ազգակից Խաչատուրի լեզուով կրնայինք Տօլապ (1) անուանել ), 3, 500 դուկատէն աւելի ծախքով: Թէ՛ վերոյիշեալ Տասանց հրամանագրէն եւ թէ Յովսէփայ ( Անտոնի որդւոյն ) ըսածէն ` յայտ է որ 1562 - 8 տարիներուն միջոց ` հանած էր այն մեծ նաւէն շատ հրազէնք, խարիսխներ, փայտեր, առագաստակալներ եւ ուրիշ նիւթեր, որոյ վրայ դարձեալ ամենքն զարմացան:

Անտոնի գլխաւոր ճարտարութիւնն եւ գործն եղաւ ընկղմեալ նաւուց կամ անոնց մէջի նիւթոց հանումն ի ծովէ. միանգամայն եւ Վենետկոյ հռչակաւոր Նաւարանին (Arsenale) մէջ պաշտօնեայ մի ճանչուեցաւ, ճարտարապետ (Ingeniere) կոչմամբ: Ինչուան 1580 թուականն կու յիշուին իր խնդիրքն այլեւայլ նաւահանութեանց, բայց աւելի շատն առանց թուականի յիշուած են. հաւանօրէն կան եւս որ յիշուած չեմ կամ մեզ անծանօթ. իսկ իր գործունէութիւնն եւ խնամքն իր հնարած եւ սիրելի Վարքային համար ` մինչեւ ի 1588-9 տարին, որ է իբր երկու կամ երեք տարի միայն յառաջ քան զմահն: Այն Վարքայն ոչ միայն իր ճարտարութեան պարծանք էր, այլ եւ անհրաժեշտ գործիք արուեստին եւ ապրուստին: Վերոյիշեալ աղերսագրէն եւ վճիռներէն կ՚երեւի, որ տէրութիւնն թէ եւ կու հաւանէր, զարմանար, կ՚օգնէր Անտոնի, բայց թերեւս ոչ առատապէս եւ ոչ ըստ արժանեաց նորա. եւ Անտոն ստիպուելով իր ծախուք շինել այնպիսի մեծ մեքենաւոր Վարքայ մի, եւ դարձեալ իր ծախուք ուրիշ գործիներ, եւ փորձել իրեն աշխատակիցներ, որ ոչ միայն ծախքն կու ծանրանար ` այլ եւ կու ճնշէր զնա, այսինքն պարտուց տակ կու մնար (1): Շատ հեղ Նաւարանէն փոխ կ՚առնուր այլ եւ այլ նիւթեր. բայց երբ ատենին չէր կրնար վճարել անոնց գինը կամ պարտքը, Նաւարանին գլխաւորք իր Վարքայն ի գրաւ կ՚առնուին. մանաւանդ թէ իբրեւ գերի բռնէին, եւ  կերպով մի ճարտարին ձեռքը կապէին. որով հասարակաց կամ ընկղմելոց այլ վնաս կ՚ըլլար: Այսպէս կ՚երեւի թէ նոյն այն տարին, 1568, որ երեւելի նաւապետի կամ ծովապետի մի, ազնուական Հերոնիմոսի (Magnifico Girolamo Contarini) ընկղմած խալէին (galea) միջէն երեք հատ մեծ հրանօթներն հաներ էր, ( Վենետկոյ մասն համարուած երկայնաձեւ: Ծուեգա ըսուած կղզւոյն դիմաց ), որք 800 դուկատ կ՚արժէին, եւ Նաւարանին ընծայեր էր ձրի. Վարքայն գրաւեցաւ ի նոյն Նաւարանէն, ուսկից առած էր ճոպաններ ( հաստ չուաններ ) այսպիսի գործոց համար, եւ պարտքն էր 882 դուկատ:

Ի գարնան յաջորդ տարւոյն ` երբ աշխատութեան յաջող եղանակն եկաւ, Անտոն երկար աղերսագիր մի տուաւ Դքսին (22  ապրիլ, 1569 ) իր Վարքայն ազատելու, մի առ մի յիշելով թէ ըրած աշխատանքը, այնքան նաւուց կտորները եւ հրանօթները հանելը, եւ իր գործաւորաց վարձքը պարտքերնին ձրի վճարելը ձմեռ ատեն, երբ աշխատանք դադրած էին. մինչ անոնցմէ ոմանք պարտքերնէն ազատելով ` քովէն փախան. իսկ ինքն իր պարտուց փոխան ` իր ծախուք նաւահանգըստին բերանը մաքրեր էր ` այնքան քարանց, խարըսխաց եւ նաւուց կտորներէն, որ 500 տարիէ վեր խրուած մնացեր եւ նաւարկութեան արգելք էին. իսկ այն փոխ առած կամ գնած ճոպանները ` որովք իր գործը կու կատարէր, շատ հեղ ընկղմած նիւթերը վեր քաշելու ատեն, չարաճճիկ գործաւորք ի թշնամեաց դրդեալ ` կու կարէին ջըրին մէջ, եւ կրկին վնաս կ՚ընէին, թէ ' աշխատանքն ալ կրկնել տալով ` եւ թէ ` ճոպանաց գինն ի զուր տուժել տալով: Նաւահանգիստը մաքրելէն զատ, անոր մէջ նաւապետաց չի սխալելու համար դրուած նշաններն ալ (signali) հինցած եւ փտած ըլլալով, ինքն հաներ եւ նոր գրեր էր, ամէն մէկուն համար ( որ 18 էին ) քսանական դուկատ ծախք ընելով: Կու յիշեցընէ նա եւ նոյն ատեններ վտանգուած խալէ մի, որ ջուր առնուլով ընկղմելու վրայ էր, եւ ուրիշներն աշխատելով չէին կըրնար յաջողիլ, իսկ ինքն իր ճարտարութեամբ ազատեց: - Դուքսն ` ըստ սովորութեան ` պատուիրեց Նաւարանին գլխաւորաց, որ Անտոնի աղերսին պատասխան տան. ասոնք քանի մ ' ամիս վերջ (19 օգոստ. 1569) խոստովանեցան, որ իրաւ Անտոն պարտական էր իրենց վերոյիշեալ գումարը (882 դուկատ, 500 ն իրենցմէ առած նաւակի եւ գործեաց համար, 382 ալ իր Վարքային համար ). սակայն շատ այլ արդիւնք ունէր, թէ ' ընկղմած բաները հանելուն համար, եւ թէ իր քսակէն աշխատաւորաց վարձքը վճարելուն համար, որով ինքն աղքատացաւ. արդ « այսպիսի հանճարեղ եւ արդիւնաւոր մարդ » ( Person d'ingegno e di valore) արժանի է շնորհաց, եւ յետ դարձնելու իրեն իր Վարքայն: Ծերակոյտն վճռեց ( ի 12 նոյեմբ. ), որ Վարքայն եւ գործիները դարձընեն տան առ Անտոն. եւ սա իր պարտքը վճարէ ` թէ Կալէոնէն եւ թէ ուրիշ նաւերէ հանած բաներով. բայց նախ իր ծախքը հանէ, յետոյ այն հանած նիւթերուն երրորդ մասովը վճարէ (1):

Այս վճռով ստացաւ Անտոն իր գործիքն եւ գործունէութիւնը: Նորէն հանած նաւերէն կու յիշուին ` մէկ մի Տելլա Վեգգիա Անտոն  կոչուած նաւապետինը (Antonio della Vecchia), մէկ Շկլատոնցի կամ Շկլատոնիա ըսուած նաւ մի. մէկ մայլ Մարձիլիան մի (Marciliana, այսպէս կոչուէին Ադրիական ծովու մէջ բանող նաւք ), որ մարմարիոն քարերով ծանրաբեռնեալ էր. մէկ մեծ նաւակ մայլ (burchio) կապարով լցուած եւ ընկղմած էր ի Նոր բերդ (Castel-novo) կոչուած ծովեզերքին: Ասոնց երբ եւ ինչ կերպով կամ խնդրով հանուելուն վրայ յատուկ տեղեկութիւն ծանօթ չէ, ինչպէս ուրիշ երկու նաւուց: Ասոնց մէկն էր Կիպրացի նաւ մի, ի սկիզբն 1573 տարւոյ, որոյ մէկ մասին տէր էր Պետրոս Մինա անուամբ մէկն, եւ կու խոստանար իր պարտքը վճարելու ` երբ նաւն հանուի, իսկ թէ ոչ ` խնդրէր պարտքէն ազատ մնալ: Անտոն ` ըստ սովորութեանն խնդրեց ի Ծերակուտէն, որ Նաւարանն շնորհէ իրեն հարկաւոր նիւթեր եւ ինքն հանէ զնաւն, եւ յետ դարձընէ առած նիւթերը: Հաւանեցաւ ատեանն եւ պատուիրեց Նաւարանի գլխաւորաց ` որ հաշուեն Անտոնի հարկաւոր եղած հին եւ նոր նիւթոց գինը. անոնք հաշուեցին մէկիկ մէկիկ նշանակելով եւ գումարեցին 1280 դուկատ. որոց 400 զուտ ստակ էր. զոր եւ վճռեց Ծերակոյտն (17 յունիս ) տալ Հայ կոչուած հաւատարիմ Սուրեան Անտոնի (1): Բայց խնդիր մ ' եղաւ, թէ արդեօք պէ՞տք է տալ զասոնք ` առանց գրաւ մի առնելու ուզողէն. յետ երկար վիճման ` որոշուեցաւ վճիռը հաստատ պահել, որովհետեւ օրէնքն որոշ բան մի չէր սահմանած: Կ՚երեւի թէ Նաւարանի պաշտօնեայք կու դժուարէին այս գումարը տալու. անոր համար Ծերակոյտն փեբրուարի 10 ին հրամայեց որ նիւթերը տան, իսկ 400 դուկատն տրուի տէրութեան գանձէն, փոխարէն Անտոնի ինչուան հիմայ ըրած եւ ասկէ ետեւ ընելու ծախուց եւ աշխատութեանց ` նաւը հանելու համար: Բաւական ժամանակ պէտք եղած է այս գործս կատարելու. եւ դեռ չէր վերջացած, երբ նոյն տարուան հոկտեմբեր ամսոյն (3 ին ) վճռեց ատեանն ` որ ընդունուի Պետրոս Մինայի պայմանական խնդիրը:

Երկրորդ նաւն Կիրանտա (Chiranda) կամ Կիրարտա կոչուէր, եւ 1579 ին մայիս ամսոյ կամ յունիսի սկիզբը ` խրուած էր նաւահանգստին մէջ. թէպէտ եւ ապահովագրուած էր, բայց ապահովագրողք չուզեցին հանելը յանձն առնուլ: Այս գործս ալ կու վայլէր արթուն եւ պատրաստ Անտոնի, որ ի 5 յունիսի աղերս եւ ցանկ մ ' այլ տուաւ իրեն հարկաւոր նիւթոց եւ 400 ալ դուկատ, զայն հանելու համար 15 օրուան մէջ, եթէ ալէկոծութիւն չըլլայ: Ծերակոյտն նաւահանգստին արգելքը վերցընելու համար ` վճռեց որ շուտով տրուի Անտոնի ուզածը, եւ երբ հանէ նաւը, միջի եղածն ապրանքներով գնահատուի, եւ գինն յանձնուի տէրութեան, որպէս զի ապահովագրողք եւ ընչից տեարք մաս մ՚առնուն, մաս մ ' այլ գործողութեան ծախուց համար ըլլայ, բաժին մ ' այլ Անտոնի տրուի. իսկ նաւապետն եւ գործակիցքն քննուի, եւ ով որ յանցաւոր է պատժուի: Անտոն այս նաւու մեծամեծ կտորներէն զատ ` միջէն հինգ խարիսխ եւ շատ նիւթեր հանեց:

Դեռ շատ տարիներ այլ աշխատեր է Հայն թէ ' նաւահանգիստը մաքրելու ` յօգուտ տէրութեան, եւ թէ առանձնականաց նաւերը եւ ապրանքը հանելու ի ծովէ. բայց թուականով եւ մի առ մի չեն յիշուիր գործերն. այլ այս յայտնի է ` որ աշխատանքն եւ ջանքն իր կարողութենէ եւ հասարակաց երախտագիտութենէն վեր էր. անոր համար յետ այնքան աշխատանաց եւ յաջողութեանց ` կու ստիպուէր շահածէն աւելի ծախսել եւ պատրքի տակ մնալ: Այսպէս Կիրանտա նաւուն հանելէն գրեթէ տասն տարի վերջը, նոր աղերսագրով մի (22 յունիսի, 1588) կիմացընէ, որ իր Վարքայն ոչ միայն դարձեալ գրաւուած էր ի Նաւարանին, այլ եւ պաշտօնեայքն չարաչար գոծածեր էին, ինչուան « ծովակին յատակը փորելու եւ տիղմ հանելու համար, որով գրեթէ փճացուցեր էին զայն: Այս բանս զիս կու տանջէ, կըսէր. վասն զի ես անով տէրութեան նաւահանգիստը մաքուր կամ ազատ կու պահէի (lo teneva netto il Porto di V. Serenita, ինչպէս որ շատ վկայագրերով կրնամ ցուցընել: Արդ, կու խնդրէ ` որ Վարքայն տեսող բանիբուն մարդիկ ` գնահատեն զայն, նոյնպէս այն նիւթերն որ ինքն հաներ եւ Նաւարանին մէջ թողեր էր, վրանին A գիրը նշանելով, իր Armeno ( Հայ ) կոչման առաջին տառը. եւ անոնց գնոյն երրորդ մասով վճարուի իր պարտքն, եւ մնացածովն խեղճն կարենայ քիչ մի « հանգիստ շունչ առնուլ (1) յետ այնքան աշխատանաց, հոգաց եւ վշտաց, եւ նորէն տէրութեան օգտակարագոյն բան մի ճարել »:

Ծերակոյտն ինչպէս որ կու վայելէր ` պատուիրեց Նաւարանի հոգացողաց եւ գլխաւորաց, որ արդարապէս քննեն Անտոնի աղերսը, եւ իրենց ստորագրութեամբ եւ երդմամբ ծանօթութիւն տան: Այսպէս ըրին, եւ ( յուլիսի 9- ին ) գրով ծանուցին որ Նաւարանի գրոց մէջ նշանակուած են Անտոնի պարտքն, այլ ամեն պահանջքն որոշ չեն իմացուիր. վասն զի վերջերս Նաւարանն իրեն տուեր էր երկու արսիլ ( որ է խալէի միջուկը, առանց կազմածի, ) եւ իրեն հարկաւոր եղած նիւթեր. Անտոն զասոնք տարաւ ի նաւահանգիստ, հօն հիւանդացաւ եւ դարձաւ իր տունը, հոգացողք ալ արսիլները ի նաւարան դարձուցին, որոց մէջ զատ այլ նիւթերէ ` կային Անտոնի յատուկ ինչք այլ. բայց ասոնցմէ իրեն տրուածն եւ պահուածն որոշ նշանակուած չեն, այսպէս ալ Լիտոյէն ( ծովեզերքի երկայն կղզիաձեւ աւազատեղի ), բերուած հերտներ եւ այլ նիւթեր, որոց մաս մի ` նա իր տունը տարբեր էր. կան նիւթեր այլ որոց վրայ A տառն նշանակուած է, բայց ուրիշ վկայութիւն չկայ թէ իր հանածներն են. որով ` այս նիւթերէն ոմանց ստոյգ իրեն ըլլալն յայտնի են, ոմանք այլ քիչ մի կարծեօք: Վարքայն ` իրաւ որ այլեւայլ բանի գործածուելով փճացաւ է, եւ իրաւունք ունի Անտոն որ վճարուի իրեն ` երբ ծախու հանուի: Միով բանիւ, խնդիրս բոլորովին պարզ չէ. որովհետեւ այս մարդս ( Անտոն ) « որ շատ բան ըրած է յօգուտ հասարակաց », լեզուի եւ առե u տրի անվարժութեամբ եւ հիւանդութեան պատճառաւ ` չէ կրցած հարկաւոր եղած խնամքով գործել, որով երկու կողմն այլ իրաւացի կերեւի. թէ իր պարտքը պահանջելն եւ թէ իրեն շնորհք ընելն: Իբրեւ կարեւոր խնդիր ` Դուքսն յանձնեց զայս քըննելու Գիտունք կոչուած բարձրագոյն ատենից, եւ յետ երկու ամսոյ ( 17 սեպտեմբ. ) վճռեց որ Նաւարանի վեց գլխաւորքն արդարութեամբ եւ 4 քուէով ( ի վեցէն ) Անտոնի պահանջքը վճարեն. բայց եւ ծախուած կամ գնահատուած իրաց հաշիւը ցուցընեն Ծերակուտին որ վրջնական վճիռը տայ: Այս վերջին վճիռը եւ գործոյն ինչպէս աւարտիլը ` չեմ գտած ի դիւանս. այլ թէ հոգացողաց գրածէն եւ թէ Ծերակուտին դիտմունքէն ` անտարակոյս է որ չափաւորապէս գոհացուցած են զԱնտոն: - Ասկէ ետեւ որ իր կենաց վերջի տարիներն է, նաւահանութեան խնդիր կամ ծանօթութիւն չկայ:

Սակայն մեր Հայն ոչ միայն ճարտար էր նաւահանութեան կամ ծովուն յափշտակածը իր խոր ծոցէն դուրս հանելու. եւ անոր յատակը փորելու, ( որոյ համար գործիքներ ալ շիներ էր ), այլ ուրիշ եւ աննման բաներու մէջ այլ ցուցած է իր հարուստ հանճարը, թէ եւ կենաց եւ գործոց մեծագոյն մասն ` նաւու եւ ծովու վրայ եւ ծովու խորը եղած է. այլ եւ ի վերայ օտար ծովու, եւ շատ մեծ ու նշանաւոր եւ ահաւոր տեղւոյ եւ գործոյ մէջ ` հեռու ի Վենետկոյ: Գործ ` որ այն դարուն ( ԺԶ ) այլ եւ ընդհանուր պատմութեան մէջ ամե h էն երեւելի դիպուածոց մէկն է. եւ որոյ վրայ երկարել մեզի չի վայելեր, այլ պատմագէտն եւ պատմասէրն կըրնայ յիշել եւ երեւակայել յամին 1571 հոկտեմբերի 7- ին հանդիպածին եւ ծովածոցին Կորընթոսի. ուր եթէ անծանօթ բան մի կայ ` այս է. որ այն օր ( որ իրաց մեծութեանն համար Վենետկոյ դիւանաց եւ գրուածոց մէջ, նա եւ ուրիշ ազգաց մէջ, յատկապէս այն Օրն կամ մեծ օրն կըսուի առանց ուրնշ թուականի ). այն որ եւ այն ահեղ իրարարնցման  եւ հրաձգութեանց մէջ գտուէր է մեր Անտոն Հայն այլ. թէ ոչ իբրեւ  նաւապետ կամ զօրապետ, այլ իբրեւ զինուց յարմարցընող եւ նաւուց հոգացող . ինչ հոգ եւ պէտք որ կըրնայ ըլլալ այն առթին: Նախ Վենետաց մեծամեծ խալէից կողերուն վրայ այնպէս պատշաճ եւ ճարտարութեամբ կու շարէ հերտները ` որ ամենքն կու զարմանան. եւ երբ նաւամարտին սաստիկ ընդհարման ատեն ` խալէից մէկն մեծ պատառուածք մի կառնու եւ ընկղմելու վտանգի մէջ կընկնի. Անտոն կու կարկատէ. կապրեցընէ նաւն այլ ` նաւաստիքն այլ: Եթէ միայն մեր Հայն էր ` այն կենաց եւ մահու ճգնաժամին ` այսպիսի գործեր ընող, իբրեւ Վենետաց յաջողութեան մասնակից ` կրնային իրմով պարծիլ ուրիշ Հայք այլ. իսկ եթէ ուրիշներ այլ կային ( հաւանօրէն ) Անտոնի գործակից, անով իր արդիւնքն եւ ճարտարութիւնն չի նուազիր. մանաւանդ որ յայտնի չէ, գոնէ մեզի, ուրիշներու ըրածն. իսկ Անտոնին այս ըրածն ` իբր 40 տարի վերջը ` իր որդին համարձակ գրով հրատարակած է Դքսին եւ Ծերակուտին առջեւ, ուր անստոյգ եւ անծանօթ բան  մի չէր կըրնար հռչակուիլ: Եթէ Անտոն Հայ չըլլար ` գուցէ Վենետք իրենց հայրենակցի մի այսպիսի գործն այլ կու հռչակէին. իսկ  եթէ չեն հռչակած Վենետկեցւոյ մ այնպիսի գործ, իրենց լռութիւնն իսկ վկայութիւն մի է հայրասէր որդւոյն վկայութեան, որ կու համարձակի ըսելու Հասարակապետութեան առջեւ, թէ Անտոնի այն ինչուան այն ատեն  չտեսնուած գործն ` բերաւ զարմանալի օգուտը, որ յայտնի եղաւ այն հրաշալի դիմամարտութեան մէջ: Բայց Անտոնի ճարտարութիւնն միայն հրեայները յարմարապէս շարելու մէջ չէր, այլ վստահ էր նա եւ յարմարագոյն  կամ հզօրագոյն հրեաներ շինել. եւ ճիշդ տարի մի յառաջ քան զմեծ Օրն, երբ հաոանօրէն անոր համար պատրաստութիւնք կըլլային, ինքն առաջարկեց, Վենետաց եւ թերեւս ուրիշներուն ունեցած հրեաներէն ` կիսով չափ աւելի հեռաձիգ հրետներ շինել: Տասանց գաղտնապահ բարձրագոյն ատեանն շատ յօժարութեամբ եւ իբր յարմար առիթ ընդունեցաւ առաջարկը, եւ պատուիրեց (6 սեպտ. 1570) Նաւարանի հոգացողաց եւ գլխաւորաց, որ տան Անտոնի մետաղ եւ ուրիշ  պէտք եղածը, որպէս զի շուտով փորձի համար հատ մի շինէ, եւ ըստ այնմ վճիռ տայ ատեանն (1):

Բայց ամիս մի վերջը (13 հոկտեմբ. ) նոր հրամանով պատուիրեց ` որ ի կախ թողուն առջի հրամանը, ծանօթ պատճառաց համար, որ մեզ անծանոթ են, մինչեւ առ նոր հրաման. ըսել է ` որ չէին արգելած Անտոնի գործը, այլ առ ժամն յետ թողեր էին (1): Իսկ յետոյ ի՞նչ եղաւ, յայտնի չէ. հաւանօրէն տէրութիւնն մեծ հոգով եւ վախով պատրաստուելով նաւազինութիւն իր դաշնակից պետութեանց հետ, նոր փորձի ժամանակ չունէր, եւ երբ յաջողութեամբ վճարեցաւ Օրուան գործն, այլ եւս փոյթ չըրաւ իր հրետները մեծցընելու, եւ ասկէ 300 տարի առաջ կանխելով հայ Քրուպ մի ընծայելու, արիսեան եւ պիսիդոնեան անհաշտ դաշտաց վրայ:

Յիշենք այս տեղ անցողաբար, որ այս հրետաշինութեան արուեստին մէջ ` Անտոնէն 40 տարի յառաջ (1510 ին ): Հայ երիտասարդ մի ` իր ազգին բարեկամ, եւ մեր արդէն յիշեալ ( էջ 205) Շահ Իսմայէլի պատերազմաց ժամանակ ընդդէմ խոյանշան Թուրքմանաց, Հըսնքէյֆի պաշարման եւ ռմբակոծութեան ատեն, միաձոյլ մեծ հրետ մի շիներ էր, բերանն հինգ թիզ լայնութեամբ. ինչպէս վկայէ նոյն դարուն վենետկեցի ճամբորդ պատմիչ մի:

Անտոն ` որ այսպէս երբեմն ( ծովուն ) ջրոց մէջ կու ցուցընէր իր հնարագիտութիւնը, երբեմն հրոյ գործեաց եւ գործոց մէջ, երբեմն այլ այս երկու տարերաց իրարու հետ կռուոյ մէջ մտաւ, եւ մէկով մէկալին յաղթեց: Միայն յարեւելս չէ որ հրդեհք պատահին, այլ շատ հեղ եւ յարեւմուտս: Անտոնի ժամանակ ի Վենետիկ քանի մ ' անգամ պատահեցաւ. մէկ մի ի Նաւարանին, 1569 ին սեպտ. 13), որոյ ատեն ինքն եղաւ առաջիններէն մէկն ` վտանգաւ անձին ` կրակը մարելու գործոց ձեռք զարնելու. նոյնպէս ըրաւ քանի մի տարի վերջը ` Դքսին պալատան մէջ հանդիպած կրակին, հաւանօրէն ի 11 մարտի, 1574 ի, կամ գուցէ անկէ առաջ (1572. փեբր. 24), եւ անկէ վերջ (1577), եւ ուրիշ անգամներ այլ: Ասոնք իբրեւ նշանաւոր դէպք կամ հրդեհք նշանակուած են ` ի Վենետկեան տարէգիրս:

Ջրոյ եւ հրոյ հասուցած վնասներէն աւելի մեծ եւ ահաւոր վտանգ եւ հարուած մի կայ մարդկան. որ, ինչպէս աւելի ուղղակի կրնանք ըսել թագաւոր մարգարէին ( Դաւիթ ) հետ, թէ Աստուծմէ կու գայ, այսպէս ճարն ալ յԱստուծմէ է. բայց մարդկան հնարագիտութիւնն այլ կ՚օգնէ, եւ շատ կամ քիչ կ՚ազատէ. այն հարուածն է Սրածութիւնն, այսինքն ժանտախտն. որ քանի մ ' անգամ ինչպէս Եւրոպայի ուրիշ կողմերում ` ի Վենետիկ այլ հանդիպած է, եւ մինչեւ քաղաքին բնակչաց երրորդ մասը ջարդած է. ( հիմայ այս քաղաքս 140, 000 ի չափ բնակիչ ունի, Հասարակապետութեան ժամանակ ` 200, 000 այլ եղած է ). Անտոնի ատեն այլ ահաւոր սրածութիւն մ ' եղաւ, սկսեալ ի 21 յուլիսի 1575 տարւոյ, եւ իբրեւ հրաշքով դադարեալ համարուի ի 21 յուլիս 1577 ին. այն օր ուխտիւք եւ թափօրով բոլոր քաղաքն եւ պետութիւնն առ Աստուած դիմեց, խոստանալով, եւ յետոյ կանգնելով Ս. Ազատիչ (Redentore) կոչուած մեծ եւ ` աննման եկեղեցին, գերահռչակ Պալլադիոնի ճարտարապետութեամբ, որ եւ յանձնուեցաւ եւ մինչեւ հիմայ կայ ի խնամս Վեղարաւոր ( Գաբուչին ) միանձանց, որք այն հոյակապ տաճարին մօտ գձուձ վանաց մէջ բնակին: Այս ահաւոր մարդածախ ժանտախտի ատեն ցուցուց Անտոն ` թերեւս իր ամենէն օգտակար ճարտարապետութիւնը. ոչ մեծամեծ մեքենաներով ծովու ալեաց եւ անդնդոց դէմ կռուելով, այլ փոքրիկ եւ անծանօթ նիւթով մի ընդդէմ սրածութեան. հնարեց դեղ մի, որոյ գաղտնիքն իրեն պահեց, այլ անով « շատ վիրաւորեալներ բժշկեց եւ շատ ազնուական ընտանիք ապրեցուց ». (Libero tanti fariti, et risano tante famiglie di Nobili). Տէրութիւնն յանձնեց իրեն յատկապէս քաղքին մէկ թաղին (d'Osso duro, Կարծր ոսկր ) հիւանդները հոգալու, որոնց համար ` Անտոն իր դեղի հետ ուրիշ դեղոց ծախքն այլ վճարեց, եւ աղքատաց կարօտութիւնը լըցուց իր ստակով ` ձրիապէս, աւելի քան զճարտար ` ըլլալով Բարերար:

Տէրութիւնն թէ եւ շատ անգամ համարմունք ցուցած էր Անտոնի եւ հաւանած անոր խնդրոց, բայց ` ինչպէս առաջ ալ յիշեցինք, ոչ առատապէս փորձատրած, կամ ինչպէս պաշտօնեայք ցուցին (1588), Անտոն որքան որ սրամտութիւն ունէր հասարակաց օգտի գործոց համար, իրեն ապրուստին ապագայն չէր ապահովցընէր, եւ յուսով կամ բարեմտութեամբ ` նոյն հասարակաց համար իր քովէն շատ ծախքեր ընելով (1), եւ փոխարէն չգտնելով ` ի նեղ ընկաւ ի տնտեսութեանն, մանաւանդ վերջերը հիւանդութեանց այլ պատճառաւ: Իր կենաց վերջի յիշատակն ի դիւանս ` նօտարական գրուած մ ' է (1591, ապրիլի 5 ին ). ուսկից կ՚իմանամք որ այն ատեն կու բնակէր քաղքին Ս. Մարտինոս կոչուած թաղի մէջ, ( որ Նաւարանէն հեռու չէ ): Խոտոր կոչուած կամըրջին քով (Ponte Storto), ազնուականի մի ( Բեռնարդ Տրեվիզան, Trevisan) տան մաս մի վարձած, 60 դուկատի. ուսկից 36 դուկատ պարտք ունէր տանտիրոջ, որ ` անոր ուրիշ տեէ գրաւ դրած 20 դուկատը ` իրեն առաւ. իսկ յիշեալ թուականին (5 ապրիլ, Ֆիկոլին անուն ) նօտարի առջեւ պարտատէր եւ պարտական իրաւախոհ եղան, որ Անտոն ինչուան ամսոյն 21 իր պարտքը վճարէ, Բեռնարդ այլ գրաւը յետ դարձընէ, եւ թողու որ իր վարձուորը դարձեալ բնակի իր տան մէջ, մինչեւ տարւոյն վերջը ` 34 դուկատ վճարելով:

Բայց տարւոյն վերջին չհասաւ մեր Հայն, այլ այդ դաշնադրութենէ քանի մ՚ամիս ետքը, ի 22 օգոստոսի, վախճանեցաւ նոյն տան մէջ, տասն օր թանչ - ախտով հիւանդացաւ, 58 տարուան, ինչպէս կ՚իմացընէ մեռելագիրքն (1). թողլով այրի կնկան հետ ` վեց զաւակ. ուսկից կ՚իմացուի որ աղքատապէս թաղուած է նոյն թաղի եկեղեցւոյն մէջ կամ քով: Եթէ Անտոն իր ժամանակակից կամ աւելի վերջ եկող ազգային վաճառականաց շահասիրութիւնն ունենար, անտարակոյս շատ հարուստ կըրնար ըլլալ, այնքան ճարտար եւ մեծամեծ գործերովը, սակայն ինքն աւելի ուրիշի օգուտ քան առանձին շահը մտածելով ` քիչով շատացեր է, 40 տարի գրեթէ անդադար աշխատելով, եւ միշտ գովելի, արդար եւ ճարպիկ վկայուեր է. վկայութիւն ` որ շատ աւելի փառաւոր է ` քան մեր վաճառականաց ի Վենետիկ մեծապէս շահածն եւ կորուսածն: Ինքն իսկ Անտոն այսպէս մտածէր ըստ վկայութեան իր որդւոյն ` վերջին աղերսագրին մէջ. թէ, փառաւոր մահ կու համարէր իր աշխատութեանն ժառանգ եւ երախտաւոր թողուլ իր զաւակները. (Si riputò di morir glorioso con lasciarme con cinque altri miei fratelli, heredi et benemeriti delle sue fatiche. Միայն թէ կու վայլէր որ այսպիսի Հայ մի, որուն արդիւնքը կըրնար դատել ընթերցողք, ինչպէս իր կենդանութեան ատեն, անկէ վերջ այլ ծանօթ եւ զարմանալի ըլլար այն քաղաքացեաց, որոց ` նախ օտարական ` յետոյ քաղաքակից ըլլալով ` այնչափ երախտաւոր եւ բարերար եղաւ: Բայց եթէ Վենետք ` միայն իրենց մոռոցեալ Դիւանաց մէջ կու պահեն Անտոնի յիշատակը, ասոր ազգայինք 300 տարի վերջը ` իբրեւ յարութիւն տալով եւ եռադարեան յոբելեան համարելով իր մահուան թուականին (1591-1891), վայել է որ աւանդեն զայն իրենց հայրենեաց, իբրեւ յանկարծագիւտ եւ անմոռանալի յիշատակ մի եւս. ի միջի իրենց ծանօթ եւ անծանօթ յիշատակաց: