Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՄՊԵՐՈՒՆ

Ամպե՛ր, սեւ ամպեր, հէ՜յ, ո՞ւր կը թըռիք,

Սահելով այդպէս կապոյտին ծոցէն,

Ու ձեր մթաստուեր հոգիներն անճիգ

Անհունին մէջ դէպ ո՞ւր կը թեւածեն։

 

Ամպե՛ր, խորհուրդով լեցուն սեւ ամպեր,

Հսկայազանգուած, վիթխարի ու սէգ,

Արհամարհելով ստուերն ու գիշեր

Մոլեգնոտ վազքով ո՞ւր, ինծի ըսէք։

 

Ա՜, ես չեմ կարող թռչիլ ձեզի պէս,

Ինկած սանձարձակ հովերուն առջեւ,

Ու երթալ այնտեղ՝ ուր իմ սըրտիկէս

Թանկագին մաս մը խոյս տուաւ թեթեւ։

 

Ամպե՛ր, թէ անոր երկիրն ալ երթաք,

Համբոյրէս կըրակ մ՚ու բոց մ՚աչքերէս,

Կուրծքիս խորերէն հեծեծանք մը տաք,

Ու կայծ մ՚ալ առէ՛ք, տար՛ք իմ սէրէս։

 

Աչքերուս ցոլքէն՝ ձեր փայլակներուն

Բոցէ շապիկին մէջ ծըրարեցէք.

Եւ հառաչներէս՝ վանկ մը մոլորուն

Ձեր որոտումին ծոցին մէջ դըրէք։

 

Կաթիլ մ՚ալ արցունք՝ իմ արցունքներէն

Ձեր անձրեւներուն խառնեցէք, ամպե՜ր,

Ամէնքն ալ առէք ու տարէք իրեն,

Ինէ՝ իմ ցաւիս իբրեւ լըրաբեր։

 

Բայց կ՚երթան, անխօս, լուրջ ու անտարբեր,

Ահեղ ամպերը սեւ ու տխրունակ,

Եւ ի զո՜ւր անոնց կ՚ուղղեմ ես խօսքեր,

-Անյոյս սիրողի յիմար զառանցանք։