Մելամաղձօրէն
ձեռքըս
ծնօտիս,
Կամուրջին
վըրայ
նստած
առանձին,
Տարտամ
հոգերով
զեղուն
ներսիդիս՝
Ուր
բիւր
բաղձանքներն
իմ
կ՚ալեկոծին,
Կը
դիտեմ
նաւին
ընթացքը
տենդոտ՝
Ծովի
խաղաղիկ
լանջքին
վըրայէն,
Զոր
ջերմ
տարփանքով
մեղմ,
անուշահոտ
Հովերն
իրիկուան
լուռ
կը
փայփայեն։
Ու
ջինջ
մաքրութեան
թոյլ
ցոլքերուն
մէջ՝
Երկու
կապոյտներն
իրար
կը
դիտեն.
Ամպիկի
փերթ
մը,
—
հուրի
նրբամէջ
—
Շեշտ
վար
կը
նայի
վերի
կապոյտէն։
Նաւը
կը
ճեղքէ
ջուրերը
կապոյտ
Սէգ
ու
պանծալի
գընացքով
խաղաղ,
Ինչպէս
կարապ
մը
պչրոտ
ու
անփոյթ՝
Կուրծքը
լճակին
—
սնդուս
միապաղաղ։
Փրփուրէ
ժանեակ՝
կապոյտի
լանջքին՝
Նաւին
լայն
հետքը
կ՚երկարի՜
հեռուն,
Մինչեւ
հոն
ուրտեղ
իրար
կը
հըպին
Լուրթ
շրթներն
երկու
ջինջ
անհուններուն։
1900