Կարմիր ժամուց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է
       Յուլիս 15—ին Կ. Պոլսոյ վարչական դրութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն կը մտնէր։ Կեդրոնական ոստիկանութիւնը, որ մինչեւ այդ ատեն երկրորդական դիրք ունէր, յանկարծ ամենամեծ կարեւորութիւնը կը ստանար հայկական վտանգին ազդած սարսափէն։ Աննշան պաշտօնեայ երիտասարդ մը, մէկէնիմէկ ոստիկանական նախարարութեան կոչուելով, պիտի նկրտէր հետզհետէ իր գերիշխանութեանը ներքեւ առնել մինչեւ իսկ սատրազամն ու ներքին գործերու նախարարը, որոնց ստորադասեալ պաշտօնեան կը մնար ըստ վարչական կարգ ու կանոնի։ Հինաւուրց փաշաներուն անհանդուրժելի էր իրենց վրայ ծանրացած այդ հսկողութիւնը։ Այդ նախարարները միանգամայն կը վախնային, թէ ոստիկանութեան նոր պետը, փառատենչիկ զգացումներէ մղուած, հայկական խնդիրը կրնար բորբոքել, ստեղծելու համար կնճռոտ կացութիւն մը, որուն բոլոր հանգոյցները իւր ափերուն մէջ առնելով, յաջողէր մինչեւ վեզիրութեան բարձրանալ։ Ուրիշներ ալ կը կարծէին որ, այդ նոր նախարարը՝ իբր ազատամիտ հօր մը որդին եւ իբր մտերիմ մը Երիտասարդ թիւրքերուն, սրտանց կը համակրէր երկրին մէջ ծագած ամէն շարժումի։ Դիւական քաղաքականութեամբ մը իր պաշտօնէն պիտի օգտուէր հայկական վրդովումները բորբոքեալ պահելու, որպէսզի անխուսափելի դառնայ եւրոպական միջամտութիւն մը, որմէն միայն կարելի էր յուսալ՝ Թիւրքիոյ բարեկարգումը, ուստի եւ փրկութիւնը։ Փառասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն կրնային իրենց փոխադարձ շահերը համերաշխել։ Բ. Դրան մէջ մեքենայութիւնները սկսան, տապալելու համար ոստիկանութեան երիտասարդ նախարարը։ Բայց անիկայ՝ շնորհիւ բազմաբեղուն մտքին ու Եըլտզը ունեցած պաշտպաններուն, իր ազդեցութիւնը օրէօր աւելի կ՚ընդարձակէր ու կ՚ամրապնդէր։ Փաշաներէն ոմանք մտաբերեցին Հայոց Պատրիարքարանը եւս գործիք ընել, իրենց հակառակորդին տապալումին դիւրացմանը համար։ Այս նպատակաւ ձեռք առին Հայրապետ էֆէնտին։ Թիւրքերուն հետ հայուն հնաւանդ վարուողութեան այս մարմնացումը, կը շարունակէր նաեւ այն հին քաղաքականութիւնը, որով հայերը կը մասնակցէին երկրին բարձրագոյն վարչութեան մէջ կազմուած շահախնդրական կամ քաղաքական թիւրք կուսակցութիւններու։ Այդ հայերը իրենց հնարամիտ խելքովը, դրամական ուժովը եւ նպաստաւոր ուրիշ պարագաներու ազդեցութեամբը կը դիւրացնէին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բարձրացումները եւ անկումները։ Օրթագեղաբնակ էֆէնտին ալ՝ որ հակոստիկանական փաշաներուն գաղափարակից մըն էր, ինչպէս եւ շահակից մը, օգտուեցաւ Պատրիարքարանին վրայ իր ունեցած ազդեցութենէն՝ նոր դէպքերուն պատճառաւ այլեւս անսահման, որպէսզի դիւրացնէ սատրազամին ու ներքին գործերու նախարարին խորհուրդներուն յաջողութիւնը։ Եւ ահա Պատրիարքարանէն գանգատներ սկսան տեղալ Դուռը եւ Եըլտզը, ընդդէմ ոստիկանութեան նախարարին։ Ու եկաւ օր մը, որ Աշըգեան Պատրիարքը կառավարութեան վերջնագիր մը տուաւ կամ ինքը պիտի հրաժարէր, կա՛մ ոստիկանութեան նախարարը։ Բայց սուլթանը երկուքն ալ իրենց պաշտօնին վրայ պահեց։ Զապթիէ Միւշիրին քաջատեղեակ էր իր դէմ լարուած մեքենայութեանց գլխաւոր դաւադրին անձնաւորութեանը, անոր ջախջախումը ծրագրեց, բայց սպասելով բարեպատեհ առիթի մը, որ կրնար ներկայանալ ուշ կամ կանուխ։ Շատ չանցած, նախարարական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, նոր դահլիճ մը կազմուեցաւ, աս ալ հաշտ աչքով չէր դիտեր ոստիկանութեան ամենազդեցիկ պետը, բայց կը զգուշանար անոր դէմ կռուելէ։ Հայ էֆէնտին ալ համակերպեցաւ Դրան նոր քաղաքականութեան։
       Ու հայկական դէպքերը իրարու կը յաջորդէին երեւակայութիւն սարսող արագութեամբ։ Պատրիարք ու Վարչապետ շրջահարներու զոհ կ՚երթային, երկրէն՝ պայթումներու որոտներ, Սասունը հայկական խնդիրը կը վերաբանար ու Պերլինէն տասնութ տարի ետքը պետութիւնները հայոց դատին տէր կը կանգնէին։ Այս բոլոր նորատեսիլ երեւոյթները պահպանողական հայը կը շուարացնէին։ Այլ եւս նաւապետն էր, որ կողմնացոյցը կորսնցուցած է. մերթ կը տաքնար. կ՚ոգեւորուէր, կը յուսար մերթ՝ կը սմքեր, տարակուսանքներէն ջլատուած։ Թիւրքերը աղէկ ճանչնալուն «ա՜խ, կ՚ըսէր, թիւրքը նապաստակը կառքով կ՚որսայ. վախնամ թէ հախերնուս գան»։ Սեպտեմբեր 18—ին ցնծաց. սխալած ըլլալուն ուրախութիւնը ունեցայ պահ մը։ Տրապիզոնի կոտորածին լուրը առած օրը, երկու ձեռքը գլխուն զարկաւ։ Ջարդերուն գուժերը, իրարու ետեւէ արագավազ. իր բոլոր վախերը կ՚իրականացնէին։ Ու փրկութեան աղօտ նշոյլ մը չէր ընդնշմարեր։
       Ա՜խ, ճահիլներ, ճահիլներ, կը կողկողէր, մտերիմներուն հետ յեղափոխականներուն վրայ խօսած ատեն։
       ***
       Իրիկուն մը, 1895—ի վերջին օրերը, Հայրապետ էֆէնտին շոգենաւէն ելլելուն, երբ Օրթագեղի շուկայէն կ՚անցնէր, մուխթարը իր գինետունէն դուրս ցատկելով, ընդառաջ եկաւ, դէմքը այլայլած։ Բարեւը խոնարհաբար տալէ յետոյ, ըսաւ.
       —Էֆէնտի, ծառանիդ ալ հիմակ ձեզի պիտի գար։ Նոր բան գայ։
       Ու կամացուկ մը փսփսաց, թէ ոստիկանութիւնը ցորեկը տուն մը խուզարկութիւն ընելու եկած էր։
       —Ի՜նչ կ՚ըսես, գոչեց էֆէնտին, դեփ դեղին կտրած։
       Մուխթարը եղելութիւնը պատմեց։ Նոյն օրը Սթամպոլ Օրթագեղցի մը ձերբակալուած էր, Զէյթունի համար հանգանակութիւն ըրած ըլլալու ամբաստանութեամբ։ Երիտասարդը գանահարումին չդիմանալով իմացուցած էր հանգանակած դրամը ու նուիրատուութեանց թուղթը Օրթագեղ վարժուհի երկու քոյրերու տուն պահած ըլլալը։ Ոստիկանները երիտասարդը կառքով գեղ բերած էին։ Օրիորդներն թէպէտեւ ամէն ինչ ուրացեր էին, բայց ի լուր երիտասարդին աղաղակներուն՝ թէ զինքը ծեծի տակ պիտի սպանեն. հարկադրուէր էին ձեղունէն թուղթն ու դրամը հանել եւ ոստիկաններուն յանձնել։
       Դէպքը շատ ծանր համարուեցաւ։ Հայրապետ էֆէնտին ա՛լ տուն չգնաց, եւ կառք մը նստելով շիտակ Պէշիկթաշ վազեց։ Հասան փաշան ալ արդէն իրեն մարդ խրկած էր ու կը սպասէր։
       Գործին ծանրութիւնը հո՛ն էր, որ Պոլսոյ կեդրոնական ոստիկանութիւնը յանդգնած էր ոտք կոխել Հասան փաշային իշխանութեան սահմանները։ Պէշիկթաշ ու Օրթագեղ՝ իբր Եըլտզի շրջափակին մաս՝ Հասան փաշային բացարձակ պատասխանատւութեանը ներքեւ են։ Սուլթանը իր արթուն եւ հաւատարիմ պաշտօնէէն գոհ էր։ Քրիստոնեաններն ալ ոստիկանական խստութիւններէն ազատ կը մնային, հանդարտ կենալու պայմանաւ։ Օրթագեղի մէջ հայոց երաշխաւորը Հայրապետ էֆէնտին էր։ Այդ թաղը երբէք ուղղակի ձերբակալութիւն կատարուած չէր։ Օրթագեղցիները Սթամպոլ, Ղալաթիա կը բռնուէին, բայց ոչ Օրթագեղ։ Ի փոխարէն այս հանդարտութեան, Հասան փաշան ալ իր պաշտպանողական հովանին այդ թաղերուն վրայ կը տարածէր։ Ետքէն, օգոստոս 26—ին Պէշիկթաշ եւ Օրթագեղ, ուր մահմետականները բազմաթիւ են ու զօրաւոր, ոչ մէկ հայու «քիթն արունեցաւ» շնորհիւ Հասան փաշային եւ Հայրապետ էֆէնտիին։
       Էֆէնտին երբ Պէշիկթաշի պահականոցը հասաւ, փաշան մոլեգնոտ էր։ Ծանր դէպքը, սարսափը, Օրթագեղէն հանգանակութեան թուղթ մը գտնուած ըլլալը չէր, այլ Օրթագեղ խուզարկութիւններ ընելու յանդըգնութիւնը։ Այսօրինակ համարձակութիւն մը կասկած կուտար, թէ Եըլտզի մէջ դաւեր կը լարուէին։ Իսկ Օրթագեղ գտնուած թուղթը ո՛չ Հայրապետ էֆէնտիին, ո՛չ Հասան փաշային աչալրջութիւնը կը վարկաբեկէր։ Ի նպաստ Զէյթունի, հանգանակութիւնը Օրթագեղ չէր կատարուած եւ նուիրատուներէն ոչ ոք օրթագեղցի էր։ Ուրեմն Օրթագեղի «պատիւը անաղարտ կը մնար»։ Հայրապետ էֆէնտին երաշխաւոր չէր շուկան պատահած դէպքերու համար. եւ ոչ ալ՝ «գրպան մոռցուած» թուղթի կտորի մը համար պատասխանատու։ Փաշան իր բարեկամը բնաւ չմեղադրեց, բայց նոյնհետայն երկու օրիորդները կանչել տուաւ եւ զանոնք Օրթագեղէն աքսորման դատապարտեց իրենց «անզգուշութեանը» համար։ Կրնային Պոլսոյ ուրիշ ո՛եւէ մէկ թաղը երթալ նստիլ, եւ հոն ուզածնին ընել։ Փաշայի՞ն ինչ, թէ Սամաթիա կամ Իսկիւտար ի՞նչ կը պատահէր։
       Խնդիրը թէեւ Հասան փաշային ու Հայրապետ էֆէնտիին միջեւ կարգադրուեցաւ, բայց ոստիկանութեան ձեռքը զէնք մըն էր, մասնաւորապէս հայ էֆէնտիին դէմ։ Զափթիէին պետը իր երբեմնի հակառակորդին ջախջախումը օրին մէկը դիւրացնելու համար, արդէն 1890—էն ի վեր անոր մասին Եըլտըզ աննպաստ տեղեկութիւններ կուտար։ Օրթագեղի դէպքը ընդարձակ ճուռնալի մը նիւթ հայթայթեց։ Իբր թէ Հայրապետ էֆէնտին օգտուելով Օրթագեղի բացառիկ դիրքէն, հոն յեղափոխական գաղտնի կեդրոն մը հաստատած էր, ինչպէս Զէյթունի հանգանակութեան պարագաները կը հաստատէին։ Եւ Հասան փաշան ալ անգիտակից գործիք մըն էր հայ դաւադրին ձեռքը։ Այսպէս կեդրոնական ոստիկանութիւնը մէկ կողմէն Պէշիկթաշի պաշտպանին սրատեսութիւնը կասկածելի ընելով՝ միւս կողմէն ալ հայ էֆէնտիին վերջնականապէս միմլէմիշ կ՚ընէր. այսինքն կասկածելի ցոյց կուտար Եըլտըզին։