Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ներկայ պահուն անձկագին

Դժգոհութեանց մէջ խըռով

Կ՚ալեծըփի այս հոգին

Բազմապահանջ պէտքերով։

 

Կեանքի դեռ շատ լուսաւոր

Ու խընդալից կողմերուն

Գիտակցութիւնն է բոլոր

Խըռովարարն իմ հոգւոյն։

 

Ու զրկանքներն՝ հոգւոյս մէջ

Կը հրդեհեն բոցափայլ

Խուլ կրքերուն կայծն անշէջ,

Սպառնալից ու մըռայլ։

 

Ու նրբուղին վարդաւէտ

Յոյսի շուշան քայլերուն

Դեռ կ՚երկարի՜, — առ յաւէ՞տ—

Հորիզոնին խորն, հեռուն։

 

Եւ ապագան որ չի գար,

Մի՜շտ հեռուն է խուսափող,

Զայն կը ծածկէ յամրաբար

Գերեզմանի ցըրտին հող։

 

Լոկ հրճուանքի խորշն հանդարտ

Հոն է՝ ուր դեռ կը փայլին

Շողշողանքով մը կախարդ

Յիշատակներն անցեալին։

1898