Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բանաստեղծութեանց այս պզտիկ հատորը՝ մասնաւոր ծրագրի մը համաձայն պատրաստուած երկասիրութիւն մը չէ։ Ասիկա փունջ մըն է, կազմուած մեծագոյն մասով այն քերթուածներուս՝ որ Լքուած Քնարին հրատարակութենէն առաջ եւ ետքը լոյս տեսած են զանազան պարբերականներու մէջ։ Ընդհանրապէս դեռ երէկ միայն գրուած բանաստեղծութիւններ չեն անոնք։ Անոնց մէջ կան որ տասնեակ մը տարիէ ի վեր կեանք ունին արդէն։ Զանոնք այսօր հատորի մը վերածելու համար վերստին ձեռք առած պահուս, կարգ մը պզտիկ վերհպումներ անհրաժեշտ տեսնուած են, ո՛չ այնքան խորքին մտահոգութեամբ, որքան ձեւին խղճմտութիւնով։ Հարկ չկար անոնց բնատիպ երանգը եղծանելու կամ խճողելու։ Այդ բանաստեղծութիւնները՝ հոգեկան բացառիկ վայրկեաններու անկեղծ արձանագրութիւններ են, ու նուիրական անոր համար՝ որ ծնունդ տուաւ անոնց։ Թերեւս հիմա շատ ինչ փոխուած է մէջս, անոնցմէ բաւական ինչ օտար կը թուի հոգւոյս։ Բայց այսօր առաւել քան երբէք խանդաղատանքս գիտակցութեամբ ու տրտմագին պաշտամունքով օծուած է երազաւէտ արբեցութեանց այդ երջանիկ՝ այլ անդարձ խորհուրդներու յիշատակին։ Ամէնէն ցուրտ մարդը կը սիրէ իր հոգիին պատմութիւնը թղթատել, կրօնքով խնկուած ու պատկառանքով քաղցրացած հետաքրքրութեամբ մը, ու չկայ թերեւս աւելի եղերականօրէն շահագրգիռ բան՝ քան միսթիկ պատմութիւնը հոգիի մը ճամբորդութեան, այս ունայն աշխարհին տխուր հորիզոնին վրայէն։

Երկունքը տրամաբանական կապ մըն է Լքուած Քնարին ու Նոր Քնարին միջեւ։ Հոգիիս շրջանառութիւններուն հանգրուաններէն մին կը յատկանշէ անիկա։

Այս ծփուն անհաստատութեան առերեւոյթ հակասութիւններուն մէջ՝ երբէք չեմ փնտռեր ընթերցող հասարակութեան մը գթոտ ներողամտութիւններուն ապաստանիլ։ Այդ մտահոգութիւնը կը թողուի դպրոցական դասագրքեր պատրաստող խոժոռադէմ պատուելիներու։ Բանաստեղծութեանց հատորի մը հրատարակումը՝ հասարակ ձեւով ըմբռնուած օգտակարութեան մը տխուր ու նուաստացուցիչ կոչումէն հեռու է։ Միայն թէ, մարդ իր հոգիին հաղորդականութիւնը կը փորձէ։ Երջանիկ է, եթէ սիրոյ ժապաւէններ, համակրութեան երիզներ լծորդած են զինքը իր շուրջը գտնուող հոգիներուն հետ։ Ապա թէ ո՛չ՝ կուլայ իր աննշանութեան վրայ։ Ահա՛ միակ փառքը, ունա՜յն փառք, երազամոլ աշուղին։

Արտաշէս Յարութիւնեան

 

Մալկարա

13 Յունիս 1904