Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՐԱԶՆԵՐԸ

Փայլուն լուսինն՝ Աստուծոյ

Վառ անուրջն է իրական,

-Ոսկի երազ ծորածոյ

Խորն անհունին վեհական։

 

Եւ արեւներն ալ փաղփուն՝

Իսէալներն իր շըքեղ,

Անհունին մէջ սեւեռուն,

Անջնջելի, մըշտագեղ,

 

Հաստատութեան մէջ խաղաղ

Այդ վառ խոհերն ու անուրջ

Լուրթ կապոյտէն, վերն, առկախ

Կը դառնան իր հոգւոյն շուրջ։

 

Ու կը դիտենք մենք յաճախ

Զանոնք աչքով մ՚անտարբեր,

Գլխին վերեւ մեր, խաղաղ,

Վեհ մտածմանց այդ ջահեր։

 

Արեւ, աստղեր, ո՜վ լուսին,

Հուր-մըտածմունք ծորածոյ,

Կա՜յծ մ՚ալ զձեզ երգողին՝

Մեծ երազէն Աստուծոյ։