Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երբ խօսքերնուս կարգն եւ յիշատակք` ստիպեցին մեր Բ Յեղանակէն առ ժամ մի անցնիլ յ'Գն, գուցէ պահանջեն ընթերցողք, որ գոնէ այնքան Վենետահայ ազգայնոց ընտանեաց անուններն այլ լսէին: Երեք դարուց մէջ` ի կիսոյ ԺԶին ցկէս ԺԹիս, հարիւրէն աւելի Հայ ընտանիք ճանչցուած են ի Վենետիկ. բայց միաժամանակ ո՞րքան եղած է անոնց մեծագոյն թիւն, չէ յայտ: Ի կէս ԺԷ դարու (1650) յիշուին 80 արք` իբրեւ բնակողք ի քաղաքին, յայտ է թէ մասամբ կանամբք. դար մի վերջը (1750) յիշուին 70  արք. 1763ին` 80 արք. իսկ իբրեւ ընտանիք յիշուած են 1710ին` 27. նոյն ատեն 35 հոգի այլ անհաստատ բնակողք` բայց ծանօթ մարդիկ, թող զանծանօթս: Յամի 1771 յիշէ մեր Մխիթար Աբբահօր յաջորդն` ընտանիք իբրեւ 20, ոգիք երկու սեռէ` աւելի քան զ100: Այս մեր դարուս մինչեւ ի կէսն այլ` թէ դեռ հայ անուամբ եւ թէ իտալացեալ Հայոց իբրեւ (ճանչցուած) ընտանիք` լսուէին 10 կամ 12, սերունդք 50: - Յետագայ Ցուցակիս մէջ նշանակուին իբրեւ 50 մի` այն 100էն աւելի անուանեալ Հայ ընտանեաց, անոնք` որոց երկուքէն աւելի սերունդ կամ ճիւղ ճանչցուած է, եւ զայն նշանակեն 3 կամ 4 կամ աւելի թիւք սիւնակին. միւս տառքն նշանակեն այն դարերը (ԺԶ-Թ) որոց ատեն ձեւացեր են ընտանիքն եւ յառաջացեր են սերունդք. ինչպէս տեսնուի` շատն ԺԸ դարուն վերաբերին: Ընտանեաց անուանքն այլ` իրենց ի Վենետիկ տոհմին նախահօր անունն է, կամ հօրն` որ չէ եկած ի Վենետիկ, կամ թէ եկած` բայց զաւակն այլ հետը բերած է եւ ոչ այս տեղ ծնած: Այս նախահարց մեծագոյն մասին կանայք` վենետուհիք են, ինչպէս եւ իրենց որդւոց. իսկ որոց որ ամուսինք այլ Հայ ճանչցուած են, զայն նշանակեմք` քովը դնելով - Հ. ծանօթ իտալուհի կանամբեաց Ի. որոց որ նշան չկայ` չգիտեմք, այլ շատն անտարակոյս - Ի է: Աստղանիշ անուանք նշանակեն, որ դեռ կայ կամ քիչ տարի առաջ կային այդ ցեղից սերունդք ի Վենետիկ կամ ի Լիվոռնոյ եւ այլուր, թէ եւ իտալացեալք. հաւանօրէն կան եւ այլ այդպիսիք` որք անծանօթք են. եւ ցանուցելոց շատն այլ` մեր քսան եւ աւելի տարի առաջ հետաքննութեամբ յայտնուեցան: Որ ցեղից որ հայրենիքն այլ յայտնի են` զայն այլ նշանակեմք. որ անուանց քով (. ) դրուած է` նշանակէ քիչ շատ աւելի ծանօթ եւ երկարատեւ վաճառական տուն ըլլալը: Այս տեղ անցողաբար ծանուցանելով, որ մեզ ծանօթ 2500 Հայ անուանց մէջ` աւելի ծանօթագոյն 500 առնըլով, գրեթէ կէսն Ջուղայեցիք կամ Սիսականք են (Սիւնեաց աշխարհ, Գարապաղ). ասոնց այլ կէսն յատկապէս Հին եւ Նոր Ջուղայեցի գրուած են. 50 մի Ղափանցի կոչուին, 70 այլ Սիւնեաց նահանգի 25 այլեւայլ գեղերու անուամբ: Իսկ միւս (250) կիսոյն 60 մի` յայլեւայլ քաղաքաց Մեծ Հայոց են, 50 ի Փոքր Հայոց, ի Պոնտոսէ եւ Կիլիկիոյ, 40 մի ի Փոքր Ասիոյ, 40 մի յԱսորւոց, գուցէ նոյնչափ ի Կ. Պօլսոյ եւ յԵւրոպիոյ կողմանց, 25 մի ի Վրաց եւ ի Պարսից. ի Մեծ Հայոց աւելի Երեւանու կողմէն են, ի Փոքր Հայոց` Կեսարացիք, ի Փ. Ասիոյ` Անկիւրացիք, յԱսորւոց կողմանէ` Ամդեցիք. այս ետքիններէս աւելի` Կ. Պօլսեցիք: Յիշեցընեմք դարձեալ, որ այս թիւերս համեմատական համարելու է եւ քիչ քան թէ շատ. նոյնպէս յիշեցընեմք ի սկզբան (յերես 175) ըսածնիս` Հայ-Վենետ սերընդոց եւ խնամութեանց համար: