Երկունք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բլրակի կանանչ կողին

Խոնաւ թաւիշն՝ անկողին

Բիւր երազներուն

Գինով քերթողին։

 

Տըխուր հոգերն անցեալին,

Մաքուր երէկին, պզտիկ անցեալին

Մատաղ քերթողին՝

Բիւրաժըպիտ ապրիլին

Շունչէն կը հալին։

 

Իրիկնամուտին,

Սեմին վըրայ վարդագոյն

Աղջամուղջին ու մութին,

Ցաւոտ միտքին մէջ հէգ բանաստեղծին՝

Վերջալոյսի ոսկեծին

Մըտածումներ, իբրեւ թիթռանց

Պար մ՚առանձին

Կը յածի՜ն։

1897