Ս.
Յակոբայ
Ձեռագրաց
Մատենադարանին
մէջ,
Թիւ
328
(հին
Թիւ
148)
Ձեռագիր-Տպագիրը
ուշագրաւ
է.
վասն
զի
Աստապատցի
Պետրոս
Վարդապետի,
1720ին
տպագրել
տուած
«քանի
մի
ինչ
տետր»
ներէն
նմոյշներ
կը
բովանդակէ։
Հաւաքածոյ
մըն
է
այս,
որու
մէջ
գլխաւոր
կը
բռնէ
Հարցմանց
Գիրքէն
ընտրուած
մասեր,
յայտնապէս
եւ
յատկապէս
այդ
կիսկատար
տպագրութեան
տետրներէն
ձեռք
բերուած
նմոյշներով
գրքոյկ
մը
ձեւացնելու
նպատակաւ։
Տպագիր-Ձեռագիր
հաւաքածոյին
թուղթը
(անշուշտ
ձեռագիր
մասերուն)
բամպակ՝
փայլուն,
գիրը՝
նօտր,
եւ
վերջը՝
երկուքուկէս
երեսի
չափ
ալ
բոլորգիր։
Հաւաքողն
ու
գրիչը,
տեղն
ու
ժամանակը
անծանօթ.
բայց
անպատճառ
1720
էն
յետոյ։
Կաշեկազմ,
լաւ
պահուած։
Տպագիր
եւ
Ձեռագիր
մասերը
միանգամայն
180
թուղթ
են
կամ
260
երես,
երկսիւն։
Բուն
գրչէն
միակ
Յիշատակարանիկ
մը,
էջ
183,
երկրորդ
սիւնակին
վերջին
տողն
է.
—
«Զմեղօք
լի
գծողս
յիշեսջիք
ի
Տէր
աղաչեմ»։
Իսկ
էջ
258,
առաջին
սիւնակին
սկիզբը.
—
«Թվին
Հայոց
ՌՃԿԲ
(=1713)
ես
Կոստանդընուպօլսեցի
Գէորգ
վարդապետս
եկի
ի
Կեսարիայ
Կապադովկացւոց
ի
քարոզութիւն
բանին
Աստուծոյ,
եւ
հակաճառութիւն
ինչ
անկեալ
ի
մէջ
մեր,
եւ
ի
մէջ
մետրապօլիտին
Յունաց
ի
վերայ
փրկական
չարչարանացն
Քրիստոսի
Աստուծոյ
մերոյ,
յետոյ
նոյն
մետրապօլիտն
գրեաց
առ
մեզ
զթուղթ
մի
ի
վերայ
նոյն
բանին
հելլենական
լեզուաւ։
Զորոյ
զթուղթն
եւ
զպատասխանին
մեր
յետոյ
թարգմանեցաք
եւ
ի
մերս
լեզուաւ,
ի
խնդրոյ
պայազատափառ
իշխանին
հաճի
մուրատզատէ
մահտեսի
Պողոս
չէլէպուն
եւ
յիշատակ
անջընջելի
եւ
ի
յաղօթական
արձանագրութիւն
ճշմարտութեան
ուղղափառ
հաւատոյն»։
Այս
Տպագիր։
Ձեռագիրը,
Հարցմանց
Գիրքէն
քաղուածէ
մը
ետքը,
տպագրեալ
տետրակներու
յարմարումով,
որ
ընդհատուած
է
116
էջին,
կը
բովանդակէ
նաեւ.
—
«Երանելւոյն
Աթանասի
Արքեպիսկոպոսի
Աղեքսանդրացւոյ
Հարցմունքն
վայելուչք
եւ
պատուականք,
Կիւրղի
Յերուսաղեմայ
Հայրապետի,
Յաղագս
մակացութեան
եւ
հանճարոյ։
Հարցմունք
Ա.
»
(էջ
117։183)։
—
Կանոն
Ճ.
եւ
Ծ.
սրբոց
հարցն
Կոստանդընուպօլիս
գումարելոց։
Ի
բդեշխութեան
գերապայծառ
իշխանացն
Եւքերիոսի,
Եւագրիսայի.
Յուլիս
Թ։
—
Յառաջ
քան
զԿանոնս
եդաւ
աստ։
Թուղթ
նոյնոյ
սուրբ
ժողովոյն
Կոստանդնուպօլսոյ
առ
բարեպաշտ
թագաւորն
Թէոդոս՝
Մեծն
անուանեալ,
որում
թղթոյն
ենթադասեցին
զառ
ի
յիւրեանց
սահմանեցեալ
Կանոնս»
(էջ
184-191)։
—
«Թուղթ
ի
Կոստանդընուպօլիս
գումարելոց
Եպիսկոպոսաց՝
առ
գումարեցեալ
Եպիսկոպոսունս
Հռօմայ»
(էջ
192-197)։
—
«Պատմութիւն
սուրբ
ժողովոյն
Եփեսոսի,
որ
է
Երկրորդ
Տիեզերական
ժողով»
(էջ
197-212)։
—
«Ճառ
Պրոկղոս
վերատեսչին
Կիզոյ,
ասացեալ
ի
մէջ
ժողովարանին
Կոստանդնուպօլսոյ
առաջի
Նեստորի,
վասն
մարդեղութեան
Տեառն
մերոյ
Յիսուսի
Քրիստոսի»
(էջ
212-218)։
—
Կիւրղի
եւ
Նեստորի
թղթակցութիւնները
եւ
Կիւրղի
ուրիշ
թուղթերը
(էջ
218։251)։
—
«Ցուցանի
կարճառատապէս
որ
ֆըրանքն
ոչ
ունին
զԷ.
խորհուրդ
Եկեղեցւոյ»
(էջ
251-257)։
—
«Դաւանութիւն
Սուրբ
Գրիգոր
Լուսաւորչին
գրեալ
ի
Սուրբ
Ոսկեբերան
ընդհանրական
վարդապետին»,
միայն
16
տող
(էջ
257)։
—
Էջ
258-259
վերեւ
դրուած
Յիշատակարանն
Գէորգ
Վարդապետի,
եւ
անմիջապէս
յետոյ
—
«Թուղթ
մետրապօլտին
Յունաց
առ
Գէորգ
Վարդապետ
Հայոց»։
Իսկ
էջ
260՝
դատարկ։
Հաւաքածոյիս
ճիշդ
սկիզբը
դրուած
է
Աստապատցի
Պետրոս
Վարդապետին
տպագրել
տուած
Հարցմանց
Գիրքին
ցրիւ
տետրակներէն
ոմանք։
Այս
ցրիւ
տետրակներ
(ֆօրմա)
կը
կրեն
Ա.
-ԺԲ.
թուահամարները
Հարցմանց
Գիրքին
այս
առաջին
տպագրութիւնը
խնամոտ
գործ
է.
թուղթը
բարակ
մագաղաթի
պէս,
ճերմակ
եւ
տոկուն.
երեսներ,
պարզ
գիծերով
շրջանակուած։
Շրջանակներէն
ներս
երեսներու
մեծութիւնն
է
13.
13x19.
5
սմ.,
իւրաքանչիւր
սիւնակ
38
տող։
Այս
տպագրութեան
մէջ
չկան
մշակուած
ցանկ
նիւթոց
եւ
գլուխներ
այնպէս,
ինչպէս
որ
կան
1730
ի
հրատարակութեան
մէջ։
ԹԷ՛
հետաքրքրութեան
համար
եւ
թէ՛
իբրեւ
յիշատակ
Հարցմանց
Գիրքին
առաջին
հարտարակիչ
Աստապատցի
Պետրոս
Վարդապետի
գրասիրական
եռանդին
եւ
զոհողութեան,
կը
դնեմ
այստեղ
Ա.
-ԺԲ.
ցրիւ
տետրներէն
հաւաքածոյին
մէջ
պահուած
մասերը.
Ինչպէս
որ
կը
տեսնուի,
Թիւ
328
Հաւաքածոյն
կազմող
մարդը՝
իր
ձեռքին
տակ
չէ՛
կրցած
ունենալ
ցրիւ
տետրակներէն
Ը.
րդը։
Ասկէ
զատ
յայտնի
չէ
թէ
Աստապատցիին
այս
կիսկատար
տպագրութիւնը
մինչեւ
ԺԱ.
տե՞տր
(ֆօրման)
հասած
է
թէ
աւելի։
Բայց,
ամէն
պարագայի
մէջ,
«քանի
մի
ինչ
տետր»
բացատրութիւնը,
որով
Հարցմանց
Գիրքին
1730
ի
տպագրիչը
կ’ակնարկէ
առաջին
տպագրութեան
փորձին,
այնքան
արհամարհելի
քանակութիւն
մը
չէ՛
որ
կը
ներկայացնէ։
Վասն
զի
Թիւ
328
Հաւաքածոյին
միջոցաւ
մեր
առջեւ
ունինք
96
երեսներկու
նմոյշ
մը
կիսկատար
մնացած
հրատարակութենէն,
եւ
այդ
հաւասար
է
1730
ի
հրատարակութեան
գրեթէ
մեկութերորդին։