Այս
ուսումնասիրութիւնը
արդիւնք
է
հետաքրքրական
դեպքի
մը։
Ասկէ
ճիշդ
քսան
տարի
յառաջ,
1905-
1906ին,
ես
Կ.
Պոլսի
մէջ
կը
հրատարակէի
Լոյս
Եկեղեցագիտական
Շաբաթաթերթը։
Անգամ
մը
պետք
զգացի
Գր.
Տաթեւացւոյն
Հարցմանց
Գ՛իրքին
դիմել՝
ստուգելու
համար
կէտ
մը։
Դժբախտաբար
չեմ
յիշեր
այժմ
թէ
ի՛նչ
էր
այդ
կէտը.
բայց
շատ
լաւ
կը
յիշեմ
որ
տպագրեալ
Հարցմանց
Գիրքը
չկրցաւ
գոհացնել
զիս.
որովհետեւ
այն
նախադասութիւնը,
որուն
մէջ
էր
իմ
սհուգել
ուզած
կէտը,
յստակ
իմաստ
մը
չունէր,
հետեւաբար
որոշեցի
դիմել
Ձեռագիր
Հարցմանց
Գիրքի
մը։
Այն
ատեններ
Ազգային
Մատենադարանը
իր
առաջին
եւ
բուն
տեղն
էր
-
Ղալաթիոյ
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորիչ
Եկեղեցւոյ
խորհրդարանին
մէջ,
եւ
Ձեռագիրներու
բաժինը,
ժողովասրահին
հարաւային
կողմը,
փոքրիկ
սենեկին
մէջ։
Ես
թէ՛
Քարոզիչն
էի
Ս.
Լուսաւորչի
եւ
թէ՛
Մատենադարանապետը՝
Կ.
Պոլսի
Ազգային
Մատենեդարանին,
որու
Ձեռագրաց
բաժնին
կարգաւորութեան
նուիրած
էի
մասնաւոր
հոգ
եւ
խնամք,
եւ
կազմած՝
ատոնց
Մայր
Ցուցակը,
ըստ
Տաշեան
գրութեան։
Արդ՝
Ազգային
Մատենադարանէն
վար
առի
Ձեռագիր
Գիրք
Հարցմանց
մը,
գտայ
այն
նախադասութիւնը,
որ
յստակ
չէր
տպագրին
մէջ,
եւ
տեսայ
որ
այդ
նախադասութիւնը
բոլորովին
յստակ
է
Ձեռագրին
մէջ։
Վասն
զի,
ինչպէս
որ
ենթադրած
էի,
թերի
մը
կար
տպագրին
մէջ.
իսկ
Ձեռագրին
մէջ
լմա՛ն
էր
նախադասութիւնը .
—
ո՛րչափ
կը
յիշեմ
այժմ,
բառ
մը
մոռցուած
էր
տպագրին
մէջ։
Լարուեցաւ
հետաքրքրութիւնս,
սկսայ
տպագրին
ուրիշ
երեսները
դէմընդդիմել
Ձեռագրին
հետ,
եւ
դիտեցի
որ
Հարցմանց
Գիրքին
լրջօրէն
անխնամ
հրատարակութեան
մը
առջեւ
կը
գտնուիմ։
Հետաքրքրութիւնս
իր
գագաթնակէտն
հասաւ,
եւ
ես
ամբողջ
տպագիրը
բաղդատեցի
Ձեռագրին
հետ,
եւ
ահա՛
բանասիրական
յայտնութիւն
մը.
—
Տպագրին
մէջ
պակաս
էր
ամբողջ
«Գիրք»
մը
կամ
«Հատոր»
մը,
այսինքն
Գրիգոր
Տաթեւացւոյն
Ընդդէմ
Տաճկաց
գրածը։
Իրապէս
ո՛րչափ
գեղեցիկ
եւ
հետաքրքրական
գիւտ
մը՝
մեր
միջնադարեան
Հայ
Մատենագրութեան
տեսակէտէն։
Ձեռագրին
մէջ
ծայրէ
ի
ծայր
կարդացի
Ընդդէմ
Տաճկաց
գրուածը,
եւ
դիտեցի
որ
արժէքաւոր
աշխատութիւն
մըն
է
ան,
արժէքաւոր
ամէն
կերպով։
Այս
գիւտը՝
ես
քօղարկումով
մը
ծանուցի
այն
ատեն
Լոյսի
մէջ,
Տաթեւացւոյն
վրայ
տօնական
մը
գրելու
առթիւ.
—
«Տաթեւացիի
գործերէն
Հարցմանց
Գիրքին
(գրուած
1397
ին)
տպագրութիւնը
աւարտեցաւ
1730
Մայիս
1
ին
(Կ.
Պոլիս,
տպագրիչ
Աստուածատուր)
Կոլոտ
Յովհաննէս
Պատրիարքի
ջանքով
եւ
Սիւնեցի
Շահնազարի
ու
Պոլսեցի
Խօճա
Դանիէլեան
Մովսէսի
ծախքով։
Ամէնէն
յառաջ՝
Էջմիածնի
Նուիրակ
Աստապատցի
Պետրոս
Վարդապետ
ձեռնարկեց
տպագրելու
Գիրք
Հարցմանցը
(1721
ին),
բայց
իր
մահով
(1729)
գործը
խափանեցաւ
եւ
տպագրուած
թերթերն
ալ
ցիրուցան
եղան։
—
Ինչպէս
դիտել
տուինք
վերագոյն,
Հարցմանց
Գիրքը
ամբողջ
չէ՛.
հետաքրքրական
մաս
մը,
լա՛ւ
եւս,
Գիրք
մը,
որ
Ձեռագիրներու
մէջ
կայ,
կը
պակսի
տպագրածին
մէջ»
(Լոյս,
Շաբաթաթերթ
Եկեղեցեգիտական,
Նոր
Շրջան.
—
Առաջին
Տարի,
1905.
Հատոր
Ա,
էջ
274)։
Այդ
քօղարկումին
պատճառն
էր
Սուլթան
Համիտի
ատեն
մամլոյ
ազատութեան
դէմ
հաստատուած
ահարկու
գրաքննութիւնը.
այնպէս
որ
Կ.
Պոլսի
բազմալեզու
մամուլը,
առանց
բացառութեան
ցեղի,
լեզուի
եւ
կրօնքի,
պարտաւորուած
էին
ընել
ամէնէն
նուրբ
զգուշութիւնը,
որպէս
զի…
Սուլթանը
թուրքը
եւ
իսլամը
վրդովող
բառ
մը
չսպրդէր
հրատարակութեանց
մէջ։
Հայ
մամուլի
վրայ
աւելի՛
խիստ
եւ
աւելի՛
լուրջ
էր
համիտեան
գրաքննութիւնը,
քանի
որ
ամբողջ
հայութիւնը
կասկածելի
էր
նկատուած
«բարեխնամ»
կառավարութեան
կողմէն.
եւ
ես,
Լոյսի
երկամեայ
խմբագրութեան
ընթացքին,
մտքի
եւ
սրտի
նահատակութիւն
մը
ապրած
եմ,
եւ
այդ
պատճառով
ալ
դադրեցուցած՝
թերթին
հրատարակութիւնը։
Դարձեալ,
այդ
պատճառով
էր
որ
ազգային։
եկեղեցական
պատմութեան
վերաբերեալ
հայացի
նիւթեր
եւ
ուսումնասիրութիւններ
չեմ
կրցած
գրել
կամ
հրատարակել
Լոյսի
մէջ։
Իմ
գրաքննիչս,
որ
այլապէս
բարեկամ
էր
ինձ
եւ
շատ
ալ
հաճոյակատար,
անողոք
էր
իբրեւ
գրաքննիչ,
եւ
շատ
կը
վախնար
որ
ուրիշ
հայ
գրաքննիչներ
մատնեն
զինքն՝
եթէ
խստութեամբ
չվարուէր
Լոյսի
հետ։
Երեւակայեցէ՛ք.
—
Օրմանեան
Սրբազանի
պէս
Սուլթան
Համիտէն
բռնուած
եւ
ամէն
վստահութեան
արժանացած
Պատրիարք
մը,
որ
Քննասէր
ստորագրութեամբ
զուտ
կրօնական
նիւթ
մը
(Համապատում
)
կը
մշակէր
Լոյսի
մէջ,
եւ
գրաքննիչը
գիտէր
թէ
Թուրքիոյ
Հայոց
Պատրիարքն
էր
Քննասէրը,
անգամ
մը
ջնջեց
անոր
յօդուածին
մէջէն
թագաւորազն…
աւետարանական
բառը,
դիտել
տալով
ինձ,
թէ
ատիկա
կրնար
մեկնուիլ
Գահաժառանգին
(Եուսուֆ
Իզէտտին
Էֆ.
)
եւ
եւ
կամ
կայսերազուն
իշխաններու
վրայ…։
Այսչափ
ծիծաղելի
եւ
այսչափ
ըմբոստացուցիչ
էր
համիտեան
գրաքննութիւնը
Կ.
Պոլսի
մէջ՝
1908
էն
յառաջ։
Եւ
ես,
այս
պայմաններու
մէջ,
արդէն
հրաշք
մըն
էր
որ
կրնայի
հայերէն
թերթ
մը
հրատարակել,
բայց
միթէ
կարելի՞
էր
այդ
թերթին
մէջ
խօսիլ
Ընդդէմ
Տաճկաց
գրուծ
գրքի
մը
գոյութեան
մասին,
կամ
ուսումնասիրութեան
նիւթ
ընել
զայն։
Ուստի՝
հրաժարեցայ
Ընդդէմ
Տաճկացն
հրատարակելու
առաջադրութենէս,
սպասելով
լաւագոյն
ժամանակներու…
որք
սակայն
չեկան։
Տաթեւացիին
Ընդդէմ
Տաճկացը
գտնելէ
եւ
ուսումնասիրելէ
ետքը,
ծրագրեցի
ո՛չ
միայն
հրատարակել
զայն,
իբրեւ
բնագիր,
այլ
նաեւ
Հայ
Մատենագրութեան
մէջ,
Տաթեւացիէն
յառաջ
եւ
յետոյ,
Իսլամի
եւ
տաճկութեան
մասին
բոլոր
գրուածները
պրպտել,
հաւաքել,
դասաւորել
եւ
հրատարակել
քննական
մեթոտով։
Իմ
ծանօթութեանս
սահմանին
մէջ,
ա՛յս
ծրագրով,
հայերէն
ո
եւ
է
հրատարակութիւն
եւ
ուսումնասիրութիւն
չէ՛
եղած
դեռ
Իսլամի
։
Այն
ատեն՝
այսպիսի
աշխատութիւն
մը
կարեւոր
պէտք
մը
թուէր
ինձ.
որովհետեւ
դիտած
էի
որ
Հայ
ժողովուրդը,
նոյն
իսկ
տարրական
կերպով,
շիտակ
գաղափար
մը
չունէր
Իսլամի
մասին,
որ
կ’իշխէր
իր
վրայ՝
թուրք
կառավարական
կազմաւերպութեամբ
եւ
օրէնսդրական
դրութեամբ
(Շէրիաթ
)։
Կը
խորհէի
թէ
Օսմանեան
Մէշրութիյէթի
(Սահմանադրական
կարգուսարք)
հռչակումէն
ետքը՝
Թուրքեր
եւ
Հայեր
այլեւս
ազատ
դրօշի
մը
ներքեւ,
պէտք
ունէին
զիրար
լաւ
հասկնալու,
եւ
իմ
համեստ
աշխատութիւնս
այդ
տեսակետէն
ալ
կրնար
օգտակար
Թուրքիոյ
հայութեան։
Եւ
սակայն
կարելի
չեղաւ
ծրագրիս
գործադրութիւնը.
վասն
զի
նախ
Դպրեվանքի
Վերատեսչութեան
եւ
ապա
Անկիւրիոյ
Առաջնորդութեան
պաշտօններս
արգելք
եղան
ծրագրուած
աշխատութիւնը
յառաջ
տանելու։
Անոնց
վրայ
աւելցաւ
առողջութեանս
վատթարացումը,
որուն
դարման
մը
գտնելու
համար
անցայ
Եւրոպա
եւ
Ամերիկա
(1914),
ուր
մնացի
աշխարհաւեր
Մեծ
Պատերազմի
հետեւանքով,
մինչեւ
1922,
երբ
առաջին
անգամ
եկայ
Երուսաղէմ,
եւ
օգտուեցայ
Ս.
Յակոբայ
Մատենադարանի
ճոխութենէն՝
գործադրելու
համար
այս
ուսումնասիրութեան
ծրագիրը։
Բայց
այս
անգամ
պէտք
էր
որ
նորէն
սկսէի
գործի։
Վասն
զի
ամբողջ
Մատենադարանս,
հետեւաբար
եւ
Իսլամի
ուսումնասիրութեան
վերաբերեալ
բոլոր
գիրքերս
եւ
նոտերս,
մնացած
էին
Անկիւրիա,
երբ
մեկնեցայ
անկէց
1913
ին։
Այժմ
ո՛չ
եւս
են
թէ՛
իմ
անձնական
Մատենադարանս
եւ
թէ՛
Անկիւրիոյ
Կարմիր։
Վանքին
թանկագին
Մատենադարանը
(Ձեռագիրներունը
մա՛նաւանդ)
եւ
բոլոր
հնարժէք
հարստութիւնները…։
Բարեբախտաբար
քովս
էր
Ընդդէմ
Տաճկացը,
զոր
ընդօրինակել
տուած
էի
Շահպաղլեան
Յ
ակոբ
Վարդապետի,
թէեւ
այդ
ընդօրինակութիւնը
բանի
չծառայեց.
որովհետեւ
Ս.
Յակոբայ
Մատենադարանին
մէջ
գտնուած
Գիրք
Հարցմանցներ
մատենագրական
եւ
բանասիրական
նոր
երեւոյթներու
առջեւ
դրին
զիս։
Նախ
Ս.
Յակոբայ
Ձեռագիրներուն
մէջ
գտայ
տասնեակ
մը
եւ
աւելի
Հարցմանց
Գիրքեր,
որնց
մէջ
Թիւ
1155,
Թիւ
1546
եւ
Թիւ
827
օրինակներ
մասնաւորապէս
հետաքրքրական
էին։
Թիւ
1155ը,
որ
գրուած
է
1413
ին,
այսինքն՝
Գր.
Տաթեւացւոյ
մահէն
(1410
կամ
1411)
2-3
տարի
ետքը՝
ընտիր
օրինակ
մըն
է,
լիակատար,
այնպէս
ինչպէս
որ
Տաթեւացին
խմբագրած
է
զայն։
Թիւ
1546ը,
գրիչ,
տեղ,
ժամանակ
անծանօթ,
բայց
նոյնչափ
հին,
այսինքն
ԺԴ-
ԺԵ
դարու
գործ,
տեղ
տեղ
համառօտ
եւ
կրճատ,
շատ
հետաքրքրական
օրինակ
մը,
մասնաւորապէս
Ընդդէմ
Տաճկաց
վերաբերութեամբ։
Թիւ
872ը,
վերոյիշեալ
երկու
Ձեռագիրներու
միջեւ
կը
բռնէ
միջին
տեղ
մը.
այսինքն՝
ո՛չ
լիակատար
է
Թիւ
1154ի
պէս,
ո՛չ
ալ
համառօտ
կամ
կրճատ՝
Թիւ
1546
ի
նման։
Այս
ալ՝
ԺԵ-ԺԶ
դարէն։
Արդ՝
բոլորովին
մեկդի
նետեցի
Շահպաղլեանի
ընդօրինակել
տուածս,
որ
պարզ
ընդօրինակութիւն
մըն
էր
արդէն,
եւ
ես
առիթ
չէի
ունեցած
նոյն
իսկ
զայն
անգամ
մը
բաղդատելու
բնագրին
հետ,
ո՛չ
ալ
ձեռագրագիտական
նոտեր
առած
էի
բնագրի
մասին,
եւ
ձեռք
առի
այս
երեք
գլխաւոր
Ձեռագիրները,
որոնք
իբրեւ
թէ
Հարցմանց
Գիրքին
երեք
տարբեր
խումբերը
ներկայացնէին։
Թիւ
1546ը,
որ
Համառօտն
է,
հիմ
բռնեցի
այս
Հրատարակութեան,
եւ
ներկայացուցի
զայն
Հ.
գրով։
Թիւ
1155ը
ներկայացուցի
Ա.
գրով,
իբրեւ
Առաջին
Լիակատար
օրինակ։
Իսկ
Թիւ
827ը
ներկայացուցի
Մ.
գրով,
իբրեւ
Միջին
օրինակ
մը։
Այս
երեք
օրինակներու
վրայ
զատ
զատ
գրչագրագիտական
կատարեալ
տեղեկութիւններ
տուած
եմ
հրատարակութեանս
սկիզբը։
Այս
հրատարակութեան
հիմ
բռնեցի
Հ.
օրինակը՝
երկու
պատճառաւ.
նախ
այնպէս
ենթադրելով
որ
ի
գործ
դրուած
կրճատումներ
եղած
ըլլան
նոյն
ինքն
Տաթեւացւոյն
գիտութեամբ.
եւ
յետոյ՝
Հ.
ին
եւ
Ա.
ին
տարբերութիւնները
նշանակելու
եւ
ցոյց
տալու
համար
աւելի՛
դիւրին
էր
բռնել
Հ.
օրինակը
եւ
ստորին
լուսանցքներու
մէջ
դնել
Ա.
ին
տարբերութիւնները
քան
թէ
Ա.
օրինակը
հիմ
բռնել
եւ
Հ.
ին
տարբերութիւնները
նշանակել
բնագրին
վրայ՝
կամ
շղագրով
եւ
կամ
փակագիծներով,
ինչ
որ
յոգնեցուցիչ
պիտի
ըլլար
թէ՛
աչքի
եւ
թէ՛
մտքի
համար,
եւ
միանգամայն
դժուար
պիտի
արտայայտէր
Հ.
ի
վրայ
գործադրուած
կրճատումներուն
նպատակն
ու
մեթոտը։
Իսկ
բոլորովին
անհնար
էր
ինձ
համար
Ա.
եւ
Հ.
օրինակները
միասին
հրատարակել
դէմ
դիմաց՝
այլեւայլ
պատճառներով։
Բնագրական
այս
տարբերութիւնները
նկատի
առնելով՝
սա
հետաքրքրական
հարցումը
միտք
կու
գայ,
թէ
ի՛նչ
պատճառաւ
ստեղծուած
է
Հ.
օրինակը։
—
Ըստ
ամենայն
հաւանութեան
մեղմացնելու
կամ
չափաւորելու
համար
գրուածին
ջատագովական
խստութիւնները,
որպէս
զի
երբ
իսլամի
ձեռք
իյնայ
այն,
որ
միշտ
բռնապետ
ու
հարստահարիչ
եղած
է,
պատրուակ
չըլլայ
գրգռելու
եւ
զայրացնելու
իսլամ
կառավարութիւնն
ու
ժողովուրդը
ընդդէմ
։
Այս
տեսակետէն
դետել
կու
տանք
թէ
Հ.
Տաճիկը
փոխած
է
այլազգիի,
այպէս
որ
Տաճիկ
բառին
հազիւ
քանի
մը
անգամ
կը
հանդիպենք
այս
օրինակի
մէջ։
Կ’արժէ
ի
մտի
ունենալ
թէ
Գր.
Տաթեւացին՝
իր
Ընդդէմ
Տաճկացը
գրած
է
ա՛յն
ատեն,
երբ
արդի
թուրքութիւնը
գոյութիւն
։
Տաթեւացին
այդ
գիրքը
գրած
է
աչքի
առջեւ
ունենալով
Տաճիկները
(արաբ,
թերեւս
պարսիկ
եւ
թաթար
իսլամներն
ալ),
եւ
պէտք
է
ուշադրութիւն
ընել՝
գրած
է
զայն
իբրեւ
ջատագով,
եւ
իբրեւ
կրօնական
վիճաբանութեանց
առաջնորդող
գրուած
մը,
եւ
ինչպէս
կ’երեւի՝
մասնաւոր
խնդրանքով
մը։
Վասն
զի
այն
ժամանակներ,
իրարմէ
տարբեր
կրօնքի
եւ
հաւատխի
մարդիկ,
ինչ
դասակարգի
եւ
դիրքի
ալ
պատկանէին,
իւրաքանչիւրը
իր
Սուրբ-Գիրքին
փաստերով
ու
ապացոյցներով
զինուած,
վիճաբանութիւններ
կ’ընէին,
եւ
ճշմարտութեան
յաղթանակին
վստահ՝
գրաւներ
կը
դնէին,
վերջապէս
կամ
կը
յաղթէին
կամ
կը
պարտուէին,
գործադրելով
իրենց
գրաւի
պայմանները։
Այս
վերջին
տեսակետէն,
զոր
օրինակ,
շատ
նշանակելի
է
Գրիգոր
Մագիստրոսի
եւ
իշխան
Մանուչէի
պայմանաւոր
վիճաբանութիւնը,
որուն
հետեւանքով
Մանուչէ
կը
մկրտուի
եւ
Քրիստոնեայ
Կ’ըլլայ։
Արդէն
խնամոտ
ընթերցումը
եւ
աննախապաշար
ուսու
մնասիրութիւնը
Ընդդէմ
Տաճկաց
գրուածին,
ցոյց
կու
տայ
թէ
Տաթեւացին
կը
գրէ
ո՛չ
թէ
իսլամը
անարգելու
դիտումով,
այլ
կրօնական
ճշմարտութիւնը
ցայտեցնելու
եւ
զայն
ջատագովելու
նպատակով.
ճիշդ
այնպէս՝
ինչպէս
որ
գրած
է
Հարցմանց
Գիրքին
ուրիշ
մասերը,
Ընդդէմ
Հրէից,
եւ
Ընդդէմ
Քրիստոնէական
Եկեղեցւոյ
դաւանաբանական
ներքին
տարբերութեանց։
Անշուշտ
շատ
ցաւալի
եւ
միանգամայն
շատ
ալ
ուշագրաւ
է
այսպիսի
ջատագովականներուն
խայթիչ
ոճը։
Բայց
ասիկա
Տաթեւացւոյն
գրչին
յատուկ
երեւոյթ
մը
չէ՛.
—
վիճաբանական
գրուածներ,
ո՛ր
լեզուէ
ալ
եղած
ըլլան,
կը
ցայտեցնեն
երգիծող
կամ
խայթող
ոգի
մը,
որ
կը
բղխի
ո՛չ
միայն
ջատագովներու
հմտութեան
եւ
գիտութեան
յաւակնութիւններէն,
այլ
նաեւ
իրենց
ուղղափառութեան
չափազանց
ջերմեռանդութենէն։
Տաթեւացւոյն
Հարցմանց
Գիրքը
ամենէն
շատ
ընդօրինակուած
եւ
շրջաբերուած
միջնադարեան
գործ
մըն
է։
Հայ
եկեղեցականն
ու
հայ
աշխարհականը
հաւասարապէս՝
Հարցմունքը
իրենց
անթին
տակ,
ատոր
ոճով
ու
ատոր
ապացոյցներով
բանակռիւներ
ըրած
են,
ինչպէս
Հրէից
Նոյնպէս
Տաճկաց
հետ,
ինչպէս
նաեւ
հերձուածներու
եւ
դաւանաբանական
խնդիրներու
շուրջը։
Բայց
Թուրք-
Իսլամի
մոլեռանդութիւնը
անողոքելի
էր։
Իսլամի
հիմնադրին
եւ
Փեյղամբէրին,
ինչպէս
նաեւ
Հազբէթի
Ալիին
թոյլատու
ոգին
հանդէպ
Քրիստոնէութեան,
մոռցուած
իրողութիւններ
էին
թուրք-
իսլամութեան
համար,
մա՛նաւանդ
Ենիչերիներու
ահաբեկիչ
շրջանին։
Անոնք
Ղուրանը
շիտակ
հասկնալու
կարողութենէն
ալ
զուրկ
էին։
Մեկ
կողմէն,
ցեղային
գերազանցութեան
մը
անորակելի
յաւակնութիւններով
փքացած,
արհամարհանքով
կը
նայէին
ոչ-
իսլամներուն
վրայ.
միւս
կողմէն,
կրօնական
անզուսպ
մոլեռանդութեամբ
մը
ամբշիռ,
Կեավըրներ
միայն
կը
տեսնէին
Քրիստոնեաներու
վրայ։
Հայոց
վիճակը
շատ
փափու
կ
էր
այս
պայմաններու
մէջ՝
հանդէպ
իսլամ
թուրքութեան,
եւ
ճիշդ
ա՛յս
է
պատճառը
որ
երբ
Կ.
Պոլսի
գրասէր
Պատրիարք՝
Յովհանէս
Կոլոտի
հրամանաւ
լոյս
տեսաւ
Տաթեւացւոյն
Հարցմանց
Գիրքը,
1730
ին,
մեծ
հեռատեսութեամբ
զանց
առնուեցաւ
Ընդդէմ
Տաճկաց
մասին
տպագրութիւնը,
որ
այնքան
անմեղ
եւ
ամէն
կասկածէ
վեր
ու
գաղտնամտութենէ
զերծ,
զուտ
ջատագովական
գրուած
մըն
էր
Քրիստոնէութեան
։
Եւ
այսօր,
երբ
քսան
տարի
յառաջ,
մասնաւոր
հետաքրքրութեան
մը
հետեւանքով
գտնուած
այդ
գրուածը
կը
վստահիմ
Հանդէս
Ամսօրեայի
էջերուն,
տեսակ
մը
հպարտութիւն
կը
համակէ
զիս,
մտածելով
որ
Միջին
դարուն,
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
Մեծ
Վարդապետներէն
մեկը
կարող
եղած
է,
իր
հմտութեան
եւ
ծանօթութեան
սահմաններուն
մէջ,
գիրք
մը
գրել
Իսլամի
վրայ,
լուսաւորելու
համար
իր
ժողովրդեան
զաւակները
կրօնական
այն
դրութեան
մասին,
որմէ
շրջապատուած
էին.
դրութիւն
մը,
որ
այնքան
աղետալի
ու
արիւնոտ
դեր
մը
պիտի
խաղար
աշխարհի
պատմութեան
մէջ,
լծորդուելով
պետական
մեքենականութեան
մը
(Օսմանեան
կամ
Թուրք),
մասնաւորապէս
Հայոց
վերաբերութեամբ.
դեր
մը,
որուն
ամենէն
զարհուրելի
մանրամասնութիւնները
խաղցուեցան
քսաներորդ
դարու
լոյսերուն
տակ,
եւ
Եւրոպայի
ու
Ամերիկայի
քրիստոնեայ
մեծազօր
եւ
հզօր
պետութեանց
աչքերուն
առջեւ։
Իսլամը
հայ
Մատենագրութեան
մէջ
ուսումնասիրութիւնն
ուրեմն,
իբրեւ
առաջին
եւ
շատ
համեստ
ձեռնարկ,
ինքնին
նորութիւն
մըն
է՝
հայ
Մատենագրութեան
բոլորովին
անկոխ
մէկ
մարզին
վրայ.
եւ
ես
վստահ
եմ
որ
հայագիտական
աշխարհի
մէջ
հետաքրքրութիւն
պիտի
արթնցնէ
այս
նիւթը,
թելադրելով
անդրագոյն
հետազօտութիւններ։
Այս
գործը
բաժանուած
է
երեք
մասերու,
հետեւեալ
կերպով։
Առաջին
Մասն
է
այս,
որ
կը
պարունակէ
Տաթեւացւոյն
Ընդդէմ
Տաճկացը։
Երկրորդ
Մասը
պիտի
բաղկանայ
Տաթեւացիէն
յառաջ
եւ
ետքը՝
Իսլամի
մասին
հայերէն
գրուածներու
քննական
հաւաքածոյէ
մը։
Երրորդ
մասը
պիտի
ըլլայ
արդիական
ուսումնասիրութեանց
տուիքներուն
վրայ
նոր
գրուծ
մը
Իսլամի
մասին՝
իմ
կողմէն։