Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տրտմութիւններ անկարեկիր

Կը թափառին հոգւոյս վըրան,

Պզտիկ ցաւեր, սին, աննըշան

Կը փորեն սիրտս, ամուլ երկիր։

 

Այլ աւերներն այս ցաւերուն,

Ինչպէս տերեւն աշնանահար,

Կը պարարեն սրտիս դալար

Կենդանութեան հուսկ ծիլն արթուն։

 

Եւ արգաւանդ հողէն յուշիկ

Ծիլ կ՚արձակեն թարմ կեանք, նոր սէր,

Որոնց համբոյր զըւարթաբեր

Կուտայ գարնան հովն անուշիկ։

 

Ու նոր կիրքեր զիս կ՚արծարծեն

Սրտիս տալով նորոգ թեւեր.

Դէպի Արեւն ու դէպի վեր

Կը թռչիմ ես մահուան ծոցէն։