ՎԱՅՐԿԵԱՆ
ՄԸ
Ո՛չ
սէր,
ո՛չ
կիրք,
ո՛չ
յոյզ
մը
տաք,
Ո՛չ
հրճուանք
մը,
ո՛չ
իսկ
ցաւ,
Ո՛չ
արցունք
մը,
ո՛չ
մի
փափաք,
Սիրտս
է
անհուն
բարանձաւ։
Դէմքըս
չունի
յուզման
մի
գիծ,
Փայլն
աչքերուս
է
պաղեր,
Հոգիս
ամուլ
ու
անկսկիծ
Ա՜լ
չունի
թափ
ու
թեւեր։
Ու
կը
փռուիմ
բազկիս
վրայ՝
Խոր
մեղկութեամբ
տարուբեր.
Երկինքը
ջի՜նջ
կը
սարսըռայ
Գլխիս
վերեւը
անտարբեր։
Եւ
ծուլութեամբ,
կէսով
ծալլած
Մութ
նայուածքըս
երազուն
Կը
թափառիմ
անըրջայած
Պահ
մը
խորն
այն
բարձերուն։
Ու
պիտ՝
ըսէք,
-
ինչո՞ւ
անշարժ՝
Այս
կապոյտին
տակը
ջինջ,
Արդեօք
սէ՞ր
մը,
վի՞շտ
մը,
երա՞զ.
-Չէ՛,
ո՜վ
գիտէ,
ո՜հ,
ոչի՜նչ։
1899