Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Երազաւէտ խնկոտ առտուն ապաքէն

Զըւարթ, կայտառ, կարմիր հարսի մը նման

Հորիզոնին կաթ ամպերուն բացուածքէն

Կը ցրցքնէ ժպիտ մ՚անծիր հիացման։

 

Ու կը թռչին ժպտին կայծերն անհամար,

Կենդանութեան բազմաբողբոջ մասնիկներ,

Պտղաբերել թաքուն սերմերն անսպառ

Մայր բընութեան գգուոտ գրկին մէջ անմեռ։

 

Ու գարունը՝ ոսկեցընցուղ աւօտին

Տարփանքներուն մէջ կ՚արթննայ ցնծութեամբ.

Լուռ գիշերուան երազները կը ցնդին

Այգուն շքեղ վառ հանդէսին մէջ անամպ։

 

Ու տօնն անհուն երգի, բոյրի, հիացման,

Տօն բնութեան, շըքեղ տօնը Արեւին,

Փթթումներու լայն գրկին մէջ անսահման

Կը թրթըռայ կեանքով յոյզով ցնծագին։

1902