Իրիկուն
մը՝
աշնան
տըխուր.
Գիւղէն
հեռու՝
բլրին
վըրայ։
Ամպերուն
տակ
ոսկեփրփուր
Անուշ
հով
մը
կը
սարսըռայ.
Մինչ
կը
դեղնի
արեւն
հատած.
—
Մութ
գիշերին՝
լոյս-ռահվիրայ։
Դաշտերուն
մէջ
համատարած
Հողագործներ
դեռ
կը
հերկեն
Լայն
փորն
երկրին
կակուղ
ու
թաց։
Աղօտ
ցոլքեր
գորշ
երկինքէն
Կը
ցանցնուին
դաշտերուն
մէջ
Ու
մշուշը
կը
ծակծկեն։
Եւ
կեանքի
մը
պէս
վաղաշէջ,
Կը
մարմըրի
արեւն
հատած,
Լոյս-հոգիովն
իր
կենսատենջ։
Ու
շըղարշներ,
ցուրտ,
սարսըռուն,
Կը
հագցընեն
սեւեր
երկրին,
Սուգի
սեւերն
ստուերներուն։
Մինչ
պատկերներն
ալ
կը
մարին
Երազներու
պէս
մշուշոտ,
Այս
ոսկեզօծ
ոգեւարին
Հուսկ
ցոլքերուն
տակ
նըւաղկոտ։