Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԿԱՊ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Իրիկուն է.

Ինչ որ կայ մեղմ, եթերային, ինչ որ նուրբ

Ինչ որ մշշոտ, երազոտ,

Ու կիսալոյս, ու կիսաստուեր, կիսահագագ,

Կիսաթափանց, կիսապղտոր, -

Այս վերջալոյսի դիւթական պահուն

Կը լեցուին աշխարհն իմ երազներուն։

 

Բեկ բեկ ցոլքեր նըւաղուն,

Շողեր, բոյլեր բիր ցրուուն,

Կը մաղուին վառ ամպերն ի վար,

Ու կարմիր, դեղին ու ծերանագոյն

Երանգներ նրբին,

-Կայծերն իմ հոգւոյն,

Իբրեւ լուսեղէն հողմահար մ՚սփիւռ

Փափկօրէն սփռեր է գարնան զեփիւռ։

 

Ամայութեան մէջ դաշտին

Զով, երազուն, լայն ու լուռ,

Տարտամ բաղձանքներ, անծանօթ յոյզեր ներսս կը փթթին

Մինչ պզտիկ հովուին անուշ սրընգին

Պարզուկ երգերուն խազերուն վրայ

Իմ ելեւէջիկ ծփանուտ հոգին

Մե՜ղմ, կը թրթըռայ։

 

Ու տարտամ երգերն ալ կը նըւազին

Զուարթ հօտաղին։

Բոժոժիկի մը դնթիւնն անուշիկ

Մթնոլորտին մէջ կ՚երկննայ հեռուն,

Եւ գարնանաբոյր զով զեփիւռներուն

Կոծկոծեալ շունչէն կը թրթռայ յուշիկ։

 

Բընութեան բոլոր հոյզերը թաքուն

Ներսըս կը տաքնան ու կը բըռընկին.

Մաքուր թաւիշէն իմ շըրթունքներուն

Ըղձոտ համբոյրներ կը թռչին օդին։

 

Համբոյրները թեւ կ՚առնեն, համբոյրները կը թռչին

Ինկած խորը ոչինիչին,

Եւ կ՚երթան ո՞ւր. -

Անպատրուակ մաքուր ձօն

Խօլ ու անկեղծ քերթողէն՝

Աղուորներու հասցէին…։

1900