Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԵՒՆ ՈՒ ՀԻՒԼԷՆ

Նընջասենեակիս բաց պատուհանէն

Կը նազի նազով զեփիւռն առտըւան,

Ու խօլ, երջանիկ երազներն իմ դեռ

Իխր արշալոյսի բոցերէն թիթեռ

Կարծես կը հեւան

Բարձերուս վըրան։

 

Ծիծղուն ու ծաւի ջինջ հորիզոնէն

Ծայր կուտայ ծիրան ծընունդն արեւին,

եւ արծաթաթել շող մը շըւարուն

Կուգայ լծորդել տարտամ պատկերներն

Իմ երազներուն։

 

Հոգիս, ծաղիկ խընկայոտ,

Նըրբացօղուն, ոսկեծըղօտ,

Կը բացուի

Ջերմ համբոյրէն արեւի

Հեռո՜ւն, լերան վերեւի,

Մինչն վարդենիք մ՚ասնահման

Կը հրդեհուի վառ կռնըկովն

Հորիզոնին օձանըման։

 

Ու կ՚զգամ ոյժ մը, սարսուռ մը ներսէս

Մինչեւ արեւին հասնելու համար,

Հոն, արշալոյսին ճամբէն բոցագէս,

Ցօղերուն մէջէն մարգարտատիպար,

Ինչպէս ոսկեզօծ առասպելներու

Կարմիր, բոցահեր

Մանուկ մ՚անվեհեր։

 

Ոտքերուս տակ՝ արեւն արու,

Գլխիս վերեւ՝ բոցեր, կայծեր հըրաթեւ,

Աչքերուս մէջ՝ լոյսն արեւին ակներեւ.

Արե՛ւ, բարե՛ւ,

Ջերմ համբոյր տանք իրարու։

 

Դուն՝ իմ սիրածս եղիր, ես ալ քու գերին,

Քու մանկլաւիկն ըլլամ ու թող չըմարին

Կիրքն ու հրայրք մեր սիրավառ համբոյրին։

Որքա՜ն դու մեծ ես ու որքա՜ն անհուն,

Որքա՜ն ես պզտիկ, որքա՜ն ես փցուն,

Օ՜հ, գիրը նոյնն է մեր ճակատներուն։

Դուն՝ կեանքը կուտաս, կեանքը կը վառիս,

Ու ես՝ գրկիդ մէջ անմահ կը զգամ զիս։

Արե՛ւ, բոց բերնովդ ա՛ռ, համբուրէ՛ զիս։

 

Բանաստեղծութիւնն ես դու անսահման.

Ես ալ ծոցիդ մէջ լուռ ու աննըշան

Աշուղն երջանիկ.

Տո՛ւր ինծի կըրակդ ու տուր ինծի բոց,

հոգիս թող վառուի հրդեհներովդ հոծ,

Քեզմով արբենամ, քեզ արտաշնչեմ։

 

Արե՛ւ, առ գիրկըդ, համբուրէ՛ հիւլէն,

Իսկ եթէ քու սէրն սպառէ զանի

-Ինչպէս թիթեռը մոմի լեզուակէն

Ջինջ իրիկուընով անուշ գարնայնի, -

Ի՜նչ փառք աննըշան հիւլէին համար

Դառնալ արեւին մի վառ կայծն իսպառ։