Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՐԻԿՈՒՆԸ

Իրիկունն է շատոնց մեռեր

Դագաղին մէջ լուրթ լեռներուն,

Ու գիշերը հագած սեւեր

Կը սփռէ ցուրտն իր ձորձերուն։

 

Բոլոր ձայներն ալ մարեր են

Վերջալոյսի վարդերուն հետ,

Ու կը նըժայ լուռը վերէն,

Ու կը հալին գիծերն անհետ։

 

Դաշտին անծայր անկիւններէն

Լայն ստուերներ կ՚ուրուագծուին,

Ու խորհուրդով, ու յամրօրէն

Կ՚իյնան ցրուած բերանն հովին։

 

Ու հովն անուշ կը սարսըռայ

Ծառերուն մէջ քաղցրամրմունջ,

Ուր ոստերու ցանցին վըրայ

Կը քնանան բոյներ անշշունչ։

 

Եւ լուսընկան պայծառ, արթուն,

Իր մենութեան բարձերէն լուռ

Վար կը մաղէ մեզի ժպտուն

Բիւր երազներն իր ոսկեհուռ։

 

Իրիկունն է հանդա՜րտ մեռեր

Դագաղին մէջ լուրթ լեռներուն,

ու մութ գիշերն, հագած սեւերէ

Կ՚երկնէ կարմիր բոցերն այգուն։

1899